Սիլիհտարի պարտեզները
Ծնած եմ 1878-ին, Փետրուար 4-5 (յունական տոմար) առաւօտեան դէմ, Կ. Պոլիս, Սկիւտար, Սիլիհտարի պարտէզներ կոչուած թաղին մէջ։
Այդ նոյն գիշերը ռուս բանակը հասեր էր Սան Սթեֆանօ։ Մայրս կը պատմէր որ ինքը երկունքի ցաւերու մէջ էր, երբ Փետրուար 4-ի երեկոյին, մունետիկներ թաղերէն անցնելով գոչեցին.
– Թնդանօթներ պիտի արձակուին, մի՛ վախնաք։
Անտարակոյս կառավարութիւնը կարծեր էր որ ռուսները պիտի ռմբակոծեն մայրաքաղաքը։
Մայրս կը պատմէր որ այդ օրը ձիւնի բուռն փոթորիկ մը բարձրացաւ եւ որ տեւեց ամբողջ գիշերը։ Մարդիկ տուներէն դուրս չէին կրնար ելլել, շնչասպառ կ’ըլլային։ Յոյն դայեակը, որ մայրս կը խնամէր, Գատըգիւղ կը բնակէր։ Ոչ մէկ կառապան կը յօժարէր ձիերը լծել կառքին։ Երանիկ մօրաքոյրս կ’աւելցնէր որ ամէն բանի վրայ հայրս տունը չէր եւ Տիգրան մօրեղբայրս տուն եկեր էր գինով վիճակի մէջ, «մէկ պատը ինծի, մէկ պատը քեզի…» եւ կէս ժամ տեւեր էր, մինչեւ յաջողեր էին հասկցնել անոր որ պէտք էր ճար մը գտնել, յոյն դայեակը բերել Գատըգիւղէն։
Տիգրան մօրեղբայրս նետուեր էր փողոց, անցեր էր Հայտար Փաշայի գերեզմանոցէն եւ քանի մը անգամ ճամբան կորսնցնելով, ձիւնի փոթորիկին կուրծք տալով, վերջապէս հասեր էր Գատըգիւղ, յոյն դայեակը հաներ էր անկողինէն եւ թեւէն բռնած քշեր բերեր էր Սկիւտար։
Մայրս կը պատմէր նաեւ որ կէս գիշերը անց, յոյն դայեակը եւ հայրս կրակարանին շուրջ նստած, սպասելով երեխայի ծննդեան, բուռն վիճաբանութեան բռնուեր էին իրարու հետ։ Դայեակը այն յոյսը կը սնուցանէր որ երբ ռուսները գրաւեն մայրաքաղաքը, «քրիստոնեաները պիտի ազատագրուին», մինչ հայրս ոեւէ լաւ բան չէր սպասեր ռուս բանակի յաջողութենէն։
Ես ծներ եմ վտիտ եւ վատուժ։ Տիգրան մօրեղբայրս նորածինը տեսնելով գոչեր է.
– Աս ալ չոճո՞ւխ է, պէ՜… կարծես քիչ մը փրփուր է. մե՜ղք քաշած նեղութեանս…։
Մինչեւ ութ-ինը տարեկանս Տիգրան մօրեղբայրս դեռ ինձ կ’անւանէր փրփուր։
Արդարեւ, մինչեւ այդ տարիքները եղած եմ շատ տկար, ենթակայ ամէն տեսակ մանկական հիւանդութիւններու եւ շարունակ տատանուեր եմ մահու եւ կենաց մէջ։
Մեր բազմանդամ ընտանիքը բաղկացած էր զանազան խաւերէ սերած մարդոցմէ, որոնք եկեր միացեր էին յարկի տակ։ Այդ ժամանակները նման կացութիւնը տարօրինակ երեւոյթ չէր Կ. Պոլսոյ մէջ։
Մօրենական մեծ մայրս սերած էր պալաթցի հին ընտանիքէ. հայրը շնորհազուրկ պաշտօնատար էր։ Տանը մէջ ամէնքը, ինչպես եւ ազգականները եւ ծանօթները տուտու կ’ըսէին մեծ մօրս։ Ան հպարտ եւ տխուր կին էր։ Գրել կարդալ չէր գիտեր, բայց կը խօսէր մաքուր հայերէն եւ ընտրովի բառերով թրքերէն։ Բարձրահասակ էր եւ սէգ կեցուածք ունէր։ Կ’ըսէին թէ շատ գեղեցիկ եղած էր։ Ես զինքը ճանչցած եմ միշտ սեւազգեստ, տխուր սեւ աչքերով, որոնք իր մասունքի պէս ճերմկած եւ խորշոմած դէմքին վրայ կը կայծկլտային շատ բան տեսած եւ խորիմաց կնոջ յատուկ իմացականութեամբ։ Մեծ մայրս կարծես անյաղթելի արհամարհանք ունէր ամէն բանի համար եւ ամենուն նկատմամբ, նոյնիսկ իրմէ ծնած զաւակներուն նկատմամբ. այդ արհամարհանքը զինքը կը դարձընէր անժպիտ եւ սակաւախօս։ Մեծ մայրիկս ինքզինքին հարկադրած խիստ վարքագծին մէջ զինադադար կ’ունենար միայն հայրիկիս վերաբերմամբ, որուն հանդէպ ունէր յարգանք եւ սէր։ Ան կը սիրէր նաեւ իր զաւակները, մանաւանդ մանչերը, ցաւագին, տանջալի սիրով մը, որ իրեն թոյլ չէր տար ներողամիտ ըլլալ։
Իրողութիւնը այն է որ երբեք չթուլացող հետեւողականութեամբ, մեծ մայրս, իր բազմաչարչար կեանքի ընթացքին, պահպաներ էր սովորութիւններ, աւանդութիւններ, համապատասխաներ իր զաւակներու կենցաղին, իր նիւթական կացութեան, եւ այդ բոլորը կը դառնային տառապանքի աղբիւրներ։
Տասնըչորս տարեկանին զինքը ամուսնացուցեր էին, աճապարանքով, «առանց ետեւ առաջ նայելու», Շիրին օղլու Յակոբի հետ, գեղեցկադէմ երիտասարդ մը, արհեստով կառապան, որ միջնորդ կին մը ճարեր էր Սկիւտարէն։ Ահա թէ ի՞նչ պատահեր էր։
Այն ժամանակ, ենիչէրիները ահ ու սարսափի մէջ կը պահէին մայրաքաղաքի ազգաբնակչութիւնը։ Ենիչէրիները մասնաւորաբար սանձարձակ էին Սթամպուլի եւ Ոսկեղջիւրի յունական թաղերուն մէջ։ Մեծ մօրս ընտանիքը արդէն իսկ իրենց ազդեցութիւնը կորսնցուցած դէօւլէդ դիւշկինի, եւ հետեւաբար անպաշտպան ընտանիք, իրենց աղջիկը, Լուսիկը, մինչեւ տասնըչորս տարեկան հասակը պահեր են տանը չորս պատերուն մէջ, որովհետեւ վախցեր են որ ոեւէ ենիչէրի ուշադրութիւն կը դարձնէ անոր։ Բայց ժամանակի սովորութեան համեմատ պէտք էր որ արբունքի հասած աղջիկը առաջին անգամ դուրս գար եկեղեցի երթալու եւ հաղորդութիւն առնելու համար։ Մեծ մայրս կը պատմէր որ այն ժամանակ կիները դուրս չէին ելլեր տունէն, իսկ տղամարդիկ, ամէն առաւօտ գործի երթալու համար, դրանը սեմին վրայ կանգ կ’առնէին, կը խաչակնքէին եւ տնեցիներուն հետ «հելալլամիշ» կ’ըլլային, որովհետեւ վստահ չէին որ պիտի վերադառնային իրիկունը։ Քանի-քանի անգամներ, Սթամպուլի փողոցներուն մէջ, ենիչէրի մը իր եաթաղանի սրութիւնը փորձելու համար թռցուցած էր քրիստոնեայի մը գլուխը։ Յոյն թէ հայ, տղամարդիկ իրենց պեխերը կը կնտէին, իբրեւ նշան խոնարհութեան, լայնաբերան ֆէսը կը քաշէին իրենց ականջներուն վրայ։ Փողոցներէն կը քալէին հեզիկ եւ կորաքամակ, որպէսզի իրենց նայուածքը չհանդիպի ենիչէրիի մը լինքս ի ակնարկին։ Գլուխը բարձր բռնել, շեշտակի նայիլ մարդոց, կը համարուէր լրբութիւն եւ կը դառնար առիթ ամէն տեսակ կամայականութիւններու։ Մեծ մայրս կը յիշէր ընտանիքներ, որոնց տղամարդը անհետ կորած է։ Կը խօսէր փարթամ ընտանիքներու մասին, որոնց զաւակները օրուան հացի կարօտ մնացած են։ Նոյնիսկ վիւգելան, նոյնիսկ սուլթանները կը դողային ենիչէրիներէն, որոնց պետերը միահեծան կ’իշխէին ոչ միայն իրենց օճախներուն, այլեւ իրենց թաղերուն, ամբողջ մայրաքաղաքին։
Ամէն անգամ որ մեծ մայրս վերյիշէր իր մանկութեան դաժան օրերը, Երանիկ մօրաքոյրս կը միջամտէր։
– Աման տուտո՛ւ, կ’ըսէր ան, քու հարդ, մարդ ալ խելք չունէի՞ն… ատանկ զալիմ ժամանակ ինչո՞ւ քեզ ժամ ղրկեր են։
Մեծ մայրս կը բացատրէր որ ան ժամանակները Պատրիարքարանը զօրաւոր էր, «ձեռքը երկար էր», պատրիարքը ենիչէրիներու աղային հետ լաւ կապեր ունէր եւ ոչ միայն մօտէն կը հսկէր որ իր հօտը կրօնական պարտաւորութիւնները կատարէ, այլեւ անսաստողները եւ թերացողները խստիւ կը պատժէր։
– Չըսե՞ս, տուտո՛ւ կ’ընդհատէր Երանիկ մօրաքոյրս, երկու կրակի մէջ մնացած էիք։
Մեծ մայրս ուշադրութիւն չէր դարձներ Երանիկ մօրաքրոջս դիտումնաւոր ակնարկին եւ կը շարունակէր պատմել թէ ի՞նչ միջոցներով Պատրիարքարանը իր իշխանութիւնը կը գործադրէր։
Այդ ժամանակ, եկեղեցիները պղինձէ զանգակներ չունէին։ Լուսարարը, այգաբացին, թոպով կը զարնէր տախտակի մը վրայ, իսկ ժամկոչը կ’անցնէր թաղերէն եւ երգելով հաւատացեալները կը հրաւիրէր եկեղեցի, առաւօտեան աղօթքի։ Տղամարդիկ ստիպուած էին երթալ, կիները տան մէջ կ’աղօթէին։ Պահքի օրերուն Պատրիարքարանի եասախճիները կը պտըտէին թաղերը, որոնք շուներու պէս հոտ կը քաշէին եւ եթե տունէ մը միսի հոտ գար, տանտէրը կը ձերբակալէին, երբեմն տեղն ու տեղը կը ծեծէին, ֆալախան կու տային, մսեղէնը կը գրաւէին եւ տուգանք կ’առնէին։ Երբեմն ալ կը տանէին եկեղեցիի բանտը եւ հոն կը ծեծէին ու կը բանտարկէին։ Եթե պատահեր որ մէկը ապստամբէր, դիմադրէր, կը տանէին Պատրիարքարանի զնտանը եւ ամիսներով կը պահէին, մինչեւ որ «յանցաւոր»ը մեղայի գար։ Երբեմն ալ յիմարանոցը կ’արգելափակէին իբրեւ խենթ, եւ այլեւս իրենց մասին լսող չէր ըլլար։
Այն ժամանակ իբրեւ յիմարանոց կը ծառայէր Նառլը Գափուի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիին նկուղը։ Խենթերը կը կապէին շղթայով եւ անոնց դաստակներուն եւ ոտքերուն լալէ կ’անցընէին։ Այդպէս՝ անոնք կը մնային կեղտի եւ կղկղանքի մէջ։ Յիմարապահ-բանտապահները, լռեցնելու համար այդ «եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդներուն եւ կարգերուն» հայհոյողները, անխնայ, երբեմն ցմահ կը ծեծէին։ Բայց մեծ մայրս կ’ըսէր որ անոնք ա՛լ աւելի կը հայհոյէին։
Եւ օր մըն ալ մեծ մայրս պատմեց թէ ի՞նչ հանգամանքներու մէջ Գազազ Արթին Ամիրան որոշեր էր Ետի Գուլէի Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը կառուցանել իր ծախքովը։
Արդ ուրեմն, մեծ տօնի մը առիթով, պատրիարքը հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցանէր Նառլը Գափուի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիին մէջ, շրջապատուած արքեպիսկոպոսներով եւ այն ժամանակի դպիրներով, որոնց ամէն մէկը որոշ թաղի մը սոխակը եւ փառքը կը հանդիսանար։ Մեծ մայրս կը յիշէր ան նշանաւոր դպիրներուն անունները եւ մանաւանդ դպրապետին անունը, «որուն նմանը նորէն աշխարհ չէ եկեր»։ Այդ հանդիսաւոր պատարագին ներկա էին նաեւ մեծահամբաւ ամիրաները եւ անոնց շքախումբերը, որոնք կազմուած էին այն ժամանակի հարուստ վաճառականներով եւ թաղերու երեւելիներով։
Բայց պատարագի սկիզբէն նկուղը բանտարկուած «խենթ»երը կը սկսին գոռալ իրենց հայհոյութիւնները այնքան միահամուռ թափով որ անոնց խուլ արձագանգները կը հասնին եւ կը խանգարեն պատարագուորը եւ ջերմեռանդ ժողովուրդը։ Ի զուր հուժկու բարապանները, «որոնց ամէն մէկի պեխէն մէկ-մէկ մարդ կը կախուէր»։ զայրացած պատարագուորի նշանին վրայ, կ’երթային նկուղ եւ յիմարապահներուն կը պատուիրէին «սատկեցնել այդ շուները»։
Արգելափակուածները անխնայ ծեծի տակ կը շարունակէին իրենց անէծքները եւ հայհոյութիւնները, գոռում-գոչումով, օրհասական ահեղ ցասումով։
Այդ օրը վերջապէս, վերնատունէն, սամաթիացի արհեստաւոր կին մը, որ էտէպսիզ Պայծառ կը կոչէին, որուն համար յետոյ կ’ըսէին թէ «այսահար» էր, զգածուելով նկուղի խենթերուն վիճակէն, նախ սկսեր էր բարձրաձայն լալ եւ յետոյ հայհոյել պատարագին եւ պատարագուորին եւ, ի նշան բողոքի, մինտէրները նետել «ջերմեռանդ ժողովուրդին» վրայ։
Պատարագէն յետոյ երբ պատրիարքը, արքեպիսկոպոսը, ամիրաները եւ անոնց հաւատարիմ երեւելիները հաւաքուած էին ժողովի մեծ սրահը եւ խոժոռ դէմքերով կ’որոճային օրուան պատահածներուն վրայ, մէկը կը դիմէ Գազազ Ամիրային եւ կը մատնանշէ այն անպատեհութիւնը, որ կայ խենդերը պահելու պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
– Ժամանակները գէշ են, ամիրա՛ս, կ’ըսէ ան, երես անկեալ խոնարհելով եւ ձեր ոտքերը համբուրելով կ’ըսեմ թէ թաղերու մէջ անհնազանդներու եւ խենթերու թիւը օրէ օր կը շատնայ, մեր զնտանը նեղ կու գայ, դո՛ւ միայն ճար մը կրնաս ընել։
–Ո՜վ Սուրբ Փրկիչ, կը գոչեն եկեղեցականները եւ ներկայ աշխարհականները միաբերան, ժամանակները գէշ են, մեզ փրկէ մեր բորոտ ոչխարներէն։
Այն ատեն Գազազ Ամիրա կ’որոշէ յիմարանոց մը շինել իր ծախքով, քաղաքի պարիսպներէն դուրս, Ետի Գուլէ կոչուած ամայի վայրը եւ մատուռ մը՝ Սուրբ Փրկիչ անունով։
Երանիկ մօրաքոյրս այդ պատմութիւնները լսելով կը յուզուէր եւ՝ մտնելով այդ ժամանակի մարդոց հոգերուն մէջ՝ կ’ըսէր զայրոյթով.
– Քա տուտո՛ւ, ի՞նչ շաշխըն մարդիկ են եղեր, կառավարութեան դուռը դիմէին, տաճկնային, բան մը ընէին, ազատէին։
Մեծ մայրս գլուխը կը շարժէր սրտմտութիւնով եւ մօրաքրոջս ամբարիշտ մտածումին հակազդելու համար կը խաչակնքէր եւ կ’ըսէր.
