Երկրորդ օրը հասանք Ղազը Մաղարացի փախստականներու խրճիթները. անոնք մեծ յարգանքով մեզ ընդունեցին. իրենք չէին ուտեր, մեզ կը կերցնէին. խեղճերը այնքա՜ն ուրախ էին, որ կարծես արդէն իսկ ազատուած էին։ Քննութիւնս ընելէ ետքը դիրքերնին անյարմար գտայ և բարձրացանք ամուր դիրքերը, դէպի Դիլուկ֊Խայա։ Այդ փախստականները պատմեցին, թէ ինչպէս ոստիկանները Ղուրթլու ղայայէն տաւուլզուռնայով, հրացանաձգութիւնով տարեր էին իրենց հաւնած հարսներն ու աղջիկները դէպի իրենց միւտիւրլիքը։ Իրենց գործած գազանութիւններուն չափը անցած էր. հազար տեսակ վրէժխնդրական արարաքներ կը մտածէինք — յարձակում գործել իրենց վրայ, գիւղը բնաջինջ ընել և այլն։
Դեռ արեգակը չէր խոնարհած երկնքին վրայ, երբ տեսայ սպիտակ ձիաւոր մը, որ դաշտերուն մէջ կը պտտէր։ Ես հասկցայ, որ մեր հետքերը կը փնտռէր։ Երկու տղաք ղրկեցինք հասկնալու համար իր դիտաւորութիւնը, բայց անոնք մարդը չի գտան, իմացեր էին միայն, որ քիւրդ յայտնի աւազակապետ պէկերէն մէկն էր. ես փորձուած մարդ եմ, հասկցայ ամեն ինչ։
— Վաղը առաւօտ կռիւը կըսկսի, ըսի։
Հետևեալ առտուն, յուլիսի 25, ժամը 10-ին մեր պահակը իմացուց, թէ խումբ մը ձիաւորներ կու գան. ես անմիջապէս հեռադիտակը առի և մեր դիմացը գտնուող ժայռը վազեցի, տեսայ որ իրաւամբ ձիաւորներ կուգան դիմացէն և բացի ասոնցմէ ուրիշներ արդէն իսկ դիրք բռնած են մեր աջ և ձախ կողմերը. աջ կողմէն միայն 100 քայլ հեռու էին և պոռացին հայհոյելով.
— Գարը օղլան[1] կեավորւներ, անձնատուր եղէք։
Եւ միևնոյն ժամանակ բազմաթիւ գնդակներ արձակեցին մեր պահակին վրայ, որ կուչ էր եկած ձորակի մը մէջ. մենք կազմ ու պատրաստ՝ թագնուած էինք Թէճէր[2] լեռէն հինգ՝ վեց ժամ հեռու. Տէլիք ղայա ըսուած տեղն էինք։ Անոնք անդադար կը կրակէին և կը պոռային.
— Անձնատուր եղԷ՛ք։
Որպէսզի աւելի վստահ ըլլան և մօտենան, ես տղոցմէ մէկոն Վարդանին յանձնարարեցի, որ ըսէ.
— Աղա, մենք անձնատուր ենք, ձեր չոլուխին չոճուխին[3] խաթերը մեր կեանքին խնայեցէք: