ԽԱՂ ՈԻ ՔԷՖ



Ժամին ազպարը, սօխախն ու մահլան,
Ամառն ալ՝ եալին, Արապին-օպան,
Ատէն ատէն ալ՝ Ախսային-տէրէն-
Հէչ աչք չին պանալ մեր տըղաք խաղէն։

Ախչիկ-ժoղոտանք ու տօնշնորաւոր,
Քլուպ-պալ, զիաֆէթ հաշվէ՛ ամէն օր,
Ռաստօվի ռօթօնտ, մէկ ուրիշ տեղ ալ-
Կէնճ տըղաք քէֆէ հէչ աչք չին պանալ։

Եաշ աղաներըս ըսթօլին տիմաց,
Լուսէ-լուս թուխտը ձեռքերը պըռնած,
Տուժինով փունճը տայմա կըճաթին,
Ստակը փէշերով պօշ-տեղ կըվօթին։

Տռակիլն ալ եուքին տակը տընքալէն,
Ախքատը սաղ օր հօքնած մուրալէն,
Ա՛լ մութը կօխից՝ սօխախէ սօխախ
Տավուլ զուռնայով քէֆ կանին մութլախ։

Ասպէս` մեծ, պըզտիկ, ռընչպէր ու զէնկին
Փիթուն օր խաղի ու քէֆի հետ ին.
Ու անկէ էտեվ մարթիք կարմըննան,
Ինչո՛ւ եօխ էղաւ մեր խեղճ Նախչվան։