Հոգիդ
Հոգիդ
Պզտի՛կ աղջիկ, հոգիիդ ցուցուցիր դէմքն ինձ այսօր՝
Զոր ես չէի տակաւին աչքերուդ մէջ կարդացած
Ինչ հաճոյք էր թափանցել յանկարծ մութին մէջ անոր
Եւ զայն գտնել այնքան քաջ, ու վեհազզած, ու գըթած։
Հոգի՛դ, այո՛, աչքերուդ եւ հասակիդ արժանի,
Այնքա՛ն մատաղ ու այնքան արդէն հարուստ ու հասուն,
Գարնանաբույր քու հոգիդ մարմինիդ մէջ ծաղկատի,
Զոր շնչեցի հըմայուած՝ ինչպէս հոգին վարդերուն....
Բառով մը դուն ցուցուցիր հոգիիդ դէ՛մքը ինծի,
Պզտի՛կ աղջիկ, եւ այդ բառն ես սրտիս մէջ պահեցի
Եւ զայն յիշեմ պիտի միշտ՝ երբ դուն մոռցած ըլլաս զիս․․․։
Գիտե՞ս, թէ ինչ կ'ուզեմ արդ․․․ օ՛հ, ո՛չ թե զիս յիշէիր,
Այլ թէ որքան ալ մեծնաս ու տառապիս ու հրճուիս,
Յիշե՛ս հոգիդ այսօրուան եւ փափկութիւնն եւ ուժն իր։
1912