ՀԱՅԳՈՅԺ


ԱՇԽԱՐԱՆՔ

ՀԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

ԳՐԵՑ ԵԻ ԱՇԽԱՐՀԱԳՈԻԺԵՑ

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ

ԱՌ ՈՂԲԱԿԻՑԴ ԻՄ

ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ

Մտերիմ հայրենակից
Պ. Համբարձում Աճէմեան

Դու մինչ կայտառ ու ծաղկահասակ երիտասարդ ես՝ հրճուանք եւ ուրախութիւն կը սիրես, երգ եւ հարսանեաց պար կը սիրես, ո՜հ, ես զքեզ յողբ եւ ի լաց կը հրաւիրեմ Հայոց աշխարհին վերայ: Կը ճանաչեմ ազնիւ ոգիդ, որ թէ՛ ի խինդ եւ թէ՛ ի լաց միապէս զգայուն էս. այդ եւս մի նշանակ կը համարիմ ես՝ թէ ոգիդ կենդանի է եւ դա Հայուն անգգայ զաւակ չես: Հայոց աշխարհ կուլայ, ես եւ դա Բիւզանդիոնէն ինչպես ի մօտոյ կը լսենք նոցա կոծն ու կական, պէտք է լալակից ու վշտակից լինինք, զի նոյն հայրենեաց պանդուխտ որդիքներն եմք:

Գիտես դու եւ կը յիշես թէ անցեալ տարւոյն ի վերջ՝ ես զՎան ՎԱՆԳՈՅԺով ողբացի, մինչ թագուցեալ կրակն միայն զՎան վառեց. այդ կրակին հետ արիւն եւ այլ սոսկալի աղէտներ չկային, այլ միայն Վանեցւոց կեանք եւ ստացաածք հար ճարակելով մոխիր դարձաց: Եւ ի՜նչ պէտք էր սուր եւ արիւն, միթէ ժողովուրդն իւր չքաւորութենէն ինքնին անարիւն եւ անսուր չի՜ չքանար:

Յո՛ւշ բեր, Վասպարական գաւառի շինական ժողովրդոց յորդոր կը կարդայի, որ Վանայ կրակին վերայ ջուր լեցնեն, եւ օգնեն դժբախտ Վանեցւոց. ես չէի գիտեր եւ չէի գուշակեր որ Վանայ կրակէն յետոյ պիտի ելնէր ուրիշ պատահասիչ Մարական կրակ մը, որ քան զԲաբելոնի բոցն ծաւալելով՝ բոլոր Վասպարական աշխարհն դժոխային հրով ծախէր, Հայոց գեղերն ու աւաններ քանդէր եւ աւերէր, Բագրեւանդայ գաւառի ժողովուրդ իսպառ կոտորէր, Հայոց աշխարհի վանքեր, եկեղեցիներ եւ ամէն նուիրական վայրեր պղծէր եւ ապականէր, Հայոց տնասէր կիներ, գեղադէմ հարսներ եւ կոյսեր գազանային վայրագութեամբ լլկէր, եւ շատն եւս յափշտակելով գերեվար էր, եւ այլ անւար անօրինակ ոճիրներ գործէր եւ ահռելի աղէտներ բերէր Հայոց աշխարհին վերայ:

Վասն այդորիկ ես արդ մոռցայ զՎան եւ զՎԱՆԳՈՅԺՆ. արդ կսկսիմ ՀԱՅԳՈՅԺովս ողբալ մեր հայրենեաց համատարած աղէտներ, զորս վայրագ խուժերուն ձեռքէն կրեց Հայոց անտէր ժողովուրդ: Ցաւ է ինձ որ բաւական չեղայ Վասպարական աշխարհին, Բարձր Հայոց, Բասենոյ, Բագրեւանդայ գաւառին եւ Մշոյ աշխարհին արդի վերահաս չարեաց հազար րիւր աղէտներՈՒն նկարագիրը բովանդակ հանեյ: Միթէ հնա՞ր է, որ միայն հոգւով տեսնեմ կամ գուժատու լրերով չափեմ մեր հայրենեաց նորաքանդ աւերակներ:

Այլ ինչպէս ըղձակաթ կը լինէր Վահան Գողթնացին մինչ Բարխանի գերութեան շղթան կաշկանդել էր զինքն, նա կը գոչէր եւ կը պաղատեր առ Ամիրապետն. «ԱՐՁԱԿԵՑԷՔ ՈՐ ՏԵՍԱՆԵՄ ԶՈՐՉԱՓՈԻԹԻԻՆ ԱԻԵՐԱԾՈՅՆ ԵՐԿՐԻՆ ԻՄՈՅ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ»: Ո՜հ ես էլ նոյն ըղձով կը փափագիմ. որ միանգամ արձակուիմ այս պանդխտութեան շղթայեն, երթամ ոտքովս շրջիմ եւ աչքովս տեսնեմ մեր աւերած աշխարհ, եւ թէ լամ՝ թող արտասուքս այն կարմիր հողուն վերայ կաթի, ուր կոտորուեցան Հայեր եւ ուր թափեցաւ անմեղ մանուկներուն եւ անբիծ կուսերուն արիւնը: Եւ դու ինձ հետ գոչէ, որ սիրահար ես հայրենի ազատաթեան: Ո՛վ անպարտ զոհերու հրաշագործ արիւն, արդեօք Հայոց մեռեալ ու մոխրացեալ հողերուն նոր կենդանութիւն պիտի տա՞ս:

Չվարանինք սակայն եւ ողբերով չյուսահատինք. Երկնից գթութեան եւ ողորմութեան հոսանքներ անսպաս են. այն որ երբեմն Բաբիլոնի դաշտին մէջ ցրուած անլոյս ժողովուրդին ցամքած ոսկորներում վերայ ցօղեց եւ իսկոյն գերեզմանի դաշտավայրը կենդանութեամբ կանաչացաւ, օր մի եւս Երկինք այդ կենդանարար ցօղ Հայոց դաշտերան վերայ կը ցօղէ. դու կը տեսնես թէ ի՞նչպէս Հայոց աշխարհն եւս կը վերածնի հրաշիւք: Միայն թե մեք աննկուն արիութեամբ գործենք եւ Աստուած մեր օգնականն է:

Իսկ դու, ազնի՜ւ բարեկամ, իմ Փոքրիկ երկոյս Փոքրիկ Մեկենաս, դարձեալ ձեր անուան կը նուիրեմ ՀԱՅԳՈՅԺս որ Հայոց աշխարհի աշխարանքն է, ինչպես արդեն նուիրեցի մի դուզնաքեալ երկս, որ վերտառութիւնն էր ԺԱՄԱՆԱԿ ԵԻ ԽՈՐՀՈԻՐԴ ԻՒՐ:

Դու այժմիկ փութա՛ եւ տա՛ր ՀԱՅԳՈՅԺս տո՛ւր մամուլին, թող մամուլն եւս իւր ազատ թեւերով տանի տայ աշխարհին:

Ես գիտեմ, այն ազգ եւ աշխարհ որ Հայ չէ մեզ հետ չի լար, այլ մեզ չե պետք օտարին լաց. բաւական է որ թե՛ տարաշխարհիկ գաղթական Հայեր, եւ թէ՛ Բիւզանդիոնի պանդուխտ Հայեր յիշեն մեր հայրենեաց չարչարեալ որդիքներ եւ լան:

Ես գիտեմ եւ դու գիտես թէ սոսկ լալով ու ողբերով եթե շաղախենք մեր հայրենեաց հող՝ հայրենիք չշինուիր: Սորա համար թերեւս ոմանք որ չոր ու անզգալ սիրտ ունին, զիս մեղադրողով բամբասեն թե խրիմեանը մի լալկան մանուկ է դարձեր կամ թե միշտ աւերակասեր բու:

Սակայն ես կը պատասխանեմ նոցա՝ որ այդպես կը կարծեն: Թող այդ ծեր իմաստուն եւ հանճարեղ շինողներ անլաց եւ անկոծ շինեն մեր հայրենիք, եւ կամ նորա լացող որդիքներուն արտասուքը ծիծաղով սրբեն:

Ես յայնժամ կը թողում գուժերս եւ ողբերս, կսկսիմ միայն ուրախաթեան երգ նուագել:

Ամեն աշխարհ եւ ժամանակ իւր ծիծաղ եւ լացն ունի. ո՛վ է այն՝ որ իւր հարսանիք խնդումով եւ պարերգութեամբ չկատարեր, ո՞վ ե այն՝ որ իւր մեռեալք առանց կոծոյ եւ լալոյ կը թաղէ: Այժմիկ Հայոց աշխարհ կեանք եւ ժամանակ լաց է. Հայոց տունը՝ սգոյ տուն է եւ իւր հանդէսը մեռելոց հանդէս է: Պէտք է ուրեմն լանք վշտակցինք քանի որ մեր հայրենեաց որդիքներ կուլան, եւ նոքա որ կուլան՝ մեր հայրեր, մեր մայրեր, մեր եղբայրներ, մեր քոյրեր, մեր սիրելիներ եւ մեր բարեկամներն են:

