ԺԴ․

Հետեւեալ առաւօտուն հազիւ լուսցած էր երբ տօքթէօռ Քօլօլեան հասաւ. տմոյն լոյս մը կը դողդոջէր մերկ սենեակին մէջ եւ անքուն մնացած ընկերներու դէմքին ալ հիւանդի արտայայտութիւն կուտար։ Ժամերով Տաճատ եւ Բարսեղ մնացեր էին այդպէս առանց համարձակելու շարժիլ. երբեմն աչքերնին իրարու սեւեռած եւ երբեմն իրարու նայուածքէ խուսափելով՝ այնքա՛ն իրենց գլուխը հոծ էր տաժանելի մտածումներով, Լուիզ վառարանին մօտ կը մրափէր եւ երբեմն կ՚արթննար ընդոստ եւ հիւանդին կը նայէր կասկածով։

Դժուար գիշեր մը անցուցած էր Մանուկ եւ առաւօտուն միայն կրցեր էր ննջել. դէմքը մեղրամոմի գոյն, շրթունքը փրփուրոտ։ Երբեմն անիկա աչքերը կը բանար ու Տաճատ եւ Բարսեղ կը կարծէին թէ արթնցած է, բայց անիկա չէր պատասխաներ իրենց հարցումներուն ու կրկին մեղմօրէն կը գոցէր արտեւանունքը։ Երբեմն ալ քունին մէջ բացուած այդ աչքերը այնպիսի անսահմանելի արտայայտութիւն մը ունէին որ Տաճատ ջղագրգիռ, կը սարսռար բոլոր մարմնովը, մինչ Բարսեղ կզակը կը ցցէր անձկութեամբ եւ երբ կը փորձէին խօսիլ՝ բառը բերանը կը մնար, չէր համարձակեր այլեւս կոչել։

— Մանուկ բան մը կ՚ուզե՞ս։

Ոչ, այլեւս անիկա բան մը չէր ուզեր. իր քրտնաթոր ճակատը, իր կծկուած շրթները, իր ցաւէն ու շնչառութեան դժուարութենէն ելեւէջող կուրծքը կ՚ըսէին թէ այլ եւս բանի մը պէտք չունէին։ Անոր լուռ դէմքը եւ քունին մէջ բացուող աչքերը այնքան վրդովիչ էին որ հիմա իր ընկերները կը նախընտրէին որ անիկա պոռար, անիկա զառանցէր հասկնալու համար այդ անհանգստող աչքերուն արտայայտութիւնը։

Տօքթէօռ Քօլօլեանի մուտքը քիչ մը կեանք բերաւ հոգեվարքի այդ տխուր սենեակին մէջ. ամենքն ալ սիրտ առին ու մօտիկցան անոր. մեծ գրգռութեամբ կը խօսէին ու կը բացատրէին պատահածները եւ երեքն ալ պզտիկ տղաքներու պէս յանկարծ երկչոտութենէ բռնուած կ՚ըսէին իրեն.

— Պիտի աղէկնայ, այնպէս չէ՞, տօքթէօռ, ըսէք որ պիտի աղէկնայ։

Ու երբ բժիշկը դէպ ի հիւանդին դարձաւ, սարսափով տեսան որ Մանուկ արթնցած ու նստած էր անկողնին մէջ, ձեռքերը գալարուն սաւանին վրայ ու աչքերը արհաւիրքով ու ցաւով բացուած՝ դէպ իրենց կը ցցէր իր գլուխը ու կը ջանար լսել իրենց խօսքերը։

Երկարօրէն տօքթէօռ Քօլօլեան քննեց հիւանդը ու զինքը քաղցրութեամբ յորդորեց. արդէն Մանուկ իր վերջին ջանքէն սպառած ինկած էր անկողնին մէջ գրեթէ զգայազիրկ. անոր աչքերը միայն տենդով լեցուն ու կարծես կուրացած ներքին կրակէ մը՝ զիրենք կը սեւեռէին առանց տեսնելու։ Նոյն միջոցին հասաւ Սուրէն Սահակեան. իր ետեւէն կ՚երեւէր նաեւ Նորաեանի չարագուշակ դէմքը, սանդուղներուն վրայ ալ դեռ ոտքի ձայներ կային. Քօլօլեան պատուիրեց որ փոխն ի փոխ հսկեն հիւանդին քով եւ սենեակը չխճողեն բնաւ։ Տաճատ եւ Բարսեղ սպառած քնատութենէ եւ յուզումէ, կը պատրաստուէին դուրս ելնելու երբ անորոշ աղմուկ մը իրենց ուշադրութիւնը հրաւիրեց։

Մանուկ անլսելի բառեր կ՚արտասանէր, դէմքը ծամածռելով։

— Հանդարտէ՛, հոգիս, հանդարտէ՛, կ՚ըսէր Լուիզ յուզումով։

— Ամենքդ ալ հոս էք, լսելի եղաւ վերջապէս անակնկալօրէն բարակ ձայնով մը… ամենքդ ալ եկա՛ք, վա՛յ սատանայ… ոչ մէկ ատեն ասանկ բան ըրած չունէիք, ի՞նչ կայ այսօր։

Ելաւ նստեցաւ անկողնին մէջ, սաւանին ծայրովը քրտինքը սրբեց ու սկսաւ խնդալ. երկար ատեն սահմռկած մտիկ ըրին զինքը, նոյն իսկ պահ մը անկարելի եղաւ որոշել թէ քրքիջնե՞ր էին որ իր հազի տագնապներուն մէջ կը խեղդուէին թէ հեծկլտանքներ։ Դէմքը դիւային արտայայտութիւն մը առած էր ու յաճախակի արագ ու ջղուտ շարժումով մը սաւանին ծայրը կը տանէր երեսին, երբեմն թեւը կը մնար այդպէս ու կը վարանէր իր շարժումներուն մէջ ու կը նայէր ամենուն՝ կարծես ըսել ուզելով «Ի՞նչ պիտի ընէի»։

Հետզհետէ սակայն տեսակ մը պայծառութիւն եկաւ իր դէմքին վրայ ու սկսաւ խօսիլ աւելի կանոնաւոր։

— Ի՞նչ կայ այսօր, ըսէ՛ք… օրերով մինակս մնացի, դուռս զարնող մը չեղաւ, օրերով յուսացի ձեր վրայ, ձեր իւրաքանչիւրին վրայ… ու յոյսերս պարապ ելան. «Անիկա զիս երեսի վրայ չը ձգեր» կը խորհէի ձեր ամէն մէկին վրայ մտածելով ու դուք ամէնքդ ալ երեսի վրայ ձգեցիք զիս. այսօր, վա՜յ սատանայ… ի՞նչ կայ, ամենքդ ալ ժողվուեր էք։

Դուրսի ոտքի ձայները զինքը աւելի գրգռեցին.

— Ա՛հ… ընկերներ, եկեր էք տեսնելու թէ ինչպէ՜ս պիտի մեռնի Մանուկը… հետաքրքրական բան ըլլալու է, չէ՞… ձեզմէ ո՞վ առտուն կանուխ պիտի ելլար գար ինծի պատառ մը հաց բերելու, անօթի եղած օրերս… ըսէ՛ք…

Ամէնքը անհանգիստ իրարու երես կը նայէին. Սահակեան արդէն զղջացած կը թուէր այս դժնդակ մթնոլորտին մէջ գտնուելուն եւ անձկագին նայուածքներ կ՚ուղղէր դէպ ի դուռը։

— Բայց ձեր հացին պէտք չունիմ այլ ե՛ւս… գոչեց մէկէն Մանուկ այնպիսի ձայնով մը որ կարծեցին թէ իր վերջին աղաղակը պիտի ըլլայ… ձեր բոլոր տուածը, ձեր ողորմութիւնները ձեզի պիտի դարձնեմ… ձեր երեսին պիտի նետեմ… ձեր թուքով մուրով տուած դրամը, կը հասկնա՞ք, վա՜յ ասոնց, կը հասկնա՞ք ընկերներ… հողս ծախուեր է. մայրիկս դրեր է ինծի, երէկ առտու դուք դեռ չեկած առեր էի նամակը…

Ջղագրգռուած շարժումներով փնտռեց նամակը բարձերուն տակէն՝ քանիցս մրմնջելով «Մայրի՜կս… մայրի՜կս…»

— Մայրիկս գրեր է, վերջապէ՛ս… ու պիտի աղէկնամ. վա՜յ սատանայ, պիտի աղէկնամ, հիմակ որ քանի մը սու ունիմ… պիտի աղէկնամ… բոլոր ունեցածս այս է, ընկերնե՜ր, բոլոր ունեցածս… ձեր ողորմութեամբ տուած հացն է որ զիս կ՚այրէ, որ կը փճացնէ։ Անիկա դեռ չէ մարսուած իմ մէջս, տօքթէ՜օռ, աս է ունեցածս, մայրի՜կս… գրեր է, տօքթէ՛օռ, մայրի՜կս…։ Կռնակի վրայ ինկաւ հեւալով, միջոց մը առանց կարենալ շարժելու, ամենքն ալ լուռ մնացին, Մանուկ կ՚ուզէր խօսիլ բայց հազի տագնապները աւելի յաճախակի զինքը կ՚ընդհատէին, ձայնը կը խեղդէին։

Երբեմն Լուիզի քաղցր ու ամոքող ձայնը կը խառնուէր անոր ձայնին։

— Հանդարտէ՛ հոգիս, հանդարտէ։

Յետոյ երկար լռութիւն մը տիրեց։

Նոյն միջոցին Քօլօլեան օգուտ քաղելով այս վիճակէն՝ նշան ըրաւ Բարսեղին եւ դուրս ելան։

Տաճատ եւ Ռուբէն դէպի պատուհանը գացին. չափազանց տժգնութիւն մը փղոսկրի գոյն տուած էր Չարըքեանի ճակատին որուն վրայ ցցուածքները կապտորակ կ՚երեւային, աչքերը մթին, յուզուած եւ խոնաւ էին եւ թուշը բարակցած՝ ալ աւելի սրածայր կը թուէր մօրուքին տակէն. մազերը չսանտրուած կը ցցուէին գագաթին վրայ եւ ինքը կը դողդողար կրկնոցին մէջ կորսուած, չկրնալով խօսիլ, ձայնը ալ աւելի խեղդուկ յուզումէն ու կզակը կափկափելով ամէն անգամ որ փորձէր բառ մը արտասանել։

Սուրէն նոյնպէս իր խոշոր կրկնոցին մինչեւ վերի կոճակները կոճկած, օձիքը դարձուցած, երկու ձեռքերը գրպաններուն մէջ, կը կենար անխօս, ու անսահմանելի վախէ մը բռնուած, երբեմն թեթեւ մը կը տատանէր իր սրունքներուն վրայ եւ աչքերը հարցական ու անձկալի կը դարձնէր Տաճատին, վերջապէս սակայն ինքը առաջին անգամ ըլլալով կրցաւ խօսիլ.

— Պէտք է հիւանդանոց փոխադրել ասիկայ։

Այլ եւս Մանկիկը չէին ըսեր իբր թէ արդէն գոյութիւն ունենալէ դադրած ըլլար խեղճ երիտասարդը ու կարծես վախնալով վերյուշելու այն տանջանքի եւ զրկանքի էակը որ մարմնաւորուած էր այդ անունին մէջ։

— Քօլօլեանը կ՚ըսէ թէ անկարելի է այլեւս այս վիճակին մէջ։

— Ո՞վ պիտի նայի զինքը…

— Մենք… փոխն ի փոխ, ըսաւ Տաճատ, վստահ ձայնովը մէկու մը որ իր կարգը անցուցած է։

Քանի մը վայրկեան լուռ մնացին. Սուրէնի աչքերուն մէջ անկայուն, պղտոր բան մը կար, անոնք անգիտակցաբար ժպտուն սկսան դառնալ։

Այդ հողին ծախուելուն խնդիրը իրա՞ւ է, ըսաւ վերջապէս գողունի նայուածքներ ուղղելով հիւանդին մահճակալին։

Տաճատ ճշմարտապէս շփոթեցաւ. ինքն ալ լսեր ու զարմացեր էր քիչ մը առաջ ու մեծ յուզումով մը սիրտը դղրդուած էր խորհելով այդ օգնութեան որ այնքան ուշ կը հասնէր խեղճ ուսանողին, բայց խորհելով մանաւանդ տարաբաղդ մօրը վրայ, որ անդին զուարթութեամբ լեցուն՝ իր հեռաւոր զաւկին համար, եւ որուն մահուան լուրը պիտի տային հաւանօրէն։

Ահաւոր, ապշեցնող յայտնութիւն մը եղաւ Սուրէնի այս հարցումը իրեն համար։ Ո՛չ, անկարելի էր տարակուսիլ. Սահակեան նոյն զգացումներէն դրդուած չէր որ ըրած էր այդ հարցումը. անոր պղտոր անկայուն նայուածքով աչքերը՝ այդ բարաին տնկուած էին, այդ ողորմելի բարաին որ անկարող պիտի ըլլար խեղճ հիւանդին հոգեվարքն իսկ ամոքելու, նոր գրգռութիւն մը աւելցնելով անոր ջղային տագնապներուն մէջ. անբացատրելի նողկանք մը ու միեւնոյն ատեն գթութիւն զգաց Սուրէնին համար եւ այս անգամ առատօրէն իր աչքերը լեցուեցան արցունքով։

Օ՜հ բարերար արցունքները, տարիներէ ի վեր տղայութենէն ի վեր, չէր լացած այսպէս, սրտանց, հեծկլտալով. այդպէս դուրս ելաւ սենեակէն ու երկար ատեն չկրցին ամոքել զինքը ու իր հեկեկալը մտիկ ըրին, իր տղու պէս հեկեկալը՝ մարդկային ու ճշմարիտ արցունքներով որոնք կ՚իջնային այդ ծամածռած երեսն ի վար.

— Տաճատ խենթ ես ի՛նչ ես, գլուխնիս կորսնցնելու ատենը չէ հիմա։

Այս անսովոր ու անակնկալ դժբաղդութիւնը ամէնքն ալ միացուցած ու եղբայրացուցած էր այդ միջոցին։

Հոն էին նաեւ Անտօն Եարաեան, Պալըքճեան եւ Վահէ Սապահեան, ամենքն ալ վայրկեան մը զբաղած Տաճատով՝ ուշադրութիւննին կրկին դարձուցին տօքթէօռ Քօլօլեանին։

— Դժբաղդաբար, եզրակացուց համակրելի բժիշկը, այլեւս բան մը չէ կարելի ընել. քիչ մը ժամանակի, թերեւս քանի մը ժամու խնդիր է իր կեանքը… մեր բոլոր պարտականութիւնը կը կայանայ իր վերջին մէկ քանի րոպէները կարելի եղածին չափ ամոքելու եւ մանաւանդ իրեն մոռցնելու թէ մահամերձ է… թոքախտաւորները յաճախ սքանչելի պատրանքներ կ՚ունենան իրենց վերջի ժամերուն. ջանացէք որ իւր չարչրկուած երեւակայութիւնը դէպի գեղեցիկ երազները դառնայ…

Բարսեղ ջերմեռանդութեամբ մտիկ կ՚ընէր, ձեռքերը միացուցած կուրծքին վրայ. Տաճատ ինքզինքը գտած էր բոլորովին եւ կը պատրաստուէր արդէն իր ուշադրութիւնը սրելու եւ հիւանդին վրայ նայելու հետաքրքիր արուեստագէտի պաղարիւնութիւնով. Պալըքճեան կը բացատրէր արդէն թէ չափազանց զբաղուած՝ երկար ատեն չպիտի կրնար կենալ եւ Անտօն իր երկայն սրունքներուն վրայ թառած իր գէշ թռչունի չարագուշակ դիմաստուերը կը ցցէր անարտայայտ դէմքով, միայն սովորականէն աւելի տժգունած. նոյն միջոցին Սահակեան դուրս ելաւ իր կարգին։

— Ես, կ՚երթամ, ահա, ըսաւ ամենուն վրայ իր նայուածքը դանդաղօրէն պտտցնելէ ետքը. իրեն ընկերացաւ Քօլօլեան խոստանալով քիչ ատենէն վերադառնալ. Պալըքճեան եւ Վահէ թողուցին որ մեկնի ու իրենք ալ կը պատրաստուէին մեկնելու երբ Լուիզին աղաղակը զիրենք ցնցեց. ամենքն ալ սենեակ խուժեցին։

Փրփուրոտ արիւնի ահագին արատ մը կը լճանար հիւանդին անկողնին վրայ ու դեռ անիկա կը փոխէր անօրինակ ցնցումներով գրեթէ անձայն. թանձր ու լպրծուն արիւնը դեռ շատ կարմիր կը կախուէր շրթներէն վար ու երբեմն կը ժայթքէր անհաւատալի առատութիւնով մը ռնգունքէն ու բերնէն միանգամայն, ու հիւանդին աչքերը զարմացած ու սարսափահար կը դառնային իրենց, օգնութիւն հայցելով ու կարծես ահաւոր բան մը ըսել ուզելով. անտարակուսելի էր թէ ներքին անօրինակ զգայնութիւն մը զինքը ցաւագինօրէն կը զարմացնէր, բոլոր երեւակայուած ու արդէն կրուած ցաւերէն տարբեր բան մը ըլլալու էր ասիկա, մինչ իր ճակատը արդէն, շագանակագոյն, քրտնաթոր մազերու ներքեւէն, մեռելի գոյն կ՚ստանար։

Ամէնքն ալ հոն կեցած կը նայէին առանց մօտիկնալու իրեն, անսահմանելի ու դժնդակ լռութիւն մը կար սենեակին մէջ որու միջոցին միմիայն փոխուած ատենին, խղդուկ եւ պզտիկ աղմուկը կը լսուէր ցնցումներու հետ. ու Մանուկ փոխն ի փոխ իր ընկերներուն աչքերուն մէջ կը տեսնէր արդէն ճակատագրական եւ անդառնալի վճիռը ու աչքերը ալ աւելի զարմացկոտ արհաւիրք մը կ՚ստանային։ Ոչ ոք խորհեցաւ երթալ վազել ու Քօլօլեանը կանչել, ոչ ոք խորհեցաւ իրեն մօտենալ իր օրօրուն գլուխը բռնել, կռնակը հանգչեցնել բարձի մը… մինչեւ որ անակնկալօրէն կանացի դիմաստուեր մը երեւցաւ. կարծես զայն չի ճանչցան, այնքան այլափոխուած էր Սօֆի, նուիրական պարտականութեան մը գիտակցութիւնովը ու իր կապոյտ պայծառ աչքերը տաքցած էին գթութեամբ, գորովով. անիկա, վայելուչ, գեղեցիկ ու գրեթէ պատկառելի մօտիկցաւ հիւանդին, գործին վարժ մէկու մը ճարպիկութեամբ ու հանդարտութեամբ հիւանդը ուսերէն մեղմօրէն բռնելով բարձրացուց, հանգչեցուց բարձին մօտ ու յստակ ձայնով մը հարկ եղած հրամանները տուաւ որպէս զի արիւնով պղծուած անկողինը մաքրուի անմիջապէս։

Սօֆի Կաժէվսքիի երեւումը եւ իր ընթացքը մեծ քաջութիւն ներշնչեց ամենուն. հիացումով կը նայէին իրեն ու իրեն կը հնազանդէին տղու պէս. կարծես ամենուն վրայէն պատասխանատուութեան բեռը առած էր անիկա ու իրեն ցրուած տրամադրութիւններուն մէջ կարգ ու կանոն կը դնէր։

Այսպէս կրցան որոշել որ Տաճատ եւ Բարսեղ մեկնին՝ կարենալ հանգչելու համար, թէեւ Բարսեղ կը պնդէր թէ ստիպուած էր académie երթալ. հիւանդին քով մնացին Լուիզ եւ Սօֆի, Վահէ եւ Անտօն մինչ Պալըքճեան կը մեկնէր։

Քանի մը ժամ շարունակ գրեթէ մեռելական քունի մը մէջ թաղուած մնաց Մանուկ. նոյն իսկ կարծեցին թէ այլեւս չպիտի արթննար. իրիկուան դէմ բացաւ սակայն աչքերը եւ յայտնի բարւոքում մը զգաց, ելաւ նստեցաւ անկողնին մէջ միշտ կռնակը կրթնցուցած եւ մեղմօրէն սկսաւ նայիլ իր բարեկամներուն՝ հանդարտ եւ անոխակալ նայուածքով մը։ Ատենէ մը ի վեր այսպէս տեսած չէին զինքը ու ամենքն ալ սիրտ առին։ Լուիզ յիմար զուարթութիւն մը կ՚զգար ու դեռ արցունքոտ աչքերով կը ժպտէր Մանուկին. միջոց մը Վահէ եւ Անտօն սկսան խօսիլ այլեւայլ գրական նիւթերու վրայ ու Մանուկ կը հետեւէր իրենց խօսակցութեան. երբեմն կը ժպտէր նոյն իսկ, յոգնած ժպիտով մը որ մինչեւ ցարդ անծանօթ ծամածռութիւն մը կուտար իր վտիտ դէմքին, աչքերը սակայն միշտ մթին տխրութիւն մը ունէին տենդէն չափազանց գեղեցկացած խիտ թարթիչներուն ետեւէն որոնց շուքը աւելի սեւ կ՚երեւար իր տժգոյն դէմքին վրայ. այտերուն ոսկորներն ալ շատ ցցուած կ՚երեւէին եւ շառագունած անհանգստող կարմրութիւնով մը որոնց տենդագին ուժգնութիւնը կը համապատասխանէր իր նայուածքին թաղծութեան։

Կամաց կամաց ուզեց ինքն ալ խօսիլ եւ ի՛նչ գորովագին եւ երջանիկ պահ մը եղաւ ասիկա իրեն համար. յանկարծ մեծ վստահութեամբ մը ու լաւատեսութիւնով մը լեցուած զգաց ինքզինքը ու ծրագիրներ պարզեց ապագային համար։

— Կէտիկ Փաշայի մէջ ընդարձակ հող մըն էր մեր ունեցածը… երեք հարիւր ոսկիի ծախուեր է, մայրս պահեր է հարիւր ոսկին ինքզինքին համար։ Չէ՛, իրաւ որ ճիշտ պիտի չըլլար այսպէս ըսել… անիկա պահեր է դարձեալ ինծի համար որպէս զի օր մը երբ վերադառնամ… գործի սկսելէ առաջ նեղութիւն չկրեմ… գիտէ թէ որքա՜ն փափուկ է առողջութիւնս, մայրիկս շա՜տ բան քաշած է տղայութեանս…։

Պահ մը լուռ մնաց, աչքերը հեռուն սեւեռած ու գլուխը հակած մէկ կողմին, իբր թէ զգար մայրենի ուսին գաղջութիւնը իր գլխուն տակ… ու բոլոր այն հոգածութիւնները, այն խանդաղատանքը որուն մէջ մեծցեր էր ինքը եւ որուն անհունօրէն կարօտը ունեցեր էր իր պանդխտութեան օրերուն մէջ, կարծես բոլոր այդ գորովագին եւ ջերմ խնամքներուն գումարը զինքը կը պարուրէր այս միջոցին տեսակ մը ապահովութիւն ու ինքնալքման անսահման հեշտանքը տալով։

— Մայրի՜կս… մայրի՜կս… երկու հարիւր ոսկին ղրկեր է ինծի ըսելով ո՛ր… կեցէք նամակը գտնեմ, բարձիս տակն է…

— Մի՛ , մի՛ շարժիր Մանուկ։

— Օ՜հ, արդէն փոյթ չէ, միտքս պահած եմ մայրիկիս գրածները… ըսեր է որ շատ զրկուեցար, շատ տանջուեցար սիրելի զաւակս… ալ քիչ մը նոյն իսկ շռայլութիւն ըրէ, զուարճացի՛ր, կարօտդ ա՛ռ զրկուած հաճոյքներէդ եւ այնպէս սկսէ՛ աշխատիլ ու վերադարձիր իմ մօտս շուտով…

Բայց ես, կը հասկնա՞ք ընկերներ, փափաք չունիմ զուարճանալու… շատոնց է որ այդ սովորութիւնը կորսնցուցեր եմ… միայն թէ կարգ մը խնդիրներ կան կարգադրելիք… պարտքեր… ու յետոյ պիտի աշխատիմ, աշխատիմ… մեզի ամիսը հարիւր ֆրանքը կը բաւէ… չէ՞ Լուիզ…

— Անտարակոյս, սիրելի՛ս…

— Լուիզ անձնուէր ու բարի է… ու իմ ցաւի ու տագնապի օրերս բաժնած է ինծի հետ… վա՜յ սատանայ… խնդիրը հոն է որ ես կ՚ուզեմ Լուիզը հետս տանիլ, յետոյ իրեն հետ ընտանիք կազմել… բայց մայրիկս…

Մեծ մտահոգութիւն մը երեւցաւ իր լուրջ դէմքին վրայ։

— Մայրիկս… չեմ գիտեր թէ պիտի ուզէ՞, ահա խնդիրը…

Երկայն ատեն մնաց մտատանջ, ակռաները սեղմած եւ աչքերը անձկութեամբ լեցուն։

— Բայց վա՜յ սատանայ… մինչեւ այն ատեն ժամանակ ունինք… նախ պէտք է առողջանամ… մեծ խնամք պիտի տանիմ ինքզինքիս… սա հազս, յետոյ… գիտէք ընկերներ, երկու տարի առաջ արդէն անգամ մըն ալ այսպէս արիւն փսխած եմ… յետոյ ասկէ մէկ քանի ամիս առաջ ալ, բայց այդ ոչինչ բան է… ինծի նոյն իսկ աղէկ կու գայ, դիտած եմ…

Ինծի ըսին որ շատ ուտեմ, ու ես կրցածիս չափ չունէի ուտելիք… ահռելի բան է անօթի մնալը… հիմակ որ երկու հարիւր ոսկի ունիմ բարձիս տակ, խնդալով կը մտածեմ այդ բանին վրայ. սկիզբները կը զուարճանայի, բայց ոչ վերջերը. ձեզի կ՚ապահովցնեմ… օրեր եղան ընկերնե՛ր, որ աղիքներուս գալարուիլը զգացի, ներսէս ինքզինքս կ՚ուտէի կարծես, ճշմարիտը կ՚ըսեմ, ինքզինքս կ՚ուտէի… ու կը զգայի որ կը հատնիմ կոր… բայց այս ալ իր աղէկ կողմերը ունի… գրաւ կը դնեմ որ ոչ ոք ձեզմէ կարող է ինծի չափ անօթի մնալ…

Մանուկ հետզհետէ աւելի ոգեւորուած սկսաւ նոյն իսկ զուարթանալ…։

— Ըսէ՛ք նայիմ, քանի՞ ժամ անօթի կրնաք մնալ։

Հա՛, կը տատամսիք, որովհետեւ փորձը չէք ըրած, ես, կը տեսնէ՞ք, այսքան տկար ու նիհար կ՚երեւամ բայց ներքնապէս շատ դիմացկուն եմ… ես 12 ժամ կը դիմանամ առանց ո եւ է նեղութեան, յետոյ անօթութիւնը կ՚անցնի ու տեսակ մը ծարաւ կը յաջորդէ անոր. եթէ ջուր խմեմ ումպ ումպ քնացնելու համար ախորժակս եւ մարելու համար տեսակ մը ներքին տենդ, որ փորէդ կ՚սկսի եւ մինչեւ կոկորդդ կը բարձրանայ, կրնամ տոկալ մինչեւ 24 ժամ… յետոյ ինչ որ անտանելի է… գլխու պտոյտ եւ ականջներու մէջ բզզիւն, ամէն բան կը դղրդի շուրջդ… ոչ թէ գինովներուն պէս որոնց համար ամէն բան կը դառնայ շուրջերնին… այլ ասիկա տարբեր բան է, ամենէն հաստատուն իրերը կարծես կը խախտին ու դողդոջուն բան մը կ՚առնեն, որոնց հետ դուն ալ կ՚սկսիս դողդղալ քու բոլոր մկանունքներովդ… նեարդներովդ… նայուածքդ կը դողդղայ… ձայնդ կը դողդղայ… սրունքներդ կը թոյլնան ու կը դողդղան. մատներդ չեն բռներ ու շարժումներդ չեն համապատասխաներ կամքիդ … ահռելի բան է կ՚ըսեմ… երբ այսպէս անօթութենէ կատաղի, թուքդ չորցած որուն տեղ բերնիդ մէջ տարտամ արիւնի համ կ՚զգաս, երբ այսպէս դուռնէ դուռ կ՚իյնաս, ընկերներդ կը փնտռես, որոնք ամենքն ալ, վա՜յ սատանայ, վեցերորդ յարկերը կը բնակին, ու երբ բաղդը ունենաս պատառ մը բան գտնալու ուտելու համար… դարձեալ բաղդաւոր ես…

Դարձեալ բաղդաւոր ես կ՚ըսեմ… ընկերնե՛ր, որովհետեւ… երբեմն անսիրտ, չար, անողոք եւ դիւային ընկերներ ալ կան… Ա՜հ ի՞նչ դիւրին բան է չհաւատալ, բայց ես անձամբ փորձառութիւնը ունեցած եմ… ա՛հ չէք ուզեր հաւատալ ինծի… բայց ես ի՞նչ պէտք ունիմ ստելու, խաբելու… Չէ՛, չէ՛ շատ բանի ստիպուած, հարկադրուած զգացած եմ ինքզինքս, լալու փափաքէս խղդուող ձայնով խնդացած եմ քանի՛ անգամներ, ձեզի, ընկերներ, ձեզի զարմացնելու համար… բայց…

Մէկէն ջղագրգռուած ելաւ ցցուեցաւ անկողնին մէջ, Սօֆի եւ Լուիզ մօտը եկան զինքը հանդարտեցնելու…բայց նոյն միջոցին իսկ դուռը զարնուեցաւ եւ Սուրէն Սահակեանի թուխ դէմքը երեւցաւ կիսաբաց դռնէն…

— Հա՛, ահաւասիկ աղէկ որ եկար… եկուր հոս կ՚ըսեմ իմ մօտս ու մտիկ ըրէ ինծի. Մանուկ սրտմտած գլուխը կը շարժէր ու կ՚ուզէր շատ մը բան մէկէն ըսել, այլափոխուած էր այդ միջոցին եւ կատարեալ յիմարի երեւոյթ առած, — Մանկիկը մեռած է այլ եւս… անիկա թաղեցինք… հի՛մակ ուրիշ մարդ մը կայ ձեր դէմը… կը հասկնա՞ս Սուրէն… այս ընկերները չեն ուզեր իմ խօսքերուս հաւատալ, իրարու երես կը նային ու ինծի չեն նայիր… զգալու համար ճշմարտութիւնը… այդքան տաժանելի բա՞ն է ուրեմն ճշմարտութեան ճակատ դարձնել, կը յիշեմ օր մը այսպէս անօթութենէ սպառած վիճակի մէջ հասայ քու քովդ… այդ ի՞նչ է Մանկիկ ըսիր, ոտքերդ Գամպէրին ձիուն ոտքերուն կը նմանին… ա՜հ, բայց դուք չէք գիտեր Գամպէրին պատմութիւնը… խեղճ անտէր յիմար մըն էր անիկա Սկիւտար, կառապանի աշկերտ մը, ախոռը կը բնակէր…

Այն տարին մենք եւ Սուրենենք Սկիւտար օդափոխութեան գացեր էինք… երկուքս ալ տղայ էինք, կուկուճ կը խաղայինք փողոցը… Գամպէր ձիու մէրագ ունէր բայց խեղճը ուրկէ՞ պիտի կրնար գնել… երբեմն սակայն անիկա յաղթական կ՚իջնար Աճի-պատէմէն վար, ձիու մը սանձէն բռնած… ծօ՛, ատ ի՞նչ է Գամպէր, կ՚ըսէինք։ «Չէք տեսնար կոր, պէկիր է… աս առտու առի ձիերը, խեղճ հոգեվարք ձիեր, ներս քաշուած կողերով, դժուարաւ, քսքսուելով կ՚իջնային քարոտ ճամբուն վրայէն եւ ոտքերնին դողդողալով իրարու մէջ կ՚անցնէին… որովհետեւ բոլոր կառապանները եւ ձիապանները գիտնալով Գամպէրին մէրագը իրենց մահամերձ կենդանիները կը ծախէին անոր, մէկ քանի ղրուշի, մեռնելէն ետքը դարձնելու պայմանաւ…։

Մանուկ երկայն հառաչագին շունչ մը առաւ, քրտինքի կաթիլներ կ՚երեւային քունքերուն վրայ եւ աչքերը գոցած կը հեւար, իր յոգնատանջ մտքին մէջ կ՚երկարէր նոյն պահուն Աճի-պատէմի քարոտ ճամբան արեւով ողողուած եւ մէկ կողմէն եզերուած գերեզմաննոցով որուն սեւ նոճիներուն համաչափ օրօրումը կ՚զգար կարծես իր արիւնին զարկին մէջ, նախ տեսակ մը շփոթ տպաւորութիւն էր ասիկա բայց հետզհետէ պատկերը պայծառացաւ, կենդանութիւն առաւ, ամենափոքր մանրամասնութիւններ կը յիշէր, ախոռի մը դուռը, քովը պզտիկ սրճարան մը, դրանը առաջք աթոռակներով… արեւին դարձած փայտաշէն տուները ճերմակ վարագոյրներով, որոնց ընդմէջէն իրեն ընտանի գլուխներ կը ճանչնար… ու Գամպէրը, ահաւասիկ, խեղճ յիմարը, ահագին գլուխով, վտիտ վիզով եւ անկար սրունքներով որ խորդացող եւ ողորմելի կենդանի մը քաշքշելով կ՚իջնար զառիվարէն գոհունակ ժպիտով, երջանի՜կ… Միջոց մը իր պատրանքը այնքան ուժգին եղաւ որ իր տենդահար հիւանդին շփոթ մտքին անգիտակցութեամբ բարակցած քիթը ցցեց ու պզտիկ տղու չարաճճի խնդուածքով գոչեց.

— Ծօ՛, ատ ի՞նչ է Գամպէր…

Վահէ վախնալով այս զառանցանքէն, ուզեց հիւանդին մտքին տրամադրութիւնները փոխել։

— Մանուկ, մի՛ խորհիր այդ բաներուն վրայ, միտքդ ու սիրտդ հանդարտ պահէ, մանաւանդ թէ մի՛ խօսիր այդքան արագութեամբ, տես ինչ վիճակի մէջ ինկար…

Անիկա չէր լսեր ու կը խնդար.

— Ասիկա ալ ձի՞ է, Գամպէր… կաշին ոսկորը մնացեր է…

Լուիզ որ ատենէ մը ի վեր կը հետեւէր Մանուկին շարժումներուն առանց ըսածներէն բառ մը հասկնալու, սկսաւ անձկութեան մէջ մտնալ։

— Ինչ զառանցանքի ու արհաւիրքի ժամեր, կը գոչէր Անտօն առանց փոյթ ընելու որ հիւանդը կրնար լսել։

Սուրէն՝ իր կարգին շփոթած և կարծես զգալով Մանուկին քիչ մը առաջուան սրամտութեան պատճառը, արդէն զղջացած կը թուէր գալուն, եւ մինչ Սօֆի գաւաթ մը գաղջ կաթ կը դնէր հիւանդին շրթունքներուն, յանկարծ անիկա փոթորիկի պէս պոռթկաց, հրեց բաժակը որուն կէսը գրեթէ թափուեցաւ կուրծքն ի վար եւ ինքզինքէն ելած, աչքերը կոպիճներէն դուրս, սկսաւ գոչել…

— Ապսէ՛նթ… ախորժաբեր ըմպելիքը… քանի անգամ հրամցուցեր ես ինծի Սուրէն… երբ գիտէիր թէ ժամերէ ի վեր բան մը դրած չէի բերանս… ես անշշուկ կուլ տուած եմ խորհելով, յուսալով որ ինծի ընթրիքի պիտի հրաւիրես ու յոյսս դերեւ ելած է… քանի՜ անգամ… այս անգամ… mon vieux… չեմ կրնար կոր քու ապսէնթդ կլլել…

Հակառակ զինքը զսպելու ըրած ջանքերուն, անիկա գրեթէ անկողնէն դուրս նետուեցաւ ու պարապին մէջ բան մը կը փնտռէր, կարծես Սուրէնը կը փնտռէր… հոգեվարքի կամ գինովի տարտամ շարժումներով… յետոյ ձայնը լալագին քաղցրութիւն մը առաւ իբր թէ ինքզինքին վրայ խղճար… իր այն օրուան ցաւագին եւ սովատանջ անձին վրայ… իբր թէ զայն որոշ տեսնար իր դէմը… իր աչքերուն առաջք…

— Սրունքներս կը դողդոչէին, աչքերս կը դառնար… կանանչ, դեղին կը տեսնէի ամեն բան, ինծի կը թուէր որ գետինը կամաց կամաց վեր կ՚ելլայ, եւ յետոյ յանկարծ կը դառնայ կոր ինքզինքին վրայ, բերանս այնքան չորցած էր որ լեզուս քիմքիս կը փակէր… Սուրէ՛ն, ըսի, … այսօր ահռելի վիճակի մէջ եմ… ինծի ֆրանք մը տուր պիֆթէք մը ուտեմ… ակռաներս կակուղցեր էին լինտերուս մէջ ու ծամելու վարժութիւննին կորսնցուցած… բայց ես կարմիր արիւնոտ միս մը խածնելու պէտքը կ՚զգայի, բիբերուդ մէջը նայեցայ Սուրէն, կոճակէդ բռնեցի, քեզի ցնցեցի… հասկցայ որ դրամ ունէիր այն օրը, շրթունքներէդ հասկցայ, դէմքիդ գոյնէն հասկցայ, խնդուածքէդ հասկցայ… եկո՛ւ Մանկիկ, ապսէնթ մը խմէ պատասխանեցի՛ր, քովդ նստեցայ խելոքիկ, սմքած… ինքզինքս կորսնցուցած… Օ՛հ, գարշելի՜ հեղուկը… Սուրէն, ի՞նչպէս այն օրը ինծի խմցուցիր այդ բանը, գիտէիր սակայն որ չէի կրնար, բայց դէմքիս ծամածռութիւնները կը տեսնէիր ու կը զուարճանայիր… ումպ մըն ալ… ակռաներս սեղմեցի, ումպ մըն ալ խմեցի, գաւաթը պարպուած էր… ներսս կը փառատուէ՛ր, ան միջոցին Սուրէն, դուն ի՞նչ գիտէիր, ինչպէ՜ս կը յուսայիր այդ բանը Մանկիկէն, խեղճ երեսի վրայ ձգուած Մանկիկէն, այդ միջոցին կ՚ըսեմ, չեմ գիտեր ինչ գազան մը արթնցաւ մէջս, ակռաներս լինտերուս մէջ հաստատուեցան, սուրցան կարծես… օձիքիդ մէջէն ճերմակ պարարտ վիզդ կը տեսնէի, արիւնդ կը տեսնէի մորթիդ տակ… Սուրէ՜ն… դուն ան միջոցին կը խնդայիր… շրթունքդ ապսէնթին մէջ թաց եւ կարմիր՝ չեմ գիտեր ինչ ըրաւ իմ մէջս… ոտքի ելայ դողդոչելով, աչքերս մոլորուն ու… ա՜հ Սուրէն… եթէ գիտնայիր, եթէ գիտնայի՛ր… մազերդ տեսայ որ սեւ շուքի մը պէս կը փախչէին աչքերուս առաջքէն, ուզեցի բռնել, քեզի կառչիլ, եւ ահաւասիկ, ողորմելիօրէն գետին ինկայ եւ փսխեցի, բոլոր խմածս փսխեցի ու ժամերէ ի վեր պարապ ստամոքսիս մէջ հաւաքուած մաղձս փսխեցի ու ամեն բան նսեմացաւ, մթնցաւ աչքիս։ Ան իրիկունը, Սուրէ՛ն… միտքդ բե՛ր, երկու սու տուիր վերջապէս… Գամպէրին ձիուն պէս քաշքշուելով ոտքերս իրարու մէջ անցնելով գացի, երկար ատեն, չեմ գիտեր որչափ ատեն… յետոյ կրկին անօթութիւնը արթնցաւ մէջս ու ապսէնթի նողկանքը մոռնալու համար քու երկու սուովդ բօմ ֆրիթ գնեցի… կզակներս կը դողային, իրենց սովորական շարժումը չէին գտնար… քայլ մը առած չէի, անոնք ալ փսխեցի… բա՛ն մը, բա՛ն մը չէ մնացած ձեր տեսածներէն իմ մէջս։ Ամէն բան փսխած եմ այսպէս, նողկանքով… գարշելի, անմարսելի բան է ողորմութիւնը… ու դեռ ինչ որ տուած էք ինծի պիտի դարձնեմ… պիտի … մայրիկս… գրեր է… ահաւասիկ նամակը… երկու հարիւր ոսկի, վա՜յ սատանայ… կարծես թէ իրաւ չըլլար… այնքան աղւոր բան է…»

Ի զուր կը ջանային զինքը պառկեցնել, զինքը հանդարտեցնել… Սուրէն հիւանդին չափ տժգոյն պատին կռթնած չէր շարժեր։

Սօֆի թէեւ չէր հասկնար Մանուկին խօսքերը բայց կարծես թէ կ՚ըմբռնէր անոնց նշանակութիւնը… թաղծալից տխրութիւնով մը կը նայէր Սուրէնին ու կը ջանար ամոքել հիւանդը, դգալ մը դեղ տալ ու հանդարտեցնել անոր գրգռուած ջիղերը։ Բայց անիկա չէր ուզեր, գլուխը կը տատանէր ուժգնութեամբ, կը թքնէր դեղը, կը գոչէր, կը խնդար ու կուլար գրեթէ միեւնոյն ատեն, այնպիսի արագութիւնով մը որ թէ տեսակ մը զարմացում եւ թէ վախ կը պատճառէր։

Այս տագնապները տեւեցին բաւական ատեն, կարճ ընդմիջումներով, երբեմն անիկա յանկարծ կը դադրէր խօսելէ ու կը հազար հեւքոտ, սիրտը բաբախուն որուն ուժգին հարուածները կը տեսնուէին շապիկին վրայէն։

Երբ Բարսեղ ու Տաճատ վերադարձան, հիւանդը գտան նոյն գրգռեալ վիճակին մէջ, իրեն պատահած անհամար դէպքերը կը պատմէր անհաւատալի մանրամասնութիւններով, իբր թէ զանոնք վերստին զգալու առիթն ունենար նոյն ուժգնութեամբ ու իր ընկերներէն ամէնքն ալ փոխն ի փոխ կարմրելու պատճառներ կը գտնէին իր խօսքերուն մէջ։ Ու յետոյ այդ տառապագին կեանքին մերկացումը զիրենք կ՚ապշեցնէր, ցաւագինօրէն կը տանջէր։ Ամենքն ալ այդ միջոցին պատրաստ էին ապահովաբար ամենէն մեծ զոհողութիւնները ընելով, մոռցնել տալ իրեն մահամերձ ընկերոջ, բոլոր այդ մարտիրոսութիւնը. հետզհետէ այդ թշուառ ընկերը, այդ զրկուած ու տառապած ընկերը, իրենց աչքին մեծ համեմատութիւններ կ՚առնէր… անիկա կարծես ամբողջ հայ աղքատ ուսանողութիւնն էր, թշուառութեան մահիճին վրայ, անտեսուած, չհասկցուած, տառապագին։

— Ամէնքդ ալ, ամէնքդ ալ բաժին ունեցած էք իմ տառապանքիս մէջ, ամէնքդ ալ սիրտս ծակած էք, սիրտս արիւնած էք… յանկարծ ձայնը անսովոր եւ հանդարտ հանդիսաւորութիւն մը առաւ… կ՚ըսեն թէ, ըսաւ, հիւանդներուն վերջին կամքը կը կատարուի… անիծուա՛ծ ըլլաք։

Սահմռկած ամէնքն ալ ընկրկեցան Մանուկի անկողինէն իբր թէ իր ճերմկած շրթունքներէն ելած անէծքը ծածանէր, եւ չարաբաստիկ ազդեցութիւն մը ունենար։ Մինակ Բարսեղ՝ անհուն գթութեամբ ու բարութեամբ աւելի մօտիկցաւ հիւանդին, ձեռքը անոր հրակէզ ճակտին վրայ եւ ողոքող խօսքերով օրօրեց զայն. քանիցս արդէն գտնուած էր անտէր ու դժբաղդ մահամերձներու քով ու քանիցս արդէն անոնց թոթովող շրթներէն լսած էր այդ գերագոյն եւ ոխակալ աղաղակը, ու երբէք չէր հասկցած թէ այդ անէծքը գերագրգռուած երեւակայութի՞ւն մը, թէ տեսակ մը պայծառատեսութեան արդիւնք էր։

Երեք օր անցեր էր այս դէպքերէն ետքը, եւ Մանուկ բոլոր այդ միջոցին փոխն ի փոխ հոգեվարքի տագնապներէն եւ երկարատեւ թմրութիւններու մէջ տարուբերեր էր. իր ընկերները նախ վարժուած եւ յետոյ յոգնած էին այդ դրութենէն ու զարմանալի անհամբերութիւն մը յառաջ եկած էր իրենց մէջ. միւս կողմանէ երկարատեւ սպասման ժամերը անտանելի դառնալով հաւաքուած կը մնային եւ կը խօսակցէին իրենց ընտանի նիւթերու վրայ. այս առթիւ առժամապէս վարձեր էին նոյն յարկին վրայ գտնուող պարապ սենեակ մը եւ հոն կը մնային ժամերով մինչ իրենցմէ մէկը կը հսկէր հիւանդին քով։ Երբեմն, երբ Մանուկին սենեակին դուռը կը բացուէր, անոր զառանցանքները կը լսէին ու ամենքը մէկանց կը լռէին, ուշադիր, ինքնամփոփ ու երկչոտած։

Կիրակի առաւօտ էր. սաստիկ ցուրտ կար այն օրը. առանց կարասիի սենեակը՝ մռայլ եւ պաղ էր։ Սուրէն եւ Բարսեղ կզկտած նստած էին, մէկը աթոռի մը վրայ, միւսը սնտուկի մը եզերքը։ Սուրէն անդադար կը ծխէր եւ երբեմն թմրած սրունքները կ՚երկնցնէր ու վայրկեան մը վարանելէ ետքը ոտքի կ՚ելնար ու կը տատանէր, նայուածքը միշտ տարտամ, դժգոհ ու տժգունած ցուրտէն, դուռը բացուեցաւ եւ Պալըգճեան երեւցաւ։

— Ես պիտի սատակեցնեմ այն շան որդիին… գոչեց յանկարծ ու աչքերը մոլորուն, թեւերը կարկամած, կզակը պինդ սեղմած եկաւ կանգնեցաւ սրահին մէջ։ Բարսեղ եւ Սուրէն նախ ուշադրութիւն չըրին այս թատերական մուտքին, բայց որովհետեւ Պալըգճեան կը շարունակէր մռնչել, Սուրէն ակռաներուն մէջէն ըսաւ.

— Հերի՛ք, ծօ՛, հերիք հաջես…

— Ես ասում եմ…

Բարսեղ յուսահատած դէպ իրեն դարձաւ, եւ այդ յուսահատութեան տեղի կար, երբէք չէին հասկցած ինչո՞ւ, ամէն անգամ որ Պալըքճեան կատղած ըլլար կամ հանդիսաւոր բան մը ունենար ըսելիք, ռուսահայ բարբառով կը խօսէր եւ անգամ մը որ սկսէր, կարելի չէր իր զրաբանութիւններուն առաջքը առնել. այս ստիպողական հարկէն դրդուած երկու ընկերները թօթափեցին իրենց թմրութիւնը եւ Պալըքճեանին ձայնը գոցեցին.

— Ամօթ է, եղբայր, ամօթ է, քովի սենեակը հոգեվարք մը կայ։

Վերջապէս Պալըքճեան ստիպուեցաւ լռել. ժամը տասնին ատենները Տաճատ եկաւ, լաւ հագուած, ինքզինքը գտած եւ բարոյապէս շատ լաւ տրամադրութեան մէջ. ձեռքը նոր հասած նամակներ կային եւ հակառակ Սուրէնին անձկալի նայուածքներուն՝ զանոնք կարդաց իր ընկերներուն, միշտ անծանօթ գրասէրներու ներբողականներ էին անոնք եւ Տաճատ իր հանճարեղ ճակատը ցցելով եւ ձայնը խեղդուկ յուզումէն՝ կ՚ըսէր.

— Հետզհետէ կ՚ըմբռնեմ կոր իմ կացութեանս մեծութիւնը, ես դեր մը ունիմ կատարելիք մեր մտաւորականութեան մէջ։

Յետոյ առանց այլ եւ այլի, աչք մը նետեց Պօլսէն եկած գրական հանդէսներու վրայ… արհամարհանքով գետին ձգեց զանոնք եւ մրմնջեց.

— Մարդ չկայ, եղբայր, մէկը չկայ, մեղք տպագրութեան համար եղած ծախքին, մեղք թուղթին… բոլոր ասոնք մէկ բանի մը կը ծառայեն, քիչ մը բոց հայթայթելու. ու ոտքովը զանոնք դէպ ի վառարանը հրեց. այս գաղափարը ժպտեցաւ ամենուն, եւ դեռ ուրիշ դիզուած թուղթեր հաւաքելով սկսան վառել, Պալըքճեան նոյն միջոցին անկիւն մը կռթնած, ահաբեկած աչքերով իբր թէ տեսիլք մը ունենար կը գոչէր մեքենաբար.

— Այն շա՜ն որդիին որ դուք բանաստեղծ էք կոչում…

— Բարսեղ, Սուրէն եւ Տաճատ մօտիկցան բոցերուն եւ առանց ուշադրութիւն ընելու Պալըքճեանին, ջանացին տաքնալ։

Երբեմն, երբեմն Մանուկին ձայնը հեռուէն կու գար խառնուիլ Պալըքճեանի բանդագուշանքներուն։

— Մայրիկս… մայրիկս…

Երբ կէս օրին Անտօն՝ հիւանդին քովէն իրենց սենեակը եկաւ, դէմքը սաւանի մը պէս ճերմկած էր, անկապակից բառեր ըսաւ որոնցմէ բան մը չհասկցան եւ Բարսեղ անմիջապէս հիւանդին քով վազեց եւ քանի մը վայրկեանէն վերադարձաւ։

— Ընկերնե՛ր, ըսաւ դողդողացող ձայնով մը, այլ եւս այս անգամ ճշմարիտ հոգեվարքն է։ Ամէնքն ալ ոտքի ելան եւ Մանուկին քով գացին։

Անիկա լուռ եւ աչքերը կէս մը գոց երկնցած էր անկողնին մէջ, անդամները գրեթէ ձգտուած, կանանչորակ դեղնութիւն մը դիակնային բան մը կուտար իրեն. անիկա չէր քնացած բայց աչքերը այլ եւս չէին տեսնար եւ չճանչցաւ ընկերները, երբեմն կզակը կը բանար, մէկ քովին կը գալարէր բերանը՝ կիսատ յօրանջումի նմանող շարժումի մը մէջ եւ վերստին կ՚ստանար իր անշարժութիւնը. կարծեցին թէ Մանուկին վերջին վայրկեաններն էին ասոնք։ Լուիզ գետինը փռուած անկողնի մը վրայ կը քնանար. արթնցուցին զինքը ու ամենքը մէկ բոլորուած մնացին Մանուկին անկողնին շուրջ. տաժանելի վայրկեաններ եղան ասոնք իրենց համար, հիւանդին իւրաքանչիւր թեթեւ շնչաւորութեան կը կարծէին թէ վերջինն է… անձկութիւնը այնքան մեծ էր որ ոչ ոք կ՚արտասուէր, քառորդ ժամ մը անցաւ, յետոյ կէս ժամ… հետզհետէ իրենց լուռ եւ հանդիսաւոր սպասումը անհամբերութեան փոխուեցաւ, հիւանդին կուրծքին իւրաքանչիւր ելեւէջը յուսաբեկութիւն կը պատճառէր… դարձեա՜լ… ու իրարու երես կը նայէին հարցաքննող նայուածքով մը։ Մանուկ միշտ կը շնչէր, նոյն իսկ երբեմն իր մթնցած աչքերուն վրայէն կոպերը կը բարձրանային, հազիւ նշմարելի շարժումով մը որոնց տակէն սեւ բիբերը կարծես պաղած դուրս պիտի իյնային. այնքա՜ն պղտոր եւ անլոյս, լպրծուն նիւթի մը տպաւորութիւնը կ՚ընէին։

Երբեմն ալ դէմքի մկանունքներու մասնակի ձգտումներ տարտամ եւ վաղանցիկ արտայայտութիւններ կուտային իր դիմակին, ամենքն ալ ապշած կը դիտէին զինքը ու կը կարծէին թէ բան մը ըսել կ՚ուզէ երբ մանաւանդ չոր եւ անախորժ պզտիկ աղմուկով մը երբեմն երբեմն թուքը կլլելու ջանք մը կ՚ընէր։

Ժամ մը ետքը Մանուկ դեռ կը շնչէր. թէեւ այդ շնչառութիւնը սկսած էր խռպոտ դառնալ իբր թէ ելեւէջող հեղուկ մը ըլլար կուրծքին մէջ… կուրծքին մէջ… նախ Սուրէն յոգնած փախաւ. իր ետեւէն հասաւ՝ Տաճատ. կամաց կամաց ամէնքն ալ քաշուեցան ու կրկին քովի սենեակը գացին. մինակ Բարսեղ կ՚սպասէր հիւանդին քով Լուիզին հետ։

Կէս օրէ ետքը ժամը չորսին Մանուկ կը շնչէր դեռ. իր ընկերները քովի սենեակէն այլեւս մէկ լուրի մը կ՚սպասէին. ամէն անգամ որ հիւանդին քովէն մէկը կուգար, ամէնուն հարցաքննող նայուածքները կը սեւեռէին անոր վրայ եւ անփոփոխելի կերպով նոյն պատասխանը կ՚ստանային։

— Դեռ չէ՜ մեռած…

Այո՛, Մանուկ դեռ չէր մեռած եւ իր ընկերներուն անգիտակից անհամբերութիւնը անգութ, ահռելի բան մըն էր գրեթէ, բայց ալ ոչ ոքի մէջ հսկումէ եւ անքնութենէ վատուժցած, այս կարգի զգացում մը արթնցաւ. իրենց մէջ հետզհետէ պակսեր էր այն խանդաղատանքը որ սիրելի հոգեվարքի մը քանի մը վայրկեաններն իսկ նուիրական կը դարձնէ։ Իրիկուան ժամը վեցին տօքթէօռ Քօլօլեան եկաւ եւ հաստատեց հոգեվարքը։

Այն գիշերը ընկերները որոշեցին չցրուիլ եւ միասին անցընել իրենց մահամերձ ընկերոջ մօտ. միջոց մը հիւանդին տաժանելի շնչառութիւնը նուազեցաւ եւ կարծեցին թէ ալ վերջացած է. Տաճատ գնաց լուր առնելու։

— Դեռ չէ՜ մեռած, պատասխանեց վերադարձին։

Կոկորդին սեղմուած ու մեծ յուզումով մը լեցուած չկրցին ընթրել. բայց երբ ժամը 7ին Բարսեղ սպառած յոգնութենէ, իրենց մօտ եկաւ, ըսաւ գաւառացիի յիշատակներ միտքը բերելով.

— Բան մը կայ որ զինքը կը տանջէ կոր… հոգին չբաժնուիր կոր իրմէն։

Եւ սկսաւ կարգ մը նմանօրինակ պատմութիւններ ընել, թէ ինչպէս իր մօրեղբայրը որ առողջութեանը սովորութիւն ունէր տանը մօտ կնձնիի մը շուքին ներքեւ հանգչելու, մեռնելու մօտ կարօտը ունեցեր էր կնձնիին ու տանջուեր էր անով ժամերով։

— Պատուհանէն կը տեսնուէր կնձնիին մէկ մասը սաստիկ հով կար այն օրը, ճիւղերը կը տարուբերուէին. ամէն անգամ որ անոնք կ՚անհետանային իր աչքին առջեւէն, կը հանդարտէր ու հոգին տալու վրայ կ՚ըլլար. բայց ահա դարձեալ հովէն մղուած կնձիին ճիւղերը կ՚երեւային իրեն ու կը տանջուէր, կը տանջուէր։

— Է՛հ, ինչպէ՞ս վերջացաւ հարցուցին իրեն։

— Երկու օր տեւեց հոգեվարքը… ու այդպէս դեռ շատ պիտի տեւէր. դրացի պառաւներ կ՚ողբային ու կը գոչէին թէ հոգեդարձ պիտի ըլլայ. յաղթանդամ, կտրիճ մարդ էր ու սարսափելի էր տանջանքը. մահուան դէմ կուրծք կուրծքի կռուեցաւ կարծես. վերջապէս կրտսեր եղբայրը կատաղած կնձնիին դէմ՝ գնաց կացինով տապալեց զայն. երբ կնձնին ինկաւ. մօրեղբայրս խալսեցաւ եւ հոգին աւանդեց։

Ուրիշներ ալ յիշեցին նմանօրինակ դէպքեր. հեռաւոր մէկու մը կարօտը, չյագեցած տենչանք մը, մտահոգութիւն մը արգելք եղեր էին հոգեվարքներու. արդեօք Մանուկին հոգը ի՞նչ էր, ի՞նչ բանի կարօտ ունէր.

— Կեանքին, արեւին, իր երիտասարդութեանը, գոչեց Բարսեղ ու փղձկուած սկսաւ լալ մեծ ցնցումներով ու յանկարծ իր լալագին ձայնովը սրտին կրակը մարելու համար, ու թերեւս իր արցունքներէն ամչնալով եւ ուզելով հեծկլտանքները խեղդել սկսաւ երգել… ի՜նչ գերագոյն քաղցրութիւն մը կ՚արտաշնչուէր այդ գաւառական երգերէն, մեռելի քով, մեռելի օրով երգուելիք երգեր էին անոնք, մեր միւս քաղաքացի ընկերներուն համար անծանօթ եւ այնպիսի տխուր հրապոյրով մը թրթռուն որ ամէնքն ալ ընկճուած ու օրօրուած մտիկ կ՚ընէին. կարծես բան մը կը դղրդուէր իրենց մէջ. այդ ձայնը այդ ելեւէջը երգին, իրենց հոգիներուն մէջ փակ մնացած շաւիղներ կը բանար նոր եւ անսահման, եւ իրենց ընտանի էին այդ երգերը, թէեւ բնաւ լսած չըլլային, բայց տխրութեան օրերու մէջ ներքնապէս զգացած էին անոնց թաղծալի դաշնակութիւնը։

Վահէ որ հիւանդին քով կը գտնուէր, լսելով Բարսեղին ձայնը պահ մը եկաւ. սովորականին պէս ամենուն աչքերը իրեն վրայ սեւեռեցան։

— Դեռ չէ մեռած, ըսաւ անիկայ։

Բոլոր գիշերը այսպէս անցուցին, ու բոլոր գիշերը Մանուկ տանջուեցաւ, գալարուած, գրեթէ քարացած անկողնին մէջ։

Առաւօտեան դէմ, ջղագրգռուած, ուժասպառ, շատեըր ուզեցին մեկնիլ. Բարսեղ թոյլ չտուաւ. բայց որովհետեւ այլ եւս ոչ ոք կ՚ուզէր առանձին հիւանդին մօտ մնալ, ամէնքը մէկ տեղափոխուեցան Մանուկին սենեակը։

Անօրինակ կացութիւն մը յառաջ եկաւ, հետզհետէ հիւանդին տաժանելի շնչառութեան այլ եւս ընտանեցած՝ սկսան կամաց կամաց խօսիլ անձնական հոգերու եւ խնդիրներու վրայ. միջոց մը Տաճատ եւ Անտօն վէճի բռնուեցան եւ իրարու անախորժ խօսքեր ըրին ձայներնին բարձրացնելով, թէեւ այս վերջինը ջղային դողէ մը բռնուած բոլոր մարմնովը կը դողդոջէր, Պալըքճեան անկիւնը կանգնած կատաղութենէն եղունգները կը կրծէր, բայց այլեւս չէր համարձակեր իր սպառնալիքները ընել Անտօնի ներկայութեան որուն ուղղուած էին։ Տաճատ նոյն օրը իմացած էր որ Բարսեղ académieի մրցումին մէջ առաջին հանդիսացած էր. յանկարծ մտաբերեց ու դէպի Բարսեղը եկաւ՝ դէմքը ծամածռած կեղծ ժպիտով մը.

— Կը շնորհաւորեմ, եղբայր, յաջողութիւնդ académieի մրցումին մէջ։

— Այդ ոչի՛նչ, պատասխանեց Բարսեղ տարտամ շարժում մը ընելով եւ խանգարուած իր մտածումներուն մէջ։

Շփոթ գրգռութիւն մը կար այդ միջոցին իր ուղեղին մէջ եւ շատ մը անցեալ ու ներկայ բաներու վրայ կը խորհէր միեւնոյն ատեն. աչքին առաջք հոգեվարք Մանուկը զինքը կ՚ըմբոստացնէր այն չար բաղդին դէմ որուն զոհ եղած էր հէգ երիտասարդը. «Մեզմէ շատերը թերեւս այս ելքին դատապարտուած են» խորհեցաւ իւրովի եւ իր յաղթանդամ եւ ուժեղ կազմուածքին վրայ աչք մը նետեց ապահովուելու համար թէ ինքը ի հարկին պիտի դիմանար. Պալըքճեանին ձայնը զինքը ջղագրգռեց եւ ուշադրութիւնը անոր դարձաւ. ահաւասիկ անմիտ եւ անպէտ արարած մը որուն ոչ մէկ դիւրութիւն չէին խնայեր, այսպէս քանինե՜ր տեսեր էր արդէն իր դեռ նոր կեանքին մէջ, մինչ ուրիշներ՝ Մանուկին պէս միամիտ եւ անուշ հոգիներ ոտքի տակ կ՚առնուէին. ինչո՞ւ չխղճային այս տղուն վրայ, ինչո՞ւ թողուցին որ մեռնի… մինակ, հտպիտնե՞րը եւ սնապարծ անկարողնե՞րն են որ հարուստներու սիրտը կը շարժեն, ասոնք ի՞նչ բանով կը յաջողին շողոքորթել եւ խաբել մարդիկ որոնք վարպետ ըլլալու են խաբեբայութեան մէջ. տարտամ եղբայրակցութիւն մը կ՚զգա՞ն արդեօք… ո՞վ գիտէ։

Յետոյ խորհեցաւ թէ անգիտակցութիւն ու տգիտութիւն կար տուողներուն կողմէն եւ այդ էր բոլոր չարիքին պատճառը, անոնք ալ կը գանգատէին թէ մարդ չհասնիր, թէ իրենց տուածը փուճ տեղը կ՚երթայ… մէկ եւ միւս կողմանէ բարի կամքը չէր որ կը պակսէր. խնդիրը այն էր որ իրարու չէին հանդիպեր. «Ու երբէք չպիտի հանդիպին, եզրակացուց Բարսեղ. տուողներուն եւ արժանիներուն մէջ պիտի ըլլայ այդ հտպիտներու, սուտ խենթերու եւ սուտ հանճարներու ամբոխը որոնք իրենց աղմուկով եւ ունայն շարժուձեւերով պիտի խղդեն միշտ միւսներուն արդար պահանջը։

— Մե՜ղք… մե՜ղք… մրմնջեց նայելով Մանուկին եւ նայելով ինքզինքին ալ վրայ։

— Մե՜ղք ինծի… ես ալ չէ՞ մի որ ուշ մնացած եմ, ժամանակս կորսնցուցած, երիտասարդութիւնս, աւիւնս փճացուցած բեռերու տակ, անդին քարափին վրայ… մե՜ղք այն գեղեցկութեան տեսիլքներուն որոնք ունէի մտքիս մէջ եւ որոնցմով քաջացած քամակս կը ծռէի… հիմակ ո՞ւր են այդ տեսիլները… այսօր ինչի՞ կարող եմ, ի՞նչ կրնամ ընել այս տարիքիս մէջ. վարպետներս, ընկերներս ամենքն ալ հասկնալով իմ ընդունակութիւններս կը խոստովանին թէ ուշ մնացած եմ, թէ մեղք եղած է ինծի… Ո՞վ գիտէ ի՞նչ կրնայի ըլլալ եթէ կանուխէն սկսէի, ո՞վ գիտէ… մե՜ղք, հազար մե՜ղք … այսօր մեր ընկերը Մանուկ հոգեվարք է ու մեր աչքին առջեւը կը մեռնի… մեզի անակընկալ դժբաղդութիւն մը կը թուի ասիկա, բայց մեզմէ շատերուս համար նոր բան մը չէ այս. ամէն օր բան մը խղդած ու թաղած ենք մեր հոգիին մէջ, ամէն օր թանկագին բանի մը մեռնիլը զգացած ենք… ո՞վ գիտէ թէ իմ մէջս, օրինակի համար, մեծ արուեստագէտի մը գերեզմանը չկայ։ Ու այս անակնկալ մտածումէն ապշած որ իրեն աններելի յաւակնութիւն մը թուեցաւ, կարմրեցաւ մինչեւ ականջները, յետոյ ինքզինքին համար ներողամիտ եղաւ. «Էշը էշուն քով եթէ կապես… կ՚ըսեն» խորհեցաւ ու ժպտեցաւ։

Անդին ընկերները կը շարունակէին խօսակցիլ ու վիճիլ։ Լուիզ լալէ ու հառաչելէ յոգնած թէյ պատրաստելու վրայ էր. Մանուկ միշտ կը խորգար ու իր դիակնային ճակտին վրայէն կարծես շուքի պէս բան մը դողդոջելով կ՚անցնէր. արդեօք ան ալ կը խորհէ՞ր դեռ թէ ամէն բան վերջացած էր արդէն իրեն համար։ Ին՛չ ցուրտ, ի՛նչ տխուր սպասում էր այս. ի՞նչ բանի կ՚սպասէր, մեռնելո՞ւ համար խեղճ տղան. ու Բարսեղ օրօրելու համար անոր հոգեվարքը եւ որպէսզի իր վերջին քունը քաղցր ըլլայ, սկսաւ կրկին երգել։

Այդ երգը սրտագին կոչ մըն էր երիտասարդ հոգիի մը որ ցաւի պահուն մանկական վաղեմի սովորութեամբ մը մայրը կը կանչէր. իւրաքանչիւր հատուածին Բարսեղ երկրաձգուած ձայնով մը ողբագին կ՚երգէր. «Մայրի՜կ… մայրի՜կ…»

Ամէնքն ալ յուզուած մօտիկցան Մանուկին. անիկա դեռ չէր մեռած ու չգիտցուեցաւ թէ Բարսեղին երգի՞ն ազդեցութեամբը թէ ընկերներուն մօտիկնալուն պատճառաւ գալարուեցաւ. լռին եւ որուն հասակին սարսուռը տեսան վերմակին վրայէն. յետոյ արտեւանունքը եւ բերանը բացաւ կարծես խօսելու համար ու բազուկը բարձրացուց խարխափելով անսահմանելի շարժումի մը մէջ որ նորածինները եւ մահամերձները կ՚ունենան՝ կարծես բան մը փնտռելու համար, մատները կառչեցան Բարսեղին մազերուն ու Մանուկ վերջին ճիգի մը մէջ զայն դէպի իրեն քաշեց։ Անձկագին անհամբերութեամբ մը ամէնքն ալ ուզեցին իր վերջին խօսքը լսել. բայց անբացատրելի ծամածռութիւն մը միայն տեսան իր դէմքին վրայ, մինչ վերջին շունչը եւ վերջին բառն ալ կը խեղդուէին կոկորդին խռպոտ աղմուկին մէջ։

Հակառակ ամենուն յայտնի եւ սպասուած դէպք մը ըլլալուն, Մանուկին մահը զիրենք սարսափեցուց եւ իբր թէ անակնկալ դժբաղդութեան մը հանդէպ ըլլային շփոթեցան, շուարեցան, սկսան կոչել ու լալ. Լուիզ թէյին դգալը ձեռքը՝ ապշած կը նայէր ու չէր հասկնար. իր միտքը չէր ըմբռներ այս անդարմանելի դժբաղդութիւնը. քանի մը վայրկեան այսպէս անցաւ ու Լուիզ դեռ քարացած մնացեր էր առանց շարժելու հակառակ Անտօնին որ իր չարագուշակ թռչունի սիլուէթովը կանգնած խեղճ աղջկան առջեւը, ուսերը ցցած, երկու ձեռքերը քունքերուն կը գոչէր.

