ՁՈՆ


Քեզի՛, ով Եւա սիրոյ եւ անձնուիրութեան,
Քեզի՝ որ անապական ներշնչողն եղար այս տաղերուն
Քեզի՝ որ գորովի ծիրանեայ պատմուճանովը ծածկեցիր զիս,
Քեզի՝ որ ամէնէն աւելի սիրեցիր ու պահպանեցիր զիս այն օրերուն, երբ հալածանքի ուրուրը կը վազէր ետեւէս,
Քեզի՝ որ տանջահարող քմահաճոյքներուդ, կարճ քէներուդ ու պզտիկ չարութիւններուդ մէջէն ա՛լ աւելի ցանկալի երեւցար ինծի,
Քեզի՝ որ փխրուն սրտովդ խրախուսեցիր զիս՝ երբ յուսաբեկ էի, որ հրճուեցուցիր զիս՝ երբ վշտահար էի, որ տաղանդիդ ցոլքերովը պարտականութեան ճամբան մատնացոյց ըրիր, որ մարդերու խորունկ ճանաչողութեամդ ինծի սորվեցուցիր արհամարհել փոքրոգի գձձութիւնները,
Քեզի կը ձօնեմ այս երգերը, որպէսզի յաւէրժանար այն արի ու սիրազեղ կինը որ կայ քու մէջդ։

Բարիզ, 1908