ԿԻԻՐԵՂ ՎԱՐԹԱՊԵՏ



- Կիւրեղ պապա, ո՞ւր կերթաս:-
«Ես կէրթամ ան սէմթերը,
Ուր տայմա ին անպակաս
Թէնթէքներ ու խենթերը»։

-Հայր֊սուրփ, հօն ի՞նչ պիտ անիս։-
«Կուլխուս մարթ պիտ թօփ անիմ,
Վիրա սաղիս ու սօլիս
Մարթոց միսը պիտ ծամիմ»։

Հայր֊սուրփ, քեզ վօ՞վ պիտ լըսէ։–
«Մեր խեվ հայը սաղ ըէլա,
Ինչքան կուզիս սուտ խօսէ,
Հաւատացօղ միշտ կըլայ»։

-Հայր֊սուրփ, տուն ե՞փ վազ պիտ գաս
Տայմա չար կօրծ կօրծելէն։-
«Տուն վազ պերիլ կըկրնա՞ս
Կատղած շունին խածելէն։

Հապա ի՞նչ անիմ, ախպար,
Ատպէս մէմը սորված իմ,
Թէպէտ ատ պանին համար
Ամեն տեղէ քշված իմ։

Մինչեվ օրըս չիք հասկըցած,
Վօր շէնքով մարթ ըլայի,

Օղլըշախ ու կօրծ թօղած,
Հէչ վարթապետ կըլայի՞:

Վարթապետը սորված է
Չի ցանածը միշտ հնծիլ,
Ու ինչ պան վօր կօված է,
Քըրֆիլ, պղծիլ, անիծիլ:

Աս է մեր փառք, մեր պարծանք,
ԱսպԷս աշխարք կըշրջինք,
Կառնունք խեվէն կօվասանք
Ու հայրենիք կըզրչինք»։