Այս էջը հաստատված է

երկու քնիդ, ան ու դուն, երկուքդ ալ փափուկ, ազնիւ, բարի ու անբիծ, քով քովի: Իսկ ես վարը, երկու աստիճան վարը, ձեր ոտքերուն առջեւ ընկողմանած, աչքերս խոշոր խոշոր բացած ազարօրէն դիտելով, լափելով փոխն ի փոխն շողը ձեր նայուածքներուն և շողը անհունին: Կապոյտի շքեղ երրորդութիւն մը կար հոն, կապոյտը երկնքին, կապոյտը ծովուն, և կապոյտը չորս աչքերուն ինծի ուղղուած, էն մաքուրը, էն վճիտը, և նոյն իսկ էն անեզրը․ սակայն՝ այս վերջինն էր դարձեալ:

Ամէն ինչ, ամէն ինչ մոռցած էի, յիշելու համար միայն թէ ձեր քովն էի ու երջանիկ էի:

Կը սուրայինք: Ալիքները հետզհետէ կը մեծնային, կ’ուռէին, կը ֆշային, մեզ արգիլել՝ մեր ճամբան խափանել ուզելով կարծես, բայց մեր փոքրիկ շոգեմակոյկը, ձեզ պէս երկու հրեշտակներ պարունակելու երջանկութեանը գիտակից կարծես ու անով ուժովցած անշէջ աշխոյժով, կը պատռէր զանոնք, կը փշրէր իր փոքրիկ սիրուն իրանին ներքեւ ու կ’անցնէր: Եւ այդ պատռուած ալիքները, անկարող իրենց խօլ զայրոյթին մէջ, երկու կողմերէն կը բարձրանային բլրակներու պէս: Այդ բլրակներուն մինչեւ գագաթը կ’ելլայինք երբեմն և յետոյ վար իջած ատեննիս դիմացի ալիքը իր հսկայ զանգուածովը վրանիս իյնալ, մեզ ողողել կ’սպառնար, սակայն շոգենաւակնիս ճարպիկ ու ճկուն իր գործին գիտակից գազանազուսպի մը պէս անոր վրայ կը խոյանար ընդ հուպ:

Յետոյ լուսնակը սկսաւ փայլիր ալիքներուն վրայ հայելիացնելով իր նուրբ ու փափուկ շողերը: