Մութ ճամբան

Մատթեոս Զարիֆյան

Հիւանդին սրինգը

Գըլուխըս իր ծունկին վըրայ՝
Կը մը'տմըտամ.
Սըրինգ մ'հեռուն կը հեկեկայ
Ցաւ մը տարտամ...

«Հիւա՜նդն է, չէ՞»
Կը հարցընէ, շըրթունքն այտիս.
«Շա՜տ կը տանջէ,
Այս իրիկուն, ան իմ հոգիս...

Շըրթունքն այտիս՝ կը լըռէ նա.
Ես կը խոկամ.
Յանկարծ արցունք միրմէ կ'իյնա.
Կը հեկեկա՜մ...