Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօսք արկածահարեալէս

Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօսք արկածահարեալէս
88 ԱՄԵԱԿ ԱՅՆԹԱՊԻ
ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ


Այս տարուան Ապրիլի մէկին հրաւիրուած էի Լոս Անճելըսի Այնթապի Հայրենակցական Միութեան կողմէ, խօսելու համար այնթապահայերու ինքնապաշտպանական հերոսական կռիւներուն մասին, երբ արկածահար ըլլալով չկրցայ ներկայանալ ու գամւած մնացի անկողինիս արդէն աւելի քան երեք ամիս։

Բայց որովհետեւ խօսելիքս գրի առած ու մեքենագրել տուած էի (16 էջ) ու ղրկած՝ Հայրենակցական Միութեան, հոն, նշեալ հաւաքոյթին մէջ Պրն. Գէորգ Քէօշկէրեանը կարդացած է գրութիւնս ներկաներուն։

Իսկ տօնական այդ օրը անցած է ջերմ։

Բացումը կատարած է օրուան ատենապետ՝ Պրն. Աւետիս Տէմիրճեանը եւ երեկոն վարելու հրաւիրած՝ Պրն. Յարութիւն Կարապետեանը, որ Երեւանի մէջ երկար տարիներ հայոց մեծ մայեսթրոյին՝ Յովհաննէս Չէքիճեանին խումբին մաս կազմած ըլլալով ճարտարօրէն ոչ միայն խանդավառած է ներկաները, այլ, մերթ ընդ մերթ երգելով, խոր հայեցի տպաւորութիւն մը թողած է ներկաներուն վրայ։

Նոյն երեկոյեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած Է Վեր. Պարգեւ Տարագճեանը, որ նուիրեալ հայ հովիւ մըն է։

Տասը հոգինոց կանանց երգչախումբ մը «Հափըրբան»ով բացումը կատարած է հայ երգի հոսքին գալով Լարք երաժըշտական հաստատութենէն։

Այնթապահայերը հեռաւոր Լոս անճելըսի մէջ այսպէս նշած են իրենց հայրերուն 314 օր տեւող հերոսական կռիւները, որ յաղթական աւարտ մը ունեցած է, թէեւ երբ թուրքերը սպիտակ դրօշ պարզած են, բայց ֆրանսական պետութիւնը վասն իր շահին, Կիլիկիան Թուրքիոյ նուիրելուն, այնթապահայերը ստիպուած հեռացած են իրենց բնօրրանէն...

Ներկաներուն ներկայացուցած են հակիրճ կենսագրութիւնը օրուան պարտադրաբար բացակայ բեմախօսին։

Միութեան նուիրումով աշխատած Տիկ. Թագուհի Արզումանեանը խօսք առած է ներկաներու ծափահարութեան տակ։

Հայրենակից մը ունեցած է ըստ պատշաճի անգլերէն ելոյթ։

Պարգեւատրուած է բազմաշխատ հայուհի Աստղիկ Աւագեանը, որ յուզումով իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղած է ներկաներուն։

Յատուկ ելոյթով հանդէս եկած է միութեան երիցագոյն անդամ եւ պատուոյ նախագահ, բազում տարիներու ազգին նուիրեալ՝ Երուանդ Պապայեանը, որ շեշտած է նոր ժմնող հայ երիտասարդութիւնը հայ պահել հիւրընկալ այս ափերուն վրայ, աւելցնելով.-«Մենք, վերապրողներս կը մնանք հայ, կարեւորը նոր սերունդը հայ պահելն է»։

Մենք, ըսած է բանախօսը, ամէն տարի կը նշենք այնթապահայերու հերոսական, միասնակամ հերոսութիւնը, ինչու՞ համար, որպէսզի մեր յետնորդները եւս հայ մնան եւ հպարտանան իրենց հայրերուն, մեծ հայրերուն հերոսական պայքարներով։

Պրն. Երուանդ Պապայեան խօսելով այնթապահայոց հայ դպրոցին հանդէպ ցուցաբերած մեծ յարգանքին մասին, խօսած է Երեւանէն ոչ շատ հեռու Նոր Այնթապ աւանի երկու երկրորդական վարժարաններուն մասին, որոնցմէ մէկը անուանած է ժեներալ Գարամանուկեանի եւ երկրորդը՝ Տէր եւ Տիկին Մարգարեաններու անունով։

Այնթապահայը գիտցած է դպրոցներ կառուցել երէկ՝ Այնթապի մեջ, այսօր ալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։

Ներկաներէն Սիրվարդին դուստրը ասմունքած է Գէորգ էմինի «Մենք խուլ ենք կիսով» բանաստեղծութիւնը, աւելցնելով հայօրէն ապրած ենք ու պիտի ապրինք հայօրէն։

Բեմավար՝ Յարութիւն Կարապետեանի առաջարկով, բոլորը ոտքի կանգնած երգած են Հայրենակցական Միութեան քայլերգը, «ապրիլ գիտցաւ այնթապահայը» նշանաբանով։

Անշուշտ Միութեան համար եղած են նուիրատուութիւններ։

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է Հ.Բ.Ը.Միութեան Պոյաճեան սրահին մէջ։

Ասմունքած են Թագուհի Արզումանեանն ու Նունէ Աւետիսեանը։

Պարգեւատրուած է Միութեան անդամուհիներէն Տիկ. Աստղիկ Խանճեանը, որպէս Տարուան Տիկին։

Հոգեպարար այս երեկոն արժանի ոգեկոչում մըն է յանուն հայ ժողովուրդի տեւելու երդումին։

Թ. ԹՈՐԱՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Սիրելի հայրենակիցներ,
Սիրելի ատենապետ եւ անդամներ
Լոս Անճելըսի Այնթապի Հայրենակցական Միութեան,
Սիրելի ու թանկագին հայեր,

Այսօր 88րդ անգամ ըլլալով մասնաւորապէս այնթապահայերը եւ առ հասարակ մեր ժողովուրդը կը տօնէ բացառիկ այն յաղթանակը երբ ամբողջ 134 օր այնթապահայը չտեսնուած կազմակերպուածութեամբ եւ զոհաբերութեան գնով, խիզախութեամբ թուրքին սպիտակ դրօշ պարզել տուաւ երբ ան հայոց հետ ընդհարումներու պատճառաւ տուաւ 8.000 զոհ, աւերումներ ու զինային կորուստ։

1920 թուականի Ապրիլի մէկէն սկսող թուրք-հայկական կռիւները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ հայը կազմակերպուելու պարագային, բռունցքուելու պարագային, միասնականութիւն գոյացնելու պարագային, յաղթանակի հասնելու հաւատք ունենալու պարագային ինչպէս կրնայ ծունկի բերել թշնամին։

Եթէ մուսալեռցին քառասուն օր լեռ բարձրացաւ, վանեցին ուրարտական բերդին վրայ յաղթանակի դրօշ պարզեց, եթէ ուրֆացին տուաւ Մկրտիչ Եօթնաղբարեանն ու Յարութիւն Ռասթկէլէնեանը, եթէ Զօր. Անդրանիկի Շապին Գարահիսարը ըմբոստութեան դրօշ պարզեց թուրքին դէմ, եւ արծուեբոյն Զէյթունը դիմեց զէնքի, եթէ Տարօն աշխարհը իր Սասնայ գիւղերով եւ Մուշով ազատութեան կոչով թնդացուց հայոց լեռնաշխարհը, եթէ փոքր Տէօրթ Եոլը զէնքի դիմեց, եթէ Հաճընը Ատանայէն օգնութիւն չկարենալով ստանալ կռուեցաւ մինչեւ վերջին հայ հաճընցին, եթէ Մարաշի հայութիւնը բազմահազար զոհեր տալով գիտցաւ թէ փրկութիւնը սեփական զէնքով կ՚ըլլայ, ապա պարզ է, որ հայ Այնթապը ամբողջ 134 օրերու ընթացքին արիութեան, հեռատեսութեան, կազմակերպուածութեան այնպիսի միջոցներ կրցաւ ստեղծել, որ կրնանք ըսել թէ իր քաղաքին մէջ ստեղծեց միքրօ-պետութիւն մը իր 800ի հասնող զինեալներով, իր ոստիկանական եւ ճանտարմըրիի խումբով, գաղտնի ոստիկանական ջոկատներով, հրշէջ խումբով, կարգապահ ժողովուրդով, զինագործարանով, ռումբի պատրաստութեամբ, թշնամիին զէնքերը գրաւելով, բժշկական օգնութեան սպասարկութեամբ, մթերքներ բաժնելու օրինականութեամբ ու պատնէշներ բարձրացնելով թաղէ թաղ ու տունէ տուն անցքեր բանալով, կրնանք ըսել թէ Այնթապի հայը ստեղծեց պետական օրինական իշխանութիւն։


ՔԻՉ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Այնթապը պատմութեան մէջ կը յիշուի տասներորդ դարէն սկսեալ։

Տիրական է այն կարծիքը, որ Այնթապի հայերը այստեղ հաստատուած են գալով Անթափ գաւառի շրջակայ գիւղերէն-Ալաշկերտի շրջանէն։

Պատմութիւնը կը հաստատէ, որ Էրզրումի նահանգին մէջ եղած է Անթափ կոչուող վայր մը։

Հին պատմական Նայիրիի 23 իշխանութիւններու շարքին կը յիշուի ANDIABE-ն:

ժամանակի ընթացքին, ոչ միայն Ալաշկերտի շրջանի Անթափէն եկող հայեր Այնթապ հաստատուելով իրենց հին բնակավայրին անունովը կոչել ուզած են այս քաղաքը, այլ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եկող հայեր - թուելու համար - Հռոմկլայէն, Արահէն, Արճէշէն, Պրայ ձորէն, Խալիֆէթէն, Ճիպինէն, Սայըտէն, Յինուարէն, Ուռելէն, Ուռհայէն, Ամիթէն, Աշոտիէն, էնկէլէն, Սեբաստիաէն, Զէյթունէն, Երզնկայէն, Տորանտայէն, Հենինէն, Սասունէն, մէկ խօսքով մեր երկրին բոլոր կողմերէն եկող հայեր հաստատուեր են Այնթապի մէջ։

Յիշենք, որ Հռոմկլան Կաթողիկոսանիստ վայր եղած է 1102-1292 թուականներուն։

Պատմական այս տուեալներու կողքին կան նաեւ լեզուական տուեալներ։ Այնթապահայերը թրքախօս չեղած ունեցած են իրենց բարբառը որ խառնուած է Տիգրանակերտի, Խարբերդի, Զէյթունի, Մալաթիայի բարբառներուն հետ։

Այսքանը հայերու Այնթապ հաստատուելուն մասին. թէեւ հայոց Հեթում Ա. թագաւորը 1266ին երկու անգամ Այնթապի վրայ արշաւելով ուզած է գրաւել այս քաղաքը, բայց չէ յաջողած։

Օտարներէն ԺԳ. եւ ԺԴ. դարերուն եգիպտացիք իշխած են Այնթապի վրայ։

1401ին Լենկ Թիմուրը աւերած է քաղաքը։

1516ին Այնթապը կ՚իյնայ թուրքերուն ձեռքը։

Կիսաւեր բազում եկեղեցիներ, վանքեր, կամուրջներ, բերդեր, կը հաստատեն թէ Այնթապի շուրջբոլորը գտնուող գիւղերէն 100ը եղած են զուտ հայաբնակ։

Եղած են բազմաթիւ առիթներ երբ հայերը բռնի թրքացուած են ու բազում գիւղեր քիւրտերով լեցուած են։

Այս երեւոյթը օսմանեան Թուրքիոյ քաղաքականութեան մաս կազմած է անոնց այս կողմերը գալու առաջին օրէն։

Այնթապը հիմնովին աւերուած է Լենկ Թիմուրի, շահ Աբբասի, Նադիր Շահի արշաւանքներուն ժամանակ եւ հայ բնակչութենէն դատարկուած է 1700–1750ական թուականներուն


1915 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ԵՒ ԱՅՆԹԱՊԻ ՀԱՅԵՐԸ

Այնթապի հայութեան տեղահանումը կը սկսի 1915ի Յուլիսի 28ին։ Այնթապի այդ օրերու 80.000 բնակչութեան աւելի քան 30.000ը հայեր էին։

Երբ տեղահանումը սկսաւ գաղթականները ղրկուեցան Սուրիա եւ անոնց մէկ կարեւոր մասը հասան մինչեւ Յորդանան ու Եգիպտոս։ Բայց ստուար մաս մը մնացին Համայի եւ Հոմսի միջեւ Սելիմիէ գիւղին շուրջբոլորը։

Այս մասին աղեխարշ պատմութիւններ պատմած են շատեր, որոնցմէ Արժ. Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Թաւուգճեանի եւ Արժ. Տ. Ներսէս քահանայ հօր յուշերը վաւերագիրներ են քանի անոնց գրածները ականատեսի վկայութիւններ են։

Քոլերան, բռնի թրքացումը ժողովուրդը կը կիսեն։


ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԱՆՅԹԱՊ

Կը վերապրին ու Այնթապ կը վերադառնան 18.000 հայեր առաւել հազար ոչ-այնթապցի հայեր, նախապէս Մալաթիայէն, Զէյթունէն, Սասունէն եւ այլ վայրերէ։

Վերադարձողները մեծ մասամբ կը տիրանան իրենց տուներուն, ինչքերուն թէեւ անխնամ ու լքուած։

Պատերազմը իր աւարտին հասած էր Գերմանիոյ ու Թուրքիոյ պարտութեամբ։

Հայերը մեծ յոյսեր ունէին։ Դաշնակից պետութիւններ խայծ մը երկարած էին հայոց.– թէ Կիլիկիան պիտի տրուէր հայոց։ Այդ մեծ սուտը շուտ բացայայտուեցաւ։

Սկիզբը Այնթապ մտան անգլիացիք։ Այդ քանի մը ամսուան ընթացքին հայ կեանքը անցաւ խաղաղ։

Ֆրանսական բանակը փոխարինեց անգլիականը։

Թուրքերը զայրացած էին։ Սկսած էր քեմալական Միլլի շարժումը։

Բայց հայերը, որպէս շինարար տարր, անցած էին գործի։ Դպրոցները, եկեղեցիները վերաբացուեցան, որոշ ապահովութիւն մը կար։ Մարդիկ շուկայ իջան, արհեստաւորներն ու առեւտըրականները բացին իրենց խանութները։

Ուրեմն 1918-1920 թուականներուն Այնթապի մէջ մենք վերականգնած կ՚ըլլանք ազգային կեանքը ունենալով որբերու բանակ մը։ Դժուար էր վերականգնել հայոց տնտեսութիւնը։

Կոտորած եւ տեղահանութիւն տեսած այնթապահայը դարձած էր խոհեմ, բայց հեռատես։

Կազմուած էր Ազգային Միութիւնը, որ ժողովուրդին կողմէ պիտի հաստատուէր հերոսամարտի օրերուն։


ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏ ԱՅՆԹԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Մի զարմանաք, երբ ֆրանսացիք տեսնելով հայոց կազմակերպուածութիւնն ու խիզախութիւնը Այնթապի հայոց հերոսամարտը կ՚անուանեն Անատոլուի Վերտէօնը։

Ահա թէ ինչպիսի ճակատամարտ մը կը մղուի թրքական կանոնաւոր բանակի եւ պաշըպօզուքներու դէմ։

Նախ տարագրութենէ վերադարձող մեր ժողովուրդը վճռակամ էր։ Բոլորը մէկ մարդու պէս կ՚ուզէին պաշտպանել իրենց իրաւունքները։

Ահա համընդհանուր ժողով մը 2500 հոգիով։

Ըսինք մէկ մարդու պէս միահամուռ որոշում.– կռուիլ եւ մնալ Այնթապի մէջ - 2500 հոգիէն միայն երկու հոգի մեկնիլ կ՚ուզեն։ Սա խիստ յատկանշական է։

Ազգային Միութիւնը, որուն խորհուրդին մաս կը կազմէին մեր բոլոր կուսակցութիւններն ու յարանուանութեանց ղեկավարները, կ՚ընտրեն ընդհանուր ղեկավար մարմին մը բաղկացած.–

Ա.– Տ. Ներսէս Աւագ քհնյ. Թաւուգճաենէ

Բ.– Ատուր Լեւոնեանէ եւ

Գ.– Աւետիս Գալէմքեարեանէ

Առաջինը, արմաշական ուսումով զինուած նոր օրերու Ղեւոնդ երէց մը, երկրորդը ռազմագիտական պաշար ունեցող զինւորական, երրորդը՝ յանդուգն կռուող ու զինագործ թուրքին ռումբը թշնամիին վերադարձնող։

Այնթապահայերը կանխատեսելով ըլլալիքը տեսած էին մեծ պատրաստութիւններ։ Նախ հայութիւնը կեդրոնացուցած էին հայկական թաղամասերու մէջ մերթ նոյնիսկ տուներ փոխանակելով թրքական թաղերու մէջ գտնուող բնակարաններով։ Ապա, որպէսզի փողոցներու մէջ երթեւեկող հայեր չերեւին եւ հեշտ ըլլայ մարդոց, ուտեստեղէնի ու զէնքերու փոխադրութիւնը իրարու կից հայկական տուներու միացման համար անցքեր բացած էին։ Ունէին զէնքի ու փամփուշտի պաշար։ Ունենալով զինագործներու մեծ թիւ յաջողած էին նոյնիսկ պատրաստել ռումբ։

1920ի Ապրիլի մէկին խաղաղ երկինքը պատռելով թուրքերը անցան յարձակումի։ Իրաւ Ապրիլ մէկ մըն էր։ Հայերը հասցուցած էին բարձրացնել պատնէշներ։ Շուրջ 400 զինավառ տղաք անցան գործի։

Չինարլը Ճամիի աշտարակէն ու գմբէթէն դիւրին էր որսալ հայերը։ Մեր տղաքը կրցան խորտակել այս ճէմիին գմբէթն ու աշտարակը կրակի ահաւոր կէտ մը լռութեան մատնելով։

Գործի դրուողը «Վրէժ» թնդանօթն էր։

Այս թոհուբոհին մէջ ընդհանուր մատակարար Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. պապայեանը պէտք էր սննդամթերքի արդար բաժանում մը կատարէր։ Ունեցողներէն չունեցողներուն բաժնելու համար առաջին կարեւորութեան նիւթեր ցորեն, գարի, ձաւար, իւղ, ձէթ, մեղր, պիստակ, ալիւր մէկտեղուեցան կեդրոններու մէջ եւ հաւասար չափով բաժնուեցան ժողովուրդին։

Զգացուեցաւ աղի պակաս։ Այնթապցին գիտէր որ փուռերու հնոցներուն յատակը մեծաքանակ աղ կ՚ըլլար, որպէսզի փուռը տաք մնար, ուստի հաւաքեցին փուռերու աղը եւ կուց-կուց բաժնեցին ընտանիքներու։ Աղի պակասը կրնար հիւանդութիւններու պատճառ դառնալ։

Օղի, այլ խմիչք խմել արգիլուած էր խստօրէն։ Զինուորը պէտք չէ գինովնար։

Ընտանեկան վէճերը հարթելու համար յատուկ յանձնախումբ մը հաշտարարի իր դերը կը կատարէր։

Ըսինք, կար հրշէջ խումբ, հիւանդութեանց պարագային բուժօգնութեան մարմին, ոստիկանութիւն, հայկական թաղեր մուտք գործող թուրքերու պատժելիութիւնը հաստատող գաղտնի ոստիկանութիւն։

Մէկ խօսքով այնթապահայերը փոքր պետութիւն մը հիմնած էին անակնկալի բերելով թուրքերը իրենց կազմկերպուածութեամբ եւ արիութեամբ։

Հալէպի հայերը իրենց բարեգործականով եւ այլ կազմակերպութիւններով օգնութեան կը փութային իրենց եղբայրներուն Քիլիսի վրայով իրենց հասցնելով դրամ, հագուստ եւ այլ պիտոյքներ, զինամթերքի կողքին։ Միջոց մը ֆրանսական բանակը եւս հայոց փամփուշտ տուաւ։ 314 օր տեւող այս ինքնապաշտպանական կռիւէն հայերը յաղթական դուրս գալով, թուրքերը ճերմակ դրօշ պարզեցին։

1920ի Ապրիլի մէկին սկսուող այս կռիւները տեւեցին մինչեւ 1921ի Փետրուար ութը։ Բայց եղաւ անսպասելին, երբ թուրքերը ունեցած էին 8000 կռուողի կորուստ ու հայերը՝ հարիւր նահատակ - ի՞նչն էր անսպասելին.- Ֆրանսացիք ելլելով իրենց պետական շահերէն դաշինք կնքեցին քեմալականներուն հետ եւ ամբողջ Կիլիկիան, զոր խոստացած էին հայոց, յանձնեցին Թուրքիոյ եւ հեռացան կիլիկիայէն՝ «ասպետօրէն»...

Խումբ առ խումբ, Այնթապի հայերը պարտադրուեցան անգամ մը եւս հեռանալ իրենց պապենական օճախներէն ու հասան Հալէպ։

Այսպէս Կիլիկիոյ հայոց Աթէնքը՝ Այնթապը պարպուեցաւ։


ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՆԹԱՊԸ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԹԷՆՔԸ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ

Նախ պէտք է հաստատենք, որ Մուրատ վարդապետ հայ դպրոցի հաստատման նախակարապետներէն մէկը եղաւ։

Հայոց Այնթապի մէջ գտնուելուն վաղեմիութիւնը կը հաստատէ նաեւ 1607էն այս քաղաքին մէջ ապրած ըլլալուն յիշուիլը Դանիէլ վարդապետին։

Հայոց առաջին դպրոցին հիմնուիլը Այնթապի մէջ տեղի կ՚ունենայ 1807ին -Վերին դպրոց– Եօգարը Մէքթէպ, որ յետագային վերանուանուեցաւ Հայկանոյշեան վարժարան։

Այնթապի հայկական առաջին դպրոցը, ուր դասաւանդուած է հայոց պատմութիւն, եղած է Ներսէսեան Ազգային Վարժարանը։

Այնթապի հայերը 1858ին կը հիմնեն «Թանգարան Ընկերութիւնը», որ 1863ին կը վերակոչուի «Ուսումնասիրաց Ընկերութիւն», իսկ 1867ին՝ «Վարդանանց Ուսումնասիրաց Թանգարան Ընկերութիւն», աւելի ուշ՝ «Վարդանանց Ընկերութիւն», իսկ 1847ին կը հիմնուի «Վարդանանց Մեսրոպեան Սանուց Դպրոցն» ու «Արենական Ընկերութիւնը»։

1867ին կը հիմնուի Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճը։

1896ին առաջին Կիրակնօրեայ դպրոցը՝ 1500 աշակերտներով։

1905ին առաջին մարմնամարզական ակումբը՝ «Ուսումնասիրաց Մարմնամարզական Ակումբ» անունով։

1886ին կը հրատարակուի «Մենտոր» կիսամսեայ հանդէսը։

1873ին կը կառուցուի Այնթապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որուն ճարտարապետը եղած է Սարգիս Պէյ Պալեան արքունի ճարտարապետը, իսկ շինարար վարպետը՝ Սարգիս Գատէհճեան - այժմ Թրք. մզկիթ։

Թուենք Այնթապի հայկական վարժարաններուն անունները

Բացի գրչագիրներու հիմնած դպրոցներէն ու թաղային մանկապարտէզներէն.–

  1. – Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճ - 1873
  2. – Աղջկանց Ամերիկեան Բարձրագոյն Վարժարան - 1860–1935
  3. – Վարդանեան Կրթարաններ 1867-1882
  4. – Արենական 1885-1915 նախ որբանոց, ապա՝ երկրորդական վարժարան։
  5. – Կիլիկեան Ճեմարան - 1912-1915
  6. – Աբրահամ եւ Մուրատ Վարժապետներու Դպրատուն 1815–1830
  7. – Հայկանոյշեան Աղջկանց Վարժարան - 1878-1915
  8. – Վերի Վարժարան - Եօքարը մէքթէպ
  9. – Ներսէսեան Վարժարան - 1856-1915(500 աշակերտներով)
  10. – Վարի վարժարան - աշաղը մէքթէպ
  11. – Կիլիկիոյ գիշերօթիկ Վարժարան - 1873-1877
  12. – Հայ Աւետարանական Առաջին Վարժարան - 1854
  13. – Հայկազեան Վարժարան - 1888-1915
  14. – Թանգարան Ընկերութեան Գիշերային Վարժարան -1858-1878
  15. – Մեսրոպեան Սանուց Վարժարան - 1874-1878
  16. – Հռիփսիմեանց Վարժարան - 1905-1915
  17. – Վարդեր Վարժուհի Սէֆէրեան Գայմագամեան 1835ի ծնունդ, 60 աղջիկներու իր տանը մէջ հայերէն լեզուի դասեր կու տայ։

Այսքան դպրոցներ ունեցող քաղաք մը ինչպէս չկոչել Կիլիկիոյ Աթէնքը։

Աւելցուցէք այս բոլորին վրայ այն իրողութիւնը, որ Այնթապի շուրջ գտնուող հայաբնակ գիւղերը եւս ունեցած են հայկական վարժարաններ, որոնցմէ յիշենք.– Ճիպին (հին անունով՝ Ջրբոյն), Արամ, էրէհ, Խէլֆէթ, Պեհեսնի, Օրուլ, էհնէշ, Քեսուն, Նիզիպ, Վանք, Ս. Փրկիչ եւ այլ գիւղեր։

Այնթապ քաղաքի հայաբնակ գլխաւոր թաղերը եղած են.–Իրահան սօղախը, Սողանլը Պազար, Գուզունլու, Գասթէլ Պաշը, Սուպուրճու, Պալըգլը, Ալապիէ, Աղեոլ, Փաշա Սոքաղը, Գայաճըգ–Գաւագլըգ, Ալլէպէն - վերջինները՝ զբօսավայրեր։

Ինչպէս չյիշենք հայուն ճարտար ձեռքերը, որոնք անուանի վարպետներ էին ձուլագործութեան, ոսկերչութեան, գինեգործութեան, ասեղնագործութեան, աղօրեպանութեան (ջաղացպանութիւն), մանուսագործութեան (հազար աշխատող), խաղողագործութեան, պղնձագործութեան, երկաթագործութեան, պայտառութեան, օճառի պատրաստութեան, տպագրութեան, լուսանկարչութեան, շիրէի պատրաստութեան, կլայագործութեան, վաճառականութեան մէջ։

Այնթապին կեանք տուողը եղած են հայերը իրենց կարգապահութեամբ, հնարամտութեամբ, գործի հանդէպ նուիրուածութեամբ։ Իսկ եթէ կարդանք 1920ին մարգարտաշար գրուած «Տոմար Արձանագրութեան Հայ Ազգային Միութեան» վաւերագիրը, զոր հրատարակել տուաւ Արմէն Յարութիւնեանը, պիտի հասկնանք, որ հայը Այնթապի մէջ եղած է նաեւ միասնակամ, հեռատես, խիզախ, քաղաքական ու պատերազմական ռազմավարութեան գիտակ ժողովուրդ։

Հայ Ազգային Խորհուրդը այնթապահայութեան ինքապաշտպանութեան 314 օրերու ընթացքին գումարած է 210 նիստ, փամփուշտներու կրակոցներուն տակ։

Այնթապահայերը մեր ժողովուրդին տուած են չորս կաթողիկոս.-

Ա.– Յովհաննէս Դ. Այնթապցի Բարեբարոյ Կաթողիկոս (1602-1612)

Բ.– Եղիազար Այնթապցի - նախ պատրիարք ապա՝ կաթողիկոս թէ Կիլիկիոյ, թէ՛ Ս. էջմիածնի 1682-1691

Գ.– Պետրոս Քիւթիւր - Ամենայն հայոց կաթողիկոս 1748

Դ.– Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 1931-1936

Այնթապահայերը տուած են երկու պատրիարք, առաջինը՝ հայ կաթողիկէ՝ Աբրահամ Արծիւեանը Լիբանանի մէջ։

Երկրորդը՝ Երուսաղէմի ընտրեալ պատրիարք՝ Տիրան Արք. Ներսոյեան։

Նուիրեալ ու բազմաշխատ այնթէպահայ եկեղեցականներ եղած են Նորայր Արք. Պողարեանը, Բաբգէն Արք. Ապատեանը եւ Շահէ Արք. Գասպարեանը։


1915Ի ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ
ԱՅՆԹԱՊԱՀԱՅԸ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ

Պարտադրաբար լքելով իր հազարամեայ տունն ու տեղը, այնթապահայը չյուսալքուեցաւ, ուր որ գնաց ինչպէս մայր հողին՝ Կիլիկիոյ մէջ, նոյնպէս արտասահմանի, հիմնեց դպրոցներ ու եկեղեցի։

Որպէս կառուցող ժողովուրդ, ուր որ գնաց հիմնեց հայրենակցական միութիւններ Այնթապ քաղաքին անունով։ Այսպէս.–

1921 ին Պէյրութի մէջ Այնթապու Հայր. Միութիւն, հիմնադիր՝ Ներսէս Ա. Քհնյ. Թաւուգճեան։

1923ին Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ՝ Այնթապու Հայրենակցական միութիւն։ 1924ին Պոսթընի մէջ Ա.Ա. Միաթիւն, հիմնադիր Բաբգէն եպս. (ապա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) Կիզէսէրեան եւ Շահէ եպս. ապա Արք. Գասպարեան գործակից։ Այս միութիւնը Ամերիկայի մէջ ունեցած է 8 մասնաճիւղեր։ Ամերիկահայ Այնթապցիներու Միութեան նախագահներէն մէկը եղած է Հրանդ Սիզահեանը, ու վերջինը՝ նորոգ հանգուցեալ Եղիա Ատուրեանը։

Սփիւռք դառնալով այնթապահայերը երբեք չեն մոռնար իրենց սիրեցեալքաղաքը եւ կ՚ունենան իրենց քայլերգը՝ «Հեռու կեցէք դուք վախկոտներ» քերթուածը, որուն հեղինակն է անշուշտ այնթապցի՝ Յարութիւն Աղայեանը, իսկ քայլերգը եղանակաւորողը նուիրեալ ուսուցչապետ Հալէպի Ուսումնասիրաց զոյգ վարժարաններու հիմնադիր տնօրէն՝ Լեւոն Թ. լեւոնեանը։

Այնթապահայը մեզ հոգեւոր ցուրտին դէմ պաշտպանելու համար Հալէպի մէջհիմնեց Կրթասիրաց, Կիլիկեան զոյգ. Ուսումնասիրաց զոյգ. Արմէնեան, Զաւարեան, Վարդանանց վարժարաններն ու Ս. Աստուածածին մեծղի եկեղեցին։

Պէյրութի մէջ Երուանդ Տէմիրճեան Նազարեան Վարժարաններն ու Պիքֆայայի հայակոթող մատուռը։ Նազարեան եղբայրներ - Նազար, Կարպիս, Նուպար ու Երուանդ Տէմիրճեան ու անոր որդիները եղան Ազգային բարերարներ։ Բացի դպրոցէ ու մատուռէ Նազարեան եղբայրները Լիբանանի մէջ կառուցեցին Հայաստանի Հանրապետութեան համար դեսպանատուն, իսկ Տէմիրճեան եղբայրները՝ տուն, Հ.Բ.Ը. Միութեան համար - հսկայ ծաւալով ու մէկ պատը հայկական տուֆ քարով, որ պատիւ կը բերէ հայութեան։

Այնթապահայերը միշտ կապուած մնացին մեր մայր երկրի փրկուած մասին՝ Հայաստանին, առանց խտիր դնելու երկրին վարչակարգին։

Այնթապահայերու միացեալ ճիգերով 24 Սեպտ. 1975ին Հայաստանի մէջ կառուցուեցաւ ժանեակի արդիական գործարան մը, որուն համար մեծ եղան ճիգերը Գէորգ Պագըրճեանին, Արմէն Յարութիւնեանին, Արսլանեաններուն եւ այլոց։

Հայրենիքի Նոր Այնթապ աւանին մէջ հիմնովին վերակառուցուեցան կառուցուեցան երկու երկրորդական վարժարաններ, շնորհիւ առաջինը Տէր եւ Տիկ. Բիւզանդ Մարգարեաններու եւ Տէր եւ Տիկ. ժեներալ Արամ Գարամանուկեաններու։

Այսպէս այնթապահայոց ձեռքը հասաւ նաեւ Հայաստան եւ այժմ այդ դպրոցները կը կոչուին նուիրատուներու անուններով։

Այլ այնթապահայ մը՝ Գէորգ Մոմճեան հայրենասէրը, Հայաստանի մէջ հիմնեց յախճապակիի արդիական գործարան մը։ Այսպիսով ցոյց տալով թէ Սփիւռքը ինքնաբաւ դառնալէ ետք կրնայ հասնիլ նաեւ հայրենիքին։

Չմոռնանք արձանագրելու որ Պէյրութի Թէքէեան Վարժարանը իր գոյութեան եւ երկարակեցութեան համար շատ ճիգ կը պարտի Թէքէեան վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Ճիպին ծնած այնթապցի, համընդհանուր յարգանք վայելող, գրող ու մանկավարժ Երուանդ Պապայեանին։

Երուանդ Պապայեանը բծախնդրօրէն կազմեց Այնթապի Պատմութեան նուիրուած պատմագիրքին երրորդ հատորը ու անոր կողքին «Յիշատակներու Արահետներով» օգտաշատ գիրքը ու միաժամանակ անգլերէն թարգմանութեամբ հրատարակել տուաւ իր հօր՝ Արժ. Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Պապայեանին յուշերը։ Քահանայ հայր մը, որուն օգտաշատ կենսագրութիւնը կապուեցաւ ոչ միայն Այնթապի անոր կեանքին, այլ նաեւ հալէպահայ գաղութին ուր Տէր Ներսէս Պապայեան քահանան օգտաշատ գործ տեսաւ Կիլիկեան Վարժարաններու հաստատման ու ամրապընդման կարեւոր հարցին։

Դպրոցին հայրենասիրական ոգին կու գայ հայր եւ որդի Պապայեաններէն -― առաջինը՝ դպրոցին հիմնադրութեան մէջ, ու երկրորդը՝ որպէս տարիներու տնօրէն։

Տէր Հայրը, թուրքերը 1915ի Մայիսի 16ին կը ձերբակալեն։ Դառն կ՚ըլլայ անոր ճակատագիրը սուրիական անապատներուն մէջ, մինչեւ Սելիմիէ - ան կու տայ այն անունները, որոնք կը մերժեն կրօնափոխ ըլլալ։ Անոնց մէջ է նաեւ մօրենական մեծ մայրս՝ Ճուհար Արոյեանը։

Այնթապի մէջ գործած են նաեւ Կրթասիրաց (1898-1915), Վարդանեան մանկապարտէզ (1899– 1915), Lուսինեան (1909-1915), Միսիս Շէփըրտի գիշերային վարժարան դպրոցները։

Տիրամայր Մարիամ Վարժուհին (Տիկ. Պուրունսըզեան) ունեցած է ուսուցչական յիսնամեայ ծառայութիւն (1896-1946) Այնթապ ու Հալէպ։

Անգլիա ուսանած Արաքսի Ճէպէճեանը թուրք մը մերժած ըլլալուն համար կախաղան բարձրացուած է Այնթապի մէջ։ Իսկ նոյն պատճառաւ Իսկուհի, Ազնիւ եւ Ենովա քոյրերը խիզախօրէն ինքզինքնին յանձնած են Եփրատի ալիքներուն։

Այնթապահայերը 1860ականներէն սկսեալ զարթօնքի շըրջան մը ապրելով 1892ին երկու աշակերտուհի կը ղրկեն Պոլիս, որպէսզի անոնք՝ Մարիամ Ալաճաճեանն ու Կիւլենիա Մինասեանը չորս տարի ուսանին Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարանին մէջ ու վերադառնալով ծննդավայր, ազգին ծառայութեան մտնեն հայկական վարժարաններու մէջ։

Կրնաք երեւակայել, որ այս զոյգը ջորիով վեց օրէն կը հասնին Իսկէնտէրուն ու ապա շոգենաւով Պոլիս, եւ չորս տարի հոն ուսանելէ ետք կու գան Այնթապ ու կը ծառայեն հայ դպրոցին։


ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼ - ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՏԱՌ ԹՐՔԵՐԷՆ՝
ԱՅՆԹԱՊԻ ՄԷՋ

1874ին այնթապահայերը «Դրախտ» ձեռագիր թերթը կը հրատարակեն Մեսրոպեան Սանուց վարժարանին մէջ։ Կ՚ունենան նաեւ 1908ի Սահմանադրութենէն առաջ՝ «Մենտոր»ը, 1872ին՝ «Այնլէպէն»ը, 1875ին՝ «Բիւրակն»ը, 1876ին՝ «Եդեմ–Ադէն»ը, 1876ին՝«Շիրակ»ը, 1877–78ին՝«Դրախտ»ը. 1878ին՝ «Սէտայը–Հագիգաթը», 1897–1900ին «Առաջին Քայլեր»ը, 1898–1899ին՝ «Դողղոջուն Քայլեր»ը. 1909ին՝ երգիծական «Շամպապինօ»ն, 1909ին «Ճշմարտութեան Նշոյլներ»ը, 1911ին՝ «Ենի էօմր»ը, 1914ին՝«Հագիգաթ»ը, «Ուսումնասիրաց»ը եւ 1914–15ին՝ «Կիլիկիա»ն։

Իսկ 1908ի Սահմանադրութենէն եւ Հիւրիէթէն ետք Այնթապի մէջ առաջին տպարանը հիմնողը կ՚ըլլայ Վահան Մ. Քիւրքճեանը։ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԻՐ ԿԱՐԳԻՆ

Հայրենիքը իր կարգին, ընդառաջելով Լոս Անճելըսի Այնթապու Հայրենակցական Միութեան խնդրանքին, 1970թ.ին պետական որոշումով Երեւանէն ոչ հեռու Արարատեան դաշտին մէջ գտնուող Թազա գիւղը կը վերակոչէ Այնթապ։

Ուրեմն, 1970ին Սփիւռքի այնթապահայերը հայրենի հողին վրայ կ՚ունենան ուխտավայր մը՝ Նոր Այնթապը։

Այդ շրջանին, Երեւանի մէջ եւս կազմուած էր Այնթապու Հայրենակցական Միութիւն մը, որուն առաջին ժողովներէն մէկը տեղի ունեցած էր իմ ուսանողի տանս մէջ, ուր ներկայ էին այնթապահայեր՝ մեծ հայրենասէր Ճորճ Կարապետեանը, հայրենադարձ Պաղեստինէն, խմբագիր եւ հրատարակիչ՝ Եղիա Տոլպագեանը՝ Պէյրութէն, Ենովք Կրպոյեան ատամնաբոյժն ու պատմաբանը Հալէպէն, բոլորն ալ հայրենադարձ, կարգ մը այլ այնթապահայերու հետ հիմը դրին Հայրենակցական Միութեան։

Առ այսօր այս Հայրենակցականը կը շարունակուի պատուոյ նախագահութեամբը գեղանկարիչ՝ Յակոբ Յակոբեանին ու նախագահութեամբը առժամապէս Լոս Անճելըս ապրող երգիչ՝ Յարութիւն Կարապետեանին։ Հոն, Սարգիս եւ Վազգէն Կրպոյեան եղբայրները սերտօրէն ներգրաւուած են Միութեան աշխատանքներուն մէջ։

Հայրենակցականը ունի ընդարձակ հողաշերտ մը Նոր Այնթապի մէջ պաշտօնապէս յատկացուած պետութեան կողմէ, ուր բարձրացուած է Այնթէպահայ երեք հերոսներուն յուշարձանը եւ դաշտին մէջ կայ բազմակ ցայտաղբիւր։

Ա. Ա. Միութիւնը մասնաւորապէս Պոսթոնէն եւ Լոս Անճելըսի Այնթապու Հայրենակցական Միութիւնը իրենց գոյութեան օրերէն միշտ օգնած են Մերձաւոր Արեւելքի մեր գաղութներուն։

Այսօր ալ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Այնթապու Հայրենակցական Միութիւնը պատուոյ նախագահութեամբ դէպի իր 95րդ տարին յառաջացող նուիրեալ մտաւորական՝ Երուանդ Պապայեանի, եւ նախագահութեամբ իր 80րդ տարին թեւակոխող եռանդուն Պրն. Աւետիս Տէմիրճեանի կը շարունակէ հայրենակիցները իր շուրջ համախմբելու Այնթապի հայեցի նիստ ու կացը, սովորոյթները պահպանելու, օտար ափերու վրայ հայոց հայեցիութիւնը շարունակելու ծանր աշխատանքին։

Այստեղ մօրը կողմէ այնթապահայ ազգային գործունէութեան մշտապատրաստ Նուպար Յակոբեանը իր գլխաւորած Կրթասիրաց վարժարանի Սանուց Միութեամբ սատար կը հանդիսանայ Հալէպի 1924ին հիմնուած եւ այսօր երկրորդական վարժարանի վերածուած (իշխանական նուիրատուութեամբը տէր եւ Տիկ. Գաբրիէլ Չէմպէրճեաններու) Կրթասիրաց դպրոցին։

ՅԻՇԱՏԱԿԵՆՔ ՇԱՐՔ ՄԸ ԱՅՆԹԱՊԱՀԱՅԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐ, որոնք կեանք մը ամբողջ օգտակար եղած են ոչ միայն հայրենակիցներու, այլ ամբողջ հայութեան, երբ այսօր սփիւռքի մէջ ապրող այնթապահայերու թիւը կը մօտենայ 50.000ի եւ Հայաստանի մէջ ապրող այնթապահայերու թիւը կը մօտենայ 15․000ի։ Միշտ յիշելով, որ որքան պիտի ըլլար հայոց թիւը Այնթապի մէջ, երբ երէկի 30.000 հայերը Այնթապ մնային։

Ահա փոքր ցանկ մը օգտաշատ հայերու.– Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան, Շահէ Արք. Գասպարեան, Տ. Ներսէս Աւագ Քհնյ. Թաւուգճեան, Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Պապայեան, Վեր. Եղիա Քասունի, Փառէն արք. Մելգոնեան, երկարամեայ տնօրէն եւ «Հայ Այնթապի» խմբագիր՝ Գրիգոր Պօղարեան, Այնթապի Պատմութեան Գ. հատորը կազմող ու խմբագրող ու այլ գիրքերու խըմբագիր՝ Երուանդ Պապայեան, ինքնապաշտպանութեան հերոսներէն՝ Աւետիս Գալէմքեարեան եւ Ատուր Լեւոնեան, Տիար Գէորգ Մոմճեան,Նազար, Կարպիս եւ Նուպար Նազարեաններ, Երուանդ Տէմիրճեան եւ Տէմիրճեան եղբայրներ, Նորայր Եպս. Պօղարեան բազմավաստակ այնթապահայը, որուն ձեռքը Երուսաղէմ Ս. Յակոբի վանք երթալով համբուրեց Հայաստանի Ա. Նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Բիւզանղ Մարգարեան. Զօր. Արամ Գարամանուկեան, Գէորգ Պագըրճեան, Արմէն Յարութիւնեան. Գալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ՝ Ճորճ Տէօքմէճեան... եւ կարելի է Եղիա Ատուրեանի կողքին. Յարութիւն Ա. Տէմիրճեանի կողքին բամապատկել այս ցանկը ըսելու համար, հաստատելու համար, որ ազգին ծառայութեան կոչուած այնթապահայերու թիւը երբեւէ պակսելու չէ։


ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կար ժամանակ, որ ոմանք կը կարծէին թէ հայրենակցականներու գոյութիւնը ժամանցուած է։ Կան մեծանուն կազմակերպութիւներ, կը բաւէ անոնց գոյութիւնը։

Բայց այսօր, երբ նոյնիսկ հայրենի հողին վրայ կը վկայենք գոյառումը Հայրենակցականներու, կու գանք հաստատել, որ Հայրենակցականները այսօր եւս ունին կատարելիք դեր։ Անոնք ի մի կը բերեն երկրի մէջ ծնածներուն յուշերը, համն ու բուրմունքը, հայրենակցականները հաւաքող ուժ են, մեզի կը յիշեցնեն երկիրը։ Զանգակ են, կ՚արթնցնեն, կը յուշեն, կը մեկնաբանեն։

Այդ չէ՞ պատճառը, որ փրոֆ. Գէորգ Սարաֆեանը հազար նամակ յղելով այնթապահայերու եւ 2000 ժամ տրամադրելով հեղինակեց ու խմբագրեց Այնթապի հայոց պատմութեան երկու ստուար հատորները, զանոնք վերածելով անլռելի զանգակատան։

Ի զուր չէր, որ փրոֆ. Սարաֆեանի այս գործին օժանդակեցին Բաբգէն կաթողիկոսն ու Վահան Քիւրքճեանը, Վեր. Եղիա Քասունին եւ Փառէն Եպս. Մելքոնեանի կողքին՝ Պէյրութէն Լեւոն Զէնեան, Վեր. Տիգրան Խրլոբեան, Լեւոն Նազարէթեան, Բիւզանդ Թիւթիւնճեան, Եագուպ Ուստագարայեան ու Հալէպէն՝ Տ. Կարապետ Քհնյ. Նալպանտեան, Աւետիս Գալէմքեարեան, Դուրէն Եաղսըզեան, Գէորգ Պարսումեան, Գէորգ Ներսոյեան, Գրիգոր Պօղարեան։

Փրոֆ. Գէորգ Սարաֆեանի աշխատանքը կը մնայ պատկառելի գործ, սերունդներու երախտագիտութեան արժանի։

Վերջին անունները նպաստած են հրատարակութեան գործին։

Նոյնպէս մեծարժէք գործեր են ինչպէս Տ. Ներսէս Պապայեանի յուշերը, նմանապէս իր որդւոյն՝ Երուանդ Պապայեանի Այնթապի հայերու պատմութեան մեծղի Գ. հատորը իր այլ գործերու կարգին։

Չենք կրնար չյիշել բանաստեղծ ու պատմաբան՝ Լեւոն Պետիրեանի (Վարդան) անունը, որուն բազում հատորները նուիրւած են մեր կորուսեալ (գողցուած) հողերուն։

Նմանապէս Սուրէն Մ. Սահակեանի Այնթապի եւ այնթապահայերէնի մասին անոր կատարած պատմա-բանասիրական ճշգրտումները։

Հապա Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Թաւուգճեանի «Տառապանքի Օրագիր» ծաւալուն հատորը, որ վաւերագիր մըն է Այնթապի հայոց տարագրութեան եւ կորովի ինքնապաշտպանութեան շուրջ, երբ թուրքերը 1921ի Փետր․ի ութին հայ քաջամարտիկներուն մօտեցան սպիտակ դրօշ պարզած, այսինքն թուրքը ընդունեց իր պարտուած ըլլալը։

Ի՞նչ ընենք որ Եւրոպայի համաձայնական պետութիւնները պարտեալ Թուրքիան յաղթականի վերածեցին անտեսելով մեր ժողովուրդին ե՛ւ նահատակութիւնը ե՛ւ իրենց յաղթանակին համար հայոց թափած արիւնը։

Նոյնքան կարեւոր է վերստին յիշել Երուանդ Պապայեանի «Յիշատակներու Արահետներով» գիրքին կողքին յիշուելէ դադրած յոբելենական գրքոյկ մը, որ կը վերաբերի Մարիամ վարժուհի Պուրունսուզեանի յիսուն տարիներու ուսուցչական վաստակին։

Այնթապին նուիրուած այլ գիրքեր եւս կան եւ ազգին ծառայած բազում այլ այնթապահայեր Հրանոյշ Պէնլեանի ու Մաթոսեաններու, Խաչիկ եւ Ալիս Արարատեաններու, երգիծանըկարիչ Մասիսի, վիպագիր Թորոս Բարսեղեանի. Արսլանեանի եւ այլոց նման։

Տակաւին յիշել պէտք է որ տարագրութենէե ու ջարդերէն առաջ այնթապահայեր Պոսթոնի մէջ կը հիմնեն Այնթապի Ամերիկահայոց Ուսումնասիրաց Միութիւնը։

1915-2008 այնթապահայեր անդադրում ճիգի մէջ են յանուն Սփիւռքին եւ յանուն հայրենիքին։

Յիշենք նաեւ, որ «Նոր Այնթապ» պարբերականը կը շարունակէ լոյս տեսնել վեցեակ խմբագիրներ ունենալէ ետք։ Այսօր, երբ Լոս Անճելըսի Այնթապի Հայրենակցական Միութեան նախաձեռնութեամբ, դարձած մէկ սիրտ, մէկ հոգի, ինչպէս երէկ ինքնապաշտպանութեան օրերուն յուշերու յանձնուած կը նշենք մեր քաջարի պապերուն սխրագործութիւնները, կ՚ուզենք հաստատել այն իրողութիւնը, որ հոն ուր հայը եղած է միակամ, յաղթած է թուրքին։

Թուրքը կրցած է քանի մը ճանտարմաներով հայ բազմութիւնները քշել դէպի անապատ, միայն ա՛յն ժամանակ, երբ մեր բազմութիւնները եղած են կիներէ ու մանուկներէ բաղկացած։

Թող չըսեն մեզի, որ հայը ոչխարի պէս մորթուած է։ Ո՛չ, խոշոր սուտ մըն է այդ։ Վկայ Վանը, Շապին Գարահիսարը, Հաճընը, Ուրֆան, Մուսա Լեռը, Տէօրթ Եոլը։ Բոլոր այս վայրերուն մէջ անհաւասար կռիւներու առիթով հայը զէնք բարձրացուցած է թուրքին դէմ ու յաղթանակի դրօշ։

Հայը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին գիտցած է նետ ու աղեղ, սուր ու զէնք բարձրացնել յանուն իր ազատութեան։

Յիշեցէք Հայկ Նահապետը, որ վերահաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ, ո՛չ ըսելով Բաբելոնի աւազակապետին։

Բելին ոչ ըսողը Նիւքար իշխանը իր ճակտէն գամեց։

Այդ է սերունդներու պատմութիւնը։

Մեր պատմութիւնը ազատագրական պայքարներու ուլունքաշար մըն է Հայկէն մինչեւ Վարդանանք, Վարդանանքէն մինչեւ Զէյթուն ու Սասուն, Մուշէն մինչեւ Սարդարապատ եւ Սարդարապատէն մինչեւ Պերլին, երբ հայ զինուորը յաղթանակի դրօշը բարձրացուց Ռայխստակի վրայ։

Ռայխստակի վրայ բարձրացած դրօշէն մինչեւ այսօրը տեւող ճամբան կ՚անցնի Ղարաբաղ-Արցախով, ուր մեր գրոհայիններու առջեւէն նախայարձակ ազերիները նապաստակի նման խոյս տուին։

Չմոռնանք մեր հերոսական աւանդավէպը՝ Սասունցի Դաւիթը, որուն թուր Կայծակին շառաչեց Մսրայ Մելիքի դէմ։

Այո՛, մեր ժողովուրդին պատմութիւնը ազատագրական պայքարներու հերոսական պոռթկումներ եղած են Սասնայ Ծռերէն մինչեւ Այնթապի հայոց գոյապայքարի իրապէս հերոսական խիզախումը երբ ամբողջ 314 օր հայ այնթապցին երբեք ցոյց չտըւաւ իր կռնակը։

Հայ ֆետային եարի փոխան զէնք զրկեց։

Կ՚աւաղենք մերթ, որ հայը միայն եկեղեցիներ կառուցել եւ խաչքարեր հրաշակերտել գիտցած է։ Ո՛չ։ Այպէս չէ միայն։

Կ՚աւաղենք մերթ, որ հայը զօրանոցներ չէ կառուցած։

Ո՛չ, ճիշդ չէ այդ։

Հապա ի՞նչ էին մեր վանքերը եթէ ոչ զօրանոցներ։

Զօր. Անդրանիկը իր յաղթական կռիւներէն մէկ քանին մղած է վանք-զօրանոցէ։

Յիշեցէք պարսկական հողի վրայ կանգուն մնացած մեր Թադէի վանքը։ Չէ՞ որ շալակաւոր հայ ֆետայիներ, շալակով զէնք կրած էին մինչեւ Վան յանուն ազատութեան։

Այո՛, մենք գիտցած ենք նաեւ զօրանոց կառուցել վանքի անունին տակ, հոգիի եւ կեանքի ազատութեան համար։

1920-21ին այնթապահայը տուաւ մեծազօր օրինակը համագործակցութեան։ Կը մնայ այսօր այդ օրինակը վերածել գործի՛։

Գործի ժամն է, աշխարհի հայեր, ՄԻԱՑԷ՛Ք։

Խօսքը գործի վերածեցէք։


Հալէպ, 21 Մարտ 2008
ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ


Պա՛պ, պհարազատս,լաւս, սիրելիս,
Շնորհաւոր 80 ամեակդ, միակս․․․


Սկզբունքայնութիւնդ առաւելութիւններէդ մին եղած է միշտ ու դուն խոստացած ես 120 տարի զարմացնել այս զառամեալ ու յաւերժ շարժուն մոլորակը քու անհատնում եռանդովդ, որ որքան ալբաժնես, փոխանցես, միեւնոյնն է, չի սպառիր:

Դեռ ե՞րբ էր, հեռու-մօտիկ անցեալին, երբ 33 ամեայ հայրիկիս ամուր ափին իմ մանուկի թաթիկս պահ տուած, Պալքանեան շռայլ ծառուղիներուն վրայ, քեզի հետեւելով կոմիտասեան իմ առաջին երգս կ՚երգէի...

Արեւ ծագեց մութ ամպերէն․․․

Պապ ջան, գոյութիւնդ իսկ, մոգական ուժով յաջողած է ցրել կեանքիս մութ ամպերը: Իմ հէքեաթ մանկութեան ու հասուն հասակիս հերոսն ես, լաւս․․․

Իմ պայծառ օր, իմ ուսուցիչ, իմ արարի՛չ, իմ ղօղանջող զանգ․․․

Աննման մայրս, Անիդ, Արադ, Նուշիկդ, Նանորդ, Նարէդ ու Արմիկը թող երկար վայելեն զանգիդ արծաթեայ ղօղանջները ել 80 ամեակդ նախորդող 79ին վրայ գումարուած աստիճան մր ըլլայ լոկ։

Էդը եւս կը միանայ ինծի, խորին յարգանքով ու սիրով։

Միշտ քուկդ՝

ԱՆԻ


Երեւան, 28 Փետրուար 2008
ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ
ԱՐԿԱԾԱՀԱՐԻ ԱՆԿՈՂԻՆԷՍ

Մարտ 13, 2008

Այս փոքր անկիւնը ուր պառկած եմ հիւանդ, մտորելու առիթներ կու տայ ինծի․․․ Մեր երկիրը տուած է շարք մը կոչումով դոկտորական ունեցողներ, որոնք պաշտպանած են թեկնածուականը, որոնցմէ յիշենք Պարոյր Սեւակի, Սայաթ Նովայի մասին պաշտպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 1969 թուականին, այդ ժամանակ «Կարմիր Բանակայիններ» կոչուած պողոտային վրայ, ոչ հեռու «Ձկան» խանութէն։ Իր ընդդիմախօսն էր նշանաւոր Սայաթ Նովայագէտ Մորուս Հասրաթեանը։ Ժողովուրդը շէնքէն դուրս յորդելով, տարածուած էր մինչեւ հանրակառքի գիծը։ Ես ալ հոն էի։

Յանկարծ բերնէ բերան փոխասացութեամբ ըսուեցաւ, որ փրոֆ․ Մ․ Հասրաթեան սկսած է լալ ու ըսեր․

― Կ՚ուզէի որ ամէն ուսանող այսպէս յաղթէ իր դասախօսը։ Ես պարտուած եմ ու կը շնորհաւորեմ Պարոյրի թեկնածուականը։

Այդ պահուն ժողովուրդը միաձայն սկսաւ վանկարկեր «Դոկտորական տալ»...

Այդպէս ալ Պարոյր Սեւակի թեկնածուականը վերածուեցաւ դոկտորականի։

Այլ դոկտորականի մը պաշտպանութեան ալ ներկայ եղած եմ։

60ականներու սկիզբներուն էր։

Լեւոն Հախվերդեանի դոկտորականը, նիւթ ունենալով Յ. Թումանեանի ամբողջական երկերը։

Այդ տարիներուն մեր երկիրը կը սլանար յաղթանակէ յաղթանակ, արուեստներու գիտութեան, ճարտարապետութեան ու թեքնիքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ։ Հայը տիեզերանաւ ստեղծեց։ Կորիյէֆը Գր․ Գուրզադեանն էր, իր շուրջ հաւաքած 500 ճարտարագէտ եւ գիտնական, բոլորը հայեր։ Իրենց աշխատավայրը Գառնիի ձորաբերանի մօտ էր, ուր հայկական զօրքերը 10րդ դարու սեմին յաղթական ճակատամարտ մը մղած էին ներխուժողներու դէմ:

Պատմութիւնը կ՚ընթանայ իր սեւ եւ սպիտակ կէտերով։

Մենք երբ կռուած ենք, շահած ենք սպիտակ կէտեր, երբ փախած ենք սեւ կէտերու արժանացած ենք։

Այսօր աղջկանս՝ Անիին միջոցով, որոշ թելադրութիւններ կ՚ուզեմ յանձնել թուղթին, իմ արկածահար ըլլալուս 20րդ օրուայ սեմին։

Աչքերուս առջեւ են բոլոր անոնք, որոնք Հալէպի Սէն-Լուի հիւանդանոցը գալով ինծի առողջութիւն կը մաղթէին։ Առաջին այցելուները եղան տղաս՝ Արան, իր կնոջ Մանուշակին ու թոռնիկներուս հետ:

Երկրորդը եղբայրս՝ Կարպիս Լեփէճեանն էր, կնոջ Լուսինէին ու դստեր՝ Նանորին հետ։

Առաջին ծաղկեկողովը ստացայ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Շրջանակային Յանձնաժողովէն, երկրորդը՝ Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանէն, որ հիմնըւած է 1921ին։ Կը տեսնէք որ հայը տարագրութեան առաջին իսկ օրերուն դպրոց հիմնած էր վասն գոյատեւումի։

Առաջին այցելուներէս եղան տիկ. Սեդա Զէյթունցեանը եւ իր աղջիկը՝ Երանը։ Պէտք է նշեմ, որ այս նոյն Սէն-Լուի հիւանդանոցին մէջ աշխատեր եմ երեք տարի, որպէս անզգայնացնող բժիշկ: Զիս այցելեցին վաղեմի աշխատակից՝ Անարատ Յղութեան քոյրեր։

Անկէ ետքը շարքը երկար է...

Այցելեցին տէր եւ տիկին բժիշկներ Կարօ եւ Մակի Հաճընլեանները։ Սիրալիր էր մեր տեսակցութիւնը, որովհետեւ տարիներու ընթացքին իրենց ծնողներուն հետ սերտ բարեկամութիւն մշակած էի։

Շարժապատկերի շրջանակներուն պէս աչքիս առջեւէն կ՚անցնին բոլոր զիս այցելողները։ Այնուհետեւ սկսան հնչել հեռաձայնի զանգերը:

Յայտնի ակնաբոյժ Մինաս Ադամեանը գրեթէ լալահառաչ կ՚ըսէր.

— Այդ ի՞նչ պատահեցաւ քեզի, սիրելի Թորոս։

Կինը՝ Շողիկը, նոյնպէս։ Անոնք դեռ վերջերս բախտաւորուած էին իրենց Լիլիթ անուն դուստրով։

Ակնաբոյժին ձայնը հեռախօսէն այս պէս կը հնչէր. ― Եղբայրս Թորոս, քեզի համար ամէն զոհողութեան պատրաստ եմ:

Նոյնպիսի առաջարկով հնչեց ուրիշ բարեկամի մը ձայնը՝ Աբիկ Պասմաճեանին։ Երրորդը՝ բժիշկ Թադէոս Թադէոսեանն էր, որ անզուսպ կու լար: Ան այցելեց մեր տունը ուրիշ բժիշկ ընկերոջ մը՝ Սերոբ Սերոբեանին հետ, որ Երեւանի մէջ դասընկերս եղած է։

Եկան հայրենակից՝ ճիպինցի հինգ քոյրերը, որոնց հօր անունն էր Ներսէս, իսկ մօր անունը՝ Թագուհի: Ներսէսը եղած է դասընկերը հօրս՝ Խաչեր Թորոսի Թորանեանին, Ճիպինի Կիլիկեան վարժարանին մէջ, զոր աւարտած է հայրս: Պէտք է շեշտեմ, որ Երեւանէն Հալէպ առաջին փութացողը աղջիկս՝ Անին եղաւ, որպէս պահապան հրեշտակ: Չէի գիտեր որ տղամադրու ուժ ունի եւ կանացի համբերատարութիւն: Իր ամենօրեայ փութաջան աշխատանքը զիս ամրացուց։

Իմ արկածահար ըլլալս տուաւ հետեւեալ ախտորոշումը, ուղեղային արիւնազեղում, որ ինծի կը թելադրէ երկարատեւ բուժում:

Հեռախօսները կը շարունակեն զնգալ...

