ԺԲ․

Այն տարին ձմեռը կը ծանուցուէր վաղահաս խստութիւնով մը. փոթորիկներ իրարու յաջորդած էին եւ ծառերը ցնցուելով շարունակ մերկացած էին իրենց վերջին տերեւներէն։ Իրիկունները մասնաւորապէս ցուրտ եւ մառախլապատ էին եւ վերջալուսային վարդագոյն ցոլքերը օրէ օր կը տժգունէին մանիշակագոյն երանգներու մէջ, որոնք հազիւ թէ քանի մը վայրկեան կը լուսաւորէին երկնքին կապարային գորշութիւնը. սեւ ամպեր յամրօրէն կ՚անցնէին տանիքներուն վերեւէն իրենց մթութիւնովը ստուերելով ամբողջ քաղաքը եւ երբեմն ալ կը ցածնային, կ՚իջնային մինչեւ վար՝ բարակ եւ անշշուկ անձրեւի մը ձեւին տակ որ խոնաւ եւ գորշ մշուշով մը կը պարուրէր ծառուղիները, տուները, մարդիկը։

— Օ՜հ, ի՛նչ ցուրտ, կ՚ըսէր Տաճատ խոշոր կրկնոցին մուշտակապատ օձիքը դարձնելով եւ ձեռքերը արդէն ձեռնոցներով ծածկուած մխրճելով գրպաններուն մէջ։ Հակառակ իր գանգատին՝ ձայնին մէջ ուրախութիւն կար, գլուխը բարձր բռնած սէգօրէն, մօրուքը ցցած եւ նայուածքը եռանդուն ակնոցներուն ետեւէն. իր ամբողջ անձէն կ՚արտաշնչուէր հանգստաւէտ գոհունակութիւն մը եւ ուրիշներուն թշուառութեան վրայ արհամարհանքով նայողի զգացումը։

Իր քովէն կը քալէր Սուրէն Սահակեան գլուխը հակած մէկ կողմին, յուսաբեկ, տխուր, աչքերը մթին եւ տարտամ։

Տաճատին բացագանչութիւնները զինքը ցնցեց իր մտմտուքէն եւ քովնտի նայուածք մը ուղղեց անոր, բայց անիկա չտեսնել ձեւացուց եւ շարունակեց։

— Ձմեռը իր հրապոյրները ունի, տեսէ՛ք՝ ինչպէս գեղեցիկ է։ Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ էին եւ արդարեւ հեռապատկերը սքանչելի էր. մարդ չկար գրեթէ եւ հեռուէն քաղաքը ամայի կը թուէր, մացառուտ ծառեր կը ծածկէին հորիզոնը իրենց անթիւ չոր եւ մերկ ճիւղերու հանգոյցներովը, երբեմն ոստերու տրցակ մը կը սլանար անոնց մէջէն ուղիղ ցայտումով մը, երբեմն ալ ճկուն ու նրբին կորութիւններ կը կազմէին եւ հետզհետէ անորոշ եւ անգոյն կը ներդաշնակուէին մթնոլորտին հետ. մեղծ մելամաղձոտութիւն մը կը ծածանէր ամէն կողմ ու երեկոյեան հովն անգամ, Մէտիշիզներու պալատին վրայէն սուրալով, ծառերուն ճիւղերուն մէջ կը մոլորուէր զանոնք հեծել տալով իր ծանրութեան տակ ու մրմնջելով անօրինակ, գրեթէ մարդկային հեծեծանք մը։