Երանի՜ թե ազատ շնչով, ազատ ձայնով եւ ազատ գրչով լայինք. ո՜հ, մանուկ քան զմեզ ազատ է եւ ազատաբար կուլայ. մեք հեղձամղձուկ լինելով կուլանք, եւ դու գիտես որ մեր աշխարհին մէջ լացն եւս ազատութիւն չունի:

Լանք ապա եւ բարձրաձայն աղաղակենք, թէ մեր լալոյ ձայնին աշխարհ խուլ լինի ու չլսէ, հաւատանք թէ Երկինք անշուշտ կը լսէ. եւ Աստաած իւր բարեբար ձեռքով կը սրբէ Հայոց աշխարհի լացն, արագ կը բերէ մեր փրկութեան եւ ազատութեան օր. եւ այն օրն է ահա, որ կը խայտան եւ կը ցնծան մեր հայրենեաց որդիներ, յայնժամ մեք եւս Մովսիսի քրոջ Մարիամու թմբուկն մեր ձեռքն առնելով՝ հետ նոցա կերգենք եւ կը պարենք. «Օրհնեսցուք ի Տէր, զի փառօք է փառաւորեալ»:

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ

Տե՛ս, Տէր, զի նեղեալ եմ. ոսկերք իմ խռովեցան, սիրտ իմ
գելաւ յիս եւ ես դասդ դառնացեալ. արտաքուստ անժառանգաց
զիս սուր, որպէս եւ մահ ի ներքուստ:

Լուարո՛ւք, լուարո՛ւք զայս՝ զի ես հեծեմ, հառաչեմ եւ ոչ
ոք է որ մխիթարն զիս . . . ո՛վ Տէր, դու արարեր զօրն զայն
եւ դու կոչեցեր զժամանակն զայն, եւ եղել ինձ վա՜յ վա՜յ:

Ձեզ ասեմ, ձե՛զ ասեմ, ո՛վ անցաւորք ճանապարհաց. դարձայք՝ հայեցարուք եւ տեսէք թէ իցեն երբէէ ցաւք ըստ ցաւոց
լեալ՝ որք ի վերայ իմ հասին...:

Ողբ Երեմիայի

ՈՂԲԱՄ զքեզ, աշխարհ, զի քո կեանք ողբերգութիւն է. ամէն դար եւ ժամանակ երբ աղէտներ զքեզ պատերին, դու միշտ աղէտներուդ հետ մի ողբերգու ծնար, քո առաջին ողբերգուն Մովսէս Խորենացին է, որ հազար երկերիւր ամ յառաջ ուժգին ողբաց զքեզ, մինչ վերացաւ գլխէդ Արշակունի թագ, մինչ ջախջախեցաւ իշխանութեանդ գաւազան, նսեմացաւ քո փառք, կորեալ ազատութիւնդ, եւ դու տիրական բարձրութենէդ խոնարհելով իջեր ծառայական ի ստրկութիւն. դու որ քան զհիւսիսականս վեհագոյն կը դնէիր քո գահը։

Յայն օրէն վերջի թագին հետ մեռաւ քո ամէն յոյս եւ հայրենի ազակունի թագն դաւեցին, երբ Վեստ Սարդիս եւ մատնիչ Կիրակոս՝ Անուոյ ազատ բանալին նենգութեամբ Յունական կայսրութեան յանձնեցին. այնուհետեւ թէեւ պահ մի գիշերալոյս աստղի նմանէ հին թագդ Հայկազանց գերեզմանէն ծագեցաւ, յանկարծ ազօտապէս փայլեցաւ Տաւրոսեան լերանց գլուխ, ո՛հ, այդ քո իրիկուան վերջալոյսն էր որ Լուսինեան Լեւոնին հետ արեւուն պէս ի մայր մտաւ. յայն օրէն Հայոց աստղ ծածկեցաւ օտար գերեզմանին մէջ եւ այլ եւս չծագեցաւ։

Յայն օրէն վերջի թագին հետ մեռաւ քո ամէն յոյս եւ հայրենի ազատութիւն, յայն օրէն մինչեւ ցայսօր վեց դարեր անցան, դ եռ ոչ լրացաւ քո տառապանք ի վերսյ տառապանաց միշտ հասին ի վերայ քո. չտուին քեզ մի հանգիստ ժամանակ, որ պահ մի շունչ առնէիր եւ հանգչէիր մաշած ու թալկացած կեանքիդ մէջ։

Թողումք Յոյն, Պարսիկ եւ Արաբացին. Լէնկթիմուր, Շահապաս եւ այլ հիւսիսային բարբարոս ազգեր բանիցս անգամ արշաւեցին, քանդեցին, հողաբլուր դարձուցին ամուր ամուր քաղաքներդ, խրամատեցին բոլոր այգեցանկերդ, զքեզ ճռաքաղ արարին, կայտառ որդիներդ մինչեւ ի Խուժաստան եւ Շահաստան գերի վարեցին։

Օրհնեալ ես դու, Հայոց աշխարհ. որչափ քանդող թշնամոյն ձեռք կը ջանար զքեզ իսպառ ճռաքաղ առնել եւ որթերդ յարմատէն յօտել, դու անդրէն նոր նոր ուռեր տալով կը բողբոջէիր։ Հաւատա՛ դու, Հայո՜ց աշխարհ, թէ Աստուծոյ օրհնութիւնն էր որ միշտ անապական պահեց քո ճիռերդ. զի դու Քրիստոսի ճշմարիտ որթին վերայ հաստատուած ես։

Բայց դարձեալ ողբամ զքեզ, անտէրո՜ւնջ ժողովուրդ Հայոց. զի քո մնացորդ ճիռեր անխնայ ճմլեց ժանտ եւ ժպիրհ Քիւրտ. սորա համար քո կեանք՝ թէ՛ առաջին եւ թէ՛ վերջին, միշտ ողբերգութեամբ լի է. Մովսէս չէ միայն որ զքեզ կ՝ողբայ. Եղիշէն, Ղազարիկ, Լաստիվերացին, Մեծոփեցին, Առաքել պատմագիր, այս ամէն իրենց ժամանակին մէջ զքեզ ողբացին, ո՜հ, ես էլ քո ողբերգուն եմ, երանի թէ յետինն լինէի, եւ այլ եւս չծնէր քեզ ողբերգու, այլ եւս անպահապան այգիդ ճռաքաղ չլինէր. երթայր եւ այլ եւս չդառնայր անդրէն քո տառապանաց տարին եւ ժամանակ։

Բայց դարձալ եւ բարկութեամբ դարձաւ, երբ Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը Արեւելքը կողջունէր, երբ Թուրքաստան Սահմանադրութիւն կը հրատարակէր, երբ պանծացող տասնեւիններոդ դարը՝ գիտութիւն, լոյս, ազատութիւն եւ ազգաց իրավունքներ կը քարոզէր, եւ երբ դու ինքնավար Սահմանադրութիւն ունէիր, կը հրճուէիր յուսով նորաքայլ յառաջդիմութեանդ մէջ։

Իբրեւ սրաթեւ արծուի, իբրել ճախրաթել բազէ յանկարծ հասաւ ու դարձաւ քո վերայ տառապանցդ օր, սեւ օր, սեւ գիշեր էր այն, եւ իբրել ծննդական մօր՝ ցաւոց երկունք զքեզ ըմբռնեց, դու արդ կը հեծես եւ ճիչ կը բառնաս, յոյսդ երկոտնաց մէջ է. կամ կը ծնիս ողջամբ ի նոր յազատութիւն, եւ կամ կը մեռնիս այդ մահացու վէրքեբովդ. անէծք այն ձեռաց, որ քո հանգստարանի գերեզման կը կնքէ թէ այլ եւս ո՜չ գոյ Հայն ու Հայաստան։

Ի՞նչ անբախտ եւ թշուառ ես դու, մա՜յր, թէ մեռնիս այժմիկ. երբ ուրիշ մայրեր եւ ազգեր ՝ի նոր կեանս կը վերածնին. քո կեանք՝ քառասուն դար է. Յունական կրակէն, Պարսկական կրակէն, Արաբացւոց կրակէն, Թաթարներու կրակէն ողջ անցար, անհուն անհամար զոհեր տուիր, որպէս զի մնացորդ որդիներովդ ապրիս, եւ արդ ապիկար եւ վատազգի Քիւրտին կրակով պիտի այրիս եւ սպառիս։

Մինչ հիւսիս հարաւին դէմ ի մարտ կորոտար, Հայոց լեռներու հին աւազակներն ի զէն կը կոչուէին. այդ բանը՝ նոցա համար մի բախտ եւ պատեհ ժամ էր։ Նոքա որ սովորած էին առանց քրտանց վաստակի՝ գիւղական ժողովուրդին ճակատի քրտանց հացն ուտել, միշտ աւարով ու յափշտակութեամբ ապրիլ, իրաւունք համարեցին իրենց համար ամէն բռնութիւն, ամէն եղեռն եւ ոճիր ի գործ դնել քրիստոնեայ ժողովուրդին վերայ. եւ այնչափ անվախ ու անկասկած կը գործէին չարիքներ, որպէս թէ երկիրն անիշխան էր, ոչ իրաւունք կար, ոչ դատաւոր, ոչ դատաստան։

