Ուռիներու շուքին տակ

Ա

Ուռենինե՜ր, լացէ՜ք, լացէ՜ք անդադրում
Արտասուքնիդ շիթ շիթ հոգիս կ'արծաթէ.
Ես կը փարիմ մենիկ պահին այս տրտում՝
Ուր ձեր հեղուկ նըւագն յուշիկ կը կաթէ։

Ծաղիկներուն գօտին դեղին, լայնարձակ
Արօտներու զիւմրիւթ իրանն երբ գրկէ,
Ու միջօրի արեւն ալ՝ խուրձ ու տրցակ
Շողերն իր՝ բիլ Ժապավէնով մը պրկէ,

Կուգան կոյսերն իմ անուրջիս, հերարձակ,
Մանիշակէ բըլուրներէն ու դաշտէն,
Ես կ'ունկնդրեմ հապըշտապ ու համարձակ
Քայլերուն՝ որ լուռն ուԺգնօրէն կը շեշտեն։

Ու կը պարե՜ն. իրենց նազանքն հարսենի
Ու նայուածքնին քօղքած կազի մըշուշով,
Իրենց վարսքին հետ կը խաղայ սիւգ մը զով
Եւ այտերնին կակաջի պէս կը շիկնի։

Իրենց մարմինն՝ ակնվանի թափանցիկ.
Իրենց հոգին՝ համբոյր համակ ու շուշան,
Իրենց սիրտը՝ հուր շրջմոլիկ ու բաղձիկ,
Իրենց ծիծաղն՝ արշալոյս մը ջինջ գարնան։

Բ

Ուռենինե՜ր, արտասուեցէ՜ք տրտմագին
Գորովակաթ արցունքը ձեր արծաթէ.
Քաղցր է ինծի զեղումն այդ ձեր թախծանքին՝
Որ տրտմանոյշ կայլակներով կը կաթէ։

Տիւանդորրին համբուն՝ Ժամերն են ոսկի,
Ձեր սաղարթին գորշ ու տարփոտ շուքին տակ՝
Ուր բուրմունքը կուգայ ծաղիկ ու հասկի
Եւ կը հնչէ յուշքերուս ծափը խայտակ։

Ուր մերթ ձայնն ալ թմբկիկներուն հեռաւոր,
Ու ծիծաղը բամբիռներուն արծաթի,
Ու գնջուհի երգիչներու տարփաւոր
Սիրերգներուն արձագանգն ալ կը ցաթի։

Ու երբ դարձեալ հովիտն համակ ընդգրկէ
Անդաստանին վայրի Լուռը թեւաւոր,
Ու երբ ծառուտքն ալ արբեցած խոնջէնքէ
ԱնշարԺանայ իր խոկին մէջ մենաւոր։

Արագիլ մը կ'անցնի յանկարծ անվրդով,
Ցուցադրելով կարմիրն իրեն կտուցին
Ու կը տաքնայ մէջն արեւին հուր ցանցին,
Ու կը ցանէ հոս հոն կափկափն իր թոթով։

Գ

Ուռենինե՜ր, շիթ շիթ արցունք ցօղեցէք,
Մինչ բուրմունքնիդ իմ հոգւոյս մէջ կ'ամպանայ,
Եւ այս չքնաղ անդորրութեան յեց՝ թող հէք
Երազանքըս պահիկ մը գէթ հեշտանայ,

Եւ երբ իջնէ լեռնէն հովիկն իրիկուան,
Ու սրսըփայ թախծոտ օրհներգը սօսին.
Երբոր ցայտքերն աւազանին մէջ հոսին
Ու ձեր շուքին տակ թռչնիկներ թռվըռան.

Ու երբ արեւն ալ քրքմաներկ վրձինով
Ոսկեզօծէ սըգատամուկ ձեր հոգին,
Երբ համբոյրի պէս փաթթըւի ձեր շոգին
Անոր ցոլքին՝ եղկ, տարփագին ու գինով.

Միշտ, յամրագին կաթկըթեցէք դուք նորէն
Արծաթելու համար խորհուրդն անպարփակ
Որ շուքէ շուք կը թռչըտի լայնօրէն
Ընդգրկելով ամէն դալար շրջափակ։

Ու երբ ցայգն ալ ծառաստանին մէջ սահի
Սեւ մագիլով ձեր ջինջ հոգին ճանկելու,
Լացէ՜ք նորէն, դուք համակերպ ու հըլու
Դողդըղագին ձեր տագնապին մէջ ահի։