Հովը կը սուրար, այտերս կը զգուէր ուժգին թափով մը «բաղձանքդ կատարեցի» ըսելու պէս ինծի, ու ես, կը համբուրէի զայն իր խօլ վազքին մէջ, որչափ ատեն որ կենար շրթունքներուս վրայ, վարձատրելու համար զինքը, որ այնքան լաւ դիմագրաւած էր շոգենաւին ու մարդիկներուն յամառ բաղձանքին՝ զիս կէս օր աւելի երջանիկ ընելու համար:
― Ինքն ալ զգալով թերեւս թէ, կեանքիս միակ երջանկութիւնը պիտի ըլլար ասիկա:
Ջերմ բաղձանք մը կը զգայի ձեռքով փայփայելու այն սիրուն, աղուոր ալեակները որոնք, ինծի համար, միշտ փշրուելով, միշտ ետ մղուելով, միշտ կոխկրտուելով հանդերձ՝ վերջապէս յաղթած էին հսկային յամառութեան, անխոնջ աշխոյժով մը, ամէն անգամ վերակազմուելով ու դարձեալ կրկնելով յարձակումը, մինչեւ որ յաջողէին:
Հիմա, ամպերը, կտոր կտոր, հովին առջեւ ինկած կը սահէին երկնից կապոյտին վրայէն, գայլերէ հալածուած ոչխարի հօտերու պէս ցիրուցան: Հիւսիսէն կուգային և անցնելով՝ կ’երթային դէպի հարաւ, մինչեւ հորիզոնը, ու հոն կը կենային, իբր թէ զիրենք բռնող արգելք մը ըլլար հոն, իբր թէ հոն իրաւցնէ, տեսնուածին պէս ծովը միացած ըլլար երկնքին ― կը խմբուէին, իրարու վրայ կը դիզուէին, կը կուտակուէին, հետզհետէ աւելի թանձր, աւելի գորշ, աւելի անթափանց խաւեր կազմելով մեր ետեւ ձգած ճամբուն վերեւը:
Շոգենաւին ծուխը, ոլորտ ոլորտ սե՛ւ ու երկայն, ակօսին ուղղութեամբը երկարաձգուած, միութեան գիծ կ’երթար կազմել այդ սպառնալիք ամպի դէզերուն ու մեր մէջ: