Յուշիկք հայրենեաց Հայոց/ԻԱ-ԼԳ
ԻԱ. Ատտիկեան մեղու ի լերինս Հայոց
խմբագրելՆոյեմբ. Դեկտ. 401 ամ Ն. Ք.
Ա
խմբագրելՄԷԳՆ իբրեւ թաց վարագուրաւ մը կու թաթկէ աչքերնէս աշնան վերջին տեսարաններն այլ. եղեամն` թափթըփած տերեւոց վրայ` ձմեռուան սառամանեաց կանխիկ մանրանկար մը կու ցուցընէ. գիւղերն դարձեալ յանապատ կու փոխուին. զբօսասէրք կու դառնան ի քաղաք` ի պատսպարեալ բնակարանս: Արդէն անասուն կենդանիք այլ իրենց ճարը տեսած են. որն չուելով ընդ օդ եւ ընդ ջուր ի հեռաւոր եւ տաքուկ բոյներ, ո'րն ամուր ապահով ծակ մը, փոս մը, խոռոչ մը փնտռելով եւ ներս քաշուելով: Ծաղկատափ մեղուն այլ իր փեթակը փակեր մեղրով մոմվ, ներանձնացեր իր վեցանկիւն սենեկաց մէջ, կու զմայլի եւ կու թմրի իր հնարած անուշակ փիլիսոփայութեամբը, որ աւելի իրական է ( գոնէ իրեն եւ ոմանց համար) քան Սոկրատայ քանի մ՚աշակերտաց, որք առաջին իմաստասէրք կամ բանաւոր մեղուք անուանեցան, թէ զանազան գիտելեօք շարադրած գրոցն համար, եւ թէ քաղցրախօս ու հեշտալուր ոճով ու բառով գրելնուն: Իրենց գեղեցկաբան կմ գեղեցկագիւտ աշակերտներն այլ ճարտարեցին ըսել իրենց ամենէն վայելչաբան եւ սիրելի փիլիսոփային համար (Պղատոնի), թէ ի տղայութեան կըռնակին վրայ բերանաբաց պառկած ատեն` մեղուաց պար մը մտաւ շրթանցը մէջ ու խորիսխ շինեց, ի նշան իր ճարտարասան քաղցրախօսիկ լեզուին: Անոր մէկ մեծ աշակերտակիցն այլ` իր կակուղ գրչին եւ պաճուճազարդ բանիցն համար` Ատտիկեան մեղու անուանեցին, որ եւ ոչ միայն մեղուի փափուկ տըփերուն մեղրն ունէր, այլ եւ ըստ տեղւոյն անոր սուր խայթոցն այլ, - զէնք. - եւ գրեթէ հարիւրամեան կենաց մէկ մասն ի բանակս եւ ի մրցանս անցուց, մէկայլն եւ գրուածս եւ ի խօսուածս բանասիրականս. այն զարմանալի մորեխածին Մեղուն, (Կրիւլլոսի որդի) Քսենոփոն, զոր այս օրերուս հայացուցակն հրաւիրէ տեսնել, մեր հայրենեաց սառնամած լերանց վրայ: Արդարեւ պիտի զարմանայիր, Հայկակ, եթէ լսէիր թէ Աթէնքի հիւմեդեան մեղուն` այս անյարմար եւ տարաժամ եղանակիս` եկեր Կորդուաց խորթ ու խրթին ժայռից եւ սառից վրայ կու բզզայ, այլ թերեւս ոչ պակաս զարմանալի ըլլայ` անոր մեղրը ճաշակող փափկաբարոյ փիլիսոփայ մ՚այլ տեսնել այն անկոխ քարակոհակաց մէջ` այսպիսի ատեն մը:
Շատ անկարծ եւ կամ անբնական տեղափոխութեանց եւ հեռագնացութեանց` գլխաւոր (թէ եւ դժնդակ) պատճառաց մէկն` եղած է մարդկան իրարու հակառակութիւնն, պատերազմը, որք ինչպէս շատ հեզ անբաւ շարեաց` երբեմն այլ բարեաց ինչ առիթք եղած են. այսպիսի պատճառաւ մը Քսենոփոն այլ ընկաւ Հայոց ժայռուտ ու սառնուտ լերանց վրայ, յառաջ քան զայլ բազմաթիւ մեծամեծ զօրավարս, որք գրեթէ ամեն դար` ամեն տասն-ամ անցան ու դարձան մեր աշխարհին լեռներէն ու հովիտներէն, ձիւներն ան գամ հայեցընելով իրենց նմանեաց արեամբը: Սակայն Քսենոփոն` ոչ իբրեւ Աննիբաղն յԱլպեայս` կ՚ելնէր կ՚իջնէր ընդ բազմաժայռ Կորճայս, ոխերիմ թշնամւոյ հետ կռուելու եւ երկիրը աւրելու, եւ ոչ Լուկուլլեայ եւ Պոմպէի նման` Տի գրանայ եւ Միհրդատայ դէմ կ՚երթար վրէժխնդրութեամբ, այլ ակամայ` կտրիճ բայց դժբաղդ բանակի մը մէջ գտուած, բազմազօր եւ նեն գաւոր թշնամիէն հալաթուելով` անփորձ եւ անկոխ ճամբէ կու ջանար ի հայրենիս դառնալ եւ դարձընել տասն հազարի չափ Յոյներ, եւ ասոր համար այս գործս ըսուեցաւ Նահանջ Բիւրուն Յունաց, եւ անմահ յիշատակ բռնեց պատմութեան մէջ, նոյն իսկ Քսենոփոնի ճարտար առաջնորդութեամբն եւ ճարտարագոյն գրչութեամբ դիպուածոց, որ է իր գրուածոց գլխաւորներէն մէկն է: Այնչափ աւելի պատուական եղած է այս պատմութիւնս` որչափ որ կորսուած են ուրիշներուն գրուածքը նոյն գործոյ վրայօք, որոցմէ էր իր ընկերակից եւ զորաց վարիչներէն մէկն` Սոփենեա Ստիւմփալացի, յորմէ կ՚երեւի թէ Դիոդոր Սիկիլիացի առած է այս պատմութեանս մէջ այն դիպուածները կամ մանր տարբերութիւնները` որք չեն յիշուիր ի Քսենոփոնէ:
Իսկ մեզի գալով, Հայկակ, մեր ազգին եւ աշխարհին, Քսենոփոնի այս գրուածը ինչպէս նաեւ Կիւրամարզ ըսուածն, յետ Յունաց` ամենէն աւելի մեզի Հայոցս պիտուական եւ սիրելի է, ոչ միայն զի մեր աշխարհին վրայ այլ կու խօսի պատմութեանցը մէջ, այլ զի յետ ունաց` Քսենոփոնի յիշած այնքան ազգաց եւ ժողովրդոց մէջ` գրեթէ միայն Հայք են` որք կարենան աւելի խորհրդածել եւ քըննել անոր ըսածները: Այս դիտմամբ ես այլ այսօր քեզի հետ ոչ Քսենոփոնի վարքը գործքերը եւ գըրքերը կ՚ուզեմ քննել, եւ ոչ այն Բիւրուն նահանջը չափել ծայրէ ծայր, այլ միայն մեր աշխարհէն անցնելուն դիպուածը եւ ճամբան: Բայց որովհետեւ առանց երկու ծայրի` մէջ չըլլար, հարկ կ՚ըլլայ գոնէ համառօտիւ յիշել եւ իրաց պատճառը, սկիզբն եւ վերջ այլ:
Բ
խմբագրելՊատերազմն ի բնէ պժ գալի` այլ աւելի է երբ ընհտանեկան կամ քաղաքական ըլլայ, այսպիսի էր նախապատճառ մեր այս դիպուածին այլ երկու Պարսիկ արքայորդի եղբարց մէջ ծագած հակառակութեամբ: Յայտ է քեզի, որ արքայազն եղբարց հակառակութիւնն այլ շատ հեզ ժառան գութեան իրաւանց կամ խնդրոց համար կ՚ըլլայ: Արտաշէս Բ. պայազատ Պարսից Աքեմենեայց, իբրեւ անդրանիկ որդի Դարեհի Նոթոսի` յաջորդեց անոր յամի 404 նախ քան զթուական Փրկչին, իր հօր թագաւորութենէն առաջ ծնած ըլլալով, իսկ անոր թագաւորութեան ատեն ծնաւ Կիւրոս Կըսէր ուրիշ դշխոյէ մը: Յայտնի է կանանց նախանձն այլ` ուր բազմակնութիւն կայ, եւ ջանքն` իրենց զաւակները վեր քշելու. մանաւանդ երբ Պարիսատիսի պէս գոռոզ դշխոյէ մը ծիրանածին ընծայուէր Կիւրոսի պէս կտրիճ կորիւն մը, գրեթէ անտարակոյս էր ծագելի կռիւն: Սակայն Արտաշէս` Ուշէղ էր եւ կ՚անուանէր (Մնէմոն ի Յունաց), միան գամայն եւ նախատես եւ մեծոգի, ոչ զեղբայրն ուզեց զրկել եւ ոչ ինք զինքը, այլ իբրեւ իրեն երեսփոխան դրաւ զանիկայ եւ վերատեսուչ ամենայն նախարարաց իր ինքնակալութեանը արեւմտակողման եւ աթոռն այլ դնել տուաւ ի Սարդիկէ մայրաքաղաք Լիւդիոյ, քիչ հեռու եւ յարեւելից Զմիւռնիոյ, այսպէս մինչեւ ի ծայր արեւմտից հեռացընելով զնա` ամսորեայ ճամբաներով իր արեւելեան գահէն (իբրեւ 20 աստիճան աշխարհագրական երկարութեան իրարմէ հեռու):
Կիւրոս իր եռանդուն բնաւորութեամբն եւ Յունաց մերձաւորութեամբ եւ ընտանութեամբ` անանկ լաւ կար գաւորեց իր իշխանութիւնն եւ արքունիքը, որ նոյն իսկ Յունաց նախանձելի եւ պատուելի կ՚ըլլար, եթէ չափազանցութեամբ եւ կողմնասիրութեամբ չէ ասոնց պատմածն. բայց իր ամեն ցուցած եւ յուսացուցած գործերը սեւցուց_ փճացուց իր կենաց հետ` անսանձ փառասիրութիւնն, որով կ՚ուզէր միահեծան ինքնակալ ըլլալ, նաեւ զեղբայրը զրկելով: Գաղտուկ պատրաստութիւն տեսաւ, զօրք ժողվեց ցամաքի եւ ծովու, օ գնութիւն ուզեց ի Յունաց այլ, որոց վրայ մեծ համարմունք եւ վստահութիւն ունէր: Յոյնք, եւ մանաւանդ Սպարտացիք` իրեն երախտապարտ էին, իրենց անկէ առած օ գնութեանն համար, եւ առանց անտընալու խաւրեցին անոր Կլէարքոս լակեդեմոնացի, պզտի բայց ընտիր գնդով մը, որուն հետ միացան ուրիշ Յունաց մանր տէրութիւններէն այլ շատ զօրք` իւրաքանչիւր զօրավարօք, բոլորն իբրեւ 16000 հո գի: Ընդհանուր զօրապետնին եղաւ նոյն Սպարտացին, իսկ առանձին ազգաց մէջ` Բէովտացւոց զօրավարն էր Պրօքսեն թերացին, որուն մտերիմ բարեկամն էր մեր ատտիկեցի իմաստասէր մեղուն` Քսենոփոն, որ այս ատեն 50 կամ 55 ամեայ մ՚էր: Արդէն երիտասարդութեան ատեն պատրազմի մէջ մտած ելած, հիմայ հասակին եւ ուսմանց ազդեցութեամբ` աւելի խաղաղութիւն եւ մեղրը սիրէր քան կռիւ եւ արիւն, անոր համար` ոչ իբրեւ մարտիկ նիզակակից, այլ իբրեւ սրտակից ընկերացաւ Պրոքսենի. միան գամայն եւ իբրեւ բանասէր` նոր երկիր, նոր ազգեւ դէպք տեսնելու քննելու, մանաւանդ որ ի սկզբան ոչ ինքն եւ ոչ այլ զօրավարք գիտէին ուր եւ ինչ բանի համար երթալնին, վասն զի Կիւրոս խաբելով կ՚ըսէր, թէ իրմէ ապստամբած Ասորւոց դէմ կ՚երթայ: Ասանկով ժողվեց զամենքն ի Տարսոն մայրաքաղաք Կիւլիկիոյ, ի սկիզբն յունիսի (401 տարւոյն), մտաւ յԱսորիս, տարաւ բանակը մինչեւ յԵփրատ, անցուց անդին (ի սկիզբն օ գոստոսի), եւ պաշարաբեր նաւերը յետ դարձուց: Ապա քիչ քիչ իր մեծերէն սկսեալ` ինչուան վարիններուն իմացուց միտքը, զոր ոմանք յօժարութեամբ ոմանք դժարութեամբ յանձն առին, յուսալով իր խոստմանց եւ բաղդին այլ:
Ուշանալ չէր ըլլար. սակայն Միջագետաց չէն եւ անշէն ընդարձակութիւնը կտրելու համար այլ մինչ ի սահմանս Բաբելոնի` ամիս մը պէտք եղաւ: Այն միջոցին Արտաշէս այլ իմանալով եղածը` պատրաստեցաւ արեւելեան զօրօք մեծ բազմութեամբ` եղբօրը դէմ ելնելու: Սա աւելի շուտով հասաւ Եփրատայ եւ Տի գրիսի ամենէն իրարու մօտ եղած տեղերը, որ հին Բաբելոնի մօտերն է, եւ հոն Կունափսա անուանեալ աւանի մը մօտ, որոյ դիրքն շատ յայտնի չէ, (յեօթն սեպտեմբերի) եղաւ հին պատմութեան մէջ անուանի եւ բաղդասահման պատերազմաց մէկն, որ մեր այս երեկոյեան զրոյցներէն դուրս կու մնայ: Այլ այսչափ ըսելի է, որ երկու կողմէն այլ կրքով եւ կտրճութեամբ կռուեցան. իրաւունքն յաղթող եղաւ. Կիւրոս ոչ միայն անձամբ հասարակ զինուորի պէս կու կռուէր, այլ եւ եղբօրը հետ զարնուեցաւ ու վիրաւորեց զնա. բայց մեռնողն ինքն եղաւ, ըստ ոմանց ի նոյն ինքն յԱրտաշիսէ զարնուած: Կենացն հետ վերջապէս պատերազմն, եւ ցրուեցաւ արեւմտեան բանակն:
Գ
խմբագրելԿիւրոսի ասիական գունդերն նուաճուեցան օրինաւոր իշխանութեան. իսկ Յոյնք` որոնմէ քիչ մարդ ինկեր էր պատերազմին մէջ, անկէ շատ աւելի դժար փորձանքի բռնուեցան: Արտաշէս իրենց պատ գամ խաւրեց որ զէնքերնին թողուն, ու իրմէ ուրիշ փոխարէն առնըլով` ազատ մնան կամ երթան: Յոյնք պատասխանեցին, թէ քանի որ զէնք ունիմք` անոնք մեզի բանի կու գան, առանց զէնքի մենք այլ կրնանք բանի չ գալ. չեմք ուզեր մեր ստոյ գօ գուտը` Արտաշիսի անստոյ գվարձուց հետ փոխել. եւ եթէ կ՚ուզէ Արտաշէս փորձել զէնքերնուս արուեստը` պատրաստ եմք: Հարկ եղաւ որ առանց կռուի զիջանի թագաւորն` թողլու զանոնք երթալ իրենց երկիրը, միայն թէ անցած տեղերնուն վընաս չընեն: - Այս այլ չէր անվայել Արտաշիսի ուշեղութեանը, բայց դըժբաղդաբար շատ հեզ շատ ուշիմ թագաւորք եւ անթագիշխանական գլուխք` ուշաթափ կ՚ըլլան իրենց պաշտօնէից անարժան թելադրութեամբք. այսպէս այլ եղաւ Արտաշիսի: Հաւանեցաւ իր սիրելի Տիսափեռն մեծ նախարարին խրատուն, դաւելու զՅոյնս. զոր եւ գործով կատարեց անխիղճ խրատատուն, հրաւիրելով զգլխաւոր զօրապետս Յունաց իրեն վրանը, իբրեւ ի խորհրդակցութիւն եւ դաշնակցութիւն. եւ զամենքն այլ (տասնումէկ հո գի) սպաննել տուաւ, Կլէարքոսէն սկսեալ մինչեւ ի Պրոքսեն բարեկամն Քսենոփոնի: Երկրորդական զօրավարքն գոյժը լսելով փութացան հեռանալ, եւ իրենց առաջնորդ ընտրեցին Քիրիսոփ Սպարտացին. իսկ վերջապահ բանակին զմերս Քսենոփոն, որ հայրենակցաց սիրովն եւ մտերմին մահուան ցաւովն դրդուած` յանձն առաւ այս ծանր եւ վտան գաւոր պաշտօնը, եւ մեծ հնարագիտութեամբ եւ քաջասրտութեամբ այլ պսակեց, եւ թողուց յետնոց զարմանալի պատերազմական արուեստի օրինակ մը, որ կրնայ նախ օրինակ ըսուիլ յաղթուած բանակի մը ետ քաշուելուն, որով այս դարուս սկիզբն այլայնքան անուանի եղաւ Մօրոյ զօրավարն Փռանկաց. մեծին Նաբոլէոնի հետ բաղդատուածն:
Նորընտիր զօրավարքն խորհուրդ ըրին բոլոր գլխաւորներով` ինչ ճամբով յետ դառնալնուն վրայ. որովհետեւ երկու մեծ եւ դիւրին ճամբայ կար, որով արդէն եկած այլ էին, բայց թէ անշէն կողմեր ունէր այն ճամբան` (ուր դժար էր պաշար գտնելն) եւ թէ Պարսից արքունի գունդերէն բռնուած պիտի ըլլար. ինչպէս որ արդէն այլ Տիսափեռնէս մեծ գնդով մը, եւ Միհրդատ անուամբ զօրապետ մ՚այլ 5000 ընտիր զօրօք ետեւնուն ընկած կու հալածէին: Նոր, անփորձ եւ դժուարին ճամբայ մը հարկ սեպեցին բանալ Յոյնք, բայց իրենց նպատակին հասցընելու աւելի յարմար. եւ այս էր Տի գրիսի եզերքներէն մինչեւ ի Ճորոխի եզերքը, կամ Կորդուաց լեռներէն մինչեւ ի Խաղտիս` ճեղքել մեր Հայաստան աշխարհին լեռնակոհակ բարձրաւանդակը, յարեւելեան հարաւոյ յարեւմուտս հիւսիսոյ, ձեան եւ սառամանեաց եղանակի ատեն, եւ ելնել Տրապիզոնի եւ ուրիշ յունական գաղթականաց կողմերը:
Այս յանդու գն եւ բռնադատեալ խորհրդով` շտապեցին Յոյնք Բաբելոնի եւ Ասորեստանի կողմերէն դէպ ի Միջագետաց վերնակողմը. Տի գրիս գետոյն եզերքը բռնելով անցան անոր օժանդակները (Կապրոս եւ Մեծ Զաւ գետ` որ Հայոց Աղբակ գաւառին լեռներէն կ՚իջնէ), եւ երկու մեծամեծ քաղաքներն` Լարիսա եւ Մեոփիլա. զոր հնագէտք ճանչնան` Ռէսէն Ս. Գրոց եւ Նիմրուտ հիմակուան, մէկայլն Նինուէ կամ Մուսուլ, որ եւ հին ատեն այս անունը կրէր, Մուծղ կամ Մօսլ կոչմամբ: Ասոնցմէ վեր Զախուի եւ Գըզիրայի (Ճէզիրէ-Էօմէր) գաւառները մտան, որք այն ատեններ եւ քիչ մ՚առաջ` Հայոց եւ Ասորեստանեայց միջասահմանք սեպուէին, եւ հիմայ հոս հասնելնուն, մինչեւ Տիսափեռն ետեւնէն կու հալածէր` դիմացնէն կամ քովերնէն երեւցաւ արեւելեան Հաաստանի կուսակալ ըսուած Որոնդ մը, որ ըստ մեզ Հրանտ կամ Երուանդ պիտի ըլլայ, թէ ոչ Արմոդ, որ ըստ կար գի Հայկազանց Խորենացւոյն` այն ժամանակուան Հայ թագաւորն կու հանդիպի: Յոյնք, երբեմն զարնուելով երբեմն փախչելով` միշտ գետն ի վեր ելնելով` հասան Ճէզիրէի այն կողմերը. ուր գրեթէ գետն խորունկ դարափներով կու մօտենար լերանց եւ ճամբան կտրէր, հարկ էր կամ գետը անցնիլ եւ Միջագետաց դաշտերը մտնել, կամ լեռն ի վեր դիմել. եւ ահա այս եւ հոս էր Յունաց ըրած ընտրութիւնը, որոց հրաւէր կամ հրապոյր մ՚այլ էին բարեբեր Հայաստանի համբարքն, ինչպէս ինքն Քսենոփոն այլ վկայէ:
Նոյեմբեր ամսոյն կէսն էր երբ սկսան Յոյնք ելնել Կորդուաց լեռները, որ հոն ի սկզբան` գետոյն երեսէն հազիւ իբրեւ 1500 ոտք բարձր են, այլ երթալով կու բարձրանան` ինչուան 10000 եւ աւելի այլ: Ոչ անմիջապէս ելած տեղերնին յայտնի է, ոչ ճիշդ բռնած ճամբաւ գծերնին, եւ ոչ ինջած կողմերնին, եւ ոչ այլ ուրիշ քալած եւ իջեւվանած տեղիքն. այլ շատ կամ քիչ հաւանութեամբ, ըստ քննութեան գիտնոց` որք աշխատեր են այս ճամբորդութիւնը հետաքննելու, եւ դեռ իբր անտարակոյս ցուցած չեն, որովհետեւ հին եւ նոր անունները միաբանել շատ դժար է. դարձեալ բաւական անուն նշանակած չեն հին ուղեւորքն, եւ ոչ այլ ամեն ան գամ` գացած կամ դադրած օրերնուն թիւը, թող ուրիշ պատճառներն այլ, զոր աւելորդ սեպեմ հոս մէջ բերել, կամ մանր հետաքննել. առ այժմ հաւանագոյնը յիշելով թողում անոնց` որ մասնաւոր փոյթ մ՚ունենան այս խնդրոյս: - Իսկ այս առջի լեռնակտուր եօթնօրեայ ճամբանին` հաւանօրէն Ճէզիրէին եւ Սղերտայ (կամ Սիէրտայ) միջոց Ֆընըդ եւ Ֆընտըդ ըսուած բերդաւանաց կողմերէն սկսելով` դէպ ի Մոկաց երկիրը ձ գուած է, յետոյ անկէց այլ դէպ ի Բաղիշու ճամբան. եւ բոլոր երկամսեայ Հայաստանի մէջ ըրած ճամբաներնուն դժուարագոյն մասերէն մէկն է, թէ լեռնոտ երկրին բնութեան պատճառաւ, թէ լեռնաբնակաց բարուցը:
Դ
խմբագրելԻ սկզբանէ կամ հազարամեայ դարերէ վեր` քիչ փոփոխութիւն ունեցող ազգերէն մէկն այլ Քուրդն է. որոյ եւ անունն գրեթէ անփոփոխ ասկէ 2300 տարի առաջ այլ յիշուի ի Յունաց` Քարտուք կամ Կորդուեանք, ինչպէս մեր նախնիք այլ անուանեն Կորդուաք կամ Կորդուացիք, եւս եւ Կորճայք, որք եւ ինչուան հիմայ բանասիրաց մեծ քննութեան նիւթ են, մանաւանդ այս ետքի տարիներս, այսինքն թէ իրենց եւ թէ լեզուներնուն ինչ ազգէ ծագած կամ որու նման ըլլալն: Հիմակուան լեզուներնուն նայելով` աւելի Պարսից մօտ են, բնակած տեղերնուն նայելով` հին Քաղդէացւոց եւ Մարաց սեփական են: Իսկ այս Յունաց եւ Հայոց եւ ուրիշ հիներուն յիշած Կորդուքն` Հայոց եւ Քաղդէացւոց կամ Ասորեստանեայց միջասահման ազգեւ ժողովուրդ մ՚են, երբեմն մէկուն երբեմն մէկայլին նուաճուած, շատ հեզ այլ ինքնագլուխ եւ ահարկու մերձաւորաց: Այսպէս էին նաեւ Քսենոփոնի ատեն. որ եւ յիշէ, թէ քիչ առաջ Պարսից թագաւորն ուզելով նուաճել զանոնք` 120000 զօրաց բանակ մը խաւրեց, որք գրեթէ բոլոր ջարդուեցան, կէս մը ի լերանց կէս մ՚այլ ի բնակչացն Կորդուաց, մինչեւ ստիպուեցան Պարսք դաշնագրութեամբ զիջանել:
Այսպիսեաց միջէն ճամբայ ընելու համար` կրնաս երեւակայել թէ ինչ զգուշութիւն եւ քաջասրտութիւն պէտք էր Յունաց. որք գիշերանց մօտեցան լերանց. եւ առտուն կանուխ կամաց եւ լռիկ սկսան ելնել, որ չիմանան լեռնցիք, եւ այնպէս այլ եղաւ: Վասն զի արդէն ձմեռն կու տիրէր լերանց, արածականք ի գոմ փակուած էին, դուրսը թափառող չկար. ամենքն քաշուած էին իրենց գեղերը, որ շինուած են լերանց գո գոց ու խոռոչից մէջ, եւ կէս մը ծածկուած քարերու մէջ եւ գետնի տակ. բնականապէս այլ իրարմէ հեռու եւ ոչ բազմաշէն: Ի՞նչ զարմանք ընկաւ տեղացւոց վրայ` երբ յանկարծ իրիկուան դէմ աներնուն գլուխը տեսան հազարաւոր զինեալ երիտասարդներ, որ ոչ Պարսից նման էին եւ ոչ Հայոց: Առաջին դրդումն` մէկէն տեղերնին թողուլ եւ փախչիլ տուաւ. Յունաց ուզածն այլ այս էր. անաշխատ ներս մտան. ինչ ուտելիք որ գտան առին. բայց ուրիշ բանի չդպան` որ չ գր գռուին բարբարոսքն. մանաւանդ թէ ընտանութեամբ այլ կու կանչէին զանոնք, եւ կ՚իմացընէին որ միայն կերակուր եւ ճամբայ կ՚ուզեն:
Կորդուացիք ոչ եկան եւ ոչ դէմ կեցան. ինչուան որ Յունաց բանակն սկսաւ լեռներէն վար դէպ ի ուրիշ գեղեր իջնել. գիշերն այլ վրայ կու հասնէր, այն ատեն փախըստեայքն դարձան եւ սկսան Յունաց վերջապահից վրայ կարկըտալ քար ու փքին. եւ ոչ քիչ հո գի սպանեցին ու վիրաւորեցին: Այս երկուքն էին իիրենց գլխաւոր եւ ահաւոր զէնքերն. - քար ու նետ. - առաջինը ոչ այնչափ հեռուէն պարսատիկով կու նետէին, որքան ի մօտանց մեծամեծ կտորներ եւ ժայռեր լերանց վրայէն գլորակելով` կու ջախջախէին հանդիպածը. երկրորդը` կու ձ գէին երեքկան գնեան մեծամեծ աղեղներով, որոց լարը քաշած ատեննին ձախ ստուընին առաջ կ՚երկընցընէին, եւ երկու կան գուն երկայն նետերը կու թըռցընէին անանկ ուժով` որ գրեթէ միշտ վահանն այլ զրահներն այլ կ՚անցնէր, եւ գոնէ առանց գէրքի չէր թողուր դպածը: Յունաց համար այնչափ մեծ կու գար այս նետը` որ նիզակի տեղ ի գործ կ՚ածէին. իսկ Կորդուաց նիզակներն ինչուան 15 կան գուն (յունական) երկայն էին: Կրնաս չափել զանոնք հիմկու Քրդաց նիզակներով, թէ որ ոչ անոնք զքեզ չափեն: Յոյնք առաջին ան գամ ասոնց փորձն առած, ու նորէն գեղերու մէջ ապաստանած` շատ վախով եւ զգուշութեամբ անցուցին այն գիշերը, վասն զի Կորդուացիք լերանց չորս կողմ կրակ վառած կու հսկէին, ահաւոր գեղեցկութիւն մը տալով արդէն բնութեամբ խոժոռագեղ տեղեացն: Նոյն զգուշութեամմ եւ կասկածով ելան եւ ճամբանին շարունակեցին Յոյնք երկրորդ օրը, բռնած գերինին եւ անասուննին ալ ազատ թողլով` որ իրենց ար գելք չըլլան եւ պաշարնին այլ շուտով չսպառեն. եւ այնպէս երբեմն կռուելով երբեմն անխռով անցուցին այն օրը:
Երրորդ օրն բնութիւնն եւ բնակիչք միաբան հակառակեցան Յունաց, բքախառն փոթորիկ մը փըրթաւ վերէն, զոր աւելի դժնդակ ըրին Կորդուաց պարսերն ու նետերն. Յոյնք կ՚ուզէին տեղ մը քաշուիլ պատսպարիլ, բայց եթէ գտնէին այլ` պաշարնին հատած պիտի կորսուէին. հարկ էր որ բքոց եւ փքնաց մէջ յառաջին անծանոթ ճամբուն. որուն երկու կողմերն այլ բռնեցին տեղացիք երբ նեղ կըրճերու հասան, եւ անհնարին տագնապ հասուցին Յունաց: Հոս Քսենոբոն իր մեն հնարքն եւ համսերութիւն հատուց, քաջալերելով հատուց, քաջալերելով եւ յորդորելով իրենները` որ անխռով եւ յուշիկ առաջ երթան, եւ շատ ան գամ կան գառնեն կամ ետ քաշուին թըշնամիները ցրուելու, եւ չարտորան այն անստոյ գեւ վտան գաւոր տեղուանքը: Այս պիտանի խրատը անանկ տագնապի ատեն դժար էր ամենուն հասկըցընել. եւ նոյն ինքն առաջնորդն Քիրիսոփ` ձանձրանալով ասանկ կամկար շարժելէն` երագեց ընթացքը իրեն յառաջագնաց գնդովը. անանկ որ վերջապահ գունդն ստիպուեցաւ գրեթէ փախչելու կերպով փութալու անոր ետեւէն: Այս խուճապման ատեն քաջ սպարտացին Կլէոնիմ` նետահարեալ ի կոդն, վահանն այլ կաշիէ զրահներն այլ ծակուելով` ընկաւ անկան գնելի: Անկէց ոչ հեռու` չոր ժայռերու վրայ փռուեցաւ Բասիաս Արկադացին, փոխանակ իրեն դրախտանման Տեմպեան հովիտներուն. թերեւս զանոնք եւ իր ցանկալի ջերմիկ տնակըեւ ընտանիքը կ՚երազէր` երբ սուր փքին մը գլխին մէկ կողմէն մէկայլն անցնելով եւ ելնելով` միտք ու շունչն այլ մէկէն թռուց… հասու՞ց այլ հայրենի հո գւոց: - Աւաղելի ստու գութիւնն այս է` որ երկու երիտասարդաց մարմինքն այլ հայրենեաց հողէն հեռու` մնացին ուր որ ընկան, եւ երկուքին հաւասար եղաւ օտար եւ խորտ գետինն, թէխստավար սպարտացւոյն եւ թէ փափկավար Արկագացւոյն: - Բայց Քսենոփոն շատ մեղադրեց Քիրիսոփայ արտորալը. իսկ նա պատճառ բերաւ ճամբուն նեղուածքը, ուր պէտք էր շուտով հասնիլ` քանի որ թշնամիք բռնած չէին կիրճերը:
Այն օրը Քսենոփոն քանի մը հո գի բռներ էր լեռնաբնակներէն եւ երկուքը պահեր էր. մէկուն հարցուցին թէ յարմար ճամբայ մը գիտէ՞ անցնելու, պատասխան չտուաւ, որչափ այլ չարչարեցին, մինչեւ սպանեցին միւսոյն դիմաց. նա այլ զարհուրած` իմացուց որ խեղճ ընկերն այն կողմերը կար գած աղջիկ մ՚ունէր, անոր համար չէր ուզեր զրուցել ճամբան, իսկ ինքն ապահովցուց որ կայ լերանց մէջ աղէկ ճամբայ մը, բայց հոն հասնելու համար` հարկ է մօտիկ լերան մը գլուխ ելնել շուտով` քանի որ թշնամիներն չէին հասած, ապա թէ ոչ անկարելի կ՚ըլլար անցքն: Երկու հազար կտրիճք` Արիստէոս Քիոսացւոյ առաջնորդութեամբ` յանձն առին նոյն իրիկուն ելնելու լերան գլուխը, եւ փող զարնելով իմացընելու մէկալոնց` որ երկրորդ օրը հոն գան. Քսենոփոն այլ իր վերջապահ գնդովը ուրիշ ճամբայ մը բռնեց` որ թշնամիները խաբէ եւ չտեսնեն առջինները: Երբ հասաւ ձորեզրը` որոյ դիմացի կողմն էր լեռնանցքն, Կորդուացիք սկսան վերէն մեծամեծ սայլի բեռան չափ քարեր գլորտըկել, որոնք կոտըրտուելով ժայռից վրայ` չէին թողուր Յունաց առաջ անցնիլ. պէտք եղաւ որ յետ քաշուին եւ գիշերը հոն անցընեն, մինչ Կորդուացիք մինչեւ առաւօտ այլ եադադար քարերը գլորելու հետ էին: Այն միջոցին յառաջադէմ գունդն անկասկած հասաւ թշնամեաց պահակներուն վրայ. զոմանս սպանեց, զոմանս փախուց , եւ բռնեց անոնց տեղը, ու գիշերը հոն կեցաւ, կարծելով թէ լերան գլուխը հասեր է. բայց դեռ բարձրագոյն բլուր մ՚այլ կայր ելնելու: Առաւօտուն` մէ գն օ գնական առնըլով Յոյնք յառաջ խաղացին թշնամեաց կողմը, եւ մի գին փարատած ատեն` վըրանին հասնելով փողելով կանչելով ու զէնքերով հալածեցին: Փողոց հնչումը լսելով` Քիրիսոփ յառաջապահ գնդովն ելաւ երթալու նոյն ճամբէն. իսկ Քսենոփոն վերջապահ գունդն երկու բաժնեց, մէկուն յանձնելով պաշարները եւ կարասիքը` քովընտի ճամբէ մը գալու: Ասոնք հասան բլրի մը, ուսկից հալածեցին թշնամիները. եւ տեսան ուրիշ բարձրագոյն բլոր մ՚այլ զոր թշնամիք բռներ էին: Քըսենոփոն առաջինին վրայ պահապաններ թողուց երկու սպայից ձեռաց տակ, որ պաշարաբեր գունդը, պաշտպանեն, եւ ինքն կէս գնդովն յարձակեցաւ երկրորդ բլուրն այլ բռնեց, բայց անոր վերեւ ուրիշ եւ աւելի դժուարակոխ մ՚այլ բարձրացած էր, եւ էր այն բլուրն` ուր որ գիշերագնաց Յոյնք Կորդուաց պահակները սպաներ եւ վռնտեր էին: Քսենոփոն երագոտն կտրիճներով այս երրորդ բլրին այլ տիրեց, վասն զի բարբարոսք առանց իսկ նետելու եւ պարսելու` յետ քաշուեցա: Այս յաջողութիւնս ձախողութեան մը նշան էր. եւ յիրաւի հազիւ երրորդ բլրին վրայէն Քսենոփոն իրեններուն պատուէր կու տար կամար շարժելու: Արդիացի մը շնչակտուր վայելով հասաւ եւ գուժեց, որ առաջի բլրին վրայ թողաց երկու սպայքն (Կեփիսոդոր եւ Ամփիկրատ) մասամբ պահապան գնդին` պաշարուած սպանուեցան ի թշնամեաց, որք եւ փութալով հասան Քսենոփոնի կեցած տեղւոյն դիմաց ուրիշ բլրոյ մը վրայ դիզուեցան:
Հոս Ատտիկեցի մեղուն իմացաւ որ խայթոցի տեղ մեղրը բանեցընելու է. մարդ ղրկեց հաշտութեամբ խօսելու անոնց հետ, եւ զինադուլ ընելու, եւ խնդրեց որ մեռածներն այլ թողուն վերցնելու: Կորդուացիք այլ պահանջեցին որ Յոյնք իրենց գեղերը չայրեն: Այն միջոցին մէկայլ գունդն այլ եկաւ հոն ժողուեցա, եւ միաբան սկսան շարժիլ. թշնամիք անխռով թողուցին զանոնք. բայց երբ տեսան որ բլուրներէն վար կ՚իջնեն, նորէն քարերու ձեռք զարկին եւ Յունաց ետեւէն հասուցին: Այս տագնապին ատեն Քսենոփոնի վահանակիրն փախաւ քովէն, եւ մեր մեղուն ջախջախելու վրայ էր` երբ Եւրիլօք Լուսիացին հասաւ, վահանաւը պաշտպանեց ապրեցուց, ինչպէս երբեմն իր մեծ մարտակիցն Սոկրատէս ն Դելիոնի պատերազմին ազատեր էր զնա: Վերջապէս հասան բլրոց ստորոտը, ուր միացան ամեն գնդերն այլ, եւ ըստ իրենց խոստման արձըկեցին կապած առաջնորդնին, անոր տեղ իրենց մեռելոց մարմինները առնըլով, եւ իրենց սովորութեամբ թաղեցին: Այս գիշեր կեցան գիւղերու մէջ, ուր առատ համբար եւ կերակուր այլ վայլեցին մանաւանդ պատուական գինի, որ մեծամեծ գետնաթաղ բռնած կարասներու մէջ լցուած էր:
Երկրորդ օրը նորէն իրենց կար գը առնըլով, Քիրիսոփ առաջապահ, Քսենոփոն վերջապահ, շատ հեղ Կորդուաց հետ զարնուելով, լեռներէն ելնելով իջնելով, վերջապէս հասան անոնց ստորոտը, վերջին գեղերուն, որոնցմէ վար դիմացնին քիչ հեռու երկայն արծաթ գօտւոյ տարածուած տեսնուեցաւ Տի գրիսի օժանդակ գետ մը, զոր Կենդրիտ կոչէ հեղինակն, եւ որոյ միւս կողմը կ՚երեւէին սահմանըեւ լեռնադաշտակք Հայաստանի, որք եւ այն ժամուն`թերեւս քան մեզի` աւելի ցանկալի էին Յունաց:
Ե
խմբագրելԱյս աշխարհաբաժին գետս զոր գրեթէ ամենայն հետազննողք կու ճանչնան հիմկու Պօհդանը, եւ արեւելեան առաջք մը Տի գրիս գետոյ, զոր եւ Շատախ կոչեն Հայք ի կողմանս Մոկաց եւ նոյն երեւի զոր Խորենացին յիշէ ի պատմութեան պատկերի Տիրամօրն, գոնէ նոյն Անձեւացեաց հարաւակողման քարալերանց բղխած աղբիւրներէն գետացեալ. իսկ անունն` եթէ հայկական է` կրնայ կարծուիլ Կորդրիք կամ Կորդրեաց գետ, զի այսպէս կոչուէր Կորճայից մէկ գաւառն. եթէ պարսկական է իբր Կենդրուտ` նշանակէ Ժանդ-ջուր կամ գետ. եւ դարձեալ յիշել տայ Խորենացւոյն ըսածն, թէ «Չար ջուրքն հոսեալ ի լերանց Կան գուարայ, որ է Ա գռաւաքար», երթան ի Տի գրիս: Արդ այս գետոյն դիմաց գիշեր մը դադրելով` առաւօտուն մօտեցան Յոյնք` անցքը փորձելու եւ շատ դժար գտան. վասն զի սաստիկ սրընթաց եւ մեծ կարկաջանօք թափելով կ՚երթար գետն խառնուելու ընդ (արեւմտեանն) Տի գրիս, անկէ քանի մը մղոն հեռու: Ջրէն եւ խորէն աւելի այլ վախնալու երեւցան Յունաց` Կորդուացիք, որ լեռներէն իջնալով կու գային ետեւնուն վերջի նետերնին եւ պարսերնին այլ պարպելու. իսկ դիմացնէն` գետոյն այն կողմը բռնած էին նախայիշեալ Հրանտայ կամ Որոնդի, եւ մէկ Արդոկ անուն իշխանի մ՚այլ (հաւանորէն Արտակ Մոկաց նախարարի) հեծեալքն. եւ անոնց ետեւէն այլ բարձրաւանդակաց վրայ` հետեւակ զօրք, ճամբուն նեղուց անցքը պահելով: Իրեք կողմանէ վտան գկար, եւ գոնէ մէկէն կամ երկուքէն փախչելու ճար չկար:
Հոս Քսենոփոն իր հնարագիտութեամբն` զւարթ երես մէջ մտաւ, սկսաւ յաջող երազներ պատմել, զոհերն այլ յաջող ելան կ՚ըսէր, ոմանք այլ լուր բերին որ գետոյն դիմացի կողմը աղջկունք եւ ծերեր լաթ կու դնէին քարածերպերու մէջ, ըսել էր որ հոն գետն ծանծաղ եւ անցանելի էր: Դէպ յայն կողմը դիմեցին, իրարու սիրտ տալով հասան գետոյն եզերքը, նորէն գոհ մ՚ըրին ջրին վրայ, եւ յաջող գտան: Քիրիսոփ սօթթուեցաւ ցատքեց ներս իր առաջակար գգ նդովը: Քսենոփոն այլ վերջապահովը բայց քիչ մը ուրիշ դիրք բռնելո, իբր թէ կ՚ուզեն թշնամիները մէջ փակել երկու դիաց, եւ ամենքն միանձայն սկսան կանչել իրենց ազգային պէանա ըսուած եր գը, զոր մեծ վտան գաց կամ հանդիսից մէջ կ՚եր գէին, որ եւ յիրաւի զարմանք թէ շփոթութիւն ձ գեց մեր Կորճայից եւ Մոկաց, եւ նախ հեծեալքն ապա հետեւակքն յետ քաշուեցան: Բայց լեռնցիք մէկայլ կողմէն մօտեցան Քսենոփոնի վերջապահաց, իրենք այլ իրենց կորդ լեզուովն եր գելով. սակայն քանի մը հո գի միայն կրցան վիրաւորել, մինչ մնացեալքն անցան գետը, եւ սկսան շուտ շուտ առաջ երթալ, ինչուան 15 մղոն տեղ, որ անմարդի էր, (պատճառաւ Կորդուացոց ստէպ արշաւանաց) ինչուան որ հասան իշխանանիստ մեծ աւան մը, որոյ տանց շատին վրայ աշտարակներ կային: Հընագետք կարծեն թէ այս տեղս հիմկու Սղերտ քաղաքաւանն ըլլայ, շատ հաւանական է գոնէ անոր մօտ ըլլալն, եւ Յունաց բռնած ճամբան կ՚երեւի թէ անկէց ի Բաղէշ տանողն է, լերանց նեղուցներու մէջ, որ կէս ի բնէ կէս արուեստով բացուած են, ինչոան Ռահվայի քաջածանօթ հովիտը, որոյ ճամբուն վրայ ինչուան հիմայ կարաւանք կ՚ապաւինին բազմաթիւ ամրաշէն խաներու մէջ, թէ եւ ասոնց շէնքն շատ հին չերեւան, սակայն ճամբան հին ատենէ բացուած եւ վարուն էր. եւ այս է մեր նախնեաց յիշած պահակն եւ Դրունք Ասորեստանեայց, որոյ գլուխն կամ մէջն` Վանայ ծովուն հարաւային արեւմտեան գին Պահակ Հողցայ կ՚ըսուէր, Աղձնեաց եւ Տուրուբերան նահան գաց ու Մոկաց միջոց. Յունաց բռնած ճամբան այլ զայս կարծեմ:
Զ Առջի հանդիպած գեօղաւանէն 30 մղոն այլ վեր ելնելով` երկու օրուան ճամբով Տի գրիսի գետոյն մէկ աղբերակին հասան, որ ինծի կ՚երեւի նոյն իսկ Բաղիշու գետն, եւ ասկէց բռնեցին Մշոյ ճամբան Ռահվայի ձորէն, եւ հասան Տարօնոյ գեղեցիկ եւ գիւղաշատ դաշտը, որոյ Մեղրագետն կամ Մեղուայ գետն կարծուի Քսենոփոնի Տելեբուս կոչածն: Այս կողմս այն ատեն Արեւմտեան Հայաստան կ՚ըսուէր, եւ կողմնակալն էր Տիրիբազ, Պարսից թագաւորին շատ սիրելի, ոչ միայն համարձակութիւն ունէր անոր ձի հեծնելու ատեն` ձեռքը բռնելու: Ասիկայ հեծելազօրօք Յունաց դիմաց ելաւ, բայց խաղաղութեան պայման դրաւ որ առանց գեղերուն վնասելու` անցնին իրեն սահմաններէն, եւ ուզածնուն չափ պաշար առնուն: Բայց ապահովութեան համար ինքն այլ հեծելովքն քիչ հեռուէն Յունաց ետեւէն կ՚երթար, ինչուան որ անոնք ուրիշ գաւառ մը հասան (որ թուի Հաշտեանք), ուր արքունի կամ իշխանանիստ ապարանք եւ շատ գեղեր կային: Բնակչաց բարեկամական կերպն, իրենց անօթութիւնն եւ ձիւնախառն ցուրտն` համարձակեցուցին զՅոյնս խումբ խումբ բաժնուելու գեղերուն մէջ, եւ առատապէս վայլելու համեղ կերակուր, արմտիք, չամիչ եւ հոտաւէտ գինի մը, կու մնար անուշ քուն մ՚այլ քաշել, բայց իրենց պահակներն զրոյց բերին` թէ զօրաց շարժմունք եւ խարոյկ (կրակ) կու տեսնեն, մէկէն զէնքերնին առին դուրս վազեցին եւ բանակեցան բաց օդոյ տակ, որ ձիւնով ու ցրտով ծեծեց ծածկեց զանոնք, եւ թերեւս բոլոր սառէին այլ, եթէ Քսենոփոն օրինակ չտար փայտ ժողվելու կրակ վառելու եւ եղով (թէ սուսամի, թէ ռետնի) եւ ճարպով օծուելու: Բարեբաղդաբար` թշնամեաց վտան գն մերձաւոր չըլլալով` նորէն քաշուեցան գեղերը, դուրսը բանբեր եւ գիշերապահ թողլով: Ասոնք Պարսիկ կամ Հայ աղեղնաւոր մը բռնեցին բերին զօրավարաց, եւ իմացան անկէ` որ Տիրիբաղ իրենց անցնելու լերան ճամբան բռներ է. - ի՞նչ լեռնանցք էր այս, յայտնի չէ. որովհետեւ ինչուան հիմայ այլ այս կողմերս լաւ ծանօթ չեն աշխարհագրաց եւ ճամբորդաց, բայց կ՚երեւի Կինճ ըսուած վիճակին կողմերը: Յոյնք ամենէն ապահով փորձը սեպեցին շուտ եւ շիտակ նոյն լերան վրայ վազելը, յանկարծակի բերելով զՏիրիբազ, եւ յաջողեցան այլ. դիմացնին ելածը զարկին փախուցին, 30 ձի բռնեցին, Տիրիբաղայ վրանն այլ ձեռուընին ընկաւ, անոր արծաթոտիկ անկողնովը եւ կարասեօք:
Երկրորդ օրն այլ ձիւնի տակ քալելով եւ դարվեր ելնելով հասան այն բարձրաւանդակը` ուր Տիրիբաղ բանակեր էր առջի օրը. անկէ այլ իրեք օթեւան ըրին անշէն եւ ձիւնապատ լեռնադաշտաց վրայ, ինչուան որ հասան յԱրածանի գետ (յարեւելեան Եփրատ), զոր եւ անցան ծանծաղ տեղէ մը, ուր ջուրն ինչուան գօտինին կու հասնէր: Զարմանք է որ սառած այլ չէր, վասն զի դեկտեմբերի կէսն էր, ապա կ՚երեւի թէ Արածանւոյ սաստիկ եւ նեղուցէ վազած տեղերուն մօտ էր անցքերնին Ճապաղջրոյ մօտերը, եւ ոչ շատ հեռու Պինկէօլ լեռներէն: Ասկից այլ դարվեր սկսան ելնել Հայոց բարձրագոյն տափարակները, եւ երեք չորս օր շատ դժարութեամբ 50 մղոնի չափ կրցան երթալ ձեան եւ սառամանեաց մէջ: Բայց վերջի օրն եւ գիշերը (որ կ՚երեւի թէ Խնուսայ 5000 ոտք եւ աւելի բարձր լեռնադաշտին վրայ էին) շատ նեղեցան եւ վտան գեցան, հին ձեան վրայ` սաստիկ ցուրտ հիւսիսային հովով սկսաւ առատ տեղալ նոր ձիւն, որ գրեթէ մարդաչափ բարձրացաւ գետնին երեսէն, ամէն ճամբու հետք ծածկեց ջնջեց: Խեղճ Հելլենացիք յուսահատեալ` ձիւնածեծ բըքախեղդ կ՚ըլլային, չկրնալով ոչ առաջ եւ ոչ ետեւ երթալ. ոմանք ոտքի վրայ, ոմանք ի գետնին փռուած` բոլորովին ճերմըկցեր, եւ սառելու փատնալու վտան գի մէջ էին. փուճ տեղ զոհեր կ՚ընէին հողմոց հիւսիսահայոց, որ չհասկըցան Հելլենաց լացն ու լեզուն: Մոսկուայէն դարձող նաբոլէոնեան բանակին սոսկալի եւ սրտակտուր տեսարանքն` 2200 տարի առաջ հանդիպեցան եւ նկարեցան հոս Հարքայ բարձրաւանդակին վրայ, որ նախահայրն մեր Հայկ իր տիրական տունը հաստատեր էր, եւ ի Բելայ կու նախատուէր, թէ «Բնակեցար ի մէջ ցրտութեան սառամանեաց»: Սակայն այն ցրտերուն վարժելով մեր Հայկն եւ իր նման Հայկազունքն` կրցան օտարաց դէմ կենալ եւ Բաբելոնի ու Նինուէի ջերաբնակներէն աւելի սերոնդ թողուլ մինչեւ ի մեզ:
Անվարժ Յոյնք մահուան եւ կենաց միջակռուին` ամեն կարելի հնարք ըրին, ոմանք շարժելով, ոմանք քիչ մը գտած փայտերնին վառելով, եւ ոմանք այլ բոլորովին անշարժ մնալով, զորս ոչ տաքցընել կըրցաւ եւ ոչ վեր կան գնել առաւօտուն պայծառ բայց վատոյժ արեւն: Գրաստուց մեծ մասն սառեր ճաթեր սեւ ժայռերու պէս ցցուեր էին ձիւնադաշտին մէջ, կտրիճ զինուորներէն 30 հո գի եւ հասարակ կամ ծառայական մարդկանցմէ աւելի շատոնք մեռեր սառեր էին, շատերն այլ կիսամեռ եւ կիսաշարժ` կու ջանային պառկած կեանքերնին վաստըկելու, ոմանց աչքն կուրցեր էր պաղ հովէն բքէն եւ ձիւնէն, ոմանց ոտքերն ճաթռած, ոմանց այլ կէս մարմինն փատցած: Վերջապէս առաւօտն` ոչ միայն լուսատու այլ եւ յուսատու է. սկսաւ շարժիլ մեռելակերպ բանակն, մանաւանդ թէ գեեզմանակերպ, թմրած ու ճերմըկցած. բայց շատերն հազիւ քանի մը քայլափոխ ըրած` գլորէին ի գետին, նոր հիւանդութեամբ մը բռնուած, զոր պուլիմիա կոչէին, անօթութեան եւ տկարութեան հետեւանք. որոյ գեղն էր կերակուր եւ տաքնալ, բայց հազիւ թէ նոյն իրիկունը կրցան գտնել այս գեղը, այն այլ ոչ ամենքն:
Քիրիսոփ յառաջադէմի իր գնդովն հասաւ գեղ մը, որոյ պատին քով աղբիւրէ մը ջուր կ՚առնուին աղջկունք. զասոնք խաբելով ըսին որ Պարսից թագաւորին կողմէն կու գան առ նախարարն` եւ մտան գեղը հանգչելու: Իսկ մեր խղճալի Մեղուն` այն օրն այլ շատ չարչարուեցաւ իր վերջնագնդովը եւ շատերը թողուց ձեան վրայ, որ կամ ցրտէն եւ հիւանդութենէ մեռան, եւ կամ թռնամիներէ զարնուած, որք եւ խեղճերուն ողջ մնացած գրաստներն այլ յափշտակէին, ինչուան որ տառապեալքն հեռուէն տեսնելով սեւ գետին մը` ձիւնը հալած կարծեցին եւ հոն վազեցին, եւ գտան շո գելից ջերմուկ մը, որ ի հարկէ քովի ձիւնը կը հալեցնէր եւ հողն յերեւան կու հանէր: Հաւանօրէն այս ջերմուկս պիտի ըլլայ Բասենայ դաշտին հարաւակողման լերանց վրայ, ուր իջան Յոյնք, (որպէս թուի Դեղթափ եւ Չեքմէ լերանց միջոց լեռնանցքն): Տաքը տեսնելու պէս ցրտահար եւ անօթի գունդքն փռուեցաւ ջրին եզերքը: Քսենոփոն` որ լաւ գիտէր անոր վնասը` ամենայն հնարքով յորդորեց, վախցուց, սպառնացաւ, բայց չկրցաւ հեռացընել շատերը, որք` Սպաննելու այլ ըլլաս` ասկէ չենք շանրժիր, ըսին նստան: Եւ ահա մեր նախնի հարց չարաճճիկ լաճերն եւ Պարսիկք սկսան անոնց վրայ նետեր թափել փոխան ձեան: Այն ատեն կտրիճներն յուսահատաբար ելան վազեցին ասոնց վրայ, իսկ տկարքն միայն զէնքերնին վահաններուն զարնելով վախցընել կու ջանային: Այս փորձս Քսենոփոնի խրատներէն ազդու եղաւ. սկսան շարժիլ ու առաջ երթալ, եւ քիչ մ՚օր հեռացան` իրենցմէ առաջ հասնող գնդի մը հանդիպեցան, որ հոն փռուեր վերարկուներուն տակ ծածկուէր էին, զասոնք այլ քաջալերելով եւ խիստ տկարները ուրիշներուն թեւով քշելով կամ կրելով` դէպ ի գիւղերը ուղղեց. նոյն միջոցին Քիրիսոփէն այլ մարդ եկաւ, առաջնորդեց եւ հասան մտան իրենց այլ շէնքի տակ, այլ եւ այլ գեղերու մէջ:
Է Քսենոփոնի վիճակուած գեղին վրայ վազեցին Յունաց կտրիճք` Պոլիկրատ Աթենացւոց մ՚առաջնորդութեամբ, եւ բռնեցին գեղին գլխաւորք (որ հիմայ մէլիք կամ ռէս կ՚ըսուի), եւ անոր նոր հարս աղջիկը, որուն փեսայն որսի գացեր էր. քանի մ՚այլ աղէկ ձի բռնեցին, զոր Հայք հարկի տալու տեղ կու բուծանէին: Քսենոփոն գեղապետին սիրտ տալով` վախը փարատեց, նա ալ պատուիրեց որ սիրով ընդունին այս անծանոթ հիւրերը, եւ ութ օր բարեկենդան մը ընել տուին` հողածածուկ եւ տաքուկ տներուն մէջ, ուր անասունք կենդանի վառարան մ՚էին թոնիրներէն զատ: Հոն առատ եւ կերպ կերպ մսեղէն կերակրոյ հետ գտան ընդեղէններ այլ, եւ պատուական գարեջուր ու գինի` գետնաթաղ կարասներու մէջ, ուր ուզողը կ՚երթար եղէ գմը կու խոթէր եւ ծռած վեր կու քաշէր խմէր: Այս Յունաց բարեկենդանին զուարճութիւնն այլ էին մեր Հայ մանչերն, որոց նորատեսակ հագուստն, մնչնակատակ ձեւերն` նշանացի խօսելվ, ծառայելու ատեն հաստ ու բարակ շարժմունքն` շատ ծիծաղի պատճառ եղաւ Եւրիպիդեայ եւ Արիստոփանի թատերաց առաջին ականատես եղող Հելլենաց:
Շաբաթ մը հանգչելէն ետեւ Քսենոփոն շատ շնորհակալութեամբ` ծեր ձի մը ընծայ ըրաւ գիւղապետին` որ արե գակն զոհէ. - դեռ արեւապաշտ էր այն ատենուան մեր պապն` Բասենցի կամ Թէքմանցի ռէսն. - ուրիշ ընծաներ ալ տուաւ. բայց ինքն այլ առաւ երկու լաւ մտրուկ, իր սպայիցն այք մէկ մէկ հատ տուաւ: Ասոնք այն անուանի հայկական ձիոց քուռակներն էին` որ Պարսից թագաւորին ընծայ կ՚երթային տարուէ տարի, իբրեւ 20000, կամ աւելի, պզտիկ քան զՊարսից ձիանն` այլ աշխոյժ եւ քալուկ: Հայ գեղապետն սովրեցուց Յունաց` որ ձիոց ոտքերուն տակ քսակ մը կապելու է` որ կարենան ձեան վրայ քալել. եթէ այս բանս մեր նրբամիտ Աթենացիք առաջուց գիտնային` թերեւս այնչափ կորուստ չէին ըներ լերանց վրայ: Փոխարէն այս բարի խրատուն` ան գութ սպարտացի զօրավարն Քիրիսոփ` երեք օր ճամբայ ընելէն ետեւ յանիրաւի կասկածելով որ գիւղապետն (զոր իրենց առաջնորդ առեր էին) կամաւ անշէն տեղերէ կու տանի` յանդիմանեց ու ծեծել տուաւ. որոյ համար Քսենոփոն գժտեցաւ Քիրիսոփի հետ. մանաւանդ որ գեղապետն այլ գիշերանց փախաւ տեղը դարձաւ. բայց իր մէկ որդին որ Յունաց քով էր` մնաց հոն, եւ վերջը յօժարութեամբ գնաց անոնց հետ ի Յունասատան: (յԱմփիպօլիս, իրեն տիրոջ Եպիսթենեայ տուն, եւ միշտ հաւատարիմ մնաց. ի հարկէ աղէկ յունարէն այլ սովրելով: )
Բասենոյ ընդարձակ դաշտերուն մէջ եօթն օր թափառեցան Յոյնք, ինչուան որ հասան Երասխ գետը, զոր Քսենոփոն Փասիս կոչէ յանուն Բասենոյ. հոս այլ չորս օր դադրեցան գիւղօրէից մէջ. ապա ելան եւ անցնելով գետը` մտան Հաւնունեաց եւ Վանանդայ սահմանները, ընդ մէջ Տայոց եւ արեւմտեան Գու գարաց: Այս երկու նահան գաց առաջինը Յոյնք ստոյ գՏայք (Տաօք) կ՚անուանեն. իսկ երկրորդին տեղ Խալիւպք կամ Խալտիք կ՚ըսեն. որով յայտնի կ՚ըլլայ այն ատեն Խաղտեաց ազգին մեծութիւնը եւ ընդարձակ սահմանները. բայց մեր աշխարհագրութեան նայելով` ասնց հոս ըսած Խալիւպքն` Արտահանի (Գու գարաց), Կողայ (Տայոց), որ հիմայ այլ Կէօլէ կ՚ըսուի, եւ Կարնոյ կողմերն իմանալու է: Այս կողմերս կտրիճ լեռնաբնակք կային, որ իրենց անցքերը բռնելով` հակառակեցան Յունաց. բայց անոնք վերջապէս գիշերանց զոհ ընելով` առտուն իջան լեռներէն (որ թուին Քիրէճլի կամ Գարկապազար ըսուածքն հիմայ), մտան Տայոց մացառոտ եւ ժայռոտ երկիրը. ուր շատ դժարաւ կրնային առաջ երթալ. մանաւանդ որ թշնամիք այլ անդադար լեռերէն քար ու նետ կու թափէին վրանին, որոնց հետ անօթութիւնն այլ կու տանջէր զՅոյնս. մինչեւ որ հասան գեղերու, եւ կրցան պաշար ճարել: Անկից դէպ յարեւմուտք երթալով (հաւանօրէն մեր Տայոց աշխարհին Պարտիզացփոր, Բերդացփոր եւ ուրիշ փորակաւոր եւ ձորակաւոր գաւառաց միջէն), չորս օրէն հասան ընդարձակ ամուր տեղ մը, որ բնակութեան չէնք չունէր, եւ կ՚երեւի թէ կամ Ռահվայի կարաւանատանց պէս տեղ մ՚էր, ուր կային բազմութիւն արանց եւ կանանց հանդերձ անասնօք, եւ կամ մեծ վաճառատեղի մը: Յոյնք յարձակեցան այս ամրափակ տեղւոյն վրայ, բայց վրանին անանկ քարէ կարկուտ մը իջաւ ի պաշարեալ Հայոց, որ յետ քաշուեցան, Քսենոփոն նորէն միրտ տուաւ քիչ մ՚այլ` դիմանալու եւ շուտով դիմելու, վասն զի կարճ անցք մ՚էր վտան գաւոր տեղն, եւ անկէ անդին եղեւնեաց անտառ մը կար` որ քարերուն դէմ պիտի կենար. քարերն այլ անհատնում չեն: Այնպէս այլ եղաւ, Յոյնք վերջին յարձակմունք մ՚ըրին, ի հարկէ ոչ անվնաս, բայց հասան մտան ներս:
Հոս սարսափելի եւ քիչ հանդիպած տեսարան մը բացուեցաւ երկու կողմին այլ. Տայք` անճրկած եւ յուսահատած` բայց չուզելով վատութեամբ օտարաց ձեռքն ընկնիլ` կրցողը փախուցին, անկար կանայք կրցողներէն աւելի կրցան. կատաղեաց պէս այլակերպած, մազերնին ցրուըտած, աչուընին խոլոռած, փոխանակ քարի` սկսան մանր զաւկնին օդուն մէջ պարսելով քարաձոր վհերու մէջ նետել, անոնց ետեւէն զիրենք այլ գահավիժելով անդարձ անդնդոց մէջ. բնական յանդ գնութեամբ արք այլ նոյնպէս ըրին. անանկ որ Յոյն` մը` անոնց գլխաւորներէն մէկը բռնել ուզելով` անոր հետ մէկտեղ վհերուն մէջ փրթաւ ջախջախեցաւ: Հազիւ քանի մը հո գի կրցան բռնել Յոյնք, բայց շատ անասուն գտան եւ առին, էշ, ոչխար եւ կով, որ իրենց պիտանի եղան հետեւեալ օրերուն, երբ Խալիւրաց կամ Խաղտեաց երկիրը մտան, որ թուի արեւմտեան Տայք, կամ Թավուսկերտի (բուն Տայոց) եւ Թորթումայ կողմերը, գուցէ քիչ մ՚այլ աւելի դէպ հիւսիսի մոլորեցան, վասն զի իբրեւ 50 փարսախ (150 մղոն) ճամբայ ըրած կ՚ըսուին այն երկիրը, որոյ բնակիչք քան զՀայս եւ զՏայս աւելի յանդու գն եւ բուռն էին, աղէկ այլ սպառազինուած. Սպարտացւոց նման այլ կարճ թրեր ունէին. որք քանի մը Յունաց գլուխներ իրենց ափը ձ գեցին. իսկ միասայր նիզակնին` Կորդուաց նման 15 կան գնեայ էին: Անվախ կու գային պարելով եր գելով թշնամեաց դէմ գր գռելու, կամ իրենց ամուր գեղերուն մէջ պահուըտած` յանկարծ կ՚ելնէին. իսկ եթէ հալածուէին ի Յունաց` աւելի ամուր տեղուանք կ՚երթային, ուր որ իրենց պաշարներն այլ ապահովեր էին:
Յոյնք շատ զգուշութեամբ եւ ոչ անվտան գասոնց սահմաններէն խուսելով` հասան ի գետ մը իբր 400 ոտք լայն զոր Քսենոփոն Արբասու, Դիոդոր` Արբակ կոչէ. եւ որուն (առջինին) անուան նմանութենէն` չեն խղճեր քանի մը երեւելի աշխարհագիրք, հիմկու այլազգեաց Արբա- սույու գետը համարել, որ է մեր նախնեաց Ախուրեանն, եւ կ՚անցնի ի դաշտէն Շիրակայ` Անիի քովէն: (Այսչափ զՅոյնս դէպ յարեւելս խոտորեցնողք գուցէ կրնային ինչուան Սիւնեաց երկիրն այլ տանիլ, ուր բուն հայկական Արփագետ մը կայ ի Վայոց-ձոր): Ոմանք այլ Ապսարոս գետը կարծեցին, բայց այն այլ Պոնտական լեռներէն անդին եւ ծովուն մօտ է, հաւանօրէն կամ Թորթումայ գետն կամ նոյն իսկ անոր ջրերը ժողվող մեծ եւ ծանօթ Ճորոխ գետն էր Արբասոսն կամ Արբակն այն, որոյ առո գած վերջին Տայոց գաւառն` է Արսեաց-փոր, հիմկու Կիսկիմայ եւ Խոտուջրոյ կողմերը, թէ եւ Յունաց տեսածին չափ լայն չեն այս գետերս:
Ը Այս գետս անցնելով` մտան Յոյնք ի դաշտս Սկիւթաց կամ Սկիւթինեաց կամ Սկուտինաց, որն այլ ըլլայ անունն` տեղն յայտնի չէ. այլ հասարակաց հաւանութիւն է թէ ըլլայ Կարնոյ դաշտն, որ հին ատեն չի յիշուիր մեր պատմութեան մէջ, եւ հաւանօրէն ուրիշ անուն մ՚ունէր: Իրեք որ այս դաշտիս մէջ քալելով` հասան մեծ եւ բազմամարդ քաղաք մը` Գիւմնիաս կամ Գումնասիա ըսուած, զր ոմանք նոյն իսկ Էրզիռում քաղաքը կարծեն, այսինքն անոր տեղ եղած հին քաղաքը (որ ըստ մեզ չկայր այլ), ոմանք այլ Կարնոյ հարւածային արեւմտեան ծայրը եղած Ճինիս գիւղը, ոմանք այլ այս անուան մերձաւորութենէն կախարդուած` կարծեն զԿիւմիւշխանի, եւ պատճառ` անոր արծաթահանքով ծանօթ ըլլալը կու դնեն: Այս գլխաւոր տեղն այլ դեռ վէճի տակ է, բայց Կարնոյ, Սպերոյ եւ Բաբերդու միջոց ըլլալն շատ հաւանական է:
Գումնիասայ (թերեւս Գոմուց) իշխանն` Յունաց մարդ խաւրեց եւ խոստացաւ զիրենք անվնաս հասցընելու իր թշնամեաց երկիրը, խնդրելով որ անոնք այլ այն թշնամի երկիրը այրենն ու աւրեն. առաջնորդ մ՚այլ տուաւ, որ խոստացաւ հին գօրէն ցուցընել Յունաց իրենց ցանկալի ծովը: Երկու կողմէն այլ խոստմունքնին կատարեցին. Յոյնք անցած տեղերնին այրելով աւրելով, որոյ համար իրենց ետեւէն ընկած բնակիչներն այլ կու հալածէին, եւ անոնց ուռենիէ հիւսած վահանները` իբրեւ յաղթանակ առին, զոր եւ իրենց առաջնորդն ուրախութեամբ կու կոտըրտէր. վերջապէս հասուց զանոնք մէկ սրբազան լեռ մը, ինչպէս կ՚ըսեն Յոյնք, եւ կանուանեն Թեքես, կամ Քենիոն ըստ Դիոդորի. զոր հիմայ հնախոյզք կարծեն Կոբ լեռը, ընդ մէջ Կարնոյ եւ Բաբերդու, ուսկից ճամբայ այլ կայ 8000 եւ աւելի ոտք բարձրէն. սակայն եթէ Գիւմնիաս քաղաքն Կարնոյ դաշտին արեւմտակողմն էր` ինչուան ի Կոր հն գօրեայ ճամբան խիստ շատ է. ասկէց այլ գծով տեսնել իբր 60 մղօն հեռուէն ամեն աչքի համար չէր: Յոյնք` գոհութեամբ առատապէս վարձատրեցին առաջնորդնին թէ ստակով եւ թէ զգեստով. բայց նա աւելի փափագով ուզեց եւ առաւ անոնցմէ շատ մատանիներ ու դարձաւ:
Այնքան մեծ եւ անպատմելի եղաւ Յունաց ուրախութիւնն ի տեսնելն հեռուէն իրենց սեփական որորան համատարած աղի ջրերուն փայլուն մակերեւոյթը, եւ այնքան մեծաձայն ծո՜վ ծո՜վ կանչէին, որ մօտ եղած գրաստներն խրատէին եւ շփոթէին. վերջապահ գունդն եւ հեռուն գտնուողք, կարծեցին թէ թշնամիք չորս կողմն բռներ են. եւ զէնքի վազեցին: Բայց երբ իրենց դէմ ոչ հակառակող` այլ աւետաբեր տեսան, եւ կէս հաւտալով կէս անհաւատ լեռն ի վեր վազեցին` եւ իրենք այլ տեսան գծով, ամենքն իրարու պլլուեցան, զօրավար եւ զինուոր, եւ շատերն ուրախութեան արցունք թափեցին երկար ատեն…:
Այսպէս ելան մեր հայրենի սահմաններէն: Պէտք է, երթա՜ք բարով ըսենք, անոնց, Հայկակ մերազգի առաջնորդին հետ ցուցընելով մօտաւոր գեղը եւ Մակրոնաց ազգին երկիրը եւ ճամբան, ուր որ հասան Յոյնք երեք որ թփոտ մացառոտ բլուրներէ իջնելով. անկէ այլ իրեք օրէն մտան ի սահմանս Կողքեաց, անկէց այլ երկու իրեք օրէն հասան ի Տրապիզոն, իրենց ազգակից գաղթականաց մէջ, եւ տարիէ մը վեր հեռացած եւ փափագած ծովուն եզերքը. եւ մտան հոն յետ ամիս մը հանգչելու եւ բարեկենդան ընելու ի մեծի քաղքին Պոնտոսի, ու նաւելով ի Սինոպ եւ ուրիշ ծովեզերեայ քաղաքներ. ապա քիչ մ՚այլ ցամաքէն երթալով, իբր վերջի միաբան իջեւանն ըրին ի Խրիւսոպօլիս, այսինքն յԻւսկիւտար Բիւզանդիոնի, օ գոստոսի սկիզբը, եւ անկից ցրուեցան իրարմէ, Կիւրոսի հետ ճամբայ ելնելէն տարի ու կէս ետեւ:
Թ Կորդուաց լեռները եւ Հայոց հարաւային սահմանները կոխած ատեննին, ինչպէս ըսի, նոյեմբերի կէսերն էր, իսկ Խաղտեաց լեռը ելած եւ ծովը տեսած ատեննին, ի հիւսիսային սահմանածայր Հայոց, փետրուարի սկիզբն էր, ուրեմն երկու ամիս ու կէս ամենէն ցրտագոյն եղանակին (Քրիստոսէ առաջ 401-400 տարին) այս հռչակաւոր Բիւրն Յունաց, գերահռչակ զօրավարի եւ պատմչի առաջնորդութեամբ` կատարեց այս յաւերժայիշատակ նահանջը, անոր դժուարութեան մեծագոյն մասը գտնելով մեր աշխարհին մէջ, ուր եւ գոնէ հազար մը կամ հազարներ այն ծաղկահասակ Հելլենեաց` ծածկեցան հիւսիսային սառամանեաց եւ հայկական հողոյ մէջ: Քսենոփոն որոշ թիւ չըսեր. սովորաբար 10000 կ՚ըսուին նահանջողք, այլ ըստ ոմանց 13000էն աւելի էին Կորճայից սահմաններուն մօտ. Քսենոփոն` Տրապիզոնէն անդին ի Կերասոնտ (Քիրէսուն) դեռ 8600 հո գի կու յիշէ. իսկ Դիոդոր Սիկիլիացի ինչուան յԻւսկիւտար` տասն հազարէն միայն 3800 մնացած կ՚ըսէ: Մեր աշխարհին բարձր կլիմային եւ օտարաց անձորձ ցրտոյն համեմատ, միան գամայն Պարսից թշնամութեամբն հալածուելով, եղած կորուստն` դեռ կրնայ քիչ ըսուիլ. եւ պէտք է ապրողք շնորհակալ ըլլան նախ իրենց փիլիսոփայ վերջապահ զօրապետին, եւ ապա նոյն իսկ մեր հայրենակցաց, որք աւելի մարդասէր եւ հիւրընկալ եղան անոնց` քան իրենց սահմանակիցքն` Կորճայք, Տայք, Խաղտիք, եւ այլն, եւ եթէ Պարսից թագաւորի կողմնակալքն չըլլային ի Հայս` աւելի հանգիստ եւ դիւրին կ՚ըլլար Յունաց Բիւրուն նահանջն: Ձմեռուան համար այլ ըսելու է որ որչափ սաստիկ էր` դեռ սաստկագոյն տարիներուն մէկն չերեւիր, այլ եւ մեղմագոյն, շատ տեղ` աղջկանց աղբիւրներէ ջուր հանելն (որ ուրիշ կողմանէ կու յիշեցընէ մեզ նահապետական Ռեբեկաները եւ Ռաքելները), կամ նաեւ միջակ գետոց (չսառած) միջէն անցնելնին` այս բանը կու ճշմարտեն. անկէց զատ կու հաւաստէ նոյն պատմութիւնն թէ այն ատեն այսչափ մերկ չէր երկրին երեսը, այլ աւելի ծառոտ եւ անտառոտ, որով ցրտին դէմ դնելու երկու ճար այլ կար, մէկ մը հովը ար գելլով կանաչասեւ կամ ճերմակապատ վարագուրով եւ պատուարաւ մայրեաց, մէկ մ՚այլ անոնց ճղերով կրակ ընծայելով, յետագայ դարուց պատմութիւնքն այլ զայս ցուցընէն:
Ճանապարհորդաց մեծ մխիթարութիւն մ՚այլ էր բարեկամութեամբ ընդունող գեղերու եւ գեղացեաց քով գտած առատ պաշարներն, թէ մսեղէն (որոյ մէջ յիշուի խոզենին այլ), թէ ընդեղէն եւ չոր պտուղ, ու մանաւնդ զօրաւոր գինի մը, զատ ի գարեջրէն: Ասոնք յայտնի նշան են թէ այն ատեն շատ աւելի բարեկեցիկ էին մեր գիւղացիք` քան հիմայ եւ ուրիշ ատեններ, երբ այնքան փոփոխութեանց եւ հարըստահարութեանց տակ չէին ընկած, այլ կամ իրենց բնիկ Հայկազն թագաւորաց կամ արեւելից մեծ տիեզերակալին կանոնաւոր իշխանութեան տակն էին, միայն երբեմն դրացի ազգաց ասպատակութենէն կու նեղուէին. սակայն անոնց դէմ կենալու ոյժն այլ ունէին, հին Հայ երկրագործաց եղբարքն` էին Հայ զինաւորք: Հայոց թագաւորն այն ատեն հարկատու էր Պարսից, որք երկու մեծ կուսակալութիւն բաժնած էին զաշխարհը, յարեւելեան եւ յարեւմըտեան. սակայն այս ար գել չէր որ Հայկազն թոռն Տի գրանայ` իր նախնեաց օրինօք չկառավարէր իր սեփական ազգը:
Հայաստանէ անցնող Յոյնք այլ բոլորովին անծանօթ չէին մերոնց, որք եւ սահմանակիցք կրնային ըսուիլ` Փոքր Ասիոյ մէջ, ուր հազարով տարիներ առաջ մեր Արամ նահապետն երկու ազգերը մօտեցուց իրարու, եւ թերեւս այս առաջին ան գամ չէր մերձաւորութեան. իսկ յետ անոր` շատ ան գամ այլ զիրար ճանչցեր էին, սկսեալ ի կիսասուտ ուղեւորութենէ Ար գոնաւորդաց, մինչեւ յարշաւանս Դարեհի եւ Քսերքսեսի ի Յունաստան, որոց բանակաց մէջ կային հայկական գունդք: Բայց ասոնցմէ առաջ եւ քիչ ետք յԱր գոնաւորդաց, իբր 800 տարի նախ քան զՔսենոփոն եւ իր բիւրը: Բիւր մը Հայոց այլ կտրիճ հեծելոց քան հետեւակաց` գնացին, թէ ոչ ի բուն կղիականն Յունաստան, այլ ընդդէմ Յունաց. մինչեւ յարեւմտեան ծագս Փոքուն Ասիոյ, յԱրմաւրայ մինչեւ ի Տրոյա, 18 աշխարհագրական աստիճանի երկայնութեամբ հեռի միջոց հորիզոնական ուղղութեամբ ( գրեթէ նոյն լայնութեան աստիճանին տակ էին Պռիամու եւ Զարմայրի մայրաքաղաքքն). երբ այս ետքինս Ասորեստանեայց Տեւտամոս ինքնակալին կամօք` գնաց յօ գնութիւն որդէկոտոր ծեր թագաւորին Դարդանեանց, եւ ի վրէժ սպանմանն Եկտորի յոխերիմ դիւցազնէն, թէ եւ ինքն այլ քաջութեամբ վիրավորեալ ընկաւ հոն. «այլ յԱքիլլեայ կամիմ, եւ մի յայլ ումեքէ ի քաջացն»: Բայց ու՞ր մնաց մեր այն ժամու Քսենոփոնն` որ այս հայկական Բիւրուն անցքն ու դիպուածը ճառագրէր: … Արդեօք չե՞մք ունեցեր, թէ ոչ Հոմերոս մը, գոնէ Դիկտիս մը եւ Դարեհ մը տրովական պատերազմաց պատմող: Հիմայ ձեռուընիս բան չկայ, եւ ոչ իսկ համբաւ այնքան հին ժամանակաց. - մինչդեռ Քսենոփոն` մեր աշխարհին ծանօթութիւնները կու բանեցնէ ոչ միայն այս Նահանջիս գրոց մէջ, այլ նաեւ Կիւրամարզին:
Ժ Սակայն չեմ ուզեր անմխիթար լռել, Հայկակ, եթէ Քսենոփոնէն 800 տարի առաջ չունեցանք իրեն նմանը, իրմէ 800 տարի վերջը ունեցանք մէկ մը. այն ոսկե գիր եւ մեղրաբան մէկն` զոր ժամանակիս հայ գրականութիւնը նորո գող հարք եւ զայն յար գողք` անուանեցին Հայ Քսենոփոն. Վարդանանց պատերազմին Պատմիչն: Ո՞վ կածէր թէ Քրիստոսէ չորս դար առաջ Ատտիկեցի մեղուին անցած Մոկաց լերանց սահմաններուն վրայ` պիտի գար Քրիստոսէ չորս հին գդար ետեւ` իր քաղցրաթել կենաց հիւսուածը ամփոփելու` Արարատեան մեղուն ԵՂԻՇԷ. որ եւ ինքնին այս Քսենոփոնի անցած բարձր կոհակներ` Ձիւնեղէն լերինք Հայոց անուանողն է: Ո՜վ կարծէր թէ մեր մեղուն այլ երբեմն Ատտիկեցւոյն նման` զինակիր էր Վարդանայ` մեծի եւ սիրելւոյ քան զԿիւրոս եւ զՊրոքսեն: Ո՜վ կարծէր թէ Եղիշէ այլ փոխանակ Քսենոփոնի` անոր հայրենիքը պիտի երթար` պարզ բանաւր մեղրաբանութեան համար, եւ անոր Սոկրատ վարժապետին եւ բարեկամին տեղ պիտի ունենար Սահակ եւ Մեսրովպ մը ի Հայս, Կիւրեղ մը յԱղեքսանդրիա. - անոր լայնաճակատ ու լայնակռնակ աշակերտակցին (Պղատոնի) տեղ` Եզնակ մը, Դաւիթ մը եւ Մովսէս (Խորենացի) ուսումնակից, որք Աթենայ հանճարը փոխադրեցին ի Հայս: Մենք պէտք է հաւասար շնորհակալ ըլլանք մեր ազգակից Հայ հանճարեղ հարց այլ, հելլենացի վարժապետաց այլ. եւ եթէ աւելի պանծանօք քան Յոյնք զՔսենոփոն` պատուեմք զմերս արարատեան մեղու, դու այլ ով Ատտիկեցիդ (Քսենոփոն) անշնորհք մ՚ըլլար եթէ անուանեմք զքեզ` ՅՈՅՆ ԵՂԻՇԷ:
Արդ այս բաւ է մեզի այլ քեզի այլ. դարձիր դու փութով քու հայրենիքդ` պաշտպանելու հին վարպետդ բարեկամդ եւ մարտակիցդ, Սոկրատը: Ահա զծերունին կու քաշեն ի բանտ, ահա մոլեխընդին մահաբեր բաժակը ձեռքն է. - եթէ չկըրցար ազատել զնա յԱնտոսեանց, որպէս ոչ մերքս զՍահակ ի Սուրմակեանց, կամ հին հաւատարիմքն` զՆերսէս եւ զՏրդատ, գրէ' գոնէ անոր Պաշտպանութիւնը, որպէս Խորենացին զՈղբն, եւ Եղիշէ իր պատմութեան եւ միանձանց ճառին մէջ` սրտառուչ յիշատակները: - Եւ եթէ դու այլ հալածուիս եւ աքսորուիս` քու նրբամիտ` այլ փոփոխամիտ քաղաքացիներէդ, ասով այլ Եղիշէի եւ ընկերակցացն հալածանաց եւ կամաւոր աքսորանաց կամ միայնութեաննման սեպուիս: - Ա'ռ դու այլ Կորնթոսի օտարութեան եւ առանձնութեանդ մէջ` մեղրածոր գրիչդ, եւ Կիւրամարզի վիպասանութեանդ մէջ խառնէ ի Հայաստան եւ ի Հայոց լսածներդ, իրենց դար մ՚առաջ վախճանած սիրելի Տի գրանին վրայօք. հիւսէ' անոր պարկեշտ ու խանդակաթ կողակցին նազաբանութիւնը, հանդերձ քու Պանթէայիդ կեղծ ողբեր գակ պատմութեամբ, որոյ փոխանակ աւելի վսեմական փափկութեամբ մենք կարդանք մերազգի մեղուին դրուագը` զփափկասուն Տիկնայց Հայոց աշխարհին եւ զկանանց կապելոց նախարարացն: - Ի հարկէ չես մոռնար Տի գրանէն առաջ` անոր պէս Հայոց սիրելի եղած` իրենց գեղեցիկ եւ ողջախոհ նահապետին` Արայի` մահը եւ առասպելախառն յարութիւնը` պատմելու քու քաղաքական վարչութեան կարծեացդ ընդդիմարան, այլ եւ քեզմէ մեծ ու ճարտարաբան գրչին եւ իմաստասիրի` Պղատոնին. որ անհաւան չէ թէ քեզմէ լսած` եւ այլափոխած պատմէ իր Հասարակապետութեան գրոց մէջ Էր Հայկազին` դարձն ի մեռելոց եւ տեսիլքը: - Իսկ երբ ձիադարմանութեան կամ հեծելութեան վրայ գրես, անշւշտ չես մոռնար հայկական եռանդուն երիվարները եւ քու սիրով առած մտրուկներդ, եւ այն խնամքն` որով Հայք դարմանէին զանոնք: Որոոց վրայ այլ գրած ատենդ, եւ մանաւանդ նապաստակին ճարտար նկարագրութեան ատեն` անշուշտ դեռ կու յիշես Հարքացի կամ Հանունի (կամ այլ Հայ գաւառի մը) գեղապետին փեսայն, որոյ իննօրեայ նոր հարսը գերած կամ պատանդ բռնած ատենդ, նա ան գէտ եղածին` նապաստակ որսալու ելեր էր ի սառնապատ սարս ձիւնեղէն լերանցն Հայոց: - Այսպէս քու զանազան գրոցդ մէջ` յայտնի կամ ծածուկ խառնես մեր Հայաստան աշխարհին յիշատակները` քու բանական մեղրդ գործելու. ինչպէս մերս Եղիշէ այլ` իր ազգին վրայ գրած ատեն` քու հայրենեացդ իմաստից ծաղիկներովն պիտի հիւսէ իր քաղցրաբանութիւնը:
Արդեօք այս երկուքէն ո՞րն աւելի անուշահամ է եւ պիտի ըլլայ մինչեւ իսպառ ` համազգային Ճաշակաց, Ատտիկեցին իր Հելլենաց, թէ Այրարատեա՞նն ` մեզ Հայոց:
ԻԲ. Նէարքոս եւ Պօլիքտոս
խմբագրել22 Ապրիլի 260.
Ա
խմբագրելԱՊՐԻԼ ամսոյ 22, գարնանաին եղանակի գեղեցի՜կ օր, գեղեցի՜կ եւ զբօսանք մտաց ու մարմնոյ ի գեղեցկութեան վայրի, այսինքն ի բնութեան, ի մէջ նորաբողբոջ եւ բար գաւաճ ծաղկանց եւ տնկոց, պայծառ ջրոց հեզասահ կամ կակաջուն գնացից քով, դալարածայր ծառոց անուշահոտ ոստոց հովանեաց տակ, հաշտ եւ անկասկած երկնակամարին ներքեւ: Այսպիսի ատեն այսպիսի տեղ` քաղցր է թողուլ երբեմն ընտանի հո գեր եւ առանձին մտածութիւններ (բարձրերն ան գամ), եւ առանց նուաստանալու ի մարդկութենէ` խոնարհիլ բնութեան ուրիշ անմեղ որդւոց հետ, մարդասէր կենդանեաց հետ խառնուիլ, խաղալ ընդ գառին եւ ընդ ուլու, անոնց եւ մեզ համար հաւասար սփռուած մարմանդից վրայ, յիշել եւ կարդալ հին մարդկան հովուական երանախառն ըսուած կեանքը, գոնէ ըստ նկարագրութեան քերդողաց: … Բայց ու՞ր են մեր հովուեր գակքն, ու՞ր Հայ Թէոկրիտք եւ Մառոնք, որ հռչակէին հայրենի եդեմաբուղխ գետոց հովիտները` ոչ պակաս, այլ եւ աւելի գեղեցիկ եւ երջանիկ եղած քան զԱրկադիա: - Արկադիա՜. Յոյն եւ Լատին քերդողաց երազեալ Եդեմն, ուր ընդ ամենայն գեղեցկութեանց բնութեան` ընդ հովտաց, ջրոց եւ բուսոց` խառնէր եւ եր գոց ներդաշնակութիւնն այլ, իբրեւ իր բնիկ երկրէն բղխելով, ուր հովուաց հեղինակն եւ պաշտպանն` պայիկն Պան` հնարեց Սրին գը, եւ շրջակայ գեղեցիկ տեղեաց եւ անոնց միջի գեղեցկաց անուններն` քաղցրալուր հռչակեցան: Երբ կաթնասուն շրթունք ի չար եղե գանցն փսփսացին, տեղւոյն բրտաբարոյ բնակչաց վրայ անանկ երան գերան գքօղ իջաւ, որ բուն մարդավայել եւ երանագոյն երկիր` այն տեղն կարծուեցաւ. վայրենի ու անկիրթ սեպուեցան սիրտ եւ ականջ` որ չհաւանին ատոնց կեղծեացն ան գամ, կամ չախորժին այսպէս գարնանահոտ օրեր` պարապիլ անոնց հռչակողաց հռչակեալ գրուածոց հետ, եւ նոյն ինքն հռչակող բանաստեղծքն` թէ եւ օտարք եւ հեռիք աշխարհաւ, այլ գրեթէ կու հարկաւորէին իրենց գովանի հովիւները եւ եր գողները Արկադացի ընել. եւ թէ եւ ոչ պակաս քան զԱրկադիոյ` այլ գուցէ եւ աւելի գեղեցիկ Իտալիոյ մասին վրայ, Մինշիոյ գետոյն հովտաց մէջ կ՚եր գէր եւ եր գել կու տայր Մառո (Վիր գիլիոս) իր Թիրսիսը եւ Կորիդոնը, բայց դեռ Արկադացի կ՚անուանէ զանոնք:
Երկաքանչիւր իսկ ծաղկատիք, երկաքանչիւր Արկադացիք
Եւ յեր գել հանգիտազօրք, եւ յանդրադարձն դիմագրաւք:
Չըլլան մեզի այլ անախորժ, ո'վ Հայկակ, ոչ անուն, ոչ բնութին եւ ոչ եր գիչք Արկադիոյ, մանաւանդ օտարաց մէջ` մեզի այնչափ քաղցր ըլլայ, որչափ անոր շինական եւ բնական վայրացը մէջ` կու լսենք ոչ սակաւ մեր հայրենի տեղեաց նմանաձայն անուններ, ինչպէս Փուլակ, Պետրոսակ, Պարոյր, Երիզան (Արածանի) գետ, Մելաս գետ, եւ այլն:
Այս յետին գետոյս` Երիմանդեանն Մելաս անունն` օրուանս յիշատակաց հետ խառնուելով, յափշտակէ զմեզ յԱրկադիոյ, անոր հովուաց եւ եր գոց հետ, եւ փոխադրէ մեր Գ Հայոց մելիտինեան Մելասագետահովիտը. մեր Մելասն` որ ի շրջակայ լերանց Կապպադովկիոյ եւ Կոմագենաց կ՚իջնէ, կու ձեւանայ եւ կ՚երթայ թափիլ յեդեմականն Եփրատ, եւ սա` մեծ դնդնչմամբ քարալեռներ կտրելով` հոս կու զատէ մէկմէկէ զՄեծ եւ զՓոքր Հայս, այս ետքինիս նահան գթողլով զՄելիտինէ. զայն` զոր յառաջ քան զ4000 տարի` քաջ բազուկն Արամայ իբրեւ կամրջաւ իր բնիկ աշխարհին հետ միացուց: Հո'ս, այս մելիտինեան Մելասայ հայրենի հովտաց եւ առուաց եզերքը` կու հրաւիրեմ զքեզ այսօր, Հայկակ: Ե'կ, այս գեղեցիկ ժամերուս եւ հովերուս` հանգչինք ընդ հովանեաւ հացեաց եւ հանճարեաց, ընդ Դաբնիտեայ եւ Մելիբեայ, լսել եւ յիշել երջանիկ ժամանակաց, եւ երջանկագոյն անձանց մրցանք մը` մեծագոյն սիրով քան եր գով: …
Ո'վ, քանի՜ վեհ ու վսեմ է քու հոսանքդ` ո՜վ Եփրատէս, որ մարդկութեան նախածնողին հետ` եւ անկէ այլ առաջ յիշուած` կ՚իջնես իբրեւ ընդ աստիճանս բազմադարեան ժամանակի` երթալ յանդունդ յաւիտենականութեան. - քանի՜ քաղցր կրկջալովկու խառնուի քու ծոցիդ այս մեղրածորան Մելասս այլ. որ թէ եւ անծանօթ եւ անայցելու է մնացեր ի վայրենասէր մուսայից, այլ ինծի հաճոյագոյն եւ սրբագոյն է քան զամենայն վտակս եւ հովիտս,, հովիւս եւ եր գիչս Արկադիոյ: Չունի՞ միթէ եւ մերն Մելաս իր եր գով սիրով մրցողները, իր եռանդուն եւ զու գահասակ պատանիքը, իր աննման ջուխտակը, որք եւ
Երկոքեան իսկ ծաղկատիք եւ երկոքեան Մելիտացիք:
Հաւասարք յեր գ, յեր գսուրբ սիրոյ, եւ ի մրցանս կազմապատրաստք:
Արդ բարո'վ երթան, ո'վ Մելիբէէ, քու ստեղծած եւ քու հռչակած Արկադացիքդ, եւ Թիրսիսն եւ Ալեքսն, իրենց ամենան եր գերով եւ եր գոց առիթներովն, եւ գան մեզի, ու միշտ մնան` ճշմարիտ շնորհաց ծնունդք` հո գւով երկուորեակքն` Մելիտացիք մեր ազնիւք ՊՕԼԻՔՏՈՍ եւ ՆԷԱՐՔՈՍ: Ասոնք ոչ հովիւք արուեստիւ եւ եղե գով եր գաշարժք, այլ հո գւով հետեւողք այն մեծի հովուին` որ հովուէ միշտ ի վայրի գալարւոջ եւ սնուցանէ առ ջուրս հանգստեան. մարմնով զրահաւորք եւ զինաշարժք` կայտառ կտրիճք. երկուքն այլ զինուորեալք հռովմէական բանակին ԺԲ գնդին մէջ, այն գնդին, որ երբեմն (յամի 174) ընդ Մ. Աւրեղիոսի կայսեր երթալով ի պատերազմ ընդդէմ բարբարոսաց, յերկիր անջուր եւ անապատ, եւ տարակուսել եւ ի վտան գել բանակին եւ պարապ տեղ կանչել անմռունչ եւ անականջ չաստուածներու, ընծայեց իրմէ գունդ մը մը քաջաց քրիստոնէից, որք սրտերնին եւ աշուընին յերկինք վերցընելով` առ Աստուած աղաղակեցին, եւ մէկէն թնդալով որոտացին անամպ անմրուր երկինք, կայծակներ թափեցան, անձրեւաց հեղեղք իջան, եւ մարմրած բանակն խմեց կենդանացաւ. անկէ ետեւ բարեւացապարտ զօրագունդն այն` անմահացաւ Շանթաձի գԼե գէոն կոչմամբն յերկր, իսկ յերկինս` վկայութեամբ սուրբ հաւատոցն: Այս դիպուածէս դար մ՚ետեւ` սոյն անուամբ գունդ պահապան նստէր եփրատական կողմանց` ի Մելիտինէ քաղաք` զոր կայսերքն Հռովմայ ամրացընել տուեր եւ զօրանիստ սահմանակայ քաղաք պատրաստեր էին: Եւ ահա հոս այս գնդիս մէջ զինուորեալ եւ յառաջացեալ էին մեր հո գեզոյ գխեղեփքն Պօլիքտոս եւ Նէարքոս, բնիկ իսկ տեղացիք:
Բ
խմբագրելՄելիտինէ վաղուց հայացեալ` յառաջադէմ այլ եղած էր ի հայութեան, ազնիւ եւ մեծ նախարարութիւն մ՚ընծայելով ազգերնուս եւ տէրութեան, որ կու յիշուի նաեւ ի Գահնամակին Խոսրովու (հօր Ս. Տրդատայ, որոյ թագաւորութեան ժամանակ ծաղկէին մեր նահատակքն, եւ որոց եղերական մահուան տարին (260) կատարուեցաւ մերոնց երանական հանդէսն այլ: Այս նախարարութեան պայազատն էր թերեւս Պօլիքտոս, զոր ամենքն վկայեն ազնուատոհմ ըլլալ, (Seiqnenr Armenien ըստ Գոռնէյլի), ապա թէ ոչ` անհաւատալի կ՚ըլլայ որ Փելիքս` հռովմէական կայսերաց կուսակալն` զիջանէր անոր կնութեան տալու իր դուստրը` Պաւլինէ կամ Բոլինա. ուրեմն թէ' քաղաքական եւ թէ զինուորական պատուով` առաջին ազնիւ երիտասարդն էր Մելիտինեայ մերս Պօլիքտոս: Այս անուն` եթէ կամօք աներոյն չէ հռոմացեալ` հարսին անուան մերձեցընելով, կրնամք յունացեալ կարծել, ինչպէս Ս. Եւստռատիոսեանց եւ ուրիշ հայազգի սրբոց ոմանց անուանքն այլ. բայց անհաւան այլ չէ որ նոյն իսկ ազնուական Հայք խնամութեամբ Յունաց եւ անոնց դպրութեամբ վարելով այն ատեն` յունական անուններ այլ կու դնէին իրենց որդւոց. ինչպէս էր եւ Սալհունեաց սուրբ երիտասարդ Աթենոդոր, եւ մարդն այլ Աղուիթա: Արդ ինչպէս այլ ըլլայ` մեր Մելիտեան երիտասարդին անունն` որ յունարէն Բօլիէւքդոս գրի եւ Բազմաղօթք կամ Բազմանուէր թար գմանի, ի Լատինաց կերպ կերպ կոչի (Polieuctus Polioctus Polictus) ի մանաւանդ ի Հայոց, Պօզիէւքդոս, Պօզիւքտիոս, Պօզոքդիոս, Պողոքտիոս Պողէւքտիոս Պաւլիուքտ Պօլիքտոս. որոնցմէ առաջին հաւատարմագոյն է յունական ձայնին, վերջին մեզի աւելի ընտանի եւ դիւրալուր: -
Զինուորութեան մէջ ինչուան ո՞ր աստիճան բարձրացեր էր Պօլիքտոս, չէ նշանուած. բայց միայն զի աստիճանաւոր էր, եւ քղամիդ ունէր եւ անտարակոյս է` որ իր հասակն, քաջութիւնն, արիւնն, փեսայութիւնն Փելիքսի` իրեն ցուցընէին եւ մօտեցընէին շատ բարձրագոյն աստիճաններ եւ ընդարձակ սահման երկրաւոր փառաց եւ պատուոյ, որոց արժանաւոր էր` այն ձիրքերէն աւելի` բարուց լաւութեամբն: Զի էր ներքուստ եւ արտաքուստ կայտառ եւ աշխոյժ, եռանդուն եւ զուարթ խառնուածքով, լայն եւ բաց սրտով եւ ձեռքով, միայն պատերազմի բանակաց մէջ ահաւոր եւ շանթահար իսկ անկէ դուրս` նաեւ արիական սպառազինութիւնն` իր հասակին եւ երեսաց նօր փայլք մը տալով` կ՚երեւցընէր զինքն ըղձալի եւ սիրահար: Կարծես թէ գեղեցիկ լաւութիւններն վառ ի վառ դրոշներու պէս հռոմէական ' հայրենի նիզակաց վրայ պլլելով` պիտի կարենար ամեն դժուարութիւն մերժել, ամեն յաջողութեան դուռ բանալ, եւ ըլլալ երկրիս երջանիկ վայելող եւ տէր մը: Գուցէ երբեմն ինքն այլ այսպիսի իղձերով եւ կենակցին սիրովն` կու լուղար ծանուցեալ եւ անծանօթ երանութեանց եւ յուսոց մէջ, բայց իր գեղեցիկ եւ մեծ սրտին համար` անոր ստեղծողն գերերկրեայ բարիք մը պատրաստեր էր:
Իսկ Նէարքոս, որոյ սեփական յիշատակն է այս օր (22 ապրիլի) հասակաւ, պատուով եւ սրտիւ մերձաւոր զու գակից Պօլիքտոսի, ունէր արտաքին փոքր զանազանութեանց մէջ` ներքին մեծ տարբերութիւն մ՚այլ: Զինուորութեամբ գնդակից եւ աստիճանաւ այլ յառաջացեալ` անոր նման, ցեղիւն այլ անուական եւ մեծատուն, եւ հաւանօրէն ի նոյն Գ Հայոց սահմանէն, բայց ոչ ի բուն Մելիտինեայ, այլ ի Կանան, կամ ըստ յունացեալ կոչման` Կանանետոն քաղաքէ, այսինքն Կանանացւոց քաղքէն, որոյ դիրքն մինչեւ հիմայ անծանոթ է մնացեր, բայց միշտ կարծուած է մերձաւոր Մելիտինէի: Սակայն ոչ այնքան տեղեաւ, հասակաւ եւ բաղդիւ որքան սրտով մերձաւորք եւ համազոյ գք էին «Նէարքոս… եւ Պօզիոքտոս երանելի սուրբ վկայքն` եղբարք կոչէին, ոչ եթէ ազգականութեամբ, այլ ըստ բարիօք յօժարութեանն եւ սրբոյ` հանդիպէին, եւ գըտանի սերտ սէրն զոր ունէին` կոչեցան բարեկամք եւ ընկերք, ըստ Աստուծոյ խորհրդեան գտան խորհրդակիցք երկոքեան»: Այն սերտ սէրն այնքան մերձաւորեր, միացուցեր, ձուլեր էր զանոնք, որ ոչ երկիր եւ ոչ երկինք կրցան իրարմէ զատելու:
Սուրբ մեծ եւ աստուածային էր ուրեմն Նէարքոսի եւ Պօլիքտոսի սէրն, որոց քով կ՚աղօտանան, մթանան, չքանան սիրելութիւնք դիւցազանցն Աքիլլեայ եւ Պատրոկլեայ, զօրավարացն` Աղեքսանդրի եւ Հեփեստիոնի, Պիւթագորեայցն` Պիւթիասայ եւ Դամոնի, եւ Դիոսկուրեայց` Կաստովրի եւ Պոլիեւքտեայ, եւ այլոց նմանեաց, եթէ քննուին անոնց կիրքն, գործքն եւ կատարածն: Թերեւս երկրիս վրայ գրուած կամ կրուած ճշմարիտ եւ հզօր բարեկամութեան սիրոյ չկան գերագոյն օրինակք` քան զմեր Մելիտացի նահատակս, որոց համար ամենաստոյ գէ վկայեալն, թէ «Էին յերկոսին մարմինսն` մի ո գի եւ մի կեանք». այո, ամենաստոյ գ, զի ինքն իսկ կրողաց մէկն է եւ գրողն զայս, նազելին Նէարքոս: - Ի բարեբաղդութիւն հասարակաց եւ ի պարծանս Հայաստանեայց` սոյն ինքն սուրբս այս բաներս եւ իր սրտակցին նահատակութիւնը գրով աւանդեր է, որպէս շատք ի սրբագրաց վկայեն, այլ չեն տեսեր գրուածք, զոր կարծեմ ամբողջագոյն քան զնոսա` ունիմք մենք մեր ազգային դպրութեան աւանդեալ գանձուց մէջ: Այս գրուածս, թէ եւ մէջն ուրիշ ձեռք այլ մտած եւ 1600 տարուան հնութիւնն քիչ մ՚այլայլած ըլլայ, դեռ ոչ միայն իբրեւ հնագոյն գրուած քան զՀարց Յունաց եւ Հայոց պատուասիրելի է, այլ եւ պաշտելի` իբրեւ կենդանի թար գման սրտին Նէարքոսի:
Սի՜րտ Նէարքոսի, հեղուկ եւ նազուկ, որոյ սրբազան սպիտակութեան վրայ կու յանդ գնիմ նշմարել լուսաթափանց տրտմութեան շուք մ՚այլ բայց այնքան բարակ եւ թեթեւ շուք` որ կրնայ վկայութիւն մ՚ըլլալ առաջին դարուց կուսամանուկ քրիստոնէի մը սրտի, այնպէս անոյշ մելամաղձ կամ մեղրամաղձ մը` ինչպէս կրնայ վայելել երկրաւոր սրբոյ մը: - Նէարքոս քրիստոնեայ էր եւ արժանի Քրիստոսի անուան եւ սիրոյն, մեծատուն, ծաղկահասակ եւ զինաւոր. բայց այս ձիրքերս փոխանակ զինքն յերկիր ձ գելու` աւելի վսեմութեամբ մը յերկինք վերցընել տային: Ո՚հ, ո՜րքան տարբեր էին Նէարքոսեանքն` իրենց հասակակից երիտասարդներէն ոմանց, որք կ՚ուզեն աւելի ստու գել իրենց հասակին քան հաւատքին բնութիւնը, անվայելք` մէկուն բնատուր բարեաց, մէկայլին երկնաւոր փառաց. - արդարեւ մեծամիտք անիմաստք, որք չեն կրնար հասկընալ թէ բնութեան ուժոյն եւ շնորհաց վրայ` այնպիսի ոյժ ' շնորհք կ՚աւելցընեն կրօնք, զոր ուրիշ հնարքով մ՚անկարելի է գտնել: Ոյժ մարմնոյ, շնորհք հասակի եւ սրբութիւն սրտի, մտաց բացութիւն, եւ հո գւոյ հաւատք, ի՜նչ գեղեցիկ, ի՜նչ վսեմ, ի՜նչ ցանկալի խառնուրդ: - Այսպիսի էր մեր հաւատոց նախահարցն, առաջին դարուց ծաղկահասակ քրիստոնէից, այնպիսի սպիտակ սրտեր կային անոնց երագարիւն եռանդնոտ ծոցերը, որ երբեմն ի հարկի եւ հալածանաց ժամանակի` քահանայք աստուածային պատարագը մատուցանելու համար` յարմարագոյն եւ պատրաստագոյն խորան չէին գտնէր քան զանոնց պարկեշտ լանջը, եւ այն տիրատաշ ջերմիկ եւ կենդանի սեղանոց վրայ կու դնէին եւ կատարէին անմահութեան խորհուրդը: Ո՞ր կրոնք կրցեր է այսպիսի բան մը մտածել, այսպիսի երիտասարդներ ընծայել, յորոց մի էր եւ մեր նախանձելին Նէարքոս: Թերեւս Մելասայ կամ Կանանայ լեռնապարիսպ հովիտքն` իր երկրաւոր հորիզոնը քիչ մ՚ամփոփած էին, եւ շատ աշխարհին ծանօթութիւններ չունէր, սակայն հալածանաց ժամանակն, երկու կրօնից (քրիստոնէութեան եւ հեթանոսութեան) անհաշտ կռիւն, աշխարհակալ Հռովմէացւոց հետ զինակցութիւնն այլ` ի հարկէ բաւական տեղեկութիւններ տուած էին իրեն. եւ ոչ տ գիտութեամբ` այլ ընտրութեամբ` կու սիրէր ամփոփ մնալ. իր սրտին ու մտաց ընդարձակութիւնը եւ բարձրութիւնը` կ՚առնուր անյագընթերցմամբ գրքի մը, որոյ անունն եւ խօսքն Աւետարան է, գործն` սրբութիւն, վայելքն` անմահութիւն:
Այսպիսի գրքով եւ ձիրքով Նէարքոս առաւելութիւն մը կու ստանար Պօլիքտոսի քով, որ արտաքին ձրիւքն առաւելեալ կ՚երեւէր քան զՆէարքոս: Սա պայծառ եւ հանդարտ արշալուսոյ եւ տունջեան մը նմանէր, նա լուսնկայ գիշերոյ մը, որ ամենայն փայլմամբն այլ` չիկրնար հաւասարիլ ցորեկուան, սակայն կ՚իմացընէ` որ իրմէ այլ ուրիշ բան չիկրնար ծագիլ` բայց պայծառ տիւ մը: Տե'ս, Հայկակ, ի՞նչ փափկութեամբ եւ պարկեշտութեամբ կ՚ըսէ զայս` ինքնին պատմիչն եւ պատմեալն մեր. «Եւ Նէարքոս քրիստոնեայ էր, իսկ երանելին Պաւղիոքտոս` հեթանոս բարուք զինքն անուանէր, լոկ զանուն միայն. այլ ի ճշմարիտ հաւատոց ոչ փոխեալ լինէր. եւ զբազումս յերկմիտ քրիստոնէիցն` յաղագս ճշմարիտ հաւատոցն` ի բաց որոշել փութայր»: Ըսել է որ Պօլիքտոս արդէն համոզմամբ քրիստոնեայ էր եւ քրիստոնէից ջատագով բայց դեռ անկնունք, դեռ հեթանոսի փեսայ եւ կենակից, դեռ աշխարհային կապերով կապուած, վտան գներով պաշարուած, փորձանաց եւ հրապուրանաց մէջ. դեռ բոլորովին սիրտը չէր տուած երկընքի, այլ տուած էր Նէարքոսի, եւ Նէարքոսի տալն` առ հաւատչեայ էր տալու Քրիստոսի:
Բայց ե՞բ պիտի ծագէր այն երջանիկ օրն, արդեօք այսօր վաղն ըսելով մէկ մ՚այլ իր յուսացեալ վաղը պիտի չունենա՞ր. - կամ ժամանակն երկըննալով` Պօլիքտոսի պատուոյ եւ փառաց մէջ յառաջադիմութիւնն եւ զբաղանքն` ար գելք պիտի չըլլայի՞ն երկնաւոր որդե գրութեանը. - եւ նոյն իսկ բարեկամին ուշանալն` իրեն (Նէարքոսի) այլ ար գելք չէ՞ր իր երկրորդ մկրտութեանն (արեամբ): Այսպիսի մտածութիւնք էին Նէարքոսի պայծառ պատկերին վրայ այն բարակ շուքը բերողքն, որով աւելի այլ կ՚աճէր իրենց սէրն. թէ եւ դրսէն կու ջանար ամենեւին նշան չտալ սրտին ծածուկ տագնապին. զոր եւ շատ ան գամ կու փարատէր Պօլիքտոսի զուարթութիւնն եւ ախորժելով լսելն բարեկամին աւետաբանութեանը: Թերեւս եւ ոչ այնքան աշխարհի եւ զինուորութեան հո գն, որքան նախնի քրիստոնէից ոմանց սովորութիւնն` կ՚ուշացընէր զսա ի մկրտութենէ, սպասելով երեսնամեայ տարիքին կամ կենաց հանդարտագոյն եւ վերջին հասակին: Նէարքոսի կասկածն աւելի իր բարեկամին աներոջ կողմանէն էր, որ հաւատարիմ իր տերանց (կայսերաց), կռամոլ մարդ մ՚էր, անոր կոյր նախանձն եւ հաւատքն կրնար Պօլիքտոսի գայթակղութիւն ըլլալ, աւելի քան զսէր հարսինն` Պաւլինեայ, եւ Փելիքս կրնար յուսալ` որ թոռները մէկ մէկ նոր գամ կամ կապ ըլլային փեսային սիրտը` իր եւ իր դստեր, իր ազգին, տէրութեան եւ կրօնից հետ անքակ պահելու:
Սակայն Նէարքոսի եւ Քրիստոսի սէրն աւելի տեղ գտան այն սրտի մէջ, եւ աւելի քան զՊաւլինէ` սիրէր Պօլիքտոս զՆէարքոս, եւ սիրուէր, եւ երկուքն այլ կրնային իրարու ըսել (Դաւթայ պէս վասն Յովնաթանու). «Գեղեցկացար ինձ յոյժ, զարմանալի եղեւ սէր քո ինձ` քան զսէր կանանց». անոնց պէս ասոնց ո գին այլ կապուած էր բարեկամին ո գւոյն հետ. եւ իւրաքանչիւր սիրեաց զընկերն ըստ անձին իւրում. եւ կարծեմ մեր Մելիտեան սիրելեաց արդիւնքն եւ կատարածն` առաւել սխրալի եւ սրտառուչ եղաւ քան զայլոց:
Գ
խմբագրելՈ՞ր սրտի գլխաւոր լուցկին չէ սէր. բայց կան սրտեր` որ միայն սիրելու եւ սիրելու համար եղած կարծուին. սիրտք` որ սիրով կու սնանին եւ սիրով կու հալին. սիրով մեռնելու համար եղած են: Սէ՜ր, կ՚ըսեմ, Հայկակ, եւ չեմ հասկընար որ թանձր զգայական եւ ոչ թատերական կրքերը. այլ սուրբ եւ նուրբ սէր, որպիսի էր Նէարքոսին, - սէր մը` որ իր ամանէն (սրտէն) աւելի եւ զօրաւոր ըլլալով` շուտով զայն պիտի սպառէր եւ վերանար ի բնագաւառն սիրոյ, յերինս. եւ եթէ դեռ կ՚ապրէր Նէարքոս` բարեկամին սիրով եւ սիրոյն համար էր այն: Քանի՞ տարի քշեց այն հզօր եւ մաքուր բարեկամութիւնն, քանի՞ տարի այն մէկ կեանքն եւ ո գին` երկու մարմնոց մէջ բնակեցաւ. եւ ի՞նչ ըրին, ու՞ր գնացին եկան սիրելիքն. - աւելորդ եւ պզտի բաներ են ասոնք` անոնց բարեկամութեան աննման մեծութեանը քով, Պօլիքտոսի շատ հեզ յանձնեց աներն զինուորական գործեր. զոր նա խոհեմութեամբ եւ արոթեամբ ի գլուխ հանեց, հաւանօրէն գործակից եւ մերձակից ունելով իր Նէարքոսը: Իսկ սա` որ կնոջ եւ ուրիշ կենակցի հո գէ ազատ էր, միայն զԱստուած եւ զՊօլիքտոս մտածէր: Իրենց կենաց գեղեցկագոյն մասն (ուսկից զատ մասն այլ չունեցան), այսպէս սիրով եւ խաղաղութեամբ անցաւ. դրսէն այլ խաղաղութիւն էր ի կողմանէ տիեզերակալ կայսերաց Հռովմայ, ինչուան որ ի կէս Գ դարուն` Դեկոս կայսր հալածանքի հրաման հանեց ընդդէմ քրիստոնէից. ինքն շուտով կորաւ, բայց հրամանն քիչ շատ կու պահուէր իր պէս կարճժամանակեայ իշխող յաջորդաց ատեն, մինչեւ յետ քանի մը տարւոյ Վաղերիանոս կայսր նօրէն սաստկացուց հրամանը. պատուիրելով դատաւորաց` որ ամեն ծանօթ քրիստոնեայ որ չառնու յանձն կռոց զոհելու` անոնց զոհ ըլլայ: - Այս հալածանաց ատեն կատարուցեաւ մեր Մելիտեան սիրելեաց նահատակութիւնն. զոր պատմիչք անորոշաբար դնեն այդ երկու կայսերաց ատեն, եւ քննարանք տարակուսին տարւոյն վրայ, իսկ ինձ կ՚երեւի թէ Դեկոսի ատեն սկսաւ Նէարքոս աւետարանել Պօլիքտոսի` զհաւատս Յիսուսի, մինչեւ Վաղերիոսի եւ մեր Խոսրով թագաւորին հալածանքն ելաւ. եւ անոնցերկուքին սպանուած տարին (260 ի Պարսից թշնամութենէ) նահատակուած կ՚ըսեմ զմեր Քրիստսի նահատակքն:
Հալածա՜նք, ի՜նչ անիրաւ եւ անտանելի փորձանք բնութեան եւ սրտի, ճշմարտին հաւատալ, ճշմարիտը խօսիլ. անյանց անմեղ ըլլալ, մանաւանդ թէ ուրիշներու բարիք այլ ընել. եւ ասոնց համար` իբրեւ ամենաչար դատապարտիլ, տանջուիլ, սպանուիլ: …Յիրաւի բնութենէ վեր արիութիւն եւ համբերութիւն պէտք էր հալածուելու, եւ ամենազօրաւոր երկնային յոյս մը. այս երկուքն այլ աւանդեց Փրկիչն մարդկան, ճշմարիտ երանութեանց ամենէն վերջը դասելով. «Երանի՜ որ հալածեալ իցեն վասն արդարութեան, զի նոցա է արքայութիւն երկնից»: Ո՜հ, ո՜րքան խոր եւ քաղցր էր այս վճիռս հո գելուր ակընջաց, որ մէկէն հալածանաց սայրասուր փուշերը կակուղ վարդից թերթից պէս սփռեց ի ներքեւ ոտից, ոչ միայն երկաթկօշիկ զօրականաց, այլ եւ փափկամարթ կուսանաց ան գամ, որք իբրեւ ընդ ծաղիկս վազելով` անցան ընդ հուր եւ ընդ սուր. եւ իբրեւ բաղանեաց ջրով` լուացան իրենց ջերմաջերմ արեամբն, ուրախութեամբ եւ խնդութեամբ կրելով ամեն հարուած, ցաւ ու մահ. վասն զի անոնցմէ զօրաւոր է ճշմարտութեան հաւատքն եւ սէրն: Այսու մտօք գեղեցիկ զարմանօք խորհրդածութիւն մը կ՚ընէ ինքն մեր Նէարքոս. «Տե'ս, կ՚ըսէ, զսքանչելի մատակարարութիւնն Աստուծոյ». յառաջ քան զգալն Քրիստոսի ի փրկութիւն մեր, ամենքն իբրեւ մի գով պատած պաշարուած` ա'յլ աւելի դէպ ի մթութեան խորը կ՚երթային. իսկ Փրկչին գալէն ետեւ` ամենքն իբրեւ թէ գահավէժ տեղէ մը վեր ցատքեցին իրենց մոլորութենէն. «որպէս ի վախէ իմեքէ` ի գրոյ կռապաշտութենէ` ի վեր յարուցեալք»:
Այսպիսի կրքեր անթընցան վերոյիշեալ հալածանաց ատեն ի Մելիտինէ, ուր կ՚երեւի թէ մինչեւ այն ատեն ոչ սաստիկ հալածանք եղած էր, ոչ քրիստոնեայ իր հաւատոց համար նահատակեալ. վասն զի նոյն իսկ մեր Միլիտեան պայազատն` առաջին վկայ Քրիստոսի կոչուի այս կողմերս, գոնէ այս հալածանաց ատեն. որ առաջիններէն աւելի ընդհանուր հրատարակեցաւ եւ սաստկացաւ. եւ այս մայրաքաղաքիս մէջ այլ կայսերական հրովարտակն կախեցաւ ի հրապարակս, կամ յերկրպագութիւն կռոց կամ ի մահ կոչելով զամեն նշանաւոր մարդ, եւ մանաւանդ զզինակիրս. որոց` կա'մ ի պատիւս յառաջելու հրաւէրք կար, կամ գլուխնին կորուսանելու սպառնալիք. եւ թէ կ՚ուզես Նէարքոսի նմանաբանութեամբն ըսել, կա'մ նորէն ի խորս մի գին եւ մթան իջնել ընկնիլ, կա'մ ի վախէ եւ ի գբոյ անտի` վեր ցատքել ելնել թռչիլ: …
Իսկ ա'րդ ինչո՞ւ դո'ւ ինքնին` որ այսպէս խորհրդածէիր, ինչո՞ւ դու այլ թեւերուդ չտուիր, չիթռար սրտիդ նետած տեղը, _ յերկինս. ինչո՞ւ չելար բոլորովին այս մի գախառն կեանքէս եւ չխառնեցար ի լոյսն ան գիշեր. ինչո՞ւ կու տնտնաս կու տարակուսիս, եւ մանաւանդ ինչո՞ւ այդչափ կու տրտմիս, կ՚այլայլիս, եւ երեսացդ հրեշտակային պարզութիւնն` հիւանդի եւ ցաւագարի կերպ կ՚առնու: Ինչո՞ւ այդ պայծառ աչքերդ իբրեւ արեւու լուսէն այլ խորշելով` իրենց կապիճներուն խորը կու քաշուին` մշուշ ու մրուր առած, եւ երկնցած ծնոտիցդ վրայ դեռաբոյս մօրուացդ փնջիկքն կու խռուին. եւ քու խօսքերովդ իսկ ըսեմ, ինչո՞ւ ո'վ Նէարքոս «ի նեղասրտութիւն եկեալ` հանապազ յո գւոց հանելով լաս դառնապէս»: Տրտմութիւն` քու քաղցր հո գւոյդ անծանօթ էր. արտսունք` քու մաքուր դիմացդ վրայ ճամբայ չէին բացած. սիրտդ` նեղութիւն եւ ցաւ գրեթէ չէր կրնար կրել, որովհետեւ կրկնակ երկպատիկ էր, համակիր համաշունչ բարեկամի մը սրտով ամրացեալ, քու Պօլիքտոսի սրտովը: Չկար վէրք մը` որ այն սրտով չբժշկուէր. ոչ պնդութիւն կամ պաղութիւն մը` որ անոր կրակով չտալէր. արդ ինչո՞ւ չես փութար երթար դիմեր անոր` որ քու միւս Եսդ է. այլ մանաւանդ կ՚ըսես թէ սիրտդ «եւ ոչ սովորական խօսիցն կամէր հաղորդել Պօլիոքտոսի»: - Ո՜վ սիրտ փափուկ, սիրտ զգայուն. կրնայի՞ր արդեօք քան զայս սաստիկ հարուած մը տալ թէ' դու քեզի` թէ քու մէկիկ բարեկամիդ: …
Դ
խմբագրելՉտարակուսինք, Հայկակ, որ այս այլ Նէարքոսի սաստիկ սիրոյն ակամայ հնարքն է. արդարեւ «Բո՜ւռն է իբրեւ զմահ` սէր»: Սէր մը այնպիսի մաքուր սրտի մէջ սնած` որ կարծես թէ Յովհաննու Սիրելւոյ պէս Քրիստոսի կուրծքէն ծըծեր էր իր հրեղէն աղբիւրը: … Բայց Պօլիքտոս` որ դեռ չէր ընկած այն աստուածային լանջաց վրայ, դեռ չէր մարմնով ընդ մարմին Աստուծոյ միացած, եւ ոչ հո գւով հաղորդուած ընդ Յիսուսի հո գւոյն, աւելի քան զՆէարքոս կ՚ափշէր շուարեր անոր անսովոր անկարծելի տխրութեանը եւ մանաւանդ լռութեանը վրայ. սիրտն տակն ու վրայ եղած` կարծէր թէ այնքան տարուան բարեկամութեան քաղցրութեանց փոխանակ` յանկարծ ամենածանր դառնութիւն մը պիտի գայ. կու խռովէր, կու լար ինքն այլ, եւ բիւր ան գամ կու հարցընէր պատճառը: Նէարքոս` պատասխան ան գամ չէր տար կամ չէր կրնար տալ: Պօլիքտոս երբեմն ստիպելով` երբեմն ինքն այլ լռելով, մէկ մը իբրեւ յուսահատ, մէկ մ՚իբրեւ սրտաբեկ կ՚երդուընցընէր նորէն կու հարցընէր: Չեմ կրնար հասկընալ` Նէարքոս, այս ի՞նչ գործ մտածութիւն է. ոչ բարկութեան նմանի ոչ տհաճութեան…: Արդեօք իրաւ կրնա՞յ ըլլալ, կրնա՞մ հաւատալ որ Նէարքոսի սիրտն պաղի ի Պօլիքտեալ. կրնա՞ր կարծել Պօլիքտոս` որ Նէարքոս իրեն հետ չխօսի, իրմէ գաղտնիք պահէ: Յետ այնչափ ժամանակաց անարժա՞ն գտուեցայ քու սրտիդ: Բայց ըսէ գոնէ` ի՞նչ բանով, ի՞նչ կերպով. «զի՞նչ տրտմութիւն ընկալար յինէն երբէք, կամ ո՞ր վհատութիւն եղեւ քեզ յինէն»: Նէարքոսի սիրտն որ սիրելւոյն ամէն մէկ խօսքէն նոր նոր կու խոցուէր կո կտրէր, ոչ կրնար դիմանալ եւ ոչ կիրքը բացատրել. շատ ան գամ շրթունքը շարժեց եւ ձայնն հեկեկանաց մէջ հեղձամըղձուկ թաղեցաւ: Երկուքն այլ իբրեւ առանց վէրքի վիրաւորք, առանց կռուի զարնուածք` կու տանջւէին, մէկ մը գլուխ գլխի տուած, մէկ մը երեսնին իրարմէ դարձուած ի լալ եւ հառաչել. մինչեւ հազիւ սիրտն եւ շունչը պնդելով` սկսաւ ըսել Նէարքոս. Տրտմութեան պատճառը կու հարցընես. կրնա՞յ ուրիշ կամ աւելի պատճառ մ՚ըլլալ սրտիս` քան զբաժանումն: …
Ի՞նչ կայծակ էր որ թռաւ Նէարքոսի բերնէն: - Բաժանո՞ւմն, կանչեց Պօլիքտոս: - Բաժանումն, կրկնեց Նէարքոս: … Կայսերական հրամանքն ասկէ ետեւ մէկմէկէ զատեն պիտի զմեզ. այսուհետեւ Նէարքոս եւ Պօլիքտոս մէկ չեն … թո'ղ, լռենք հեռանանք, որ մեր սէրն աւելի չտանջէ զմեզ: …
Վեր ցատքեց Պօլիքտոս` կրակէ աչք եւ շրթունք շարժելով. Արդ ի՞նչ անակնկալ խօսք է որ կու լսեմ քեզմէ, Նէարքոս. մինչեւ հիմայ գիտէի եւ գիտեմ որ մէկ բան մը, միայն բան մը կրնար զմեզ զատել իրարմէ, մահն. բայց ո'չ կայսերք կրնան մեր բարեկամութիւնը բաժնել, եւ ոչ աշխարհք մեր սէրը մարել. Պօլիքտոսի անկարելի է բաժնուիլ ի Նէարքոսէ, բայց եթէ մահուամբ: - Այն ատեն խորունկ հառաչանքով մ՚ըսաւ Նէարքոս. Ա՜հ, բնական մահուանէ աւելի զօրաւոր բան մը կայ` որ զմեզ կրնայ բաժնել իրարմէ: … Դարձեալ ցնցեցաւ Պօլիքտոս, դարձեալ թեւերը թօթվեց, պլլուեցաւ Նէարքոսի վզին. կու գգ ուէր գորովէր կ՚աղաչէր կ՚երդուընցընէր որ ըսէ պարզաբար ի՞նչ էր միտքն. ի՞նչ բան կրնար ըլլալ մահուանէ զատ եւ անկէ զօրաւոր` որ զիրենք իրարմէ բաժնէ: Նէարքոս` տղու պէս եւ թերեւս աւելի այլ լալով հեկեկալով` ձայնը ու սիրտը կու կտրատէր. բերնով չկարենալով` կ՚ուզէր աչքերովը խօսիլ սիրելւոյն հետ. եւ անոր խռովութենէն կրկին ու կրկին խռովելով` դողալով, եւ ոչ ոտքի վրայ կրնալով կենալ` ընկաւ ի գետին: Պօլիքտոս այլ աւելի շուարած ու այլայլած` սկսաւ անսովոր կասկածանաց երթալ. բայց մէկէն խիղճն կ՚ըսէր. «Ոչ ինչ ունիմ կարծիս չարի եւ լաւ բարս Նէարքոսի». սակայն չըլլա՞յ թէ թշնամի մը խօսք խառնած կամ պղտորած ըլլայ միտքը. - այս այլ անկարելի է իր բարի սրտին. - ըլլա՞յ թէ մէկն չարախօսութիւն ըրած ըլլայ Նէարքոսի վրայ, կամ իբեւ բերնէն անպատշաճ խօսք մը լսած, կամ իբրեւ անհաւատարիմ իր խոստման. կամ թէ պարտքի տակ ընկած ըլլայ: Այս եւ այսպիսի խօսքեր կ՚ըսէր կու հարցընէր Նէարքոսի, կու խոստանար իր ամեն ստացուածքը, ընտանիքն եւ կեանքն ան գամ մէկէն տալու ի սէր նորա, որուն արդէն իսկ նուիրած էր:
Այս խօսքերէս գրեթէ ամաչելով` վեր ելաւ Նէարքոս, եւ դարձեալ կէս համարձակ կէս վախվըխելով ու անհնարին տրտմութեամբ ըսաւ. Մեր բաժանման օրն հասած է. - վաղը. - ժամանակն կու ստիպէ, պիտի բաժնուինք, վասն զի վարքով ու ձեւով նման չեմք իրարու … թէ եւ սիրելիք: - Պօլիքտոս յիրաւի խռովելով եւ խոցուելով այս խօսքէս, իմացաւ որ Նէարքոսի վրայ յիմարութիւն չէ եկածն, այլ սրտին վրայ ծանր բան մը կայ, որ այնչափ կու տանջէ զնա. ինքն այլ ձայնը վերուց, ու սիրով սրտմտած կու կանչէր կու ստիպէր որ ըսէ շուտով ու յայտնէ` ի՞նչ էր իրենց մէջ մտած տարբերութիւնն` որ վաղը զիրենք պիտի բաժնէր. ապա թէ ոչ, կ՚ըսէր հիմայ հոս ոտքիդ տակը կ՚ընկնիմ կու մեռնիմ: - Վերջապէս Նէարքոս քիչ մ՚այլ կըմկըմալէն ետեւ ըսաւ. Կայսերական խիստ հրաման ելած է քրիստոնէից վրայ, կամ զոհելու է կամ մեռնելու. ես քրիստոնեայ եմ, դու գիտես, գիտեն ուրիշներն այլ. բոլոր աշխարհքիս համար չեմ թողուր զքեզ Պօլիքտոս, բայց Պօլիքտոսիս համար չեմ կրնար թողուլ Քրիստոս: … Ո՜վ օրհնեալ սիրելի անձն, կանչեց Պօլիքտոս, նոր կրակով մը վառուելով եւ փայլելով, ինչո՞ւ հեռանաս ի Պօլիքտոսէ` Քրիստոսդ չթողլու համար. միթէ միայն քո՞ւկդ է Քրիստոս … Ես այլ այսօր` դու ինծի չեկած` տեսայ այն Յիսուս Քրիստոսը, որ եկաւ վրայէս հանեց այս աղտեղի զինուորական քղամիդս, եւ գեղեցիկ լուսանման զգեստ մը հագուց, ու թեւաւոր ձի մ՚այլ տուաւ ինծի, գերագոյն զինուորութեան դաս անցընելով զիս:
Զայս որ լսեց Նէարքոս` զմայլեցաւ, արտսունքն աչքերուն մէջ ի կայծակ փոխուեցան, տատրակ սիրտն արծիւ դարձաւ. բոլոր հասակին ուժն` եւ բնութենէն աւելի զօրութիւն մ՚այլ առած, Ուրեմն, կանչեց, դու այլ ճանչցա՞ր զՔրիստոս` Աստուած, իրա՞ւ է որ Պօլիքտոս կու հաւատայ Քրիստոսի: - Եւ ե՞րբ չէի ճանչցած ես զնա, կամ ե՞րբ անհաւատութիւն ցուցած էի, ո'վ Նէարքոս. երբոր դու քրիստոնէից վարքը կու պատմէիր` միթէ ես չէի՞ հաւնիր. երբոր Քրիստոսիդ աւետարանը կարդայիր` ես չէի՞ զմայլիր. երբ իր մահը կու նկարագրէիր` ես չէի՞ լար դողալով: … Իրաւ` անուամբ եւ ընկերութեամբ չէի քրիստոնեայ, բայց ինծի արարիչ եւ տէր` զՔրիստոս միայն կու ճանաչէի: Քրիստոսի միայն կ՚ուզէի ծառայել, եւ անոր հակառակ կան գնած սուտ եւ խայտառակ կուռքերը անար գել եւ մերժել:
Նէարքոս ուրախութենէն կու դողար կու սարսէր. բայց սիրոյն սաստկութեամբն ինչուան ի թերհաւատութիւն կ՚երթայր: Այդ ըսածներուդ ժամանակն է, կ՚ըսէր, ով Պօլիքտէ. հեթանոսաց հրամանքն հրատարակեցան, եւ որոշիչ վճիռն կտրուած է. կամ զոհել կռոց կամ մեռնիլ: … Ո՜հ, Պօլիքտոս, կու վախեմ, կու վախեմ թէ զքեզ կորսընցընեմ. դու դեռ կատարեալ քրիստոնեայ չես. եթէ վաղը ստիպուիս զոհելու կռոց` արդեօք պիտի կարենաս դէմ կենալ, թէ… հնազանդիլ կայսերաց… եւ անով բաժնուիլ ի Նէարքոսէ եւ ի Քրիստոսէ…:
Այս խօսքը լսելուն` Պօլիքտոս երեւեցաւ իր բոլոր եռանդուն բնութեան եւ բարուց մէջ` աչքը` մէկ մը յերկինք նետեց, մէկ մը փայլակելով Նէարքոսի վրայ, եւ անոր ձեռքը բարկութեամբ մը թօթուելով. Հիմայ կ՚իմանամ, ըսաւ, միտքդ, այս էր քու տըրտմութեանդ եւ վախիդ պատճառն, այո՞ կարծիքն ունէիր Պօլիքտոսի վրայ. ա՞յսպէս ճանչնայիր բարեկամդ, յետ տեսնելուդ թէ ի՞նչ ախորժով կու լսեմ եւ կ՚ընդունիմ քու ըսածներդ քրիստոնէութեան վրայօք, կու վայլէ՞ր որ Պօլիքտոս ի Նէարքոսէ ասանկ խօսքեր լսէ: Եթէ այսպէս սրտով միշտ զիրար սիրեցինք, միթէ հո գւով կրնա՞մք բաժնուիլ, եւ մարմնաւոր բարիք ու սէր հո գեւորէն վե՞ր դնել: Եթէ հասեր է ժամանակն, ինչու՞ կ՚ուշանամք ինչու՞ պարտքերնիս չկատարեմք, ինչու՞ չյանդիմանեմք չխայտառակեմք զկուռս, եւ չբարձրացընեմք զՔրիստոս Աստուած: …
Ո՜վ առաքինի եւ վկայավայել խօսուածք. ի՞նչ անբացատրելի ուրախութեամբ լցինք Նէարքոսի սիրտը. որ «որպէս թէ ի քնոյ ինչ զարթուցեալյերանելոյն ի Պօլիքտոսի բանիցն, եւ զիւր հո գին եւ զմիտսն վերստին կան գնէր, եւ ասէր առ Սուրբն. թէ ինձ` ո՜վ Պօլիքտէ, ոչ մեծութիւն եւ ոչ զինուորութեան պատիւ, ոչ կեանք աշխարհիս այսորիկ պատուականագոյն թուին` քան զկեանսն Քրիստոսի. այլ զանմահութիւն եւ զփրկութիւն եւ զյաւիտենականն` փոխանակ մարդկային եւ առժամանակեան կենացս` յառաջ պատուել հաճոյ է ինձ»:
Ե
խմբագրելԽօսակցութեան սկսած ատեն` Նէարքոս կարծէր թէ մեծ նահատակութեան համար ինքն բաւական փորձ ըրած է, եւ պէտք է զՊօլիքտոս այլ կրթել եւ ըմբիշ ընել. հիմայ այն աստիճան կտրճութեան նշան տեսաւ անոր վրայ, որ կրնային երկուքն այլ հաւասարապէս մրցիլ.
Եւ ի նուագել հանգիտաւորք եւ ի մըրցանըս դիմագրաւք:
Ո՜հ, թէ կարելի էր այն Արկադացի մրցող հովուաց դատող մեծ քերդողը հոս հրաւիրել, իր խօսքովն այլաբանել եւ ըսել:
«Մատի'ր այսր ո' Մելիբէէ, զի՞ քեզ խոյոց եւ նոխազաց.
Եւ թէ կարես վայր մի գըլալ` ե'կ հանգի'ր աստ ընդ հովանեաւս»…
Ուր Մելասայ ճապուկ ի չամբ սքօղեալ քծնին խաղք դալարիք,
Եւ սրբազան ի կամարաց Մեղուաքատակ հծծեն հրեշտակք:
Զի մեծ պայքար է աստանոր ընդ Պօլիքտեայ Նէարքոսի.
Այս Յիսուսի են կամք` մրցել նոցին սիրով փոխանակաւ:
Եթէ քիչ մ՚այլ երկայն ապրած ըլլայիր, կամ քիչ մ՚այլ ուշ յաշխարհ գալով` տեսնէիր քու հռչակած Կումեայ Սիբիլլայիդ յետին ժամանակը եւ նոր դարուց կար գը, Կուսին վերադարձը, եւ նոր ազգի մը յերկնից զրկուիլը, անոնց մէջ պիտի տեսնէիր այսպիսի սուրբ սիրով եւ քու դիւցազանցմէ գերագոյն զօրութեամբ մրցողներ. եւ արդեօք ի՞նչ զարմացմամբ պիտի մոռնայիր քու Թիրսիսդ եւ Ալեքսդ, ո՞վ քաղցրեր գակ Վիր գիլ, եւ ի՞նչ անոյշ տաղերով պիտի ջանայիր աւանդել մեր մելիտացի մրցողաց փոխադարձ մենախօսութիւնը, յորում ոչ քու Արկադացւոցդ պէս մէկն կու յաղթէ եւ մէկն կու յաղթուի, այլ թէ մէկն յաղթէ եւ թէ մէկայլն. ճշմարտապէս երկաքանչիւր հաւասարազօրք:
Նէարքոս զՊօլիւքտոս փորձելէն եւ հաւնելէն ետեւ` կու մնայր որ Պօլիքտոս ալ զՆէարքոս փորձէ, երբ նա յաւիտենականութեան համար ժամանակաւոր կեանքը արհամարհել կու խոստանար. «Եւ ո՞չ խնայես դու, ո'վ Նէարքոս, յայդպիսի պատիւդ», կ՚ըսէր: Պարզամիտ սիրելին` կարծելով թէ իրաւցընէ կ՚ըսէ Պօլիքտոս. Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս պատիւս եւ ասկէ մեծերն այլ, պատասխանեց, այն պատուին քով` զոր ես ի Քրիստոսէ ունիմ. եթէ գիտնայի՜ր թէ ո՞րչափ յառաջ տարեր է զիս Քրիստոս իր զինուորութեան մէջ: - Գիտեմ գիտեմ, կանչեց Պօլիքտոս առանց պատրուակի, քու յառաջադիմութիւնդ այլ` որ ի Քրիստոսէ, քու հանդերձեալ պատիւդ այլ անկէ. բայց հիմայ ես քեզմէ յառաջադէմ պիտի ըլլամ. քանզի երկնաւոր եւ թագաւորական քղամիդ ի Փրկչէն` ի ձեռն յայտնութեանն` ընկալայ այսօր»:
Իսկ յետ մրցանց եւ փորձանաց` երբ երկու բարեկամքն այլ առջինէն աւելի հանդարտեցան վստահացան կապուեցան իրարու հետ երկնաւոր սիրով, Պօլիքտոս հեզաբար եւ աշակերտաբար սկսաւ հարցընել Նէարքոսի քանի մը տարակոյսներ, իբրեւ իրմէ վեր եւ հին քրիստոնեայ վարպետի. «Ես քեզ կամիմ գլուխ մի հո գեւորական բանի հարցանել». մէկ մը` որ դեռ բաւական պատրաստութիւն չէր տեսած, եւ թերեւս ատեն այլ չըլլար քրիստոնէական սուրբ խորհրդոց հաղորդուելու. եւ եթէ այնպէս ի նահատակութիւն երթար, արդեօք ընդունելի կ՚ըլլա՞ր ի Քրիստոսէ: - Նէարքոս մէկէն լուսաոր մտքով եւ բաց սրտով սկսաւ քաջալերել եւ ապահովել զնա, թէ հաւատոց զօրութիւնն բաւական էր այնպիսի ատեն. եւ ի սուրբ գրոց օրինակներ բերաւ. «Եւ բազումք ի հեթանոսաց մարդիկ` կար գին ի զօրականութիւն Քրիստոսի. քանզի ահաւասիկ առհասարակ ամենեցուն բացեալ են դրունք երկնից. եւ ամահ փրկութեանն մուտ` ոչ երբեք փակեցաւ. թէպէտ եւ ի սակաւ ժամու ոք հաւատասցէ` մեծ վարձս ընդ սակաւուն ընդ այնորիկ եւ ընդ ճշմարտի հաւատոցն` ընդունի»: Յիշեցուց Քրիստոսի ըսաց մշակաց առակն այլ, որ թէ առաջին ժամուն եկողներն եւ թէ մետասան ժամուն` հաւասար վարձք առին: - Իրաւ իրաւ, կու յիշեմ, ըսակ Պօլիքտոս, որ ուրիշ ան գամ այլ այս բանս ինծի կարդացեր էին յաւետարանէդ. «Թէ մի ժամ վաստակեցին մշակքն, եւ ընդ այնոսիկ` որք զաւուրն ծանրութիւն բարձին` հրամայեաց Փրկիչն տալ զվարձսն»: Ասոր վրայ բերաւ Նէարքոս աւազակին պատմութիւնն այլ, որ Քրիստոսի հետ մեռնելու խաչին վրայ` հաւատաց անոր, եւՓրկիչն` ընդ փոքր եւ ընդ անպաճոյճ հաւատոյն` որպիսի՜ մեծամեծս խոստանայր նմա եւ ասէր. Դու այսօր ընդ իս ես ի դրախտին. «Տեսանե՞ս ով Պօլիքտէ, զիա՞րդ փոքր մի հաւատք որպիսի՜ մեծ աւետիս պար գեւէ, ահաւասիկ հաւատք ըստ աւետարանին ասացուածին, թէպէտ եւ փոքր` հանդիպին բոլորովին իսկ զլերինս փոփոխել»:
Սուրբ խորհրդոց վրայ ապահոված` Պօլիքտոս երկրորդ տարակոյսն այլ հարցուց. «Եւ է՞ կարողութիւն, ով Նէարքոս, առանց մկրտութեան այս պիսի իրաց դիպել մարդկան: Ասէ ցնա Նէարքոս. Ամենայն ինչ սուրս է սրբոց, որպէս եւ աստուածային գիրք ասեն»: Օրինակ այլ կու բերէր ի Քրիստոսէ բժշկութիւն խնդրողները, յորոց միայն հաւատք պահանջէր Քրիստոս եւ ոչ մկրտութիւն կամ խորհուրդներ. այսպիսի նեղ եւ հարկի ժամանակ` սիրոյ եւ մահուան մկրտութիւն մեծագոյն եւս էր քան զջրոյ. «Առ այսոսիկ երանելին Պօլիքտոս յորդորէր զհո գին իւր, եւ երկրաւոր իրաց ի մօռացումն գայր. գոչէր յանկարծօրէն եւ ասէր. Թէ ես ընդ Քրիստոսի միաւորեցայ ի սկզբանէ. եւ նա պարտի ինձ հո գտանել եւ խնամել. քանզի ես ի բաց հրաժարեցի ի մարդկային իրացս, այսուհետեւ պարտ է ինձ վասն Քրիստոսի վկայել»: Եւ հոս կու յիշէր` իբրեւ ի քնոյ արթըննալով, որ որ մը իր հեթանոս զօրականներն վկայեցին. թէ զՔրիստոս կու տեսնեն լուսաւոր կերպարանօք Պօլիքտոսի քով, եւ իր երեսներն այլ անոր ճառագայթներէն լուսաւորած էին. Ուրեմն կ՚ըսէր, քաջահաւատն Պօլիքտոս, Քրիստոս ի սկզբանէ ընտրեր է զիս եւ կու հրաւիրէ յերկինս. այլ ինչու՞ կ՚ուշանամք. «Արդ ժամ է մեզ երթալ, եւ ընթեռնուլ զանարժան հրամանս թագաւորին»:
Զայս ըսելով հո գելից եւ վառվռուն երիտասարդն Պօլիքտոս` յետին ան գամ մ՚այլ զրկելով իր ամենասիրելին, եւ հաւատարմութեան ուխտերնին կրկնելով, այնպէս շուտ սրացաւ թռաւ այն մրցանաց տեղէն, որ Նէարքոս կարծէր թէ արդէն բարեկամն հեծած ըլլայ Քրիստոսի իրեն տուած թեւաւոր ձիոյն վրայ, զոր կու ճանչնար նշան անոր վկայաբար յերկրէ յերկինս վերանալուն, հիմայ կու հաւատար իր սրտակցին ըսածին, թէ «Նախ քան զքեզ ես այառաջադէմ եղէ ի Փրկիչն». եւ թերեւս թէ կամաւ թէ ակամայ հետեւակ մնայր Նէարքոս, եւ չէր կրնար հասնիլ անոր` որ իր կրակէն վառուած` իրմէ աւելի բոցով ծխով կու բռնկէր կ՚երթար այրելու լափելու: …
Զ
խմբագրելՀիմայ, եթէ կ՚ուզես Հայկակ, քիչ մը հանգչիմ, լռեմ ես, եւ դու կարդա Փռանկ քերդողը` որ անմահացաւ իր Պօլիքտեայ ողբեր գութեամբն. կարդա սկիզբը, եւ Բ հանդիսին վերջին (Զ) տեսարանը. բայց վախեմ թէ զբուն ճշմարտութիւն ի Նէարքոսէ լսելէդ ետեւ` շատ չհաճիս քերդողին առ նա (Նէարքոս) ընծայած բարուց եւ խօսից` այդ ետքի տեսարանիդ մէջ: Եթէ Գոռնէյլ այս մեր վկայաբանութիւնը կարդացած ըլլար` անշուշտ իր Նէարքոսի լեզուն կու փոխէր. եւ փոխանակ այնչափ Պաւլինեայ զորովանաց, (որ հասարակ բան դարձած է` ամեն ողբեր գութեանց մէջ այլ մտնելով նմանաբար), այս բարեկամութեամբ հրաշալի սէրը կենդանագրելու կու փաթէր իր ամեն ջանքը եւ ճարտարութիւնը, եթէ բաւէր. եւ փոխանակ զՆէարքոս անտեսաբար եւ յանպատրաստից մահուամբ անհետ ընելու, դեռ կու պահէր կենդանի, եւ ուրիշ հնարքով մը մեզի մէկ երկու տեսարան այլ կ՚ընծայէր սիրելի բարեկամաց զրուցատրութեան, որ անշուշտ աւելի գերագոյն եւ սրտառուչ կ՚ըլլային, եթէ, ինչպէս կու վայլէ, ինքն իսկ քերդողն եւ լսողն այլ թափանցէին մեր նահատակաց չքնաղ դիպուածին եւ աննման սիրոյն: Չեմ զլանար Փռանկաց` իրենց աշխոյժ քերդողին փառքը. այլ ես` Հայկակ, քու եռանդուն եւ հանճարեղ հասակակից եւ ազգակիցներէն կու սպասեմ` կամ Շադոպրիանի Մարտիրոսաց նման քերդողախառն վէպք մը, կամ նոր ողբեր գութեան մը` Պօլիքտեայ եւ Նէարքոսի, որ աւելի գոհ ընէ զիս, նաեւ իմ պանծալի սուրբ Մելիտացիքս: Գոռնէյլ` հոս առանց սրդողելու կրնայ տեղի տալ մէկու մը` որ Պօլիքտոսի համազգի անուանէ զինքն: Մաղթե՜նք սրբազան Մասեաց մուսայից` որ վառեն այն ըիտրեալ եւ դեռ անծանոթ Հայկազն ողբեր գակին կամ վիպասանին միտքը եւ սիրտը. որոց մէջ թերեւս կայծ մ՚ընկնի` այս իմ ցրտաբեկ վառարանէս այլ, որ չունի բաւական կրակ բանիւ փայլեցընելու Նէարքոսի մը եւ Պօլիքտեայ սրտերուն բարեկամութեան սիրոյն սաստկութիւնը, սրբութիւնը, զմայլմունքը, հրաշալիքը: … Բայց դու առ այժմ կրնաս հաճութեամբ կարդալ յիշեալ գոռնէյլեան տեսարանիդ վերջի խօսքերը:
Պօլիկ. (Քրիստոս) ետ զանձն ի մահ. օ՜ն, զհետ նորին լիցուք դիմագրաւ:
Սեղան նըմին` ի վերայ դիցըն կան գնեսցուք փլատակաց.
Զի պարտ է մեզ. դեռ եւս յիշեմ ըզբանս քո կանխասաց,
Առ նորա սէր` արհամարհել ըզկին, ըզգոյս եւ ըզթագ.
Տալ ի վերայ փառաց նորա զանձն եւ զարիւն բովանդակ: …
Նեարք. Գըթութեանցըն Տէր` յոր պարտ է մեզ ունել միշտ ըզյոյս:
Նախանձելի ինձ օրինակ բարեաց ըզքոյդ տայ խրախոյս.
Ե'կ սիրելիդ իմ Պօլիկտէ, ե'կ ի հանդէս ելանեմք,
Խայտառակել դիցն ըզպաշտօն, եկ ցուցանել ո'յք իցեմք:
Իցի՜ւ եւ ինձ գոյր արկանել ի քեք նախանձ ի տոկալ,
Որպէս դու ինձ ի դիմագրաւ տալ զանձն ի վտան գկամակար:
Պօլիկ. Զոհք ի բագնին կան ի զենուլ, չիք յամելոյ ժամանակ.
Օ՜ն, Աստուծոյն ճշմարտի անդըր ճեպեսցուք նահատակ.
Երթիցուք տալ ըզխաղալիկըն շանթ` ոտից ի կոխան,
Որով ըզփայտն փուտ զինէ դիւրահաւատըն խուժան:
Օ՜ն, երթիցուք բանալ ի լոյս զաչս` առ ի մահ կուրացեալ
Եւ փշրեսցուք ըզկուռսըն սուտ ըզկոփածոյ եւ զհրահալ.
Երկնազդեցիկ ի մեզ հըրոյս` լիցուք կենօք մեր ճարակ.
Հարցուք զերկնից ըզպատերազմ` թողեալ ի նա զյաղթանակ:
Նեարք. Օ՜ն երթիցուք մեծահանդէս փառացն երկնից տալ ըզցոյց,
Եղեալք գործոնք հաւատարիմք կամացն առ մեզ զոր եցոյց:
Է
խմբագրելՄինչչեւ Նէարքոս զՊոլիքտոս գտած` բոլոր Մելիտինէ անոր ըրած գործէն տակն ու վրայ եղած` մեծ շփոթութեան, աղաղակի, զարմացման եւ զայրացման մէջ էր, ձայնն, ստիպմունքն եւ սպառնալիքն հասան մինչեւ ի կուսակալն եւ «աներ նորա Փելիքս, որ հալածիչն կար գեալ էր յանօրէն թագաւորացն. յիմարեալ հիացեալ լինէր ընդ իրսն` որ ի սրբոյն Պօզիոքտոսէ գործեցան»: Վասն զի այն սրաթեւութեամբ` որով թռաւ իր բարեկամին գրկէն, հասաւ Պօլիքտոս ի մեծ հրապարկ քաղաքին, եւ տեսնելով կախուած կայսերական հրապուրիչ հրովարտակը, աչքին հետ ձեռքը ձ գելով` շուտ մը պատռեց գրուածը. պատառը վար չծ գած` տեսաւ որ ուրիշ կողմէ քուրմք եւ պաշտօնեայք դատաւորին տասներկու նկարեալ կուռքերն առած, ծաղիկներով եւ դալար ճիւղերով զարդարած կու բերէին մեհենից մէջ եւ բագանց վրայ կան գնելու, յորդորելով խառնիճաղանճ խեղճ ժողովուրդը յերկրպագութիւն: Զզուանաց եւ անար գանաց ծիծաղ մը փրթուց դիւցազնացեալն Պօլիքտոս. բազմութեան մէջ նետուիլն, բոլոր կուռքերն այլ մէկիկ մէկիկ յափշտակել ի գետին եւ ջախջախելն` մէկ ըրաւ: Այնչափ բազմութիւն քրմաց, զինուորաց եւ ժողովրդեան` չկրցան մեր մէկ նահատակին դէմ կենալ. հրեղէն անձ մը, հրէշ մը, նոր աստուած մը, չեմ գիտեր ի՞նչ կարծէին, սոսկային, պաղէին: Բայց երբ կոտըրտուած կուռքերնուն վրայ կոխկըռտելով անցաւ ելաւ սուրբն, ու կրակոտ աչօքն կու նայէր թէ կա՞յ ուրիշընելու բան մը, ապշածներն արթըննալով, մանաւանդ, թէ աւելի քնանալով չարաչար ապշութեամբ, սկսան խայտառակաբար չաստուածներուն ջարդուիլը լալ, բողոքել եւ վրէժ պահանջել ի Պօլիքտեայ: Աներն Փելիքս վրայ հասնելով եւ լսելով եղածը, ուրիշներէն աւելի անճըրկած, կերպ կերպ կրքերով պաշարուած` նախ եւ առաջ սկսաւ յուսահատաբար ինք զինքն ողբալ` որ զփեսայն պիտի կորուսանէր, եւ այս երկու ան գամ է, կ՚ըսէր, որ այսպէս ճղակոտոր անզաւակ կ՚ըլլամ. «Վրիպեցայ ի յերկաքանչիւրոցս, եւ այժմ անզաւակեցայ ես Փելիքս. քանզի առաջինն վախճանեցաւ, եւ ես պերճացեալ պարծէի փեսայիւս. իսկ այժմ շուառատեսս անզաւակեցայ, քանզի ոչ ոք յայսմհետէ ողորմել կարիցէ Պօղոքտիոսի, ոչ աստուածքն եւ ոչ ինքնակալ թագաւորքն. որ զայնպիսի իրս յանդ գնեցաւ առնել, եւ զամենայն աստուածքն մեր յանիրաւի փշրեալ խորտակեաց»: Այս խօսքերէս եւ պատմութեան ուրիշ նշաններէն պէտք է իմանալ` որ Փելիքսայ առաջին կորուստն ուրիշ փեսայ մ՚էր, առաջին այր Պաւլինեայ, ուսկից դեռաբոյս զաւկըներ այլ ունէր. զորս որդե գրեց Պօլիքտոսի` այրի մայրերնին տալով անոր ի կնութիւն. ասոր համար պատմութեան մէջ թէ' Պաւլինեայ զաւակ կու յիշուի, թէ Պօլիքտոս Նէարքոսի տխրութեան եւ տագնապին ատեն կ՚ըսէ. «Թէ որդի իսկ ունէի` ոչ խնայէի յաղագս սիրոյն Նէարքոսի, նա եւ նուազ եւս համարէի զա` քան զսէր նորա. եւ յառաջադէմ ունէի զսէրն, ամբողջ պահելով եւ անվնաս քան զամենայն»:
Պօլիքտոս ժողովուրդէն աւելի իր հարկեւոր եւ ալեւոր աներոջ վրայ ցաւօք ծիծաղելով` ըսաւ. Եթէ ես չաստուածներդ ջարդեցի` ըսել է որ շատ ապիկար անպիտան բաներ են եղեր. թէ որ ուրիշ այլ կայ` շուտով բերել տուր, որ զանոնք այլ ջնջեմ: Իմացաւ Փելիքս որ զՊօլիքտոս անկարելի է համոզել, որուն սիրտը արդէն կու ճանչնար, բայց հալածանաց հրաման չըլլալուն համար` կու լռէր. հիմայ` իբրեւ յետին փորձ եւ հնարք զնա շարժելու, յորդորեց որ հանդարտի եւ գոնէ յետին հրաժարական մը տայ կնոջը: - Ի՞նչ կին, ի՞նչ զաւակ, կանչեց Պոլիքտոս. եթէ Պաւլինա ինծի հաւան եւ ընկեր է` թող ինծի պէս ընէ եւ գայ իս հետս, ապա թէ ոչ` ինծի բաւական է իմ Քրիստոս, աղջիկդ թող քեզի ըլլայ եւ կուռքերուդ: Փելիքս յուսահատ սրտմտութեամբ եւ արցունքով դարձուց գլուխը: Այն երեսդարձութիւնն նշան մ՚եղաւ իր պաշտօնէիցն որք իբրեւ վրէժխնդիրք չաստուածոց եւ կայսերաց` պաշարեցին զՊօլիքտոս. եւ «Կոճկամքն` իւրեանց անողորմն ծեծէին զբերան նորա»: Իսկ նա դեռ վարդաթափ շրթամբքն կու ստիպէր զաներն` որ փուճ տեղ չլայ եւ զինքը չյորդորէ կնոջ եւ զաւակաց անուամբ. այլ կամ իրեն հետեւի, կամ կայսերաց հրամանը կատարէ:
Աւա՜ղ, կանչեց աւաղելին եւ ոչ իր անուանն արժանին Փելիքս. - աւա՜ղ Պօլիքտոս, որ զքեզ այլ քրիստոնեայք մոլորեցուցին: Եւ իր մոլորառիթ դուստրը կանչել տուաւ: Պաւլինէ հերարձակ լալով վազելով եկաւ. սկսաւ ողբալ եւ հօրը պէս աւաղել իր ամուսինը, որ այնպէս անակնունելի գործով 12 չաստուածները մէկէն ջարդեր էր: Իսկ սուրբ վկան ծիծաղելով անոր ըսածին վրայ: Եթէ այդ 12 չաստուածոց ջնջելովն, ըսաւ, անաստուած մնացիք, եկու' Պաւլինէ, ցուցընեմ քեզի ուրիշ եւ ճշմարիտ Աստուած մը, որով կարենաս ինծի պէս արհամարհել այս անցաւոր կեանքը եւ յաւիտենականը ժառան գել: …
Հասա՞ւ այս ձայնս Պաւլինեայ սրտին խորը, եւ շարժե՞ց հո գին միանալու որուն հետ որ միացեր էր երբեմն մարմնով: - Քերդողն կու հաւանի եւ կու հաստատէ զայս. մենք ամենայն սրտով կու փափագիմք, բայցպատմութիւնն լռէ՜: …
Սակայն թէ ոչ աներն եւ կինն` բայց Պօլիքտոսի խօսքերը լսողներէն շատերն հաւանեցան իրեն եւ հաւատացին եւ Քրիստոս, եւ զարմացմամբ քաջալեր կու տային իրեն: Իսկ ինքն իր բնատուր եւ շնորհատուր զուարթութեամբն եւ համարձակութեամբն կ՚ըսէր անոնց. Մի' տարակուսիք ո՜վ ընկերք, որ ես անխռով եմ. վասն զի քովս կու տեսնեմ երիտասարդ մը` որ ամեն վախ ինծմէ կու փարատէ, եւ զիս երանելի կենաց կու հրաւիրէ: Այս խօսքերս որչափ որ կ՚ուրախացընէին եւ գովութեամբ կանչել կու տային հաւատացելոց, այնչափ անհաւատները զկծեցընէին. որք եւ գան գատելով թէ Պօլիքտոսի աւելի խօսիլն եւ ապրիլն` քրիստոնէից պարծանք եւ իրենց նախատինք կ՚ըլլայ, ստիպեցին զդատաւորս եւ զթըշուառն Փելիքս` անոր մահուան վճիռը տալու. որոյ վրայ ամենէն աւելի ինքն Պօլիքտոս գոհ ըլլալով` իբրեւ յաղթանակի կառաց վրայ ելնելու կու վազէր կ՚երթար խայտալով խնտալով իր կատարման տեղը: …
Բայց մէկ մ՚այլ յանկարծ կանկ առաւ. եւ այն խառն ի խուռն բազմութեան վրայ աչքը փայլակելով` իջուց մէկի մը վրայ միայն` իր սիրասուր կայծակը. եւ. - ներէ' ինծի Սուրբն եւ սրբոյն ընկերն այլ, եթէ անսուրբ բանաստեղծի մը միտքը թողլով` բուն խօսքը իրենց վրայ թար գմանեմ. -
«Նա եւ ի ջոկըս խուռներամ պատանեաց
Երթայր` զչըքնաղըն կարդալով Նէարքոս»:
Նէարքոս` մարմնով լուռ, այլ սրտիւ եւ հո գւով բիւր բերան եղած` քայլ առ քայլ հեռուանց հետեւելով` կու դիտէր կ՚ազդէր սիրելւոյն: Հոս ինքնին չդիմանալով կ՚ըսէ իր պատմութեան մէջ. «Իսկ Նէարքոս զբարեկամութիւն սիրոյն ոչ երբեք մոռանայր, քանզի էին յերկոսին մարմինսն` մի ո գի եւ մի կեանք: Յայնժամ հայեցեալ վկային ի Նէարքոս` ասէ ցնա. Ողջոյն ընդ քեզ. եւ զանճառելի ուրախութիւնն իմ եւ զքո` յիշեա եղբայ: Եւ զայս զվերջին զձայնս` իբրեւ զկնիք թողոյր Նէարքոսի: Եւ ինքն` կատարի որով»: Կնի՜ք արժանաւոր աննման սիրոյն ի վերայ սրտի բարեկամին, յիշատակն իրենց խոստման. զոր ինչուան երկնից պատուանդանին վրայ այլ հաւատարմութեամբ պահեց իր ծոցը` յառաջադէմ Պօլիքտոս, եւ աւանդելով իր սրտակցին, Նէարքո՜ս եւ Քրիստո՜ս անուանց խառնութեամբ` աւանդեց զհո գին: Այսպէս քրիստոսատուր ճերմակ թեւաւոր ձիոյն վրայ հեծած, մէկ թռիչով` թողլով իր կարմրաթաթաւ կայտառ պահարանը (մարմինը), հասաւ յօթեվանս Հօրն երկնաւորի, իր մէկիկ երկրաւոր սիրելւոյն համար այլ գահ եւ առագաստ պատրաստելու եւ փութացընելու հոն:
Ը Իսկ Նէարքոս որ բարեկամին կենակցութեան ատեն մի ո գի եւ մի կեանք կարծէր զնա եւ զինքն, հիմայ մարմնով միայնանալովն` երկու գտաւ զինքը. մէկ մասն յերկինս` ընդ հո գւոյ սիրեցելոյն, ուրախ գոհ եւ երջանիկ, անոր յաղթութիւնը եր գելով եւ պարծելով, իսկ միւսն` յերկրի, սրտահար, տրտմազգեցիկ եւ դողդղալով` իր բարեկամին բաժնուած մարմնոյն քով:.. Ո՜հ ի՜նչ տարբեր եւ անկշիռ էր առաւօտեան խօսակցութեանց եւ գրկածութեանց վայրկեանն (երբ երկու կայտառ գլուխք տաք տաք իրարու սրտով կու տրոփէին`) այս երեկոյեան վայրկենէս. յորում գլխոց մէկն միայն կան գուն` իբրեւ անթափ բաժակ շուշանի որոյ մէջ նռան ծաղիկ մը ընկած ըլլայ, կ՚առնուր նազելին Նէարքոս` իր սիրելւոյն ան գին գլուխը. կու մօտեցընէր անոր արիւնաքամ շրթունքը իր դողդոջուն շրթանցը, եւ անոր մանուշակացեալ աչաց ցամաքութիւնը` իր ջերմաջերմ աչաց ցօղերովը կու թրջէր, արտասունքը Պօլիքտոսի արեամբ խառնելով կու նուիրէր Աստուծոյ, շարժուն բաժակ գոհութեան: … Զարմանա՞նք արդեօք թէ ի՞նչպէս անոր անշունչ շրթանց մէջ` Նէարքոս իր շունչն այլ չաւանդեց, եւ մէկտեղ չլռեց չընկաւ:
Նէարքոս յետին սպասաւորութիւն մ՚այլ ունէր իր սիրելւոյն երկրաւոր մասին. հաւատացեալ եղբարց օ գնութեամբ` դրաւ իր կենաց դին Պօլիքտեայ գլուխը` անոր տարածեալ մարմնոյն քով, եւ երկուքն այլ ծածկեց մայրենի մելիտեան հողով. «Յայնժամ ապա զպատուական եւ զսուրբ մարմին նորա ի Մելիտինէ քաղաք Հայոց թաղեցին պատուով` եղբարքն. եւ իբրեւ զժառան գութիւն յաւիտենական իւրեանց ընծայեցի»: Քիչ ժամանակէ ետեւ հոն բարձրացաւ տաճար մը յանուն սուրբ վկային Պօլիքտեայ, որ իբրեւ մեծ ուխտատեղի կու յիշուի ի սրբազան պատմչաց` դար մը ետքը: Նէարքոս չառաւ մասն անոր նշխարքնեարէն, որոց քով կու փափագէր քիչ ատենէն ինքն այլ հանգչելու. բայց չէր այլ կրնար իր քաջայաղթ զինակցին նշան մը չունենալ աչքին առջեւ, մինչեւ որ իսկապէս տեսներ զնա յարքայութեան երկնից: - Կտաւ մը, զոր աւետարանին անծանօթ երիտասարդէն աւելի պնդապէս հետը կու կրէր, - բայց մաքուր եւ ծալած, - սուրբ կտաւներ` թաթաւեց ի թափած արիւն Պօլիքտոսի, մինչեւ ի յետին կաթիլը ջնջեց մաքրեց գետինը, եւ իր սպայութեան հանդիսից օրերը բարձրացուցած դրօշէն բարձր ու պանծալի սաւառնմամբ տարաւ զայն իր հայրենի երկիրը. «իբրեւ զերանելի իմն ժառան գութիւն եւ զէն փրկութեան Կանանացւոց քաղաքին, մերձաւորաց եւ հեռաւորաց»:
Երկրորդ եւ մեծագոյն եւ ամենեցուն ցանկալի սպաս մ՚այլ կատարեց Նէարքոս, աւելի մեզի քան իր սուրբ սիրելւոյն, անոր յիշատակը երկնից վարագուրէն դորս այլ` անմահ թողլով երկրիս վրայ. եւ արեան արտասուացն հետ մելան այլ խառնելով` գրեց Պօլիքտոսի վկայաբանութիւնը: Ահա իր խօսքն. «Եւ յետ չարչարանաց սրբոյն Պօղիսքտոսի` ես տառապեալս Նէարքոս, ետու զՅիշատակարանն` Տիմոթէոսի Կանանացւոյ եւ Աւկտար Նեղոսի, եւ երդմնեցուցի զնոսա ի դատաստանն Քրիստսի եւ ի յաղթութիւն սրբոյն Պօզիոքտոսի ի Քրիստոս, որպէս զի տարւոյ տարւոյ կատարեսցեն զօր (նահատակութեան) նորա, եւ զՅիշատակարանն ընթերցցին խնամով: Իսկ Տիմոթէոս ընկալեալ զայն Յիշատակարան` ե գի սուրբ եկեղեցւոջ, ուր եւ…»:
Հոս դժբաղդաբար կ՚ընդհատի մեր օրինակն, բայց կ՚իմանամք ուրիշ գրուածէ որ Տիմոթէոսն այն (թուի երէց Կանանացւոց աւանին), ըստ պատուիրանի սուրբ իշխանին Նէարքոսի` ամեն տարի Քրիստոսի ծննդեան տօնից օրերը կու կարդար անոր անմահհ բարեկամին անմահացուցիչ Յիշատակը. իսկ Նեղոսն այն Աւկտար` կարծեմ թէ ըստ Հռովմայեցւոց է Actarius կամ Actuarius, զի այսպէս անուանէին զինուորական գործոց գրողները: Պօլիքտոս այլ թէ երկրաւոր թէ երկնաւոր զօրական ըլլալով` կու վայլէր որ քրիստոնեայ գործադիր մը անոր վարքը վաւերացընէր: Արդէն այն ատեն եկեղեցւոյ հայրապետք այլ հրաման հանած էին` որ որոշեալ դպիրք գրեն սրբոց Գործքը կամ վկայաբանութիւնը: Եւ ահա այս Նէարքոսեան եւ Նեղոսեան Գործք Ս. Պօլիքտոսի է մեր ձեռքն ընկածն այլ, Հայկակ, որ եւ ինչպէս առաջ ըսի, ամբողջագոյն` մինչեւ հիմայ ուրիշ լեզուով ծանօթներէն Օ գոնէ ինծի) թերեւս ուրիշ գրչէ այլ անցած` կամ թար գմանութեամբ տեղ տեղ այլափոխեալ ըլլայ. եւ որոյ սկիզբն արժան կու սեպեմ հոս կարդալ քեզի, որ յետ լսելոյ զպատմութիւնը` կրնաս վերջաբան այլ սեպել, եւ յարմար Նէարքոսի սրտին պարծանօք գոչելու իր բարեկամին յաղթանակին վրայ.
«Ա՜յժմ մեծութիւնն շնորհացն Աստուծոյ եւ զօրութիւն նորին ի ձեռն սրբոյ մարտիւրոսին Պօղոքտիոսի` ամենեցուն տեսանի: Այժմ` հեթանոսք թախծեալ եւ տրտմեալ, որք յանշունչ կուռսն իւրեանց յուսային, որք մոլորեալքն էին ի դրօշեալս իւրեանց` յամօթ լինէին. վասն զի յաստուածային զօրութենէ անտի` նմանողք սրբոյն Պօղոքտիոսի լինել ակամայ հարկաւորէին, որպէս յամենեցուն ստացչին եւ արարչին Աստուծոյ, ըստ աստուածային գրոց, թէ Ամենայն ծունր կրկնեսցի երկնաւորաց եւ երկնաւորաց եւ սանդարամետականաց. քանզի յաստուածային զօրութենէն որ տուեալ լինի մարդկան` յայժմու ի մերձակայ իրացս առաւել եւս օրհնի եւ փառաւորի: Քանզի ահաւասիկ եւ երանելին Պօղոքտիոս որ կարծէր զհեթանոսական զվարս եւ զպաշտօն ունել, նոյն ինքն արագարագզՔրիստոսի պաշտօնն ունել յինքն, զօրացուցանել զինքն, եւ որ երկրաւոր թագաւորին զօրական էր, զՔրիստոսի զինակրութիւն փոխանակ երկրաւոր զինուորութեան ամենայն յօժարութեամբ փոխանակէր, եւ պսակ անթառամ զիւրոյ զջան վաստակոց եւ զժուժկալութեանն` զգեցեալ ցուցանէր: Քանզի կոչէր զնա Փրկիչն յիւր ընտանի արքայութիւնն` ի ձեռն յայտնութեան իրիք, եւ զերկրաւոր զքղամիդն զոր զգեցեալ ունէր վկայն` ի խորհրդապէս եւ յանճառելի եւ յեւս պատուականագոյն քղամիդ փոխեալ նմանեցուցանէր, եւ զխոտանն զոր ունէր զերկրաւոր քղամիդն, այսինքն զանհաւատութեանն, ի բաց ընկենուլ հրամայէր. որպէս զի եւս պատուականագոյն եւ պարկեշտագոյն եւ որ Աստուծոյն հաճոյ էր` զգեցուսցէ սուրբ մարտիւրոսին: Որ եւ փութայր իսկ այնուհետեւ երանելին իւրով ընտանի յօժարութեամբն. քանզի կոչեցեալ լինէր ի Փրկչէն, եւ ժամանէր յօժարութեամբ կոչմանն, անդէն վաղվաղակի առժամայն զերկրաւորս եւ զմարդկայինս արհամարհէր. ոչ կին եւ ոչ մանկունք, եւ ոչ գեղից մեծութիւն եւ հարկք եւ ոչ հո գք զօրականաց, եւ ոչ մեծարանք եւ պաճուճանք, եւ ոչ դարձեալ մարդկային փառք եւ մեծութիւն ինչ` կարացին զնա ի բարեպաշտ աստուածպաշտութենէ անտի մերժել, վասն զի առաւել լաւ համարեցաւ զայն որ ի յերկինս են կեանքն եւ առաքինութիւնն: Անդէն վաղվաղակի փոխեալ լինէր բարուքն ի կռոցն ի մոլորութենէ` ի սուրբ եւ ի ճշմարիտ եւ յանարատ աստուածպաշտութիւնն»: …
Թ
խմբագրելԱյսպիսի խօսքերով սերտ ու սրտանից, բայց պարզ եւ անպաճոյճ, հին քրիստոնէից եւ իր առաքինի չափաւորութեանն ու ամօթխածութեանն վայել: Նէարքոս գրեց իր բարեկամին յիշատակը, ինքն իր վրայ չաւելցընելով ուրիշ տեղեկութիւն, զոր եւ ոչ յօտարաց կու գտնեմք եւ կամ ունիմք, որպէս արժան էր ունենալ. եւ թէ գրեցին այլ այն Նիլոսն կամ Տիմոթէոսն` մեզի հասած չէ: Ի կարճ յիշատակացսրբոց վարուց կու գուշակեմք` որ ինչպէս անհնար էր` այնպէս այլ չեղաւ երկարակեաց քաղցրախումբտատրակն Նէարքոս, մնչելու իր անընկեր միայնութեանը մէջ, որ էր բոլոր երկիրս` իրեն համար: Բայց եւ այնպէս սիրելի էին անոր առանձին շրջագայութեանց եւ մտածութեանց` այն ձմեռնատանջ յետին եղանակին մէջ մելիտինեան Մելասայ մելամաղձիկ եւ եդեմնապատ եզերքն: Քանի՜ ան գամ ի Կանանայ մինչեւ ի Մելիտինէ, Պօլիքտոսի արիւնթաթաւ դրոշէն` մինչեւ իր հողահան գիստ քնարանը, եկաւ գնաց Նէարքոս, ի՜նչ քաղցր արցունք թափեց անոնց վրայ. ի՜նչ զմայլական փափագեւ տեսիլք ունեցաւ. - ինքն միայն գիտէ: Այս յայտնի երեւի` որ ամեն գալուն` նիւթաւոր սրտէն մաշած բան մը հոն կու մնար, հո գեւորն նոր յուսով մը յետ կու դառնար: Իսկ երբ յետ երեք ամսոց Մելասայ ափերն ու տափերն գունագոյն ծաղկօք զարդարեցան, եւ առաջին օշօշք եւ մանուշակք սփռեցան ի մէջ առաջին կանաչոյ Պոլիքտոսի հողվերացն, եւ սուրբ ոսկերքն ծծեցին գցող ապրիլի, անկից եւ յերկնից կու կարծուէր լսուիլ. «Արի' եկ մարձաւոր իմ, գեղեցիկ իմ, աղաւնի իմ. զի ահա ձմեռն անց. ծաղիկք երեւեցան յերկրի մերում, ժամանակ եհաս յատանելոյ, ձայն տատրակի լսելի եղեւ յերկրի մերում… արի' եմ մերձաւոր իմ, գեղեցիկ իմ, աղաւնի իմ: …Երեւեցս ինձ զերեսս քո, եւ լսելի արա ինձ զբարբառ քո, զի բարբառ քո քաղցր է, եւ տեսիլ քո գեղեցիկ»:
Մէկ մ՚այլ ընդ մէջ տունջեան եւ գիշերոյ` նորահրաշ լոյս մը ծագեցաւ այն կողմերը. բարձրադէզ խարոյկ մ՚էր ներքեւը, վրան ծուխ ծիրանի ծառացեալ մինչեւ յերկինս, պայծառ կայծիկքն աստեղանման ցրուըտէին թօթափէին. բազմութիւն մարդկան չորս բոլորն առած` երկու կրքով բաժնուած կու նայէին ի կրակն եւ ի կայծակն. եւ անշուշտ արժանաւոր աչքեր տեսան անոնց միջէն արե գական նման եւ աւելի անուշալոյս գունտ մը` վերանալով սրանալով անցնելով քան զամեն բարձր կայծ ու ծուխ, նաեւ քան զաստղերն այլ, եւ ծածկուելով երկնագըմբէթին մէջ: …
Այն էր պածառ, սիրավառ ու սիրածախ հո գին Նէարքոսի, որոյ պատշաճագոյն վախճան մը չէր կրնար ըլլալ` քան զկրակն. այն մշտակնդրուկ անուշահոտ ողջախոհ սրտին պէտք էր որ վերջապէս մարմինն այլ ըլլայ մաքուր լուցկի ողջակէզ: Թերեւս յայս ակնարկէ պատմութեան սկիզբն եղած երկրորդ յառաջաբանի մը այս խօսքս. «Ի ձեռն այնպիսի հրաշագոյն իրացս` հաստատեաց զառաքելական ձայնն որ ասէ. Հաւատովք չիջուցին զզօրութիւն հրոյ, խցին զբերանս առիւծուց: Ո՜ Քրիստոսի աշակերտ ի ձեռն հրոյ, եւ զօրական ճշմարիտ եւ ընտիր»: …
Արդեօք այն փլփլկած Փելի՞քսն էր Նէարքոսի նահատակութեան երկրաւոր վճիռը տուողն, թէ ուրիշ դատաւոր եւ ի՞նչ առթիւ եւ կերպով կատարեցաւ այս սուրբ պատարագս այլ… լռութիւն է: Բայց մէկ դիպուած, մէկ խօսք մը միայն պահած է պատմութիւնն: Պօլիքտոսի վերջի խօսքը լսեցիր, առ Նէարքոս ըսածն, զոր թողոյր յերկրի. Նէարքոս յերկրի թողլու բան չունելով. զայս խօսքս ըսած է խարուկին վրայ բոցով շրջապատած ատեն: Այս կրակս զի կըրնար ար գելուլ իմ սրտիս կրակը` առ քեզգալու Տէր Յիսուս: Եւ թռա՜ւ գնաց առ Քրիստոս եւ առ Պօլիքտոս. զոր` կրնամք մեք տողեղէնքս եւ անփորձքս երկնից սովորութիւններուն, երեւակայել աստուածափայլ կայծակի մը պէս ճառագայթած` երկրէս ելլող Նէարքոսի ճառագայթեալ հո գւոյն հետ. եւ անհամեմատ գերազանց ու աննման արամազդեան կայծականցն, իրարու պլլուած ու խառնուած` աստուածային աթոռոց շուրջը փարիլ փայլել խաղալ խնտալ:
Այսպէս Պօլիքտոս եւ Նէարքոս, Նէարքոս եւ Պօլիքտոս «Սիրելիք եւ գեղեցիկք եւ վայելուչք, չմեկնեալք ի կենդանութեան իւրեանց` եւ ոչ մեկնեցան ի մահուն իւրեանց»: Թէպէտ հարիւր օր կու համրեն երկրաւորք ընդ մէջ մահու միոյն եւ միւսոյն. թէպէտ եւ մէկն քաւութեան սեղանոյն վրայ պատարագեալ յարիւն թաթաւ, մէկայլն յողջակիզաց սեղանոյն վրայ ի խունկ եւ ի ճենճեր, կտրըճին կատարածն` որով, փափկին փափագածն` հրով, սակայն երկուքն այլ հաւասարք սիրով, հաւասարք անմահութեան եր գով.
Երկոքեան իսկ ծաղկափայլք, եւ երկոքեան Մելիտացիք,
Եւ երկոքեան զոյ գք յեր գել, եւ յանդրադարձ հանգիտազօրք:
Յայս վայր յիշեմ, եւ ի մրցանս սիրոյ յետնեալ չասեմ ըզմին,
Յայսմ հետէ վեհ ինձ Պօլիքտոս, եւ Նէարքոս ինձ զոյ գնըմին
Ժ
խմբագրելՃշմարիտ բարեկամն եւ բարեաց առիթ սուրբն Նէարքոս` իր բարեկամին կրկին անմահութեան պատճառ եղաւ վկայաբանութեամբն. որով Պօլիքտոսի անունն աւելի հռչակեցաւ յերկրի, եւ պաշտօնն ի Հայս, յԱսորիս, ի Լատինս ի Յոյնս: Յուստինիանոս կայսերյատեն հարուստ տիկին մի Կ. Պօլսի մէջ Պօլիքտոսի եկեղեցին բոլոր ոսկւով պատեց, կայսեր ձեռքէն ազատելու համար իր ստացուածքը: Ինչուան Փռանկաց մէջ այլ հին ատեն տարածուած էր Պօլիքտոսի պատիւը, զոր եւ սովորութիւն էր ամեն ուխտից հաւատարմութեան պաշտպան բռնել եւ երդնուլ անոր խորանին դիմաց. ինչպէս որ հին հեթանոսք այլ անոր համանուանն` Պօլիւքսի` սեղանին վրայ կ՚եր գնուին զհաւատարմութիւն. կտրիճներն` անոր. իսկ կանայք` կ՚երդնուին անոր ընկերակցին` Կաստովրի` սեղանին վրայ: Ո՜րքան փափագելի էր մեզի այլ, Հայկակ, Մելիտեան ափանց վրայ տեսնել սուրբ տաճար մը` մէջը կրկին սեղան, մէկուն վրայ Պօլիքտոս նշանաւ սրոյ. միւսոյն` Նէարքոս նշանաւ հրոյ. եւ առիւծասիրտք մեր` անոր, աղաւնէսիրտքն` ասոր դիմաց, նուիրելով սրտերնին` ընկերաց եւ Աստուծոյ:
-Մեր ազգն այլ իր արիութեան օրերուն, եւ (որոյ անմահ սիրով) մինչեւ հիմայ այլ` մեծ զգացմամբ եւ եռանդեամբ տօնէ զարի եւ զինակիր նահատակս, զԹէոդորոս, Գէոր գ, Մերկեռ, Սար գիս, Վարդան, եւ այլն. անոնցմէ հին եւ իր տօնած (այլ ոչ նոյնպէս պանծանօք` վասն անծանօթ մնալուն) Ս. Պօլիքտոսն այլ. որոյ զինակից Նէարքոսին անունն սահեր է մեր Յայսմաւուրքէն: Դարձեալ, հին եւ աւելի երջանիկ օրերուն, մեր ազնուասիրտ եւ ընկերասէր նախնիքն` բարեկամութեան զգացմունքն այնչափ սըրբազաներ էին` մինչեւ եկեղեցական օրհնութեամբ ի կար գս Մաշտոցի անցընել զԿանոն եղբայրակցութեան. պաշտպան եւ ուխտընկալ բարեկամացն նուիրելոց ունելով զսուրբ առաքեալսն Փիլիպպոս եւ Բարդուղիմէոս, եւ զվկայսն Սար գիս եւ Բագոս: Արդ ես այլ, Հայկակ, իմ կողմանէս մեր համազգի արիասիրաց եւ ընկերսիրաց, աննման օրինակ եւ պաշտպան վերընծայեմ զսուրբ հայրենակիցս մեր` Նէարքոս եւ Պօլիքտոս, Պօլիքտոս եւ Նէարքոս:
ԻԳ. Սարկաւագ Սոփեստէս
խմբագրելԲՆԱՏՈՒՐ մեծ հանճար` կրթութեամբ եւ երկար ուսմամբ կրկին մեծցած եւ զօրացած, բարակամիտ ըմբռնումն եւ վարպետ բացատրութիւն, լեզու արուեստաւոր` բայց յստակ եւ հայկարան. արտաքին եւ աստուածային գիտութեանց հմտութիւն, քաջախոհ դատողութիւն, վսեմ եւ անխռով ո գի` անխոնջ հետաքնին եւ սիրող ստու գութեան, պատկառելի ծանրութեանը հետ զուարճախառն ընտանութին, միան գամայն եւ մէկ զարմանալի խորհրդաւոր կերպ մը` որով կարծի թէ ինքզինքը կու քողարկէ հասարակ նայուածքներէն. ասոնք են մեր մեծանուն Յովհաննէս Սարկաւագվարդապետին յատուկ բնութիւնը, բարքը, ձիրքը, որք ախորժելի պարտք մը կը դնեն զինքը ծանօթացընելու իրեն համազգեացը: Այս ձիրքերովս է որ ինքը իր գտնուած ժամանակին եւ դիպուածոց մէջ զինքը ճանչցողներուն զարմանք բերելէն զատ, իմաստութեամբ թողած յիշատակարաններովն անմահ է այսօր ալ, եւ անմահ պիտի մնայ միշտ մեր գրականութեան հայ եւ ընդհանուր իմաստնոց կար գին մէջ. եւ իրեն հաւասար անձինք գտնելն միշտ աշխատալի եւ դժար գործ պիտի ըլլայ:
Մեր գրականութեան մէջ յայտնէ է քեզ, Հայկակ, որ երկու նշանաւոր դար ունեցեր
ենք, մէկ մը Քրիստոսի հին գերորդ դարը` որ է Թար գմանչաց ոսկե գրիչ ժամանակն` մեկ մ՚ալ երկոտասաներորդ դարը, ուր մէկ դպրոցէ ելան սուրբն Ներսէս Շնորհալի եւ իր եղբայրն Գրի գոր վկայասէր, մեկնիչքն Սար գիս եւ Ի գնատիոս վարդապետք, եւ իրենց մերձաւորներն Ներսէս Լամբրոնացի, Գրի գոր Տղայ, եւ այլն. որոնք նոր գեցին ոսկեղէն գրիչները, եւ հնազարդ մտաց ծննդոցը վրայ նոր ծաղկափթիթ շնորհք մը բերին, այսինքն յստակագոյն բացատրութիւն մը խօսից` որ աւելի յարմար էր նոր դարերուս: Սարկաւագվարդապետ այն դպրոցն չէր, բայց կրնայ հայր ըսուլ անոր, որովհետեւ քան զայն քիչ մը առաջ` նոյն շնորհքով փայլեցաւ, հանդերձ հին ոճով վսեմութեամբը, եւ իր վարպետ զուրցուածքովը եղաւ եղանակն եւ աննման մատենագիր մը: Մետասաներորդ դարուն կիսէն ինչուան ԺԲ դարուն երեսներորդ տարին քշեց իր կեանքը, ըսել է թէ իր խոր ծերութեան ատենը վերոյիշեալ վարդապետներն դեռ երիտասարդ ու միջահասակ էին, եւ գրեթէ ինքն գրիչը թողլու ատեն` անոնք ձեռք կ՚առնուին: Աս ատեններս քաղաքական հին Հայաստանն ալ նորո գուելու վրայ էր. Բագրատունեաց տէրութիւնն նոր վերջացած, Հայոց մէկ մեծ մասը իր բնական աշխարհքէն ելած` ուրիշ աշխարհքեր գաղթականներ կը հաստատէր. ոմանք դեռ իրենց մեծ տէրութիւնը կտորներուն վրայ կռուըտելով` այն հին աշխարհքին ամուր կողմերը ապաւինած կամ բռնացած կեցեր էին, աստղաբաշխից ըսած` մեծ մոլորակի կտոր մանր մոլորակաց պէս. ոմանք ալ ասդիէն անդիէն մէկտեղ եղած` մէկ ամբողջ ջահ մը վառել կու ջանային, այսինքն մեր Պահլաւեան եւ Ռուբինեան իշխաններ Կիլիկիոյ մէջ: Զասոնք պայծառացընելու համար Աստուած հանեց Ներսէսներ ու Գրի գորները. իսկ վերին Հայոց մնացած կողմերը` որոնց յետին փայլումն հասեր էր, պար գեւեց աս լուսաւոր վարդապետը:
Իր հայրենիքն էր Արցախ աշխարհին Փառիսոս կամ Փառնէս գաւառը` Սիւնեաց բնիկ Սիսական գաւառին դրացի, որ առ ատեններս զատ թագաւորութիւն ունեցաւ` Սիսականի կամ Փառիսոսոյ անուամբ, եւ իրեն իշխաններն հին Հայկազանց սերունդք էին: Սարկաւագին աշխարհք եկած ատեն ասոնց սակաւատեւ փառքն ալ մարմըրելու վրայ էր, եւ քիչ ատենէն փոխուեցաւ յիշխանութիւն Խաչենի: Իր մանկութիւնն` հայկական վեհապանծ օրերուն տեղ` անոնց վարատական գաղթիլը եւ Սկիւթացւոց յարձակմունքները տեսաւ: Ալփասլանին ըրած արիւններն դեռ կու մխային աչքին առջեւը. եւ անանկ տպաւորութիւն մ՚ըրած էր վրան առ բարբարոս ազգին մեր աշխարհքը գալն ու տիրելն, որ այն ատենէն մտքին մէջ նկարուած պիտի ըլլան այն պատկերները` զոր վերջը գրով աւանդեց յետնոց. երանի՜ թէ մեզի ալ հասած ըլլային: Բայց աս շփոթութիւններս իրեն դաստիարակութեանը եւ ուսումնասիրութեանը ար գելք չեղան: Իր հայրն արդէն քահանայ էր, եւ ինչպէս կ՚երեւի` այն սրբազան աստիճանն իրենց ցեղին մէջ շատք ունեցեր էին. ուստի իր որդին ալ` որ Յովհաննէս կ՚ըսուէր բնիկ անուամբը, եւ կ՚երեւնայ թէ շուտով սարկաւագձեռնադրել տալուն` Սարկաւագըսուեցաւ անկէ վերջը, ուզելով նոյն ճամբան դնել. անոր համար պզտիկուց ղրկեց որ ուսմունք սորվի: Այն ատենի արեւելեան կամ Խոր Հայոց երեւելի ուսումնարաններն էին Բագրատունեաց եւ Վրաց թագաւորաց ծաղկեցուցած վանքերն, Հաղբատ, Սանահին, եւ ուրիշ քանի մը անոնց մօտ վանքեր. աս տեղուանքս անցուց Սարկաւագիր անյագուսումնասիրութեամբ վառուած հասակը, համեմատ դիտման եւ կամաց զանոնք կան գնողներուն եւ զարդարողներուն. որպիսիք էին թագաւորք, իշխանք, եպիսկոպոսունք եւ վարդապետք նշանաւորք իրենց ժամանակին, եւ հիմայ այլ ոչ աննշանք իրենց հոն թողած գերեզմաններովը. որոնց մէջ է եւ մեր Սարկաւագվարդապետինն. եւ այն ամենուն մէջ այլ նշանաւորագոյն անձն եւ յիշատակ` ըստ իս` ինքն է եւ իրենն:
Բայց գրեթէ անկարելի է յիշել այս երկու հռչակաւոր վանքերը, որ մայրավանք եւ մայրաքաղաք այլ կոչուեցան, եւ լռել իրենց ծագումը եւ պայծառութիւնը. այն զու գակները` որ ԺԱ-ԺԳ դարուց մէջ վերին Հայոց ամենէն ծաղկած իմաստութեան կենդրոն կու սեպուէին, միան գամայն եւ քնարան եղան եւ են թագաւորաց եւ մեծամեծ իշխանաց, զատ ի գիտնոց եւ եկեղեցական առաջնորդաց: Ժ դարուն կիսէն վերջը Յունահայ Ռոմանոս Ա կայսերէն հալածուած քանի մը միանձունք եկան ի Հայս, եւ ինչուան Գու գարաց աշխարհին արեւելեան ծայրը Ձորոյ գետ կամ Ձորոփոր գաւառին գլուխը` Սանահին գեղին քով, սարատափի մը վրայ յանուն Ս. Աստուածածնի եկեղեցի մը շինելով` հոն պատսպարեցան: Աւանդութիւն էր Հայոց որ Ս. Լուսաւորիչ այն հոն նոյն անուամբ եկեղեցի մը շինած էր, վասն զի նոյն իսկ Բարդուղիմէոս եւ Յուդա առաքեալք այլ հոն խաչ մը կան գներ էին. ըսել է որ ժամանակաւ մեր նախնիքնն հոն կռատուն կամ բագին մ՚ունէին: Քանի մը տարի վերջը մեր Բագրատունի թագաւորն Աշոտ Ողորմած եւ իր թագուհին Խոսրովանոյշ` աւելի մեծ եկեղեցի մը շինեցին հոն Ամենափրկիչ անուամբ եւ վանք մ՚այլ, յ՚966 թուին Քրիստոսի: Սանահնէն ժամ մը հեռի դէպ արեւելեան հիւսիս եւ անկէ ձորակով մը զատուած է Հաղբատ գեղն, ասոր քով այլ նոյնպէս սարատափի մը վրայ հիմնեցին Ս. Նշան եկեղեցին եւ վանքը, զոր կատարեալ շինութեամբ լմընցուցին իրենց որդիքն, Սմբատ եւ Գուր գէն թագաւորք. եւ երկուքն այլ յանձնեցին արժանաւոր վանահարց եւ վանականաց. միան գամայն հոն ընտրեցին իրենց գերեզմանատունը. որոնց հետեւեցան իրենց ուրիշ ազգակից թագաւորներ եւ մեծամեծ իշխանք. ինչպէս Սար գիս սպասալար, որոյ դուստրն կան գներ էր այն իմ երբեմն քեզի յիշած Աւագկամուրջը, ուսկից պէտք է անցնիս, Հայկակ, արեւմուտքէն Սանահին գալու համար, որոյ մօտիկ է: Բաղդով մը, որ սակաւագիւտ է մեր աշխարհին մէջ, ոչ միայն ասոնց գերեզմաններն, այլ եւ կամուրջն եւ եկեղեցիք, յիշատակարանք եւ արձանագրութիւնք` մեծաւ մասամբ անեղծ մնացեր են ինչուան հիմայ, 800 տարիէ վեր: Ահա այս վանքերուն մէջ զար գացաւ մեր Սարկաւագն:
Անզագեւ մտադիր ուսումնասիրութեանն վրայօք կու պատմէ Կիրակոս Պատմիչ դիպուած մը, որ հաւանօրէն անոր զար գացած հասակին մէջ հանդիպած է. Հաղբատայ վանքին քովերը Ձորոյ գետեզերքին վրայ քարայր մը կար, ուր տեղւոյն ամրութեան եւ ապահովութեան համար կու պահէին գիրքերը, եւ փափագողն կ՚երթար հոն կու քննէր կու կարդար, օր մը բանասէրք ոմանք, Սարկաւագայլ մէկտեղ, գացին կարդալու, Սարկաւագիր սիրական գրքերն ընտրելով` ծածուկ կողմ մը քաշուեցաւ կարդալու, եւ այնչափ ուշի ուշով անզբաղ կու կարդար կու քննէր, որ ոչ ժամերուն անցնիլն իմացաւ, եւ ոչ ընկերներուն դուրս ելնել եւ դուռը գոցել եւ երթալնին. վասն զի ասոնք չտեսնելով զՍարկաւագ` կարծեցին թէ իրենցմէ առաջ դուրս ելեր է: Քանի մ՚օրէն նորէն եկան գիրք առնլու. եւ ո՞րչափ զարմացան երբ հոն գտան զՍարկաւագ. սկսան հարցընել, թէ «Ո՞րպէս ապրեցար առանց կերակրոյ եւ ըմպելոյ. եւ նա եցոյց նոցա զգրեանն` զոր ընթերցեալ էր, եւ ասէ. «Այդ է իմ իմ կերակուր եւ ըմպելի, զոր կերայ եւ արբի զաւուրս զայսոսիկ»: Իր ազնուական բարքն եւ բնատուր սրամտութիւնն ալ ջանիցը հաւասար, անկատար հասակին մէջ ալ զինքը կատարելց կար գը անցուցին. եւ ինքն իսկ կրնայ վկայ սեպուիլ այս բանիս իր խօսքովը` որ գրուածքի մը մէջ կ՚ըսէ. «Ի նախնեաց բարեպաշտից եւ յիմաստուն ծնողաց բուսեալ, որք սնուցին զիս օրինօք հո գւոյն կենաց` առնել քան ըստ բնութեան տածիւք խնամս յառ մանկունս. որովք յառաջնումն հասակին դաստիարակեալ` յոյս տայի քաջութեան»:
Առջի ուսումնական տարիներն անցուց, ինչպէս կ՚երեւի, անդադար կարդալով եւ հմտանալով, ետքն ալ գիր անցընելով իր հասուն մտքին պտուղները. բայց ինչպէս որ ընտիր ընթերցուածներու սիրող էր, այսպէս ալ իր գրուածքն ընտիր կ՚ուզէր, անոր համար մեծ ջանք ըրած կ՚երեւնայ գեղեցիկ օձ մը ըստանալու, միան գամայն եւ բարձր ու վսեմ. վասն զի արծիւ միտք արծուոյ թեւ ալ կ՚ուզէ, եւ յիրաւի, իր ամէն գրուածքներուն մէջ կ՚երեւին ճարտար ու սովորականէ վեր իմաստասիրական շարադրութիւնք` իմաստակութենէ եւ արուեստակութենէ հեռու, եւ միան գամայն պարզ եւ խորամիտ. որ մէկէն կը ցուցընէ թէ այսպիսի գրուածք միայն իրենն է եւ ոչ ուրիշի: Շատ լաւ կ՚ըսէ ասոր համար Կիրակոս պատմիչ. «Սորա բանք ամենայն իմաստասիրական ոճով է, որպէս զԳրի գորի աստուածաբանի, եւ ոչ գեղջուկ»: Աստուածաբանին հետ յիշելու էր մեր Յովհան Իմաստասէրն ալ, որուն թերեւս միայն հետեւող եղաւ Սարկաւագ, եւ անոր ճարտար ոճը` Շնորհալւոյն քաղցրութեանը հետ խառնելով` կրնայ Սարկաւագին գրչին գաղափար սեպուիլ:
Յովհան Իմաստասիրին անունն ալ մականունն ալ գրիչն ալ ժառան գեց Սարկաւագ. եւ ամէն պատմիչք եւ յիշատակողք չեն կրնար անունը տալ` առանց կոչելու Սուրբ, Իմաստասէր, կամ Մեծ իմաստասէր, Աստուածային իմաստասէր, Գերունակ վարդապետ, Մեծ սոփէստէս, եւ այլն. այս ետքի դարձուածէս կրնանք իմանալ որ զուտ իմաստասիրական գրուածքներ ալ ունէր, որոնց հետքը միայն կ՚երեւին հիմայ. միան գամայն եւ ճարտասանական եւ քերթողական արուեստից հետեւեցաւ, եւ յաջողութիւնը ցուցուց իր չարագրութիւններովը. ինչպէս ասոր ալ վկայութիւն կու տայ ինքն իրեն համար քանի մը խօսքով` Սարեկի դիմառնակ եր գոյն մէջ` ուր կ՚ըսէ:
«Որով յաղթեալ մեզ իմաստնոցս եւ կարծեցեալ բանաստեղծացս»:
Եւ դարձեալ սարեկին քաջ եր գեցողութիւնը գովելով, կ՚ըսէ.
«Ասագաս նըստիս մերձ առ ինեւ` իբր արուեստիւ ինձ յան գակից:
Բազմաղեաւ եր գարանու եղանակես եւ կաքաւես.
Հոմերական տաղիցըն չափ` քեւ ծանուցեալ լինի բազմաց.
Յոտանաւոր եւ ցուցական ըստ քերթողացըն տեսակի.
Կամ թէ եւս աւելագոյն որպէս թըւի ինձ դիտօղիս»:
Իսկ իր անխոնջ ուսմանց զբաղելուն համար կ՚ըսէր հոն.
«Ուսայ ես դե գերմամբ ես ի բազմաց ամաց հետէ.
Զի տքնեցայ զօր ամենայն եւ ըզգիշերըն բովանդակ
Առ իմաստըս ցան գութեամբ, նաեւ սիրովն որ առ հանճար: »
Վերոյիշեալ պատմիչն ալ կ՚ըսէ. «Մեծիմաստն գիտութեամբ քան զյոլովս եւ հանճարեղն յամենայնի. եւ մտահարուստն. սա բազում ինչ աշխատասիրաց ի գիրք` յիշատակ բարի թողեալ… վասն զի յոյժ իմաստուն էր այրն է աստուածային շնորհք զարդարեալ»:
Սարկաւագայ շնորհքն միայն եկեղեցական եւ հո գեւոր աղբիւրներէ չէր, այլ եւ ընտիր հեղինակաց ջանից եւ փորձոյ արուեստն այլ կ՚երեւի վրան. զոր գուցէ ոչ միայն մեր նախնեաց թար գմանած գրքերէն ստացեր էր, այլ թերեւս նաեւ դեռ չթար գմանուած յոյն հեղինակներէ այլ. թէպէտ հաւաստիք մը չունիմ իրեն յունարէն գիտնալուն, բայց անհաւանական չէ որ Ռոմանոսէն փախչող եւ հոս եկող Յոյն միանձունքն, գար մ՚առաջ, հետերնին բերած եւ հոս թողած չըլլան իրենց նախնեաց գրուածքները, որոնք դիւրաւ կրնային շարժել Սարկաւագայ պէս հետաքրքիր բանասէր միտք մը:
Այսպիսի զօրաւոր միտք` ուսմանց երեսովը չէր բաւականանա, հապա խորերը իջնալ կը սիրէր. անոր համար դժուուարութիւններէ չփախչելով, ինքը զանոնք դիւրացընել կը ջանար ուրիշներու, եւ տարակուսական բաներու մէջ ստու գագոյն աղբիւրները քննել կ՚ուզէր ինչպէս որ քանի մը յիշատակներէ եւ գործքերէն կ՚իմացուի: Ասոնց մէկն էր նախնեաց իմաստասիրական գրուածքները պազել կամ դիւրիմաց ընել, որոյ համար առաջին հարկաւոր բանն է ստոյ գեւ աղէկ գրուած օրինակներ ունենալ: Յայտնի է քեզի, որ մեր մէջ ամենէն առաջ եւ ամենէն նշանաւոր փիլիսոփայական գրուածքն են Դաւթի Անյաղթի, որք թէ իմաստից խորութեամբն եւ թէ շարադրութեան խրթնութեամբն միշտ անիմանալի կամ դժուարիմանալի մնացեր են, թէ եւ շատեր կարդացեր են զանոնք: Իտալիոյ երեւելի համալսարանաց մէկուն մէջ հանդիպեցայ այս գործքերուս ընտիր ձեռագրի մը` ԺԳ դարուն մէջ դրած, որուն վերջը այսպէս գրուած էր. «Իմաստութիւն Հաւր եւ Բան, սիրողին իմաստութեան, վարդապետին Սարկաւագկոչեցեալ` աշխատանաց յուղղութիւն տառիս, զարժանն հատոյ յանյաչա՜ղ ձրիցդ»: Այս քանի մը տող գրուածիս վրայ գրած շեշտերուն կամ առո գանութեան նշաններուն պէս լի եւ ծեփած էր բոլոր բոլոր գիրքն Դաւթի, եւ ըսել է որ Սարկաւագվարդապետ օրինակ մ՚առէր սրբագրեր է` շեշտելով եւ կէտերով, եւ անկէց օրինակուած է իմ տեսածս այլ, արժանի քննութեան եւ բաղդատութեան: Ասոր պէս ըրած էր ուրիշ մեր նախնեաց թողած ամեն դժուարիմաց եւ խրթին գրոց այլ` զոր Նուրբ գրեանք կու կոչեն մեր բանասէր վարդապետք, այսինքն բարակ գրուածք. եւ Մխիթար Այրիվանեցին կար գաւ կու յիշէ զանոնք, ինչպէս Փիլոն եբրայեցւոյն գործքերէն 9 գիրք, Դիոնեսիոս Արիոսպագացւոյն 5 գիրք, Գր. Նիւսացւոյ 7 գիրք, Գր. Աստուածաբանին 4 գիրք, Բարսղի 3 գիրք, Եւագրի, Եպիփանու, Եփրեմի, Կիւրղի Աղեքսանդրացւոյ, Ոսկիբերանի զանազան գրուածք, Արիստոտելի, Պրոկլի, Հերմէսի, եւ ուրիշ իմաստասիրական գրուածք, Մովսիսի Պիտոյից գիրքը, Յովհ. Մայրագոմեցւոյ 3 գրքերն. եւ այլն միան գամայն 50 է աւելի գրեանք, զոր Սարկաւագստու գեր է յստակեր եւ այնպէս օրինակել տուեր էր իր աշակերտաց: - Այս կարեւոր աշխատութիւնս որ ի հարկէ շատ տարիներու այլ կարօտ էր` կ՚արժէր Սարկաւագայ մեծ յիշատակ մը թողլու` եթէ ուրիշ յիշատակ այլ չունենար: Եթէ այն գրոց Լուծմունք գրող` այսինքն մթին բանից մեկնութիւն. առաջին ինքն չեղաւ, գոնէ իր աշկերտներն եղած են նախ, եւ յետոյ այլք:
Արտաքին նուրբ գրոց վրայ այսքան մտադիր աշխատողն ի հարկէ աւելի խնամքով պիտի փընտռեր Ս. Գրոց ընտիր օրինակներ եւ ընթերցուածներ եւ այնպէս այլ ըրաւ. «Գրեաց եւ օրինակս ստոյ գգ րոց», կ՚ըսէ Կիրակոս: Նախ հաստատեց որոնք որ կանոնական կամ ընդունելի եղած էին մեր մէջ, յետոյ ընթերցուածները, այսինքն տարբեր չարագրութիւնները ստու գեց, ինչպէս որ կու վկայէ եւ կու նշանակէ վերոյիշեալ պատմիչն` ըսելով. «Կար գադրութիւն գրոց սրբոց, որք ստու գաբանեցան ի Սարկաւագվարդապետէն, եւ գրեցան յինէն ի Տէր Մխիթար վարդապետէս պատմագրէ` ի մին տուփ, յաւուրս 170»: Այս պրպըտող պատմագիր վարդապետս` որ 150 տարի Սարկաւագէն ետեւ գրող է, անոր ստու գած Ս. Գիրքերը գտեր եւ օրինակներ է ամբողջ մէկ մեծ հատոր մը ձեւացընելով. որուն մէջ զատ հիմակուան մեր Աստուածաշունչի կանոնական գրքերէն` կու յիշուին նաեւ «Դ Մակաբայեցին, Յովսեպոսն` որ է Կայիափայ քահանայապետ, Ենովքայ տեսիլն, Կտակն նախահարցն, Ասանեթի աղօթքն, Եզր Սաղաթիէլ, (որ է Գ Եզր) Մնացորդքն Գ, Մահ մար գարէիցն ԻԴ»: Նոր կտակարանին մէջ կայ եւ Կորնթացւոց Գ թուղթն: Եւ յետ նոր կտակարանաց, իբրեւ անմիջապէս սրբազան գիրք գրուած են, «Աղօթամատոյցն Սահակայ եւ Մեսրովպայ», որ է Ժամագիրքն, «Պատարագն Ս. Մանդակունւոյն», որ է Պատ գամամատոյցն. եւ որ արմանալի է` ասոնցմէ առաջ գրուած է «Դաւիթ փիլիսոփայի Բարձրացուցէքն». այնքան պատուելի եւ սքանչելի սեպուած է այս մեր Անյաղթ փիլիսոփային ճառն ի գովեստ Ս. Խաչին: Աստուածաշունչ գրոց մէջ ամենէն աւելի աշխատալին ստու գութեան համար` էր հին կտակարանաց ամենէն աւելի շատ գործածուած, եւ ամեն քրիստոնէից (եւ գուցէ աւելի մերազգեաց) մէջ յաճախած Սաղմոսաց գիրքն, որ եւ խիստ շատ օրինակուելով այլայլեր էր, եւ շարադրութեան եւ գրուածքի տարբերութիւններով` շփոթութեան պատճառ եղեր էր կարդացողաց, եւ հարազատը ո'րն է` կ՚ուզէին իմանալ. այս բանս Սարկաւագին ալ մեծ հո գեղած էր, եւ շատ օրինակներ քննելէն ետեւ` փնտռելով գտաւ Հաղբատու գրանոցին մէջ ամենէն տակը գրած մէկ հին սաղմոս մը` որ Թար գմանչաց ձեռքովը գրած էր, կիսամաշ ու բարակ գրերով. այն գեղեցիկ յիշատակարանը համբուրելով եւ աչացը վրայ դնելով` առաւ գնաց, աշխատութեամբ օրինակեց, եւ ուրիշ շատ ալ օրինակել տուաւ ու ցրուեց Հայաստանի ամեն կողմը: Իրմէ ետեւ իբրեւ դար մը վերջը Յովհաննէս Գառնեցի վապդապետն այլ (որ այս բանս կու պատմէ) ջանաց ա'յլ աւելի ծաւալել Սարկաւագի ստու գած սաղմոսը` անոր համար շատ ձեռագիր սաղմոսաց մէջ կու գտուի իր յիշատակարանն, կամ նոյն սաղմոսարանն Գառնեցի կ՚ըսուի:
Այս սուրբ եւ արտաքին գրոց ստու գութեան պէս, եւ ըստ մասին ա'յլ աւելի մեծ ստու գութիւն եւ նորո գութիւն մ՚ըրաւ Սարկաւագ` Հայոց տումարին. «Սա զբազմաց փափագելին եւ ոչ ձեռնհաս` զհաստատ եւ զանշարժ տօմարն կար գեաց Հայոց, փոխանակ շարժականին եւ անհաստատնոյն. արար եւ զմիաբանութիւն ամենայն ազգաց տումարին ընդ Հայոց». կ՚ըսէ Կիրակոս պատմիչ: Վասն զի թէպէտ իրմէ առաջ Զ դարէն ի վեր ջանացեր եւ կար գի մը խոթեր էին` բայց շարժական ըլլալովն դեռ շփոթութիւնները դադրած չէին. իրաւ Անանիա Շիրակացի եւ Անաստաս կաթուղիկոս, Է դարուն մէջ ջանացին այս բանս այլ շտկելու, բայց կաթուղիկոսին մահուամբը փիլիսոփային ջանքն ան գործ մնաց: Իսկ Սարկաւագվարդապետ նորէն աշխատեցաւ, տարեկան տօները հաստատուն ըրաւ, եւ Հայու տօմարը ուրիշ ազգաց տօմարներուն հետ բաղդատելով` համեմատութիւն ըրաւ. այս կար գաւորութիւնը մերոնք կ՚անուանեն Սարկաւագադիր կար գ: Այս բանիս վրայ ուրիշ ան գամ խօսած ըլլալով: Հայկայ շրջանը բացատրած ատենս, չեմ ուզեր հոս նորէն կրկնել. միայն յիշեմ համառօտ ինչ որ այս նորո գութեամբս եղաւ: Նախ ուրիշ բարեկար գաց ազգաց նման մեր եկեղեցւոյն մէջ այլ ամեն օրուան վրայ գրուեցան համառօտ տօնք եւ յիշատակք Սրբոց, անոնց համառօտ պատմութեամբք, որով Յայսմաւուրք գիրքն ձեւացաւ, եւ ինչուան հիմայ եկեղեցեաց մէջ կու կարդացուի ըստ աւուրն պատշաճի. թէ եւ հին ատեն այլ կային Ճառընտիրք, Մարտիրոլո գք, Ադամագիրք, եւ այլն. որոց մէջ սրբոց վկայաբանութիւնք եւ գովեստք գրած էին կար գաւ մը, բայց ոչ հաստատուն օրերով, եւ ոչ այլ ամէն օրուան յիշատակ կար: Բ. Մեր թէ եկեղեցական եւ թէ քաղաքական տօմարն` հաստատուն, յստակ, յայտնի օրէնք եւ կերպ մ՚առաւ: Գ. Հաստատուն տումարին համեմատ հաստատուն թուական մ՚այլ սկսաւ, ստոյ գարե գակնային տարիներով, այսինքն չորս տարին որ մ՚աւելցընելով, սկսեալ ի 1084 թուականէն Քրիստոսի. վասն զի այն տարին կու լմըննար Հայոց մեծ ըսուած թուականէն (552է) սկսած հին գհարիւրեկի (532 տարուան) շրջանն. եւ ըսուեցաւ Սարկաւագայ կամ Նոր թուական, եւ կամ Մտրուկ, որ աւելի Ձորո գետոյ կողմերը գործածուած է, եւ Մխիթար Գոշն այլ կու բանեցընէ: Այս թուականիս հետ սկսած հին գհարիւրեակ շրջանն այլ ի հարկէ լմընցաւ յամին 1616. եւ ահա այն տարին Ազարիա Ջուղայեցին` երրորդ շրջանին հետ նոր թուական մ՚այլ հաստատեց` իր երկրին կողմերը, տարէ գլուխը հաստատելով ի մարտի 21, որ պիտի ըլլար գարնանային գիշերահաւասարին օրը. եւ այնպէս այլ կ՚ըլլայ` եթէ նոր տումարին մարտի 21ը առնունք. այս թուականս այլ Ազարիայի անուամբ կու կոչուի: Դ. Հին Հայոց տումարը եւ Հայկայ թուականը եւ Շրջանը յայտնեց եւ նորո գեց Սարկաւագ, որ յիրաւի մեր պատմութեան եւ ժամանակագրութեան համար կարեւոր եւ պանծալի բան մ՚է. ինչպէս որ յիշած եմ քեզի այն շրջանին վրայ խօսած ատենս: Ե. Ժամանակագրական թիւերն այլ քննելով` երեւելի դիպուածները հաստատեց քանոնի մը վրայ. զանազան թուակար գութեանց մէջ ընտրեց այն եօթանասնից հաշիւը` որ յԱդամայ մինչեւ ի ծնունդ Քրիստոսի կո համրէ 5198 տարի, մինչեւ Ջրհեղեղն` 2242 տարի: - Այս տումարական բաներէս մաս մը գրած է յամի Տեառն 1107 մաս մը 1116, մաս մ՚այլ ասոնց միջոցը, եւ կ՚երեւի որ ոչ առանց դժուարութիւն կրելու հին սովորութեամբ վարժողներէ, ինչպէս քանի մը խօսքերէն կու գուշակուի. նոյնպէս այլ կ՚երեւի որ մէկ մասը գրած է իր մէկ մտերիմն, որուն խոստանալով յետոյ աւելի տեղեկութեամբ գրել, այսպէս խրատով եւ ընտանեբար կու վերջացընէ. «Արդ դու ընկալ այժմ զսակաւարան պատասխանի հարցմանն, նիստ խաղաղութեամբ, ոչ ումեք հակառակելով եւ ոչ վիճելով. քանզի բանս ընդդէմ դնել անզգամին` ոչինչ օ գնեսցէ. վասն որոյ լռել եւ առանձին իմաստասիրել` կամ ընդ խորհրդականս, յոյժ շահաւոր է: … Եւ դու որպէս եւ գրեցերն` եւ կարես գալ` բարւոք է. ապա թէ ոչ` զամենայն ինչ որ տարակուսելի քեզ` հարցցես գրով. շնորհօքն Աստուծոյ պատրաստ եմք լուծանել զտարակուսանսն եւ ուսուցանել զան գիտացեալն, ապաստանի յոյս Հո գին սուրբ: … Այլ այլ ինչ որ պակասն իցէ, եւ եթէ հաճոյ իցէ քեզ, զամենայն տօնս` նորովս (տումարով) գրեմք` որ չեն գրած»:
Վերջին խօսքերս կ՚իմացընեն որ սրբոց տօներուն կար գաւորութեանն համար էր խնդիրն, եւ թէ կային ծանօթ սուրբք` որոց տօնի օր գրուած չէր, եւ ասոնց համար կ՚ըսէ, թէ որ կ՚ուզես իմ ցուցած նոր եւ հաստատուն տումարիս օրերուն վրայ դնեմ ասոնց յիշատակը: Ինքն այնչափ ստու գութիւն եւ ճշդութիւն կու բնտռէր այս սրբոց տօնից օրերուն, տարակուսանքն զսուրբերն այլ կամ անոնց տօնելի ըլլալը տարակուսելի կ՚ընէր իրեն. այս բանիս կու վկայէ բազմահմուտ Արեւելցի (մեծ) Վարդան վարդապետս, առ Հեթում թագաւոր գրելով այսպէս. «Սարկաւագվարդապետ ասացեալ էր ընդ իւր խորհրդակից, թէ ես այնց տօն չեմ տօնել` որ չեմ տեսեալ զտօնին պատճառն եւ զաւուրն շնորհն: Ի սուրբ Ստեփանոսի տօնին` յետ արձակման ժամուն` զժամտան դուռն փակեալ էր, գիտելով թէ մարդ չմնաց ի ներք, եւ սկսաւ աղօթել. եւ եկն սուրբն Ստեփանոս եւ համբուրեաց զվարդապետն, եւ ետ նմա ըմպելի հրեղէն, եւ ասաց Վարդապետն, թէ յուշ է՞ր եկիր յայս տարպայս, (ան գամ). եւ ասէ Նախավկայն. Գիտե՞ս, հայր, թէ քանի եկեղեցի եմ գնացել ի մեծարել զտօնողսն` շնորհօքն Քրիստոսի, եւ լուկ օր վճարեցի: Եւ աբեղայ մի թագուցեալ կայր ի դասն, ետես եւ լուաւ. եւ եկն անկաւ յօտս վարդապետին. եւ նա ասաց, մի ումեք ասիցես»: - Ոսումնականէն կերպով մը ի հրաշալի տարաւ զմեզ պատմութիւնն, ուր ես այլ հիմայ չեմ ուզեր ուշանալ, բայց ոչ այլ զանց ընել ըսելու, որ այս տեսիլքս աւելի պարզ եւ հաւանելի կերպով կու յիշէ Վարդանէն հին հեղինակն եւ իմ նախ յիշածս` Յովհաննէս Գառնեցի. «Այս Սարկաւագս, կ՚ըսէ, այր սուրբ եւ տեսող եւ զուարթերես եւ լի հո գւով. որ եւ ի տօնի սուրբ Նախավկային խընդրեաց ի սուրբ վկայէն տեսանել զնա, եւ ահա երեւեցաւ նմա դէմ յանդիման եւ գրկախառն համբուրիւ ողջունիւ ողջունեաց զնա. եւ բազում բանս մխիթարականս խօսեցաւ ընդ նմա»:
Այսչափ քննութիւնք, ստու գութիւնք, նորո գութիւնք եւ պէսպէս գրուածք` լաւ իմացուցին թէ կայ ազգին մէջ անանկ ամենահաս եւ կարող գրիչ մը, անոր համար շատոնց իրենց տարակոյսներուն լուծմունքն իրմէ ուզեցին, ինքն ալ աննախանձ եւ բարեսէր` լցուց կարօտութիւննին: Այսպէս են մեզի հասած քանի մը մանր գրուածքներ` Հովերու եւ Երկրաշարժի պատճառին վրայ, որոց մէջ ի հարկէ հիմակուան բնագիտաց կարծիքը եւ գրութիւնը պէտք չէ բնտռել, բայց բաւական ողջամտութիւն կ՚երեւի. շատ հմտութիւն եւ ջանք ստոյ գեւ զանազան գիտութեանց. մանր դիտողութեամբ եւ զգացմամբ բնութեան տեսարանաց եւ օրինաց. որոյ օրինակ ըլլայ. ան գամ մ՚այլ, սարեկ թռչնոյն ձայնին եղանակն, ի բաց հանելով բարոյական բաղդատութիւնները:
Արթուն եւ զուարթուն թռչուն, հսկող եւ բարբառող:
Կանչող եւ կարկաչող, ճռճուող, ձայնող, պաշտօնասէր…
Անմերձ եւ մօտաւոր, ուրախաբար լսասիրաց.
Քաղցրաձայն դաշնակաւոր, որպէս կարծեմ` ըստ արուեստին:
Սաստկախօս եւ հարթավանկ, խանդաղատող եւ ողբեր գակ:
Հրամայող եւ ողոքող, ըզխրատականս ներագրող:
Սպառնացող եւ հեզախօս, գգ ուող, կոչող եւ հրաժարող:
Կականող եւ ձայնարկու, յոյժ խնդացող եւ զուարճացեալ.
Արդ գիշերըն քեզ ի տիւ, եւ խաւարն որպէս ըզլոյս:
Որ եւ է բնապատում կըրնայ գովութեամբ յիշել այս սարեին եղանակին յատկութիւնները, որք երբեմն Սարկաւագին աղօթքը շփոթել կու տային. եւ օր մ՚այլ ճարն հատնելվ նստաւ գրեց այսպէս 200ի չափ երկայն տողերով ոտանաւոր «Բան իմաստութեան, ի պատճառս զբօսանաց, առ ձագն` որ զաղօթանոցաւ նորա ճռուողէր քաղցրաձայն, որ կոչի Սարիկ». եւ գրելուն ատեն` յանկարծազդեցիկ բանաստեղծի պէս այնպէս վառուեր եւ յափշտակեր էր, որ գրի կաղամարն վրան թափեցաւ եւ հագած կաշիէ զգեստը աղտոտեց. հարկ սեպեց որ այս բանս այլ գան գատելով յիշէ իր քաղցրախօսիկ դրացւոյն.
Այլ եւ զայժմուս իսկ պատահումն` ոչ լըռեցից արտաբերել.
Ըզնախահօրըն փոխազգեստն` որ յետ անկմանն ընձեռեցաւ`
Ապացոյց մեռելութեանն եւ գուշակիլ ունակութեան,
Ըզվերարկուս` ինձ համունակ` զայս արարեր դու անպիտան:
Այս կէս իմաստասիրական կէս զուարթական բանաստեղծութիւնս` որ Սարկաւագայ մեզի հասած գրուածոց մէջ ամենէն զուարճալին է, մեր գրականութեան մէջ աննման գրուածոց այլ մէկն է, եւ պիտի մնայ անմոռանալի: - Իսկ ինքն ուսումնական բաներ սովրիլ եւ գրելու համար յայտնապէս կու պահանջէ, թէ «ամենեւին բազմահմուտ պարտ է գոլ ձեռնարկողին այսմ, ոչ միայն սրբոց եւ աստուածաշունչ գրոց, այլ եւ արտաքնոց»: Ասկէ այլ գեղեցիկ եւ հաստատուն փիլիսոփայութեամբ կու պահանջէ որ ուսումն կամ գիտութինն փորձով այլ ստու գուի: «Դարձեալ թէ եւ սոքօք կիրթ եւ վարժ, առանց փորձի` կարծիքն հաւատարմանալ ոչ կարասցեն. եւ փորձն` հաստատուն եւ աներկբայ … վասն զի ոչ է պարտ միայն հնագիտակ լինել, այլ եւ ինքնաբաւ` ըստ շնորհեաց Աստուծոյ»: Առանց այսպիսի հնարից գրող կամ խօսող գիտնոց խելքը` մեղադրելով կ՚անուանէ «Խօլ հանճար` անհանճարիցն»:
Այս անտարակուսաբար կրնանք ըսել որ Սարկաւագվարդապետ շատ մեծ արդիւնք ունեցաւ այսպիսի ջանքով եւ գործերով, որոց բովանդակութիւնն է` ըլլալն իր ժամանակին եւ երկրին մէջ նորո գող ուսմանց եւ ընտիր ախորժակ մըտցընող. ինչ որ ԺԵ դարուն մէջ սկսան Եւրոպացիք` ինքը մետասաներորդին սկսեր էր, կամ թէ իրեն ժամանակակից դպրոցական ըսուածներուն հետ. եւ թէպէտ չհասան մեզի այն տեսակ գրուածները, բայց յայտնի է որ ինքն դասատուութեամբ այն նոր ոճը բանեցուց. անոր համար կոչուեցաւ «Մեծ Սոփեստէսն Հաղբատայ»:
Սարկաւագվարդապետ իր մտաց ուժը` գիտութեանց. հո գին ալ Աստուծոյ եւ աստուածայնոց նուիրած էր, ինչպէս որ ամեն ասանկ զօրաւոր եւ զգօն իմաստասիրաց յատկութիւնն է. եւ իր գրուածքներն ալ կը վկայեն որ աստուածային բաներու մէջ խորամուխ էր, միան գամայն եւ մեծ հո գեսիրութեամբ վառուած` ճշմարտութեան եւ վարուց ուղղութեան բերելու զուրիշները. բայց առանց կռուասէր վիճման եւ բռնադատութեան, այլ անհակառակ եւ խելացի հաւանողական խօսքով եւ գրով: Այս հո գին եւ այս մեծ հանճարն էր որ զինքը Հաղբատու վանաց առաջնորդ կամ հո գեւոր հայր ըրին. այն պաշտօնն այլ ինչպէս իր պատճառաւ ուրիշներուն` ասանկ այլ իրեն շատ օ գտակար եղաւ միտքը աւելի բարձր աստիճանի հասցընելու. լաւ ճանչցաւ մարդուս սրտին ճամբաները. եւ անանկ թափանցող եղաւ որ հո գետեսութեան ձիրք ունեցած կու կարծուի: Քաղցրութիւնը իրեն գործիք էր ըրած սիրտ շահելու, բայց ոչ երբեք անով թեթեւութեան մը իջաւ. վսեմութիւնը իրեն խօսքին հաւանեցուցիչն էր. սքանչելի վարքն եւ օրինակն` անխօս եւ բռնադատիչ քարոզ. տկարաց եւ կարօտից համար` գրուածքները միշտ յիշեցուցիչ եւ արթնցընող. տեղին յարմար խստութիւնն ու անաչառութիւնն ալ` վարդապետական պաշտօնին համեմատ, եւ անոր պատիւը աւելցընող` քան թէ ահարկու ընող:
Կը պատմուի, թէ իր պաշտօնին անարժան քահանայ մը շատ ան գամ խրատուելով` բայց իր անկար գվարքէն ետ չկենալուն` Սարկաւագվարդապետ զինքը պատաագէն ար գիլեց. անօրէնն ոչ վարդապետին քաղցրութիւնը եւ ոչ սաստը, եւ ոչ ժողովրդեան արհամարհանքը (որ ծաղրելով Զոմզոմա կու կանչէին իրեն) բանի տեղ դրաւ, հապա զայն` որ իր արժանաւորութեանը ար գելք կ՚ըլլար սուրբ խորհուրդը մատուցանելու, ուզեց անոր սուրբ նախանձաւորութեանը զոհ ընել. վասն զի ճշմարտութիւն միշտ կու գայ ծռած ըղեղներու: Օր մը ճամբան հանդիպելով իր վարդապետին (որ վանքին մօտ գետոյն վրայ եղած քարայրէն կու դառնար` կարդալէ), աւազակաբար յարձըկեցաւ` այն մեծ եւ պատկառելի գլխուն վրայ ձեռք վերցընելով. իսկ վարդապետն անխռով եւ քաղցր ծանրութեամբ ըսաւ` Սիրելի որդեակ Ստեփանոս, ինչո՞ւ կ՚ուզես չարչարել քու վարդապետիդ. պատասխանեց լիրբն. Ինչուան հիմայ Զոմզոմա էի, հիմայ սիրելի՞ Ստեփանոս դարձայ. ինչո՞ւ դու ալ զիս սպաննեցիր` զրկելով եկեղեցիէն: Վարդապետն տեսնելով որ խրատն բաւական չէր ըլլար անոր պարտքը ճանչցընելու, ուզեց Աստուծոյ թողուլ դատաստանը. տարաւ զանիկայ եկեղեցին եւ ծանուցումն ըրաւ, թէ աս եղբօրս յանցանքը զրպարտութիւն սեպելով` կը ներենք եւ կ՚ազատենք բանադրանքէ: Իսկ աներեսն այն չափը հասեր էր` որ յանդ գնեցաւ նոյն օրը պատարագմատուցանելու. բայց Աստուծոյ բարկութիւնը վրան հասնելով` դիւահարածի պէս ընկաւ. ինչուան որ նոյն հո գեւոր վարդապետն աղօթքով թէ անոր առողջութիւն պար գեւեց եւ թէ խելքը գլուխը բերաւ:
Իր հո գեսիրութեանը համար ըսուեցաւ, Այր տեսող եւ լի հո գւով. եւ իր սքանչելի աղօթքնէրն ալ նոյնը կու ցուցընեն. եւ ինչպէս կ՚երեւի այս աղօթքներս ոչ միայն իր սրտին զովացմանը համար գրեց, հապա նաեւ անոնց` որոնց հո գը իր սիրտն էր առեր. անոր համար ըստ զանազան հասակի եւ կրից հո գւով շարադրեց. տղոց համար` անոնց հասակին յարմար շնորհքները խնդրելով, եւ մեղաւոր ու ալէկոծ հո գիներուն համար` ուրիշ, եւ այլն: Համբակները իմաստութեան սիրոյն յորդորելու համար` գրեց իմաստութեան յորդորներ, որոնց մնացորդներն հասան մեզի. քահանայից` իրենց ահաւոր պաշտօնը արժանաւորապէս պաշտելու համար` քահանայութեան վրայ ընտիր ճառ մը գրեց խոհական վարդապետութեամբ. սրբոց, եւ մանաւանդ մեր եկեղեցւոյ հարց յիշատակը նորո գելու համար` իրենց որդւոցը սրտին մէջ` գեղեցիկ ներբողներ Լուսաւորչի եւ անոր թոռանցը վրայ. եկեղեցական պաշտօնն ալ զարդարեց ընտիր եր գերով: Այսպիսի ջանքն անկարելի էր որ անպտուղ մնար. իրեն արժանի աշակերտներ ունեցաւ, բայց ժամանակն` որ վարդապետին գործոցը չխնայեց` աշակերտներուն ալ ըստ մասին մոռացութեան մէջ թողուց:
Բայց ինչպէս որ առաջ ըսինք, աստուածային բաներու մէջ ծանրութեամբը` մարդկանց քաղցր ընտանութիւնը չմոռցաւ, հապագիտէր զիջանել մարդկանց եւ կենակից քաղցրաբանութեամբ, ինչպէս որ Զուարթատէս ալ կ՚անուանեն զինքը: Զուարթատես ալ կ՚անուանեն զինքը: Զուարթութիւնը ոչ միայն երեսին, այլ եւ լեզուին եւ արթուն մտացը վրայ կը փայլէր, որով շատ օ գուտ բերաւ իր վանքին ալ, իր մօտ գտնուած ազգայնոց ալ. վասն զի շատ իշխաններու եւ բռնաւորներու սիրտը կ՚առնուր առ ձիրքերովը. նման իր պատուակից Յովհաննէս Իմաստասիրին: Դաւիթ Վրաց թագաւորն այնչափ լաւ ճանչցեր է առ մեծ մարդուս յարդը` որ շատ հեղ հետը կը տեսնուէր, եւ գլուխ ծռելով օրհնութիւնը կը խնդրէր. Սարկաւագալ մեծութիւն չծախելով` Դաւթի մար գարէին խօսքը յարմարցընելով` կ՚ըսէր. «Գտի զԴաւիթ ծառայ իմ, եւ իւղով սրբով իմով օծի զնա. ձեռն իմ ընկալցի զնա, եւ բազուկ իմ զօրացուսցէ զնա»:
Ժամանակին խնդիրները, եւ Յունաց հետ վիճմունք ստիպեցին մեր Սարկաւագը որ Աստուածաբանական գրուածքներ ալ հանէ. ասոնց ոճն ալ թէպէտ երբեմն Սարկաւագին է. այլ երբեմն ալ հեռու է անկէց. եւ ասանկ գրուածոց մէջ օտար ձեռք խառնուիլն նոր բան չըլլալով նաեւ մեր ազգին մէջ, չենք կրնար Սարկաւագին ընծայել բոլոր գրուածքը` ինչուան որ ստու գագոյն օրինակներ չունենանք ձեռուընիս:
Հիմայ հոս յիշեմ ինչուան հիմայ անոր մեզի ծանոթ եղած գրաւոր աշխատութիւնները, որոնք ամենն ալ ընտիր գրուածոց կար գը կրնան գրուիլ:
Ա. Սուրբ Լուսաւորչի վրայ ներբողական ճառ մը, որ բաւական է Սարկաւագվարդապետին ոճը եւ ճարտարութիւնը իմացընելու, լեցուն իմաստներով եւ կարճ խօսքերով, ինչպէս իրեն եզական ձիրքն է: Լուսաւորչի վրայ գուած ճառերուն մէջ ասիկայ ամենէն կարճկ է, բայց ամենէն այլ գերազանց, առ ճառիս սկիզբն է. «Զնահատակութիւն սրբոցն տօնէ եկեղեցի»:
Բ - Ե. Սրբոյն Սահակայ եւ Մեսրովպայ, մեծին Ներսեսի, Տրդատայ եւ Ղեւոնդեանց վրայ ալ ճառեր գրած է. կ՚աւանդեն, բայց ես չեմ տեսած եւ թէպէտ կան մէկ երկու գրուածքնե ասոնց վրայ` որ Սարկաւագին կ՚ընծայուին, այլ իր ոճէն հեռու են:
Զ. Վասն մասանց պատուոյ եւ պատկերաց ընդունելութեան. արժանի իմաստասէր անուանը գրուած. թէ խելքն եւ թէ ոճն, եւ վսեմ զուրցուածքն, ասոր մէջ կը ցուցընէ թէ ինչ աստիճան պատիւ տալու է պատկերաց եւ սկիզբն է. «Յանտեղիսն ճարտարագոյնք եւ հանճարեղք յանբանութիւնս»:
Է. Վասն շարժման երկրի. համառոտ գրուած մը. կամ գրուածի մը կտոր, ուր հովերը երկրիս տակիսասանութեանց պատճառ կու կարծէ, եւ քանի մը բնական երեւոյթներու վրայ կու խօսի:
Ը. Մեկնութիւն տօմարի, եւ Յաղագս անկեանաւոր թըւոյ. որուն ինչպէս յիշեցի` միայն հատուածներն ունինք:
Թ. Բան խրատու. իմաստութեան վրայ վարդապետութիւն մըն է, մէկ երեսիկ մը բան, բայց պըզտիկութեան մէջն այլ այնչափ ընտիր` որչափ են պզտիկ գոհարները:
Ժ. Աղօթագիրք, զանազան վերնագրով, քսան հատի մը չափ, ամենն ալ ընտիր վսեմ սրտաշարժ, որ եւ ամեն մեր նախնի աղօթագիրներէն գերազանց, եւ կերպով մը Նարեկացիէն աւելի բնական եւ կատարեալ, թէպէտ Նարեկն ալ անհաւասարելի է իր կար գին մէջ:
ԺԱ. Աստուածաբանական բանք. քսան կամ քսանուհին գգ լուխ բան, որոնց մէջ միայն ինչպէս վերը ըսինք` աւելի հասարակ զուրցուածք կամ անհարազատ ոճ կ՚երեւնայ:
ԺԲ. Սրբոց Ղեւոնդեանց վրայ համբարձի շարականն` Պայծառագիր, որուն ամեն բանասէրը ծանօթ պիտի ըլլան:
ԺԳ. Ս. Հո գւոյ վրայ գրուած ճառ մը:
ԺԴ. Ղուկասու աւետարանի մեկնութիւն, զոր իր աշակերտն Սար գիս կու յիշէ:
ԺԵ. Շատ ան գամ յիշատակած բանաստեղծութիւնն ի Սարիկն:
ԺԶ. Տաղ ի Յարութիւն Քրիստոսի:
ԺԷ. Անշուշտ իր ամեն գործքերուն մէջ գլուխ գործոց սեպելո էր իր Պատմութիւնը, որ դեռ կորսուածներուն կար գն է ինծի, բայց Վարդան, Կիրակոս, Մխիթար Այիվանեցի, Սամուէլ Անեցի կը յիշեն զայն, եւ կը վկայեն անոր ընտիր հմուտ եւ սքանչելի գրուածքին: Այս ետքի պատմագիրս` որ անոր աշակերտն էր, իր ժամանակագրական պատմութեանը մէջ երկու իրեք հատուած կը բերէ այս ցանկալի պատմութենէ, որ որչափ ուրախութեան պատճառ է մեզի, գոնէ ան մէկ թղթի պատառիկն ունենալուս եւ անոս ամբողջ գրքին վսեմութիւնը եւ ազնուութիւնը ճանչնալուս, այնչափ ալ ցաւ կու տայ անոր կորստեանը վրայ, վասն զի այն հատուածներն` նման վերո գրեալ գուածոց վսեմութեան` փաստ մը կրնան ըլլալ, թէ այն պատմութիւնն այլ մեր գրականութեան ընտիր գրուածքներէն մէկն էր, եւ իրեն ցեղին մէջ թերեւս ամենէն ընտիրը: Այս պատմութիւնս կ՚երեւի թէ երկու գլխաւոր մասն էր. մէկ մը ընդհանուր Սկիւթական (Թուրք) ազգաց ծագման եւ արշաւանաց վրայ, որ ԺԱ դարէն սկսան գալ Հայաստան. Սէլչու գեանց եւ Տուղրիլեանց, Ալփասլանին եւ անոր նախորդացը գործքերը. մէկ մ՚ալ Ալփասլանի որդւոյն Մէլիքշահին գործքերը, որուն մահուամբը կը դադրեցնէ Սարկաւագիր պատմութիւնը: Ահաւասիկ ասոր վրայօք ըսածն, որ քեզի այլ ճաշակ մ՚ըլլայ մեր սոփեստէսին պատմաբանութեանը եւ խորհրդածութեանցը. «Իբրեւ առնոյր ըզփառս իշխանութեանն` բարեբաղդն Մէլէք –Շահ, զկնի հօրն մահուանն` Ալփասլանն կոչեցելոյն, մեծապէս կար գօք յօրինէր զթագաւորութիւնն. ըստ անուանն արդարեւ եղեալ արքայ արքայից: Ոչ հետեւեալ հօրն բարուց եւ կամաց, այլ եւ յաւէտ մանաւանդ զընդդէմսն ախորժեալ, մին զի եւ մըտահաճ եղեալ` զնորայսն սասրէր զիմացմունս, իբրեւ եղեալ հակառակ խաղաղութեան եւ կենաց մարդկան, արեամբ եւ զրկմամբ խանդացեալ: Իսկ ինքն իմաստաբար քաղաքավարութեան կար գօք պատրաստէր զամենայն: Արդ խոհեմն այն եւ արի քան զյոլովս ի թագաւորաց եւ քան զամենեսեան ո առ մեօք, ոչ այնքան տանէր հո գ` որքան արդարութեամբ առ ամենեսին վարիլ. զի մի ոք լիցի տրտում ի զրկելոց, եւ հպարտ` ի գոռոզաց: Էր եւ ազատաբարոյ եւ մեծախորհուրդ, այլ եւ տեսիլ մարմնոյն արժանի թագաւորութեանն. ընդ որում հեզութիւն ի քաղցրութիւն բարուցն լծակցեալ` առնէր սիրելի ամենեցուն. զոր միայն կոչեցից թագաւոր եւ փարթամ: Սն ի դոյզն ժամանակի փոքր ինչ նուազ զբոլորս հնազանդէր զտիեզերս. զոր այլք ի թագաւորաց` ի բազում ժամանակս եւ կամ ոչ բնաւ. բայց ոչ այնքան պատերազմաւ եւ բռնութեամբ` որքան սիրով եւ քաղցրութեամբ: Զի թէ սաւակ ինչ ժամանակաւ այնքան զօրեաց` կարծեմ թէ եւ ոչ Եւրոպէ կարէր ոչ տալ մուտս արքայութեան նորա, եթէ յոլովեալ էին կենաց նորա ժամանակք: …
«Ի ՇԽԱ (1092) թուականին սպանաւ մեծ հազարապետն արքային Պարսից Մէլիքշահին, որում անունն էր Հասան, իսկ ըստ պատուոյ աստիճանին` Վզրուկ խօճայ: Եւ զկնի աւուրց քսան եւ ութից մեռանի եւ ինքն Մէլիքշահն, զորմէ համբաւէր յօմանց դեղակուր ի կնոջէն լեալ, որ էր հեզ առ ամենեսեան եւ քաղցր բարուք յաւէտ առ ազգն քրիստոնէից: Եւ յետ մահուան նորա անպատմելի եղեւ խռովութիւն ամենայն ազգաց զամս չորս. զի եաղբայր որա Դըդուշն եւ որդի նորա Բէքիարուխն` զայսոսիկ զամս մարտիւ պատերազմաց զբարեյարմարութիւն զամենայն ի բաց կտրեցին, վասն ոչ ընդ փոյթ միոյ ի նոցանէ տիրելոյ. հոսմանց արեանց իբրեւ զուղխից լինէր, ոչ միայն զինակիր նահատակացն` այլ եւ առհասարակ ազանց եւ գաւառաց. եւ նեղութիւնք վշտաց սովու եւ գերութեան: Եւ այսպէս բարիքն ի բաց վճարեցան ընդ խզման կենաց թագաւորին. որոյ երկք եւ աշխատութիւնք թագաւորականք` ուրոյն, եւ շահն եւ օ գուտն` հասարակաց ամենեցուն, մեծամեծք եւ ընտրելիքն, մանաւանդ զխաղաղականն ասեմ զկեանս եւ զանհակառակսն. զի սիրէր զազգս մեր այնքան` զի աղօթս հայցէր եւ օրհնութիւնս. յորմէ եւ անդ երբեմն չո գաւ հայրապետն: Օ՜չ, թէ միայն էր աշակերտեալ քրիստոնեական կրօնից եւ կար գաց: - Արք ի քաղքին` յորում նստաւ եւ թագաւորեաց` յԱսպահան մայր քաղաքացն Պարսից` եւ մեռանի անդ»:
Զարմանալի հանդիպութիւն, որչափ ոչ բարակ եւ ազնիւ ճաշակ ունէր Սարկաւագեւ ազնիւ բաներու վրայ կ՚ուզէր գրել, այնքան թանձր եւ դժար ժամանակի եւ պիրապետութեան ատեն հանդիպեցաւ, եւ փոխանակ բարեկիրթ թագաւորաց գործերը գրելու` ստիպուեցաւ այն խոր Ասիոյ Միջնաշխարհէն ելած ասպատակներուն գործերը նշանակել, ինչպէս որ հաճելով մը կ՚անուանէ. «Սկիւթական ազգաց, ոչ ելլենախոհիցն` այլ բարբարոսացն` եղեալ մուտ յաշխարհս (մեր)»: - Սակայն մեզի համար` որ դիպուածները չեմք կրնար փոխել` միշտ բաղժ սեպուելու էր գոնէ այն բարբարոսաց գործերն այլ լսել ելլենախոհ պատմըչէ մը:
Այս Պատմութենէն զատ` զոր կըրնամք անուանել Թուրքաց պատմութիւն, եւ որ Ար. Լաստիվարտեցւոյն պատմութենէն ետեւ պէտք է դասուի` ըստ ժամանակին, անցեալ դարուն վերջը գրող բանասէր մը կ՚ըսէ, (ԺԸ) թէ «Սարկաւագվարդապետն սուրբ Յովհաննէս` արար Եկեղեցական Պատմագիրք». այս բանիս վրայ հիներէն վկայութիւն մը չունիմ, միայն փափագիմ թէ յիրաւի գրած ըլլար եւս առաւել թէ գտնուած ըլլար, գուցէ թէ աս եկեղեցական պատմագիրքն` ըլլայ (ԺԹ) Կանոնագիրք. վասն զի այսպիսի բան մ՚այլ կ՚ընծայուի Սարկաւագայ: Ասոնցմէ զատ կու յիշուին, Ի. Յաղագս չորից առաքինութեանց: Հարցումն վարդապետաց առ Սարկաւագ: Մեր ժամագրոց մէջ կարճառօտ աղօթք մը կայ Յիշեա Տէր զպաշտօնեայս քո, որոյ վերնագիրն է «Ի սարկաւագվարդապետէն ասացեալ». սակայն այս աղօթքս մեր Սարկաւագվարդապետէն աւելի առաջ այլ յիշուած ըլլալով` կամ ետքիններն սխալմամբ իրեն ընծայած են, կամ ըսել է թէ այն աղօթքը սարկաւագին կու վայլէ ըսել եկեղեցւոյ մէջ: Այս այլ յիշեմ որ Սարկաւագանուամբ ուրիշ անձինք այլ եղածն են. որոցմէ մէկն է Հաղարծին վանքին առաջնորդն, ժամանակաւ յետոյ քան զմերն: Բայց թէ նա եւ թէ ուրիշք` գրուածք այլ թողած ըլլան` մեր սոփեստէսին գրուածքն իրենց իսկատիպ շնորհքն ունին, որով մէկէն կու ճանաչուին, եւ զարմանքն այս է` որ այնքան զանազան եւ տարբեր նիւթոց վրայ ըլլալով գրուածքն եւ այնքան պէսպէս ոճերով դարձուցած, դեռ ամենն այլ իսկութեան կերպ մ՚ունին, ամենն այլ իրենց տեսակին մէջ ընտիր են. եւ կու յայտնեն հեղինակին մեծ, զօրաւոր բեղմնաւոր եւ զանազանեալ հանճարը, որ եւ հաւանօրէն իմ յիշածներէս զատ ուրիշ շատ բաներ այլ արտադրած պիտի ըլլայ, թողլու (իր ըսածին համեմատ) յիշատակ:
«ըզկնի անապական
Առ հանդերձեալըն ժամանակ»:
Գուցէ այն հանդերձեալ ժամանակն որ մը յայտնէ քեզի, Հայկակ, այդ ցանկալի գրաւոր գանձերը:
Սարկաւագայ աշակերտներէն այլ քանի մը միայն կու յիշուին. մէկն է վերոյիշեալն Սամուել Անեցի, ժամանակագիր պատմիչ, երկրորդ` նոյնպէս յիշեալն Կունտ Սար գիս վարդապետ, որ գրած է մեկնութիւն աւետարանաց Յովհաննու եւ Ղուկայ, որոց մէջ իր վարպետին խօսքերն այլ կ՚անցընէ. Գ. Երեմիա Անձրեւիկ, որուն ան գամ մը վարդապետն լուռ կեցիր ըսելուն, իրեք տարի լուռ կեցաւ, կ՚ըսէ, «ընդ միտս եւ ընդ Աստուծոյ «խօսէր»: Դ, Ե, Զ Խաչատուր Գրի գոր եւ Յովհաննէս Անեցիք, որոց գործքն եւ գրուածքն անծանոթ են ինծի:
Իսկ իր ընկերակից վարդապետներէն նշանաւորք եւ իրեն բարեկամք` միան գամայն եւ հայրենակիցքն էին Դաւիթ Ալաւկայ որդի ըսուածն, որ կանոններ գրած է, եւ Գրի գոր Թոքակերի որդի, որք եւ իրմէ քիչ մ՚ետեւ վախճանեցան: Այս երեքին վրայօք դէպք մը կու յիշուի, միան գամայն եւ Սարկաւագի վրայ եղած մեծ համարմունքն:
«Դէպս եղեւ զի յաւուր միում նստէին երեք այս արքս սքանչելի, եկն անդ այր մի շինական, եւ ասէ ցնոսա. Երանի՜ որ գիտէ ի ձէնջ թէ ո՞ իմաստնագոյն իցէ: Զայս իբրեւ ծաղրական ասաց: Պատասխանի եա Թոքակերի որդին եւ ասէ. Ես ասեմ քեզ. մինչդեռ էաք ի մերում աշխարհին` ես կարող էի եւ կարող. իսկ Սարկաւագս կարել միայն գիտէր. իսկ այժմ սա կտրէ եւ կարէ. եւ բազում նկարս յաւելու ի վերայ: Զայս առակաբար վասն իմաստութեան նորա ասաց»:
Ցաւալին է մեզի Սարկաւագայ վարուց եւ գործոց մասամբ անծանոթ մնալն, ինչպէս նաեւ իր վերջի տարիներուն եւ մահուան կերպն, եւ զարմանք է որ Յայսմաւուրաց մէջ չեմ հանդիպած անոր վարքին կամ յիշատակին, ինչպէս որ իրմէ ետքը եղող շատ վարդապետաց վարքն կան. գուցէ դեռ իր ապրած կողմերուն մնացեալ վանից եւ եկեղեցեաց Յայսմաւուրաց մէջ գտուի այս փափագածնիս: Միայն իրեն կենաց լրման թուականը կ՚աւանդեն Սամուէլ եւ ուրիշ ժամանակագիրք: «Ի ՇՀԸ թուին (1129) փոխեցաւ ի Քրիստոս մահուամբ սուրբվարդապետն Սարկաւագի Հաղբատ»: Բարեբաղդութեամբ գոնէ այն ելլենախոհ եւ բարձրաճեմ գլուխը ծածկող քարն ծանօթ մնաց. յիշեալ վանքին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գեղեցիկ զան գակատան տակ` կու կարդացուի. ԱՐՁԱՆՍ ԱՅՍ ՍԵՄԱԿԱՆ Է ՍՈՓԵՍՏՈՍԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ: Այնպիսի նշանաւոր անձին կու վայլէրնշանաւոր արձանագիր մ՚այլ, որոյ նշանական բառն է Սեմական, զոր ոմանք կ՚ուզեն Սեփական կարդալ, այլ կըրնայ նոյն իսկ սեամ բառին ածանցն ըլլալ, նշանակելով թէ այն քարն իբրեւ սեամ է, զոր կոխելով Սարկաւագ` պիտի մտնէ յանմահութեան տաճարը: Ո՞ գիտէ թէ արդեօք ինքն իսկ չէր պատուիրած այնպէս գրել: Սարկաւագի թաղուած ատեն այն տեղ հին պզտի եկեղեցի մը կար, զոր դար մ՚ետեւ քակելով` շինեցին զան գակատունը, բայց ինչպէս կ՚երեւի` չդպան գերեզմանին:
Երախտագետ եւ զգայուն համազգիք մեր, իրենց պանծալի վարդապետաց եւ գիտնոց հանճարոյ եւ գրուածին համեմատ` մականուններ նուիրեր են. ինչպէս, Քերդող (Մովսէսք), Փիլիսոփայ (Դաւիթք, Թէոդորոսք) Հռետոր (Խոսրով), Վերծանող (Մամբրէ) Իմաստասէր (Յովհաննէս Օձնեցի), Համարող (Անանիա), Շնորհալի (Ներսէս Կլայեցի), եւ այլն. մեր Սարկաւագին այլ սեփականեր են Սոփեստես կոչումը, յետ Յովհաննու Իմաստասէր կաթուղիկոսի` այսպէս կոչում մը չէր տրուած մէկու մը 400 տարուան միջոց, մինչեւ յայս երկրորդ իմաստասէր Յովհաննէսս. անկէ ետեւ այլ մէկու մը տրուած չէ, Սոփէստէս կամ Սոֆիոդիս ըստ Յունաց` երբեմն իմաստասէր եւ յետոյ իմաստակ նշանակած է. մեր մէջ փիլիսոփայութեան հետեւողք եւ այնպէս անուանողք կան քանի մը, բայց գլխաւորք այս իրեքն են` Անյաղթն, Օձնեցին, եւ մեր Սարկաւագն, իրեքն այլ նոյն գիտութեան մէկմէկ կոչմամբ աւելի սեփականեալ, մին Փիլիսոփայ, երկրորդն, Իմաստասէր, երրորդս Սոփեստէս, որով յայտ եւ թէ ժամանակակիցքն այլ լաւ ճանչցեր եւ կու պատուէին Սարկաւագայ զարմանալի հանճարը, բազմապատիկ հմտութիւնը, խոր մտածութիւնը եւ ճարտար գրուածքը, միով բանիւ հին ընտիր հեղինակաց հետեւողութիւնը, Ելլենախոհութիւնը կարճ ըսելով, եւ անոր համար այդ մակդիրը տուին իրեն, եւ անով կ՚որոշռուի մինչեւ ցայսօր Հաղբատայ եւ Սանահնի տապանատանց տակ քնացող այն բարձրաճոճ գլուխներէն` որոց տեսչութիւնն վերին տուաւ թագեր եւ առաւ. իսկ ասոր` տուաւ իմաստութիւն, որ անթառամ եւ անմահ պահեց իրեն կենդանի օթեւանը, Սարկաւագայ գլուխը:
ԻԴ. Յիզիտբուզիտ
խմբագրել9 Նոյեմբ. 553
ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ ` շնորհաւոր անունն ` պանծալի եւ սիրելի է աստուածապաշտ ազգաց, աւելի եւս քրիստոնէից ` ճշմարիտ աստուածապաշտից, եւ այլ աւելի յարեւելս, ուր թուրք եւ պարսիկ լեզուաւ ալ յաճախ լսուին Ալլահվերդի եւ Խիւտատադ անուանքն. որ Աստուածատուր նշանակեն: Հայոց մէջ այլ այս անունս որչափ գործածուած ըլլալն ` յայտնի է մերայոց, նաեւ խան գարեալ եւ կտրատեալ այլափոխութեամբ Ասուատուր Աստուր, Ծատուր, Տատուր, եւ այլն: Կրօնք ` հարկաւ կերպով մկ կ՚ազդէին մարդկան իրենց կենաց տուրքը ` ոչ միայն ճանչնալ յԱստուծոյ ` այլ եւ խոստովանիլ, անոր համար բնական էր ր իրենց զաւակներն այլ ըանչէին Աստուծոյ տուրք կամ պար գեւ: Այսպիսի բնական ազդման անտարակոյս օրինակը տուին բոլոր մարդկութեան ` անոր նախածնողքն, երբ առաջին ծնեալ մարդուն ( Կայենի ) կամար գոչեցին, Ստացայ մարդ Սոտուծով: Նոյն զգացմամբ շատ հեղ այլ Աստուծոյ մէկ մասնաւոր զօրութեանը կամ շնորհացը նուիրեցին մարդիկ իրենց ծնունդք. ինչպէս որ Եբրայական աստուածապաշտ կրօնից մէջ ել ( Աստուած ) վերջացեալ անուանքն կու յայտնեն, Գաբրիել, Միքայել, Դանիել, Ուրիել, Ռափայել, եւ այլն: Ըստ այսմ եւ հեթանոսք ` որ Աստուծոյ վայլած եւ չվայլած զօրութիւններ եւ կրքեր անձնաւորելով ` բազմաստուած եղան, այն առանձին աստուածոց պար գեւ կամ նուէր սեպէին իրենց որդիքը, ինչպէս ( թողլով զօտարս եւ ) գալով մեր եւ մեր դրացի ազգաց ` կու գտնեմք զանուանս Տրդատ, Միհրդատ, Զրուանդատ, Որմզդատ, եւ այլն, որք նշանակեն տուրք Տրի, Միհրայ, Զրուանայ, Որմզդի: Այսպէս գեղեցիկ կերպով մ՚այլ սեփականեալ են նոր կրօնիցս սրբազան անուանակոչութիւնը, ինչպէս Քրիստոսատուր, Տիրատուր, Խաչատուր, որք մեր քրիստոնութեան բաւական հին դարուց մէջ այլ կու լսոին, ինչպէս նաեւ Աստուածատուր անուամբ եպիսկոպոս մը յառաջին կէս Զ դարու: Բայց այս դարուս կիսէն կու սկսի թէ մերազգեաց եւ թէ մերձաւոր եւ հեռաւր արեւելեաց քրիստոնէից մէջ ` այն վսեմական անուան աճախութիւնն, եւ շատ տեղ ` սկզբնաւորութիւնն. պատճառաւ նահատակութեան մէկ անծանօթ եւ անկարծելի մարդու մը, որ զայս անունս ինքնին ընտրեր առեր էր վրան, թէ եւ ուրիշ լեզուա եւ կոչմամբ եւ որոյ յիշատակն հիմայ փառօք կատարուի մեր եկեղեցւոյ մէջ:
Մեր հին պատմչաց հարեւանցի յիշատակօք եւ Յայսմաւուրաց համառօտելովն ` անշուշտ անծանօթ չէր քեզի այլ, Ս. Աստուածատուր, բայց այն համառօտ յիշատակաց աղբիւր ` սրբոյն վկայաբանութին ` որ դեռ չէր յերեւան ելած մեր ազգային պատմութիւնը եւ Սրբոց վարքերը երկարօրէն գրողաց ժամանակն, այսօր կու գտուի իմ ձեռքս, սրբոյն ժամանակակից եւ չարչարակից անձի մը ձեռօք նախ գրուած, եւ ուրիշ ճարտար գրչով կոկած, ուսկից կ՚իմանամք ` որ անոր նահատակութեան օրն եէած է ստու գիւ այսօր, այսինքն 9 նոյեմբերի 553 տարւոյն, ( եւ ոչ 552 ինչպէս կարծուէր ինչուան հիմայ ), միան գամայն եւ քանի մը ազգային պատմութեան եւ սովորութեանց կարեւոր տեղեկութիւններ կու տայ գրուածս: Ասոր հաստատութիւն ոնիմք եւ ժամանակակից մեծանուն յոյն հեղինակի մը գրուածոց մնացորդը, նոյնպէս նոր գտուած, որ մեր պատմութեան եւ կերպով մը սրբոյս այլ պարծանք մը կրնայ սեպուիլ, եւ է նա Մենանդր ` ժամանակին ամենէն ճարտար գրիչն, յորում դեռ յոյն ընտիր դասագրաց շնորհքն փայլի, եւ որ ծանօթ եւ նշանաւոր էր ի դրան կայսերած Կ. Պօլսոյ: Այս ատեն ( ի կէս Զ դարու ) դեռ երիտասարդ էր Մենանդր, եւ լսելով Աստուածատրոյ նահատակութիւնն ի Հայս ` այնպէս սքանչացաւ եւ վառուեցաւ, որ ողբեր գութիւն մը դրեց այն դիպուածին վրայ, ինչպէս ինքն կու յիշէ, եւ մեզի ցաւեցնել կու տայ անոր կորստեանը վրայ. քիչ մ՚այլ կու մխիթարէ անկորուստ հասցընելով մեզի իր ուրիշ կարճ գրուած մը ` ի նոյն վկայն, զոր յետոյ յիշեմ քեզի, Հայկակ:
Բայց ինչու արդեօք Աստուածատրոյ վկայութիւնն այնպէս մեծ զարմանք բերաւ եւ հռչակ ձ գեց այն ատեն, որով հիմայ արժանապէս հռչակելի է: - Ասոր պատճառն, բայց ի սրբոյն արիական եւ գեղեցիկ սեպեմ, Պարսիկ ըլլան, ազգդժուարահաւատ ի քրիստոնութիւն, մէկ մ՚այլ այնպիսի ատեն եւ այնպիսի տեղ նահատակուիլն:
Տեղն է Դուին, բոլոր Հայոց ոստանն կամ մայրաքաղաքն, ժամանակն այլ ` եկեղեցւոյ հանդարտութեան եւ մարտիրոսութեանց զար գացման ատեն մը:
Վասն զի, հոս ( եկեղեցական եւ քաղաքական պատմութիւն մէկտեղ խառնելով ) պէտք է յիշել, որ գրեթէ դար մը կամ գոնէ 70 տարի էր, որ դադրեր էին ի Հայս հալածանք Պարսից, ( որք տիրէն մեր աշխարհին մեծագոյն մասին ), արդեամբ քաջին եւ առաքինւոյ Մեծին Վահանայ Մամիկոնոյ, որ յետ երկար եւ դիւցազնական պատերազմաց եւ յաղթութեանց ` ստիպեց զարքայից արքայն Պարսից, ոչ միայն ազատ թողլու զՀայս իրենց կրօնից մէջ, այլ եւ յանձն առնլու անոնց վրայ փոխարքայ կամ մարդպան դնել իրենց ազգայիններէն, ինչպէս որ եղաւ նախ ինքն Վահան 25 կաո 30 տարւոյ չափ, յետոյ իր եղբայրն Վարդ 3 կամ 4 տարի, ուսկից ետեւ թէպէտ քանի մը տարի Սուրէն անուամբ Պարսիկ մարզպան մը կեցաւ, բայց նորէն իրեն յաջորդեց Հայ իշխան մը, Մժէժ Գնունին, որ 30 տարի (518-547) քաջութեամբ եւ խոհեմութեամբ վարեց իշխանութիւնը եւ Յունաց ու Պարսից երկար հակառակութեանց եւ պատերազմաց մէջ ` իր սահմանները ( զարեւելեան Հայս ) պահեց ի խաղաղութեան, մինչեւ նոյն ինքն մեծանուն ` բայց եւ խելայեղ եւ գոռոզ շահնշահն Խոսրով Անուշռէվան, - զոր Պարսիկք գերագոյն եւ սիրելագոյն կու սեպեն քան զամենայն թագաւորս իրեանց, նաեւ քան զԿիւրոս իսկ. - Խոսրով ինքն ` որ ամեն բան եւ կար գվեր կու շարժէր, չկարցաւ Հայոց մարզպանը մեղադրել: Թէպէտ պէտք է հոս զայս ալ խոստովանեմ, որ այս յիշեալ 70 տարուան միջոցս, այսինքն մեծին Վահանայ մարզպանութենէն մինչեւ ի նահատակութիւն Աստուծատրոյ ` (485-553) մեր պատմութեան մթագոյն ժամանակներէն մէկն է. այս միջոցս եւ գրեթէ բոլոր Զ դարւս մէջ ազգային պատմիչ մը չունինք կամ չեմք գհած, որ մեր աշխարհին մէջ հանդիպածները մանրամասն իմացընէ մեզի:
Արդ յետ մահուան Մժեժայ, որ հանդիպեցաւ Յունաց եւ Պարսից կռուոց եւ վիճից ատեն, երկու մեծանուն տիրապետաց օրով. ( Յոստինիանու կայսեր եւ Խոսրովու ) որովհտեեւ արդէն քանի մը Հայ իշխանք ( Արշակունիքն Յովհաննէս եւ իր որդին Արտաւան եւ կամսարականքն Ներսեհ, Հրահատ եւ Սահակ եղբարք, եւ այլք ` անցեր էին կողմն Յունաց, եւ զԱփրիկէ ու զԻտալիա նուաճէին ի ծառայութիւն կայսերաց, զօրավարելով առանձին կամ ընդ ձեռամբ Բելիսարու եւ Ներսիսի պատրկի Հայկայնոյ ), Խոսրով ` որ արդէն սկսեր էր ծուռ աչքով նայիլ քրիստոնէից վրայ, եւ կու նեղէր իր ձեռաց տակ եղողները, ( ինչպէս որ մեր սրբոյս վկայաբանութիւնն այլ զայս վկայելով կու սկսի. « Ընդ ժամանակս թագաւորութեանն Խոսրովու որդւոյ Կաւատայ արքային Պարսից ` առաւել զայրացեալ լինէր խոստովանութիւնն որ առ Քրիստոս, եւ ոչ սակաւք նահատակեցան յաշխարհին Պարսից եւ ի դրան արքունի ». ) հարկաւ չէր կրնար բոլորովին վստահիլ Հայոց եւ ծերունի Գնունւոյն ( Մժէժի ) պէս հաւատարիմ համազգի յաջորդի մը յուսալ: Ուստի զրկեց պարսիկ մարդպան մը, զոր պատմիչք մեր Դենշապուհ կ՚անուանեն, բայց մեր վկայաբանութիւնն ցուցընէ զՆիխորական, որ գուցէ պատուանշան կամ ցեղական կոչում մ՚է իսկ առաջինն ` բնիկ անուն, բայց յոյն պատմիչք այլ Նախօրական անուամբ յիշեն զսա քանի մը տարի ետեւ: Սա սկսաւ Պարսից առաջին մարզպանաց պէս դառնութեամբ նայիլ քրիստոնէից վրայ. եւ թէպէտ դեռ չէր համարձակեր Հայոց վրայ ձեռք ձ գել, բայց ուրիշ ազգաց ` որ հոն ի Հայս գտուէին ` չէր խնայէր:
Այն ատենները Դուին մայրաքաղաքն Հայոց ` ոչ միայն անոնց քաղաքական վարչութեան կենդրոնն էր, այլ նաեւ մեծ շահաստան մը վաճառաց, հնդկական, յունական եւ կովկասեան ճանապարհաց եւ կարաւանաց միջոց, եւ երկար խաղաղութեամբ այլ խիստ հասրտացեալ եւ պայծառացեալ: Ամէն արեւելեաց ազգէ մարդ գտուէր հոն, որոց մէջ բազմաթիւ էին եւ Ռաժիկ ըսուած ազգի մը վաճառականք, ( որք հաւանօրէն էին հին Ռագաւի սահմաններէն, այսինքն է Ռէյ, Դէհրանի մօտ, վասն զի Պարսիկք Ռազի կոչեն զՌագաւցիս, որ են Պարսից եւ Ասորեստանի միջոց ): Ասոնցմէ աւելի էին Խուժիկք, որ կրօնիւք քրիստոնեայ, բայց շատն նեստորական ըլլալով ` Հայոց շփոթութիւն եւ ատելութիւն պատճառէին. անոր համար Ներսէս կաթուղիկոս եւ յաջորդքն ժողովքով ջանային զգուշացընել զՀայս, չկարենալով իշխանաբար վռընտել զԽուժիկս, որք երթալով շատնային եւ լրբանային, մանաւանդ երբ Մանաճիհը անուամբ Ռաժիկ մը հաւատալով ի Քրիստոս եւ մկրտուելով ու Գրի գոր անուանելով ` նահատակեցաւ Նիխորականի հրամանաւ կամ բռնութեամբ ( յամի 547-8): Կ՚երեւի թէ Խուժիկքն կամ պատճառ եղած էին ասոր քրիստոնէոթեան, կամ իբրեւ իրենց ազգին մերձաւոր սեպելով ` մեծ ձայն եւ հռչակ հանեցին, եկեղեցական եւ աշխարհական հանդէս եւ աղաղակ իրարու խառնելով. եւ անոր մարմնոյն վրայ մատուռ մը շինելով: Դունայ մէջ սկսան թէ հերձուածով եւ թէ անկար գութեամբ պաշտօն կատարել: Այս բանս ոչ այնքան գայթակղութիւն ` որքան գարշութիւն եւ նախատինք կ՚ըլլար Հայոց. մանաւանդ որ հոն մօտ էր իրենց կաթուղիկոսն եւ կաթուղիկոսարանն եւ գլուխք հայկական ազնուապետութեան, որք եւ ամենայն ուժով միաբանեցան հարկեցուցին զմարզպանն այլ, եւ այն Խուժկաց ժողովարանը հիմն ի վեր աւրեցին: - Այս վկայիս ` ( Գրի գորի Ռաժկի ) որ յետ երկայն տարիներու նոր վկայ եւ առաջին օտար վկայ եղաւ ի Հայս, պատմութիւնն կամ վկայաբանութիւնն մեզի դեռ հասած չէ, որով կարեւոր դիպուած մը մթութեան մէջ կու մնայ. այսինքն այն Ռաժկին եւ Խուժկաց մէջն եղած կապակցութիւնն. սակայն իր առած Գրի գոր անունն եւ մեր տօնացուցին մէջ անցնիլն ` վկայ են իր ուղղահաւատութեանը. մէկ մ՚այլ յայտնի կ՚երեւի ` որ հրապարակաւ եւ նշանաւոր կերպով մ՚եղած է նահատակութիւնն. այլ այլ պատճառ եղած է ուրիշ աւելի հռչակաւոր նահատակութեան մը:
ժկին վկայութեան տեղն որոշ չի յիշուիր, այլ այնպէս կ՚երեւի թէ Նիխորականի բանակին մէջ էր եւ ճամբու վրայ ` ի Հայս ատեն, եւ յայտնի այլ է որ մարզպանի մը բանակն բազմաթիւ եւ դաս դաս մարդկանց ժողովք մ՚էր. անոր համար շատ հանդիսատեսք կային անոր վկայական մահուան, ինչպէս նաեւ անոր քննութեան եւ պատասխանատւութեանցը: Հանդիսատեսաց ամենէն աւելի զուարճացող դասն, եւ ըստ մեզ ամենէն զզուելին ` էր Պարսից կրակապաշտ մո գաց դասն, որք մարզպանին հետ կու գային ` դարձեալ իրենց մոխրովը մեր այրարատեան սրբազան դաշտերը տխրեցնելու, եւ թեեւս իրենք գր գռեր էին զմարզպանն ` այնպիսի տարաժամ զոհով մը իր մուտքն ի Հայս նշանաւոր եւ ատելի ընելու: Բայց իրենց մէջ կար երիտասարդ մ՚այլ ` մո գեւ մո գի որդի, իբր 25 տարուան, որ իրենց դենին ամեն վարդապետութիւնը լաւ գիտէր, եւ յաջող ու խելացի ճանաչուէր, եւ հոս ոչ այնքան հաճութեամբ որչափ զարմացմամբ կեցեր, բարձրակամար յօնքերը իջուցեր, սրաձեւ թուխ մօրուքը ձեռքն առած լռած կու դիտէր եւ կ՚ափշէր. մանաւանդ երբ կու լսէր Ռաժիկ վկային անվախ եւ զուարթ խօսքերը ` չարաչար տանջանացը մէջ: Եւ երբ անոր զոհը կատարուեցաւ, գրեթէ իրենն այլ սկսաւ. մո գոթեան խաբէութիւնը եւ քրիստոնէութեան ճըշմարտութիւնը եւ մեծութիւնը ճանչցաւ. այն օրէն ետեւ այլ երեսին գոյնն եւ յոնքերուն հպարտութիւնն գնաց. մանաւանդ երբ օր մը տարակուսի եւ տագնապի մէջ քնանալով ` տեսաւ յերազի զինքը քրիստոնէից եկեղեցւոյ մէջ ` ուր սպիտակազգեստ անձ մը զինքը կու խշնորհաւորէր հոն գտուելու համար, եւ կու յորդորէր հետեւելու քրիստոնէից: Արթընցաւ եւ զուրաթացաւ երիտասարդ մո գն, որոյ անունն էր Մախուշ կամ Մախոժ, եւ հայրենեօք էր ի Բեշապուհ գաւառէ Պարսից, ծննդեան գեղն այլ կոչուէր Քունարաստան. որոց որ կողմն ըլլալն հիմայ շատ ծանօթ չէ, եւ ոչ այլ շատ հետաքննելի, այլ աւելի իր կատարածին տեղը գիտել ախորժելի է:
Մախոժ զատուելով մարզպանին բանակէն ` որ յԱյրարատ կ՚երթա, ճամբան փոխեց դէպ ի նահան գն Սիւնեաց. եւ առանց որոշ ամենուն յայտնելու ով եւ ինչ մտաց վրայ ըլլալը, սկսաւ գաղտուկ քննել եւ տեղեկանալ քրիստոնէութեան, որ այն ( Սիւնեաց ) կողմերը թէ աւելի համարձակ կը պաշտուէր եւ թէ աւելի գիտուն վարդապետներ ունէր, յաշակերտաց մեր երանելի քերթողահօրն Մովսիսի եւ Պետրոսի Սիւնեաց եպիսկոպոսի: Քանի մ՚ամսէն դարձաւ Մախոժ ի Սիւնեաց ` իբրեւ կէս քրիստոնեայ, եւ եկաւ ի մայրաքաղաքն Դուին, ուր իր մո գըլլալը յայտնի ըլլալով ` պէտք էր որ մո գաց քով այլ գտուի. ուստի մտաւ խառնուեցաւ ի դաս մո գուց Հայոց համակարին. ( այսպէս կ՚անուանէր Պարսից թագաւորին կողմէն գրուած հարկաժողով պաշտօնեայն ): Թէ եւ մո գուց հետ կու կենար եւ անոնց պախտամանց ներկայ կ՚ըլլար Մախոժ, բայց սրտով ուրիշ տեղ էր. մարմնով այլ անոնցմէ հեռանալու եւ սրտին հետ միանալու համար յեկեղեցւոջ ` առիթ մը միայն պէտք էր. առիթն այլ շատ չուշացաւ հանդիպելու:
Զրադեշտի հետեւողք կամ մո գք ` որչափ այլ ի սկզբան պարզ կրօնք մ՚ունէին, այնչափ այլ անոր յիշատակները կամ տօները շատցուցին. տարւոյն ամեն օրերն այլ մէկմէկ իզէդի կամ ո գւոյ նուիրած էր. իսկ ամսոյն առաջին օրն կամ ամսագլուխն ` աւելի սրբագոյն սեպուէր եւ հանդիսիւ կու տօնուէր ատրուշանի ( կրակարանին դիմաց: Այսպէս երբ եկաւ իրենց մեհեկանի ամսագլուխն ` ձմեռ ատեն ( որ թուի թէ Միհր ամիսն էր, եւ իբր ի սկիզբն 549 տարւոյն ), համակարն իր ապրանից մէջ տարուշանին դիմաց օրինական տօնը եւ կրակին նուէրը կատարել տուաւ: Այս նուէրը կենդանեաց զոհ չէր, ուրիշ հեթանոսաց ըրածին նման, այլ եղոտ նիւթերը որ կրակին վրայ կու թափէին. զոր մեր պատմիչն աղտեղ կոչէ. « ըստ սովորութեանն իւրեանց զոհս աղտէղ մատուցանէին հրոյն »: Մո գերն այլ ասանկ ատեն կրակին դիմաց կենային ` մասնաւոր շինուած երիզով մը կապած, որպէս զի շնչով այլ չպղծեն սուրբ կրակը. ձեռուընին այլ կունագլուխ գաւազան մը կամ սառն կ՚ըլլար ի նշան հրամայելու: Այս ձեւով եւ կերպով կեցեր էր Մախոժ այլ միւս մո գաց հետ կրակին դիմաց. եւ անշուշտ բերանակապին տակ առանց տեսնելու կու ծիծաղէր իրենց խայտառակ կրօնքին վրայ, մանաւանդ երբոր սաստիկ պաշտօնատարութեամբ չափէն աւելի առատապէս մատուցին աղտոտ աղտէղը. անյագկրակն այլ իբրեւ լափելէն վերջապէս կշտանալով ` սկսաւ ուռիլ. բոցերը բարձրացնել ինչուան սենեկին ձեղունը:
Մախոժի ծիծաղն ուրիշներուն ` ի լաց դարճաւ. կրակն կատղեցաւ. բոցն աճեցաւ, բռնկեցաւ ձեղունն, եւ յ անկարծ հրդեհի ծուխն ծաւալեցաւ: Շփոթեալ մո գերն ` կապերնին քակեցին, զոհի նիւթերը եւ գործիքը մէկդի քաշեցին, իրենց պաշտած կամ պատոած կրակին չափազանց գործունէութիւնն այլ սանձել կ՚ուզէին, կ՚աշխատէին, բայց հնարք չեղաւ. անճըկած ` ատրուշանէն դուրս ընկած, եւ քիչ մ՚առաջ կապած բերաննին հիմայ կրցածնուն չափ մեծ բանալով ` սկսան օ գնութեան կանչել իրենց բոցածաւալ չաստուածը զսպելու: Շշնկոց շփոթութիւնն ձայնձնեցաւ բոլոր քաղաքը. հազարապետն Հայոց, այսինքն ազգային կամ քաղաքին ներքին կառավարութեան իշխանն ` փոխանակ նիւթական հնարքի դիմելու, այսինքն ջրոյ, որով կրակը մարելը ` մեծ մեղք եւ յանդ գնութիւն կու սեպուէր Պարսից, եւ հետեւաբար իրեն կամ ազգին մեծ վնաս կրնար բերել, գրեթէ կու հարկաւորէր գերագոյն հնարքի կամ հրաշքի մը դիմելու, ուստի փութացաւ վազեց յեկեղեցին, որ կրօնից սրբութեան պաշտօնեայքն այլ իրենց տօնը կու կատարէին, եւ կ՚աղաչէր կու ստիպէր որ սուրբ խաչն առնուն երթան յաղթեն մարեն կրակը: Փութացան քաջահաւատ պաշտօնեայքն այլ, առին իրենց եւ ամենայն աշխարհի փրկութեան գործին ` սուրբ Խաչը. հասան կան գնեցին կնքեցին կատղած կրակին վրայ. եւ մէկէն « բոցն տարածեալ ` չիջանէր առհասարակ »: Բոլոր մեծ մայրաքաղաքն Դուին տեսաւ այս հրաշքը, քրիստոնեայ եւ հեթանոս հաւասար. ոչ ոք կրնար ուրանալ կամ զարմանքը ծածկել. ուստի եւ առանց վախի նոյն իսկ համակարին խաթունն ` որ իր տանը եւ ընչից մոխիր դառնալը աչին առջեւ կու տեսնէր, այս անակնկալ ազատութեան վրայ լի գոհութեամբ շնորհակալութիւն ( եւ ընծայ ) գրկեց պաշտօնէից սուրբ եկեղեցւոյն եւ խաչին:
Սակայն եղածին վրայ ամենէն աւելի զարմացողն կամ զարմանքէն օ գուտ առնողն եղաւ մեր Մախոժը, այսպիսի յայտնի հրաշք, եւ քրիստոնէից պարծանաց խաչին զօրութիւնը տեսնելով ` այլ չդիմացաւ կամկար կարկած կենալու. խլեց բերանակապը ` ձ գեց կոխեց. ձեռքի մո գական ուռը զարկաւ ի գետին կոտրտեց եւ վազելով եկեղեցւոյն պաշտօնէից մէջ ` յափշտակեց սարկաւագին ձեռքէն բուրվառը, եւ քան զաղտէղն լիուլի լեցընելով խունկը ` ամենայն ուժով շարժէր կու ճոճէր, անուշահոտ եւ պղծահալած ծուխը ` հրդեհին բոցէն ու մուխէն ալ վեր բարձրացնել ջանալով: - Եւ անշուշտ հասաւ այլ, թէ ոչ տեսանելին ` այլ իմանալի ծուխն, աւելի ի սրտէն Մախոժի քան ի բուրվառէն ` ի վեր քան զբարձրայարկս տպարանից համակարին, նա եւ քան զկաթուղիկէ գմբէթս Դոնայ մինչեւ յերկինս ` յորս հանգչի Աստուած: - Ապա նոյն տաքութեամբ եւ վառեալ հաւատով բուրվառը դարձնելով պաշտօնէից ` ճամբայ գրաւ որ երթան իրենց եկեղեցին եւ իրեն համար այլ աղօթեն. « Խնդրէք յԱստուծոյ վասն իմ, զի եւ ես քրիստոնեայ եմ »:
Մէկ ժամոան մէջ ի՜նչ այլ եւ այլ տեսարանք. քանի՜ զարմանք յերկրի եւ յերկինս. ի՜նչ ուրախութիւն եւ պարծանք քրիստոնէից, եւ փառք քեզի, ո՜վ սքանչելի գոմրծիք ` սուրբ Խաչ. որ երբեմն քան զամենայն գործիս դժպհի եւ չարաչար էիր, հիմայ քան զամենայն ` ցանկալի եւ փրկարար, երբեմն անուսից ան գամ դառնագոյն ի դառնութիւնս, հիմայ ամենէն վերջին եւ զօրաւոր յոյս սրտի. սրտի ` որ աշխարհիս եւ կենաց ունայնութեանց եւ աղտեղութեանց մէջ թաւալելով, երբ կու հասնի անոնց վերջը, եւ երբ ոչ օ գնութիւն եւ ոչ դիւրութիւն մը կրնայ գտնել անոնցմէ կամ ուրիշ մէկէ մը, այլ եւ սոսկալի վախով կու պաղի ` յաւիտենական դատաւորի եւ դատապարտութեան մերձաւոր յիշատակաւ - յանկարծ նուազեալ աչաց վերջին լոյսը քու վրադ կ՚ընկնի. եւ հաւատոց վերջին ճ գով տեսնելով ի քեզ կատարուած աստուածային գերագոյն հանդէսը եւ զոհը, վերջին քայլը հասած յոյսը պնդապինդ կու բռնէ. սիրոյ կայծակ մը կու ծագէ հո գւոյն վրայ, եւ զքեզ, ո՜վ աննման ան գին գործիք, զքեզ, որ շնչին փայտի կտոր մը կ՚երեւիս, աւելի քան զհամատարած ջրհեղեղին վրայ լողացող մարդակեցոյց լաստափայտը ` մեծաբաց եւ ամուր կամուրջ մը ձ գելով երկու յաւիտենականութեանց խորանդունդ վհին վրայ, կ՚անցնի ի կողմն փրկութեան եւ անվախճան կենաց: … Ո՜հ, ինչո՞ւ ` այս նիւթական կրակը մարելէն մեծ հրաշքդ ` որ Մախոժի հո գւոյն աչքերը բոլորովին լուսաւորեց, ինչո՞ւ չբացաւ անոր ընկերաց մո գուց աչքն այլ, որք փոխանակ անոր պէս պայծառանալու, կարծես անոր լուսովն աւելի սեւերես երեւեցան. կրակին վախէն աւելի ` Մախոժի քրիստոնէութենէն տագնապելով ` իրենց չաստուածոյն աւելցուցած մոխրին գոյնն առին. եւ պահլաւերէն պապաջելով ` մանաւանդ թէ սատանայօրէն բարբանջելով ` մոռցան, կո՜յրքն եւ ապերախտք, դեռ նոր տեսածնին. եւ այն գիշեր խառնակ ու խելառ խորհուրդներով կոծուելով, երկրորդ օրը հազիւ լուսացած ` գնացին մարզպանին մատնելու իրենց դասէն ելած եւ Քրիստոսի փարախը մտած Մախոժը:
Նիշորական, որ ( ինչպէս իր վերջը ուրիշ աշխարհի մը մէջ ըրած գործովն այլ կ՚երեւի ), մեծախօս բայց վատասիրտ մարդ մ՚էր, մէկէն Մանաճհրի պէս զՄախոժ այլ յատեան կանչեց, եւ սկսաւ յանդիմանել. « Ա՜յ թշուառական, ընդէ՞ր զհայրենի մո գութիւնսն թողուս, եւ յիմար եւ ուխտակորոյս լինիս: - Պատասխանի ետ երանելին եւ ասէ. Ճշմարտիւ ասեմ, ո ' վ դատաւոր վասն իմ, զի 25 ամ ունիմ ` որով ընդ վայր աղանդաւորեցայ. իսկ այժմ ծանուցեալ զճշմարիտն Աստուած ` ի հայրենի բազմաստուածութենէն հրաժարեցի. վասն որոյ ոչ այսուհետեւ կենցաղոյս պատրանք յայլոց հաւատոց անջատեսցեն զիս. քանզի հանդերձեալ եմ տանել հասելոց տանջանաց »: Այս համարձակ եւ կտրուկ խօսքին փոխարէն ` հրամայեց մարզպանն ` որ ծեծ զարնեն Մախոժի երկու ան գամ տասներկու. ( որ կ՚երեւի թէ Պարսից պատժողական օրինաց մէջ նշանակութիւն մ՚ունի ): Անկէ զատ ` անոր վայելուչ հասակին եւ մո գութեանը զարդ մօրուքը եւ մազերը ` կտրել տուաւ. ձեռք ու ոտքն այլ կապել տալով ` հրամեց որ ձ գեն ի բանտ. ուր որ բաւական ատենէն վեր բանտուած էր իրեն պէս զրադեշտի աղանդէն հրաժարող եւ քրիստոնեայ եղած Ռաժիկ մը Ներսէս անուամբ, որ եւ յետոյ Մախոժի վարքը եւ նահատակութիւնը գրեց. ( ըստ Յայսմաւուրաց վկայութեան. ) իսկ հիմայ կու սովրեցընէր անոր « զսուրբ հաւատս, եւ զսաղմոսս քսան. եւ այսպէս անդադար պաշտէր զԱստուած եւ աղօթէր »:
Նիխորական ` թերեւս Մախոժի նշանաւոր եւ մո գըլլալուն համար ` չէր համարձակեր աւելի խիստ եւ յետին դատաստանաւ դատելու, կամ յարմարագոյն ժամանակի կու սպասէր: Բայց չյաջողեցաւ իրեն այս ժամանակը. վասն զի յետոյ կանչուեցաւ ի Խոսրովայ արքայէն Պարսից. եւ զՄախոժ թողլով ի բանտին ` գնաց առ թագաւորն, ու քիչ ատենէն սպարապետ դրուելով Յունաց դէմ Լազիստանի պատերազմաց միջոց, հոն ղրկուեցաւ 60000 զօրօք. որոց մէկ երկու ան գամ իր հպատակութեամբ եւ անհանճարութեամբն յաղթուելու պատճառ եղաւ, եւ գրեթէ բանակին քառորդը ջարդել տալով ` առանց թշնամեաց վնաս մը հասցնելու ` քաշուեցաւ ի Վրաստան. ուսկից կանչուեցաւ ի Պարսս, եւ իրեն խայտառակ զօրավարութեանը վարձք, չարաչար եւ պժ գալի պատիժ մը առաւ. սրտմտեալ թագաւորն ` ողջ ողջ անոր կաշին հանել տուաւ, եւ տիկ ձեւացընելով Տիզբոն մայրաքաղաքի ամենէն բանուկ հրապարակին մէջ կախել տուաւ:
Նիխորականի յաջորդ մարզպան եղաւ Նախապետ, իրեք տարի. որ եւ ի սկզբան իր նախորդին պէս յատեան քաշեց զՄախոժ, եւ քննելով ու նոյնպէս հաստատուն գտնելով զնա ի հաւատս Քրիստոսի ` աւելի չարաչար ծեծել տուաւ, եւ երկաթի շղթաներով կապել ու թողուլ ի բանտին: Այս եռամեայ բանտար գելութեան միջոց Մախոժ անդադար աղաչանօք մկրտեցաւ իր բանտակիցէն ` ( Ներսիսէ ) որ եւ քահանայ էր, եւ Յայսմաւուրքն աբեղայ կոչեն, եւ ինքը խնդրեց, որ իրեն անուն դնէ Յիզիտբուզիտ, կամ ըստ Պարսիկ հնչման Եզտիբուզիտ, որոյ բուն իմաստն է Աստուծոյ շնորհահատոյց կամ Աստուած - ապրեցոյց, ինչպէս կ՚ըսէ Յովհան կաթուղիկոս. կամ ինչպէս մեր վկայաբանն կ՚ըսէ, յԱստուծոյ - փրկեալ, եւ կ՚աւելցընէ թէ եւ թար գմանի Աստուածատուր. վասն զի այս անունս աւելի ծանօթ եւ իմաստին մօտ ըլլալով ` այսպէս անուանեցին Հայք եւ այսպէս կար գեցին ի տօնացոյցս. նոյնպէս կ՚ընեն եւ օտարք ` երբ ուզեն թար գմանաբար կոչել այս Պարսիկ անունը: - Կնքոյն եւ անուանն հետ երանելի մո գն փոխեց իր ձեւն այլ. ինչուան այն ատեն իր սովորական հագուստներովն էր, հանեց զանոնք, բաժնեց աղքատաց, եւ անոնց տեղ հագաւ մազեղէն, եւ բոպիկ ոտիցն այլ հողաթափ: « Եւ այսպէս պահովք եւ աղօթիւք հսկէր, սաղմոսելով անդադար, գեղեցիկ կրօնաւորութեան »:
Յետ երեք տարւոյ ` Նախապետին տեղ եկաւ Քնարիկ ըսուած մարզպան մը, որ հակառակ գեղեցիկ կոչմանն ` խառնակ եւ դաժան ձայներ լսեցուց. առաջիններէն աւելի խստանալ սկսաւ քրիստոնէից վրայ իրեն համամիտ պաշտօնէիւքը, որոցմէ չարագոյնն էր ատենադպիրն: Սա լսելով Աստուածատրոյ դիպուածը ` գնաց ի բանտ, եւ կէս յանդիմանութեամբ եւ կէս խաբէութեամբ սկսաւ ըսել. Միայն դո՞ւ այդչափ խելացի գտուեցար ` որ բոլոր Արեաց ( Պարսից ) աշխարհը բաւական չսեպեցիր, եւ ելար գնացիր ուրիշի ծառայ ու գերի եղար: - Աստուածատուր պատասխանեց, թէ ծառայել ամօթ չէ, այլ եւ բնական ամենուն. դու որու որ կարօտիս ` անոր ծառայ ես, կենդանիք մարդկան կու ծառայեն, մարդն այլ ` Աստուծոյ. ես երբեմն տ գիտաբար ընդունայնութեան ծառայեցի, « Իսկ յորժամ գթացաւ յիս Աստուած ` կալեալ զմտածութենէ իմէ ` կապեաց ի սէր պատուիրանաց իւրոց, ներկեալ յուսով շնորհի իւրոյ. զոր ոչ կարասցեն կենցաղոյս փորձութիւնքս փփոխել ». Դպիրն փոխանակ իր լեզուի ճարտարութիւնը թափելու, որով ` իմացաւ թէ պիտի չյաջողի, բիրը վերցընելով ` ան գթաբար ծեծեց զվկայն. եւ յետոյ ուրիշ տանջանք եւ նեղութիւններ այլ տալ տուաւ. բայց ոչ բրով եւ ոչ բռնութեամբ կրցաւ յաղթել: Միայն թէ իր եւ նմանեաց ըրածներն ձանձրացուցին զՀայս, որք եւ ազգովին բողոք խաւրեցին առ թագաւորն Խոսորվ, յիշեցընելով իր պապուն խոստմունքը ` չնեղելու զՀայս վասն հաւատոց:
Խոսրով առանց դժուարութեան լսեց Հայոց պատ գամաւորաց. վասն զի կու վախէր որ չըլլայ թէ նեղանալով իրմէ գլուխ քաշեն եւ Յունաց կողմն անցնին, որոնց հետ արդէն թշնամութեամբ եւ կռուով էր: Խոստացաւ շուտով քննութիւն եւ արդարութիւն ընել. եւ յիրաւի, առանց ուշացնելու խաւրեց ի Հայս երեք մեծ եւ խոհեմ իշխաններ, որք էին Նատոյ, ըստ պատւոյ աստիճանին կոչուած դրովանդական. Խոյապ ` թագաւորին հաւատարիմ սպասաւորաց մէկն, եւ Պերոզ ` Ռէոյ գաւառին մարզպան. որ եւ իրենց տիրոջ հրամանին համեմատ ` անաչառ քննութեամբ դատելով ` դատապարտեցին անիրաւ զրկահարները, եւ առաջուան պէս դիւրութիւն ըրին Հայոց, որ միամտութեամբ ծառայեն Պարսից թագաւորին:
Սակայն այս դիւրութեան մասնակից չեղան Հայ չեղողք, մանաւանդ զրադեշտական կրօնքէն ի քրիստոնէականը դարձողք, ինչպէս էին Յիզիտբուզիտ, Ներսէս, եւ անոնց բանտակից Ատրպատիկ մը Սահակ անուամբ: Այս երեքն այլ յատեան կանչեցին եռապետքն քննիչք, քանի մը անզգամաց մատնութեամբ գր գռուած: Պերոզ ` իբրեւ պաշտօնեայ կրօնից ` սկսաւ մէկ մէկ քննել. « Դու ինչո՞ւ քրիստոնեայ եղար », հարցուց նախ Ներսեսի: Նա այլ ըսաւ. Մայրս բուն քրիստոնեայ էր, զիս այլ քրիստոնեայ մեծցուց: - Հապա դո՞ւ, հարցուց Սահակայ: - Ես տղայութեան ատենէս քրիստոնեայ եղած եմ, ըսաւ: - Կար գն եկաւ Աստուածատրոյ, որ ընկերացը քննութեան ատեն ` ետեւնին կեցեր ցած ձայնով ` « Տէր, մի ' սրտմտութեամբ քով յանդիմաներ զիս » սաղմոսը կ՚ըսէր. իր ով ըլլալը լաւ գիտէին դատաւորքն, եւ իրենցմէ առաջ քննութիւններն այլ լսելով ` վախցան որ նորէն իրենց կրօնքին նախատինք չհասնի անոր խօսքերէն ամենուն դիմաց. ուստի զինքն առանձին կանչելով եւ յանդիմանելով ` ըսաւ մո գպետն. « Ա՜յ թշուառական, ընդէ՞ր զլուսաւոր դենն թողեր, եւ նսեմաւոր քրիստոնէութեան հաւատացեր »: Սուրբն պատասխանեց թողած կրօնքին խայտառակութիւնը ցուցընելով, եւ ընդունածին սրբութիւնը. եւ թէ « Քրիստոնէութեան միայն է կարողութիւն փրկել յահագին ի մահուանէն »:
Յայտնի է որ այսպիսի գեղեցիկ պատասխանեաց փոխարէն ծեծ ու փետ պիտի ըլլար, եւ այլ աւելին. վասն զի հրամեց լիրբ մո գպետն որ սրբոյն պարկեշտ պարե գօտը պատռեն, կնկուղը գետին զարնեն, գլուխը կռփեն, եւ մօրուքը փետտեն: Ասանկ խղճալի կերպարանքով դարձուցին զԱստուածատուր ի բանտ ` իր երկու ընկերներովը. եւ երեք օրէն ետեւ նորէն յատեան բերին, քննեցին ու նոյնպէս հաստատուն գտան: Ապա չարահնար մո գպետն պատուիրեց որ իրենք այլ զատ տեղ սենեկի մը մէջ փակեն, ցորեկն անօթի թողուն, իսկ բոլոր գիշերը ծխով մխով հեղձամաղձուկ ընեն զանոնք: Թէ եւ չմեռան, բայց շատ չարչարուեցան նահատակքն. սակայն խեղդուած ձայնով այլ չդադրեցան սաղմոսելէն մինչեւ ցառաւօտ: Տասն օր այսպէս չարչարանօք մնացին ի բանտին, վերջի առաւօտն որ էր նոյեմբերի 9 եւ կիրակի օր, Աստուածատուր պատմեց ընկերացն ` թէ այն գիշեր յերազին տեսաւ որ մէկն վարոցով ուժով մը զարկաւ գլխուն, ուսկից արիւն կը վազէր երկու աչաց միջոցէն. բայց մէկէն երեք լուսաւոր անձինք վրայ հասան, վռնտեցին վարոցաւոր մարդը, եւ իր գլուխը մար գարտակապ պսակ մը դրին: - Անշուշտ, ըսին ընկերքն, քու մարտիրոսութեան եւ պսակուելու ժամանակդ մօտեցեր է:
Ոչ միայն մօտեցեր, այլ եւ հասեր էր օրն եւ ժամն. արդէն գահճապետն բանտին դուռը կու փնտռէր. եւ ներս մտնելով ` նշան տուաւ Յիզիտբուզիտի որ գայ ետեւէն: Չ գիտեմ իր ընկերաց տրտմութի՞ւն աւելի մեծ եղաւ իրմէ զատուելնուն եւ մնալնուն համար, թէ իր ուրախութիւնն ` ի հանդէս նահատակութեան կանչուելուն համար. անշուշտ երկու կողմէն այլ ոչ առանց արցունքի տուին այն ողջոյնը եւ համբոյրը ` որ երկրի եւ երկնից միջոց կախուած կապ մ՚էր. ամենքն այլ փափագէին այն կապը բռնած վերանալ յերկինս, բայց, միայն մէկուն հրաման եկած էր վերէն: Փութացաւ Յիզիտբուզիտ բաժնելու իր քրիստոնէութեան վարդապետին գրկէն, ( ի Ներսիսէ ) որ չուշանայ երկնաւոր վարդապետին Քրիստոսի գիրկը հասնելու. եւ երթալուն ատեն ` « Ի կարդալ իմում լուար ինձ ` Աստուած », սաղմոսն ըսելով ` շուտով հասաւ յատեան դատաւորացն, որոց հետ նստեր էր չորրորդ մ՚այլ, կամ դահճապետն կամ նոր մարզպան մը: Չորս դին պարսպաձեւ բոլորած կենային մեծին Դունայ քրիստոնէից անհամար բազմութիւնն, որք իրենց կրօնից ազատութիւն ունենալով ` անվախ եկեր էին տեսնելու օտարազգւոյն նահատակութիւնը, մէկէն հո գւոյ խնամութեամբ իրենց եկեղեցւոյն պայազատելու զնա:
Հրապարակաձեւ ատենին, կամ այն զարմանալի թատրոնին մէջ երեք փայտ կան գնած էր, երեք յենարան բռնի օրհասականաց: … Գեղեցիկ ծառն եւ ամենապէտ փայտն ` ասկէ աւելի պժ գալի պաշտօն չեն կատարեր. բայց յետ որոյ այն գերագոյն Մէկն ասանկ փայտի մը վրայ կախուած անմահական կենաց պտուղ երեւցաւ այդպիսի փայտն այլ շատ հեղ շատոց ցանկալի եղաւ, ինչպէս հիմայ այլ Աստուածատրոյ. որ եւ ուրախութեամբ իր յետին յենարանը ողջունելով, գուցէ պահ մը կարծեց, թէ ուրեմն իր երկու բանտակիցքն այլ վերջապէս իրեն ընկերակից պիտի ըլլան յաւիտենական ճամբուն մէջ: Իրաւ ունեցաւ երկու ընկերներ, բայց ոչ զՍահակ. այլ զնմանիս անոնց ` որ իրեն նմանութեան նախաօրինակին երկու կողմը կան գնեցան ի Գող գոթա. - երկու յանցաւոր, երկու չարագործ, երկու մահապարտ: Այս Յիսուսի նմանակցութեան պատիւն այլ ունեցաւ Աստուածատուր. - Կու տեսնե՞ս այդ փայտը, կանչեց մո գպետն, ադոր վրայ պիտի մեռնիս չարաչար, եթէ յամառեալ մնաս մտացդ վկայ: - Ես հաստատուած եմ, ըսաւ սուրբն, ի հաւատս Քիստոսի, եւ ամենեւին դառնալիք չունիմ. դու ընելիքդ կատարել տուր: - Հրամեց մո գպետն որ տանին զնա ի փայտն. Աստուածատուր ուրախութեամբ վազեց դահիճներէն առաջ, որք մերկացընելով զնա ` կապեցին եւ կան գնեցին:
Շնորհակալ եղաւ Սուրբն ` որ նաեւ այսպէս զգեստներէն կողոպտելով այլ ` զինքը կու նմանցնէին իր տիրոջն ի խաչին: - Մո գպետն ` կամ յիրաւի խնայելով, կամ սատանայութեամբ յաղթել ուզելով նահատակին, վերջին ան գամ մ՚այլ խաւրեց անոր ` ըսելու, որ դեռ ժամանակ կար, բայց վերջին եւ կարճ ու անդարձ ժամանակիկ մը ` զինքն ապրեցընելու, եթէ հրաժարելով ի քրիստոնէութենէ ` դառնայ ի հին մո գութիւնն: - Սուրբն եւ ոչ պատասխանւոյ արժանի սեպեց այսպիսի դեսպանութիւնը: Իր լռութիւնն լուծեց բռնաւորին արիւնալից հրամանը. եւ ահա սկսան դահիճքն սուր սլաքներով խոցոտել կողերը, եւ արեան անձրեւ մ՚իջուցընել: …
Նոյն ատեն երկու յանցաւորներն այլ հանեցին ի փայտն. աջակողմեանն ` նման Քրիստոսի խաչակցին, որոյ հաւատացեալ էր, եւ ազգաւ Խուժիկ, հաւատքով ` սրբոյն ոտքերը պագաւ, եւ անոր արիւնով թրջած հողը իր ծոցը կու լեցնէր. իսկ անզգամ դահճապետն անոր գլուխը կռփելով շուտով հանել կան գնել տուաւ ի փայտն, եւ նետով զարնել. որ եւ շուտով աւանդեց հո գին: Ձախակողմեանն այլ նոյնպէս նմանող եղաւ իր հին կողմնակցին. անիրաւութեանցը վրայ մեծագոյն մ՚այլ աւելցուց. Հրեայ էր ազգաւ. սկսաւ աղաղակել վայրախօս ստութեամբ. Զիս « մի ' կորուանէք. զմո գութիւն յանձն առնում »: Դատաւորք մտիկ չըրին անխիղճ եւ անզեղջ ձայնին. կապեցաւ կախուեցաւ եւ կորաւ. ինքն իր դատապարտութեանը վկայելով:
Իսկ « Երանելին ի մէջ երկուց մահապարտացն ` ի բարձր տեղւոջ ողջակիզեալ յանդիման արե գականն եւ ամենայն ժողովրդոցն. որ ունէր խորհուրդ զարմանալի որ յիշատակեալ ի նա տերունւոյն բան ` ըստ ճշմարիտ խոստմանն, թէ որ հաւատայ յիս ` զգործսն զոր ես գործեմ եւ նագործեսցէ, եւ մեծամեծ եւս քանզնոյնս. եւ Առաքեալն ասէ. Զորս յառաջն ճանաչէր ` յառաջագոյն հրաւիրեաց կերպարանակից լինել պատկերի Որդւոյ իւրոյ: - Եւ այսպէս քաջութեամբ վկայեաց սուրբն Յիզիտբուզիտ, ի ԻԳ ամին Խոսրովու թագաւորին, որ օր երկու ( էր ) քաղոց ամսոյ, յաւուր կիւրակէի, յերրորդ ժամու »:
Ամօթապարտ դատաւորքն իբրեւ վերջին վրէժ ` չթողուցին որ մէկէն վերցընեն Աստուածատրոյ մարմինը. բայց ոչ այլ շատ կրցան ուշացընել. հաւատացելոց խնդիրն եւ ձայնն բարձրացաւ. յաղթանակաւ իջուցին քրիստոնէացեալ մո գին մարմինը, եւ մեծ հանդիսիւ ու փառօք փոխեցին ի հանգիստ վկայից, իրեն արժանաւոր տեղ մը ի սուրբ տաճարին. որ եւ երկնափայլ լուսով պայծառացեալ ` աւելի զուարճացուց զհաւատացեալս եւ ամաչեցուց զզմոխրապաշտ մո գերը:
Այսպիսի պանծալի եւ շատ ատենէ վեր չլսուած նահատակութեան մը համբաւ, ( որով եւ Յիզիտբուզիտ անունը ) շուտով տարածեցաւ բոլոր արեւելեան քրիստոնէից մէջ, եւ Յունաց կայսրութեան ընդարձակ գաւառները. ուրախացան մեր սուրբ կրօնից նոր եւ յայտնի յաղթանակին վրայ. բայց ամենէն բաղդաւոր սեպուեցան Հայք, անոր հանդիսարան ընծայելով իրենց մայրաքաղաքը, մայր եկեղեցին, եւ ինչուան հիմայ ` տարեկան տօնախմբութիւն մը:
Նախայիշեալ Մենանդր պատմիչն ` իր կորուսեալ եւ կտրատեալ պատմութեան մէկ պատառին մէջ ` սրբոյն մէկ վերջի խօսքը կու յիշէ, երբ խաչին վրայ պրկուած էր, եւ երբ կու յորդորէին թողլու զքրիստոնէութիւնը ` որ իրեն մահուան պատճառ պիտի ըլլար. Ես ոչ եթէ կը ցաւիմ, ըսաւ, այսպիսի կրօնք մը գտնելու, հապա ուշ գտնելուս համար: - Իսկ նոյն հեղինակին առ սուրբ նուիրեալ վերտառութիւնն, զոր եւ ի սկզբանն յիշեցի, այս է.
Մո գես երբեմն ի Պարս էի Յիզիտբուզիտ,
Ի հեդեդանս սնոտիս ըզյոյս իմ կառուցեալ.
Հուր ճարակէր զոստանն իմ. յօ գըն ճեպեցի.
Ճեպէր ի նոյն ու ամենազօր Քրիստեայ ծառայն.
Նա զբըռնութիւն նուաճէր բոցոյն. իսկ ես պարտեալ `
Զաստուածայինըն յաղթութեան ընկալայ պսակ:
Այսպէս օտար մը, Յոյն մը, բայց հաւատարիմ եւ ընտիր հեղինակ մը, Մենանդր, կարճ տողերով գեղեցիկ եւ թանկ վկայութիւն մը կու տայ ` թէ Աստուածատրոյ յաղթական հաւատոցը, եւ թէ յաղթառիթ հաւատոց ամենազօր Քրիստոսի ծառային. որ թէ ոչ կաթուղիկոսն Հայոց ` այլ Դունայ մէկ եկեղեցւոյն աւագերէցն էր. որ « զբռնութիւն նուաճեաց բոցոյն » ի ճարակելն ի տան համակարին, եւ զաստուածայինն յաղթութեան պսակ իջուց ի գլուխ քրիստոսահրաւէր մո գին Մախոժի, փոխելով զնա ի Յիզիտբուզիտ, այն է Աստուածատուր:
ԻԵ. Երազ Վարդան կայսեր
խմբագրել3 Յունիս, 713.
ՍՈՎՈՐԱԲԱՐ քնացողքն կարծուին երազատես. բայց բարոյապէս խօսելով ` աւելի շատ են արթնութեան ատեն երազ տեսողք, երբ չըլլալու կամ շատ անստոյ գու դիպուածական կամ չափազանցբաներ կու մտածեն, կու յուսան, կ՚ուզեն կամ կատեն: Այսպիսի քուն կամ երազն այլ ` գրեթէ բնական քնոյ եւ երազի պէս հասարակ է մարդկան, թէ եւ ոմանք քիչ ոմանք շատ տեսնեն, իսկ իր ազդեցութիւնն աւելի զօրաւոր է, իր բերած երբեմն ուրախութեամբն եւ շատ հեզ տխրութեամբը: Բան մ՚երազել փափագով եւ յուսով ` եւ գտնել զայն, մեծ բաղդ մեծ ւրախութիւն է, երազել եւ չ գտնել ` տխրութիւն է առանց երազելու ` գտածը կորուսանել ` աւելի մեծ եւ ստոյ գտխրութիւն է. իսկ երազել եւ գտնել, յետոյ դարձեալ այն փափագած եւ գտածը երազի պէս կորուսանել ` տխրութենէ ալ վեր է. ցաւալի ափշութիւն է: Այսպիսի է մեր պատմելու երազն ալ. որուն նման սաստիկ ` իրաւ քիչք երազած են, բայց շատեր կան որ ասոր կու նմանին, գոնէ երազին մէկ մասովը: Երկրաւոր փառաց եւ բանղի յեղափոխութեանց մեծագոյն օրինակ մը ցուցընելով ` կրնայ ամենուն խրատ ըլլալ Վարդան կայսեր երազն: Այս Վարդանս ինքնին երազել ` այսինքն մըտացածին կամ առասպելեալ անձ մը չէ. այլ ստոյ գեւ պատմական, թէ ինքն եւ թէ իր գլխաւոր երազն. քեզի ազգակից է, Հայկակ, եւ Յունաց Կոստանդնուպօլսի կայսերաց թագակից, Ը դարուն սկիզբը: Երբոր մեծին Կոստանդիանոսի ցեղին պայազատութիւնն հատաւ մահուամբ Փոքր Թէոդոսի եւ անոր քեռառն Մարկիանոս կայսեր, կայսերութիւնն զօրաւոր կամ բռնաւոր իշխանաց ձեռք ընկաւ, ( աւելի Թրակացի իշխանաց ) որք դար ու կէս տիրեցին. ասոնց վերջընթերն Մօրիկ կայսր ` ըստ մեր պատմըչաց ` Հայ էր, յՕշական գեղէ Արագածոտն գաւառի. անոր յաջորդն Փոկասը սպաննելով անուանին Հերակլ կայսր ` յիշատակեց զթագը եւ ժառան գեցուց իր ցեղին ամբողջ դար մը: Բայց որովհետեւ թէ ինքն թէ իր նախորդաց շատերն յափշտակող եղեր էին, եւ իր յաջորդքն այլ անարժան եւ ժողովրդեան անսիրելի էին, թագախնդրութիւնն կամ կայսերութեան փափագն եւ կռիւն ` սովորական բան մ՚եղաւ զօրաւոր եւ ճարպիկ իշխանաց:
Ասոնց մէջ ` եթէ ոչ շատութեամբ թուոյ ` բայց շատութեամբ արդեանց եւ ուժոյ, նշանաւոր էին գրեթէ բոլոր Ե - ԺԱ դարուց միջոց ` մեր համազգի Հայ իշխանաւորքն եւ զօրավարքն ` Կ. Պօլսի ինքնակալաց ծառայութեան մէջ, ինչպէս յայտնի է ամենայն պատմագիտաց. ապա զարմանք չէր եթէ իրենք այլ ` բնիկ Յոյն իշխանաց հետ ` կայսերական թագին փափագող ըլլային, մանաւանդ որ շատ հեղ իրենցմէ առաջ ` թէ ' ազգային թէ Յոյն զօրքն եւ իշխանքն ` իրենց կ՚ընծայէին թագը: Արդէն Հերակլի վերջին պայազատաց ատեն մէկ երկու այսպիսի անձինք փորձ փորձեցին, թէ եւ ոչ յաջողեցան. ինչպէս Շապուհ մը ամատունի կամ պարսիկ, որ երբեմն արեւմտեան Հայոց զօրավար կամ իշխան էր, եւ յամին 667 Բ Կոստանդ ( թոռն Հերակլի ) կայսերէն գլուխ քաշեց, բայց դիպուածով մը շուտով մեռաւ ( ձիէն ընկնալով ): Հետեւեալ տարին Կոստանդը սպանողք իրենց կայսր ընտրեցին զՄժէժ. որ հաւանօրէն թոռն էր մեր Մժէժ Գնունի զօրավարին, որ Հերակլի ատեն քաջութեամբ եւ խոհեմութեամբ շատ անուանի էր. իսկ կայսր ընտրուած Մժէժն աւելի երեւելի էր իր հասակին մեծութեամբ եւ գեղեցկութեամբն, որոյ համար ընտրեցին զսա սպանելոյն հակառակորդքն, եւ խոստացան պաշտպանել. վասն զի ինքն Մժէժ կու հրաժարէր եւ յանձն չէր առնուր. եւ անոնց տիրատեցութեան ալ զոհ եղաւ. եւ ոչ տարի մը ակամայ կայսրութեան անունը կրելով ` թագին հետ իր թագագան գուր գլուխն ալ կորոյս (669), զոր Սիրակուսաէն ( Սիկիլիոյ քաղաքէ ) խաւրեցին ի Կ. Պօլիս առ որդին Կոստանդայ ` Կոստանդին Դ: Այս Կոստանդին թէ ' ծննդեամբ եւ թէ արդեամբք արժանի ժառան գէր աթոռոյն, բայց անարժան հօր նման ` անարժան որդի մը յաջորդ ունեցաւ, այն է Յուստինիանոս Բ:
Ասոր անկար գութեանց, ան գթութեանց, եւ անկրօնութեան չդիմանալով իր ժողովուրդն ` գահընկէց ըրին (695). եւ տեղը նստուցին Ղեւոնդ պատրիկ քաջ զօրավարը, որ հայրենեօք էր յԻսաւրիոյ Կիւլիկիոյ. եւ հաւանօրէն Հայ, ինչպէս էր անտարակոյս իրմէ ոչ շատ տարի վերջը ընտրուող եւ 25 տարի (717-741) կայսր եղող Լեւոն Իսաւրացին. ( թէպէտ վարքովն եւ գործքերովն իր նախորդէն ` Յուստինիանոսէն ` պակաս զզուելի չեղաւ ): Ղեւոնդ թէ եւ սիրելի եւ արժանաւոր անձն, բայց իրեք տարիէն ետեւ (698) իրմէ բռնագունի մը ձեռք ընկաւ. Ապսիմար անունուվ Կոռիկոսցի մը տիրեց Կ. Պօլսոյ, եւ Ղեւոնդի քիթը կտրելով, ( ինչպէս Ղեւոնդ ալ Յուստինիանոսին կտրեր էր ) փակեց վանքի մը մէջ, եւ ինք զինքն անուանեց Տիբեր Բ:
Այսպէս կայսերութեան կամ թագին խաղալիկ եղած ատեն ` մեր Վարդանն այլ իր կայսերական երազը տեսաւ: Իր ի ' նչ տոհմէ կամ տունէ ըլլալն յայտնի չէ, թէ եւ յոմանց Մամիկոնեան կարծուի. անշուշտ այն Հայերէն էր որ շատոնց Յունաց ծառայութեան մէջ մտեր եւ յառաջացեր էին. իր հայրն այլ յունական անուամբ Նիկեփոր պատրիկ կոչուէր. ինքն այլ զինուորութեան մէջ յառաջադէմ եւ ճարպիկ. լեզուանի եւ զուարթ մարդ մ՚ըլլալով սիրելի եղած էր ճանչուորներուն. եւ աւելի այս ձիրքերուն ուժովը ` քան թէ քնով կամ գինւով հարբած ըլլալով, երազ մը տեսաւ, ( յամին 701) որ իր կենաց մեծ եւ իրական երազին պատճառն եղաւ: Տեսածն էր, ինչպէս ինքն պատմէր, արծիւ մը որ գլխուն վրայ կու թռչըտէր. Անշուշտ ասիկայ նշան է, ըսաւ, որ օր մը ես կայսր պիտի ըլլամ: Եւ ինչպէս որ կ՚երեւի միայն զինուորական եւ աշխարհային բաներու հմուտ, հարկաւոր բաներու անհմուտ էր. գնաց անուանի եղած ճ գնաւորի մը պատմելու եւ խորհուրդ հարցընելու. ճ գնաւորն, որ խաբուած կամ խաբեբայ մ՚էր, միան գամայն եւ մոլորամիտ միակամադաւան եւ երազագէտ մը, Վարդանայ փառահեղ կերպարանքէն յոյս առնելով որ իրաւ կրնայ օր մը կայսր ըլլալ, ինչպէս վերոյիշեալներն. Անտարակոյս է, ըսաւ, կայսր ըլլալդ. բայց ` ( հայհոյանք մ՚ալ աւելցուց ) այս պայմանաւ Աստուած քեզի կու տայ կայսերութիւնը ` որ եկեղեցւոյ Զ ըսուած տիեզերական ժողովը ջնջես, այսինքն անոր հաստատած դաւանանքը: Վարդան առանց առաջ ետեւ մտածելու, խօսք տուաւ, որ եթէ կայսր ըլլայ ` այնպէս ընէ: Եւ երազէն աւելն այն սուտ մար գարէին հաւատալով եւ վստահանալով ` պատմեց իր մէկ բարեկամին ` եղածը եւ ըլլալիքը. բարեկամն ` որ ճ գնաւորին պէս ցած մ՚էր, ապագայ անստոյ գկայսերէն աւելի ` ներկայ ստոյ գկայսերէն վարձք առնուլը իրեն շահաւոր գտնելով ` գնաց ասոր պատմեց լսածը: Ապսիմար մէկէն բռնել տուաւ զՎարդան, եւ խեւի պէս ծեծելէն ետեւ ` գլուխն ալ ածիլելով ` շղթայի զարկած աքսորեց մինչեւ ի Կեփալոնիա կղզի, Յունաստանի արեւմտակողմը:
Վախենալու մահուանէ մը ազատելով ` Վարդան ` տասը տարի ատեն ունեցաւ իր երազին վրայ նոր նոր երազներ տեսնելու եւ դեռ յուսով սպասելու. երբ իր աքսորուելէն քանի մը տարի վերջ Յուստիանոսն Ռինոտմէտ, այսինքն Պնչատն ( քիթը կտրած ), կատղած գազանի պէս փախչելով իր ար գելանէն ` որ էր Քերսոն քաղաքն Ղրիմու, նախ Խազրաց ապաւինելով, ապա Բուլղարաց, եւ ասոնցմէ զօրք առնըլով եկաւ պաշարեց առաւ իր հին թագաւորանիստ քաղաքը եւ թագը (705), բռնեց զԱպսիմար որ փախեր էր, եւ անոր նախորդ Ղեւոնդ կայսեր հետ մէկտեղ բերելով, եւ ամեն խայտառակութիւն տալով ` կրկիսին մէջ գետնի վրայ ձ գեց կոխկըռտեց, մինչդեռ յիմարած ժողովուրդն սաղմոսին խօսքը իրեն յարմարցընելով կու պոռչըտար. « Ի վերայ իմի եւ քարբի գնասցես դու, զառիւծն ( Լեւոն ) եւ զվիշապն ( ապսիմար ) առ ոտն կոխեսցես ». յետոյ ուրիշ գազանաց ամփիթէատրոն մը տանելու գլխատել տուաւ զանոնք: Իսկ ինքն իր տ գեղ կերպարանաց ծածկոց մը հնարեց, ոսկեղէն քիթ մը զոր ` ամեն ան գամ հանած ատեն, կ՚ըսեն, սոսկալի գազանական կատաղութիւն մը կ՚իմանար. եւ գազանէ աւելի ան գութ եւ անկարծելի կոտորածներ ըրաւ ` իր երկրորդ ան գամ վեց տարի թագաւորութեանն ատեն: Սատանայական լրբութեամբ մը Աստուծոյ դէմ երդուած էր իր ամեն հակառակորդներէն վրէժ առնուլ. եւ ոչ միայն անոնց, հապա անմեղաց ալ չարաչար տանջանք եւ մահ հասուց. արիւնոտ աչացն առջեւ կրօնք սրբազան բան չէր երեւեր: Ոչ միայն կայսրութեան, այլ եւ մարդկութեան զզուանք եւ ցուցանք մ՚եղաւ, ուսկից ամենքն կու գանէին եւ կու դողային:
Յետ ջարդելու Կ. Պօլսի եւ անոր մօտ տեղերու մէջ իրեն թշնամի սեպածները, բոլոր ոխը դարձուց իր աքսորանաց տեղւոյն ( Քերսոնի ) բնակչացը վրայ. որովհետեւ հոն անոնց մէջ եղած ատեն միշտ կու սպառնար թէ երբ ազատութիւն գտնեմ ` զձեզ պիտի չարչարեմ, անոնք ալ ուզեցին զինքը հալածել, եւ հազիւ թէ կրցեր էր փախչիլ անկէ: Հիմայ բոլոր նաւերը ժողվեր, եւ զամենքը ստիպեց որ գան օ գնութեան. ինչուան, կ՚ըսեն. 100, 000 մարդ լեցուց նաւերուն մէջ եւ ղրկեց ի Քերսոն, գլուխ դնելով Ստեփանոս անուամբ գազանամիտ մարդ մը ` զոր անողորմութեանն համար ամենքն ( ասմիքդոս ) կոշտ կամ կատղած կոչէին, պատուիրեց ասոր ` Քերսոնի բնակչաց մէկն այլ ողջ չթողուլ, եւ անոնց տեղը աքսորածներով լեցընել: Այս աքսորելոց մէկն այլ ըրաւ երազատես Վարդանը, Կեփալոնիա կղզիէն հանելով եւ հոս քշելով:
Թողունք հոս յիշել Քերսոնի մէջ եղած ահեղ կոտորածը, եւ անկէ ապրած ու նաւով դէպ ի Կ. Պօլիս ղրկուած տղայոց եւ մարդկանց կորսուիլը նաւակոծութեամբ Սեւ ծովուն մէջ. որոց թիւը կ՚ըսեն ( գուցէ չափազանցօրէն ) 63, 000 էր, թէ եւ մէկտեղ սեպուին նաւաստիք եւ զօրականք, դիակնին հարիւրաւոր մղոններով հեռու ծովեզերքներ ծփալով զարնուեցան երկայն ատեն: Կատաղին Ստեփանոս ` որ քան զՊնչատն նուազ կատղած էր, աչք գոցեր էր որ մաս մը ի բնակչաց Քերսոնի փախչի եւ իրեն տեղ վերակացու թողեր էր զԵղիա կայսեր զինակակիցը:
Եիր այս փախչողներն լսեցին որ Ստեփանոս նաւակոծեալ խեղդեցաւ, սկսան դառնալ իրենց ամայի հայրենիքը, բայց գազանացեալ կայսրն այլ լսելով անոնց ապրիլը ` նորէն զօրք խաւրեց վրանին. անոք յետին յուսահատութեամբ զինուած, եւ Խազրաց օ գնութեամբ ջարդեցին կայսեր զօրքը, եւ միաբերան անէծք ու նզովք կարդալով այնպիսի հրէշի մը վրայ, ուզեցին զԵղիա ( որ իրենց կողմը դարձեր էր ) կայսր անուանել, սա վախնալով հրաժարեցաւ. Ահա այն ատեն միաբանեցան եւ կայսր կանչեցին ու դրին զՎարդան, անունն այլ փոխեցին ի Փիլիպպիկոս, զոր սխալ ըսելով եւ գրելով ոմանք ` Փիլեպիկ անուանեն, ոմանք Փիլիպպոս, եւ ոմանք ի մեր պատմչաց այլք Փիլիկ: Այս բանս եղաւ 711 տարւոյն վերջերը: Վարդանայ երազն ստու գուեցաւ, բայց ոչ բոլորովին եւ ոչ կարծածին չափ երկայն եւ յաջող:
Այս վայրկենէն եւ Յոստինիանոս կայսեր անդադրելի կատաղութինն եւ տագնապը նկարագրել ` գրեթէ անկարելի է. առջի գործքն եղաւ մէկէն վազել երթալ Եղիայի տունը, անոր երկու անմեղ երեխայ տղայքը իրենց մօր գրկին մէջ ինքն իր ձերքով սպաննեց, մայրենին այլ մահուանէ աւելի մեծ նախատանաց մատնեց, յետոյ շուտով նոր նաւախումբ մը կազմեց ` ամենայն պատերազմական գործիքներով լըցուց, Մօրոս անուամբ մէկու մը յանձնեց սաստիկ սպառնալեօք ` որ երթայ հիմնայատակ ընէ զՔերսոն, եւ ոչ մանր տղայոց խնայելով, անանկ որ ոչ կենդանի մնայ, ոչ շէնքի նշան մը, այլ վարուցանի տեղ դառնայ: Մօրոս տիրոջը բաղձանաց համեմատ շուտով հասաւ ի Քերսոն, եւ սկսաւ պարիսպը ծեծել ու փլցընել, բայց յանկարծ Խազրաց գունդ մը վրան հասաւ, դադրեցուց: Մօրոս տեսնելով որ կամ ասոնցմէ պիտի ջարդուի, կամ յետ դառնալով կայսեր բարկութեան զոհ պիտի ըլլայ, ինքն ալ Քերսոնացւոց կողմը դարձաւ, միացաւ անոնց հետ, նոյն միջոցին Վարդան այլ Խազրաց կողմէն գալով նոր զօրագնդով մը ` նորէն կայսերական պատուով ընդունուեցաւ: Յուստինիանոս կու զարմանար տր նաւերէն լուր մը չառնըլուն, եւ կասկածելով ` անհամբերութեամբ մնացեալ զօրքը ժողվեց, գունդ մ՚ալ ի Բուլղարաց օ գնութիւն առաւ, եւ գնաց ցամաքէն մինչեւ ի Սինոպ:
Հոնկէ տեսաւ որ նաւատորմիղն առագաստարաց կու գայ դէպ ի մայրաքաղաքն. նաւ մը խաւրեց ընդ առաջ լուր բերելու. լուրն աս եղաւ ` որ աքսորեալն Վարդան կայսր եղեր է եւ կու գայ Կ. Պօլսի վրայ:
Հոս վերջին ան գամ Յուստինիանու ոսկի քիթն ընկաւ. եւ բոլորովին գազանացաւ. անհան գիստ եւ անդադար վազեց դէպ ի մայրաքաղաքն, բայց տեսաւ որ Վարդան իրմէ առաջ հասեր տիրեր է. նոյն երագութեամբ դարձաւ ի Դամատրիս ` որ Քաղկեդոնի ( Գատըքէոյ ) եւ Նիկոմիդիոյ ( Իզնիմիտ ) մէջտեղն է. բայց հոն ալ Վարդանայ վախն եւ սուրն հասէր էր, մասն զի հոս խաւրեր էր զԵղիա, որ երբեմն իրեն տէրը պաշտպանող զէնքերը անոր դէմ ` դարձընէ: Եղիա տեսաւ որ այն իր կատղած հին տէրն պատրաստուեր է պատերազմի, մօտեցաւ անոր Յոյն եւ Բուլղար զօրացը, իմացուց որ ինքն պատերազմի համա համար եկած չէ, այլ զիրենք ազատելու անանկ այլանդակ հրէշի մը ձեռքէ, եւ խոստացաւ նոր կայսեր շնորհքները. մէկէն իր կողմը դարձան դիմացի գունդերն այլ: Քթակոտոր կայսեր ուրիշ բան չմնաց ` բայց յուսահատ փախուստ, սակայն շուտով վրայ հասաւ իր քաջ բայց տիրանեն գզինակիրն ( Եղիա ). մազերէն բռնեց քաշեց, եւ իր դաւաճան սրովն կտրեց այն գոռոզգլուխը ` որ 26 տարիէ վեր ահով դողով անբաւ արեամբ լցուցեր էր գծով եւ զցամաք արեւելեան ընդարձակ կայսերութեան, եւ խաւրեց առ Վարդան: Նոյնպէս սպանուեցաւ Յուստինիանոսի առաջին պաշտօնեալն եւ գլխաւոր պատրիկն Վարազբակուր, որոյ անունն յայտնէ որ ազգաւ Հայ կամ Վրացի էր:
Մօրոսի եւ Յովհան Ճնճղուկ ըսուած մէկու մը յանձնուեցաւ ` աւելի ան գութ եւ սրտակտուր գործ մը, սպաննել զՏիրեր ` զորդին Յուստինիանո: Իրաւ հրէշի մը ձագէր սա ` բայց դեռ անվնաս անմեղ ձագուկ մը, վեց տարեկան, զոր մամն ( Անաստասիա ) փախուցեր էր Ս. Աստուածածնի եկեղեցի մը, եւ վրան գլուխը սրբոց նշխարքներով լցուցեր էր, մէկ թաթիկովը խորանը բռնել տուեր էր, մէկալովը Քրիստոսի աշխարհակեցոյց խաչին կտոր մը, ինքն մասիկն ալ խորանին դռան առջեւ պահապան կեցած ` վայրկենէ վայրկեան կու սպասէր սրտաթափ սեւ վայրկենին, եւ ահա անողորմ դահիճքն ներս թափեցան: Անաստասիա ` վազեց ընկաւ պլլըւեցաւ Մօրոսի ոտքերուն, լալով ճչալով ողորմութիւն կու կանչէր. բոլոր տաճարն, կրնամք ըսել թէ բոլոր բնութիւնն իսկ ողորմութիւն կու մուրար անմեղ գառնուկի մը համար. բայց այն օրերը ` միայն մարդկանց սրտէն վերցուեր էր ողորմութիւնն: Մինչդեռ մամն Մօրոսի կու պաղատէր, ան գին անուանեալ Ճնճղուկն ` գիշատիչ ան գղ դարձած ` տղուն վրայէն սրբազան մասունքները վերցընելով, եւ կէս մ՚ինքն իր վիզն անցընելով ` քաշեց երեխայն ինչուան եկեղեցւոյն դուռը, աստիճաններուն վրայ ձ գեց, մերկացուց, մորթեց. տարաւ թաղեց ուրիշ եկեղեցւոյ մը մէջ: Անով մարեցաւ Հեռակլեան ցեղն, ամբողջ դար մը ինքնակալելով վեց թագակիրներով, որոց վերջնոյն ( Յուստինիանու ) տ գեղ գլուխն ` յետ խայտառակուելու ի Կ. Պօլիս ` զկուեցաւ մինչեւ ի Հռովմ եւ հոն ալ ժողովրդեան ուրախութեան պատճառ եղաւ:
Այս ուրախութիւնը երկարատեւ չըրաւ Վարդան, ինչպէս կու յուսացուէր, վասն զի իր խոստմանը վրայ չարաչար հաւատարիմ կենալով ` անհաւատարիմ եղաւ իր պատւոյն եւ կրօնից, սուտ ճ գնաւորին ըսածին համեմատ ջանաց միակամեայց մոլորութիւնը ծաւալել յարեւելք բոլոր ուղղափառ եպիսկոպոսները հալածելով եւ մոլորեալները դնելով տեղերնին, ժողովակ մ՚այլ ընել եւ դատապարտել տուաւ Զ սուրբ ժողովը. եւ իր խելօք գիր մ՚ալ գրեց ի Հռոմ առ սրբազան հայրապետն. զոր ամենքն արհամարհելով մերժեցին եւ ինչուան զէնք առնըլով իր խաւրած զորքը ջարդել կ՚ուզէին, եթէ Ս. Պապն չար գելուր: Միայն մէկ բարի հովուի մը խնայեց Վարդան ասիկայ էր Ռաւեննայի արքեպիսկոպոսն Փելիքս, զոր Յուստինիանոս կուրացուցեր եւ աքսորեր էր ի Քերսոն Վարդանայ հետ, որ պանդխտութեան եւ թշուառութեան ընկեր ունենալով զնա ` սէր կապեր էր հետը. եւ երբ կայսր եղաւ ` դարձուց իր աթոռը շատ ընծաներով, ( որոց մէջ կար պզտիկ ոսկեղէն թագմը ` ան գին գոհարներով զարդարուած որուն համար Հրեայ մը ըսաւ յետոյ Մեծին Կարլոսի ` թէ բոլոր Ռաւեննայի չքնաղակերտ մայր եկեղեցիէն աւելի կ՚արժէ:
Իր երազին եւ երազահանին միայն հաւատացող եւ ինչուան կրօնքն ալ արհամարհողն ` ի հարկէ ուրիշ ազնիւ զգացմունքներ չէր կրնար ունենալ, պէտք չէ փնտռել, թէ արդեօք յիշե՞ց Վարդան իր ծագումը, ո՞ր ցեղէ, ո՞ր ազգէ ըլլալն եւ ըրա՞ւ բարիք մը իր նախնական հայրենեացը: Ընդհակառակն կ՚իմացընեն պատմիչք, որ նեղեց զՀայս, եւ շատ գաղթական հանել տալով ի Մեծ Հայոց, քշեց Գ եւ Դ Հայոց կողմերը, որ են Մալադիա եւ Խարբերդ, որոց տիրելով Արաբացիք, ընդունեցան եւ տեղ տուին Հայոց, ասոնք այլ յօժարութեամբ միաբանեցան զիրենք ընդունողաց հետ: Թերեւս ասով աւելի քաջալերուեցան Արաբացիք Փոքր Ասիոյ զանազան կողմերը կոխելու, ինչպէս Բուլղարք ալ ինչուան Կ. Պօլսոյ մօտ սահմանները աւրելու եւ այրելու: Վարդան ` ոչ իր անուան, ոչ իր պատւոյն եւ ոչ իր առջի տուած յուսոյն համեմատ ` քաջութիւն ցըցուց ասոնց դէմ, այլ կարծես թէ իր երազածը եւ չերազացը ստու գել ուզելով ` ինք զինքը թողուց բաղդին գիրկը եւ միայն անոր ցուցած փափկութեանցը մէջ թաղուեցաւ:
Իր նախորդն ( Յուստինիանոս ) անչափ բռնաբարութեամբ եւ կոտորածներովը ` անբաւ ստացուածք եւ հարստութիւն ժողովեր էր, որովք շատ քաղաքներ կրնային շինուիլ եւ շատ բանակներ զինուիլ: Վարդան իր կայսերութեան մէկ ու կէս տարուանը մէջ ` գրեթէ բոլորն ալ մսխեց, անչափ եւ անկար գզեղխութեամբ որովք շատ խայտառակութիւն, վնաս եւ մեղք հասուց շատոնց. եւ եթէ դեռ արտաքին սիրուն կերպարանքը եւ ճարտար ու բանիբուն խօսուածք պահած չըլլար, անշուշտ եւ ոչ այն 18 ամիսը կու թագաւորէր: Բայց ինքը մեծ յոյս ունէր ` իր խաբեբայ մար գարէին վստահացած ` որ երկայն տարիներ պիտի վայելէ կայսերութիւնը: Սակայն եթէ այն կարծեցեալ տարիներն այլ այդպէս վատութեամբ պիտի անցընէր, պէտք է մեր ազգութեան եւ մարդկութեան պատւոյն համար գհ ըլլանք ` որ յոյսն պարապ ելաւ, եւ շուտով հասաւ իր երազին վերջը, կամ նոր եւ անակնկալ երազ մը, որ պատմութեան ամենէն հիացուցիչ եւ ահացուցիչ երեւոյթներէն մէկն է, կենաց նշանաւորագոյն յեղափոխութեանց մէկն, բարոյականի զարմանալի դաս մը, յորում կրնամք բովանդակ մարդուս բնութիւնը կամ փափագները նկատել ի Վարդան եւ խրատ առնուլ:
Աշխարհիս մէջ անշուշտ շատերն փափագէր եւ երազեր են, բայց խիստ քիչ եղած են Վարդանի նման այսպէս յանկարծօրէն եւ այսչափ մեծ փառքի, իշխանութեան եւ բարեաց հասնողք, երկու ան գամ աքսորուած եւ շատ հեղ հազիւ մահուանէ ազատած, մանաւանդ անանկ բռնաւորի մը ( Յուստինիանոսի ) ձեռքէ, որուն զոհ եղան աւելի ապահովագոյն կեանքեր, եւ երկրիս ամենէն բարձր եւ փառաւոր գահոյիցը վրայ նստած, որ այն ատեն դիպուածով մ՚այլ ( զոր վերն յիշեցի ) անբաւ գանձով եւ հարստութեամբ լեցուած էր: Զասոնք ` անկարծ բաղդ գտնողի մը պսէս անկուշտ կերպով վայելելը բաւական չսեպելով, ուզեց Վարդան ( մէկ քանի շատ անուանի եղած փափկակեաց եւ զեղխ մարդկանց նման ) մէկ օրուան մը մէջ փորձել զգալ այն ամենայն բարիքը ` որուն կրնայ բաղձալ մարդուս սիրտն եւ բնութինն, միայն ներկայ կեանքը մտածելով, մէկ օրուան մը մէջ բովանդակել իր աշխարհակալ կայսերութեան կարելի փառքը եւ վայելքը: Այս եղաւ իր մեծագոն երազն, որ ուզածին պէս սկսաւ, չուզածին պէս լմընցաւ:
Այն օրն էր Քրիստոսի թուականին 713 տարւոյն յունիս ամսոյն երեքը, Հո գե գալստեան տօնին նախընթաց օրն ( շաբաթ ) որ ոմանք Կ. Պօլիս քաղքին հիմնարկութեան օրն էր կ՚ըսեն, եւ այն ժամանակի սովորութեան համեմատ Քաղքին ծննդոց օրն. բայց ըստ այլոց նոյն ինքն Վարդանայ ծննդոց տարեդարձ օրն էր: Այս օրս ուզեց իր աւուրց մէջ նշանաւոր ընել, եւ եղաւ ուզածէն շատ ան գին. նըշանաւոր բոլոր կայսերաց, դարուց, ազգաց եւ մարդկութեան աւուրց մէջ: Առտուն ` քաղքին մեծ կրկէսը ` ( Աթ մէյտանը ) զարդարել տուած ըլլալով ` մեծահանդէս եւ փառազարդ կառարշաւ մ՚ընել տուաւ ի զուարճութիւն աշխարհախումբ ժողովրդեան, յետոյ նոյնպէս մեծահանդէս եւ սխրալի հեծելութիւն մը, յորում անշուշտ ինքն ալ իր անուան համեմատ ահիպարանոց եւ սի գաշարժ եւ ոսկեզարդ երիվարի մը վրայ նստած, աւելի իր նախնեաց սեփական ճարպիկ նստուածքով եւ վազուածքովը կու զմայլեցընէր տեսնողները, քան իր եւ իր ձիուն եւ իրեն անմիջապէս քովէն գացողներուն վրայի ակնախտիզ եւ մեծահարուստ զարդուց եւ սպառազինութեանց փայլմամբ. որովք ` երկրիս երեսէն սահող արեւու մը պէս կ՚անցնէր քաղքին մէկ ծայրէն մինչ ի մէկայլ ծայրը. եւ շատ աշխարհակալներու չըրաց մեծութիւնը ցուցընելով ` ինքն որ հազիւ աշխարհագիւտ կրնար ըսուիլ, հազար հատ յաղթութեան եւ փառաց նշան դրոշներ օդուն մէջ բարձրացուցած տանել կու տար. հազար երաժիշտ, մեծամեծ եւ բարձրաձայն փողերով եւ փանդռամբք ` այնպէս կու թնդացնէին չորս դին, որ կարծես թէ ոչ քաղքին հիմնարկութիւնը հռչակել ` այլ անոր հիմերը դուրս հանել կ՚ուզեն. - փողերն եւ փանդիռներէն աւելի կը տիրէր ուրախական եւ հանդիսական ձայն ժողովրդեան, որ զիրար հրելով ` իբր թէ առանց ոտքի հեղեղաբար հեծելոց քովէն եւ ետեւէն կ՚երթային: Այն օր Կ. Պօլիս նեղ եկաւ իր ժողովրդեան, կայսրութիւնն ` Վարդանայ սրտին:
Օրուան մէկ մասն փառաց փայլման եւ վայելից նուիրելով, մէկայլ մասն այլ փափկութեան վայելից պահուած էր: Վարդան նախ գնաց մտաւ Քեւքսիպպեան ջերմուկը ըսուած բաղանիքը, որ կայսերական պալատան եւ Ս. Սոփիոյ եկեղեցւոյ միջոցն էր: Յետոյ կար գն եկաւ կերուխումի, ուր երկայն ժամեր անցուց իր պալատին մեծամեծաց հետ. եւ ինչ որ այնպիսի օրուան մը համար կրնայ մտածուիլ եւ պատրաստուիլ ` կար սեղանոյն վրայ, ի հարկէ չափէն շատ եւ շատ աւելի. ուր նստած ատենն ` Վարդան դեռ Վարդան կայսրն էր. սիրտն առջինէն աւելի ուռցած մեծցած, թերեւս քան զՆաբու գոդոնոսոր եւ զԲաղտասար մեծափառք եւ մեծավայելք կարծելով զինքը. իսկ անկէ ելած ատեն, աւա՜ղ, ոչ թէ արեւելքի կայսեր, ոչ թէ Մշոյ գեղի մը յետին Վարդանին շնորհքն այլ չկար վրան, այլ կ՚ամաչեմ ըսելու ` թէ նուաստացեր էր քան զանբան. խռկած խան գրած տիկ մ՚էր դարձեր, աւելի գինւով քացխած քան կերակրով փքած: Այսպէս լմնցաւ ցորեկուան հանդէսն, երկըննալով ի մէջ ջահերու գիշերուան, որոյ մէկ հատիկ հարկաւոր վայելլք պիտի ըլլար խոր եւ երկար քուն մը, որու մէջ յիրաւի ընկաւ թաղուեցաւ Վարդան շատ խոր, թէ եւ ոչ շատ երկար:
Բայց ո՜վ մարդկային բնութիւն, այդպէս մեծապէս պատուեալ քու հաստողէդ յԱստուծոյ, քու բարակ եւ հրեշտակամօտ ազնուութիւնդ ` ի՞նչպէս կրնայ այսչափ խոզի ու վարազի երեւոյթ մ՚առնուլ. մանաւանդ թէ անոնց բարքն եւ ախորժակը ` քան թէ կոշտ կերպարանքը:
- Ա՞յս էր քու երկայն ատեն երկնած երազդ, ո ' վ յանկարծաբաղդ կայսր Վարդան, ա՞յս էր քու անդրածայրագոյն փառքդ եւ վայլքդ: - Տառապեալ մարդիկ իրենց տառապանաց եւ օրական աշխատանաց ու տրտմութեանց ` անոյշ դեղ մը, մխիթարութիւն մը կու գտնեն գիշերուան քունը, քեզի ` այդ մէկ ցորեկուան վայելքդ ու մսխած գանձերդ ` որ կրնար հազարաւոր ընտանիք երջանիկ ընել, քանի՜ ծանր ու տխուր պիտի ըլլայ, - անոնք գոնէ այն ատեն տեսած սուտ երազներով պահ մը կու սփոփին, քու ստոյ գերազդ ` քեզի ո՜րչափ անտանելի պիտի ըլլայ, երբ աղէկ մ՚արթըննաս: … Արթընցի՜ր, ով վատաբաղդ Վարդան, ով կարճօրեայ կայսր, վասն զի ահա քու վերջին խնջոյից տաճարիդ պատէն այլ բաղտասարեան ձեռք մը դուրս ելած ` կու գրէ կայսրութեանց, փափկութեանդ եւ ամենայն բարեացդ վերջ ու վախճան: Կամ գոնէ, եթէ կրնաս, դարձեալ երազէ ' գլուխդ նոր գալիքը: Մտիկ դիր պահ մը խղճիդ լսէ եկեղեցւոյ եւ ժողովրդեան մէջ ծածուկ փսփսուք մը տհաճութիւն մը, գան գատ մը, սպառնալիք մը քեզի դէմ, զդա ' մեծամեծ իշխանաց դառնութիւնը եւ ոխը իրենց եւ իրենց կանանց հասուցած անար գութեանդ համար. սարսէ այն պարկեշտ հաւատաւորաց սրտագոչ աղօթքէն ` որ իրենց աստուածանուէր կուսութեան եւ առանձնութեան վնասներուդ վրէժը կը պահանջեն յերկնից: Թնդա ' մէկ մըայն որոտմունքէն ` որ թրակիոյ վրայէն գոռալով ` քեզի կու մօտենայ, հոն է Գէոր գԲորափ ( գուցէ քեզի պէս արեւելցի մը ): Վարազբակուրի տեղ Օպսիկիոնի կուսակալ եղողն, որ վրայ կու խաւրէ քու դահիճդ: Եւ ահա այդ քու կենացդ ու շատերու կենաց ամենէն մեծ ու փափուկ օրուան հանդիսից մէջ ` գողի կամ ցեցի պէս ծածուկ կու մօտենայ քու երջանկութեան թելդ կրծելու կտրելու … արդէն պալատիդ չորս դին դին քննելով ` համարձակ մուտք գտաւ. վասն զի քու պահապաններդ այլ քեզի պէս դինով խելագարած ` զքեզ թողեր ) զիրենք քնոյ կամ հեշտութեան տուեր են … ահա հասաւ ինչուան քու ներքին սենեակներդ, քու ննջարանիդ, քու անկողնոյդ … Ո՜հ, հիմայ արթընցի՞ր ըսենք արդեօք, թէ քնացիր առանց բնաւ արթըննալու …:
Դեռ կու խռկար թանձր քնոյ եւ յօ գնութեան մէջ աւաղելի կայսրն Վարդան, դեռ ինքն ներսէն ուրիշ երազ կու տեսնէր, դրսէն իր վրայ ուրիշ երազ կու տեսնուէր, եւ դեռ շատ ուշ սաստիկ ցնցումէ մը թոթուելով ` բացաւ աչուըները … Ո ' վ ահաւոր վայրկեան, թէ եւ կարճ, այն մէկ ակնթարթի մէջ ո՞րչափ բաներ տեսաւ եւ իմացաւ ի՞նչ նորանշան եւ կսկծալի երազ, մանաւանդ թէ 13 տարուան տաքուկ երազոց վերջ ` ի՞նչ ցրտասարսուռ արթնութիւն: Անկարելի անբացատրելի ափշութիւն, զարմանք, կիրք, վախ եւ այլափոխութիւն. - մէկ վայրկենին մէջ մէկ մը անցուցած օրը եւ քնոյն անկողինը յիշեց, մէկ մ՚ալ տեսաւ որ անկողնոյ տեղ ` մեծ վերարկուի մը միջէն դուրս կ՚ելնէ, ( որով զինքը պլլեր բերեր էր հոն Ռուփոս ` Բորփոսի պաշտօնեայն ). - փոխանակ իր պալատան ջահերուն ` այլանդակ լոյսեր կը շարժէին չորս դին. - փոխանակ ննջարանին ` ընդարձակ ձիարձակարանը, ուր ինքն սկսեր էր այն օրուան մեծ հանդէսը. - փոխանակ իր սպասաւորաց ` ձառադէմ դահիճք, փոխանակ իր փափկութեան սպասուց ` սոսկալի սուրեր: … Ի՞նչ, ո՞վ, ու՞ր … ըսել չմնաց, իրա՞ւ թէ սուտ, երա՞զ թէ արթնութիւն, ի՞նչ նոր աշխարհ կ՚երեւի աչքերուս: … Եւ ահա նոյն իսկ վայրկենին սեւ եւ անբացուելի վարագոյր մը ` զամեն բան ծածկեց աչքերէն, եթէ դեռ կրնային աչք ըսուիլ անոնք ` որ պահիկ մ՚առաջ թանձրամած քնով գոցուած էին, հիմայ արեամբ եւ յաւիտենական մթութեամբ կղպեցան …: Երկու սայրասուր երկաթ ` ջուխտակ կայծակներու պէս իջան զարկին, դուրս ցատքեցուցին բիբերը … Քանի մը կաթիլ չորցած արեան եւ երկու պժ գալի վէրք լցին այն խարկած ու խաւրած փոսերը, որոնց երէկ առտուն բոլոր աշխարհիս մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը քիչ կու գար, հիմայ անոնց ամեն զբօսանքէն եւ հեշտութիւններէն ` հազիւ քանի մը դժուարածին արցունքի կաթիլ մնաց մխիթարանք: …
Այսպիսի ահեղ փոփոխութեան վրայ ` կարծես թէ ինքնին դէպքն կամ պատմութիւնն այլ հիացած, լռեց, ծածկեց, եւ ինչուան հիմայ չէ յայտնած այն վայրկենէն ետեւ մեր կուրացեալ կայսեր ինչ եղած ըլլալը, իրեն ` ուրիշ կերպով խրատ եւ զարմանք թողլով այս նորանշան պատահարը: Փիլիկ Վարդանայ ստոյ գկարծած երազը, երազ կարծած ստու գութիւնը:
ԻԶ. Բ. Վարդան կայսեր
խմբագրել19 Յուլիսի 803
Ա
խմբագրելԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՕԼՍԻ քիչ կամ շատ դիւրակեաց բնակչաց տեղափոխութեան կամ օդափոխութեան սովորութիւնն` նշանաւոր բան մը, մանաւանդ թէ մաս մ՚է իրենց կենաց. եւ այն քաղաքը ճանաչողաց յայտնի է թէ ինչպէս աշնան միջի կամ ետքի հովերը փչելուն պէս` ցրուեալ բնակիչքն կը փութան կը ժողովին այն արեւելից եւ արեւմտից մեծ սրտաձեւ կենդրոնին մէջ. իսկ գարնան առաջին տաքուկ հովերուն` կ՚ելլեն, եբրեւ թուլացեալ սրտէն դուրս թափելով եւ բազմաճիւղ երակաց մէջ մղուելով գեղերը տու տեղ փնտռելու եւ բնակելու: Վոսփորոնի երկու շրթանց վրայ եղած շէնքերն չբաւելով այնքան բազմութեան, կամ չյարմարելով ամենուն ամենուն ախորժակին եւ պէտքին, շատերն այլ մանաւանդ այս ետքի ատեններս, փոքրիկ նաւարկութեամբ մը կ՚երթան Պրոպոնտոստ կապուտակ կոնքէն (Մարմարայի) դուրս ցըցուած զանազան տեսքով գեղեցիկ, անուշով մանրիկ ու մեծկակ կղզեաց մէջ քանի մ՚ամիս անցընելու, զբօսանաց ձայներով փախցընելու այն առանձնութիւնը` զոր գրեթէ հազար տարի եկեր փնտռեր էին հոն` շատ մեծամեծ եւ փոքր մարդիկ, արք եւ կանայք, ամուսինք եւ կուսանք, կայսերքեւ կայսրուհիք, բռնաւորք եւ բռնադատեալք: Անոնց բազմաթիւ վանորէից եւ ար գելանաց` (իրաւ հիմայ շատ քիչ` բայց) գուցէ դեռ բաւական նշխարք մնացեր են` յիշեցընելու հին աշխարհ, հին քաղաքականութիւն մը, կամ տարբեր մտածութին եւ զգացմունք: Յոյն կայսերաց ժամանակ գրեթէ այս կղզեաց ամեն դուր ու դար տեղուանքն այլ ծածկուած էին եկեղեցիներով եւ վանքերով, զոր կամ իրենց համար կամ իրենց աղօթողաց համար կու շինէին իշխանազունք, անոր համար այլ մինչեւ հիմայ Իշխանաց կամ Իշխանուհեաց կղզիք կ՚ըսուին այս Մարմարայի արեւելեան ափանց մօտ եղած տասնի չափ կղզիքն եւ կղզեակք, հանդերձ քանի մը ցամաք ժայռերով, որոց այլանդակ ձեւերն, եւ նոյն իսկ մեծագոյն կղզեաց ապառաժներն եւ ծովուն միջէն յանկարծորէն իմն ցցուիլն` հին ատեն Քաջաց կամ դիւաց բնակութեան յարմար կարծեցուցին զանոնք, անոր համար եւ նախնեաց Տեմոնիսեան կղզիք անուանէին, բայց քրիստոնէութիւնն հալածելով զդեւս եւ զքաջս` սրբազանից բնակութիւն ըրաւ այն ծովական անկոխ եւ անմատոյց ժայռերն այլ, անկէ ետեւ համարձակեցան ոմանք յիշխանազանց` շինել հոն նաեւ իրենց առանձնական զբօսանաց կամ բնակութեան տեղեր. որք եւ այնչափ յար գի եղան` որչափ մեծ մայրաքաղաքին մօտ էին սահմանով, եւ հեռու անոր խառն ի խուռն աղմուկներէն եւ կիրքերէն:
Յայտ է տեղւոյն ծանօթից` որ այս կղզեաց մէջ (որոց չորսն միայն մեծկակ եւ բազմաբնակ էին) ամենէն մօտն ի ցամաք` Առաջին ըսուեցաւ ի Յունաց Բրոդա, որ եւ հիմայ այլ Բրոդի կ՚ըսուի. իսկ ի Թուրքաց Գընալը կամ Գզըլ-ադա. իր գետնին կարմրութեանը համար. եւ անկէ` բոլոր Իշխանաց կըղզիներն ալ նոյն անուամբ կը կոչեն (Գըզըլ ատալար). Քաղկեդոնէն (Գատըքէոյ հազիւ չորս հին գմղոն հեռու ըլլալով` առաջին երեւցողն է այն փոքրիկ միջերկրեայ ծովուն ծփանաց վրայ` կծկաձեւ ուռած եւ քառածայր տարածուած: Իր հին շէնքերուն մէջ ամենէն առաջինն եւ նշանաւորն էր մեծ վանք եւ ար գելանք մը, շինուած ի սկիզբն Թ դարու (801). ուր ընդ կամաւոր կրօնաւորաց` ակամայ կամաւ կու բնակէին եւ աքսորեալ իշխանք եւ պաշտօնեայք կայսերաց, եւ երբեմն նոյն իսկ կայսերք, բայց ասկէ ալ քիչ առաջ կու յիշուի ուրիշ վանք մը` զօր շիներ էր (Ը դարուն վերջերը) տէրութեան երեւելի պաշտօնէից եւ զօրավարաց մէկն, եւ յանձներ էր աղօթասէր եւ հո գեսէր անձանց, անոր քով իրեն համար ալ պահելով պզտի երկիր մը, ուր իր ամենէն հանգիստ եւ զուարճալի օրերը կ՚անցընէր, գետինը մշակելով, պարտէզ դարմանելով, երբ որ իր մեծամեծ պաշտօններն եւ պատերազմաց դադրիլն պարապ ատեն թողուին. վասն զի կայսերութեան ասիական թեմից կամ նահան գաց մէկուն կողմնակալ վերակացու էր. եւ ետքերը, անոնց ամենէն գլխաւորին, բուն Արեւելից (Անատոլիքոն) ըսուած նահան գին, որ կը բովանդակէր հին գհին աշխարհ: Լիկայոնիա (Ղոնիա) Փռիւդիա (Քէրմիան) Իսաւրիա, Պամփիւլիա, Պիսիդիա (Համիա, Թէքքէ) զինուորական կար գի մէջ ալ յառաջադիմելով ճարտարութեամբ, քաջութեամբ եւ երկար արդեամբք` բոլոր արեւելեան աշխարհաց սպարապետ կամ միագլխապետ (մոնոսդրադիղոս) եղաւ, եւ կայսերութեան առաջին քաջ եւ անուանի զօրավար: Ասիկայ էր հայազգի իշխանն, (հաւանօրէն Մամիկոնէից ցեղէն) Վարդան պատրիկ` Թուրք կոչուած:
Այս կոչման պատճառը չեն իմացըներ պատմիչք, եւ այնչափ աւելի նշանաւոր է որչափ որ դեռ Թուրքաց անունն հազիւ կը լսուէր յարեւմուտս այն ատեն. թերեւս Արաբացւոց (կամ Խազրաց) հետ պատերազմի մ՚ատեն Թուրքի հետ կռուելով եւ յաղթելով այս անունս առած ըլլայ: Նոյնպէս կը լռեն իր երկար ատեն նահան գաց կառավարութեան, եւ զօրավարութեան մէջ ըրած մեծամեծ գործքերը, որովք այնքան փառք, համբաւ եւ իշխանութիւն ժառան գեր էր, մինչեւ բոլոր Արեւելից սպարապետը ըլլալ եւ խաղաղութեամբ պահել այն խիստ շատ ան գամ խռոված աշխարհները, թուի թէ ինքն էր այն Հայկական թեմին (Արմենիակք, Արմենիաքոն) կառավարիչ Վարդանն` որ կը յիշուի յամին 772` ուրիշ թեմակալ իշխանաց հետ Արաբացւոց յարձակման դէմ Իսաւրիոյ մէջ (Թաշ-իլի) անկէ վերջը ինչուան 30 տարի ուրիշ յիշատակ չըլլար վրան, բայց ի մեծ եւ արժանաւոր վարուցը գովութենէ` որով իր իշխանակցաց մէջ երեւելի եղաւ. մանաւանդ անանկ վարուց ապականութեան դարու մէջ, յորում նախ կայսերք անկրօնութեամբ եւ անկար գութեամբ հասարակաց գայթակղութիւն եւ իշխանաց համարձակութիւն կու տային ի չարիս: Վարդան` ոչ անոնց օրինակէն եւ ոչ իշխանութեան եւ յաղթութեանց մեծութենէն ուռեցաւ աւրուեցաւ, այլ արդարակորով, առատաձեռն, բարերար եւ բարեսեր բարքով` իր եւ աստիճանին պատիւը պահեց, եւ ամենուն սիրելի եղաւ, մանաւանդ զօրաց, որոց քաջութեան եւ հաւատարմութեան համեմատ առատ վարձք կու տար, առանց աչառութեան եւ ագահութեան արդարութեամբ ամենուն պատկառելի, բարեպաշտութեամբն ալ վստահանալի անձ մ՚եղած էր, եւ այնչափ աւելի յար գելի եւ սիրելի, որչափ զզուելի էին ժամանակակից կայսերքն իրենց պալատականօք եւ գործակալօք, մանաւանդ ամենէն ետքի կայսրն, որ պատճառ Վարդանայ բաղդն ի վիճակը փոփոխելու, եւ նոր պատմական տեսարան մը բանալու: Բայց այս բանս լաւ ճանչնալու համար` հարկաւոր է նախ Ը դարու կայսերաց վրայ համառօտ տեսութիւն մը, սկսեալ մեր Վարդանայ համանուն կայսեր յաջորդէն:
Բ
խմբագրելՇատ ատեն չէ որ պատմեցի քեզի, Հայկակ այդ երազատես Վարդա կայսեր վերջին աշխարհախրատ երազը եւ արթնութիւնն ի խաւարի. որուն ծածկուելէն վերջն` անմիջապէս երկրորդ օրը (Հո գե գալստեան) իր մտերիմն եւ տէրութեան դիւանապետն Արտեմիոս (որ գուցէ իրեն համազգի Հայ էր) կայսր ընտրեցաւ, եւ անունը յԱնաստոս փոխեց. եւ երկու եւ կէս տարի տիրելէն ետեւ` ծովային զօրքն Թէոդոս անուամբ աննշան մէկն ընտրեցին. Անաստաս ստիպեցաւ առանձնանալ եւ քահանայանալ. նոյնպէս տարիէ մ՚ետեւ Թէոդոս ալ. վասն զի Կոնոն անուամբ Մարաշցի Հայ մը` կամ Իսաւրացի մը, որ զինուորութեան ատեն ինքզինքը Լեւոն անուաներ էր, Արմինիակաց թեմակալին` Արտաւազդայ` օ գնութեամբ կայսր եղաւ 25 տարի (716-741) որուն յաջորդեց որդին Կոպրոնիմոս 35 տարի (741-775). ասոր ալ իր որդին Կոստանդին Խազիր (775-780) ասոր ալ որդին Կոստանդին Ե (Ա Պորփիւրոժեն յամս 780-797 որք թէ եւ քանի մը ցանցառ լաւութիւն ցուցին, բայց պատկերամարտութեան աղանդով, ամբարշտութեամբ, սնապաշտութեամբ, ան գթութեամբ, հալածանօք եւ այսպէս մոլորութեամբք` կայսերութիան եւ կրօնից նախատինք, եւ հպատակացն գարշելի եւ գանելի եղան. մինչեւ իրենց նախահօր Լեւոն Իսաւրացւոյն մեռնելէն վերջը` Կոպրանիմոսի բռնաւորաբար իշխել սկսած ատեն` զօրքն ապստամբեցան, եւ իր քեռայրը` վերոյիշեալ Հայկազն Արտաւազդը` կայսր ընտրեցին. որ տարի մը կայսերութեան ատեն` պատկերաց պաշտօնը նորո գեց եւ կայսերոթեան ալ մեծ յոյս կու տար. բայց Կոպրոմինեայ կուակիցներէն յաղթուելով` դատապարտեցաւ ի բանտ եւ ի կուրութիւն, իր երկու կտրիճ որդիքներովը: Կոպրոնիմոսի համանուն թոռն եւ վերջին Իսաւրացին (Կոստանդին Ե) ինն տարուան էր հօրը մեռած ատեն. անոր համար մայրն Եռինէ` եղաւ խնամակալ, եւ քիչ ատենէն բռնակալ. իրաւ եկեղեցւոյ հալածանքը դադրեցուց եւ պատկերները կան գնեց, բայց իր գահն ալ գոնէ իր որդւոյն գահէն աւելի բարձրացընել ջանալով` մայրութեան պատիւն եւ անունն ալ պղծեց. երկու ան գամ իշխանութիւնը յափշատակելով եւ զոր գին իբրեւ ի բանտի ար գելական պահելով, ու խորամանկութեամբ զօրքերէն հաւատարմութեան երդումն պահանջելով. միայն Հայկական գունդն մերժեց կայսրուհւոյն անարժան խնդիրը եւ դէմ կեցաւ: Եռինէ անոնց վրայ խաւրեց իր գիշերապահ գնդին հայկազն զօրավարը` Մուշեղ Ալեքս, որ իր համազգեաց կողմն անցաւ եւ գլուխ կեցաւ. զայն տեսնելով մէկալ գունդերն ալ` միացան Հայոց հետ. Եռինէ սարսափած արձակեց իր կայսրորդին յար գելանէն, ուր ինքն ար գելուեցաւ յորդւոյն. որ եւ իրեն հաւատարիմ եղող Մուշեղը` Հայոց գնդին զօրավար դրաւ. բայց մայրն (որ ամենայն կանացի նրբութեան, խորագիտութեան եւ փառասիրութեան օրինակ կրնայ ըլլալ, մինչեւ ի յետին ան գթութիւն), նորէն տիկնութեան հասաւ. որդւոյն սիրտն ալ շահելով` ուրիշներունն այլ, բաց ի Հայոց գնդէն, որով իրարու թշնամի եղան: Հայք իրենց թեմը քաշուելով յԱրմենիակք, (որ է մասն Կապպադովկիոյ եւ Պոնտոսի) հոն եղող թեմակալ Թէոդոսը մերժեցին եւ կամակորութեամբ զԱլեքս Մուշեղ կ՚ուզէին. կայսրն թէպէտեւ երախտապարտ էր ասոր, եւ արդէն Հայոց զօրավար դրեր էր, բայց վախնալով անոնց պահանջմունքէն, եւ մանաւանդ սուտ համբաւէն` (զոր գուցէ Եռինէ հնարել կամ հռչակել տուեր էր), թէ զանիկայ կայսր դնել կ՚ուզեն, բռնեց բանտեց զՄուշեղ, մազերը կտրել տուաւ (իբրեւ կրօնաւորի), յետոյ եւ կուրացուց ան գթօրէն: Այս բանիս վրայ իրաւամբ գր գռեալ եւ զայրացեալ Հայք` ապստամբեցան կայսրն երկու զօրավար խաւրեց վրանին բաւական գնդով. Հայք` զօրքերը ջարդեցին, զօրավարները բռնեցին կուրացուցին ի վրէժ աչաց Մուշեղայ. պէտք եղաւ որ Կոստանդին բոլոր կայսերութեան զօրքերը ժողովէ եւ խաւրէ Հայոց վրայ. որոց արիւնոտ աչքն` որ այնքան մեծազօր բանակը բանի տեղ չէին դներ, դժբաղդաբար ոսկւոյ փայլմունքէն շլացան. ոչ ամենքն, այլ մէկ մասն, որք եւ մատնութեամբ ետ կեցան իրենց ընկերներէն. ասոնք քիչւոր մնալով` պաշարուեցան կայսերական զօրաց բազմութենէն, եւ յետ երկար դիմակալութեան եւ երկու կողմէն կոտոածի, բռնուեցան ուժաթափ Հայք, գլխաւորնին գլխատուեցան, ոմանք աքսորեցան, մէջերնէն ամենէն յամառ եւ անհաշտները հազար հո գի կապուած բերուեցան ի Կ. Պօլիս, ուր մեծ կրկիսին մէջ նախատուելով` ճակատնին խարան զարկին` կրակէ գրով գրելով Հայ ապստամբ, եւ աքսորեցին ի Սիկիլիա եւ ուրիշ կղզիներ. իսկ իրենց մատնիչ ընկերներն ալ փոխադարձաբար յունական ագահութեան մատնուելով` արժանապէս անվարձք մնացին. ապա սրտմտած անցան Արաբացւոց կողմը, եւ սկսան վազել աւրել կայսեր երկիրները: - Կոստանդին ալ իր թեթեւամտութեան եւ ապերախտութեան պատիժը գտաւ, թէ եւ շատ դժնդակ կերպով, Մուշեղայ կուրացման հին գերորդ տարեդարձին օրը (19 օ գոստոս 797) քարասրտեալ մայրն Եռինէ` որդւոյն քնացած ատենը դահիճներ խաւրելով` աշուըները խարկել խաւարել տուաւ, որոյ ցաւէն աւելի եղաւ իրեն նեղսրտութիւնն, անկէց ալ աւելի` մօրը նախատինքն, որ իր ամեն լաւ գործերն ալ ծածկեց, եւ իշխանասիրութիւնը բռնաւորութեան դարձընելով` ալ աւելի ատելի ըրաւ զինքը. մինչեւ հին գտարի հազիւ կրնալով համբերել` արքունեաց պաշտօնակալ եօթն ներքինիք միաբանեցան ընդդէմ իրենց թագուհւոյն, եւ ճիւաղի մը ձեռքէ ազատիլ ուզելով` դրին կայսր մը, որ եւ ոչ Եռինեայ լաւ յատկութիւններէն մէկն ունէր:
Ասիկայ էր Պիսիդացի մը, ըստ ոմանց արաբացի ծագմամբ, Նիկեփոր անուամբ, ցած, կծծի, տխմար մարդ մը. բայց պատկերամարտ չըլլալուն համար` ոմանց գովելի երեւցաւ. սակայն քիչ ատենէն պալատականք եւ զօրականք իմացան իր արժէքը, երբ սկսաւ անոնց թոշակնին պակսեցընել, ստացուածքնին կերպ կերպ հնարքով յափշտակել, եւ մնացածն ալ կողոպտելու նոր հնարքներ մտածել, մոլութեանցը վրայ գոնէ առաջին կայսերաց ազնուական տոհմին շոք ու շնորհքն ալ չունէր, անոր համար շուտով զուելի եղաւ. մինչեւ նոյն իսկ զինքն ընտրողքն այլ զղջացան, եւ անոնցմէ մէկն կը պատրաստուէր դաւաճանելու, բայց իմացուելով` թունով սպանուեցաւ: Տարի մը չանցած կայսերութեանը վրայ` Քաղկեդոնի դրան քով ձիավարելու ատեն` ընկաւ եւ ոտքը կոտրեցաւ. ժողովուրդն կը փափագէր որ մէջքը կոտրած ըլլայ, եւ գրեթէ փափագն իրաւ կարծուելով` ինչուան դրսի գաւառները համբաւ թռաւ թէ Նիկեփոր մեռեր է. սկսան ուրախութեամբ նոր եւ արժանաւոր կայսր մը փնտռել, եւ թէպէտ քիչ ատենէն Նիկեփորի ողջութեան եւ առողջութեան լուրն իրենց կարծիքը ցրուեց, բայց չկրցաւ փափագնին փարատել, մանաւանդ յօրաց, որ իրենց թռչնակէն զրկուելով` աւելի գր գռուած էին: Ասոնց մէջ այլ աւելի զայրացողքն էին արեւելքի գունդերն, թերեւս ոչ այնչափ իրենց եղած զրկմանն համար` որքան կայսերութեան պատւոյն անար գանացը. մանաւանդ որ իրենց մօտ, ներկայ եւ վերակեցաւ ունէին անանկ իշխանն եւ վարիչ մը` տրուն արթնութիւնն, արիութիւնն եւ առատասիրութինն` մէկ կողմէն յանդիմանութիւն էր Նիկեփորի բարուց, մէկայլ կողմէն հրապոյր մը` փոխանակ անոր` կայսր ունենալու զսա ինքն, զՎարդան:
Գ
խմբագրելԿամաց կամաց հրապոյրն ի խորհուրդ դարձաւ, խորհուրդն ի յորդոր, ի փորձ եւ ի գործ, որուն միայն ինքն Վարդան կամակից եւ գործակից չէր. որքան որ իր արդիւնքն եւ զօրաց սէրն իրմէ աւելի արժանաւոր մը չէր գտնէր ի կայսրութիւն, յոր արդէն իսկ թերեւս հրաւիրած կ՚ըլլային զՆիկեփոր ընտրողքն` եթէ իրենց մօտ ըլլար Վարդան, կամ շատ չվախնային անոր արդարութենէն, եւ որչափ ալ այս առաքինի զօրավարս կ՚ամըչնար Իսաւրացի տոհմին տեղ այսպիսի անար գՊիսիդիացի մը արեւելքի կայսր եւ իրեն հրամանատար ունենալու, իր վեհանձնութեամբ եւ ազնուութեամբ ոչ միայն հեռու էր այնպիսի փառասէր մտածութենէ, այլ եւ ի հակառակելէ անոր հետ, զոր ազգն` թէ եւ ան գիտութեամբ` ընդուներ էր, եւ սրբակրոն պատրիարք մ՚այլ (Տարասիոս) թէ եւ վախով` օծեր էր ի կայսր: Զարհուրեցաւ արիասիրտ զօրապետն` երբ իր ինչուան այն ատեն հնազանդ զօրաց հրաւէրք եւ յորդորն լսեց ի կայսրութիւն, եւ դէմ կեցաւ. թէպէտ չկրցաւ օտարաց յաղթողն` իր զօրաց ալ յաղթել: Միայն հոս զարմանալի եւ իրեն արժանաւոր գտուեցաւ Հայկական գունդն, երբ ուրիշ ամեն թեմից գունդքն միաբան եւ միահաւան կու կանչէին կու ստիպէին զնա ի կայսրութիւն, Հայք` որ դեռ տասն տարի առաջ իրենց հաւատարմութեան համար առ Կոստանդին, անոր մօրը դառն ու պժն գալի վրէժխնդրութեան զոհ եղած էին` ճակատնուն վրայ այնպիսի նախատանաց դրոշմ մ՚առնելով, հոս փոխանակ աւելի արդար վրէժխընդրութեան` իրենց առաքինի համազգւոյն եւ ուրիշներէն ընտրած կայսեր` չուզեցին կողմնակից ըլլալ, այլ անկէ առաջ օրինաւորապէս ճանչցուած կայսեր հաւատարիմ մնալ: Այսպիսի թել թել մանուած պատահարներու մէջ մերայոց այս գործը` յիրաւի շատ զարմանաց եւ շատ մեծասրտութեան գործ մ՚է. միան գամայն եւ մեծ խրատ եւ օրինակ մ՚էր Վարդանայ` զգոյշ եւ հաստատ կենալու իր մտաց վրայ:
Արդարեւ շատ հեռի էր այս Թուրք Վարդանս այն Փիլիպպիկ Վարդանէն, սրուն կերպարանաց ճոխութիւնն եւ լեզուին ճոռոմութիւնն` զինքը հանեցին ի գահ կայսերութեան, իսկզսա զօրքերէն աւելի` անձնական արժէքն կը հրաւիրէին հոն, բայց առաքինութիւնն չէր համարձակեր: Ասոր վրայ կ՚երեւի մեր հին եւ մեծ, կտրիճ ու կարմիր սուրբ Վարդանայ շնորհաց նշոյլն, եւ անոր բարակ խիղճն, գուցէ եւ խղճահարութիւնն, այլ օրինակ կերպով մ՚այլ` նաեւ իր սրտառուչ եւ եղերական բաղդն: Կրակապաշտ Պարսիկ մո գերուն եւ Լուսաւորչի հաւատքը պահող ու պահպանող հայրապետաց ձայներուն մէջ լռութեան Հայոց գնդին եւ յորդորանաց ու սպառնալեաց Յունաց գունդերուն, որք ինչուան սրտակոտոր անխնայ առժամայն մահ կը կանչէին, եթէ չընդունէր զթագն կայսերական: Վարդան յօ գնեցաւ, դեդեւեցաւ, տկարացաւ, գուցէ եւ վայրկեան մը իր մտածութեանց որոշման վերջի առաւօտն չծագած` Փիլոմելիոնի սոխակաց ամառնային անուշակ գիշերախօսութեանց հետ` ինքնակալութեան եւ աշխարհի հրամանատարութեան հրապուրական ծածուկ ձայն մ՚այլ ազդեց սրտին:
ուլիս ամսոյն առջի կէսն էր այն ատեն, եւ ինքն այդ յիշեալ (Փիլոմելիոն) քաղքին մէջն էր, որ իր ընդարձակ թեմին չորս մեծ նահան գաց գրեթէ միջասահման է, Պիսիդիոյ, Իսաւրիոյ, Լիկայոնիոյ եւ Փռիւդիո, եւ այս ետքինիս սեփհական, իսկ հիմայ Համիտ գաւառի կամ Գարաման նահան գին Աքշէհիր քաղաքն սեպուած է, որոյ քաղցրաձայն սոխակքն անուանի են, եւ կարծուի թէ անկեց դրուած է քաղքին հին յունական անունն, որ կը նշանակէ այս թռչնոց երաժշտապետը:
արդան դեռ տարակուսանաց պատերազմի մէջ էր. թէ եւ ակամայ կամ կիսակամ յանձն առաւ զօրաց բռնադատութիւնը, եւ անոնց ընծայած կայսերական պսակը. սակայն կը խրատէր` երբ կը մտածէր որ անով Կ. Պօլսի գահին վրայ փայլելու համար` պէտք էր հանել պատենէն իր քաջայաղթ` այլ եւ խնայող սուրն. մինչեւ այն ատեն հայրենեաց, տերանց եւ իրաւանց դէմ եկող թշնամեաց վրայ ցուցեր էր անոր փայլը եւ իջուցեր հարուածները, ի՞նչպէս հիմայ` որ արդէն հասակին եւ կշտացած փառքին` հանգիստ կը վայլէր, ի՞նչպէս այն ահագին եւ վրէժխնդիր սուրը` իրեն փառք եւ պատիւ փնտռելու գործիք մ՚ընէ: Իրաւ կրնար ինքն ոչ միայն քան զՆիկեփոր` այլ եւ քան զշատս ի նախորդաց եւ ի յաջորդաց նորա` արժանաւոր եւ օ գտակար կայսր ըլլալ, գուցէ եւ պէտք էր քիչ տարի առաջ զինքն ընտրել, բայց ի՞նչպէս կրնար համարձակիլ ինքն ասանկ բանի համար` անպարտ արիւն մը թափել եւ քաղաքական պատերազմի պատճառ ըլլալ: Հոս բանակներէ անվախ սիրտն` ինքն իր սուրէն սկսաւ դղալ, եւ առ ժամ մը իր բոլոր գունդերուն` Վարդան կայսեր երկա՜ր կեանք կանչելն` բաւական չեղաւ խղճին ձայնը մարելու. ուզեց գոնէ աւելի վստահանալի եւ վկայեալ խղճի մ՚ալ խորհուրդ հարցնել:
Այն կողմերը սրբութեամբ եւ իմաստութեամբ համբաւեալ ճ գնաւոր մը կար, որ եւ հո գետեսութեան շնորհք ունէր, ըստ պատմչաց, գոնէ ըստ հաւատոց այն ատենուան Յունաց, որ այս հազուատուր շնորհքը` շատերու կ՚ընծայեն, եւ կ՚ըսեն թէ երբ Վարդան եկաւ իրեն խորհուրդ հարցնելու` ճ գնաւորն յայտ եւ համարձակ պատմեց իրեն գլխուն գալիքը, եւ ոչ միայն իրեն` այլ եւ իրեն հաւատարիմ ընկերացը, ըսաւ թէ իրեն զինակիրն Լեւոն` (Արծրունին) պիտի ըլլայ կայսր. նոյնպէս միւս զինակիր կամ թիկնապահն այլ` Փռիւ գացի Թոթով Միքայէլն. իսկ իր մէկայլ զօրավարն Թովմաս` նոյնպէս պիտի փորձէ բայց պիտի չյաջողի կայսրութեան: Այս ամենն յլ ատենին կատարուեցաւ ստու գապէս, ինքն եթէ ըսած էր եւ եթէ չըսած. բայց բանն այս է` որ Վարդանայ վրայ ըրած մար գարէութիւնն` յաջող չէր: Հայկազն անուամբ հռչակուելու կայսրն ոչ ինքն էր, ոչ իրմէ 90 տարի առաջ կայսերացեալ Փիլիկն Վարդան, եւ ոչ այն Վարդա` որ Եռինեայ որդւոյն թագաւորած տարին (780) ուզեց թագը, կորզել, եւ չյաջողելով բռնուեցաւ, ծեծուեցաւ, հալածուեցաւ, այլ անոր որդին վերոյիշեալ Լեւոնն` զինակիրն Վարդանայ: - Թերեւս այս անակնկալ նախասացութիւնք աւելի խռովեցին շփոթեցին արդէն տագնապեալ սիրտը, եւ այն որ երբ միայնակ ըլլալով փառաց կեղակարծ հանդիսարանին մէջ` կու յուսար եւ կու յուսացընէր ինքն իրեն յաղթելու, հիմայ իրմէ նուաստից եւ իրեն սպասաւորաց չկարծուած կայսերութեան հասնիլը եւ իր կարծուածին անյաջողութիւնը լսելով. կարծես թէ սրդողեցաւ, եւ իրեն մեծ նախատինք սեպեց, ուզեց հոս իր բուն կամքը խորտակել կարողութեան ուժովը: Հոս իր խղճին ալ, քաղաքականութեան ալ ուրացութիւն ըրաւ, եւ որ առաջ զմարդիկ եւ զբանակս տկար կու սեպեր զինքը համոզելու, եւ չէր ուզեր կայսր ըլլալ, հիմայ կարծես թէ ուզեց Աստուծոյ ալ յաղթել կայսր ըլլալ կարենալով:
-Բայց եւ ոչ իր խիղճը կրցաւ նուաճել երկար ատեն, եւ այս ինքն իր մէջ ըրած կռիւն եւ կամ վերջին յաղթութիւնն` իրեն վայելուչ եւ փառաւոր յաղթանակ եղաւ:
Դ
խմբագրելՅուլիսի 19 էր, յամին 803, երբ անուանեցաւ ինքն Կայսր, որ եւ Բ Վարդան պիտի ըսուէր, եթէ այն վայրկենական ուրացութեանը վրայ ուզէր յամառիլ: Ի մեծ խնդութիւն զօրացը` բանակը չարժեց, երագերագդիմեց շիտակ դէպ ի մայրաքաղաքն կայսերական, հասաւ նստաւ անոր դիմաց Խրիւսոպօլեայ (Իւսկիւտար) պարսպաց տակ, ութ օր հոն կեցաւ առանց զարնելու առնելու մտնելու այդ Վոսփորի ասիական ափանց առաջին քաղաքը. կու սպասէր եւ դիտէր որ դռները բանան եւ զինքը հրաւիրեն. կ՚ուզէր փորձել թէ զօրացը պէս բոլոր քաղաքացիք ալ կ՚ընդունէի՞ն իր կայսրութիւնը, զոր` միտքը գրած էր առանց արեան եւ վնասու ստանալ, թէ որ այնպէս յաջողէր բաղդն, որ անյուսալի էր: Կու զարմանային եւ զայրանային զօրքն` Վարդանայ դանդաղութեանը վրայ, եւս առաւել իր հաւատարիմքն, սպայքն եւ անձնապահքն, մանաւանդ գլխաւորքն Լեւոնն եւ Միքայէլն, որք լաւ իմացան թէ Վարդան առանց զարնելու որս ընել կ՚ուզէ, եւ իր սովորական բարեսըրտութեամբը ձեռք ձ գել այնպիսի բան մը` որ անկարելի էր առանց բռնութեան եւ արեան. եւ թէ այդպէս ուշանալն իրենց բաղդին եւ կենաց մեծ վտան գէ: Ոչ զՎարդան կրցան համոզել եւ ոչ իրենք համոզուեցան այնպիսի որո գայթի մէջ մնալու, եւ գուցէ անոր տեղ` իրենց ապագայ կայսերութիւնը ապահովելու համար` թողուցին զանիկայ, եւ Վոսփորուն զիրենք բաժնելով` ձ գեց ի կողմն Նիկեփորի, որ իբրեւ աւետաւոր հրեշտակներ ընդունեցաւ զանոնք, եւ վախով կորացեալ գլուխը կան գնեց, երկուքին ալ մեծամեծ պաշտօն եւ իշխանութիւն տալէն զատ` մէկմէկ ալ թագաւորավայել պալատ եւ երկիրներ տուաւ. եւ սկսաւ զօրք ժողվել Վարդանայ դէմ ելնելու: - Իսկ ասիկայ` որ եթէ ուզէր գործել` ինչուան այն ատեն գուցէ գործն ալ վճարած կ՚ըլլար, երբ տեսաւ որ փոխանակ մայրաքաղաքէն իրեն պատ գամաւոր եւ հրաւիրակ գալու` զէնքի ձայներ կը լսուին, վերուց բանակը ի Խրիւսոպօլսոյ եւ տարաւ Պրուսայի մօտ Ոլիւմպոս լերան ոտքը դադրեցուց:
Զօրքն գուցէ կարծէին թէ Վարդան նոր պատերազմական խաբէութեան հնարք մը կը մտածէ, բայց անհան գիստ կու սպասէին զարնուելու կայսերական զօրաց հետ, դեռ գստահ ըլլալով յաղթութեան` իրենց քաջ առաջնորդին վրայ: Իսկ նա իր սրտին մէջ սաստիկ եւ մեծամեծ պատերազմներ ունէր, ամիս մ՚ատեն բաւականէն աւելի եղաւ իր տաքութիւնն իջեցընելու եւ նորէն առջի խիղճը բանեցընելու: Պատերազմ, յաղթութիւն, կայսրութիւն, շատ պզտիկ եւ չնչին կ՚երեւէին` կենաց վերջին ատենին եւ հանդերձեալ դատաստանաց եւ Աստուծոյ քննութեանց ու հատուցմանց առջեւ, որոց յիշատակաւ զարհուրած` կու մտածէր գոնէ իր խիղճն ու հո գին անվնաս ազատել այն վտան գաւոր վիճակէն ուր կամայ ակամայ քշուեր եկեր էր. ամենէն դժարն էր զինքը քշող եւ սիրողները հաւանեցընել, այսինքն զօրքերը որոնք եթէ իմանային միտքը` ոչ միայն գուցէ կատղած զանիկայ կտոր կտոր կ՚ընէին, այլ եւ իրեք Նիկեփորի կատաղութեան զոհ կ՚ըլլային. եւ ահա այս ետքինս էր Վարդանայ տագնապն, երկու դիէն սուր եւ արիւն կու տեսներ, երկու կողմէ կու ստիպուէր մեծ գործ մեծ որոշմունք մ՚ընելու:
Ահա հոս մեր մեր Վարդանայ դիմաց այլ ձ գուած էր այ Կեսարու բաղդավճիռ Ռուբիկոն գետոյ կամուրջն. «Դեռ կրնանք յետ դառնալ, բայց մէկ մ՚որ դա կամրջիկն անցնինք, այլ անկէ ետեւ ինչուան վերջը զէնքով պէտք է առաջ երթալ»… Կեցաւ, վերջի մտածութիւնն ըրաւ, նետեց իր նարտին քուէն, եւ կամուրջը… չանցաւ: Եթէ կարճութեամբ չէր պակաս քան զԿեսար` խոհեմութեամբն շատ աւելի եղաւ հոս. շփաթթեց իր մտաց աչքը եւ չեղաւ անոր պէս գահավէժ ի վիհս պատահարաց եւ վտան գաց, այլ իր առաջին մեծոգիութեամբ եւ իմաստութեամբն ու քրիստոնէական արիութեամբ` որ զյանդ գնութիւնն այլ կը նուաճէ, եւ որ կրնար Կեսարու մ՚ալ մեծարել տալ զՊոմպէոս, քանի մ՚օր զինուորները յուսացընելով բարի վախճանի մը, ծածուկ մարդ խաւրեց առ Նիկեփոր, եւ խոստացաւ ազատել զնա ամեն վախէ եւ վտան գէ, միայն թէ ինքն ալ իրեն եւ իր բանակին ներումն տայ եւ անյիշաչար ըլլայ:
Այս պատ գամաւորութիւնս` Նիկեփորի համար իր ամենէն վախնալու անձին ձեռքէն երկրորդ ան գամ թագընդունիլ եւ կենաց ու կայսրութեան մէջ հաստատուիլ էր, անբացատրելի եղաւ զարմանքն եւ ուրախութիւն: Ապշածն` չէր կրնար հասկընալ` թէ այնպիսի հակառակորդ մը կրնա՞ր այդքան առաքինութիւն ունենալ: Չէր գիտեր ի'նչ կերպով իր հաւանութիւնը, խոստմունքն եւ երդմունքը յայտնէ. եւ երանի' թէ այնչափ սաստիկ յայտնութեան ձեռք չզարնէր, որ յետոյ երդմնազանցութեամբն վրան աւելի նախատինք եւ մեղք չբերէր: Մէկէն հրովարտակ գրել տուաւ խոստմանց եւ ներմանց. եւ բաւական չսեպելով իր ձեռնագիրն եւ կնիքը, Տարասիոս պատրիարքն եւ ամենայն պատրկաց ալ ստորագրել տուաւ. դեռ այնդափն ալ բաւական չսեպեց վատասիրտն, այլ եւ իր վզէն կախած կենաց փայտին նշխարն այլ հանեց եւ խաւեց Վարդանայ, իբրեւ անտարակուսելի եւ անդրժելի գրաւական, վկայ եւ ընծայ. որուն` թերեւս միայն սատանայ կարենար չհաւատալ. բայց պատմութիւնն ցըցուց որ հոս Նիկեփոր այլ սատանայի հետ միահաւան է եղեր:
Վարդան իրմէ աւելի իր զօրաց կեանքն ապահովցընելուն վրայ գոհանալով, անոնցմէ զատուելուն հնարքը մտածեց. եւ մինչդեռ անոնք վաղուընէ վաղը կու յուսային թշնամեաց վրայ վազելու, եւ վերջապէս իրենց տէրը տանելու հանելու ի գահ կայսերոց, նա իրենցմէ աւելի արթուն եւ անքուն կու սպասէր կու դիտէր ժամն ու վայրկեանը. իր 50 օրուան անուանեալ կայսերութիւնն` իրենն 50 տարւոյ ծանրութիւն տուած էր:
Ե
խմբագրելՍեպտեմբերի 8ին Ս. Աստուածածնի ծննդեան տօնին գիշերն` իր բանակին շշնկոցը լռեր էր, քունը հանգչեցուցեր էր զզօրս. գիշերապահը իրենց վրանին դիմաց հանդարտ եւ անկասկած կեցեր էին. ասդին անդին վառած եւ պլպըլած ճրագք եւ կրակն` չէին կրնար բաւականապէս փարատել մթութիւնը, որուն հազիւ կրնար նշմարուիլ վիթխարի եւ դիւցահասակ լեառն Ոլիմպոս` բանակէն մեծ վրանի մը պէս գիշերուան միջէն դէպ յերկինք քաշուած: - Վարդան` մէկ մը աչքն ասոր տալով, մէկ մը դէպ ի Մարմարայի ծովեզերքը տեսնուած լոյսերուն, եւ յետոյ դարձընելով իր բանակին վրայ` որ յուսոյ եւ քնոյ մէջ թաթխուած դադրեր էր, պահ մը կեցաւ իր վրանին դռնէն դուրս, ուսկից հեռացուցեր էր պահապանները եւ միայն իրեն հաւատարիմ մնացող Թովմաս թիկնապահին իմաց տուեր էր: Մտածեց իր եւ իրմով` մարդկային սրտի եւ կենաց բաղդն ու պատահարքը. մտածեց քանի մը ժամուան մէջ բազմութեան մարդկան եւ բոլոր կայսերութեան մը կարելի փոփոխութիւնը մտածեց իր ապագայ կեանքը եւ թողլու յիշատակը. մէկ մ՚այլ իր այնքան տարի վտան գած եւ փառաց տարած զօրաց գունդերուն վրայ նայեցաւ, որոցմէ ասանկ անակնկալ եւ անպատրաստ կերպով մը պիտի զատուէր, եւ այլ պիտի չլսէր պատերազմի սրտաթունդ թմբուկն եւ ոտնատրոփ երիվարաց փռնչինն, այլ ոչ յաղթութեանց նուազք եւ սաղաւարտից դալար պսակք, այլ ոչ աւարներու եւ գերեաց բաժին…. «Մնա՜ք բարով, միաք բարով. Աստուած ձեզի օ գնական եւ պահապան», ըսաւ, հառաչեց, հեռացաւ: … Իբրեւ գիշերախառն մենամարտութեան ելած` նախ յուշիկ մնջիկ սկսաւ ոտն փոխել դէպ ի հիւսիս, դէպ յեզերս Մարմարայի, միայն զԹովմաս թողլով ետեւէն զինակիր գալու. յետոյ հազիւ բանակին պատնիշէն անցած օտար ճամբով` սկսաւ հսկայաքայլ յառաջել, փութայ հեռանալ անոնցմէ` որ միայն իրմէ հեռանալ չէին ուզեր եւ քսանի չափ մղոներ կարճ կարճ կտրելով` հասաւ Մուտանիոյ ծոցոյն ծայրը Կէմլէյիկ քաղաքաւանը, որ ան ատեն Կիոս կոչուէր, ուսկից եւ ծվածոցիկն այլ Կիանեան խորշ, կամ Աստակեան ծոց:
Կիոսի քով Կատապոլիոն անուամբ գիւղական մըկար, եւ անոր մէջ Հերակլի անուամբ վանք մը. Վարդան իր բանակը թողլով` շիտակ այս վանքս իջաւ, վանահայրը կանչեց, սա անոր դիւցազնեայ կերպարանքէն եւ սպառազինութենէն սարսափած կու կասկածէր. բայց ալ աւելի ափշեցաւ եւ տարակուսեցաւ երբ զօրավարն խնդրեց որ ընդունի զինքն իբրեւ կրօնաւոր, եւ շուտ մը ձեւը փոխէ, չկրցաւ վանահայրն ոչ մէկ կերպով հաւատալ եւ հաւանիլ: Ուշանալ չէր ըլլար: Վարդան` որ դեռ զէնքերը չէր թողած, զինուորական եւ կրօնական քաջասրտութիւնը մէկ տեղ բանեցընելով` քաշեց ուրիշներու գլխուն վախ տոող սուրը, եւ թերեւս անոնց վրայ իջեցընելէն աւելի մեծ կարճութեամբ` իր գլխուն վրայ հանեց, ինքն իրեն կտրեց իր գիսակները, եւ իբր երախայրիք նոր եւ սրբազան կենաց` ընծայեց Աստուծոյ. ապա զէնքերը զրահներն ալ թափելով եւ իշխանական զգեստը թողլով` հագաւ թանձր պարե գոտ մը. եւ ամենայն քաղաքական եւ զինուորական զարդերէն եւ նշաններէն թեթեւնալով` թռաւ Կէմլէյիկի նաւահան գիստը, ուր արդէն հասած էր զինքն ընդունելու նաւն ի Նիկեոփորէ ղրկուած. ցատքեց մէջը, հրաման տուաւ որ շուտ շուտ թիավարեն, պատեն Պեսիդիոնի հրուանդանը (Պօզպուռուն), եւ թողլով Նիկոմիդիոյ ծովածոցը` ուղղեն դէպ Իշխանաց կղզիները. մինչեւ ի հեռագոյնն, մինչեւ ի Բրոդա (Գընալը), իրեն հին եւ ծանօթ առանձնութեան զբօսարանն` Բրոդա, իր շինած վանատեղը եւ տնկած պարտէզը. ուր եւ ելաւ շատ աւելի ուրախ` քան եթէ Ոսկեղջիւրը (Սէրայպուռնու) կոխած ըլլար. «Այս է հանգիստ իմ», ըսելով:
Իր դաստակերտին բնակիչ վանականք եւ տեղապահք չէին կրնար հաւատալ տեսածնուն եւ լսածնուն, թէ իրենց խնամակալն, այն մեծ թեմակալն եւ սպարապետն Արեւելից` այդ իրենցմէ խեղճ եւ գծուծ քուրջերով ծածկուած կրօնաւորն է. բայց նա լաւ իմացուց որ եթէ ձեւն եւ արուեստը փոխեր էր, եւ հիմայ անունն ալ կու փոխէ, փոխանակ Վարդանայ` Սաբա անուանելով զինքը, հո գին նոյն է. առաջ կարծր զինուց եւ զրահից տակ կակուղ քրիստոնեայ սիրտ մ՚ունէր, հիմայ մաշկի եւ մազեղինի տակ կտրիճ նահատակի եւ ճ գնաւորի սիրտ մը. առաջ զօրավարաց օրինակ էր քաջութեամբ եւ խելքով, հիմայ նոյն իսկ հին վանականաց եւ միանձանց, խստակրօն, զուարթ եւ աշխատասէր վարքով. եւ յիրաւի, օրուան կէսը յաղօթս եւ ի հո գեւոր մտածութիւնս կ՚անցընէր, կէսն այդ գետին բանելու եւ իր պարտէզը դարմանելու: Փորձով ալ իմացաւ շուտով որ այսպիսի կեանք իրեն համար կայսերութենէն քաղցր եւ ցանկալի է, եւ եթէ աղաչանքով այլ նորէն իրեն տային տասն թագ` չէր ուզեր իր Բրոդայի առանձնական եւ մենական կենաց հետ փոխել. սուրէն եւ մականէն շատ աւելի թեթեւ եւ դիւրաշարժ էին իր բահն ու բիչը. միով բանիւ խիստ շատ աւելի երջանիկ էր` քան իր հակառակորդն Նիկեփոր:
Զ
խմբագրելԱսոր ագահութիւնն նորէն արթընցաւ` երբ ապահովութիւնը ստացաւ: Աստուծոյ եւ մարդկանց վախուն դիմաց` կեղծաւորութիւնը եւ սուտը միջնորդ ձ գելով` իր ամեն խոստմունքն եւ ահաւոր երդմունքն ոտքի տակ առաւ: Նախ Վարդանայ կուսակից եղող կամ կարծուողները բռնել բանտել տուաւ եւ ամեն ստացուածքնին կողոպտեց. յետոյ Վարդանայ հարըստութիւններն ալ յափշտակեց, միայն անոր զինուորները չնեղեց, վասն զի վրանին կողոպտելու բան մը չկար: Բայց ամենէն անիրաւ եւ պժ գալի կողոպուտն, միան գամայն եւ ամենէն ցանկալին եւ թանկագինն` եղաւ իր շատ բարի եւ գթասիրտ հակառակորդին լուսաւոր եւ զուարթահայեաց աչքերն: Վարդան իր կամաւոր ար գելանքէն քիչ որ վերջը` գիշեր մը, երբ գուցէ դեռ իր երկար աղօթքներն ալ չէր լմընցուցած, յանկարծ ոտնաձայն եւ շփոթ մը լսեց` իր ծովապատ մենանոցին մէջ, քանի մը այլանդակ լեռընցի Լիկայոնացիք, զոր եւ ոչ մարդ` այլ մարդագայլս (շի գանթրո բուս կոչէ պատմիչն), որք Նիկեփորի հաւատարիմ եւ արժանաւոր դահիճքն էին, յանկարծ պղծելով եւ խռովելով տեղւոյն եւ ժամուն եւ անձին խաղաղութիւնը, բռնեցին իրենց տիրոջ նախանձորդ կարծուածը, եւ գազանօրէն խլեցին խաւարեցուցին այն աչքերը` որ միայն յերկինք վերցընելու, պարտիզականը վրայ իջեցընելու եւ երբեմն ծովուն վրայ պտըտցնելու պահեր էր` ամբողջ կայսերութենէ մը հրաժարողն եւ մէկէն թողուցին փախան կղզիէն. - ինչուան քաղքէն եւ մարդկանցմէ ալ փախչիլ ոուզելով կամ ձեւացընելով` ապաւինեցան ի մայր եկեղեցին` Ս. Սոփիա:
Հազիւ այս լալի լուրն հռչակուեցաւ, վանք, եկեղեցիք, պալատք, բոլոր քաղաքն չարժեցան գթով եւ բարկութեամբ անէծք եւ նզովք թափել սկսան կայսեր եւ գործակցացը վրայ. երանելի պատրիարքն Տարասիոս, պատուական պատրիկքն` սրտակոտոր վազեցին արքունիքը, յիշեցուցին կայսեր իրեն երդմունքը եւ ստորագրութիւնը, Նիկեփոր երդում պատառ եղաւ ծերակուտին դիմաց թէ ինքն ամենեւին այդպիսի բան չէր մտածած եւ կարծած, եւ թէ ուրիշի թշնամութեան գործ է. պատուիրեց իրենց` որ երթան բռնեն այն չարագործներն` որ ի Ս. Սոփիա ապաւիներ էին, թէպէտ եւ կանխեր անոնցմէ առաջ ուրիշ մարդ զրկեր ու փախուցեր էր զանոք յեկեղեցիէն, եւ անոնց տեղ քանի մ՚ուրիշ մարդ բռնել քննել տուաւ, որ անմեղ ըլլալով` ի հարկէ անվնաս ալ արձակուեցան: Իսկ ինքն իր չհաւատալի կեղծաւորութիւնը մինչեւ ի ծաղրածութիւնը տանելով` եօթն օր փակուեցաւ իր պալատին մէջ, մարդու չէր երեւէր, միայն ողբոց եւ վայերու ձայներ կու լսեցընէր, զորոնք ձեւացընելու շատ աղէկ կրթութիւն ըրած եւ վարպետ էր, միայն թէ չկրցաւ մէկն ալ խաբել, այլ աւելի սաստկացաւ իրեն դէմ եղած հասարակաց ատելութիւնն եւ անէծքն:
Որչափ պժ գալի եղան Նիկեփորի գործն եւ ձայներն, այնքան զարմանալի եւ սրտառուչ եղաւ Վարդանայ լռութիւնն. ամենեւին գան գատ մը, տրտունջ մը, հեծութիւն մը չհանեց, եւ գրեթէ միայն ինքն եղաւ որ չանիծեց զՆիկեփոր, նա եւ ոչ իսկ մեղադրեց զնա, հապա ինքզինքն յանցաւոր ճանչնալով` մինչեւ ի մահ ապաշխարողի վարք անցուց, եւ միշտ իր պակսոթիւնը պատմելով, կ՚ուզէր գերագոյն առաքինութեամբ մը` ծածկել կայսեր անիրաւութիւնը եւ ան գթութիւնը, առաքինութի՜ւն այնքան հիանալի` որքան այնպիսի ապականեալ ժամանակի եւ արքունեաց մօտ փայլեցաւ: Ճ գնաւորութեան հո գին աւելի խոր եւ պինդ հագեր էր ներսէն, քան դրսուանց մաշկեղէն մը ամառը, մազեղէն մը ձմեռը, որ էին իր բոլոր հագուստը, իսկ գլուխն եւ ոտքն միշտ բաց եւ բոպիկ: Ասոր նման կերակրիկն ալ, եթէ կրնար ըսուիլ կերակուր, ոչ միայն բերնը չդրաւ մսեղէն եւ կթեղէն, այլ եւ ոչ ձէթ եւ գինի, այլ միայն գարիէ հաց. այն ալ ինքն իր ձեռօք կու պատրաստէր եւ կ՚եփէր մոխրի տակ, լուսազուրկ աչքերն չթողլով իրեն երկար ձեռագործ աշխատանքը` մտաւոր աշխատութիւնն աւելցուց, աղօթք եւ խոկմունք, որոցմով զմայլած` ոչ թագին, ոչ աշխարհիս եւ ոչ իսկ ամեն սրտի մխիթարիչ արեւուն կորուստը կ՚իմանար:
Միայն մէկ հո գ, մէկ ցաւ, մէկ փափագմ՚ունէր դեռ սրտին գր գիռ. - ընտանիքն. վասն զի ունէր եւ դեռ ողջ էին կինն եւ զաւակներն: Անոնց ցանկալի երեսաց տեսութենէն զրկուիլը չէր իր մեծ ցաւն, վասն զի գոնէ ձայներնին կրնար ըսել եւ խօսիլ, այլ ինքն իր հո գւոյն խորին ձայնը կ՚ուզէր լսեցընել անոնց հո գւոյն, եւ կրցաւ: Ուրիշներէ աւելի ինքզինքն օրինակ ցուցընելվ աշխարհիս ընդունայնութեան, եւ հանդերձելոց անփոփոխ վիճակին, այս կենաց ցաւերուն կարճութեանը, եւ այն կենաց անվախճան երանութեանը, զամենքն ալ հաւանեցուց իրեն նմանելու. նախ տիկին Դոմնիկ (կամ Տոմինի գա) յանձն առաւ քաշուելու ի վանս հաւատաւորաց, եւ ինքնին Վարդան փոխեց ամուսնոյն անունը. դրաւ Աթանասիա. իր մէկ դստրիկն ալ հետը մտուցը ի հարսնարանն Քրիստոսի. յետոյ իր կտրիճ որդիքներն ալ հաւանեցուց, որք յօժարութեամբ սուրբերնին այլ, ամեն ունեցածնին այլ ծախեցին բաժնեցին աղքատաց, եւ առանձնացան վանքերու մէջ` միայն հո գինին հո գալու:
Է
խմբագրելԱյսպէս երկրիս վրայ ապահովելով անոնց երկնաւոր վիճակը, որոնց որ պարտական էր հո գալու իբրեւ հայր եւ տանուտէր, անկէ ետեւ այլ աւելի ազատութեամբ եւ հանդարտութեամբ իր հո գին կ՚ուժովցընէր եւ կու հասցընէր յաւիտենական նպատակին: Շատերն տեսան եւ կու զարմանային Սարայի սրբութեանը վրայ. եւ ո՞վ կրնար կարծել թէ անիկայ էր Արեւելքի քաջ սպարապետն` Թուրք Վարդան: Համբերատար հանգստութիւնն եւ չարքաշ վարքն յաղթեցին իր ճ գնութեանց խստութեանը, եւ երկարեցին կեանքը, մինչեւ լսեց ութ տարիէն ետեւ իր անիրաւ նախանձոտին` Նիկեփորի` խեղճ եւ չարաչար մահը, զոր գրեթէ ինքն պատճառեց իրեն եւ իր բոլոր բանակին, անխոհեմութեամբ յառաջ երթալով Բուլղարաց երկիրը, եւ ստէպ ստէպ ըսելով, թէ «Չեմ գիտեր` Աստուա՜ծ թէ սատանան է զիս առաջ քշողը, բայց չեմ կրնար ետ կենալ». մինչեւ հասաւ ձորադաշտ մը, որոյ երկու կողմը գոցեցին Բուլղարք` անտառներ ջարդելով եւ ծառէ պարիսպ քաշելով. ապա կրակ տալով անոնց, իրենք ալ զինուած յարձակելով` կայսրն ալ, մեծամեծներն ալ, բոլոր զօրքն ալ մէկ աւուր մէջ (25 յուլիսի 811) սրամահ եւ ծխամահ ջնջեցին: Նիկեփորի գանկն Բուլղարաց թագաւորին գինւոյ բաժակ եղաւ, բոլոր Բիւզանդիոն եւ կայսերութիւնն ս գալով իրենց զորաց եւ զաւակաց կորստեան վրայ` միայն Նիկեփորի կորուսան իրենց այրած սրտին մխիթարանք կու գտնէին. այնքան ատելի եղած էր անկուշտ ագահութեամբ եւ անհո գութեամբը: Երկու տարի ետեեւ (յորում տիրեցին Ստաւրակ` որդի Նիկեփորի եւ Միքայէլ Կիւրոպալատ), լսեց Վարդան իր առաջին զինակրին եւ նախայիշեալ Լեւոնի Արծրունւոյ կայսր ըլլալը (813-820), ինչպէս լսեր էր հին գտարի առաջ (808) ուրիշ հայազգւոյ եւ Լեւոնի աներոջ` Արշաւրի փորձ փորձելն ընդդէմ Նիկեփորի, եւ իրեն պէս չյաջողելով` բռնուիլ ու աքսորուիլն ոչ հեռաւոր վանքի մը մէջ (ի Բիւթինիա):
Այս դէպքերս իրեն սրտին մէկմէկ հարուածք եղան, իր ըրածը յիշելով եւ իբրեւ ընկերացը չար օրինակ մը տուած համմարելով զինքը, անոր հմար նախախնամութեան կամաց եւ կարդաց թողլով եղածը` ինքն իր ճ գնութինները եւ հո գեւոր եռանդն աւելցուց առանձնութեան իր ծովակոծ` բայց անվտան գկղզեկին մէջ, որուն շրջապատ ալեաց ծփանքն եւ անուշ հովերն բաւական էին իրեն` մերձաւոր մեծ մայրաքաղաքին եւ բոլոր աշխարհիս խառնաձայն կոծմունք եւ ծփմունքը ցածցընելու, մինչեւ որ ճշմարիտ եւ յաւիտենական թագաւորութեան հրաւէրքն յափշտակեց զինքը յերկինք, ուր ընդ յիշատակելի սուրըս ճանչցան զնա Յոյնք, մինչդեռ իր յատուկ աազգայնոց` Հայոց պատմըչաց մէջ` եւ ոչ ճանչցուած է այս իրենց ամենէն երեւելի զօրավարներէն, միան գամայն եւ սաբայացեալ ճ գնաւորներէն մէկն, որ յիսուն օր այլ կրնար կոչուիլ Բ ՎԱՐԴԱՆ ԿԱՅՍՐ:
ԻԷ. Նետողք ի Հայս
խմբագրելԱ
խմբագրելՀԻՆ աշխարհին հիւսիսային կողմերն` որ մինչեւ հիմայ ցրտութեամբ եւ երկար մթութեամբ ահարկու են, քանի որ աշխարհագրական գիտութիւնք չէին ընդարձակած` Անծանօթ աշխարհ կոչուէին: Բայց այս անծանօթ աշխարհս` մեր նախահարց վառվռուն մտաց ոչ այնքան ահաւոր` որքան խորհրդաւոր կ՚երեւէր. եւ եթէ բարկ բորէասայ շունչն իրենց այլ երբեմն դպչելով` զգացուցեր էր փչած երկրին բնութիւնը, անոնք դեռ անկէց այլ անդին կ՚երեւակայէին զարմանալի կամ ախորժելի երկիր եւ ազգմը` Գերհիւսիսական, (ինչպէս կոչելի է թերեւս դերհիւսսական գրուածն ի գիրս նախնեաց մերոց, որ է թար գմանեալ յունական Իբերվո'րիի): Այս անծանօթ երկրին բնակիչքն` սրբազան կու սեպուէին, միշտ աստուածոց եւ պաշտամանց նուիրեալք` զոհերով` եր գերով, պարերով, ծաղկըներով պսակուած. եւ կ՚ըսուէր, թէ հազարաւոր տարի ապրելէն վերջը` պսակ ի գլուխնին եւ քնար ձեռուընին բարձր հրուանդանէ մը վար կու գլորէին կու ծածկուէին յանդունդս ծովուն:
Այսպիսի զարմանալի եղած (կամ չեղած) ազգի միջէն այլ զարմանալի անձ մը ծանօթ եւ հռչակուած է ի Յունաց` իբրեւ մեծ իմաստասէր կամ բժիշկ, Աբարիս անուամբ, որոյ համար աւանդեցին ոմանք թէ քուրմ էր Ապողոնի, եւ Նետի մը վրայ կռթընած կամ հեծած` անդադար ման կու գար երկրիս բոլորտիքը: Այս առասպելս` ըստ ոմանց արդի բանասիրաց թուի նշանակել Աւար ազգը, որ յարմար հայաձայն անուանն` աւարող եւ աւերող էր. եւ այն հիւսիսային ազգաց մէկն` որք առանց հաստատ բնակութեան` վրանօք տեղէ տեղ կու փոխադրէին, եւ զիրար կամ զօտարս քշէին իրենց հասարակ եւ սովորական զէնքովն` որ էր նետ. ըստ այսմ ամենքն այլ իրաւամբք կոչին Նետողք: -Մեր ազգին փառաց եւ պերճութեան ատեն երբ 400 իշխանք եւ տոհմապետք թագաւորին հետ կու բազմէին ի հանդիսի, անոնց մէկուն տոհմն կամ պայազատութիւնն այլ Նետողք կոչուէր, բայց հաւանօրէն թուի գլխապետ նետաձի գզօրաց, (ինչպէս ձիաւորացն այլ Ասպետ` որ եւ Բագրատունի), քան թէ Նետող ազգի մը գաղթական, որն այլ ըլլայ` մեր ազգին Նետողաց զէնքն պաշտապանական էր եւ ոչ թշնամական` իբրեւ այս հիւսիսային թափառիկ ազգաց:
Ըստ նկարագրութեան հին աշխարհագրաց եւ պատմըչաց, վերոյիշեալ գերհիւսսականքն` բեւեռային շրջանակին մօտ բնակիչք կ՚երեւին, որոց հարաւային եզերքն` մինչեւ ի ծանուցեալ Կովկասային եւ Արեաց, Հնդկաց ու Չինաց աշխարհները եղած լայնածաւալ միջոցն` անուանէին Սարմատիա (յարեւմտակողմն) եւ Սկիթիա (յարեւելակողմն): Այս ետքինս էր բնիկ Նետողաց ընդարձակ ասպարէզ թափառանաց, ուսկից 2000 տարի` հին եւ միջին պատմութեան ժամանակ` ելան զանազան ազգեր` յարեւմուտք եւ ի հարաւ ասպատակելով: Շատ աղէկ սահմանադրէ այս աշխարհս` մեր հին աշխարհագիրն Մ. Խորենացի. Սկիւթիա աշխարհք` որ են Ապախտարք, այսինքն Թուրքաստանք, ըստ հիւսիսոյ` Անծանօթ երկրաւ (սահմանի) եւ ըստ մտից` Սարմատացւոց աշխարհաւ (մինչեւ) առ Աթլ գետով. ի հարաւոյ` Վրկան ծովով եւ Արեօք եւ Հնդկօք առ հարաւային բազկաւն Եմաւոն լերինն… իսկ ըստ ելից կուսէ` սահմանի ի Ճենաց: Եւ ազգք են նորա 44» (կամ48): Հիմակուան հմտագոյն բանադատք այլ յայս կարծիս են, թէ հին Սկիւթիա է Թուրքաստան աշխարհն, որ եւ Ազատ Թաթարք կոչի հիմայ, իսկ Ապախտոր` հիւսիսային կամ արեւմտեան թար գմանի: Ես չեմ ուզեր քեզի հետ, Հայկակ, այս երկայն եւ ճղճղած խնդրոց մէջ մտնել, այլ միայն գլխաւոր եւ մեզի ծանօթագոն ազգերը յիշել:
Բ
խմբագրելՄեր աշխարհագրին 43 կամ 44 ըսած ագաց մէջ յանուանէ միայն (ըստ զանազան ձեռագրաց) երրորդ մասին չափ յիշէ, որոց մէջ նշանաւորք են Թուխարք, Մազգութք կամ Մասրագետացիք, Հոնք, Սօդիք կամ Սագաստան (Սոկտք կամ Սոկտիանա հեղինակաց), Հափթաղք, եւ այլն, մէկալոնց համար մէկ օրինակագիրն, որ անշուշտ յետոյ է քան զԽորենացին, կ՚աւելցընէ. «Եւ զայլ ազգս ասէ խուժական անուամբ, զոր չէ հարկ ասել. զի այժմ այլ ազգոչ գիտեմք, բայց միայն զԲուշխն` ազգ` որ ճարակի զերկիրն զայն»: Այս յետին ազգս, (զոր մեր աշխարհագիրն յիշէ նաեւ ի մէջ ասիական Սարմատաց` որ սահմանակից էին Սկիւթիոյ յարեւմտից), զոր եւ մեր ուրիշ պատմիչք այլ յիշեն, թուի իրենցմէ յետնոց յիշեալ Պաշխիրք ազգն Թուրքաստանի, որ արդարեւ ըստ վկայութեան արաբացի պատմըչաց` իրենց տոհմակցաց մէջ ամենէն զօրաւորք եւ ահարկուք էին մինչեւ ի դարն ԺԲ, եւ համարին մերձաւորք Ունկուր Թուրքաց` նախահարց Ուն գարացւոց, այսինքն Մաճառաց, արեւմտեայք Պաս գադիր անուաներ են զասոնք:
Թողլով այս ամեն ազգաց վրայ հետաքննական գիտելիքն, մէկ երկու բան ըսեմ, եւ նախ այս` որ ինչպէս հին ատեն Սկիւթիա ըսելով` ամեն հիւսիսային ազգերն իրարու հետ շփոթէին, այսպէս այլ քրիստոնեայ եւ արաբացի հեղինակք, մանաւանդ արեւմտեայք, Թուրք անուամբ շփոթեն զանազան ժողովուրդներ նախայիշեալ աշխարհաց: Բայց ըստ ստու գագոյն եւ նոր աշխարհագրաց` Թուրքաստան կ՚իմացուի Կասպից ծովէն ինչուան Թանկուտ կամ Չինաց արեւմտեան սահմանը, իբրեւ 36 երկայնութեան աստիճանի միջոց արեւմուտքէն արեւելք, եւ Հ. լայնութեան 36-55 աստիճանաց մէջ: Բայց այս ընդարձակ երկրին մէջ այլ` բնիկ Թուրքաստան համարուի անմիջապէս Կասպից եւ Արալ ծովուց միջոցն, եւ այս ետքինիս մէջ թափւող երկու մեծամեծ գետոց լայնափիւռ հովիտքն, որք հիմայ յարեւելեայց կոչին Ճիհուն կամ Ջահան եւ Սիհուն: Առաջինն` որ եւ հարաւայինն` կոչի եւ Ամու–Տէրէա եւ ըստ նախնեաց Ոքոսս, ըստ հին Պարսից եւ մերոցս` Վեհ-աստ. երկրորդն` հիւսիսային Սիր-տէրէա (Դեղին ծով) եւ ըստ նախնեաց Եաքսարտ եւ յոմանց եւս Երասխ, որ բնականապէս աւելի անծանոթ էր նոցա քան զՈքսոս. մինչդեռ անոնք անմիջապէս ասկէ անդին եղող երկիրն այլ կ՚անուանէին Անդր-Ոքսեան Transoxiana, յորմէ եւ Արաբացիք թար գմանորէն անուանեցին Մաուերա-ուն-նեհր, Յայնկոյս- գետոյն եւ եղծմամբ Մավար- ել-Նահար. որ եւ յետոյ (ԺԳ դարու) Ճինկիզ խանի որդւոց մէկու իշխանութեան բաժին ըլլալով` անոր անուամբ Չեղադայ կոչուեցաւ: Այս ընդարձակ երկիրս` յանյիշատակ ժամանակաց` ճեմարան եւ չուարան է վրանաբնակ քան չինաբնակ, խաշնարած եւ ձիարած ազգաց, բարբարոսաց եւ աղեղնաւորաց, որոց նախահայրն անծանոթ է, թէպէտ եւ ըստ հին եւ նոր հաւանագոյն աւանդութեան` ի Թոր գոմայ սերեալ են: Ոմանք այլ ի Մագով գայ ատեն զասոնք, աւելի անհաւանական (ոմանց ի մերոց պատմըչաց ըսածն) թէ ի Քամայ ըլլան (Թուրքք):
Իրենց տեղ տեղ խոպան եւ աղուտ, տեղ տեղ դալար եւ սիզաւէտ անհուն դաշտերուն եւ անապատներուն մէջ` հազարաւոր տարիներ կու թափառէին եւ կու թափառին այս ժողովուրդքս, հնագոյն ատեններ դէպ ի հարաւ ասպատակելով, Պարսից սահմաններուն վրա. իսկ ասոնք` (որ իրենք զիրենք Իրան կոչէին) զբարբարականս այլ Թուրան կոչէին, եւ անհաշտ կռիւ ունէին անոնց հետ` իբրեւ ընդ որդիս չարին (Ահէրմէնի): Պարսից շատ դիւցազանց քաջութեան ասպարէզն այս Թուրանս եղած է:
Ասոնք են արեւմտեայ հին հեղինակաց Սկիւթացիքն. բայց իրենց ծանօթագոյն են` ասոնց երկրին հիւսիսակողման ազգերն. որք մէկմէկու ետեւէ զիրար քշելով 1000 տարիէ աւելի միջոց` հիւսիսային կողմէն դէպ յարեւմուտք եւ ի հարաւ կ՚ասպատակէին. յետոյ սկսան հարաւէն արշաւել: Ի մար գարէից յիշեալ Գով գայ եւ Մադով գայ եւ Թոբելայ ազգերն այլ ասոնք են. յորոց (ըստ Միխայէլի պատմըչի) Նաբուքոդոնոսոր եւ Կիւրոս օ գնական զօրք վարձեցին, զորս եւ համարձակ Թուրք կ՚անուանէ պատմիչն, բայց այս անծանոթ է հին օրինակագրաց, եւ թերեւս յայտնի յիշուած չէ յառաջ քան զ՚Զ դար, (եթէ ի յետնոց աւելցուած չէ այդ անունն` մեր Խորենացւոյն աշխարհագրութեան մէջ):
Գ
խմբագրելԻսկ առ հինս եւ ի պատմութեան ծանոթ եղած Սկիւթացւոց մէջ` թերեւս հնագոյնք են Ալանք, որ եւ մեր ազգային պատմութեան մէջ շատ ծանուցեալ եւ խնամիք թագաւորաց մերոց Արշակունեաց, որոց ընծայեցին եւ շնորհագեղ դշխոյներ` զԱշխէն եւ Սաթեն (Սաթենիկ): - Ասոնց տոհմակից սեպուին Մազգութք, Քրիստոսէ վեց դար յառաջ յիշեալք, եւ Թաւասպարք վեց դար յետոյ այլ յիշեալք, եւ ճանաչին հիմայ Եւրոպիոյ հիւսիսային եւ միջին երեւելի ազգաց նախահարք կամ հօրեղբարք, այսինքն Գոթաց եւ Տեւտոնաց. որոց առաջին բնակութիւնն էր Ուրալ գետոյն վերնակողմը, եւ յետոյ Խըրզըղ ազգի անապատները: Ասկից` Քրիստոսի թուականէն քիչ ետքը յարձակեցան ի Կովկաս, եւ անցան այն լեռները, թափեցան մինչեւ ի Հայաստան, եւ դաշնադրութեամբ ու խնամութեամբ յետ քաշուեցան, բայց դէպ յարեւմուտք տարածուելով` հասան մինչեւ յԱզախու ծովն, եւ 400 տարւոյ չափ հիմկու Ռուսաց Յայսկոյս-Կովկասեան ըսուած երկիրները գրաւելէն զատ` անդադար կ՚ասպատակէին ի Վիրս, ի Հայս եւ ի սահմանս կայսերաց. երբեմն ինքն իրենց շահուն համար, երբեմն այլ ուրիշ ազգաց օ գնական, ինչպէս երբեմն եւ Հայոց` ընդդէմ Պարսից: Գունդ մը կամ տոհմ մը Մազգըթաց Կովկասէն ասդին մնացին Դարբնիտայ հարաւակողմը, եւ մեր Արշակունեաց հետ այլ խնամեցան, եւ նաեւ ի Քրիստոս հաւատացին Տրդատայ ատեն. բայց յետ մահու նորա` մեր Լուսաւորչին թոռը Գրի գորիսն այլ նահատակեցին, իրենց Սանսեան թագաւորին հրամանաւ: Արեւմտեան Մազգութք Գ դարու մէջ անցան ինչուան ի Սպանիա եւ յԱփրիկէ. վասն զի իրենցմէ զօրաւորք զիրենք քշէին, որ էին Հոնք. եւ Եւրոպիոյ մէջ Ե դարուն վերջերը, Ասիոյ մէջ` Զին ետքերը` գրեթէ անյիշատակ եղան Ալանք:
Յաջորդ (Է) դարուն մէջ ծածկուի Հոնաց անունն այլ, որ Ե եւ Զ դարուց մէջ ամենէն տիրողն էր, մանաւանդ իրենց վայրենի դիւցազին Ատտիղասայ ատեն, ի կէս Ե դարու: Թէպէտ Հոնաց անունն գրեթէ հազար տարի առաջ այլ յիշուի ի կարդացուի (ըստ ոմանց) Պերսեպօլեայ բեւեռաքանդակ արձանաց վրայ, այլ տեղերնին շատ որոշ չէ, կամ շատ կարծելի չէ` որ ըլլայ ինչուան Սեաւ ծովուն մօտերը. թէ եւ յետ ժամանակաց հասան այն կողմերը. մինչեւ մեր յետին պատմիչք կամ յուշագիրք ԺԳ-ԺԵ դարուց` Երկիր Հոնաց անուանեն զՂրիմն այլ: Հոնաց ցեղից մէջ մէկ գլխաւորն է Ո գուր կամ Ուն գուր կոչուածն, Հոն - ան գուր ըստ մեր հին պատմըչաց. որոց անուանի եւ մեծազօր հսկայի կամ ըմբշի մը հետ մենամարտեցաւ եւ յաղթեց Բաբիկ` հայրն Վասակայ ուրացողին. ինչպէս առաջ քան զնա հսկայն մեր Տրդատ` ընդ Գդռիհոնի թագաւորի նոցա (թերեւս Գուդուր – Հոն) յերկրին Տարօնոյ, ուր հասեր էին արշաւանօք եւ մատնութեամբ: Շատ ան գամ Ճորայ (Տէրպէնտ) պահակէն անցնելնուն համար յարձակելու յարեւմուտս` այն անցքն ըսուեցաւ Հոնաց Դուռն. զոր եւ ատեն մը մեր զօրաւոր Արշակունի թագաւորք զգուշութեամբ ամրացուցած պահէին անոնց դէմ. յետոյ Աղուանից ձեռքն անցաւ. որոց անուամբ այլ կոչի:
Ատտիղասայ թագաւորութեան ատեն մեր Ս. Մեսրովպ Աղուանից քարոզելով` ինչուան Կովկասեան լերանց անդին այլ լսեցուց Քրիստոսի աւետարանը, նաեւ իր աշակերտաց գործակցութեամբ. որոց ձեռօք հաւատաց ի Քրիստոս Հոնաց զօրավարն` որ յԱղուանս յարձակեր էր, եւ յետոյ իր ընտանեօք եւ հետեւողօք նահատակեցաւ հոն: Երկու դար եւ աւելի վերջը երբ Հոնք տկարացեր եւ Խազրաց նախիշխանութեան տակ ընկեր էին, դեռ իրենց հին մայրաքաղաքին մէջ` որ կոչէր Վառաղան եւ է հիմայ Թարքու` ի հիւսիսոյ Դարբանտայ, կու նստէր թագաւորնին կամ զօրավարնին` Ալփ անուամբ, որ եւ պատուով Լիթուէր կոչէր, յորմէ եւ Լիթուէրութեան պատիւ (ինձ անծանօթ): Սա` իր երկրէն (զոր Ախոժաղնեան աշխարհ Գով գայ` կոչէ ժամանակակից պատմիչ մեր), ասպատակի ելաւ յԱղուանս. յետոյ հաշտելով թողուց որ եպիսկոպոս մը (Իսրայէլ Մեծկունեաց) գայ իր երկիրը եւ քարոզէ զՔրիստոս (յամի 684). արդէն քսան տարի առաջ Հոնաց թագաւորն խնամացեր էր Աղուանից իշխանապետին հետ:
Ասկէ ետեւ գրեթէ չեն յիշուիր Հոնք. այլ փոխանակ նոցա խօսքիս սկիզբը յիշեալ Աւարքն, զոր Թուրքք քշեցին (յամին 551) իրենց երկրէն` յՈւկորիոյ` որ է հիմկու Սիպերիոյ Վոկուլաց երկիրն, ուսկից ելեր էին եւ Հոնք: Բիւզանդացի պատմիչք ստէպ յիշեն զԱւարս եւ կ՚ըսեն թէ Թուրքք Վարխոն անուանէին զանոնք, արդ մեր աշխարհագիրն այլ վերոյիշեալ Սկիւթացի ազգաց մէջ համրէ զԱլխոն եւ Վալխոն: Դարձեալ վկայեն անոնք թէ Աւարք ազգակից եւ բուն Հոնք են, այլ իրեն Աւար անուն թագաւորէն այսպէս կոչեցան: Կայսերաց երկիրը մտնելով կամաց կամաց յառաջ եկան մինչեւ ի գաւառս Դանուբայ, եւ իրենցմէ առաջ հոն հասնող Հոները նուաճեցին. բայց իրենց վրայ այլ հասան Բուլղարք. (ի Խազրաց վարեալք) եւ տիրացան այն կողմերուն` Ը դարուն մէջ եւ այլ ետքը, ուր եւ մինչեւ հիմայ մնան իրենց սերունդքն խառնեալ ընդ Հոռոմ ցեղի, եւ երկիրն այլ իրենց անուամբ ամենուն ծանօթ է:
Այս զօրաւոր եւ Սլաւեանց տոհմակից Բուլղար ազգն այլ` յառաջ քան զայն ամեն յիշուի մեր Հայոց պատմութեան մէջ, Քրիստոսէ դար մը կամ աւելի առաջ. իրենց հին հայրենիքն այլ ծանօթ է` Վոլկագետոյն վերին կողմերը, որ եւ անոնցմէ առած է այս անունս. (Վոլկայն առ հինս Իռա կոչի եւ ի Թուրքաց Էթլ). ուսկից իջան ինչուան անոր բերանը եւ աւելի վար` Կովկասու հիւսիսակողմը. եւ ասկէց այլ քշուելով իրարմէ` գունդ մը կտրեց զԿովկաս լեռները եւ անցաւ յԱյրարատ, Բասենոյ կողմերը. իրենց Վունդ իշխանին առաջնորդութեամբ ի Վղընդուր ցեղէ, որոյ անուամբ բնակած տեղերնին ալ Վանանդ կոչեցաւ ի Հայս, մինչեւ հիմայ:
Դ
խմբագրելՀոնաց անհետանալու կամ նուազելու ատեն յերեւան եկան կամ նշանաւորեցան Սպիտակ Հոնք ըստ Բիւզանդացւոց, կամ Եւթալիտք (սխալմամբ եւ Նեֆթալիտք), որ են ըստ մեզ Հեփթաղք, նաեւ Թէտաղք կամ Թէտալացիք. (նոյն թուի եւ Տաղական կամ Իդաղական` թէ չիցեն Տահք, Dahae): Ասոնք ուրիշ նշանաւոր անուն մ՚այլ ունին առ մերայինս, Քուշանք, որ է ըստ Չինաց Քուէի – շուանկ. (արդեօք ի Քուշա՞յ համարեալք որպէս Հնդիկք): Ժամանակին պատմիչք կամ յիշօղք` Հոնաց տոհմակից եւ մերձաւոր կարծեցին զասոնք. ոմանք Թուրք ցեղ մը, որքան Հնդկա-օվկիաբացի, իսկ նոր բազմահմուտ աշխարհագիր մը երկար քննութեամբ կու հաստատէ` թէ Չինաց մօտ Դէպպէթէն ծագեալ ժողովուրդ մ՚էր եւ ըստ նոցա Եուեդի կամ Եուիչի կամ Ճադ անուանեալ: Այս յայտնի է որ Հեփթաղք Դիպէթի հիւսիսակողմը բնակէին նախ, որ է Թուրքաստանի հարաւակողմը, ուր` մերազգի բայց գաղղիագիր երեւելի արեւելագէտ մ՚այլ` արաբացի հին պատմիչներէ կու յիշէ Դակազկազ Թուրք հզոր ցեղը, որոյ գլխաւոր քաղաքն էր Քուշան, եւ ըստ այսմ` Դիպէթի եւ Թուրքաց սահմանախառն երկիր եւ ազգմը կ՚ըլլան սոքա, եւ ի պատմութեան Չինաց ինչուան Դ դար Քրիստոսէ առաջ յիշուին. եւ միայն անկէ դար ու կէս յառաջ դէպ յարեւմտակողմն եկած են եւ տիրած Սո գդիանի եւ Բակտրիոյ, այն տեղի յոյն թագաւորութիւնը վերցընելով: Այս է մեր պատմըչաց յիշածն այլ, թէ Արշակ` Թետալաց թագաւորին որդին` տիրեց Պարթեւաց, եւ ասոնց Բահլ քաղաքը, իրաւ իրեն աթոռ մէկ եղբայրը թողլով իրենց առաջին աշխարհին մէջ, որ է Թետալիա, միւս եղբայրն այլ (Վաղարշակ` թագաւորեցուց Հայոց: - Ասանկ հեռաւոր եւ անթանոթ կողմերէ ծագած են եղեր մեր քաջածանօթ եւ գերահռչակ Արշակունի թագաւորքն, Տրդատք եւ Տի գրանք: - Գ-Զ դարուց մէջ պայծառացան կամ հռչակեցան Քուշանք Հեփթաղք, բայց անկէ առաջ այլ բաւական նշանաւոր գործեր ըրած պիտի ըլլան, որ յԳ դարու անոնց պատմութիւնն այլ գրուած եւ ծանօթ եղած ըլլայ Հայոց, վասն զի Զենոբ` ժամանակակիցն Ս. Գրի գորի Լուսաւորչի կ՚ըսէ. «Ընթերցիր զթագաւորութիւն Հեփթաղէնիկայ (կամ Եւթաղեայ), հելլենացի գրով, եւ կամ զթագաւորութիւն Ճենաց, զոր գտանես յՈւռհայ քաղաքի առ Բարդայ (կամ Բարդեճան) պատմագրի»:
Այս ատեններս` կամ քիչ առաջ` երբ Սասանեանք նուաճեցին զՊարթեւս` մեր թագաւորն Խոսրով իբրեւ տոհմակից թէ անոնց եւ թէ Քուշանաց` ասոնց դեսպան խաւրեց եւ դրդեց ընդդէմ Արտաշրի, բայց Քուշանք անփոյթ եղան. սակայն երբ Սասանեանք յաջողեցան եւ զօրացան` Քուշանք անոնց գլխահար եղան, եւ յափշտակեցին Պարթեւանց երկիրը, ու հոն ի Բահ դրին իրենց գահը, ինչպէս յիշէ եւ Բուզանդ, պատմելով Շապհոյ պատերազմը ընդդէմ նոցա, եւ անոնց ձեռքէն ազատիլը` քաջութեամբ Դրաստամատն Հայ իշխանին, (որոյ վարձք եղաւ իր տէրը` Արշակ կոյր թագաւորը` բանտէն հանել եւ մխիթարել, եւ ապա անոր հետ կամ անոր վրայ անձնամահ ըլլալ):
Կ՚ըսուի եւ մերոնց թէ Ս. Մեսրովպայ քարոզութեամբն քրիստոնացեալ այլազգեաց մէջ կային Հեփթաղք այլ, բայց տարակուսական է այս: Մեր ոսկէ գրիչ պատմիչք յիշեն անզգամ Յազկերտին պատերազմները ընդ Քուշանաց, որոց մէջ գտուեցան մեր քաջ նախարարք եւ Մեծն Վարդան, այլ, նոյնպէս անոր որդւոյն` Պերոզի սպանուիլն կռուի մէջ` ի Քուշանաց, յամին 488: Դարձեալ ուրիշ պատմիչք այլ` յիշեն Վահրամ Չուպին Պարսից բռնաւորին պատերազմները եւ Քուշանաց երկու թագաւորները նուաճելը (յամին 580), որ կոչէին Շօդ եւ Պարսիկ: Ի սկիզբն Է դարո մեր Բազմայաղթ Սմբատ մարդպանն կռուեցաւ եւ յաղթեց անոնց, մինչեւ ստիպուեցան խնդրել օ գնութիւն եւ Խազրաց, եւ եկան ասոնցմէ 300, 000 բայց Սմբատ դիւրաւ ցրուեց զանոնք, անոնց հսկայ թագաւորին հետ մենամարտելով եւ սպաննելով: Վերջին թագաւորն Սասանեանց Յազկերտ` հալածեալ յԱրաբացւոց ապաւինեցաւ ի Քուշանս, բայց չ գտաւ օ գնութիւն, եւ անոնց քով սպանուեցաւ (ի Մէրվ): Քուշանք Արաբացւոց այլ դէմ գրին նախ, բայց իրենց զօրաւոր դրացիներէն նուաճուելով, կամ անոնց հետ խառնուելով, անյիշատակ եղան Է դարուն վերջերը: Այս զօրաւոր ազգերն էին Խազիրք եւ Թուրք, շատ պատմիչք այս երեք ազգերն այլ իրարու հետ շփոթեն, մանաւանդ զՀեփթաղս եւ զԹուրքս, ոմանք հին Հեփթաղաց այլ Թուրք կ՚ըսեն, եւ ոմանք ինչուան ԺԱ դարու հասարակաց Թուրք կոչածն այլ Հեփթաղ կ՚անուանեն: Միխայէլ Ասորի համարձակ կ՚ըսէ. «Թետալիա` որ Թուրքաստան կոչի», եւ Պարսից Արաղ աշխարհին սահմանակից կու դնէ:
Ե
խմբագրելՀեփթաղաց անհետանալէն ինչուան ի յառաջանալն Թուրքաց, որ է ըսել Է-Ժ դարուց միջոցն, տիրապետող Սկիւթացիքն եղան Քզիրք, որք եւ Խազրիկանք կոչին ի մերոցս, եւս եւ Գիսաւորաց ազգ. եւ շատ հին ատեն` ինչուան յԵրոդոտեայ յիշին Աքածիրի եւ ասոր նման կոչմամբ, (Քրիստոսէ Ե դար առաջ) տոհմակիցք եւ սահմանակիցք Հոնաց եւ Աւարաց եւ երբեմն անոնց հետ համանուն: Արաբացի հինպատմիչ մը` Վրաց տոհմակից կ՚ըսէ զանոնք, ուրիշ մը սրբագրելով զնա` ոչ Վրացի այլ Հայ են կ՚ըսէ Խազիրքն իսկ Վիրք իրենց երկրին վրայ առաջին ասպատակող ազգը Խազիրք կոչեն: Մեր պատմութեան մէջ կու յիշուին ի սկիզբն Գ դարու, յորում Վոլկայի վարի կողմերը բնակէին ասոնք, եւ ուրիշ տոհմակից հզօր ազգմ՚այլ Բասիլք կամ Բարշիլք, որոց յունարէն կոչումն Վասիլի` թագաւորական նշանակէ, եւ այսպէս կարծի յոմանց թար գմանաբար կոչուած յաշխարհագրութեան Խորենացւոյն, Թագաւորական Սարմատք: Այս երկուքս` Խազիրք եւ Բասիլք միաբանեալ յամի իբր 212, անցան Կովկասու մեծ դռնէն (Ճորայ կամ Դարբանտայ) եւ Կուր գետէն աս գին այլ վազելով` կոխեցին ինչուան Հայոց սահմանները, Վնասէպ Սուրհապ անուամբ թագաւորի մը առաջնորդութեամբ, իսկ մեր թագաւրն Վաղարշ մեծ պատերազմով վռնտեց զանոնք ինչուան նոյն Կովկասայ պահակէն այլ անդին` չափազանց վրէժխնդրութեամբ, մինչեւ հալածեալքն իրենց բնիկ սահմաններուն հասնելով եւ նոր օ գնական ժողվելով` դարձան Հայոց վրայ, զՎաղարշ սպանեցին, զօրքը ցրուեցին: Խոսրով Ա որդի եւ յաջորդ Վաղարշայ` նորէն վրանին զօրք հանեց, հօրը վրէժն առաւ, եւ այնպէս վախ ձ գեց այն անվախ ազգաց վրայ` որ ստիպուեցան իրենցմէ հարիւրէն մէկ պատանդ տալ Խոսրովու, եւ նա քաջութեան յաղթանակը հոն յունարէն արձանագրելով քարերու վրայ` դարձաւ, եւ բերած գերին բնակեցուց ի Հայաստան, ուր Բասլայ ազնուականաց հետ խնամութիւն ըրին Առաւեղեանք եւ Ալանք, նոյնպէս յայլազգեաց գաղթեալք ի Հայս:
Խոսրովայ որդւոյ Տրդատայ ատենն այլ Բասիլք ուրիշ հիւսիսայնոց միաբանութեամբ յարձակեցան Կովկասէն ասդին. բայց քաջայաղթն եւ երագահասն Տրդատ` ընկաւ անոնց վրայ Ազնուանից երկրին մէջ, եւ իր որով թագաւորնին երկու կտոր ընելով` քշեց ասպատակը մինչեւ յերկիրն Հոնաց, եւ հօրը պէս անոնցմէ պատանդ եւ նիզակակից առնելով` տարաւ Պարսից վրայ: Անկէ ետեւ Բասիլը ինչուան ի Զ դար եւ այլ ետեւ` Վոլկայի եզերքը կու բնակէին, շրջակայ ազգաց եւ տոհմից տիրելով, մինչեւ հզորագոյն եւ վեհագոյն եւ իբրեւ թագաւորաց թագաւոր կու սեպուէր իրենց գլխաւորն, եւ կ՚ըսուէր` թուրքացի կոչմամբ Խաքան, կինն այլ Խաթուն: Երկու ազգն այլ գրեթէ համապատիւ էին, բայց միայն ըստ աշխարհագրին մերոյ «Թագաւորն Հիւսիսոյ էր Խաքանն, որ է Տէր Խազրաց, եւ դշխոյն թագուհի` կին Խաքանայ` ի Բասլաց ազգէն»: Խաքանին հզօրագոյն ցեղն աւելի այլ զօրացաւ եւ բռնացաւ Բասլաց վրայ` երբ Բուշխ Թուրքք` զոր նախ յիշեցի, մօտեցան իրենց. այնչափ որ ըստ հին եւ պատուական աշխարհագրին մերոյ` կու ստիպուէին Բասիլք ամրանալ ի Սեւ կղզին Վոլկայի բերանը, «ի հզօր ազգէն Խազրաց եւ Բուշխաց` ճարակելոց յելից եւ ի մտից, եկելոց անդր ի ձմերոց»:
Ե դարուն կիսէն ետեւ` (յամի իբր 462) Խագիրք իրենց բնիկ երկրէն (յՈւկորիոյ) քշուելով, այս Վոլկայի վարի կողմերը եւ ինչուան Կովկասու ստորոտը սփռեցան, արեւելքի կողմէն այլ ինչուան ի սահմանս Թուրքաց, որոց հետ շատ մերձաւորութեամբն` ի Բիւզանդացւոց կոչին Արեւելեան Թուրքք, միան գամայն եւ առ ի զանազանել յԵւրոպա անցնող եւ բնակող Կումանաց եւ Մաճառաց, զորս Արեւմտեան Թուրքք կոչեն: Մեր պատմիչք այլ ցուցընեն թէ զանազան խան կամ խաքան ունէին նոքա, բայց մեծ Խաքանն էր տէրն Խազրաց, զոր եւ կ՚անուանեն թագաւոր Հիւսիսոյ. ասկէ օ գնութիւն խնդրեց Հերակլ կայսր ընդդէմ Խոսրովու Պարսից թագաւորի եւ եկաւ իրեն օ գնական Ջեբո խաքանն` «որ երկրորդ էր թագաւորութեան թագաւորին Հիւսիսոյ», իր Շաթ կամ Չաթ որդւովն: Սա մտաւ յԱղուանս, եւ աղաչանօք կաթուղիկոսին սոցա (Վիրոյի) ար գիլեց ասպատակը:
- Ականատես ընկերն Վիրոյի` պատմիչն Մովսէս Կաղանկատուացի` շատ հետաքնին եւ կարեւոր տեղեկութիւններ կու տայ այս Խազրաց արքունեաց սովորութեան վրայ, զոր ուրիշ պատմըչի քով չես կրնար գտնել, Հայկակ: - Թէպէտ այս ան գամ ապահով թողին Խազիրք զԱղուանս, բայց յետոյ դարձեալ զանազան ան գամ յարձակեցան եւ նուաճեցին, մինչեւ հարկ եղաւ որ Է դարուն վերջերը` Աղուանք թէ ասոնց հարկաւ ըլլան թէ Արաբացւոց: Մահմէտի յաջորդքն արեւելից մէջ իրենց ամենէն զօրաւոր դիմակաց գտան զԽազիրս. եւ թէպէտ Կովկասեան լեռներն իրարմէ կու զատէին անոնց սահմանները, բայց շատ հեզ կամ մէկն կամ մէկայլն կտրելով զպահակը կամ անցնելով ի Դարբանտայ` իրարու հետ զարնուեցան, երկու կողմէն շատ արիւնհեղութեամբ եւ վնասով որոց երբեմն հաղորդ կ՚ըլլար մեր աշխարհն այլ` ամիրապետաց իշխանութեան տակ ըլլալով, կամ ստիպուելով դէմ կենալու Խազրաց ասպատակին. ինչպէս մեր Գրի գոր Մամիկոնեան խոհեմ եւ կտրիճ իշխանապետն այլ անոնց հետ կռուելով` ընկաւ պատերազմի մէջ, յամին 685 (16 օ գոստ): Վերջապէս Արաբացիք կրկին ան գամ տիրելով եւ ամրացընելով զԴարբանտ` այն կողմէն ար գիլեցին զԽազիրս: Արեւելեան կողմէն այլ ուրիշ հնարքով յաջողեցան, այսինքն նուաճելով զԹուրքս, եւ իրենց (մահմէտական) կրօնքին հաւանեցընելով, եւ իշխանութեան հասցընելով, ոչ միայն այն կողմերը, այլ եւ ինչուան Խալիփայից արքունիքը ի Պաղտատ, ուր` նախ անոնց կերպարանաց հաւնելով, յետոյ մեծամեծ պաշտօններու այլ հասուցին, մինչեւ գրեթէ բոլոր իշխանութիւնն անոնց ձեռքն անցաւ: Այս կերպով Խազիրք` որ ինչւան Կասպից հիւսիսային եւ արեւելեան ափունքը տարածուելով` իրենց անունը տուին այն ծովուն (Խազրաց ծով, ինչպէս Կովկասու հիւսիսակողմեան երկրին այլ` Խազրաց դաշտ): Ը-Ժ դարուց մէջ` ամփոփուեցան Վոլկայի վարի կողմերը, եւ առջի վայրենութիւննին թողլով` բաւականա քաղաքականութեան կար գեւ ձեւ առին: Այս բանիս մէկ պատճառն էր Բիւզանդեան կայսերաց հետ երբեմն դաշնակցիլն` թշնամութեամբ ընդ Արաբացիս, թէ եւ ոմանք այլ Թ դարուն սկիզբները (820) մահմէտական եղան` որ Արաբացւոց հաճոյ ըլլան եւ չնեղին ի Թուրքաց:
Բայց աւելի շատերն, ըստ աւանդութեամբ, այն կողմերը հին Հրէից գաղթականներէն (կամ ուրիշ պատճառաւ)` հրէական կրօնից հետեւեցան, մինչեւ պատմեն ճանապարհորդք թէ Թ-Ժ դարուց մէջ անոնց թագաւորներն Հրեայ էին. եւ շատ իշանաւոր է առ բանասէրս` Ժ դարուն կիսուն մօտ դէպք մը (եթէ իրաւ է). Անտալուսիոյ (ի Սպանիա) Արաբացի թագաւոր մ՚ունէր հրեայ պաշտօնեայ մը Ռաֆ Խաստայի անուամբ, որ թղթով հարցուց եւ տեղեկութիւն ուզեց Խազրաց թագաւորէն իրենց կրօնից եւ ծագման վրայօք, նա այլ պատասխանեց եւ իմացուց` որ Խազիրք են ի Խոզարայ` յեօթներորդ որդւոյ Թոր գոմայ, որոց առաջինն` այլ կ՚անուանէ Ակիյոր` որ է մեր Հայկն, Ըն Ծանուր, Թն Պուլղար, Ժն Սաւիր (Սաբիրք) եւ այլն, եւ կ՚ըսէ թէ Վոլկայէն գրեթէ ինչուան Դանուբ կու տիրէին: Իր նախորդաց մէկն աստուածային յայտնութեամբ ընդուներ էր հրէութիւնը, եւ ինքն ( գրողն) Յովսէփ` տասնեւչորրորդ հրեայ թագաւորն էր Խազրաց: Ուրիշ կարեւոր գիտելնք այլ կ՚աւանդէ, որ հոս յիշեալ աւելորդ կու սեպեմ, Հայկակ: Բիւզանդիոյ եւ Ռուսաց պատմութեան մէջ, որոց երկոքն այլ սահմանկցութեամբ գործեր ունեցան ասոնց հետ, ինչուան ԺԱ դարուն առաջին քառորդը կու յիշուին Խազիրք, եւ ըստ ոմանց` այն ատեն (կամ յամին 1016) Ռուսք բոլորովին նուաճեցին զԽազիրս: Ստու գիւ մէկ կողմէն Ռուսք երբեմն նեղեալք ի Խազրաց` կամաց կամաց զօրացան նաեւ տիրացան անոնց սահմանաց, մէկայլ կողմէն բուն տիրողք եւ անյիշատակ ընողք, եւ Սկիւթացի ազգաց գլխաւորութիւնը առնողք` յետ այնքան նախայիշեալ հզօր ու նետող եւ ասպատակող ժողովրդոց` եղան տոհմք Թուրքաց:
Զ
խմբագրելԹուրք ազգն որ յետ ամենայն սկիւթական ազգաց հասաւ նախիշխանութեան եւ գերազանցեց քան զամենքը, թէ ընդարձակ թէ երկարատեւ աշխարհակալութեամբ եւ թէ քաղաքակրթութեամբ, ինչպէս եւ սկզբան ըսի` ի հնուց առանձին զատ ազգմը չէր ճանչցուած, այլ շատ զատանուն ազգք կամ ցեղք միան գամայն սեպուէին, Սկիւթացի կամ Թուրք: Հին պատմըչաց կամ աշխարհագրաց մէջ` Ե դարէն առաջ այս անունս որոշ գրուած չի գտուիր, այլ մօտ կամ ծռած ծեքած հնչմամբ մը, մինչեւ անկէ գրեթէ հազար տարի առաջ Երոդոտոսի յիշած Սկիւթացւոց նախահայր Տագիտաւոն այլ` բանասէրք ճանչնան Թուրք կամ Թոր գոմ: Ըստ արեւելագիտաց` Հնդկաց հին սանս գրիտ լեզուով գրոց մէջ Թուրուքա կոչուի այս ազգս: Զ դարէն ինչուան Ժ դար` աւելի կամ պակաս ծանուցեալ եւ յիշեալ է Թուք ազգն, անկէ (Ժ դարէն) ետեւ քաջածանօթ եղած` իբրեւ աշխարհակալ ազգմը, իսկ յետ ԺԳ դարու իբրեւ առաջին եւ տիրող ազգարեւմտեան Ասիոյ: Էսել է որ այս Թուրք ազգս` աշխարհիս ամենէն հին, նշանաւոր եւ բաղդասահման ազգաց մէկն է. եւ որոն բաղդին կամ սահմանին ծայրն դեռ անծանոթ է, ինչպէս նաեւ իր իշխանութեան տակ ընկած շատ ազգաց այլ: Նման այն գետոց` որոց հեռաւոր ակունքն ծանօթ, միջին ընթացքն ծածկուած կամ անորոշ մնան. շատ մանր վտակներ` որ անոնց մէջ կու թափուին կամ անոնցմէ կ՚ելնեն` կարծոին թէ այն մեծ գետն են, եւ անոր անունը կ՚առնուն բայց ինքն գետն յետ երկար սահմաններ անցնելու` նորէն հեռու տեղ մը ի յայտ կու գայ` հզօր եւ լայն, եւ անկէ ետեւ ամենուն յայտ յանդիման յորդասահ կ՚երթայ ու կ՚երթայ:
Թուրքաց բնավայրն ուր ըլլալն ըսի առաջ եւ ինչպէս կոչուիլն, նոյնպէս յիշեցի որ Թուրքք, Խազիրք եւ Հեփթաղք ստէպ շփոթին իրարու հետ ի պատմըչաց, անոր համար թէ եւ Զ-Թ դարուց մէջ շատ հեղ յիշեն նոքա զԹուրքս, բայց չեմ գիտեր կամ չեմ ուզեր այսօր մանր պրպտել, թէ անոնցմէ ո՜րն բուն Թուրք եւ ո՞րն օտար է. հաւանականն այս է` որ ի հնուց ժամանակաց Թուրքք առանձին ցեղեր եւ ժողովուրդներ բաժնուէին, եւ զանազան խաներ եւ խաքաններ ունէին, երբեմն ինքնագլուխ, շատ հեզ մէկու մը գերագոյն իշխանութիւն ճանչնալով, որ եւ Խաքանայ խաքան կամ Մեծ Խաքան կոչուէր, երբեմն այլ բոլորն մէկտեղ ուրիշ մերձաւոր հզօր ազգի մը հարկատու կամ հպատակ սեպուէին, ինչպէս էին Խազիրք եւ Հեփթաղք, եթէ այս ետքիններս այլ չեն Թուրքի կամ Թաթարի խառնուրդ). որոց մերձաւոր են, (թէ ոչ նոյն այլ) Ճուճէնք կամ Ճուան-Ճուանք, եւ թուին Ճուճքն յիշեալք ի մերոց նախնեաց, որոց տիրեցին Թուրքի ի կէս Զ դարու:
Թուրքք իրենց միջին դարուց ատեն` (ի Զ-Ժ դարս): Ուրալ գետէն ինչուան ի Դիպէթ եւ ի բնիկ Թաթարս տարածուած սեպուին զանազան ցեղերով, որոց գլխաւորքն կամ մեզի ծանօթագոյնքն են` այս յիշեալ միջոցիս (թէ եւ ոչ ամենքն այլ մէկ ատեն), սկսեալ ի հիւսիսոյ արեւմտից` (ուսկից եւ սկսան իրենք ծանօթանալ արեւմտեայց), նախ Ուրալ գետոյն վերին կողմերը թափառող Պաշխիրք` զոր համարեցանք մեր աշխարհագրին ըսած ահաւոր Բուշխ ազգը, յետոյ նոյն գետոյն (զոր արեւելեայք Եայըք կամ Եայք կոչեն) վարի կողմերէ եւ նաեւ անոր ու Վոլկայի միջոց`Փաշէնէքք, զոր մերայինք եւ Բիւզանդացիք եւ այլք կոչեցին Պածիեկ, Պիծենակ, եւ այլն, եւ ըստ ոմանց նոյն եի ասոնց հետ կամ մերձատոհմք` Գանքարլը կոչուած Թուրքք: - Ուրալի բերնին արեւելակողմը, որ է ըսել Կազբից ծովուն հիւսիս- արեւելեան կողմը` զանազան ցեղեր պիտի ըլլան, յորոց յիշեն Արաբացիք յԹ դարու զԷտքէշ եւ Թէրքէշ: - Կազբից ծովուն եւ Արալայ ծովալճին միջոց ամենէն նշանաւոր ազգատոհմն է Ղուղ կամ Օղուղ կամ Կուզ ըսուածին, որ մերոց եւ արեւմտեայց ծանօթ է Ուղ անուամբ, որք եւ ըստ ընթացից Սիհունի` երեք տոհմ կու զատուէին, ի Վերին Միջին եւ Ստորին բնական կազմուածով քան զուրիշ տոհմակիցս իւրեանց պզտիկ կամ կարճահասակ էին, այլ ուժով երբեմն գերազանցեցին քան զամենքն: Ասոնց մերձատոհմ կամ սերունդ թուին Իւղպեքք որ մինչեւ հիմայ ծանօթ են հոն: Ընդհակառակն իրենց սահմանակիցքն ի հարաւոյ արեւելից` Գարլուքք` ամենէն մեծահասակք եւ զօրաւորք սեպուէին, միան գամայն եւ նախիշխանք, զի ասոնց էր Խաքանաց խաքանն. եւ թերեւս ասոնց խաքանն էր իշխող ութ խաքանաց` Արսիլաս անուն (Արսլան) յիշեալ ի Բիւզանդացւոց յամին 580: Ասոնց մեծ տէրութիւնն տեւեց ինչուան յԺԲ դար, յորում Չինաց գրակից Խիթան աշխարհին տէրն անկէ հալածուելով` եկաւ տիրեց այս Թուրքաստանիի կեդրոն երկրին եւ անուանեց Գարա-Խիթայի, դար մը վերջը Ճինկիզ խան նուաճեց զայս այլ:
Բուն եւ առանց ուրիշ անուան յիշեալ Թուրքաց հզօր տէրութիւնն` Զ դարուն կիսէն մինչեւ Ը դարուն կէսը քշած է, յորում նուաճեցին զանոնք` իրենց հիւսիսային արեւելակողմի բնակիչ Թուրքք: Ասոնց հիւսիսակողմը թոի Քիմաք ըսուած ցեղն Ույզուրք, խնամի, Ղուզաց, որ եւ ցարդ յիշուին: Դար մը ետեւ զասոնք այլ նուաճեցին իրենց հիւսիսային արեւելեան կողմերը բնակող եւ ինչուան հիմայ հռչակեալ Խըրղըղք, յիշեալք ի Զ դարէ, որոցմէ վար ի հարաւակողմն էին այն Դակազկայ տոհմն` որոց մայրաքաղաքը յիշեցինք Քուշան կոչեալ, որով եւ խառնուին ընդ Հեփթաղաց եւ ընդ սահմանս Դիպէթ աշխարհի:
Արդ այս ամենայն ցեղից երկրին` որ մեծաւ մասամբ անապատ է, հիմայ հիւսիսակողմը բռնած են Խըրղը գք զանազան ցեղեր բաժնուած, աւելի վերնակողմն այլ Ռուսաց Օրէնպուրկի եւ ուրիշ նահան գներուն մէջ` բնակին Խաղախք, իսկ վարի (հարաւային) կողմն է Խուտրէզմ (հանդերձ Խուար անապատիւ) եւ Պուխարայի իշխանութիւնը, արեւելակողմն այլ Թաթարաց մնացեալ իշխանութիւնը, զորս հիմայ Ռուսք կու նուաճեն եւ գրեթէ կու վերցուի Թուրքաց եւ Թաթարաց անկախ ազատութիւնը` իրենց անհուն ապատ եւ անապատ երկիրներէն:
Է
խմբագրելԴառնալով առ յիշեալ ցեղս Թուրքաց, ասոնց հեռագոյնն եւ արեւմտագոյնն Փալենէք` բնապէս առաջին ալ եղաւ ի ծանուցեալ եւ քաղաքավար աշխարհս մտնելու ի բնակելու: Թ դարուն կիսուն` արդէն ոչ միայն Վոլկագետն անցած էին այլ եւ զՏնեբեր, եւ արդէն Ազախու ծովեզերքը բռնած ինչուան Դանուբայ կողմերը տարածուէին. իրենց առջեւէն քշելով ինչուան Դանուբայ բերանը զՈւն գուր Հոնաց ցեղը, որ առաջնորդութեամբ Արբատայ` հաստատեց Մաճառաց տէրութիւնը_ բայց իրենք այլ հալածուելով յՈւյղուր ցեղէն, եւ յետոյ(894) յՈւզաց` օ գնութեամբ Խազրաց, քշոեցան ինչուան Բրութայ եւ Սերեթայ հովիտները, եւ երթալով մօտեցան Բիւզանդացւոց սահմանաց. եւ իբրեւ բաւական ուժով տէրութիւն մը` շատ հեզ անոնց դաշնակցելով` օ գնական եղան ընդդէմ այլոց Թուրքաց եւ Խազրաց եւ ուրիշ պատերազմներու մէջ, երբեմն այլ ասոնց եւ Ռուսաց հետ` զՅոյնս նեղեցին մինչեւ ԺԱ դարուն վերջերը. յորում Ուզք բոլորովին նուաճեցին զՓաշէնէքս, ինչպէս նաեւ զԽազիրս, եւ տիրեցին գրեթէ բոլոր Վոլկայի եւ Դանուբայ միջոց` դէպ ի Կովկաս եւ ի Սեւ ծով սփռելով: Յետին յիշատակ Փաշէնէքաց առ պատմիչս մեր հասնի ի սկիզբն ԺԲ դարու (1108) յորում Գող Վասիլ ասոնցմէ գունդ մը տուաւ յօ գնութիւն Պալտուինայ կոմսին Ուռհայու: Իսկ առաջին յիշատակ հզօր ցեղին Ուզաց` կ՚ընէ պատմիչն Մեսրովպ, իբրեւ ընդ այլոց սկիւթական ազգաց Հոնաց եւ Մազգթաց` Պարսից օ գնական եկած ընդդէմ Հայոց` Ձիրաւայ դաշտին մեծ ճակատամարտին մէջ, յամին 372, բայց եթէ այն ատեն չէ` յայտ է որ պատմըչին ատեն ի Ժ դարու, ծանօթ էր Ուզն, զոր յաջորդ դարուն մէջ շատ հեղ յիշէ եւ Մատթ ւռհայեցի, դեռ իբրեւ Պածինեկաց հետ նիզակակից: Ուզաց իշխանութիւնն ԺԱ եւ ԺԲ դարուց մէջ զօրացաւ եւ տիրացաւ մինչեւ ի բռնանալն Թաթարաց, եւ արեւմտեայց այլ ծանօթացաւ, թէպէտ եւ պէսպէս անուամբք, վասն զի շատք ի միջին դարու Կուման անուանեն զանոնք, ինչպէս մեր Հեթում պատմիչն այլ, որ եւ վկայէ թէ շատ սպառազէն զօրք ունէին, եւ տարածեալ տիրէին Կազբից եւ Պոնտոս ծովուց միջոց` Կովկասայ ստորոտը լայնասփիռ տափարակ երկրին, ուր եւ ի Քուպան գետոյ առին այդ անունը (կամ տուին անոր): Երկրին այդ տափակ բնութեանն համար Ռուսք անուանեցին զասոնք Բոլովեց, այսինքն դաշտային կամ դաշտաբնակ զնոյն (խոպան գետին) նշանակէ չէղադայի Թուրք լեզուաւ, Քափշաք անունն` որով կոչին սոքա եւ զոր ԺԲ-ԺԴ դարու պատմիչք մեր գրեն Ղըւշաք, Ղփչաղ, Խփչախք, եւ ստու գաբանեն ի Վրաց լեզուէ Ձոր-աման, ըստ Միխայելի Ասորւոց «զի խիւն ձոր ասի, եւ չախն աման, որպէս թէ յամանի կան ի ձորս (Կովկասայ), եւ ըստ պիտոյից հանեն ի ժամանակս ժամանակս»:
Կ՚իմացընեն այլ թէ առաջ այն երկիրն կ՚ըսուէր Դաշտ Խազրաց, ինչպէս իրենց ատեն ի Տաճկաց այլ` Տէշդի-Քըփշաք, իսկ աւելի առաջ` ըստ Ստեփանոսի Ուռպելեան կոչուէր Աշխարհ Խայլանդրաց, զոր յիշէ հին հեղինակ մեր Եղիշէ: Արդ Ուզք-Կումանք-Քափչաքք նուաճելով զԽազիրս` խառնուեցան անոնց հետ նաեւ ըստ Միխայելի` ոմանք քրիստոնեայ այլ եղան, եւ կ՚օ գնէին Հայոց եւ Վրաց: Ասոնք էին բուն մեծ եւ միջին մասն ազգին, որոց տիրեց ի կէս ԺԳ դարու Պայտու խան որդի Օխադայի որդւոց Ճինկիզ-խանի, եւ անկէ ետեւ Թաթարաց անցաւ սիւթական տիրապետութիւնն, յորոց հալածեալքն այս տեղէն` գացին իրենց արեւմտեան ցեղակից եղբարց, քով, որք Պածինեկաց տեղը բռներ էին եւ մինչեւ ի Թրակիա սփռէին, ոմանք այլ անցան գնացին ինչուան Ունկարաց երկիրը (Մաճառք) որոյ համար ասոնք այլ Կումանք կ՚ըսուէին: Իսկ մէկ մասն այլ Ուզաց` մնացեր էր միշտ իր հին բնաշխարհին մէջ յարեւելս, Խուարէզմի եւ Ճիհունի սահմանները, եւ պահէր իր հին անունը, որ ըստ աւանդութեան նոցա ծագեալ է յՕղուզայ` որդւոյ Գարա-խանի` (իբրեւ վեցերորդ ի Նոյ նահապետէ). որք եւ դարձեալ կ՚ըսեն անոր համար` թէ իր ազգականաց հետ կռուելով վասն աստուածապաշտութեան` իրեն հասակակիցները անուանեց Ույկուր, այսինքն օժանդակ, օ գնող եւ անկէ ծագեցաւ Ույկուր ցեղին անունն:
Ուզաց մէկ մասին դէպ յարեւմուտս երթալն` թուի թէ իրենց դրացի ցեղերէն նեղուելուն համար եղած է. եւ մնացեալքն հարկաւ աւելի տկարացան, եւ յԹ դարուն ուրիշ շատ ցեղից հետ Խազրաց ինքնակալութեան տակ ընկած էին:
Ը
խմբագրելԱյս ատեններս Ղուզաց գլխաւոր ցեղապետաց մէջ անուանի էր Գե գագկամ Թօքմաք, որ եւ ըստ աւանդութեան նոցա 33դ էր յԷֆրասիապայ Թուրանի (Սկիւթիոյ) հսկայ թագաւորէն, (որ հին Պարսից քաջաց դիմամարտն էր). Խազրաց բէկին կամ խաքանին այլ մեծ իշխաններէն մէկն էր, եւ կոչուէր եւս Թեմոր-Պալիղ, այսինքն Երկաթապինդ, երկաթածայր նետ կամ երկաթակապ աղեղ լաւ գուծածելուն համար, (որ ըստ մեր ոճոյ ըսելու էր հաստաղէղն կամ հաստաձի գաղեղնաւոր): Սա է նախահայր առ մեզ նախագուշակեալ կամ համբաւեալ աշխարհաւեր ՆԵՏՈՂԱՑ: Աղեղանը պէս խստասիրտ կամ մեծսիրտ ըլլալով` գժտեցաւ Խազրաց խաքանին հետ եւ կ՚ուզէր գլուխ քաշել, բայց միջնորդութեամբ բարեկամաց դարձեալ հաշտեցաւ եւ պատիւ գտաւ ի խաքանէն. որ Տէ գագայ Սէլչուկ որդին իր արքունեաց մէջ սնուցանել տուաւ. եւ երբ քիչ ատենէն Տէ գագմեռաւ` Սէլչուկ անուանեցաւ զօրավար: Սա տեսնելով որ արքունի իշխանք վրան կու նախանձին, ինքնակամ թողուց արքունիքն այլ` եւ եկաւ (յամի 956 կամ 964) Սմրղանտայ եւ Պուխարայի կողմերը, ու բնակեցաւ ի Ճանդ: Հոս մահմէտական կրօնքն ընդունելով, սկսաւ ոչ միայն պաշտպանել կրօնակիցքը` այլ եւ հալածել նեղել այլահաւատները, եւ իրեն կողմնակից շատցընել, որովք զօրացաւ եւ աթոռը հաստատեց ի Պուխարա, ուր եւ մեռաւ ԺԱ դարուն սկիզբները (ըստ ոմանց յամի 1020) 107 տարուան: Իրմէ առաջ` բերդ մը պաշարելու ատեն` մեռեր էր իր անդրանիկ որդին Միքայէլ, երկու կտրիճ թողլով, Չագըր պեկ եւ Տօղրուլ պեկ, զորս մեծցուց եւ կրթեց պապերնին: Յետ անոր մահուան` այս երկու եղբարքն միաբանք եւ միասիրտք` սկսան աշխարհակալութեան, շատ պատերազմներով հալածեցին զԱլդէկին կամ Իլէք խանն Սմրղանտայ: Ըստ վկայութեան բազմաց Մահմուտ Սապըքէտտին (Սէպէքթէկին) Ղազնէւեան սուլտանն` հրաւիրեց զանոնք Ճիհունը անցնիլ եւ Խորասանի սահմանները գալու, թէ եւ շուտով զղջացաւ` տեսնելով անոնց ուժը ոմանք այլ` (որ այնքան հաւանելի չէ) բռնի եւ գերութեամբ բերաւ կ՚ըսեն զանոնք:
Այսպէս աւանդեն եւ մեր Միքայէլ Ասորին, եւ Վաեհրամ Տի գրանայ որդին կամ Տի գրանակերտցի պատմիչ մը (առ Վարդանայ) այլ ստու գագոյն եւս Մխիթար Անեցին, որ «Յոլով աշխատ եղէ, կ՚ըսէ (առ Վարդանայ) գտանել զորպէսն սուլտանացն` որ ի Թուրքաց, եւ գտի շնորհօքն Աստուծոյ այսպէս Մահմուտն զոր ասացաք` Սպքթանայ որդի… ի գնալն յօ գնականութիւն ազգին` որոց գլխաւորն կոչիւր Խտրղան Պօղըրղան (այսինքն Գատըրխան որդի Պօղրախանի, տէր Քաշկարայ, զոր նեղէր Իլէկ խանն), ի ճանապարհին պատահէ բազմութեան ինչ Թուրքաց (Սէլչուկեանց) եւ ի դառնալն նոյն ճանապարհաւ` մեծաւ յաղթութեամբ, առեալ զամիրայն նոցա զԱփաղու (որ է Բէկ կամ Բայղու որդի Սէլչուկի) բերէ ի Խորասան եւ դնէ ի կապանս եւ ազգնորա (եղբարքն եւ եղբորորդիք) եկեալ խնդրեցին… եւ ոչ ետուն: Իսկ նոցա բարկացեալ անցին ընդ Ջահան` ամենայն բանակօքն իւրեանց, եւ զանձինս ի մահ եղեալ կռուեցան եւ յաղթեցին, եւ առին զՆշաւորն, եւ կոտորեցին զզօրս Սուլտանին ի Դազանղանն մօտ ի Մրմն…: Իսկ յառաջադէմն ի Թուրքացն` որում անուն էր Մուսէ Աղոյ (Մուսա Բէկ) Սարչուքեայ որդի, ունէր հին գեղբօրորդիս, որոց անուանքն Աբուսալիմ, Դաւութ, Չաղբբէկ, Աբուտալիփ, Տօղրիլ-բէկ, որ եւ առ զիշխանութիւն սուլտանութեանն», եւ այլն: (Ըստ վերոյ գրելոցս Չադր եւ Տողրիլ` որդիք են Միքայելի մեծ որդւոյն Սէլչու գայ):
Ոչ այս պատմիչներս (Մխիթար եւ Տի գրան) գտուին այսօր, եւ ոչ անոնցմէ հինն եւ մեծ իմաստասէր գրիչն Յովհաննէս Սակաւագ, որ նոյն բաները քննութեամբ գրեր էր, եւ որոյ քանի մը խօսքն մնացեր է (առ Սամուելի Անեցւոյ). «Ըսկիւթական ազգաց` ոչ հելլենախոհիցն այլ բարբարոսացն` եղեալ մուտ յաշխարհս, որպէս ասեն, այսպիսի պատճառաւ: Զյոլովս նուաճեալ աինս որ յայնմ ժամանակի թագաւորքն… եւ կրեալ ապա զընդդիմութիւն ի Հնդկականացն` ոչ սակաւ ժամանակս, հրաւիրեն յո գնառատ խոստմամբք պար գեւաց զխուժագուժսն ի մարտակցութիւն, եւ մարտուցեալ նոքոք ժամանակ ինչ` ընկրկէր (Մահմուտ) զապստամբն, եւ զի կամէր միւս ան գամ գումարել ի մարտ, անդրէն դառալ ար գելոյր զեկեալսն, եւ ի լինել պատաղմանն` լքանէր զկենցաղս արքայն: Իսկ Մեդացւոցն (որ թուին ըստ Մխիթ. Անեցւոյ` Մարաց Ռէ կամ Սագաւ երկրին տեարքն) եղեալ դաշնագիր ընդ օտարսն` մերժեն զՊարսիկքն, եւ գրաւեն զիշխանութիւնն, որպէս ոմանք ասեն, Սիւթացւոցն, այլ որպէս վարկանիմ, Բակարիացոցն, (եւ սոքա) բառնան զյոլովից ազանց տէրութիւնս մեծամեծ պատերազմօք անզարմաբար զամենեսին սատակելով»: Նրբախօս վարդապետս կ՚երեւի ըսել. թէ Ղազնէւան Պարսից հպատակքն` անոնցմէ ապստամբելով` յօ գնութիւն կոչեցին զՍկիւթացիս, զորս լաւ էր ըսել Բակտրիացիս, վասն զի այն հին աշխարհին կողմերը` որ է Բահլ` նախ տիրեցին այս Սկիւթացի ըսուած Թուրքքն` սերունդք Սէլչուկի զոր Սարչուկ կոչէ պատմիչս (Սարկաւագ): Ուրիշ մեր մէկ չափաբան պատմիչ մ՚այլ` (Վահրամ Րաբուն ի վերջ կոյս ԺԳ դարու) ասոնց համար կ՚աւանդէ:
Հիւսիսոյ եղեն շարժեալ
Ազգ` որ կոչմամբ` Թուրք անուանեալ,
Ի քսան ի չորս ցեղս որոշեալ
Զիշխանութիւն Տաճկաց առեալ.
Թէպէտ յաղանդ նոցին դարձեալ,
Եւ կայսեաց յաղթող գըտեալ» եւ այլն, եւ այլն:
Այսչափ բաւական սեպենք, Հայկակ, այս նոր տիրապետող Թուրք ցեղին` (Սէլչու գեանց) ծագման վրայ, ճանչնալով մեր հին հեղինակաց ոմանց կարծիքն այլ, եւ ցաւելով անոնց գրոց կորստեան կամ մեր ձեռքը չհասնելուն վրայ, որով անոնց քով չ գտածնիս` առ օտարս եւ բնիկ պատմիչս արեւելեան ազգաց փնտըռենք, մանաւանդ այն Նետողաց առաջին ասպատակին գլխաւորը եւ պատճառը, որ իմ այսքան երկայն խօսիցս եւ բարբարոս յիշատակաց պատճառ եղաւ: Ուսկի՞ց եւ որո՞յ առաջնորդութեամբ եկած էին անոնք ի տունն Սենեքերիմայ ի Վասպուրական երկիր, այսպէս կանուխ` յամին 1019 (ինչպէս որ պիտի պատմեմ քեզի ուրիշ օր մը) մինչդեռ ուրիշ եւ ոչ մէկ արեւմտեան Ասիոյ կողմ մը լսուած էր Սէլչու գեանց անունն եւ գործն:
Թ
խմբագրելՍէլչու գայ թոռներն Ճիհունէն ասդին անցած տիրապետելով` կամաց կամաց սկսան դէպ ի հարաւ յառաջել, եւ Ղազնէւեան Մահմուտի բուն սահմանաց` այսինքն Խորասանի մօտենալ, բայց դեռ ակնածելով անկէ, որ կամ իրենց բարերարն էր կամ կրնար զօրաւոր թշնամի ըլլալ: Սակայն աշխարհակալութենէ աւելի էր իրենց աւարառութեան փափագն, եւ ալ աւելի գր գռուէր` լսելով արեւմտեան աշխարհաց հարստութիւնը, զոր եւ ցանկութեամբ հեռուէն քննելով` ինչպէս որ ի բարձրէն որսը կու դիտէ բազէն, յանկարծ Նետողաց տոհմապետ բազէանոն Չագրպէկն այլ` թեւերը թօթափելով, հետը իր Թուրքերէն զատ գունդ մ՚այլ Թիւրքմէն առած, կապարճն ուսերուն վրայ ցցած, աղեղն ի ձեռին նետերն առջեւնէն թռցընելով, կտրեց անցաւ Խորասանէն յերկիրն Մարաց, անկէ այլ յԱտրպատական եւ ի Հայս: Մինչեւ ուր երթալն յայտնի չէ բայց հասած կոխած է ինչուան Յունաց ինքնակալութեան արեւելեան սահմանը, որ այն ատեն Հայաստանի մասն էր եւ յանկարծահաս մրրիկի մը պէս կարկտալով կոխած տեղը` կրցածք կորզեց խլեց, դիմացը կեցողները զարկաւ, ինչուան շատ բերդեր այլ անզգոյշ գտնելով` նուաճեց, եւ շրջան մ՚առնելով նոյն աւարառութեամբ եւ աւերածութեամբ` դարձաւ յետս իր տեղը: Մահմուտ սուլտանն լսելով անոր իր երկրէն անցնիլը` դժարեր եւ պատուիրեր էր որ դարձին բռնեն զԲազէն. բայց այն խորամանկն ծպտելով օտար փետուրներով` (վաճառականի զգեստով) անցաւ Մահմուտի սահմաններէն եւ հասաւ առ եղբայր իւր Տօղրուլ ի Պուխարա:
Ահա անշուշտ այս աւարառու Բազէին ասպատակութեան դարձին ատենն էր` քիչ մը վերջը քեզի պատմելու դէպքս Վասպուրականի մէջ յառաջին մուտն Նետողաց ի Հայս որոց ճիրաններէն փախաւ հնացեալ Արծրունի Ասուր-Հայոց (Սենեքերիմն Արծրունի) եւ աղէկ ժամուն աճապարեց: Վասն զի նոյն տարին (1021) Չադըրայ եղբայրն անուանին Տուղրիլ այլ արշաւանք մ՚ըրաւ ի Հայս, մինչեւ ի կենդրոն Այրարատեան աշխարհին` ի Դուին, թէ եւ ինքն ալ եղբօրը պէս շուտ դարձաւ եւ թերեւս անկէ աւելի ծեծուած վասն զի Բագրատունեաց սպարապետն` քաջն Վասակ Պահլաւունի (հայր Գրի գորի Մագիստրոսի) հսկայ զօրավարի մը հետ ըմբըշամարտելով` յաղթեց, սպաննեց ցրուեց բանակը, ինքն ալ յետ յաղթութեանն դարանակալի մը ձեռօք սպանուած` նահատակ սեպուեցաւ: Պատմիչն` Մ. Ուռհայեցի` այս ասպատակողքս ոչ Սէլչու գեան Թուրք` այլ Դելմիկ (Տիլէմ) կ՚անուանէ, այսինքն այն ժողովուրդն` որ Կազբից ծովուն արեւմտեան հարաւային եզերքը կու բնակէր` մօտ ի Գիլան, սահմանակից հին Կազբից Հայոց կամ Փայտակարան աշխարհի որ եւ յիրաւի առանձին թագաւորութին կան գնեց Ժ դարուն մէջ Խալիֆայից տէրութեան երկպառակութեան ատեն, սակայն Անոյ մոտ Մարմաշէն վանաց եկեղեցւոյ գեղեցիկ արձանագրութեանց մէջ` Վահրամ եղբայրն Վասակայ` կ՚ըսէ ասոր համար. «նահատակեցաւ ի Թուրքաց պատերազմի»:
Այս դիպուածէս ետեւ 20 տարւոյ չափ Թուրքք քաշուեցան յարեւմտից, զարեւելք, սեպհականելով իրենց, վերցընելով Ղազնէւեանց տէրութիւնը եւ ուրիշ մանր թագաւորներ: Տուղրիլ անուանեցաւ սուլտան (1038) յետ մահու եղբօրն` Չագըրայ, ամիրապետէն այլ առաւ պատիւ ու հաստատութիւն իշխանութեանը. ապա համարձակ դիմեց յարեւմուտս եւ աւելի համարձակ ու շատ ան գամ ի Հայս, ուր Բագրատունեաց տէրութիւնն այլ դադրեր էր: Քսան տարուան միջոց (1042-1063) գրեթէ ամեն տարի մեր աշխարհին մէկմէկ կամ նոյն կողմերը ասպատակեցին Թուրքք, եւ ահա անոնց ըրածն` լսելու ու չլսելու արժանի` ողբաբանէ Լաստիվերտցին, մաս մ՚այլ Մատթէոս Ուռհայեցի. զորս կրնաս աչքէ անցընել, եթէ սիրես դու այլ, Հայկակ, արեան ու կրակի վրայ արցունք թափել, մանաւանդ եթէ Արիստակիսի հետ հանդիպիս ի Վաղարշաւան (1044), յԱրզնի եւ ի Թլխում (1046), ի Բասեն (1048-1050), յԱրծն (1049), ի Կարս (1053), ի Հարք (1055), յՕկոմի (1056), ի Բերկրի եւ յԱրճէշ (1054), ի Դ Հայս եւ Տայս (1054-1057) ի Միջագետս Հայոց (1057), ի Կամախ եւ Մելտենի (1058), ի Սեբաստիա (1060), ի Պաղին եւ Թլխում (1063). եւ այլն, եւ այլն: Կրնաս երբեմն այլ սրբել աչքերդ, տեսնելով ամուր քաղաքաց (Անոյ, Կարնոյ եւ Մանազկերտի) ընդդիմանալն Թուրքաց. եւս առաւել լեռնորդ Սասնեցոց արիաբար կռուիլն ի Տարօն եւ անկից հալածելն զթշնամին (1058): Սակայն այլ աւելի պիտի դառնացընեն զքեզգործք Տուղրիլի եղբօրորդւոյն եւ յաջորդին. այն ահեղ առիւծուն (Էրի-Արսլան) որ ութ ինն տարուան մէջ (1064-72) թերեւս հօրեղբօրը 20 կամ 30 տարուան մէջ ըրածները գերազանցեց չարաչար:
Անի` չքնաղագեղ քաղաքն քաղաքաց Հայոց` իբրեւ անճար սպանդ սրախողխող եղաւ, ըստ Պատմըչին. ոչ Մանազկերտ` որ իբրեւ քսան տարի առաջ դիմացեր էր երկար պաշարման եւ Տուղրիլի ամեն բռնաքար բաբաններուն, կրցաւ Ալփարսքանայ դէմ կենալ, եւ ոչ Հայոց եւ Յունաց միաբանեալ գունդքն` անոր աշխարհաւեր բանակին դէմ: Կայսրն Կոստանդին Դիոժեն` իբրեւ հինն Վաղերիանոս ի Շապհոյ` բռնուեցաւ որս ընկաւ ճիրանաց առիւծանուն Սէլչուկին, որ մռնչելով չորս կողմ կու յարձըկէր եւ աշխարհիս աւերը փութացընէր, եթէ իր անկարծ եւ չարաչար մահն այլ չփութար (1072), մանաւանդ անկէ ետքը իր որդւոյն Մէլիք Շահին խաղաղասէր թագաւորութիւնն (1072-1092). վասն զի առ թէ եւ հօրը փափագը կատարեց` աշխարհակալելով մինչեւ ցեղը ովկիանու, (այսինքն Միջերկրական ծովուն Ասորւոց), եւ մխեց հոն իր արեամբ կրակած սուրը, սակայն դարձուց ի պատեանը, եւ բռնաբար նուաճելոց` հայրաբար տիրապետեց:
Այս Ալփ-Արսլանայ գործոց յարմարի կամ յարմարեալ է Ներսիսեան ըսուած գուշակութիւնն, որ եւ թուականաւ այլ ըսէ թէ «Յարիցեն ազգն այն Նետողաց … իբրեւ լնուցու 700 ամաց ժամանակ (յետ մահուան Ս. Ներսիսի) … յարեւելից աշխարհէն, բուռն կազմութեամբ ժիր եւ քաջ առն եւ ձիոյ, սուսեր թեւաւոր ընդ մէջ ածեալ … : Եւ նոքա բարեկամութեամբ եւ ապականութեամբ աւերեսցեն զերկիր լրիւ իւրով եւ սանձահարեսցեն զամենայն զարեւելք եւ զհիւսիս եւ զհարաւ եւ զարեւմուտք, մինչեւ ի ծովն Յունաց, եւ զգեղեցիկ նաւահան գիստն. կոտորեսցեն զհազարս եւ զբիւրս, եւ զաթոռս թագաւորաց յերկիր կործանեսցեն. եւ ի նոցանէ դողասցեն ամենայն երկիր. զի ի Տեառնէ ուղղին գնացք նոցա ի վրէժխնդրութիւն աշխարհի ամբարշտելոց: Որպէս արծուի երագաթիւ սլասցին ճեպով ընդ երկիր, զի Տէր կոչեաց զնոսա յարեւելից ի ծագաց արե գականն եւ քաղաքը մի' փակեսցին առաջի նոցա, եւ նետիւք սպառեսցեն զերկիր. արբուցանեն զնետս իւրեանց յարիւնս ամենայն ազգաց հեռաւորաց եւ մերձաւորաց: Իսկ նեղիչք քրիստոնէից ազգն արեւելեան լիագիրկք եւ պնդաձի գք նետողաց` ոչ քաղցիցեն եւ ոչ ծարաւեսցեն եւ ոչ խորշակահարք եղիցին վասն բերկրելոյ սրտից իւրեանց եւ յաջողութեան գործոց իւրեանց: Այլ ասպատակեսցեն ընդ երկիր. եւ ընթասցեն որպէս կարապետք նեռինն». եւ այլն: Յայտնագոյն եւս նշանօք յիշէ կարծեցեալ գուշակութիւնն զՏուղրիլ եւ զԱլփարսլան. «Բարկացեալ սրտմտութեամբ Տէր … յարուցանէր յարեւելից կողմանէ … Խորասանայ` թագաւոր այլադէմ եւ այլալեզու, անուն նորա Սուր եւ թեթեւ եւ զգաստ … ահեղատես եւ զարմանալի, ժպիրհ եւ սէ գեւ լիրբ եւ երկայնահեր. (եւ այլն).: Եւ զկնի առաջին թագաւորին այնորիկ`զոր յայտ արարաք, նստցի ի նոյն ազգէն նորին անուամբ երկրորդ թագաւորն, ի նոյն յաթոռ յարեւելից` որ առաւելու չարեօք քան զառաջինն, սերմն ժանդ եւ որդի դառնութեան. նա բարձցէ զքահանայապետութեան եւ զթագաւորութեան աթոռ ի Հայաստան աշխարհէ. խոտորեսցի յաջ եւ յահեակ, եւ կերիցէ զմարմին բազկի իւրոյ, եւ ոչ յագեսցի, այլ ինքն իւր ազգատոհմին ոչ խնայեսցէ. եւ է գազան սաստիկ եւ յափշտակող յայտնեալ, եւ արագաթեւ արծուի օրինակեալ զնա. եւ ունելով զբաժակ դառնութեան` արբուսցէ զամենայն հասակ մարդկան: Նա ըմբռնեսցէ զոմն ի թագաւորացն Յունաց ի սահմանս Հայոց, մեծաւ յաղթութեամբ. (եւ այլն) … Եւ յետ այս բռնակալաց, … նստցի այր խաղաղարար … (Մէլիք շահ) եւ խնամակալու քիրիստոնէից, բարեհամբաւ բարետեսակ»: եւ այլն:
Այս կարկատեալ մար գարէութիւններէն աւելի ազդու են մեզի մեր ժամանակակից պատմչին (Լաստիվարտցոյն) զրոյցքն ողբաձայնք. «Ո՞ր անդունդք անհնարինք քան զԹուրքաստան կամ զեզերս երկրի խորագոյն է, յորս մեր գերիքն հեռացեալ կորեան»…: Ուրիշ մերձաւոր մ՚այլ ժամանակաւ կ՚ըսէ. «Ազգք Թուրքաց տիրեցին աշխարհի ի ծովէն արեւելից (Կազբից) մինչեւ ցծովն արեւմտից, եւ ոչ մնաց ի նոցանէ մինչեւ ցքարանձաւ մի` որ ոչ մատնեաց Աստուած ի ձեռս նոցա». եւ այլն:
Ահա այս ատեն Նետողաց նետերէն փախչելով բազմութիւնք Հայոց իբրեւ յաւիտենական մնաս բարով մը ըսին հայրենեաց եւ անոր սահմանաց, եւ հեռացան մինչեւ ի միջավայրս Եւրոպիոյ, ի Լեհաստան, եւ այլն:
Յետ մահուան Մէլիք շահի` Սէլչուկեանց իշխանութիւնն իրեք չորս ճիւղ բաժնուեցաւ. գլխաւորն էր սուլտանն Պարսից` որ եւ տիրէր մեր աշխարհաց. երկրորդն` Սէլչուկեանց նախ բնակած տեղերուն վրայ կ՚իշխէր, այսինքն Խուարէզմի, երրորդն եղաւ սուլտանն Իկոնիոնի, այսինքն Ղօնեայ, եւ ամենէն աւելի երկարատեւ եղաւ, գրեթէ մինչեւ ի վերջ ԺԳ դարու, եւ դրակից ըլլալով Ռուբինեան թագաւորաց մերոց` իրարու հետ շատ գործ ունեցան. չորրորդն` սուլտանք Հալէպի եւ Դամասկոսի. որոց ի կէս ԺԳ դարու (1260) տիրեցին ԹԱԹԱՐՔ:
Ժ
խմբագրելԱյս ազգս (Թաթար) յետին եղաւ սկիւթական ասպատակողաց, միան գամայն եւ ամենէն հեռու հասնող, ամենէն հզօր կամ վայրագ, կամ լաւ եւս ըսել` ամենէն աւելի Նետող, այնպէս որ մերայինք ասոր սեփականած են այդ կոչումը, Ազգն Նետողաց. եւ Ներսիսեան գուշակութիւնք ասոնց վրայ խօսին յետ Սէլչուկեանց: Թուրքաց ցեղակից եւ ի Թուրքաստանէ ելեալ դէպ ի յարեւելս ծաւալեալ եւ շատ տոհմեր բաժնուած էին Թաթարք, որոց առաջին նահապետն կամ գաղթականի առաջնորդն` անծանօթ է. բազմաթիւ տոհմից գլխաւորներէն մէկն էր Մուղալ (Մոնկոլ ըստ Եւրոպացոց), որ եւ հին Պարթեւաց պէս վարատական կամ փախստեայ կու նշանակէ. ուսկից յառաջ եկաւ աշխարհիս ամենէն աւերածու եւ բռնակալաց մէկն կամ առաջինն, Ճինկիզխան. որոյ արիւնագիծ պատմութիւնն մեր այսօրուան տեսարանէն դուրս թողունք. ԺԲ դարուն վերջերը իշխանութիւնը ձեռք առած` սկսաւ աշխարհակալութեան ի չորս կողմն, եւ տիրեց ի Չինաց մինչեւ ի Կիւլիկիա. ի հիւսիսոյ արեւմտից այլ մինչեւ ի Ղրիմ, մինչեւ ի Ռուսս եւ ի Լեհս, իր նմանաբարոյ որդւովք եւ թոռամբք. նուաճելով եւ ջնջելով Պարսից եւ Խուարէզմի Սէլչուկները, որոց յետինն էր Ճէլալէտտին սուլտան: Ասոր բաժինը ժառան գեց Հուլաղու խան (1258), թոռն Ճինկիզայ. իր սերունդքն պայազատեցին տիրելով մեր աշխարհին եւ արեւմտից` դար մը ժամանակ. յետ որոց արիւնկզակն Լէնկթիմուր գլուխ եղաւ նոր պայազատութեան, որ տեւեց մինչեւ ցվերջ ԺԵ դարու. յորում (1499) Շահ Իսմայէլ Սէֆեան` Պարսից նոր թագաւորութիւնը հաստատեց եւ Նետողաց բռնութիւնը վերջացաւ:
ԺԱ Բայց բուն անոնց տէրութեան յաջորդ եղաւ դարձեալ Թուրք տոհմ մը, որ մինչեւ ցարդ կու մնայ մեծատարած իշխանութեամբ, բայց եւ քաղաքական օրինօք: Այս Թուրք տոհմս ծագեալ ի հզօր Ուղուզ Թուրքաց, զոր նախ տեսանք, կոչէր Գայիխանլը, թերեւս յանուն Գայի-խանի որդւոյ Թուրք-խանի` թոռին Յաբեթի նահապետի, ըստ աւանդութեան նոցա: Այս Գայի խանէն յորդւոց յորդիս ցեղաբանելով` յիսներորդ կ՚ըլլայ Սիւլեյման շահ, որ կու տիրէր իր տոհմին` ի Մահան քաղաքի ի կողմանս Մէրուայ, ուր եկեր էին իր նախահարքն Սէլչու գայ հետ` իրենց խոր աշխարհէն: Երբ Ճինկիզխան հալածեց զՃէլալէտտին` Սիւլէյման նախապատիւ եղաւ Խուարէզմի կողմի իշխանաց մէջ, բայց Թաթարաց ոտնակոխ չըլլալու համար` փախաւ չուեց բազմութեամբ իրեն հաւանելոցն, եկաւ նախ բնակեցաւ յաշխարհն մեր ի Հայաստան, ի կողմանս Խլաթայ, ուր շատ դարերէ ի վեր մահմէտական տէրութիւն մը հաստատուած էր. բայց Թաթարաց վախէն` անկէց ալ հեռացաւ անցաւ յարեւմտեան Հայս, յիշխանութիւն Իկոնիոնի Սէլչուկեան սուլտանին` Ալայէտտին Քէյքապատայ, որ մարդասիրապէս ընդունեցաւ եւ տեղ տուաւ անոր ի սահմանս մեր հին Եկեղեաց գաւառին (Երզնկա) անկից եկաւ ի Ջահան գաւառ (Մարաշ): Յետ մահուան նորա` իր Էրդօղրուլ որդին նորէն դարձաւ ի Մեծ Հայս` ի Բասեն գաւառ, յետոյ դարձեալ ի Փոքր Հայս եւ ի Փ. Ասիա. ուսկից իր որդին Օսման` նախապետ համանուն մեծիշխան թագաւորաց, եւ իր որդիքն` չորս կողմի տիրելով, եւ աւելի դէպ յարեւմուտք երթալով` յետ դարու կիսոյ հասան առին եւ դրին իրենց աշխարհակալ իշխանութեան աթոռը` աշխարհիս ամենէն հզօր մեծ եւ գեղեցիկ քաղաքին մէջ, ի Կոստանդնուպօլիս, զոր կոչեցին եւ կոչեն Ստամպօլ մինչեւ հիմայ:
Հոս հին Աբարիսի նետն իր վաղուց կորուսած կապարճը գտաւ, մտաւ: Պայազատք պայազատաց Նետողաց` նոր զէնքերով իրենց ահը եւ զօրութիւնը հին աշխարհիս իրեք մասանց մէջ այլ տարածելով, (ուր մինչեւ հիմայ այլ կու տիրեն), երբ աշխարհակալութեանց եզերքն սահմանեցան, ի քաղաքական կրթութիւնս դարձուցին իրենց ընթացքը, ըստ եւրոպական հրահան գեայ ազգաց, եւ դեռ այս անծայր ասպարիզին մէջ կու կշռեն քայլերնին: Աշխարհիս խաղաղութեան եւ խռովութեան մէկ բաղդաշարժ քուէն` այս սկիւթական Թուրք տոհմին տրուած կ՚երեւի ի հնուց մինչեւ հիմայ, եւ գուցէ մինչեւ ի հեռագոյն եւ յանծանօթ երբս ժամանակի ինչպէս ուրիշ մեծազօր քուէ մ՚այլ` անոնց հին դրակից եւ մեծ մասին տիրող սարմատական Ռուս տոհմին:
ԻԸ. Առաջին ասպատակ Նետողաց ի Հայս
խմբագրել1 Յունիս 1019
Ա
խմբագրելԺԱՄԱՆԵՑԻՆ մեզ աւուրք չարչարանաց, եւ գտին զմեզ նեղութիւնը անհնարինք… Ազգք ատարածնաց սօտարացուցին զմեզ ի բնակութենէս մերմէ. եւ դարձան փառք մեր յապականութիւն…
Յաջորդք ի յաջորդաց փոխանակեցին, եւ նուազեաց արդիւն արծարծիշ շնչոյ կենդանութեան, հաստատունք յաշխարհի ի պանդխտութեան իւրեանց պանդխտեցան երկրորդ ան գամ, եւ եղեն վտարանդիք ի ձեռանէ պանդխտաց ապստամբաց, ի սիրելեաց քակտեալք, զորս ոչ սուր սատակեաց, ցրուեցան զօրէն աստեղաց մոլորական կոչեցելոց…Բարձան ուրախութիւնք յերկրէ. լռեցին ձայնք քնարաց, լռեցին բոմբիւնք թմբկաց, բարձրացան աղաղակք լալեաց»:
Այս ի՞նչ ցաւագին ձայներ, ի՞նչ ակամայ գերութիւնք եւ կամաւոր օտարութիւնք. ի՞նչ տրտմառիթ լռութիւնք քնարաց եւ թմբկաց: - Եւ ո՞վ մեզի այսօր, Հայկակ, մեր հայրենի քնարաց եւ թմբկաց ջախջախանքը գուժէ, եւ լռութիւնը հռչակէ: - Ականատես վկայ մը, հայրենակէզ հո գի մը, զգայուն եւ խոցեալ սիրտ մը, փափուը եւ մաքուր գրիչ մը. մէկ հատիկ մնացեալ ձայն ողբարկու եւ պատմիչ ժամանակին` ի մէջ մեր պատմըչաց Ժ եւ ԺԲ դարուց, միակ մնացեալ շաղկապ պատմիչ ԺԱ դարու Արիստակէս Լաստիվարտցի, որ համառօտէ զյիշատակ «անցիցն անցելոց ի յայլասեռն ազգաց` որ շուրջ զմեօք են, ընդ աշխարհս Հայոց»: Մէկ մարդու կենաց ժամանակի չափ է իր պատմութեան միջոցն, 72 տարի սկսեալ ի 1001 թուոյ, յորում տեսնելու կամ չտեսնելու ծանր ծանր դիպուածք հանդիպեցան իր եւ մեր աշխարհին մէջ. - մեծամեծ եւ պժ գալի փոփոխութիւնը, որոց ականատես ականջալուր եւ կարեկից ըլլալով միակ մխիթարանք այրած եւ անշէջ սրտին գտաւ` տեսածը եւ կրածը գրչին, եւ անով` յետնոց աւանդել:
Բայց որչափ որ եղածքն մեծամեծ եւ ծանր ըլլան, մարդ իր սրտովը կու կշռէ կու զգայ, եւ այսով իր զգացումն աւելի մեծ կ՚ըլլայ. գոնէ մեր Լաստիվերացոյն համար այսպէս եղած է. անոր համար եղածէն աւելի զգացածը կու նկարագրէ ընդարձակ տեսարանը` իբրեւ իր սրտին հայելւոյն մէջ բովանդակելով կու ցուցընէ. - աւելի ողբասացութիւն քան պատմաբանութիւն. - զոր եւ ինքնին շատ ան գամ խոստովանի, եւ ուրիշ պատմըչի կարօտ կու սեպէ դիպուածքը: Իսկ ես, կ՚ըսէ, գրեցի «ոչ լիով, այլ միայն զսկիզբն իրացն որ եղեւ եւ անց ընդ մեզ»: Դժբաղդաբար ինչուան հիմայ մենք այլ իրեն հետ «կարօտացաք հին ժամանակագրացն պատմութեան, զի ըստ պատշաճի եւ յարմարական բանիւք դրոշմեսցեն… զանցելոցն զհանդիպումն անսխալապէս որ ինչ եղեն»: Ոչ ոք իր ատեն կամ յետոյ մանրամասն գրեր է այն բաները, մանաւանդ թէ գրեր` եւ մեզի չէ հասեր, որով պատմասէրք թերեւս ի զուր մեղադրեն զԱրիստակէս` փոխանակ իրաց` մեզի լաց աւանդելուն համար:
Սակայն ո՞վ կրնայ իրաւամբք մեղադրել այնպիսի սիրտ մը` այնպիսի վշտաշատ տեսարանաց մէջ պաշարեալ. «ի չորից կողմանց` յարեւելից սուր, յարեւմտից սպանումն, ի հիւսիսոյ հուր եւ ի հարաւոյ մահ», սիրտ մը` որ երբեմն տեսաւ իր ազգու հայրենիքը` բար գաւաճանաց եւ պանծալի փառաց եւ ուժոյ մէջ, իբրեւ ի գեղեցիկ առաւօտու եւ յերիտասարդական հասակի, եւ ապա տեսաւ յանկարծ երեկոյացեալ եւ ծերացեալ, խաւարեալ եւ օրհասական: - Տեսաւ, ինչպէս ինքն կ՚ըսէ. «Չորք աթոռք թագաւորութեան ունէր Հայք, թող թէ զկիւրապաղատին (Տայոց) իշխանութիւն եւ զոր ի Հոռոմոց». ամենքն այլ իշխաններով, գունագոյն դրօշներով եւ զինուորութեամբք զարդարեալ եւ զւարճացեալ. եւ յետոյ ամենքն այլ մէկմէկու ետեւէ քակեալ քանդեալ քայքայեալ, պանդխտեալ յօտար աշխարհս. տեսաւ Հայոց քահանայապետական աթոռը, «հայրապետութիւն մեծ եւ նախանձելի ամենայն ազգաց». իր ամենէն մեծ փառաւորութեան եւ եկեղեցական բազմութեան մէջ (Պետոս Գետադարձ ճոխասէր կաթողիկոսի ատեն), եւ յետոյ զնա այլ` իր յաջորդներն այլ` անտեղի եւ անհան գիստ թափառել յօտարաց երկրի եւ բռնութեան. - տեսաւ անապատները ծաղկեալ միանձանց բազմութեամբ, եւ յետոյ թագաւորանիստ քաղաքներն ան գամ անապատացեալ յիշխանաց եւ ի զօրականաց. - տեսա զՀայաստան յղփացեալ հարստութեամբ վաճառականութեան եւ երկրագործութեան, բաւական ժամանակ աշխարհին հանդարտ մնալովը, եւ յետոյ` գանձեր բաժնողներն ան գամ մուրացկան կամ բարբարական պտըտիլ. - տեսաւ Հայաստանի յետին պարծանաց պսակ` հազարտաճարեան Անին` կրկին ան գամ մատնեալ, անկեալ յօտար եւ բարբարոս ձեռս, եւ արեամբ ողողեալ. - տեսաւ իւր սեփական հայրենեաց պանծալի քաղաքը (Արծն)_ եւ իր ընտանի ծննդեան գեղաւանը (Լաստիվարտ) սրով եւ կրակով այնպէս մաշած, որ մէկուն հազիւ աւերակաց հետքը եւ սեւ անունը կու մնայ (Գարա Արզ) յետ 800 տարուան, մէկայլին` ոչ հետքը եւ ոչ անունը. մինչեւ թէ եւ ուզեմք այլ ըստ խրատու պատմըչին, չեմք կրնար զթողեալն պատմել ի նմանէ` յաւերակացն ուսանել: - Տեսաւ իր համազգիները, նաեւ իր աստիճանակիցները, անասուններէ աւելի անար գեւ խշխշալի կերպով մորթուած եւ մորթեզերծ եղած` նորատեսիլ վայրենի ասպատակաց ձեռքով… Այսպիսեաց ականատեսի մը սրտաշարժ քան մտագատ գրիչը, ես չեմ կրնար մեղադրել. մանաւանդ որ իր յստակ վայլչաբանութեան, ազնիւ զգացմամբք եւ նկարագրութեամբք, եւ իր իսկատիպ ոճովն` ոչ միայն նորօրինակ եւ աննմանակ պատմիչ մ՚է մեր, այլ թերեւս յետ մեր ոսկեղէն դարուն պատմըչաց` քան զամեն ուրիշներն աւելի համբոյր եւ է սիրելի ընթերցողաց: - Եւ ահա սա ինքն է որ այնպէս անսովոր կամ մար գարէախօս իմն ոճով ըրած է իր պատմութեան նախաբանը, զոր եւ ես քեզ նախաբանեցի: Հայկակ, եւ յորում` դեռ ախորժեմ եւ կարծեմ լսել Լաստիվարտցոյն ակնարկած լռեալ քնարաց յետին արձագան գը. եւ անթոպ թմբկաց թաքուցեալ բոմբիւնքը… Ով կու յիշէ` կու լսէ. ով որ կ՚ապրի` կու յիշէ. թէ հարկ է ապրիլ` հարկ է եւ յիշել եւ լսել, գոնէ անծերանալի յիշատակօք` լսել այն թմբըլկի Բոմբիւնը, առանց որոյ չկեան եւ չկան հայրենիք: …
Բ
խմբագրելԲայց ի՞նչ թմբուկ հայրենի, եւ ի՞նչ տաւիղ վայրենի, որ մէկզմէկ կու ջանային խափանել այն ատեն: - Սկիւթիոյ անապատին բարբարոսաց սրտակտուր ասպտօպայն` որ մեր աշխարհին հիմերը թնդացուց, դեռ ամենանուազ բզզիւն մը սեպուէր այն տիեզերադղորդ փողոյն ձայնէն առաջ, զոր զարհուրեալ նախնիք մեր համարէին տարուէ տարի լսել. եւ ոչ մեր նախնիք միայն, այլ գրեթէ ամեն քրիստոնեայք յարեւելս եւ յարեւմուտս` մեծ տագնապի մէջ էին այն ատեն. երբ ի գալստենէ Քրիստոսի Տեառն մերոյ հազար տարի նոր անցեր էր: Ի հնուց կարծիք էր շատ հաւատացելոց` թէ անկէ ետեւ աշխարհիս վախճան պիտի ըլլայ: Յայտնութեան գրոց մէջ ըսուածն` թէ «կապեաց զսատանայ հազար ամ» լցուած ըլլալով` նորէն պիտի արձակի սատանայ եւ բռնանայ չարութեամբք ի վերայ երկրի, անծանոթ ազգեր ի ծագաց երկրի պիտի վազեն ի վերայ քաղաքացեալ ազգաց, եւ որով ու աւերմամբ ջնջեն. եւ ի ժամանակի անդ բռնութեան բարբարոսաց, Նեռին եւ սատանայի` գայ պիտի Քրիստոս Աստուած, դադրեցընելու զժամանակ եւ զծնունդս ժամանակի, եւ երկիրս աւեր պիտի դառնայ: Ըստ բամաց կարծեաց ոչ ի ծննդենէն Քրիստոսի այլ ի խաչելութենէն կու համրուէր հազար ամն, եւ ահա մեր պատմըչին այլ կենաց ծաղկած ատենն էր այս ժամանակս. որ եւ առանց յայտնի երկար բանիւ այս ահաւոր ըլլալիքը յիշելու (զի եւ չեղաւ այլ) դարձեալ նոյն տարին կու սեպէ մեր աշխարհին չարեաց դուռը, մանաւանդ որ արե գական խաւարում մ՚այլ հանդիպեցաւ ուրբաթ օր մը` նոյն տարին (1033). «զոր տեսեալ բազումք ի գիտնոց` կարծեցին գոլ զծնունդ Նեռինն` զօրն զայն, կամ մեծամեծ չարեաց գուշակ. որ եղեւ իսկ յաւուրս մեր, յորս պատմութիւն բանիս առաջնորդեալ տանի զմեզ, զոր տեսաք աչօք մերովք զաստուածասաստ հարուածսն», եւ այլն: Նաեւ պատմութեան վերջաբանին մէջ այլ կրկնէ, «զի յայնմհետէ զոր յառաջագոյն ասացի, յորում թուական Հայոց ՆՁԲ (1033) էր, մինչեւ ցայժմ` ուխտ սրբութեան եւ կար գք եկեղեցեաց քայքայեալ ապականեցան. եւ ոչ համբաւ խաղաղութեան կամ աւետիս բարեաց լուաք, եւ ոչ մի արձան յաղթութեան կան գնեցաւ, ոչ թագաւորաց եւ ոչ իշխանաց»: Ուրիշ պատմիչ մը համարձակ այլ կու զրուցէ այն տարւոյն համար, թէ «Արձակեցաւ սատանայ ի կապանաց խաչելութեանն Քրիստոսի»:
Իսկ մերս` ուրիշ նշան կամ դիպուած մ՚այլ կու տայ այն հանդերձեալ մեծ ըլլալիքին. Երուսաղէմի կործանման ատեն հանդիպածին պէս կ՚ըսէ ի Հայաստան այլ մէկ անծանոթ մարդ մ՚երեւցաւ նոյն ատենները, որ արեւելեան գաւառներէն գալով` դէպի յարեւմուտք կ՚երթար, Վանայ ծովուն հիւսիսային եզերեքներէն մինչեւ յԵրզնկա` անդադար կանչելով. Եղու՜կ զիս, եղու՜կ զիս. (վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ). - կու հարցընէին թէ ո՞վ ես, ուստի՞ կու գաս, ինչու՞ կ՚ըսես. ուրիշ պատասխան չէր տար, բայց նոյն եղուկը, մինչեւ ոմանք (զորս անմիտ կոչէ պատմիչն) խելաթափ սեպեցին զնա. «Բայց իմաստունքն ասէին, այդ եղուկդ ամենայն երկրի լինելոց է»:
Այսպիսի դիպուածներ` եթէ շատ կամ աւելի կերպով մերազգեաց եւ մանաւանդ թագաւորաց եւ իշխանաց միտքը շփոթեցին ու սրտերնին վախցուցին, առանձին ազգային աւանդութիւն մ՚այլ ունէին պատճառ. այն էր` իրենց նախնեաց անիրաւ գործերը, եւ անոնց համար ժամանակին սուրբ եւ ընտիր անձանց յանդիմանութիւնը եւ սպառնալիքը. մանաւանդ Ս. մեծին Ներսիսի: Սա նախատեսութեամբ գուշակեր էր Հայոց գլուխը գալիքը, եւ վերջի ժամանակներ ըլլալու բաները` աշխարհիս կատարածին մօտերը. նաեւ Նետողք ազգի մը արշաւանքն ի Հայս, եւ բոլոր աշխարհս տակն ու վրայ ընել եւ ժողովուրդը ցրուելը: Զայս կու յիշեն իր վարուց գրիչք, նա եւ ուրիշ պատմիչք այլ ԺԱ դարէն ետեւ, իր վարքը երկարօրէն գրողն Մեսրոպ Երէցն այլ ի Ժ դարու` այնպիսի խօսքեր կ՚աւանդէ Սրբոյն, սակայն իր գրոց հնագոյն օրինակաց մէջ (որչափ հանդիպեր եմ), չկան այն որոշակի խօսքերը` զոր յետին օրինակաց մէջ կարդամք` Սէլչուկեան եւ Թաթար Նետողաց վրայ. եւ յայտնի է որ յետոյ աւելցուած են. կէս մը այս (ԺԱ) եւ յաջորդ (ԺԲ) դարուն մէջ, կէս մ՚այլ յետ արշաւանաց Թաթարաց ի սկիզբն ԺԳ դարու, սրբոյն Ներսիսի ընդհանուր խօսքերը մասնաւորելով եւ յարմարցընելով Տուղրիլեանց եւ Ճինկիզեանց: Սակայն ստոյ գէ որ հասարակ եղած էր այն Ս. Հայրապետին սպառնալեաց վախն. եւ երբ այսպիսի նշաններ տեսնէին` մէկէն անոր խօսքերուն կատարուիլը կարծէին:
Այսպէս ըրին նաեւ ժամանակին թագաւորք եւ ազգային գլխաւորքն, Յովհաննէս–Սմբատ Բագրատունին, որ Յովհան Կոզեռն վարդապետին ձեռքով քննել տուաւ եւ նոյն կարծեաց վրայ հաստատեցաւ. եւ Սենեքերիմ Արծրունեաց թագաւորն` որ շատոնց նոյն վախին մէջ էր, եւ իրեն համար Քրիստոսի 1000 թուականէն սկսած էր: Առաջին նետ Նետողաց իրեն դիպաւ: Զարմանքն այս է որ մեր պատմիչն` միայն տեղ մը անցողաբար եւ լռելեայն կու յիշէ այն դիպուածը` որ իր յետագայ ողբոց նախասկիզբն պատճառն է, եւ պատմութեան պէտքն այլ կու պահանջէր յիշելը: Կ՚երեւի որ բաւական տեղեկութիւն չունէր Հայաստանի սահմանածայրը եղած բաներուն, նոյն իսկ Արծրունեաց մէջ, բայց դիպուածին տարին ստոյ գկու յիշէ, 1022 ին հանդիպած բան մը պատմելու ատեն. «երկու կամ երեք ամօք յառաջ գործեցաւ», կ՚ըսէ Սենեքերիմայ հասած վտան գն. որ է 1019 ամն Քրիստոսի:
Գ
խմբագրելՄինչդեռ ի բաւական խաղաղութեան եւ շինութեան էր աշխարհնիս եւ սահմանակիցքն այլ, անակնկալ ատեն եւ կողմէ նոր եւ անծանոթ ասպատակ մը սփռեցաւ Հայաստանի հարաւային արեւելեան ծայրը, ի Վասպուրական աշխարհ, որոյ իշխան եւ թագաւոր էր Սենեքերիմ Արծրունի, հասակաւ, պատուով եւ խելօք յառաջացեալ, սիրելի Վասլի կայսեր եւ պատկառելի իշխանաց Հայոց: Այնպէս անկարծ, աննման, անշնորհք եւ ան գութ երեւցաւ այն խուժադուժ ազգն անօրինաց, որ ոչ այսչափ միայն կ՚ըսէ պատմիչն, այլ եւ կարծէ թէ «օձք թեւաւորք հասին եւ կամէին ցոլանալ ընդ ամենայն աշխարհ հաւատացելոց. այս առաջին ելն արիւնարբու գազանացն»: Տարակոյս չկայ որ մեծ շփոթ եւ սարսափ ձ գեցին թէ խաղաղաբնակ ժողովրդեան (որոց շէնքերը եւ վարուցանը կոխէին եւ կողոպտէին), թէ իշխանական եւ զինուորական դասուց, որք ոչ միայն անպատրաստ էին, այլ եւ «չէին բնաւ տեսեալ (այնպիսի) զօրք հեծելոց… այլակերպ, աղեղնաւորս եւ հերարձակս իբրեւ զկանայս. եւ յայնժամ զօրքն Հայոց չէին սովոր պատրաստ լինել ընդդէմ նետիցն». կամ ինչպէս ուրիշ եւ գրեթէ ժամանակակից պատմիչ մը կ՚ըսէ. «Նոքա ունելով զբնութիւն արիւնարբու գազանի, զի են ազգք ահաւոր տեսլեամբ. զի տեսիլ դիմաց նոցա զարհուրեցուցանէ զտեսողսն եւ ահաբեկ առնէ, եւ բնակութիւն նոցա ի լերինս եւ ի դաշտս եւ յանապատս, որպէս զվայրենի գազանաց. եւ են չաղղակերք որպէս զգազանս. ոչ պատուեն զմեծամեծս, ոչ խնայեն յալիս եւ ի հարկիս ծերոցն, ոչ ողորմին երիտասարդին եւ տղայոյն, ոչ խնայեն ի մանկութիւն ումեք, ազգչար եւ դառնացող»:
Այլազգեաց նետերն ի Վան եւ յՈստան չհասած` Սենեքերիմայ եւ իր եղբօր Դերենկայ զօրքերն խմբեցան ելան զանոնք յետ դարձընելու, առաջնորդ ունելով զՇապուհ` ծեր եւ փորձ սպարապետն Արծրունեաց, որ բբանակ եւ պատերազմ վարելը իրեն խաղ ըրեր էր ի մանկութենէ. եւ սակայն հոս դժուարին եւ նոր խաղ մը տեսաւ. անճոռնի հերարձակ հեծեալք, եւ մանաւանդ լայնաձի գհեռաձի գաղեղաց նետեր, որ առջի բերան չէին թողուր Հայոց` իրենց մօտենալ ան գամ: … Ո՜հ. եւ Հայք էին երբեմն աղեղնաւորք, այլ եւ քաջաձի գարք աղեղանց, որոց ազգահայրն ինքնին համարուի հնարող աղեղան յետ ջրհեղեղին, Հայկն հսկայ. եւ որոց զինուորութեան սեփական նշան իսկ` աղեղն եւ կապարճն էր. զոր եւ ինչուան հիմայ կու տեսնեմք իրենց հետ կռուող Հռոմայեցի կայսերաց դրամոց վրայ: Բայց երբ այս Փռիւ գացի գաղթականն` (Հռոմայեցիք) հին Ասքանազայ սերունդն կամ մերձաւորն` Լատիոնի տիրելով` կամաց կամաց բոլոր Իտալիոյ, Յունաց, Փոքր Ասիոյ այլ տիրեց, իր աշխարհակալութեան գրեթէ յետին սահման ընելով մեր աշխարհը, հսկայակերպ Հայաստանի ուսէն վերուց անոր պարծանաց եւ ուժոյ զարդ` հարուստ կապարճը: Հայաստան ոչ այնքան կողոպտուելով թողուց իր կորովի բազկաց խաղալիկ կամարը (աղեղը), որքան ընտրութեամբ փոխեց զայն` աւելի յարմար զինուց հետ, մօտէն կռուելու մօտեցող դիմամարտից դէմ: Ինչուան այն ատեն` հիւսիսային եւ արեւելից ասպատակաց դէմ` անոնց գործածած զէնքով կ՚ընդդիմանար հեռաձի գաղեղամբ. անկէ ետեւ տեսաւ որ արեւմուտքէն է իր գլխաւոր դիմակացն. Լուկուլ, Պոմպէոս, Կեսար, եւ Կրասոս սովրեցուցին իրեն նոր օրէնք կռուելու` սրով եւ փքնաւ: Յետոյ Բիւզանդացոց դաշնակցելով կամ հետեւելով` անոնց զինուորութեան օրէնքն եւ կերպերն առին Հայք, առանց բոլորովին թողու իրենց նախնական եւ հայրենի թռչուն զէնքերը. սակայն քիչ գործածէին, եւ այն այլ` աւելի լեռնաբնակք կամ ընդդէմ լեռնաբնակաց:
Դ
խմբագրելԱրդ հիմայ այս նորատեսիլ Նետողաց հարուածներէն` նախ տագնապեցան մերայինք, յետոյ խիզախելով ուժով յարձակեցան հասան այլազգեաց այլանդակ բանակին. եւ սուր բանեցընելով` առատ արիւն հանեցին: Եթէ դաշտին վրայ ընկնողաց բազմագոյնն ի Հայոց, այն յանկարծահաս եւ հեռաձի գնետերէն` որոց դէմ չէր կրնար Շապուհ ուզածին պէս իր կտրիճները քշել եւ քաշել. մանաւանդ որ իրեն ար գելք կ՚ըլլար մէկ նետ մը, կամ այն նետից նպատակ մէկ գլուխ մը, որ իր գլխէն այլ բարձր եւ թանկ էր, թէ եւ ոչ իրեն պէս խոհական եւ փորձ. աւելի տաք արիւնոտ եւ լի եռանդեամբ եւ յանդ գնութեամբ: Սա էր թագաժառան գն Արծրունեաց Դաւիթ. անդրանիկ ի մէջ չորս կտրիճ որդւոց Սենեքերիմայ: Հասակին եւ աստիճանին դրդումն, հօրը պատիւն եւ սէրն, եւ քաջութեան գինովցուցիչ մոլութիւնն գրեթէ աչքերը գոցեր էին ընդդէմ վտան գաց, եւ բացեր միայն ի խնդիր վրիժուց եւ փառաց խնուսիկ կամ արաբիկ երիվարին վրայ թռչըտելով` սանձը թողած, միայն սուրբ մերկ վզերու եւ լայնչի երեսներու վրայ իջեցընելով` կու բանար ահեղ եւ վտան գաւոր ճամբայ մը, թէ եւ անվախ քաջութեամբ, թշնամեաց խառնակ գնդերուն մէջ. ուր` յիրաւի չէին կրնար ասոնք դիւրաւ նետ բանեցընել իրենց ճակտին եւ կռնըկին հասնող կտրըճին վրայ. բայց նա այլ չէր կրնար երկար ատեն ողջ կամ անխոց մնալ: Շապուհ շուարած` իր զօրաց կար գը եւ թշնամեաց անկար գութիւնն այլ մոռնալվ` Դաւթի վրայ հո գալով կու կանչէր. «Թագաւոր, ետ դարձիր, այս իմ եւ քու տեսած սովորական պատերազմը չէ. նոր ու յանկարծահաս զէնքեր են. այս անիծեալ նետերուն դէմ բաւական պատսպարութիւն չունի մեր զօրքն, եւ ահա մեծ մասն վիրավորած է: Մի այդպէս շատ առաջ նետուիր. ե'տ դարձիր թագաւոր. յիշէ որ հօրդ պատասխան պիտի տանք կամ դու կամ ես… Թող այս ան գամ պահ մը յետ քաշուինք, նետերուն դէմ դնելու զրահ հագնինք, եւ այնպէս քշենք դագազանները»: Քանի ան գամ այլ այսպէս յորդորեց ետ կանչեց, թիկնապահ հասուց, Դաւթի աչքը արիւնով լեցուած` ականջներն աղեղանց կաշիներուն շկահիւնէն խլցած` յամառած չէր ուզեր յետ դառնալ, ինչուան որ թշնամիներուն երեսը իր երկրին սահմանէն չդարձրնէ: Երբ տեսաւ Շապուհ` որ այլ ոչ խօսելու ատեն կայ ոչ մտիկ ընել տալու, ինքն այլ իր սպարապետութեան եւ մանաւանդ դայեկութեան իրաւամբք (վասն զի Դաւթի եւ անոր եղբարց դաստիարակ եւ կրթողն էր, եւ իր գրկաց մէջ զգուեր էր անոնց մանկութիւնը), յառաջ քշեց ձին, հասաւ արքայորդւոյն եւ անոր թիկնալայն կռնակին կունտ կոփ մը տալով` ձիուն գլուխը բռնի դարձուց, քշեց իր զօրաց բազմութեան կողմը. բոլոր բանակն այլ կամաց կամաց յետ յետ քաշելով, հանեց յայտնի վտան գէն, արիութեան եւ խոհեմութեան պարտքերը միատեղ կատարելով, որովհետեւ Նետողքն այլ իրենց կողմէն յետ դարձան կորան. զորս հարկ ըլլայ մեզի յետոյ փնտռել:
Սենեքերիմ եղածը իմանալով` մէկ կողմանէ շնորհակալ եղաւ Աստուծոյ եւ իր կտրիճներուն, բաւական փառօք դառնալնուն վրայ. մէկայլ կողմէն մտածեց` որ եթէ թշնամք այլ յամառէին կամ նորէն ետ դառնային, երկար ատեն անոնց դէմ դնելու ոյժ չունի, մանաւանդ թէ յոյս չունի, եւ այս անյուսութեան գլխաւոր պատճառն այլ մեր նախայիշեալ ներսիսեան գուշակութիւնն էր` Նետողաց յարձակման վրայօք: Բոլոր օրը տարակուսանօք անցընելէն ետեւ, գիշերը (կ՚ըսէ պատմիչն) հասարակաց քնոյ եւ լռութեան ատեն` ինքն իր աշխարհին եւ տանը հո գովը տքուն` գրքեր իջուց եւ քննեց Ս. Ներսիսի խօսքերը, եւ տարին արմար գտաւ. արդէն սատանայն արձակուած էր ըստ կարծեց նոցա: Այն գիշեր ծեր եւ երկարահո գթագաւորին մէն մինակ իր տէրութեան սահմանը եւ բաղդը փոխեց, երկիրը թողլով` ժողովրդեան գոնէ մէկ մասը ազատել եւ յապահովել յանձն առաւ: Արեւելեան այլազգի ազգաց եւ տարոէ տարի ելած նորանոր տէրութեանց դէմ դնելու զօրաւոր տէրութիւն` միայն Յունաց ինքնակալութիւնն կրնար ըլլալ այն ատեն, որ արդէն իսկ եօթն հարիւր տարի ստէպ կռուեր էր ընդդէմ Պարսից եւ Արաբացւոց: Ատենին Բիւզանդիոյ կայսրն էր մեծն եւ խոհեմ Վասիլ, որ շատ տարի առաջ (1004) Վրաց եւ Հայոց սահմանները կոխեր էր. եւ այն ատեն նախատեսութեամբ իմն Սենեքերիմ մեծարանաց դեսպան խաւրելով անոր դաշնադրութիւն ըրեր էր հետը, հիմայ այլ անոր վրայ վստահանալով` իրեն ճար գտաւ: Յետին ճար - երկիրը թողուլ Յունաց կայսեր, եւ ասոր տէրութեան մէջ երկիր մ՚առնուլ, եւ հոն փոխադրուիլ իր արքունեօք եւ զօրականօք եւ ժողովրդենէն գաղթիլ յանձն առողներով: Ղրկեց իր տաք գլուխ անդրանիկը ի Կ. Պօլիս, առ Վասիլ կայսր, ուրիշ 400 ազնուականներով, 1000 ձիաւորով եւ իր երկրին տէր Եղիշէ արքեպիսկոպոսով, 300 ջորւոյ բեռ այլ ընծաներով, զորս ընդունելով Վասիլ` կայսերաբար պատուեց իր պատուողները, ընծայողները` ընծայեց, եւ երկրի փոխանակութեան դաշնադրութիւնն այլ կնքելով` դարձուց պատ գամաւորները:
Հետեւեալ տարին (1021) ելաւ ծեր թագաւորն` անուանակիր եւ պայազատ հին Ասորեստանի մեծ Սենեքերիմ թագաւորին, տոհմապետն Արծրունեաց եւ Սասնեցոց, իր ըանտանեօք եւ ազգականաց մէկ մասամբ, բազմութեամբ իշխանաց եւ պաշտօնէից եւ 14, 000 հեծելովք կամ կտրիճ մարդով, որոց հետ ի հարկէ այր եւ կին, մեծ եւ փոքր հն գապատիկ աւելի բազմութիւն այլ պիտի ըլլար, գոցէ բոլորն իբրեւ 100, 000 հո գի, թողլու հին հայրենեաց հողը եւ նոր հայրենիք հիմնելու յերկիր օտար, եթէ հնար է այս:
… Շատ հեղ անկէ ետեւ այսպիսի գաղթականներ գնացին ի մեր բնիկ աշխարհէն` յօտար աշխարհը, ուր եւ ցարդ բնակին իբրեւ յիւրեանց աշխարհի. սակայն թերեւս ոչ մի գաղթական անոր պէս հանդարտ եւ հանգիստ կերպով գնաց. ուրիշներն աւելի ստիպմամբ եւ արտօրնոք, ասիկայ ակելի մտածութեամբ եւ հաշուով: Բայց հանդերձ այսու` ոչինչ պակաս ողորմելի: - Թողուլ սկզբնական հողը, հազարամեայ շէնքեր եւ տուներ, հարց եւ նախնեաց կերպ կերպ յիշատակներ, եկեղեցիներ եւ գերեզմաններ. - մեծամեծ չարեաց սպառնացեալ վախով` երթալ յանծանօթ երկիր. նոր լեռներ եւ դաշտեր. - անծանոթ կամ օտար ազգաց մէջ բնակիլ եւ խառնուիլ. - իբրեւ յաւիտենական մնաս բարով մ՚ըսելով այն ամենայն բանի` զոր բովանդակէ անունն Հայրենիք… Ապա չեմ տարակուսիր որ շատ սրտառուչ եղած պիտի ըլլայ այս Արծրունեաց գաղթումն եւ բաժնուիլն իրենց հին եւ բազմայիշատակ տեղէն. - շատ դառն եղած պիտի ըլլայ նոյն ինքն գաղթողաց գլուխ Սենեքերիմ թագաւորին, թողուլն իր հոյակապ գագկաշէն պապական Ոստանայ արքունիքը, Աղթամարայ դղեակը, Վանայ բերդերը, եւ մանաւանդ հարց գերեզմանն, իւր դաստակերտ եւ կամ զարդարած հռչակաւոր Վանքն Վարագայ. ուր եւ յետին մխիթար պանդխտից եւ օտարացելոց, նաեւ յետ գաղթականութեանն` ուզեց (եւ բաղդ ունեցաւ) որ մարմինն թաղուի, եւ իր նախնեաց հետ ննջէ անոնց հասարակաց բարձին վրայ. թողլով ունայն գերեզման մը ի Ս. Նշան Սեբաստիոյ, զոր ընտրեր էր իրեն երկրորդ Վարագ. եւ հոն դնելով Վարագայ մեծահռչակ սուրբ Խաչը, զոր հետը բերեր էր, եւ յանուն նորին կոչեց նորաշէն եւ մինչեւ ցայժմ անուանի վանքն այլ Ս. Նշան, մօտ ի քաղաքն Սեբաստիոյ: Սեբաստիա` որ երբեմն գլխաւոր քաղաք էր Բ Հայոց նահան գին, հիմայ այլ եղաւ մայրաքաղաք եւ աթոռ Սենեքերիմայ նոր թագաւորութեան. որոյ սահմանքը որոշ գծած չէ մեզի պատմութիւնն. այլ կ՚ըսէ թէ Սեբաստիոյ հետ տրուեցան Արծրունեաց` Լառիսա եւ Ապարա? քաղաքք եւ շատ գեղեր, որք չէին հաւասարեր ոչ շատութեամբ եւ ոչ հարստութեամբ` իրենց թողած տեղւոյն. որ էր Վանայ ծովուն չորս բոլոր երկիրն. ուր միայն ծովուն եզերքը կամ մօտ` տասն քաղաքք կային, զոր եւ թուեն Յայսմաւուրք մեր. Վան, Արտամէտ, Ոստան, Հողց, Խիզան, Խլաթ, Մանազկերտ, Արծկէ, Արճէշ, Բերկրի. եւ ասոնցմէ օրերով ճամբայ հեռու սահմանք` մինչեւ ի Ջուլամերկ ընդ հարաւ, Սալամաստ ընդ արեւելս, եւ Երասխ գետ ընդ հիւսիս. ուր այն քաղաքաց հետ թողուց Սենեքերիմ առ Յոյնս « գեւղս 4400 լայնանիստ եւ արդիւնաւորս», եւ 70 կամ 72 բերդ: Միայն իրեն եւ իր ժողովրդեան, եւ իրենց նախնեաց անմահ արդեանց անմահ յիշատակ պահեց եւ չօտարացուց` հազարէն աւելի վանքեր, կամ ըստ ոմանց 200 փոքր աննշան վանքերը թողլով` 115 մեծ եւ հռչակաւորներ` իբրեւ սեփական կալուած կնքեց իրեն, իր եւ առաջնոց տուրքերովը դարմանելու. որպէս զի վանականքն այլ` իբրեւ հաւատարիմ պահապանք սրբազան հայրենի գերեզմանաց եւ յիշատակաց` աղօթեն վասն հեռաւորաց եւ մերձաւորաց, վասն հանգուցելոց եւ հանգիստ փնտըռող պանդխտելոց:
Այս նոր օրինակ գաղթը եւ մանաւանդ անոր պատճառն` կ՚երեւի թէ մեծապէս ազդեցին Սենեքերիմայ թագակցաց, որոց գլխաւորն էր Շահնշահն Հայոց Յովհաննէս – Սմբատ թագաւորն Բագրատունեաց. որ` երբ նոյն գաղթին տարին Վասիլ կայսր երկրորդ ան գամ եկաւ ի Հայաստան, իրեն ընդ առաջ ղրկեց զկաթուղիկոսն Պետրոս, եւ ասոր ձեռքով գաղտ կտակ ընել տուաւ, յետ իր մահուանը կայսեր թողլու իր թագաւորական քաղաքը` Անի, եւ բոլոր իր վիճակը. զոր եւ կատարեց ու կնքեց կաթուղիկոսն: Հետեւանքն յայտնի է. - յետ 23 տարւոյ (1045) Սմբատայ տարաբաղդ յաջորդն` եղբօրորդին Գագիկ` ստիպուեցաւ թողլու իր թագաւորաբնակ աշխարհը, եւ Սենեքերիմեանց սահմաններուն քովերը պանդըխտութեան տեղ առնուլ: Ոչ յետ շատ ժամանակի` իր անուանակից Վանանդայ թագաւորն այլ նոյնպէս ըրաւ. թողուց Յունաց զԿարս, եւ առաւ երկիր մը մէկալոնց մօտ: Քիչ ատենէն ուրիշ թագաւորազունք եւ մեծամեծ իշխաններ այլ, ինչուան արեւելեան Արցախոյ եւ հարաւային Սասնոյ ամուր երկիրներէն` գաղթական եկան, վերոյիշեալ թագաւորաց սահմաններուն հարաւակողմը, Փռիւ գիոյ եւ Կիւլիկիոյ տաւրոսական լերանց մէջ իրենց նոր հայրենեաց բոյնը հաստատելու, շատ դժուարութեամբ եւ աշխատանօք: Սակայն այս ետքիններս` իշխանազունք եւ սոսկականք` աւելի բաղդաւոր եղան. վասն զի թէ եւ ջանքով` սակայն կոխած տեղերնին հաստատ բռնեցին եւ տիրացան. մինչդեռ երեք թագաւորքն այլ իրենց սերունդներովն` գրեթէ հազիւ 50 կամ 60 տարիէն անհետացան, թէ' իրենց եւ Յունաց հակառակութեամբն, եւ թէ' զիրենք իրենց հայրենիքէն նետահալած ընող բարբարոսաց` այն նոր հայրենեաց երկիրներուն այլ տիրելով կամ անհան գիստ ընելովն…:
Հիմայ թէ ոչ մխիթարական` գոնէ հետաքրքրական է այս աշխարհավրդով Նետողաց հետամուտ ըլլալն պատմական քննութեամբ, թողլով այսօր մեր անոնցմէ նետահարեալ հայրենեաց եւ փառազուրկ իշխանաց շէնքերը: Եւ եթէ այս ցաւառիթ տեսարանէս աւելի ցանկալի մը չէ անոնց չարեաց առիթը քննելն այլ, սակայն պատմական տեսութեան մէջ` մեծ եւ կարեւոր դէպք է Նետողաց արշաւանքն, որ ոչ միայն մեր աշխարհը այլ եւ ուրիշ շատ աշխարհաց յեղափոխութիւն բերին, եւ թերեւս ինչուան այս օրս այլ կարեւոր կամ գլխաւոր կերպարանք մը կու տան քաղաքավարութեան ազգաց արեւելից, մասամբ իմն նաեւ արեւմտեայց: Ասոր համար էր որ պատմեցի քեզի, Հայկակ, այդ Նետողաց սկիզբը եւ ասպատակն ի Հայս:
ԻԹ. Խուլ Խաչիկ
խմբագրել1042
Ա
խմբագրելՉԱՐՀԱՄԱՐՀԵՆՔ պակասաւոր կամ նուաստ անուն մը, Հայկակ. զի ոչ անուամբն` այլ գործովն է մարդ. լաւն ու քաջն միշտ հռչակեալ են իրենց լուռ գործովն իսկ. անոնց գործոց չ գիտցողքն են խուլ, թէ եւ ակամայ: Ո՜րքան ծանրացեալ եւ խլացեալ են մեր ականջքն այլ մեր հարց ու նախնեաց գովանի գործոց հռչակներէն, չունենալով` ոչ Լիւիոս մը երկարօրէն պերճաբար ազգին պատմութիւնը ճառող, ոչ Պլուտարք մը նշանաւոր մարդկան վարքը դատողութեամբ գրող, եւ ոչ ան գամ արաբիկ գիշերախօս վիպասան մը. եւ «սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոց յիշատակի»: Այլ նորէն եւ միշտ հարկ է մեզի դառնալ եւ շնորհակալ ըլլալ` մեր թէ' հմտաբան եւ թէ հարեւանցիկ, թէ' ոճով եւ թէ անոճ պատմագրաց այլ. որ այն բազում արութեանց գործերէն գոնէ զոմանս աւանդեր են գրով, եւ ժամանակին այլ` որ խնայեր եւ այս չափս մեզի հասուցեր է. զոր կրնամք դեռ հաճութեամբ պատմել եւ լսել, գուցէ երբեմն աւելազանցութեամբ այլ: - Այն հռչակելի գործերէն եւ հանդեսներէն մէկն այլ` այս դեռ ոչ շատ ծանօթ` հին Խաչկայ եւ իր որդւոցն ըրածն է.
