Այս էջը հաստատված է

― Այս, նկատելով մանաւանդ որ պատուական ճամբու ընկեր մը եղաք ինծի, յարեց:

Անգղիացի ընկերներ ու ընկերուհիներ ունէր, բայց, ինչպէս միշտ, ճամբորդութեան մէջ ալ շատ չէին յարմարեր անոնք իրեն, գրեթէ առանձին ձգած էին զինքը: Հոգիիս խորէն որչափ կ'օրհնէի անոնց այդ անտարբերութիւնը իրեն հանդէպ՝ որ զինքը ինծի կը ձգէր մինչեւ ճամբորդութեան վերջը:

Վե՜րջը…: Ո՜հ, այդ վերջը… մոռցեր էի բոլորովին: Եւ սակայն հարկ եղաւ յիշել:

Նաւապետը նախաճաշի գալով յայտնեց թէ բաւական կանուխ կը յուսար Պօլիս հասնիլ, չմութցած ճամբորդները կարենալ դուրս հանելու համար, եթէ սակայն հիւսիսային հովը, ― որ արդէն կը փչէր քիչ մը ― աւելի չսաստկանար:

Մտածե՜լ թէ իրիկուան վերջակէտը անգութ վերջակէտը պիտի դնէր այս կեանքիս, երջանկութեանս…:

Լոյսի «Տաֆնէ»ն ― որ մեզ կը տանէր ― բաւական սրընթաց շոգենաւ մըն էր, ժամը մինչեւ 15 մղոն կրնայ առնել:

Կ’ուզէի որ աշխարհի ամէնէն դանդաղ շոգենաւին վրայ, նախապատմական նաւակի մը վրայ ըլլայինք, այնպէս որ ամիսներ պէտք ըլլային Մարմարան անցնելու համար և կամ մեքենաները աւրուէին, շարժելու միջոցները պակսէին մեզի,