Պէյրութէն առաջինը կը խօսի ուսուցիչ եւ գրագէտ Պէպօ Սիմոնեանը, որուն կը յաջորդէ «Շիրակ»ի երբեմնի եւ այժմ «Կամար»ի խմբագիր, նաեւ Հ.Պ.Ը.Մ.ի Պէյրութի երկրորդական վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեանի ձայնը, եղբայրական զգացումներով առլի:

Ապա կը հնչէ «Զարթօնք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր՝ Պարոյր Աղպաշեանի խրոխտ ձայնը:

Յետոյ կը լսեմ Արմէն Յարութիւնեանը, գրող Արամ Սեփէթճեանը, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ զոյգ պարբերականներու խմբագիր՝ Երուանդ Քասունիին ձայնը: Նախապէս ալ երեք անգամ զանգած էր Վեհանը, որ տիկիննէ պատմաբան եւ բանաստեղծ Լեւոն Վարդանի:

Փարիզէն կը հնչէ Զապէլին՝ տիկնոջս ըրրոջ ձայնը։

Լոնտոնէն կը հնչէ Մելգոնեանի դասընկերներէս՝ Մարգար Սարաֆեանի ձայնը:

Երեք անգամ ինծի կը ձայնէ Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք» թերի խմբագիր Գրիգոր Շէնեանը։ Նոյնպէս ձայնը մելգոնեանցի դասընկերներուս՝ Նուպար Յակոբեանի ու իր տիկնոջ՝ Մարոյին: Հոն էին գրական հակումներ ունեցող Յակոբ Նալպանտեանը եւ ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանը։ Հոն էր նաեւ Լոս Անճելըսի Հայ գրողներու Միութեան նախագահ՝ Թորգոմ Փոստաճեանը:

Զանգեց բարեկամս Յակոբ Ապաճեանը: Ան Քեսապի մէջ առանձնատուն մը ունի եւ տարիներէ ի վեր կ’առաջարկէր, որ քանի մը օրով միասին վայելենք գեղատեսիլ տեսարաններու նայող իր տունը։ Հորիզոնի սահմանին վրայ կ’երեւէր Օրտու թրքական գիւղը, որ անցեալին հայոց պատկանած է: Անցեալ տարուան մէջ, օր մըն ալ ելանք գացինք։ Երկրորդ օրուան երեկոյեան, Յակոբը ըսաւ, թէ յաջորդ առաւօտ պիտի արթննայինք ու խնձորները քաղելու պիտի իջնէինք։ Ըսւածէն պէս, ես կանուխ զարթնեցայ ու խնձորները առանձինս քաղելէն ետք, Յակոբին սենեակին դուռը թակելով սկսայ երգել «Առաւօտ լուսոյ»ն... Ձայնիս վրայ արթնցաւ եւ... ի՜նչ տեսնէր... բոլոր խնձորները քաղուած էին...

Այսօր զանգեց Յակոբը ու ըսաւ.

— Թորոս, խնձորները քաղելու ժամանակը մօտ է: Ե՞րբ պիտի երթանք Քեսապ։ Պայմանաւորուեցանք։ Յակոբ առողջութեանս համար ալ մաղթանքներ ըրաւ։ Այսպիսի բարեկամներ ունիմ։

Հալէպի Հայ Գրողներու Համախմբումի հրատարակած «Երթ» տարեգիրքի երրորդ թիւի շնորհահանդէսին առիթով, սրահը ծայրէ ի ծայր լեցուն եղած է։ Այդ մասին օր մը առաջ զիս տեղեակ պահեց Վարդի Քէշիշեանը: Ես, կարճ գրութիւն մը թելադրած էի, ուր գովքը հիւսած էի նորերուն եւ միասնականութեան կոչ ըրած։ Այդ գրութինը Վարդին կարդացած էր բազմութեան ներկայութեան: Բոլորը միաժամանակ տեղեակ եղած են, որ ես արկածահար եղած եմ։ Ներկաները խմբովին առողջութիւն մեղթեր են ինծի: Այս լուրը յաջորդ օր ինծի հաղորդեց գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաջեանը, որ իր կնոջ հետ բարի մաղթանքները Հաղորդելու համար հիւանդանոց այցելեցին օրիօրդներ Նանոր Ինճէճիկեանն ու Պերճուհի Աւետեանը, երկուքն ալ խօսեցան մեր գրական կազմակերպութեան անունով: Գրական հաճելի երեւոյթներ քննեցինք: Նանորը ըսավ.

— Արդեօք դասախօսութեա՞ն մը ներկայ գտնուէինք, թէ գայինք տոքթ. Թորանեանը լսելու:

Յաջորդ օր, տուն ներկայացան աւելի մեծկակ խումբով մը, որուն մէջ էին Աւետիս Մատեանը, Յակոբ Միքայէլեանը, Միհրան Մինասեանը, Տիգրան Գաբոյեանը եւ Հայասաանի մէջ հայագիտութիւն ուսանած Մարիանա Պէրթիզլեանը։ Մեր հանդիպումը վերածուեցաւ գրական միջօրէի։ Այդ օր Մատեանի ձեռամբ ստացայ թեմիս առաջնորդ՝ Գերչ. Շահան Սրբազան Եպս. Սարգիսեանի եւ Ս.Գ.Հ.ի համատեղ սրտի խօսքը, ծաղկեփունջի մը հետ:

Կը ներկայացնեմ սրտի խօսքը ամբողջութեամբ.

«Սիրելի գրչեղբայր, բժ. Թորոս Թորանեան,

Գերաշնորհ Սրբազան Հօր եւ Սուրիահայ գրողներու Համախմբումին անունով, սրտանց կը շնորհաւորենք Ձեր բեղմնաւոր 80 ամեակը, մաղթելով առողջութիւն, արեւշատ օրեր եւ գրական դալար ճանապարհ: Ս.Գ.Հ.»:

Ապրիլ 8, 2008

Յաջորդ երեկոյեան մեզի այցելութեան եկան տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Մարուշ Երամեանները, որոնց կ՚ընկերանային Սեդան եւ իր դուստրը՝ Երանը: Մարուշը ուրախ էր որ իմ գրադարանիս մէջ ունեցած անգլերէն բոլոր գիրքերս նուիրած եմ Հալէպի Եկաւեան մատենադարանին, զոր կը վարէր Վարդի Քէշիշեանը: Աւելցուցի, որ նուիրած եմ նաեւ արաբերէն ու Ֆրանսերէն բոլոր գիրքերս, նաեւ հարիւրաւոր հայերէն մատեաններ:

Յաջորդ օր ընդունեցինք համակ ժպիտ Սօնա Գաբրիէլեանը իր որդւոյն հետ: Ան միայն ուրախութիւն կ՚արտաշնչէ: Եկած էին նուէրներով, զիս պարտքի տակ ձգելով:

Գանատայէն ինծի քաջալերական խօսքեր յղած էին գրող Պետրոս Մինասեանին որդին` Վաչէն եւ իր տիկինը, Ասատուր եւ Ենովա Պետեաններու դուստր` Սիլվան եւ Արսինէ Աթթարեանը իր որդւոյն եւ դստեր անունով։

Այդ միջոցին զանգած է Զուիցերիայէն բանաստեղծ Յակոբ Սարգիսեանը, որ զարմանքով տեղեակ դարձեր էր դէպքին։

Ուշ երեկոյին, Նիւ Եորքեն զանգեցին մեր վաղեմի դրացի եւ բարեկամ ժիրայր Մուրատեանը, կինն ու աղջիկը՝ Ալինը, որ չորս զաւակներու մայր Է հիմա։ Վշտացած Էին, նոյնիսկ ընդվզած, որ նման դէպք մը պատահեր է ինծի հետ։ Լաթաքիայէն Ամերիկա մեկնիլ աճապարող Յակոբ Ադամեանը, իր տիկնոջ ու քենիին անունով բարի մաղթանքներ փոխանցեց ինծի։

Հալէպէն՝ բարեկամս՝ Ներսէս Տաղլեանը նոյնպէս բարի մաղթանքներ յղեց իր ու տիկնոջ անունով։

Նոյնպէս ջերմագին մաղթանքներ ըրին Յովհաննէս Մալատչալեանը, Սարգիս Պալապանեանը (Ժիրայր Իսկէնեանի անունով) եւ Աւետիս Մատեանը..., տղաք, որոնց միշտ կը հանդիպիմ։

Խոր տագնապով համակուած էր Սարգիս Շէօհմէլեանը, ինչպէս եւ իր զաւակը՝ Կարօն, որուն պճլիկ աղջկան բերնին մէջ հայերէնը երգ մըն է միայն։ Օրինակ այդ պճինկօն ինծի հարց կու տայ.

— Տոքթոր, դուն կերակուրը բերանդ բա՞ց, թէ գոց կ՚ուտես։ Պէտք է գոց ուտես ...:

Զանգեց նաեւ Աբրահամ Խնկիկեանը, չհաւատալով պատահած արկածին: Առաջին օրերուն հնչեց նաեւ Երէցեան մեծ գերդաստանին պատկանող Անի Մօրաքին ձայնը, որ յուզումնախառն ձայնով գոչեց.

— Տոքթոր, եթէ քեզի բան մը ըլլայ, իմ դամբանականս ո՞վ պիտի կարդայ...:

Լոնտոնէն դասընկերս՝ Մարգար Սարաֆեան յայտնեց.

— Թէեւ ես կրօնամոլ չեմ, բայց հակառակ ատոր, մեր նախահայրերուն պէս ծունկի եկայ ու աղօթեցի քեզի համար...։ Պատասխանս ՝ գիտնայի, աւելի շուտ կ՚իյնայի տանիքէն...

Յաջորդ զանգերուն աղջիկս՝ Անին պատասխաներ էր եւ Մարգարը ըսած էր, թէ «Թորոսը մեր ընկերներուն համաստեղութեան մէջ ամենափայլուն աստղն է ու պէտք է շարունակէ փայլիլ...»:

Բազմիցս զիս այցելեցին թոռնիկս Նանորը, իր ամուսինին՝ Կարոյին հետ։ Երկուքն ալ հայ երգի սիրահարներ։ Անոնց տունը կը յորդի երաժշտութեամբ։ Ինծի համար մեծ հաճոյք է զիրենք լսելը։ Սիրով կը մտածեմ, որ իրենք պիտի ըլլան առաջին ծոռնիկս պարգեւողները ինծի։

Սան Խօսէէն Նազարեան ընտանիքը, Պալապանեան ընտանիքը, իրենց ամբողջ կազմով մաղթանքներ յղեցին ինծի։ Չմոռնամ շեշտելու, որ աւագ՝ առաջին թոռնիկս բանաստեղծուհի Նուշիկ Միքայէլեանը, բազմաթիւ անգամներ գլգլալով ոչ միայն բարին մաղթեց, այլ չհաւատաց հիւանդ ըլլալուս եւ ըսաւ.

— Դուն եւ հիւանդութիւնը հականիշներ էք, չեմ հաւատար հիւանդ ըլլալուդ:

Արկածիս ամբողջ ընթացքին, կողքիս է այն աղջիկը, որուն սիրահարուած կը մնամ 55 տարիներէ ի վեր։ Իր մէկ խօսքը չլսեցի... Արմիկս ըսած էր «Թորոս, այս աստիճաններով մի՛ երթեւեկեր...»:

Չանսացի իր խօսքին ու ... ինկայ։

Առակս ցուցանէ. «Ով մտիկ չըներ իր կնոջ խօսքին, թաւալգլոր կ՚իյնայ եւ որպէս արդիւնք, ոչ միայն ինք կը տառապի, այլ կը տառապեցնէ նաեւ իր կողակիցը»։

Կրկնելու գնով վերստին կը հաստատեմ, որ աղջկանս Անիին ծառայութիւնը շատ մեծ է... Նոյն օրն իսկ փութաց ու եկաւ Հայաստանէն։ Ահա թէ ինչու աղջիկ ունենալը օրհնութիւն է։

Անշուշտ թէ տղաս՝ Արան ընտանեօք, առաջին վայրկեանէն հասաւ ինծի, յաճախ կրկնելով.

— Հայրի՛կ, վաղանցուկ երեւոյթ է, շուտով ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ...:

Որքան ուրախ էի, որ մեր ժամանակներու գեղանկարիչ վարպետներէն Յակոբ Յակոբեանն ու գեղանկարչուհի տիկին Երեւանէն զիս փնտռեցին, զանգեցին եւ հաւատացուցին, որ անպատճառ պիտի լաւանամ:

Օրհնութեան պէս հնչեց իրենց ըսածը:

Մանկութեանս ընկերներէն Ենովք Կրպոյեանին զաւակը՝ Սարգիսը Երեւանէն քանիցս զանգեց ըսելով.

— Քեզ կորսնցնելը արգիլուած է։ Կրպոյեան գերդաստանը տարածուած է մինչեւ Ամերիկաները, բայց մեծամասնութիւնը անոնց կը մնայ Երեւան, ուր իրենց տուները իրենց ձեռքերով կառուցած են։ Բոլորը ուսեալ ու ձեռներէց երիտասարդներ։ Սարգիսին զաւակը այս տարի մուտք գործեց Երեւանի Ամերիկեան համալսարան: Ասոնք բոլորը, Ամերիկայէն Երեւան առողջութիւն մաղթեցին ինծի։

Պէտք չէ մոռնամ յօրինող, երգահան Աւետիս Պէրպէրեանի խիստ քաջալերական ու ջերմ խօսքերը։ Յաճախակի մաղթանքներով հետս խօսեցաւ։ Վիպագիր է Գրիգորեանը։ Մաղթանքներ ստացայ նաեւ, իր ընկերներէն, որոնք մշակոյթի մարդիկ են: Ահա հակիրճ այն պատմութիւնը, զոր կրցայ թելադրել աղջկանս՝ Անիին, որուն համար շնորհակալ եմ։

Ի՜նչ լաւ է որ այս բոլոր ցաւերս չտեսաւ մայրս...

Կարծեմ ամբողջականի մօտ պատկեր մը եղաւ: Այսուհետեւ արձանագրութիւնները կը կատարենք օրը օրին:

Չմոռցած աւելցնեմ նաեւ, որ Պէյրութէն երիցս ինծի զանգեց մելգոնեանցի էնժինէր Զաւէն Ղարիպեանը։ Նաեւ մելգոնեանցի՝ Ասատուր Մեսրոպեանը, որ պատանեկութեանս ընկերն է։ Առաւելութիւն մը ունի՝ խարբերդցի է։ Պոսթոնէն զանգեց կնոջս եղբօր որդին՝ Տիգրան Մարտիրոսեանը եւ իր ու ընտանիքին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։ Այդ զանգերը կրկնուեցան:

Երիցս զիս այցելեցին տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Ժագլին Յարութիւնեանները, որոնք կ՚ուզէին որ ես երգեմ, «երգը բուժիչ է» ըսին։

Ինծի համար մեծ անակնկալ մը ըրաւ Երեւանի ուսանողական ընկերներէս Զատիկ Գուշեանը, որ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հ.Ե.Ընկերակցութեան սկաուտական շարժումէն մէկ ու կէս տասնեակ երիտասարդներով եկաւ մեր տուն: Ես անոնց խօսեցայ այն մասին, որ ես անկոտրում հաւատք ունիմ հայ երիտասարդութեան հանդէպ։ Եթէ մեր սերունդը սնունդ առաւ Եղեռնի պատմութիւններէն եւ կամ մեծ հայրերու հէքիաթներէն, ապա այսօրուան սերունդը զինուած է գիտութեան նորագոյն գործիքներով եւ խօսքերով, որոնց միջոցաւ կընայ հրաշքներ գործել։ Կամենալը կարենալ է։ Իմ խորհուրդս է՝ հաւատալ նոր սերունդի ստեղծագործ ոգիին: Երիտասարդները անհատ առ անհատ շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ սկաուտական բարևի կեցան իմ դողդոջ մատներուս դէմ: Դէպքը մխիթարական էր ինծի համար: Անոնց խօսքերը երդումի նման հնչեցին:

Ապու Պաշշարը եւ իր տիկինը քանիցս խնդրեցին որ այցելեն մեզ վասն մխիթարութեան, բայց քանի որ եկողները մեծաթիւ էին, առկախեցինք հարցը: Վերջապէս առիթը ստեղծուեցաւ։ Մեր դրացիները երկուքն ալ ուսուցիչներ եղած են ու հեզահամբոյր մարդիկ են։

Անոնք քանիցս մեզի յիշեցուցած են, որ եթէ մենք մեր բնակած տունէն յանկարծ հեռանանք, իրենք եւս կը հեռանան: Ահա այսպիսի արաբ հարեւան ունինք։

Ուրիշ արաբ-իսլամ հարեւան ընտանիք մը եւս ունինք, որ վերջերս դրացի դարձաւ մեզի: Այս հարեւանները խնդրած են ունենալ մեր հեռախօսի թիւը, որպէսզի այցելեն մեզ եւ մեզի յայտնեն իրենց բարեմաղթութիւնները։

Վերյիշելով Ասատուր Մեսրոպեանն ու իր կինը Էլօն, երկուքն ալ խարբերդցի, ըսեմ որ իրենց միջնեկ աղջիկը՝ Մարալը, որ հօր նման Մելգոնեանէն շրջանաւարտ է, պիտի պսակուի Լոնտոնի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ, աւստրալիացիի մը հետ:

Ահա թէ ուր կ’երթան ընտրելագոյն Հայերը...

Ապրիլի 14ին էր, ընդունեցինք տէր եւ տիկին Արուշ Եսայեանները, որոնք յայտնի են որպէս բոլորին օգնութեան հասնող մարդիկ, իրենց կ’ընկերանային տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սիլվա Օգճեանները։ Ներկայ էին նաեւ Յարութիւն եւ Լուիզա Մարտիրոսեան բժիշկները։ Խօսակցութիւնը ծաւալեցաւ ազգային ու քաղաքական հարցերու շուրջ: Ես անհանգիստ ու յոգնած զգալով սենեակս առաջնորդուեցայ... Արուշը իր խոստումին հաւատարիմ, ինծի ուղարկեց քայլելու դիւրութիւն ընձեռող անիւաւոր սարք մը։ Ըստ ֆիզիոթերափիսթ բժշկուհի Լէյլայի, ես այդ սարքով պիտի կարենամ յաղթահարել քալելու դժուարութիւնս: Կը հաւատամ այդ կարծիքին, ինչպէս ես, նոյնպէս ալ աղջիկ ու կինս: Բայց ես ապաւինեցայ ոչ թէ այս սարքին, այլ՝ կամքիս ու քալեցի։

Ի դէպ նշեմ, որ անկումիս պատճառաւ, դէմքիս վրայ գոյացած վէրք մը թարախակալած էր ու աղաւաղած դիմագիծս:

Նախ դիմեցինք մեր հարեւան արաբ բժիշկին, որ իր կարելին ըրաւ որպէս առաջին բուժօգնութիւն։ Ապա դիմեցինք մեր բարեկամներէն, Հայաստանի Պետ. Համալսարանէն, որպէս ատամնաբոյժ եւ դիմածնօտային վիրաբոյժ՝ Թորոս Թուխմանեանին, որ անչափ հոգատարութեամբ շարունակեց եւ իր աւարտին հասցուց դէմքիս բուժումը։ Թուխմանեան ընտանիքին հետ մենք ունեցած ենք վաղեմի կապեր։ Խիստ շնորհակալ եղանք։ Հայելիին նայելով ես ճանչցայ ինքզինքս։ Ահա նման օրերուն կը զգաս թէ ինչպիսի նուիրեալ բարեկամներով շրջապատուած ես։

Այս պահուն տիկինս՝ Արմինէն զանգեց, թէ երեկոյեան, արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով մեզի պիտի այցելեն Մանուէլ եւ Վարդի Քէշիշեանները, առաջինը բեմադրիչ, երկրորդը մատենագէտ: Կը սպասուի հաճելի մտաւորական զրոյց:

Այդպէս ալ եղաւ։ Մենք զիրար լաւ հասկցանք, մեր ճանապարհը հայօրէն մտածելն էր եւ ոչ անձնական շահեր հետապնդելը, որ մեր օրերուն անամօթ ուխտէ վերածուած է։

Կանուխ գացին:

Իրենց յաջորդեցին մեր խնամիները, թոռանս՝ շնորհաշատ Նանորին ամուսինն ու անոր ծնողները: Հեզահամբոյր մարդիկ են։ Կարոյին մայրը՝ Գոհարը, գոհարօրէն համարեայ անգիր գիտէ Նարեկը, որմէ երկար հատուածներ արտասանեց ինծի համար: Իսկ հայրը, խնամի Կարպիսը, ողջ կեանքի ընթացքին եղած է հետեւողական ընթերցող։ Պահը հետաքրքրական էր բոլորիս համար։ Նանորիս հետ շատ չկրցայ խօսիլ, ինչպէս նաեւ Կարոյին, բայց իրենց ներկայութիւնը բոլորին համար հաճելի էր։

Եկած էին նաեւ մարդիկ, որոնց ներկայութիւնը հեռու էր հաճելի ըլլալէ, նստած մնացին մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը...

