Մեր ընկերներէն Վարդանը տիֆով հիւանդ էր, այնպէս որ չի կրցանք շատ հեռու երթալ և ապաստանեցանք Ինիւի կռնակի անտառին մէջ և հոն մնացինք։ Այդ միջոցին քէօզէիւրտցիներու հետ ժողով ըրինք, որպէսզի որոշենք կամ ցամաքով, կամ ծովով երկրէն դուրս գալա միջոցներու մասին. քէօզէիւրտցիները կը նախընտրէին մնալ երկրին մէջ, յոյներուն օգնութեան ապաւինելով. առաջարկեցինք, որ գոնէ մէկ քանի քէօզէիւրտցիներ ընկերանան մեզի, որովհետև Օրդուի ճամբան շատ լաւ գիտէին և անիկա ամենէն կարճն էր, բայց անոնք մերժեցին, որովհետև չէին ուզեր իրենց ուժերի ցրուել։ Բարեբաղդաբար մեր յոյն ընկերները ամեն կերպով համամիտ էին մեզի և կընդունէին մեր որոշումները. Վասիլը, որ Սամսոնի ճամբաներուն ծանօթ էր, առաջարկեց փոխանակ Օրդուի՝ դէպի Սամսոն երթալ. այդպէս ալ համաձայնեցանք և միւս օրը, մէկ երկու օրուան պաշար առնելով մեզ հետ, ճամբայ ելանք։
Առաջին օրը հասանք Միտասոնի եայլան[1]։ Վարդանը կը տանջուէր իր հիւանդութենէն, իսկ մենք բոլորս ալ իրեն օգնելու ստիպուած ըլլալով, մեր ճամբորդութիւնը կը դժուարանար. բարեբաղդաբար մեր ճամբան անտառուտ էր, բարձրադիր և խիտ ծառերով պատսպարուած։ Երեկոյին դարձեալ ճամբայ ելանք և գիշերը հանդիպեցանք 23 անտէր ոչխարներու, որոնցմէ 6-ը հետերնիս վերցուցինք. լուսաբացին հասանք ջերմուկներու դիմաց խիտ անտառի մը մէջ, հոն կրակ վառեցինք, մորթեցինք ոչխարները և լաւ մը կշտանալէ ետքը՝ մնացեալը իբր պաշար պահեցինք: Ճամբանիս շարունակելէ առաջ ստիպուեցանք անտառէն դուրս ելնել ուղղութիւններս որոշելու համար ու տեսանք, որ երեք թիւրք փախստականներ կանցնէին. կասկածեցանք իրենց վրայ, բայց անոնք անմիջապէս անտառ մտան, և աչքէ կորսնցուցինք. այդ միջոցին սկսած էր մթնել. մինչև հետևեալ առաւօտը մնացինք կասկածի մէջ և կզգուշանայինք, շարունակ վախնալով, որ մեզ կը լրտեսեն։ Առաւօտեան լուսաբացին հասանք քրդաց գիւղի դիմացի բլուրը։ Ցուրտ էր, կրակ վառեցինք ու տաքցանք, և ահա յանկարծակի մեր վրայ եկան այդ երեք փախստականները, որոնք կարծեր էին, թէ մենք հովիւներ ենք։ Ստիպուեցանք առանց հարցուփորձի սպաննել զիրենք։
Այսպէս շարունակելով մեր ճամբան, երրորդ օրը հասանք Ղաբուղայայի դիմացի անտառը։ Ասիկա հայ գիւղ մըն էր, որ բնաջինջ ըրած էին. անհետացած գիւղացիին ոչխարները և տաւարները թիւրքերուն
- ↑ Ամարանոց։