Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/57

Այս էջը հաստատված է

Երկու հայերը փախեր և մտեր էին ցախերու թուփերու ներքև, ուրկէ կրակեցին, մինչ ոստիկանները չէին համարձակեր մօտենալ․ եթէ մենք գիտենայինք, որ հայեր էին, կրնայինք օգնութեան հասնիլ, քանի որ շատ մօտ էինք։ Պայքարը տևեց ամբողջ օրը, բայց մութը սկսելուն պէս ոստիկանները փախան․ այդ միջոցին մենք ալ մեր տեղերը փոխեցինք նախզգուշութեան համար։


Արութջանը մեր ապաստանած անկիւնը չէր գիտեր, միայն գիտէր, որ այդ լեռան վրայ էինք․ անիկա կը բարձրանայ և մեզ կը փնտռէ. ընկերը կըսկսի յուսահատիլ, երբ վերջապէս կը հանդպին մեր հաց բերողին. համոզուած ըլլալով, որ այդ բարձունքին վրայ կան միայն հայեր և արծիւներ, հայերէն լեզուով կըսկսիւն խօսիլ։ Արութջանը կուրախանայ և մեզ կը հարցնէ. տղան տեսնելով, որ անոնց զէնքերը նման են մեր զէնքերուն, կը վստահի և զիրենք կառաջնորդէ մեր թաքստոցը, ուր այլևս չի կայինք։ Երկար փնտռելէ ետքը մեզ կը գտնեն։ Լոյսը բացուած էր արդէն, երբ իրարու գիրկ նետուեցանք. մեր ուրախութեան չափ չկար. կարծես թապուր[1] մը զօրք մեզ օգնութեան հասած էր։

Այս բոլոր անցուդարձերու միջոցին անդադար կը տեսնէինք տեղահան եղած ժողովուրդին անվերջ շարքը ճամբաներուն վրայ։ Անցան Սամսոնի, Մարզուանի, Թոգատի, Կեսարիոյ, Կերասոնի հայերը. ոչ գրելով, ոչ խօսքով կարելի է նկարագրել խեղճ ժողովուրդին կրած չարչարանքները։

Յուլիս 19-ին եկան Ղազու Մաղարացի և այլ հայ փախստականներ և մեզ հրաւիրեցին, որ երթանք, իրենց ապաստանած տեղերը աչքէ անցնենք։ Ես անմիջապէս ընդունեցի, բայց Եղօն արգելք եղաւ. երկար խօսելէ ետքը վերջապէս համաձայնեցանք և երեկոյին ճամբայ ելանք։ Լուսին գիշեր էր. Բաթրին գիւղէն դէպի քաղաք գացող ճամբուն վրայ հանդիպեցանք հինգ ձիաւորներու։ Երբ զիրենք նկատեցինք հեռուէն, անմիջապէս նստանք, բայց մեր երեք յառաջապահները չի տեսան և ձիերը քշեցին անոնց վրայ. յանկարծ թշնամին գոռաց.

— Անձնատուր եղէ՛ք։

Բոլորս մէկէն կրակով պատասխանեցինք, երեք հոգի և մէկ ձի սպանուեցան, մէկը վիրաւորուեցաւ, իսկ միւսը կը պոռար.

— Ձեր վրայ չենք գար, մի կրակէք։

Ասոնք Մէհրալիի չէրքէզներն էին, որ հայ որսալու ելած էին. առինք իրենց հրացանները և մեր ճամբան շարունակեցինք։

  1. Գունդ: