Իմ բաղդս
Իմ բաղդս
Եկայ ու կ՚երթամ պեմուրա՜տ, խարապ,
Հոգիս տաղտաղուն՝ սըրտիկս է պարապ,
Պարապ զէտ եղէգ՝ ծուծէն դարտըկւած,
Պարապ զէտ էգի թուփերը չորցած:
Լեռան հայեցայ, ձոն տեսայ միայն,
Լեռն ի վեր անդին՝ գիժ ամպեր միայն,
Աւելի վեր՝ մութ երկինք մը միայն,
Ի վար հող գետնին՝ անապատ միայն:
Կ՚ըսեն էս աշխարքս մէկ արեւով չէ շէն,
Շատ արեւներ կայ է՛ն արեւին պէս շէն,
Է, ո՛ւր, ո՛ր կողմ, ո՛ր ամպի էտին,
Ես էսչափ տարի կոյր շող մ՚ալ չտեսայ,
Հէյ վա՜խ, վա՜խ, պէպախտ Թլկատինցին,
Երկինք ու գետինք կոյր շո՞ղ մ՚ալ չտեսնայ…