Սուրէն պահ մը իր տխուր աչքերը դարձուց հորիզոնին, բայց անոնք շուտով շեղեցան իրենց ուղղութենէն եւ սկսաւ գետինը կէտի մը նայիլ, մասնաւոր սեւեռումով մը որ իրեն մէջ մեծ մտահոգութիւն կը նշանակէր։ Երբ պարտէզին դրան մօտ եկան, Սուրէն քայլերը դանդաղցուց, ժամերէ ի վեր մտքովը միջոց մը կը մտածէր դրամ հայթայթելու եւ կ՚զգար որ Տաճատ հարուստ էր այդ միջոցին. բայց անոր խրոխտ երջանկութիւնը զինքը երկչոտ եւ անճարակ կը դարձնէր։ Կ՚երեւակայէր տխուր երեւոյթը, ցուրտ սենեակին մէջ աղքատ ընթրիքէ մը ետքը Սօֆիին համակերպող եւ պայծառ նայուածքին տակ. այդ նայուածքին յիշատակը այլ եւս զինքը կը յոգնեցընէր, ձանձրոյթ կը պատճառէր գրեթէ, անոր ազնիւ եւ վեհանձն համակերպութիւնը նախատինքի մը պէս կը մտրակէր իր մեղկացած հոգին եւ անոր մէջ եղերական եւ մելամաղձոտ ձայներ կ՚արթնցնէր. կը յիշէր անոր տժգոյն եւ ցուրտ ձեռքերը, մաքուր, կաթնային մորթը որուն թափանցկութեան մէջէն սակայն կապոյտ երակները ընդնշմարել կուտային իր բուն խառնուածքը. ցրտօրէն մոլեռանդ սիրոյ եւ ատելութեան մէջ, պատրաստ ամէն կարգի զոհողութեանց եւ արարքներու. կը յիշէր անոր գրեթէ միշտ փակ շրթունքները որոնց միացած տեղը ճերմակ գիծ մը կը մատնէր թագուն յուզմունքներ կամ զրկանքներ. ատեն մը զայն սիրած էր յիմարաբար իր արեւելցիի զգայնոտ տղու բոլոր եռանդովը, ու իր եսասէրի կոյր հեշտանքներուն մէջ չէր տեսած անոր աչքերուն միամիտ զարմացումը որոնք չէին հասկնար կարծես, անոր մանկական շրթունքներուն լռութիւնը եւ այդ կաթնային մորթին ցրտութիւնը զոր ոչ մէկ հրայրք չէր տաքցներ. այդ կինը խորունկ եւ անհասկնալի բան մը ունէր՝ ներքին եւ անսովոր զգացումներէ վարուած, որոնք անհաղորդ կը մնային իր բարեկամին. իր համակերպութեան եւ անձնուիրութեանը մէջ յուսաբեկութիւն կար յայտնի կերպով. Սուրէնին եսասէր հեշտամոլութի՞ւնն էր որ զինքը վիրաւորած էր առաջին օրէն, ու զինքը առանձնացուցած էր իր երազներուն մէջ, թէ տարբեր մտածումներ եւ ձգտումներ ժամանակաւոր զարթնումէ մը ետքը վերստին քնացուցած էին իր կնոջական բնազդները։ Սուրէն շատ լաւ կ՚զգար ասոնք. իր թափանցող եւ ոչինչ բաներէ զգայնութիւն կրող հոգին իր կարգին վիրաւորուած էր այդ կնոջ հզօր անհատականութենէն որ գերազանցութիւն մըն էր. միջոց մը մտատանջութեան մէջ ըլլալէ ետքը անոր հոգեկան վիճակին վրայ, իր անկայուն եւ ծոյլ բնութիւնը յոգնած էր վերջապէս եւ հիմա անիկա զինքը անհանգիստ կ՚ընէր միայն, այդ անհանգստութիւնը զայրոյթի կը փոխուէր ամէն անգամ երբ անհրաժեշտութեան մը առաջք կը գտնուէին, եւ երբ փոխանակ իր բարեկամուհիին մէջ գործօն եւ ճարպիկ ընկեր մը տեսնելու՝ կրաւորական համակերպութեան մը կը հանդպէր։ Խորապէս բոլոր ասոնք փոյթը չէր սակայն եւ յաճախ միջոց կը գտնար մխիթարուելու, բայց այդ գիշեր կեանքը իրաւամբ ծանր կուգար. բոլոր այս մտածումները, մխիթարուելու անկարելիութիւնը իր նիւթական վիճակին պատճառաւ, յիմարաբար արթնցուցին իր մէջ հեշտանքի եւ հաճոյքի զգացումներ, իր երջանկութեան կարօտով լեցուն երեւակայութեան մէջէն անցան լուսաւորուած եւ տաք սրահներ, ծաղիկներ, բուրմունքներ, գրգռիչ եւ հաճելի ըմպելիներ, համեղ կերակուրներ…։

