Ե․

Հետեւեալ առաւօտուն երբ Տաճատ Չարըքեան արթնցաւ՝ արդէն Մարսիլիա հասած էին եւ ճամբորդներուն մէկ մասը մեկնած էր որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ Բարսեղ Սարգիսեան. ինքը երկու օր մնաց Մարսիլիա, բայց որովհետեւ ոչ մէկ ծանօթ չունէր հոն, գաղափարը որ ոչ ոք ուշադրութիւն կ՚ընէր իրեն. ոչ ոք գիտէր իր ի՛նչ եւ ո՛վ ըլլալը, այնքան անհանդուրժելի եղաւ որ վերջապէս յաղթեց նոր քաղաք մը տեսնելու եւ հոն ապրելու շատ նրբին հաճոյքին. աճապարանքով իր սնտուկը առաւ եւ կայարան գնաց Բարիզ երթալու համար։ Վակոնին մէջ շարունակական աղմուկով եւ շարժումով գրեթէ ապուշցած, բնաւ ժամանակ չունեցաւ խորհելու իր ընելիքին եւ բռնելիք ընթացքին վրայ. սաստիկ յոգնութիւն մը կը ջլատէր զինքը բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս որուն մէջ կար նաեւ Մարսիլիա ունեցած անախորժ տպաւորութեանը տարտամ զգացումը. հետզհետէ քանի օրը յառաջացաւ եւ շոգեկառքը դէպի հիւսիսային Ֆրանսա կը սուրար, մառախլապատ եւ գորշ մթնոլորտ մը յաջորդեց հարաւային Ֆրանսայի ծիծաղկոտ եւ արեւոտ գիւղանկարներուն. իրիկուան մութը հասած էր երբ շոգեկառքը կեցաւ կէս ժամու չափ. տխուր կայարան մը գրեթէ բոլորովին գորշագոյն, գետինը՝ խոնաւ սալայատակին վրայ օդային կազի ցոլքեր կ՚անդրադառնային եւ կը պլպլային. մեկնումի աճապարանքին մէջ մարդիկներ ծանր պայուսակներով բեռնաւորուած եւ մէկ կողմերնուն ծռած կը վազէին տաժանքով. ողջերթի մաղթանքները եւ բարի եկաքի ցնծուն ձայներ մինչեւ իրեն կը հասնէին. դեռատի աղջիկ մը վակոնէ վակոն կը վազէր մէկը փնտռելով. յետոյ ահաւասիկ սուլումներ, շոգեկառքը կը դղրդի եւ դարձեալ յոգնեցուցիչ եւ ջլատիչ վազքը մթութեան մէջէն որուն միջոցին Տաճատ կ՚ընդնշմարէր կաղամախիներու ձիգ ուրուագիծերը, եւ անսահմանելի տխրութիւնը հարթ եւ գորշ հողերուն. ասդին անդին հազիւ թէ պլպլացող լոյսերու խումբ մը որ հեռուէն գիւղ մը կամ քաղաք մը կը յայտնէր, յետոյ երբեմն ճամբուն վրայ կարմիր ուժգին լոյս մը, ուրիշ շոգեկառքի հապճեպով անցքը աղմկալի եւ հեւքոտ որ ամէն անգամուն զինքը կը դղրդէր տղայական վախով մը. տրտում, յուսաբեկ եւ հոգին լեցուած անբացատրելի զգայնութիւնով մը. Տաճատ գլուխը դրաւ վարձուած բարձի մը եւ ջանաց քնանալ. բայց իր կարճ մրափներուն մէջ որոնցմէ գրեթէ միշտ ուժգնօրէն կ՚արթննար, կ՚երազէր իր թաղը, իր բարեացակամ եւ ներողամիտ թաղը ուր բան մը, մեծ մարդ մըն էր ինքը. իր մեծութեան զգացումը վիրաւորուած էր արդէն առաջին անտարբեր նայուածքէն որ վակոնի ընկերներէն մէկը իր վրայ դարձուցած էր. մէկէն զգացումը ունեցաւ իր իրական ոչնչութեան՝ մեծ եւ անծանօթ երկրին մէջ, մէկ կողմէն մտքին կը ներկայանար իր թաղին ծանօթ փողոցները, հասարակաց պարտէզը ուր ամէն իրիկուն աղջիկներու նայուածքը կ՚ընդունէր խնկարկութեան մը պէս եւ ուր վստահ էր թէ իր վրայ կը խօսակցէին մրմնջելով. զինքը գովելով, զինքը ցանկալով եւ միս կողմանէ կը գուշակէր ուսանողի առանձին սենեակը, ձմեռը ցուրտ, ամառը հեղձուցիչ, անկողինը, ճերմակեղէնները անխնամ, հիւանդութիւններ մենաւորիկ, պատը երեսին եւ նոյն իսկ մահը, սարսափելին ա՛լ աւելի, իր նոր ընդգրկած կեանքին մէջ. ու գաղափարը իր դիակին անտարբերութիւնով պաշարուած՝ այնպիսի ցնցում մը պատճառեց որ բոլոր հասակովը ելաւ կանգնեցաւ յանկարծակի. շոգեկառքը միշտ կը խոյանար զուգահեռական գիծերուն վրայ մեղմօրէն հեռանալով ընդարձակ եւ տափարակ հողերուն մէջ, արշալոյսը կը ծանուցանէր ինքզինքը տժգոյն եւ անթափանց գոյնով մը որ մառախլապատ մթնոլորտին մէջ կը ծածանէր առանց անոր խառնուելու. աւելի ճերմակ եւ վճիտ գետ մը օձապտոյտ իր արծաթեայ ջուրերը կը պտըտցնէր միշտ տափարակ հողերու վրայ եւ հեռաւորութեան մէջ կը կորսուէր. իր վակոնի ընկերները մէկիկ մէկիկ արթնցան եւ սկսան խօսակցիլ անփութօրէն եւ զուարթութեամբ, ինչպէս շուտով իրար կը ծանօթանային եւ նոյն իսկ զիրար կը ճանչնային իրենց անունով, ինքը մինակ անծանօթն էր, այլեւս օտարականը որուն հազիւ թէ կը նայէին հաւանականաբար իր խրտչող, տխուր եւ հանդիսաւոր երեւոյթին համար։

Այսպէս մառախլապատ եւ անձրեւոտ առաւօտով մը Տաճատ Բարիզ հասաւ, բարոյապէս արդէն հիւանդ, տարտամ մելամաղձոտութիւն մը քիչ մը կը թոյլցնէր իր մեծ մարդու երեւոյթը եւ աչքերը պզտիկ, անփայլ, աննշան սովորականին մէջ աւելի մարդկային կը դառնային տխրութիւնով տոգորուած. նախկին ծանօթ մը, դպրոցական ընկեր մը որ երկրաչափութեան ուսանող էր՝ զուարթօրէն ընդունեցաւ զինքը եւ զայն տեղաւորցուց պզտիկ սենեակ մը Մօնժ փողոցին վրայ. երբ Տաճատ իրեն անհրաժեշտ կարասիներ գնելէ ետքը առաջին անգամ գիշեր մը անցուց իր ուսանողի սենեակին մէջ, աւելի ամոքուած զգաց ինքզինքը, հետեւեալ առաւօտուն ամէն հաշիւ ընելով, եռամսեայ տան վարձքը վճարելէ ետքը 200 ֆրանքի չափ գումար մը կը մնար քովը։ Երբ Մանուկ Միհրանեան՝ իր երկրաչափ ընկերը առաւօտուն կանուխ եկաւ դուռը զարնելու, Տաճատ ոտքի վրայ էր, արդէն հագուած եւ թեթեւ մը տենդոտ՝ քաղաքը տեսնելու հետաքրքրութենէն. միւս կողմէ իր անգիտակցութիւնը կեանքի պայմաններուն Բարիզի մէջ՝ զինքը փոխն ի փոխ անհանգիստ կ՚ընէր եւ կը վարանեցնէր մտաբերելով իր 200 ֆրանքի գումարը։

— Որչա՞փ ատեն կը կարծես որ ապրիմ 200 ֆրանքով, ըսաւ յանկարծ ընկերոջը երբ սանդուխներէն վար կ՚իջնային։

— 200 ֆրանք ունիս այս ժամուն, գոչեց հիացումով իր ընկերը եւ գրեթէ ձեռքերը իրար զարնելով, բայց ատիկա ամբողջ հարստութիւն մըն է, օ՜հ, օ՜հ, զուարճանալիք ունինք։

Տաճատ մէկէն հասկցաւ եւ իր հանդիսաւոր եւ անթափանցելի երեւոյթը առաւ։

Միհրանեան բարեկեցիկ ընտանիքի տղայ մը երեք ամիսէ ի վեր իր հօրը յանկարծական մահուան պատճառաւ անակնկալ թշուառութեան մը մէջ կը գտնուէր, նուրբ եւ ազնիւ երեւոյթով երիտասարդ մըն էր, քիչ մը աննշան դէմքով եւ տկար կամքով, երեք ամիսէ ի վեր դեռ չէր կրցած որոշել թէ պէ՞տք է իր ծնողքին քով վերադառնայ ասպարէզը ձգելով, թէ շարունակէ իր ուսանողութեան շրջանը ինչ գինով որ ըլլայ. երեք ամիսէ ի վեր օրը օրին կ՚ապրէր 2 ֆրանք մէկէն, 5 ֆրանք միւսէն փոխ առնելով. ամէն առաւօտ իր ընելիքին եւ ուտելիքին անորոշութիւնը զինքը այնպիսի հոգերու մէջ դրած էր որ կրնար իրմէ աւելի ուժով մէկն ալ ջախջախել. իր արդէն նիհար հասակը աւելի բարակցած էր եւ դէմքին գիծերը սկսած էին կանխահաս ծերութիւն մը ստանալ. իր բարակ եւ թափանցիկ ականջները, երկնցած քիթը, սուրցած թուշը եւ մանաւանդ մորթին վատառողջ դեղնութիւնը արդէն կը ծանուցանէին այնպիսի վատուժութիւն մը եւ անարիւնութիւն մը որ անկարելի էր աւելի լուրջ եւ թաքուն հիւանդութեան մը վրայ չխորհիլ. իր տղայութիւնէն ծնողքին բարեկեցիկութեան շնորհիւ ժպտուն եւ բարեացակամ դէմքեր տեսնելու վարժուած, միւս կողմանէ զրկուած թափանցելու եւ դիտելու կարողութիւնէ, դեռ չէր անդրադառնար այն անախորժ ծամածռութիւններուն որով կ՚ընդունէին զինքը իր ընկերները՝ վստահ ըլլալով որ դրամի դիմում մը ունէր ընելիք. անբաղդ տղան կը կարծէր միշտ որ ուրիշ անակնկալ պատահար մը իրերու ընթացքը պիտի փոխէր եւ միշտ վստահութեամբ ու զուարթութեամբ էր որ կ՚ըսէր.

— Ամսու գլխուն կը վճարեմ։

Ուրիշ ատեն ալ հօրը ողջութեանը պատահած էր որ դրամը հատնի եւ փոխ առնելու ստիպուի, ինչպէս ինքը իր կարգին փոխ տուած էր, բայց հիմա իր վստահութիւնը եւ բարի կամքը խաբէութիւն մը կը համարուէր եւ զինքը դուրս կը ձգէին գրեթէ միշտ ընկերներու համախմբութիւններէն, գիտնալով որ երբէք սու մը չպիտի ունենար ծախսելիք. միւս կողմանէ հագուստները կը հիննային, ճերմակեղէնը անխնամ սկսած էր ըլլալ, կօշիկները մաշած էին եւ ինքը չէր անդրադառնար բոլոր ասոնց, թէեւ տարտամօրէն կը զգար իր ընկերներուն ցրտութիւնը եւ մանաւանդ տեսակ մը նայուածքներու յամառ սեւեռումը իր կօշիկներէն մինչեւ գլխարկին վրայ, հոգիով թոյլ եւ չափազանց զգայուն Մանուկ՝ ճշմարտապէս տղայ մնացած էր, դպրոցին մէջ ինքզինքը Տաճատին պէս բանաստեղծ կարծած էր քիչ մը, ցանկալով անոր ազդեցութեան եւ նոյն իսկ ոտանաւորներ գրած էր որոնք մինչեւ հիմա կը յամառէր արտասանել. որչափ ատեն որ քսակը լեցուն եղած էր՝ իր անձին հետ հանդուրժած էին նաեւ իր ոտանաւորներուն, բայց հիմա առանց գիտակցութիւնը ունենալու որոշապէս իրերու տրամաբանական ընթացքին՝ չէր համարձակեր զանոնք բերանը առնելու։

Տաճատ սանդուղներուն վրայ յանկարծ յիշած էր Միհրանեանի կացութեան պարագաները եւ զղջացած էր արդէն առաջին անգամ անոր դիմելուն, բայց եղածը եղած էր եւ որոշեց խիստ ըլլալ իր վարմունքին մէջ։

Ըլլայ բնազդով, ըլլայ դիտողութեամբ, Միհրանեան զգացած էր ասիկա. Տաճատ արդէն դպրոցի շրջանէն միշտ ազդեցութիւն ունեցած էր իր վրայ, հետեւաբար առանց ամօթի եւ հպարտութեան Մանուկ սկսաւ քծնիլ իրեն եւ տարօրինակ փութկոտութիւնով մը ծառայել իր նորեկ բարեկամին. իր նկարագրի տկարութիւնը ի վաղուց խորամանկ դարձուցած էր զինքը, այս էր պատճառը նաեւ որ աւելի դիւրութեամբ կը կրէր իր նիւթական ներկայ վիճակը. որոշապէս մեծ փոփոխութիւն մը չկար իր ապրելու եղանակին մէջ եթէ նոյն իսկ անհրաժեշտ պէտքերու զրկանքը չըլլար որ ուղղակի իր ֆիզիքական կազմութեանը կը վնասէին. Տաճատ վայրկեան մը ընկերոջը վերյիշումներէն շողոքորթուած – այնքան ատեն կար որ զինքը մեծ վարպետ չէին անուանած – եւ նոյնիսկ անոր տժգոյն եւ տկար երեւոյթէն փղձկուած, մարդկային շարժում մը ունեցաւ հոգիին մէջ, բայց շուտով ինքզինքը բռնեց մտածելով որ իր նպատակին հասնելու եւ իր հանճարը ճանչցնելու համար ամենուն, իր բոլոր նիւթական ուժերուն պէտք ունէր եւ հարկ չկար տկարութիւններ ունենալու. նոյն իսկ ըստ իրեն իր կացութիւնը, իր մեծ մարդու բացառիկ կացութիւնը կը պահանջէր որ ինքը ցուրտ եւ խուլ մնար այսպիսի ողորմելիներու վիճակին եւ քաջութիւնը ունենար ամէն նկատողութիւններու վրայէն կոխոտելով իր պատուանդանին հասնելու. բոլոր մեծ մարդերու եւ հանճարներու նոյնօրինակ արարքները մտաբերելով կը կազդուրէր իր վարանող կամքը. ու դարձեալ ահաւասիկ մեծութեան մոլութիւնը աւելի խիզախ, անդիմադրելի կը կանգնէր իր մէջ՝ հանճարեղ տղու գմբեթաձեւ ճակատը ցցել տալով գոռոզութեամբ։

Միհրանեան անզգալաբար տխրած էր եւ լռելեայն կը քալէին Լիւքսէնպուրկի պարտէզէն, Միւզէն այցելելէ ետքը. կէս օրը մօտ էր եւ սկսած էր հնարքներ փնտռել ինքզինքը ճաշի հրաւիրել տալու համար. բայց արեւին տկար ճառագայթներով փայլուն գմբեթաձեւ ճակատը անողոք մնաց մինչեւ ետքը. միայն թէ մօտակայ սրճարան մը գացին ախորժաբեր ըմպելիք մը խմելու՝ ինչպէս կ՚ըսէր Մանուկ հեգնական տխրութիւնով մը, յաճախ այս անգթութիւնը ըրած էին իրեն որուն խաղալիկ եղած էր սկիզբները. իր յամառող ներկայութենէն ազատելու համար զինքը սրճարան մը կը տանէին եւ հոն pernot մը կամ amer մը հրամցնելէ ետքը կը ձգէին որ իր գրգռած ստամոքսը յագեցնելու միջոց մը գտնար. հետզհետէ աւելի վարպետ եւ խոհեմ դարձած էր սակայն, ասոր համար է որ երբ գացին Պուլըվառ Սէն Միշէլի վրայ սրճարան մը տեղաւորուեցան եւ երբ Տաճատ երկու ապսէնթ ապսպրեց ընդհատելով զայն՝ կարսոնին պոռաց.

— Ապսէնթ մը եւ տաք կաթ մը։

Տաճատ քիչ մը գինովցած իրեն համար անսովոր եղած ըմպելիքէն, կը խօսէր հայ ուսանողութեան վրայ տեղեկութիւններ հարցնելով. Մանուկ դանդաղօրէն իր տենդոտ եւ չորցած շրթունքը կը թրջէր կաթին մէջ, յետոյ կաթիլ կաթիլ կը խմէր. խանդաղատանքով նայելով բարերար հեղուկին՝ երկու ափերը կռթնցուցած տաք գաւաթին, այնքան ցուրտ կ՚զգար հակառակ միջօրէի արեւին որ վերջապէս փարատած էր մառախուղը եւ երկինքի կամարին վրայէն վարդագոյն ճառագայթներու անձրեւ մը կը տեղացնէր գորշ քաղաքին վրայ։

Տաճատին գինովութիւնը օգնելով՝ հետզհետէ Մանուկ աւելի քննող՝ աւելի խորամանկ դարձաւ։ Չարըքեանին հարցումներուն կը պատասխանէր դանդաղութեամբ եւ անկատար ձեւով մը, միշտ զայն հետաքրքրող կէտ մը ձգելով. յետոյ երբ զայն բաւական թոյլ կարծեց, յանկարծ իր վիճակը մէջ բերաւ, անօթի անցուցած օրերը, անլոյս անցուցած գիշերները եւ հիմա այս վայրկեանին ահաւասիկ սու մը չունէր, սու մը…։

— Ես ըսել որ այս ժամուս 200 ֆրանք ունիս հէ՜, երջանիկ արարած։

Իր նախկին բարեկեցիկ օրերուն կատակները միտքը ինկան անկուտիութեան վրայ, բայց ինչպէս անոնք հիմա իրենց նշանակութիւնը կորսնցուցած էին եւ եղերական հանգամանք մը առած էին։

— Ոսկի ունի՞ս, ցուցուր, գիտե՞ս որչափ ատեն է որ ոսկիի գոյն չեմ տեսած, վա՛յ սատանայ… ի՜նչչափ մատներս պանքտոմսին մետաքսաւէտ շփումին կարօտը ունին… հըմ, ի՜նչ կ՚ըլլայ, տուր մէյ մը բռնեմ… կը կարծե՞ս որ իրենց արժէքէն բան մը կը մնայ մատներուս վրայ։

Տաճատ սկսաւ զուարճանալ եւ իր ամբողջ գանձը դրաւ սեղանին վրայ։ Միհրանեանին մարած աչքերուն մէջ յանկարծ անօրինակ եւ անախորժ բոց մը անցաւ, յետոյ մատներովը բռնեց մէկիկ մէկիկ հինգ նաբօլէոնները եւ 100 ֆրանքնոց պանքտոմսը՝ աւելի տժգոյն քան երբէք, ակռաները սեղմուած եւ գրեթէ դողդոջելով, եւ որովհետեւ Տաճատ զանոնք կը հաւաքէր գրպանելու համար, ցած ձայնով գրեթէ մրմնջելով աղաչեց.

— Մինակ երկու ֆրանք, ի՞նչ կ՚ըլլայ։

Տաճատին խոստումին վրայ իր անփոյթ տղու զուարթութիւնը եկաւ. պանքտոմսը միշտ ձեռքերուն մէջ էր եւ կ՚ըսէր կէս մը խնդալով եւ կէս մը լուրջ.

— Կը տեսնա՞ս, բարեկա՛մ, ամէն բանի սկիզբը եւ վերջը. դրամը ամէն բան է, ամէն բան… սրտագին աղաղակ մըն էր ասիկայ. կարծես յանկարծ գիտակցութիւնը ունեցաւ իր վիճակին, բայց րոպէ մը ետքը երջանիկ ուսանողի վերյիշումներ զինքը պաշարեցին։

— Եւ ըսել որ ինչչափ աղուոր ուտելիքներ, ինչչափ զուարճութիւն, ըմպելիք եւ նոյն իսկ պզտիկ սիրուն աղջիկներ կը պարունակէ այս թղթին կտորը. վա՜յ սատանայ…։

Տաճատ նեղուած եւ անհանգիստ շարժում մը ընելով առաւ պանքտոմսը ձեռքէն, քսան ֆրանքնոց մը աւրեց եւ հազիւ թէ երկու ֆրանքը վճարած էր ընկերոջը, տեսաւ որ անիկայ կը հեռանար դեդեւող անհաստատ քայլերով կողմնակի փողոցի մը մէջէն։