Ծաղկեցաւ ծառըս կանանչ,
Ի՜նչ աննըման էր.
Լուսեղէն պըտուղ տուաւ,
Ի՜նչ աննըման էր։
― Ծաղկեցաւ ծառըս կանանչ,
Ի՜նչ աննըման էր.
Լուսեղէն պըտուղ տուաւ՝
Եայվայ նըման էր։
— Այն ճեղբեր ալփին-ալփին,
Ի՜նչ աննըման էր.
Լուսեղէն պըտուղ առաւ,
Ի՜նչ աննըման էր։
― Այն ճեղբեր ալփին-ալփին՝
Աստուածածինն էր.
Լուսեղէն պըտուղ առաւ՝
Տէր միածինն էր։
— Այն էգուան հովն էր հովեց
Եւ աննըման էր,,
Աղուէնուն գ՚ելնէր, մըտնէր՝
Ի՜նչ աննըման էր։
— Այն էգուան հովն էր հովեց՝
Աոաքեալներն էր.
Աղուէնուն գ՚ելնէր, մըտնէր՝
Արդար հոգիքն էր։
— Այն բախչէն, կանանչ բախչէն,
Ի՜նչ աննըման էր.
Ծով մը կար բախչի դուռը,
Ի՜նչ աննըման էր։
― Այն բախչէն, կանանչ բախչէն՝
Այն մեր դըրախտն էր.
Ծով մը կար բաղչի դուռը՝
Այն էլ դըժոխքն էր։
— Ղարղ եղաւ միջնածովին,
Ի՜՜նչ աննըման էր.
Այն աղբիւր, որ ոտնագնաց,
Ի՜նչ աննըման էր։
— Ղարղ եղաւ միջնածովին՝
Մեղաւորներն էր.
Այն աղբիւր, որ ոտնագնաց՝
Գետ Որդանանն էր։
— Այն աղբիւր, որ մկրտեցին,
Ի՜՜նչ աննըման էր.
ճեղքերն ամէն ալփին-ալփին՝
Եայվայ նըման էր։
— Աղբիւ՛ր, որ մըկըրտեցին՝
Սուրբ Կարապետն էր.
Ճեղքերն ամեն ալփին-ալփին՝
Այն խնկէ ծառն էր։
— Էն սեղան, բարձրասեղան,
Ի՜՜նչ աննըման էր.
էն հընձան, բոլոր ձընձան՝
Եայվայ նըման էր։
— Էն սեղան, բարձրասեղան
Էջմիածինն էր.
Էն հընձան, բոլոր հընձան՝
Երուսաղէմն էր։
— Այն խաչեր, բարձրախաչեր,
Ի՛նչ աննըման էր։
Բուրվառ ձեոք, որ ժուռ կու գար՝
Ի՛նչ աննըման էր.
— Այն խաչեր, բարձրախաչեր՝
Տէր քահանան էր.
Բուրվառ. ձեոք, որ ժուռ կու գար,
Այն սարկաւագն էր։
— Այն սալամ՝ սար հընչելով,
Տեսէ՛ք, այն ո՞րն է.
Էն կաքաւ՝ կարկաչելով,
Տեսէ՛ք, այն ո՞րն է։
— Էն սալամ՝ սար հընչելով՝
Էն վարդապետն է.
Էն կաքաւ կարկաչելով՝
Երիցաներն է։
— Էն ճըճնճուղ ճըլվըտալով՝
Տեսէք, այն ո՞րն է.
Երկու ճընճուղ՝ կանանչ բաղչէն,
Տեսէ՛ք, այն ո՞րն է։
— Էն ճընճուղ ճըլվըտալով՝
Տիրացուներն է.
Երկու ճընճուղ՝ կանաչ բաղչէն՝
Արդար հոգիքն է։
— Արեգակ նոր շաղէշաղ,
Ինչ աննըման էր.
Լուսնեակ նոր սարն ելաւ,
Ի՜նչ աննըման էր։
— Արեգակ նոր շաղէշաղ՝
Այն թագուհին էր.
Լուսնեակ նոր սարն ելաւ՝
Այն թագաւորն էր։
— Յիսուսի Քրիստոսի սուրբ զօրութիւնով
Ծառըս ծաղկեցաւ,
Սուրբ Կարապետի սուրբ զօրութիւնով
Ծառըս ծաղկեցավ
Սուրբ էջմիածնի սուրբ զօրութիւնով
Ծառըս ծսւղկեցաւ։
Սուրբ Լուսաւորչի սուրբ զօրութիւնով
Ծառըս ծաղկեցավ
Սուրբ ԵրուսաղԷմի սուրբ զօրութիւնով
Ծառըս ծաղկեցաւ։
Սուրբ Նարեկացու սուրբ զօրութիւնով
Ծառըս ծաղկեցավ
— Ծաղկեցաւ ծառըս կենաց,
Տեսէ՛ք, այն ո՞րն Է.
Բաղմեցաւ խէչն ի գըլուխն,
Տեսէ՛ք, այն ո՞րն է։
— Ծաղկեցաւ ծառըս կենաց՝
Էն թագաւորն է.
Բազմեցաւ խէչն ի գըլխուն՝
Էն իւր պըսակն է։
— Այն խընձոր, գըլխախընձոր,
Տեսէ՛ք, այն ո՞րն է.
Այն խընձոր, գըլվագըլոր,
Տեսէ՛ք, այն ո՞րն է։
— Այն խընձոր, գըլխախընձոր՝
Թագւորահայրն է.
Այն խընձոր գըլվագըլոր՝
Այն ազափներն է։
— Այն խընձոր աջ աթոռին,
Տեսէ՛ք, այն ո՞րն է.
Այն խընձոր ձախ աթոոին,
Տեսէք, այն ո՞րն է։
— Այն խընձոր աջ աթոռին՝
Այն խաչեղբայրն է.
Այն խընձոր ձախ աթոռին՝
էն թագուհին է։
— Այն չոբան, բարձրաչոբան
Եւ աննըման էր.
Հըրեղէն թուրն ի ձեռին,
Ի՜նչ աննըման էր։
— Այն չոբան, բարձրաչոբան՝
Այն հարսնեղբայրն էր.
Հըրեղեն թուրն ի ձեռին՝
Այն խաչեղբայրն էր։
— Այն երկինք, որ ամպ ու պարզ
Եւ աննըման էր.
Երկու հաւք, որ տետետափ,
Ի՜նչ աննըման էր։
— Այն երկինք, որ ամպ ու պարզ՝
Այն խընամիք էր.
Երկու հաւք, որ տետետափ՝
Խնամոց խօսքերն էր։
— Այն խընձոր գըլվագըլոր՝
Ի՜նչ աննըման էր.
Փունջ մանուշակ, որ ծաղկեցաւ՝
Եայվայ նըման էր։
— Այն խընձոր գըլվագըլոր՝
Էն ազափներն է.
Փունջ մանուշակ, որ ծաղկեցաւ՝
Էն աղջիկներն էր։
— Էն փըտած կոճն ի որմին,
Տեսէ′ք, էն ո՞րն է.
Էն կարաս գըլվագըլոր,
Տեսէ′ք, էն ո՞րն է։
— Էն փըտած կոճն ի որմին՝
Հալևորներն է.
Էն կարաս գըլվագըլոր՝
Էն պառաւներն է։
— Շունն եկաւ՝ պարկն ի բերան,
Տեսէ′ք, էն ո՞րն է.
— Շունն եկաւ՝ պարկն ի բերան՝
Գեղի գըզիրն է։