Ինքզինքը պզտիկ ու տղայ կ՚զգար, հոգին լեցուած հետզհետէ գալիք զրկանքներու սարսափովը, սրտմտած իր կեանքի պայմաններուն դէմ. յանկարծ գաղափար մը անցաւ մտքէն.

— Եթէ Տիկին Զանոքիին երթանք այս գիշե՜ր…։

Տիկին Զանոքի Սօֆիին բարեկամուհին էր եւ յաճախ փորձած էին այդ միջոցը։ Երբ ընթրիքի հնարաւորութիւնը կը կորսուէր իրենց համար, թեւ թեւի, քալելով կ՚երթային մինչեւ Ավընիւ տը Թրօքատէրօ ուր կը բնակէր այդ կինը, տաղանդաւոր եւ ծանօթ գրագիտուհի մը, որուն դռները բաց էին միշտ իրենց համար։ Սուրէն կէս ճամբան քաջութիւնը կը կորսնցնէր, անցնող թրամվէյները արգիլուած բանի մը պէս nostalgie կուտային իրեն, ցանկութեամբ կը խորհէր հանգստաւէտ սեղանի մը իր մօտ, ճաշարանի մը մէջ, ու այսպէս կը հասնէին հոն սպառած յոգնութենէ, վերադարձին հեռապատկերը ունենալով մտքերուն առջեւը։ Բայց յիշեց նաեւ սալօնէն ճաշասրահ անցնիլը, թէյի ճոխ սեղանը գրեթէ ծածկուած պիսքիւիներով եւ կարկանդակներով. իր քանի օրէ ի վեր գէշ ճաշած մարդու չյագեցած քիմքին վրայ կարծես զգաց համը վիէննական խմորեղէններու՝ պարարտ ճզմուած նուշի եւ պիստակի խաւերով եւ բուրումնաւէտ զանազան ըմպելիքներով. աչքին առջեւը եկան քրէմներով եւ շոքոլայով պատուած gateauներ եւ համեմուած հացերուն մէջէն նշուլող շաքարապատ պտուղները։ Ախորժակը գրգռուած բոլոր այս վերյուշումներէն, անօրինակ քաջութիւն մը ստացաւ. աչքերը իրենց մթութեան տակ քօղարկուած հուրք մը ունէին կարծես, շրթունքը կը կարմրէր հեշտանքէ, եւ հազիւ ինքզինքին եկաւ երբ ուժգին հով մը նախ գետնին վրայ սողալով եւ ցանցառ տերեւները վերցնելով բարձրացաւ վերջապէս եւ զիրենք ցնցեց սարսուռի մը մէջ։

Երբ պարտէզէն դուրս ելան բոլորովին մութ էր այլ եւս. պուլվար Սէն Միշէլին վրայ քղանցքնին հանգրիճած կիներ լրբօրէն նայելով իրենց՝ կ՚անցնէին եւ կ՚երթային. երբեմն հրաւիրող ժպիտ մը կամ խօսք մը մեքենաբար կեցնել կուտար Սուրէնը։ Խոնաւ գետնի վրայէն կառքերը կ՚անցնէին անշշուկ եւ արագ ստուերներու պէս. լոյսերը պղտոր կը թուէին, մարելու մօտ, այնքան իրենց տժգոյն եւ անճառագայթ լոյսը կը խղդուէր խոնաւութիւնով հոծ մթութեան մէջ։

Հետզհետէ քանի ընթրիքի ժամը կը մօտենար, բազմութիւնը կ՚ստուարանար։ Երկու ընկերները չէին խօսեր իրարու հետ եւ իրարու նոյն իսկ օտար կ՚զգային այդ պահուն. Տաճատ ալ կ՚երազէր, բայց իր երազանքները բոլորովին տարբեր բնութիւն ունէին։ Երկու շաբաթ առաջ Հրանդին դիմումին արդիւնքը ստացած էր, 400 ֆրանքի չէք մը, ընկերացած երկայն նամակով մը որուն մէջ հեռաւոր եւ իրեն անծանօթ բարեկամը կը խնդրէր, կը պաղատէր որ յանուն գրական արուեստին իր գիրքը վերջացնէ. իրեն կը խոստանար հետզհետէ իր եւ իր բարեկամներուն նիւթական աջակցութիւնը. յետոյ ուրիշ նամակներ յաջորդած էին անոր այլ եւ այլ տեղերէ. գրական հանդէս մը հրատարակած ըլլալով՝ իր ղրկած առաջին էջերը իբր նմոյշ խոստացուած գիրքին եւ զայն ներկայացնելով իբր «զուտ արուեստի անխարդախ եւ գերագոյն արտայայտութիւն» արձագանք եղած էր ասդին անդին փսփսացող հիացումներուն։ Զարմանալին այն էր սակայն որ իր վրայ հիացողներէն շատերը զինքը չէին կարդացած. անոնց մէջ կար նախ մեծ թիւ մը իր դպրոցական ընկերներէն որոնք իր կանխահաս եւ հանճարեղ տղու ազդեցութիւնը կրած էին կանուխէն։

— Տաճա՜տը… օ՜հ տարօրինակ բան է…։ Յետոյ կային այդ ընկերները եւ զինքը լսողները որոնք տարիներէ ի վեր հրաշալի գիրքին վրայ կը խօսէին խորհրդաւոր վերապահումներով եւ վերջապէս անոնք որ այդ հրատարակուած հատուածները կարդալով սահմռկած մնացեր էին, հզօր ազդեցութիւնը կրելով բոլոր չհասկցուող բաներու զօրութեանը։

Տաճատ իր մտքին մէկ անկիւնին մէջ այս բացատրութիւնները կը գտնար երբեմն. բայց անմիջապէս կը հակազդէր իր ներքին պայծառատեսութեան, ապաստանելով իր պատրանքներուն մէջ որոնք այլ եւս իրականութիւններ էին իրեն համար եւ որոնց կը կառչէր այնպիսի բուռն հաւատքով մը որ կը յատկանշէր իր մոլեռանդութիւնը իր Եսին եւ զայն պատմող գիրքին համար։

Այս հոգեկան վիճակին կը նպաստէին իր խառնուածքէն դուրս օր օրի իրեն հասած հիացումի արտայայտութիւնները. Տաճատը այլ եւս թիփ մը եղած էր, կարեւոր անհատականութիւն մը, յարգանքով եւ պատկառանքով կը վարուէին իրեն հետ։ Գաղթականութեան մէջ իր վրայ սկսած էին խօսիլ եւ արդէն կարգը դրած էին զայն այն մէկ քանի ճշմարտապէս կարող անհատականութիւններուն որոնք արուեստի եւ գրականութեան մէջ ֆրանսական մամուլին գնահատման արժանացած էին։ Ալ աւելի, ինքը կը ներկայանար իր խոստումներովը, գերազանցապէս մեծ եւ սաւառնող այդ համեստ համբաւներուն վրայ. խօսքին առաձգական եւ աննիւթական զօրութիւնովը կը բարձրանար ինքը անհամեմատօրէն, գաղափար մը կ՚ըլլար, իտէալ մը եւ ամենուն հոգիին մէջ կը փայփայուէր այդ իտէալը։

Օր մը մեծահարուստ եւ խելացի վաճառական մը խօսելով հայ գրագէտներու եւ ուսանողներու խումբի մը մէջ ուր Տաճատ ալ կը գտնուէր, ըսած էր. «Մենք եւրոպական միջավայրներու մէջ բաւական յառաջ գացած ենք եւ պատուաւոր դիրք ունինք յաճախ, բայց ինչ որ մեզի պակսած է անսովոր կարողութիւն մըն է. երեւակայեցէք ի՛նչ պիտի ըլլար մեր բարոյական ազդեցութիւնը արուեստներու եւ գրականութեան մէջ եթէ մեծ եւ անվիճելի հանճար մը ունենայինք օրինակի համար Պալզաք մը, Հիւկօ մը, Շօբէն մը, Պէթհօվըն մը». Տաճատ ինքնիրենը խորհած էր։

— Ես այդ հանճարն եմ։

Այս մտածումը ինչքան ալ տարօրինակ թուի իր արձագանքը ունէր իրեն վրայ հիացողներուն հոգւոյն մէջ. ինքը նախասահմանուած մըն էր, անիկա եկած էր ոչ միայն պարապ մը լեցնելու այլ իր արուեստին համաշխարհային զօրութեամբ բարձրացնելու իր համայնքին մտաւորականութիւնը։

Ահաւասիկ այսպիսի մտածումներ կ՚օրօրէին զինքը եւ իրեն կը թուէր որ ամէն բան գեղեցկացած էր իր շուրջը իր հոգւոյն համապատասխաներու համար։ Այն գիշեր նոյն իսկ Տաճատ հաճոյքով կը նայէր կիներուն ու անոնց շպարը անգամ որ դէմքերուն եւ աչքերնուն գերագրգռուած նկարագիր մը կուտար, սիրուն կը թուէր իրեն, պչրանք մը իր վսեմ եւ մեծ խորհուրդներով բաբախող սիրտը շահելու համար։

Յանկարծ անդրադարձաւ որ մինակ էր. Սուրէն աներեւոյթ եղած էր. չորս կողմը դարձաւ փնտռելու համար եւ տեսաւ զայն հեռուն որ կը խօսէր սրճարանի մը առջեւ կնոջ մը հետ. լայնեզր եւ փետրաւոր սեւ գլխարկին տակէն որ ամբողջ դէմքը շուքի մէջ կը ձգէր, ծնօտին շրջագիծը հազիւ թէ կ՚երեւէր փափուկ եւ յղկուն, ջերմանոցի մէջ հասած ճերմակ քամելիաի փափկութեամբ, փղոսկրի գոյն ասուէ հագուստ մը կը կաղապարէր իր բարձր եւ պերճ հասակը որ հեշտագին ճկունութիւններ ունէր, շարժումներու գեղանի եւ գրգռիչ կորութիւններ, ներդաշնակ հակումներով. այդ կնոջ երեւոյթը վայրկեան մը զինքը խռովեց եւ ցանկութեամբ խորհեցաւ Սուրէնին վրայ. ի՞նչ ունէր անիկայ որ կիները կը հրապուրէր եւ ամենէն գեղեցիկներուն ընտրութեանը կ՚արժանանար, վայրկեան մը սեւ եւ լայն գլխարկին տակէն դէմքը դէպի ի անոր դարձաւ եւ ելեկտրական լոյսի հոսանք մը ողողեց զայն. այդ շրթունքը, կրակի պէս կարմիր, աչքերուն սեւ խորութիւնները պաշտելի թուեցան իրեն եւ զգաց որ ձեռքերը գրպաններուն մէջ կը պաղէին յուզմունքէ եւ ցանկութենէ։