Մահագոյժ
Հրապարակվել է «Աւետաբեր» (Կ. Պոլիս)՝ 1876, № 16 (ապրիլի 18): Հեղինակն օգտագործել է Ա. ծածկանունը:

Պատրիարքական փոխանորդ Մկրեան Գեր. Տէր Յավհաննէս հօր որդին, Յակոբիկ մկրեան, որ երկար ատենէ ի վեր դժնդակ ախտէ մը կը տառապէր, ապրիլի 8ին իւր մահկանացուն կենաց գարունը կնքելով խորին սգոյ եւ տրտմութեան մէջ թողուց իւր սիրելի ընտանիքն, ազգականներն եւ ծանօթները:

Հանգուցելոյն մարմինը հետեւեալ կիրակի օր Հիսարտիպիէն մեծ հանդիսիւ Մայր եկեղեցի բերուեցաւ, ուր Ամեն. Պատրիարք Սրբազանը համառօտ բայց ազդու դամբանական մը խօսելով յիշեց հանգուցելոյն բարեմասնութիւնները, մեծ տաղանդը, ազնիւ սիրտն եւ անբիծ հոգին, մանաւանդ թէ անոր վերջին պահուն մէջ յայտնած Քրիստոնէական վսեմ զգացումները, եւ ջանաց անոր հաստատուն հաւատքովը մխիթարել նորա սգազգեաց ծնողքն եւ բարեկամները: Մարմինը դարձեալ մեծ հանդիսիւ եկեղեցիէն տարուեցաւ մինչեւ ի Լանկա, եւ անտի Պալըգլը, ուր ամփոփուեցաւ: Յուղարկաւորութեան հանդեսին ներկայ էին երեք չորս եպիսկոպոսունք, շատ մը վարդապետք եւ քահանայք եւ իբր 5,000 ժողովուրդ:

Հանգուցեալը հոգւոյ, սրտի եւ մտաց շատ մը ընտիր ձիրքերով զարդարուած պատանի մ՚էր, որոյ անբիծ վարքը, մեծ տաղանդն եւ Գովելի յատկութիւններն ապագայի համար կը խոստանային մեծամեծ յոյսեր, որք, աւաղ, հիմա սեւ գերեզմանի մէջ թաղուեցան: Յակոբիկ անխռով դիմագրաւեց մահուան, եւ իւր վերջին պահուն ծնողքն ու սիրելիները անկողնոյն քովը կանչելով զանոնք համբուրելէ ետքը, «Ես Քրիստոսի կ՚երթամ, եւ ձենէ վերջին խնդիրքս այն է որ ինձ համար շատ սուգ եւ վիշտ չընէք, այլ զիրար սիրէք» ըսաւ եւ հոգին աւանդեց:

Արդարեւ Պատրիարքական փոխանորդ հայրը մեծ կորուստ մ՚ըրաւ, բայց միայն ինքը չէ որ կ՚ողբայ Յակոբիկին մահը, շատեր արտասուաց կաթիլները թափեցին անոր դագաղին շուրջը, եւ իրենց կսկիծներովը ցուցուցին թէ ազգն ընտիր անդամ մը, երիտասարդները մտերիմ բարեկամ մը, Հայ գրականութիւնը հանճար մը կորսնցուցին: Գերեզմանէն անդին փայլող յուսոյ պայծառ լոյսը որ Յակոբիկի ցաւոց անկողնոյն մթութիւնը եւ գերեզմանի խաւարը փարատեց, կարող է նաեւ մխիթարել նորա գորովագութ ծնողաց եւ սիրասուն քերց եւ եղբօր սրտերն:

Մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք, եւ այն մխիթարութիւնը կը հայցենք յերկնից:

Կ. Պոլիս, ապրիլ 11, 1876