Մարախի ու թրթուրի նման թափեցան, Հայոց գիւղեր եւ դաշտեր ծածկեցին, մի խուն ժամանակի մէջ ամէն կանանչութիւն կերան ու չորցուցին, այն շէն շէն գեղեր եւ աւաններ անապատ դարձուցին։ Միթէ չդիտենք ի սկզբանէ անտի որ այդ ազդին ձեռք միշտ քանդող է, երբէք շինել չգիտէ. ես էլ չգիտեմ թէ ինչո՞ւ համար է որ երկրին իշխանութիւն այդ աշխարհաքանդ ձեռք կարճել չուզեր։

Եւ ո՞յք էին Քիւրտերու անկարգ հրոսակներուն վարիչ եւ առաջնորդ.— նոցա մոլեկրօն դենպետներն էին, որոց ոգիներ ի բնէ անտի ոխութեամբ լցուած կը զայրանային Հայոց ժողովուրդին դէմ. մանաւանդ երբ կր լսէին եւ կը հաւատային իսկ թէ այս պատերազմ յանուն Քրիստոնէից ազատութեան կը մղէ հիւսիսային Պետութիւն:

Ես գիտեմ ու կը ճանաչեմ զՔիւրտն. գիտեմ թէ նա ինքնին ոչինչ գործ եւ զօրութիւն չունի, այդ անդէպ պատճառանքներ ի բաց թողունք։ Այո՛, դենպետներու կրօնամոլութեան հուրը կը վառէր զիրենք. այլ ի՞նչ հուր էր այն, որ ի ներքուստ զդենպետներ կը վառէր։

Ո՜հ, մի՛ կրկտեր այդ հուրը, գրի՜չ իմ, գրի՜չ իմ. կը բորբոքի եւ զքեզ զկայրէ. թող այրէ, թող այրէ, եւ աճիւնս երթայ խառնուի Հայոց այրած ժողովուրդի աճիւնին հետ։

Տէրութիւն զՔիւրտն ի զէն կը կոչէ. եւ ո՞վ իրաւունք ունի մեղադրել զինքն, զի Քիւրտն իր դաւանակից ժողովուրդն է՝ առանց գրի եւ Գուրանի, եւ քան զՀայն բիւր անգամ յարգի։

Այլ միթէ զինուոր անթոշակ կը զինուորի՞, Քիւրտին հացն ու թոշակ ի՞նչ էր զինուորող ձեռքէն.— ոչինչ, այլ միայն այս բան «Գնացէ՜ք եւ ձեր թոշակն ու հաց ձեր ձեռքով հոգացէք»։ Եւ ուստի՞.— Հայոց գեղերէն ու ժողովուրդէն։

Այս անարդար դատաստանին մէջ Քիւրտ կարդարանայ Աւետարանին ու Գուրանին առաջ, եւ ես նմա իրաւունք կուտայի, եթէ Քիւրտն միայն իւր պէտքերը հոգար, հիւրարար վարուէր, գիւղացւոց Հացն ուտէր. թէ հեծեալ էր, ձիոյ դարման խնդրէր, ելնէր եւ ուղղակի ի բանակ երթար։

Քիւրտն այսպէս չվարուեցաւ. եւ այնպիսի սոսկալի խժդժութիւններ գործեց նա, որ աշխարհի պատմութեան մէջ ոչ գրիչ գրեց, ու բերան խօսեց եւ ոչ մարդոյ ականջ լսեց։

Կասեն թէ Լէնկթիմուր Հայոց աշխարհ արիւնով լուաց. Լաւագոյն էր թէ Քիւրտն եւս արիւնով լուանար։ Կասեն թէ բռնաւոր Ալփասլան մի անօրինակ վրէժխնդրութիւն մտաբերելով Անւոյ մէջ արեան աւազան մը կազմեց, Հայոց ջերմարիւն երիտասարդներ ոչխարի նման մորթելով լցոյց զայն, ու մտաւ նորա մէջ ինչպէս ի լոգարան, եւ այսպէս շիջոյց իւր սրտին զայրոյթը: Երանի՜ թէ Քիւրտն եւս իբրեւ արիւնախանձ ինձ՝ արիւնով միայն շատանար։ Կդասեն թէ խորամանկ Շահապասն մինչ ի գերութիւն կը վարէր Այրարատայ աշխարհի որդի քներ, տասներկու հազար հոգի Երասխին մէջ թափեց։ Հազար անգամ երանի թէ Քիւրտն եւս այդպէս գործէր. Հայոց կիներ եւ կոյսեր նոյն Երասխայ ծոցին մէջ թափուէին, ալիքներ առնէր տանէր ու ծածկէր նոցա առականքը։

Դստե՛րք Հայոց, բիւր երանի՛ կուտայի ձեզ թէ նոր Շահապաս մի դար զձեզ ի գերութիւն վարէր, եւ դուք երթայիք միահամուռ եւ կամակար թափուէիք Երասխայ գետին մէջ, գետն զձեզ գլորէր տանէր ի Կասպիական ծով, ծովն ձեզ գերեզման լինէր, իւր խոր անդուդին մէջ ծածկէր ձեր մերկութիւն, քան թէ կուսական արեան մէջ թաթախելով նշաւակէր զձեզ վատշուէր Քիւրտին վայրագութեան։

Հայոց լերանց մտերի՜մ էրէվայրիք, եւ դուք իսկ վայրենի՝ գազաններ, բացէ՜ք ձեր որջեր, ցո՜յց տուէք ձեր մութ խորշեր, հիւրասիրեցէ՛ք Հայոց փախուցեալ կիներ եւ կոյսեր, որ մարդակերպ գազաններ էն փախչելով ձեր գթութեան կապաստանին։

Ո՛վ հալածեալ գայլեր, դուք արդար էք, դուք իրաւունք ունիք, երբ սովալլուկ քաղցէն ստիպեալ հազիւ ահ ու դողով կը համարձակիր հովուի հօտին գաղտագողի մի ոչխար յափշտակել. ելէ՛ք այժմիկ եւ լեռներէն դիտեցի՛ք թէ ի՞նչ կը գործեն ձեր դրացի մարդագէլներ, թո՛ղ գեղացւոց ոչխարներ՝ նոցա սիրելի ընտանիք եւ զաւակներն եւս յափշտակեցին, սրաժանիքներով պատառեցին ու կերան Հայոց գեղանի կոյսեր։

Ո՞վ ես դու, ողորմելի կին, որ մերթ խուճապելով կը փախչիս եւ մերթ ծունկերդ կթոտելով կը տառապիս ի գետին. Հերովդէսի դահիճներ զքեզ կը վարեն. ո՜հ, երկունքդ առ երկիողի հասեր զքեզ ըմբռներ է. սորա համար անցար մտար մեկուսի ցորենաբոյս արտին մէջ, դու ինքնին անդայեակ ծնար, դաշտի կակուղ խոտերին խանձարուր շինեցիր, փաթութեցիր մանկիկդ, չգիտեմ թէ բերկրեցա՞ր, երբ անցալ երկունքդ եւ ողջամբ ծնար։

Իրիկուն էր, քո տխուր ու սեւ սրտին հետ մութ գիշերն եւս եկաւ զքեզ պատեց, այլ եւս ապահով եղար թէ քո վարիչ որսորդներ անցան. առիր նորածին մանուկդ գնացիր մօտակայ գիւղ. մանկիկդ կուլար կաթ, կաթ կուզէր, եւ դու՝ հա՜ց, հա՜ց կը խնդրէիր. զի քաղցէն նուազելով կաթդ ցամքեր էր։ Չգիտեմ, դժբախտ կին, թէ այնուհետել ազատեցար բազէներու ճանկերէն։

Անշուշտ կողբաս, կի՞ն դու, թէ թշուառ եմ, որդի ծնայ, այլ ամուսինս կորուսի, բայց դու զքեզ բախտաւոր համարէ, կի՞ն, որ վերահաս անձկութեանդ մէջ կարացիր ողջամբ ծնել եւ մանուկդ ազատեր քան զքեզ անբախտ եղան այն մայրեր, որ մայրենի գրկերին մանուկներ ձգեցին ու փախան. որպէս զի գէթ ազատեն իրենց անձն չարաշուք Քրդաց լլկանքէն։

Ողբա՛մ զքեզ, մանուկ մայրակորոյս. կասեն թէ քո մայր մինչ ի փախուստ կւ խուճապէր, մոռցաւ մայրական սրտի գորով, ձգեց թողոոց զքեզ մի վարած արտի ակօսին մէջ, թերեւս հաւատաց Քրիստոսի խօսքին եւ ասաց թէ մանկիկս իբրեւ ցորենահատիկ մի ցանեմ հայրենի հողին մէջ, թող մեռնի, որ բեղմնաւոր հատիկս բազմապատիկ ատոք ցորենով։ Եւ ի՞նչ է այդ.— Հայոց աշխարհի ազատութիւն։

