Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/81

Այս էջը հաստատված է

սխալին, բայց իրենց երկիւղը չէինք կարող փարատել։ Յոյներէն մէկը Եղօին մօտեցաւ և ըսաւ.

— Մենք շուարած ենք, մեզի խելք տուէք։

Այդ ընդհանուր իրարանցումին մէջ լսեցի, որ Եղօն կը կատակէր.

— Իմս այնքան քիչ է, կըսէր սարսափած յոյնին, որ հազիւ ինձ կը բաւէ. եթէ քիչ մը տամ, ճամբաս չեմ կրնար շարունակել։

Բարեբաղդաբար հրացաններու ձայները հետզհետէ հեռացան ու անհետացան. ով գիտէ՝ ինչ տեսակ որս կը հետապնդէին. հնարաւորութիւն չունէինք նոյնիսկ հետաքրքրուելու։

Ինչպէս ամեն տեղ, հոս ալ յուսադրեցինք յոյն գիւղացիները և յորդորեցինք, որ շարունակեն պաշտպանել փախստական հայերը, որու փոխարէն գոնէ բարոյական բաւականութիւն պիտի ունենային։

Երեկոյին շարունակեցինք մեր ճամբան ու մոլորուեցանք, անձրևը միշտ կը տեղար, ու մենք ցեխերուն մէջ գլտորուելով, ծորերէն ու անտառներէն անցնելով, կը յառաջանայինք, երբ գիւղին մօտեցանք, լուսընկայ գիշեր էր, և ճերմակ լոյսին մէջ տեսանք խումբ մը մարդիկ, որ դէպի մեզ կու գային, լուսնի լոյսը կը զարնէր ճիշդ անոնց ճակտին, ու անոնք կը քալէին այսահարներու նման մոլորուած աչքերով, անկապակից շարժումներով․ իրենց խմբապետը աւելի շուտ մօտեցաւ մեզի և յայտնեց, որ փախստականներ են. դիմեցինք դէպ իրենց, խառնուեցանք իրարու և ողջագուրուեցանք։ Յուսահատ վիճակի մատնուած էին, գունատած, տկարացած, կիները երեխաներով բեռնաւորուած և այնպէս տխուր, այնպէս անդառնալի կերպով տխուր, որ կարծես մխիթարական ոևէ խօսք պիտի վիրաւորէր զիրենք։

— Ո՞ւր կէրթաք, հարցուցինք։

— Այլևս ապրելու ճար չի կայ, անձնատուր ըլլտլու կէրթանք։

Դէպի մահը կէրթային. քաջալերեցինք զիրենք և դրամ տուինք, որը մեծ դժկամութեամբ վերցուցին, յորդորեցինք ոևէ պատճառով անձնատուր չըլլան ու չաջողեցանք իրենց դիտաւորութենէն ետ կեցնել զիրենք։

Իրենցմէ բաժնուելով, ուղղուեցանք դէպի Դ․․․ գիւղը. կէս գիշերը անց էր. անմիջապէս գացինք Վ․․․֊ի տունը, որու մասին լսած էինք արդէն։

Ասիկա 38—40 տարեկան, առողջ և հուժկու կազմուածքով, միջահասակ, շագանակագոյն մազերով յոյն մըն էր. միջնակարգ կրթութիւն ստացած և հասուն մտքի ու դատողութեան տէր անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր խելացի մարդու հասկացողութեան կը միացնէր զարմանալի յանդգնութիւն։ Շատ տեղ մեր ճամբորդութէան միջոցին լսեր էինք իր