Մեր ջուրի պաշարը սպառեցաւ, թէև չափով կը գործածէինք․ մէջ մէկ գաւաթ առաւօտուն, մէյ մէկ գաւաթ կէսօրին և երբեմն ալ երեկոները․ մրայն հիւանդներուն և Ռէիզին ջուրը չէինք խնայեր, և թիւրքերուն առհասարակ աւելի բաժին կուտայինք ուտելիքի և ջուրի։
Տղաքը թիավարելէ յոգնած էին, քամին աննպաստ էր, իսկ Ալի Ռէիզը շարունակ դաւեր կը լարէր մեզ ծովափը հանելու համար։ Այդ պահուն տեսանք, որ խոշոր նաւ մը կուգար դէպի մեզ․ նախապէս խորհուրդ ըրինք նաւը բռնելու և գրաւելու, բայց Ալի Ռէիզը, տեղեակ ըլլալով մեր դիտաւորութեան, այնպիսի ուղղութիւն մը տուաւ մեր առագաստանաւին, որ մէկէն հեռացանք, հակառակ որ կըսէինք իրեն, որ եթէ ուրիշ նաւ մը բռնենք, զինքը ազատ կարձակենք։
Երեկոյեան մօտ մեծ դժուարութեամբ հասանք Տրիպոլիի առաջ․ ամենքն ալ անքան յոգնած էին, որ չէին կրնար թիավարել․ ջուր և թխած հաց չունէինք։ Այդտեղ տեսանք, որ ռուսները ռմբակոծեր էին զօրանոցը և կարգ մը տուներ։
Մինչ լոյս գացինք առանց թիավարելու և առաւօտեան տեսանք, որ հազիւ թէ մէկ ժամու ճամբայ յառաջացած ենք։ Ալի Ռէիզը ամեն անգամ, որ ծովափնեայ բարձրութիւն մը կը տեսնէր, կառաջարկէր հոն ցամաք հանել մեզ, ըսելով․ թէ ապահով վայր է։ Ես ըսի խստութեամբ․
— Մինչև Տրապիզոնի վերևը պիտի տանիս, ճարը չի կայ, մինչև հոն ոևէ առարկութիւն չեմ ուզեր լսել։
Անիկա միշտ կը խօսէր իր ընտանիքին անտէրութեան, իրեն վիճակին վրայ և կը ջանար ազդել տղոց վրայ, ըսելով, թէ ամենքս ալ կը հիւանդանանք, ամենքս ալ կը մեռնինք, անօթի, ծարաւ։
Նաւը խուզարկեցինք, գտանք փայտ և սաճ մը՝ տակը քար․ հոդ կրակ վառեցինք և ալիւրը ծովի ջրով շաղուելով, հաց եփեցինք։
Մթնալու մօտ ծովը սաստիկ ալեկոծուեցաւ, սոսկալի քամի մը բարձրացաւ, այնպէս որ հարկադրուեցանք առագաստը իջեցնելու․ ամենքը գոչեցին, թէ պիտի ընկղմինք․ յուսաբեկութիւնը տիրած էր ամենուն։
— Բոլորս ալ հոս կը մեռնինք, բայց ցամաք ելլել չի կայ, գոչեցի, պէտք է շարունակենք։
Ռէիզը տեսնելով, որ ճար չի կայ, համակերպեցաւ։ Հետզհետէ քամին նպաստաւոր դարձաւ․ կրկին բացինք առագաստը․ նաւը կը ճեղքէր ալիքները ու կանցնէր՝ կարծես շտապով մեզ դէպի փրկութիւն տանելու։ Աւելի բարձր ալիքներ լեռան պէս կու գային, բայց Ռէիզը վարպետ էր ու այնպէս կը ղեկավարէր նաւը, որ ալիքներուն կողերէն կանցնէինք առանց անոնց ճակատէն զարնուելու։ Նպաստաւոր քամին մեծ հանգիստ