– Ո՛ր կողմը որ դառնայիր, ազատում չկար։
Սակայն կը պատահէր որ կաշառքով կամ ուրիշ միջոցով մը խնդրոյ առարկայ «յանցաւոր»ը իսլամ պաշտպան մը գտնէր եւ Պատրիարքարանը անզօր ըլլար իր պատժական միջոցները կիրառելու. այն ատեն, մօրս ըսելով, Պատրիարքարանը սոսկալի միջոցի մը կը դիմէր, բանադրանք կ’արձակէր։ Բոլոր թաղերու եկեղեցիներու բեմերէն քարոզիչները կը նզովէին եւ կը բանադրէին այդ մարդը եւ այլեւս ան, իր ամբողջ ընտանիքով, կը դառնար բորոտ, համայնքին համար։ Ի՜նչքան գոռոզ գլուխներ, քանի մը ամիս խրոխտանալէ յետոյ, չդիմանալով այդ վիճակին, խոնարհեր էին, գացեր ծնրադիր ներում խնդրեր էին, իրենց բոլոր ունեցածը պատրիարքի գահին ստորոտը դրած էին, որպէսզի բանադրանքը վերանայ եւ կրկին «կենդանի մարդ դառնան»։ Ոմանք ալ, կ’ըսէր մեծ մայրս, «կ’ուրանային իրենց լոյս հաւատքը եւ իսլամ կը դառնային»։
Այսպիսի ժամանակներու մէջ է որ տուտուն, տասնըչորս տարեկանին, առաջին անգամ պառաւ ազգականներու հետ տունէն դուրս կ’ելլէ եկեղեցի երթալու համար։ Այն ատեն Կ. Պոլիս քրիստոնեայ կիներ չէին կրեր եւրոպական տարազ, թուրք կիներու նման անոնք կը հագնէին ֆերաճէ կամ էնթարի եւ քողարկուած էին եաշմագով կամ պարզ քողով, ըստ իրենց պատկանած դասակարգին։
Եկեղեցիէն վերադարձին Լուսիկ եւ իր ազգականները կը հանդիպին ենիչէրիներու։ Անոնք անմիջապէս կը յարձակին մատղաշ աղջկան վրայ, ֆերաճէն կը պատռեն այն առարկութեամբ որ կանանչ գոյնով վարդեր ունի. կանանչ գոյնը իսլամներու համար սուրբ գոյն էր եւ կեաւուրները իրաւունք չունէին կրելու։ Բայց, ինչ որ աւելի ծանրակշիռ էր, այն էր որ Լուսիկի եաշմագը կը վերցնեն երեսէն... պառաւները կը պոռան, ժամկոչ, լուսարար վրայ կը հասնին եւ օգտուելով ենիչէրիներու միջեւ յառաջ եկած վէճէ մը Լուսիկը կը փախցնեն տուն։
Բայց հեգ աղջիկը այլեւս անպատուուած էր։ Ո՞վ կ’ամուսնանար աղջկան մը հետ, որոն երեսը տեսեր էին «հեթանոս»ներ։ Ատկէ զատ՝ այլեւս վտանգաւոր էր այդ «նշմարուած» աղջիկը պահել տան մէջ։ Մէկ օրէն միւսը ենիչէրիները կրնային զայն փախցնել։ Լուսիկի ծնողքը, իրենց տունը եւ ընտանիքը փրկելու համար այդ հաւանական անպատւութենէն, կը դիմեն վարձկան միջնորդ կնոջ մը եւ կը պատուիրեն որ փեսացու մը գտնէ Լուսիկին համար։
Միջնորդ կինը եկեր էր Սկիւտար, ուր ենիչէրիները նուազ ազդեցիկ էին, ուր թաղերու խապատայիները[1] որոշ չափով կը զսպէին ենիչէրիներու սանձարձակութիւնները, երբեմն դաշինք կնքելով, երբեմն, կուրծք կուրծքի, դանակ դանակի կռուելով – իրենց ետեւն էին Անատոլուն եւ շրջակայ մօտիկ եւ հեռաւոր անտառները, ուր կրնային ապաստանիլ հարկ եղած ատեն – եւ փնտռեր էին երիտասարդ մը, որուն ձեռքէն կինը խլել դիւրին չէր։
Մեծ հայրս, Յակոբ, սերած էր իրենց անվեհութեամբ եւ ճարպիկութեամբ ծանօթ կարաւանի առաջնորդներէ։ Այդ հին օրերուն Սկիւտար տրանզիտ ի քաղաք մըն էր եւ նշանաւոր էր իր կարաւանսարայներով եւ արագոտն ձիերու կայաններով։ Յակոբի հայրը՝ Շիրին եւ հօրեղբայրը՝ Ֆարհատ, կարաւաններ կ’առաջնորդէին մինչեւ Պաղտատ, Պասրա, Պարսկաստան, «մինչեւ Հինդիստան, Չինումաչին», կ’ըսէր Երանիկ մօրաքոյրս։ Միեւնոյն ատեն Շիրին աշուղ էր եւ Ֆարհատ՝ մետտահ[2]։
Տուտուն շատ դժբախտ եղած է այդ ամուսնութեամբ։ Ոչ միայն ան յանկարծակի ինկած է իր սովորած կեանքէն բոլորովին տարբեր միջավայրի մէջ, այլեւ Շիրին օղլու Յակոբ եղած է տարօրինակ եւ անկարգ մարդ։ Ան իր կարգին աշուղ էր եւ կառապան – այլեւս չկային կարաւաններ։ Գինետունի հերոս, կռուազան, արկածախնդիր, անիկա երբեմն անսալով անդիմադրելի մղումի մը, կը թողուր կառք, տուն, կին, երեխայ, եւ ձի հեծնելով կը մեկնէր սրարշաւ Փոստայի ճամբէն։ Իր հետքը կը կորսուէր Չամլըճայի ետեւը տարածուող հովիտին մէջ։ Ո՞ւր կ’երթար, ի՞նչ կ’ընէր, ոչ ոք կարողացած է որոշ բան մը ըսել իմ հետաքրքրութեանս։ Հաւանաբար կ’երթար Անատոլուի մերձաւոր եւ հեռաւոր քաղաքները եւ տօներու կը մասնակցէր իր աշուղի հանգամանքով։ Թերեւս պարզապէս որոշ վայր հասնելէ ետքը ձին պահ կու տար տեղ մը եւ իբր տերվիշ կը թափառէր անծանօթ ճամբաներու վրայ, անորոշ նպատակով... Ամէն պարագայի իմ պատանեկան տարիներուս Սկիւտարի ծերերը կ’ըսէին թէ Շիրին օղլու Յակոբ աննման աշուղ էր, մանաւանդ երբ անպատրաստ կ’երգէր կամ կ’արտասանէր։ Թուրքերը այնքան կը գնահատէին իր աշուղական արուեստը որ կ’աշակերտէին իրեն։ Ան, ըստ վկայութեան, երբեմն գրի կ’առնէր իր երգածը՝ հայատառ թրքերէն։ Բայց այդ գրութիւններէն ոչ մէկ բան չեմ կրցած գտնել։ Միայն լսած եմ մեծ հօրս երեք աշուղական բանաստեղծութիւնները ուրիշ աշուղի մը՝ Հագգըի (ազգով հայ) այրի կնոջ բերնէն, որոնք ինձ թուած էին զմայլելի։ Բայց այն ատեն հազիւ տասներկու տարեկան էի։
Նոյնպէս չեմ կարողացած գիտնալ թէ Շիրին օղլու Յակոբ ի՞նչ նուագարանի վրայ կը նուագէր։ Մեծ մայրս իր ամուսնոյն մահէն յետոյ ոտքերուն տակ ջախջախեր էր այդ գործիքը, այրեր էր բոլոր թուղթերը եւ կը մերժէր ոեւէ տեղեկութիւն տալ իր ամուսինին աշուղի հանգամանքին մասին, որ իր տառապանքներուն բուն պատճառը կը համարէր։
Շիրին օղլու Յակոբ կը վերադառնար իր խորհրդաւոր ճամբորդութենէն յոգնած, սպառած։ Անիկա անշշուկ կ’ենթարկուէր կնոջը խնամքներուն, կը կազդուրուէր, կը սկսէր գլուխ բարձրացնել եւ ահա օր մըն ալ կը նետուէր ձիուն նիւսին եւ ճամբայ կ’ելլէր։
Իր կինը այդ անհետացումներու միջոցին կը մնար անտէր եւ երբեմն կը մատնուէր ծայրայեղ չքաւորութեան։ Միշտ յղի՝ ան կ’անիծէր իր ամուսինը, կ’անիծէր իր բախտը եւ կ’ապաստանէր եկեղեցի։
Այս պայմաններուն մէջ ան ունեցած էր տասներեք զաւակ, որոնցմէ ինը կ’ապրէին։ Մայրս վերջընթերն էր այդ զաւակներուն։
Ես ունէի ուրեմն հինգ մօրեղբայր եւ երեք մօրաքոյր։ Իմ ծնած ատենս միայն Նահապետ մօրեղբայրս ամուսնացած էր եւ իր ընտանիքով կ’ապրէր Ենի Մահալլէ։ Անիկա եւ Խաչիկ մօրեղբայրս, որ կը բնակէր Բերա, երկաթագործ էին։ Միւս մօրեղբայրներս եազմաճի բանուոր էին, ինչպէս մօրաքոյրերս՝ բանուորուհի, եւ կ’ապրէին մեր տան մէջ։
Իմ մանկութեան առաջին օրերէն իմ աչքերս հանգչած են հօրս անդորր եւ պայծառ դէմքին վրայ։ Անոր ժպտուն եւ կապոյտ աչքերը, թանձր շրթները, կանոնաւոր դիմագծերը քիչ մը ցցուած այտոսկրներով, բարձր հասակը, պատրիկեան ձեռքերը կը ներշնչէին բարութեան ու վայելչութեան զգացում։ Անիկա ունէր առողջ դատողութիւն եւ օժտուած էր հաւասարակշիռ իմացականութեամբ։ Իր կեանքին մէջ յառաջ եկած յանկարծական փոփոխութիւնները կարող էին ընկճել զինքը եւ դառնացնել, բայց ան իր բարոյական ուժերով յաղթեր էր այդ բոլորին եւ լաւատեսութիւնով կը դիմաւորէր ամէն կացութիւն։ Իր ծերութեան օրերուն ոեւէ մէկը, որ տեսնէր անոր անխորշոմ դէմքը, ճերմակ, բայց առատ մազերը լայն ճակատին վրայ, եւ լսէր անոր հանդարտ եւ կշռաւոր խօսքը, կ’ունենար այն տպաւորութիւնը՝ թէ ան մարդ մըն էր որ հասած էր իր բոլոր նպատակներուն եւ որուն կեանքը անցեր էր անարգել, հեզասահ գետի մը նման։
Իր հայրը, Յովհաննէս, եղեր էր դատաւոր Ռումելիի մէջ։ Յիսունըհինգ տարեկանէն կուրցեր էր եւ քսան տարի ապրեր էր կոյր վիճակի մէջ շարունակելով իր աշխատանքը։ Հօրենական մեծ հօրս ծագումը շրջապատուած է խորհրդաւորութեամբ։ Օտար արիւն մտեր էր ընտանիքին մէջ, հաւանաբար, սլաւական։ Այդ մասին կ’ըլլային ակնարկութիւններ հօրս ընտանիքի ծերերուն կողմէ, բայց հայրս չէր սիրեր խօսիլ այդ նիւթին վրայ։ Միայն կը հաստատէր, երբ առիթ ներկայանար, որ իրաւամբ «օտար արիւն մտած է մեր ընտանիքին մէջ»։
Հայրս, Սկիւտարի ճերմարանը աւարտելէ ետք, գացած է Թիֆլիս, ճամբորդած է Տաղստան ի խնդիր ազգականներու, որոնց հետ ժառանգական հարցեր ունէր լուծելիք։ Ան գիտէր ռուսերէն եւ քիչ մըն ալ վրացերէն եւ այդ լեզուներով նամակագրութիւն ունէր։ Հօրս ստացած նամակներէն ոմանք դեռ կը մնան իր թողած թուղթերու ծրարին մէջ։
Իր ծնողքը ջերմօրէն ցանկացեր են որ իրենց տղան բարձարգոյն կրթութիւն ստանար Ռուսաստանի մէջ, «ուր պաշտպաններ կ’ունենար»։ Հայրս կը ձգտէր հետեւիլ բժշկութեան եւ նախապատրաստուած էր այդ ուղղութեամբ։ Բայց ընտանեկան պատճառներով մայրս զինքը բերել տուած է Կովկասէն եւ այլեւս հայրս չէ կրցած հեռանալ Կ. Պոլսէն։
Հօրենական մեծ մայրս՝ Երանուհի՝ սերած է ակնցի ընտանիքէ մը, որ կապեր ունեցած է արքունիքի հետ։ Հայրը պետական հայթայթիչ էր։ Հօրս մօրեղբօր աղջիկները, Մելիքեան քոյրերը, Սուլթան Ազիզի օրով եղած են վալիտէ սուլթանին պատուոյ տիկիններէն։ Երկու քոյրերը երբեմն կու գային Խասգիւղ, իրենց ծնողքին այցելութեան, արքունական կառքով եւ սեւամորթ ներքինիի մը ընկերակցութեամբ։ Այն ատեն հայ կիները արդէն կը կրէին եւրոպական տարազ, բայց Մելիքեան քոյրերը պալատի էտիկետ ի համեմատ կը հագնէին եաշմագ-ֆերաճէ, բայց անոնք պահած էին իրենց ազգութիւնը եւ կրօնը։ Երբեմն Ծնունդի եւ Զատկի տօներուն, արտօնութիւն կը ստանային մինչեւ մէկ շաբաթ մնալու իրենց ծնողքին հետ։ Այդ միջոցին ազատ էին եւրոպական հագուստ կրելու եւ երեսնին բաց դուրս գալու։ Որոշուած օրը ներքինին կու գար կառքով եւ զիրենք կը տանէր պալատ։
Մեծ մայրս, Երանուհի, մեռած է ութսունըչորս տարեկան, թողելով վիճելի ժառանգութիւն մը։ Հայրս չորս քոյր եւ մէկ եղբայր ունէր եւ, հակառակ որ կրտսերն էր, իր վրայ առած էր ամբողջ ընտանիքին գործերու կարգադրութիւնը։ Իմ հօրաքոյրերէս ես ճանչցած եմ միայն Աննիկ հօրաքոյրս, որ բռնաւոր կին էր, որ իր չափահաս զաւակները կը պահէր իր խիստ հրամաններուն տակ, որ անոնցմէ ոչ մէկուն թոյլ չէր տուած ամուսնանալ, որպէսզի օտար մարդ չմտնէ տունէն ներս, որ տունին մէջ հաստատած էր կարգ ու կանոնի կատարեալ պրոտոկոլ եւ ունէր մաքրութեան հիւանդութիւն։ Կ’ըսէին որ նոյնիսկ վառարանի մէջ վառելիք փայտերը օճառ ջուրով լուալ կու տար։
Հօրս ազգականները լուրջ եւ ծանրախոհ մարդիկ էին։ Տղամարդիկ ստացած էին երկրորդական կրթութիւն, մեծ մասամբ Կալաթա Սերայի լիսէին մէջ։ Լաւ գիտէին թրքերէն եւ ֆրանսերէն եւ ոմանք դարձեր էին պետական պաշտօնեայ։ Այր թէ կին ուժեղ խառնուածքի տէր էին։ Իրենց բնաւորութեան լաւ եւ վատ գիծերը շեշտուած էին։ Հօրեղբայրս բացառութիւն կը կազմէր իր մեղմ եւ բարեհամբոյր բնաւորութեամբ, որուն համար հազիւ զսպուած արհամարհանքով կ’ըսէին թէ «անվնաս» մարդ է եւ կարծիք չունի։ Այդ ընտանիքի անդամները ընտանեկան կամ հասարակական դէպքի մը առթիւ, պատուոյ խնդիր կը համարէին իրենց դիրքը որոշել եւ մեծաբարբառ արտայայտել իրենց կարծիքը։ Յաճախ յառաջ կու գային բախումներ, նոյնիսկ անհաշտ ատելութիւններ մէկ մէկու հանդէպ։ Այրերը ընդհանրապէս լիբերալ էին եւ կանգնած էին ֆրանսական յեղափոխութեան սկզբունքներուն վրայ։ Այդ էր իրենց բարոյական հէնքը։ Կիները ընդհակառակն պահպանողական եւ աւանդապահ էին ու զինուած էին յարձակողական առաքինութիւններով, «որոնցմով, կ’ըսէր հայրս, ոչ միայն ուրիշները անհանգիստ կ’ընեն, այլ իրենք ալ անհանգիստ են»։
Այր թէ կին հոգածու էին վայելչութեան, ամէն ինչ կարգով կանոնով ընելու, բացի հօրմէս, որ կը սիրէր գծուած ճամբաներէն դուրս գալ, անձնատուր ըլլալ իր ֆանթազիային։ Անոնք բարձրահասակ էին, նիհար, շատ ճերմակ մորթով, խարտեաշ մազերով, խաժակն, բայց դէպի իրենց ծերութիւնը կը ստանային ընտանեկան յատուկ դիմագիծը, թաթարական դիմակը։
Հայրս՝ դեռ ամուրի՝ կը բնակէր Վլանկա, Աննիկ հօրաքրոջս տունը, որ վաղուց այրի էր։ Անոր մէկ աղջկան հիւանդութիւնը պատճառ եղեր էր որ բժիշկի խորհրդով փոխադրուին Սկիւտար։ Քիչ յետոյ Աննիկ հօրաքոյրս գժտուեր էր հօրս հետ, որովհետեւ հայրս խորհուրդ տուեր էր քրոջս թոյլ տալ աղջկանը ամուսնանալ իր սիրած տղուն հետ։ Աննիկ հօրաքոյրս համարեր էր որ սա հրաւէր է ընտանիքը անպատուելու։ Այդպէս էին բարքերը մայրաքաղաք Կ. Պոլսոյ մէջ։ Երիտասարդներ, որ թերեւս իրարու հետ խօսելու առիթ իսկ չէին ունեցեր, կը բաւէր որ ակնարկներ փոխանակեր էին եւ սիրոյ փոխադարձ զգացումէ մղուած ձգտեր էին ամուսնանալ, կը համարուէին արատաւորուած։ Դեռ մինչեւ իմ պատանեկան տարիներուս լսեր եմ որ որոշ մեղադրանքով խօսին ընտանիքի մը մասին ըսելով՝ թէ «անոնք սիրահարուելով ամուսնացած են»։
Հայրս թողեր էր Աննիկ հօրաքրոջս տունը եւ փոխադրուեր էր իր մօրենական ժառանգութիւնը եղող տունը, որ նոյնպէս Սկիւտար կը գտնուէր եւ ուր կը բնակէին իր երկու քոյրերը։
Եւ իրիկուն մը հայրս, այն ատեն քառասուն տարեկան, բարեկամի տան մը մէջ հանդիպեր էր մօրս, տասնութամեայ դեռատի աղջիկ, եւ ուզեր էր ամուսնանալ հետը։
Հօրաքոյրերս դիմադրեր էին մերժելով խնամութիւն հաստատել «առապաճի Յակոբ»ի ընտանիքին հետ։ Բայց հայրս հաստատ մնացեր էր իր դիտաւորութեան մէջ։ Ամուսնութենէն ութ ամիս յետոյ, ստիպուեր էր կնոջ հետ գալ զոքանչին տունը «մինչեւ երեխայի ծնունդը» եւ այլեւս մնացեր էր հոն։
Իմ ծնած ժամանակս հայրս իր ունեցածը կորսնցուցեր էր յանկարծակի, քոնսոլիտ ի մէջ։ Այդ կարգի կործանումներ յաճախ կը պատահէին Կ. Պոլսոյ մէջ։ Բայց հայրս մեծ պաղարիւնութիւնով դիմաւորեր էր այդ անակնկալ կացութիւնը։ Իր քենիները թեզկեահի վրայ եազմա կը բանէին։ Ան հետաքրքրուեր էր այդ գործով եւ անմիջապէս ձեռնարկեր էր արհեստանոց մը բանալ, ուր եազմայի սեւ գծագրութիւնը կը կոխէին։ Ինքն ալ սորվեր էր արհեստը եւ անայլայլ հոգիով անցեր էր մէկ վիճակէն միւսը։ Ամբողջ օրը կ’աշխատէր եւ երեկոները անձնատուր կ’ըլլար ընթերցանութեան։ Հետամուտ էր նաեւ գտնելու նոր գոյներ եազմա յի գործի վերաբերեալ, եւ այդ ուղղութեամբ փորձեր կը կատարէր աշխատանոցի մը մէջ, որ կառուցեր էր մեր պարտէզին մէկ անկիւնը։
Հայրս շռայլ էր եւ կը սիրէր առատութեամբ ծախսել։ Բայց իր բնաւորութեան այդ մղումին գոհացում տալու համար չէին բաւեր ոչ իր իբր արհեստաւոր վաստկածը, ոչ ալ ժառանգութեան վերջին բեկորները։ Հետզհետէ հայրս սորվեցաւ պարտքեր ընել վաշխառուական տոկոսներով։ Մեր ընտանեկան կեանքը այսպիսով ունէր յանկարծական վերելքներ եւ անկումներ։ Երբեմն անհաշիւ ճոխ, երբեմն չքաւորութեան հասնող նեղութիւն։ Պարտքերու պայմանաժամերը ոչ թէ կը հասնէին այլ կը պայթէին ռումբերու պէս, որովհետեւ մինչեւ ժամկէտը հայրս կը մնար անայլայլ եւ կը վարուէր, ինչպէս եթե անյատակ գանձ մը ունենար իր տրամադրութեան տակ։ Եւ եթէ պատահէր որ սիրտը նեղուէր եւ ընթերցանութիւնը բաւական չըլլար իր հոգերը ցրուելու, կը մտնէր պարտէզ եւ կը զբաղէր ծաղկամշակութեամբ։
Ահա այդպիսի այլազան տարրերէ կազմուած եւ տնտեսական անհաւասար վիճակներու ենթարկուած ընտանիքի մը մէջ ծնած եւ ապրած եմ իմ մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներս։
Տունը, ուր ծնած եմ, երկյարկանի, փայտաշէն եւ կարմիր ներկուած սովորական տուն մըն էր, որուն փողոցի վրայ նայող պատուհաններու վարագոյրները գրեթէ միշտ փակ կ’ըլլային, որովհետեւ ճիշդ մեր տան դիմաց կար յոյն նպարավաճառի խանութ մը, որ միեւնոյն ատեն գինետուն էր։
Մեր տնեցիները օրը կ’անցընէին տանը ետեւի սենեակները, որոնց պատուհանները կը բացուէին իրարու յաջորդող այգիներու վրայ։
Այգիներէն անդին, թրքական թաղերն էին հոյակապ մզկիթներով, որոնց սլացիկ եւ ճերմակ մինարէները կ’ընկերանային սեւ նոճիներու։ Հեռուէն կ’երեւէր նաեւ Վոսփորի կապոյտ եւ փալփլուն ժապաւէնը, ուրկէ անդին Սթամպուլի սիլուէթը, որ, առաւօտները վարդագոյն, օրուան մէջ ոսկեգոյն եւ իրիկունները կապտորակ մշուշի մէջ շղարշուած, կը թուէր յարափոփոխ, երանգաւոր ու երազային երկիր մը։
Իմ մանկական աչքերս շլացեր են այն ճաճանչներէն, որոնք մզկիթներու ոսկեզօծ գմբէթներուն վրայ իյնալով լոյսի հրդեհներ կը վառէին. իմ առաջին տեսողական տպաւորութիւններս կրեր եմ այդ գունագեղ եւ միեւնոյն ատեն նրբօրէն երանգաւոր շրջանկարէն, որ խոր ազդեցութիւն գործեր է իմ վրաս։ Դեռ անգիտակից եւ անբարբառ՝ լացեր կամ խնդացեր եմ կրած տպաւորութիւններուս առթած ուժգին յուզումով եւ հետագային, երբ կրկին տեսեր եմ նոյն տեսարանները, զգացեր եմ որ անոնք արդեն տեսնուած ու զգացուած են ինձմէ։
Կը յիշեմ գարնան առաւօտները, երբ այդ այգիները, Սիլիհտարի պարտէզները, կը դառնային բոցավառ վարդաստաններ։ Այդ վարդերը կը խուժէին տունէն ներս, կը զարդարէին անզարդ սենեակները, բուրում եւ երանգ կը բերէին ճերմակութիւնով պատած սենեակներու մէջ, կը դառնային խաղալիք երեխաներու ձեռքին եւ անոնց թերթիկները կ’անձրեւէին ամենուն եւ ամէն բանի վրայ։
Կը յիշեմ կլիսիններու գահավիժումը սարփինաներու վրայէն, որոնք պերճ պատմուճաններու պէս կը ծածկէին զառամած տուներու խլխլիկ թշուառութիւնը։ Արեւի լոյսը, մաղուելով սաղարթախիտ ծառերու մէջերէն, կը թափէր գետնի վրայ խուսափուկ պղպջակներով. զով սիւքը փայփայանքի պէս կ’անցնէր մարդոց եւ բոյսերու վրայէն եւ որուն հետ կարծես նազանքով կը խաղային նորածիլ ոստերը։
Կը յիշեմ տենդագին եւ գաղջ իրիկունները, գորտերու կռկռոցը աւազաններու մէջ, կայծոռիկներու ոստումները եւ արտեզեան հորերու անվերջ ճռինչը, որ մինչեւ իմ հիւանդոտ երեխայի խռոված քունիս մէջ կ’ընկերանար իմ երազներուս։ Երբեմն ալ հովիւի սրինգ մը, Րումելիի տափաստաններէն գաղթած պարտիզպանի մը ձեռքին, հեռաւոր եւ հայրենաբաղձ մեղեդի մը կ’երգէր։
Կը յիշեմ տառապանքս այդ բազմերես բնութեան գեղեցկութեան առաջ, անզօր բաղձանքս ընդգրկելու, իւրացնելու ինչ որ ցրիւ բուրմունք էր, երանգ, լոյս եւ երազ…։
Կը սիրէի ակնապիշ նայիլ երկնքին, ուր ոսկեծիր ճերմակ ամպեր մեղմօրէն կը ձեւափոխուէին։ Երբեմն ամպի ծուէն մը կ’անջատուէր եւ կը սուրար աւելի արագ կապոյտ երկնակամարին վրայ։ Այդ բոլորը շունչ եւ կեանք կ’առնէին իմ աչքերուս տակ, իմ մանկական հասկացողութեամբ իմաստ կու տայի այդ շարժումներուն եւ ձեւափոխութիւններուն, երբ աչքերս կը սեւեռէի արեւմուտքի բոցավառ հորիզոնին եւ անոր վերեւ գծուող շէկ երիզներուն։
Կը յիշեմ մայիսեան զով անձրեւը, որ կը տեղար հապճեպ մրմունջով, պապակած բոյսերու եւ կարմիր կղմինտրներով ծածկուած տանիքներու վրայ։ Ջրդոններէն անձրեւաջուրը ուղխօրէն կը հոսէր եւ թաց ու փխրուն գետնին վրայ իրեն համար ճամբայ կը բանար բազմաճիւղ առուակներ կազմելով։ Բաց պատուհաններէն զովացած օդի թարմ շունչը կը խուժէր ներս։ Պարտէզներէն եւ այգիներէն հերկուած եւ պարարտ հողի եւ թրջուած կանանչի հոտը կը բռնէր մթնոլորտը։ Եւ այգուն՝ անձրեւով յագեցած պարտէզները իրենց ցօղաթուրմ ծաղիկներով կը ժպտէին։
Կը յիշեմ ինքզինքս մեր պարտէզի արահետներուն մէջ, տոտիկ-տոտիկ քալելով լոյսի արատներու վրայ, որ կը դողդղային երերուն ճիւղերու թողած շուքին մէջ։ Կը յիշեմ անորոշ մտատանջութիւնը, որ յանկարծ կը գրաւէր ինձ, երբ ուշադիր կը լսէի ծառերու սօսաւիւնը եւ առուակներու խոխոջը։
Այդ պարտէզներուն մէջ արքայական ծիրանիներ իրենց ոսկեգոյն պտուղները կարկառած են ինձ, ծաղկեալ վարդենիներ իրենց քաղցր բուրմունքով օծած են իմ մանկութիւնս եւ վարդեր կարմիր, վարդեր ճերմակ իրենց գեղեցկութեան գերագոյն լրումին մէջ փոխանակ թառամելու, անհամար թերթիկներով, իմ զգայուն մատներուս թեթեւ հպումով, ինկած են ոտքերուս առաջ։
Իմ կեանքի ընթացքին տեսած եմ շատ երկիրներ եւ վայելած եմ բնութեան բազմատեսակ գեղեցկութիւններ, բայց Սիլիհտարի պարտէզներու յիշատակը մնացած է անջնջելի։ Ինձ հետ տարեր եմ ամենուրեք այդ պարտէզները եւ անոնց մէջ ապաստաներ եմ ամէն անգամ, երբ մութ եւ սպառնական ամպեր կուտակուեր են իմ կեանքիս հորիզոնին վրայ։
Ինչքան մեր տան պարտէզը, շրջակայ պարտէզները եւ այգիները ժպտուն եւ ծիծաղկոտ էին, այնքան մեր տան ներքնամասը խոժոռ էր եւ ցուրտ։
Մաքրութեան աններող սովորոյթներ, մեծ մօրս հրամայական պահանջով, վանել կու տային ոեւէ առարկայ, որ կարող էր քիչ մը հաճելի անկարգութիւն, քիչ մը ֆանթազիա բերել մեր կենցաղին մէջ։ Բոլոր սենեակներուն պատերը սուայուած եւ ջնարակուած էին ճերմակ գոյնով։ Գետինը տախտակ էր, բացի երկու սենեակէ, որոնք ծածկուած էին փսիաթով։ Այդ տախտակները այնքան յաճախակի կը լուացուէին եւ աւազով կը շփուէին որ թաց տախտակի հոտը սովորական դարձած էր մեր ռունգերուն։
Սենեակներուն ճակատը մէկ պատէն միւսը կ’երկարէր բազմոցը, միշտ ծածկուած ձիւնաթոյր ծածկոցով։ Պատուհանները ունէին ճերմակ, «արդուկին ծալքը վրան» զոյգ վարագոյրներ։ Բոլորակ սեղան մը, ճերմակ քռոշէ ծածկոցով, կը կրէր ջրաման մը եւ բաժակ մը, հակառակ կողմը դարձած բիւրեղեայ պնակի մը մէջ։ Կը ճաշէինք բակը, որ սալարկուած էր ճերմակ մարմարիոնով եւ գիշերը ճերմակ գիշերանոցներով կը պառկէինք գետինը փռուած անկողիններու մէջ, որոնց սաւանները կը բուրէին վարդ կամ լաւանտ։ Ուր որ մարդուս աչքը կը թափառէր, կը հանդիպէր անողոք սպիտակութեան։
Ոչ մէկ նկար պատերուն վրայ. ոչ մէկ ծաղկաման։ Երբ մօրաքոյրերս պարտէզէն ծաղիկներ բերէին եւ տնկէին բաժակներու մէջ, Տուտուին կարծիքով «փիսութիւն» կ’ըլլար։ Միայն վարդերու եղանակին էր որ դէզ առ դէզ վարդեր կը կուտակուէին սեղաններու եւ բազմոցներու վրայ։ Տուտուն կը հանդուրժէր միայն վարդի բուրմունքին, որուն համար կ’ըսէր թէ «մաքրութիւն կը հոտի»։ Մնացեալ բուրմունքները, բնական թէ արուեստական, իր կարծիքով պարկեշտ մարդոց համար չէին։
Ձմեռնամուտին, երբ պարտէզին դռները կը փակուէին, յուսահատութիւն կը գրաւէր իմ մանկական հոգիս։
Մէկ կամ միւս մօրաքրոջս գիրկը, ճերմակ բազմոցին վրայ կծկտած, կարօտով կը յիշէի արեգնաւէտ արահետները եւ վարդենիները։ Այն ատեն, աչքերս կը գոցէի եւ ինքզինքիս կը պատմէի հեքիաթունակ պատմութիւններ, ուր վարդեր կը խօսէին, ծառեր կը քալէին նազանքով ու իրենց բազկատարած ճիւղերով շուրջպար կը կազմէին։ Բարեբախտաբար տանը մէջ կային երկու ովասիսներ, ուր սակայն իմ մուտքս հազուադէպ էր։ Անոնցմէ մէկն էր Երանիկ մօրաքրոջս սենեակը, ուր մինակը եազմա կը բանէր։ Երանիկ մօրաքոյրս խստիւ կը պաշտպանէր իր առանձնութիւնը եւ ինձ համար իր սենեակը խորհրդաւոր որջ մըն էր, ուր մտնելու երանութիւնը կը համարէի անհասանելի երազ։ Միւսը՝ տանը ամենէն ընդարձակ սրահն էր, ուր մօրաքոյրերս երբեմն դէմ դէմի, երբեմն առանձին թեզկեահներու վրայ եազմա կը բանէին։
Այդ սրահը հրաշալի աշխարհ մըն էր ինձ համար։ Գետինը ծածկուած էր փսիաթով, որ թեթեւ մը կը ճռճռար մօրաքոյրերուս մուճակներուն տակ։ Բազմոցը ծածկուած էր նկարէն կտաւով։ Վարագոյրները դեղնորակ էին կարմիր խիտ գիծերով։ Իմ հիացումիս գլխաւոր առարկաներն էին թեզկեահները, ցած սեղաններ, որոնց առաջքը մինտէրներու վրայ ծալապատիկ նստած, Իւղաբեր եւ Մաքրիկ մօրաքոյրերս եազմա կը բանէին։ Անոնք հագած կ’ըլլային դեղին, վարդագոյն կամ կապոյտ էնթարիներ՝ նկարազարդուած խոշոր գունագեղ ծաղիկներով։
Թեզկեահներուն մէկ եզերքը դրուած էին հողէ ամաններով կարմիր, դեղին, մանիշակագոյն ներկեր։ Կանաչը եւ կապոյտը Երանիկ մօրաքոյրս կը բանէր։
Եազմաներու գծագրուած տերեւները եւ ծաղիկները գոյն եւ րըլիէֆ կը ստանային, երբ մօրաքոյրերս վրձինները կը թաթխէին այս կամ այն ներկին մէջ եւ կը բանէին։ Ներկուած եազմաները կը փռէին շարքով կապուած առասաններու վրայ եւ շտապ աշխատելով կը խօսակցէին։ Անոնք իմ հետաքրքիր մտքիս առաջ կը բանային դուրսի անծանօթ աշխարհի դռները, շատ բան չէի հասկնար այդ խօսակցութիւններէն, բայց իմ նորազարթ երեւակայութիւնս թեւեր կ’առնէր եւ այդ խօսքերու բեկորներով ինձ համար աշխարհ մը կը ստեղծէի։
Մասնաւորապէս ջերմ սիրով կը սիրէի Իւղաբեր մօրաքոյրս, որ Կոկօ կը կոչէի։ Ան քոյրերուն ամենէն մեծն էր եւ ոչ միայն ինձ, այլեւ մայրիկիս համար ունէր մայրական զգացում։ Ան էր որ ինձ կը խնամէր, կը լուար, կը հագուեցնէր եւ գիշերները կը տանէր պառկեցնելու։ Կոկօ նուրբ կազմուածքով, բաց շագանակագոյն մազերով եւ խորը ինկած սեւ աչքերով կին մըն էր, հոգածու իր արդուզարդին։ Մազերը կը կտրէր ճակտին վրայ եւ տանը մէջ միակ կինն էր որ բրնձափոշի կը գործածէր, հակառակ այդ մասին իրեն եղած մեղադրանքներուն։ Կը սիրէր գունագեղ կերպասները եւ կը յիշեմ որ տարիներով ցանկութիւն ունեցած է կարմիր թաւիշէ հագուստ մը շինելու, ինչ որ անկարելի եղած է տանը մէջ տիրող մայրական խիստ կարծիքին պատճառով։ Երբեմն Կոկօ կ’իյնար մելամաղձոտութեան մէջ եւ, ինչպես եթէ քէն ըրած ըլլար բոլոր տնեցիներուն, մռայլ եւ տխուր կ’աշխատէր, ձախ ձեռքը դրած քունքին, որովհետեւ գլխի ջղային շարժում մը ունէր որ կը սաստկանար այդ օրերուն եւ արցունքը անշշուկ կը սահէր նիհար այտերուն վրայ։ Այդ տխրութեան պատկերը սիրտս կը ճնշէր եւ կը տառապեցնէր ինձ։ Այլեւս չէի գիտեր ինչ ընել, քիչ մը ժպիտ բերելու համար Կոկոյի յուսահատ դէմքին վրայ, ինչ որ երբեմն կը յաջողէի։ Բայց եթե լաւ տրամադրուած ըլլար, Կոկոն քաղցր եւ խանդակաթ կին էր։ Ոչ ոքի բերնէն չեմ լսած այնքան ջերմ եւ գորովոտ խօսքեր, որքան իրմէ։ Ինձ խնամած միջոցին չէր դարեր ամէն մէկ գործողութիւնը. – հանուեցնել, հագուեցնել, եւայլն – պարուրելու սիրազեղ մրմունջով։ Անսահման համբերութեամբ կը կատարէր բոլոր փափաքներս, մեղմութեամբ կը սանտրէր մազերս եւ ինձ զբաղեցնելու համար պատմութիւններ կը պատմէր կամ կ’երգէր մեղմ եւ տխուր ձայնով։
Մաքրիկ մօրաքոյրս, ընդհակառակն, բուռն բնաւորութեան տէր էր եւ յանկարծակի իր տրամադրութիւնը կը փոխուէր։ Կենսուրախ եւ օժտուած հարուստ խառնուածքով, միւս կողմանէ չունենալով եղբայրներուն պատեհութիւնը տունէն դուրս անձնատուր ըլլալու իր բնութեան դրդումներուն, ան երբեմն չնչին պատճառներով կ’ունենար զայրոյթի բուռն պոռթկումներ եւ կ’ըմբոստանար նոյնիսկ մօրը դէմ։
Մօրը մահէն յետոյ միայն, աւելի քան հասուն տարիքի մէջ ամուսնացաւ ողորմելի մարդու մը հետ, որուն համար մինչեւ այդ մարդուն մահը ունեցաւ արդար արհամարհանք։ Բայց շնորհիւ այդ ամուսնութեան՝ ձեռք բերաւ իր անկախութիւնը եւ անձնատուր եղաւ անվերջ քէֆի։ Ամէն իրիկուն օղիին ափսէն կը շտկուէր։ Հիւրերը, որոնց մէկ մասը նուագածուներ էին եւ դրացիները՝ հայ եւ թուրք, կը հաւաքուէին եւ նուագելով ու երգելով կը զուարճանային։
Եւ եթէ պատահէր որ թթուած դէմքով դրացի մը քննադատական խօսք մը մրմռար այդ անվերջ քէֆերուն համար, ոչ երես երեսի, եւ հասնէր Մաքրիկ մօրաքրոջս ականջին, ան կը ստանար «բերնին փայը»։
Ձմեռուան կարճ օրերուն, երբ մօրաքոյրերս կը շարունակէին աշխատանքը լամբարի լոյսով, մայրս երբեմն ինձ գրկած, կամ ձեռքէս բռնած կը բերէր այդ սրահը։ Եազմաները շուտ չորցնելու համար վառարան դրած էին։ Փայտը կը հուրհրար, լամբարներու լոյսերը կը քթթէին. ներկերու հոտը, արտասանուած խօսքերու իմ մէջս յարուցած պատկերները գլխապտոյտ կը պատճառէին ինձ։ Հայրս երբեմն կ’ուշանար։ Կը պատահէր որ մինչեւ կէս գիշեր աշխատէր իր արհեստանոցին մէջ։ Այդ պարագային երբեմն կը մոռնային ինձ տանիլ պառկեցնելու։ Մօրեղբայրներս մէկիկ-մէկիկ կը վերադառնային իրենց գործերէն, աւելի յաճախ գինետուներէն, եւ կը սկսէր ընդհանուր խօսակցութիւն մը գործերուն վրայ, գործատէրին վրայ, ուրիշ բանուորներու եւ բանուորուհիներու վրայ։
Թէ՛ մօրեղբայրներս, թէ՛ Մաքրիկ մօրաքոյրս – Իւղաբեր մօրաքոյրս հեզ էր եւ համակերպող – անխնայ ծաղրի եւ արհամարհանքի առարկայ կ’ընէին իրենց գործատէրը, որ Չեւիկենց Բարթիկը կը կոչուէր։ Այդ Բարթիկի եղբայրը, Թադէոս, ապուշ էր եւ թաղեցիները |առը[3]| անունը տուեր էին անոր։ Մօրեղբայրներս կը պատմէին առըին շահատակութիւնները շուկային եւ փողոցներուն մէջ եւ լիաթոք կը խնդային։ Երբեմն ալ կը վերյիշէին հին պատմութիւններ իրենց հօրը եւ հօրեղբայրներուն առընչութեամբ եւ ես այդ բոլորը կը լսէի ինչպէս հրաշալի հեքիաթներ։ Բայց իմ երջանկութիւնս իր լրումին կը հասնէր, երբ Տիգրան մօրեղբայրս կու գար գինետունէն։ Կանկանը, այդպէս կը կոչէի զինքը, շէնշող բնաւորութեան տէր էր եւ իր գինովութիւնը զուարթ էր, մինչ Պօղոս, Պետրոս երկու եղբայրները «ֆեսատ էին», այսինքն կռիւ կը փնտռէին, երբ խմած ըլլային։
էին», այսինքն կռիւ կը փնտռէին, երբ խմած ըլլային։
Կանկան ինձ կ’առնէր բազուկներուն վրայ, կը բարձրացնէր մինչեւ առաստաղը, հազար կատակ կ’ընէր մէկին եւ միւսին հետ եւ երբեմն ալ, ընկողմանած փսիաթին վրայ, տեսթան կ’ըսէր կամ իր ստեղծագործած աշուղական երգերէն մէկը կ’երգէր։ Կը գրէր հայ տառերով թրքերէն բանաստեղծութիւններ։ Անոնցմէ մաս մը յաջողած եմ փրկել եւ մինչեւ այսօր կը պահեմ։
Տիգրան մօրեղբայրս դպրոց գացած, ուսմունք ստացած էր։ Շատ լաւ գիտէր հայերէն գրաբար եւ թրքերէն։ Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրոցը աւարտելէ յետոյ մտած էր՝ իբր գրագիր՝ պաշտօնի, տրապիզոնցի թուրք վաճառականի մը քով։ Բայց օր մը մեկներ էր վաճառատունէն, թափառեր էր Անատոլուի քաղաքները եւ վերադարձեր էր Պոլիս, փերուշան վիճակի մէջ։ Յետոյ ինքն ալ մտեր էր եազմայի գործին մէջ եւ Պօղոս, Պետրոս եղբայրներուն պէս դարձեր էր բանուոր։ Անոնք, ամառուան տաքին, ձմեռուան ցուրտին կ’երթային ծովեզերք եազմա լուալու, թաց եազմաները ուսերնուն կը բարձրանային զառիվերէն, ներկը կը պատրաստէին, գործ կը բաժնէին թաղերը եւ ամէն իրիկուն գինետուն կ’երթային օրուան ծանր աշխատանքէն ամոքուելու համար։
Կանկան հաճելի դէմքով մարդ էր, սեւ աչքերով, առատ սեւ մազերով եւ թաւ պեխերով։ Երբ կէս գինով ըլլար, անոյշ ձայնով կը պատմէր հին եւ նոր խապատայիներու արարքները։ Կը պատմէր եւ ուրիշ քաջերու մասին, որոնք, ըմբոստացած տիրող «անարդարութիւններէն», լեռը քաշուած եւ էշկեա[4] դարձած էին։ Տիգրան մօրեղբայրս այնքան եռանդով կը խօսէր այդ էշկեաներուն վրայ որ երկար ատեն խորհած եմ՝ թէ աշխարհիս ամենէն պանծալի մարդիկը լեռը ապաստանած աւազակներն են։ Երբ Տուտուն ներկայ ըլլար այդ խօսակցութեան, յօնքերը կը խոժոռէր եւ աչքերը ակնապիշ՝ կը նայէր անորոշ կէտի մը։ Կանկան կը նշմարէր Տուտուին տհաճութիւնը եւ կէս լուրջ, կէս կատակով կ’ըսէր։
– Է՜յ, ի՞նչ կայ, Տուտո՛ւ, ինչո՞ւ քիթդ կախեր ես։
Մեծ մօրս տժգոյն եւ արհամարհական շրթները չէին զիջաներ պատասխանելու։
Բայց աւելի յաճախ Կանկան կ’աւաղէր իր սերունդին անզօրութիւնը։
– Շիրինին թոռներն ենք, պէ՜… Ո՞վ կ’ըսէր, որ այդ ղաբլանի[5] պէս մարդէն մեզի պէս կատուներ պիտի մնային… Մենք ալ մա՞րդ ենք, պէ՜… Առըին աղբարը քիթերնուս բռնած մեզ կը քաշէ կը տանի ուր որ ուզէ… Ես խերն եմ անիծեր աս կեանքին…
Ձմեռուան իրիկուն մը, կէս գիշերը անց, ան տուն բերեր էր անծանօթ եւ այլազգի փախստական մը, որ ծխախոտի մաքսանենգ էր, խաչաղճի։ Դէտերը իր հետքերուն վրայ էին։ Այդ մաքսանենգները ընդհանրապէս չերքէզ էին, որոնց եկեր միացեր էին քանի մը հայեր։ Տիգրան մօրեղբայրս յարաբերութիւն հաստատեր էր այդ մարդոց հետ եւ իր արկածախնդրական տրամադրութիւնները արծարծուեր էին։ Խաչաղճիները զինուած էին եւ իրենց բոլոր կարելի միջոցներով կը կռուէին կառավարութեան դէմ, որ ծխախոտի մենաշնորհը տուած էր ֆրանսական կառավարութեան դէմ, որպէս երաշխաւորութիւն փոխառութեան մը։ Գիւղացիները, որ ծխախոտ կը մշակէին Պոլսոյ մերձաւոր գիւղերուն մէջ, ամէն միջոցներով կը նպաստէին խաչաղճիներուն։ Կառավարական դէտերը եւ ժանտարմաները, որ կոչուած էին պայքարելու մաքսանենգներու դէմ, ընտրուած էին նոյնպէս քաջ մարտիկներէ եւ հրահանգ ունէին անողոք ըլլալ աւազակներու նկատմամբ։ Հերոսական կռիւներ տեղի կ’ունենային Սկիւտարի շրջակայքը, որոնք անվրէպ կը վերջանային սպանութիւններով։
Տնեցիները շշմած մնացին Կանկանի յանդգնութենէն։ Կը կարծեմ յիշել այդ փախստականը թուրի շեղբի պէս սուր դէմքով, մանր եւ կայծկլտուն աչքերով եւ գունաւոր մարդու տպաւորութիւնը ընող թխագոյն մորթով։ Այն ժամանակ հազիւ չորս տարեկան էի։ Երեք օր յետոյ, երբ փախստականը մեկներ էր մեր տունէն, հայրս եւ Տուտուն խորհրդակցեր էին Տիգրան մօրեղբօրս մասին։ Ան բռներ էր, իբրեւ էշկեա, լեռը քաշուելու ճամբան. պէտք էր ոտքը կապել։ Եւ յաջողեցան։ Շտապով ամուսնացուցին ձկնորս Նիկոթի աղջկան հետ, որպէսզի հաստատուի եւ վերջ դնէ իր թափառականի տրամադրութեան։
Կանկան այլեւս չհեռացաւ Սկիւտարէն, բայց տարուէ տարի անսանձ անձնատուր եղաւ արբեցութեան։ Երբեմն, երբ, գինովութեան ծայրայեղ աստիճանի մէջ, անժամանակ մեր դուռը կը զարնէր եւ քնած տնեցիները կ’արթնցնէր որ շէն ու շէնլիք ըլլայ, երբ մէկ նիւթէն միւսը ցատկելով կը վերյիշէր իր պատանեկան տարիներու ձգտումները, խոր հառաչանք կ’արձակէր եւ կը գոչէր.
– Մենք ալ երե՞ս ունինք Շիրինենց թոռը ըսուելու… Անոնք ո՜ւր, մենք ո՜ւր… Մենք թափոն ապրանք… մենք զիմանէ՜[6] … օ՜ֆ… օ՜ֆ… օ՜ֆ…
Մեր տան փողոցը մէկ կողմէ կը բարձրանար դէպի Սելամսըզի քէօշէն[7] եւ միւս կողմէ կ’իջնէր դէպի յունական եւ հայկական թաղերը։ Մեր տունը ճիշդ կեդրոնն էր եւ մեր տան հարեւանները արհեստաւորներու բարեկեցիկ հին ընտանիքներ էին։ Փողոցէն դէպի Սելամսըզ բարձրացող մասին վրայ կային հին ամիրայական տուներ, որոնց այլասերած բնակիչները, իրենց լայնածաւալ եւ փլփլած փայտաշէն տուներուն մէջ քաշուած, կ’ապրէին ժլատութեամբ, կրծոտելով իրենց նախկին փարթամութեան վերջին թափթփուքները։ Անոնք, միմոտիս[8], իրենց տեղերուն վրայ ծերացած ու պառաւած մարդիկ էին, անգղի կտուցներով, խոժոռ եւ սրդողած նայուածքներով։ Այդ հին ընտանիքներէն ոմանք, լքելով իրենց անբնակելի դարձած տուները, որոնք նորոգելու միջոցներ չունէին, ապաստանած էին իրենց նախկին ախոռներուն կամ սպասաւորներու յարկաբաժիններուն մէջ։ Այդ ընտանիքներէն շատ քիչեր երիտասարդ սերունդ ունէին, ընդհանրապէս հանգած էին։ Բայց այն հազուադէպ շառաւիղները, որ կային, դարձեր էին կառապան, ձիապան, դռնապան։ Անոնցմէ մէկը իբրեւ դպրոցի ծառայ աշակերտները կ’առաջնորդէր թեւերը ծանրաբեռնուած սակառներով։
Տուտուն մանրամասն գիտէր այդ ընտանիքներու պատմութիւնները եւ երբեմն կը յօժարէր խօսիլ անոնց մասին։ Ինչ որ ինձ կը հրապուրէր մասնաւորապէս, այդ հին տուներու ընդարձակ պարտէզներն էին որոնց մասին հրաշալիքներ կը պատմէին։ Այնտեղ կային տարաշխարհներէ բերուած ծառեր, որոնք անսովոր ծաղիկներ եւ պտուղներ կու տային։ Այնտեղ կային իրարու յաջորդող դարատափերու վրայ աւազաններ, որոնց շատրուաններէն ջուրը կը սլանար բազմաթիւ ժայթքերով եւ յետոյ կը գահավիժէր մէկ աւազանէն միւսը։ Նշանտուքներու եւ հարսնիքներու առիթով պարտէզները կը լուսավառուէին եւ հրթիռներ կը բարձրանային մինչեւ երկինք։ Բեհեզով եւ վենետիկեան թաւիշով զգեստաւորուած՝ գեղեցիկ կիներ կը շրջագայէին թաւուտներու մէջ։ Այժմ ամէն ինչ ցամքած, մարած եւ մեռած էր եւ այդ հեքիաթային պարտէզներու մէջ, որոնց բարձրաբերձ եւ փլփլած պարիսպները բորոտած էին մամուռով եւ քարաքոսով, մոլախոտերը կը խեղդէին ապասերած ծառերու բուները։
Տնեցիները, Տուտուի վերյիշումներէն ոգեւորուած, կը թուէին անցեալ շքեղութեան օրերը, մասնաւորապէս սուլթան Ազիզի գահակալութեան սկիզբը ու նաեւ եղերական դէպքեր, յանկարծահաս շնորհազրկութիւն, գլխատութիւն, աքսոր եւ այլ պատմութիւններ։ Այդ բոլորը լսելով Երանիկ մօրաքոյրս մատովը ցոյց կու տար, հեռու պարտէզի մը մէջ, սէգ կեցուածքով ուրուականային սիլուէթ մը եւ կ’ըսէր արհամարհանքով.
– Էշէն իջեր են, ջուշ-ջուշը չեն ձգեր բերաննուն…
Փողոցը վերի կողմէն կը վերջանար նոր հարստացած առեւտրականներու հանգստաւէտ տուներով։ Անոնց բնակիչները ժիր էին։ Այրերը ամէն առաւօտ կանուխ կ’երթային շուկայ եւ կիները, հագուած սքուած վերջին նորաձեւութիւններու համեմատ, փոխադարձ այցելութիւններ կ’ընէին։ Անոնք չունէին սեփական կառքեր, բայց կը վարձէին լաւագոյն երկձի կառքերը եւ Կիրակի ու տօն օրերը կ’երթային Չամլըճա։ Սրարշաւ կ’անցնէին Թոփհանէ օղլուի հին ազնուապետական թաղէն, փոշիի ամպեր բարձրացնելով իրենց անցքին։ Այդ առեւտրականները եւ վաճառականներն էին որ կ’ընտրուէին թաղական եւ առատ նուէրներով կ’արդարացնէին իրենց ընտրութիւնը։ Ս. Խաչի եւ Ս. Կարապետի քարոզիչները այդ կարգի տուները կը հրաւիրուէին ճաշի եւ քծնող տաներէց քահանաները միշտ նշխարք ունէին տալու այդ առեւտրականներու երեխաներուն, ուր որ պատահէին անոնց։ Զբօսատեղիները, կազինոները, ամենուրեք, սպասեակները կը շտապէին ծառայելու այդ ընտանիքներուն, որոնք ամբողջ Սկիւտարը կը լեցնէին իրենց աղմկարար զուարճութիւններով եւ չտեսի շքեղ արդուզարդով։
Անոնց տուներուն մէջ դաշնամուրը մուտք գործած էր արդէն եւ եւրոպական պարերը դարձեր էին ստիպողական։ Անոնց աղջիկները կ’երթային Մեզպուրեան մասնաւոր վարժարանը եւ երբեմն ֆրանսացի քոյրերու դպրոցը եւ աւելի ուշ՝ Հոմսքուլ, ամերիկեան կոլէճը, իսկ մանչերը կ’երթային Պէրպէրեան վարժարանը, որը աւարտելէ յետոյ կը մեկնէին Եւրոպա։
Այն ժամանակները ինձ մասնաւորապէս կը հետաքրքրէր դիմացի նպարավաճառ-գինետունը, որ խորհրդաւոր եւ ինձ համար ընդմիշտ անծանօթ մնալու սահմանուած վայր մըն էր։ Իմ զարմացած եւ հիացած աչքերս փակ վարագոյրներու արանքէն կը դիտէին այլազան աշխարհ մը, որ կը պարզուէր մեր տան դիմաց։ Գինետունէն դուրս կը սպրդէին ձայներ, ուրախ կամ տխուր, հառաչանքներ եւ երգեր։ Անկէ դուրս կ’ելլէր նաեւ տապակած ձուկի բարկ հոտը եւ զանազան խորովածներու ծխոտ բուրմունքը։ Երբեմն գնչուհիներ կու գային կը պարէին գինետան առաջ եւ բախտ նայող կիներ զիլ ձայնով կը գոչէին. «ֆալճի՜, ֆալ պագար, բախլա աթա՜ր…»։ Աճպարարներ, տէրվիշներ, կախարդներ կու գային, զանազան խաղեր կը սարքէին։ Օր մը այնտեղ եկաւ ճերմակ մօրուսաւոր օձահմայ մը, որ մոգական գաւազանը շարժելով օձերը դուրս հանեց վիզէն կախուած պարկէ մը։ Անոնք կը սողային օձահմային բազուկներուն վրայ, կը գալարուէին վիզին շուրջ, յետոյ, դարձեալ գաւազանին շարժումներուն անսալով, կ’իջնային գետին, կը բոլորուէին եւ գլուխնին ցցուած կը պարէին, մինչ օձահման իր սրինգը կը նուագէր։ Գնչուներ կը բերէին նաեւ արջ, կապիկ, եւ խաղցնել կու տային, թմբուկի րիթմով։ Այդպիսի առիթներու ոչ միայն գինետան մարդիկը, այլեւ դրացիներն ու անցորդները կը խռնուէին փողոցը։ Բոլոր պատուհաններէն դեռատի եւ տարեց կիներ մինչեւ կէս մէջքերնին կախուած կը դիտէին։ Եւ չեմ գիտեր ուրկէ, դուրս կու գային երեխաներու երամներ, ոմանք գլխաբաց եւ ոտաբոպիկ, ոմանք լաւ հագուած, որ կը խուժէին բոլոր փողոցներէն եւ գռիհներէն եւ կը խռնուէին գինետան առաջ։
Տեսեր եմ այնտեղ յունական ուրախ տօներ, ծաղկազարդ մարդերու թափօրներով, հեթանոսական տօներ, որոնցմէ մէկը որոշակի դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ. մարդ մը կռնակը բեռցուցեր էր թարմ ոստերու եւ ճիւղերու դալար դէզ մը եւ ետ ու առաջ օրօրուելով կ’երգէր ու յոյն պատանիներ եւ երիտասարդներ, ամէն մէկը բռնած սրսկիչ մը, ջուր կը սրսկէին այդ բոյսերու դէզին։ Մայիս մէկին, բոլոր տուները, բայց մասնաւորապէս յոյներու տուները կը զարդարուէին վարդերու եւ զանազան ծաղիկներու կիրլանդներով։ Փրփրադէզ կաթը կը լեցուէր մեծ ընդունարաններու մէջ, որովհետեւ սովորոյթ էր այդ օրը առատութեամբ կաթ խմել։ Տեսեր եմ շիա թուրքերու մռայլ տօները… արիւնաշաղախ թափօրներ, դիւահարի դէմքով մարդիկ, որոնք իրենց կուրծքերուն զարնելով խոռոչային ձայնով կը գոչէին. «Եա՜ Հասան, եա՜ Հիւսէին…»։ Կը յիշեմ ռամազանի գիշերները, երբ մինչեւ արեւածագի թնդանօթներու թնդիւնը, դաւուլ զուռնան կը բաբախէր ետեւի թաղերուն մէջ եւ թուրք արբած երիտասարդներու նաղարան[9] կ’երկարաձգուէր աղէտի ազդարարութեան նման։ Կը յիշեմ նաեւ Ղուրբան պայրամիի նախորդող օրերը, կնգուղաւոր հովիւներ, որոնք փողոցէն կը տանէին կապոյտ, կարմիր ժապաւէններով գանգուր գառները եւ որոնց կերկեր մայիւնը կը կորսուէր թուրք տղոց ժխորին մէջ։
Բայց մեր փողոցը կ’ոգեւորուէր մասնաւորապէս հայկական տօնական օրերուն։ Բոլոր մեր արհեստաւոր դրացիները օրեր առաջ կը պատրաստուէին դիմաւորելու այդ ծանր եւ հանդիսաւոր տօները։ Աստուածածնին, ամառուայ լրումին, երբ առաջին անգամ չաւուշ խաղողը կը լեցուէր սեղաններու վրայ եւ Վարդավառին՝ երբ ամենէն լուրջ դրացիները շէնշող կը դառնային եւ դոյլերով ջուր կը թափէին իրարու վրայ։ Յետոյ կու գար Խաչի տօնը, աշնանամուտ, ու վարի թաղերէն ճռնչացող սայլերը կը մեկնէին դէպի Արմաշ։ Վերադարձողները իրենց հետ կը բերէին յունապ, փշատ եւ զարմանազան պատմութիւններ։
Բայց մանաւանդ կը յիշեմ կաղանդի նախատօնակը, երբ յոյն եւ հայ տղոց խումբեր կ’անցնէին փողոցներէն եւ դռներուն զարնելով կ’երգէին թմբուկի ընկերակցութեամբ.
Այոս Վասիլիս էրքեթէ։
Հայ տաղաքը կը խափանէին յոյն տղոց ձայները եւ փոխադարձաբար.
Հայոց աշխարհին դռներ բացուեցան,
Լոյսն ի բաց գնաց, արեւ ծագեցաւ…
Մեր փողոցի վարի մասը միշտ լեցուն էր աղմկարար երեխաներով, կէս կուշտ, կէս անօթի բանուորներով եւ ձկնորսներով, որոնց կեանքը գարունէն մինչեւ ձմեռնամուտ կ’անցնէր փողոցներու մէջ եւ գոնէ տան սեմերու վրայ։ Երբ Երանիկ մօրաքրոջս հետ կ’իջնէի փողոցէն, բոլոր այդ միայարկ տուներու դռները բաց կ’ըլլային եւ սենեակներն իսկ իրենց բազմաթիւ պատուհաններով պատշգամներու պէս կը յայտնաբերէին բնակիչներու ներքին եւ մտերիմ կեանքը։
Յոյն թէ հայ այդ մարդիկը փողոցին մէջ կը լուծէին իրենց ընտանեկան վէճերը. փողոցին մէջ էր որ ամուսնութեան խոստումները կը տրուէին եւ դարձեալ փողոցին մէջ էր որ վիճաբանութեան կ’ենթարկուէին ընդհանուրին եղող զանազան հարցեր։ Կագ եւ կռիւը, ինչպէս եւ ուրախութիւնը անպակաս էին այդ փողոցներուն մէջ։ Աղմկարար եւ շատախօս յոյներու եւ հայհոյելու մէջ վիւրտիոզ հայերու ժխորին կու գային կը միանային փողոցի շուներու իրարանցումը եւ հաջոցները, ինչպէս նաեւ շրջիկ վաճառողներու երկարաձիգ աղաղակները եւ երգող կանչերը, որոնցմով իրենց ապրանքը կը գովէին։ Մեր տնեցիները, բացի Երանիկ մօրաքոյրէս, չէին սիրեր իջնել այդ փողոցէն եւ այսպէս ըսելով իրենց երեսը կը դարձնէին դէպի Սելամսըզ։ Գիշերները մինչեւ ուշ ատեն աղմուկը եւ ժխորը չէին դադրեր այդ փողոցներուն մէջ եւ յոյներու սիրելի լաթերնան[10], մարդու մը կռնակը բեռցուած, յաճախ իր ցնծուն հնչիւնները կը պտտցնէր հեռու եւ մօտ փողոցներու մէջ։ Ան յաճախ կանգ կ’առնէր մեր դիմացի գինետան առաջ։ Գինովի խռպոտ ձայներ արձագանգ կու տային լաթերնայի լպրտուն երգերուն եւ երբեմն յունական ժողովրդական երգ մը կը տիրապետէր բոլոր ձայներուն եւ հնչիւններուն։ Բայց երբեմն ալ պահապանը ողբագին ձայնով կ’ազդարարէր որ հրդեհ կայ քաղաքին մէջ։ Շուները կը կաղկանձէին, հեռաւոր պահապաններու ձայները կ’երկարէին եւ ես գլուխս վերմակիս տակ կը պահէի, շնչասպառ, հոգիս լիքը անձկութիւնով եւ արհաւիրքով։
Երբ կը մտաբերեմ մանկութեան առաջին տարիներս, յիշողութեանս բեկորներ կը ներկայանան մտքիս արտակարգ պայծառութեամբ։
Եղբայրս ծնած է ու մեռած է երկու ամսու, կը յիշեմ իր ճերմակ սնդուսէ դագաղը, սեղանին վրայ։
Չորս տարեկան էի, երբ քոյրս ծնաւ եւ արդէն որոշակի կը յիշեմ յոյն դայեակը, տնեցիներուն իրարանցումը եւ յուսախաբութիւնը, որովհետեւ մանչի մը կը սպասէին։
Յետոյ պտոյտներ Թոփհանէ օղլուի պողոտայէն դէպի սրճարան մը, ուր հայրս նարկիլէ կը ծխէր եւ մօրս հետ քաղցրութեամբ կը խօսէր։ Ես կը թափառէի պարտէզին շուրջ բոլորը, չուան կը ցատկէի, կը խօսէի կռնկենիի ծաղիկներուն հետ, որոնք ինձ կը թուէին արտակարգ էութիւններ։
Բայց կը յիշեմ մանաւանդ հիւանդութեան շրջաններ, երբ կանխահաս մանուկի խորաթափանց մտքով կը զգայի շրջապատիս մտահոգութիւնները եւ բժիշկին խոժոռ լրջութեան իմաստը։ Դեռ կը զգամ հօրս զով ձեռքին հպումը տենդագին ճակատիս վրայ, եւ անոր անձկալի դէմքը, որ ժպտուն կը դառնար, երբ աչքերս անորոշ արհաւիրքով լի յանկարծ կը հանդիպէին իր նայուածքին։
Մահը եւ կեանքը կը պայքարէին իմ փոքրիկ էութեանս մէջ եւ քիչ անգամ այդ պայքարը կանգ կ’առնէր։
Այդպիսի շրջան մըն էր անշուշտ այն աշնանային իրիկունը, երբ հայրս պարտէզին վրայ նայող սենեակի մը փսիաթը կը տարածէր եւ պատերուն ստորոտը փայտի ձողիկներով կը գամէր։ Մուրճի համաչափ հարուածները կ’օրօրէին միտքս։ Մայրս, մօտս նստած, լռին կը հետեւէր հօրս աշխատութեան։
Դուրսը աշնանային վերջալոյսը կը բոցավառէր երկինքը. իմ տեսողութեան հեռաւոր կէտին վրայ նոճի մը մեղմօրէն կ’օրօրուէր։ Յանկարծ թոթով լեզուով սկսայ արտասանել.
