Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/95

Այս էջը հաստատված է

լաւ տրամադրութեան մէջ, այնպէս որ սկսանք երգել։ Տղաքը կերգէին, նաւը կը թռէր, մոթէօրները կը մօտենային… անոնք անցան դարձեալ մեր աջ ու ձախ կողմերը։ Տղաքը ուզեցին կրակել, ես արգելեցի. կը հաշուէի, որ եթէ թնդանօթ ունին, աւելի լաւ է, որ մօտենան, որովհետև հեռուէն միայն կրնան զարնել, իսկ եթէ չունին, դարձեալ լաւ է, որ մօտենան, որովհետև այդպիսով մեր գնդակները պարապ չէին երթար։ Նաւերը սկսան դանդաղանալ, հետզհետէ հեռացան, իսկ մենք հետզհետէ յառաջացանք։ Առաւօտեան ժամը 2-ին սկսան մեզ հետապնդել, ժամը 7-ին հեռացան, գացին առանց հրացան արձակելու։

Ալի Ռէիզը ըսաւ, թէ Ռուսիոյ ափերուն մօտեցած ենք. այլևս չէինք կրնար իրեն հաւատալ. պատուիրեցինք, որ նաւը բացերը տանի. ստիպուեցաւ հնազանդիլ, բայց շարունակ կը տրտնջար։ Արևելքէն քամի մը բարձրացաւ, որ սկսաւ ետ մղել մեր նաւը։ Թիերը կը քաշէինք, առագաստը կը դարձնէինք, ալիքները լեռներու պէս կու գային, կը բաղխէին մեզի, և նաւը չէր յառաջանար։ Քսան ու չորս ժամ անցաւ այդպէս, ու նշմարեցինք, որ նոյն տեղին վրայ ենք։ Ռէիզը կը խնդրեր, կու լար, կաղաչէր, որ այլևս ցամաք ելլենք։

— Ասիկա Ճորոխի քամին է, կըսէր, այս ալիքներէն չենք ազատիր, նոյնիսկ մեծ շոգենաւերը դժուարութիւն կը կրեն, երբ այս քամիին կը հանդիպեն, ուր մնաց մեր նաւը…

Բայց ես կը պնդէի, որ ճիշտ հակառակ ուղղութեամբ երթանք այն ուղղութենէն, որ ինքը կը փափաքէր։ Վասիլը մօտեցաւ ինձի և ըսաւ.

— Մեծերը կըսեն, որ եթէ նաւու մը վրայ մեռել ըլլայ, այդ նաւը յառաջ չերթար։

Յոյները և թիւրքերը ձայնակցեցան և կըսէին, թէ պէտք է Եղօին դիակը ծովը նետել։ Մենք ամենքս մէկ մերժեցինք։

Ալեկոծութիւնը սաստկացաւ, և հետզհետէ սկսաւ մթնել. խստիւ պատուիրեցի տղոցը որ լաւ հսկեն, որպէսզի Ռէիզը մեր նաւը չի դարձնէ. քամին մեր ճակատէն էր. իրենք՝ գիւղացի ըլլալով, աստղերէն կը հասկնային ճամբուն ուղղութիւնը և ահա նշմարեր էին, որ դարձած ենք։ Զիս արթնցուցին, ըսելով, թէ Ռէիզը դարձեալ խաբեց մեզ. իրաւ ալ տեսայ, որ քամին մեր թիկունքէն կը հրէր. վեր թռայ և խստիւ պատուիրեցի, որ ճակատնիս դարձնենք քամիին, ինչպէս առաջ։ Ես ալ չի գիտէի, թէ ո՞ւր ենք. երկինքը մթագնեց, աստղերը անհետացան, ոչ լուսին, ոչ մէկ նշան, ու կողմնացոյց չունէինք… միակ և կարևոր բանը, որ մեզ կը պակսէր, կողմնացոյցն էր… կեցայ նաւուն վրայ, նայեցայ շուրջս… լայնածաւալ և ալեկոծ ծով, ամպերով ծանրաբեռն