Ներկայ էր նաեւ թոռնիկներուս հայրը, արձակագիր Յակոբ Միքայէլեանը, որ զիս տեղեակ պահեց այն իրողութենէն, թէ Պարոյր Աղպաշեանը իր հասարակական-հրապարակագրական էջերը յանձնած է տպագրութեան եւ ինծի օրինակ մը ղրկած է բժիշկ Սարգիս Մազլումեան հիւանդանոցի տնօրէնին մօրը հետ։ Ղրկած է նաեւ օրինակ մը «Կամար» գրական գեղարուեստական պարբերականի վերջին թիւէն: Կանխաւ շնորհակալութիւն յայտնեցի։ Գրեթէ միաժամանակ հնչեց գանգ մը Ամերիկայէն։ Խօսողը մելգոնեանցի դասընկերս՝ Նուպար Յակոբեանն էր, որ ինծի ջերմեռանդ ու շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէր։ Այս ընկերոջս հետ կապս սկսած է 1945 թուականէն ու կը պահուի առ այսօր։ Լաւ զաւակներ ու թոռներ ունի, իսկ կինը՝ Մարօն, որ լաւ ասմունքել գիտէ, անշուշտ հայերէն, իմ ազգականս է։

Նոր զանգ մը ուշադրութիւնս գրաւեց: Խօսողը Պէյրութէն գրահըրատարակիչ Արմէն 3արութիւնեանն էր: Ան զիս կ՚ըուրախացնէր յայտնելով, թէ շուտով Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ Գէորգ Եազըճեանի (պատմաբանութեան թեկնածու) խմբագրութեամբ այն գիրքը, ուր համախմբուած են Լեւոն Հախվերդեանի Արմէնին դրած նամակները եւ փոխադարձաբար Արմէնին գրած նամակները Լեւոնին: Ուրախալի լուր էր:

Մեզ այցելեցին Հ.Բ.Ը Միութեան նախորդ ատենապետ՝ Մելքոն Շամամեանն Զատիկ Գուչեանը։ Հաճելի խօսակցոսթիւն ունեցանք:

Ապրիլ 16, 2008

Օրեր առաջ, երբ այցելութեան եկած էին Երուանդ Ճեպեճեանն ու իր ազնիւ տիկինը՝ Հերմինէն, որոնց ընկերակցած էր քաղցր ձայն ունեցող Մամի Արոյեանը, եւ ուր ներկայ էր նաեւ Ճեպեճեաններու խնամի Յովհաննէս Էքմէքճեանը, որ օր մը առաջ հեռաձայնով հարցուցած էր, թէ ինչո՞վ կրնար զիս ուրախացնել: Ես պատասխանած էի, որ անցեալին լաւ պատմութիւն մը գրած էր, նոր պատմուածքով մը կրնար զիս գոհ ձգեր: Յովհաննէսը կատարած էր իր խոստումը: Կարդաց իր գրածը ել բոլորս ուրախացուց: Նոյն խնդրանքը ներկայացուցած էի բանաստեղծ Յարութ Վարդանեանին (Յարվարդ), որ նոյնպէս կատարած էր խոստումն ու թոռնիկիս՝ Նանորին յանձնած նոր գրած քերթուածը:

Երկու գրութիւններն ալ կ’ուզեմ ներկայացնել:


ԱՐԱԳ ԽՈՍՏՈՒՄ

Հազուագիւտ են այն առատախօսները, որոնց հաճոյքով կը լսես։

Հազուագիւտ են այն առատախօսները, որոնք երկար խօսելով հանդերձ որակի անկում չեն արձանագրեր իրենց արտայայտութիւններուն մէջ։

Հազուագիւտ են այն առատախօսները, որոնց յաջորդող սակաւախօսներուն խօսքը երկար կը թուի։

Ահաւասիկ այդ հազուագիւտներէն մէկն է, Մեսրոպի ծառայ, գրող, մտաւորական (ամէն գրող մտաւորական չէ), ազգային գործիչն ու երբեմն ալ բժիշկ Թորոս Թորանեանը։

Վերջերս կը լսեմ, որ ան ծանր հիւանդ է, ութսունի մէջ եղող մէկու մը համար բնական է կ՚ըսեմ, որպէս առաջին հակազդեցութիւն լսածիս, սակայն կը պնդեն թէ լուրջ է վիճակը, ուստի կը նեղուիմ, որպէս երկրորդ հակազդեցութիւն։ Քանի մը օր ետք կը հանդիպիմ Արա Թորոսի Թորանեանին, շնորհալի երիտասարդ դերասանին, որ կը շտապէր հասնիլ թատերական իր ամենօրեայ փորձերէն մէկուն։

― Բարեւ, Արա,― կ՚ըսեմ,― ինչպէ՞ս եղաւ հայրիկը։

― Փառք Աստուծոյ, լաւ է։

― Լաւ ուրեմն, վաղը կը զանգեմ եւ կը խօսիմ հետը։

― Յաջորդ օրը կը զանգեմ։ Յոգնած բայց յստակ ձայն մը կը լսեմ։

― Այո:

― Բարեւ, տոքթոր, անցած ըլլայ։ Յովհաննէսն է խօսողը։

― Այո, Յովհաննէս, լա՞ւ ես, ընտանիքդ, զաւակներդ լա՞ւ են։

― Տոքթոր, ես զանգեցի, որ ձեր որպիսութիւնը հարցնեմ։ Մերինները բոլորն ալ լաւ են, ձեռքդ կը համբուրեն։

― Շնորհակալ եմ, Յովհաննէս, ես լաւ եմ, փառք Աստուծոյ, շուտով ոտքի կ՚ելլեմ։

― Շատ լաւ, շատ բարի,― կ՚ուրախանամ, կ՚ուզեմ կրճատել խօսակցութիւնը,― լաւ տոքթոր, եթէ բանի մը պէտք ունենաս, մի տաամսիր, պահանջէ։

― Այո, ունիմ,― կ՚ըսէ բժիշկը, հետաքրքրութիւնս լարելով,― կ՚ուզեմ որ այսօր իսկ պատմուածք մը գրես, անպայման, կը խոստանա՞ս...

Ակնթարթի մը մէջ առանց մտածելու։

― Այո, կը խոստանամ,― կը պատասխանեմ, ինչպէս որ մէկը առանց մտածելու կը վազէ հիւանդին դեղ բերելու։

Իսկապէս, ամէն հիւանդ իր հիւանդութեան համեմատ դեղեր կ՚ընդունի։ Այս մարդուն բժիշկ Թորոս Թորանեանին սնունդն ու դեղը եղած են հայ լեզուն ու գրականութիւնը։

Այս մարդուն մարմինն ու հոգին մնացին անարատ, որովհետեւ ան կը սնանի միայն Մեսրոպեան տառերով։

Բարի ապաքինում բժիշկ։

Խոստումս կատարեցի։

4.4.2008 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ
ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ


Արդէն իսկ ապաքինած
Մեծն Թորոս Թորանեանին

աստղերուդ չափ չսիրես
միայն գիշերը կը փայլին
երկինքը գուցէ եւ առտու
հանէ կապոյտը վրայէն

թափթփող տերեւներուս
ցրւումին նման չսիրես
անտառս լոկ այնտեղ չէ
որ քամիին կը մերկանայ

ոչ ալ սիրէ ծովեզրի
աւազահատիկներուս չափ
օգոստոսէդ առաջ ու յետ
կը կիզեմ քեզ - կիսամերկ ես

ես աստղերդ կը պարփակեմ
տերեւներով անեղանակ
սիրէ զիս մերկ եդեմօրէն
աւազաժամէ անջատ

ՅԱՐՎԱՐԴ 08

...Յարվարդի հայրը՝ կարպիս Վարդանեան, յաճախակի հետքրքրութիւններով անձիս առողջական վիճակին մասին, զիս ուրախացուցած էր։

Անակնկալ չէր քրոջս՝ Մաքրուհիին գանգը Միացեալ նահանգներին, Յուզուած էր, բայց լաւատես։

Այդ բոլորը ինծի համար աշխարհ մըն էր:

Քոյրս որոշած էր վերջնականապէս մեկնիլ Հայաստան: Ուրեմն դժուար երկիր գտցողներ կ’ըլլան...

Ազգային Մշակութային Միութեան այժմու ատենապետ Եղիա Գրիգորեանը, համեստ, գրականութենէ հասկցող, գիտական մտածողութիւն ունեցող երիտասարդ մըն է, որուն ջերմ մաղթանքները վասն առողջութեանս յուզեցին զիս։ Կարծես իրեն պարտական մնացի։

Հալէպի Թէքէեան Միութեան վարչականներէն՝ Լեւոն Պլըգեանը, բարեկամի մը միջոցով առողջութեան մաղթանքներ ղրկած էր ինծի, որուն համար շնորհակալ եղայ։ Նոյնպիսի մաղթանքներ ղրկած էր ինծի Ազգ. Առաջնորդարանի քարտուղար Վիգէն Մարաշլեանը, բանաստեղծ Արմէն Անոյշի որդին։ Այդ ալ չեմ մոռնար...

Ընդունեցինք այցելութիւնը Հ.Բ.Ը.Միութեան Տիկնանց յանձնախումբին՝ ծաղկեկողովով։ Մեր զրոյցը Միութեան մասին էր։ Շնորհակալ եղայ:

Ջերմ մաղթանքներ ղրկած էին նոյնպէս Առաջնորդարանի քարտուղարներէն Մարալ Տիքպիքեանը եւ իր մելգոնեանցի մայրը՝ էօժէնի Շարոյեանը։ Այս վերջինը կատաղի ընթերցող մըն է հայ գրականութեան։

Մեծ թոռնիկներուս՝ Նուշիկին՝ եւ Նանորին մշտաժպիտ խօսքը զիս կը պահէ արթուն։

Օրերս բեմադրիչ Մանուէլ Քէշիշեան չորս պատմուածքներու բեմադրութիւնը կը պատրաստուի ներկայացնել։ Հաւանաբար այս գործին մէջ նոր խօսք ըլլայ, ուստի կը շնորհաւորեմ մեր բարեկամը։

Նուշիկին խօսքով ու ժպիտով Սան Ֆրանսիսքօն որչա՜փ մօտեցաւ Հալէպին։ Երեկոյեան յատուկ ժամադրութեամբ, մեր տան մէջ հաճոյքն ունեցայ ընդունելու տոքթ. Աբրահամ Երէցեանը իր ֆրանսուհի տիկնոջ՝ Միշէլին հետ, որ տարիներ ամբողջ գեղազարդած էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի շատ մը ձեռնարկները իր մելանոյշ ձայնով, հայերէն երգելով։ Նաեւ մեր Եագուպիէի գաղութը հարստացուցած է չորս մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներով։ Ինծի համար ուրախութիւն էր հանդիպիլ իրենց հետ, մանաւանդ որ բժիշկը տարիներով աշխատելէ ետք իր ծննդավայր՝ Եագուպիէի պատմութեան վրայ, ուր կը հաստատէ հայերու, այդ շրջանին մէջ կղզեակներ կազմելու փաստը։ Բժիշկին հայրը եղած է կարծր հայ մը եւ իր զաւակը ժամանակին ղրկած է Հալէպ, հայերէն սորվելու համար եւ այդ հայ բժիշկն է, որ իր զաւակներով ու թոռներով արաբախօս Եագուպիէի հայերը հայախօսի վերածեց։

Հիմա մենք Եագուպիէի մասին այդ գիրքը ունինք, որպէս փաստաթուղթ: Քիչ է շնորհակալ ըլլալ իրեն։ Ան երկար տարիներ մեծ ծառայութիւներ մատուցած է ոչ միայն Հ.Բ.Ը Միութեան, այլեւ Նոր Գիւղի Կիւլպէնկեան ծննդատան։ Այսօր ալ, իր յառաջացեալ տարիքին, բժիշկը պատրաստ է իր օժանդակութիւնը չզլանալու որեւէ հայկական ձեռնարկի։

Հաճելի էր ինծի համար լսել տիկին Միշէլի խօսքը, որ կը պատմէր թէ, վերջերս իրենց ընտանեկան գրադարանը վերադասաւորելու ժամանակ յայտնաբերած էր որ իրենց գիրքերուն մէջ զգալիօրէն մեծ տոկոս կը կազմեն Թորոս Թորանեանին հրատարակած գիրքերը:

Կ՚ուզէինք շարունակել խօսակցութիւնը, բայց ի տարբերութիւն շատերու, նրբանկատօրէն կրճատեցին իրենց այցելութիւնը յանուն հանգիստիս։ Մերինը եղաւ սիրալիր բաժանում։ Հիմա պիտի խօսիմ 70 տարիներու հեռաւորութենէ ինծի նայող դասընկերոջ մը մասին։ Ամենամեծ բանալին որ ես եւ Յարութիւն Մուղալեանը միասին ունեցանք՝ հայոց Այբ-Բեն֊Գիմն Էր, ՀալԷպի Ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ: Գրեթէ չեմ հանդիպած հայ մարդու մը, որ Մուղալեանի նման տասնեակ տարիներով նուիրումով ծառայէ իր հիւանդ կնոջը: Միայն իտալական թատերական գրականութեան մէջ հանդիպած եմ թատերագիր Լուիճի Փիրանտելլոյի անունին, որ իր հոգեկան ծանր հիւանդութեամբ տառապող կինը խնամեց մինչեւ մահ։ Զարմանալի զուգադիպութեամբ Յարութիւնի երէց որդին ալ բեմադրիչ էր եւ Յարութիւնը կրցաւ խիզախօրէն տոկալ անոր կորուստին: Այդ իմաստով խիստ օրինակելիք մարդ մը մնաց դասընկերս, որ քիչ առաջ զանգահարեց ինծի Պէյրութէն։ Իր վերջին խօսքերը ներշնչող էին եւ ինքն էր որ զիս կը քաջալերէր։ Այսպիսի մարդիկ ալ կան։

Յաջորդ հեռախօսը ստացայ տէր եւ տիկին Ժագլին եւ Սարգիս Գավլագեաններէն, որոնք գաղութիս հայ կաթողիկէ շրջանակին մէջ տասնամեակներով աշխատած են, հայեցիութիւնը ամրապնդելով իրենց շրջանակին մէջ: Հաճելի էր լսել զիրենք:

Օրը աւարտին հասաւ հայրենական կայքէջերէն մէկուն ընթերցմամբ, ուր կըհնչէր «Ժամանակ» օրաթերթին ձայնը: Երկար էր, բայց համբերութեամբ կարդացինք։ Զանգը հնչեց։ Չինաստանէն խօսողը մելգոնեանցի Ճէք Մըխսեանն էր, որ իր եւ իր չինացի կնոջ անունով բարեմաղթութիւններ կ՚ընէր, աւելցնելով թէ իրենց կը միանար Երջանիկ Սամուէլեանը՝ Հանգ–ծուէն։


Ապրիլ 17, 2008

Անդադրում զանգերէն մէկն ալ հնչեց։ Խօսողը Հայաստանի սփիւռքահայ նախկին ուսանողներէն մէկն էր։ Աշխոյժ, ընտանեօք ազգին նուիրուած տիպար ընտանիք մը։

Արթինեանին հօրը հետ ծանօթացայ, երբ Պէյրութ կը բնակէի։ Տղան՝ Յովսէփը, իր կեանքին բոլոր օրերը նուիրած էր հայ ազատագրական պայքարին, որուն մէկ համեստ զինուորն էր իր կարգին: Մէկ խօսքով Յովսէփը կը պատկանի տեսլապաշտ այն տղոց փաղանգին, որոնք մահը աչք առած, նուիրուեցան այս սուրբ պայքարին: Ասոնք անոնք էին, որ «Ոչ» ըսին ստրկամտութեան... Չկարծէք թէ Հալէպի մէջ հեռախօս չկայ: Հալէպէն ալ լսեցի տասնեակներով ձայներ: Այսօր ինծի փութեռանդ առողջութիւն կը մաղթէր Սալբի Գասպարեանը, որ մեր հայ լրագրութեան մէջ անուն մըն է այսօր։ Խիզախ, ըսելիքը շիտկէ-շիտակ ըսող աղջիկ մըն է ան, որուն ոճը ոչ բոլորին կողմէ կը գնահատուի։ Բայց ան իր ըսելիքը ըսած կը’լլայ, ինչպէս կըսէ Արմէն Յարութիւնեանը։ Մենք տարագրութեան մէջ պէտք ունինք ոչ թէ ողոքողներու, այլ խիզախ ախտաճանաչումներ կատարողներու։ Անոնցմէ մէկն է Սալբին։

Չմոռնամ ըսելու, որ առաւօտս բացուեցաւ Նուշիկին մէկ հարցումով.

— Պապի ջան, ո՞նց ես...

Նոյն հարցը եկաւ քրոջմէն՝ Նանորէն։

— Պապի, այսօր մենք միասին պիտի ճաշենք, Կարոյին հետ:


Ապրիլ 18, 2008

Մէկ անգամ տեսած էի այս երեւանցի հայուհին Հալէպի մէջ: Գիրքերէս մէկը մակագրած էի իրեն: Եվ ահա իր կողմէ հեռախօսազանգ մը ինծի Երեւանէն, ուր քաջառողջութիւն կը մաղթէր։

Ահա պարզ գիրքի մը առիթով յարգալիր եւ ուշադիր վերաբերմունք: Այսպէս պէտք է ըլլայ հայուհին։

Սարգիս Քէշիշեանը 70ականներէն սկսեալ բարեկամս է։ Հայ կաթողիկէ, քաղցրահունչ ձայնով մարդ մը, որ տարիներէ ի վեր «Քընար» երգչախումբին տեւականութեան կը ծառայէ Դամասկոսի մէջ: Հայ երգն է իր ուղեցոյցը, որուն ընտանեօք կը ծառայեն։ Երրորդ անգամն է, որ որպիսութիւնս կը հարցնէ։ Ահա ուրիշ Սարգիսի մը կանչը, նոյն Դամասկոսէն, որ յայտնի է «Օրթախ» ծածկանունով. մականունը՝ Գազանճեան։ Շրջանաւարտ եղած է Դամասկոսի համալսարանէն, որպէս ատամնաբոյժ ու փոխանակ մարդոց ատամները բուժելու, զբաղեցաւ երաժշտական գործիքներու վաճառքով, մարդոց սիրել տալով երաժշտութիւնը։ Այս ալ ապրելու ինքնուրոյն եղանակ մըն է։ Սարգիսը նոյնքան հետաքրքրուած է ազգային հարցերով։

Յանկարծ զանգեց Սուրիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Միրիաթեան հոգեւոր տէրը: Արկածի օրերուս Հռոմ ըլլալով, նոր վերադարձած էր ու խոստացաւ առողջութեանս համար աղօթել։ Ազգին նուիրուած կրօնաւոր մըն է։ Զինք ճանչցած եմ Հռոմի իր ուսանողական օրերուն ու մեր բարեկամութիւնը կը շարունակվի առ այսօր:

Մեր արաբ հարեւանին իրական անունը Ահմատ Ղաննում է, բայց տրուած ըլլալով, որ արաբներուն քով սովորութիւն է իրենց անդրանիկ զաւակին անունով կոչուիլ, զինք կը կանչեն Ապու Պաշշար, որ հայերէնով թարգմանի՝ Աւետիսի հայր:

Երէկ մեր տան խոհանոցէն մէջ անհաճոյ երեւոյթ մը պարզուած էր։ Լուացարանի խողովակները իրենց ապրելու շրջանը սպառած ըլլալով, խոհանոցը ողողուած էր ջուրերով։ Եկաւ այս արաբ բարեկամս մեր տուն ու անմիջապէս մեկնեցաւ քաղաք եւ համապատասխան արհեստաւորին դիմելով, մաքրագործեց ամէն ինչ։ Ահա այս է բարեկամութիւնը։

Արամ Աեփէթճեանը լուր մը տուաւ ինծի, ուրախացայ ճիշդը: Լուրը Զարթօնք թերթի վերահրատարակման մասին էր։ Հայերէն թերթի մը հրատարակութիւնը ուրախութիւն կը պարգեւէ ինծի, իսկ փակումը՝ կարծես 10.000 հոգի գնդակահարուած ըլլան:

Երեւանէն նոր կանչ: Խօսողը բեմադրիչ Նիկողայոս Ծատուրեանին տիկինն էր՝ Սեդան։ Երբ Նիկողայոս ըսեմ, կը յիշեմ Վարդան Աճէմեանը, որովհետեւ Նիկողայոսը անոր հասցուցած աշակերտներէն է, որ անուն ունեցող բեմադրիչ է այսօր:

Աւստրալիայէն զանգեցին Սարգիս եւ Լիւսի Արոյեանները, նոյնպէս քոյրս՝ Ժանէթը, Սիտնիէն՝ դեղագործ Վահէն։ Լեւոնն ու տիկինը նամակ գրեցին։

Արոյեանները երկրորդ անգամ զանգեցին Երեւանէն:


Ապրիլ19, 2008

Երեկոյեան ուշ ժամուն զրնգաց ընկալուչս։ Վերցուցի:

Խօսողը Արաքսին Էր: Ազգին լիովին նուիրուած մայր մը՝ Գրիգոր Շահինեանին տիկինը։ Օրինակելի հայ ընտանիք, որ մեծցուցին երեք դուստր, մէկը միւսէն խելացի մեր մշակոյթին նուիրուած երեխաներ: Անոնցմէ մէկը արդէն տիրացած վարպետ գրադարանավարութեան բարձրագոյն տիտղոսին՝ Ֆրանսայի մէջ: Իրենց տունը է ու կը մնայ հայ մտաւորականութեան հանդիպման վայրերէն մէկը Պէյրութի մէջ: Հոն է որ ես ծանօթացած եմ շատ մը հայ մտաւորականներու։ Գրիգոր Շահինեան ինքզինք կը դաւանի որպէս մանկավարժ։ Իրաւունք ունի, բայց ան միայն մանկավարժ չէ։ Կրնամ ըսել թէ գլխագիրով գրուելիք գրականագէտ է։ Հեղինակած է բազմաթիւ դիրքեր ֆրանսերէնով եւ հայերէնով, նաեւ բառարաններ։ Հայ գրականութիւնը ֆրանսախօս հասարակութեան ծանօթացնելու համար հրատարակած է հայ հնագոյն եւ նորագոյն գրականութեան նմոյշներով առլի գործ ու ի վերայ այսր ամենայնի, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տնօրինած է հայ դպրոցներու համար ուսուցիչներ պատրաստելու անհըրաժեշտագոյն գործը։ Այդ մանկավարժական հաստատութեան մէջ պատրաստուեցան տասնեակներով գիրքեր։ Գր.Շահինեանը մեր օրերու Յովհաննէս Հնդլեանը եղաւ, կամ Ռէթէոս Պէրպէրեանը: Այս հաստատութիւնը կոչուեցաւ նուիրատուին՝ փրոֆ. Խաշեր Գալուստեանին անունով: Ան նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն բերած էր այս հաստատութեան:

Այս երեւոյթը բաւարար չէ՞, որ Գր. Շահինեան ինքզինքը հռչակէ սոսկ մանկավարժ։ Ան տարիներով հրատարակեց նաեւ «Ահեկան» գրական պարբերականը, հասցնելով քանի մը նորեր: Գրական պարբերական մը եթէ չվերածուի շարժումի, չի կրնար մեծ արգասիք մը տալ։ «Ահեկան»ը երեւոյթ է ու շարժում։ Այս բոլորին հետ Շահինեան լաւ դասախօս է: Ան տարիներով դասախօսած է Լիբանանի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, շարունակելով իր ուսուցիչներուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի գործը։ Ահա, ասոնց շարքին կրնանք ըսել որ ինք մեր Սասունցի Դաւիթ ժողովրդային բանահիւսութեան մեծ ծառայութիւն մատոյց, այս նիւթին շուրջ դասախօսելով տասնամեակներ։

Կը տեսնէք նիւթերու զանազանութիւնը: Դուք որոշեցէք անոր տեղը մեր իրականութեան մէջ: Գր․ Շահինեանը դոկտորական տիտղոսին արժանացած է թէ Փարիզէն, թէ Երեւանէն: Անշուշտ, այս միջոցին, երբ կը խօսիմ իր մասին, պէտք է ըսեմ թէ իմ արկածիս առիթով ցնցուած էր Գրիգորը եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց։

Զանգեց Միհրան Մինասեանը, թէ իր կինը Այտա Մինասեանը հրատարակած է քանի մը մանկա-պատանեկան գիրքեր։ Ասիկա մեծ ուրախութիւն պատճառեց ինծի։ Նման ընտանիքներու մէջ է, որ մեր նոր ժմնող երեխաները կը մեծնան հայրենասիրական ոգիով։ Այտա եւ Միհրան Մինասեաններուն երկու դուստրերը ասմունքողներ են։

Զանգեց ակնաբույժ Մինաս Ադամեանը, որուն մէկ խօսքը զիս յուզեց։ Ան ըսաւ․ «Թորոս, ջանս, շուտ աղէկցիր, որպէսզի ես չհիւանդանամ»։ Գիտեմ, անկեղծ էր։


Ապրիլ 20, 2008

Ամերիկայի Պոսթոն քաղաքէն ինծի այցելութեան եկաւ կնոջս քեռորդին՝ Ատոմ Ֆերմանեանը։ Ան, ատենին երբ Երեւան ուսանող էի, ինծի նամակներ կը յղէր Ափրիկէէն ըսելով․

— Թորոս ջան, շաբաթը անգամ մը դուռս կը զարնես։ Ուրախութեամբ կը բանամ․․․ Եղածը ի՞նչ է, գիտէ՞ք։ Ան Ափրիկէի մէջ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» թերթին հետեւորդ մըն էր։ Ուստի ըսուածը թարգմանեցէք՝ շաբաթը անգամ մը ես քու յօդուածներդ կը կարդամ։ Իրարու արեւշատութիւն մաղթեցինք, իր կինը ամերիկուհի է։ Չեմ գիտեր, թէ իրենց զաւակները որքան ալ տիտղոսներ ունենան հայութեան պիտի կարենա՞ն ծառայել։


Ապրիլ 22, 2008

Զանգած է Զաւէն Հալէպլեանը։ Ափսոս, քնացած էի։ Հիմա աչքերուս առջեւ կը ներկայանայ Զաւէնին հայրը Լեւոն Հալէպլեան։ Յատկանշական մէկ բան կը յիշեմ անոր կեանքէն: «Արարատ» օրաթերթի մոլի ընթերցող էր։ Փողոցին մէջ այդ օրերու մեր արուարձանին՝ Տաւուտիէին, կը կարդար եւ ամէն անգամ իր մօտէն կ՚անցնէի, կ՚ըսէր.

— Թորոս, տղաս, քիչ մըն ալ դուն կարդա՛:

Իր միտքը ինծի այդ թերթը կարդալ տալն էր։

Հնչակեաններու, Պէյրութ լոյս տեսնող պաշտօնաթերթն էր, որ կը մնայ այդպիսին: Ուրեմն Զաւէնը ընթերցող մարդու զաւակ էր։ Ան հասակ առաւ, ձեւով մը հետեւեցաւ հօրը գործերուն, դարձաւ ինքնաբաւ, ամուսնացաւ իրանահայ Անահիտին հետ, բախտաւորուեցաւ երկու աղջիկ զաւակներով, որոնք այսօր համալսարանական են։ Ցած ձայնով ըսեմ, Զաւէնը անաղմուկ նուիրատուութիւններ կը կատարէ հայ դպրոցի մը՝ Կիլիկեանին, նաեւ ազգասիրական այլ գործեր։ Զինք չտեսայ, բայց ուրախացայ որ զանգած է ինծի:

Յակոբ Սարգիսեանը ինձմէ քանի մը տարի փոքր, պատանեկութեան ընկերներէս է: Բանաստեղծ տղայ է, որուն առաջին գիրքն է՝ «Մկրատի Շեղբին Վրայ», հրատարակման մէջ իմ դերս մեծ եղաւ։ Համալսարանական ուսումի տիրացաւ, երկու տղայ զաւակ մեծցուց Ժընեւի մէջ։ Ժընեւի մէջ հայերէն խօսողները դուրսէն եկողները կ՚ըլլան, հոն ծնածները չեն գիտեր իրենց մայրենի լեզուն։

Ձայնեց ինծի եւ ուզեց մանրամասն իմանալ ինծի հետ պատահածը։ Հակառակ ամէն ինչի, կը մնայ խանդավառ Հայաստանով։ Մենք կը շարունակենք իրար հետ զրուցել...

Երբ Արաքսի Վիզոյեան ըսեմ, աչքերուս առջեւ կու գայ իր ամուսինը, որ ծագումով հնչակէան էր, բայց դարձաւ ռամկավար ու իր կուսակից աղջիկներէն Արաքսիին հետ ամուսնացաւ։

Խանդավառ զույգ մըն էին, բայց ափսոս որ կարպիսը շուտ մեկնեցաւ աշխարհէն։

Արաքսին գիտցաւ գրիչ բռնել եւ հեղինակել արձակ հատոր մը, որ կը պատկերացնէ իր կեանքի պաղեստինեան օրերը։ Շէն ու շէնցնող աղջիկ մըն է Արաքսին եւ արդէն ունի հինգ թոռ։

Նուշիկը իր ձայնով ամէն օր կը լուսաւորէ մեր տունը «բարի լոյս» ըսելով։ Ապրիլ 23, 2008

Աղջկանս երկու ընկերուհիները այցելեցին մեզ: Պէյրութէն՝ Սիլվա եւ Նելլի Սարեանները, շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով ինծի։ Ես անոնց ծնողները կը ճանչնամ, մայր, մեծ մայր... եւ ահա հայեցի դաստիարակութեամբ ուսանելէ ետք, հայ ընտանեկան տաքուկ բոյներ կազմելէ ետք, ծնունդ տուին բոյլ մը երեխաներու, որոնք նոյնպէս հայեցի դաստիարակութիւն ստացան, բայց յետոյ, ահա կը լսեմ, թէ այդ երեխաները պատրաստուած են բարձրագոյն ուսում ստանալու համար եւ եղած է այնպէս, որ անոնցմէ մին օտար ամուսնութիւն կնքած է: Սփիւռքը ինչպէ՞ս պայքարի այս հողմավար կացութեան դէմ։

Նոյն օրուան ընթացքին մեզ այցելեցին նաեւ, 1945էն ի վեր ինծի ընկեր, մելգոնեանցի Ասատուր Մեսրոպեանը, իր տիկնոջ էլոյին հետ։ Խարբերդի հայ հողէն ծնած, խարբերդցի երկու հայեր: Աղմկալի այցելութիւն մըն էր։ Եկած էին ամբողջական առողջութիւն մաղթելու ինծի, բայց աւելի շատ խօսեցանք հին օրերէն, Հայաստանի այժմու վիճակէն եւ Սփիւռքի կացութենէն։ Եկած էին նաեւ շնորհալի քարդով մը հրաւիրելու մեզ իրենց միջնեկ դստեր, Մարալին ամուսնութեան, որ տեղի պիտի ունենար Մայիսի երեքին, Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ։ Ամուսնութիւն ընդմէջ խարբերդցի հայուհիի մը եւ իրլանտական արմատներ ունեցող պարոնի մը... ի՞նչ ընենք...

Ըսեմ նաեւ որ մելգոնեանցի Ասատուրին երեք աղջիկներն ալ շրջանաւարտ են Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն: Աւելցնեմ նաեւ, որ երեքն ալ աշխատասէր էին, մեր լեզուն ու պատմութիւնը իմացող հայուհիներ: Հիմա ըսէ՛ք, ի՞նչ ընենք... մեզ հետաքրքրողը արդիւնքն է։

Շարժապատկեր մըն է Սփիւռքը, որ աչքերուս առջեւէն կ՚անցնի իր րոլոր երկիրներով:

Որոշեցինք շնորհաւորել Մարալը իր իրլանտական ծագում ունեցող փեսացուին հետ...

Այսօր արկածահար վիճակիս 28րդ օրն է։ Ի ներկայութեան հարազատներուս, տասնեակ մը քայլ նետեցի... ուրեմն փրկութիւնը հեռու չէ, որ... դառնամ գրականութեան: Անին եւ իր ամուսինը՝ էդւարդ Գրիգորեանը, ինծի չափ ուրախ էին, քանի մը օր ետք պիտի մեկնէին Երեւան: Ըսին՝ Երեւան չգացած քալելդ տեսանք։

Մինչ Սան Ֆրանսիսքոյէն թոռնիկս գոչած էր` «Ուռռա՜»։ Ապրիլ 24, 2008

Առաւօտ կանուխ սկսանք հետեւիլ Հայաստանի հեռարձակումներուն, հոգիով գացինք Ծիծեռնակաբերդ, ծաղիկ դառնալ ուզեցինք մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն համար։ Մենք յիշեցինք նաեւ, որ 1915ի Ապրիլ 24ին տուինք մէկ ու կէս միլիոն նահատակ, ահա նոյն օրը ահաւոր լեռնանցքներու մէջ ու անապատներու վրայ ծնան բիւրաւոր հայեր... ծնունդ եւ մահ ընդխառնուեցան, յուշելու համար որ վերապրումը կայ։ Յիշեցինք նաեւ, որ մեր կարգ մը բարեկամները, յետագայ տասնամեակներուն ծնան Ապրիլ 24ի օրը: Ոմանց ծնունդը շնորհաւորեցինք։ Ուրեմն կեանքը պիտի շարունակուի... Լուսինէ Զաքարեանի արեգնաշունչ ձայնը մթնոլորտը յագեցուցած էր։ Օղակ առ օղակ ժողովուրդը կ՚ուղղուէր դէպի Ծիծեռնակաբերդ։ Հայոց բոլոր դասակարգերը հոն էին։ Իր մեծաթիւ հետեւորդներով հոն էր նաեւ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը։ Մենք ալ հոն էինք, կնոջս ու հարազատներուս հետ... հոգեպէս։

Ապրիլ 24ին մեզ այցելեց գերանկարիչ Հրազդան Թոքմաջեանը, իր կնոջ, դստեր եւ տիկին Սեդային հետ։ Անոնք արագ ապաքինում մաղթեցին ինծի ու զարմանալի ոգեւորութեամբ, այդ րոպէին ես, ելլելով մահճակալէս, երկրորդ անգամ քալելու սկսայ, արկածահար ըլլալէս մէկ ամիս յետոյ։ Ես գիտէի որ գեղանկարիչը վերջերս առիթը ունեցած էր մեկնելու Թուրքիոյ Այնթապ քաղաքը եւ մանրակրկիտ լուսանկարելու այնթապահայերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որուն ճարտարապետը Սարգիս Պալեանն էր։ էս ծրագիր ունէի այս մասին գրքոյկ մը հրատարակել։ Ծրագիրս յայտնեցի իրեն ու մենք պայմանաւորուեցանք, որ առ այդ Հրազդանը կարելին պիտի ընէ։

Իմ քալելը ուրախութեան ծափեր խլեց ներկաներէն, նոր տեսակցութիւններու յոյսով բաժնուեցանք իրարմէ...

Անշուշտ այցելութիւնները կը շարունակուին։ Բոլորը չէ որ նօթ կ՚առնեմ:


Ապրիլ 25, 2008

Տհաճ այցելութիւն մը ընդունեցինք։ Համակրելի տիկին մըն էր, որ երեք ժամ անդադար խօսեցաւ... Ես մտածեցի՝ «Տէր Աստուած, այսքան անզօր ըլլալդ չէի գիտեր...»։ Ապրիլ 26, 2008

Զանգը հնչեց դարձեալ, խօսողը յուզուած կ՚երեւէր: Հասկցայ որ Յովհաննէս Գալմաճեանն էր: Քիչ յետոյ խօսեցաւ նաեւ կինը: Միութենական զոյգ մըն էին, ունեցան երեք զաւակ՝ Անդրանիկ, Պարոյր, Սեւակ։ Կարճ խօսեցան, նոր լսած էին, դէպքէն ուղիղ մէկ ամիս յետոյ: Ուրեմն բան մը հասկցա՞ր Հալէպի վիճակէն, ուր մարդիկ հիւանդին մասին մէկ ամիս ետք կը լսեն: Օգտակար զոյգ մըն են: Շնոըհակալութեամբ ընդունեցի իրենց բարեմաղթութիւնները:

Այլ զանգ մը եկաւ Պէյրութէն: Խօսողը Ալիսն էր, ծանօթ գրագէտ Զօհրապ Գիրէջեանի տիկինը։ Նախ կ՚ըսէր թէ նոր լսած է պատահածը, յետոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէր իր ամուսինին գիրքը գրախօսած ըլլալուս համար, «Կամար»ի թիւ 5ին մէջ: Յետոյ կը յայտնէր թէ շփացուցած եմ իր ամուսինը։ Ալիսը հեռախօսը փոխանցեց ամուսնոյն։ Զօհրապը ձայնալարերու գործողութեան մը ենթարկուած էր։ Երբ լսեցի Զօհրապին ձայնը, յուզուողը ես եղայ։ Զոհրապը նոյնպէս շնորհակալութիւն կը յայտնէր գրածս գրախօսականին համար: Ըսի.– Սիրելի Զօհրապ, դուն գիրք մը գրած ես բազմահարիւր Էջերով, ես ընդամէնը քանի մը էջ գրած եմ այդ մասին։

Աւելորդ չէ ըսել, որ Ալիսը քոյրն է Պետրոս Թէրզեանի, տղայ մը որ ազգին նուիրած է իր ամբողջ կեանքը, ըլլալով «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Եւրոպայի գլխաւոր տնօրէնը: Պետրոսը քարիւղի մասնագէտ է եւ Ֆրանսայի մէջ կը հրատարակէ երկու անուն ամսագիր քարիւղի մասնագիտութեան շուրջ։ Ահա մարդիկ, որոնք գիտեն իրենց ուժը տրամադրել ազգին, մէկը գրականութեամբ, միւսը իր մասնագիտութեան մէջ։

Կ՚ուզեմ յիշել տալ նաեւ, որ Պետրոս Թէրզեանը երբ Պէյրութ կը բնակէր, «Երիտասարդ Հայ» պարբերականի ամենախանդավառ մասնակիցներէն էր։

Դարձեալ ընդունեցի այցելութիւնը Մելքոն Շամամեանին, ընկերակցութեամբը՝ Ներսէս Գարամանուկեանին։ Երկար խօսեցանք գաղութը հետաքրքրող հարցերու շուրջ։

Այլ անակնկալ, Զատիկ Գուշեանը շուրջ յիսուն հոգի բերած էր մեզի ՀԵԸ-ի սկաուտներէն։

Անոնց խօսեցայ Սարդարապատի մեր յաղթական կռիւներուն մասին, որ համաժողովրդային գրոհ մըն էր, յաղթանակով պսակուած եւ որուն ծնունդն էր Հայաստանի Առաջին անկախութիւնը:

Ֆիլատելֆիայէն թէ Ուաշինկթըն Տի ՍիԷն զանգեց խմբավար Արսէն Սայեանը, հայ երգի ժրաջան սերմնարանը:

Զանգեց Գահիրէի Օննիկին տիկինը՝ Տիկ. Ալիսը, մաղթելով քաջառողջութիւն: Գահիրէի մէջ իր ամուսինին՝ Օննիկին մասին գիրք մը հրատարակած է։

