Հէպէթ գէշ պան չէ՛ տուն, տեղ, ընտանիք,
Օղլուշախի մէչ կեանք երանելի.
Շատ աղէկ սօյեր, ուսումով վօրթիք,
Ամա ստակը վօր կայ` վեր է աւելի։

Գէշ պան չէ՛ ան ալ, եփ սան ու ման
Ունիս հալխին մէչ մեծ ու կովելի,
Մեծ, պստիկ քեզի եփ պատիւ կուտան,
Ամա ստակը վօր կայ` վեր է աւելի։

Գէշ պան չէ եփօր ունիս տուն ուսում,
Քաղաքներ քալիլ իս երեվելի,
Օրըտ մաշիլ իս, էղիլ իս կիտուն,
Ամա ստակը վօր կայ՝ վեր է աելի։

Ան ալ գէշ պան չէ՛, եփ խելքով, միտքով
Պան հնճարիլ իս խիստ զարմանալի,
Աշխարք իլինք է անունիտ կօվքով,
Ամա ստակը վօր կայ` վեր է աւելի։

Ան ալ գէշ պան չէ՛, եփ ուխտ արիլ իս
Տուն կեանք վարելու սուրփ, երանելի,
Խօրթ է, դրախտը տուն ժառանգիլ իս,
Ամա ստակը վօր կայ` վեր է աւելի։

Չիմ կրնալ քեզի պախտաւոր չասելու,
Վօր կրցիլ իս շատ ստակ թօփ անելու։