Զո՞րն ես պատմեմ մայրերին ձգուած դիեցիկ ման ու կներ. տեսող գտաւ ու պատմեց թէ մի մանկիկ եւս Եփրատայ ափանց հղէգնեբուն մէջ ձգուած էր, ինչպէս Մովսէս Նեղոս գետին խաղեր։ Մեր խեղճ մանուկ պրտուեայ սնտուկին մէջ չէր կպրաձիւթով պատած, այլ այնպէս բացօդեայ ձգուած. խեղճ անմայր աղեկ կական բառնալով կուլար։ Լսեր մի գիողական աղջիկ, որ նա եւս կը թագուցանէր զինքն գետեզրի մացառներու մէջ, սիրտ արաց, ձայնի հետ գնար գտաւ ընկեցիկ մանուկն. գիւղացի քաջ աղջիկ, որ դեռ մայր չէր եղեր, մայրենի գորովով խաղապատեցաւ տղեկին վերայ. ինչպէս Փարաւոնի դուստր՝ առաւ տարալ մերձակայ գիւղ մի, ասաց թէ Եփրատին եզերք շամբերուն մէջ գտայ։

Չգիտեմ թէ ողջ մնացի՞ր դու, անհայր անմայր որբացեալ մանուկ. ո՞ր օտար մայր քեզ կաթ պիտի տայ ու սնուցանէ, մինչ քո բուն ծնող մայրդ առ նեղութեան ու վշտին, զքեզ անմայր թողուց։ Ո՜ տառապանաց եւ դառնութեան օր, որ կաթոգին մայրերուն բնական գորովն ու գութ մոռնալ կուտաս եւ սրտէն ի բաց կւ հանես որդեկին սէր, որ մօր աղիքն եւ սրտին հատորիկն է։

Ողբա՛մ զձեզ, Հայո՜ց մայրեր, որ կորուսիր ձեր լծակից ամուսիններ եւ սիրական զաւակներ. թէ մեռաք երանի ձեզ, թէ ողջ մնացեք էք՝ եղո՜ւկ ձեզ։ Ո՜հ, ի՞նչ կր լինէր, որ դուք եւս այն Մղեցի ղիւցազն կնոջ պէս զօրանայիք, ձեր վշտակրութեան եւ հածանաց մէջ կամակար մեռնէիք կրօնի սրբութեան համարք ձեր զաւակաց սիրուն համար, ձեր համեստ պատկառանաց համար, միթէ այժմ կապրի՞ր դուք, եւ լաւագոյն չէ՞ր ձեզ մեռնիլ քան այդ շարավիշտ կեանք։

Ի՞նչ անդաստան կը խօսիս դու, հէք ողբերգու. իբրեւ զառանցող բանդա գուշ կր լինիս, կարծելով թէ աշխարհիս վերայ կիներ սուր եւ բազուկ ունին. մինչ քաջաբազուկ հուժկու այրեր կը վատանան իրենց ընտանեկան պատիւ մահու չափ պաշտպանելու, դու գիտես թէ քանի՞ դժուարին է որ տկար ու տանտիկին կիներ դիւցազնանան։

Այո՜, այդ ցիտեմ. բայց միթէ չառաքինացան Հայող աշխարհի կանայք ու տիկնայք, մինչ նորա այրերր շղթայակապ վարեցին ի Խուժաստան, նոքա անայր եւ անտերունջ մնացին, կանացի տկարութեան անտար վիշտերուն դէմ մրցեցին, Պարսկական կրակին դէմ անվառ մնացին, կրօն, հաւատ եւ սուրբ կեանք անարատ պահեցին, որոց չնաշխարհիկ առաքինութեան հանդէսը ճառագրելով կը հռչակէ սուրբ Եղիշէ վարդապետ։

Մո՛վսէս, Մո՛վսէս, Բագրեւանդայ վիճակին ծերունի հովիւ, դու զՀայոց աշխարհ եւ քո ժամանակ ողբացիր եւ ի հող մտար հանգչեցար, այլ եւս չգիտես թէ քո անթագ անգաւազան ստրկացեալ հայրենեացդ ողբեր դադրեցա՞ն։

Ո՛չ, ո՛չ. տասն դար անցաւ, տակաւին ողբերդ դառնապէս կը նորոգուին, դու այժմ գլուխդ գերեզմանէդ ի վեր առ, տես քո սիրելի հօտին վերահաս աղէտները, քանասար գայլերուն ոհմակ յարձակեցաւ, գառներդ կոտորեցին, որոց յորդահոս արիւն՝ շիրիմդ կողողեն եւ կ՝իջնան մինչեւ ի խոր տապանիդ հեծող ոսկորներդ։

Դու ինչպէս տեսնալով կողբագրէիր, արդ եւս արհաւիրք անհնարինք պատեցին Հայոց աշխարհ, մարտ թէ ի ներքուստ եւ թէ արտաքուստ զմեզ պաշարեց, հայրենիքը թափուրացաւ, մնացորդ որդիքներուդ կէսն թողլով բնակա սնունդ երկիր՝ գաղթական գնաց, կէսն եւս անխնայ կոտորուեցան սուրբ կրօնին համար եւ Հայոց հաւատին համար։

Եփրա՛տ, Եփրա՛տ, մկրտարա՛ն սուրբ Գրիգորի հոգեծին որդւոց, ափունքներուդ վերայ ինկած դիակները արեան հեղեղներ թաւալգլոր բերելով քո ծոց կը թափեն, եւ դու տուր ալիքներուդ թող գլորէ տանի մինչեւ Ովկիանու ափունք. Հայոց աշխարհի անմռունչ բողոքն է այդ։ Կը լսէ՞ արդեօք եւ կը տեսնա՞յ աշխարհի արեան հանդիսատես խաղաղասէր Լոնտոն, թէ ա՞յդ է շահ մեծին Անգղիոյ, որ քան զինքն յառաջ Աւետարանին հաւատացող որդիքներ տարապա՞րտ մեռնին։

Բագրեւանդայ փոքրիկ հօտին փոքրիկ հովիւներ, ո՞վ քահանայք, թէ ողջ մնացեր էք՝ առէ՞ք ժամհարներ հետ ձեզ, գնացէ՞ք շրջեցէք քաղաքի փողոցներ, տներ եւ տան մութ խորշեր որոնեցէ՛ք, շըջեցէ՛ք նաեւ գեղերու եւ դաշտերու մէջ, ժողվեցէ՛ք ուր եւ ցտնէք Հայոց անթաղ մեռելներ, զի մեռելներոո տէրերը թողին ու փախան, ծնողք փախան՝ զաւակներ թողուքին, զաւակներ փախան՝ ծնողք թողուցին, նոյնպէս անբաժան սիրելի ամուսիններ սէրը մոռցան, զիրար թողուցին ու փախան։

Մի մի կամ ուրոյն ուրոյն գերեզման մի՛ փորէք այդ անտէր մեռելներուն, այլ բոլոր միահամուռ խոր վիհերու մէջ թաղեցէք, միայն խաչքարէ նշան մի կանգնեցէք հողակարկառին վերայ, ես աստ կարձանագրեմ նոցա սուրբ եւ անմահ յիշատակը:

ԱՍՏ ԿԱՏԱՐԵՑԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈԻԹԵԱՆ ԵԻ ՀԱՏ ԱՆՈԻԱՆ ՀԱՄԱՐ ՔԻԻՐՏԵՐՈԻ ԱՆՈՂՈՐՄ ՍՐԷՆ, ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՏԷՐՈԻԹԵԱՆ ՀԻՆԳ ՀԱՐԻՈՐ ՏԱՐՈԻԱՆ ՀԱՈԱՏԱՐԻՄ ՀԱՑԵՐ

Փողոցէն ելէք, քահանայք, մտէ՜ք այդ մերձակայ տան մի սենեկին մէջ, ուր երկու նոր ամուսնացելոց հարսնարան եւ առագաստն է, տեսէ՜ք, գուցէ կը ճանաչէք. թերեւս դո՜ւք պսակ դրիք ու կապեցիք այդ դժբախտ գլուխները, տեսէ՜ք զոյգ համանման նորահաս կտրիճ ամուսիններ, երկու լծակից սիրելիները, զորս վայրագ Քիւրտեր միմեանց վերայ դնելով ընդ գետին գամեր են, որ գիտես թէ ուխտեր էին Նոյն իսկ մահուան մէջ իրարմէ չբաժնուիլ։

Հանէ՜ք այդ արիւնոտ ցիցը, հանէ՜ք ու տարէք պահեցէք, եթէ դատ եւ դատաստան լինի աշխարհիս մէջ, եթէ Հայուն զրկանքն եւս յիշեն երկրիս դատաւորները եւ արդարութեամբ փոխարէն հատուցանեն, յայնժամ դուք զայդ դատական ատենին մէջ բերէք, թող բողոքէ, վկայ լինի Հայոց անպարտ արեան։

Առէ՜ք նաեւ իջուցէ՜ք ի վայր ընդ ձող եւ ընդ ցից հանեալ Հայոց սօսանման երիտասարդներն. արեւ տեսաւ, լուսին տեսաւ, աստղեր տեսան, աշխարհ տեսաւ եւ Աստուած տեսաւ, այլ վկայ կը խնդրէ՞ք, ո՜վ աշխարհի ատենակալ դատաւորներ։

Համառօտեցէ՜ք, համառօտեցէ՜ք աշխարհի խաղաղութեան դաշնագիր, համառօտեցէ՛ք ձեր երկար եւ պատի պատ դատաստանին վճռագիր, տեսցուք թէ Հայոց այնչափ զրկանաց, այնչափ զոհերուն եւ թափած արեան գինը դուք ի՞նչ կը վճռէք։

Ժա՛մհար, թո՜ղ այդ ցցահան դիակներ, մտիր ի տանտուն թոնրին սալխուփն ի վե՜ր առ, տե՜ս, մարած մոխրին վերայ խանձողած կոճղ մի կայ, հան ի դուրս, մի՛ կարծեր թէ այրած հացի կոյտ է այդ, այլ հացթուխ եւ հացարար տանտիկինն է, որ մինչ բարկ թոնիրին շուրջ նստած անօթի քիւրտին համար հաց կեփէր, ապիրատներ կերան նորա հաց, զարկին ձգեցին վառած թոնիրին մէջ ու գնացին։

Թէ դիր գիտես, ժա՜մհար, համրէ ու գրէ թէ քանի՞ քանի Հայոց տանտիկիններ այդպէս հրայրեաց չարամահ մեռան։ Թոնիրներէն ելած բոլոր Հայոց կիներուն խանձողուած նշխարներւ, Ժա՜մհար, լի՜ց կողովը, շալակդ առ, գնա՜ մինչեւ յԵւրովպ, շո՛ւրջ ած պալատականաց դռները, տեսցուք թէ աշխարհիս այդ ողորմած թագուհիներ Հայոց այրած տանտիկիններուն համար ի՞նչ դատաստան պիտի տեսնեն։

Ո՛վ ժրագօտի ժամհարներ, թողէ՛ք այդ թոնիրի այրածներ. փութացէ՜ք կողովներ առէք ձեր յուս՝ ելէք հնձանի դաշտ. Հայոց այգեկութն է. ժողովեցէ՛ք այդ կոխոտուած մանրիկ ճիռեր, Հայոց մանուկներու նշխարներ, զորս Լէնկթիմուրի ժանտածին զաւակը սմբակակոխ կոտորեց, ու քամեց Հայկայ զաւակներու արիւնը՝ որպէս քամեն խաղողն ի հնձանին։ Խնամով ժողովեցէք այդ փոքրիկ մարտիրոսներու սուրբ եւ անբիծ նշխարներ, տարէք թաղեցէք իրենց հարց ու մարց հետ. եթէ անողոք սուր զիրենք ծնողական գրկերէն բաժնեց, թող գերեզմանին մէջ ոսկերոտօք գրկախառնին։

Միթէ սերմանահան մշա՞կ էք դուք, որ գոգնոցը կապելով այդ մատաղ ու պարարտ սերմեր կը ցանէք Եփրատայ արգաւանդ դաշտերուն մէջ։

Ցանեցէ՛ք ցանեցէ՜ք այժմիկ եւ յուսով ցանեցէք. թող այդ անմահ հատիկներ մեռնին հողին մէջ. կ՝անցնի ձմեռն, կանցնին խստաշունչ սառնամանիք, կուգայ կենդանարար գարուն, գերեզմանի արտերդ կը կանաչին, եւ դուք կը հաւատաք այն ժամ Յիսուսի խօսքին, թէ «Ամէն ամէն ասեմ ձեզ, եթէ ոչ հատն ցորենոյ անկեալ յերկիր մեռանիցի ինքն միայն կայ. ապա թէ մեռանիցի՝ բազում արդիւնս առնէ»։

Հնձանի դաշտին մօտ՝ այդ վարած արտերու մէջէն զառն մռնչիւնի ձայներ կուգան, կը լսէ՞ք, ժամհարներ. այդ մռնչիւն՝ մորթազերծ անասնոց մռնչիւնն է, որ հերկագործ ակօսներու մէջ ինկած կը տանջուին. վերէն արեւ կը կիզահարէ, ներքուստ գիշակեր անգղեր եո ագռաոներ կտցահարելով թել թել միսեր ոսկորներէն կը քաշեն։ Դանակ մի առէք՝ կտրեցէք նոցա վիգեր, որ երթան հանգչին։

Ո՛վ սոսկալի անգթութիւն. անագորոյն Քրդեր հապճեպով հասան, մաճկաէներ, հոտաղներ սրակոտոր սպանին եւ թրերով կտրատեցին եզնամոլներոոն եւ գոմէշներուն հաստապինդ ջիլերը. խեղճ անասուններ տապլտկեցան ակօսներու մէձ, եւ առանց պարանոցներ կտրելու՝ սկսան շերտ շերտ քամակներէն կաշիներ հանել, այդ անվարտի միաշապիկ բոկոտն վայրենից. տրեխներ շինեցին իրենց համար. որ կերթային երկաթէ կօշիկներուն հետ կռուիլ։

Արդա՞ր Աստուած, եթէ դու աշխարհիս վերայ յանցապարտներ եւ մերթ եւս անմեղներ տանջելով կը լնուս ու կը կատարես արդարութեանդ չափն ու յատուցումն, միթէ անասո՞ւնքն եւս յանցապարտ են քո առաջ. - այդ անողորմ ամբարշտաց աղիքներ չե՞ս կտրատեր Նոցա փորին մէջ. դու որ Նինուէի անասնոց խնայեցիր, այս անխօսուն հեծող անասնոց դատաստանր չե՞ս տեսներ։

Արեւն ի մայր մտաւ, այլ ձեզ համար հանգիստ ու դադար չկայ, կտրի՞ճ ժամհարներ, Տովբիթի նման առաքինացէ՞ք, գիշերաժամուն ելէք՝ լուսնի լուսով ժողովեցէք Հայ մարտիրոսաց մշարներ. մայրերու գրկէն ու կուրծքէն մի՛ բաժնէք յօշոտուած մանուկներ. մի դպիք, մի՛ կրկտէք արիւնշաղախ դիակներ. պատան պէտք չէ՞, կանաչ խոտերու մէջ փաթթեցէք Հայոց կանաչացել եւ ժուռումուռ մեռելներ. թէ պատառ մի կտաւ կը գտնէք, կենդանւոյն մեռած Հայոց հոլանի կիներուն եւ կոյսերուն տուէք, որ պատատեն իրենց առականքը. բաւ է՝ թէ այդ անտէր շապիկներով եւ պատառատուն ցնցոտիներով թաղէք։ Թող նոցա ոգիներ երթան Երկնից մէջ պայծառազգեստ լինին։

Այլ գիտե՜մ ես, գիտե՜մ, ո՞վ Հայոց անթաղ դիակներ, ձեզ համար ոչ քահանայ կայ, ոչ ժամահար, ոչ յուղարկաւոր, ոչ սիրելի, ոչ բարեկամ. սարսուռ եւ արհաւիրք ամենուրեք տիրեր է, ո՞վ կը համարձակի կատարել ձեր թաղման հանդէսը։ Ո՞հ, ո՜հ Հայո՞ց որդիքներ, հող ու դաշտ շատ ունէիք, գետն ի երես դուք անհող, անծածկոյթ մնացիք, երկնից թռչունները եւ երկրի շուներ ժողովեցան՝ կերան ձեր մարմին, կրծեցին ձեր ոսկորներ, մինչ ողջ էիք՝ բռնութիւն զձեզ կեղեքեց ու քերթեց. եւ մեռնելէն յետոյ՝ թերեւս ասացիք թէ ազատուեցանք տառապանքէն, հանգչինք հողին մէջ. ո՛չ, ո՛չ, հանգստեան հող չտուին ձեզ. զի նոյն անողոք բռնութիւն՝ ձեր անշունչ դիակներն եւս հարստահարեց։

Ո՛վ Լուսի՞ն Լուսին, Հայոց աշխարհէն կուգաս, Բագրեւանդայ կոտորածի դաշտերէն անցա՞ր, այնպէս կը թուի որ գիշերաժամուն մէջ շառաւիղներդ արիւնոտ դիակներու վերայ զարնելով՝ երեսդ շառագուներ է։ Մի՛ անցնիր ճեպով. պահ մի կա՞ց Բիւզանդիոնի հորիզոնին վերայ, պանդուխտ Հայերուն լո՛ւր տուր Հայոց աշխարհէն, յո՜ւր տուր մեր թշուառ ընտանիքներէն, ո՞վ մեռաւ, ո՞վ մնաց, ո՞վ գերեցաւ եւ ո՞վ թողուց հայրենիք՝ գաղթական գնաց։ Թողուց իւր հասած հունձեր, թողուց իւր հօտն ու նախիր, թողուց իւր կեանքն եւ ամենայն ինչ։ Մերկ, կողոպուտ գնաց, ասաց թէ՝ անցնիմ այս կարմիր ծովէն եւ միանգամ ազատիմ չարչարանաց աշխարհէն։

