Գիտեմ հիմա՛, հատոր մէր ան ոսկեզօծ,
Հատոր մը լի կեանքով՝ վարդով ու ժպիտով,
Զոր ան բացաւ, բայց գոցուեցաւ շատ շուտով,
Ու կուլ տուաւ զայն անցեալին անկուշտ ծոց:
Սակայն դո՜ւն որ կուգաս ու չես առներ կանգ,
Դո՜ւն որ հազիւ վայրկեանի մը ունիս կեանք,
Յետոյ կ’անցնիս կ'երթաս անփոյթ ու անձայն:
Ըսէ՛, ինչո՞ւ չար անցեալին սեւ գրկեն,
Չես բերեր դուն ինծի էջ մը այն գրքեն,
Որ ես արբշիռ կարդամ, վայելեմ, լափեմ զայն…
Գոնէ վայրկեան մը միայն:
Դո՞ւն ալ պիտի զլանաս ինձ այսպէս յար,
Չքնաղ, անբիծ, հրեշտակային տեսքն անոր,
Ու պիտի գա՞ս չկատարուած նորանոր
Խոստումներով ընել զիս միշտ վշտահար:
Գերմարդկային էակ մըն է ան, գիտեմ,
Ու աշխարհեն վերացում մը այդ կեանքն ալ,
Ուր կ'ուզէի մնալ, յավիտեան մնալ,
Բայց վար նետեց զիս անցեալը խստադէմ:
Կը հարցնեմ հիմա քեզի դող ի սիրտ,
Ո՜հ չես բերեր այն ժամերն, ո՜վ անսիրտ,
Մաս մը գոնէ, քու ընթացքիդ մէջ յամառ:
Ըսէ՛ ինծի, պիտի չվայելե՞մ ալ երբէք,
Այդ նայուածքին շողը անո՜ւշ ու բեկբեկ,
― Գէթ փոխարէն պատրանքներուդ անհամար ―
…Լոկ վայրկեանի մը համար: