Մահուան տեսիլ
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ,
Հայրենի քաղաքներուն մէջ եւ քաղաքներէն դո՜ւրս,
Եւ բարբարոսները աւարով եւ արիւնով կը դառնան,
Մեռելներուն եւ ոգեվարներուն վրայէն,
Ագռաւներու բազմութիւններ կ'անցնին վերերէն,
Արիւնոտ բերաններով եւ գինովի քրքիջներով...։
Ցամաքահով մը կիսամեռները զայրոյթով կը խղդէ
Ու պառաւներու անձայն ու ցաւակոծ կարաւաններ,
Շտապով կը փախչին լայն ճամբաներէն...։
Գիշերին մէջէն արիւններուն հոտը կը բարձրանայ
Ծառերուն հետ շատրուաններ ուրուագծելով,
Ու ամէն կողմէ սոսկումով կը սուրան հալածուած
Նախիրները հրդեհուող ցորեաններուն մէջէն...
Փողոցներու մէջ մորթուած սերունդներ կը տեսնեմ,
Եւ ամփոխներ անպատմելի սրածումներէ դարձող...
Արեւադարձային տաքութիւն մը կը բարձրանայ,
Հրդեհի տրուած ազնուական քաղաքներէն...
Ու մարմարներու ծանրութիւնով իջնող ձիւնին տակ,
Աւերակներուն եւ մեռելներուն մենութիւնը կը մսի...։
Օ՜, մտիկ ըրէք սա՛ սայլերուն ճռնչիւնը ահաւոր,
Իրենց վրայ դիզուած դիակներու ծանրութեան տակ,
Ու սգաւոր մարդերուն աղօթքներն արցունքոտ,
Որ կածանէ մը, դէպի համայնափոսերը կ'երկարին...
Մտիկ ըրէ՜ք հոգեվարքներուն ձայները վերջին,
Հովին հարուածներուն հետ որ ծառերը կը ջարդէ...
Օ՜, մի մօտենաք, մի մօտենաք,
Չըլլայ որ մօտենաք գերեզմաննոցներուն ու ծովուն,
Կարմիր ջուրերուն վրայ նաւեր կը նշմարեմ հեռուն,
Մեռելներու կուտակումներ անոնց մէջ կան,
Ու ցաւէն գալարուող աղիքներուն վրայ,
Գանկեր ու սրունքներ ինծի կ'երեւան...
Մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք,
Փոթորիկին գոչը ծովուն ալիքներուն մէջ,
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ...
Մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք,
Մահաձայն ոռնումը զարհուրեալ շուներուն,
Հովիտներէն ու գերեզմաններէն ինծի հասնող,
Օ՜, պատուհանները փակեցէք ու աչքերնիդ ալ...
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ...։