— Մեռա՜ւ, մեռա՜ւ, ձեզի կ՚ըսեմ որ մեռա՜ւ։

Վերջապէս բարերար արցունքները ժայթքեցին Լուիզին աչքերէն ու ցաւին մէջ կորսուած եկաւ Մանուկին դիակին վրայ ինկաւ ու սկսաւ թոթովել։

— Խե՜ղճ, խե՜ղճ, բարեկամս…

Մեռելին աչքերը բաց մնացած էին եւ կարկամած կզակը մէկ քովին կը ծռէր՝ եզերուած արիւնախառն լորձունքով մը։

Պահ մը կատարեալ լռութիւն տիրեց. ժամերէ ի վեր Մանուկին տաժանելի եւ բեկ բեկ շնչառութեան ձայնը այնքան լեցուցած էր սենեակը իր դժնդակ աղմուկովը որ տեսակ մը դադարի, հանգիստի զգացում ունէին լռութիւնը մտիկ ընելով. երբեմն միայն Լուիզի հառաչանքը կամ դիակին անդամներուն ճարճատումը կը խանգարէր այդ լռութիւնը։

Դարձեալ Բարսեղն էր որ քաջութիւնը ունեցաւ գալու եւ Մանուկին աչքերը գոցելու, բայց ինչ որ ըրաւ անկարելի եղաւ կզակը շտկել. անիկա գալարուած մնաց մինչեւ ետքը եւ ասիկա կարծես դժգոհութեան ծամածռութիւն մը կուտար մեռելին, չներուած ոխակալութեանը արտայայտութիւնը ուրկէ կ՚ուզէին ամէնքն ալ ազատիլ։

Կէս օրէ ետքը հարկ եղած ձեւակերպութիւններով զբաղեցան եւ որոշեցին երթալ Հայոց եկեղեցին լուր տալ։

Երբ վերջին անգամ ըլլալով հաւաքուեցան գիշերը Մանուկին մօտ, Լուիզ Սօֆիին հետ մաքրեր ու վերջին արդուզարդը ըրեր էին մեռելին. լատինական սովորութեան համեմատ մոմեր վառեր էին ու կը հսկէին Մանուկին քով. դեղնած, պրկուած, գալարուած անմարդկային բան մը ունէր այլ եւս անիկա, մեղրամոմէ արձանի պէս որուն վրայ յօնքերու սեւ գիծը տարօրինակ ուժգնութեամբ մը երեւան կուգար. թարթիչները աւելի սեւ եւ աւելի գեղեցիկ կ՚երեւային ու բերանը միշտ ծռած, տրտունջի արտայայտութիւնը կը պահէր. միակ կենդանի բանը որ նախկին Մանուկը կը յիշեցնէր, շագանակագոյն մազերու խոպոպ մըն էր որ մարմարեայ ճակատին վրայ կ՚իյնար դեռ իրենց մէջ վարանող կենսաւէտ շունչէ մը։

Ձեռքերնին ծալլած ու գլուխնուն զարնուած ընկերները եկան Մանուկին մօտ. ոմանք լռին կ՚արտասուէին եւ ոմանք անդիմադրելի սարսափէ մը բռնուած կ՚ընկրկէին. շատերը մահը առաջին անգամ ըլլալով այսքան մօտէն կը տեսնէին ու երբ իրենց աչքերը կը հանդիպէր մեռած ընկերոջը դէմքին՝ պաղ քրտինքով մը ողողուած կ՚զգային. երբ մէկ քանի քայլ առնել հարկ կ՚ըլլար սենեակին մէջ, ոտքերնին կը շփոթէր, չէին կրնար յառաջանալ իբր թէ այդ խղճալի դիակը կառչէր իրենց, ու իբրեւ թէ այդ մահուան պատասխանատուութիւնը ունենային խորապէս։

Հիմակ ստիպողական եւ տաժանելի պարտականութիւն մը ունէին դեռ կատարելիք. պէտք էր Մանուկին մօրը նամակով մը իմացնել տղուն մահը. այդ նպատակաւ անգամ մըն ալ քովի սենեակը հաւաքուեցան։ Բացի Բարսեղէն եւ Վահէէն, միւս ընկերները ամէնքն ալ գրագէտ կամ բանաստեղծ ըլլալով կարծեցին նախապէս թէ այդ նամակը դիւրաւ պիտի գրուէր. նախ Տաճատ փորձեց ու անկարող զգաց ինքզինքը. իր մանուածապատ մտքովը միջոցը չէր գտնար այս ճշմարիտ եւ ուժգին դժբաղդութիւնը արտայայտող մէկ քանի պարզ եւ պատշաճ բառեր գտնալ. երբ գրածը կարդաց, ամենքն ալ գանգատեցան։

— Խնդիրը գրականութիւն ընելու վրայ չէ, հիմա, ջանայիր պարզ ու բարի ըլլալ։

Սուրէն ձեռք առաւ նամակը ու իր կարգին տեղի տուաւ. Անտօն միշտ անկապակից բառեր կ՚ըսէր երբեմն եղերական գեղեցկութիւնով մը լեցուն եւ որոնք սակայն դարձեալ մօր մը չէին խրկուեր. բոլոր այդ բառերու եւ ոճի հետ ճամարտակող մարդիկը ինքզինքնին անճրկած զգացին վերջապէս…

Բարսեղ մինչեւ այն ատեն լուռ մտիկ կ՚ընէր, երբեմն գլուխը ցնցելով դժգոհութեամբ. յանկարծ լաւ գաղափար մը ունեցան։

— Բարսե՛ղ, ըսին, դուն այս նամակը պիտի կարենաս գրել. դուն վարժուած ըլլալու ես։

— Տուէք սա թուղթը, ըսաւ, իբր պատասխան։

Երբ Բարսեղ նամակը գրեց ու կարդաց, ամէնքն ալ երկիւղածութեամբ մտիկ ըրին զինքը ու զգացին որ անդին Կէտիկ-Բաշայի մէջ տարաբաղդ մայրը այս տողերը կարդալով ճշմարիտ զգացումը պիտի ունենայ իր սիրական զաւկին վերջին րոպէներուն։

Երբ նամակին գործը վերջացաւ, խորհեցան այն 200 ոսկիին վրայ որ այնքան ուշ հասեր էր Մանուկին. աւելորդ ծախքերու դուռ չբանալու համար որոշեցին առանց օտարներու իմացնելու՝ մօրը վերադարձնել այդ գումարը. 30 ֆրանքի չափ հազիւ ծախսուած էր անկէ Մանուկին վերջին օրերուն. 58 ֆրանք մըն ալ պահեցին յուղարկաւորութեան համար եւ ամենքը համաձայն եղան բաժին մը հանել այդ գումարէն Լուիզին որ օրինաւորապէս ո եւ է իրաւունք չունէր. երկայն ատեն վարանեցան եւ որոշեցին թէ 500 ֆրանքէ աւելի դժուար պիտի ըլլար իրենց տրամադրել այդ գումարէն, ուստի Լուիզը կանչեցին եւ խօսեցան անոր։

Խեղճ պզտիկ աղջիկը, վիշտէն հեծեծագին ու վաղուան անստուգութենէն դողահար՝ մինչեւ ճակատը կարմրեցաւ երբ լսեց ընկերներուն առաջարկը, յետոյ իր պզտիկ անձին բոլոր կորովովը դիմադրելով փորձութեան, մերժեց ո եւ է բան ստանալ Մանուկէն եւ ասիկա այնքան պարզ ու մեկին ձեւով մը որ ընկերները անպատշաճ համարեցին պնդել այդ մասին։

Բարսեղ հիացումով կը նայէր անոր սիրուն եւ փոքրիկ դէմքին, արցունքով ողողուած եւ այնքան մեծ կը գտնար այդ անշահախնդրութիւնը որ ինքզինքը խոնարհած կը զգար այդ գեղեցիկ շարժումին առջեւ։

Հետեւեալ օրը Մանուկին յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ եւ ընկերները մէկ քանի ժամ միասին անցընելէ ետքը ցրուեցան։

Քանի մը ամիս ետքը անոնցմէ ոմանք միացած էին դարձեալ Լիոնի կայարանին մէջ եւ գարեջուր խմելով ողջերթ կը մաղթէին Տաճատ Չարըգեանին որ ուղեւորի վայելուչ հագուստ մը հագած, ձայնը յուզումէն խղդուկ եւ թեւովը լայն շարժումներ ընելու միջոցին մէջ՝ խանդավառութեամբ կը խօսէր իր ունենալիք գրական գործունէութեան վրայ։

— Գիրքս նոր տարեգլուխ մը պիտի բանայ մեր գրականութեան մէջ, իրենց բոլոր պղտոր մտաւորկաանութիւնը պիտի ցնդի անկէ յորդող գաղափարներուն պայծառութեամբը. այդ մարդիկը պիտի շլանան, պիտի արբենան, պիտի զառանցեն։

Իրեն մանրամասնութիւններ կը հարցնէին, կը պնդէին, կը խնդրէին։

— Անիկա այնպէս գիրք մը պիտի ըլլայ. որուն նմանը դեռ չէ գրուած, ի՞նչ է ամբողջ գրականութիւնը մարդոց որոնք արտաքին երեւոյթներու իրենց վրայ ըրած ազդեցութեամբն է որ հասարակ տեղիքներ կը յղանան. իմ գիրքս իմ եսս պիտի ըլլայ, միանգամայն իմ ամբողջ ներքին հայեցողութիւնս, իմ բոլոր նեարդներուս թրթռումը, իմ բոլոր ներքին ձայներուս արձագանգը, ոչ ոք չէ լսած այդպիսի ձայն մը, որովհետեւ ոչ ոք կարող եղած է ինքզինքին ունկնդրել, ինքզինքը հասկնալ ու արտագրել… իմ գիրքս անդին ընծայ մը պիտի ըլլայ այդ խեղճուկներուն, այդ ողորմելի տիրացուներուն, անակընկալ երեւոյթ մը որուն յուսալու իսկ իրաւունքը չունէին… եւ որուն իրաւ է թէ նոյն իսկ արժանի չեն… Ես պէտք էր եւ կրնայի ալ Բարիզ մնալ եւ ինքզինքս չմասնաւորել իմ համայնքիս. իմ կոչումս տիեզերական հանգամանք մը ունի. ո՞վ գիտէ եթէ թանկագին ժամանակ մը չէ որ պիտի կորսնցնեմ հոն, այդ Պօլսահայ գրականութեան տիղմին մէջ, բայց ես կամաւորապէս այդ զոհողութիւնը կ՚ընեմ։

Տաճատ վսեմ շարժումով մը դէպ ի ետեւ դարձաւ ու Բարիզ քաղաքին վրայ նայեցաւ յաղթական ակնարկով մը, հիմակ որ քանի մը վայրկեանէն պիտի մեկնէր, այդ հսկայ քաղաքը իրեն ոեւէ վախ չէր ներշնչեր, այլ ընդհակառակը բոլոր իր հոն վարած կեանքին դժնդակ մանրամասնութիւնները կը մոռնար եւ ջերմապէս կը հաւատար թէ հոն համբաւի եւ այն ալ մեծ համբաւի յաղթանակը ձեռք ձգելը իրեն համար կամքի խնդիր մըն է միայն. այս երջանիկ պատրանքովը զրահաւորուած վերջին գաւաթը պարպեց, բթամատին եւ ցուցամատին ծայրերովը ակնոցը շտկեց քթին վրայ եւ սուր մօրուքը ցցելով կրկնեց քանի մը անգամ.

— Քիչ ատենէն իմ լուրերէս կ՚ունենաք։

Կայարանին պաշտօնեան եկաւ ծանուցանելու rapideին մօտալուտ մեկնումը. ամենքն ալ ոտքի ելան ու զինքը առաջնորդեցին առաջին կարգի վակոն մը։

Քիչ մը ետքը կառախումբը կը դղրդուէր ու ճամբայ կ՚ելնէր. քարափին վրայէն, իր ընկերները, ոմանք հեգնելով, ոմանք հաւատքով եւ ուրիշներ տարակոյսով կը նայէին անոր հանճարեղ ճակատին որ կայարանին բոլոր լոյսերը ընդունելով աւելի գմբեթաձեւ եւ աւելի խոշոր կ՚երեւար պահ մը, ու կը կորսուէր կամարին ներքեւէն մթութեան մէջ։

Եօթը տարիներ անցեր են. գարնան գաղջ իրիկուն մըն էր. յաղթանդամ, գորշագոյն մազերով եւ համակրելի երեւոյթով մարդ մը, մաքուր բայց պարզ կերպով հագուած նստած էր քաֆէ Միւլլէրի մէջ եւ խահուէն խմելով աչքերը կը սեւեռէր մասնաւոր ուշադրութեամբ մը այն անկիւնը ուր ժամանակաւ հայ ուսանողները կը հաւաքուէին. այդ անկիւնը պարապ էր այդ միջոցին. հետզհետէ ֆրանսացի զոյգեր ասդին անդին ցրուած՝ լեցուցին քաֆէն որ սկսաւ իրեն ընտանի մթնոլորտ մը առնել. քանի ժամանակը կը յառաջանար այնքան օտարականը զարմանալու ձեւ կ՚առնէր. վերջապէս միջոց մը ականջները սրեց. երկու երիտասարդներ մտեր էին սրճարանը եւ հայերէն կը խօսէին. անոնց գացած ուղղութեան յառաջացաւ ինքն ալ եւ տեսաւ որ գնդամուխի սրահը կը մտնէին, առանց վարանելու իրենց մօտ գնաց։

— Եղբայրնե՛ր, դուք հա՞յ էք։

Երկու երիտասարդները ապշած դէպ իրեն դարձան ու հաստատելով ազգակիցներ ըլլալնին թողուցին գնդամուխը եւ եկան սեղանի մը առջեւ օտարականին հետ, զիրար հարցաքննելով՝ շուտով ընտանեցան իրարու, երիտասարդներէն մէկը՝ դեռաբոյս խարտեաշ մօրուքով եւ պեխերով, ազնուական երեւոյթով տղայ մըն էր, երկրաչափութեան ուսանող. միւսը՝ շատ աւելի բարձրահասակ, գրեթէ ծայրայեղ վայելչութեամբ մը հագուած, աջ ձեռքին ցուցամատը բեռնաւորուած ադամանդազարդ մատնիով, յայտնեց թէ իրաւաբանութեան ուսանող էր։

Ես, ըսաւ օտարականը, Բարսեղ Սարգիսեանն եմ, նկարիչ։

— Օ՜հ, շատ ուրախ եմ ձեզ ծանօթանալուս, ըսաւ խարտեաշ երիտասարդը յայտնի յուզումով, ձեր համբաւը լսած եմ շատոնց ի վեր եւ կը կարծէի թէ դուք Անգլիա էք։

— Այո՛, ըսաւ Բարսեղ ժպտելով, այս իրիկուն իսկ հասայ Բարիզ։

Եօթը տարուան միջոցին Բարսեղ բոլորովին այլափոխուեր էր, իր գաւառացիի երեւոյթը տեղի տուած էր վայելուչ կերպերու եւ լաւ ու պատշաճ արդուզարդի մը, դէմքն ալ իր կարծրութիւնը մասամբ կորսնցուցած էր թերեւս կիսովին ներկած մազերուն շնորհիւ որոնք կը մեղմացնէին իր դէմքին արտայայտութիւնը. միայն կզակը նոյնը կը մնար եւ իր նախկին տանջուած, դատած մարդէն յիշատակ կը պահէր թեթեւ մը կորացած քամակը։ Արտասանութիւնը պահելով հանդերձ՝ գաւառացիներու յատուկ քաղցրութիւնը՝ բառերուն վերջաւորութիւններուն մէջ կը դնէր անգլիական թեթեւ շեշտ մը ինչ որ առանց հրապոյրի չէր։

Académie Julienի մէջ մտադրած ժամանակը մնալէ ետքը եւ մէկ քանի փայլուն յաջողութիւններ ունենալով մրցումներու մէջ, վերջապէս յաջողեր էր տարեկան նկարչական ցուցահանդէսին մասնակցիլ. առաջին տարին ուշադրութիւն չէր գրաւած, բայց երկրորդ տարին իր վարպետին աջակցութեամբ բաւական յաջողութիւն ունեցեր էր. բարիզեան մամուլը գնահատելով խօսած էր օտար արուեստագէտին վրայ եւ ասիկա իր բարերար ազդեցութիւնը ունեցեր էր իր նիւթական կացութեան մէջ, դանդաղ, բայց ամուր եւ հաստատ քայլերով, անշշուկ յառաջացեր էր Բարսեղ. շատերը չէին ուզեր հաւատալ թէ այդ գնահատուած արուեստագէտը եւ գաւառացի Բարսեղը նոյն մարդիկն էին։ Օր մըն ալ իր ունեցած յարաբերութիւններուն մէջ հանդպեր էր անգլիացի խմբագրապետի մը եւ անոր հետ պայմանագրութեամբ գացեր էր Լոնտոն պատկերազարդ թերթի մը աշխատակցելու. մէկիկ մէկիկ կորսնցուցեր էր իր ընկերները եւ իր նամակներէն շատերը անպատասխանի մնացեր էին։ Քանի մը օրուան արձակուրդէն օգուտ քաղելով, եկեր էր Բարիզ եւ հիմա հետաքրքիր էր գիտնալու թէ ի՛նչ եղած էին անոնք որոնց հետ տառապած, տքնած, աշխատած ու զուարճացած էր ժամանակին։

Այս պատճառաւ է որ երիտասարդ ուսանողին հարցումներ կ՚ուղղէր մէկէն միւսէն լուր հարցնելով, բայց անիկա շատերը միայն անունով կը ճանչնար, տարտամ բաներ, կ՚ըսէր, մինչ իր ընկերը արդէն գացեր էր գնդամուխի սեղանին առաջ ու մեծ շահագրգռութեամբ կը հետեւէր խաղին։

Նոյն միջոցին նշմարեցին, գիրուկ, ճերմակ մազերով, թաւ պեխերով եւ յօնքերով մարդ մը։

— Օ՜հ, ահաւասիկ Նիկողոս աղան, ըսաւ երիտասարդ ուսանողը, անիկա ամէն բան գիտէ, ամենուն վրայ ծանօթութիւն կրնայ տալ։

Ներկայացման ձեւակերպութիւնները ըլլալէ ետքը Բարսեղ խօսք բացաւ։

— Արդեօք կը ճանչնա՞ք Սուրէն Սահակեանը, Տաճատ Չարըքեանը, Անտօն Եարաեանը…։

— Կեցէ՛ք, կեցէ՛ք, մէկիկ մէկիկ ըսեմ։ Սուրէն Սահակեան շատ մը պղտոր գործերու մէջ տապլտկելէ ետքը խմբագրատուն մը մտաւ ուր չեմ գիտեր ի՞նչ կ՚ընէ։

— Սօֆի՞ն, հարցուց Բադսեղ։

Սօֆին մեկնեցաւ, շատոնց… ալ մինչեւ վիզը հասեր էր խեղճ աղջկա՜նը…։

Պալըքճեան չեմ գիտեր ո՛ւր վարդապետ ըլլալու վրայ է առողջաբանական թերթ մը հրատարակելէ ետքը. Տաճատ Չարըքեանը Պօլիս է ուր կ՚երեւայ թէ թաղային վարժարանի մը մէջ իբր ուսուցիչ մտնալու խարար տուեր է…

Հոս սրտագին քրքիջով մը Նիկողոս աղան խօսքը ընդհատեց…

— Ես տահա անանկ տղայ չեմ տեսած, ի՜նչ սնապարծութիւն, ի՜նչ մեծխօսիկութիւն. հիմայ կ՚երեւայ թէ իր բոլոր ինքնահաւանութիւնովը կը չափուի թաղին խեղճ վարժապետներուն հետ. ամէն օր խըռ կը հանէ… ձգեցէք ճանըմ… անիկա եթէ հոս մնար, շատոնց Սէնթ-Աննին ճամբան բռնած կ՚ըլլար Մարտիկեանին պէս։

— Ո՞վ է այդ Մարտիկեանը։

— Մեծ խօսիկին մէկը, ան ա՜լ. գիտութեան ուսանող էր. բայց փոխանակ մարդու պէս աշխատելու, միտքը դրեր է որ համալսարանին բոլոր վարպետները էշ են, բան չեն գիտեր, թէ ինքը մեծ յղացումներ ունի. ատեն մը չեմ գիտեր ի՞նչ գիւտի մը պոչէն բռնեց. սանկ, կարծեմ մարդուս սննդառութեան մէջ չեմ գիտեր ի՛նչ նիւթ պիտի դնէր որ ուղեղին վրայ ազդէր եւ ամենէն տխմարները հանճարեղ մարդու պէս պիտի ըլլային. ես ի՞նչ գիտնամ, եղբայր. մէկ ձայնի կը պոռար որ մարդոց կացութեան անհաւասարութեան ամենէն մեծ պատճառը իրենց խելքերուն մէկ չըլլալն է… շատերը կլլեցին ըսածները, հոգ մ՚ընէ՛ք, շատերը կարծեցին թէ հայ Մէչնիքօք մը կար Մարտիկեանին մէջ, օր մըն ալ իմացանք որ Սէնդ-Անն տարեր են. խեղճը միշտ իր գիւտը կը բացատրէ, գաղտնիքներ ունիմ, կ՚ըսէ, ինքզինքը աշխարհիս ամենէն մեծ գիտունը կը կարծէ, վերջապէս մեծամոլութենէ բռնուած է… Տաճատը ի՞նչ էր, ան ալ չէ՞ մի որ դիրքի մը խօսքը կ՚ընէր շարունակ։

— Այդ գիրքը հրատարակուեցա՞ւ։

— Ո՞ւր պիտի հրատարակուի… Նիկողոս աղա խօսեցաւ այսպէս շատերուն վրայ. ոմանք մոռցուած, ոմանք հեռացած ու ոմանք օտար ամուսնութեամբ կորսուած էին բոլորովին։ Ուրիշ հայ երիտասարդ ուսանողներ ալ եկան որոնցմէ ոչ ոք չճանցաւ Բարսեղ. շատ աւելի լուրջ, ըրածնին գիտցող եւ չափաւոր երեւոյթ ունէին այս նորեկները բաղդատմամբ իր ժամանակակից ուսանողներուն։

— Մեր ժամանակը, շատ աւելի զուարթ, եռանդուն եւ խանդավառ էինք, խորհեցաւ Բարսեղ, երբ իրարու քով կու գայինք, կը վիճաբանէինք, կը խօսէինք, խենթ բաներ կ՚ըսէինք յաճախ, իրաւ է, բայց վերջապէս մեր սիրտը մեռած չէր ասոնց պէս։

Կանուխէն մեկնեցաւ սրճարանէն. յուսաբեկ եւ տխուր կարօտով կը յիշէր իր ատենուան ընկերները եւ գիտնալով անոնց ամենամեծ թերութիւնները, ի՞նչ չպիտի տար այս միջոցին Տաճատ Չարըքեանի մը հանճարեղ խենթի զառանցանքները լսելու, Սուրէնին մելամաղձոտ նայուածքը տեսնելու ու Անտօն Եարաեանի մը կցկտուր ու եղերական բառերը մտիկ ընելու համար։

— Վա՜յ սատանա՜յ, ըսաւ մտովի, Մանուկին ընտանի բացագանչութիւնով, մեր ժամանակը անդարձ կերպով անցեր է եւ մենք տեղերնիս տուեր ենք այդ քաղաքավարի, անհագի, չափուած ձեւուած սերունդին, մենք մեր սրտերուն, մեր կեանքին մսխումովը սպառեցանք, մեծ մեծ երազներ մեզ գինովցուցին, մեզ խանդավառեցին ու ես իսկ շատ անգամ գեղեցիկ պատրանքներով խաբուեցայ եւ այսօր ահաւասիկ հակազդեցութիւնը։

— Մե՜ղք, ըսաւ վերջապէս, ակամայ, պուլվառին վրայ յառաջանալով։

Ու հակառակ իր խիստ դատաստանին իր վաղեմի ընկերներուն նկատմամբ, հակառակ իր խառնուածքով եւ կարողութիւնով տարբեր ըլլալուն՝ այդ միջոցին խորապէս զգաց որ ինչքան խանդակաթ սիրով մը սիրած էր բոլոր այդ կեղծ հանճարները, եւ թէ ինչքա՜ն մեծ գորովանք ունէր այդ հիւանդ, ապասերած եւ երազատես հոգիներուն համար։

Ու մտքին մէջէն հակակշիռը ընելով հիմակուան եւ այն ժամանակուան հայ ուսանողութեան, եզրակացուց.

— Մեր ժամանակը ինչքա՜ն աւելի աղէկ էր, դարձեա՛լ։