քրիստոնեաները, այլ և թիւրք գիւղացիները սաստիկ կերպով ազդուած էին կատարուած եղելութիւներէն։ Երբ թիւրք գիւղէ մը կանցնէինք, անոնք պատուհաններէն կը դիտէին մեզ և ոչ մէկ ձայն չէին հաներ։
Վրանիս, գլուխնիս ցեխոտ, ոտքերնիս թրջուած՝ հասանք Կ․․․ յոյն գիւղը։ Յոյները մեզ տեղաւորեցին իրենց բնակարաններուն մէջ. տուները առհասարակ ցուրտ էին, բայց կրակ վառեցինք, հագուստներնիս չորցուցինք և հոն մնացինք մինչև իրիկուն։ Հոս կային երիտասարդ յոյներ, որոնք հիացմունքով կը խօսէին Չարշամպայի և Խուրշընլիի հայերու քաջագործութեանց վրայ. հետաքրքրուեցանք իրենց մասին և ուզեցինք գիտնալ, թէ ո՞ւր կը գտնուին, բայց իմացանք, որ երկու օր առաջ գացած են այդ շրջանէն:
Այդտեղ մեզ առաջնորդ ունենալով երկու յոյներ, որոնք մէկ քանի թիւրքեր սպաննած էին, մինչև առաւօտ քալելով, հասանք Ծ․․․ յոյն գիւղը, լաւ հիւրասիրութիւն ըրին մեզ և լեցուեցանք մեծ տան մը մէջ. բայց գիւղը թիւրք մը կար և մէկ թիւրքին առաջ ամբողջ գիւղը կը սարսափէր. այդ պատճառաւ մեր ընկերները չի կրցան մնալ հոդ ու անոնք առաջնորդուեցան գոմերը, և միայն ես ու Վասիլը մնացինք։
Թիւրքերը շատ վատ վարուած էին այդ գիւղացիներուն հետ։ Յոյները ձիերուն պոչերուն կապելով, ճամբաներու վրայ քաշքռտելով, սպաննած էին. թալան, բռնաբարութիւն սովորական երևոյթներ էին. ամեն տեղ լաց ու կոծ, ամեն տեղ տառապանք։
Այս գիւղը Սեբաստիոյ վիլայէթի վերջին գիւղն էր և մեկ քիլոմեթր միայն հեռու էր սահմանէն։ Դեռ մութը չսկսած՝ շարունակեցինք մեր ճամբան, մեր դէմը լաւ դիրքի մը վրայ երևացին քանի մը տուներ։
— Որո՞նց կը պատկանին, հարցուցինք։
— Ասիկա ագարակն է բարի և հարուստ հայ երկրագործի մը, պատասխանեցին։
Անիկա հիւրընկալ էր, վեհանձն և առատաձեռն, այսօր իր բոլոր ընտանիքով բնաջինջ եղած է։
Լուր ղրկեցինք մեր ընկերներուն, որոնք անտառին մէջ պահուըտած էին. միացանք անոնց հետ և ճամբանիս շարունակելով, հասանք Գ․․․ յոյն գիւղին պատկանող մարագի մը առջև։ Գիւղացիք մեզ ընդունեցին ուրախութեամբ։ Խիտ անտառի մէջ կորսուած գիւղ մըն էր, խոր ձորերով շրջապատուած ու տեղը շատ ապահով էր։ Գիւղացիք մեզ վստահեցուցին և ըսին, թէ տարիներով կարելի է թաքնուած ապրել այդ տեղերուն մէջ։ Անոնք կը պատմէին, թէ ինչպէս 1895 թուականի կոտորածներուն չարշամպացի Մինասը դէմ դրած էր կառավարութեան, սարսափեցուցած