Նոճին


Կապոյտն ի վեր խորասոյզ՝
Սա մեծ նոճին կը նիրհէ.
Զինք խռովող ո՛չ մէկ յոյզ
Կ՚ընդունի ան աշխարհէ:

Ու մենաոր ու խոհուն՝
Կ՚ըզգայ զեփիւռն հազիւ թէ.
Գիշերներուն մէջ անհուն
Երբեմն յանհարծ կ՚աղօթէ:

Ու կը նիրհէ՜, կը նիրհէ՜...
Մինչեւ որ մութ հեռուէն
Շանթ մ՚հորիզոնն հըրդեհէ.

Ահ, նեծ նոճին, այն ատեն,
Փոթորիկին տակ գալարուն՝
Կ՚էրգէ իր Ցա՜ւն անանուն...