տեսնող ալ չըլլար ու մնայինք հոն, տատանէինք: Կ’ուզէի որ Մարմարան մեծանար, անծայրածիր ովկէանի մը փոխուէր, լայննար, տարածուէր, մինչեւ անսահմանը և կամ մենք սխալ ճամբու մը հետեւած ըլլայինք ― ճամբու մը որ ծայր չունենար, ճամբու մը՝ որ չի հասներ երբէք, ո՜հ երբէք, յաւիտեան չի հասներ…
Կէս օրուան մօտ վեր ելանք դարձեալ: Հեռուէն, շատ հեռուէն ցամաքը կ’երեւար տարտամ, առուերի մը պէս, ստուեր մը՝ որ կը թանձրանայ հետզհետէ, պտուտակին ամէն մէկ դարձին, անզգայաբար:
Ա՜խ, սա անպիտան պտուտակը, փրփուրոտ ճերմակ ակօսը ձգած ետեւէն, ի՜նչ արագ կը դառնար: Մարմաջ մը ունէր կարծես երջանկութիւնս գողնալու, վարկեան մը առաջ հատցնելու… Ակօսին փրփուրներուն ամէն մէկ խուրձին մէջ կարծես անոր ― երջանկութեանս ― մէկ մասը կը փախչէր կ’երթար ինձմէ հեռու:
Սիրտս կը տրոփէր: Արդեօք… կանուխ պիտի հասնէինք, արդեօք… գիշեր մը աւելի պիտի չկրնայի վայելել այսչափ մեծ երջանկութիւն մը որ դեռ առաջինն էր կեանքիս մէջ ու վերջինն ալ պիտի ըլլար թերեւս, հաւանականաբար:
Ալիքները, անթիւ փոքրիկ ալիքները կուգային կը զարնուէին մեզ տանող հսկայ զանգուածին, դիմացէն կուգային անոնք, ի նպաստ ինծի կարծես, կասեցնելու համար անոր սէգ ու հպարտ ընթացքը, և սակայն չէին կրնար: Խեղճ փոքրիկ ալիքներ, կը փըչէին իրարու ետեւէ, անոր սուր քիթը կը պատռէր, կը բաժնէր, կտոր կտոր