Այս էջը հաստատված է

Արեւմուտքը հանդիսաւոր ու մելամաղձոտ հոգեվարքով մը կը տժգունէր հետզհետէ, ամպերուն ծիլերը արեւագոյնէն բաց կարմիրի, յետոյ վարդագոյնի, յետոյ դեղինի, յետոյ կաթնագոյնի և հուսկ յետոյ, մութին հետ շաղախուելով, գորշի փոխուեցան կամաց կամաց: Քիչ մըն ալ, և արեւը Մարմարային մէջ կանգնած բոցէ կղզի մը եղաւ, կլոր ու կանոնաւոր գիծերով կղզի մը՝ որ ընկղմեցաւ կամաց կամաց, խորասուզուեցաւ ջուրերուն խորը, իր բոցավառ զանգուածէն կտոր փրդուճ հետքետ միայն թողլով, ամպերուն վրայ: Յետոյ այդ հետքերն ալ իր ետեւէն քաշեց ծովուն վրայ շիթ առ շիթ, որ քիչ մը ատեն ալ այրող նաւու մը բեկորներուն պէս տատանող ալիքներուն վրայ պլպլալէ ետքը, մարեցան մէկիկ մէկիկ: Արեւելքէն, Իշխանաց կղզիներուն վրայէն բարձրացող սեւ քօղը ― նախ նուրբ ու թափանցիկ ― հետզհետէ գոլորշիի պէս թանձրացաւ տարածուեցաւ, մթութեան փոխուեցաւ ու ամէն բան ծածկեց:

Հիմա, դիմացէն, հեռուէն, Վոսփորին մուտքը ցոյց տուող երկու փարոսները կը փայլէին ալ մութին մէջէն ― աջակողմեանը անշարժ, իսկ միւսը մերթ հազիւ հազ նշմարելի, մարելու մօտ կանթեղի մը պէս, և մերթ յանկարծ բռնկող բոցի նման շողշողուն:

Երբ, նեղուցին երկու կողմէն, քաղաքին անթիւ լոյսերը շողալ սկսան, հովը ― որ մինչեւ այն ատեն խենդի պէս կը փչէր ― յանկարծ դադրեցաւ, ձգելով ամպերը որ ազատ համարձակ պարպեն մեր վրայ իրենց ջուրի բեռը: Ստիպուեցանք վար իջնել ու զրկուիլ նաւահանգիստի մուտքին