Խաչկայ Խուլ կոչման պատճառն ինծի անծանօթ է, եւ ոչ այլ գտնեմ երկու ժամանակագրաց մէջ, որք մէկմէկէ առած յիշեն իր դէպքը. Մատթէոս Ուռհայեցի եւ Սմբատ Գունդստապլ. առաջինն` գեղեցիկ եւ հաճոյ կոչում եւ ցեղ մը կ՚ընծայէ Խաչկայ կտրիճ ոճով մը, յԱռիւծ ջոկէ. իբր թէ` նա որ ազգաւ Արծրունի էր կամ յիշխանաց Արծրունեաց տէրութեան, ցեղով կամ անձամբ` արժան էր առիւծ կոչուիլ. զոր անոր բնիկ մականուն կարծէ նոր պատմահայր մեր, ինչպէս նաեւ վերոկար գեալ մականունն այլ: Իսկ իր բուն անունն Խաչիկ` իրմէ դար եւ աւելի առաջ կրէր եւ Արծրունեաց դիւցազնն` Գագիկ Ա, նախասկիզբն թագաւորաց Արծրունեաց, իբրեւ մկրտութեան անուն. որոյ հետ անոր բարձր եւ հզօր սիրտն այլ կրէր այս Խաչիկս, որ տեսաւ Արծրունեաց թագաւորութեան վերջանալն` անձամբ եւ կամօք Սենեքերիմայ` թոռին եղբօր Գագկայ, ինչպէս պատմեցի քեզ յամսասկիզբն յունիսի:
Այս բռնաբեր եւ մեծ դիպուածս` որ Արծրունեաց գրեթէ երկհազարեան հին եւ պանծալի տոհմին խորտակումն բերաւ, տոհմապետ պայազատը վտարելով յօտարութիւն, դառն հարուած էր ամենայն մեծասիրտ տոհմակցաց կամ հպատակաց այն ցեղին` որ դար ու կէս Բագրատունեաց հետ թագակապ բարձրագլուխ նազէր Հայոց ամեն տոհմից եւ իշխանաց մէջ: Այս հարուածը սաստկագոյն զգացողաց մէկն էր Խաչիկ` Սենեքերիմայ տէրութեան իշխանացմէ, տէր Վասպուրականի հին Թոռնեւան գաւառին, որ մօտ է Երասխ գետոյ եւ Նախճաւան եւ Գողթն գաւառներու. յորում անուանի եւ անշուշտ իշխանանիստ այլ էր ամուր բերդն Նկան, ուր շատ հեղ վտան գի ատեն կ՚ապաւինէին տեարքն Արծրունեաց, եւ որ հիմայ անուամբն լռած` կարծուի ըլլայ Չորս անուանեալ բերդին տեղն, այն որ մեր պատմութեան դիպուածէն ետեւ` ուրիշ աւանի մը (Հացիւն) անուամբ` Հարցիւնեաց դաշտ կամ երկիր կոչուէր:
Յետ հեռանալուն Սենեքերիմայ մինչեւ ի Սեբաստիա` Խաչիկ իր Թոռնեւան գաւառին մէջ մնաց այն սակաւաւոր իշխանաց հետ, որք աւելի ընտրեցին իրենց հայրենի հողուն վրայ կենալ կռուիլ ու մեռնիլ, քան օտարութեան յաջող կամ անյաջող բաղդը փորձել: Անշուշտ Խաչիկ տեսած` բայց չէր զարհուրած առաջին Նետողաց սլաքներէն, եւ կու վստահէր իրեն եւ Շապուհ սպարապետին նմաններու հետ` անոնց դէմ ելնելու, եթէ թագաւորն հաւանէր մնալ իր տեղը: Բայց երբ նա բազմութեամբ իշխանաց եւ զօրաց հեռանալով` երկիրը բաց թողուց թշնամեաց առջին, եւ երբ ըստ դաշնադրութեանն` Յոյնք եկան տիրեցին թագաւորական ամրոցաց, եւ անարի Վասիլ Ար գիւրաս կատեպան եկաւ կայսեր կողմանէ, Խաչիկ դառնացեալ եւ զզուեալ` քաշուեցաւ իր գաւառը իր բերդը, կիսախոց առիւծու պէս մռնչելով ման գալով մտածելով ու դիտելով:
Յոյնք իրենց անծանօթ երկրին եւ անստոյ գժամանակին յարմար կառավարիչ չ գտնելով` անդադար կու փոփոխէին ղրկած կուսակալնին ի Վասպուրական. այսպէս այն արծաթազօծ Ար գիւր Վասիլը չկարենալով նուաճել զաշխարհը` յետ կանչուեցաւ, եւ տեղն ուրիշ ղրկուեցաւ. անկէ ետք այլ (1023) Նիկեփոր Կոմինաս կամ Կոմիանոսն, որ չափազանց գործոնեայ գտուելով` ինչուան կայսերութեան այլ փափագեցաւ, անոր համար կուրութեան վարձք առաւ (1027), եւ տեղը եկաւ (1028) ներքինին Նիկիտոմ. յետոյ Կաւասիլաս եւ այլ աննշանք. մինչեւ եկաւ արժանաւոր եւ կտրիճ անձ մը, այն ատենի Յունաց առաջին զօրավարն Գէոր գՄանիակ, Գուդելի որդի, եւ կողմնակալ Եդեսիոյ. բայց նոյն իսկ իր քաջութիւնն զրկեց մեր աշխարհը իր փառօք վարչութենէն, զինքն այլ իր պատուէն. վասն զի Յոյնք նեղեալք յԱրաբացւոց Ափրիկոյ` որ ի Սիկիլիա վազէին, քիչ ատենէն յետ կանչեցին զՄանիակ:
Այս ատեն Յունաց կայսր էր վատանշանն Միքայէլ Մ. Պափլագոնացին, որ սպաննելով իր նախորդ Ռոմանոս կայսրը` արիւնլուայ թագը յափշտակեր էր, եւ անոր հետ Հայոց թագին այլ նախանձելով կու սպասէր. վասն զի մեր այլ կէս իմաստուն կէս անիմաստ Յովհաննէս թագաւորն` Անի մայրաքաղաքին եւ իր թագին գերութեան գիրը տուած էր Յունաց կայսեր, զոր Ռոմանոս վեհանձնութեամբ եւ արդարամտութեամբ ուզեց յետ դարձընել. բայց անարժան չերիցու մը ագահութեամբ` նորէն անցաւ այս անարժան (Միխայէլ) կայսեր ձեռքը, որ բոլոր կեանքը անպատուութեամբ անցընելով` ուզեց գոնէ մահը պատուական երեւցընել. այն այլ թերեւս մեր հեռաւոր Խաչիկ իշխանին անակնկալ գործակցութեամբ: - Այս կայսր էր որ զՄանիակ խաւրեց (1035) կուսակալ Արծրունեաց երկրին, եւ նոյն տարին յետ կանչեց` ու նաւախմբով ղրկեց ի Սիկիլիա. պատուիրելով որ հետը բերէ իր կուսակալութեան մէջ գտուող կտրիճներէն այլ:
Հաւանօրէն այս առթով (թէ ոչ աւելի առաջ Խաչիկ` որ արդէն տարիքն առած էր, կամայ կամ ակամայ խաւրեց ի Կ. Պօլիս` իր երկու առջինեկ կտրիճները` Հասան եւ Ճնճղուկ` ի դուռն կայսեր, որ զինուորական կար գի եւ պատուոյ մէջ յառաջանան, եւ թերեւս օր մը լի փառօք եւ իշխանութեամբ դառնան, փոխանակ օտար յոյն կուսակալաց` իրենք իշխեն եւ վերակացու ըլլան իրենց հայրենի գաւառաց. ինչպէս որ յիրաւի ոչ շատ ժամանակ ետեւ` (1051) դրուեցաւ այլ Վասպուրականի Հայ կուսակալ եւ դուքս մը, մեծանունն եւ իմաստունն Գրի գոր Մագիստրոս: Ըստ յուսոյ հօրն իւրեանց եւ պատւոյ Հայ անուան` Հասան եւ Ճնճղուկ յաջող եւ քաջ գտնուելով` յառաջադէմ եղան կայսեր քով եւ սիրելիք. եւ թերեւս սոյն այս ճ գնող Ճնճղուկն է խորհրդակից եւ օ գնական կայսերն, որոյ հետն էր Բուլղարաց պատերազմին մէջ, ուր միայն կրցաւ արութիւն մը ցուցնել Միքայէլ, եւ յետ որոյ դառնալով ի Կ. Պօլիս, խրատուք Ճնճղկան` զոր Կողմաս Ծինծուլուկ կոչեն Յոյնք, մտաւ իր շինած Անարծաթից վանքը, եւ հոն 1041 տարւոյն վերջը կնքեց խղճապարտ կեանքը:
Բ
խմբագրելԽաչիկ ի բացակայութեան երկու կտրիճներուն` կարօտը կ՚առնուր իր վերջին կորիւնովը, ծերութեան յետին ծաղկովը, զոր թերեւս երկրորդ հարսանեաց կողաբոյր մը ընծայեր էր իրեն. կայտառ եւ սիրունակ մանչ մը, որ այս ատեն տասնուհին գտարուան դալարութեան հետ` աւելի մեծ հասակի զար գացմամբ, ուժով եւ այրական կերպարանօք փայլելով` հօրը սիրտը եւ յոյսը կը պարարէր: Շատ հեղ հօրը ծալլած ծնկներուն վրայ նստած` լսեր էր իր պապերուն քաջագործութիւնները, Թուրքաց առջին արշաւանքը, եւ իրենց տոհմային (Արծրունեաց) թագաւորութեան խեղճ վտարանդութիւնը. որուն հետ բաղդատելով անոր կան գնումն ի ձեռն մեծո գւոյն Գագկայ, եւ անոր նախնեաց այլ քաջութիւնները, զոր դար մ՚առաջ Թովմաս վարդապետն գրեր էր, տղուն պայծառ արիւնն երագելով լայնալանջ կուրծքէն` նոր կարմիր մը կու տար երեսաց. մանաւանդ երբ հայրն` կամ շրջագայութեան ատեն` սարէ մը ցուցընէր ինչուան հեռաւոր հորիզոնին եզերքը` Արարատեան եւ Կորճայից լերանց արծաթ գագաթ սարերը եւ արեւափառ սառնամանիքը, ուր որ իրենց թագաւորութեան սահմաններն տարածուէին: Անշուշտ` տարւոյն աղէկ եւ յարմար եղանակին` Խաչիկ կ՚առնուր իր Իշխանիկը (վասն զի այսպէս կ՚անուանէր իր վերջինեկն), կու հանէր ի հով եւ ի դաշտ, կու վարժեցընէր որսոց եւ զինուց` որք երթալով կու ծանրանային իր բազկացը, ոչ այնքան ծերութենէն` որքան երկար ատեն ի գործ չածելէն, եւ արդէն իր հայրենի սուսերք ու սլաքքն` ժամանակին ժան գոտ համն առեր էին. կապարճք իրենց աշխոյժ նետերն ար գելած պահուէին եւ կմրաձեւ վահանքն անկոփ ան գործ մնային. բայց եթէ երբեմն մաքրէին սրբուէին, կամ Խաչիկ եւ Իշխանիկ զբօսաբար իբրեւ քնարի զարնելով զանոնք հնչեցնէին նիզակի ծայրով: … Ո՜րքան նուազ, խառնակ, աննշան հնչիւն. սակայն ինչե՞ր չէր լսեր անկէ Խուլ Խաչիկն. ի՞նչ արձագան գք թնդային իր դեռ արծաթածամ ալեաց տակ այլ` չպաղած գլխուն մէջ, իբրեւ ընդարձակ գո գաւոր սրահի մը մէջ: - Մարդուս ամենէն ուշ ծերացողն սիրտն է. Խաչկայ սիրտն ժրութեամբ` արեան եւ քրտանց մէջ սնած` հասակին եւ բաղդին հետ կռուէր հակառակէր, յառիւծ ջոկէ էր. եւ թէպէտ բռնադատեալ ար գելեալ յորսոյ եւ յարենէ, բայց անար գել սիրտն երբեմն էր մնացեալ ան գործ ուժովը կու մնչէր ու մռնչէր, երբեմն այլ անցեալ ուժոյն եւ կենաց վրայ հաչէր հառաչէր: «Քանզի էր այր քաջ եւ յաղթող պատերազմող, բայց ծերացեալ էր` եւ թողեալ զգործ պատերազմին, եւ հառաչելով ապաշաւէր», կ՚ըսէ պատմիչն:
Տարեաց տկարութեան եւ սրտի սաստկութեան պատերազմն շատ զօրաւոր կ՚ըլլայ եռանդուն բնաւորութեան եւ գործունեայ պատերազմական անձանց մէջ. մանաւանդ եթէ այն կենաց խոնարհման ատեն իրենց վրայ ազդեցութիւն ընող դէպքեր այլ պատահին. կարծես թէ դեռ երկնից պարզ երեւութովն այլ` հեռուէն ծանր ու թանձր որոտմունքներ կու լսուին, կամաց կամաց կու մօտենան` գուշակելով մեր մրրիկ մը, մեծ յեղափոխութիւն մը: Այսպէս կ՚երեւէր կ՚ըլլար Խաչկայ. որոյ ականջէն աւելի դիտող միտքն` մեծամեծ խլրտմանց խլուըրտիւն լսէր: 1042 տարւոյն սկիզբն էր. մէկ դիէն կը հնչէին երկայն շփոթ եւ կարեւոր ձայներ ի տանէ Բագրատունեաց, յետ մահուան Յովհաննու – Սմբատայ դանդաղ թագաւորին, եւ անոր աշխոյժ եղբոր Աշոտոյ թողած կտրիճ Գագկայ ժառան գութիւնն ուշանալուն միջոց. երբ Պահլաւունին Վահրամ` ծեր հաւատարիմ եւ կտրիճ սպարապետն` կու ջանար զնա թագաւորեցնել, եւ վիսաբարոյ վեստն Սար գիս` Յունաց մատնել Բագրատունեաց գահը. - մէկայլ դիէն կու հասնէին երկրորդ ան գամ հեռաւոր շառաչիւնք Նետողաց, յետ քսան տարուան լռութեան, Տուղրիլ բէկին շարժելովն յարեւելից եւ արշաւելով դէպ յԱտրպատական, որոյ մօտ էր Խաչկայ գաւառն այլ: Իսկ յարեւմտից կու հասնէր համբաւ մահու կայսեր Միքայէլի, որոյ դուռը գտուէին եօթն ութ տարիէ ի վեր Խաչկայ կտրիճքն` Հասան եւ Ճնճղուկ, որոց հիմայ յետ դառնալու աւելի հաւանականութիւն կար, կամ մանաւանդ աւելի փափագիրենց հօրը սրտին մէջ… ո՜հ, եւ այլ աւելի պէտք այլ կար, զոր չ գիտեր ծերունին, այլ գուցէ կ՚իմանար նախազգվաց անբացատրելի կրքով մը:
Գ
խմբագրելԱյս` բազմաց եւ իր բաղդին կերպափոխութիւն մը բերել կրցող դիպուածքն, թագաւորաց մահերն եւ շարժմունք արեւելեան նետող աշխարհակալին, հորիզոնին զանազան կողմերէն երեւցող կասկածելի ամպերու պէս հեռուանց նկարէին Խաչկայ տեսութեան եզերքը, բայց իրեն փոթորիկն փրթաւ անկարծելի կէտէ մը, յանկարծելուկ ամպէ մը, նոյն իսկ Նկանայ սահմաններու մօտէն: Շատ հեզ հեռագէտ աչքեր չեն տեսներ կամ զանց կ՚ընեն մոտագոյն բաները, որ իրենց աւելի կարեւոր էին դիտելու: Թոռնեւանայ սահմանակից են ուրիշներէ զատ` Պարսկահայոց աշխարհին Հեր եւ Զարեւանդ գաւառքն այլ, որ հիմայ կ՚ըսուին Խոյ ու Սալամաստ. մեր հին թագաւորաց ժամանակէն ի վեր` այս երկու գաւառքն միշտ մէկ տեղ կու յիշուին, իբր մէկ իշխանի տակ (որ Շահապ կ՚ըսուէր). նոյնպէս յիշուի այս պատմութեանս ատենն այլ, թէ եւ առանձնակ տիրող այլ ունէին (ինչպէս անկէ տասն տարի առաջ (1031) յիշուին Հերայ տէրն Հիւսէին, Սալմաստայ տէր`Կուտան): Արաբացւոց աշխարհակալութեան ատեն այս կողմերս առանձին կուսակալ կամ բռնաւոր մը նուաճելով` յաջորդաբար կու տիրէր անոր ցեղն մինչեւ այս պատմութեանս ժամանակ այլ, եւ շատ հեղ Արծրունի իշխողաց վնաս կամ կռիւ կու հասցընէր:
Հիմակուան տէրն կամ տեարք Հերայ եւ Զարեւանդայ` կամ վերոյիշեալ քաղաքական դիպուածներէն դրդած, եւ կամ ուրիշ պատճառէ մը, գուցէ եւ կասկած մ՚առնըլով Խաչկայ կտրիճ որդւոց դարձին ի Յունաց, ուզեցին յանկարծ արշաւանօք իրենց դրացի դեռ ազատ հայիշխան երկիրը կոխել: Եւ յիրաւի ամենեւին չկարծած ատեն` Խաչիկ գոյժ լսեց թէ թշնամիք ի Թոռնեւան թափեցան անթիւ բազմութեամբ` եւ ասպատակ կու սփռեն. եթէ քիչ մ՚այլ ուշանան` ամեն տեղ աւար աւեր կ՚ըլլայ: Հառաչեց ծեր իշխանն դէպ յարեւմուտս. Ո՞ւր էք Հասան եւ Ճնճղուկ, ձեր ժառան գութիւնն ապահովելու եւ ձեր հօր խոնարհած արեւը չմարելու: Եթէ այն հրեղէն հառաչանքն այլ հասնէր փայլական կամ ելեկտրական ազդման պէս մինչեւ ի Պօլիս, սակայն որդւոցն իրեն շուտով օ գնութեան հասնելու հնար չկար: Բայց անկէ աւաղելին այն էր` որ ոչ թէ միայն հեռուէն` այլ եւ ի մօտէն օ գնականք եւ զօրականք չկային այն կարեւոր եւ յանկարծահաս ժամուն. թերեւս այլ աւելի աւաղելի հաշուէր Խաչիկ` իր իսկ անցեալ հասակը եւ թուլացեալ թեւերը. վասն զի ինչպէս ըսաւ պատմիչն (Մատթէոս), եւ ինչպէս կրկնէ միւսն (Սմբատ), «Ծերացեալ էր եւ պարապեալ ի բազում ժամանակաց»: - Բայց սիրտն միշտ երիտասարդ, սիրտ հայրանախանձ, սիրտ հայկանման, որ սկիւթացի նորանշան եւ նախագուշակ նետողներէն ան գամ չզարհուրեցաւ, չթողուց չփախաւ իր հարց սահմաններէն` նաեւ յետ հեռանալու իր նիզակակից եւ պաշտպան Արծրունեաց. հիմայ հասած վտան գը` իրեն յետին քաջութեան եւ պարտուց գործ սեպեց. հազիւ վայրկեան մը մտածելէն եւ աչքերը չորս դի պտըտեցնելէն ետեւ, իր ահեղ ձայնովը կանչեց, եւ գլխուն արծաթափայլ ալիքն ծփացընելով շուրջ եկաւ իր նախնեաց դարպասին մէջ. խլեց առաւ երիտասարդութեան գաւազանը` երկայնատէ գնիզակը, կոփեց դադրած լռած պղնձակուռ վահանին. հաւատարիմ պաշտպանակն հնչեց իր նետերու տարափով ցնծացեալ ձայնը. զուարճացաւ Խուլ Խաչկայ ականջն. եւ չորս դիէն` իրեն հաւատարմագոյն անձինք սկսան շարժիլ. եւ երբ մէկ մէկ իր կտրճութեան օրերուն սպառազինութիւնը կ՚անցընէր դողդոջուն մարմնոյն մասանց վրայ, կարծես թէ մո գական դեղով մ՚այլ զանոնք կու նորո գէր կ՚ուժովցընէր, կու մանկացընէր. սաղաւարտն ի գլուխ դրած, սուրը փորձած եւ ձին ձայնած ատեն` հին Յունաց եւ Հայոց դիւցազանց մէկն կ՚երեւէր: Ափսո՜ս, որ անոր արժան զօրագունդ մը ետեւէն չեկաւ. այլ ընդդէմ հազարաւորաց այլազգեաց նահատակ ելան եօթանասուն կտրիճք, ինչպէս երբեմն Աշոտ Երկաթին հետ ի Սեւան կղզւոջ, կամ մեծին Վահանայ Մամիկոնոյ` ընդդէմ Սասանեանց: Ասոնց եւ Խաչկայ պէս առաջնորդին հետ` բաւական էին եօթանասունքն այլ, որոց մէկն հարիւրի վրայ վախ կու ձ գէր, եւ յանկարծակի հասնողներուն վրայ` աւելի անկարծաբար հասնելով` կու ցրուէր:
Խաչիկ` այն աննման եւ անհաւասար պատերազմին մէջն` գուցէ իր երիտասարդութեան ատենէն աւելի եւ նոր կերպով մը կու կռուէր. թուխ թուխ ամպոց մէջ ճերմակ ծխանման ծուէններու պէս մէկ մը հոս մէկ մը հոն կ՚երեւէր սրավար երիվարովը, եւ լայն թուրը փայլատակելով` աջ ու ձախ կ՚իջեցընէր. սրէն աւելի ձայնովը շփոթելով ու հալածելով զհէնս. որոց աւելի շուտով հասնելու եւ ամեն դի դառնալու համար` իր արտորանացը դանդաղ կ՚երեւէր վարժ ու ճապուկ եւ հաւատարիմ ձին. եւ կարծես թէ տէրն աւելի շուտով իր անկարծելի ոյժը եւ արուեստը գտեր էր, քան թէ իր ռազմամուտ երիվարն: Երբ կռուին կամ թշնամին մղելու ամենէն տաք ատեն Խաչիկ առաջ քշէր, ձին ականջները ցըցած, աչքերը շեղած` վիզը յետ յետ դարձընելով անսովոր խրխինջ մը կու ձ գէր, որուն մէջ` վա՜շ վա՜շ կարդալէն աւելի ձայն մ՚այլ կար: Ակամայ կամօք Խաչիկ մէկ մը գլուխը ետեւ դարձուց … Անպատճառ չէր, ձին իր ախոռակցին հոտն եւ ձայնը կ՚առնուր: Խաչիկ ալ նշմարեց տեսաւ անոր պզտիկ ընկերը, սպիտակ խնուսիկը, ան էր, անոր քալուածքն, անոր խրխնջալն, անոր զրահներ, անոր զարդերն, նշանն, ցցունքն, լուսնակն… Բայց ամենէն աւելի աչք ու սիրտ առօղն` անոր կայտառ վերելեակն էր, փայլուն ասպետն, ծաղկահասակ պատանեակն, Խաչկայ արժանի համհարզն, հարազատն, հօրամոյնն, իր որդեակն: Իշխանիկն:
Ճօճ նիզակն ի ձեռին, ձիուն գլխուն վրայ ծռած` անհամբեր կու մտրակէր կ՚երագէր, անփորձ յանդ գնութեամբ թշնամեաց մէջ կու նետուէր. առջի ան գամ որսի մտնող բարակի պէս` ամեն կողմէն շարժողաց վրայ կանչելով, սպառնալով, զէնքերը շարժելով. ուսկից անշուշտ քանի մը մահացու կամ ազդու հարուածներ այլթ ռան շփոթած այլազգեաց վրայ. թերեւս անոնց փոխարէնն այլ պիտի գար իր վրայ. երբ հասաւ` Խաչիկ, «Ա'յ յանդու գն` խօսք չմռող տղայ, կանչելով. չպատուիրեցի՞ քեի որ ամրոցէն դուրս չելնես. կ՚ուզե՞ս որ այսօրուան թերեւս իմ ետքի քաջութիւնս եւ յաղթութիւնս քու արեամբդ ծածկուի. եւ թշնամեաց չբերած սու գը` դո՞ւ բերես քու հօրդ, քու տանդ եւ ամեն ազգիս»: … Այս եւ այսպիսի խօսքերով` պատերազմական ձեռքը տղուն կուրծքին դրած (որոյ այնպիսի ոյժը դեռ չէր փորձած Իշխանիկ), քշեց հանեց վտան գէն դուրս, եւ նորէն ի տուն դարձընելով` խստիւ ապըսպրեց սպասաւորաց որ զգուշանան պահեն զնա:
Ինքն թռաւ դարձաւ իբրեւ երրորդ հանդիսի կամ նահատակութեան, նորէն հետամուտ ըլլալու թշնամեաց, որ պահ մը հո գի առեր էին առջի շփոթութենէն սթափելով. այլ դարձեալ ծեր` բայց փորձ առիւծի մը վերջին ճ գանց հանդիպեցան, որ գրեթէ միշտ իր հին ոյժը կու պսակէ, թէ եւ վէրք առնու մեռնի այլ, բայց յետ կամ ի վերայ թշնամեացն: Հոս երկայն ատեն կռուելով այլ` դեռ Խաչիկ ոչ օրհսական էր եւ ոչ վիրաւոր. այլ որ կողմն որ դառնար` ասպատակներն անկէ կու պակսէին ցրուրտէին. որով յիրաւի աւելի կու յօ գնէր Խաչիկ եւ չէր գիտեր ո'ր դի դառնայ. մինչեւ տեսաւ որ հեռուն տեղ մը` փոթորկէ փչուած ամպերու պէս վայրատեալ ասպատակներն` իբրեւ անհով խորշ մը գտնելով` կու դիմեն կու դիզուին, պար կու գան, ամեն կողմէն զէնքերնին կ՚ուղղեն դէպ ի կենդրոն: Ինքն այլ դարձուց ձիուն գլուխը դէպ այն նոր փոթորկին վրայ, ու ամպէ ամպ ցատքող փայլական պէս հասաւ: Բայց կարմրուկ կայծակն երագէր քան զփայլակն, իրմէ առաջ հասեր, շանթեր, վառեր, պարպեր էր իր կրակները, եւ ահա մարելու վրայ էր: … Հազիւ թշնամեաց շրջապատ ճամբարին հասաւ Խաչիկ, տեսաւ անոր մէջ արծաթափայլ զրահազգեստ մը` որ իբրեւ խռովեալ ծովու ետեւէ ետեւ հասնող ալեաց պէս` մէկ մը վեր կու ցատքէր փայլէր, մէկ մը վար կու ցածնար կո ցնդէր. մանաւանդ թէ այն ալեաց խաղ ու ձաղ եղած նաւակի մը պէս` մէկ մը դողդողալով դնդեղներուն գագաթը կ՚ելնէր, մէկ մը թնդալով անդունդներու մէջ կու ծածկուէր: Երբ վերջի ան գամն եւ ամեն ան գամներէն աւելի պայծառ ու ողորմուկ կերպով վեր երեւցաւ, Խաչիկ որոշակի տեսաւ, … մէկ մ՚այլ բան չտեսաւ. կորուս իր արեւն այլ իր միտքն այլ. իր ամեն բանն այլ կորուս: …
Դ
խմբագրելԴառնանք Իշխանկան. երկրորդ ան գամ հօրմէն ար գիլուած ամրոցին մէջ, առջինէն աւելի կու նեղէր կու դժարէր ան գործ անհան գիստ մնալու. մանաւանդ որ մէկ մը պատերազմի հոտ այլ առեր էր, արեան կնունքն` այլ ճակտին հասեր էր. տեսեր էր նոյն իսկ իր ծերունի հայրը` երիտասարդ առիւծ դարձած այնպիսի վտան գի ատեն. ինքն պատանեակ` պիտի չկարենա՞ր կրակոտ կորիւն մը դառնալ: … Նոյն ինքն հայրն բերնով խստիւ ար գիլած ատեն` միթէ գործով եւ օրինակով զինքն այլ աւելի չէ՞ր գր գռէր` այն ատելի թշնամեաց վրայ թափելու ունեցած ոյժն ու վրէժը: Հայրն նեղացաւ, բարկացաւ, կրնար այլ աւելի այլ նեղանալ, զինքը պատմել, թերեւս կապել ու բանտել այլ, որ սովրի խօսք մռել, հանդարտ կենալ, վտան գէ ազատ մնալ. բայց եթէ յանկարծ, ո'հ, Աստուած չթողու, հայրս` այն շուներէն պաշարուած` տկարանայ, ընկնայ, սպանուի, ես ի՞նչ պիտի ըլլամ. ո՞վ անկէ ետեւ իրեն հնազանդիլս պիտի գովէ: Մանաւանդ թէ դնենք այլ թէ թշնամեաց գերի չընկնամ, սակայն որո՞ւ քով կրնամ ազատ սեպուիլ. ո՞վ պիտի նայի վրաս, կամ ո՞վ երեսս պիտի չզարնէ` այն հասակին եւ այն վտան գին մէջ հայրս մինակ թողուլս: … Ի՜նչ պիտի ըսէ Հասան, ի՞նչ պիտի ըսէ Ճնճղուկ. ի՞նչ պիտի ըսեն մեր տան հաւատարիմքն, երբ վաղը դառնան յօտար աշխարհէն, եւ տեսնեն մեր տուն տեղն աւերած, եւ հայրս թշնամեաց ձեռքով մեռած, ու ես անոր որդի, անոնց եղբայր, անպաշտպան անընկեր թողած ալեւոր հայրս… ե՞ս հօրս յետին յոյսն ու գաւազանն. ես Իշխանիկ` որոյ անունս յուսով յիշեն ամեն Թոռնեւանցիք. ես թողո՞ւմ վտան գի մէջ հայրս ու նստիմ հոս … անկարելի, անկարելի: …
Այս եւ ասոնցմէ աւելին մտքով ըսած ատեն, մարմնով ալ ան գործ չէր կենար. այլ լալով սպառնալով երդուըննալով` ըրաւ չըրաւ ինքզինքը նորէն նետեց իր ճերմակին վրայ. ու առաջինէն աւելի մտրակելով երագելով հասաւ կռուոյ տեղը. ինչպէս հին ատեն Մամիկոնեան պատանեակն Արտաւազդ. եւ քանի մը կտրիճ հետեւորդաց հետ` հօրը հաւասար եւ արժանի կու զարնէր կու զարնուէր, շատ ախոյեաններ գետին կու փռէր: Առանց գիտնալու հայր եւ որդի իրարու կու մօտենային. բայց թանձր խումբ մը թշնամեաց իրենց մէջ պարիսպ կար: Այն խումբին մօտենալով էր որ Խաչիկ տեսաւ այն արծաթհատիկ սպառազէնը, որ չորս դին պատած թշնամեաց վրայ իր ամեն զէնքերը թափելէն ետեւ, մօտեցողներուն վրայ կոփեցընէր նետահար եւ ջախջախած վահանիկը. եւ երբ այն այլ փշրեցաւ` իր անզէն բազկունքը շուտ շուտ շարժելով` կարծես աւելի կ՚ուզէր թշնամեաց շողացած զէնքերը շփոթել, քան թէ իր վառվռուն ու` արդէն ոչ անարիւն վարդ երեսները պաշտպանել: Ճանչցան թշնամիք այլ թէ ո'վ եւ ինչպիսի կորիւն է դիմացնին եղողը. եւ ան գութ սուր նիզակի տէ գտեղացին վրան: … Յետ վահանին ջախջախեցան այն ջաջուռ բազըկներն այլ, իբրեւ լարկտուր անպիտան աղեղ` ուսերէն ի վայր կախեցան. եւ երբ ետքի ան գամ ճերմակ ձին ցատքելով իր հեծելոյն գլուխը բարձրացուց` մահուն հարուածն այլ շիտակ անոր վրայ հասնելով աներեւոյթ ըրաւ: … Տեսաւ Խաչիկ Իշխանկայ վզէն վազած վարդարիւնը, եւ կատաղի թշնամեաց մէջ գլորիլը: … Մի եւ նոյն վայրկենին հայրական ազեաց սէրն ամեն բան շփոթեց ծածկեց իրմէ. անկասկած հասաւ սեւ գիշերն, գիշեր` որ այլ չիլուսնար, զէնքերն ձեռքէն, ինքն երիվարէն վար ընկաւ… Երբ հասաւ գտաւ զԻշխանիկ` արդէն երկուքն մարմինն այլ վէրքերով եւ արեամբ ծածկուած էին դաշտին վրայ. զէնքերնին զարդերնին թշնամեաց ձեռք ընկած տաքուկ շունչերնին` հո գիներն էին իրարու հանդիպողքն: Ալեւոր ծերունին եւ մալազ մանուկն` ծառի ծաղկի նման քովէ քով կոտրած ընկած էին դաշտին վրայ. բայց հո գինին զու գափայլ լուսաթեւ թռան արդար հայրենասիրաց եւ նահատակաց երկնաւոր հանդիսարանը: …
Թռի՜ր դու այլ դուժաւոր համբաւ, դանդաղ թեւերդ սեւով ու կարմրով ներկած, հասիր յեզերս Վոսփորոնի, երեւցի'ր Հասանայ եւ Ճնճղկան, իմանան իրենց հօր եւ եղբոր սխրալի եւ տխրալի կատարածը: ….
Ե
խմբագրելՀասաւ ս գաւոր համբաւն ի մեծ քաղաքն կայսերաց, այն վիպասանից եւ ողբեր գուաց հաճոյ` այլ կարողաց անհաճոյ ժամանակը, յորում Հասան եւ Ճնճղուկ իրենց երկայն երկայն պանդխտութեան վերջը տեսնելով` եւ դառնալու պատրաստուելով, որչափ որ կու մօտենար ճամբորդութեան օրն` այնքան սրտերնին կու տագնապէր. կրկին կրից` ուրախութեան եւ կասկածանաց մէջ. թէ արդեօք ինչպէս պիտի գտնեն իրենց ծերունի հայրը եւ տուն տեղը: Ճամբայ չընկած կու փափագէին նոր եւ վերջին լուր մ՚առնուլ, որ եւ արդարեւ վերջին եղաւ. իրենց ամեն ակնկալեալ խնդութեանց վրայ սփռեց ս գոյ քողը: Նաւահան գստին մօտ խորտակած նաւուն պէս եղաւ իրենց յոյսն այլ, եւ թէ ոչ պարապմամբ` այլ պատահմամբ նմանելով` կրնային ասոնք այլ ըսել մեր հին թար գմանչացհետ իրենց սպասող եւ սպասեալ սիրելեացն համար. «Մինչ նոքա զմերն յուսային դարձ, եւ պատուասիրել մերով անմենիմաստ արուեստիւս եւ կատարելագոյն յարմարութեամբս, համայն եւ մեք փութապէս դիմեալք ի Բիւզանդիոյ` յուսայաք հարսանեաց պարել, անվեհեր երագութեամբ կրթեալք, եւ առագաստի ասել եր գս, արդ փոխանակ խրախճանութեանն ի վերայ գերեզմանի ողբս ասելով` ողորմելի հառաչեմք, ուր եւ ոչ տեսութեանն ժամանեցաք աչաց նոցա կափուցմանց, եւ լսել զվերջին բարբառն (Իշխանական) եւ զօրհնութիւն» (Խաչկայ): - Ցանկալի հօր եւ եղբոր այսպէս անկարծ եւ ցաւալի զրկման վրայ անհրաժեշտ տրտմութեան պարտքը հատուցանելէն ետեւ, Հասան եւ Ճնճղուկ թէ զգայունք եւ թէ կտրիճք, երիտասարդական եւ զինուորական եռանդով բորբոքած աշուընին եւ սրտերնին զայրացեալ դարձուցին յարեւելք, իրենց չարեաց եկած կողմը, եւ յետ արտասուաց` արեան պարտք մ՚այլ առին վրանին, ծանր ուխտ մը դրին. ցաւն ի վրէժխնդրութիւն դարձոցին սեւով ծածկեցին իրենց վեստութեան զգեստները եւ սպայապետութեան սպառազինութիւնը, երդմունք ըրին` կամ այն սեւու ս գով իջնել իրենց արենակցաց հողը, կամ անոնց ջրէժն առնըլով ի թշնամեաց` փոխել ձեւերնին:
Ծով ու ցամաքի մէջ վիճակ ձ գեցին թէ որն աւելի շուտով զիրենք կրնայ հասցընել իրենց սիրոյ` ցաւոց եւ վրիժուց ասպարէզը: Ո՜րչափ կու տընտընային Պոնտոսի դնդղներն զիրենք սահեցընելու դէպ ի Տրապիզոն. ի՜նչպէս տկար կու գային արեւմտեան հովերն` քշելու զնաւն արեւուն ելած կողմը: Նոյն իսկ իրենց հլու երիվարաց ոտքերն չէին երագերագտրոփեր Խաղտեաց լեռներէն իջած եւ Հայոց Մեծաց եւ լեռնադաշտակներու վրայ կոխած ատեննին: Սակայն ճամբան շուտով կու կարճընար, անհամբերութիւնն էր որ շատ ուշ կարճըցաւ, ինչուան որ Երասխայ հովտաց եւ ձորաց ճամբաները բռնելով` հասուց մեր զոյ գկտրիճները այն գետոյն արեւելեան դարձուածքին մօտերը: Հայրենասահման սարերն երեւցան, սրտերն մեծամեծ թունդ առին թունդ տուին. հայրենեաց հողը կոխեցաւ: Հասան եւ Ճնճղուկ մտան ի Թոռնեւան, մօտեցան ի Նկան. ճանչցան իրենց բերդին ճամբան, իրենց պատանեկութեան խաղուց եւ ձիավարժութեան դաշտումար գը. երեւցաւ հայրենի եւ ծնողական ապարանից աւագաշտարակն: …
Այլ ու՞ր էր իր կարմիր-կանայ նշանակն իր պարծանաց դրոշն… ինչու՞ չէին լռուեր իշխանական փողոց հնչմունքն եւ որսական եղջերաց վան գիւնքն. ու՞ր ընկած լռէին Թոռնեւանայ դափն եւ թմբուկն: …
Չէին լռուեր ձայնք աւետաւորաց, ձայնք բարեաւ տեսութեանց. չէր լսուէր ձայն հօր, ձայն եղբօր, չէր հասներ` ոչ առիծային բարբառն Խաչկայ, եւ ոչ անուշակ կանչիւնն Իշխանական: … Ո՜վ սրտաթափ լռութիւն ո՜վ աներթեւեկ ճանապարհը, ո՜վ ամայութիւն հայրենեաց. եւ չար քան զամենայն` ո՞վ աներթեւեկ ճանապարհք. ո՜վ ամայութիւն հայրենեաց. եւ չար քան զամենայն` ո՜վ անմեծար գերեզմանք: … Քաջաց պէս ընկան ինչու՞ դեռ անպատիւ մնան. թուէր թէ առանց վրիժուց պիտի չկարնային խաղաղիլ ի հող` Խաչկայ կմախքն. եւ ոչ շուշանն վարենի պիտի շարժէր իր բաժակներն Իշխանական հողվերաց վրայ, քանի որ անոնց նշանակը գերի ընկած էր յօտարութեան: Եթէ անհնար է անկեալ քաջաց արեւը յետ դարձընել, միթէ չէ՞ր հնար յետ դարձընել անոնց արեւէն ետքը ամենէն սիրելի բանը. զենն ու զարդը:
Զ
խմբագրելԱյսպիսի կրքերով միան գամայն խորագիտութեամբ առանց ժամանակ ծախելու` Հասան հայրենի իշխանութիւնը պայազատելով, կանչեց իրեն դրացի եւ առաջուց ծանօթ ու բարեկամ Քուրդ ռէյիս մը, որուն վրայ վստահ էր, թափեց դիմացը հազար կարմիր, - հայ քրտինքով շահած յունական գանձ, հազար ոսկի: Ա'ռ, ըսաւ, ու ասոնց տեղ ոչ զէնք ոչ զինակիր կ՚ուզեմ քեզմէ ինծի օ գնութեան ու վրէժխնդրութեան, հապա ինծի դէմ մարդ ու թշնամի, գունդեր ու բանակներ, այնչափ որ սիրտս հանգչի, եւ հօրս ու եղբօրս այրեցուքը մարեմ: Գնա պտըտէ ձայնէ իմ երկրիս չորս կողմը, իմաց տուր Հերայ տնաւեր բռնաւորին, արթընցաւ այլազգիները. Ի՞նչ ապշեր դադրեր էք, ըսէ. ինչու՞ չէք վազեր թալներ զԹոռնեւան, քանի որ անտէր ու շուար մնացեր է. ելէ'ք եկէք ու միան գամայն տակն ու վրայ ըրէք Խաչկայ երկիրը, որ իրեն պէս անհետ կորուսի:
-Յանկարծ գանձ գտած Քուրդն` մէջքը պնդեց հազար կարմրով շարած կամարը, թռաւ իր քալուկ ձիուն վրայ, ու երկայնաճոճ նիզակը ծռած մոլեկան գիսաւորի պէս չորս սահման ման գալով` կանչէր դրդէր ոտք հանէր այլազգիները դիմել թալնել զԹոռնեւան: Ամենէն աւելի Հերայ ու Սալմաստայ ասպատակներն, «Երթանք, ըսին, մէկ ան գամով հիմնայատակ ընենք շէնքերը, այրենք աւրենք դաշտերը, յատակին հողն օդուն հանենք»: Ձայն տուին իրարու, մարդ մարդու ձի ձիու հասուցին, գունդեր բանակներ կապեցին. 15000 զինեալք եւ հեծեալք խառն ի խուռն յարձակմամբ ահեղ սպառնալեօք հեղեղաբար թափեցան ի Թոռնեւան:
Լսեց, տեսաւ, զուարթացաւ Խաչկայ պայազատն. մռնչեց ինքն այլ առիւծաբար, ցատքեց իր կրակօտ երիվարին վրայ, բարձրացուց հայրենի դրօշը, հնչեցուց ան գամ մ՚այլ հայկական թմբկին խրոխտորոտ դոփիւնը: … Լսեցին, զարմացան, սոսկացան բիւրաւորքն ասպատակաց, եւ այլ աւելի ափշեցան` երբ ամայի եւ ոչնչանալու մոտ կարծուած Թոռնեւանայ դաշտաց վրայ իրենց դէմ 5000 զինեալ ու հեծեալ հաստաբազուկ Հայեր տեսան, զորոնք` իբրեւ պղնձագամ կօչկացը կոփելովն` հողէն դուրս հաներ էր Հասան. որ եւ եղբօրն հետ սպառազինեալ, եւ դեռ ս գոյ նշանն այլ զրահից հետ խառնելով` Երասխայ եւ Գողթան հին դիւցազանց նման սի գալով վեր վար կու գայր իր գնդին մէջ: Հայոց անկարծելի պատրաստութիւնը տեսնելով` թշնամիք այլ պատերազմի պատրաստիլ կ՚ուզէին, երբ Հասան արտորալով երկու բանակաց մէջ մտաւ, ու զայրագին տխրագին խառն եւ ահեղ ձայնով մը կանչեց, իմացուց որ իր հօր անպարտ արեան վրէժն առնուլ եկեր է, եւ կու հրաւիրէ անոր սպանողն իր դէմն ելնելու եւ մենամարտելու:
Հրաէրն ընդունայն արձագան գմը չտուաւ. այլ իսկոյն կար գկար գզինելոց ետեւէն մրրկէ փրթած սեւ ամպի կտորի պէս` առաջ անցաւ բանակէն դուրս ցատքեց, Հասանայ դիմացն ելաւ, հսկահասակ սեւ մը, որուն գոյնն եւ չափն աւելի վախ կու ձ գէին քան սպառազինութիւնն, որոց նման էր սիրտն այլ` խիստ եւ յանդու գն ձայնն այլ կծու եւ սրտախաց, մանաւանդ Հասանայ, երբ կանչէր, թէ Ես եմ հօրդ սպանողն, եւ ահա կու տեսնես ներքեւս իր ձին, ահաւասիկ իր թուրն ու դրոշն, եթէ կտրիճ ես` առ ու տար: Ուրիշներու սոսկումն ազդեցին այս ձայնս ու տեսքն, բայց Հասանայ սրտմտութիւն ու վրէժ, տեսնելն` լսելն` եւ փայլական նման սեւ ամպին վրայ զարնուիլն ու յերկու ճեղքելն մէկ ըրաւ, անանկ ուժով թուրն իջուց սեաւ հսկային ուսին ու վզին միջոց` որ աջ ու ձախն իրարմէ բաժնուած երկու պատառ ընկան: Հասան հօրը ձին ու զրահներն առած` դեռ կայծակնաթափ աչօք դարձա իր բանակը:
Կար գն եկաւ Ճնճղկան, որ անհամբեր կը սպասէր իր մեծ եղբոր գործը վճարելուն եւ նոր որոտմունքով դուրս ցատքեց իր գնդէն, անվախ ու համարձակ կանչելով իր տղայ եղբօր` Իշխանական խոշոշ գազանը, որուն յանդ գնութեան եւ արհամարհանաց չլռելով` մէկէն երեւցաւ կտրիճ Պարսիկ մը. Ահաւադիկ` կ՚ըսէր, քու մալաղ եղբօրդ սպիտակ ձիուկն. ահա իր դրոշն ու նշանն. ահա իր զէնքերն. թէ կտրիճ ես ե'կ ու ա'ռ ապա թէ չէ` ես զքեզ խաւրեմ քու եղբօր քով:
… Այլ երկայն չկարցաւ ըսել եւ հայհոյել, վասն զի Իշխանական նշանիկը տեսնելով Ճնճկուկ, զոր թերեւս ինքն այլ անկէ առաջ կրեր էր, արեան եւ արցունքի գոլորշեօք աչքերն լըցուած` մտրակեց ձին, դրաւ ռումբը դէմ սրտի Պարսկին, հրեց թափ անցուց, ի գետին փռեց իր եղբօր սպանիչը, եւ անոր ցատքըտուկ սպիտակը ու զէնքն եւ զարդերը յափշտակելով` դարձաւ խնդութեամբ Հասանայ քով:
Երկու եղբարք այլ իրենց ազնիւ հարազատաց վրէժն առնըլով, աւարնին յետ դարձընելով` իբր առաջին եւ երկրորդ յաղթանակն ըրած հաշուեցին. կու մնար երրորդ մ՚այլ իրենց երկրին եւ մարդկան վնասներն այլ փոխարինելու: Արդէն թշնամիք այլ այս բանիս յորդոր կու տային իրենց շփոթութեամբ եւ խուճապելովն, իրենց կողմէ երկու շահատակաց` Խափշըկին եւ Պարսկին ընկնալ եւ թալնիլը տեսնելով` ոմանք փախչելու ոմանք կռուելու կու շարժէին, երբ Հայք յարձակեցան վրանին, եւ թէպէտ անոնք եռապատիկ աւելի էին թուով, բայց չկրցան Հասանայ եւ Ճնճղկան եւ անոնց նմանեաց յաղթել կամ երկար դէմ կենալ: Թոռնեւանայ եւ Արծրունեաց վրիժուց օրն էր, քսան տարիէն վեր դադրած թրերն Հայոց` չդարձան ի պատեան, մինչեւ 4000 այլազգի փռեցին ի փոշի մնացեալներն այլ հալածելով հանեցին իրենց հայրենի սահմաններէն շատ հեռու:
Կատարեալ յաղթանակաւ դարձան Հասան եւ Ճնճղուկ, օրհնութեան եւ գոհութեան ձայներով. պանծալի հին թմբուկն հայկական` կանաչներով պսակուած` խառնեց իր անընդհատ թոպիւնն` ի չէն դարձող բարձրապինչ բարձրափռինչ երիվարաց տրոփման եւ խրխընջման հետ, եւ երբ յառաջ քան իրարմէ զատուելով իւրաքանչիր իր տան ճամբան բռնելը, վերջին ան գամ մէկ տեղ հաւքած հանդիսացան 5000 հեծեալքն Հայոց, որոցմէ քիչեր ինկեր էին հայրենի հողուն վրայ, Հասան եւ Ճնճղուկ հասարակաց հանդիսին մէջ ամենուն շնորհակալելով եւ իւրաքանչիւրին վարձքը եւ արժանը տալով, ապա հանդիսապէս իրենց քաջութեան եւ սիրոյ ուխտն այլ ամբողջացուցին: - Քակեցին հանեցին հօր եւ եղբօր սպանման յուշարար ո գոյ սեեւ նշանները, եւ անոնց տեղ` թշնամիներէն նոր յետ դարձուցած հարազատաց նշաններովն կապուեցան զարդարեցան եւ դալար թուփերով ու պայծառ ծաղկըներով, եւ խաչիւ ու խնկով նորէն սրբեցին սարեցին Խաչկայ եւ Իշխանկան գերեզմանները. ծաղկըներէն աւելի օրհնէնք թափելով անոնց վրայ` բերանով բիրաւոր բազմութեան, որ անոնց բոլորը մատաղ եւ ագապ վայելեցին, եւ լեցուն սրտով ու ձեռքով դարձան ի տուն ի տեղ. երբ Հասան եւ Ճնճղուկ այլ Նկանայ աշտարակին ծայրը ազատաբար սաւառնեցին հայրենի դրօշն ի զբօսանս ազատաբար սաւառնեցին հայրենի դրօշն ի զբօսանս զորավար հովոց եւ գովացեալ սրտից:
Է
խմբագրելՈ՞րչափ ատեն, քանի՞ տարի արդեօք այն անար գել հայրենի օդոց ծնունդքն (հովերն) խաղացին քծնեցան Արծրունեաց յետին պանծալի դրօշուն հետ, յետ քաջապէս եւ վայելչապէս կատարելոյ իրենց հօր եւ եղբոր եւ երկրին պահանջած վրէժը: - այս բարեբաղդ եւ փառազարդ եղբարքն` կրցա՞ն դիմանալ Սէլճու գեանց յարձակման դէմ, որք այս գործէն քիչ ետեւ` նորէն մտան ի Հայաստան եւ հետզհետէ տիրեցին գրեթէ բոլոր մեր աշխարհին: - Ասոնց բռնութեան դէմ կռուելն` ի հարկէ անօ գուտ եւ անկարելի էր Թոռնեւանայ իշխանին. ինքն իրեն վայելուչ եւ հայրենի պատմութեան մէջ միշտ պանծալի գործն արձանացուց, որոյ փառաց անակնունելի կերպով մը վարձքն այլ համեմատ եէան, որ թերեւս քեզի այլ ծանօթ չէ, Հայկակ:
չկայ պայազատն Հասան` կ՚երեւի` թէ ոչ դաշտաց` գոնէ իր ամուր բերդին վրայ յամառեալ տիրեց եւ չիջուց դրօշն ի վայր մինչեւ որ ինքնին իջաւ Խաչկայ հետ հանգչելու ի քնարանս հարանց. իսկ իր պայազատ որդին` Ապլղարիպ` ուրիշ հայ իշխանաց հետ պանդխտութեան ցուպն առաւ, բայց անոնց պէս աննշան անտես չմնաց, այլ ինչուան Կիւլիկիոյ մայրաքաղաքին Տարսոնի, եւ միւս մեծ քաղաքին Մաս»մեստիո` տէր եւ կողմնակալ եղաւ Ալեքս Ա. կայսեր ատեն եւ անկէ առաջ, քաջութեամբն ապահովցուց շէնցուց այն կողմերը, եւ բարեպաշտութեամբն շատցուց սրբազան շէնքեր, բարձանց վրայ եւ դաշտաց մէջ կան գնելով տաճարներ. ապահովութեան համար ընտրեց երկու անառիկ յարմար դիրքով բերդեր` Տօրոս լերանց դժուար կողմերը, զՊոպեռօն եւ զԼամբրոն, առաջինը` իրեն բնիկ տուն տեղ պատրաստեց ամրացուց. եւ անոր տաճարին քով շինեց իրեն եւ իրեններոն համար յետին բնակարանն այլ, գերեզմանատունը: - Այս բանիս մեծ հո գունէին մեր նախնի պայազատաց, ուր տեղ որ բռնէին` նախ աղօթից տուն, եւ ապա անոր քով կամ մէջ` իրենց մահուան տունն այլ անկէին: Իսկ երկրորդ բերդը տուաւ իր սիրելի պանդխտակից նիզակակցին, որ իրմէ աւելի հեռու հայ աշխարհէ մը ելեր եկեր էր, յԱրցախայ աշխարհէն` Մայրեւացջուրք ըսուած տեղէն, եւ էր իշխանն Օշին Լամբրոնի հետ ընծայեց անոր իր հայրենի տունէն բերած անոր սրբազան պահպանակ Ս. Պետրոսի գլխաւոր առաքելոյն մասունքը, զոր հանգոյց Օշին շինած տաճարին մէջ ի Լամբրոն, զոր եւ նորո գեց ու ամրացուց եւ ինքն այլ հոն դրաւ ու գտաւ իր գերեզմանը: Ասոր համանուն թոռն Օշին (որդի Հեթմոյ) հայր եղաւ հռչակաւոր Ս. Ներսիսի (Լամբրոնացւոյ): Իսկ Հասանայ որդին Ապլղարիպ այլ ննջեց ի Պապեռօն, առաջուց բաժնելով ժառան գութիւնը, կ՚երեւի թէ արու զաւակ չունէր, մէկ դուստրը հարսնացուց Դաւթի` Գագիկ Բ. Բագրատունեաց վերջին թագաւորին որդւոյն. միւսն այլ տուած կ՚երեւի Օշնի. վասն զի ասոր որդին Հեթում` զբերդն Պապեռոնի տուաւ իր Սմբատ որդւոյն ըսել է որ ինքն էր անոր մերձաւոր ժառան գն. զՏարսոն այլ Ապլղարիպ տուեր էր Օշնի փեսայ իշխանի մը:
Այս Հեթմոյ որդւոց անդրանիկ ճիւղն յաջորդաբար տէր եղաւ Լամբրոնի, երկրորդն այլ` Պապեռոնի որոյ առաջին տիրացող յիշեալ Սմբատն` իր Ռիթա դուստրը տուաւ ի կնութիւն Ստեփանէի` Ռուբինեանց պայազատին, յորոց ծնաւ մեծն եւ առաջին թագաւորն Լեւոն, ասոր դուստրն եւ ժառան գն Զապել դշխոյ` հարսնացաւ յիշեալ Սմբատայ թոռան` Կոստանդին Մոզոնի (որդւոյ Վասակայ) որդւոյն հետ, որ է Հեթում Ա. եւ այսպէս միացան երկու ճիւղքն Պապեռօնեան եւ Լամբրոնեան, եւ երկու մեծ ցեղքն` Արծրունի եւ Բագրատունի, թէ եւ մայրենախառն: Այսպէս կերպով մը երկրորդ ան գամ այլ, եւ գրեթէ մինչեւ ի հազար տարի վերջ, կատարեցաւ մեր խորին հայրենախոս պատմահոր մար գարէութիւնը (Խորենացւոյ) թէ այդ երկու մեծ ցեղերէն` ի Բագրատունեաց եւ յԱրծրունեաց` թագաւորներ պիտի ըլլան Հայոց յետ շատ ժամանակաց: Արդ Բագրատունի թագաւորութեան առաջին հեղինակ եղաւ Աշոտ (887) երկրորդ` յետ 200 տարւոյ` Ռուբէն կամ Լեւոն Ռուբինեան, իսկ Արծրունեաց` նախ Խաչիկ-Գագիկ, եւ երկրորդաբար մը` անձամբ թոռանցն` մեր Թոռնեւանցին ԽՈՒԼ ԽԱՉԻԿ:
Լ. Երզնկա, եւ Յովհան Երզնկացի
խմբագրելԱ
խմբագրելԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ հնութեան եւ յունութեան շնորհք ունող հայկական անուանց մէկն է Երիզա, որ մեր հայրենի երկրին քանի մը կողմերը յիշուելէն զատ` կու գտուի նաեւ Յունաց կողմերը, եւ Կիւլիկիոյ արեւմտեան դրացի գաւառաց մէկուն կար Երիզա անուամբ եպիսկոպոսանիստ քաղաք մ՚այլ: Նշանաւոր պատճառ եւ ծագում մը պէտք է ունեցած ըլլայ այս անունս, բայց ստու գութիւնն անյայտ է ինծի, եւս եւ որ լեզուէն ծագիլը, ի Հայոց (ինչպէս կ՚ուզեմ կարծել` մեր երկրին հնութեանն եւ ազգաց չուարան ըլլալուն համար), եթէ դիպուածով յօտարաց ի մեզ մտած. - վասն զի եթէ այս անուանս նախնական պատճառը սեպեմք երկրի նշանակութիւն մը, ոչ միայն մեր` այլ եւ արաբացի եւ գերմանական լեզուաց մէջ մեր Երէզ բառին համաձայն եւ համանիշ բառք կան: Յոյնք ունին առասպելեալ անձինք այլ Երիս կամ Երէզ անուամբ, ինչպէս խռովարար դիցուհին մ՚այլ Էրիս` որ է ըստ նշանակութեանն եւ ըստ ձայնին հետ (կռիւ ատելութիւն) եւ անշուշտ հեռի է Երիզայ անուանադրութենէն: Բայց անունը թողլով եւ իրաց գալով կու գտնեմք որ այդ անունը կրող տեղեաց մէջ ամենէն նշանաւորն եւ մնայունն եղած է մեր Բարձր Հայոց աշխարհին եւ Եփրատ գետոյն նոր ձեւացեալ եզերաց վրայ կան գնուած Երէզ աւանն, որ 2000 տարուան յիշատակաւ այսօր այլ ծանօթ է ամենուն Երզնկա անուամբ քաղաք մը, Էրզընճեան ըստ Թորքաց, կամ Երզընկեան, Էրզիռումի կուսակալութեան վիճակաց մէկն հիմայ, իսկ մեր նախնեաց եւ տէրութեան ատեն գլխաւոր քաղաք Եկեղեաց հռչակաւոր գաւառին, որ շատ ծանօթ էր Յունաց Ա գգ իլիղինի կոչմամբ եւ Լատինաց` Ալլիլիղէնի կամ Չելղէնէ: Ո'վ որ Փոքր Ասիոյ միջնաշխարհէն ի Հայս կ՚երթար, կամ ի Հայոց` հոն, կ՚անցներ յԵկեղեաց եւ յԵրիզայ, ինչպէս որ Գ դարուն վերջը եւ Դին սկիզբը, Տրդատայ եւ Լուսաւորչի գործոց եւ գնացից մէջ կու յիշեն ժամանակակից պատմիչք: Բայց միան ճամբու վրայ ըլլալուն համար չէր Երզնկայի շնորհքն, այլ եւ երկրին հանգամանաց, եւ ամենէն աւելի կրօնական դիպաց համար:
Եփրատ գետ Կարինէն իջնելով եւ Դերջանէն անցնելով` դէպ ի յարեւմտեան հարաւ կ՚երթայ, երկու մեծ լեռնագօտեաց մէջ, որոց մէկն ի հարակոյ կ՚անջըրպետէ իր զու գակից Մուրատ (Արածանի) գետոյ հովնտը, միւսն` յարեւմտից Փոքր Հայոց գաւառները եւ գետերը. այս միջոցիս վրայ է Եկեղեաց կամ Երզնկայի գաւառն, արեւմտեան հիւսիսէն դէպ ի արեւելեան հարաւ տարածուած, մեծաւ մասամբ Եփրատայ աջ եւ հիւսիսային կողմը, ուսկից կ՚ընդունի այն գաւառին գլխաւոր վտակը` հիմա Վազկերտ ըսուած, որ պիտի ըլլայ Վասակերտ կամ Վասակակերտ, այս անուամբ աւանի մը քովէն անցնելուն համար, շինուած ի Դ դարու, եւ անշուշտ անով գետակին հին անունը խափանաց, որ էր Գայլ գետ, եւ որոյ եզերքն էր Երէզ աւանն, ինչպէս որ հիմայ այլ մօտ է անոր Երզնկա քաղաքն, թէ եւ հին եւ առաջին Երիզայ բնիկ յատակին վրայ չըլլայ: Երբեմն քաղաքներ այլ տեղափոխութիւն կ՚ընեն, մանաւանդ ուր որ շատ ժաժ եւ կործանումն կ՚ըլլայ, ինչպէս հոս: Երզնկայի գաւառն` Դերջանայ եւ Կամախայ մէջ` լուսնաձեւ կամ ձուաձեւ տարածուած է, իբրեւ 20 մղոն երկայնութեամբ եւ 7-8 մղոն լայնութեամբ գետինն 4000 ոտքի չափ բարձր է ծովուն երեսէն, որով ձմեռը բաւական ցուրտ կ՚ըլլայ, բայց շատ պակաս ի Կարնոյ, (ուր ինչուան 25 Րէօմ. զրոյէն վար կ՚իջնէ ջերմաչափն, իսկ հոս իբրեւ 10). ամառն այլ աւելի տաք կ՚ըլլայ ինչուան 30 շուքի մէջ, եւ պէտք կ՚ըլլայ որ բնակիչքն շրջակայ լերանց վրայ ի հով ելնեն. ապա թէ ոչ թէ տաքն եւ թէ քիչ մ՚այլ ճապաղեալ ջուրեր` կրնար ջերմով վնասել: Հանդերձ այսու Երզնկա դեռ բարեխառն եւ ուարճալի վիճակաց մէկն է ի Հայս, վայելուչ դիրքերով եւ տեսարաններով, միան գամայն եւ բարեբեր. որուն մէկ պատճառն այլ գետնին կազմութիւնն է, տակը կրակ, վրան ջուր, վասն զի հրաբղխային է կազմուածքն, ինչպէս յայտնի է եւ իր ժաժերէն այլ, ծծմբային ջերմուկներէն այլ. կ՚արժէր որ երկրաբան եւ հանքաբան մը լաւ քննէր այս կողմերում լեռները, որոնք հովտին շրջապատն առած` կարծես թէ անոր գեղեցկութեամբը կու ըզմայլին, իրենք այլ պակաս գեղեցիկ չըլլալով: Հարաւային կողմէն կու տարածուին Տուժիկ լեռներն, տեղ տեղ կանաչ տեղ տեղ սեւ երբեմն չոր երբեմն դալար կողմերով, սիրուն ու ահաւո՜ր տեսարաններով. փէշերնին դէպ ի հովիտը փռած են, վրանին բազմաթիւ գեղեր պարտիզաց եւ ծառաստանաց մէջ կու ծիծաղին, իբրեւ թէ ծաղիկ քաղելու ելած անձինք ըլլան. որոնց ետեւէն լերանց հարաւային անտառածար գագաթներն երբեմն սեւ սեւ գմբէթներու պսէս երկինք քաշուած կ՚երեւան, երբեմն թուխ ու կանաչ վարագուրի մը պէս Երզնկայի հորիզոնը կու չափաւորեն: Արեւելքէն հեռուէն Բարձր Հայոց լեռներն ամպերու պէս երբեմն կ՚երեւան երբեմն կու ծածկուին. արեւմուտքէն ալ հեռու չէ սրբազան Սեպուհն, որ կարծես թէ դեռ Լուսաւորչի վերջին շունչերը կը շնչէ Երզնկային վրայ, ուսկից առջի ան գամ Հայաստանի վրայ քրիստոնէութեան շունչերն փչեր էր. հիւսիսային հեռու սահմաններէն ալ Գայլ գետն աճապարող ճամբորդի մը պէս գալով` դէպ ի քաղքին արեւմուտք կը մօտենայ, բայց չի հասնիր այնչափ մօտ` որչափ կու հասնէր ասկէ 2000 տարի առաջ, եւ անկէց ալ դէպ ի հարաւ երթալով` կը խառնի եդեմական Եփրատ գետոյն ծեր ու ծաղկած ծոցը, որ այս կողմերս Ֆրագկու կոչուին, եւ բուն Երզնկայի սօտիկ` Սեւ ջուր կ՚ըսուի յայլազգեաց: Այս ջուրս որ հովտին պտղաբերութեան մեծ օ գնականն է` անոր եզերքներէն առաջ կու գայ` լերանց ստորոտիցը քծնելով, ուր որ շատ տեղ քարոտ ճամբու պատահելով` երբեմն հանդարտորէն իբր աստիճան ընելով այն դարերէն կ՚անցնի ձիւնափրփուր ալիքներով, երբեմն ալ սրդողածի պէս ուժ տալով կ՚անցնի կը վազէ անոնց մէջէն, հետն ալ մեծ մեծ քարերու կտորներ` ոչ անախորժ դղրդմամբ մը` քշելով տանելով. ինչուան որ անոնցմէ ազատած երթայ իր գլխաւոր պաշտօնը կատարէ, հովիտը խմցընելով: Գետինն` որ ներսէն հրաբղխի երկրի մը բարեյարմար տաքութիւնն ունի` դրսէն ալ այս անուշ ջուրը գըտնալով` կը բանայ ծոցը ամեն տեսակ ընտիր պտուղներ բղխելու, որոնք ինչուան Կարնոյն կողմերը եւ ուրիշ կողմեր ալ կը ղրկուին: Չեմ գիտեր թէ պտղոց տեսակն աւելի է հոս թէ ազնուութիւնն, բայց ետքինս կը յաղթէ, ինչ որ կը բուսցընէ` ամենն ալ ընտիր է, խաղող, թութ, դեղձ, սալոր, տանձ, խնձոր, մեղրապոպ, եւ այլն ինչուան թզենի ալ, եւ թէպէտ ցորենի գաւառ չէ, բայց ունի պատուական ընդեղէններ, ալ հունձքն ալ կլիմային եւ գետնին ուժովը` կանուխ կու հասնին: բայց պէտք չէ մոռնալ երզընկայի պտղոց մէջ` իր համեղ փափուկ ծիրանե գոյն ծիրանն ալ, որ արեւմուտքի աշխարհքներ պտղոց մէջ. Հայկական անուամբ կու պատուի. անշուշտ այս հովիտս ծիրանն է որ Լուկուլլոսի եւ իր հռոմայեցի զօրքերուն ախորժակը զմայլեցուց, եւ հետերնին առած Իտալիա փոխադրեցին անոր կուտերը (թերեւս Հայաստանէն շահած ամենէն մեծ աւարնին աս ըլլալով), եւ ինչուան հիմայ հոն Արմենիաքա անունը կը պահէ: Մշակութիւնը հարիւրի չափ գեղերու յանձնուած է, որ վերոյիշեալ լերանց եւ հովտին մէջ սփռած են բայց վայելքին կշիռքն երբեմն Քիւրտերուն նիզակովը կու կշռուի: այս ազգը հոս երկու ցեղ ունի, Պալապան եւ Շեխ-Հասան կամ Հիւսէյին ըսուած, որ ձմեռները կ՚իջնեն շէնքի տակ, լաւ եղանակները լեռներուն մէջ կ՚անցընեն իրենց հօտերովը, որոնց պարարտ արօտներ կան լեռնադաշտակներուն մէջ. գրեթէ անկախ ինքնագլուխ կը տիրեն այս կողմերուս. լերանց նեղ անցքերը բռնած` ճամբորդներէ անցքի հարկ կը պահանջեն: Լուսաւորչի ուխտաւորներն ալ` ուխտէն առաջ այս անհաճոյ հարկը պէտք է տան. բայց դեռ երջանիկ են որոնք որ նեղութեան քրտինքով արիւննին կը դնեն, վասն զի Քիւրտին նիզակը սուր է. անոր համար հիմայ շատ գեղեր անմարդաբնակ են:
Բ
խմբագրելԴառնանք հիմայ քաղքին, որ հովտին արեւմտեան անկիւնը նստած է, եւ գեղերուն պէս զուարճալի տեսք ունի, կանաչութեամբ զարդարուած, տուներն ալ որ 3000 էն աւելի են` բաւական վայելուչ են տեսքով: Բնակչաց իբրեւ երրորդ մասը մերազգիք են, մնացածքն մահմէտականք: Քանի մը եկեղեցիներէն զատ Երզնկա նշանաւոր շէնք մը չունի, եւ ոչ հնութեան արձան, խիստ շատ ան գամ երկրաշարժներէ կործանած ըլլալուն համար, որ ոչ հեթանոսութեան առջի դարերուն սրբազան եկեղեցեաց խնայեցին:
Մեր պատմութեան մէջ Քրիստոսէ դար մը առաջ կու սկսի Երզնկայի անունն եւ փառքն. այն ատեններն Երէզ քաղաքաւան մ՚էր, Եկեղեաց գաւառին գլխաւոր տեղը: Արտաշէս Ա մեր թագաւորն` որ Արամ հայկազուն նահապետէն ետեւ առաջին աշխարհակալ եւ ծովակալ եղաւ, Յունաստանի տիրած ատեն` հոն գտած տաճարներուն մէջ հարստութեամբ եւ ճարտարութեամբ երեւելի կուռքերուն շատը` Հայաստան ղրկեց. ասոնց մէջ կար Արտեմեայ անդրի մ՚ալ, որ կու կարծուի այն հռչակաւոր անդրին` որուն համար հիներն կ՚առասպելէին թէ երկընքէն իջած էր եւ Ղրիմու Տաւրիդեան կողմերը կու պաշտուէր հազար տարիներով առաջ. Տրոյայ պատերազմէն ետեւ Ա գամեմնոնի Յունաց առաջնորդին աղջիկը Եփի գենիա հոն փոխադրեցաւ Անահտայ ձեռքով, որ իր տաճարին մէջ ծառայութիւն ընէ. վերջը երբ իր Ովրեստէս եղբայրն ալ այն կողմերն ընկաւ նաւակոծութեամբ, մէկտեղ կուռքն առին փախան, եկան յԱր գոս Յունաստանի ու հոն կան գնեցին, որով բոլոր Յունաստանի մէջ մեծապաշտօն եղաւ: Հազար տարի անցնելէն ետեւ մեր Արտաշէս զաս ալ առաւ Յունաստանէն եւ ղրկեց ի Հայաստան. եւ դեռ հրաման չտուած ուր կան գնելուն վրայ, ինքը մեռաւ Յունաստանի կղզեաց մէջ. զկուռքն ալ` Հայաստան բերողներն ալ` Երէզի մօտիկ Անի ամրոցը պահեցին, հանդերձ յոյն քուրմերով` որ չէին ուզած անկէ զատուելու. Տի գրան Բ իր հօրը տեղ անցնելով, հրամեց որ Անիէն հանեն կուռքը եւ Երէզ աւանին մէջ կան գնեն: Հայք որ շատոնց Անահտայ ջերմեռանդն էին` իրենց դիցուհին կարծելով զսա` մեծ յար գութեամբ սկսան պաշտել. թագաւորներն ալ գաւառին շատ երկիրները` տաճարին կալուածք տուին. անոր համար բոլոր այն երկիրներն Անահտական գաւառ ըսուեցան, եւ մեհեաններով ու քուրմերով լցուեցան. ամեն կողմէ նուէրք կու գար տաճարներուս: Այս նուիրաց հետ դիցուհւոյն նուիրած եզներ ալ կային, որոնցմէ ճերմակներն եւ ընտիրներն իրեն հաճոյագոյն զոհ սեպուած էին. ասոնց ճակատը ջահաձեւ խարան զարկած` որ ոչ ոք չդիպչի` կու թաղուին որ խումբ խումբ արածին Եփրատայ եւ Գայլի խոտաւէտ ափունքներն: Երէզի բնակչաց մեծ մասն եւ քովիններն` Անահտայ ծառայողք տաճարներուն մէջ` նուիրաբերաց եւ ուխտաւորաց, եւ տօները կատարելու` հանդիսիւ. գարնան եւ աշնան մէջ մեծահանդէս թափորով ջահերով կը պտըտցընէին կուռքը մեհենէն դուրս չորս դի. յատուկ Անահտայ մեծ տօնը նաւասարդի 15ին կը կատարէին, 15 օր տարե գլխէն կամ Արամազդայ տօնէն ետեւ, որով կ՚երեւի ալ թէ Հայք եօթօրեայ շափաթական շրջան ունէին, եւ Արամազդէն վերջը Անահիտն էր իրենց մեծ աստուածն. ինչպէս որ Տրդատ թագաւորն ալ իր դիցամոլութեանն ատեն մեղադրելով կ՚ըսէր Լուսաւորչի. «Մեծ Անահտայ տիկնոջ, որ է փառք ազգիս մերոյ եւ կեցուցիչ. զոր թագաւորք ամենայն պատուեն, մանաւանդ թագաւորն Յունաց. որ է մայր ամենայն մարդկան բնութեան, եւ ծնունդ է մեծին արի Արամազդայ… որով կեայ եւ կենդանութիւն կրէ երկիրս Հայոց»: Այս խօսքերէն կու տեսնուի որ Հայոց Անահիտն սեպուած է Աթենաս, մայր զգաստութեանց, ինչպէս Պղատոն ալ Տիմէի գրոց մէջ Աթենաս կը սեպէ զԱնահիտ` Նիիթ անուանելով` ե գիպտական կոչմամբ. բայց իմաստնոց մէջ շատ վէճ կայ Անահտայ վրայ, եւ հաւանական կ՚երեւի որ Հայոց հին Անահիտն` Ա Տի գրանայ ատենները` Ասորւոց դիցուհւոյն նման Բնութեան աստուած էր, շատ տեղ ալ Յունաց Արտեմիս կամ ի գական լուսին սեպուածն, իբրեւ քոյր Միհր աստուծոյ, այսինքն արեւու:
Երբոր Տրդատ Յունաստանէն գալով մտաւ ի Հայաստան հալածելով զՊարսիկս, առջի պարտքը սեպեց Անահտայ պաշտօնը, զոր եւ կատարեց հանդիսիւ. եւ այլ աւելի պատիւ մ՚ընելու համար` հրամմեց Գրի գորի որ այն ատեն իր ծառայութեան մէջն էր եւ իրեն սիրելի, որ ուրախութեան սեղանին վրայէնծաղկըներն առնու եւ նոր տերեւներ ալ կտրելով`տանի Անահտայ բագնին նուիրէ: Ահա այս հրամանիս վայրկեանն էր ի յաւիտենից դիտուած մեր ազգին հո գեւոր ծննդեանը: Ամեն Լուսաւորչի որդւոց պէտք է յայտնի ըլլան` այն հրամանէն ետքը պատահածներն, որով եւ աւելորդ ինծի հոս կրկնելն. միայն չեմ կրնար լռել իմ անձնական զուարճութիւնս երախտագիտական պարտքի մը պէս այս տեղս, ուր իմ հո գւոյս սերմն ալ 1500 տարի առաջ ծլեր էր իմ Լուսաւորչիս շնչին մէջ, այս դաշտերս իր սուրբ արեամբն ոռո գուած էին. աւելի անոնց կաթիլներովն էր հոն գրուած գաւառ Լուսաւորչի` քան թէ գրոց աանդութեամբ, հոն յղացաւ Հայոց հո գեւոր անձնաւորութիւնը, որ 13 տարի Արտաշատու վիրապին մէջ երկնելով` ընծայուեցաւ Վաղարշապատու դաշտին մէջ: - Ո՜րչափ փոխուած էր այն Տրդատն` երբոր երկրորդ ան գամ Գրի գորի հետ 15 տարիէն ետեւ` եկաւ անհատական բագիններուն դիմաց, եւ զայն` որ մայր զգաստութեան կ՚անուանէր, ճանչնալով մայր մոլորութեան` հրամմեց ոչ ծաղկով ու տերեւով պատուել, հապա մրճով ու բրչով փլցընել մանաւանդ թէ Քրիստոսի խաչովն, եւ անոր տեղ կան գնել ճշմարիտ զգաստութեանց մօրն` Տիրամօրն աթոռը. եւ նաւասարդի 15ը հաստատուեցաւ տօն Աստուածածնի, որ կ՚երեւայ թէ վերափոխմանն ըլլայ, ինչպէս որ ընդհանուր եկեղեցին այլ նոյն օրերը կու կատարէ այս տօնս: Իրաւամբ հոս պէտք է կանչել, Անանիա հին վարդապետին հետ. «Օրհնեալ ես դու լուսանկար առագաստ, որ շքեղաճոխ նազանօք զօրացար ի վերայ պատկերացն դրօշելոց, եւ հարեալ խորտակեցեր զանսուրբ պաճուճանս դիցանուէր եւ քաջապերճ պանծանաց Անահիտն տիկնոջ»: Անշուշտ այս տաճարիս տեղն կան գնուեցաւ արժանապէս Աստուածամօրն եկեղեցին, զոր թէպէտ յայտնապէս չեն յիշեր մեր պատմիչք, այլ Պրոկոպիոս Յոյն պատմիչն կու վկայէ, թէ Ոսկեայ Կոմանայի տաւրիական Անահտայ մեհենին տեղ` հիմայ եկեղեցի է, գիտեմք որ մեր Անահտայ անդրին ալ ոսկեղէն էր:
Գ
խմբագրելԵրզնկայի հին դարերուն դիպուածներն մութի մեջ մնացեր են, ամենէն պայծառ ժամանակն է ԺԳ եւ ԺԴ դարերն: Թէ եւ ոչ փառաւոր եւ ուրախալի` բայց ամենէն նշանաւոր դէպք քաղաքիս կրնան ըսուիլ իր ժաժերն եւ կործանմունքն, որոց առաջինն կու յիշուին յամին 1012, վերջինն 1784 միջոցն այլ 20 ան գամէն աւելի, երբեմն գրեթէ բոլոր քաղաքը կործանելով, երբեմն մեծ կամ պզտիկ մաս մը, եւ իր բնակչացը գերեզման ընելով իրենց տուները. եթէ միայն նշանակուած մեռելոց թիւը գումարենք 200, 000 կ՚ըլլայ, անշուշտ աւելի այլ կորած են հոն` ուրիշ չնշանակուած ատեններն այլ մէկտեղ. ըսել է որ Հայաստանի մէջ Երզնկա կու նմանի այն հարաւաին Իտալիոյ գեղեցիկ քաղաքաց (որոնց գրեթէ զու գաստիճան եւ աշխարհագրական դրիւք, լայնութեան), ուսկից չեն կրնար հեռանալ տագնապեալ բնակիչքն, կու վախեն եւ կու սիրեն, որքան սաստիկ եւ դժնդակ է երկրին աներեւոյթ երեսն, այնքան բարի եւ անուշակ դրսի երեսն: Մեր պատմիչներէն զատ` քանի մ՚արեւմտեան կամ եւրոպացի ժամանակակից հեղինակք եւ ճամբորդք այլ կու յիշեն այս դիպուածներս, որոց գուցէ հնագոյնն է Րիւպրիւքի Փռանկ եւ Փրանկիսկեան կրօնաւորն, զոր Պապն Հռովմայ դեսպան խաւրեր էր առ Ղանն Թաթարաց, եւ ի դարձին` յամին 1255 տեսաւ առջի տարին հանդիպած մեծ ժաժին ահաւոր նշաններն եւ աւերածները. որոնց տակ զատ յաղքատաց` 10, 000 ունեւր մարդիկ թաղուած էին, կ՚ըսէ, եւ երեք որ ձիով անցնելով կու տեսնէինք զարհուրելի պատառածներ գետնին երեսը, եւ մեծամեծ քարակոյտներ` որք լեռներէն փրթելով ծածկեր էին ձորակները, այնպէս որ եթէ ժաժն քիչ մ՚այլ երկայն քշէր` ստու գիւ պիտի կատարուէր Եսայի մար գարէին ըսածն, «Ամենայն ձորք լցցին եւ ամենայն բլուրք խոնարհեսցին», մեր յիշատակագիրք` 16, 000 հո գի կորսուած կ՚ըսեն այս ան գամուս: - Յամին 1471 այլ Յովսափատ Պարպարոյ Վենետկեցին անցաւ Երզնկայէն, եւ քաղաքին կէսը կործանած գտաւ` քանի մը տարի առաջ եղած սասանութենէն. մեր յիշատակագրաց մէջ այս թուականէն առաջ 1562 ին եղածը կու գտնեմք, յորում 30, 000 հո գի մեռան, կ՚ըսեն:
Ասոնցմէ երեւելի եւ Միջին դարուց ամենէն մեծ ճանապարհորդն Մարդոյ Բոլոյ` աւելի լաւ ատեն մ՚անցաւ յԵրզնկայէ, յամին 1300, յորում շէն էր քաղաքն, Թաթարաց իշխանութեան տակ, Ներսէս եպիսկոպոսին ատեն, ինչպէս կ՚ըսէ_ բնակչաց մեծ մասն Հայք էին, իրենց գլխաւոր ձեռագործն էր բամբակեայ խժապատ կտաւն, զոր ամեն տեղի նման կտաւներէն ընտիր կու սեպէ, miglior bocherame (կամ bocassini del mondo, որ է Թուրքաց պօղասը կոչածն, եւ մինչեւ ցայժմ ասոնց մէջ անուանի է քաղքիս կտաւն, մինչեւ առակի պէս կ՚ըսէն. նոյնպէս կու գովէ Մ. Բոլոյ քաղքին բաղնիքներն այլ` ուրիշ տեղերէն վեր դնելով: - Անկէ 14 տարի վերջը (1314) երեք Իտալացի Փրանկիսկեան քարոզիչք նահատակուեցան յԵրզնկա, եւ Հայ երեց մը թաղեց զանոնք պատուով, իսկ կաթուղիկոսն Հայոց պատուիրեց յիշատակել զանոնք յեկեղեցին, այսպէս կ՚աւանդէ անոնց ժամանակակից մէկ ընկերն. մեր պատմըչաց մէջ չկայ այս բանիս յիշատակն. այլ անոր տեղ եւ անկէ առաջ ուրիշ ազգային նման ցաւալի դիպուած մը, որ է սպանումն Սար գս արքեպիսպոպոսի քաղաքին:
ԺԳ դարուն կիսէն սկսեալ կու յիշատակուի այս անձս 30 տարի գովութեամբ, շատ բարի կարդաց եւ շինութեանց համար, որոց գործակից էր եւ որդին, վասն զի աշխարհի կար գալ մտեր էր. այս որդին էր Պարոն Յովհաննէս, քաղքին ազգայնոց վերակացուն. ժամանակին յիշատակագիր մը կ՚ըսէ Սար գսի համար, պատուեալ յԱստուծոյ, մեծարեալ յազգաց եւ յազանց եւ ի թագաւորաց մեծաց». այս մեծ թագաւորներն էին կայսերք Յունաց եւ Ղանք Թաթարաց, սուլտանն Իկոնիոնի եւ թագաւորք Հայոց: Հուլաղու ղանին կողմանէ դեսպանութեամբ ղրկուեցաւ առ Միքայէլ Պալէոլո գկայսր եւ անոր Դեսպինա (Տիրուհի) Մարիամ դուստրը տարաւ ի կնութիւն ղանին. Հուլաղու մեռած ըլլալով` (1266) որդին Ապաղա ղան առաւ զայն, եւ այս առթիւ կ՚ըսուի թէ Սար գիս Անտիոքայ պատրիարքին հետ մէկտեղ մկրտեցին զԱպաղա, վասն զի առաջուց յանձն առեր էր քրիստոնեայ ըլլալ: Քանի մը տարի ետեւ (1269) Սար գիս հիմնարկեց Ս. Փրկիչ մեծ եւ հոյակապ եկեղեցին, որուն գմբէթը կան գնեց 1274ին, եւ վրան այլ յաղթական խաչը: Յաջորդ տարին երբ Երզնկայի քով հին Թիլ գիւղին մէջ գտուեցան մեծին Ներսիսի նշխարքն` Սար գիս բերաւ զանոնք եւ դրաւ իր նոր շինած եկեղեցւոյն մէջ, ուր եւ թողուց հայրապետին սուրբ աջը. իսկ ձախ բազուկը տարաւ հանգուց գետոյն անդիի կողմը Տիրաշէն ըսուած վանքը. «Իմաստաբար եւ մեծ յուսով արարեալ խոհեմականն տէր Սար գիս (կ՚ըսէ ականատես վկայ մը, որոյ վրայ յետոյ պիտի խօսիմ), զի զերկոսեան բազուկսն եւ զձեռսն` առատաձիր շնորհիւ լցեալ տեառն Ներսիսի` զերկրորդ մեր Լուսաւորչին` սահմանէր յերկուս կողմանս գետոյն, որպէս թէ տարածեալ ունելով զթեւսն հովանի գաւառին»: Քանի մը տարի ետեւ (1279) Թաթարք ուրիշ կողմ զբաղած ըլլալով` Թուրքք առին Երզնկա քաղաքը, եւ ատելութեամբ վրէժ խնդրելով` սպանեցին զՍար գիս եւ զՊարոն Յովհաննէս 38 գլխաւոր անձամբք: Լսեց եկաւ շուտով Ապաղա ղան, տիրեց քաղաքին, հալածեց ատելիները, մխիթարեց Սար գսի մերձաւորները, պատուասիրեց անոր թոռները: - Թաթարաց բարեկամութիւնն շատ երկար չտեւեց` երբոր սկսան իրենք այլ տկարանալ, եւ Թուրք ցեղերն զօրանալ, որք ԺԴ դարուն մէջ տիրեցին այս քաղքիս եւ շրջակայից. ասոնցմէ էր Թահէրդան կամ Թախրադան, որ անձնատուր եղաւ Թէմուր Լէնկի (1393), եւ առաջնորդ ու գործակից անոր աւերանացը, որոց մէկ գործն այլ եղաւ Սար գսի շինած հոյակապ Ս. Փրկիչ կաթուղիկէն քակել, հանդերձ ուրիշ եկեղեցիներով: - ԺԴ դարուն մէջ Երզնկա զանազան տերանց կամ բռնաւորաց ձեռք ընկաւ, այսինքն Լէնկթիմուրի յաջորդաց, Ա գեւ Գարագօյունլու Թուրքաց, եւ երբեմն երբեմն Պարսից եւ Օսմանեանց, մինչեւ այս ետքիններուս ձեռք նորէն անցնելով յամին 1514, մնաց մինչեւ հիմայ:
Եկեղեցական հանգամանք այս քաղաքս Յունաց ինքնակալութեան ատեն աւելի ծաղկած էր, Զ դարէն սկսեալ, յորում Յուստինիանոս կայսր նորո գելով` անուանեց Յուստինիանուպօլիս, եւ եպիսկոպոսի աթոռ եղաւ, որ եւ Յունաց ժողովքներուն մէջ ստէպ կու յիշուի. միայն թէ այդ Յուստինիանու նորո գած քաղաքն բուն հիմկու Երզնկայի հետ նոյն ըլլալն յայտնի չէ. վասն զի եւ ամենեւին յունարէն արձանագիր մը գտուած չէ հոս, բաց ի քանի մ՚անծանոթ նշանագիրներէ որ պարսպաց քարերուն վրայ կ՚երեւին. ուր կան նաեւ Սէլչու գեանց (Ղօնիայի սուլտանաց) քանդակք եւ նշանք: Իսկ մեր ազգային եպիսկոպոսներէն քիչ կու յիշուին յԵրզնկա. նոյնպէս եւ եկեղեցիներէն, որք պէտք է բազմաթիւ եղած ըլլան մեր Արշակունի քրիստոնեայ թագաւորաց ատեն. մանաւանդ որ ատեն մը վերջին թագաւորաց մէկն այլ հոս նստաւ. բայց պատմութեան մէջ Լուսաւորչի շինած Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն վերջ մինչեւ Սար գսի շինած կաթուղիկէն` միայն Ս. Գէոր գեկեղեցի մը կու գտնեմ յիշուած յամի 1223:
սկ թէ կրօնական եւ թէ գիտնական անձանց մէջ երեւել կամ ինծի յայտնիներն` յԵրզնկա, ԺԳ-ԺԵ դարուց միջոցն ծաղկած են, որոց առաջին` նախայիշեալն Սար գիս արքեպիսկոպոս, անոր ժամանակակից Յովհաննէս Վ. Պլուղ կամ Ծործորեցի, Ստեփանոս Գ կաթուղիկոս` որ գերի բռնուեցաւ ի Հռոմկլայ յԵ գիպտացւոց, Կոստանդին Երզնկացի բանաստեղծն. ԺԴ դարուն մէջ Մովսէս Վարդապետ Երզնկացի խրատագիր, Կիրակոս Վ. աշակերտ Յ. Որոտնեցւոյ, որ քաղքին ազատութեանն համար աղաչաւոր երթալով առ Լէնկթիմուր` վախէն պըռկունքն պատռեցան, եւ լալով ետ դարձաւ. - քիչ առաջ իր վարժապետն` մեծահռչակ Որոտնեցին` եկեր էր յԵրզնկա, եւ հոս ուրիշներէն զատ իրեն պէս եւ աւելի անուանի եղած Գրի գոր Տաթեւացւոյն` վարդապետական գաւազան տուեր էր. - ԺԵ դարուն վերջը Երզնկայի եպիսկոպոս էր Մարտիրոս մը, որ երկայն ճամբորդութիւն մ՚ըրած է յԵւրոպա` բայց շատ կարճ նշանակած է: Աղեքսանդր Զ Պապն ասոր գիր մը տուած է ընծայութեան, որուն օրինակն պահուած կայ: ԺԷ դարուն վերջն այլ Երզնկայի եպիսկոպոս էր յետոյ անուանի Աւէտիք պատրիարքն Կոստանդնուպօլսի:
Դ
խմբագրելԱյսքան անձանց մէջ ամենէն յատուկ Երզնկայի կոչուածն, միան գամայն եւ ամենէն արդիւնաւորն գրականութեամբ եւ գիտութեամբ` ըլլալով Պլուղն Յովհաննէս, կ՚արժէ որ ոչ միայն քաղքին հետ աւելի պնդութեամբ կապուած ըլլայ իր յիշատակն, այլ եւ մեր մտաց մէջ, Հայկակ, մանաւանդ որ գրագէտք մեր լեզուին յստակութեան կամ վայելուչ գրողաց վերջինը կու սեպեն զսա, արժանի է որ ամեն բանասիրաց սիրելի ըլլայ` այն բանասէրն` որ ուսմանց սէրը, հո գեկան կրթութեան եռանդն եւ խոհեմութիւնը հաւասար իրարու կապեր էր, որ բոլոր կեանքն իմաստութեան նուիրած` եղաւ ճարտար գրիչ, բանաստեղծ, քերական ճարտասան, մեկնիչ, տոմարագէտ, քարոզիչ վարդապետ եւ աստուածաբան: Եւ առաւել սիրելի եւ յար գելի եւ գովելի է այն անձն` որ ազգին կարծեաց երկպառակութեան ատեն, դժուարին եւ դժբաղդութեան ատեն ալ, կրցաւ խոհեմութեամբ ճամբայ բանալ սիրով միաբանութեան առաջնորդաց եկեղեցւոյ: Արժանի էր հռչակելու այն վարդապետը` որ իր նախնի արժանաւոր հայրապետները ներբողներով եւ եր գերով հռչակեց, միաբանակեցաց ժողովքներն արթընցուց եւ զուարթացուց, սուրբ եկեղեցիները սրբաբանութեամբ զարդարեց, հայ թագաւորաց արքունիքն ալ` պերճաբանութեամբ: Բայց ափսո՜ս որ այսպիսի անձի մը վարքն ամբողջ ծանօթ չէ մեզի, հապա միայ իրեն գրոց եւ քանի մ՚ալ ժամանակակցաց յիշատակարաններէն կրնամք տեղեկութիւն առնուլ իր արդիւնական կենացը:
Յովհաննու ծնած տարին` ինչպէս` մեռածն ալ` յայտնի չէ, բայց հաւանական է թէ ծնած ըլլայ իբր 1250ին, եւ մեռած ի 1326: Զանազան մականուններ ունի այս վարդապետս, որոնց առաջին եւ սովորականն է Երզնկացի կամ Եզնկայեցի, «Երզնկայ քաղաքը ծնած ըլլալուն համար. բաղդով աս վարդապետին բուն իր ձեռքով գրած մէկ գիրքը տեսայ, ուր գրեր էր «Նուաստ եւ տկարո գի Յովհաննէս Եզնկայեցի սպասաւոր բանի», եւ այլն. ուր եւ տ գէտ անձ մը` Եզնկայեցի բառին ետքի գրերը քերեր եւ Եզնկայ եպիսկոպոս ձեւացուցեր էր: Բուն ծննդեան տեղն է Աբկայ գեղն, ըստ աւանդութեան հիմակուան Եզնկացւոց: Երկրորդ սովորական մականուն է Պլուզ, որ կու կարծուի թէ կա'պուտաչուի ըլլալուն համար` ըսուած է, կամ մանաւանդ հասակաւ պզտիկ ըլլալուն համար. Երզնկացիք հիմայ այլ պլզտիկ կ՚ըսեն եւ ոչ պզտիկ: Երրորդ մականունն է Ծործորեցի, երկայն ատեն Արտազգաւառին Ծործոր գեղին Ս. Աստուածածնի վանքը բնակելուն համար, ինչպէս ինքն ալ կու վկայէ յիշատակարանի մը մէջ: Հոս ալ նշանակել կամ դիտել տալ կ՚ուզեմ, որ Կիրակոս Երզնկացին այլ Ծործորեցի ըսուած է: Չորրորդ մականուն մ՚ալ կ՚ընծայէ ձեռագիր շարական մը հին կար գաւորութեամբ գրուած գեղեցիկ գրով եւ աղէկ թանաքով, որուն գրերն նման են Յովհաննու ձեռագրին զոր վերն յիշեցի. եւ տեղ մը կայ հին գրչով գրած այս պզտի յիշատակարանս. «Յովհանէս Եզնկացւոյն է գիրս, մականուն Մաշածին». այս մականունս որ իր ժամանակը գրած կ՚երեւի իրեն ձեռագիր շարականին վրայ, չեմ գիտեր ի'նչ պատճառաւ արուած է իրեն, եւ ոչ ալ թէ Մաշածին` մաշած բառին սեռականն սեպելու է, թէ մաշ եւ ծին բառերէն բարդած, ինչպէս կրնայ ալ կարծուիլ:
Յովհաննէս անոնցմէ մէկն եղած է` որ կրնային ըսել Իմաստնոյն, եւ իրեն իսկ անուանակից եւ ազգակից` Հայոց մեծ Իմաստասիրին հետ, թէ Մանուկ էի մտավարժ եւ ո գւոյ բարւոյ դիպեցայ. կ՚երեւի թէ ծնողքն ալ հո գունեցեր են պզտիկուց զինքը ուսման տալու. իր մէկ բաղդն ալ այս եղաւ որ իր հայրենիքը Լուսաւորչի լերան վանքերով շրջապատած էր, որոնց մէջ դեռ բաւական գրքեր եւ գրագէտներ կու գտուէին. եւ աւելի բաղդն ալ այս էր` որ իր տղայութեան ատեն` Երզնկա քաղքին քաղաքական իշխանն էր Յովհաննէս պարոնը, հո գեւոր տեսուչն ալ էր` այն պարոնին հայրն Սար գիս արքեպիսկոպոսն, երկուքն ալ աշխարհաշէն եւ ջանասէր եւ ջանասիրաց ձեռք տուող: Երզնկացին առջի ուսմունքներն ըրաւ Ս. Մինասու անապատ ըսուած վանքը, Սեպուհ լերան սրբազան շուքին տակ. վերջը անոր քովի վանքերն ալ պտըտելով` մեղուի նման քաղեց անոնցմէ ինչ որ իր իմաստասէր մտաց պատուական գտաւ. բայց անոնցմով գոհ չըլլալով` ելաւ հեռու տեղուանք ալ պտըտելու գիտութիւն ժողվելու համար:
Այն ատենները Հայոց մէջ ամենէն անուանի վարդապետ ճանչցուած էր Վարդան Արեււելցին, եւ թէ Կիւլիկիոյ արքունիքը թէ արեւելեան Հայաստանի մէջ պատկառելի եղած. այս բազմահմուտ եւ բազմագիր վարդապետս իր վերջին տարիները քաշուեր էր Հայոց եւ Վրաց սահմաններուն մօտ Հաղբատ եւ Սանահին հռչակաւոր վանաց մէջ տեղ` Կայենոյ ձոր ըսուած տեղը, ուր որ պզտի վանք մը կար, հոն նստէր եւ դեռ աշակերտաց դաս կու տար. Յովհաննէս ալ գնաց անոր քով, եւ կ՚երեւի թէ ինչուան անոր մահը հոն կեցաւ, եւ կ՚անուանէ զինքն «Աշակերտ հո գելից հօրն եւ սուրբ վարդապետին Վարդանայ»: Յովհաննէս դարձաւ Երզնկայ, ուր յաջորդ տարին (1272) հոն մեծ դիպուած մը հանդիպեցաւ. այսինքն սրբոյ Մեծին Ներսիսի մարմինն գտուեցաւ, 640 տարուընէ վեր փլած Թիլ գեղին եկեղեցւոյն տակ, եւ Սար գիս արքեպիսկոպոսին ձեռքով փոխադրուեցաւ յԵրզնկայ: Այս գիւտիս եւ փոխադրութեանն ոչ միայն ականատես կու կարծուի Երզնկայեցին, այլ եւ կ՚երեւի թէ ինքն է անոր պատմութիւնն ալ գրող եւ գեղեցիկ ճարտասանական ըսող` փոխադրութեան հանդիսին մէջ, ճառ մ՚ալ արքեպիսկոպոսին հրամանաւն, ինչպէս որ գրուածքին ոճէն գուշակեն բանասէրք: Բայց ասկէ յայտնի եւ փառաւոր յիշատակ մ՚ալ թողուց Եզնկացին Ս. Ներսիսի վրայ, «Որ զլոյսն անճառ» եր գած շարականովն, որ ընտիր շարականաց կու հաւասարի` ազնիւ շարադրութեամբ եւ իմաստներով եւ վառվռուն եռանդեամբ, այս շարականս եր գեց` երբոր Լեւոն Գ Հայոց թագաւորն լսելով Ս. Ներսիսի նշխարաց գիւտը` եկեղեցի մը նուիրեց այն մեծ հայրապետին:
Երզնկացին քանի մը տարի հայրենեաց սահմաներէն հեռացած չերեւար. գուցէ Սար գիս արքեպիսկոպոսին քով կը ծառայէր, ինչուան անոր անպարտ սպանումը իր որդւոյն հետ մէկտեղ: Տարի, մը ետեւ, 1280 ին, Ս. Գրի գոր վանից միաբանքն` միաբանութիւննին նորո գելով` խնդրեցին իրմէ որ իրենց կանոններ գրէ. ինքն ալ գրեց «Կանոնք եւ սահման միաբանութեան եղբարց` որք աստուածային սիրով միաբանեցան յեղբայրութիւն միմեանց` յԵզնկայ, ի ՉԻԹ…». եւ կու սկսի. «Բանն Աստուած որ բանիւ գոյացոյց ամենայն արարածս», եւ այլն: Այս յիշեալ վանքերուն մէկուն մէջ գտայ Փիլոնի Եբրայեցւոյ ճառերուն թար գմանութիւնը` գրուած կիսակատար` Երզնկացւոյն համար:
աջորդ տարին ելաւ Յովհաննէս հեռու ճամբորդութիւն մ՚ընելու, «Գնալ յաստուածային քաղաքն Երուսաղէմ ի տեսութիւն տնօրէնութեան Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ», ինչպէս ինքն կ՚ըսէ. ճամբորդութիւնը Կիւլիկիայէն ըրաւ, որ հոն տեղի թագաւորական եւ հայրապետական ջանքով պայծառացած գիտութեանց ճաշակն ալ առնու: Յակոբ կաթուղիկոսն ուսումնասէր եւ խոհեմ անձն` սիրով ընդունեցաւ զՅովհաննէս, եւ ճանչնալվ անոր տաղանդը` իրեն ուսումնարանին վերակացու դրաւ, քերականական եւ մեկնական ուսմանց` եւ տեսնելով որ ինչուան անանկ քաջ մեկնիլ մը չըլլայ անկարելի է համբակաց մեր նախնեաց շինած յունարէնէն յարմարցուցած քերականութիւնը հասկանալ, աղաչեց իրեն որ այն քերականին դիւրահասկանալի մեկնութիւն մը գրէ, որովհետեւ թէպէտ շատերն իրմէ առաջ գրեր էր, բայց ամենքն ալ դժուար եւ մթին: Յանձն առաւ Երզնկացին, թէպէտ չկրցաւ մէկէն կատարել: Բայց իր համբաւն լսուեցաւ արքունեաց մէջ. Լեոն թագաւոր զինքը պատուեց, ինքն ալ իր հանճարովն զուարճացուց արքունիքը: Ռուբինեան թագաւորք Եւրոպայի թագաւորաց քանի մը սովորութեանց հետ` անոնց ասպետութիւնն ալ ընդուներ էին, որ իրենց Ձիաւոր կ՚ըսէին, եւ Ս. Վլասի անունով ասպետութիւն մ՚ալ հաստատած էին, նման Տաճարականաց եւ Մալդայի ասպետաց, Երզնկացւոյն հոն եղած ատեն Լեւոն թագաւորին երկու որդիքն Հեթում եւ Թորոս, որք վերջը երկուքն ալ թագաւորեցին, կարճութեան հասակ հասնելով` Ձիաւոր ընտրուեցան ուրիշ իշխանազանց եւ արքունի պաշտօնէից որդւոց հետ մէկտեղ, այս հանդիսին մէջ Երզընկացին հրաւիրուեցաւ ատենական ճառ մը խօսելու, եւ բնարան դրաւ Առաքելոյն խօսքը. «Ամենայն անձն որ ընդ իշխանութեամբ է), եւ այլն, ճառին սկիզբն է. «Յարաժամ բաղձանօք նորալուրն եւ նորագործն սիրելի եւ ախորժական լինել», եւ այլն, ես այս ճառին դեռ վերնագիրն միայն տեսած եմ: Թագաժառան գն Հեթում մասնաւոր սէր կապեց Երզնկացւոյն, զոր վերջը իր պարոնութեան կամ թագաւորութեան ատենն ալ կրկին ան գամ ընդունեցաւ ի Կիւլիկիա: Իշխանք եւ եպիսկոպոսք ալ ճանչցան եւ պատուեցին Երզնկացւոյն հանճարը: Սսոյ մայր եկեղեցւոյն մէջ Քրիստոսի աստուածայայտնութեան օրը ճառ մը խօսեցաւ: Անարզաբայ Գրի գոր եպիսկոպոսին առջեւ, որ եղաւ վերջը կաթողիկոս խօսեցաւ ուրիշ ճառ մ՚այլ բնարան դնելով «Սքանչելի եղեւ գիտութիւն քո», եւ այլն: Նոյնպէս Կոռիկոսի Ստեփանոս վարդապետին հրաւիրանոքն ալ եկեղեցւոյ վրայ ճառ մը խօսեցաւ: Այսպէս ուրիշ յիշատակներ ալ թողուց` ի Կիւլիկիա, որ որչափ իր իմաստուն անուանը պատիւ են, այնչափ ալ իր իմաստութիւնը ճանչցող եւ յար գող անձանց: Երանի՜ այն աննախանձ ժամանակին եւ բաղդին, որ հանճարն իր արժանաւոր պատիւը եւ խրախոյսը գտեր էր Հայոց մէջ. երանի՜ այնպիսի իմաստուն վարդապետաց, այնպիսի իմաստասէր իշխանաց եւ իմաստայար գեպիսկոպոսաց: Գրչագրի մը մէջ հանդիպեցայ այս բանիս. «Յոհաննէս քահանայի աշակերտի գրոց` ի բան քերականին որ ասէ. Անուն է մասն բանի հոլովական. ասացեալ` յորժամ դարձաւ յուխտիցն ի տեղի ուսմանն առ աշակերտակիցսն իւր, ի սուրբ վարդապետացն ժողովեալ բանից. Աստուածային ձեռին օծեալն», եւ այլն. - կրնար կարծուիլ թէ մեր Երզնկացւոյն ըլլայ այս ճառս (որուն միայն քիչ մը սկիզբն գրուած էր), բայց յայտ է որ կամ աւելի առաջ երիտասարդութեան ատենն ըրած պիտի ըլլայ այս ուխտագնացութիւնս, կամ բնաւ ուրիշ Յովհաննէս մ՚է այս. վասն զի Երզնկացին իր քերականի մեկնութեանը վրայ տուած տեղեկութեան մէջ ամենեւին չի յիշեր այսպիսի բան մ՚այլ երբեմն գրած ըլլալը:
Ե
խմբագրելԱրդ մեի ծանօթ եւ իր յիշած ճամբորդութենէն եւ Կիւլիկիայէն դառնալէն ետեեւ` գնաց 1284 ին ի Տփղիս Վրաց մայրաքաղաքը, ուր Վրաց հետ Հայոց հին իշխանազանց մնացորդքն ալ կային, թէպէտ ինքն գրոց եւ գրագիտաց հետ կ՚ուզէր պարապիլ, բայց համբաւն իրմէ առաջ անցնելով` զինքն ընդունելի ըրաւ հոն տեղի բարեսեր իշխանաց եւ հայրապետաց ալ. օր մը Քարիմատին ըսուած Հայոց Ոմեկ մեծ իշխանին շինած եկեղեցւոյն մէջ ներբող մը խօսեցաւ, որուն մէջ երկնից զարդուն նկարագրութիւն մ՚ալ ըրաւ, Ոմեկայ կտրիճ որդին Վաղթան գ` այնչափ զմայլեցաւ այս խօսուածքին` որ աղաչեց զԵրզնկացին առանձին գրուածք մը ընել երկնից վրայօք. Տփղիսի Յովհ. եպիսկոպոսն ալ վրայ տուաւ. այն ատեն Երզնկացին ալ գրեց «Յաղագս երկնային շարժման», եւն, երկնային մարմնոց եւ անոնց շարժմանն վրայօք, այն ատենուան գիտութեան յարմար: Այս բանս ինքնին հեղինակն կու պատմէ. «Ախորժելի եղեւ (բանս մեր) զուարթամիտ պատանոյն Վաղթանկայ, որ էր որդի կրսեր հռչակաւոր անուն Պարոն Ոմեկին, եւ մայրենի ազգաւ թոռն մեծ իշխանին Ջալալին` տեառն Խաչենայ, որդի մոր բարեպաշտի, որ էր Քրիստոսի օրինօքն զարդարեալ յո գի, եւ ի խնդիր բանիս յորդորդ զորդի: Սա խնդրեաց ի մէնջ յաղագս Երկնի եւ նորին շարժմանն յոր հարկեալ յորդորեաց զտկարութիւնս մեր մեծազգի եպիսկոպոսն տէր Յոհանէս, ազնուական զարմից եւ բարետոհմիկ հարց ծնունդ. որ եւ շարժեալ ի սիրոյ եւ ի յուսոյ խնդրողաց, եւ ակն առեալ ի պատուոյ շնորհաշուք տեառն եւ գերապատիւ եկեղեցւոյ գլխոյն ի նրբաշաւիղ եւ ի կորովամիտ բանից սուրբ հարցն եւ վարդապետաց մերոց եւ իմաստախոխ արանց` պարզեալ գրեցի համառօտ բանիւ եւ աշխարհական խօսիւք վասն դիւրահասկանալի լինել ընթերցողաց»: Այս գրուածս կարդալով ուրիշ իշխան մ՚ալ Ապլոց անուն` ուզեց որ աւելի զուարճալի ոճով նոյն բաներուն վրայ դարձեալ գրէ: Երզնկացին ալ հազար տող ոտանաւորով երկնից նկարագրութիւն մ՚ըրաւ եւ ընծայեց իշխանին: Այս քերդուածին սկիզբն է:
«Յամենահրաշ գործս Արարչին որ գոյացան`
Մեծ եւ ահեղ ըսքանչելիք ներ գործեցան»:
ուր երբեմն կու նկարագրէ, երբեմն դիմառնաբար կու խօսի երկնից հետ.
