Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/75

Այս էջը հաստատված է

ատեն հարցուցի շրջակայքը գտնուող հայ փախստականներու մասին. առասպելական բաներ կը պատմէին, հակառակ որ կառավարութիւնը մեծ ճնշում կը բանեցնէ ոստիկաններուն վրայ և անհամբերութեամբ կուզէ հետապնդել հայերը, ոստիկանները նոյնիսկ 60֊ական հոգինոց խումբերով չեն համարձակեր անտառները մտնալ, հայերու յուսահատական դիմադրութեան լուրերը այնպիսի սարսափ ներշնչած էր իրենց, որ ոևէ լուրջ գործողութեան չէին դիմեր, կըսէին, թէ փախստ ականներուն թիւը 300֊ի կը հասնի, բայց ես համոզուած էի, որ քիչերը զէնք ունէին։ Կը պատմէին Կարապետ անունով մարդու մը մասին, որ իր կնոջը և երեխաներուն հետ անտառը ապաստանած էր և մենակ կը կռուէր թշնամիին դէմ։ Ուզեցի յարաբերութեան մէջ մտնել փախստականներուն հետ և միջնորդներ ղրկեցի, բայց դժուար էր զիրենք գտնել, որովհետև իրենց թագստոցները չէին յայտնած յոյներուն։

Գիւղէն մեկնեցանք և գիշերը գետին ափը հանդիպեցանք 25-30 յոյն փախստականներու, որոնք նախապէս թիւրք կարծեցինք ու զիրենք պաշարեցինք. անոնցմէ ոմանք վիրաւորուած էին. երբ իմացանք յոյն ըլլալնին, իրենց ուղեկցեցանք բաւական տեղ, բայց մեզ հետ գտնուող պաֆրացին անոնց շարքերուն մէջ ճանչցաւ յոյն լրտեսներ։ Որպէսզի մեզ վերջապէս չի ճանչնան, դրամ և այլ նպաստներ տուինք իրենց և բաժնուեցանք։

Լուսաբացին, սեպտեմբեր 17-ին, հասանք յոյն գիւղ մը. Վասիլը գնաց, խօսեցաւ Մ․․․ անուն յոյնի մը հետ, որ վազէվազ եկաւ և զիս, Եղօն ու Վասիլը տարաւ իր տունը, իսկ միւս տղաքը տեղաւորեց այգեստանը։ Մեզ ընդունեց մեծ հիւրասիբութեամբ և տնեցիներուն հարկ եղած պատուէրները տալէ ետքը՝ ինքը չի նստաւ և գնաց Հերեք։ Կարծեցի, որ վախէն մեկնեցաւ և ալ չի պիտի վերադառնալ, բայց անիկա երեկոյին ժամը 2-ին հասաւ երկու ուրիշ ձիաւորներով։ Անոնցմէ մէկը Եւրոպա գացած, խելացի մարդ մըն էր։ Անիկա պատմեց թիւրք կառավարութեան վերաբերմունքը, հաղորդեց իր առած տեղեկութիւները։ Մենք խօսեցանք մեր դիտաւորութիւներուն վրայ և մեր ծրագիրը պարզեցինք։

― Անշուշտ դուք կուզէք դէպի Ռուսաստան երթալ, ըսաւ, բայց ջանացէք նաւը կռիւով չի վերցնել, որպէսզի շրջակայ յոյները չի վնասուին։

Խօսեցանք նաև քաղաքականութեան մասին, ու ինքը պատմեց, թէ ինչպէս հայերը հրդեհած էին Ամասիան, Իր յարգալիր շեշտը հայերու կրած չարչարանքներու և յաճախ իրենց ցոյց տուած արիութեան մասին