Մէկ ալիքին անգնելէն ետքը, ջուրը կլոր պատուհաններուն ապակիներէն վար կը սահէր ծուիկ ծուիկ, մինչեւ որ միւսը հասնէր ետեւէն: Եւ այդ միջոցը շատ ալիքները միշտ, առանց միջոց ձգելու հասնէր միւսին ետեւէն:
Նաւապետը յայտնեց թէ կանուխ հասնելու հաւանականութիւնը պակսելու վրայ էր տակաւ: Այո յայտարարութիւնը բոլոր ճամբորդներուն դժգոհութեան առիթ եղաւ, հո՛գս սակայն:
Ճաշը աւարտելով երբ դարձեալ վեր ելանք, նաւապետը հրամայեց որ շոգենաւին արագութիւնը չափեն:
― Ծայրագոյն սրընացութիւննիս է աս, ըսավ, հովը պիտի չնուազի. տեսնենք՝ ենթադրելով իսկ որ չաւելնայ՝ կարելի պիտի՞ ըլլայ մութը կոխելէ առաջ հասնիլ այս ընթացքով: Երկրորդ նաւապետը ժամացոյցի պէս գործիք մը հաստատեց նաւուն յետնակողմը, այդ գործիքը շուտով մը կը հաղորդակցէր ծովուն մէջ նետուած գունտի մը հետ որ ակօսին հոսանքին մէջ կը դառնար: Տասը վայրկեան ետքը, գործիքին թեւերը համրեց և արդիւնքը եկաւ իմաց տալ առաջինին: Հաշիւ ըրին մնացած մղոնները: Սիրտս կը տրոփէր, անձկալից կը սպասէի արդիւնիքին: Վերջապէս տեսնուեցաւ թէ անկարելի էր հասնիլ և շոգենաւին ընտացքն ալ յարմացուցին անօգուտ ածուխ չվատնելու համար:
Ալ սիրտս հանգիստ էր: Լայն շունչ մը առի, կարծես թէ «վաղը» չկար ալ, կարծես թէ այդ օրը յաւիտեան պիտի տեւէր: