Ճարաճճի տղան
ՉԱՐԱՃՃԻ ՏՂԱՆ
Օր մը մայրը մածղին (մահալլէպի) եփելով, կաթսան կրակին վրայէն վար կ՚առնէ խոհանոցին քովիկը գտնուած մառանը տանելով՝ սեղանի մը վրայ կը դնէ, որպէս զի քիչ մը հանգչի. յետոյ խոհանոց իւր ուրիչ մէկ գործին կը վերադառնայ. Չարաճճի տղան միջոց մը գտնելով կամացուկ մը մառանը կը մտնէ. եւ որովհետեւ շատ կը սիրէր այդ կաթնեղէնը, հոտէն հրապուրուած՝ մէկէն կաթսային կը մօտենայ, պարունակութիւնը լափելու որկրամոլութեամբ, բայց իր հասակը խիստ փոքր ըլլալուն՝ կաթսային բերնին չէր կրնար հասնիլ, ուստի ճարահատեալ կը ծռէ զայն. սակայն անօթը կորսնցնելով իւր հաւասարակշռութիւնը, չարաճճիին գլուխը կ՚անցնի, ինչպէս կը տեսնուի այս երկրորդ պատկերին մէջ, որով մարմինը կէս մը այրելով
սոսկալի ցաւեր կը պատճառէ անոր: Մայրը լսելով տղուն ճիչերն, օգնութեան կը փութայ եւ կ՚ազատէ զայն կաթսային տակէն:
⁂
Արդ սիրուն մանուկներ, պէտք է սիրէք ձեր ծնողքն ու դաստիարակները եւ միշտ հնազանդ ըլլաք անոնց, որպէս զի վերոյիշեալ չարաճճիին պէս փորձութեան մը չի հանդպիք. լաւ մտքերնիդ պահեցէ՛ք անոնց բարի խրատները որ մեղրէն աւելի անուշ են, սիրեցէք գրքերն եւ ընթերցումը՝ շաքարէն ա՛լ աւելի, եւ միշտ շնորհակալ եղէք Աստուծոյ որ ձեզի պարգեւած է բարի հայրեր եւ մայրեր: