Ա

Տարին անգամ մը կարճ երկայն ճամբորդութիւն մը կ’ունենանք, խելքերնիս ո՛ր դի որ հակի. պահք պահողներ Զատիկին կը սպասեն աչուընին ճերմկած, ըղձակաթ. մենք մանուկ արածողներս ալ Յունիսի վերջերուն կամ առաջին օրերուն կը հայինք։

***

Ուրբաթ օր կը փակենք վարժարանը, Շաբաթ կէս օրին ճամբայ կ’իյնանք դէպի Բալու. ես առաջ մտադրած էի Չնքուշի վանքն երթալ, ուր առաջին ուսուցչութեան օրերս անցեր են Մինաս Վարդապետի սխալմամբ բացած գիշերօթիկին մէջ, Չնքուշէն Ջերմուկ, Բարձրահայեաց Վանքը, անկէ ալ Մատէն ու բոլորակ գծով Խարբերդ դառնալ. սակայն քանի մը ծանօթներու ստիպումներ զիս ալ իրենց հետ Բալու տանելու համար, քայքայեցին որոշումս. երթա՛նք, երթա՛նք։ Փոքրիկ կարաւան մը կազմած ենք. արեւը սաստիկ տաք կ’ընէ, այս տարուան արեւը մի՛ պատմէք, Ռէօմիւր ու Ֆարենհայթ ճաթեցնելու աստիճան կրակ կը տեղայ, գիշերը պարզ կապոյտ, ցերեկը ամպգոլ ու հեղձուկ, յստակ հորիզոն չերեւիր, լեռներու ծայրը մշուշ եւ փոշի իրար խառնուած՝ անորոշ՝ ջերմիկ սեւադիմի ամպերու հետ չարագուշակ բանակցութեան մէջ կը հաւտաս։ Մանկութեան օրերուս մէջ մօրս պատմածները միտքս կ’իյնան, «ցաւոտ տարիներու մէջ լեռներն յստակ չեն երեւար. հաւերուն ցաւ կ’իյնայ, կը սատկին եւն». եւ կը խորհիս ակամայ, ա՞յդ էր որ քաղաքի փողոցները այս տարի ամէն քայլափոխի չորցած հաւեր տրորեցինք, որ վերջապէս անցած շաբաթներու անձրեւներն իջան մաքրեցին։

Կէս օրն անցած է, աղուէսի շողին ատենը. մինչեւ կոկորդ, անկէ ալ վար չորցած կաշիի խշրտուք կը զգանք, ճանապարհի աղբիւրներն ալ ցամքած են։

Հապա հետերնիս եղող սա մետաղաձոյլ ճժիկնե՞րը, կը խածնին, կը խորվին, ձէնիկ չեն հաներ. ասոնց համար արգահատելին շատ հեղ ա՛յն կ’ըլլայ որ՝ ջորիներու կողերուն սնտկաձեւ գերեզմանոցիկներու մէջ թխկուած՝ երբ կ’ընկճին ու քուն կ’ըլլան որրանի մը ներդաշնակ երերումէն, բոժոժներու միանուագ զընկզընկոցէն ու տապէն մանաւանդ, մէկն իր քիթը, միւսն իր գլուխը բաթ, ջաթ տախտակներուն զարնելով՝ խոշոր, խռպոտ ձայն մըն է կը թողուն։

Մթնշղեր է այլ եւս, բայց մինչեւ արեւը խօսք կը հասկնայ, մեր ալ բանը կը բուսնի ստուգիւ. ահա Մասթառի բոպիկ սուրբը, Աբդլ-Մսեհ, ութ ժամ ճամբայ կտրելով ուր ուրեմն կ’արժանանանք երեսին ու տեսքին։ Բալու գնացողներու կայանն այս վանքն է ընդհանրապէս Խօնախալմազի խանէն առաջ։ Երեք տարի առաջ անգամ մըն ալ տեսած էի Աբդլ-Մսեհ, այն ատեն կը յիշեմ թէ՝ գրած եմ ուղեւորի կամ ուխտաւորի տպաւորութիւններս։