Քանիցս Պէյրութէն զանգեց ճարտարապետ Մկրտիչ Պուլտուգեանը, որ տարիներէ ի վեր համացանցի միջոցաւ աշխարհին կը ծանօթացնէ հայուն մեծագործութիւնները: Ան ըսաւ.– Թորոս ջան, ե՞րբ Պէյրութ պիտի գաս:

Հոս վերջ կու տամ գրութեանս ըսելու համար, որ սրտագինս շնորհակալ եմ անոնց, որոնք աշխարհի բոլոր կողմերէն, զանազան միջոցներով ինծի շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին:

Այս տետրակը աղջիկս՝ Անին նուիրած էր ինծի, թող ներէ, որ ինծի ձօնած խօսքը, որպէս յառաջաբան կը գործածեմ այստեղ:


Մայիսի 9, 2008

Մեծարգոյ, թանկագին Տոքթոր,

Չկարծես, որ ուղղագրական սխալ մը թոյլ տուի Տոքթորը մեծառատառով գրելով։ Քաւ լիցի։

Դուն, նախ եւ առաջ, ինծի համար սիրելի անձ մըն ես, բարի տոքթորս. դուն, կ՚ուրախանաս երբ ոեւէ մէկը գրէ, ոչ միայն կ՚ուրախանաս, այլ կը մղես գրելու, նոյնիսկ եթէ քեզմէ լաւ պիտի գրէ, որովհետեւ հայ գրականութեան հարստութիւնն է քեզ յուզողը, անկախ թէ ո՞վ է հարստացնողը։ Ահա ինծի համար չափազանց անհըրաժեշտ եւ կարեւոր պատճառ մը քեզ սիրելու եւ յարգելու։

Յաճախ կ՚ըսեն թէ տոքթորը պայուսակին մէջ գիրք լեցուցած խանութէ խանութ կը պտըտի, տունէ-տուն, գրասենեակէ գրասենեակ կը փութայ։ Անոնք կը մոռնան յաճախ, որ տոքթորը ուրիշ հեղինակի մը գիրքը կը ստիպէ գնել, որուն փոխարժէքը երբեմն նախօրօք վճարած կ՚ըլլայ։ «Յաճախ» բառը շատ կը վայելէ քեզի, սիրելի, թանկագին մարդ։

Այստեղ ալ դիտումնաւոր «մարդ»ը գլխագիր չեմ գրեր, որովհետեւ կը հաւատամ, որ Աստուծոյ պատկերը կրողը պարզապէս մարդ պէտք է ըլլայ, ապա թէ ոչ իրաւունք չունի այս գոյական-ածականը կրելու։

Վերադառնամ «յաճախ»ին։ Յաճախ կը լսենք քու արտասանած բառերդ «Վերջացուր գիրքդ, տպեմ», կամ, «Գրէ, ես կը տպեմ»... եւ այս խօսքը քու կողմէդ շատ շատերուն կ՚ուղղուի, վկայ քու արդէն իսկ հրատարակած ոչ հեղինակային գիրքերը:

Քաջալերել բոլորը, քու կողմէդ չյայտարարուած սկզբունք մը, որուն կը հաւատամ, հաւատարիմ մնացած ես ամբողջ կեանքիդ ընթացքին։ Քեզի վայել այլ բառ մըն է «լաւատեսութիւն»ը: Քեզի պէս անուղղայ լաւատեսի շատ քիչ հանդիպած եմ, լաւ տոքթորս։ Հակառակ ամենօրեայ քեզի հանդէպ եղած անարդարութիւններուն։ Ի՜նչ լաւ է որ լաւատես ես, եւ մեզ ալ կը փորձես վարակել այդ լաւատեսութեամբդ։

Հապա ներողամտութի՞ւնդ։ Ի՜նչ շուտ մոռացութեան կու տաս, քեզի հանդէպ եղած ամէն վատ բան եւ ներողամտօրէն կը ժպտաս, կարծես դուն ներողութիւն խնդրելով, զարմանքի մատնելով հանդէպդ մեղանչողը։

Իսկ կամքդ, տոքթոր, ապառաժէ կամքդ, քեզ կ՚օժտէ անսահման համբերութեամբ, քեզ կը դարձնէ դիմացկուն, տոկացող. տոկացող ամէն ինչին մինչեւ որ յաղթահարես ամէն ինչ եւ թերեւս նաեւ ինքդ քեզ, պահելու, պահպանելու կեանքով շահած յատկութիւններդ։

Թոյլ պիտի չտամ գրելու ընտանիքիդ մասին, որուն մասին գրածներդ մէկ բան եզրակացնել կը ստիպեն։ ՀԱՍԿՆԱԼ, հասկնալ զաւակ բառին իմաստը, հասկնալ կին բառին իմաստը եւ ամուսին ըլլալու կերպը։

Ամէն անգամ որ քեզի այցելութեան գամ, կը մտածեմ, որ բան մը պէտք է գտնեմ, հիւանդի անկողնիդ մէջ քեզ մխիթարելու... եւ ամէն անգամ դուն կ՚ըլլաս զիս քաջալերողն ու մխիթարողը։ Այս ի՜նչ ուժի տէր արարած ես, Աստուած իմ։

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ գրեցի այս ամէնը քեզի։ Կարեւոր չէ։ Չեմ ալ ուզեր վերընթերցել գրածս, մոռցուած բան մը աւելցնելու կամ աւելորդ բառ մը ջնջելու համար։

Վերջակէտ կը դնեմ։ Վերջակէտ կը դնեմ, Աստուծմէ շնորհակալ ըլլալով, որ մեր ամէնուս համար տոքթորին նման հայ մարդ մը կայ մեր շուրջը, մեր կողքին, եւ որուն շրջանակը կ՚ընդլայնի ու կը տարածուի ընդգրկելու ամբողջ հայ աշխարհը, եւ որ նաեւ իմ բարեկամս է, որուն հետ ինքզինքիս կ՚արտօնեմ դուն-ով խօսելու, որովհետեւ ան ՄԵԾ է։

Մայիս 9, 2008
ՔԷՇԻՇԵԱՆ ՄԱՆՈՒԷԼ


Այս նամակով կ՚ուզեմ աւարտել օրագրութիւնս:

Այդ բարեկամս կայ, ես կամ, մենք բոլորս կանք։ Կանք որպէս մարդ, հայ մարդ եւ կը մտածենք արդեօ՞ք, եթէ դադրինք հայ ըլլալէ պիտի մնա՞նք, թէ տեղ մը անէանալով պիտի կորսուինք, եւ նոյնիսկ որպէս մարդ թերարժէք պիտի դառնանք։

Աշխարհի բոլոր ծայրերուն վրայ մենք երդուեալներ ենք, Երեւանի մէջ թէ Երեւանէն հեռու։ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Հայաստանի Նոր Այնթապ գիւղը, ինծի Երեւանէն ձայն տուող Եուրի Խաչատուրեանէն մինչեւ Յունաստանէն զանգող Զաւէն Գրիգորեանը եւ Լոս Անճելըսէն զանգող Յարութիւն Կարապետեանը եւ հայրենակցականի ատենապետ ութսունամեայ Տէմիրճեանը...:

Կը մտածեմ թէ օր մը եթէ ծովափէ մը նաւ մը վերցնենք եւ դէպի ծովուն բացերը նաւարկենք, ծովափին վրայ կանգնածներու աչքին քիչ յետոյ կէտի մը պիտի չվերածուի՞նք, աւելի ուշ անէանալու համար:

Բայց մենք երդուաելներ ենք։ Օդին մէջ, նաւերու վրայ թէ ցամաքի, հակառակ ովկիանոսներու մակընթացութեան եւ ցամաքի սամումներուն, պիտի մնանք հայ, հաւատարիմ մեր երդումին։

Վա՜յ այս երդման անհաւատարիմ դարձողներուն։ Քանզի անոնք պիտի նմանին այն արագիլին, որ կը բաժնուի իր երամէն ու ճախճախուտի մը մէջթաւալուելով անհետք պիտի կորսուի ել մոխրաբիծ մը անգամ պիտի չմնայ իրմէ։ Կրկին ու կրկին վա՜յ իր երամէն բաժնուող հայուն...

Շնորհակալ եմ բոլորէդ, զիս յիշողներ եւ չկարենալ յիշողներ։

Ես պիտի բուժուիմ։ Ինծի համար ամէնէն անհրաժեշտ եւ ամենապիտանի դարմանը, դո՛ւք էք սիրելի հարազատներս եւ նոյնքան սիրելի բարեկամներս, դուք էք եւ հայ գիրը, անմահութեան սահմանուած հայ գիրը:


Շնորհակալwւթեամբ ողջունելով բոլորդ՝

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
ԴԷՊԻ ԱՅՆԹԱՊ

Նկատելով որ Գիւմրի ծնած գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաջեանը այցելած է Այնթապ ու վերադարձած՝ խոր տպաորութիւններով հանդէպ այնթապահայութեան տակաւիև հոն յիշուող արուեստի գործերով ու արհեստներով. եւ նկատելով որ այս գրքոյկը կը նուիրուէր Այնթապի Հայրենակցական զոյգ Միութիւններուն. դիմեցինք յարգելի արուեստագէտին, որ այդ տպաւորութիւնները փոխանցէ մեզի։
Հրազդանը սիրով պատասխանեց։ Ահա իր խօսքը։

15 տարի Հալէպում ապրելը ինքնաբերաբար նշանակում է ամենօրեայ հանդիպումներ, աշխատանք, յարաբերութիւններ... մի խօսքով ծանօթութիւն այնթապցիների հետ։

Տարագրութիւնից ի վեր Հալէպի մէջ զգալի ներկայութիւն ունի այնթապցին։ Արհեստների, վաճառականութեան, միութենական, կրթական, կուսակցական, եկեղեցական գործերի մէջ յաջողութեան հասած բազմաթիւ հալէպահայեր ժպիտով ու ինքնագոհութեամբ հաստատում են իրենց Այնթէպ քաղաքից սերուած լինելը։ Իրենց մասին ասացուածքները, թեւաւոր խօսքերը, զուարճալի պատմութիւնները այսօր էլ կենսունակ են թէ իրենց շուրթներին եւ թէ՝ միւս հալէպցիների։

Հալէպում հաստատուելուց առաջ սակայն, որպէս շարքային հայաստանցի, զրեթէ ոչինչ գիտէի Այնթապի մասին։ Կիլիկեան Հայաստանի քաղաքներից մէկը մի աղօտ պատկերացում էր։ Կարծում եմ ինձ պէս շատերը Հայաստանում չգիտէին ոչ Մարաշի, Քիլիսի եւ Ուրֆայի եւ ոչ էլ Այնթապի տեղը։ Պատմութեան գրքերից դուրս թերեւս ամենաշօշափելին Երեւանից ոչ հեռու Նոր Այնթապ աւանն էր՝ իր ժանեակի գործարանով։ Ինչեւէ։ Ինձ համար սակայն գոյութիւն ունէր մի էական հանգամանք, որով էլ Այնթապը նշանակութիւն էր ստացել։ Անչափ սիրելի նկարիչ Յակոբ Յակոբեանը Այնթապից տեղահանուած հայերի զաւակ էր։

Իմ ճանաչած առաջին այնթապցին Վարպետ Յակոբն է։ Յետոյ, Հալէպում հասկացայ, որ սիրելի Վարպետը աւելի բացառութիւն է, քան՝ օրինաչափութիւն, որ այնթապցիների գերակշիռ մասը գործի մարդիկ են, գործարարութեան ընդգծուած յատկութիւններով։ (Եւ ոչ միայն Հալէպում, աշխարհի տարբեր քաղաքներում յաջողութեան հասած շատ հայերի մէջ կարող էք, առանց սխալուելու մեծ հաւանականութեան, այնթապցիներ գտնել)։

Ինչեւէ։ Կ՚ուզէի ուղղակի նշել որ, երբ վերջերս Այնթապ այցելելու առաջարկ եղաւ, ես ճանապարհ ընկայ նախ եւ առաջ տեսնելու ու ճանաչելու սիրելի Վարպետի, մեծ նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի ծնողների քաղաքը։

Սիրիայից Հայաստան ճանապարհի վրայ մի քանի անգամ հեռուից տեսել Էի այս արագ զարգացող բնակավայրը, սակայն քաղաք չէի մտել։

Հիմա առաւել եւս, նորակառոյց աֆթօմայրուղիները շրջանցում են քաղաքը։ Ուստի այնթապը, հայ Այնթապը տեսնելու համար պէտք է յատուկ գնալ եւ ունենալ լաւ ուղեկից։

Նորակառոյց Այնթապը հրաշալի մտածուած բնակավայր է։ Հիմնական կառուցապատումը կատարուել է հին քաղաքի շրջակայ տարածքներում։ Լայն փողոցները, կանաչապատ խաղավայրերը, պուրակները հաճելի տպաւորութիւն են թողնում։ Յետագային պարզ եղաւ, որ քաղաքի կեդրոնը բերդն է ինչպէս եւ Հալէպում։ Այնթապի բերդը զգալի փոքր է Հալէպի բերդից, բայց շատ նման է նրան։ Ըստ երեւոյթին այս ամրոցը նոյնպէս հիթիթների օրով հիմնուած է, սակայն իր ներկայ կերպարանքը ստացել է ուշ միջնադարի վերակառուցումների արդիւնքում։ Բարեբախտաբար հին քաղաքը գրեթէ չի քանդուել: Հայկական, հրէական ու այլ թաղամասեր նոյնութեամբ, աննշան ձեւափոխումներով հասել են մեր օրեր։

Մեծագոյն հաճոյք էր թափանցել նեղ թաղերից ներս։ Իրար փակած, կողք-կողքի առանձնատները կազմում են հարազատ ու հաճելի միջավայր։

Նոյնիսկ կիսաքանդ վիճակում գտնուող շէնքերի մէջ զգալի էր այն խնամքն ու բարեխղճութիւնը, որով կառուցուել ու զարդարուել են ժամանակին։ Փոքր առանձնատներից բացի, ներքին բակի շուրջ դասաւորուած բաւական մեծ համալիրներ կան, օրինակ՝ Նազարեանների տունը կառուցուած 1894թ.։ Հիմնական շինանիւթը Սիրիայից ծանօթ բաց գոյնի կրաքարն է։ Պատահեցին տներ, ուր հիմա բնակւում են, կան անմխիթար աւերակներ, կան լքուած վիճակի տներ, պետութեան կողմից վերականգնուած ու վերականգնուող համալիրներ։ Պատահեցին սրճարանի, ճաշարանի համար վարձակալուած գեղեցիկ բակեր ու ներքնայարկեր։ Թանգարանի ու հիւրանոցի վերածուած երկու շէնք այցելեցինք, որոնցից առաջինը Գարամանուկեանների տունն էր՝ վերի պատշգամբից Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տեսարանով։

Հին Հալէպը, որպէս քաղաք, հետաքրքիր կառուցուածք ունի։ Նեղ անհրապոյր թաղերով քայլելիս չես կարող երեւակայել, որ այդ համեստ պատերի ետեւում իւրաքանչիւրը իր փոքրիկ դրախտն է թաքցրել։ Բաւական է մի փոքր դռնից ներս մտնես, կամարակապ միջանցքով մի քանի քայլ անցնես եւ քո առջեւ կը բացուի հէքեաթային ներքին բակը, նարնջի կամ լիմոնի ծառերով, շքեղօրէն նկարազարդուած ճակատներով։ Նեղ ու երկար պատուհաններից իւրաքանչիւրի երեսակալը կարող է զարդարուած լինել իրար չկրկնող շքեղ մոթիվներով։ Դրսից յաճախ անտաշ քաքերով շինուած, անփոյթ ու անհրապոյր իսկ ներսից՝ շքեղօրէն զարդարուած, ամէն ինչ բացայայտ ու հեշտասէր վիճակը շօշափելի է դարձնում արեւելքը։

Այնթապի դէպքում, նոյնիսկ խոշոր առանձնատներում որոնք պատուաբեր շինարարական մակարդակով են շինուած, չկայ շէնքերի ներքին ճակատները զարդարելու նման ձգտում։ Ամէն ինչ պարզ է, սակայն խնամուած բնակելի միջավայրի կազմակերպումը։ Փողոցների վրայ կախուող պատշգամբները նոյնպէս տարբերւում են Հալէպի փայտաշէն պատշգամբներից։ Եթէ Հալէպում փայտագործ վարպետները ջանք չեն խնայել նախշազարդ կարնիզներով ու գեղեցիկ դրուագումներով զարդարելու համար, ապա Այնթապում գրեթէ բոլոր պատըշգամբները երեսապատւած են երկաթաթիթեղով, առանց յատուկ ձեւաւորման։ Ըստ երեւոյթին այսպէս վարուելու հիմնական դրդապատճառը պաշտպանուածութիւնն է։ Կարծում եմ Այնթապի բնակարանների հիմնական առանձնայատկութիւնը առաստաղների ձեւն է ու ներքին պատերի ոճաւորումը։ Նախ պէտք է նշել, որ համեստ տներում կամ երկրորդական սենեակներում առաստաղը տախտակամած է, այսինքն առաստաղի գերանները մեծ վարպետութեամբ ծածկուած են յատուկ մշակուած բարակ փայտէ տախտակներով։ Այս ձեւը ինձ հաճելիօրէն յիշեցրեց ծննդավայրս՝ Գիւմրին, ուր մինչեւ հիմա պահպանւած հարիւրամեայ նմանատիպ առաստաղներ կան եւ տեղական խօսքում թաւան են անուանում։

Ամէնէն տպաւորիչը սակայն գմբէթաձեւ առաստաղներն են։ Օրինակ Նազարեանի տան խոշոր հիւրասենեակը, պսակուած է կիսագնդաձեւ գմբէթով որն էլ իր հերթին զարդարուած է գիպսէ հրեշտակներով եւ այլ զարդարանքներով։
Ըստ երեւոյթին տարագրութիւնից յետոյ ուրիշ բնակիչներ որոշ բաներ փոխել կամ ներկել են ըստ իրենց ճաշակի, սակայն հիմնական ձեւերը պահպանուած են։ Մեծ տպաւորութիւն թողեցին նաեւ օվալադրուագումներով ձեւ գմբէթները։ Ձգուած, ուղղանկիւն սենեակների պղնձէ ճաշաման յիշեցնող առաստաղները փայտէ հէնքի վրայ ծեփուած են գաճով։ Այսպիսի առաստաղների մէջ կային չափերով համեստ ու զարդարանքով պակաս օրինակներ, սակայն չափազանց հաճելի զգացողութիւն են ստեղծում իրենց ներքոյ։ Այս օվալների կեդրոնում գտնւում է կեդրոնական զարդանախշը, եզերքով պտըտւում է եզրանախշը։ Առաստաղի չորս անկիւնների օվալից դուրս մնացած ուղիղ հատուածների վրայ նոյնպէս նախշեր են կամ ծաղիկներով ծաղկամաններ։ Ի տարբերութիւն Հալէպի, այստեղ տանիքները երկթեք ու կղմինդրածածկ են։ Հէնց այս տանիքների տակ է, որ վերոյիշեալ գմբէթները տեղաւորուած են։

Միւս յատկանշական կողմը, Այնթապի հին տների, պատերի ոճաւորումն է։ Որպէս կանոն յատակից վերեւ մինչեւ 2–2.5մ. բարձրութեամբ պատերը տախտակապատ են։ Այս տախտակամածի մէջ ներառնուած պատուհաններն ու դռները։ Նրանց միջեւ տարածութիւնը բաժանուած է մասերի, որոնք կամ իսկական խորշեր են երկփեղկանի դռներով, կամ պատերի երեսը քօղարկող կեղծ դռներ են։ Սրանց պէտք է աւելացնել նաեւ պատուհանները ներսից փակող տախտակէ փեղկերը, որոնց մէջ կան քանդակազարդ գեղեցիկ օրինակներ։ Որմնախորշերի մէջ նոյնպէս պալատական ճոխութեան հասցուած օրինակներ կան, որ սենեակի զարդարանքի հիմնական մաս են կազմում։ ԻնչպԷս նշեցի, պատերի տախտակապատ երեսները մօտ 2մ. բարձրութիւն ունեն, որպէս կանոն չեն հասնում առաստաղին։ Ինքնաբերաբար 80-100 սմ. կամ աւելի բարձրութեամբ մի երիզ է ստացւում սենեակի վերեւի մասում, ուր երեւում է պատի՝ սւաղը հարթ մակերեսով։ Պատերի հէնց այս ողորկ բարձրութեան վրայ, տէքորաթիվ ոճաւորմամբ, նկարուած են քաղաքային տեսարաններ։ Երկրաչափական պարզ ձեւերով ներկայացուած են քաղաքային շէնքերի խմբեր՝ եկեղեցիների գմբեթներով ու խաչերով։ Մօտաւորապէս նոյն յօրինւածքը կրկնւում է նոյն սենեակում, մի քանի տեղ։ Պէտք է յիշել, որ աւելի համեստ տներում այդ նոյն բարձրութեան վրայ նկարուած են ծաղիկներով լեցուն ծաղկամաններ։