Ո՜վ սքանչելի ձեզուն յարկի այս մեծի տան,
Ի Բարձրելոյն բանէ ձ գեալ որպէս խորան…
Դու յարկ մեծին ձեռամբ շինեալ արքայական
Ջահ ի բարձանց ի քեզ կախեալ անշիջական,
Դու անթառամ ծաղկանց լուսոյ մեծ բուրաստան`
Որք յանդաստանս քո գեղեցիկ ծաղկագրեցան.
Ոչ պարանոց քո լանջագեղ զարդարեցան,
Այլ բովանդակ մարմին եւ անձըն շքեղացան». եւ այլն:
Երբեմն այլ արեւուն վրայօք կ՚ըսէ.
Այլ եւ զպայծառ լուսոյն աղբիւր միշտ հոսական`
Ըզգեղեցիկ ակն աշխարհի լոյս ցուցական,
Զնա ի կամարըս քո բերես ջահ փայլական,
Որ զկերակուրն հըրոյ բաշխէ բնաւից պիտան.
Սա մեզ խըրատ որ ըստ օրէ քարոզական,
Ըզմահ եւ զկեանք օրինակէ դէմ յանդիման
Առաւօտուն ծագմամբ` ըզծնուոնդըն մայրական,
Ի երեկոյին թաղմամբ` ըզմուտն ի գերեզման,
Յարեւելից գեղով ծագէ փեսայանման,
Արագապէս զընթացս առեալ հըսկայական,
Զարե գական արդարութեան պատմէ ըզբան,
Զաննիւթ լուսոյն մեզ քարոզէ լոյսն եղանակն»:
Երզնկացին Վրաց կողմերէն կ՚երեւի թէ Հայոց այն ատեն անուանի վանքերուն այլ այցելութեան ելած ըլլայ. եւ եթէ իր անուամբ եւ մականուամբ ուրիշ Ծործորեցի մ՚այլ չկայ` իրենն եւ այն ճառն որոյ խորագիրն է. Յովհաննէս վարդապետի Ծործորեցոյն արարեալ ի բանէն Եսայեայ որ ասէ. Հո գի Տեառն ի վերայ իմ». որոյ վերջաբանին մէջ շնորհակալ ըլլոլով Աստուծոյ խնամոցն իր վրայօք վասն ծնընդեանն եւ զար գացմանը, կ՚աւելցընէ նաեւ ուսումնական վարժիցն համար. եւ ի մտաւորն ծնունդ եւ ի բանին ծնողութիւն եւ յերկունս մտաւոր աշխատութեանցն արժանացայ կոչիլ, տկար եւ ցաւագին մարմնովն, եւ ի մէջ ծփան ալեաց ծովածուփ աշխարհիս եւ տրտմաբեր կրից կենցաղոյս, առաջնորդեաց ինձ հո գին է էառ առ ոտս բարիոք նաւուղզելի եւ իմաստուն կատարողապետի: … Եւ այսր ամենայնի պատճառ եւ առթող եղեալ եւ մեզգետս Եփրատէս, անուանակիր որդւոյն Ամսովսայ, հռչակեալս ի տանս Թար գոմայ, որպէս նա յորդոցն Եբերայ»: Այս վերջի խօսքերս կ՚ակնարկեն յԵսայի Նշեցի, Սիւնեաց Գայլեձորոյ վանաց մեծահռչակ վարժապետն, որ յամին 1284 նստեր էր յաթոռ առաջնորդութեան, եւ 50 տարի վարդապետեց, տարիքով եթէ պզտիկ այլ չէր, գոնէ հասակակից պիտի ըլլար մեր Երզնկացւոյն, բայց գուցէ անկէ առաջ վարդապետական պատուոյ հասած էր, եւ այն անուանի վարժարանին գլխաւոր ըլլալով` թուի թէ Երզնկացին խոնարհաբար իրեն այլ վարդապետ կամ գոնէ ուսմանց բար գաւաճող կու ցըցընէ զնա մեծարանօք:
Յամին 1287 հանդիպած Երզնկայի մեծ սասանութեան ատեն` կ՚երեւի թէ Յովհաննէս անկէ հեռու չէր, մօտակայ վանքերուն մէջ ըլլալով, ուր յաջորդ տարին Սեպհոյ սուրբ Գրի գոր մեծ վանքին մէջ դարձեալ իր պերճախոս լեզու հանդիսացաւ: Գեղեցիկ եւ շատ գովելի սովորութիւն ունէին Լուսաւորչի լերան վանականներն եւ ուխտաւորներն բազմութեամբ վարդապետաց եւ քահանայից` ժողովելու այն մեծ վանքին մէջ, եւ տարուէ տարի ներբողական ճառով պատուելու մեր ազգին հո գւոց անմահ Լուսաւորիչը, այն տարին Երզնկացին խօսեցաւ «Յարազուարճ խնդութեամբ բերկրեալ» ճառը, ուր Լուսաւորչի հետ իր հայրենի գեղեցիկ գաւառին սիրովն ալ վառուած, եւ չորս կողմի բնութեան ազուորտեսարաններով միտքը նկարած, բանաստեղծութեան եւ ճարտասանութեան շնորհքով զանոնք կու նկարագրէ, մանաւանդ Սեպուհ լեռը եւ Մանեայ այրքն եւ բոլոր Դարանաղեաց լեռները: Այս նկարագրութեանց համառօտ եւ աշխոյժ եւ աւելի վսեմ բովանդակութիւնն է «Լերինք ամենայն» ըսուած ընտիր շարականն, զոր ինքն եր գած է. թէպէտ ոմանք Խորենացւոյն կ՚ընծայեն զայս, եւ արժանի իսկ է, երաթէ եւ հաւանական: Աւելի ւանական է որ Երզնկացին եր գած ըլլայ մէկայլ երկայն այբուբենական շարականն. «Այսօր զուարճացեալ», թէպէտ զայս ալ ոմանք Խորենացւոյն կ՚ընծայեն: Ներբողէն տասը վերջը եր գած է զայս: Կ՚երեւի թէ Լուսաւորչի ներբողկ խօսաց տարին` խօսեցաւ անոր որդւոց եւ թոռանց վրայ ալ ճառ մը, որ առջինին հետ մէկտեղ տպագրեցաւ նախ ի Կոստանդնուպօլիս, թէպէտ յայտնի վկայութիւն մը չկայ թէ այն ճառն ալ իրեն ըլլայ: Ճառերէն զատ համառօտ պատմութիւն մ՚ալ կայ Լուսաւորչի` Երզնկացւոյն անունով, որոյ սկիզբն է.
«ՅԱդամայ ԻԱ նահապետ Աբրահամ». եւ այլն:
Լուսաւորչի վանքերուն մէջ իր տղայութեան ուսումնարանը` Ս. Մինասը ընտրեց Երզնկացին, քիչ մը ատեն դադրելու եւ շատոնց խոստացած քերականութեան մեկնութիւնը գրելու. որովհետեւ Մշու Ս. Կարապետէն ալ` Յովհաննէս անունով վարդապետս մը եկաւ նոյն բանը աղաչեց, աշակերտներն ալ յորդորեցին. վերջապէս ձեռք զարկաւ. եւ նախ ետեւէ ըլլալով ժողվեց իրմէ առջի քերականի մեկնիչներն, արդեն Յովհաննէս Պարոնն անոնցմէ վեց հատ մէկ գիրք օրինակել տուեր էր. որք էին Մովսէս քերթողահայր, Դաւիթ փիլիսոփայ: Բարսեղ վարդապետ, իրեք ալ անանուն, որոնց մէն անշուշտ էր Ստեփանոս, մէկն ալ թերեւս Մամբրէ, իսկ Երզնկացին ասոնցմէ զատ գտաւ Համամ արեւելցւոյն եւ Գրի գոր Մագիստրոսի մեկնութիւններն ալ, Արիստակէս վարդապետին բառագիրքն եւ վերծանութեան կանոններն ալ ձեռքն ունէր. զայս ամենքը քննելով` պարզ մեկնութիւն մը գրեց այն հին քերականին, զոր նախնիք կարծես թէ միտք յօ գնեցընելու կամ սրելու համար գրած էին:
Ասկէ զատ ուրիշ համառօտ քերականութիւն մը կամ քերականի մեկնութիւն մ՚ալ հեղինակաբար գրեց, առանց առջի հեղինակաց վկայութիւնները բերելու եւ իրարու հագցընելու, ինչպէս էր առջինը: Այսառաջին մեկնութիւնը զոր հեղինակն կ՚անուանէ «առաջին պտուղ յանապատի կենաց», եւ իբրեւ իր առաջին ոճով գրուած գիրքը կու սեպէ, ընծայեց իր երախտաւոր եւ սիրելի Բ Հեթում թագաւորին` երկրորդ ան գամ Կիւլիկիագացած ատենն, 1293 ին: Հոն գտուեցաւ նաեւ այն աշխարհին դժբաղդութեան ատեն, Ե գիպտոսի Ալֆի սուլտանին ասպատակութեամբը, որուն համառօտ պատմութիւնն ալ գրած է քերականին յիշատակարանին մէջ: Հեթումէն առաջ իր պապն ալ եւ անուանակից Ա Հեթում քերականի մեկնութիւն մ՚ուզեր էր Վարդան վարդապետէն, այն ալ գրեր էր. այսպէս երկու մեծ թագաւորք` պապ եւ թոռն փափագեղան քերականի մեկնութեան եւ երկու մեծ վարդապետք` վարպետ եւ աշակերտ` գրեցին եւ ընծայեցին անոնց, եւ իրենց աշխատանքը նախ թագաւորական ձեռքերու վրայ դնելով` աւելի հաճոյ աւանդեցին մեզի:
Յովհաննէս ԺԳ դարուն վերջերը գնաց Հայաստանի Արտաղ գաւառը, ուր Ս. Թադէոս առաքեալ Ծործոր գեղին մօտ վանք մը շիներ էր Աստուածածնի անուամբ. ինքն ալ հոն թաղուելով` Թադէի վանք ալ կ՚ըսուէր տեղը. այս ատեն Զաքարիա եպիսկոպոսն էր նոյն վանքին ալ թեմին ալ առաջնորդն եւ Ծործորեցի կ՚ըսուէր. ասիկա մեծ պատուով ընդունեցաւ զԵրզնկացին եւ սիրով կը պահեր քովը, ուր այն ալ իր փնտըռած հանդարտութիւն եւ իմաստութիւնը գինելով` սիրեց թէ տեղը եւ թէ տեղին գլխաւորը, եւ երկուքն ալ մէկ սիրտ մէկ հո գի միաբանեցան թեմին հո գեւոր եւ մտաւոր յառաջադիմութեան համար: Հո գեւոր իշխանութիւնն կը մեծարէր զիմաստութիւնը, իմաստութիւնն ալ կը պատուէր զհո գեւոր իշխանութիւնը, խոհեմութիւնը զերկուքն ալ կը հաւասարեցընէր:
Զ
խմբագրելԵրզնկացւոյն հոս բնակած ատենը երկու մեծ կրօնական դիպուած պատահեցաւ ազգերնուս, մէկն էր Կիւլիկիոյ Հայոց թագաւորաց լատին եկեղեցւոյ հետ կրկին միաբանութիւնն. Գրի գոր Անաւարզեցի կաթողիկոս` Հեթում եւ Լեւոն թագաւորաց հաւանութեամբ Սսոյ մէջ ժողով մը գումարեց 1305 ին, եւ ուրիշ վարդապետաց հետ հրաւիրեց Զաքարիա եպիսկոպոսն եւ իր հին բարեկամն Երզնկացին ալ. բայց իր մահը վրայ գալով` ասոնք չ գացին. նոյնպէս երբ Կոստանդին կաթուղիկոս յաջորդեց զԳրի գոր եւ հրաւիրեց զասոնք` Յովհաննէս խոհեմութեան ճամբայ սեպեց չերթալը, ինչու որ Սիւնեաց արքեպիսկոպոսն Ուռպելեան Յովհաննէս որ միան գամայն գրեթէ իշխան էր իր երկրին` եւ մեծ ազդեցութիւն ունէր շրջակայ կողմերուն, կաթողիկոսին մտացը հաւանեալ չէր, ինչպէս որ գրով ալ իմացուց իր միտքը թէ կաթուղիկոսին եւ թէ Զաքարիայի: Զաքարիա պատասխան դրեց շատ իմաստութեամբ եւ զգուշութեամբ, համաձայն կաթուղիկոսին մտացը. ասոր համար Ուռպելեանը դժարեցաւ: Արդ որպէս զի այս դժուարութիւնը աւելի չզայրանայ եւ ժողովըրդեան խաղաղութիւնն ալ չխռովի` Զաքարիա եւ Երզնկացին միջին եւ զգուշաւոր ճամբայ սեպեցին` թղթով միաբանիլ կաթուղիկոսին հետ, անձամբ չըշարժել տեղերնէն, որ Ուռպելեանը չ գր գռեն: Բայց տասը տարի վերջը` երբոր կաթուղիկոսն նորէն Ատանայի ժողովքը գումարեց Օշին թագաւորին հրամանաւ ( 1816), Երզնկացին իր ծերութեան ատեն վերջին ան գամ գնաց Կիւլիկիա` Զաքարիայի կողմէն ժողովքին ներկայանալու, եւ հաւանելով անոր կանոններուն որ կը հաստատէր զՍսոյ ժողովը` դարձաւ յԱրտազ: Այս ճամբորդութիւնս Երզնկացւոյն մեծ գրաւոր գործքի մ՚ալ պատճառ եղաւ. վասն զի գտաւ ի Կիւլիկիա Ս. Ներսիսի Շնորհալւոյ սկսած Մատթէի աւետարանին մեկնութիւնը, որ ինչուան եօթներորդ գլուխը մեկներ էր եւ անկատար թողեր, իբր 150 տարի վերջը, Երզնկացին տեսաւ Շնորհալւոյն բուն ձեռնագիրը, եւ յորդորուեցաւ շարունակելու աւետարանին մեկնութիւնը եւ գլուխ տարաւ. ինչպէս ինքն իսկ կու պատմէ, նախ յիշելով թէ ինչպէս հանդիպեցաւ գրքին, եւ թէ ինչու կիսկատար մնացեր էր. եւ թէ «Թէպէտ ոմանք նախ քան զմեզ ձեռնարկեցին գրել ի վերա շարադրութեաննորին, սակայն ոչ էր կար գաւոր որպէս սրբոյն, այլ հատակոտոր արարեալ զբանս առաջին մեկնըչաց, նա եւ զբնաբանութին աւետարանին արտաքս մերժեալ, ուստի ոչ գայր զիրաւ յիմացումն ընթերցողացն: Յաղագս որոյ ես նուաստս ի յետինս յորդիս Սիոնի ապիկար ո գիս Յոհաննէս Երզընկացի, սպասաւոր բանի, բնակեալ ի վիճակ սուրբ առաքելոյն Թադէոսի` ի վանս Ծործորու կոչեցեալ, ընդ հովանեաւ սուրբ Աստուածածնիս, այլ եւ ժողովեալ առ մեզ բանասէր անձինք ի յուսումն կրթութեան աստուածաշունչ տառից լսելութեան, յորոց յորդորմանէ եւ ի փափագելի խնդրոյ` եղեալ ի մտի առնել հաւաքումն մեկնութեան…: Եւ արդ եղեւ գրութիւն սորա ի թիւ մարդեղութեան տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի ի ՌՅԺԶ որոյ զօրութեամբ բուռն հարցուք զբանէս». եւ այլ: Այս գիրքը գրելէն քիչ տարի ետեւ (1335ին) օրինակող մը այսպէս կ՚ըսէ, յետ խօսելու Շնորհալւոյն վրայ. «Նաեւ այլ ոմն յետ այնքան ժամանակաց, զոր Հո գին չարժեաց, յաշխարհեն Դարանաղեաց ի նահան գէն Եկեղեաց, որ է շիրիմ մերոյն հովուապետի եւ Լուսաւորչի Հայկազեանս զարմի, Յոհանէս վարդապետ կոչեցեալ Ծործորեցի, յոյժ աշխատանօք եւ քրտնաջան վաստակօք կատարեալ զմեկնութիւն սորա, էր զոր ի հնոցն սրբոց ժողովեաց, եւ է զի ի յիւրում կորովամիտ իմաստութենէն համառօտեաց, խիստ պարզ եւ յստակ, դիւրին լսողաց, յաւարտ ի գլուխ էած. զոր Տէր Յիսուս հատուսցէ նորա ընդ հարիւրաւորքն եւ ըիդ վաթսնաւորքն եւ ընդ երեսնաւորքն` վարձս բարեաց ի յանեբեկ աւուրն. եւս եւ ծնողացն նորա եւ ուսուցչաց նորա, որ այսպիսի պտուղ քաղցր մեզ ընծայեցին, եւ ամենեցուն վարձահատոյց լինի Քրիստոս, որ զՅովհաննէս վարդապետն Ծործորեցի սրտի մտօք յիշեն յԱստուած ողորմին եւ ի Հայր մեր որ յերկինս»:
Է Երկրորդ մեծ կրօնական դիպուածն այս էր, որ այն ետքի տարիներն` Լատինացւոց կողմանէ, առաջին ան գամ Դոմինիկեան կամ Քարոզիչ ըսուած միանձունք եկան ի մեծ Հայաստան, որոնց գլխաւորն էր Բարթուղիմէոս անունով հո գեսէր անձ մը, որ եպիսկոպոս ալ եղաւ. ասոնք բարեմտութեամբ սկսան աշխատիլ Հայոց եւ Լատինացւոց մէջ միաբանութիւն հաստատելու. եւ այս բանիս միջոց մ՚ալ սեպեցին լատին Ս. Հարց եւ վարդապետաց գրուածներն հայերէն թար գմանել. ասոր համար աշակերտներ ժողովեցին եւ սկսան լատին լեզուն սովրեցընել. իրենք ալ հայերէնը կը սովրէին, թէպէտ երկուքն ալ անկատար սովրելով` ըրած թար գմանութիւննին ալ հայկաբանութեան համը կորսընցուց, եւ լատինաբանութեամբ աւրեց հայ լեզուն. մանաւանդ երբոր տ գիտաբար հարկաւոր սեպեցին լեզուն ծռել` որպէս զի յամենայնի Լատինաց համաձայն ըլլայ ըսածնին եւ գրածնին. ասոնցմէ ելան Ունիթոր ըսուած կէս լատինածէս Հայ Դոմինիկեան կրօնաւորք Նախիջեւան գաւառին մէջ, որոյ մէկ վիճակին անուամբ յետոյ կոչեցան եւ Ջահկեցիք, որոնց պատճառաւ եղած բարիքն եւ չարիքն ալ յայտնի է: Բայց առջի բերան շատ խոհեմութեամբ կը վարուէին եւ մեծ օ գուտ միաբանութեան կու խոստանային. զոր ճանչնալով Զաքարիա եպիսկոպոսն եւ իր սրտակիցն Յոհ. Երզնկացի` ընդունեցան զանոնք իրենց թեմը, եւ Երզնկացին չխնայելով իր ծերութիւնը` հետեւեցաւ լատին լեզուի, գուցէ Կիւլիկիա եղած ատենն ալ հետեւած էր, օ գնեց թար գմանութեան մեծահռչակ Ս. Թովմայի Ա գուինացւոյ գործոց մէկ մասին, որուն ժամանակակից այլ էր Երզնկացին. վասն զի իր առջի ան գամ Կիւլիկիա եղած ատեն վախճանեցաւ այս մեծ Սուրբս (յամին 1282). իսկ անոր գրուածներէն` բաց յայլոց` Եօթն Խորհրդոց վրայ գրածն մահուանէն հազիւ 40 տարի ետեւ (1321) «Թար գմանեցաւ ի ձեռն սրբոյ ումեմն եպիսկոպոսի, Տէր Բարդուղիմէոսի, որ է ազգաւ լադին, եւ քաղ(եցաւ) միջնորդութեամբ լուսամիտ վարդապետին Յովհաննու Ծործորեցւոյ»: Ասիկայ եղած կ՚երեւի իր ետքի գրաւոր աշխատութիւնն, բայց նշանաւոր աշխատութիւն մը: Երզնկացին միշտ ճշմարտութիւն եւ իմաստութիւն եւ ազգին օ գուտը դիտելով, այս բանիս մէջ ալ միաբանեց զասոնք իր մտքին եւ սրտին մէջ, ոչ իբրեւ զոմանս` ճշմարտութեան պատուող երեւնալով, առանց աջ ու ձախ նայելու` զազգն ոտքի տակ առող, եւ ոչ իբրեւ զայլս ազգասիրութիւն պարծենալով` ազգին մէջ գտածը յամառութեամբ պաշտպանող: Առակ է թէ Իմաստուն մարդն իր կարծիքը կու փոխէ. եւ երբ հաւատոց վրայ ըլլայ ճանչցածն` ոչ միայն իմաստութիւն այլ եւ պարտք է այնպէս ընելն: Այսպէս ըրաւ անշուշտ Երզնկացին` ի Կիւլիկիա եւ յԱրտաղ, տեսնելով եւ լսելով քանի մը կրօնական խնդրոց պայծառ մեկնութիւն, որոց հակառակը գտնելով երբեմն մեր ազգային քանի մը մեծանուն վարդապետաց գրուածով` օրինակել տուեր էր մէկտեղ, եւ յառաջաբան մը գրեր էր, յորում կ՚ըսէ. «Յոլով ժամանակօք եւ աշխատութեամբ բազմաւ ստացայ զայս երեք գիրքս (Անանիայի, Խոսրովկայ եւ Սարկաւագայ)… զոր եւ գտի ես յայլ եւ յայլ տեղի եւ ժամանակի, եւ ստացայ զերիս գիրսն. եւ ի նոցունց դարձեալ ետու գրել եւ առ միմեանս եդի, եւ արարի մի գիրս», եւ այլն: Իր իսկագիր օրինակն է իմ ձեռքս անցածն, եւ գիրն կրնայ վայելուչ գրութեան օրինակ ըլլալ, եթէ ոչ եւ իր հին վարդապետութիւնն: Որչափ այլ չափաւորութիւն եւ խոհեմութիւն բանեցուցած ըլլայ` շատ դժար էր որ Լատինաց մօտենալուն համար` ոմանց զգուշանալի եւ ատելի եղած չըլլար, կենօք եւ յետ մահուն. արդէն վերոյիշեալ Մատթէի աւետարանի մեկնութեան հին օրինակին մէջ, որ իր մահուընէ քիչ տարի վերջ գրուած է, հակառակող ձեռք մը ջանացեր է աւրել թէ Յովհաննու անունը, թէ յիշատակարանին մէջ Լատին քարոզչաց վրայ գովեստը եւ թէ գրոց մէջ քանի մ՚անոնց վարդապետութեան համաձայնութիւնը:
Ը
խմբագրելԵրզնկացւոյն ետքի տարիները մեծ երկրաշարժ մը եղաւ Արտազգաւառը եւ Թադէի վանքն ալ կործանեցաւ: Զաքարիա նորէն շինեց, եւ կ՚երեւայ թէ չթողուց որ Երզնկացին հոնկէ հեռանայ, եւ հաւանական է թէ հոն ալ կնքեց իր բազմարդիւն կեանքը, թէպէտ եւ որոշ յիշատակ մը չկայ մահուանը եւ իր թաղմանը վրայ: Հաղբատայ վանքին գերեզմանատան մէջ ան գիր գերեզման մը կու ցուցընեն ինչուան այսօր` Երզնկացւոյն է ըսելով. բայց ես ուրիշ տեղուանք ալ հանդիպած եմ ասանկ երեւելի մարդկան երկու տեղ գերեզման, կամ տեղէ տեղ մարմինը փոխադրելուն համար, կամ սխալ կարծիքով: Ուր ալ որ եղած ըլլայ գերեզմանն` թէ եւ ան գիր, աւելի փառաւոր յիշատակ եւ տապանագիր սեպելու է Մխիթար Ապարանեցւոյն ըսածն, թէ «Քաջութեանն եւ սրբութեանն (Երզնկացւոյն) վկայեն ամենայն ծրագրեալ գրեանքն եւ մեկնութիւնք եւ սքանչելիք սուրբ գերեզմանոյն»: Այս ծրագրեալ մատեանքն են վերի յիշածնիս, եւ անոնցմէ զատ շատ գրուածքներ. ինչպէս են «Խրատք հասարակաց քրիստոնէից». պարզ եւ ռամկաց դիւահաս ոճով, խրատական ոտանաւորներ տղոց եւ կրօնաւորաց համար. սրբազան եր գեր, ինչպէս են Ջրօրհնեաց տաղքն` Յամենայն ժամ օրհնեմք զքեզ, եւ Այսօր ձայնն հայրական եւ Վարդավառի գանձն` Յանճառ լուսոյն, Աստուածածնի Վերափոխման վրայ այբուբենի կար գով տաղ մը, եւ այլն: Մեկնութիւն սաղմոսաց. Համառօտ հարանց վարք մը եւ խրատք, Քարոզք, Աղօթք, Քաղուածք վարդապետական բանից, եւ այլն, եւ այլն: Մեծացուսցէ մեկնութիւն. Քաղուած Անանիայի (Նարեկացւոյ) գրոց ընդդէմ Թոնդրակեցւոց. Գովասանութիւն Կաթուղիկոսաց եւ Եպիսկոպոսաց (որ տարակուսական գրուածք մը կ՚երեւի). գուցէ նոյնպէս ըլլան եւ իր անուամբ յիշուած Աշխարհացոյցն եւ Տրամաբանութիւնն. իրն է նաեւ Եօթն Խստաճարակաց շարականն. Յաւուրս վերջին ժամանակի: - Այս յիշեալ գրուածոց մէջ ամենէն յար գի եւ ընտիրներն կ՚երեւին Ճառերն կամ Քարոզքն, որ 30էն աւելի կան, ոմանք Սաղմոսաց վրայ, ոմանք Տօնից եւ եկեղեցական հանդիսից, յորոց զոմանս ի Կիլիկիա խօսած է, զոմանս իր հայրենիքը, եւ զոմանս ուրիշ կողմեր. յայտ է թէ շատն այլ գրած ըլլայ յԱրտազ, գուցէ եւ ի Հաղբատ:
Եթէ այս եւ եթէ ասոնց նման բազմապատիկ գրուածոցը, միան գամայն եւ առաքինի վարուցն համար, թէ իր աննախանձ ժամանակակիցներէ եւ թէ քիչ մը վերջիններէ մեծամեծ գովութեամբ կու յիշուի Երզնկայեցին, եւ կ՚ընծայուին իրեն այսպիսի մակդիրք. Րաբունի, Յո գնիմաստ հռետոր, Անյաղթ վարդապետ, Լուսամիտ վարդապետ, Պատուելի, Ընտրեալ, Սուրբ, եւ այլն. որոց անշուշտ յետինք եւ երկայք այլ արժանի պիտի սեպէին զինքը, եթէ գործերն եւ գրուածներն աւելի ծանօթանային եւ հրատարակուէին: Փափագելի էր մեզգիտնալ եւ Մխ. Ապարանեցւոյն յիշած սքանչելիքն անոր սուրբ գերեզմանին. յուսալով այլ որ աւելի հաւատալի ըլլան քան Ղազար Ջահկեցի կաթուղիկոսին պատմածներն` անոր կենդանութեան ատեն ըրածին, չեմ գիտեր ո՞ր գրուածքէ կամ աւադութենէ առած. զոր եւ դու, Հայկակ, կրնաս կարդալ գոնէ իբրեւ աւանդութիւն, եւ կարծիք մը Անոյ կործանման պատճառին, որ սովորաբար 1319ին աւրուած կարծուէր մեծ երկրաշարժէն. բայց դեռ անկէ շատ տարի ետքն այլ բնակուած ըլլալուն վկայ են իր եկեղեցեաց քանի մ՚արձանագրութիւնքն: - Հիմայ մտիկ ըրէ Ջահկեցւոյն պատմութեանը:
Թ
խմբագրել«Այս վարդապետս ազդմամբ սուրբ Հո գւոյն գնաց ի յԱնի` քարոզել եւ խրատել զնոսա, զի դարձցին ի մոլորութենէ եւ ի չար գործոց իւրեանց. մտեալ յաւագեկեղեցին օթեցաւ զգիշերն. եւ ոչ ոք կալաւ փոյթ յանձին գնալ առ նա առ ի հարցանել եւ ողջունել զնա. այլ իբրեւ հնչեցուցին զժամն գիշերային` գնաց յեկեղեցին, եւ զյետին տեղին ետուն նմա. եւ նա կայր խոնարհութեամբ. եւ յարձակման ժամուն գնաց ի խուցն. եւ բնաւ ոչ ոք մօտեցաւ առ նա: Իսկ ի ցերեկն իբրեւ զեղխեցին եւ արբեցան, ապա եկին մօտ վարդապետին: Եւ զի հասակաւ կարճ էր երանելին, վասն որոյ եդին երկայն գրակալ, զի ի ձ գտիլն ծաղր արասցեն զնա. իսկ նա ի շնորհաց Հո գւոյն սրբոյ զամենայն ընթերցմունս ի բերան առեալ` առանց գրի անսխալ ասէր ստու գութեամբ: Այլ ի տուէ եւ ի գիշերի խրատէր մեծաւ հո գաբարձութեամբ, եւ նոքա ոչ անսային բնաւ եւ ոչ դառնային ի մեղաց, վասն որոյ անկաւ մահ սաստիկ. զի աներեւոյթքն իբրեւ մարմնաւոր երեւելով` խոցոտէին յայտնապէս զմանկունս ի գիրկս մարցն եւ զայլս ի մահիճս, զոմանս ի մէջ քնոյն եւ զայլս եւ յարթունս: Իբրեւ տեսին քաղաքացիքն զպատուհասս եկեալ ի վերայ իւրեանց, յայնժամ կալեալ ըմբռնեցին զսուրբ վարդապետն եւ եդին ի բանտի ի նսեմ եւ ի ժահահոտ տեղի մի. ասելով, եթէ պատարագարա եւ հաշտեցո ընդ մեզ զԱստուած` որպէս եւ ասացեր. ապա թէ ոչ` մեռանիս ի ձեռաց մերոց: Իսկ նա պատասխանի ետ եւ ասէ. Ահա կրկին բարկացուցիք զԱստուած. եւ նոքա ոչ անսային. եւ անճարացեալ յերկիւղէ նոցա` յանձն էառ մատուցանել պատարագ, եւ ելեալ գնաց յեկեղեցին. եւ յորժամ էջ ի սեղանոյն ի խնկարկել, յայնժամ ել հուր ի բուրվառէն եւ այրեաց արս չորեք հարիւր, որպէս ի հնումն Նաբաթ եւ Աբիութ: Եւ իսկոյն զղջացեալ անկան առ ոտս սուրբ վարդապետին, եւ հայցէին ի նմանէ զթողութիւն, եւ խոստանային դառնալ ի մեղաց իւրեանց
«Եւ յետ սակաւ աւուրց սկսան կրկին գործել զչարիս եւ թաւալիլ եւ յախտս պղծութեանց: Յայնժամ բարկացեալ Տէր առաքեաց գազանս չարս եւ այլակերպս, որ գային ի մէջ գիշերի երամակօք եւ մտանէին տանէ ի տուն, զպատանեակս եւ զմանկունս տեսանէին արտաքս տանց իւրեանց գիշատեալ ոմանց զձեռս եւ ոմանց զոտս, ոմանց գլուխս, եւ ոմանք կիսամեռ անկեալ կային արիւնաթաթախ եւ դիաթաւալ: Այլ եւ կին մի ունելով զմիամօր որդի` որ յափշտակեալ եղեւ ի գազանաց գայ արտասուօք անկանի առ ոտս վարդապետին ասելով. Արդ օ գնեա տառապելոյս, զի միամօր է ինձ վասն զի պահեալ էի զամենայն պատուիրանս քո, եւ արդ պահեմ մինչեւ ցմահ: Յայնժամ տեսեալ վարդապետին զհաւատս կնոջն նման Քանանացւոյն, յաղօթս եկաց առ Տէր. յայնժամ գազանքն որ զանդամս տղային յափշտակեալն էին` ակներեւ բերեալ եղին առաջի սրբոյ վարդապետին. եւ վարդապետն առեալ զանդամս տղային դնէր եւ շարէր եւ ձ գէր իւրաքանչիւր տեղիսն. եւ սկսաւ աղօթել առ Աստուած այսպէս. Տէր Յիսուս, որպէս յարուցեր զմիամօր որդի այրւոյն ի Նային քաղաքի, նոյն զօրութեամբդ եւ ողորմութեամբդ յարս զսա եւ կենդանացս, վասն զի անմեղ է. այլ եւ տեսցեն մերձ եղեալքն զզօրութիւնս քո եւ դարձըցին ի չարեաց իւրեանց: Յայնժամ եռաց կատարեալ մարմինն, կցեցաւ ոսկր առ ոսկր եւ կենդանացաւ, եւ դարձաւ հո գի մանկանն եւ յարուցեալ կան գնեցաւ: Իսկ որ շուրջն կային իբրեւ տեսին զսքանչելիսն` գահի հարեալ անկան առ ոտս վարդապետին եւ մեղայ գոչէին, եւ վաղվաղակի գնացեալ բերէին զդիակունս առաջի վարդապետին եւ աղաչէին զի յարուսցէ. իսկ սուրբ վարդապետն Յովհաննէս եկաց յաղօթս եւ գոչեաց ասելով. Ով ոք անմեղք են ի սոցանէ` եղիցի նոցա բժշկութիւն, ապա թէ ոչ` Աստուած վրէժխնդիր լիցի ըստ հաճոյից իւրոց: Յայնժամ դիմեցին զայլք ի վերայ նոցա յանկարծակի եւ պատառեցին ակներեւ, զբազումս ի նոցանէ: Եւ ի տեսանելն զայս ամենայն ափշեցան ահիւ մեծաւ, եւ սկսան խստապէս մեղայ գոչել եւ դառնալ ի չար գործոց:
«Եւ յետ երից ամաց մոռացան զառաջին հարուածսն, եւ սկսան կրկին ի տիղմ թաւալիլ, ասելով թէ առաջին հարուածքն ի պատահմանէ եղեւ, եւ ոչ թէ առաջին հարուածքն ի պատահմանէ եղեւ, եւ ոչ վասն մեղաց մերոց: Եւ դարձեալ եկն վարդապետն Յովհաննէս, եւ սկսաւ քարոզել, եւ իբրեւ տեսին զնա զի կրկին յանդիմանէր զնոսա, բարկացան եւ սկսան ասել ընդ միմեանս, եթէ է մեր քակտիչ. եւ խորհեցան խորհուրդ նանիր, եւ արբուցին նմա թմբագեղս եւ թափեցին ի խելաց, եւ ապա մերկացուցին զնա եւ արկին ի վերայ սայլի, եւ այնպէս մերկ եւ խայտառակ ի մէջ քաղաքին շուրջ ածեալ մունետկաւ ծաղր առնէին զնա. եւ ապա բերեալ կախեցին զամբիւղիւ ի դուռն աւագեկեղեցւոյն, զի մտանօղք եւ ելանօղք տեսցեն: Եւ յետ ժամուց ինչ անցելոց զարթեաւ ի թմրութենէ. եւ զգաստացեալ ետես զինքն այնպիսի կերպարանօք. սկսաւ յո գոց հանել եւ լալ դառնապէս: Եւ լուեալ զձայնն` իսկոյն իջուցին եւ բրածեծ արարեալ աքսորեցին զնա. պատուիրելով եւ ահացուցանելով, եթէ այսուհետեւ մի' տեսցուք զքեզ աստ, ապա թէ ոչ` չարաչար մեռանիս ի ձեռաց մերոց: Եւ տեսեալ զայս ամենայն վարդապետին Յովհաննու` ել ի վերայ բարձր բլրի միոյ եւ անէծ զքաղաքն. կրկնեաց ծունր ասելով. Տէր, այլ ոչ լինիմ երաշխաւոր. այսուհետեւ զոր ինչ կամիս` այնպէս արա: Եւ յանկարծակի էջ սաստիկ բարկութիւն յԱստուծոյ, եւ սկսաւ քաղաքն շարժիլ եւ տապալիլ պարսպացն: Եւ զայն տեսեալ ամենայն ոք` ստէպ ընթացմամբ փոյթ ընդ փոյթ բուռն հարեալ ի ձեռաց ընտանեաց եւ զաւակաց իւրեանց` եւ տարադէպ ելեալ վտարեցան. թողլով զքաղաքն եւ զեկեղեցիս եւ զոսկէզօծ պալատս եւ զծաղկաւէտ դաշտս իւրեանց, որպէս փախստական»:
ԼԱ. Լեւոն Վերջին
խմբագրել29 Նոյեմբեր, 1393
Ա
խմբագրելԱՄԵՆԱՅՆ Հայազգի որ Բարիզու քով Ս. Դիոնեսիոսի աբբայարանի տաճարին այց ելնէ եւ իջնէ անոր տապանատունը, չիկըրնար առանց մեծ եւ խոր մտադրութեան չտեսնել քնարան մը թագաւորի, թագիւ խաչիւ եւ առիւծով, եւ վահանաւ մը` յորում քանդակեալ են նշանք թագաւորութեան Հայոց եւ Երուսաղեմի եւ Լիւսինեան տան: Աչք մէկէն կու տեսնեն այս խորագիրս, Cy gist Lyon, Roy d՚Armenie. (Աստ հանգչի Լեւոն թագաւոր Հայոց). եւ դարձեալ. Cy gist le tres – noble et excellent prince Lyon de Lizingne, quint Roy Latin du royaume d՚Armenie, qui rendi l՚ame a Dieu a Paris le XXXIX jour de novembre, I՚an de grace M. CCC. XX et XIII. IIII
Այսինքն. Աստ հանգչի մեծատոհմ եւ մեծապայծառ իշխան Լեւոն Լիզինեան, հին գերորդ արքայ Լատին` թագաւորութեանն Հայոց, որ աւանդեաց զհո գին առ Աստուած, ի Բարիզ, ի 29 աւուր նոյնեմբերի, յամի փրկութեան 1393: Հոս ուրուագրուած փոքրիկ ծնօտածաղիկ անձն` էր յաջորդ եւ վերջին հսկահասակ Հայկազանց եւ իշխանազօր Հայպետաց. եւ աւելի այս նկատմամբ քան թէ իր անուանակցաց մէջ յետին ըլլալուն համար` կու վայելէ իրեն կոչուիլն ՎԵՐՋԻՆ: Իր անունն այլ ըստ իմաստին կրնայինք կերպարանել ծեր Առիւծ մը` վատած թաթերը զինուց եւ վահանաց վրայ դրած եւ ընկած, բայց առիւծաբար ընկած, որուն խորշոմեալ եւ կռնճեալ յօնքն ու կիսաբաց աչերն` ոչ անվախ իրեն նայել կու տան:
Լեւոն Ե կամ Զ դասեալ ի կար գի Ռուբինեան պարոնաց եւ թագաւորաց Կիւլիկիոյ Հայոց, վերջինն եղաւ 150ի չափ Հայպետաց կամ ազգապետաց Հայոց, որոց կէսն թագաւորական պատիւ եւ անուն այլ կրեցին, կէսն առանց այդ անուան եւ թագի` մեր ազգին գլխապետք եղան, կատարեալ 40 դարուց միջոց: Ազգաց դե'ռ չձեւացեալ կամ չծաղկեալ կոկոնակերպ նահապետաց հետ, երբ մեր նահապետն` Հայկն` ելաւ ի նոյաբնակ երկրէն, Քամայ բռնաւոր թոռան հետ երթալու ի Սենաար, յաբեթական գնդի մը գլուխ կեցած, հաւատարմագոյն ժամանակագրութեան թիւն էր 2625 տարի Քրիստոսէ առաջ. երբ Լեւոն Զ Քամայ ցեղին պայազատական աթոռոյն իշխող Ե գիպտացի սուլտանին դէմ` մինչեւ ի յետին հնարս կռուելով ի վերայ թագաւորութեան եւ անուան Հայոց` գերի ընկաւ, եւ բազմութիւնք Հայոց թողեալ զյետին հայրենիս` օտարական գնացին յարեւմուտս Քրիստոսի թուականն էր 1375, այս երկու թուոց գումարն կ՚ընծայէ ողջ ամբողջ 4000 տարի: Չորս հազար տարի ազգի մը ինքնանուն եւ քիչ շատ ինքնիշխան պայազատութեան` ի մէջ հին եւ նոր ազգաց, - բաւական էր այդչափ ազգի մը համար` ի չափս Նախախնամողին ազգաց եւ ազանց, որ մարդկան ստեղծմանէն մինչեւ ցայսօր ձ գուած ժամանակի մըշտախաղաց կամարին մեծագոյն մասին վրայ` լարած եւ շարած է Հայոց ազգապետութեան գիծը, որոյ հաւասար շատ քիչ ազգաց գիծք կ՚երեւին: Այն գիծն` թերեւս օտարաց համար աննշան եւ աղօտ է այսօր. բայց Հայ աչաց լոսանշոյլ եւ անջինջ գիծ մ՚է, կարմիր-կանաչ կամար մը` որոյ գլխուն ի լեառն Մասիս, եւ վերջքն յամուրն Սիս. մէկուն քով Հայկն կան գնած, միւսոյն` Լեւոն ընկած: Յառաջ քան զՀայկն` դեռ ժողովրդոց զանազանութիւն չկայ, չկան ազգք եւ լեզուք. յետ Լեւոնի ամենայն ազգը եւ իշանութիւնք` դեռ երեկուան բաներ են յաչս Հայոյն. Հայն իր ազգային ինքնիշխանութեանը վերցուելէն վերջն այլ, իբրեւ լեզու եւ կրօնք` ունի պայազատութիւն մը, ունի որոշ տեղի եւ բարակ գիծ մ՚այլ ժամանակին կամարին վրայ, ունի գոնէ դեռ եկեղեցական հարստութիւն մը, որ կրնայ ձ գել եւ յարատեւել զհին Հայրապետութիւնը, քանի որ լեզուն եւ ծէսն մնան ի վերայ երկրի, զուսամբ թէ ցորչափ մնայ եւ երկիրս:
Լեւոն Վերջին` Հայոց հարստութեան ետքինն ըլլալուն, իրմով գրեթէ մեր ազգան եւ աշխարհն այլ աննշան մնալուն համար, դարձեալ իր օտար ցեղէ ըլլալովն եւ օտար երկրի մէջ վախճանելովն, եւ իշխանութեանն ատեն փայլուն եւ փառօք յիշատակներ չթողլուն համար, չի կրնար մեծ սիրելութիւն մը ձ գել ազգապանծ Հայոց, եւ սիրող եւ կռուող Հայ փառաց եւ անուան վրայ, իբրեւ քաջութեամբ եւ երկայնմտութեամբ եւ առ հարկի գերի ընկնող. - իբրեւ անարատ քաղաքավարութիւն ունող ի թագաւորութեանն եւ յետոյ, եւս եւ իբրեւ ազնիւ, ողորմած, բարեպաշտ, հնարագէտ, մեծաց եւ փոքունց եւ թագաւորաց եւ աղքատաց` սիրելի անձ մը, - միան գամայն եւ իբրեւ քիչ մը քողաւոր խորհըրդապատ (mysterieux) անձ մը, եւ տարօրինակ բաղդի հանդիպող մը, արժանի եղած է եւ ազգիս մտադրութեան եւ սիրոյն, հայկական յուշոյն մէջ խորատիպ անուանց մէկն է վերջին Լեւոն:
Ընդհանուր պատմութեան կամ մարդկութեան նկատմամբ այլ նշանաւոր, կամ թէ աւելի որոշ ըսենք, նշանաբաղդ անձ մ՚է Լեւոն, եւ բազմատեսարան վիպասանութեան մը առիթ ըլլալէն աւելի, կրնա մեծ բարոյական պատկեր կամ վարդապետութիւն մ՚ընծայել շատ դաս մարդկան, եթէ ուզէ մէկն ուշիւ քննել եւ նկարագրել իր կենաց ծանօթ պարագաները: Լեւոն Ե (ի կար գի համանուն թագաւորաց մերոց Ռուբինեանց, եւ Զ ի կար գի պարոնաց եւ թագաւորաց), այն տարաբաղդիկ իշխանաւորաց եւ աւագաց մէկն է` որ յետ ընկնալու իրենց բարձէն եւ բաղդէն, աւելի հանգիստ եւ հարուստ կ՚ըլլան, եւ աւելի անուանի եւ յիշելի: Այս երկու յատկութիւններն այլ ունեցաւ մեր վերջին թագաւորն իր տարագրութենէն ետեւ. Հռովմայ պապն, Սպանիոյ, Գաղղիոյ եւ Ան գղիոյ թագաւորք, իրենց երկիրներուն մէջ առատապէս տուին իրեն քաղաքներ, պալատներ, գանձեր, պատիւներ. եւ որչափ ապրեցաւ` միշտ իրենց բարձակից, եղբայր եւ համշիրակ սեպէին, եւ արքունի մեծամեծ հանդիսից մէջ վերագոյն աթոռներուն մէկը անոր կու տային: Ինչուան հիմայ թէ իր եւ թէ իրեն պաշտօնէից համար տրուած շատ հրովարտակներ կու գտուին դիւանատանց մէջ. իր կենաց վերջի տարիներուն օրագիրը, մահը, կտակը, կտակին մուրհակները պահուած են$ եւ յայտնի մնան գերեզմանն, մահարձանն եւ կիսանդրին, գրեթէ աւելի քան զամենայն թագաւորաց մերոց: Հոս միան գամ այլ կու տեսնեմք աշխարհիս ընդունայնութեան բարոյականը. որ շատ հեղ մեծամեծ մարդկանց` միայն կամ հազիւ եւ կամ ոչ իսկ գերեզմանը կու թողու յետնոց. այսպէս մեզի այլ մեր 4000 ամեայ հայպետաց յիշատակարանքը գրեթէ բոլորովին ծածկելով մեզմէ` անոնց վերջնոյն գերեզմանը միայն յերեւանի թողած է, աշխարհիս ամենածանօթ քաղքին մէջ. ի խորհրդածութիւն իմաստասէր մտաց եւ քաջազգած սրտի:
Բ
խմբագրելՈրչափ ծանօթ է Լեւոնի կենաց խաղաղ արեւմուտքն, այնքան անծանօթ է արեւելքն: Իբրեւ տասնամեայ թագաւորութեանն ատեն ինչե՞ր ըրաւ (բաց ի քանի մը դժբաղդութեանց), ինչո՞վ այդպէս ընտրելի եւ հաճելի եղաւ Հայոց. թագաւորութենէն առաջ ի՞նչ կ՚ընէր, ո՞ւր էր, որո՞յ որդի էր. - ամենն այլ դեռ անծանօթ են մեզի, բայց ի ցեղէն կամ տոհմէն: - Յայտնի է քեզ, Հայկակ, որ մեր Կիւլիկիոյ իշխանքն նախ Պարոն կոչմամբ պայազատէին` սկսեալ ի Ռուբինէ ազգականէն Գագկայ վերջին Բագրատունեաց թագաւորի, որոյ անուամբ եւ Ռուբինեանք ըսուեցան. եւ որոյ որդիքն ինչուան հին գվեց պորտ, 140-150 տարի իշխանպետեցին, ինն կամ տասն անձինք, որոցմէ իններորդն` Լեւոն Բ առաջին թագաւոր եղաւ Հայոց, եւ արու զաւակ չունելով` ժառան գեւ յաջորդ թողուց իր Զապել դուստրը. ասոր հետ պսակուեցաւ Հեթում Ա ի ցեղէ Հեթմեանց, ի բնէ Արծրունի ցեղին, եւ ասոր պայազատութիւնն այլ տեւեց իբրեւ 120 տարի` իրմով չորս ազգեւ 8 կամ 9 պայազատ թագաւորօք. որոց վերջինն եղաւ Լեւոն Գ կամ Ե, մեռեալ յամի 1341, չթողլով արու զաւակ: Թէ այս եւ թէ տէրութեան տկարանալուն պատճառաւ (վասն մեծի թշնամութեան եւ անդադար պատերազմաց Ե գիպտոսի սուլտանաց), ասկէ ետեւ Հայոց թագաւորութեան ժառան գութիւնն այլ, կար գքն այլ շփոթեցան, եւ քանի մը տարի անյաջողութեամբ թագաւորեցին Լեւոնի հօրաքեռորդիքն Կոստանդին-Յովհան (Ճուան) եւ Կուիտոն կամ Կի, որք ի հօրէ գաղղիացի էին ի Լիւսինեան տոհմէ (յորմէ էին եւ թագաւորքն Կիպրոսի եւ իշխանք Տիւրոսի). եւ իբրեւ անհաւատարիմք ազգային օրինաց Հայոց` ի մահ դատապարտեցան. եւ անոնց տեղ դրուեցաւ (1346) Կոստանդին Դ, որ թէ ի հօրէ եւ թէ ի մօրէ Հայոց թագաւորաց կողմնական գծերէ իջած էր. եւ թագաւորեց զգոնութեամբ դժար ժամանակի մէջ մինչեւ ի 1364-5: Իր երկու որդիքն կու յիշուին, Օշին` ծնեալ ի 1338 եւ Լեւոն` յառաջ քան զ1345: Ինչո՞ւ ասոնք չյաջորդեցին իրեն. - անտարակոյս կարճօրեայ մեռած պիտի ըլլան. կամ ըստ ոմանց` Լեւոն թագաւորած է, այլ մէկէն Ե գիպտացւոց դէմ պատերազմի մէջ բռնուած եւ թունով կամ խեղդով սպանուած` հաւատքը չուրանալուն համար: Այնքան մթին մնացեր է այս բանս, որ շատ ժամանակագիրք եւ ոչ այս Լեւոնի անունը գիտեն. եւ յայտնի նշան մեծ շփոթութեան ժամանակին եւ անհան գիստ պատերազմաց եւ հալածանաց, որ յետ մահուան Կոստանդնի Դի մինչեւ ի թագաւորութիւն մեր վերջին Լեւոնին տեւեցին: Այն խառնակ միջոցին` թերեւս ուրիշներ այլ թագաւորած ըլլան, ինչպէս յիշուի եւ Կոստանդին մը, որպէս թէ թոռն (ի մօրէ) Ե Լեւոնի եւ որդի Հեթմոյ իշխանի մը: Այսպիսի բռնաբարութեան ատեն բնական էր որ Լուսինեանք այլ` թէ ի վրէժ սպանման իրենց երկու երեք տոհմակցացն, եւ թէ իրաւամբք ժառան գութեան` ջանային Հայաստանի թագը ձեռք ձ գելու: Այսպէս այլ ըրաւ` ցեղին գլխաւորն` Պետրոս Ա թագաւոր Կիպրոսի, որ բազմութեամբ նաւուց եկաւ տիրեց ծովեզերեայց Կիւլիկիոյ եւ նուաճեց զշատս ի պարոնայց. յորոց ոմանք ասոր, ոմանք ուրիշներու կողմնակից կ՚ըլլային. իսկ հայրապետն Հռովմայ (Ուրբանոս Ե) գրեց առ իշխանս եւ առ ուխտ եկեղեցւոյն Հայոց (1365, ապրիլ) որ թողլով զուրիշները` թագաւորեցընեն զԼեւոնս այն (վերջին), զազգական Պետրոսի թագաւորի. որ թէ իրաւամբք մերձաւոր էր թագին եւ թէ արդեամբք վարուցն: Հայք հպատակելով հարկին եւ խրատուն` թագեցին զԼեւոն, նոյն կամ յաջորդ տարին. որ ինչպէս իր տապանագրին վրայ կարդացինք ի սկզբան` հին գերորդ Լատին թագաւոր կոչուի Հայոց. ըսել է որ բաց ի Ճուանայ եւ Կուիտոնէ` երկու ուրիշ Լատինք այլ թագաւորած են, որոց մէկն թերեւս սեպուի իրենց Պէմունդ եղբայրն, նոյնպէս սպանեալ ի Հայոց, միւսն այլ Պետրոս, եւ կամ թէ Փիլիպպոս առաջին փեսայն Զապելի թագուհւոյ, դստեր մեծին Լեւոնի, որ նոյնպէս Հայոց եւ իր խոստման անհաւատարիմ ըլլալով` բանտի մէջ մեռաւ: Թողունք այս խնդիրը եւ գանք ի Լեւոն:
Զսա ոմանք ի մերոնց փոքր պատմըչաց` կոչեն որդի Բրնձին, այսինքն (prince) իշխանին, - ո՞ր տեղւոյ … Անտարակոյս է Կիպրոսի Լիւսինեան` թագաւորաց հետ մերձաւոր ազգակցութիւնն, ինչպէս վկայեց Քահանայապետին թուղթն վասն Պետրոսի թագաւորին. որոյ որդին Յակոբ Ա (եղբայր Բ Պետրոսի) յետ մահուան` Լեւոնի Զ` ինք զինքը Հայոց թագաւոր անուանեց իբրեւ երրորդ աստիճանի ժառան գնորա: Թէպէտ ի հօրէ Լատին կամ Գաղղիացի, հաւանելի է թէ ի մօրէ Հայ էր, ինչպէս Ճուանն եւ Կուիտոն. եւ կ՚երեւի թէ ի Կիւլիկիա այլ կեցած էր իր մայրենի արքայազարմ Հայոց քով, եւ ընտանի ու սիրող անոնց կարգաց, օրինաց եւ լեզուին, գոնէ թագաւորութեան ատեն հայերէն օրինօք եւ պաշտօնէիւք կը վարէր. այսպէս հաւանօրէն Լեւոնի կինն այլ` Մարիամ դշխոյն, որ Մաճառաց թագաւորին ցեղէն էր, եւ ազգական Փիլիպպոսի Տարենտայ իշխանին` արեւելքի կայսր անուանելոյն:
Գ Լեւոն թէ եւ հանճարեղ եւ սրտաշահ մարդ էր, բայց Կիւլիկիոյ գրեթէ քայքայեալ թագաւորութիւնը յոտին պահելու համար` իրմէ վեր եւ իրմէ դուրս այլ ոյժ եւ հնարք պէտք էր, որ չ գտուեցան, եւ գրեթէ անկարելի այլ էր այն նուազեալ թագաւորութիւնը կործանմանէ ազատել. վասն զի մէկէն աւելի զօրաւոր թշնամիք կամ հակառակք կային անոր: Նախ այլազգեաց թշնամութիւնն կամ ոխութիւնն հին եւ արմատացեալ էր: Կիւլիկիոյ դիրքն այս կողմանէս վտան գաւոր էր մեր Ռուբինեանց. որովհետեւ մէկ կողմէն դրակից ունէին (ատեն մը) Ղօնիայի հզօր սուլտանները, որ Փոքր Ասիոյ մեծ մասին տիրած` միայն մեր Հայոց Պարոններէն կ՚ար գիլուէին ինչուան Միջերկրականին եզերքը ձ գելու իրենց իշխանութիւնը. մէկ այլ կողմէն` ինչուան այն ծովեզերքը կը հասնէր Ե գիպտոսի սուլտանին զօրութիւնը, շատ հեղ Ասորւոց կողմէն, երբեմն այլ նաւով յարձըկելով ի Կիւլիկիա: Առաջին պարոնայքն եւ թագաւորքն մեր շատ հնարագիտութեամբ եւ քաջութեամբ դէմ կեցան Իկոնիացւոց, ինչուան որ Հեթում Ա յաջողեցաւ Թաթարաց ղանին օ գնութեամբ տկարացընել անոնց իշխանութիւնն այլ, Բագարատայ վախն այլ: Ե գիպտոսի կողմէն այլ բաւական ապահովութիւն ունէին մերքն, քանի որ Լատինք Երուսաղեմի կու տիրէին եւ Ասորւոց ու Պաղեստինու մէջ իշխանութիւննին կու պահէին. իսկ երբ անոնք վերցուեցան, եւ Թաթարք այլ` կէս մը իրարու մէջ բաժնուելով, կէս մը մահմէտական կրօնքն ընդունելով` իրենց վախը եւ ուժը կորուսին, Ե գիպտոսի սուլտանը երբեմն անոնց հաւասար դիմամարտ կ՚ելնէին, երբեմն հաշտութիւն եւ միաբանութիւն կ՚ընէին, որով մերոնց վիճակը կասկածելի կ՚ըլլար: Իսկ երբ այս ԺԴ դարուն կիսէն ետեւ Թաթարք գրեթէ բոլորովին քաշուեցան յարեւմտեան Ասիոյ, եւ Օսմանեանց նախահարքն սկսան յառաջ գալ հանդարտօրէն տիրապետելով, Ե գիպտոսի սուլտանք հանդերձ Դամասկոսի սուլտաններով (որք երբեմն մէկ իշխանութեան տակ այլ կ՚ըլլային), առաջին հզօր տէրութիւն եղան Ափրիկէի եւ Ասիոյ սահմանակից կողմերը, որոց մէջ կը փակուէր Կիւլիկիա:
Ասոր ամրութիւնն էր մէկ մը ծովուն, մ՚այլ ծովային քրիստոնեայ տէրութեանց օ գնութիւնն եւ անոնց հեռաւոր նպաստն. բայց Հայք բաւական նաւային ոյժ չունելով շատ հեզ չէին կրնար այլազգեաց նաւատորմիղը վանել, անով շատ ան գամ իրենց մեծ եւ ամուր նաւահան գիստն Այաս` անոնց ձեռքն ընկաւ եւ աւերեցաւ, Քրիստոնէից կողմէն այլ շատ օ գնութիւն չ գտան, վասն զի ոմանք (Վենետկեցիք, Ճենովացիք) իրենց վաճառականութեան զբաղած եւ շատ հեզ իրարու հակառակորդ եւ թշնամի` մերոնց մեծ շահ մը չէին թէ ոչ վնաս, ոմանք այլ (ինչպէս Գաղղիացիք, Ան գղիացիք) երբեմն ստակով կ՚օ գնէին, զօրք խաւրել այլ խոստանային, բայց ոչ երբէք կրցան խաւրել, թէ ճամբու հեռաւորութեան համար, թէ իրարու մէջ կռիւ ունենալուն: Հին կտրիճ Հիւրընկալ (Ոսպիթալի) եւ Տաճարական (Դամբլուն) ասպետքն այլ նուազեր էին, եւ ոմանք բոլորովին վերցուած հեռացած ի սահմանաց Կիւլիկիոյ. կու մնար եկեղեցւոյ գլուխն, որ իբրեւ հայր հասարակաց քրիստոնէից կու գթար Հայոց վրայ. մանաւանդ լաւ տեսնելով որ անոնց փոքր թագաւորութիւնն էր բոլոր արեւմտեան քրիստոնէութեան նախամարտիկն կամ նախապարիսպ պատուարն ընդդէմ անքրիստոնեայ տէրութեանց արեւելից. ուստի թէ եկեղեցւոյ եւ թէ արեւմտեայ թագաւորաց օ գուտ էր Հայոց օ գնական ըլլալն, եւ այս բանիս համար ոմանք երկայն ճառեր եւ գրքեր այլ գրեցին այն ատեն առ Պապն եւ առ թագաւորս, որոց մէկն այլ սեպելու է մեր Հեթում թագաւորազն պատմիչը: Բայց ոչ Հայոց վերջին թագաւորաց ստէպ աղաչանքն եւ զրկած դեսպանին կրցա յարեւմտից օ գնութիւն մը գտնել, բաց ի ստակէ, խոստմունքէ եւ քաջալերութենէ, եւ ոչ Պապին առ նոսա տուած յորդորն, վասն վերոյ գրեալ պատճառաց: Որոց վրայ հարկ է աւելցընել քիչ մ՚այլ կրօնական խնդրոց յուզմունքն Հռովմայ եւ Սսոյ մէջ, զոր զայրացուցին պէսպէս սխալ տեղեկութիւնք կամ աւելորդ պահանջմունք, յամառութիւնք եւ հակառակութիւնք: Ազգերնուս թէ եկեղեցական եւ թէ քաղաքական գլուխքն` մերձաւորութեամբ, տեսութեամբ կամ թղթակցութեամբ ընդ գլխաւորացն արեւմտեայց` բաւական խելամուտ եղած էին, եւ իրենց կողմանէ դժուարութիւն մը չէին տեսներ համաձայն միաբանութեան ընդ արեւմտեայց` կարեւոր խնդրոց վրայ, զորս արդէն շատ հեզ ժողովով այլ ընդուներ եւ հաստատեր էին, բայց ոմանք ի կանխակարծ եւ անխելահաս իշխանաց եւ ի ժողովուրդէն` ոչ միայն դեռ խորշէին յօտարաց, մերթ անպատճառ մերթ պատճառաւ, այլ եւ իրենց գլուխներէն քաշուէին, ինչպէս որ պատմութիւնն ցուցընէ դժնդակ դէպքերով այլ: Մեր թագաւորքն այլ ինքնիրեննուն բաւական ոյժ չունէին, երկիրնին մասամբ մը` պայազատական օրինօք` իշխանաց ձեռքն ըլլալով: Ա Լեւոն ու Հեթում թագաւորաց կարողութիւնն եւ ճարտարութիւնն այլ չկար` որ ինչուան 60000 զորք գումարեն եւ դէմ ելնեն թշնամեաց, ուստի պէտք էր հիմայ պաշտպանողական հնարքով ի թշնամեաց փախչիլ, կամ ապաւինիլ ամրոցներու մէջ, ինչպէս որ ըրաւ շատ հեղ մեր Լեւոնն այլ:
Ասիկայ բնական ապաւէն կամ օ գնական մ՚այլ կրնար ունենալ զթագաւորս Կիպրոսի, անոնց ազգակցութեամբն, նոյնպէս Լատինացի ըլլալն եւ հաւատաց կողմանէ անկասկածութիւնն այլ մեծ օ գուտ էր իրեն. բայց ժամանակն զայս այլ բանի չբերաւ. որովհետեւ այլազգիք Կիպրացւոց այլ թշնամի էին, Պետրոսի յարձակմանն համար իրենց երկիրներուն վրայ. որոյ վրէժն հանել ուզելով Ե գիպտացիք` յարձակեցան (1366) երկու Լուսինեան թագաւորութեանց վրայ այլ (Հայոց եւ Կիպրացւոց), որք ոչ միայն իրարու` այլ եւ ոչ ինքն իրենց կրցան օ գնել: Ոմանք կու սեպեն թէ այս Ե գիպտացւոց եւ Կիւլիկիա վազելուն ատենն էր` որ բազմութիւն Հայոց թողուցին երկիրնին եւ նաւով փախան Յունաց կողմերը, ի Հռոդոս, ի Մելիտինէ, եւ այլն: Կիպրացիք այլ խրատով Ս. Պապուն ջանացին հաշտութիւն խօսիլ իրենց կղզին վազողներուն հետ. եւ այսպէս երկուքն այլ` այս ան գամ առանց շատ մեծ վնասու` յետ դարձուցին զթշնամին: Անկէ ետքն այլ Կիպրոս իր ծովապատ ամրութեամբն եւ իր թագաւորաց տարբեր վարչութեամբն ու արեւմտեայց հետ հաւասարութեամբն կրցաւ դեռ դար մ՚ալ դիմանալ այլազգեաց դէմ. բայց Կիւլիկիոյ եւ Հայոց թագաւորութեան վախճանն մօտեցեր էր իրենց ոխերիմ թշնամեաց հարուածներով որք գրեթէ ամեն տարի յարձակելով հոն` որով եւ հրով կու մաշէին կ՚աւրէին զաշխարհքը, զիշխանս եւ բերդատէրս կու ցրուէին. թագաւորն երթալով կու միայնանար, իշխանութիւնն եւ զօրքն կ՚ամփոփուէին. կամաց կամաց կու մարմըրէր 300 տարուան ռուբինեանց ջահն. ուժով հով մ՚այլ բաւական էր բոլորովին անցընելու զայն, եւ Քրիստոնէից անօ գնական թողած նախապարիսպը` փլցընելու, որոյ հետ Հայոց թագն եւ ազգապետութիւնն այլ պիտի ընկնէր ու ծածկուէր:
Սակայն պէտք է խոստովանիլ, մանաւանդ թէ հռչակել ի պարծանս Լեւոնի եւ ի փառս ազգիս, որ եթէ իր կողմանէն այլ քիչ մ՚անիմաստութեամբ եւ թուլութեամբ այն տկարութեանը եւ վտան գին հասաւ, բայց ոչ վատութեամբ եւ անճարակ յուսահատութեամբ թագը եւ զէնքերը թողուց` իրմէ շատ շատ ան գամ զօրաւոր թշնամւոյն ձեռքը, եւ թէպէտ չէմ կրնար այս փառաց հաղորդել բոլոր մեր ազգային Կիւլիկեցիս` որք արդէն սկսեր էին ցրուիլ հեռանալ ի Կիւլիկիոյ (որպէս երբեմն իրենց նախնիքն ի Մեծ Հայոց, Սէլչուկեանց յարձակման ատեն) սակայն` մէկ մասն երկըրցոց հաւատարիմ կեցաւ իր թագաւորին, թագաւորն այլ անոնց իրաւանց եւ ազգային պատւոյն: Ոչ միայն պաշտպանողական հնարիւք, այլ եւ դէմադէմ պատերազմով զարնուեցան ընդ ե գիպտական եւ դամասկացի բանակաց զանազան ան գամ, բոլոր Լեւոնի տասնամեայ թագաւորութեան ատեն. թէպէտ եւ մէկ կողմէն կու տեսնէին քաղաքներուն այրիլը` կ՚ապաւինէին բերդերու, անկէց հալածելու զթշնամին եւ նորէն բնակարաննին շինելու, եւ երբ բերդերն այլ կ՚առնուէին, աւելի ամուր բերդեր ու լեռներ կ՚ելնէին: Այս կերպ կռուիլն, զիրենք ու զհայրենիքը պաշտպանելն` ոչ միայն Լեւոնիս ատեն, այլ եւ անկէ առաջ, գուցէ թէ անկէ ետքն այլ տեւեց, եւ անշուշտ կէս դար մը քշած ըլլայ Կիւլիկեան Հայոց կռուիլն եւ դիմանալն ընդդէմ դարական սպառնացեալ յարձակմանց Ե գիպտացւոց, մինչեւ իսպառ իրենց ցրուըտիլ ու նուաճիլն:
Դ
խմբագրելԴիպուածներուն վրայ ցաւ մ՚այլ սեպելու է այն ետքին եւ բոլոր ԺԴ դարուն մերայնոց հանդիպածներուն չյիշուիլը յազգային պատմըչաց` կարդաւ եւ ոճով: Մեր պատմըչաց պատուական շարն հոս կու դադրի յետ Սմբատայ սպարապետի` որ Կիւլիկիոյ եւ իր եղբօր (Հեթմոյ Ա) եւ անոր որդւոյն պատմութիւնը ժամանակագրօրէն համառօտած է ցվերջին քառորդ ԺԳ դարուն, է յետ անոր շարունակողին, յետ Հեթմոյ պատմըչի` որ մինչեւ ի ԺԴ դարուն առաջին քառորդը կու հասցընէ զայն, չեմ գիտեր ազգային պատմիչ մը Կիւլիկիոյ տանն եւ թագաւորաց գործոց, բաց ի քանի մը տարե գիրներէ եւ յիշատակարանաց, ու քանի մը հեռաւոր վարդապետաց (Մեծ Հայոց կամ Ղրիմու) կարճ ու խառնակ գրուածներէն, որոնց նման խառն եւ հակասական են արեւմտեայց գրուածքն այլ այս դիպաց նկատմամբ: Ցաւալի՜ նշանք անհան գըստութեան եւ աւարման Կիւլիկիոյ: Թէպէտ ես չեմ յուսահատիր որ օր մը անծանօթ պատմիչ մ՚այլ յերեւան ելնէ այն կողմերէն, մեր յետին թագաւորաց պայծառ կամ խաւար օրերը մեզի լաւ եւս յայտնելու:
Առ այժմ գոհ ըլլանք, Հայկակ, որ գոնէ քանի մը յիշատակագիրք եւ տարե գիրք մեզի կ՚աւանդեն` առանց երկար պարագայից, որ ինչպէս քանի մը նշանաւոր եւ կտրիճ ազգաց վախճանին պատահեր է` մեծ եւ ուժով պատերազմով մը դէմ կենալ հզօր եւ բռնաւոր թշնամւոյ, եւ զէնքն ի ձեռին ընկնիլ ու նուաճիլ, եւ ինչպէս թերեւս հանդիպեցաւ մեր հին Հայկազանց այլ. որոց յետինն Վահէ երբեմն նիզակակից Դարեհի ընդդէմ Մակեդոնացւոյն, եւ յետոյ ընդվզեալ յԱղէքսանդրէ` մեռանի». այսպէս եղաւ մեր ռուբինեան հարստութեանն այլ, եւ ոչ որպէս զԱրշակունեացն` իշխանաց վատթար անձնադատութեամբ եւ տիրանեն գութեամբ, կամ Բագրատունեացն` պէսպէս մատնութեամբք:
Յիշատակագրաց զրուցքէն կ՚երեւի թէ Լեւոն չոր հին գայլ եւ այլ ան գամ ու տարիներ զարնուած է Ե գիպտացւոց հետ, եւ մեծ պատերազմ մ՚եղած է յամին 1369, յորում Ե գիպտացիք առաջնորդութեամբ եղբօր սուլտանին` Շահարօղլուի` Կիւլիկիոյ լերանց դժուար անցքերէն ներս մտան: Լեւոն իրեն նիզակակաից եւ սպարապետ զօրաց ունեցաւ անձ մը, որոյ անունն ան գամ անծանօթ եւ անսովոր է բոլոր Կիւլիկեցւոց պատմութեան մէջ, եւ սովորագոյն է Վրահայոց ու մանաւանդ Օրպելեան տոհմին մէջ (ԺԱ-Դ դարերուն). - Լիպարիտ: Լիպարիտ յետին սպարապետն է Հայոց, վարդանանման քաջութեամբ եւ նահատակութեամբ, որ իր տիրոջ դիմաց Հայ հայրենեաց եւ թագին վրայ կռուելով մինչեւ ի յետին շունչն` յաղթութեամբ յառաջեց թշնամեաց խումբերուն մէջ, եւ հոն ծածկուեցաւ նետերու հարուածոց տակ. իր մահն` յաղթութիւնն այլ հետը տարաւ. հարկ եղաւ որ յետ քաշուի Լեւոն իր բանակին մնացորդովը, եւ հաշտութեան պայմաններով` այն ան գամ այլ յետ դարձընէ Լիպարիտայ սրէն ապրող թշնամի:
Ինչպէս այս պատերազմիս եւ ուրիշներուն դէպքերն այլ չի պատմէր մեզի ազգային գրիչն, այսպէս եւ Լիպարիտայ քաջագործութիւնքն ու հնարքն, պատմութեան մէջ փայլակի մը պէս. բարեբաղդաբար պատմըչին համառօտութիւնը կամ լռութիւնը` երկայութենէ եւ տարակուսէ կ՚ազատէ եւ կու հաւատարմացընէ, կու հռչակէ, կ՚անմահացընէ ազգային եր գիչն. - օրհնեալ ըլլայ, որ հետեւեալ գովք կամ ողբս գրեր է` հայրենասէր, կտրիճ եւ տեղ տեղ (միջին չորս տունքն) բանաստեղծական ո գւով: Հայկակ, կարդա, եւ գոհացիր:
Հո գւովըդ սուրբ ես եւ ամբիծ.
Զքեզ էր ընտրեալ Տէր ի յերկնից,
Պարծանք եզեր քրիստոնէից:
Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Անձամբըդ քաջ Սամփսոն էիր.
Յորժամ ճօշանըդ հագնէիր`
Թուրքն ի յահէդ դառնար մոխիր.
Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Արե գակն նըման պայծառ:
Երեսըդ լոյս էր կամար.
Բարքըդ բարի, խօսքըդ շաքար.
Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Բնութեամբ բարի դէմ աղքատաց,
Լըսող էիր վարդապետաց.
Քո բանդ` յամեն երկիր գոված.
Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Զանձնըդ տըւիր վասն օրինաց.
Մէն կան գնելով հազրի դիմաց.
Քո սուրըդ շատ սրտեր երաց.
Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Դու պհազարաց դէմ պահապան.
Մարդ չէ տեսեր քեզիկ նըման,
Այս հողածինքս որ յերկրի կան,
Հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Անձամբըդ քաջ Սամփսոն էիր.
Յորժամ ճօշանըդ հագնէիր`
Թուրքն ի յահէդ դառնար մոխիր.
Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Արե գակն նըման պայծառ:
Երեսըդ լոյս էր կամար.
Բարքըդ բարի, խօսքըդ շաքար.
Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Բնութեամբ բարի դէմ աղքատաց,
Լըսող էիր վարդապետաց.
Քո բանդ` յամեն երկիր գոված.
Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Զանձնըդ տըւիր վասն օրինաց.
Մէն կան գնելով հազրի դիմաց.
Քո սուրըդ շատ սրտեր երաց.
Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Դու պհազարաց դէմ պահապան.
Մարդ չէ տեսեր քեզիկ նըման,
Այս հողածինքս որ յերկրի կան,
Մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Սըսայ երկրիս ասաղ լուսատու,
Կան գնող էիր յամեն ժամու,
Թուրքն ի յահէդ սարսէր մահու.
Ո՜վ մեծ հըզոր քաջ Լիպարիտ,
Այն չար պահիկն որ քեզ հասաւ`
քեզի օ գնող չըկայր բընաւ.
Անձնըդ` կարմիր գոյն ներկեցաւ,
Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Զայն չարաչար մահն որ տեսար,
Կսկիծ է մօրն որ դուն ծընար,
Աւա՜ղ ըզքեզ բերան հազար,
Ո՜վ մեծ հըզոր քաջ Լիպարիտ:
Սըսայ երկրին պաղչա ու ծառ,
Գոյնք ի գունաց ծաղկունք որ կայր`
Հառաչանօք առին զիրար,
Ո՜վ մեծ հըզոր քաջ Լիպարիտ,
Կաթողիկոս եւ վարդապետ,
Սուրբ քահանայք ամենն ի հետ`
Շատ արտասուօք սրտերն երետ.
Զայն չարաչար մահն որ տեսար,
Կսկիծ է մօրն որ դուն ծընար,
Աւա՜ղ ըզքեզ բերան հազար,
Ո՜վ մեծ հըզոր քաջ Լիպարիտ:
Սըսայ երկրին պաղչա ու ծառ,
Գոյնք ի գունաց ծաղկունք որ կայր`
Հառաչանօք առին զիրար,
Ո՜վ մեծ հըզոր քաջ Լիպարիտ,
Կաթողիկոս եւ վարդապետ,
Սուրբ քահանայք ամենն ի հետ`
Շատ արտասուօք սրտերն երետ.
Մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Հիւսիսային հողմըն հիմիկ`
Սար գիս` յիշող եղաւ քեզիկ.
Դուն սիւն էիր Հայոց` մեզիկ,
Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:
Է Աստուծոյ անունն օրհնած
Որ անըսկիզբն եւ անվախճան,
Որ ուժ երետ քաջ Լիպարտին
Եւ զօրացոյց զիւր սուրբ ծառայն:
Ի սուրբ Սար գիս քաջին նըման,
Ի սուրբ Թորոս, ի սուրբ Վարդան
Քան ըզմուշեղ այլ խիստ յաղթող
Քան ըզՏրդատ Հայոց արքայն,
Պատերազմիլ եկիր հափայն:
Ամեն տարի տասն ու քըսան.
Ինքն ըզթուման հալածանէր
Արիւն հաներ գետեր Ջիհան:
Ե
խմբագրելԼիպարիտայ նահատակութենէն երկու տարի ետեւ նորէն յարձակեցաւ սովորական թշնամի յանօ գնական երկրին Կիւլիկիոյ: Լեւոն իր մնացեալ սակաւաւոր պարոններով եւ զօրքերով դէմ ելաւ իր պարտքը կատարելու, եւ գոնէ ուշացնելու կամ պակսեցընելու անոր չարիքը, երբեմն զարնուելով երբեմն փախչելով. մինչեւ ստիպեցան այլազգիք` ոմանք անոր ետեւէն ընկնիլ եւ հալածել, եւ ոմանք անոր թագաւորական քաղաքը պաշարել, զոր եւ առին յետ երկար ընդդիմութեան եւ սով ձ գելու, եւ շատ աւարով ու այրելով` քաշուեցան անկէ եւ ուրիշ քաղաքներէ ու բերդերէ. Լեւոն այլ ստիպուեր էր ամւր տեղ մը ապաստանելու. ուր եւ պահուըտած մնաց, կամ ի գընդէ թշնամեաց պաշարեալ, եւ կամ կասկածելով անոնց դարանակալութենէն: Այս ծածկուիլն երկար եւ տարեւոր ատեն քշած կ՚երեւի, եւ ուր եւ ինչ ըլլալն մինչեւ հիմայ իսկ անծանոթ մնացեր է. այնպէս որ այն ատեն` աներեւոյթ եղած, կամ մեռած կորած կարծուեցաւ, մինչեւ նոյն ինքն թագուհին Մարիամ յուսահատած էկրանը, կեանքէն, այրաբար եւ տիրաբար սկսաւ մտածել աշխարքին եւ ազգին փրկութիւնը: Այնքան արժանացաւ տիկնութեան ագի եւ մայր հայրենաց ըսելու որքան որ դժուար առթի եւ ժամանակի մէջ կու ջանար ապրեցընելու զազգն եւ զերկիրն:
Մարիամ այլ փառօք եւ քաջութեամբ եղաւ վերջին թագուհի Հայոց: Խորհրդակցութեամբ հաւատարիմ իշխանաց` դեսպան ղրկեց զՅովհաննէս արքեպիսկոպոսն Սսոյ (որ սովորաբար արքունի քարտուղար էր) եւ զՄանուէլ ոմն ազնուազգի ասպետի որդի, առ Փիլիպպոս խնամին իւր ի Սիկիլիա, եւ առ սրբազան հայրապետն Հռովմայ Գրի գոր Թ, իմացընելով Կիւլիկիոյ վտան գաւոր վիճակը եւ օ գնութիւն խնդրելով, նոյնպէս Փիլիպպոս այլ գրեց առ Պապն աղաչելով որ հայրաբար հնարի օ գնելու Հայոց թագուհւոյն:
Պապն տեսնելով արեւմտեան տէրութեանց խառն եւ խռովեալ վիճակը` տարակուսեցաւ. ի վերայ այսր ամենայնի անհո գչեղաւ գրելու առ դուքսս Վենետկոյ եւ Ճենովայ, եւ առ կար գապետս ասպետաց Երուսաղեմի եւ Հռոդոսի, որ ձեռքերնէն եկածին չափ օ գնեն Հայոց. նոյնպէս Անտիոքայ անուանեալ իշխանին այլ գրեց (որ այն ատեն Կիպրոսի թագաւորութեան խնամակալն էր). խնամ տանելու իրենց խնամի Հայոց թագուհւոյն. Փիլիպպոսի այլ խրատ տուաւ, որ գրէ եւ յորդորէ զԼուտովիկ թագաւորն Մաճառաց` օ գնելու իրենց ազգական թագուհոյն Հայոց:
Այս օ գնութիւններէն աւելի ապահով օ գնութեան հնարք մ՚այլ մտածեր էին Հայք, որոց դեսպանն` արքեպիսկոպոսն Սսոյ` իմացուց Պապին. եւ էր արեւմտեան թագաւորազանց մէկը փեսայացընել Մարիամայ, որ գոնէ իր հայրենի երկրին ոյժը` օժիտ բերէ Հայոց թագուհւոյն: Ասոր արժանաւոր դատեցաւ Պապն` զՈթոն դուքսն Պրունզուիքայ. որ կտրիճ եւ լաւ անձ մ՚էր, միան գամայն եւ ազգական շատ ազնուաց: Գրեց առ սա Սրբազանն. իսկ արքեպիսկոպոսն Սսոյ` ուզեց անձամբ այլ երթալ խօսիլ հետը, որպէս թէ եթէ չյաջողի` ուրիշ մ՚ընտրէ եւ իմացընէ թագուհւոյն: Ոթոն` ուրիշ ակնկալու թագուհւոյ մը խոստացեր էր սիրտը, եւ փեսայացաւ Նէապօլսոյ դշխոյն, բայց Պապն դարձեալ իրեն յորդորական պարտք դրաւ` գոնէ յօ գնութենէ չզրկելու զդշխոյն Կիւլիկիոյ: Այս յորդորեալ օ գնութեանց մէկն այլ չհասաւ Հայոց: Իտալիոյ երկու մեծ ծովազօր դքսութիւնքն` որք մերոնց մերձաւորութեամբ եւ վաճառակցութեամբ ամենէն աւելի կրնային յուսալի ըլլալ, իրարու հետ կռուելով` ոչ միայն ձեռք չտուին Հայոց, այլ եւ անոնց ամենէն մերձաւոր եւ բնական օ գնականը` զԿիպրացիս այլ զբաղեցուցին, Վենետկեցիք դաշնակցելով զանոնք ընդդէմ Ճենովացւոց: Մարիամ նոր փեսայ այլ պէտք չեղաւ. իր յանկարծ աներեւութացեալ թագաւոր ամուսինն յանկարծ այլ յերեւան ելաւ, այն խորհրդաւոր վերջին Լեւոնն` որպէս Արայն կամ Էրն հայկազուն ի մեռելոց վերադառձեալ$ եւ ան գամ մ՚այլ մրրկապատ երկնքէ` արեւ ծագեց Կիւլիկիա:
Բայց այս արեւս արդէն խոնարհէր եւ մօտեցեր էր ի մուտս: Հազիւ երկու կամ երեք տարի այլ մնաց Լեւոն ի վերայ գահուն Հայոց, հո գալու իր տունը եւ երկիրը, եւ գր գելու իր մեծասիրտ զու գակիցն ու սերունդքը: Յամին 1375 ե գիպտացի եւ դամասկացի գունդեր` առաջնորդութեամբ եղբօր սուլտանին` վերջին ուժերնին եւ վրէժնին թափեցին Լեւոնեանց տան վրայ. առին զմայրաքաղաքն Սիս յետ երկար պաշարման: Ժամանակակից մը այսպէս յիշատակագրէ. «Ի ՊԻԴ (թուին) բարկացաւ Աստուած ի վերայ քաղաքին Սիսոյ, ու սղարեցին զբերդն սեպտեմբերէն, ու մինչուր ի յապրիլ ԺԶ. (6), ու տուին զբերդն օրն ուրբաթ, ոչ այլ իրաց` քանց ի սովոյ. որ մարծպան մի ցորենի` ԳՃ (300) ԳՐ. չէր ի գտվել. որ կերան կատու վ՚էշ. ու այս սատ (սաստ) էր յԱստուծոյ. յաղագս ծովացեալ մեղաց մերոց մատնեաց զմեզ ի ձեռս թշնամեաց մերոց: Ո'վ տեսնոյր զմեր խաչերոյն արհամարհանքն, ու զԱստուածաշունչ գրվոյն կտրտել. զսուրբ սեղանացն կործանելն…»:
Այս ան գամ այլ Լեւոն ելաւ թշամեաց դէմ. բայց ոչ զԼիպարիտ ունէր սպարապետ եւ ոչ արեւմտեան օ գնական. վերջի ան գամն էր որ հայկական գունդն նիզակ կան գնեց դէմ իր տանը կործանողներուն. յետ նիզակին վահանը դրաւ կուրծքին` պարթեւաբար յետ քաշուելով երեսն ի թշնամին, եւ ամրացաւ ի լերինս, ի տեղ հեռաւոր, օտար եւ անուրեք:
Վերջին Հայպետն եւ թագաւորն այլ իր արքունի եւ զինուորական պարտքը կատարելէն ետեւ, յայտնի մահուանէ փախչելով` ի բազմութենէ թշնամեացն, իր թագուհեաւ եւ Փիննա (կամ Ֆիմի) դստերաւ եւ անոր փեսայիւ Կոռիկոսի Շահան կամ Շահառ իշխանաւ, քաշուեցաւ Տորոսի լերանց ամրագոյն տեղը, ի բերդն Կապանայ, որոյ կողմանքն հիմայ Կիւլէկ – պօղազ կոչին. եւ ուրիշ ան գամներուն պէս դէմ դնելով պաշարողաց` սպասեց ամ անոնց հեռանալուն, կամ ամեն պաշար եւ հնարք սպառելուն. եւ այս ետքինս եղաւ: Յետ ինն ամիս չարակրթութեամբ համբերելու, եւ յետ զամենայն ուտելի պաշար սպառելու, մինչեւ զմիս եւ զկաշի ձիոց: Լեւոն` իր եւ ընկերացը կենաց խնայելու խոստմունք առնըլով ի պաշարողացն, անձնատուր եղաւ իրեններովն` ի գերութիւն, ի կապանս, յօտարութիւն ե գիպտական Գահիրէի եւ ի բանտ, այլ եւ նեղութիւն, ի սպառնալիս չարչարանաց եւ մահու, վասն չուրանալոյ զհաւատսն:
Զ
խմբագրելԲայց թէ ինքն եւ թէ իւրքն իրենց արժանի հաստատութիւն եւ համբերութիւն ցուցին երկար տարիներ. զիրենք գերող իշխանն այլ` սուլտանութեան հասնելով եւ յիշելով խոստմունքը` մահուան սպառնալիքը վերուց. բայց ոչ բանտար գելութեան նեղութիւնը եւ տխրութիւնը, եւ ապագային անստու գութիւնը: Քանի մը տարի Լեւոն եւ Մարիամ վերջին թագաւոր եւ թագուհի Հայոց` իրենց նախորդաց եւ պաշտօնէից պակասութեան պարտքը քաշեցին. ամեն կորստեան մէջ անկորուստ պահելով սրտերնուն մեծութիւնը եւ սուրբ հաւատոց յոյսը, բարեպաշտութեամբ կու մխիթարուէր յանմխիթարութեան անդ. ուրիշներէ զատ յիշելով թերեւս իրենց նախնին` Գ Լեւոնը, որդին Ա Հեթմոյ, որ նմանապէս պատերազմի մէջ գերի ընկնելու (հարիւր տասն տարի առաջ), յետոյ աղաչանօք եւ փրկանօք հօրն` ազատեր էր: Բայց թագուհին Մարիամ չտեսաւ իր սիրելեաց ազատութեան օրը, թէ եւ իրեն թոյլ տրուեցաւ բանտէն ելնելու. բանտին հետ կենաց կապն ալ կտրեցաւ. հաւանօրէն գերութեան սրտմաշուքին չդիմացաւ, եւ դեռ Լեւոն ի բանտի եղած ատեն` ինքն բոլորովին ազատեցաւ մահուամբ, եւ թաղեցաւ Գահիրէի Հայոց եկեղեցւոյ մը մէջ:
Լեւոնի մնաց մէկ հատիկ մխիթարութիւն, միան գամայն եւ սրտի այրուք իր մանկամարդ դուստրն Փիննա, որ փոխանակ իր պալատան պատշ գամներէն լսելու միջերկրական ծովուն ալեաց զբօսանքը եւ հին կոռիկեան քարայներուն զարմանալի ձայները, կու լսէր դաժան շղթայից շռընչելը: Էրիկն Շահան` քան զծնողսն աւելի իր սիրոյն ու հասակին սրբազան պարտք սեպելով իր որոջին եւ աներոջ փրկութիւնը` հին գտարիէն հնարք մը գտաւ բանտէն փախչելու, եւ Լեւոնէն թղթեր առնըլով` բերաւ առ թագաւորս արեւմտից, թէ ոչ անոր երկրին եւ թագաւորութեանը` գոնէ գլխուն ազատութիւնը մուրալու: Շահան թղթերուն հետ բերանացի պատմեց Հայոց թագաւորական տան քաշած վտան գները` սկսեալ իրենց գերութենէն, եւ ամենուն սիրտը կու շարժէր: Բայց ամենէն աւելի Կղեմէս կամ Րոպէրդ դերապապն յԱւինիոն` վառուեցաւ ի ջանս փրկելու զԼեւոն, եւ գրեց առ թագաւորս քրիստոնէից. յորոց պատրաստագոյնք գտան Սպանիացւոց թագաւորքն, Յովհաննէս` Կասդիլիոյ եւ Պետրոս Դ` Արագոնի. գրեցին առ սուլտանն Ե գիպտոսի, փրկանք խոստացան եւ տուին:
Յետ եօթնամեայ գերութեանն` ազատութիւն գտաւ Լեւոն. ելաւ ի բանտէ եւ յաքսորանաց (1382), եւ փութացաւ առաջին երախտեաց շնորհակալիքը մատուցանել առ միակ պատճառն ազատութեան, առ Ազատարարն ամենայն աշխարհի. եւ գնաց իրեններովն ի սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ, երկայն ատեն կենալով եւ պարտելով յուխտ սրբազան տեղեացն. եւ այն ատեն կրցածին չափ եւ յետոյ այլ առատ տրօք պատուեց զանոնք. մանաւանդ որ, իթէ ստոյ գէ աւանդութիւնն, իր Թորոս անուամբ որդին (որ չյիշուիր առաջ ի պատմութեան) մեռաւ հոն յԵրուսաղէմ, եւ հայրն աւանդելով զնա այն սուրբ հո գուն, Ս. Յակոբայ Հայոց մեծ տաճարին հիւսիսակողմը եկեղեցի մ՚այլ շինեց եւ յիշատակաւ որդւոյն անուանեց Ս. Թորոս: - Այս սրբազան տեղիքը եւ յիշատակքը այնքան սիրեց հեզահո գի տիկինն Փիննա` որ չուզեց անկէ հեռանալ. թերեւս ըսաւ Լեւոնի, Գնա' յարեւմուտս, եւ եթէ յաջողիս նորէն թագաւորութիւնդ ձեռք ձ գելու` ես այլ կու դառնամ. ապա թէ ոչ` Քրիստոսի սուրբ անօրէնութեան տեղեաց աղախին մնալով` ի հասարակաց արքայութեան անոր եւ քեզ հետ թագաւորեմ:
Է
խմբագրելԱսանկ մեծ եւ սրտառուչ պարտաւորութեամբ մեկնեցաւ Լեւոն միայնակ եւ դարձաւ իրեն բարերար եւ բարեկամ մարդկանց այլ շնորհակալ ըլլալու. նաւեց եկաւ նախ ի Կիպրոս իր մերձաւոր մտերմաց տեսութեան: Անշուշտ ոչ առանց խոր եւ խուլ հառաչանաց նշմարելով անկէ` իր երբեմն տասնամեայ տառապանօք թագաւորութեան աթոռը, Կիւլիկիոյ եզերքը. եւ դարձեալ հոմերական պանդըխտին (Ոդիսեւսի) պէս` արտասուոտ աչքերը յարեւմուտս ուղղելով, սլացաւ նախ առ քահանայապետն գորովանօք շնորհակալութեամբ. անկէց առ ազատութեան մեծագոյն միջնորդսն` Պետրոս թագաւոր Արագոնի, եւ Յովհաննէս Կասդիլիոյ: Այս ազնիւ եւ մեծանձն թագակից` եղբայրաբար ընդունեցաւ զԼեւոն, եւ յորդորեց այլ իր երկիրներուն մէջ արքայաբար ապրելու. եւ անոնց մէջ ազնուագոյն մասը, հիմակուան աշխարհին մայրաքաղաքը` գեղեցիկ Մատրիտը` տուաւ Լեւոնի ստացուած եւ աթոռ. բոլոր անոր շրջակայ սահմանաց այլ ազատաբար տիրելու` ցորչափ ապրի. եւ անուանեց զնա Տէր Մատրիտայ Վիլլա - րէալայ եւ Անտուխարայ: Մատրիտցիք իրեն շնորհակալութեան եւ հպատակութեան նուիրակներ խաւրեցին (2 հոկտ. 1383). Լեւոն ալ իշխանութեան հրովարտակ մը հանեց (19 հոկտեմբերի), եւ այն տեղի տիրութիւնը պահեց մինչ ի մահ. նորո գեց Մատրիտու արքունի պալատը, թէ եւ քիչ բնակեցաւ անոր մէջ: Մինչեւ հիմայ պահուի ի դիւանս Սեկովիոյ քաղաքին Սպանիացւոց` հրովարտակ մը, զոր Լեւոն տուաւ Մատրիտեցոց նոյն քաղքէն (յամին 1389) շնորհելով անոնց խնդրած ազատութիւնները. իսկ Մատրիտցիք դարձեալ խնդրեցին իրմէ, ինչպէս Կասդիլիոյ թագաւորէն այլ խնդրեր էին, որ յետ Լեւոնի` Մատրիտ նորէն Կասդիլիոյ թագին դառնայ: Լեւոն ասոր հասար այլ հրովարտակ մը գրեց յամին 1391: Կասդիլիայէն անցաւ ի Նաւարրա, յայցելութիւն Կարոլոսի Բի թագաւորի, որ մէկայլ թագաւորաց պէս պատուով ընդունելով զԼեւոն` ընծայեց անոր արծաթէ գեղեցկաշէն աման մը (nef) մէջը 2000 Արակոնի ֆլորին դրած, 20 ֆլորին այլ տուաւ Լեւոնի նուիրակին. 15 այլ իրեն հետ եղող ծաղրածուին կամ ձեռնածուին (yuglar, jongleur):
Սպանիայէն ի Գաղղիա անցաւ Լեւոն (1385) առ թագաւորն Կարոլոս Զ, թէ շնորհակալութեան իրեն խոստմանցը եւ բարեկամութեանը, եւ թէ հնարք եւ օ գնութիւն փնտըռելու նորէն Կիւլիկիոյ գահը հաստատելու: Նոյն բանը խնդրեց եւ ի Րիքարտ Բ Ան գղիոյ թագաւորէն: Երկու թագաւորքն այլ իրենց հաւասարի եւ եղբօր պէս ընդունեցան զինքը, բայց փոխանակ անոր օ գնելու` իրենք կերպով մը իր օ գնութիւնը եւ ճարտարութիւնը ուզեցին, իրենց երկուքին մէջ երկայն հակառակութիւնը եւ կռիւը դադրեցնելու համար, որով առաջուց այլ չէին կրցած օ գնել անոր. Լեւոն բնական սրտաշահութեամբն, եւ իր անձնական կամ ազգային շահուն սիրով` ստէպ ստէպ երկու թագաւորաց եւ մայրաքաղաքաց կու դիմէր. եւ անով շահեցաւ անոնց բաւական հաշտութիւն, իրեն այլ թէ ոչ հին թագը` գոնէ թագաւորական կեանք մը: Վասն զի ոչ պակաս քան զՅովհաննէս ընդունելութիւն ըրաւ Լեւոնի Կարոլոս այլ. որ եւ մեծ հարկինք մ՚ըրաւ Հայոց թագաւորին, իր տէրութեան բոլոր մեծամեծները հրաւիրելով: Երբ ասոնք հետաքրքրութեամբ կու հարցնէին անոր դիպուածները, եւ արեւելից վիճակը, մանաւանդ Յունաց կայսրութեան եւ Թաթարաց բռնակալութեան, եւ աւելի մտադրութեամբ այլ կու լսէին, Լեւոն` թէ զանոնք հաճեցընելու համար թէ ինքզինքը` լաւ եւ երկար տեղեկութիւն տուաւ Թաթարաց ղանին եւ Ե գիպտոսի սուլտանին վրայօք, եւ անոնց իրեն ըրած թշնամութեանը եւ աշխարհքը աւրելուն. նա եւ խոր ու լուսաւոր քաղաքական նախատեսութեամբ իմացուց` որ Յունաց տէրութեան վտան գը ոչ այնչափ այս մէկէն է կամ մէկայլէն, հապա երրորդէ մը` որուն այնչափ ծանօթ չէին. եւ էր նորահաստատ Օսմանեան պետութիւնն, որոյ գլխապետն Մուրատ-Պէկ (այսինքն սուլտան Մուրատ որդի Օրխանայ) շատ կտրիճ, զօրաւոր եւ խոհեմ մարդ էր. ուսկից ղանն եւ սուլտանն (Ե գիպտոսի) ան գամ կու պատկառէին. իսկ նա դեռ կու խնայէր անոնց երկիրները կոխելու` իրեն հաւատակից ըլլալնուն համար: Անշուշտ, կ՚ըսէր, Մուրատ-Պէկ պիտի առնու զԿ. ՊՕլիս` եթէ չփութան արեւմտեայք իրենց միջի պատերազմները դադրեցընելու եւ շատ զօրք թափելու յարեւելս. նոյնպէս այլ պապերուն երկպառակութիւնը վերցընելու, որ այլազգեաց այլ արհամարհելի կ՚երեւէր, եւ անով զարեւմտեայս բաժանեալ սեպելով` չէին վախեր անոնցմէ: Իսկ ինքն Լեւոն այս վիճակիս մէջ շատ փափագելի կու սեպէր որ Մուրատ տիրէր իրեն երկրին (Կիւլիկիոյ). վասն զի, կ՚ըսէր Մուրատ-Պէկ մեծահո գի եւ առատասիրտ մարդ է, միայն հպատակութիւն կ՚ուզէ յիշխանաց, եւ կու թողու որ ամենքն իրենց երկրին տիրեն: Այս այլ աւելցուց Լեւոն, թէ Մուրատ-Պէկ միայն զՓրանկս կու սիրէ յարեւմտեայց, եւ կու զուարճանայ երբ անոնց վրայօք լսէ, միշտ հարցընելով ճանապարհորդաց: - Իսկ իր կորուսած թագաւորութեան վրայ` երբ նորէն հարցուցին, Լեւոն համարձակ իմացուց որ առանց արեւմտեայց օ գնութեան անկարելի էր ձեռք ձ գելն. եւ թէ միայն Կոռիկոս անառիկ բերդն ազատ մնացեր էր հոն Ճենովացոց ձեռքը:
Այս խօսքերով եւ ուրիշ պատմութեամբք Լեւոն բոլոր ունկնդրաց սիրտը շահեցաւ. թագաւորն ըսաւ մեծամեծաց թէ պէտք է պատմուեմք եւ հանգիստ պահեմք զթագաւորն Հայոց, ինչպէս իրեն եւ ինծի կու վայլէ. ինչուան որ յաջողութիւն գտնեմք զօրօք եւ զինուք անցնիլ յարեւելք` եւ նորէն իր երկրին վրայ թագաւորեցընել զնա: Հրամայեց Կարոլոս որ հասարակաց գանձէն ամսէ ամիս 500 ֆր. տրուի Լեւոնի (այն ատենուան ֆրան գն ոսկի էր). եւ հիմայ այլ մէկէն 5000 ֆրան գ, իրեն կահ կարասիքը պատրաստելու համար: Իրեն բնակութեան տեղ այլ Ս. Դիոնիսեայ արուարձանին մէջ Սէնդ-Ուան (Saint-Ouen Saint-Audoin) կամ Ս. Անտոն մեծ ապարանքն, որ եւ Noble maison անուանեցաւ: Այս եղաւ Լեւոնի հաստատ բնակութիւնն իր պանդխտութեան ատեն. յորում ամեն արքունի հանդիսից մէջ կու մտնէր կ՚ելնէր, աւելի քան զաւելի սիրելի ըլլալով իր հիւրընկալաց:
Բայց իր գլխաւոր խնդիրը յաջողեցընելու համար` պէտք էր Ան գղիոյ թագաւորին սիրտն այլ շահիլ. որուն` կ՚երեւի թէ Ան գղիացիք առջի բերան քիչ մ՚ընդդիմացան, Փրանկաց դէմ ատելութեան եւ պատերազմին պատճառաւ. եւ պատմըչաց տարաձայնութենէն որոշ չիմացուիր` թէ առջի ան գամ 1385ին վերջերը ի՞նչպէս հոն գացեր եւ դարձեր է. բայց յաջորդ տարւոյն սկիզբները նորէն գնաց Գալէէն ի Տուվր անցնելով. ուր Րիքարտայ հօրեղբարքն բանակով զօրաց պահապան կեցեր էին, եւ իրեն հետ մարդ դնելով խարեցին թագաւորին: Րիքարտ առանձին ընդունելութենէն ետեւ` իր խորհրդականաց ժողովին ներկայացուց զԼեւոն` անոր խնդիրքը լսելու համար. խորհրդականք կասկածելով որ Կարոլոսի թելադրութեամբ եկած է նա` քիչ մը դժարեցան, եւ Կանդորբերեայ արքեպիսկոպոսն կերպով մը մեղադրեց իրեն` զինեալ մարդիկներով գալը: Րիքարտ իբրեւ Լեւոնի սիրտն առնըլու համար շատ եւ թանկ բաներ ընծայեց, զորոնք չընդունեցաւ Լեւոն, բաց ի մատանիէ մը որ 500 ֆրան գ(ոսկի) կ՚արժէր. շուտով դարձաւ ի Գաղղիա, ու պատմեց Կարոլոսի իր բանագնացութիւնը. զոր իբրեւ ինքն իր գլխուն հասարակաց բարւոյն համար ըրած էր, եւ ոչ ի խնդրոյ նորա, եւ այսպէս այլ իմացուցեր էր Ան գղիացւոց: Կարոլոս իմանալով անոնց ծանրասրտութիւնը` սկսաւ նորէն պատրաստուիլ յԱն գղիա վազելու: - Բայց Րիքարտ նորէն խորհրդածելով` զիջաւ Լեւոնի բարի խրատուց, եւ մէկէն հրովարտակ հանեց խօսելու հաշտութեան վրայ, վասն փառաց Աստուծոյ եւ գթոյ մարդկութեան եւ վասն շնորհաց Լեւոնի թագաւորին Հայոց. (et auxi a les instanz prieres et reguestes, qui nous ont este faites par notre cousyn, le roi d՚Armenie). եւ Լեւոնի երախտեաց համար այլ տարեկան թոշակ կապեց (1386 փետր. 3) 1000 լիրայ. իրեն բնակութեան տեղ մ՚այլ: Որոց շնորհակալութեան եւ խնդրոց յաջողութեան համար` նորէն գնացեր է Լեւոն ի Լոնտոն, ինչպէս Րիքարտոսի զանազան հրովարտակներն եւ գրերն կու յայտնեն. որոց մէկով (18 մարտի 1386) կու պատուիրէ` որ ազատ թողուն զԼեւոն 40 ձիաւորով եւ ուրիշ պաշտօնէիւք երթալ գալ իր երկրին մէջ. Լեւոնի այլ կու գրէ (12 մայիս) որ ինչուան 100 ձիաւորով կարենայ պտտիլ յԱն գղիա մինչեւ նոյն տարւոյն վերջերը. դարձեալ հրովարտակաւ պատուիրէ (24 հոկտ. ) որ հազարապետն կամ տաճարապետն (magister hospitii) Լեւոնի` Յովհան Ռոսպեան (Johannes de Rusr) կարենայ ազատութեամբ գալ հին գմարդով` եւ վեց ձիերով, եւ աղեղամբք եւ 24 փետրաւոր սլաքօք. քանի մ՚օր ետքն (28 հոկտ. ) ուրիշ գիր մ՚այլ, որ հազարապետն կարենայ առանց մաքսի մտցընել ի Գաղղիոյ յԱն գղիա 150 սափոր գինի` Լեւոնի մարդկանց համար. նոյնպէս գիր մ՚ազատութեան Լեւոնի սենեկապետին համար (8 նոյեմբ. ): - Թագաւորին հօրեղբայրն Կլոսդըրի դուքսն այլ մեծ պատուով եւ սիրով հիւր ընդունեցաւ զԼեւոն իր պալատին մէջ:
Լեւոն այս երկու թագաւորաց հաշտութեան համար կրցածն ընելէն ետեւ` պարապ ժամանակները ուրիշ կողմեր այլ կ՚երթար, ինչպէս յիշեցինք ի Սեկովիագտուիլն յամի 1389: Նոյն տարին մեծ քաղաքական եւ արքունի հանդէս մ՚եղաւ` ի Բարիզ (20 օ գոստ. ) ի պատիւ թագուհւոյն. կոչնոց ատեն, յորում շատ արքայազուն հիւրք այլ կային, զԼեւոն բազմեցուցին թագուհւոյն քով:
Ասոնք աղէկ, բայց Լեւոն իր գահուն վրայ չէր. Գաղղիոյ եւ Ան գղիոյ հաշտութիւնն այլ չյաջողեցաւ. գոնէ շատ ուշ: 1391ին մեծ ժողով մ՚եղաւ յԱմիէն քաղաքի Գաղղիոյ վասն հաշտութեան. ուր եկեր էին Ան գղիոյ դեսպանքն, հօրեղբարք թագաւորին. հոն էր եւ մերս Լեւոն. երկու ազգաց խնդրոյն վրայ խօսելէն ետեւ` Կարոլոս խօսեցաւ Լեւոնի թագաւորութեանն համար այլ: Ան գղիացւոց դեսպանքն խոստացան զայն այլ յիշեցնել իրենց թագաւորին: Երկու տարի վերջը` (1393) գարնան ատեն նորէն հաշտութեան պայմանադրութիւն կ՚ըլլար ի Գալէ, իսկ Բ Կարոլոս յԱպըվիլ էր. հոն եկաւ Լեւոն Յունաց երկրէն դառնալով, ուսկից գալու ատեն հեռուէն ան գամ մ՚այլ, եւ վերջին ան գամ, ի մայրն մօտեցած արեւու պէս, ողջուներ էր իր հայրենեաց եւ արքայութեան սահմանները (Կիւլիկիա), չիշխելով եւ յետ իբր 20 տարւոյ ոտքը ներս դնելու. վասն զի իմացաւ եւ իմացուց որ այլազգիք լցուեր են հոն, եւ Կոռիկոս բերդն միայն դեռ ազատ մնացեր էր ի ձեռս քրիստոնէից:
Զայս լսելով նորէն վառուեցան շատ Գաղղիացիք` եւ զէնք ու նշան խնդրէին երթալու հոն յօ գնութիւն Լեւոնի. եւ կու սպասէին ժամ մ՚առաջ հաշտութեան հռչակուելուն: Եւս առաւել Լեւոն (ան գէտ իր սպառեալ ժամանակին), քանի մ՚ամիս ետեւ նորէն փութացաւ գնաց ի ժողովն դեսպանաց, որք էին երկերկու հօրեղբարք երկու թագաւորացն, ի Լոլինկէն` Գալէի մօտ: Հոն վերջին սրտի թելադրութեամբ խօսեցաւ իր եւ Հայոց թագին վերական գնելուն համար: Այս ան գամ դեսպանքն եւ մանաւանդ Կլոսդրի դուքսն` աւելի տաքութեամբ ընդունեցան Լեւոնի խնդիրքը, եւ աւելի հաւանականութեամբ խոստացան. Լեւոն այլ աւելի մեծայոյս դարձաւ. վասն զի հաշտութեան պայմանքն երկու կողմին այլ հաճոյ կ՚ըլլային, եւ քիչ ատենէն իրենց թագաւորաց տանելով` ձեռնադրեցան կնքեցան, զինադուլ եւ հաշտութիւն ըրին գոնէ չորս տարուան համար: Թերեւս երկու թագաւորներէն աւելի այս հաշտութեան վրայ զուարճացողն` պիտի ըլլար անոր միջնորդն` Լեւոն, թագաւորն եւ թագասէրն Հայոց. բայց … աւա՜ղ, աւա՜ղ. գրեթէ հաշտութեան հետ կնքուած էր եւ Լեւոնի կեանքն:
Ը
խմբագրելՏարի մը եւ աւելի առաջ (1392 յուլիսի 20) Լեւոն իր կտակը գրեր էր Յոհան տը Ֆոլըվիլ Գաղղիոյ արքունի մուրհակաց գլխաւորին ձեռօք. յորում յետ յանձնելոյ զհո գին առ Աստուած` նախ կու պատուիրէր որ մարմինը թաղուի ի վանս նորահաստատ Կելեստինեան կամ Երկնային (Celestins) անուանեալ կրօնաւորաց ի Բարիզ. եւ եթէ անոնք չուզեն` ուրիշ վանք մը. եւ վրան պարզ ճերմակ զգեստ մը հագցընեն, գլուխն եւ ոտքն բաց թողլով. դագաղը վերցընեն 12 աղքատք, չորս այլ ջահակիր աղքատք, ամենքն այլ ճերմակագեստ: Յետոյ կու պատուիրէր իր ունեցած պարտքերը վճարելու. եւ ապա զանազան գումարներ կու սահմանէր այլ եւ այլ եկեղեցեաց եւ վանաց. իր թաղուելու եկեղեցւոյն այլ կու թողուր բոլոր իր մատրան սպասքը, որպէս զի իր հո գւոյն համար աղօթեն: Վերջը կու պատուիրէր որ մեռնելուն պէս` բոլոր այս պանդխտած երկիրներուն մէջ ունեցած ստացուածքը չորս հաւասար մասն բաժնուի. առաջինն տրուի աղքատաց եւ վերոյիշեալ բարեպաշտութեան տեղեաց. երկրորդ մասն տրուի իր թաղուելու եկեղեցւոյն, ուր ամեն օր իր հո գւոյն համար մէկ երկու պատարագմատուցանեն. երրորդ մասն տրուի իր մէկ օտարածին որդւոյն` Կի կամ Կիւյոդ կոչուած, որ դեռ տղայ էր, եւ անոր դաստիարակութեան ծախքն հո գալէն ետեւ` երբ քսան տարուան ըլլայ` դրամագլուխն իրեն յանձնուի. իսկ եթէ նա քսան տարիէն առաջ մեռնի` աղքատաց տրուի: Իսկ ընչից չորրորդ մասն բաժնուի իր ամեն սպասաւորացը, ուր որ ըլլան: Եւ այս ամէն բանս կատարել կու յանձնէ իր սենեկապետին եւ հազարապետին: Իսկ ընդհանուր կամ բարձր կտակակատար կ՚աղաչէ որ ըլլան (բաց ի Գաղղիոյ թագաւորէն), թագաւորքն Ան գղիոյ, Կասդիլիոյ եւ Արագոնիոյ, զորս իրեն համշիրակ (cousin) կ՚անուանէ:
Ի 29 նոյեմբերի 1393 տարւոյն` Բարիզու Դուռնէլ (Tournelles) ըսուած պալատին մէջ` պանդխտութիւնն եւ կեանքը կատարեց Լեւոն Զ. վերջին թագաւոր Հայոց. եւ թագաւորական պատւով ու հասարակաց ո գով յուղարկեցաւ յեկեղեցի վանաց Երկնայնոցն, բարերարն բազմութեան կարօտելոց եւ բարեկամն թագաւորաց: Իր պաշտօնեայքն եւ սպասաւորքն ամենքն այլ ճերմակ հագած` անոր որոշած աղքատներովն յուղարկաւոր գնացին. իրեն այլ ճերմակ հագուցեր էին, ոչ իր ուզած խոշոր լաթովն, այլ արքունի բեհեզով, ճերմակազարդ անկողնի վրայ դրած, գլխուն քով այլ դրած ոսկի թագմը: Հին ատեններէ սովորութիւն էր Հայոց թագաւորաց` ոչ միայն ի կեանս` այլ եւ ի մահուն սպիտակազգեստ երեւիլ. այնքան գերազանց սեպուած էր Հայպետն առաջի ժողովրդեան: Եկեղեցւոյն աւագսեղանին քով կամարի տակ պատին մէջ հաստատած դրին Լեւոնի դամբանը սեւ տապանաքարիւ, որոյ վերայ հանգուցին իր չափով արձանն ճերմակ մարմարէ արքայական նշաններովն: Հոն 400 տարի հաւատացեալ ննջեցելոց քունը քաշելէն ետեւ, անցեալ դարուն ետքերը Փրանկաց քաղաքական մեծ շփոթութեան ատեն, սրբապիղծ ձեռք` ինչպէս ուրիշ թագաւորաց` այսպէս Հայոց վերջին թագաւորին հանգիստն այլ խռովեցին. խորան եւ դամբան վեր ի վայր եղան. դարական խաղաղացեալ ոսկերքն` ժամանակէն աւելի` բռնաբարութեան խաղալիկ եղան. Կիւլիկիոյ թագաւորաց թշնամի Քէօլէմէններուն չըրածը` աշխարհիս+ ամենէն բարեկիրթ կարծեցեալ ժողովուրդն ըրաւ. այսքան իրարու մօտ են կիրք եւ կրթութիւն: Կենօքն հալածեալ, հանգիստ վախճանեալ, յետ մահուն այլ իր հալածանքը կրեց Լեւոն: Բայց դարձեալ բոլորովին անբաղդ չեղաւ. խնայիչ ձեռք ազատեցին իր դամբանը, եւ տարին թան գարանի մը մէջ դրին, ուսկից յետոյ ի խաղաղանալ երկրին` Փրանկաց թագաւորաց մնացեալ նշխարօք եւ տապանօք տարին զետեղեցին Ս. Դիոնեսիոսի հոյակապ վանաց տաճարին տակ, ուր որ ականատես եղած` քեզ այլ ցուցի, Հայկակ: Հոն է մինչեւ ցայսօր Հայոց վերջին թագաւորի Լեւոնի մահարձանն իր սեւ անկողնովն, իր արքունի նշանօքն եւ արձանագրութեամբ, որպէս եւ տեսնես. բայց նշխարքն ո՞ւր…:
Լեւոնի երկու գլխաւոր բարեկամքն եւ պաշտպանքն` Րիքարտ Բ եւ Կարոլոս Զ` խնամով հո գացան անոր կտակը կատարելու, եւ իրենց վկայութիւններն կամ անդորրագիրքն այլ դեռ կու պահուին ի դիւանս: Ասկից այլ յայտնի կ՚երեւի այս երկու թագաւորաց մեծարանքն եւ սէրն ի վերայ Լեւոնի, եւ ասոր աչալուրջ, սիրելի եւ անձնանուէր բնաւորութիւնն. զոր սիրեմ ես, Հայկակ, համարիլ չքնաղագոյն կամուրջ մը Գալէ վրայ ձ գուած ընդ մէջ Գաղղիոյ եւ Ան գղիոյ, ուսկից անցուց Լեւոն այս երկու մեծ եւ նախանձընդդէմ ազգաց խաղաղութիւնը: - Արդեօք այսպիսի բաղդ կամ փոխարէն մը պիտի ունենա՞յ Լեւոնի սեփականեալ ազգն ուրիշ ան գամ մ՚այլ: - Փրանկաց թագաւորն որ երկարակեաց եղաւ յետ Լեւոնի, անոր թողած զաւկին վրայ այլ խնամք ցըցուց, եւ իր մահուանէն տարի մ՚առաջ (1412) հաճութեան թուղթ մը գրած է առ ժողով երիցանց Սուասոն քաղաքի` զԿիւյոդ իրենց եկեղեցւոյն կանոնիկոս ընտրելնուն համար. վասն զի այս ժառան գս Լեւոնի` եկեղեցական վիճակ ընտրեր էր, եւ յառաջ ի Պրի (Brie) սարկաւագապետ էր եղած:
Իսկ Լեւոնի բուն հարազատն եւ միակ նշխար իր եւ Հայոց արքունի տան սրբացեալ եւ այրիացեալ դուստրն Փիննա, ըստ աւանդութեան, վախճանեցաւ յԵրուսաղէմ, որպէս նուիրական տիրուհի` Հայ հայրենեաց սրբազան կրակին մոխրաց վրայ հսկելով, եւ սքանչելի խելամտութեամբ քան զչքնաղ հաւն փիւհիկ, այն աճիւնացեալ կայծակը խորհըրդաբար խառնելով` Քրիստոսի կենդանաթաղ գերեզմանին անմանարար նշուլից հետ:
Այսպիսին են, Հայկակ, համառօտ յիշատակք Լեւոնի վերջնոյ: Աւելորդ է մեզի հոս իրմէ ետեւ իր երկրին եւ ժառան գութեան անցքը քննել, այլ այսչափս հարկ է ըսել Հայոց թագաւորութեան վրայօք, որ Լեւոնի մահը լսելուն պէս` Ա թագաւորն Կիպրոսի իբրեւ ազգական եւ ժառան գԼեւոնի` պսակեցաւ անոր թագովն այլ, եւ անուանեց զինքը թագաւոր Կիպրոսի, Երուսաղեմի եւ Հայոց, այս անունս անցաւ իր յաջորդաց այլ մինչեւ ի յետինն, որ է դշխոյն Կատարինէ` դուստր Գոռնարոյ Վենետկեցւոյ. սա անժառան գըլլալով` յամին 1489 տուաւ զկղզին ի Վենետկեցիս, եւ ինքն այլ մեռնելով ի Վենետիկ (1510) իր գերեզմանին վրայ այլ թողուց ոսկեքանդակ գրով Հաոց տիկնութեան անունը: Բայց իրմէ առաջ Յակոբոսի թոռն Յովհաննէս Գ թագաւորն` օրինաւոր մանչ զաւակ չունելով, յետ մահուն իր դուստրն Գաբլո գդա` որ այրի մնացեր էր ի թագաւորէն Փոր գո գալի, վեց եօթն տարի Կիպրոսի (եւ անուամբ` Հայոց) թագուհի եղած էր. եւ երբ Յակոբ Բ անհարազատ որդի Գ Յովհաննու հալածեաց (1464) զԳարդոդդա, սա իր իրաւունքը տուաւ (յամին 1482) առ Կարլոս Ա դուքս Սաւոյայ Իտալիոյ, այս պատճառաւ ասոր յաջորդքն եւ ժառան գք (որ հիմա թագաւոր կոչուին Իտալիոյ) իրենց իշխանական պատուանուաց մէջ կու համրեն եւ զանուն թագաւորի Հայոց:
Հաւանական է որ ասոնցմէ աւելի մերձաւոր ժառան գք կամ իրաւատեարք կային ի Կիւլիկիա ի ցեղէ Հեթմեանց եւ Կոստանդեանց, եւ թերեւս ոմանք փորձած այլ ըլլան իրենց իրաւունքը ցուցընել. այս անտարակոյս է որ շատ իշխանք եւ պարոնայք դեռ Լեւոնէն դար մ՚ետք այլ` ազատորէն իրենց բերդերուն կու տիրէին. ինչուան Սիս մայրաքաղաքն այլ նորո գելով` գրեթէ անոնց ձեռքն էր. եւ անոնց հետ այլ պատերազմելով առաւ Տուլղատրցի կամ Զիւլ գատրեան Շահսուար պէկն Մարաշու` յամին 1467. քսան տարի մը վերջը Օսմանեան սուլտանք տիրեցին մնացեալ բերդերուն եւ ամուր տեղերուն, բաց ի քանի մ՚ամուր տեղեաց եւ հասարակութեանց Հայոց, որոց նոր եւ յետին դէպքն` հիմայ ծանոթ են ամենուն:
Արեւմտեայք այլ փորձեցին կերպով մը իրենց խոստմունքը եւ պարտքը կատարեալ առ Լեւոն, երկու տարի յետ անոր մահուն` Յ. կոմս Նըվերայ (Nevers) եւ ուրիշ ազատ Գաղղիացիք զօրագնդաւ գնացին յօ գնութիւն թագաւորին Մաճառաց, որ կու խոստանար նախ Յունաց օ գնելու, եւ յետոյ Լեւոնի երկիրն այլ ազատելու. բայց Նիկոպոլեայ քով (ի Բուլղարս) յաղթուելով ի սուլդան Պայէզիտայ (1395, հսկա. 27) լռեցին ամենայն այդպիսի յոյսք եւ մտածութիւնք:
ԼԲ. Ֆիմի
խմբագրել3 Դեկտեմբերի.