Ազատն Աստուած այն օրից
Երբ հաճեցաւ շունչ փչել,
Իմ հողանիւթ շինուածքին
Կենդանութիւն պարգեւել…
Ես անբարբառ մի մանուկ
Երկու ձեռքս պարզեցի…
Հայրս զարմացած թողուց գործը, եկաւ ինձ մօտ, գիրկը առաւ եւ սկսաւ եռանդով խօսիլ մօրս հետ եւ ահա զոյգ մը արցունքի կաթիլներ սահեցան մօրս այտերուն վրայէն…
Այդ ոտանաւորը հայրս կարդացել էր քանի մը անգամ հօրեղբօրս տղուն սորվեցնելու համար եւ ան դրոշմուեր էր իմ մտքիս մէջ աննկատելի կերպով։
Նոյն տարուան ձմեռը չորս տարեկան էի, երբ կարդալ սորվեցայ։ Մութը իջնալէն յետոյ, հայրս կը դառնար տուն, կը լուացուէր, զգեստները կը փոխէր եւ սամոյր մուշտակը հագած կը նստէր ցած բազմոցի մը վրայ, որուն առաջ դրուած էր պղնձէ մանգալը։ Կրակարանին մէջ, եռոտանիի վրայ, ջուրը կ’եռար թէյի համար։ Այն ժամանակ թէյի գործածութիւնը տարածուած չէր Պոլսոյ մէջ, բայց հայրս այդ սովորութիւնը բերեր էր Կովկասէն։ Ինքն իր ձեռքովը կը պատրաստէր թէյը, կը լեցնէր բաժակներու մէջ, հարկ եղած բոլոր արարողութիւնները ընելով։ Մինչեւ թէյի ջուրին եռալը. հայրս կը բանար օրուան թերթը, «Արեւելք»ը, եւ կը կարդար։ Ես կը նստէի գիրկը եւ հայրս մուշտակի փէշը կը ծածկէր իմ վրաս։ Այդ տաքուկ բոյնին մէջ երանութեան ժամեր կ’անցունէի եւ աչքերովս կը հետեւէի թերթի տառերուն։ Երբեմն մատս կը դնէի տառի մը վրայ եւ հօրս կը հարցունէի։ Ան կ’ընդհատէր ընթերցանութիւնը եւ կը պատասխանէր։ Յաճախ մայրս կամ մօրաքոյրերէս մէկը կը միջամտէր.
– Հայրդ հանգիստ ձգէ, մերաքը մի՛ հաներ։
Բայց հայրս ձեռքով նշան կ’ընէր որ ինքը հանգիստ է եւ, աւելի սեղմ գրկելով ինձ, մեծ համբերութեամբ գոհացում կու տար իմ հետաքրքրութեանս։
Եւ օր մըն ալ կարդացի։ Հայրս չկրցաւ հաւատալ որ իրաւամբ կը կարդամ։ Թերթին զանազան էջերուն վրայ տառեր կը մատնանշէր եւ ես հեգելով եւ դեռ թոթով լեզուով կը կարդայի։
Եւ այլեւս ամենուրեք, ուր տառեր տեսնէի, միտքս կը մտնէր գործունէութեան մէջ, մինչեւ չարաչար յոգնէի։ Յաճախ կ’ունենայի տաքութիւն։ Գլուխս կը ծանրանար, ախորժակս ի սպառ կը կորսուէր եւ այն ինչ որ ուրախութիւն պիտի պատճառէր ծնողքիս, կը դառնար մտահոգութեան եւ թախիծի առիթ։
Աւելի ուշ ինձ յայտնած են որ բժիշկը կասկած յայտնած է թէ ենթակայ եմ ուղեղատապի եւ թէ իմ կանխահաս միտքս ախտանշաններէն մէկը կը համարէր այդ հիւանդագին տրամադրութեան։
Դարձեալ հիւանդ պառկած եմ բազմոցի անկիւնը։ Վզիս գեղձերը բորբոքած են եւ թարախոտած ուռուցք մը կը հարկադրէ ինձ գլուխս հակած պահել մէկ ուսիս վրայ։
Ցաւի կոտտուկներ եւ բելլադոնի խիւսի հոտը… Կարծես երբեք պիտի չազատիմ այդ ցաւերէն եւ այդ զզուելի հոտէն։
Ձիւն ձմեռ է։ Անկիւնի պատուհանէն կը դիտեմ փողոցը, որ կը բարձրանայ դէպի Սելիմիէ։ Ցանցառ անցորդներ, վերարկուի օձիքը բարձրացուցած, ֆէսը քաշած ականջներուն, կը սահի պատերու երկայնքին։ Շուներ սրսփալով կը կաղկանձեն եւ ապաստան կ’որոնեն տուներու մէկ սեմէն միւսը անցնելով։
Յանկարծ զանազան տարիքի երեխաներ կը յայտնուին փողոցին մէջ։ Հայոց դպրոցէն նոր արձակուեր են, վազելով կը սահին ձիւներու վրայէն, հակառակ որ բեռնաւորուած են գիրքերուն պայուսակներով եւ սիթիլներով։ Անոնք չեն շտապեր տուն, կը խմբուին, կողմեր կը կազմեն եւ պայուսակ ու սիթիլ մէկ կողմ դրած անձնատուր կ’ըլլան ձիւնագնդակի խաղին։ Գոռում-գոչումը կը բռնէ փողոցը, սուր ճիչեր եւ կոչեր կու գան կը զարնուին մինչեւ իմ պատուհանիս, որուն մէկ քառորդը ծածկուած է ձիւնեղէն թաղիքով։
Ցաւս մոռցած, բոլոր հոգւովս կը հետեւիմ այդ տղոց խաղին… ինչքա՜ն պիտի ուզէի իրենց հետ ըլլալ։ Ես ալ շտապ-շտապ կազմէի ձիւնէ գնդակներ, արձակէի մէկին եւ միւսին, թաւալէի ձիւներուն մէջ, ծիծաղէի, վազէի, վազվզէի։
Բայց մեծերը չեն հասկնար այդ բաները։ Վաղը պիտի ենթարկուիմ վիրաբուժական գործողութեան եւ կը կարծեն որ այդտեղ պատուհանին առաջ կը մսիմ. կ’ուզեն ինձ տանիլ պառկեցնել անկողինս, ծածկել վարագոյրները եւ Իւղաբեր մօրաքոյրս ինձ կը համոզէ ողոքիչ խօսքերով։
Ամեն իրիկուն Իւղաբեր մօրաքրոջս պաշտօնն է ինձ քնացնել, եւ այդ նպատակին հասնելու համար ան իր բեկ-բեկ ձայնով կ’երգէ.
Անի քաղաք նստեր կու լայ,
Չկայ ըսող մի՛ լար, մի՛ լար…
Այդ ողբագին երգը յուսահատութիւն կը պատճառէ ինձ։ Անորոշ, բայց թանձր տխրութիւն մը կ’ընկճէ հոգիս. կ’ուզեմ գոչել, աղաղակել որ այդ տխրութիւնը փարատի, բայց փորձով գիտեմ որ աւելի դիւրին միջոց կայ ազատագրուելու այդ երգէն։ Աչքերս կը փակեմ եւ քնանալ կը ձեւացնեմ եւ Իւղաբեր մօրաքրոջս ձայնը հետզհետէ կը մեղմանայ եւ վերջապէս կը մարի։ Ան զգուշութեամբ վերմակը կը ծածկէ ուսերուս եւ յուշիկ քայլերով կը հեռանայ։
Ու երբ կը զգամ թէ առանձին եմ ննջասենեակին մէջ, աչքերս խոշոր կը բանամ… կանթեղին տկար եւ քթթող լոյսով կը տեսնեմ որ ստուերներ կ’երկարին սենեակին մութ անկիւններէն եւ կը խուժեն դէպի ինձ. ուրուականային սիլուէթներ կը յածին օդին մէջ, որ հիւանդագին երեւակայութիւնս մէկիկ-մէկիկ կ’արձակէ սենեակին մէջ. եւ երբ սարսափէ կարկամած, աչքերս կը փակեմ, կը տեսնեմ Անի քաղաքը, որ նստեր կու լայ աւերակներու մէջ։ Տեսեր եմ ազգականի մը տունը պատկեր մը, բայց իմ երեւակայածը, Անի քաղաքը հերարձակ եւ գեղեցիկ կին մը չէ, այլ որողմելի մարդ մը անճար, անմխիթար։
Եւ կողքի սենեակը լոյս է եւ տաք։ Դրան ծերպերէն լոյսի գիծ մը ինձ կը յայտնէ այն դրախտը, որուն դուռը փակուած է ինձ համար։ Իմ սիրելի հայրիկս անկիւնը նստած թերթ կը կարդայ… Կատուն, պոչը հաւաքած փորին վրայ, աչքերը կիսախուփ կը մռմռայ կրակարանին քով… Մայրս եւ մօրաքոյրերս կը շաղակրատեն։ Անոնց խառն ձայնը կը հասնի ինձ երբեմն։ Ինչքա՜ն կը սիրեմ ձայներու այդ ջերմութիւնը, որ իրարու միացած դաշն համերգ մը կը կազմէ… Բայց այդ բոլորը արգիլուած է ինձ համար եւ եթէ ահաբեկեալ լռութիւնս խզեմ եւ ձայն բարձրացնեմ, Իւղաբեր մօրաքոյրս պիտի գայ նորէն ինձ մօտ, դուռը ետեւէն փակելով եւ պիտի երգէ «Անի քաղաք նստեր կու լայ…», որովհետեւ մեծերը համոզուած են որ ես միայն այդ երգով կը քնանամ, շուտ մը աչքերս կը գոցեմ։
Եւ հիմա, որ Իւղաբեր մօրաքոյրս, գլուխը աջէն ձախ շարժելով – ջղային շարժում, որ երբեք չէր դադրեր – ինձ կը համոզէ որ ննջասենեակ երթամ ու պառկիմ, յուսահատօրէն կը բողոքեմ։ Մեծ մայրս, որ սենեակն է, կը միջամտէ.
– Դեռ կանուխ է, լոյս է, չոջուխը ձգէ՛։
Կրկին հիւանդ գլուխս կը դարձնեմ դէպի անկիւնի պատուհանը։ Մթնշաղը կ’աղօտացնէ մթնոլորտը։ Ձիւնը աւելի խիտ եւ աւելի արագ կը տեղայ։ Մարդ մը կը բարձրանայ զառիվերը։ Մէկ ձեռքով բռնած է դոյլի նման վառարան մը եւ միւս թեւին տակ կը կրէ գործիքները։ Մանրուք եւ կորաքամակ մարդ է, ծռած սրունքներով։ Ան հրեայ շրջուն թիթեղագործն է որ փողոցէն անցնելով, տուներու դրան առաջ, անագով կը նորոգէ պղինձները եւ կամ նաւթի թիթեղեայ տուփերով կը շինէ զանազան ամաններ։ Աղքատիկ արհեստաւոր է, աղքատիկ յաճախորդներու համար։
Աչքերս կը հետեւին մարդուն քալուածքին, որ դժուարաւ կը բարձրանայ զառիվերը։ Քամին առագաստի պէս կը բանայ վերարկուին փէշերը եւ ան չի կրնար հաւաքուիլ, որովհետեւ ձեռքերը ազատ չեն։ Քամին ա՛լ աւելի թափով կը մռնչէ ու ձիւնեղէն փոշի մը բարձրացնելով գետնէն ցուրտ մշուշի մը մէջ կը ծածկէ ծռած սրունքներով մարդը, որուն թիթեղեայ վառարանի ծակոտկէն մասերէն կայծեր դուրս կ’ելլեն։
Յանկարծ փողոցի տղաքը կը թողուն իրենց խաղը, կը յարձակին թիթեղագործին վրայ եւ ակնթարթի մը մէջ կը տեսնեմ որ մարդը գետին տապալած է, գործիքները նետուած են ասդին-անդին եւ վառարանին կրակները ցրուած են ձիւներուն մէջ։ Մարդը, նստած աւերակներուն մէջ, ձեռքերը գլուխին ու ծունկերուն զարնելով կ’ողբայ, մինչ տղաքը վայրենօրէն խնդալով եւ աղմկելով կը հեռանան եւ կ’անհետին կողմնակի փողոցներուն մէջ։
Այդ տեսարանը աղիքներս կը գալարէ սուր ցաւով ու բոլոր ուժովս կը գոռամ։
Մայրս, մօրաքոյրերս, մեծ մայրս կու գան դէպի ինձ, կը շրջապատեն, կը հարցուփորձեն։
Իմ մանկական հոգիս իր ամբողջ ուժովը կ’ըմբոստանայ կատարուած խուժդուժութեան դէմ… եւ յետոյ, այդ մարդը, որ կը շարունակէ ողբալ իր ցրուած գործիքներուն եւ տապալուած կրակարանին քով, ինձ համար Անի քաղաքն է որ նստեր կու լայ… Իմ կրած ուժգին զգացումներուս ազդեցութեան տակ արցունքը կը ժայթքէ աչքերէս եւ վերջապէս ձեռքովս ցոյց կու տամ ինձ յուզող տեսարանը։
Այն ատեն, շուրջս եղողները կը հասկնան եւ մեծ մայրս կ’ըսէ.
– Եաւրո՜ւմ, ինչո՞ւ սիրտդ վեր կը հանես, ան եահուտի է… եահուտի՜…
Եւ որովհետեւ, չհասկնալով այդ բառերուն իմաստը, աղիողորմ ակնարկով կը նայիմ մեծերուն, օգնութիւն աղերսելով անոնցմէ, մեծ մայրս կը բացատրէ.
– Անոնք Քրիստոսը չարչարեցին, խաչը հանեցին, այդ մեղքն է որ կը քաւեն…
Ո՛չ, ո՛չ, իմ մատղաշ հոգիս չ’ամոքուիր այդ խօսքերով եւ առաջին անգամ թիթեղագործ անծանօթ հրեան իմ մէջ կ’արթնցնէ գթութեան տանջալի եւ անագորոյն զգացումը։
Տասը տարեկան էի, երբ օր մը, վերյիշելով այս դէպքը, հարցուցի հայրիկիս, որուն կարծիքը արդէն հեղինակութիւն էր ինձ համար։
– Ճի՞շտ է որ եահուտիները գէշ են։
Իմ սիրելի հայրիկս, իր պայծառ աչքերը դարձնելով ինձ, ըսաւ խաղաղութեամբ.
– Աղջի՛կս, չկայ գէշ ժողովուրդ այս աշխարհիս վրայ։ Կան գէշ մարդիկ եւ լաւ մարդիկ։
– Հապա թուրքե՞րը։
– Նո՜յնպէս։
Եօթը տարեկան էի, երբ տունէն փոխադրուեցանք։ Հայրս վարձեր էր նոյն թաղին մէջ աւելի ընդարձակ տուն մը, որ ունէր տասնըչորս սենեակ, ընդարձակ պարտէզ դարատափերով եւ երկու բակ։
Հայրս իր բնաւորութեամբ չէր կրնար համակերպիլ միջակ եւ համեստ կեանքի։ Ան չափազանց լաւատես էր եւ ձգտում ունէր ամէն ինչ մեծ տեսնելու. իր ծրագիրները, որոնք բաւականին հարուստ երեւակայութեան արդիւնքներ էին, համապատասխան չէին իր նիւթական միջոցներուն։ Հօրս այդ տրամադրութիւնը մեծ դժուարութիւններու կը մատնէր զինքը, բայց անիկա ընկճուող մարդ չէր։
Այդ միջոցին իր արհեստանոցը բաւականին հասոյթ կը բերէր լայնօրէն ապրելու համար, եւ մօրաքոյրերս համաձայներ էին տան վարձքը վճարել իրենց աշխատանքի արդիւնքով։
Անմիջապէս որ փոխադրուեցանք նոր տունը, հայրս կահաւորել տուաւ իր ճաշակին համաձայն եւ սկսանք ապրիլ լայն եւ ուրախ կեանքով։ Ազգականներ եւ բարեկամներ կու գային, օրերով հիւր կը մնային։ Հայրս կ’երթար շուկայ եւ կը ղրկէր ոչ նուազ քան կէս ոչխար, ազնիւ տեսակի ձուկեր, զանազան բանջարեղէններ եւ միրգեր։ Երբ անգամ մը տունը կը լեցուէր բարիքներով, հակառակ որ բազմանդամ ընտանիք էինք, հայրս կը համարէր որ լաւագոյն է մարդիկ հրաւիրել, որպէսզի օրը ուրախ անցնի։
Ժրաջան մօրաքոյրերս եւ հայրս ինքը ամբողջ շաբաթը չարաչար կ’աշխատէին եւ Կիրակի ու տօն օրերը կը մսխէին ոչ միայն իրենց վաստակը, այլեւ աւելին։ Պարտքերը կը դիզուէին վաճառողներուն մօտ եւ երբեմն հայրս հարկադրուած կ’ըլլար վաշխով դրամ փոխ առնելու, քիչ մը «ոսկեզօծելու» համար կացութիւնը։
Այդ շրջանին, ամէն տարի գարնան կ’երթայինք Ալեմտաղի, զբօսնելու։ Հայրս կը վարձէր երկու սայլ, որոնց վրայ կը սարքէին հովանիներ։ Սայլերու մէջ կը զետեղէին անկողիններ, բարձեր, ծածկոցներ եւ ետեւները կը կապէին մեծ սակառներ, լիքը ամէն տեսակ ուտելիքներով։ Յետոյ, մեծ ու պզտիկ, բարեկամներով եւ երբեմն դրացիներով կը տեղաւորուէինք սայլերուն մէջ եւ իրիկնամուտին ճամբայ կ’ելլէինք։
Եզերու լծուած սայլերը կը յառաջանային կռնչելով Սկիւտարի փողոցներէն։ Տղամարդիկ քալելով կ’երթային մինչեւ Բոստա եոլու եւ այնտեղ կը միանային մեզի եւ կը շարունակէին քալել սայլերու երկու կողմերէն։ Կ’անցնէինք Թոփհանէ օղլուի պողոտայէն, կը հասնէինք Սարը Խայա (դեղին ժայռ), ուրկէ յետոյ դուրս կ’ելլէինք քաղաքէն, Քիւչիւք Չամլըճայի ստորոտէն դառնալով, եւ կը մտնէինք Եալընըզ Սեւլի օվասին (առանձին նոճիի հովիտը)։
Ընդհանրապէս կ’ընտրէինք լուսնակ գիշեր։ Փոքր քոյրս վաղուց քնացած կ’ըլլար մօրը գիրկը, բայց ես աչքերս չորս բացած կը դիտէի շուրջս եւ աւելի ճիշդ ներուժօրէն կ’ապրէի ամէն մէկ րոպէն։ Հովիտէն անդին կ’երեւէին Ղայըշ տաղկի լեռներուն կոհակաւորումները։ Լուսնի լոյսին տակ հովիտը կը պարզուէր մեր առաջ սատափային ցոլքերով։ Մեզ հետ կ’ըլլային անվրէպ երգող մարդիկ եւ նուագածուներ։ Սայլերու կռինչին եւ եզերու վիզէն կախուած բոժոժներու հնչիւններուն կը միանային անոնց սիրատարփ եւ տխուր երգերը։ Այդ մարդոց հառաչագին երգը լսելով ինձ կը թուէր թէ անձնական տառապանք մը կ’արտայայտեն, մանաւանդ երբ յաճախ իրենց երգը կ’ընդհատէին եւ կը կոչէին.