Վաղը Կիրակի կը լուսնայ։ Աբդլ-Մսեհի վանքը, Մասթառի ոտքերուն վրայ պիտի գիշերենք։

***

Մինչեւ կէս օր վանք կը մնանք, ոչ ոք կայ ըսող թէ շուտ կը բաժնուիք, մենք մեր տրամադրութեան թողուած ենք. թէ սակայն ամիսներով ալ առնենք, նստինք, դարձեալ ոչ ոք կայ դիմացնիս որ թթուած երեսով մեզ ճամբու դնէ. վանահայրը շատոնց մեռած է, անոր քահանայ եղբայրն ալ մեռած, ու այդ մահերէն յետոյ մեռնելու կարգը վանքին թողուած է։ Զարդարիճցի երկու աշխարհական եղբայրներ իրենց տուարներովն ու կնիկներովը յաջորդ ձգուած են վարդապետին որ հռչակաւոր գինով մըն էր, քահանային որ անխիղճ աւազակի մը համբաւով վերցուեցաւ։

Պարտէզը անգամ մըն ալ աչքէ կ’անցնենք, կիսաւարտ մատուռն ու մէկ երկու սենեակներ անգամ մըն ալ մանր մունր կը տեսնենք, ծառ ճիւղ ուզողը ուզած տեղէն կտրեր տարեր է, կայ որ դեռ կտրուած գետին կը մնայ, այն եւս վերցնելու համար չորնալուն կը սպասեն։ Յիմար կ’ըլլայ մարդ եթէ փորձէ խորհիլ թէ՝ վանքի մէջ կը գտնուի։ Ջախջախուած խորանի մը կմախքը հոն պատին տակ կը մնայ տակաւին, ուր տեսանք երեք տարի առաջ, ձեռք դպած չերեւիր անոր. այն պատճառաւ որ՝ շուներն անգամ փտտած ոսկորներէ չեն ախորժիր։ Ճաշոց գրքի մը անդամալոյծ մէկ կողքէն ճերմակ թերթ մը վեր կ’առնենք, շաբաթաթերթ «Մասիս»ի այն մէկ նշանաւոր էջն է, զոր վանահայրը մոռցած է կրակարանին փակցանք ընել եւ որուն խորագիրը կը կարդանք Զոհրապի Անհետացած Սերունդը. այդ թերթին անակնկալը մեր վրայ այն տպաւորութիւնն ըրաւ, ինչ տպաւորութիւն որ կ’ունենայ մարդ, երբ գերեզմանոցի մէջ՝ ոտքը մարդկային գանկոսկրի կը հանդիպի։

Կարապետ Վարդապետ «Մասիս»ի բաժանորդ գրուած էր այն ատեն մեր խաթերն համար, կամ աւելի ճիշտը իր իսկ անձին խաթերն համար, որ ապահովութիւն կ’ունենար թէ՝ «Մասիս» մ’առնելով կեանքն իր փորձութիւններով ապահովագրական Պրիթիշի հովանաւորութեան յանձնած կը լինի, մեր շատ մը գաւառային անձկամիտ աբեղաներուն պէս. մենք ալ իր խաթերն համար չափ մը ընկոյզ առինք իբր բաժանորդագին՝ դրամի տեղ։

Երեք տարի առաջ բակին մէջ վանքին սեպհական չորքոտանիներ կ’երեւնային, պղնձեղէն կահ կարասիներու ժխոր կը լսուէր ներսերէն, մաքուր անկողին կար ուխտաւորին համար, բաղարջ մը կ’եփուէր։ Ալ ըսե՞մ այն մեծ խարոյկը, զոր յաւիտենապէս վառ մնալ կը հաւատայինք գեղանի հարսին շունչովը. հարսը կրակ արծարծող, հարսը հիւրերուն ճերմակ ջուր մատակարարող, հարսը որ մէկ խուսափուկ ժպիտով Մասթառի չափ մեծութիւններ կը խոնարհեցնէր։ Հիմա թո՛ղ կրակը, անկողինն ու հացը, իրիկուան մեզի հողէ կանթեղ մը բերին, որուն ցամքած պատրոյգին վրայէն չորս-հինգ հոգի իրարու օգնելով մեծ մեծ հնարքներով կը յաջողէինք կանխել նօսր ու ճգնաժամային լոյսի կայլակ մը, այն եւս ահա կը մարի, մարեցաւ. նորէն կը վառենք, նորէն կը մարի, կը թողունք այդ աղտոտ, անհոգի լոյսը, երկինքէն կը սպասենք։

***

Գէշ բաղդ չէր այդ պարագային տակ որ մեզի ընկեր եղան քանի մը ժամերու համար Ամերիկեանց Աստուածաբանական վարժարանի ուսանողներէն 8-10 հոգի, որ Ծովքէն վանք իջնելով իրենց հացովն ու ջրով՝ մենէ վերջ դեռ քանի մը օր ալ հոն մնալու որոշման մէջ կ’երեւին։ Արձակուրդն ասոնց համար ալ եզական պատեհութիւններէն եղած է, մէկ հովանոցով, զոյգ մը կօշիկով ուզած տեղերնին կրնան արշաւել, մէյմէկ բան ալ եթէ գրպաններուն մէջ կը պահեն, իրենցմէ երջանիկը չկայ ստուգիւ, ու կը մտածես թէ՝ այդչափ փափկանկատութիւն ալ ի հարկէ միսիօնարը կրցած է խորհիլ. ընկերն անձին պէս հայիլ Յիսուսի Քրիստոսի խօսքն է, երբ իրենցմէ մէկը ժամ մը տեղ կը ճամբորդէ, խոհարարը, սպասաւորը, մահճակալը շատ առաջ կը ղրկուին, առանց ցուպի, առանց մախաղի հոս եւ հոն յածելու չարքաշ կեանքը Հնդիկ բարիային կեանքն է հիմակ, գոնէ իրենք այնպէս ըմբռնել կուտան։

***

Փրոտը Հայ վանքն ինչո՞ւ երեւնայ, աս չէ՞ր հետաքրքրականը. հոն միւռոն կայ, պատկեր կայ, մասունքներ կան, աւուր մէկը փրոտին միակ հոգի լլկող խոստովանանքն էր թէ՝ այդ վանքին այդ եկեղեցիին մէջ կօշիկ մաշեցնելը կամ ո՛րեւէ պատճառով այդ տեղերն երեւնալը ծանր դատապարտութիւն կը բերէ քրիստոնեայ եղողին. ի՜նչ կը քաշէին սուրբերն այն ատեն. ի՞նչ փոփոխութիւն 25-30 տարուան շրջանի մը մէջ, ուր մգլոտ գաղափարներ անհունապէս տեղի տուած են ներող ոգիին. մեզի պէս իրենք ալ հիմա վիճակին մէջ են գորով տածելու այն ամէն բաներուն որ տոհմային են։

Գրաբառ շարականի հակակրութիւնը անսահման հիացումի փոխուած է, Սահակ եւ Ներսէս՝ եկեղեցիին ներշնչւող սուրբերն այլեւս, գրագէտ եպիսկոպոսը, կրօնագէտ վարդապետը այժմեայ Հայ Բողոքականին, մանաւանդ այժմեայ նորերուն խօսակցութեան սիրելի նիւթերն եղած են։ Եւ մինչ այս փոփոխութիւնը որոշ կը տեսնես Բողոքական Հայոց այն մասին վրայ որ միսիօնարի հացն ու ջուրը կը վայելեն, անոնցմէ ուսում եւ դրամ կ’ընդունին ու դարձեալ աչքերնին հին եկեղեցիին գմբէթին ու զանգակատան վրայ սեւեռած կը մնան, անմիջապէս այն ծաղկալի երազներուն մէջ կ’իյնաս թէ՝ արդեօք օր մըն ալ չպիտի՞ վրայ հասնէր, ուր անոնք բոլորը համաձայնէին գալ եւ իրենցինին մէջ գործել. այն ատենն էր որ մենք ալ պատուելի միսիօնարի գործունէութիւնը խունկով մոմով պիտի յիշատակէինք. հիմա բերաննիս կղպակ կը դնենք։

Բ.

***

Մասթառի ստորոտը Իչմէ 200 տունէն աւելի հայաբնակ գիւղ մըն է, քանի մըն ալ թուրք բնակիչներով, որ թէեւ քիչուոր՝ ունին իրենց մզկիթը, ու նաեւ իրենց դպրոցը։ Եկեղեցին՝ ս. Նիկողայոս՝ սիրուն դիրք մը գրաւած է բարձրաւանդակի վրայ. տաճարին ներքեւէն կը հոսի ահագին աղբիւր մը, որ առջեւն եղող 14 ջրաղացքներու քարերուն թռիչք կուտայ։ Այդ ջրաղացները գիւղացի եւ դրսեցի մասնաւորներու սեպհականութիւններ են։

Տէրտէրը սմքտած երեսով, պզտլիկ ու կարմիր մօրուքով, մինչեւ յօնքերը կարմիր մարդ մըն էր. հինա՞ դրած է, ի՛նչ որ ալ ըլլայ, համակրանքէ բան մը հանեցինք բաժին, երբ սկսաւ պատմել որ՝ այն տարուան մէջ հազիւ երկու ամիս բաց մնացած է դպրոցը, միւս ժամանակները Բողոքականաց երկսեռ կրթարանները կը յաճախեն տղայ, աղջիկ. շատ խօսեր, շատ ալ եկեղեցիին մէջ քարոզեր է որ Հայերը խելացի ամփոփումներ ընելով իրենցինին հոգ տանին, բայց ժողովուրդը փոյթ խտիր չի դներ։ Բողոքականաց դպրոցը, որ անշուշտ կազմ ալ կրնայ ըլլալ ամէն կերպով, ուր մանաւանդ անգլիերէնի դասը կայ, գիւղին բոլոր պզտիկներուն սիրելի յաճախավայրն եղած է։

Դաշտին մէջ Հիւսէյնիկ, Խոյլու (Թլկատին), Իչմէ միսիօնարաց երկրորդական Հայ-Սքուլները կը գտնուին, որք կարեւոր կեդրոններ ըլլալով՝ այդ տեղերու ժողովարանաց ու կրթական շէնքերու ծախուց մէկ մեծ մասը իրենք կը մատակարարեն։ Հայոց վարժարանը եկեղեցիին վերօք, որդը խոզակէն փախած բունիկ մըն է խարխուլ, հնոտի, աւելի ճիշտն է չի նմանցնել բանի մը այդ խոռոչը, որ գիւղին բողկի պէս թարմուկ երեխաները ապագայ մարդը դարբնելու իմաստն ունի։

Տ. Հայրը կը խնդրէ որ այս տարուան Խարբերդի մեր ընթացաւարտներէն իրենց դասատու մը ղրկենք, բայց ի՞նչպէս, ո՞վ յանձն կ’առնէ. շատ շատ ասոնք 10-15 ոսկիի վճարում կրնան ընել, որ գացողին վրայ-գլխի ու քաղաք երթալ գալու ծախքն ալ ըսել չէ։ Մէկ-երկու ուշիմ տղայոց քաղաք ղրկելու խօսք կը դառնայ, տղաքներ որ ժամանակ վերջը դառնան տեղերնին ու հոն դիւրամերձ կրթիչներ ըլլան։ Մենք ալ կ’ըմբռնենք թէ իրօք լաւ կերպն այս էր հեռաւոր գիւղերուն, մանաւանդ իրենց ուզած ուսուցիչը պատրաստելու, որի հետ կրնային դիւրուկ համաձայնութեան գալ, սակայն մեր եւս ձայնը հոն բառ չի կրնար շինել, երբ արդէն գիտենք թէ Խարբերդի Կեդրոնական վարժարանը գիշերօթիկ չըլլալով հեռաւոր գիւղացիներու տղաքը շատ անգամ մենք մեր ձեռքովը կը յանձնարարենք ամերիկեաններուն։

Գիւղացիք երկրագործ ու կօշկակար են մեծ մասամբ, մշակելի հողերնին գիւղն ի վար հիւսիսի կողմն ինկած են. այդ պատճառով հողագործ մասը 30-40ի չափ՝ քանի մը տարիներէ ի վեր կիսուեր արտերու գլուխը հաստատուեր են իրենց հաւերով, աքաղաղներով, այնտեղ պզտիկ մատուռ մըն ալ, ահա մեծ գիւղին փոքրիկ ձագը։ Իչմէ ըսուած է այս գիւղին այն աղբիւրին անունով որ պարտէզներէն վար յորդ, հանքային ջուր մը կը ցայտեցնէ լուծիչ յատկութեամբ, որ քոլերայի տարիներու շատ չի յարմարիր թէեւ, բայց այդ ջուրէն զատ Մաստառ չէ խնայած ուրիշ շատ աղբիւրներ ալ, որ աչք նետած կէտիդ վրայ կը խոխոջան, կը կըլկըլան, տաք եղանակին օդը բարեխառն ու քաղցր զովութեան մը մէջ կը պահեն։ Չպիտի՞ հասկցուէր այլեւս թէ արու էգ ի՛նչ աստիճան առողջ մարմիններով գեղեցիկ են։ Քանի մը ժամէն պիտի մեկնէինք թէեւ, բայց սուրբ օր ըլլալով՝ բողոքական երիտասարդէ մը գիշերն իրենց տունն անցընելու սրտով ստիպումներ կ’ըլլան։ Ի՞նչ ըսես, իրաւ է որ մեր գիւղացիներուն երեսէն շատ ազնուութիւն չը քերուիր, նայելով ուրիշ Հայ գիւղերու՝ մերինները շատ վար կը մնան անոնց հիւրասէր կամէութիւններէն, մանաւանդ ճամբու վրայ եղողները, որ Հրէի պէս կը վարուին անցորդին հետ, գիտենք այս ամէնը ու դարձեալ չենք կրնար մերժել։ Այդ իրիկունը մեր սեպհական տուներու հանգիստն ունինք։ Ճոխ կահաւորեալ սենեակներ, մաքուր անկողին, անհատնում սեղան, չտես ջորեպանը ամբողջ շաբաթը մարսելու կուռկուշտ սնունդ կը դնէ ստամոքսը։ Բա՛, Ամերիկայէն դարձող մըն է եղեր այս ազնիւ մարդը, չըրչ, թիքէթ, սայտուօք եւն. բառերը հայերէն բառերուն չափ սահուն գլուածք մը ունին բերնին մէջ։

***

Լուսաբացին նոր արեւով մը դարձեալ ճամբայ ու միշտ արեւելք, բայց արդեօք հնար չէ՞ր պահ մը կանգ առնել ու գիւղային օրսկսուածք մը վայելել։ Գերեզմանի քարն ու տակի հանգչողը միայն անբան կը տեսնես, քնէն ելլողը վազն ի վազ դէպի ժամին դուռը. պառաւ մը ահա, անդին ծերուկ մը, բոկոտն կեղտոտ պզտիկներ, ժամէն վերջ Աստուած գիտէ թէ ո՛ւր կ’երթան ասոնք, ի՛նչ չարքաշ գործերու։

Ճո՛ւ, ճո՛ւ, ճո՛ւ, սա կնիկն ալ չուսդ կ’երեւի, աղուորիկ հարսնուկ մըն է. գոգնոցէն հաւերուն հատիկներ կը ցանէ, որ ամէն դիէ թափ թիռ իր ձայնին հետեւելով՝ անկուշտներն ու շփացածները անոր կուրծքին ու ուսին կը թռչին, խելացիները թա՛ք, թա՛ք կտուցնին գետին մխած կէս փոր անդէն կ’ըլլան. ի՜նչ ալ ճարպիկ է այդ ջըթջըթունը, դեղնուկը, պիտակը, պէշիկը, փամփուշը. հարիւր թեւ կան բոլորը, կարելի է ամէնքն ալ պատմութիւն ունին, ուրուրէն խլուած, կատուի ճանկերէն, շան ժանիքներէն ազատուած։ Դժբաղդ այն սեւերն են այս արարածներուն մէջ, որ եթէ աքաղաղի պէս խօսելու յիմարութիւնն ընեն, հարս թէ պառաւ, իսկոյն փետուրներ կ’անցընեն անոնց կտուցներէն, ու տանիքէն վար կը նետեն. վա՜յ անոնց, որ հաւաբոյնը չուզեցին մտնել, փողոցը փախան, ա՛լ անկէ վերջ քահանան պակաս չըլլար տունէն. տան մեծ մարդը պիտի մեռնի։

Ճնճղուկներն ալ փոշոտ ու թզուկ թուփերու վրայ մեղուի պէս պարս կուտան. շատ պիտի հայիս որ երկուքը երեքը մէկտեղ տեսնես. հողին գոյնէն չեն զանազանուիր. ի՛նչ աշխոյժ, ի՛նչ տենդոտ իրարանցում, պզտիկ կծիկներ որ ոստերուն վրայ կը գլին ու կը գլին, տեղ մըն ալ հաստատ տիտիկ չեն ըներ, սլաքի արագութեամբ ահա նոր ծառ, նոր կռուան, ունելիի մը պէս բաց բութ կտուցներէն անվերջ խըժըլտուք մըն է արձկած օդին մէջ։

Չորս ժամէն գետեզր հասած ենք։ Արածանի արեւմտեան հիւսիսի ուղղութեամբ հեզիկ անմռունչ ընթացք մը կ’ընէ. ջուրը գոնէ վճիտ ըլլար, յատակն ու ալքերը երեւնային։ Դեռ մեզմէ 4-5 օր առաջ երեք եղբայրներ գիւղէն գետանցքէն անցնիլ փորձելով՝ երեքն ալ իր կլափին զոհ առած է։ Անյագ որկրաժէտի մը պէս կաթիլ մը բան աւելի պարտկելու համար չբաւականանար առուակէն ու անձրեւէն, մարդկային աչքերէ ալ աղշոր շիթեր կը քաղէ ու կը քաղէ ու տակաւին չունի կշտանալիք։

(Հայրենիք, Կ. Պոլիս, 1893)