Ո՜վ Լուսի՜ն Լուսին, Մասիսի գագաթէն անցա՞ր, զաչերդ շուրջ ածիր, Արագածի ոտքւ՝ էջմիածնայ պարսպին տակ թափած Հայոց գաղթական ժողովուրդն տեսա՞ր որպէս յաշնանավերջին ծառերէն թափուած դեղնած տերեւներ. դիտեցի՞ր նոցա ապաժոյժ վիճակ, տեսա՞ր այն գետնի վերայ նուաղած ու թալկացած մայրեր, որոց ցամքած կուրծքերէն կախուեր էին դիեցիկ մանուկներ, նոքա կական բառնալով կաթ կը խնդրէին եւ մայրեր զհաց։

Ո՛վ Հայր ու Հայրապետ Հայոց, էջմիածնայ վեհարանի լուսամուտէն կը դիտէ՞ք դէպ ի Բագրեւանդայ կոտորածի դաշտ, թէ կ՝ասէք հեռու է աչքէս եւ կարճ է իմ ձեռքս. ուրեմն թողէ՜ք մեռելոց դաշտը դարձուցէ՛ք ձեր աչքը գաղթական ժողովուրդին վերայ, որ կենդանւոյն մեռած ու թաւալած են էջմիածնայ պարիսպներուն տակ։ Է՛ջ, այտի, դու ինքնին հայրական գորովովդ մատակարար եղիր, դոքա սուրբ Գրիգորի մնացորդ որդիքներն են, տե՛ս, ի՞նչպէս մերկ, կապուտ կողոպուտ, անինչ անստացուած ձեր հայրական գիրկ դիմեր են, հաց կհուզեն, հանդերձ կուզեն, հանգստարան կ՛ուզեն, ժողովէ, պատսպարէ զիրենք Այրարատայ ծոցին մէջ։ Դոքա Եփրատայ ակներէն եւ Նպատ լեռնէն կուգան, Երասխէն, Արագածէն եւ Մասիսէն պաշտպանութիւն կը խնդրեն, ո՜հ, չգիտեմ թէ կը գտնե՞ն՝ թէ յուսով կը թափառին։

Ո՛վ իմ լրացեալ լուսին, Վասպուրական աշխարհի Աղբակու գաւառէն անցա՞ր, եւ ի՞նչ տեսար, ես քան զքեզ յառաջ գիտեմ այդ, դու պատմէ մեզ։ Պարսկական Քրդաց հրոսակներ յարճակեցան, աւարեցին տարան բոլոր Հայոց գեղեր։ Անճարակ ժողովուրդ երբ մերկացաւ իւր կեանքէն եւ գոյքէն, շուարեցաւ մընաց. ասաց թէ ո՞ւր երթամ, ո՞ւր ապաստանիմ, գէթ, հոգիս ազատեմ. երկու կրակին մէջ մնացի եւ կը խորովիմ։ Ո՜հ, ակամայ ընտրեց նա թողուլ քաղցր հայրենիք՝ գաղթական երթալ, կամովին ձգել զինքն Պարսկական հին կրակին մէջ, որ երբեմն մեր աշխարհ եւ մեր նախնիքներ վառեր ու մոխիր դարձար։

Բարդուղիմէ, Բա՛րդուղիմէ, Հայոց նախկին լոյս ու լուսաւորիչ, ո՞ւր ես. տարա՜ն, տարա՜ն քո փոքրիկ հօտն ու ժողովուրդ, որ քո հովանեաց տակ եւ գերեզմանիդ շուրջ կը բնակէր։ Կողոպտեցին ու քանդեցին հազարամեայ հնաշէն վանքդ. այդ բաւական չէր, յանդգնեցան պիղծ ձեռքեր փորել ու կրկտել հազար ութ հարիւր տարուան կնքուած տապանդ, այդ յիմար եւ ապիրատ ազդ կարծեց որ գերեզմանդ գանձերով լի է կամ սուրբ ոսկորներդ ոսկի դարձեր են։

Այլ եւս ինչ որ գիտես ու տեսար, պատմէ մեզ, ո՛վ Լուսին, Հայոց աշխարհի ցաւեր եւ աղէտներ մեղմ է մի ծածկեր։ Կ՛ասեն թէ մեր հաւատոյ ոսոխն ու թշնամին... երբ Բագրեւանդայ կոտորածէն յետս կը դառնար, գեղեցիկ կիներ ու կոյսեր ընտրելով առաւ տարաւ իւր բանակին հետ, տարաւ փակեց Խիզանու գաւառին մէջ, ուր այդ չարաշուք գազանին որջն է. ուր ի սկզբանէ անտի սովորած էր միշտ Աւետարանի հօտէն հանել ու խառնել իւր ցունդերուն հետ։

Լէնկթիմոորի գերեզմանի որդերէն ծնած ո՛վ չարաճճի սողուն, կրծելով կրծեցիր Հայու միսն ու ոսկոր, օձանման սողալով մտար Հայոց դրախտը, ամէն ծաղիկներ եւ կանաչ բոյսեր պղծելով ապականեցիր, չարչարեցիր Աստուծոյ խոնարհ ժողովուրդ, եւ ասացիր դու ինքնին թէ՝ ոչ կը տեսնայ եւ ոչ ի միտ կառնու Յակովբայ եւ Գրիգորի պաշտեալ Աստուած։

Իմացի՛ր, իմացի՛ր, ո՛վ անմիտ եւ անզգամ, թէ արդար դատաւորն Աստուած իւր ծառաներուն վրէժխնդիր է, եւ նռդա անպարտ արիւն պիտի խնդրէ քու ձեռքէն. կը մեռնիս եւ ի դժոխս կիջնաս, նոյն գերեզմանի որդունք՝ յորմէ ծնար դու, եւ զքեզ պիտի ուտեն ու կրծեն. պիտի փշրին սրաժանի ատամունքներդ, զորս կը կրճտէր հաւատացեալ ծառաներուն վերայ։

Ո՛հ, Հայո՜ց աշխարհ, ո՜հ, աղէտներդ անբաւ անկշիռ են, զորս կրեցիր դու այս նոր Լէնկթիմուրի ձեռքէն։ Ես ուշամոռաց եզայ եւ չգիտեմ թէ զո՞րն ողբամ։ Քանդուած գեղե՞րդ ողբամք վարատեալ ժողովո՞ւրդ ողբամ, ի սար եւ ի ձոր թափառական ընտանիքնե՞րդ ողբամ, հայրենիքէն վարեալ գաղթական որդիքներդ ողբամ, յափշտակեալ կիներդ եւ կոյսերդ ողբամ, քանդուած վանքերդ եւ պղծեալ տաճարներդ ողբամ, անհաց, անապրուստ, անճարակ ու թշուառ կեանքդ ողբամ, վաստակաւոր մշակնե՞րդ ողբամ, որ բարդ ի բարդ հնձուեցան ու որայի նման փռուեցան արտերուդ մէջ, որոց արեան ցնցուղներ ցայտեցին եւ կարմիր ներկուեցան ցորենի հասկեր եւ հատիկներ։

Պահ մի կերէ՛ք այդ արիւնոտ հաց ու յագեցէք դուք՝ որ երկրագործ ժողովուրդը կոտորեցիք, վաստակաւոր եզնամոլներ մորթեցիք, հողագործին խոփն ու հարօր եւ սայլեր ջախջախեցիք, ոչխարաց հօտերը լեռներէն աւարեցիք, կաթնացար տանտիկինները կամ մեռուցիք կամ փախուցիք. ինչ որ արդիւնաբեր էր երկրին եւ տէրութեան շահ, ինչ որ ձեր անշահ եւ անվաստակ կեանքին առատ հացն ու սեղանն էր, դուք զայն ամէն ինչ ձեր ձեռքով կործանեցիք. կարծեցիք թէ ուրիշներու կեանքը կսպաննէք ու դին կեանքն եւ ոյժը ջլատեցիք. նոքա որ մեռան, հողն իրենց հանգիստ կսպառէք, բայց դուք ինքնին անձնասպան եղաք ու չիմացաք։

Տեսցուք այսուհետեւ թէ ուստի՞ պիտի յագենաք, երբ մշակ ժողովուրդին կեանքն եւ ոյժը ջլատեցիք. նոքա որ մեռան, հողն իրենց հանգիստ գտան ու ազատուեցան տառապանքէն. o՛ն եւ օ՛ն արասցէ Աստուած՝ եթէ դուք առանց հողի եւ մշակի՝ ողջ մնաք երկրիս վերայ։

Ո՛չ միայն կշտապինդ կերաք, այլ եւ խեղճ գեղացւոյն կեանքը անխղճապէս կողոպտեցիք, ոչ ինչ չթողիք. թէ շտեմարանին մէջ մի գոռ ցորեան կար, թէ իւղամանին մէջ մի կշիռ իւղք թէ մառանին մէջ փոքր ինչ պաշար՝ որ իւր տղոց բաժին ու հոգեպահիկն էր, զայն ամէն հանիք թափեցիք ի դուրս աղբիւսներու մէջ խառնեցիք, որպէս զի գիւղացի ընտանիք սովալլուկ մեռնին. բայց միթէ դուք պիտի մնաք ու ապրի՞ք, ժա՛նտ խորամանկներ։

