Շողիկ (Թլկատինցի)
Շողիկ
Խապրիկ մը, մայրի՛կ, խապրիկ մը շուտով,
Երէկ էր տեսայ, որ մահն արտորքով
Շատ ալ զայրացկոտ՝ զիս կը փնտըռէր
Ու ճիշդ անունովս ինծի կը կանչէր:
Բայց, իրա՞ւ, ստո՞յգ, ո՛վ լուսահոգի,
Ատե՞նն է գալու, դուն կ՚ուզե՞ս այսպէս,
Դո՛ւն հող՝ երկինքը, շողերուն մօտիկ,
Ալ իմըս մարա՞ծ, ա՛լ չունի՞մ շողիկ:
1908