Վերջինը, որ մտանք որեւէ բանով չառանձնացող երկյարկանի մի տուն էր։ Մուտքն էր իր պարզ գեղեցկութեամբ գրաւիչ։ Անբնակ այս տանը, չնայած անխնամ վիճակին, մի անորսալի կարգ ու կանոն կար։ Սենեակներուն շրջելիս անվրէպ կարելի էր զանազանել բուն կառուցուածքը եւ աւելի նոր յաւելումները։ Աստիճանները, դրանց նրբագեղ բազրիքները, դուռը, թակիչը, պատուհանները այնքան խնամքով են շինուած եղել, որ անցնող հարիւրամեակը ոչինչ է փճացրել։ Մօտեցայ պատուհաններից մէկին, բարձրացայ լուսամուտագոգին այնտեղից բացուող տեսարանը ստուգելու համար։ Փոշեպատ ապակիներով փեղկը մեղմօրէն բացուեց, բացայայտելով թաղամասի հրաշալի տեսարանը...։ Կղմինտրածածկ բազմաթիւ տանիքների ծփանքի մէջ փառահեղ տիրականութեամբ բազմել էր մայր եկեղեցին։ Թաղի վրայ որպէս գլխաւոր շէնք, որպէս թագ ու պսակ իշխող եկեղեցին ոգեղէն ներդաշնակութեան հրաշք թուաց։ Նմանատիպ զգացողութիւն կարելի էր ժամանակին ապրել Երեւանում, թամանեանական վարդագոյն ծաւալների միջից Օփերայի փառաւոր շէնքը դիտելիս։

Կասկածից վեր է, որ Այնթապի հայութեան փառքը Ս. Աստուածածին եկեղեցին է։ Շինարարական արուեստով հետաքրքրուող ոեւէ մէկը կը նկատի այդ հսկայ շէնքի արժանիքները։ Ներսի տարածութիւնը անկրկնելի զգացողութիւն է առաջացնում։ Հսկայ գմբէթի թռիչքը, փառահեղ խորանը անչափ տպաւորիչ են։ Ակամայ մտածում եմ, թէ 19րդ դարի երկրորդ կէսին դէպքերի ի՞նչ բարեպատեհ դրութեամբ է ծնուել այս շէնքը։ Մի կողմից պալատական ճարտարապետի նախագիծը (որը տեղացի հայերի ցանկութեամբ մեծացուել է մէկ ու կէս անգամ) ընտիր շինարարական որակը եւ միւս կողմից՝ օսմանեան կայսրութեան համար երրորդական կարգի մի քաղաքում շինուած լինելը։ Չենք կարող ասել. որ նմանատիպ կառուցումներ չեն եղել նոյն ժամանակներում հայոց մէջ։ Եւ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Փրկիչ եկեղեցին 1868–1887թթ. եւ Գիւմրիի Ս. Ամենափրկիչը 1858–1876թթ. նոյնպէս մեծ իրագործումներ են։ Սակայն Ռուսահայաստանում որոշ բարեկեցութեան հասած հայերի կողմից մեծ ծրագրեցի իրագործումը ինչ որ տեղ հասկնալի է։ Բայց սուլթանական Թուրքիայում ամենատարբեր խտրութիւնների ենթակայ հայերի կողմից նման ծրագրի իրագործումը չափազանց տպաւորիչ է։ Նրա կառուցման պատմութիւնը մանրամասնօրէն գրուած է, ամեն ինչ յստակ է։ Սակայն արդիւնքը քսանամեայ լարուած աշխատանքի արդիւնքը պատուաբեր խիզախում է ոչ միայն այնթապցիների համար։

Պատուհանի փեղկը դարձրեցի, փոշու վարագոյրը ծածկեց զմայլելի տեսարանը։ Առանց ուժ գործադրելու պատուհանը փակուեց։ Պղնձէ լեզուակը վար թեքեցի, որ քամին անտեղի չբանայ... զարմանալի էր որ անմարդաբնակ այս տանը պատուհանը ոչ փտել էր, ոչ ուռել ձեւափոխուել, աշխատում էր նորի պէս։ Յիշեցի Յակոբ Յակոբեանի մի յօդուածը, ուր նկարագրում է իր հայրենադարձութեան առաջին օրերը Լենինականում։

«...Մեզի ընկերակցողները մեզ առաջնորդեցին մեր նոր բնակարանը, որու շինարարութիւնը. ըսին. աւարտուել էր ընդամէնը մի օր առաջ։ Բակն ալ ասֆալտապատուած էր. մաքուր սեւ գոյնով։ Ուրիշ գոյն ասֆալտ չկայ կարծեմ։ Բնական է. բնակարան երբ մտանք. սկսանք զննել մեր նոր կացարանը։ Հինգյարկանի վարդագոյն տուֆակերտ շէնքը նոփ-նոր պէտքէր որ ըլլար։ Բայց տեսնում էինք. որ նորի տեսք չունէր։ Երբ պարզապէս դիտում էի նոր բնակարանս, չկարողացայ ինձ զսպել եւ մեզ ընկերակցող պատասխանատուին հարցրի՝ այդ պատուհանը հա՞յ արհեստաւորի սարքածն էր։ Անմիջապէս կտրուկ պատասխան հակահարւած ստացայ, որ շէնքը մեր հարազատ հայրենի կառավարութիւնը կառուցել է մեզ համար, եթէ պակասութիւններ նկատում ենք, մենք ալ մեր հերթին ձեոներս ծալած չնստինք, անմիջապէս գործի անցնինք եւ բան մըն ալ մենք անենք՝ թերութիւնները վերացնենք, ի՞նչ է եղել որ, հայրենի պետութիւնը համարեայ ձրի մեզի տուն էր տալիս, ճիշտ էր ասում։ Բայց ինձ տանջող հարցը իմ հայրենակիցս չէր հետաքրքրում, նոյնիսկ երեւի մտքի ծայրից էլ չէր անցնի իմ մտահոգութիւնս։ Իմ գիտցածովս Եղեռնից պրծած մեր հայրենակիցները, որոնք ցրուեցին աշխարհով մէկ, որքան որ ալ «ախպար» ըլլային, գոնէ մի բան գիտէին, որ եթէ մի գործ, մի փեշակ ունես. օրինակ՝ եթէ արհեստաւոր ես, պարտաւոր ես լաւ անթերի սարքել պատուհանը, թէ ոչ ոչ ոք քեզի սարքելու համար պատուհան չէր պատուիրի Professionale conscince ըսուած բան մը կար, որ է նոր հայերէնով՝ արհեստավարժի խիղճ։ Ի՞նչ կապ ունէին ձրի տունը եւ վատ ատաղձագործի սարքած «բրակ» պատուհանը, որ ամէն օր մեր տեսողութիւնն էր վիրաւորելու։ Սա իմ առաջին օրուայ տխոտ ապրումս էր։ Եթէ 1915 թուականէն վերջ նախճիրէն փրկուած հայերը ցրուեցան աշխարհով մէկ, եթէ կարողացան իրենց չկորցնել եւ յաջողեցան իրենց հիւրընկալ երկիրներու մէջ իրենց կեանքը կազմակերպել եւ արժանանալ հիւրընկալողներու յարգանքին, իրենց մասնագիտական վարպետութեան եւ պարկեշտութեան շնորհիւ էր միայն»:

Սիրելի վարպետ, քո ծնողների քաղաքում ապա արդէն հարիւր տարի է հայ վարպետների շինած դուռ-պատուհանը աշխատում է անխափան։


ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ԿԱՄ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ ԱՌԱՋԱԲԱՆ

Յարաբերութիւնները մեր միջավայրում ապրող հայերի հետ կազմում է հայ կեանքը։ Մանաւանդ բազմազգ քաղաքներում ազգային կեանքը իր որակով աւելի ակնառու է։ Ինքնաբերաբար ականատես ենք լինում թէ նոյն իրադրութիւնում ինչպէս ես դրսեւորում իրենց կողք կողքի ապրող հայերը, արաբները, քրտերը, ասորիները եւայլն։ Այն զարմանալի որակները, որ դրսեւորում են մեր ազգակիցները հասկընալու, բացայայտելու համար մենք փնտռում ենք դրանց Ակունքները։ Իսկ մեր ներկայ վարքագծի, մտածելակերպի ակունքը, որքան էլ որ ցաւալի, մեր հետ պատահած ամենամեծ ողբերգութիւնն է։ Մերօրեայ հայ ժողովուրդը «սերւում է» 1915ի ցեղասպանութիւնից։ Կասկածից վեր է, որ ենթագիտակցութեան ոլորտում մեծ ոճիրը կենդանի է։ Կասկածից վեր է, որ շատ բան տեսած, ամէն բանի միջով անցած հայի նկարագիրը փոխուել է։ Քրիստոնեութեան ընդունումից յետոյ հազարամեայ ելեւէջների մէջ հայութիւնը իրենից ներկայացրել է խառնուածքի դաստիարակութեան, մտածելակերպի որոշակի տեսակ։ Հայի ազնիւ, վստահելի, հաւատարիմ, աշխատասէր, նախաձեռնող որակումները դարերով պահպանուած առաքինութիւնների արգասիք է։

Ուստի եւ ինձ միշտ հեւրաքրքրել եւ հետաքրքրում է 1914ից առաջուայ հայ կեանքը: Այն մարդիկ, որոնք հարիւրամեակներով փոխանցուած մի բան բերել հասցրել էին նոր ժամանակներ։ Այդ մարդիկ իրենց հնագոյն բնօրրանում իրենց տեսակը վերարտադրելով, հազարամեայ մի գանձ էին պահպանել։ Կեանքի եւ աշխարհի մասին նրանց պատկերացումները տապալուեցին, փոշիացան, որովհետեւ թոյլերի հետ հաշուի չեն նստում։ Այսօր սակայն եթէ մենք փորձելու ենք թօթափել աղէտը, յաղթահարել մեզ կեղեքող բարդոյթները, ուժեղանալ, ուրեմն պէտք է փորձենք որոնել հայ մարդուն նրա առողջ վիճակը։ Ուր կարող ենք այդ անել, եթէ ոչ հարիւրամեայ հեռաւորութիւնից մեզ նայող կիսաւեր քաղաքներում։ Որպէս մշակոյթ, շինարարական արուեստ, վերը յիշատակուած առանձնատները թուրքերն էլ են ուսումնասիրում։ Հիմա վերանորոգում, խնամում են։ Ինձ պատահած հայերէն արձանագրութիւններից միայն մէկի կէսն էր, որ փճացուած էր (Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ արձանագրութիւնը)։ Հայկական թաղամասի մանրամասն նկարագրութիւնն իսկ իմաստ չունի, քանի որ թուրքերը քանդելու մտադրութիւն չունեն։ Նրանք այն պահելու են բերդի ու այլ հնութիւնների հետ միասին որպէս մէկ միլիոնանոց, զարգացող ու մեծացող Այնթապի պատմութիւն։ Ինձ համար սակայն այդ կառոյցները կարեւոր են, որովհետեւ այնտեղ բաբախող հայ ոգին առողջ ու կենսունակ ժողովուրդի անաղարտ ոգի է։ Այն մեզանից բացի ոեւէ մէկին չի կարող հետաքրքրել։ Նոյնիսկ մեզ գրեթէ չի հետաքրքրում։ Այդ ոգին եթէ մենք չհանենք աւերակների, լքուած տների, մզկիթի վերածուած եկեղեցիների, հին լուսանկարների, կենցաղային առարկաների միջից, մենք չենք կարողանայ շարունակել մեր հազարամեայ երթը։

Օրը սկսում էր վերջանալ, երբ ուղղուեցինք պղնձագործների շուկայ։ Շրջանցեցինք բերդը, զառիվեր բարձրացանք նորոգուող խճուղիով։ Անցանք մի գեղեցիկ մզկիթի կողքով, որ որպէս կառոյց յիշեցնում էր Ս. Աստուածածին եկեղեցին։

Առաջին վարպետը, որի խանութը մտանք, մեզ սիրալիր ընդունեց։ Չորս կողմը հազար տեսակ սպասքներ էին դարսուած։ Վերջացւած աշխատանքների կողքին կային կիսատները, նոր սկսուածները։ Անկիւնում մի ուրիշ վարպետ սալի վրայ ծեծում էր կարմիր պղնձի կտորը։ Թափթփած սենեակի մի անկիունում 1-2 լուսանկար կար կախուած։ Դէմքի նմանութեամբ կարելի է կռահել, որ վարպետի հայրը կամ հարազատներն էին։ Պարզուեց, որ մեզ ընդունած վարպետի հայրը նշանաւոր արհեստաւոր է եղել, համքարութեան ղեկավարը։ Երբ յարգելի վարպետը անցել է արհեստաւորական շուկայով՝ որպէս յարգանքի նշան խանութներում դադարեցրել են մուրճի հարուածները։ Վստահ եմ, որ այս գեղեցիկ սովորութիւնը գալիս է այն ժամանակներից. երբ արհեստը հայերի մենաշնորհն էր։

Ամենահակասական զգացումները ապրել եմ վերջին հանդիպումների ժամանակ։ Նախ ապշեցուցիչ էր հրաշալի գործերի առատութիւնը։ Շուկայի վարպետները ոչ միայն կաթսաների ու սափորների, պնակների ամենատարբեր ձեւեր ստանում, այլեւ մեծագոյն նրբութեամբ նախշազարդում էին դրանց մակերեսները։

Տարիներ առաջ արհեստների մեծ գիտակ՝ Ռուբէն Պարսումեանի համար բազմաթիւ զարդանախշեր էի նկարել։ Այդ նախշերը հին պղնձեղէնի, յատկապէս Այնթապից բերուած օրինակներից էին ընդօրինակուած։ Պարզուեց որ մեր հաւաքած շուրջ 200 մոթիվներից շատերը այսօր էլ օգտագործւում են։ Նախշերը, նրանց հիմնական տրամաբանութիւնը գրեթէ չի փոխուել, սակայն օգտագործման առատութիւնը անհամեմատ աւելացել՝ նոյնիսկ չարաշահւում է։ Մի պահ թուաց թէ տեղացի վարպետները թուրիստական շուկան գոհացնելու համար զարտուղի, դիւրին ձեւ են գտել եւ շուկան հեղեղել ապրանքով։ Սակայն ականատես եղանք տասնեակներով վարպետների, որոնք մեր աչքի առաջ բարեխղճութեամբ աշխատում էին իրենց գործը։ Բազմաթիւ խանութներ, իւրաքանչիւրում մի խումբ արհեստաւորներ ու աշակերտներ ոչ միայն իրենց ապրուստն են շահում մետաղի հետ լեզու գտնելով, այլեւ (որ ամենակարեւորն է) արհեստը կենդանի պահում ու զարգացնում։ Մեզ սիրով ու ջերմութեամբ ընդունող ու ճանապարհող պղնձագործների մասին աւելի չեմ ուզում գրել, դա առանձին խօսակցութիւն է։ Սակայն պէտք է յիշեմ, որ իրենք մէկ առ մէկ գիտէին Այնթապի անցեալի փառքը կազմող հայ վարպետների անունները՝ Գալէմքեարեաններ, Ասլանեաններ, Պարսումեաններ...։

Տարօրինակ զուգադիպութեամբ Այնթապ այցելութիւնից չանցած 20 օր, Հալէպի ցուցասրահներից մէկում բացուեց թուրք֊սուրիական համատեղ ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած էր երկու երկրների արհեստները։ Սուրիական կողմից մի խումբ հայ երիտասարդներ աշխուժացնում էին սուրիական ցուցադրանքը։ Իսկ թրքական պղնձագործութիւնը ներկայացնում էին այնթապցի վարպետները։ Աներկբայօրէն կարելի է վկայել, որ ցուցահանդէսի հրաշալի մասը այնթապցիներու գործերն էին։ Հալէպ եկած 1-2 թուրք վարպետները յատուկ հետաքրքրուած էին Հալէպի հայ վարպետներով։ Նրանցից մի քանիսի հետ հանդիպեցի, խօսակցութիւնների ժամանակ չէին խորշում նշել, որ իրենք արհեստը հայերից են սովորել։ Մի երիտասարդ փորագրիչ, որը աներեւակայելի շնորհքի տէր մարդ է, ասաց որ իր նրբագոյն ու երկարաշունչ աշխատանքը տեսնելով, ուրիշ թուրքեր ասում են «հայի համբերութիւն ունես»...

Ինչո՞ւ եմ այս մասին գրում։ Վերը յիշուած արտայայտութիւնները մեր մասին, հայերիս մասին, որքան էլ որ մարդկային ազնուութեան արտայայտութիւն լինեն, որոշ դառնութեամբ է ընկալւում։ Այդ արհեստաւորների պարկեշտութեան վրայ առանց կասկածելու պիտի ընդունենք, որ այդ վերաբերմունքը հոգեվարքում գտնուող մարդուն արուող վերջին հաճոյախօսութիւնների է նման։ Եւ սա ցաւալիօրէն մեր խնդիրն է եւ ոչ թէ իրենց։ Չգիտեմ նրանք ինչ տպաւորութեամբ գնացին Հալէպից, սակայն իմ խորին համոզմամբ հասկացան, որ հայերը արհեստը թողել են Այնթապում։ Հալէպում այսօր գործող մի քանի հայ վարպետների աշխատանքը հեռաւոր արձագանգն է իրենց լեգենդար նախահայրերի։ Եւ եթէ Այնթապում զարգացել ու բարգաւաճել է հայ աւանդական արհեստ՝ պղնձագործութիւնը, ապա Հալէպում նուաղել, խեղճացել է ու այսօր մէկ-երկու վարպետի անունով է պայմանաւորուած նրա գոյութիւնը։

Սիրելի վարպետ Յովհաննէս Գալէմքեարեանը, որը նշանաւոր գերդաստանի ներկայացուցիչ է, թուրքերին ցոյց տալու համար պահոցից հանել էր մի չնաշխարհիկ գործ՝ իր մեծ հօր՝ Մելքոնի 1901ին աշխատած փաշա մանղալը։ Վստահ եմ, որ տեսել ու մեծ վարպետութեան դէմ գլխահակ գնացել են հիւրերը։ Սակայն մենք աւելի գլխահակ ենք, որովհետեւ Հալէպում այսօր չի գտնուի մի ծնող, որ իր զաւակին պղնձագործութեան տայ։ Մենք այնքան ենք այլակերպուել, որ մեզ մեր ժառանգութիւնն իսկ չի հետաքրքրում։ Իսկ մենք եթէ մեր նախնիների մշակոյթի կրողը չենք, ապա ումից եւ ի՜նչ իրաւունքով ենք պահանջատէր...

Միթէ մեզ՝ բոլորիս հետաքրքիր չէ՞, թէ 21րդ դար մտած հայը՝ եռագոյնը համարձակօրէն ծածանող հայը ի՞նչ մարդ է։ Նա արդիականութիւն է ոտք դրել որպէս ամերիկացի՞, սովետահա՞յ, սիրիացի՞։ Արդեօք պահե՞լ է պղնձի կամ քարի, առհասարակ որեւէ նիւթի հետ վարուելու, ձեւ տալու աստուածային յատկութիւնը։ Արդեօք պատրա՞ստ է զրկանքների ու տքնանքի գնով իր Աստուծոյ տունը կառուցել։ Որպէս հազարամեայ ժողովուրդի զաւակ զգո՞յշ է նորօրեայ որոգայթներից։ Արդեօք ապրո՞ւմ է իր արարքների համար իր Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդի առջեւ պատասխան տալու պատասխանատուութեամբ։

Հալէպ, 2008 Ապրիլ

ՀՐԱԶԴԱՆ ԹՈՔՄԱՋԵԱՆ