Յիշատակը



Կ. Մկրտիչեանի յիշատակին


Ձմրան ցրտին հովերէն վերջ
Զըւարթ գարունը ժպտեցաւ.
Ընձիւղեցան թուփերն, ու պերճ
Ծաղիկները ծլան կարգաւ.
Բայց յիշատակն անոր, աւա՜ղ,
Հողին տակը թաղուած մնաց.
Լքուած հոգւոյն անունը վաղ
Մոռացօնքի վիհին գնաց:

1902, Հոկտեմբեր