Ա
խմբագրել«Ընկալ, ով աստուածասէր եւ գթասէր հո գի, մեծդ ըստ մարմնոյ եւ բար գաւաճ ըստ ո գւոյ, ծիրանածինդ ՖԻՄԻ, զբաղձալին քո, երկամբք մեղապարտիս Յովհաննու եպիսկոպոսի կրսերս եղբօր հօր քո. որով յԱստուած եւ յաստուածայինսն խոկասցիս միշտ. եւ տրտմեալ սրտի քո սփոփանս սովաւ արասցես. գիտելով` զի սեփական է մարդկան նըժդեհութիւն եւ պանդխտութիւն եւ փորձանք: Որոց անդորր տացէ մեզ` որ ամենահնար է»:
ԱՅՍ վայլուչ եւ սրտառուչ յիշատակարանս` զոր հոս իր սկզբնագրէն օրինակեալ տեսնես եւ կարդաս, Հայկակ, հանուած է Յովբայ եւ Սողոմոնի գրոց օրինակէ մը, մեզմէ 600 տարի առաջ գրուած. զոր ես երբ առաջին ան գամ կարդացի, երկար կան գառի: Այն գրոց երկու մեծամեծ աննման եւ աստուածաշունչ հեղինակներն` (Յոր եւ Սողոմոն) յիրաւի մտացս մեծ մասը կու գրաւէին, բայց անոր առաջին ստացողն` զսիրտս կու գրաւէր: Վասն զի ըստ անսուտ վկայութեան իր սրբազան եւ մերձաւոր անձին` այն ստացողն, այն գրեթէ դեռ մեզի անծանօթ Ֆիմին` մեր անցեալ թագաւորաց մէկուն դուստր է եղեր, եւ իր կենաց ամէնէն զգալի երեւոյթն այլ` տրտմեալ սիրտն. եւ ոչ այսչափ միայն, այլ եւ աստուածասէր եւ գթասէր հո գի մը` կու վառէ եղեր այն սիրտը: Այսպիսի սրտի մը հանդիպիլ եւ զանց ընել` սիրտ չունենալ է: Չոր ու քար արձանի կտոր մը, դաստակ մը, մատ մը` իր փորուածքին ճարտարութեամբ կու յափշտակէ կրթուած աչք ու միտքը` առ ճարտարապետն եւ առ բուն գաղափար պատկերին. իսկ նշանակք այսպիսի սրտի մը` ո՞րքան աւելի սխրալի եւ սրբազան պիտի ըլլան զգաստ հայրենասիրաց մանաւանդ եթէ գուշակեն որ այն սրտին տրտմութիւնն` կենօք չափ քշեր է, թէ եւ երկնաւոր յուսով կու քաջալերուի եղեր:
Ես չվախեցայ եւ չեմ վախեր նաեւ Յոբայ մը քով կարեկցութեամբ եւ զարմանօք տեսնել այդպիսի Ֆիմիկ մը. վասն զի եթէ այն համբերողաց նախատիպն ամեն տեսակ ցաւ ու զրկանք կրեց եօթը տարի, վերջը 170 տարի այլ վայելեց զբարիս երկրի` ի մէջ բազմութեան զաւակաց, թոռանց եւ թոռնորդւոց, զի զի «Տէր աճեցոյց զՅոբ… եւ ետ Տէր կրկին քան որչափ ինչ էրն յառաջագոյն Յոբայ ի յաճախութիւնն … օրհնեաց զվերջինն Յոբայ քան զառաջինն. եւ էին խաշինք նորա ոչխարք 14000, ուղտք 6000, լուծք եզանց 1000, եւ այլն. եւ վախճանեցաւ ծերացեալ եւ լցեալ աւուրբք»: Եւ եթէ իմաստունն Սողոմոն (առանց Յոբայ պէս վշտակրելու) լաւ ճանչցաւ եւ վկայեց թէ ամենայն ինչ ունայնութիւն ունայնութեանց է, սակայն, չծածկեց այլ` թէ «զամենայն զոր ինչ խնդրեցին աչք իմ` ոչ զրկեցի ի նոցանէ, եւ ոչ ար գելի զսիրտ իմ յամենայն ուրախութենէ». որոց մէջ թաթաւեալ թողեցաւ ինքն այլ:
Իսկ Ֆիմի՞… Այս', եւ սա անոնց նման ծիրանածին էր, եւ մեծ ըստ մարմնոյ, այլ եւ բար գաւաճ ըստ ո գւոյ. թագաւորական օիորդ, միծատուն եւ իմաստուն. թերեւս ինքն այլ վայելեց 20 տարի մը` երկրաւոր մեծութիւն եւ բարիք, բայց այլ աւելի կրեց ցաւ ու չարիք, եւ որ մեծն է` ոչ յետոյ Յոբայ պէս կրկին աճեցաւ, եւ ոչ անոր եւ Սողոմոնի պէս ի գահոյսն վախճանեցաւ. այլ անշուք եւ անշփոթ մենարանի մը մէջ, միակ եւ յետին սփոփանս տրտմեալ սրտին` գտնելով այս իմաստուն եւ մեծատուն թագաւորաց գրքոյկը. զոր իր հօրեղբայրն Յովհաննէս եպիսկոպոս` գրեց իր ձեռին երկամբք, եւ զարդարեց պատկերօք եւ երան գօք եւ ընծայեց իր թոռնէին: Անշուշտ շատ հեղ կաթկըթած են հեզիկ եւ պայծառ մար գարիտք արտասուաց ս գաւոր բամբչին` այն կրկնակի խնկելի է էջերուն վրայ, որոց մէկին վրայ գրուած էր ահաւադիկ հոս կարդացածդ:
Թէպէտ եւ ոչ մեր պատմիչք եւ ոչ այս իր յիշատակագիր հօրեղբայրն` կու ծանուցանեն թէ ի'նչ կեանք է ի'նչ կիրքեր ունեցաւ Ֆիմի, եւ ո'ր էր գլխաւոր պատճառ տրտմութեան սրտին. սակայն մնացեալ քանի մը հարեւանցի եւ համարօտ գրուածներէ` թէ մերոց եւ թէ մանաւանդ օտարաց, փափագեցայ պրպտել անոր գաղտնիքը. եւ այն կոտրտած յիշատակներէն` եթէ կարելի է` նորո գել կագնել ընկած տրտմած ազնիւ սիրտ մը, որոյ հանգստեան յիշատակը` այս օրուանս (դեկտեմբերի 3ին) կու նշանակէ մեր Ռուբինեան թագաւորաց Յայսմաւուրքն` մէկ տողով մը:
Բ
խմբագրելԱրդ Ֆիմի դուստր էր Զապելի եւ Հեթմոյ, այն մեծատոհմ եւ մաքրակենցաղ ամուսնաց` որք կրնան ընծայուիլ յօրինակ թագաւորաց. եւ որոց զաւակ ըլլալն իսկ մեծ փառք եւ բաղդ էր. բայց անոնց հո գւոյն եւ սրտին` քան թէ արեան նմանութեամբը` աւելի մեծ եղաւ Ֆիմի, եւ ըստ այսմ` գերազանց իր հարազատաց մէջ այլ. որոց երիցագոյններէն մէկն էր, եւ հին գքերց մէջ` ինքն երկրորդ, թէ եւ հարսնութեան վիճակաւ` դարձեալ ամենէն առաջ անցաւ: Վասն զի իր անդրանիկ քոյրն Զապլուն` իրմէ վերջը (1254) տրուեցաւ ի կնութիւն Պեմունդի Զի`Բրնձին (իշխանին) Անտիոքայ, որ նախապատիւ էր ի մէջ փռանկ իշխանազանց յերկրին Ասորւոց. իսկ Ֆիմի` երկու տարի այլ առաջ խնդրեցաւ եւ ընծայեցաւ ի հարսնութիւն Յուլիանու Իպլինեան, եւ ի տիկնութիւն Սիդոնի: Այս երկուքին (տիրոջ եւ տեղւոյն) վրայօք` կ՚արժէ նախ տեղեկանալ. մանաւանդ որ Ֆիմիի կենաց եւ կրից ծանօթ դէպքերը` գրեթէ միայն ասոնցմով կրնամք ժողվել:
Երբ առաջին ան գամ Խաչակիրք սուրբ Երկրին տիրեցին (յամին 1099), մեծ պատերազմով մ՚այլ զարկին այլազգիները` հին այլազգեաց պարծանք եւ հսկայ Գողիադու հայրենեաց (Գէթ քաղքին) մօտերը, զոր ոմանք նոյն սեպէին Յունաց եւ Հռովմայեցւոց Յամնիա կոչած քաղաքաւանին հետ, որ եւ մինչեւ հիմայ Ճէնէ կոչուի, եւ մօտիկ է ի Ռամլեա (հինն Արիմաթեմ): Այս յետին քաղաքիս մօտ ալ երեք տարի վերջը պատերազմ մ՚եղաւ, յորում ընկաւ եւ Գաղղիացի կոմսն Շադրի` Ստեփանոս. որոյ երկու որդիքն զրկուելով իրենց հայրենի կոմսութենէն, ի Պաղեստին կու զինուորէին ընդ Խաչակրաց. մինչեւ Փուլկ կամ Ֆուլդ թագաւորն Երուսաղեմի` անոնցմէ կրսերին` որ Պալիան (Պալտուին) կոչուէր` տուաւ ի ժառան գութիւն նախայիշեալ Յամնիա քաղաքաւանը, որ այն ատեն բաւական բար գաւաճ էր. եւ անունը փոփոխուելով կոչուեցաւ Իպլին կամ Իպլիմ, Իպըլէն, Էպալիմ, եւ այլն: Պալիան` քաղաքին անունը սեփականեց իրեն եւ իր տոհմին. որ շատ զօրացաւ եւ աճեցաւ, տարածեցաւ բոլոր Փիւնիկիոյ եզերքը, եւ Կիպրոսի թագաւորութեան մէջ. անանկ որ գրեթէ ԺԳ - ԺԵ դարուց մէջ` հոն Լատինաց կամ Փռանկաց ամենէն հռչակաւոր տոհմն էր (յետ Լուսինեանց Կիպրոսի): Պալիանու որդւոց եւ թոռանց մէկն շինեցին կամ կար գաւորեցին Les Assises de Jerusalem ըսուած անուանի օրինագիրքը, որով կառավարէին թագաւորք Երուսաղեմի եւ Կիպրոսի, իշխանք Լատինաց յարեւելս. եւ նաեւ ըստ մասին` մերազգի Կիւլիկիոյ թագաւորք: Պալիանայ պայազատքն իբրեւ հպատակք Երուսաղեմի թագաւորաց` անոնցմէ ժառան գութիւն առին գրեթէ բոլոր Փիւնիկիոյ կամ Ասորւոց ծովեզերեայ քաղաքները եւ մանր իշխանութիւնները. որոնք երբեմն Դամասկոսի, Հալէպու եւ Ե գիպտոսի սուլտանաց ձեռքը կ՚ընկնէին, երբեմն Փռանկաց, այսինքն թագաւորին Երուսաղեմի, եւ յետոյ Կիպրոսի:
Այս թագաւորութիւնս` բաց իրեն սեփական վիճակներէն` չորս գաւառ կամ Պարոնութիւն ունէր, զոր պայազատութեամբ կու տար որու որ կ՚ուզէր: Այս չորս` պարոնութեանց մէկն էր Սիդոն քաղաքն ծովեզերեայ, իր բաւական ընդարձակ վիճակովը. յորում էին Կեսարիա, Բեթսան եւ Պէլֆորդ (Գեղեցիկ-բերդ) նշանաւոր ամրոցն: Այս մեր պատմութեան (Ա Հեթմոյ թագաւորութեան) ատեն` Սիդոնի տէրութիւնն այլ անցեր էր Իպլինեան տոհմին, եւ տիրէր զօրաւոր իշխան մը, Պալիան (Գ կամ Դ) որդի Յովհաննու` տիրոջ Պերութի, (զոր կ՚անուանէին le vieux sire de Berouth). որ եւ Կիպրոսի թագաւորութեան պայլ էր. Պալիան ալ անոր պայլ անուանեցաւ (1246ին, բայց տարիէ մը մեռաւ, 1247): Իր այրին Մար գարիտա որ Յովհ. Պրինայ (Երուսաղեմի թագաւորին) եղբօր դուստրն էր, կու հո գար թէ' տէրութիւնը եւ թէ իր մատղաշ պայազատ որդին Յուլիան կոչուած: Պալիանայ մէկ հօր եղբօրորդին կոմսն Յովհան Իպլինեան Յոպպէի տէր էր, եւ շատոնց առած էր ի կնութիւն` Հեթմոյ քոյրը Մարիամ. զոր մեր յիշատակագրաց մէկն փռանկաբար կոչէ Կալա-Մառի գունդես Ճաֆուն (Marie countesse de Jaffe). Իսկ Պալիանայ պայազատն եւ տէրն Սիդոնի Յուլիան` առաւ զՖիմի. ինչպէս յետ քիչ ժամանակի` Տիւրոսի տէրն այլ (Սրոյ տէրն` ըստ մեր պատմըչաց) Ամաւրի Լիւսինեան` առաւ ի կնութիւն զԶապլուն` դուստր Գ Լեւոնի, որդւոյ Հեթմոյ եւ եղբօր Ֆիմեայ: Գրեթէ ԺԳ դարուն կէսը բոլոր Ասորւոց նշանաւոր քաղաքաց եւ տէրութեան տիկնայքն` Հայոց նոր թագաւորութեան օրիորդներն էին. ոչ միայն ի Փիւնիկէ, այլ եւ բարձրագոյն գահուց վրայ, յԱնտիոք, ի Կիպրոս, եւ մինչեւ ի Բիւզանդիոն:
Ասոնցմէ էր եւ Ֆիմի, իբրեւ 14 տարեկան, երբ (1251) պատանին Յուլիան պայազատն Սիդոնի եւ իր խնամակալ մայրն Մար գարիտ` խնդրեցին զնա իրենց հարս. որ եւ շատ հաւանօրէն` առաջին հարսն ելաւ իր հօր արքունի դարպասէն, երբ մեծ շինութեան եւ փառաց մէջ էր այն արքունիքն. երբ չորս կտրիճ եւ մեծ իշխան եղբարք թագաւորին Հեթմոյ` թեւ թիկունք էին անոր, եւ երկուք այլ աղօթիւք օ գնէին, (Բարսեղ արքեպիսկոպոսն Դրազարկու, եւ կրսերն Յովհաննէս Րաբուն), եւ ամենուն վրայ հսկէր` հինաւուրց եղեւնոյ պէս հովանանալով` ծեր եւ առոյ գարքայահայրն Կոստանդին: Յուլիանու եւ Ֆիմիի պսակին պայմաններն, այսինքն օժտին վերաբերած խնդիրքն եւ դաշինքն` բաղդովի պահուած գտուեցաւ Մալդայի ասպետաց դիւանաց մէջ եւ հասաւ միայն ատենուան Փռանկաց լեզուով գրուած, միայն ստորագրութիւնն հայերէն կարմրագիր գրած մեր թագաւորին իսկական ձեռօքն, ՀԵԹՈՒՄ ԹԱԳԱՒՈՐ ՀԱՅՈՑ, եւ իր արքունի կախեալ կնքովը վաւերացած, ինչպէս որ կ՚ըսէ այլ թղթին վերջը. E por so qui cestes lettres soient fermes e estables, ci avons escrit l՚escrit de nostre main vermoil e sayele de notre cean pendant. Դաշնագիրքն էին մէկ կողմէն ինքն Հեթում թագաւոր, մէկայլ կողմէն տիկինն Սիդոնի եւ իր տիրորդին (la gentille dame de Sayette dsme Margarite e le gentil seignor de Sayette Sire julian) իսկ խոստակատարք կամ վկայքն էին Հիւրընկալ կամ Երուսաղէմի ասպետաց Կար գապետն` Գուլիելմ. Շագ-նէօֆ (frere Guilliam de Castelnov) եւ Հեթմոյ քեռայրն Յոհան Իպիլնեան (gentil cunte de Jafe sire Johan d lbilin): Իսկ պայմանքն էին, որ Հեթում տայ իր դուստրը (notre filie damoiselle Femie) առ Յուլիան, եւ օժտի համար 25000 սառակինեան-բիզանդ ոսկի` Աքքեայի կշռով (XXV m besans sarrazinas au pois dAcre), որոց մէկն կ՚արժէր չորս խաչակնիք բիզանդ Հայոց (quatre besans de nos staurat por un desant sarrazinas): Այս հայկական ստակը (սդաւրադ-խաչակնիք) թուի թէ մանրիկ ոսկի մ՚էր, իսկ սառակինեան բիզանդն 10-12 ֆրան գմը կ՚արժէր ըստ ոմանց դրամագիտաց, որով Ֆիմեայ օժիտն 300000 ֆրան գի մօտ կ՚ըլլայ, որուն երրորդ մասն` որ է 8000 բիզանդ (96000 ֆր. ) գոհարեղէն, մար գարիտ, եւ ոսկւոյ ու արծաթի զարդեր պիտի տար հայրն, իր օրիորդը խաւրած պիտի վճարէր, պսակը կատարելէն ետեւ: Հարսնածուք այլ պիտի պարտաւորէին այն կանխիկ տրուած օժիտը` յօ գուտ հարսին պահել կամ դարձընել ի կալուածս, եւ ամենեւին ազատ թողուլ զբամբիչը ուզած տեղը կենալու կամ երթալու, հետը ուրիշ մարդ չդնելով` բայց երեք ձիաւոր: Եւ ի հաստատութիւն բանիս` Յուլիան եւ Մար գարիտ, իրենց ազգականքն եւ պատուաւոր մարդիկ` պիտի ստորագրէն, եւ իրենք կատարէ կնքովը կնքէին պայմանագիրը: Այս ընելէն ետեւ պիտի կատարուէր հարսանիքն` ի տօնի Խաչվերացին, ի սեպտեմբերի, կամ անկէ ետեւ:
Թերեւս դիտեցիր, Հայկակ, որ փեսային մայրն կու յիշուի, իսկ հարսին` ոչ: Մինչդեռ իր նազելի դստերաց առաջին հարսնութեան խօսք կ՚ըլլար, մայրն` Զապել դշխոյն` փոխադրեցաւ յերկնային առագաստն, վախճանելով ի սկիզբն 1252 տարւոյ, որուն վերջերը կատարեցան հարսանիքն Ֆիմեայ: Արդեօք ասիկայ առաջին հարուած մը չէ՞ր օրիորդին, եւ պատճառ մը տրտմութեան սրտին, ո գոյ եւ հարսնութեան պատմուճանները յիրար շփոթելով: … Սակայն թողունք որ հայրն եւ հարազատքն սրբեն աչուըները, եւ «քաջալերեաց քոյր մեր» ըսելով` յուղարկեն փառօք իր տիկնութեան տեղը. մենք այլ մօտենանք այս տեղւոյս ծանօթանալու:
Գ
խմբագրելՀիմակուան Ասորւոց երկրին մեծ եւ բանուկ նաւահան գստէն (Պէյրութ) իբրեւ 45 մղոն մը վար դէպ ի հարաւ` ծովեզերքը պզտի հրուանդանի պէս երկընցած երկրին վրայ` շինուած եւ ծանօթ է Սայտէ քաղաքն, որ վերոյիշեալ պայմանագրին մէջ Սայէդ կոչուի: Հին Ասորիք եւ Եբրայեցիք Ծայդան կոչէին, ինչպէս մեր Ս. Գրոց մէջ այլ գրուած կայ, Ծուր եւ Ծայդան, որք ըստ Յունաց եւ Լատինաց Տիւրոս եւ Սիդոն կ՚ըսուին, եւ ստէպ յիշուին ի հին եւ ի նոր կտակարանս, եւ ճանաչուին իբրեւ երկու հարազատ քորք եւ տիկնայք բովանդակ Միջերկրականի արեւելեան ծովափանց: Տիւրոս` թէպէտ եւ աւելի նշանաւոր եւ մեծ էր եւ թագուհի ծովուց կոչուէր ի հին ժամանակս, սակայն դուստր էր Սիդոնի, որ շատ դարեր մինակ ծաղկելէ վերջը ծնաւ զՏիւրոս, եւ ինքն մայրն ծովային քաղաքաց Փիւնիկիոյ` աշխարհիս հնագոյն վաւերական քաղաքաց մէկն էր. վասն զի Նոյ նահապետին թոռան` Քանանու` անդրանիկն Սիդոն` շինեց զայն եւ իր անունը դրաւ, որ նշանակէ ձուկն կամ ձկնորս: Եթէ ի սկզբան` Վենետկոյ պէս ձկնորսաց ապաստանարան մ՚էր, քիչ ատենէն վաճառականութեան մայրաքաղաք եղաւ. եւ երբ իր դուստրն` Տիւրոս` գերազանցեց այլ յայսմ մասին, դեռ ինքն մայրն Սիդոն ծաղկէր: Ոչ միայն վաճառականութեամբ` այլ եւ ճարտարապետական արուեստով աննման էր, մօտն ունենալով Լիբանանու հին եւ անսպառ մայրիները. որոնցմէ կտրածը եւ կտրող ու կռկող կու խաւրէր ինչուան առ Սողոմոն, Աստուծոյ տաճար, եւ իրեն պալատ շինելու համար: Նաեւ Տիւրոսի մէջ տիրէր հարստութեամբ: «Եւ իշխանք քո (Տիւրոսի) բնակիչք Սիդովնացւոց»: Սիդոն կրնար ինքզինքը պաշտպանել այլ. ոչ միայն ի ծովէ ամուր բերդով եւ գո գովը, այլ եւ ի ցամաքէ, եւ ինչուան Աստուծոյ ժողովրդեան` Իսրայելացւոց` ձեռքէն այլ ճողոպրեց զինքը. «Եւ Ասեր ոչ եբարձ … զբնակիչսն Սիդոնի». վասն զի Յեսու Նաւեայ այս (Ասերայ) ցեղին վիճակեր էր զՍիդոն, զոր Մեծ անուանէին այն ատենն այլ. եւ իրմէ շատ առաջ` Յակոբ նահապետն իր Զաբուղոն որդւոյն սահմանները ինչուան, հոն կ՚ընդարձակեր. «Զաբուղոն յեզերս ծովու բնակեսցէ … եւ ձ գեսցի մինչեւ ի Սիդոն»: Հրեայք միշտ պատկառանքով եւ նախանձով կու նայէին անոր գոռոզութեանը ու զօրութեանը վրայ եւ կու սպառնային մար գարէից բերնով (Եզեկիէ, եւ Եսայի). եւ ինչուան գծովն` որուն առաջին իշխողն եղաւ` իրեն դէմ կ՚ուզէին գր գռել. «Յամօթ լեր, Սիդոն, ասէ ծով»: Այսպէս ծովն քաղաքին, քաղաքն ծովուն սաստելով եւ իշխելով. Սիդոն կրցաւ հազարով տարիներ պերճաբար կան գնիլ իր բարձրաւանդակին վրայ, լցուիլ ծովու եւ ցամաքի վաճառօք, եւ անոնց ար գասեօքը յղփանալ եւ շփանալ, նման ուրիշ մեծահարուստ շահաստան քաղաքաց, որոց նման այլ զեղծման եւ անիծից տեղ մը դարձաւ: Մինչեւ ինքնին Տէրն ծովու եւ ցամաքի եւ Աստուածն մեր, իր մարդկօրէն անօրէնութեան ատեն` ոտքով կոխելով անոր սահմանները, եւ վարդապետութեանը մէջ ուրիշ գոռոզ քաղաքներ խրատելով կ՚ըսէր. «Եթէ ի Տիւրոս եւ ի Սիդոն էին զօրութիւնքն` որ ի ձեզ եղեն` վաղու եւս արդեօք խոր գով եւ մոխրով ապաշխարեալ էր»: Բայց թերեւս նոյն երկրպագելի ոտքերն էին` որ ազատեցին զՍիդոն հիմնայատակ կործանմանէ կամ ծովուն ալեաց մէջ ծածկուելէն:
Արդարեւ նախախնամեալ քաղաքաց եւ տեղերուն մէկն կ՚երեւի ինծի Սիդոն, եւ (ոչ միայն Ֆիմեայ, այլ) ասոր համար է որ չեմ կրնար շուտով հեռանալ անկէ. զոր ոչ թոռունք Յակոբայ, ոչ Յեսու եւ ոչ թագաւորք Հրէից կրցան նուաճել. Նաբուքոդոնոսոր 13 տարի աշխատելով երբ չկրցաւ տիրել Տիւրոսի, անոր հետ թողուց Սիդոնն այլ, մեծն Աղեքսանդր` բռնագոյն քան զԲաբելացւոց բռնաւորն` առաւ քան դեց ամայացուց զԾուր, բայց դչպաւ Ծայդանի. գոռոզ դուստրը` աւագի եւ ալեաց մէջ խղդեց, զմայրը շոյեց շինեց, դարձընելով անոր իր հրաժարած եւ մշակ դարձած թագաւորը (Աբդողոնիմ): Իրմէ ետքը Յունաց, Հռովմայեցւոց, Արաբացւոց եւ Թուրքաց ձեռքէն անցնելով` Խաչակրաց ատեն այլ դեռ չէն քաղաք մ՚էր, եղեւնափայտէ պալատներով, եւ երբ ասոնց ձեռքն ընկաւ` (յամին 1111) Եւստաքիոս Կառինէ անուամբ Փռանկ ասպետի մը տրուեցաւ, ուսկից անցաւ Իպլինեան տոհմին, ինչպէս առաջ ըսի. եւ թէ ասոնց ատեն եւ թէ վերջը, թէ եւ շատ փոփոխութիւն կրեց, բայց միշտ բաւական բանուկ մնաց, ինչպէս ինչուան հիմայ այլ` Դամասկոսի հետ վաճառակցութեամբ բաւական չէն ու բազմամարդ է:
Դ
խմբագրելԱհա այս քաղաքիս եւ անոր երկրին տիկին եկաւ Ֆիմի, որոյ գալուստն թէ եւ ի սկզբան շնորհաւոր եղաւ, բայց քիչ ատենէն Սիդոն իր տիկնոջ այլ բազմաց ալ ս գաւոր եղաւ: Շատ տարի չէր (1250) որ այլազգիք կոխեր եւ աւրեր էին զանիկա, երբ Ֆիմեայ գալուն սկսաւ նոր ս գի առնուլ եւ ծաղկիլ վասն զի մէկ կողմէն ասոր հայրն` թագաւորն Հայոց Հեթում անոր պաշտպան կենար եւ գանձերովը կու ճոխացընէր. ուրիշ կողմէ` անակնկալ բարեբաղդութեամբ` աւելի մեծ ազգի մեծ թագաւոր մը եկաւ օ գնական Սիդոնի, եւ ազնուապէս պատուագիր անոր տիկնոջը, գերագոյնն եւ սիրելագոյնն թագաւորաց Փռանկաց Սուրբն Լուդվիկ, որ նախ ի Կիպրոս եղած ատենն (1248-9), ծանօթացեր էր ընդ Հեթմոյ: -
Այն ատենուան թագակրաց մէջ չկայ մէկն քան զՀեթում` նմանագոյն Լուդվիկի` զգոնութեամբ, քաջութեամբ եւ առաքինութեամբ վարուց: Լուդվիկ յետ արշաւանացն յԵ գիպտոս եւ պատերազմին եւ գերութեանն եւ ազատելուն, դառնալով Ասորւոց կողմերը` Ֆիմիի հոն եկած տարին (1225), եւ յաջորդ տարին այլ ան գործ չկենալով, սկսաւ այն երկրին բոլոր ծովեզերեայ քաղքըները նորո գել եւ ամրացնել. այսպէս կ՚ընէր եւ Սիդոնի այլ. որոյ տէրն` Յուլիան իր ուրիշ իշխանակցաց նման` պատիւ կու սեպէր անանկ մեծ թագաւորէ մը օ գնութիւն եւ պաշտպանութիւն գտնելը: Հոս անտարակոյս իր նորահարսն տիկինն այլ` Ֆիմի` պատուեց զՍուրբ թագաւորն Փռանկաց եւ անոր դշխոյն` որ իր սկեսրին անուամբ Մար գարիտ կոչուէր: Երկու տարի անոր այցելութեամբը` գտաւ իրեն նոր հայր մը. կրցաւ քննել ու զննել այն սքանչելի անձին վրայ` ինչ որ իր հօրը եւ մօր Զապելի վրայ կամ շատ տեսեր էր ի տղայութեանն, եւ ինքն դեռ դալար եւ կակուղ հասակաւ եւ սրտով` կու տպաւորէր ի հո գին` անոր ընտիր առաքինութեանց կերպարանքը, եւ անշուշտ անոր իմաստութենէն աւելի կու զարմանար բարեպաշտութեանը վրայ, որ ուր այլ ըլլար` անխափան իր աղօթքները եւ կանոնական ժամերը կատարէր: Թերեւս տեսաւ այլ Սուրբ թագաւորին ձեռքը սաղմոսիկ մը, որ յԵ գիպտոսի բանտին մէջ` բոլոր ստացուածքներէն եւ գրքերէն մէկհատիկ ստացուածք մնացեր էր. եւ անով իր գերութիւնը կու մխիթարէր. թերեւս անկէ շարժեալ եւ ինքն դիւրազգած տիկինն Ֆիմին` երբ տրտմութեան հարուածներն առաւ` նոյնպիսի մխիթարանք մը խնդրեց, եւ ընկաւ իր բաղձալին` երկամբք ձեռին իր հօրեղբօրը: Ո՞վ գիտէ, քանի՞ քանի՞ ան գամ Սիդոնի տպարանից եկեղեցւոյն կամ մատրան մէջ` սուրբ ծիրանաւոր արքային հետ ծիրանածին տիկինն` Ֆիմի ի ծունկ իջած` Աստուծոյ երկրիս վրայ կատարած ամենէն ահեղահրաշ խորհրդեան (պատարագի) առջեւ, հրաթեւեալ սրտերնին կու բարձրացնէին յերկնից յերկինս: …
Փափագելի էր մեզի այլ հիմայ հեռուանց այսպիսի հանդիսից մէջ գտուիլ յերկար, բայց սուրբ եւ բարի թագաւորն` յերկար չէր կենար մէկ տեղ մը. անդադար մէկ մը հոս, մէկ մ՚ի Տիւրոս կու փութար, անկէ յԱքքեա եւ ի Յոպպէ: Այս ետքի քաղաքս եղած ատենը` յամին 1253, գոյժ հասաւ իրեն, թէ թշնամիք կու սպառնան Սիդոնի. Սիդոն պաշարուեր է, Սիդոն առնուեր է. արիւն եւ կրակ կու լափեն զՍիդոն: … Արդեօք ի՞նչ եղաւ մատղաշ բամբիշն. ո՞ւր փախաւ, ո՞ւր ամրացաւ Ֆիմի. եւ եթէ սուր եւ հուր չհասան այլ իրեն, հապա վախն ու գութն ինչե՞ր չեն հասցներ: - Փութա', վազէ, սուրբ թագաւոր, գուցէ հասնիս ու հալածես այն անօրէնները` որ քու իսկ դեռ նոր դրած շինութեան քարերդ կու քանդեն… Թո'ղ հիմայ անոր հօրաքրոջը ապարանքը (Յոպպէի կոմսուհւոյն), եւ փութա զինքն ազատելու. անոր թշնամիքն` քու այլ թշնամիքդ են. եւ թերեւս աւելի քուկդ` քան թէ անոր, կարծեմ թէ քու վրէժդ կ՚ուզեն անկէ առնուլ. եւ փոխանակ քաջ հաւուդ` տկար վառեկի մը հետ կու զարնուին:
Յիրաւի թշնամեաց այս արշաւանքը կերպով մը Ս. Լուդվիկի համար էր. եւ կերպով մը Լուդվիկ պարտական էր պաշտպանութեան Սիդոնի եւ անոր տիրոջ ու տիկնոջը (Ֆիմեայ): Վասն զի պէտք է գիտնաս Հայկակ, որ երբ Ս. Թագաւորն գերութենէն դարձաւ` հաշտութեան դաշինք դնելով զինքը գերող Ե գիպտոսի սուլտանին հետ, (որ արեւելեան քրիստոնէից ամենէն մեծ եւ ահաւոր թշնամին էր), ուրիշ այլազգի իշխանք եւ սուլտանն Հալէպի եւ Դամասկոսի` նախ սմքեցան. վերջը այս ետքինս` սկսաւ գաղտուկ դրդել զԼուդվիկ` որ միաբանի իրեն եւ քրիստոնեայ իշխանաց հետ, ու Ե գիպտոսի սուլտանին դէմ ելլեն: Սուրբ եւ հաւատարիմ թագաւորն մերժեց անոր վատ եւ խարդախ խորհուրդը, եւ քանի որ Մսրայ սուլտանն իր դրած դաշինքը կը պահէ, ես այլ պարտական եմ, կ՚ըսէր, պահելու իմ խոստմունքս: Տեսաւ Հալպայ սուլտանն Մէլէք-էլ-Նասր Եուսուֆ) որ մէկ կողմէն Ե գիպտոսի սուլտանն դաշանցը համար յետ պիտի կենայ քրիստոնէից վնասելէն, մէկայլ կողմէն Փռանկաց թագաւորն` թէ եւ չիպատերազմիր` բայց քրիստոնէից երկիրները կ՚ամրացնէ. իսկ ուրիշ եւ իրեն աւելի մօտիկ կողմէն` թագաւորն Հայոց` Թաթարաց հետ բանագնաց կ՚ըլլայ. արդէն անոր եղբայրն Սմբատ գունդստապլ դարձեր էր մեծ ղանին քովէն, եւ հիմայ ինքն Հեթում կու պատրաստուէր երթալու, եւ իրեն ու քրիստոնէից օ գնական բերելու Թաթարաց անդիմանալի զօրութիւնը, որոյ առաջին հարուածը` այն քրիստոնէից մօտ տեղուանքը` ինքն Հալէպի սուլտանն պիտի առնուր:
Արդ երբ յուսահատեցաւ նա Սուրբ թագաւորը հրապուրելէն` ոխացաւ անոր, եւ ինչպէս ամեն վատ կ՚ընէ` դարձաւ իր հրապուրածին դէմ, ու դարձնել ջանաց զԵ գիպտոս սուլտանն այլ, որոյ դէմ կ՚ուզէր ինքն երթալ: Երկու անիրաւքն այլ գտան զիրար. բայց Մէլէք-Էլ-Աշրաֆ-Մուսա (Մսրայ սուլտանն) աւելի խոստապահ կամ աւելի խորամանկ էր, տեղէն չշարժեցաւ, սակայն գաղտուկ հաւանութիւն տուաւ ընկերին. այն ատեն Նասր ձայն տուաւ իր սահմանաց մէջ եւ մօտերը բնակող Թիւրքմենից, ու իբր իր երկու թշնամի բարեպաշտ թագաւորաց վրէժը մէկէն առնուլ ուզելով` յանկարծակի վազեց Սիդոնի վրայ, որ Դամասկոսէ (Շամ) հազիւ մէկ երկու աւուր ճամբայ հեռու է, իսկ ի Յոպպէէ (Եաֆա) յԱնտիոքայ եւ ի Սսոյ, ուր զօրաւոր իշխանքն քրիստոնէից` Լուդվիկ, Հեթում եւ Պեմունդ գտուէին` շատ աւելի հեռու:
Անակնկալ եւ ահաւոր եղաւ ասպատակն ու աւերակն. Սիդոն դեռ բաւական ամրութիւն չունէր. կոխան եղաւ թշնամեաց, որք անոր ցամաքային բերդն այլ առին աւրեցին, վազեցին նաեւ ծովային բերդին վրայ, ուր անշուշտ ապաւիներ էր եւ տիկինն Ֆիմի, բայց հոս` ծովն` ամըչցաւ եւ չամըչցուց զՍիդոն, հապա մանաւանդ յիշեց եւ կատարեց իր հին խօսքը. «Ո՞չ երկնեցի եւ ո՞չ ծնայ եւ ո՞չ սնուեցի երիտասարդս, եւ ո՞չ բարձրացուցի կուսանս», որոց մէջ հիմայ բարձրագոյն բազմած դեռ կուսագեղ տիկինն Սիդոնի, ծովուն ալիքներէն աւելի` աղօթիւքը կու պաշտպանէր բերդին: Յետ քաշուեցան արիւնարբու եւ աւերածու թշնամիքն, բայց չարաչար նշաններ թողլով իրենց գազանութեանը. 800 հո գի սրակոտոր եղած սփռած էին Սիդոնի մէջ եւ ճամբուն վրայ, 400 հո գի այլ երկաթի զարնուած եւ գերի վարած, շատ շէնքեր այլ աւերած:
Ասոնց մէջ` չեմ տարակուսիր որ Ֆիմի իրեն պալատէն աւելի կու սիրէր մատուռ մը` քաղքին արեւելեան դրան քովերը` որ Շամայ ճամբուն վրայ կու նայի. մատոռ մը` զոր նախնի քրիստոնէից բարեպաշտութիւնն կան գներ եւ դարուց դար աւանդութեամբ պահէր ու պատուէր, մատուռ մը` որ եւ հիմայ այլ կեցած պատուի, թէ եւ փոփոխեալ ի մզկիթ, Նեպպի-Սիդուն կոչուած: Այս շէնքս այն տեղն է շինուած` ուր 1200 տարի յառաջ քան զՖիմի` իրեն համասեռ Փիւնիկեցի մը, մայր մը, մեծ տրտմեալ սիրտ մը` կեցեր կու լար ու կանչէր, կ՚ուզէր բժշկել իր սրտին սիրուն կտորը, չարաչար տանջուած ու լլկուած աղջիկը, - շատերն լսեցին ձայնն ու լացը, եւ ոչ ոք կրցաւ օ գնել, եւ միայն կրցողն այլ չուզեց: Արարիչն ամենեցուն` այն ատեն հոն մարդկորէն քալելով կ՚անցնէր, լսեց ու չլսելու զակաւ… Բայց ո՜վ զօրութիւն հաւատոց, ո՜վ մեծութիւն սիրոյ, դու գրեթէ աստուածային հնարից այլ յաղթեցիր: Ասորի կինն ճանչցաւ զՔրիստոս, եւ պահանջեց ինչ որ իր ցաւոց եւ անոր ողորմութեանը կու վայլէր. «Ողորմեաց ինձ, որդի Դաւթի, դուստր իմ չարաչար այսահարի». Քրիստոս լռութեամբ կ՚երթար, կինն ետեւէն առջեւէն աղաղակելով կ՚ար գելուր. Քրիստոսի աշակերտներն կ՚աղաչէին, կինն առաջ անցնելով գետին կ՚ընկկնար, «երկիր պագանէր նմա եւ ասէր. Տէր, օ գնեա ինձ»: - Քրիստոս կ՚ըսէր թէ ինքն Հրէից բժշկութեան համար զրկուած է, որք Աստուածոյ ընտրած որդիք սեպուած էին, եւ թէ որդւոց պատրաստուած հացը` չէր վայլեր շուներու տալ: - «Այո' Տէր'», խոստովանեցաւ մեծահամբեր եւ մեծիմաստ կինն, այո Տէր, բայց «եւ չունք ի փշրանաց սեղանոյ մանկանցն կերակրին»: - Ո՜հ, ներէ մեզի այլ ըսելու, ո'վ Տէր մեր, որ կարծեմ հոս քու գթութեանդ աւելի դժար եկաւ համբերելն, քանի թէ այն տառապեալ կնկան` իր ցաւոցը. եւ այլ չէիր կրնար ուշանալ կանդելու, «Ո'վ կին դու, մեծ են հաւատք քո. եղիցի քեզ որպէս եւ կամիս: Եւ բժշկեցաւ դուստր նորա ի նմին ժամու»: - Ահա այս գերասքանչ գորովալի տեսարանին տեղն էր, ուր իսկապէս եւ մարմնապէս կեցաւ Աստուածն մեր Քրիստոս, եւ ուր կինն Փիւնիկ Ասորի` ընկաւ իր ոտքը. այս տեղս էր կան գնած այն մատուռն եւ հիմկու մզկիթն, ըստ բարեպաշտ եւ հաւանելի աւանդութեան. եւ ուր հաւատացելոց հետ ստէպ այցելութեան եւ աղօթից կու գար` Փիւնիկին հաւատոց եւ ցաւոց ժառան գն Ֆիմի. եւ հիմայ այլ անշուշտ իր քաղքին եւ ժողովրդեան կոտորածոց վրայ կոտրտուելով` մայրօրէն ցաւակցութեամբ սրտանց կ՚աղաղակէր առ Փրկիչն, «Տէր, օ գնեա' ինձ»:
Ե
խմբագրելՀոս մարդասէր Տէրն մեր յօ գնութիւն կամ ի մխիթարութիւն հասուց զԼուդվիկ, որ գոնէ աւելի մեծ վտան գէ ազատեց զՍիդոն. անշուշտ իր գալստեան կասկածելով` փութացեր փախեր էին թշնամիքն ի Պանէաս (կամ ի Կեսարիա Փիլիպպեայ, ըստ աւետարանին). ուր գունդ մը քաջաց խաւրեցհալածեց զանոնք եւ քաղաքը առաւ: Իսկ ինքն կու շտապէր գալ ի Սիդոն. որոյ հարուածէն ետեւ քանի մ՚օր անցեր էր, եւ դեռ անթաղ մնացեր էին սպանեալքն. եւ արդէն սկսեր էին գերեզմանի մէջ առնելու կերպարանքին փոխուիլ: Չկրցաւ սուրբ թագաւորն արտսունք բռնել. եւ նախ իր հետն եղող Ս. Պապին նուիրակին` գերեզմանի երկիր մը օրհնել տուաւ, վերջը դարձաւ իրեններուն` հրամեց որ թաղեն: Ասոնք` որ աւելի թշնամի ջարդել փափագէին քան թէ ընտանի թաղել, եւ իրենց առաջնորդին սիրտը չունէին, պժ գացին զզուեցան, երեսնին յետ դարձուցին. վատք քան զՄարթա` ըսելով, թէ «Հոտեալ իցէ, քանզի չորեքօրեայ է»: Այն ատեն Լուդվիկ իր սիրոյ եւ սրբութեան սքանչելի գործոց մէկն հոս ցուցուց. ձիէն վար ցատքեց եւ առջի հանդիպած դիակը վերուց շալկեց թագաւորական թիկանցը վրայ, եւ իբրեւ խուրձ մը դեղնած ցորենոյ պարկի մէջ դնելով` տարաւ ինչուան գերեզմանոցը, իջուց փոսին մէջ, թաղեց, ծածկեց, կնքեց կաթիլ մ՚արտասուօք: Հին գօր այսպէս աշխատեցաւ մեռելակրութեան. ոչ միայն առանց գանելու, այլ նահատակաց մարմին սեպելով` կրելու ատեն ծոմ կու պահէր եւ յար գութեամբ կ՚իջեցնէր զանոնք իրենց քնարանը: Այս օրինակէս զարնուած զօրքն եւ վարձկանք` հետեւեցան իրենց տիրոջը: Ծովածին Սիդոնի բարձրացեալ երիտասարդքն եւ կուսանքն` վերջապէս հանգչեցան ի հայրենի հող մահուան:
Ուրիշ գեղեցիկ եւ համանման գործ մ՚այլ ըրաւ այն մեծ եղբայրասէր թագաւորն ի Սիդոն. տեսնելով որ իր նորո գութիւններն նորէն աւրուեր են, քաջալերեցաւ աւելի ամուր շինելու. եւ հոս այլ իրեններուն օրինակ տալով ժրութեան` հասարակ մշակի պէս սկսաւ իր ու ծեփ շաղուել եւ քարերը կրել, պատերը հիւսել:
Այն ձմեռուան (1253-4) գրեթէ մեծ մասն հոս ի Սիդոն անցուց Լուդվիկ. եւ դեռ կ՚ուզէր կենալ եւ շէնքերը պսակել, երբ իրեն այլ յանկարծ Յոբայ երեք բարեկամացը պէս եկան իրեն` իր խոստովանահայրն, Պապին նուիրակն եւ Տիւրոսի արքեպիսկոպոսն. իմացուցին զմահ իր մօրը, Պլանշ դշխոյի, զոր եւ թագաւորութեանը տեղակալ դրեր էր, սովորականէ աւելի կու սիրէր եւ յար գէր: Խիստ սաստիկ ցաւ զգաց, բայց սրբութեամբը ծածկեց. եւ մէկէն ընկաւ իր մատրանը մէջ` ուրր լսեց այս գոյժը, գոհացաւ զԱստուծոյ` որ այնքան ատեն իրեն պար գեւեր էր այնպիսի մայր մը. եւ հանգստեան պաշտօն ընել տալէն ետեւ` փութացաւ ժողովեց մարդիկը, եւ ուրիշ ատենի թողլով սուրբ Երկրին ազատութեան հո գը, տուաւ վերջին ողջոյնը իր ասպնջական տիրոջ եւ տիկնոջ, եւ ամենայն քրիստոնեայ իշխանաց եւ բազմութեան հաւատացելոց. որք ետեւէն գացին մինչեւ յԱքքեա, եւ մեծ տրտմութեամբ յուղարկեցին նաւով ի Կիպրոս, ուսկից նաւեց դարձաւ ի Գաղղիա:
Այս դիպուածս համառօտիւ յիշէ մեր ժամանակագիրն (Մաղաքիա) ՉԲ. (1253-4) «Ռէ տէ Ֆրանցն (Լոյզ կամ Լուիզ) վերստին շինեաց զՍայտայ եւ գնաց յաշխարհ իւր». ինչպէս յառաջ այլ Յոպպէի համար յիշէ. «ՉԱ (1252-3). Ռէ տէ Ֆրանցն շինեաց զՃաֆն»: - Հիմակուան Սայտայի բարձրագոյն մասին վրայ կիսաւեր մեծ աշտարակ մը կայ. մնացորդ շինուածոց կամ նորո գութեանց Ս. Լուդվիկի:
Պէտք չէ տարակուսիլ` որ Լուդվիկի երթալուն վրայ ամենէն աւելի ցաւողաց մէկն եղաւ Ֆիմի, որոյ գթասէր սրտին այս այլ կակուղ հարուած մ՚էր. եւ այնչափ աւելի էր հո գն ու վախն` որչափ որ նոյն տարին իր հայրն Հեթում թագաւոր այլ ելաւ գնաց երկար ճամբով ի Թաթարստան. ուսկից ինչուան որ իր տեղը դարձաւ դադարելու` տարիներ անցան: Բայց քանի մը տարիները, (եւ մինչեւ ի 1260 տարին) անվտան գկ՚երեւին. վասն զի ի Հայս կառավար եւ պահապան կեցեր էր Ֆիմիի պապն, մեծախելք թագաւորահայրն Կոստանդին, իր մէկայլ կտրիճ որդւոօքն. ուրիշ կողմանէ այլ Թաթարաց գալուն վախն կու զսպէր զայլազգիս` որ քրիստոնէից աւելի վնաս չհասցընեն, որպէս զի իրենք այլ աւելի վնաս չկրեն:
Զ
խմբագրելԱյս տարիներուս մէջ ծլեցաւ ծաղկեցաւ Ֆիմի իր զաւակօքը, որ երեք միայն յիշուին, երկու մանչ, զորս Յուլիան իր հօր հօերղբոր անուամբ կոչեց, եւ մէկ աղջիկ` զոր իր մօրն անուամբը: Ասնց անուանքն այլ իրենց մօրը հետ վայելչաբար եւ փաղաքշաբար նշանակուած կու գտնեմ արքայեղբօր Յովհաննու ձեռօք, իր ընծայած նախայիշեալ գրքին մէջ, ահաւասիկ. Մարկրուն հեզանազ դստրիկն Ֆիմեայ` հարս գաց Կուիտոնի կամ Կիայ` Ժիպլէի տիրոջ, որ է հինն Գէբազ Ս. գրոց կամ Բիւբլու Յունաց, հիմայ Ճէպիլէ կամ Ճեպայիլ կոչուած, որ այն ատեն Իպլինայ պէս փռանկ տէրութիւն մ՚էր. յն տերանց մէկուն դուսըր կին առաւ Պալիան` անդրանիկն Ֆիմիի, եւ երկու աղջիկ ունեցաւ, որոց մէկն անուանեց իր սիրելի մօրն անուամբ Ֆիմի, որ յետոյ եղաւ կին Հեթմոյ մարաջախտի. (սա էր թոռն Հեթմոյ` եղբօր Ս. Ներսիսի Լամբրոնացւոյ):
Աւելորդ է ինծի խօսքով խորհրդածելն` որ Ֆիմի իրեն մեծ հո գըրեր էր իր զաւակաց (թերեւս եւ թոռանց) կրթութիւնը, եւ կու ջանար զանոնք, այլ իրեն պէս զարդարել ամենայն բարեձեւութեամբ, իրեն պէս ընել` սիրողս Աստուծոյ եւ ծառայից նորա: Այս բաներս թէ եւ հօրեղբոր մը բերնով եւ ձեռքով գրուած են իրեն համար, սակայն գրողին սուրբ եւ բարձր աստիճանն եւ վարքն վկայ` որ ճշմարտութեամբ պատշաճած են անոր, եւ կու յայտնեն` որ այն ատենուան բամաթիւ մանր տէրութեանց տիկնայց մէջ առաջիններէն մէկէն էր (եւ մեզի ծանօթից մէջ առաջինն) Ֆիմի իմաստութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ արդարեւ լցեալ եւ զարդարեալ: Եւ ասոնք էին մեծ զէնք եւ դեղք հարուածոց եւ տրտմութեան դիւրազգած եւ գթասէր սրտին, իր ծնողաց եւ Ս. Լուդվիկի օրինակներն` իրեն կենդանի հայելի մ՚էին նմանութեան, եւ թերեւս անոնց այլ` ամեն բանէ աւելի` հանդիպած փորձանքներն եւ վիշտերն եղան մեծ առիթք բարեպաշտութեան եւ սրբութեան: Ամենուն, բայց աւելի իշխանազանց եւ մեծատանց համար հարկաւոր կու ճանչնայ մեր սուրբ կրօնքն` այսպիսի հարուածներ որ զիրենք ցնցելով` քակեն աշխարհիս ունայնութեանց եւ պաճուճանաց կպչուն փափկութիւններէն, եւ լաւագոյն կենաց եւ աշխարհի ստոյ գեւ անանց բարեացը փափագեցընեն: Գուցէ նուազ կ՚ըլլար ի Զապել, ի Հեթում ի Լուդվի գեւ ի մերս Ֆիմի` այս սուրբ փափագու եթէ վշտերնին այլ պակաս ըլլային: Ուրեմն անվախ բնտռենք քննել թէ ուրիշ Ի՞նչ փորձանք ու ցաւեր եկան ասոր, մանաւանդ թէ թողունք որ գան, եւ այլ աւելի փորեն խորցընեն, բարակցընեն եւ զարդարեն այն ազնիւ սիրտը:
ԷՖիմիի քանի մը տարի հանգստեան միջոցը` մեծամեծ քաղաքականդիպուածք եղան յարեւելս, հայրն` Հեթում` դարձաւ ի Թաթարաց, մեծ (Ման գու) խաքանին եղբայրը` ահաւոր Հուլաղու զանը` բիւրաւոր զօրօք ետեւէն բերելով, որ քանի մը տարուան մէջ` քրիստոնէից նեղութիւն տուող բռնաւորները եւ տէրութիւնները ջնջեց, նախ Հաշիշի կամ Աւազակաց ըսուած բռնաւորը, յետոյ Պաղտատու հին եւ մեծ ամիրապետութիւնը (1258) վերջը (1259-60) Սիդոնը աւեր եւ արիւն դարձընող Հալպայ եւ Շամայ սուլտանը (Մէլէք-էլ-Նասըր), բռնեց եւ գերի զրկեց ի Պարսկաստան ու անկէ նուաճած երկիրները դարձուց տուաւ Հեթմոյ եւ անոր փեսային` Անտիոքայ իշխանին: նաց միայն Ե գիպտոսի զօրաւոր սուլտանն, ասոր վրայ այլ կու պատրաստէր յարձկելու` Հայոց եւ Լատինաց օ գնականութեամբ, երբ հասաւ իր եղբօր (Ման գու ղանի) մահուան լուրն, ու փութացաւ Հուլաղու դառնալ յարեւելս մեծ ղանին ընտրութեան համար. - արեւմտեան կողմերուն (յԱսորւոց երկիրը) պահապան թողլով զօրօք Քիթբուղա կամ Քէթուպօղա-նոյին զօրավարը: Ասոր համար մեր Հեթում Պատմիչն կ՚ըսէ թէ, Քրիստոսի երկրպագութեան եկող մօ գուց ցեղէն էր, եւ բարի ու քրիստոնէասէր ըլլալով` սկսաւ խաղաղութեամբ կառավարեալ իրեն յանձնուած կողմերը: Դժբաղդաբար քրիստոնէից կողմէն եղած անխոհեմութիւն մը` մեծ շփոթութեան եւ վնասու պատճառ եղաւ, եւ նոր ցաւոց` մեր Սիդոնի տիկնոջ: Վասն զի այս տէրութեան երկրին մէկ մասն` որ ինչպէս առաջ յիշեցի, Պէլֆորդ կ՚ըսուէր Շամայ երկրին սահմանակից էր, եւ բնակչաց մէկ մասն այլ Թուրք էին, որք հիմայ զսպուած ի Թաթարաց` ասոնց տուրք կու տային, եւ անշուշտ ութ տարի առաջ Սիդոնի վրայ ասպատակողաց ընկեր էին: Հիմայ Սիդոնացի եւ Պէլֆորդեցի տաք գլուխ մարդկանցմէ ոմանք` կամ հին վրէժն առնըլու համար, կամ նոր առիթ մը գտնելով` այս Թուրքաց գեղերն ու արտերը կոխեցին, աւրեցին, ոչ առանց սպանութեան տեղացեաց, որոց մէկ մասն այլ իրենց ստացուածով եւ անասնովը գերի քաշեցին. Մօտերը ձիաւոր Թաթարաց պզտի գունդ մը կար Քիթբուղայի քեռորդւոյն կամ եղբօրորդւոյն հրամանին տակ, մէկէն վազեց այս կտրիճ Սիդոնացոց ետեւէն, պատուիրելով որ գերին եւ աւարը թողուն, անոնք իրենց անշահ յաղթութեան եւ աւարներուն վայլմամբ տաքցած եւ գինովցած, աւելի մեծ յանդ գնութեամբ եւ կուրոթեամբ Թաթարաց այլ դէմ դարձան, եւ քանի մը հո գի սպաննեցին, անոնց հետ մէկտեղ կտրիճ առաջնորդնին այլ:
եռ Թաթարաց բարկութեան եւ վրէժխնդրութեան փորձն առած չէին քրիստոնէայք: Քիթբուղա` հոս ոչ անարդար իրաւամբք քալեց կոխեց աւրեց Սիդոնացւոց սահմանները, եւ նոյն իսկ քաղաքն այլ առաւ. նորաշէն պարսպաց մեծ մասը քակեց, ցամաքին բերդը փլուց, դէպ ի ծովային բերդը դիմողներէն մէկ քանին այլ սպաննեց, բայց այս բերդս ծովով շրջապատած ' պաշտպանած ըլլալով` չկրցաւ առնուիլ: Հոն դարձեալ ապաստանած տիկինն Ֆիմի` որսորդէ փախած եւ ծառին բարձրագոյն ճղերուն մէջ պահուըտած թռչնոյ պէս կու սարսէր սարսափէր, եւ թերեւս ազատելու հնարք չէր տեսներ, թէ որ անակընկալ դիպուած մը չհեռացնէր անկէց զԹաթարս:
Հուլաղուի հեռանալը եւ թողած Թաթարաց քիշուորութիւնը լսելով Ե գիպտոսի սուլտանն Քուդդուղ` յարձակեցաւ ի Պաղեստին. Քիթբուղա` ցրուած զօրքերը ժողվելով` դէմն ելաւ. հասան իրարու` Նապլուսայ (Սամարիոյ) մոտ Այն- Ճալութ (Աղբիւր Գողիագայ) ըսուած տեղը սաստիկ եղաւ պատերազմն. Քիթբուղա մեծ քաջութեամբ կռուեցաւ եւ աւելի մեծ կարճութեամբ մեռաւ: Թաթարներն` որ առաջիան գամ էր որ կու յաղթուէին, հալածեցան Ասորւոց երկրէն դուրս, որուն տիրեցին Ե գիպտացիք, բաց ի քանի մը ծովեզերեայ քաղաքներէ, որոց մէկն այլ էր կիսաւեր դժբաղդ Սիդոնն:
Ասոր տէրն Յուլիան` որ տասն տարի չտիրած` երկու երեք ան գամ տեղւոյն աւերիլը տեսաւ, հիմայ այլ երկու կողմէն մեծ վտան գի մէջ գտուելով` թէ յԵ գիպտացւոց եւ թէ ի Թաթարաց, եւ նորէն ոչ Ս. Լուդվիկի մօտաւոր գալստեան յոյս ունենալով, եւ ոչ աներոջը (Հեթմոյ) առանց ասոր խորհուրդ հարցընելու` յուսահատական հնարք մը մտածեց, որոշեց, կատարեց: Սիդոնն այլ Պէլֆորդն այլ իրենց սահմաններովը ծախեց Տաճարական ասպետաց. «Ճուլիան Սայտայու, տէրն` ծախեաց Դամփլուն զՍայիտէն եւ զՊիաֆորդն», կ՚ըսէ մեր ժամանակագիրն: Այս բանիս վրայ շատ դժարեցաւ թագաւորն Հեթում` թէ Յուլիանու եւ թէ անոր երկիրը գնող ասպետաց, որք կերպով մը իր դստեր իրաւանց այլ կ՚անիրաւէին: Անշուշտ Հեթում իրաւունք ունէր, բայց Յուլիան այլ իր գլխին ճարը հո գալու կու ստիպուէր, մանաւանդ որ ուրիշ իրեն նմաներէն այլ կային նոյնպէս մտածողք: Իրմէ քիչ մը վերջը (1261) իր ազգակիցն Պալիտն` տէրն Արսուֆայ (որ նոյն Փիւնիկիոյ եզերքը Եաֆայի մօտ ուրիշ ամուր քաղաք մ՚է) իր երկիրը ծախեց Հիւրընկալ (Հոսպիտալի) ասպետաց: Քանի մը տարի ետեւ (1268) Պիպարս Փնտուխտար սուլտանն Ե գիպտոսի առաւ զՊէլֆորդ բերդաքաղաքը. նոյն տարին առաւ եւ զԱնտիոք այլ, որոյ տիկինն էր քոյրն Ֆիմեայ:
Այս ամեն դիպուածքն մէկմէկ հարուածք եւ առիթք էին տրտմութեան իր սրտին, եւ մանաւանդ երկու տարի ռաջ (1266) հանդիպած կսկծալին, իր եղբօր` Թորոսի` սպանուլն յԵ գիպտացւոց` պատերազմի մէջ, եւ միւս եղբօր Լեւոնի (Գ) գերութիւնը, ու հօրը մեծ տառապանքը` ինչուան որ ազատեց զնա: Այս ցաւալի տարիներուն մէջ` Ֆիմի անշուշտ ապաստանած էր իր հօր թագաւորութեան երկրին մէջ, եւ անոր ս գակից կ՚ըլլար, հետզհետէ կրելով եւ իմանալով ինչ որ «սեփական է մարդկան, նժդեհութիւն եւ պանդըխտութիւն եւ փորձանք»: Թէպէտ քիչ մը վերջը բոլոր Կիլիկիոյ եւ իր արքունի ընտանեաց հետ ուրախացաւ` ազատութեամբ Լեւոնի (1268) բայց եղբայրը գտնելով` գրեթէ հայրը կորուս. վասն զի Հեթում զորդին թագաւորեցընելով` ինքն հրաժարելով` քիչ ատենէ մեռաւ, (28 հոկտեմբ. 1270): Նոյն օրերը հասաւ եւ Ս. Լուդվիկի մահուան լուրն, որ երկու ամսով յառաջ վախճաներ էր (25 օ գոստ): Այսպէս գրեթէ երկու հօր սու գու ցաւ մէկտեղ կրեց Ֆիմի: Անոնցմէ առաջ վախճաներ էին իր հօրեղբարց մէկ քանին, եւ աւելի առաջ (1262) անոնց նահապետական հայրն` Կոստանդին:
Բայց իր սրտին մերձագոյն եւ մասնակից անձն, իր ամուսնինն` Սիդոնը ծախելէն 15 տարի ետեւ «Մեռաւ Ճուլիան, Սայտայոյ տէրն», (1275) ըստ ժամանակագրին, այն տարին` որ Կիւլիկիոյ մէջ սաստիկ սով եւ մարդամահ այլ եղաւ: Յուլիան իր տեսած եւ կրած փորձանքներէն եւ գուցէ իր կնոջ եւ աներոջ բարեպաշտութենէն յորդորուելով` կամաւ թողեր էր իր աշխարհային փառքը, նախ Տաճարական ասպետաց կար գը մտնելով, յետոյ Երրորդութեան ըսուած կրօնական կար գը, յորում եւ մեռաւ Աքքեա քաղքին մէջ, իր այրւոյն սրտին մեծագոյն վէրք եւ տրտմութեան առիթ թողլով:
Ը
խմբագրելԱյլ միթէ նուա՞զ կսկիծ եղած էր անոր մայրենի սրտին` կորուստ իր կրսեր եւ կայտառ որդեկին, ի՞նչ լայն եւ խոր պատառուածք բացաւ այն ազնիւ սրտին մէջ` տարաժամ եւ տարադէպ լուր մը, թէ քու ջաջուռ ու ճօճուն Ճուանդ չկայ… մարեցաւ անոր լուսաւոր արեւակն: Արդարեւ ջուրք մարեցին, ընկղմեցին, խեղդեցին զՃուան. - անոնց մէջ լուացուելուն կամ լողալո՞ւն ատեն, թէ անոնց վրայէն անցնելուն: - Գիտցածնիս այս է, որ օր մը Ֆիմեայ առջեւ բերուեցաւ փռուեցաւ Ճուան երկայն հասակաւը, գետէն հանած շուշաաց շալակի մը պէս. - ջրերն` որ իր այնքան շնորհքը քաղեր կելլեր էին, անշուշտ մէկ կակուղ եւ խոնաւ շնորհք մ՚այլ դեռ թողեր կամ տուեր էին կերպարանացը. զոր փոխանակ կէս ծածկելու` բոլորովին բաց թողուին գագաթէն վար կախուած քամուած ու մէկ փունջ եղած խարտեաշ գիսակներն… դեռ ամեն բան լման եւ նոյն կու տեսնէր Ֆիմի` իր Ճուանին վրայ. միայն չշարժելէն եւ իր վիզը չպլլուելէն հաւատաց մայրն` որ որդին անշնչացեր… մեռեր է. «Եւ եդեալ զաղիս նորա»: …
Թողունք այս պժ գալի տեսարանը, որ եթէ սրտակտուր է ամեն հանդիպողի, ի՞նչ պիտի ըլլայ մօր մը սրտին եւ Ֆիմիի պէս մօր մը: … Հոս ձեռուընիս կու կապուի, շրթունքնիս կու փակուին. հոս` արդարեւ միայն մխիթարանք ու անդորր կրնայ տալ այն` Որ ամենահնարն է: Իջի'ր արդ հիմայ, ո'վ բարի հօրեղբայր, իջիր քու Բարձրբերդի սուրբ դիտանոցէդ, եւ բեր քու թոռնէիդ այդ Ամենահնարին ներշնչեալ սուրբ պատ գամները, բեր քու ձեռագիծ գրքոյկդ, եւ փորձով Ժողովողվին ու փորձանօքն Յոբայ` սփոփէ այդ իրաւացի տրտմեալ սիրտը: Ահաւադիկ մէկ յիշատակարան մ՚այլ արքայեղբօրն Յովհաննու առ Ֆիմի, նոյն գրոց մէջ, ոտանաւոր չափով.
Յաստուածային սէրն հարեալ
Սա` որ հըրով նորին վառեալ,
Որ եւ ըզտառս այս ըստացեալ
Բամբիչըն մեծ` Ֆիմի կոչեալ,
Հեթմոյ քաջի նա դուստըր լեալ,
Որ էր արքայ Հայոց օծեալ.
Անցաւոր զայս ծանուցեալ,
Անանց թրագին այն բաղձացեալ,
Նորափետուր սովաւ պրճնեալ
Լի լապտերօք ընդառաջեալ.
Նոր փեսային է հարսնացեալ,
Մըտից դրախտին արժանանալ:
Եղկելիս սովաւ թախծեալ
Երկամբքն մատանցս ըզսա ստանալ,
Սակս որոյ ի մի գործ սկըսեալ
Փոքր ինչ յայլոց օժանդակեալ.
Ստացողք վերջոյ եւ որք օ գտեալ`
Հայցեմք բարի մասըն մեզ տալ եւ այլն:
Այն տարին որ Ֆիմի այրիացաւ` իր աւելի բարձրիշխան քոյրն այլ` Զապլուն` այրի մնաց մահուամբ բրնձին Անտիոքու` Զ Պեմունդի (1275 մայիս 11), որոյ աղահասակ որդւոյն (Է Պեմունդի) խնամակալ եղաւ ինքն մայրն. եւ հաւանօրէն 14 տարի ետքը տեսաւ իր եւ անոր տէրութեան բոլորովին վերջանալը, երբ Քէլաուն կամ Քալիլ Աշրաֆ սուլտանն` Ե գիպտոսի` առաւ զԱնտիոք ու վերուց անկէ քրիստոնէից 200 տարուան պայազատութիւնը: - Իրեք տարի վերջը (1291) մէկայլ Զապլունն այլ (իրենց եղբօր` Գ Լեւոնին դուստրն) տիկինն Տիւրոսի` զրկեցաւ իր տիկնութենէն, վասն զի երբ Ե գիպտացիք առին զԱքքեա` քրիստոնէից ամենէն ամուր ապաստանարանը, անոր պաշտպան ասպետքն փախան ապաւինեցան մեր Ֆիմեայ հին ապաւէնը, ի ծովային բերդն Սիդոնի բայց երբ թշնամիք նաւերով մօտեցան անոր, անկէց այլ փախան գնացին ն Կիպրոս: Այս բաներուս ականատես Պատմիչն Հեթում` կ՚ըսէ. «Աշրաֆ էառ զԱքքա ի քրիստոնէից եւ թողին քրիստոնէքն առանց պատերազմի զՍուր (Տիւրոս), զՍայտէ (Սիդոն), զՊէյրութ. եւ յայսմ ամի ջնջեցաւ քրիստոնէութիւնն ի Սէհլէն»: Ուրեմն Յուլիանու եւ Ֆիմեայ թողլէն 31 տարի ետեւ այլ` դեռ ասպետաց ձեռքն էր Սիդոնի ծովապատ ամրոցն. եւ այս տարի յետ ուրիշ քաղաքաց եւ բերդից` մատնեցաւ այլազգեաց ձեռքը. թէպէտ եւ անոր պայազատքն իրենց օտարութեան մէջ այլ պահէին իրենց կորուսած տէրութեան անունը. եւ ինչուան գրեթէ հարիւր տարի վերջ այլ` (1368) կու յիշուի Փիլիպ Իպլինեան տէր Սիդոնի, որ ի Կիպրոս բնակէր, եւ հաւանօրէն Յուլիանու եւ Ֆիմեայ տոհմէն էր:
Թշնամիք` որ շատ ան գամ յարձակէր եւ վռնտուեր էին ի Սայտայէ, հիմայ պարապ եւ անպահապան գտնելով` քարերէն եւ աշտարակներէն առի վրէժնին, փլցնելով եւ թափելով` երբեմն զանոնք ծիծաղող եւ երբեմն ծեծող ծովուն ծոցը, որ եւ մահաձայն մռնչմամբ մաս մը ծածկեց, մաս մը ալիքներէն դուրս թողուց մինչեւ այսօր, ի տեսիլ նաւողաց յափունս Փիւնիկիոյ: - Այսպէս եղաւ վախճան տէրութեան առաջին եւ հնագոյն ծովամայր քաղաքին, որոյ վերջին գահանիստ տիկինն եղեր էր Ֆիմի: …
Թ
խմբագրելԱրդեօք հասա՞ւ իր ակընջին այն սրտաթափ պարսպաց փլչելուն դղրդմունքն, եւ ալէկոծեալ ծովուն խոխոջալն այն աւերակաց մէջ. արդեօք իր խորացեալ սրտէն հնչե՞ց արձագան գմը ի պատասխանի ծիւրեալ եւ ծորեալ Ծայդանին ծփանոցը` այն անծերանալի ծովուն կոհակացը մէջ: - Եթէ ոչ մռնչումն եւ կոծումն ծովուն եւ Ծայդանայ` սակայն անշուշտ եղածին համբաւն հասաւ հնչեց ու ընկաւ Ֆիմիի ընտրած նոր եւ յետին ապաստարանի մը ամրագոյն պարսպաց տակ:
Այս ապաստարանս էր զոր շատ թագաւորք եւ անթագք ընտրեցին իբրեւ մէկ հատիկ ամրոց սրտի եւ հո գւոյ` ընդդէմ ամենայն մրրկաց, խռովութեանց եւ աշխատութեանց աշխարհի. ուր ոչ շատ տարի առաջ` նոյն ինքն իր հայրն Հեթում այլ, յետ են տարւոյ երկար եւ բազմադիպուած թագաւորութեանն` եկեր էր իր մեծ եւ յօ գնած սրտին յետին մխիթարութիւնը եւ հանգիստը գտնելու: - Այս ապաստարանս էր հաւատաւորաց վանք մը` զոր բնտռեց, գտաւ եւ մտաւ Ֆիմի այլ, յետ իր այնքան նժդեհութեանն, պանդխտութեանն եւ փորձանացն. եւ ոչ այնքան տրտմութեամբ տուաւ իր ծովակոծ Ծայդանի ապարանից` որչափ ուրախութեամբ տուաւ բոլոր աշխարհիս ծովածուփ կենաց` մնաք բարովը, ըսելով «Ամենայն զբօսանք ձեր եւ ալիք ձեր անցին ի վերայ իմ». եւ քաշուեցաւ ի խորշն խաղաղութեան, լռիկ սրբիկ սպասել, ամենէն վերջի եւ ամեն բան վերջացընող դիպուածին. մինչեւ որ ճ գնողական վարուքն հանգեաւ ի Քրիստոս տիկինն Ֆիմի, կրօնաւորն, քոյրն Լեւոն թագաւորի». ինչպէս կ՚ըսեն արքունական Յայսմաւուրք. ի մէջ բազմաթիւ տիկնայց Ֆիմեաց` սեփականելով ասոր` կրօնաւոր կոչումը: …
Հան գեա՜ւ, Ո՜հ, ո՜րքան խոր է այս հնչումս, եւ ո՜րքան քաղցր իր ազդեցութիւնն այնպիսի սրտի մը, որ յերկար ալէկոծուած ի ծովու կենցաղոյս` եկեր նստեր է մէկ կրօնական առանձնութեան մը մէջ` իր մնացեալ օրերուն հանգիստը բնտռելու, եւ աւելի մեծ եւ անվերջ հանգստեան մը փոխադրուելու: …Հան գեա՜ւ ուրեմն այն քու նրբազգած սրտիկդ, ով տիկին Սիդոնի, որոյ փափկութեանը` շատ խիստ եւ փշոտ էր աշխարհքս եւ անոր վայելքն. արդարեւ մեծոգի ես եղեր դու, իմաստութեամբ լցեալ. սիրող Աստուծոյ եւ սպասաւոր նորա. երանի՜ քեզ: - Ո՜հ ինչու՞ դու այլ չհետեւեցար այս քու հօրքրոջդ` ո'վ տիկին Տիւրոսի` գոռոզդ Զապլուն, եւ յետ իրեն պէս գահդ կորսընցընելու` ուրիշ գահից եւ բարձից ետեւէ ընկնալով, ոչ թէ միայն այսպիսի խաղաղ եւ երջանիկ հանգիստ մը չ գտար, այլ եւ անանկ կատարած մ՚ունեցար` զոր յիշելն իսկ պժ գալի է:
Բայց ե՞րբ, եւ ո՞ւր հանգեաւ, եւ ո՞ւր արդ հանգչի մեր Ֆիմի: … Պատմութիւնն ձայն չի տար: Բայց ինձ հաւանական կ՚երեւի` թէ իր պարկեշտ նշխարքն այլ` իր բարեպաշտ ծնողացը քով (Զապելի եւ Հեթմոյ`) խաղաղեցան ի դամբանս Դրազարկ վանաց. ուր` ինչպէս իրմէ առաջ` դեռ վերջն այլ եկան ընկան հանգչեցան թագով ու սաղաւարտով յօ գնած գլուխք: Ափսո՜ս, որ ժամանակն եւ թշնամութիւնն կամ ջնջեց կամ ծածկեց զանոնք. Քէօլէմէնք եւ Գարամանք ոտնակոխ ըրին եւ զտապանատունն թագաւորաց եւ վարդապետաց Հայոց` զԴրազարկ:
Ո՜հ. արդեօք դեռ հիմայ այլ այն մեր յետին հայրենի երկրին վրայ` այնչափ պսակով նազող գլխոց հետ, քարեղէն բարձի մը վրայ` 600 տարուան քունով` կու հանգչի` քու թանկագին գլուխդ այլ, Ֆիմի: - Արդեօք կռնճմըտած կողերով Կուկլկայ կաղնին, կամ մշտնջենաւոր եղերամօր պէս երկրամածեալ հողմատանջ եղեւինն Տաւրոսի` այնքան աւերակաց մէջ միայն անաւեր աճելով. դեռ կու պաշտպանե՞ն քու նշխարքդ ծածկող տապանաքարը. - այն քարին վրայ` արդեօք սրատես լուսինն իր դողդոջուն ճառագայթներովը կրնա՞յ դեռ կարդալ մամռապատ արձանագիր մը, օրինակ իմն.
Ի Կափարում խաչապահակ փոքուս վիմի
Կայ մեծոգի եւ հեզ տիկին Սայտայ` Ֆիմի:
- Եւ արդեօք այն լուռ քնարնին վրայ տարուէ տարի թափած տերեւներուն նման, դեռ ցամքած թաղանթ մը մնացե՞ր է` այն կակուղ եւ կարմրուկ սրտին, զոր այնչափ անմեղ տրտմութիւնք բարակ ճամբաներով փորեցին ու խորեցին ու լցուցին. - այն սրտին, զոր եթէ փորձանք երկրի` իջուցին ի գահէ եւ ի փառաց, երկինք` բարձրացուցին մօտ իր սրբակեաց ծնողացը եւ Ս. Լուդվիկի. - այն սրտին, որ իր արենակցաց եւ անուանակցաց մէջ` ամենէն մաքուր եւ սիրուն յիշատակ մը թողլով, պարտական կ՚ընէ զհայ հայրենիս` իր դպրութեանց մէջ անմոռաց պահելու եւ զյետին տիկինն Սիդոնի` Զապելածինն ՖԻՄԻ:
ԼԳ. Վերջաբան առ Հայկակ
խմբագրելԱՀԱ վերջին խարոյկն է որ կու մխայ մեր հայրենական հսկմանց վառարանին անկիւնը, ով Հայկակ. եւ այս ճաթռտող ու վառվառուն մախրիքս` վաղը առտու պիտի գտուին ցուրտ մոխիրք. եւ այնպէս մնան, մինչեւ որ տարւոյն երեք եղանակներն ալ դառնան լրանան, եւ նորէն գայ չորրորդն: Եւ երբ նորէն դառնայ գայ այս եղանակս, արդեօք մենք ալ նորէն պիտի գտնե՞նք զիրար` մեր վառարանին քով:…
Ահագարնանաբեր լուսնին նորարծարծ ճառագայթներն` պատուհանաց ապակիներէն ներս ցայտելով, կու հրաւիրեն զմեզ բանալ փականքը, ելնել դուրս, տեսնել նորէն զբնութիւն: Բնութի՜ւն նորոգեալ, իբրեւ իր ստեղծմանը առաւօտուն, իբրեւ առաջին իրիկունը, յորում նոր վառած լուսնին ճաճանչից տակ` կու հանգչէր խաղաղիկ, ինչպէս սպիտակազգեստ մօր մը շղարշից մէջ` անդրանիկն անուշաքուն:…
Այլ մինչդեռ հոս այսպէս պայծառ ծագէ եւ ծիծաղի լուսնակս, միթէ երկրիս ուրիշ կողմեր ալ չե՞ն թաղուած թաթղուած մթութեան մէջ: Միթէ երկրիս քրոջ` ծիածաւալ ծովուն ծուփ ծուփ ծոցերուն մէջ` չկա՞ն ալէկոծ նաւեր` որ անդունդ սահելով` գոնէ ինկնելու վհին ատակը տեսնելու համար` աստղիկ մը լուսիկ մը կու մուրան վերէն, եւ չեն տեսներ:…
Այսպէս է կենաց ընթացքն, երբեմն լոյս եւ երբեմն մութ. եւ միշտ հարկ է երթալ, ինչուան որ հասնինք արարչագիր կէտը: - Սակայն ով որ զերկիրս յատակ մը կու ճանչնայ այն տաճարին` որոյ վերնայարկն է երկին, միշտ անխռով կ՚երթայ, խաղաղ կ՚ապրի:
Քանի որ սրտի սիւնակնշիտակ է, եւ հոգւոյն կարմիր կանթեղն վառ է, յաջող է մարդուս:
Մեր խարոյկն կու մարի. լուսնակն ալ կու ծածկի կու մաշի: Սիրալիր սիրտն անսպառ է: Անմահութեան ակնկալու հոգին` երջանիկ է:
Հաւատարիմն Աստուծոյ եւ իր անձին` հաւատարիմ է եւ հայրենեաց: Անհաւատարիմն հայրենեաց` չէ հաւատարիմ եւ իր հոգւոյն եւ ոչ երկնից: - Ամենէն սուրբ եւ ազնիւ գործ եւ աշխատանք երկրիս վրայ` երկնից եւ հայրենեաց համար եղածներն են: Թէպէտ եւ զանազան են հասակք եւ վիճակք, այլ ամենքն ալ ըստ չափու եւ ըստ վիճակի իւրեանց` պարտական են երկնից եւ հայրենեաց:…
Ահա կու հնչէ հասարակ գիշերուան պահն:…
Մեր միայնախօսութեանց ժամերն անցան, կու սկսին ժամք գործոց եւ աշխատութեանց: Վաղն, նոր օր, նոր գարուն, ի նոր կեանս կու հրաւիրէ զքեզ, Հայկակ:
Նորաբողբոջ բնութեան մէջ բացուած` նոր կոկոն մարդկութեան, ծաղիկ Հայութեան, առոյգ հասակաւ ձեւացեալ, արդ կու վայլէ որ ձեւանաս քաղաքական կենօք. վիճակ մը ընտրելով, եւ գործ մը կատարելով յերկրի, յօգուտ ընտանեաց եւ հայրենեաց, եւ հաճոյ երկնից:
Հարկ է որ մնաս բարով ըսենք իրարու, անմոռաց պահելով մեր հայրենեաց Յուշիկքը: Առնում ես իմ հասակիս ցուպը, եւ իջնեմ բլրէս վար. առնուս դու ալ հասակիդ յարմար աշխատութեան գործիդ, օրհնել տաս երկնից, եւ ելնես դէպ ի վեր, ի բլուրն կենաց: - Արդ սուրբ հոգիք նախնեաց մերոց` քեզ բարեխօս եւ պաշտպան հայրենեաց շաւղէն` անշեղ ըլլայ քու վիճակիդ ճամբան. բաղդդ` յերկրէս յերկինք հասնի անխափան:
Սակայն ինչ ալ որ ըլլայ քու վիճակդ կամ գործդ, յիշէ Հայկակ, որ գործն` իրմով չէ' ազնիւ կմ մեծ, այլ ընողն է որ կ՚ազնուացընէ կու սրբացընէ զգործը: - Առանց գործողի` գործք մեռեալ սոսկ անուն մ՚են. մարդս` զանունը բան կ՚ընէ, բանը գործ, գործը` կենդանութիւն եւ զկենդանութիւնն` անմահութիւն:
Յաջողութիւնն շատ հեղ երկնից շնորհք մ՚է. բայց առանց երկրիս վրայ աշխատելու` վերէն յաջողութիւն չիջներ: Մանաւանդ թէ յաջողութիւնն պատրաստ է իբրեւ զարեւ եւ զանձրեւ. բայց եթէ ագարակն սերմանուած չէ` ի՞նչ բուսցընեն երկնից շողն ու ցօղն:
Մարդս փոքրիկ արարած մ՚է, բայց ոտքերն երկրիս ամեն կողմն ալ կրնան կոխել. երկու ձեռքովը կրնայ ծայրէ ի ծայր աշխարհակալել. սրտին` պզտիկ կու գայ տիեզերաց սահմանն, միտքն`անսահմանութեան մէջ ճամբայ կու բանայ. հոգին` կու տիրէ երկնից. սէրն` կու հասնի Արարչին առջեւ, եւ կ՚ըսէ. Ահաւասիկ եմ:
Փոքրիկ արարածն այն մարդ մեծ աշխարհք մ՚ալ է ինքնին. վասն զի Աստուծոյ դաստակերտ է, Աստուծոյ պատկեր է, թէ եւ աղաւաղեալ. եւ ունի սկզբնատըպին զօրութիւնը:
Արարչագործ մատանց բարձրագոյն կերտուածքն` չեն Այրարատեան կատարքն կամ գագաթն Եմաւոնի, այլ ուսերուդ վերեւ կանգնած իմաստից տաճար` գլուխդ է. բա՜րձր եւ բարակ բանուած: Չկայ ծաղիկ արժանաւոր այդոր պսակ ըլլալու. ոչ ոսկին եւ արծաթ` որ հողէ կ՚ելնեն, ոչ ծիրանի ծովերէ խպսած բուստ եւ մարգարիտք: Ո՜հ. գեղեցիկք են մայիսի առաւօտուն ցօղակաթ վարդակարմիր փնջիկքն այլ` դալար ճակտի մը բոլորած. սակայն շատ աւելի պայծառ է ամօթխածութեամբ խայծեալ երեսն. եւ աւելի ազնիւ` անոր վրայ շարուած աշխատութեան կայլակներն:
Կենաց կարեւոր եւ վայելուչ պիտոյքը լեցնելէն աւելորդ երկրաւոր շահք եւ վաստակք` անարգ եւ անիրաւ են այնպիսի գլխոյ մը, որ երկնից եւ հայրենեաց մաքուր իմաստներովը լցուած է:
Եթէ քաղաքական կեանք օրինաւոր են ի վերայ երկրի, անհրաժեշտ պարտք են եւ հայրենեաց ջանքն:…
Լալով կու ծնանիմք, խաղով կու մեծնամք. աշխատութեամբ պէտք է մարդ ըլլանք. մէկ ձեռքով մեզի, մէկ ձեռքով մեզի նմանեաց օգնեմք. սիրով կենակցինք, պատուով ապրինք, յուսով ծերանամք, գոհութեամբ մեռնինք, սրբութեամբ աւանդենք փչողին` մեր շունչը. թաղուինք օրհնութեամբ. մնամք ի հայրենիս` հայրենեաց չափ, եւ յերկինս` Աստուծոյ չափ: …
Ահա ազգք եւ ազինք, մեզի մօտ եւ հեռի, Հայկակ, ամենքն զբաղած են իրենց հայրենի ագարակը շէնցընելու. եւ անդրանիկն ազգաց` մեր ազգն` կրնա՜յ ըլլալ յետամնաց:… Մարդ, սիրտ ունող մարդ` չի կրնար լսել զայս` առանց սոսկալու, թող թէ Հայ մարդ:
Առ եւ դու ուրեմն, ո'վ Հայկակ, քու վիճակիդ յարմար աշխատութեան գործիդ, վերցուր յերկինք, օրհնել տուր. եւ աշխատէ: Աշխատէ յերկրի, միտքդ յերկինս, սիրտդ հայրենեացդ վրայ:
Առանց երկնից օրհնութեան` չի յաջողիր գործ հայրենեաց ի վերայ երկրի: Զոր երկինք չօրհներ, ի զուր օրհնեն եւ հայրենիք. եւ զոր չեն օրհներ հայրենիք` նա չօրհնուիր եւ յերկնից:
Կու բուսնի եւ սերմն ատելութեան, կու ծածկէ դաշտեր. սպասէ, եւ կու տեսնես փուշ եւ տատասկ:
Սիրոյ սերմիկն` թէ եւ կորդացեալ երկրի մ՚աւանդուի, անխոնջ եւ ամուր արօրին տակ, քրտնաջան մշակին համբերութեամբ, վերջապէս կու ծլի, ծաղկի, պտղաբերէ եւ սնուցանէ:
Եւ մշակն մշակաց, որուն ագարակն է բոլոր աշխարհս, պատուիրեց մաճակալին, շիտակ գծել ու քշել, եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ, եւ շիտակ երթալը: Ո՜հ, երթալ եւ լալով, եթէ հարկ է, երթալ եւ ցանել, կու հասնի որն ալ խնտալով հնձելու, որաներով շալկած, ծաղիկներով պսակուած դառնալու:
Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն չէ ասուպ կամ փայլակ մը յանկարծ երեւցող եւ անցնող, որ հուր մոլի եւ թափառիլ, եւ ոչ կայծակն անկուշտ այրող լափող, այլ հանդարտ ջերմութիւն մը, յստակ լուսով անսագիւտ խղճով…:
ու քշել, եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ, եւ շիտակ երթալը: Ո՜հ, երթալ եւ լալով, եթէ հարկ է, երթալ եւ ցանել, կու հասնի որն ալ խնտալով հնձելու, որաներով շալկած, ծաղիկներով պսակուած դառնալու:
Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն չէ ասուպ կամ փայլակ մը յանկարծ երեւցող եւ անցնող, որ հուր մոլի եւ թափառիլ, եւ ոչ կայծակն անկուշտ այրող լափող, այլ հանդարտ ջերմութիւն մը, յստակ լուսով անսագիւտ խղճով…:
Ո՜վ անձնուրաց ոգի, բարեխնդիր հայրենասիրութիւն, դու պատրաստէ, վառէ սրբէ զսիրտ Հայկակայ: Քեզմով վառուած սիրտն` անխայթ եւ անմուխ լոյս կ՚արձակուէ, եւ եթէ խարկի մրկի սիրտն, եւ անցնի երկնաւոր մասամբն, երկնունակ մասն` մնայ ի վերայ հայրենեաց, որպէս հոտ մըշկի եւ կնդրըկի:
Եւ շատ սեղաններ, շատ տապաններ, շատ քարեր ու հողեր կան ի Հայաստան, ուսկից դարէ դար եւ անդադար կու ծխէ հոտն անուշութեան, հոտն հայրենեաց, զոր չեն կրնար ջնջել ոչ զէնք եւ ոչ քէնք:
Վասն զի մեր առաքինի եւ ճշմարիտ, ընկերասէր, ազգասէր որդեսէր եւ հայրասէր նախնիքն, այն երկրին վրայ իրենց պարկեշտ նշխարքը թողլով, անմահութեան շնչով վերէն անոր վրայ միշտ կու շնչեն եւ կու շըշընջեն:
Շնչեցէ'ք ո՜վ շունչք մտաբացք, սրտարծարծք, հոգեվառք. շնչեցէ՜ք հոգի'ք Գրիգորեանց, Ներսիսեանց, Սահակեանց, Մովսիսեանց, Ղեւոնդեանց, Վարդանանց, Վահանանց, Սմբատաց, Աշոտոց, Լեւոնեանց եւ Հեթմեանց. սո՜ւրբ թագաւորք, հայրապետք, վարիչք եւ վարդապետք Հայոց, շնչեցէ՜ք յերկնից յերկիր: Խառնուի' ձեր երկնաւոր շունչն` յերկրաւոր շունչ Հայկակայ. որ երբ հասնի աւանդելու իր վերջին շունչն ալ` եթէ հանդարտ ու հեզիկ, եւ եթէ հրահատ ու հառաչաձայն, հաւասարապէս խառնուի՜ ձերիններուն հետ:
Եւ երբ իր օրական եւ տարեկան շրջաններուն պէս` երկիրս իր բազմադարեան շրջանն ալ աւարտելով` դադրի եւ կոտրի, եւ նոր երկրի մը հրաւիրակ փողն հնչէ, այս հին լուծեալ երկրիս վերջին արձագանգաց միջէն` վերջնագոյն արձանգ մ՚ալ ըլլա՜յ քուկդ, սուրբ սէ՜ր հայրենեաց: …
Եւ, ո՜հ, թէ այն խորին եւ լռին արձագանգաց` նուազ վանգիւն մ՚ըլլար այս իմ քեզի նուիրածս, Հայկակ, ՅՈՒՇԻԿՔ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ՀԱՅՈՑ: