Մոլորում


«Երթա՜նք, երթա՜նք», կ’ըսեր, «հեռո՜ւն,
Մութ բըլուրին ծաղիկներուն,
Հոն նվազի՜նք անհունորեն՝
Բըլուրին մութ ծաղիկներեն...»

«Չերթա՜նք, չերթա՜նք», ըսի իրեն,
«Չե՞ս վախնար մութ հեռուներեն.
Ես լըսած եմ մահերգն անհուն
Մութ բըլուրին ծաղիկներուն...»

Չուզեց լըսել, գընաց հեռուն,
Մութ բըլուրին ծաղիկներուն,
Դեռ կ’իմանամ լացը իրեն՝
Բըլուրին մութ ծաղիկներեն...