Ո՜հ, որչա՜փ իղձ կը լինիմ ես, եւ ո՞տար ինձ, Հայո՜ց աշխարհ, որ ողբերուս հետ սփոփանք խառնելով զքեզ մխիթարէի եւ սրբէի լացող ժողովուրդիդ գետահոս արտասուքը, զոր թափեց նա իւր արեան հետ։ Բայց ես էլ կը վարանիմ Մարգարէին պէս եւ կը գոչեմ, «Ո՞վ մխիթարեսցէ զքեզ, դուստր Սիօնի, զի ծանրացաւ բաժակ բեկման քո»։

Այո՛, կարի յոյժ դառնացաւ քո բաժակ, Հայո՛ց աշխարհ. չգիտեմ թէ ո՞րպէս յուսադիր լինիմ ու մխիթարեմ զքեզ. զի ես էլ քո տարաբախտ որդիներէն անմխիթար մի զաւակն եմ, որ բախտն ինձ միշտ լալ վիճակեց ու երրէք չխնդացի։ Եւ ի՞նչպէս խնդայ քո հէք ողբերուն, երբ քո կեանք՝ ողբոց ու ցաւոց աչխարան է։

Այլ մխիթարեաց, մխիթարեա՛ց, Մա՜յր Հայաստան, զի դու սովորած ես ցաւեր ու վիշտեր կրել. հազար անզամ մահաբեր երկունքներ զքեզ ըմբռնեցին եւ դու հանդուրժելով անցուցիր երկունքներդ զքեզ ողջ մնացիր։ Հազար բիւր աղէտներ տեսար, միշտ որդիքներդ զրկէդ վարատեցան, բայց դու երբէք չվհատեցար, զի ոգիդ պողպատի նման պինդ եւ աննկուն է։ Հազար անգամ գերեզմանին դուռը հասար, թշնամիներդ տեսան՝ ծափ զարկին, թէ վա՜շ, մեռաւ Մայր Հայաստան, եւ դու անդրէն Ղազարոսի նման վերածնար զերեզմանէն։

Միթէ մարդոյն կամ օտարին ձեռք կարո՞ղ է զքեզ մեռուցանել, երբ դու ինքնասպան չը լինիս, եւ երբ յոյսդ անմահութեամբ լի է։ Թէ խորամանկութիւն կը ճգնի որդիքներդ ընկճել, որչափ հնար է՝ հարստահարել ու վարատել, որպէս զի դու անբարգաւաճ մնաս, անճետ սպառիս, կամ այդ վերահաս թշուառութեանդ մէջ բոլորովին չքաւորիս, նկուն դառնաս ոգիդ ստրկանայ եւ երրէք ազատութիւն չմտաբերես։

Թէ աշխարհիս խորամանկութիւն քեզ համար այսպիսի դաւ կը նիւթէք դու եւս փորձառութեամբ ուսի՜ր, խորագէ՜տ եղիր, այնպէ՜ս անցիր դաւերէն՝ որն զքեզ չտեսնայ դարանամուտն, յուշի՜կ անցիր գնա՜ յառաջդիմութեանդ մէջ. մի գոչեր, մի՜ աղաղակեր, թէ կը խօսիս, թէ կը գործես, լռին եւ անձայն եղիր։

Մի՛ վհատիր, ժողովուրդ, թէ զքեզ չարչարելով խոնարհ արարին, ոտքիդ առաջ որոգայթներ լարեցին, դու հաւատ ունիս, Աւետարան ունիս, խաչակրութիւն ուխտեր ես, Լոխի՛ր, անցի՛ր այդ Բաբիլօնի կրակը, թող տեսնան ու զարմանան աշխարհի որդիքներ։

Այս աշխարհ եւ աշխարհիս գահեր՝ ամէն գայթակղութիւն եւ որոգայթներ ունին, խեղճ եւ ստրուկ ժողովուրդներ բռնաբարուած են եւ կը գոչեն ազատութի՜ւն, ազատութի՜ւն։ Այլ ոչինչ ճար չունին, դորա միակ ազատութեան ճարճ լոյս եւ կրթութիւնն է, դու զայն երբ ի ձեռս բերես, այն օր է միայն քո ազատութեան տօնահանդէս։

Ո՜վ Բագրեւանդայ դժբախտ որդիներ, վայրագ խուժան ըզձեզ կոտորեց, վատ եւ ապիկար Քիւրտն ժողովեց տարաւ զձեզ ի սպանդանոց, դանակը առաւ եւ միահամուռ մորթեց զձեզ, կացինով ձեր ոսկորներ ջարդեց, դուք անխօս՝ անմռունչ՝ անշարժ մնացիք, որպէս ոչխար՝ իւր կտրւին առաջ։

Անխնայ մորթուեցաք, այլ եւս պիտի մորթուիք. այս աշխարհիս օրէնք, կարգ ու խղճմտանք այսպէս է. մարդիկ՝ որ տէր են եւ կիշխեն անասնոց, ոչխարի նման՝ մարդիկներէն պիտի մորթուին, երբ շունին խեթկիչ եղջիւր, որ ցուլի նման ոգորին իրենց կտրիչներուն դէմ։

Յո՜ւշ, յո՜ւշ, ո՛վ կոտորուած դառներ, ո՞վ Հայոց ողջ ու մնացորդ որդիներ, դեռ պիտի կոտորուիք, դեռ պիտի մորթուիք այդ չքոտի Քիւրտերէն, քանի որ անզէն, անեղջիւր, անասպար կապրիք. դուք մարդ էք, ձեռք եւ բազուկ ունիք, միթէ անզգացած մեռե՞ր է ձեր սրտմտութեան ոգին, միթէ կը հաւատա՞ք որ իշխանութեան աչքը հասնի մինչեւ Հայոց ամայի լեռներ ու դաշտեր եւ ձեզ պահապան լինի։

Ես գիտեմ ու կը տեսնամ զքեզ, որ իբրեւ մի անյարիր անդամալոյծ՝ Պրովպատիկէ աւազանին շուրջն ինկած, անոք, անօգնական մնացեք ես. ո՜հ, հիւանդութեանդ շրջանը չէ թէ երեսուն եւ ութ ամ է, այլ չորեքհ արիւր ամ, անդամներդ ամէն բեկբեկուած, ոտքէդ մինչեւ ի գլուխդ վէրքերով լցուած, մարդ չի հաւատար թէ դու այլ եւս կողջանաս ու կը շրջիս աշխարհիս վերայ. ոգիդ կենդանի է ու կը տրոփայ, շունչ մի ունիս, որ շարունակ կաղաղակես ու կը պաղատիս, Տէր, ես անոք եմ եւ չունիմ ինձ օգնական, որ զիս ազատութեան աւազանին մէջ ձգէ եւ ես բժշկուիմ այս չարախտ եւ չարաշուք ստրկութենէն։

Գոչէ՛, գոչէ՛, ո՜վ անճարակ հիւանդ, քո օգնական՝ Տէրն է. աշխարհիս վերայ քեզ ոչ ոք օգնական չկայ։ Դու Պուլկար չես, որ Օրթոտօքս եկեղեցւոյ Ձարը քեզ զօրավիգ հասնի. Կաթոլիկ չես, որ Հռովմ կամ Ֆրանսան զքեզ պաշտպանէ. Բողոքական չես, որ սուրբերու բարեխօսութիւն թողուս եւ Ովկիանու Թագուհին քեզ բարեխօս բռնես, որ թերեւս գթայ եւ դարման տանի. զի դու Հայաստանն այց Եկեղեցւոյ ազատ զաւակն ես, իբրեւ անծանօթ մոռացեալ երկը ի մէջ կը բնակիս. սորա՞ համար արդեօք մարդոց սրտէն ու մարդասիրութենէն մոռցուած ես դու։

Մատի՛ր, ո՛վ Յիսուս, մատի՛ր, հիւանդ եւ անկեալ Հայուն օգնական չկայ աշխարհիս վերայ, մատի՛ր, ձե՞ռն տուր այդ հինօրեայ անդամալոյծին, բազմապատիկ ցաւոց ու վիրաց վերայ այլ եւս անհնարին ցաւս ու վարս յաւելին այժմիկ։ Ասա՜, ո՛վ ազատարար բժիշկ եւ փրկիչ, թէ արի՛, ա՛ռ զմահիճս քո եւ երթ յազատութիւն։

Ո՞վ դու մաշած եւ հիւծած հիւանդ, թէ յիրաւի բժշկութիւն կը ժտես, թէ ստոյգ ազատութեան կը ցանկաս, օ՛ն ուրեմն, փոքր ինչ խլրտի՜ր մահճիդ մէջէն. ինքնաշարժ եղիր. ահաւասիկ Աստուծոյ մատն ու հրեշտակ աշխարհիս յեղափոխութեան աւազանին ջուրերը կը յուղեն. ով որ զինքն վաղ ձգէ նորա մէջ, նա միայն իւր ցաւերէն ազատ կը լինի:

Թէ չգիտես, ես՝ իբրեւ դաս՝ խօսիմ քեզ, որ դու խելամտիս թէ քանի՞ թանգ է ազատութեան գին. աշխարհիս Փրկիչ զայն իւր խաչով եւ արիւնով գնեց. նոյնգունակ մեր նախնի քաջեր Եկեղեցւոյ եւ Հայրենեաց ազատութիւն մահով եւ արիւնով գնեցին։ Միթէ դու ցանկալի ազատութիւն առանց զոհի եւ արեան ձրի՞ ստանալ կուզես։

