Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/86

Այս էջը հաստատված է

Գոճա–աղի արևելեան կողմը, բարձր գագաթին մօտիկ երեք առանձին տուներ կան․ հոն հասանք, դռները զարկինք, ամենքը արթնցուցինք, բոլորը ոտքի ելան, դրամ տուինք, որպէսզիր կերակուր պատրաստեն մեզի։ Կերանք, խմեցինք, հանգստացանք, այդ միջոցին նուագիչ մը եկաւ, նուագեց, և տղաքը սկսան պարել։ Այդ գիւղացիները լսած էին արդէն բոլոր պատահածները, և դէպքերը կը յիշատակէին փառքով ու պարծանքով։ Իսթիլ և Վասիլ կը մրցէին իրարու հետ իրենց քաջագործութիւներով․ ես ամեն ինչ անոնց կը վերագրէի, որպէսզի շողոքորթուին, որովհետև կը վախնայի իրենց միջև եղած մրցակցութենէն և կը ջանայի միշտ հաշտ պահել զիրենք։ Իսթիլ ոգևորուած կը պատմէր յունական պատմութենէն դիւցազնական դրուագներ, կը խրախուսէր յոյն բնակչութիւնը այդ ուղղութեամբ, օրինակներ կը յիշէր իրենց հին և նոր պատմութենէն, միանգամայն կը պանծացնէր հայերը, թէ ինչպէս կը քաջալերեն իրենց քաջերը և թէ ինչ տեղ կու տան իրենց ժողովրդական հերոսներուն։

Մութը վրայ հասաւ, տակաւին նուագողը կը նուագէր և տղաքը կը պարէին։

Երեկոյին մեր ճամբան շարունակեցինք և հասանք լեռան հիւսիսային ճակատը, ուրկէ ծովը կը պարզուէր մեր աչքերուն, առաջք։ Վասիլը և Նշանը եկան, իրենց հետ բերելով փախած նաւավարները։ Այդտեղ մեր կացութիւնը բաւական լաւ էր․ օրը մէկ կով կը մորթէինք և լաւա գոյն մասերը կու տայինք նաւավարներուն, որպէսզի գոհ մնան և կրկին փախչելու փորձ չընեն։ Միևնոյն ժամանակ յարաբերութիւն կը մշակէին շրջակայ յոյն գիւղերու հետ, որպէսզի պարենաւորման միջոցներ ապահովենք մեկնումի պարագային։ Երեկոյին լուր եկաւ, որ Ս․ յոյն գիւղը ժանտարմաներ եկեր են, մարդիկը ծեծեր ու վիրաւորեր, կիները բռնաբարեր են, այնպէս որ կիներուն մէկ մասը փախեր, եկեր էր մեզ մօտ։ Ամենքս հաւաքուեցանք, տնակ մը շինեցինք, բայց չի կրնալով լաւ ծածկել տանիքը, անձրևը կը թափանցէր, և գիշերը մինչև լոյս ջուրի մէջ էինք։ Իմ հիւանդութիւնս ծանրացաւ, մէկ ոտքս բոլորովին թուլցած էր, կը կասկածէի, որ անդամալոյծ պիտի դառնամ։ Գւիղը մարդ ղրկեցինք, որ բան մը գտնեն գետինը փռելիք՝ գետնի խոնաւութենէն ազատելու համար․ միևնոյն ատեն Պետրէն ղրկեցի Եղօին մօտ, որ գոնէ իր տակը ձգած այծի մորթին տայ, որպէսզի երկու ժամ հանգչիմ, բայց անիկա մերժումով պատասխանեց։

Երկու ժամ ետքը լուր բերին, թէ հեծեալ ու զինեալ ժանտարմըրին մեզ կորոնէ։ Այդ միջոցին աչքերնիս շարունակ ծովուն վրայ էր, նաւու