Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/93

Այս էջը հաստատված է

ներշնչեց ինձի․ նաւին ցռուկին վրայ նստած կը դիտէի ու քէֆս կու գար, թէ ինչպէս մէկ ալիքէն միւսը կը թռէինք՝ ու ինձի թուեցաւ, որ նոյնիսկ յաղթեցինք ծովուն։

Գիշերուան ժամը հինգին հասանք Տրապիզոնի դիմաց, այնքան մօտ էինք, որ թաղերը կերևէին, բայց հազիւ թէ քանի մը կէտերէ լոյս կերևար։ Ալի Ռէիզը կըսէր, թէ մեր ճամբորդութեան նպատակին հասանք, բայց ես այնպէս մը կը ձևացնէի, թէ չեմ գիտեր։ Անցանք Տրապիզոնի առաջքէն և հասանք նախապէս որոշուած կէտը։ Ռէիզը մեզ ծովափին կը մօտեցնէր․ ես ըսի որ բարուի[1]։

— Ըսէ՛ք վերջապէս ձեր վերջին խօսքը, Աստուծոյ խաթերը համար, տղոյս համար․․․

— Ալի Ռէիզ, այդ խօսքերդ աւելորդ են, դուն իմ հօրս տեղ մարդ ես և էհարկէ չէի ուզեր, որ դուն ինձ աղաչելու ստիպուիս, բայց ոևէ ճար չի կայ, և ամեն խօսք անօգուտ է։ Դուն քու ընտանիքիդ մասին կը խօսիս․ կը մտածե՞ս, որ հազարաւոր ընտանիքներ անտէր մնացած են։ Դու չե՞ս գիտեր մեր ով ըլլալը, ի՞նչ նպատակ ունենալը, քեզ կը մնայ հնազանդիլ և հնազանդէ՛ առանց առարկութեան։ Մէկ բան միայն կրնամ ըսել․ քու աշխատութիւնդ կը վճարենք։

Անմիջապէս դրամը տուինք թիւրք նաւավարներուն․ տուինք 20 ոսկի Ռէիզին, 3 ոսկի Հաճիին և 1 ոսկի փոքրիկ նաւավարին։

Քամին նպաստաւոր էր․ իրենց ստացած դրամէն քաջալերուած՝ թիւրքերը սկսան աշխուժով աշխատիլ․ հասանք Սիւրմենէ, երբ տակաւին չէր լուսցած, անցանք անկէ, երբ լոյսը բացուեցաւ․ Ալի Ռէիզը ըսաւ, թէ ռուսական ափին մօտ ենք, և նաւը մօտեցուր ցամաքին, մենք տեղերուն անծանօթ ըլլալով՝ որոշ դատողութիւն մը չէինք կարող ընել, քամին դադրեցաւ, սկսանք թիավարել, Ժամը 6-6,5-ի ժամանակները Ռիգայի մօտերը տեսանք, որ նաւ մը դէպի մեզ կու գայ, երևցաւ և երկրորդ նաւ մը․ ասոնք փոքրիկ մոթէօրներ էին։ Տեսնելով, որ մեր առագաստանաւը կերթայ ուղիղ դէպի մոթէօրները, Ալի Ռէիզին ըսի․

― Կուզես մեզ թակա՞րդը ձգել։

― Ոչ, ըսաւ, ասոնք ռուսական նաւեր են։

Հեռադիտակով որոշեցինք, որ թիւրքական մոթէօրներ են․ անմիջապէս պատրաստեցինք հրացանները և սպասեցինք։ Մեզ հետ եղող թիւրքերը լեղապատառ կաղաչէին․

― Ի սէր Աստուծոյ, անձնատուր ըլլանք, մեզ կընկղմեն։

  1. Ծովափէն հեռանալ։