Թո՜ղ, թո՜ղ որ դարձեալ ողբամ զքեզ, Հայոց աշխարհ եւ ժողովուրդ. մինչ աշխարհիս ջրայուղման եւ արեան ալիքներուն մէջ այլ եւ այլ ազգեր կը լողան ազատութեան նաւահանգիստ գտնել, դու ալեաց ելեւէջներու մէջ կը տատանիս. գիշերալոյս փարոսներ չունիս, նաւահանգիստ, նաւահանգիստ, կ՛որոնես եւ չես գտներ։ Այդ յատնի է, թէ դու անարուեստ ես, լողալ չգիտես։

Թո՜ղ ուրեմն այժմիկ ազատութիւն, միայն խաղաղութիւն խնդրէ. դեռ քեզ համար ուսումն եւ կրթութիւն պէտք են, եւ դու այդ քո տատանման մէջ Պետրոսի նման ձեռքերդ Յիսուսի կարկառէ եւ ասա, Տէ՜ր, քո ձեռն տուր զիս փրկէ. եթէ թողուս ու չփրկես, Տէ՜ր, ես կը կորնչիմ աւասիկ:

Յուշ կառնեմ քեզ, Տէր, մինչ մի նուագ Տիբերական ծով կալեկոծէր, դու ՛ի խելս նաւուն անխռով կը ննջէիր, ձայն տուին քեզ աշակերտներդ, զարթի՞ր ասացին, Տէր, զարթի՛ր, զի կորնչիմք աւասիկ։

Ո՜վ դու անքուն պահապան աշխարհի, որպէս թէ չէիր գիտեր եւ չէիր լսել ծովալիքներուն ձայն, ելար յանդիմանեցիր նոցա թերահաւատութիւն, մռնչող ծով լսեց քո ձայն ու հանդարտեցաւ եւ դարձալ ՛ի խոր խաղաղութիւն։

Միթէ եւ այժմ կը ննջե՞ս դու երկնից գահուդ վերայ, եւ երկիր՝ որ ոտքիդ պատուանդան է, կը սասանի ու կերերայի պատերազմի դաշտերէն Կրուբի ահեղ թնդանօթներ կորոտան հրալից գնդակներ կը թափեն, մի խուն վայրկենի մէջ մողովուրդի կայտառ դաւակներ բարդ ի բարդ որայի նման մահուան ագարակներու մէջ կը թոթափեն, եւ դու չես տեսներ եւ չես իմանար:

Հայեաց եւ տես, ով Տէր, թէ ի՞նչպէս Սպիտակ եւ Սեւ ծովերու կատաղի կոհակներ զիրար կը բաղխեն, հիւսիս եւ հարաւ հակառակ հողմերով փոթորիկներ կը հանեն, երկուստեք սեւ սեւ ամպեր կ՛որոտան, բարկճայթ կարկուտներ կը թափին, աշխարհիս մարդկութեան ծառերն ու ծառաստաններն ջարդուելով լեհուելով տապալեցան ՛ի գետին։

Երբ այս ծովեր կը խռովին ու ցամաքն եւս արեան աչքներով կը ծփայ, ի՞նչ կը խորհի եւ կը գործէ Խաղական Ովկիանոս,— ներքուստ միայն կը մռնչէ նա եւ ուրիշ ոչինչ։ Իւր խուլ եւ անորոշ ձայնէն միայն այս կը լսեմքէ որ կասէ, գնացէք, կռուեցէք, ինձ ոչինչ է փոյթ, միայն թէ հեռո՜ւ հեռո՜ւ, իմ շահուս մի՛ դպիք, ապա թէ ոչ եւ ես կը յուզուիմ։

Ո՛վկիանէ, Ո՛վկիանէ, որ կր պարծիս թէ ամէն ծովերէն մեծ եւ հարուստ եմ, որ կը քարոզես թէ մարդասէր եմ, խաղաղութիւն կը սիրեմ, Աւետարան կը սիրեմ, եւ յաճախ կը կարդաս Յիսուսի այս բան «Երանի՜ խաղաղաց արաց, զի նոքա որդիք Աստուծոյ կոչեսցին.»։

Երկնից աչք կը տեսնայ, գիտէ եւ կը քննէ քո խոր երիկամունք, իսկ աշխարհի առաջ չքմեղս լինելով ստէպ ստէպ յայտարարեցիր, թէ տքնեցայ ու ջանացի որ խաղաղութիւն հաստատեմ, բայց ընդունայն համարեցաւ իմ ջանք, ձեռքս լուացի եւ ասացի թէ քաւեալ եմ ես այդ պատերազմի արենէն, եւ դու սառն աչքով կը դիտես այստի այժմ արեան դաշտին վերայ։

Ո՛վ դահերու դատաւոր Աստուած, կը տեսնաս դու, Արեւելեան խնդիր մի կայ աշխարհիս վերայ, որ Գորդեան հանգոյց դարձեր է, այս քանի՞ ամ է, որ այդ խնդիրը աշխարհները կը խռովէ, ժողովրդոց խաղաղաւթիւնր կը բառնայ. Եւրոպիոյ գահերն ու դիւանագէտք չկամեցան կամ չկարացին լուծել զայն, զոր հին դիւցազն Աղէքսանդր մի հարուածով ընդ մէջ կտրելով լուծեց այդ հանդոյցը։

Իսկ նորն ասաց, ի բա՜ց կացէք, ձեռնամուխ մի՜ լինիք, այդ խնդիրն իմ բաժին եւ իրաւունքն է, թողէք ես միայնակ կը լուծեմ զայն։ Զարնելով զարնելով բազուկներ պարտասեցան. կասեն թէ սուրն եւս բթացաւ, եւ հանգոյցը դեռ անլուծանելի մնաց։

Ո՛վ դժոխային կնճիռ, որ մարդկանց արիւնով կը մածանիս եւ քա՛նի երթաս՝ կը կնճռիս, թշուառ ժողովուրդներ որչա՜փ զոհեր տուին եւ որչա՜փ արիւն թափեցին քեզ համար։ Թէ լուծուիս՝ Պուլկարիոյ արեան գին ազատութիւն կը խոստանաս. այլ կը մոռնաս ու բնաւ չես յիշեր Հայոց անպարտ արիւն եւ իւր տուած անհուն զոհեր։

Ո՛վ Երկնից արդարութիւն, մարդկանց փրկութիւն ընդունայն է. սուրդ երկայնմտութեան պատենէն հա՛ն, դու մի անգամ հա՛ր եւ լուծէ՛ այս յաւիտենական հանգոյցը, որ աշխարհիս վերայ գայթակղութիւն մի դարձեր է. վա՜յ նոցա՝ որոց ձեռքով այս աշխարհաքանդ գայթակղութիւն կու գայ։

Դու կը տեսնաս, երբ գահեր կռիւ ուզեն՝ Արեւելեան խնդիր կը յուղեն՝ եւ երբ աշխարհակալել կամին՝ դարձեալ Արեւելեան խնդիր կը հանեն։ Մինչեւ յե՞րբ գահեր թողուն մարդկութեան վայելուչ խօսք, խորհուրդ եւ ուխտ, սրով եւ արիւնով խօսին. մինչեւ յե՞րբ զօրաւորներ կռուին՝ տկար եւ անզօր ազգեր ոտքի տակ ճմլուին, պատերազմի արշաւանքներու առաջ խեղճ ժողովուրդ աշխարհաքանդ ու տնաքանդ լինի։

Նեղեալք տառապեալ, զրկեալ, հարստահարեալ, կոտորեալ, վարատեալ, չքաւորեալ եւ յուսահատեալ ժողովուրդ ճնշող երկաթին տակ կը հեծէ, կաղաղակէ եւ կօրհնէ քո անուն, ո՛վ Տէր, տո՛ւր մեզ քո մշտնջենաւոր խաղաղութիւն։

Ասա՛ թող հանդարտին խռովեալ ծովեր. ասա թող կտրին Կրուբի թնդանոթի ձայներ. ասա՛ գահերուն թող սուրերն ի պատեան դնեն։ Ես գիտեմ, նոքա ո՜չ կը կարդան եւ ո՛չ քո բան ի միտ կառնուն, թէ «Որ սուր առնու, սրով անկանիցի»։

Տէ՜ր, դու գիտէիր կանխաւ, որ աշխարհ եւ գահերն զմեզ կը չարչարեն. սորա համար ասացիր որ աղօթենք եւ միայն քո արքայութիւն խնդրենք։ Մարդիկ անգիտանալով՝ Սաւո՜ւղ, Սաւո՜ւղ կը խնդրեն։

Այլ քո ճշմարիտ հաւատացեալներ պէտք է յամենայն ժամ այս խնդրեն. Եկեսցէ արքայութիւն քո, որ է ճշմարիտ խաղաղութիւն, սէր եւ հաւասար եղբայրութիւն, եւ քո բարի կամքն այն է որ մարդիկ այս պայմանով ապրին աշխարհիս վերայ։