– Ամա՜ն... ամա՜ն...
Եթէ Տիգրան մօրեղբայրս մեզ հետ ըլլար, կը խնդրէին որ երգէ եւ ան իր բանաստեղծութիւնները կ’երգէր, երբեմն յանպատրաստից, ներշնչուելով տեղէն կամ մեր կացութենէն։ Բայց ես անհամբեր կը սպասէի այն րոպէին, երբ Երանիկ մօրաքոյրէս պիտի խնդրէին որ Մեմոն երգէ։ Սա ժողովրդական հովուերգութիւն մըն էր բազմատեսակ տարբերակներով։ Ամէն մէկը իր Մեմոն ունէր։ Երանիկ մօրաքոյրս իւրայատուկ Մեմօ մը կ’երգէր։ Ան կը դժկամակէր սկսիլ, նազ կ’ընէր, կը մերժէր։ Այն ատեն երկու սայլերէն կին ու տղամարդ միաբերան կը սկսէին։
Շու գարշըքի տաղլարտա գոյուն էօլմիւշ,
Աման Մեմօ՜, ճանըմ Մեմօ՜, տերտլի Մեմօ, հէ՜յ[11]
Անգամ մը որ Երանիկ մօրաքոյրս ձայնը կը խառնէր ամենուն երգին, միւսները հետզհետէ կը լռէին եւ մօրաքոյրս ինքնիրենը կը շարունակէր մինչեւ վերջը իր ինքնուրոյն Մեմոն։
Այդ երգը խորապէս կ’ազդէր ամենուն վրայ։ Մարդիկ կը դառնային ինքնամփոփ ու լռին եւ յանկարծ մէկ-մէկ կը հառաչէին արձագանգ տալով ներքին յոյզերու։
Ու սայլերը դալար ոստերով զարդարուած դանդաղօրէն եւ կռնչելով կը յառաջանային Եալընըզ Սեւլի օվասըէն։ Այս այն ճամբան էր ուրկէ մեծ հայրերս առաջնորդած էին իրենց կարաւանները։ Տիգրան մօրեղբայրս կը յիշէր եւ կը գոչէր. – Վա՜յ Շիրին, վա՜յ Ֆարհատ...
Օղիի շիշը կ’անցնէր ձեռքէ ձեռք եւ տղամարդիկ կը խմէին «զեման»-ի[12] ցաւերը մոռնալու համար։
Երբեմն ալ հակառակ ուղղութեամբ եկող գիւղացիներ, որ հեռաւոր գիւղերէ կաթնամթերք կը տանէին քաղաք ձիու կամ էշի վրայ բեռցուցած եւ իրենք հետիոտն, հանդիպելով մեր սայլերուն կանգ կ’առնէին եւ կը բարեւէին.
– Մերհապա՜...
– Ուղուր օլա՜, կը պատասխանէին տղամարդիկ։
Հակառակ, սակայն, արթուն մնալու ցանկութեանս, գլուխս կը դնէի բարձի մը եւ կը քնանայի։ Այգուն առաջին պահուն աչքերս կը բացուէին։
Մեր դիմացը կը խտանային Ալեմտաղիի անտառները։ Սայլերը կամաց-կամաց կը մօտենային եւ կանգ կ’առնէին անտառի մուտքին, Խոռու Պաչը կոչուած տեղը։ Կ’իջնէինք սայլերէն եւ կը նախաճաշէինք։ Հայրս շերտ-շերտ կը կտրէր տապկած միսը եւ կը բաժնէր մեզ առատութեամբ։ Դուրս բերել կու տար սակառներէն տեսակ-տեսակ աղանդերներ եւ իր ամբողջ հաճոյքը ան էր որ ամէնքը լիանան, գոհ եւ ուրախ ըլլան եւ այդ էր իր երջանկութիւնը...
Անտառը իր զով եւ թանձր բուրմունքով, իր մթին կամարներով, իր անհամար շշուկներով, իր բզէզներով եւ խորհրդաւոր ու վայրի կեանքով ինձ կը հրապուրէր եւ կը գրաւէր։ Կ’ուզէի երթալ մոլորիլ անոր արահետներուն մէջ եւ քանի ինձ զգուշացնէին պատմելով օձի եւ գայլի սարսափելի պատմութիւններ, այնքան կը հրապուրուէի. կը վախնայի եւ կը սիրէի վախնալ եւ հաճոյքով անձնատուր կ’ըլլայի այն սարսուռին, որ չէի գիտեր թէ անտառային զովութեան հետեւա՞նքն էր, թէ անորոշ սարսափին։
Բայց արեւը դեռ չբարձրացած կը մտնէինք սայլերը եւ սայլապաններու ծանօթ ճամբաներէ կը մխրճուէինք անտառի մէջ։
Ընդհանրապէս առաջին օրը կ’անցնէինք Դաշտելէն. ոչխար մը կը խորովէինք եւ գիշերը բացօթեայ, փսիաթներու վրայ անցընելէ ետք, հետեւեալ օրը կ’երթայինք Էլմալը, ուրկէ յետոյ կը վերադառնայինք Սկիւտար։
Անգամ մը Ալեմտաղի մեր ճամբորդութեան ընկերացան երկու դեռահաս պատանիներ, 13-14 տարեկան, որոնք Պէրպէրեան վարժարանի աշակերտներ էին։ Անոնցմէ մէն էր Թէոդիկ Լապճինճեան եւ միւսը՝ Տիրան Չրաքեան։ Դաշտելէն, գետինը փռուած փսիաթներու վրայ ընկողմանած արտասանեցին Պէշիկթաշլեանի եւ Դուրեանի ոտանաւորներ։ Ես անյագ հետաքրքրութեամբ կը լսէի եւ խօսքեր, երբեմն բառեր ինձ անսահման հուզմունք կը պատճառէին։ Հայրս երկու անգամ կրկնել տուաւ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մենք»ը եւ յետոյ այդ պատանիներուն խօսեցաւ բանաստեղծութեան իմաստի մասին եւ բացատրեց հայ Պատրիարքարանի կատարած հալածանքները կաթոլիկ հայերուն դէմ։ Ես դեռ այն ատեն շատ բան չէի հասկնար այդ խօսքերէն, բայց կը յիշեմ որ հօրս խիստ քննադատութիւնները մեր «սեւագլուխներու մասին» ինձ ներշնչեց տեսակ մը հպարտութիւն հօրս արդարամտութեան համար։
Տասնեակ տարիներ, ամէն գարնան կը կատարէինք այդ ճամբորդութիւնը։ Տարուէ տարի հօրս նիւթական վիճակը վատթարացաւ։ Նեղ օրերը բազմացան եւ լայն օրերը դարձան հազուադէպ։ Տան վարձքը չէինք կրնար վճարել, զանազան պարտատէրներ դուռը ձեռք կ’առնէին, բայց հայրս նոր պարտք կ’ընէր, ծանօթ, անծանօթ կը հրաւիրէր եւ կ’երթայինք Ալեմտաղի։
Մեր նոր բնակարանին տանտէրը մաքարոնիի Ֆապրիք ունեցող լըվանտեն մըն էր, «Թաթլը սու Ֆրենկի»[13], կ’ըսէին արհամարհանքով մեր տնեցիները։ Անիկա չափազանց խստապահանջ էր վարձքը ժամանակին գանձելու։ Ամէն ամսագլխին այդ վարձքի խնդիրը կը դառնար տնեցիներուն մտահոգութեան առարկան։ Մօրաքոյրերս գիշեր ցերեկ կ’աշխատէին, բայց իրենց վաստակին մեծ մասը կը յատկացուէր գործատէրերէն կամ այլ վաշխառուներէ փոխ առնուած դրամներու տոկոսներուն։
Այդ օրերուն մօրաքոյրերուս արհեստանոց սենեակին մէջ սրտնեղութիւնը, դժգոհութիւնը եւ երբեմն ալ ըմբոստութիւնը կը պոռթկային։ Տուտուն, որ ընդհանրապէս խօսքով չէր միջամտեր այս կարգի խնդիրներու, լռելեայն կը հասկցնէր իր քննադատական վերաբերմունքը եւ խոր արհամարհանքը։
Մօրաքոյրերս երբեմն ստեղծուած դրութեան յանցանքը կը բեռցնէին հօրս վրայ – իր բացակայութեան – երբեմն ալ իրենց բոլոր զայրոյթը կը թափէին գործատէրին վրայ, որ այդ միջոցին քէլ Պօղոսն էր։ Անիկա կոտրած քիթով, հերաթափ, տգեղ մարդ մըն էր որ պարզ բանւորութենէ յառաջանալով դարձեր էր գործատէր։ Ժլատ էր եւ խարդախ՝ հաշիւներուն մէջ։ Անիկա առիթը չէր փախցներ մեղադրելու մօրաքոյրերս, բայց մանաւանդ հայրս, որպէս շռայլ մարդ, եւ ինքզինքը օրինակ կու տար իբրեւ իր գործը գիտցող եւ խնայասէր մարդու։ Ինչո՞ւ շռայլութեամբ կը ծախսէին մեր տնեցիները, երբ դրամ ըլլար եւ յետոյ այդպէս բացը կը մնային. ո՞ւր տեսնուած էր այսպէս ընտանիք... «աշխարհքիս էօրնե՞կ[14] պիտի ըլլաք... մարդս իր եորղանին կէօրէ[15] ոտքերը պիտի երկնցնէ... »։ Գործատէրին այս նկատողութիւնները ա՛լ աւելի կը թունաւորէին կացութիւնը եւ երբեմն պարտք ու պարտական մոռցած՝ Մաքրիկ մօրաքոյրս կը յարձակէր քէլ Պօղոսին վրայ։
Անիկա, խայթուած՝ իր հպարտութեան մէջ, պապենական զինարանէն դուրս կը հանէր պատկերաւոր հայհոյութիւններ, անողոք որակումներ։ Ան «ցեխը կը խոթէր կը հանէր» այդ ողորմելի մարդուկը, որ յանդգներ էր իրենց, Շիրինենց աղջիկներուն չափաւորութեան խորհուրդներ տալ։ Մաքրիկ մօրաքոյրս հետզհետէ կը փրփրէր, դէմքը կը դառնար շառագոյն, աչքերէն կայծեր կը ցայտէին։ Անիկա ձեռքի շարժումով մը կասեցնելով միջամտութիւնը իր քոյրերուն – որոնք սակայն զսպուած գոհունակութեամբ կը հետեւէին այդ յարձակողականին – մէջտեղ կը դնէր քէլ Պօղոսին հօրը եւ մեծ հօրը, ամբողջ «Սինսիլէ»ին[16] ճղճիմ եւ գետնաքարշ ստորնութիւնները «պատառ մը հաց ձեռք ձգելու համար», նոյնիսկ իրեն քստմնելի ժլատութիւնը, խարդախութիւնները, գրել կարդալ չգիտցող բանուորուհիներու հաշիւներուն մէջ «խամին»[17] ընելը, կեղծ կամ աւրուած դրամ քշելը, իր հիւանդ կնկանը հանդէպ ունեցած անխիղճ վարմունքը եւ այլ այնպիսի խայտառակութիւններ որ քէլ Պօղոս սմքած, յուսահատ, «մահուան դողերու մատնուած», անդադար կը սրբէր աջ երեսի քրտինքը, - անոր մէկ երեսը միայն կը քրտնէր, - եւ վերջապէս մօրաքոյրերուս պահանջած կանխավճարը թեզկեահին վրայ դնելով, կը սողոսկէր սենեակէն դուրս եւ սանդուխներէն կ’իջնար կոյրի պէս խարխափելով։
Մայրս այդ կարգի տեսարաններէն կը պժգար, ան խորապէս կը տխրէր եւ լուռ ու հեզիկ կը տառապէր։ Անոր գեղեցիկ դէմքը կարծես կ’ամպոտէր եւ նայուածքը կը դառնար մոլորուն։
Իրիկունը, երբ առանձին կը մնար հօրս հետ եւ ինձ քնած կը կարծէին, մայրս քաղցր ու դողդոջուն ձայնով կը պատմէր օրուան մէջ պատահածները։ Պարտատէրեր, որ «տերեմիշ»[18] ըրած էին, որ դրան առաջ ձայն բարձրացուցեր էին, անհրաժեշտ ծախքեր, որ չէին կրցած ընել, քէլ Պօղոսին հետ կռիւ եղեր էր, հիւր մը, որ չէին կրցեր պատուել ինչպէս հարկ էր, վաղուան պարտատէրներուն տալիք պատասխանները եւ դեռ անհամար հոգեր։ Մայրս կը պաղատէր որ վերջ տրուի այս անկանոն կեանքին, պարտքով ապրելու սիստեմին։ Հայրս նախ կը համաձայնէր եւ կնոջը իրաւունք կուտար։ Մայրս կ’առաջարկէր փոխադրուիլ աւելի փոքր վարձքով տուն մը, ամփոփուիլ, կարգ կանոն դնել մեր տնտեսութեան մէջ։
– Ես ալ կ’աշխատիմ, կ’ըսէր ան. նոր պարտք չընենք, ո՛տքդ պագնեմ... կամաց-կամաց հին պարտքերը կը վճարենք, քիչ մը ատեն ակռանիս կը սեղմենք, կը խալսինք, անկէ ետքը հանգիստ կ’ապրինք... մեզ ուտողը Ֆայիզն[19] է. չէ նէ վաստկածնիս կը բաւէ, Մկրտի՛չ աղա, կ’ըսէր ան խոր ցաւով. ուրիշներ մեր տունը մտած փարային կէսովը վարդի պէս կ’ապրին, մենք ինչո՞ւ ասանկ պիտի ըլլանք։
Հայրս կը համոզէր իր կինը հանգստացնող խօսքերով։ Ծրագիրներ ունէր, այսօրուան դժուարութիւնները ոչինչ բաներ էին...
– Աղաւնիցա, վերջերնիս աղէկ պիտի ըլլա...
Մայրս լուռ կ’արտասուէր եւ յետոյ վերջին անգամ մըն ալ կոչում կ’ընէր հօրս ողջամտութեան։
– Չոճուխները կը մեծնան կոր, մեղք են, ինձ չես մեղքնար՝ անո՛նց մտածէ...
Բայց հայրս կրկին մէջ կը բերէր իր ծրագիրները, ապագային երազները եւ մայրս, այլեւս անզօր, խոր կը հառաչէր ու կը լռէր։
Ես ալ իմ կարգիս կ’ազդուէի այդ ներքին փոթորիկներէն եւ առանց կարենալ թափանցելու ստեղծուած կացութեան պատճառներուն, անձկութեամբ կը սպասէի որ խնդիրները լուծուին, որպէսզի տնեցիներուն երեսները խնդային եւ շուրջս զգայի գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն։
Իմ մանկական առաջին տարիներէս կը խորշէի տխրութենէն եւ ատելով կ’ատէի թթուած դէմքերը։ Երբ աչքերս հանդիպէին դժգոհ արտայայտութեամբ դէմքի մը, կարծես կը ջլատուէի եւ ամէն ինչ կ’ընկղմէր խաւարի մէջ։ Սիրտս կը ճնշուէր պայթելու աստիճան եւ ակնապիշ կը դիտէի մինչեւ որ ոեւէ պատճառով ժպիտ երեւար այն տխրած դէմքերուն վրայ, որ ինձ կը շրջապատէին։
Բայց այդ ատելի տխրութիւնը ոչ միայն հազար պատճառներով կը յայտնուէր, այլեւ մնայուն կերպով կը տիրապետէր տանը, ամէն առաւօտ։
Բացի հայրիկէս, որ օրուան ամէն ժամերուն եւ նոյնիսկ ծանր հոգերուն տակ ճնշուած միշտ լաւ տրամադրութեան մէջ էր, մեր տնեցիները թիրեաքի էին։ Սա այնպիսի ախտ մըն էր որ անխուսափելիօրէն կը յայտնւէր ամէն առաւօտ ոչ միայն մեր տան մէջ, այլեւ բոլոր այն տուները, ուր տարեց մարդիկ կային։ Մեծ մայրս, մօրաքոյրերս եւ մօրեղբայրներս առաւօտ կանուխ իրենց անկողիններէն կ’ելլէին խոժոռ եւ սրտնեղած դէմքերով, կարծես վշտացած էին կամ մխրճուած անյաղթելի տխրութեան մէջ։ Անոնք անխօս, յօնքերը պռստած կը խմէին իրենց առաջին քաֆէն, առանց շաքարի եւ հացի։ Եթէ այդ միջոցին մէկը իրենց խօսք ուղղէր, սրտնեղութիւնը կը հասնէր ծայրայեղ աստիճանի։ Երկրորդ սատէ[20] քաֆէէն յետոյ է միայն որ մօրաքոյրերս, միշտ խոժոռ դէմքերով, կը փոխանակէին միավանկեր։ Մօրեղբայրներս տունէն դուրս կը սպրդէին սրդողած մարդոց պէս, իսկ մեծ մայրս իր երրորդ քաֆէն կը խմէր, այս անգամ շաքարով եւ պատառ մը հացով, որմէ յետոյ կը հագւէր, գլուխը կը ծածկէր սեւ շալով եւ կ’երթար եկեղեցի, ուր իր մունջ շրթները կը բացուէին առաջին անգամ աղօթելու համար խորանին առաջ։
Քաֆէի արարողութիւններու միջոցին, շունչս բռնած, աչքս մէկին եւ միւսին դէմքին, բոլոր հոգւովս կը տառապէի մինչեւ երեւար հօրս ժպտուն դէմքը, որ արեւի պէս կը ծագէր ինձ համար։ Այն ատեն կը սկսէի եռանդով շատախօսել, թռչկոտիլ սենեակին մէջ եւ այդ բոլորով կարծես կը փարատէի չար ոգի մը, որ եկած չոքած էր մեր հոգիներուն վրայ։
Իմ սիրելի հայրիկս սովորութիւն չունէր առաւօտուն քաֆէ խմելու։ Ան կը սկսէր պատրաստել թէյը։ Մինչեւ ջուրը կ’եռար, ան խնամքով շաքարը կը վերածէր հաւասար մանր կտորներու եւ համբերութեամբ ու սիրով կը պատասխանէր իմ բոլոր հարցումներուս, եւ ի զուր մօրաքոյրերս կը տրտնջային որ «առտուանցով ատքան կը խորաթեմ»[21]։
Բայց, արդէն յաջորդական քաֆէներու ազդեցութեան տակ, անոնց թիրեաքիութիւնն ալ կը փարատէր եւ բնականոն կեանքը կը սկսէր տան մէջ։
Բայց եթէ լոտոս[22] ըլլար, այդ վատ տրամադրութիւնը կ’երկարաձգուէր օրուան մէջ։ Երկար ատեն չեմ կրցած հասկնալ թէ ի՞նչպէս այս կամ այն կողմէն փչող քամին կրնայ այդքան խոր կերպով ազդել մարդոց տրամադրութեան վրայ։ Երբ մէկն ու մէկը կ’ըսէր տհաճ ձայնով «այսօր լոտոս է», ինձ համար յոյսի բոլոր դռները կը փակուէին, տունը կ’ըլլար խորթ եւ անհիւրընկալ, ինձ սիրելի եւ ընտանի դէմքերը կը դառնային օտար եւ անճանաչելի եւ այլեւս չէի գիտեր ո՛ր անկիւնը ապաստանիլ իմ մէջ եւ ինձմով գտնելու համար սփոփանք՝ գալիք ծանր ժամերուն դէմ։
Եւ այդպէս էր բոլոր տուներուն մէջ, բոլոր մանուկներուն համար։
Այդ տանը մէջ, որ հետագային մեր ընտանեկան յիշողութիւններուն մէջ կը կոչէինք մախառնաճիին տունը, իմ մանկական տպաւորութիւններս հետզհետէ փոխակերպուեցան զգացումներու եւ երբեմն ալ յանգեցան դատողութիւններու։
Տիգրան մօրեղբայրս յաճախ կու գար մեզ այցելութեան, բայց առանձին։ Իր կինը, Մաքրուհի, որ պզտիկ հարս կը կոչէինք, հեզ եւ խոնարհ կին էր, չափազանց աշխատասէր. ան եազմա կը բանէր եւ մեծ համբերութեամբ կը տանէր ամուսինին արբեցութիւնը եւ արհամարհական բռնապետութիւնը։ Որովհետեւ թէեւ մեզ հետ գողտր սիրով կապուած, Տիգրան մօրեղբայրս արհամարհանք ունէր կնոջը եւ անոր ընտանիքին համար։ Ոչ թէ այն պատճառով որ չքաւոր էին, այլ որովհետեւ, ինչպէս ինքը կ’ըսէր, «թապիէթ սահապը»[23] չէին, ինքնուրոյն զգացում, խառնուածք չունէին եւ յետոյ խնայասէր էին։ Պզտիկ հարսը տասնոցը տասնոցին վրայ դնելով կը ձգտէր տուն մը գնել, «կուլիպա»յի[24] մը տէր ըլլալ։ Բացի ծայրայեղ չքաւորներէն, բնիկ սկիւտարցիներուն մէջ, ինչպէս էր մօրս ընտանիքը, գրեթէ մարդ չկար որ տան տէր չըլլար։ Բայց մերինները որդւոց որդի սորված էին ոչ միայն իրենց բոլոր վաստկածը ծախսել, այլեւ ինքզինքնին մսխել։ Ոչ միայն մօրս մեծ հայրը եւ եղբայրը, այլեւ մօրս հօրեղբայրները, ամուճաները, նետուող, ամէն բանի խառնուող, ինքզինքնին վտանգի դնող մարդիկ եղած էին։
Այդ ամուճաներէն ես անձամբ ճանչցած եմ Արթին ամուճան։
Անիկա արհեստով սայլապան էր եւ ունեցած էր սայլեր եւ ջուխտակ եզեր, որ շահագործման կը դնէր։ Ան երկար ատեն իր իշխանութեան տակ պահած էր Սկիւտարի սայլապանները, որոնց եւ քեհեան եղած է։ Կռուազան եւ մեծաբարբառ՝ ան անձնատուր եղած է ամէն կարգի արկածախնդրութիւններու։ Իր ժամանակը չէ եղած հասարակական կամ համայնական շարժում մը, որուն մասնակցած չըլլայ։ Իր երիտասարդական տարիներուն տեղի ունեցած է Սկիւտարի հայոց գերեզմանատան կռիւը բողոքականի մը թաղման առիթով։
Այն ժամանակ բողոքականութիւնը նոր սկսած էր մուտք գործել Կ. Պոլսոյ հայ հասարակութեան մէջ։ Մատով կարելի էր դեռ համրել այն հայերը, որոնք դարձեր էին բողոքական։ Պատրիարքարանը անողոք պայքար կը մղէր անոնց դէմ եւ Արթին ամուճան եղեր էր նախապէս անոնցմէ, որոնք ամէն միջոցներով կը հալածէին «բրոտ»ները[25]։ Այդ օրերուն սկիւտարցի բողոքական մը կը մեռնի եւ անմիջապէս հարց կը ծագի թէ ո՞ւր պիտի թաղեն մեռելը։ Դեռ բողոքական հայերը չէին ճանչցուած կառավարութեան կողմէ, որպէս առանձին համայնք, եւ հետեւաբար չէին կրնար ունենալ իրենց յատուկ գերեզմանատունը։ Լուսաւորչական Պատրիարքարանը ոչ միայն խստիւ կը մերժէ հերետիկոս բողոքականի դիակը թաղելու արտօնութիւնը «սուրբ հող»ի մէջ, այլեւ կը պատուիրէ որ պահակներ դրուին հայոց գերեզմանատան շուրջը, որպէսզի գաղտնի կերպով թաղում չկատարուի։
Օրերը կ’անցնին եւ բողոքական մեռելը կը մնայ անթաղ իր տանը մէջ։ Դրացիները, ամբողջ թաղը կը յարձակին մեռելի տէրերուն վրայ եւ կը ստիպեն որ «լէշ»ը վերցնեն։ Այն ժամանակ ճարահատ, չեմ գիտեր ի՛նչ հնարքով, գիշերը, գաղտագողի, թերեւս պահակները կաշառելով, մեռելը կը թաղեն հայոց գերեզմանատան այն մասին մէջ, որ «հիւրանոց» անունը կը կրէ եւ ուր կը թաղեն ընդհանրապէս ճամբորդութեան մէջ եղող եւ «թաղ» չունեցող մեռելները, պանդուխտները եւ չմկրտուած երեխաները։ Այն ատեն դեռ Սկիւտարի հայոց գերեզմանատունը շրջապատող պարիսպ չունէր եւ «հիւրանոցը» կը տարածուէր դէպի ամայի տարածութիւններ։
Երբ Պատրիարքարանը կը լսէ որ բողոքականի մեռելը թաղուած է, կը հրամայէ հողէն հանել դիակը եւ վտարել հայ համայնքի սեփական գերեզմանատունէն։ Այդ դաժան հրամանը կը սթափեցնէ վերջապէս թաղեցիները, որ կը բաժնուին երկու մասի։ Անոնք, որ կողմնակից էին Պատրիարքարանի որոշումին եւ անոնք, Սկիւտարի էսնաֆները, որ անհանդուրժելի կը գտնեն այդ կարգի բարբարոս միջոցի մը կիրառումը։ Արթին ամուճան, որ եղեր էր «բրոտ»ներու հալածիչներէն, կը միանայ էսնաֆին եւ ըմբոստացած թաղեցիներու հետ կը դիմէ գերեզմանատուն, արգիլելու համար Պատրիարքարանի որոշումին գործադրութիւնը։ Պատրիարքարանի բարապանները իրենց համախոհ թաղեցիներու եւ կառավարական ոստիկաններու հետ երբ տեղ կը հասնին, կը տեսնեն որ դիրքերը գրաւուած են արդէն էսնաֆներու կողմէ, որ նախատելու համար կը կոչէին «այագ թախըմը»։
Բուռն կռիւ մը տեղի կ’ունենայ երկու հակամարտ կողմերուն միջեւ եւ Արթին ամուճան կռիւի միջոցին կը վիրաւորէ ոստիկան մը։ Այդ խնդրին հետեւանքով ան երեք տարի բանտը նստած էր։
Արթին ամուճա ոչ միայն նսեմացած չէր համարել ինքզինքը այդ բանտարկութեան պատճառով, այլեւ պարծանքով կը յիշատակէր այդ եղելութիւնը։ Ինքզինքը բաղդատելով ոեւէ քաղաքացիի հետ, ան արհամարհանքով կ’ըսէր.
– Ես անոր պէս խամ մարդ չեմ, ես երեք տարի բանտը նստած եմ։
Այդ բանտը իրեն համալսարանն է։ Իր ըսելով այնտեղ սորված էր կեանքը եւ որոշած էր այդ կեանքին բարին ու չարը։ Ան երբեմն կը պատմէր արենապարտ դատապարտեալներու բանտային կեանքէն ապշեցուցիչ դրուագներ եւ առանց վարանելու կ’ըսէր ակնարկելով մարդասպանի մը.
–Հասանը ազնիւ եւ մեղմ մարդ էր…
Բնական է որ այն բարոյականը, որ բանտին մէջ որդեգրեր էր, համապատասխան չէր հասարակութեան ընթացիկ բարոյականին եւ Արթին ամուճան այդ պատճառով կ’արհամարհէր ընդունուած օրէնքները։
Երանիկ մօրաքոյրս միայն կ’ըմբռնէր ամուճային ներքին էութիւնը եւ միշտ պաշտպան կը կանգնէր անոր։ Մեծ մայրս կ’ատէր իր տագրը եւ կը դժկամէր նոյնիսկ երեսը տեսնել։ Երբ հիւանդութենէ եւ անտէրութենէ ընկճուած ան կու գար երբեմն մեր տունը մնալու, յուսահատութիւնը կը պատէր տնեցիները։ Արթին ամուճան առանց նախապէս զգուշացնելու, այնպէս ինչպէս մէկը իրիկունը իր տունը կը դառնայ, կարմիր թաշկինակին մէջ կէս օխա թուզ կամ եղանակին ոեւէ միրգը դրած, կու գար մեր դուռը կը զարնէր։ Երբ ներս կը մտնէր, կը նստէր բակի բազմոցին վրայ, կօշիկները կը հանէր, կարմիր թաշկինակով միրգը կ’երկնցնէր մօրաքոյրերէս մէկուն եւ գրեթէ անմիջապէս կը դառնար պահանջկոտ։
– Մէկը ղրկեցէ՛ք, թազէ միս առէք, ամա խվըրճըխ ըլլայ, ես ղարաման չեմ կրնար ուտել, խաշլամա մը դրէք կրակին վրայ։
Մօրաքոյրերս կը մտադրէին ճամբու դնել ամուճան, ատ փորձանքը հեռացնել տունէն, բայց Երանիկ մօրաքոյրս պաշտպան կը կանգնէր անոր.
– Իմ ամուճաս է, կ’ըսէր վճռականօրէն, դուք չէք ուզէր նէ ես իմ օտաս կ’առնեմ, ես կը նայիմ։
Բարեբախտաբար Արթին ամուճան ինքը կը ձանձրանար հանգիստ եւ ընտանեկան կեանքէն։ Քանի մը օր մնալէ ետք մեր տունը, որու միջոցին կը հրամայէր, կը պահանջէր, կը սպառնար, վերջապէս ամենուն հետ կը կռուէր, նոյնիսկ մայրիկիս հետ, եւ ցուցարար կերպով դուրս կ’ելլէր տունէն, առանց մնաս բարով մը ըսելու։
Երանիկ մօրաքոյրս կը պատմէր որ Արթին ամուճան ժամանակին շատ դրամ վաստակած է. բայց մսխած է։ Ան ունեցած է նոյնիսկ այգիներ Քիւչիւկ Չամլըճային ետեւը եւ միջոց մը քաշուած է իր այգիներուն մէջ եւ հողը մշակած է, միեւնոյն ատեն մինակը պաշտպանելով իր ստացուածքը թափառականներու եւ ամէն տեսակ աւազակներու դէմ, որ այն ժամանակները պատուհաս դարձած էին այդ շրջանի անպաշտպան թրքական գիւղերուն։
Օր մըն ալ Արթին ամուճան ծախեր էր այգիները եւ դրամը կերեր էր «գէշ» կիներու հետ։ Այդ «գէշ» կիներէն մէկը, որ մահալլէպի Բուբուլ կը կոչէին, հաւատարիմ մնացած էր իրեն։ Արթին ամուճան իր ծերութեան օրերուն, երբ այլեւս բան մը չունէր եւ ի փոխարէն ունէր միզային գործարանի ծանր հիւանդութիւն մը, որ մշտատեւ խնամք կը պահանջէր, ապաստան գտած էր մահալլէպի Բուբուլին տունը, որ մինչեւ ամուճային մահը խնամած է հաւատարմութեամբ եւ անձնազոհութեամբ, անշշուկ կրելով անոր բռնաւոր քմահաճոյքները։
Իմ մանկութեան տարիներուն անիկա դեռ իր ուժին եւ զօրութեանը տէր մարդ էր։ Կը յիշեմ զինքը իր թուխ եւ արեւահար կնճռոտ դէմքով, կայծկլտող աչքերով, թաւ յօնքերով եւ պեխերով։ Ան երբեք չէ ուզած հագնիլ եւրոպական հագուստ ըսելով թէ ինքը մարդ է, մայմուն չէ։ Կը կրէր բաց գոյն ասուիէ շալուար, սրունքներուն վրայ սեղմուած, կռնակին՝ ձմեռը մուշտակէ կարճ վերարկու, ներքեւէն Պրուսայի մետաքսէ շապիկ, լայն թեզանիքներով, մէջքին կարմիր լայն գօտի, դաշոյնը խոթած մէկ կողմէն, գօտիի ծալքերուն մէջ։ Գլխու ֆէսին շուրջ կապած ունէր կարմիր եազմա, ինչ որ անատոլցի իսլամներու սովորոյթն էր եւ որով կը ջոկուէին քրիստոնեաներէն։ Չափազանց հոգածու մաքրութեան, ան երբ կու գար մեր տունը եւ բակը բազմոցին վրայ կը նստէր, անմիջապէս կը հրամայէր.
– Ինծի ճուր մը տուէք, ամա պարտախը մաքուր ըլլայ, հա՜…
Մեր տնեցիները, որ բծախնդիր հոգածութիւն ունէին ջուրի ընդունարաններու եւ բաժակներու մաքրութեան, սաստիկ կը զայրանային Արթին ամուճայի այս պատուէրէն։
Բայց անոր հոգը չէր կանանց զայրոյթը, որ իրենց համար կշիռք չունեցող արարածներ էին։
Կը սիրէր հրամայել ոչ միայն տան մէջ, այլեւ դուրսը։ Փողոցը քալած ատեն, երբ առիթ չունենար ոեւէ վէճի միջամտելու, շուները կը հալածէր կամ դիտողութիւն կ’ընէր սարսափահար կիներու իրենց դրան առաջ ինկած միրգի կճեպներու կամ ոեւէ ուրիշ բանի համար։ Եւ ո՞վ կը համարձակէր դիմադրել իրեն։ Կիները կը հնազանդէին անշշուկ, իսկ տղամարդիկ կը քաշուէին տան ներքնամասերը, իրեն հետ վէճի չբռնուելու համար։
Արթին ամուճան, հակառակ տնեցիներուն ներշնչած տհաճութեան, ինձ տեսակ մը հիացում կը պատճառէր։ Ութ տարեկան էի արդէն, դարձեր էի անզուսպ երեխայ, երբ օր մը վէճի բռնուեցաւ ինձ հետ։
Սկսեր էի սորվիլ Լաֆոնթենի առակներէն «Ճպուռը եւ մրջիւնը»։ Ամբողջ օրը սանդուխներէն վեր վար վազելով – անձրեւոտ օրեր էին եւ կարծեմ լոտոս էր – կ’արտասանէի բարձրաձայն։ Արթին ամուճան, բազմոցին անկիւնը նստած, չիբուխը ձեռքը, միւս ձեռքով հաստ գաւազանին կոթը փայփայելով, կը գոռար.
– Հերի՜ք է, պէ՜… Ճպուռը մրջի՜ւնը, ճպուռը մրջի՜ւնը… Եւ սարսափելի ու թրքաբարբառ հայհոյութիւն մը կ’ընկերանար այս խօսքերուն։
Ես պահ մը կը լռէի, յետոյ կրկին կը վերսկսէի։
Արթին ամուճան տեղէն ելլելու եւ գաւազանով վրաս յարձակելու շարժում մը կ’ընէր, բայց պէտք է ենթադրել որ չէր համարձակեր գործադրութեան դնել իր սպառնալիքը։ Ան կը դիմէր հրամայաբար մօրս եւ մօրաքոյրերուս՝ ըսելով.
– Սուս ընել տուէք լակոտը, ա՞ս է ձեր ըրած թերպիէն… ծօ ի՞նչ խազէպ պիտի ըլլայ վաղը մէկալ օր, ամա Աստուած ըրածը գիտէ, բանով մը կը զսպէ… աս խազէպն ալ զսպողը ան պիտի ըլլայ, որ աղջիկ ծներ է… եւ դարձեալ բուռն հայհոյութիւն։
Իրիկունը՝ հայրս մինչ իր սովորական անդորրութեամբ թէյը կը պատրաստէր եւ ես իր մօտերը կը դեգերէի, ինձ պատուիրեց արտասանել ինչ որ սորված էի «Ճպուռը եւ մրջիւնը» առակէն։ Ես ծայրէ ծայր արտասանեցի, չարաճճի գոհունակութեամբ եւ շեշտելով առակին իմաստը։
Յանկարծ Արթին ամուճան իր կէս թմրած վիճակէն դուրս ելաւ, գլուխը ցցեց, ուշադրութեամբ լսեց եւ կատղեցաւ։ Անիկա այդ առակին մէջ անձնական ակնարկութիւն գտեր էր, ինչպէս յետոյ գանգատեր էր մօրեղբայրներուս, եւ ամբողջ օրուան կուտակուած զայրոյթը պոռթկալով ոտքի ելաւ, դուրս նետուեցաւ սենեակէն եւ սկսաւ լուտանքներ թափել եւ անլուր հայհոյութիւններ ընել այդ առակը գրողին, սորվեցնողին եւ սորվողին հասցէին։
Քիչ յետոյ տանը դուռը փակուեցաւ ահագին դղրդոցով, պատուհանները զնգացին եւ մօրաքոյրերս պիտի սկսէին իրենց դառն կարծիքը յայտնել, երբ հայրս ձեռքով նշան ըրաւ որ լռեն։
Եւ ան կը ժպտէր ներողամտութեամբ։
Ութ-ինը տարեկանիս դեռ անարիւն էի եւ մշտատեւ խնամքի ենթակայ, բայց արդէն հիւանդութիւններու շարքը կանգ առած էր։ Կարծես կեանքը վերադարձեր, հաստատուեր էր իմ մէջ եւ անոր ուժը զիս կը մղէր շարունակական անհանդարտութեան։
Մեր տան ընդարձակ պարտէզը իմ գլխաւոր շահաստանս էր, կը մագլցէի ծառերուն մինչեւ գագաթները, կը շուլլուէի պատերուն վրայ, կը ցատկէի դրացի պարտէզները եւ կ’երթայի խաղալու տարեկից մանչերու հետ։ Աղջիկները չէի սիրեր։ Կը զզուէի երբ կու լային եւ իրենց մօրը կը գանգատէին, երբ խաղի եռանդին մէջ իյնային կամ հարուած մը ընդունէին։ Փորձով տեսած էի որ աղջիկները խարդախ են, ծածկամիտ եւ սնափառ, մինչ մանչերը ոեւէ խաղի կը մտնէին ուղղամտութիւնով եւ առաջուց ընդունելով խաղի րիսքերը։ Մեր ամենէն սիրած եւ եռանդով խաղացած խաղը խայտըռախն էր որ իբր վտանգաւոր՝ արգիլուած էր մեծերէն։ Քանի՜ անգամներ քարի ձախող արձակումով գլուխ պատռած, իրար վիրաւորած ենք։ Կարմիր արիւնը առատութեամբ կը հոսէր, բայց մենք անշշուկ վէրքը կը կապէինք թաշկինակով եւ խաղը կը շարունակէինք։
Իրիկունը, հօրս վերադարձէն առաջ, տուն կը մտնէի յոգնած սպառած, յաճախ գոգնոցս եւ հագուստներս պատռուած։ Մայրս յուսահատութենէն կու լար եւ ինչքա՜ն գէշ գուշակութիւններ կը լսէի իմ ապագայիս մասին։ Պէտք է մտածել սակայն որ այդ «մարզանքները» օգտակար եղած են իմ առողջութեանս, որ հետզհետէ ամրացած է, ինձ դարձուցած են ճկուն եւ ճարպիկ եւ զարգացուցած՝ մկանային ուժերս։
Ինչ որ կը յիշեմ այն ժամանակի ներքին էութենէս այն է որ անսանձ ուժերու մղումը քաոսային վիճակ մը հաստատած էր իմ մէջ. իմ արարքներս՝ անմիջական տրամադրութիւններու արդիւնք՝ կը համարուէին հակասական, անբացատրելի։
Կը յիշեմ որ գութ եւ սէր ունէի անասուններու համար, բայց անգութ էի մարդոց նկատմամբ։ Կարծես շրջապատուած էի թշնամիներով եւ ոչ ոքի չէի կրնար ապաւինիլ։ Ինձ համար օրէնք էի ըրած երբեք, ոեւէ բանի համար չգանգատիլ մեծերուն, որոնք կը համարէի հակառակորդներ եւ որոնց դէմ պզտիկները ստիպուած էին պայքարիլ յայտնի կամ գաղտնի միջոցներով։ Տկար տղաքը կ’արհամարհէի, իսկ ինձ համարժէք երեխաները խաղի ընկերներ էին որոնց հետ կապուած էի համերաշխութեան զգացումով։ Երբեք չեմ դավաճանած այդ համերաշխութեան, երբեմն նոյնիսկ կրելով անարդար պատիժներ եւ զրկանքներ եւ, ինչ որ ինձ համար ամէնէն ծանրն էր, հօրս յանդիմանական ակնարկը։ Որովհետեւ մեծերուն մէջ հայրս բացառութիւն էր ինձ համար։ Միայն անոր նկատմամբ ունէի յարգանք եւ սէր։ Կը սիրէի նաեւ Իւղաբեր մօրաքոյրս եւ Տիգրան մօրեղբայրս, բայց այդ սէրը անխառն չէր։ Իսկ Երանիկ մօրաքոյրս ինձ կը հետաքրքրէր եւ կը հրապուրէր։ Այդ տարիներուն մայրս մշուշի մէջ էր ինձ համար։ Շատ աւելի ուշ է որ մայրս վերստին գտայ եւ սիրեցի։
Ձեղնայարկի սենեակի մը մէջ դեռ պահեր էինք Տիգրան մօրեղբօրս գոյքերը եւ թուղթերու ծրարներ։ Ան երբեմն կը բարձրանար այդ սենեակը եւ ժամերով կը մնար։ Անգամ մը, երբ Տիգրան մօրեղբայրս իր թուղթերը կը սարքէր, ես մօտն էի։ Յանկարծ, ոլորուած, մեծադիր թուղթ մը, որ մէկ կողմ դրաւ, ուշադրութիւն գրաւեց։ Մօրեղբայրս ոլորուած թուղթը բացաւ եւ ինձ ցոյց տուաւ զարմանալի պատկեր մը։
Տիգրան մօրեղբայրս ինձ բացատրեց որ այդ պատկերին մէջ եղած եաթաղաններով մարդիկը ենիչէրիներ են եւ ծնկաչոք պաղատողները՝ պուլկարներ։ Ինձ բացատրեց նաեւ որ ժամանակին սուլթանը կոտորել տուեր էր պուլկարները, որովհետեւ անոնք ապստամբեր էին սուլթանական բռնապետութեան դէմ։
– Սուլթանները իրենց արհեստով բռնաւորներ են, ըսաւ։
– Հապա սուլթան Ազի՞զը, հարցուցի։
Յաճախ լսած էի գովեստ սուլթան Ազիզի մասին, որ կը կոչէին «ազիզ սուլթանը»։ Շատեր կ’ափսոսային անոր եղերական մահը։ Մեծ մայրս կ’ըսէր որ սուլթան Ազիզի օրով կար առատութիւն, շքեղութիւն։
– Ալեմտաղի կ’երթար եւ բուռերով ոսկի կը ծախսէր։
Անգամ մը իր ապարանքներէն մէկը այրել տուեր էր որպէս լուսավառութիւն իր անցքին։ Նահապետ մօրեղբայրս, որ շատ ցանցառ այցելութեան կու գար մեզի – եւ ան ալ իր կնոջմէն գանգատելու համար – մոռնալու համար իր ցաւերը, կը վերյիշէր անցեալը եւ կը խօսէր սուլթան Ազիզի մասին։ Անիկա զեղխ եւ շուայտ փատիշահ մըն էր, ճիշդ էր, բայց ահալլին[26] կ’օգտուէր անոր զեղխութենէն։ Թոփհանէ օղլուէն մինչեւ Չամլըճա շինել տուեր էր պալատներ եւ ապարանքներ, որպէսզի իր անցքին, երբ որ սիրտը ուզէր, պահ մը կանգ առնէր եւ շէրպէթ մը խմէր։ Այդ ապարանքները այլեւս կիսափուլ եւ անբնակ շէնքեր էին, կոտրտած ապակիներով, բայց ժամանակին եղեր էին սուլթանական քմահաճ խրախճանքի շքեղ ապաստաններ։ Պաղլար-պաշիի լայն պողոտան շինուեր էր մէկ շաբթուան մէջ, որովհետեւ սուլթանը Հայտար-Փաշայէն անցնելով ասիական ափունքը՝ այդ ճամբէն պիտի անցնէր իր շքախումբով։
– Օգուտը որի՞ն էր, կ’ըսէր Նահապետ մօրեղբայրս, շուրջ բոլորը նայելով հարցական։ Սուլթանին սայէյէն[27] ահալլին փարա կը վաստկէր։ Անոր քէֆը մեր վաստակն էր։
Կը պատմէին որ սուլթան Ազիզի մահը ցաւ պատճառած էր ժողովուրդին եւ բազմաթիւ տեստաններ շինուած էին, որոնք գաղտագողի կ’երգէին մինչեւ իմ մանկութեան օրերուս։ Իւղաբեր մօրաքոյրս երբեմն կ’երգէր այդ տեստաններէն մէկը, գլուխը անդադար շարժելով։ Անիկա սուլթան Ազիզի նախասիրած սուլթանուհիին ողբն էր.
Պէնի թախտան էնտիրտիլէր
Տէօրթ չիֆթէլէ պինտիրտիլէր,
Թոփ Գափուեա կէօնտէրտիլէր։
Աման սուլթան, ազիզ սուլթան,
Գան աղլըլեոր պիւթիւն ճիհան…
(Ինձ գահէն իջեցուցին,
Չորս ջուխտակը[28] դրին,
Թոփ Գափուի[29] պալատը տարին։
Աման սուլթան, ազիզ սուլթան,
Արիւն կու լայ ամբողջ ժողովուրդը)։
Այս բոլորը լսած ըլլալով, վստահ էի որ Տիգրան մօրեղբայրս իր կարգին ափսոսանքով պիտի խօսէր այն սուլթանի մասին, որ իր լոգարանին մէջ գտնուեր էր արնաքամ, բազկերակները կտրուած սուր մկրատով եւ որուն համար ըսեր էին թէ անձնասպան եղած է։ Բայց Տիգրան մօրեղբայրս իմ հարցումիս փոխարէն յօնքերը բարձրացուց ճակտին վրայ եւ ըսաւ զայրոյթով.
– Սուլթան Ազիզը աւելի ալչաք[30] բռնաւոր էր։
Միտքս մտաւ յուզմունքի մէջ։ Ճիշդը ըսելով, պատկերին մէջ ներկայացուած սարսափները խոր ազդեցութիւն չգործեցին իմ վրաս, որովհետեւ չընդգրկեցի անոնց տարողութիւնը։ Դեռ այն ատեն չկային հայկական կոտորածներ կամ գոնէ ես այդպիսի բան չէի լսած եւ պուլկարներուն պատահածը ինձ թուեցաւ հեռաւոր, անիրական, տեսակ մը գէշ երազ։ Բայց ինչ որ հասկցայ, այն էր որ սուլթանները մեծերուն մեծերն են եւ անարդար բան կը գործեն, այդ է իրենց կոչումը այս աշխարհիս վրայ… եւ զգացի որ Տիգրան մօրեղբայրս դէմ էր այդ մեծերու մեծերուն եւ ուրախ պիտի ըլլար, երբ անոնք պատժուէին։
– Ըսել է, – ըսի, աչքերովս փնտռելով իր նայուածքը, – սուլթան Ազիզը մեռցնողները աղէկ մարդիկ էին։
– Հի՜չ[31] …, գոչեց ան սրտնեղած. յետոյ ինձ խօսեցաւ չէրքէզի մը մասին, որ խումբ մը համախոհներով ուզեր էր սուլթան Համիտը սպաննել, վրէժը լուծել դաւաճանութեամբ սպաննուած Միտհատ փաշային, որուն նպատակը եղեր էր կարգ ու կանոն հաստատել երկրին մէջ, օրէնքով զսպել բռնապետութիւնը։ Այդ չէրքէզը չէր յաջողած, որովհետեւ իր համախոհները վերջին պահուն մատներ էին զինքը։ Ան բռնուեր ու գլխատուեր էր։ Ու յանկարծ Տիգրան մօրեղբայրս բացագանչեց.
– Դուն դեռ պզտիկ ես, ատ բաները քու գիտնալիք բաներդ չեն։
Յօնքերը աւելի բարձրացան ճակատին վրայ եւ ինքնիրեն ըսաւ.
– Ես ալ ի՜նչ խելք դրեր եմ չոճուխին, ապուխ-սուպուխ կը խօսիմ։
Բայց Տիգրան մօրեղբայրս սերմ մը դրեր էր մտքիս մէջ։ Այլեւս միանգամ ընդմիշտ տհաճութեամբ կը լսէի երբ սուլթանին ծննդեան կամ գահակալութեան տարեդարձին գոհաբանական խօսքեր կ’ըլլային եւ սուլթանին «արեւշատութեան» համար մաղթանքներ կ’ըլլային։ Բարեբախտաբար մեր տան մէջ ոչ ոք հարկադրուած էր իր «հաւատարիմ հպատակ»ի զգացումները յայտնել։ Տունը կը մնար չէզոք այդ կարգի խնդիրներու մէջ եւ նոյնիսկ տհաճ՝ այն ընտանիքներու նկատմամբ, որ իրենց տուներուն ճակատները լապտերներ կը դնէին, այդ առթիւ քաղաքին լուսավառութեան մասնակցելու համար։
Բացի ատելութիւնը դէպի բռնաւոր սուլթանները, ըմբոստ եւ գլխատուած չէրքէզի դէպքը մտքիս մէջ յարոյց շատ մը պատմութիւններ, որոնք ամէնքն ալ կը մեկնէին այդ դէպքէն, բայց աստիճանաբար կ’այլափոխուէին իմ երեւակայութեանս մէջ։ Ամէն իրիկուն, երբ գլուխս կը դնէի բարձին, աչքերս կը փակէի, բայց արթուն կը մնայի երկար ատեն եւ ինքզինքիս պատմութիւններ կը պատմէի։ Կը տեսնէի չէրքէզը, բարձրահասակ, վայելուչ, կապոյտ աչքերով, որ իր խարդախ համախոհներով կը բարձրանար պալատի սանդուխներէն։ Ան ականջ կը դնէր ձայներուն եւ շշուկներուն՝ ոչ թէ վախնալուն, այլ զգուշութեան համար, որպէսզի իր գործը յաջողի։ Ան յանդուգն էր եւ քաջ ու մեռնելէ չէր վախնար… Ան տեսակ մը խառնուրդն էր Արթին ամուճային եւ հօրս։ Հայրս ալ մեռնելէ չէր վախնար… քանի՜-քանի՜ անգամներ լսեր էի այդ։ Թերեւս մէկ անգամ միայն լսեր էի բայց այդ խօսքը բազմապատկուեր էր իմ մէջ, ճիւղեր էր արձակեր։ Ես ալ չէի վախնար մեռնելէ… եւ այդ բանը, որ կ’ուզէի մտքովս հաստատել ինքզինքիս, ինձ կը խորասուզէր ցաւագին հեշտանքի մը մէջ։
Հետզհետէ իմ հնարած պատմութիւններուս մէջ, այդ չէրքէզը ես էի… Իմ համախոհներս այն տղաքն էին որոնց մասին կասկած ունէի, որ խամազ[32] են, կամ կրնան ըլլալ։ Անոնց հետ կը բարձրանայի պալատի սանդուխներէն… (Միշտ սանդուխ մը կար այդ պատմութիւններուն մէջ)։
Ժամանակի ընթացքին անձնազոհութեան այդ հրայրքը ուրիշ սնունդ գտաւ եւ ստացաւ տարբեր ուղղութիւններ։
Հայրս ունէր լեարդի հիւանդութիւն մը, որ երբեմն սաստիկ խիթեր կը պատճառէր իրեն։ Այդ ցաւերը յանկարծակի կը յայտնուէին եւ հայրս տուն կը դառնար եւ կը պառկէր։ Բժիշկի կարծիքով այդ ցաւերը անտանելի էին, բայց հայրս կը ջանար իր կամքի ուժովը յաղթահարել անոնց։ Երբեմն, հակառակ այդ կամքին, բառաջիւնի նմանող խուլ աղաղակ մը կը հասնէր մինչեւ վարի յարկերը, ուր մեզ՝ երկու երեխաներս կը պահէին, որպէսզի աղմուկ չընենք տան մէջ։ Հօրս դիմադրութիւնը ցաւին, այն բանը, որ իմ սիրելի հայրիկս երկու ցաւի մէջ կը ժպտէր եւ մօրս հետ կը կատակէր, որպէսզի սիրտ տայ անոր, ինչպէս մօրաքոյրերս կը պատմէին զարմանքով, այդ բոլորը խոր ազդեցութիւն կը գործէին իմ վրաս։ Ու երբ երկու-երեք օր յետոյ, հայրս կ’ելլէր անկողինէն, դեռ տժգոյն, բայց արդէն ամուր իր սրունքներուն վրայ, ինձ կը թուէր որ ան յաղթած է աներեւոյթ հրեշի մը եւ ան հերոս մըն է։ Ու ես ալ կ’երազէի ըլլալ իրեն պէս ու յաղթել բոլոր հրէշներուն, ունենալ առիթ յաղթելու հրէշներու։ Ու ամէն ինչ ինձ կը ներկայանար հրէշի պատկերով։ Հիւանդութիւնները հրէշներ էին, չքաւորութիւնը, որու մասին կը խօսէին արդէն, զզուելի հրէշ մըն էր եւ մեծերու մեծերը անտանելի հրէշներ էին, առասպելական արարածներ, որոնց կոտոշներէն պէտք էր բռնել եւ սանձահարել…
Մանչ ըլլայի՜ եւ ըլլայի չէրքէզ, էշքեա[33], խաչախճի, լեռը ապաստանող աւազակ… եւ արդարութիւն գործադրէի ու այդ ընելու համար կը մեռնէի հեշտանքով։
Իմ մանկական յիշատակներուս ամենէն տարտամ միգամածին մէջ կը գտնեմ Խաչիկ մօրեղբօրս թուխ եւ առնացի դէմքը։ Հաւանական է որ օրօրոցիս վրայ հակած այն ժպտուն եւ ընտանի դէմքերէն մէկը եղած է ան, որմէ տեսողական յուզում մը կրած եմ։ Երբ հազիւ վեց-եօթը տարեկան էի, ան ինձ կ’երեւէր ինչպէս մարդկային ցեղին ամենէն կատարեալ մէկ տիպարը։ Իրապէս գեղեցիկ տղամարդ էր այն ատեն, թիկնեղ եւ բարձրահասակ, սեւ լայնաբիբ աչքերով, կամարաձեւ յօնքերով, որոնցմէ մէկը աւելի վեր թառած, երբեմն զարմացական, երբեմն ալ սրտնեղութեան արտայատութիւն մը կու տար իր դէմքին։
Անիկա կ’ապրէր մեզմէ հեռու, Բերա, ուր վարպետ երկաթագործ էր եւ իր սեփական արհեստանոցը ունէր։
Մեր տնեցիները Խաչիկ մօրեղբօրս անունը կ’արտասանէին յուզմունքի սարսուռով եւ սրտմտութեամբ։ Կը պարծենային եւ կ’ամչնային անով։ Կուռքի պէս կը պաշտէին եւ միեւնոյն ատեն դառն եւ քողարկուած մեղադրանքներ կ’արձակէին իր հասցէին։ Տարակոյս չկար որ ծանրակշիռ բան մը պատահած էր, եւ ինչ որ պատահած էր, անդարմանելի էր։
Երբ Տուտուն նստած կ’ըլլար բազմոցին անկիւնը եւ իր արհամարհական նայուածքը կը նետէր բազմաթիւ աղջիկներուն վրայ, ոչ ոք կը համարձակէր իր նախասիրած տղուն մասին բառ մը արտասանել։ Բայց անմիջապէս որ հեռանար, շաղակրատութիւն կը սկսէր։ Հառաչանքներ եւ ակնարկութիւններ կը պատասխանէին իրարու։ Երբեմն ամբողջ տնեցիները համաձայն կ’ըլլային, երբեմն ալ ընդդիմադիր խումբերու կը վերածուէին, եւ խօսակցութիւնը կը վերջանար վէճով, յորդառատ արցունքներով։
Տուտուն իր կարգին ներողամիտ չէր այդ «անդարմանելի» պատահածի մասին։ Ընդհակառակն, ան կը կրէր մշտնջենական տխրութիւնը իր նուրբ դէմքին վրայ, որ մասունքի պէս ճերմակած էր եւ ակօսուած խորշոմներով։ Իր մայրական հպարտութիւնը այնքան խոր վիրաւորուած էր որ կը նախընտրէր մունջ մնալ, քան թէ ոեւէ գանգատ յայտնել իր տղուն վարմունքին մասին։
Ինչ որ պատահած էր՝ երկար ատեն գաղտնիք մնաց ինձ։ Յետոյ, օր մը լսեցի, որ Խաչիկ մօրեղբայրս ամուսնացեր էր իր ընտրած եւ սիրած յոյն աղջկան մը հետ։
Խաչիկ մօրեղբայրս Տուտուին բազմաթիւ զաւակներուն մէջ ամենասիրելին էր։ Ոչ քոյրերը եւ ոչ եղբայրները կ’ըմբոստանային իրենց մօրը այդ նախընտրութեան դէմ։ Անիկա, այնպէս ըսելով, ամենէն յաջողածն էր մեծ մօրս զաւակներուն։ Ոչ միայն գեղեցիկ տղամարդ էր, այլեւ կը վաստկէր առատութեամբ եւ իր վաստկածը կը ծախսէր լիաբուռն իր անձին եւ ուրիշներուն զուարճութեան համար։ Իր բոլոր արարքները, որոնց արձագանգը կը հասնէր մեզ, խուլ հիացում եւ վախ կը ներշնչէին։ Երբ հազուադէպ առիթներու Խաչիկ մօրեղբայրս գար մօրը այցելութեան, ամբողջ թաղեցին կը հետաքրքրուէր այդ դէպքով։ Ընդհանրապէս ան կու գար Շաբաթ իրիկուն մը եւ Կիրակին կ’անցընէր մօրը հետ։ Այդ օրը բոլոր հրուշակ եւ պաղպաղակ ծախողները կը դանդաղէին փողոցին մէջ, հազուագիւտ ձուկ կամ միրգ վաճառողները շուկայէն կ’երկարէին մինչեւ մեր թաղը, կանգ կ’առնէին դրանը առաջ եւ իրենց ապրանքը կը գովէին նոր ձեւերով։
Կեանքը արեւի պէս կը մտնէր իրեն հետ տան մէջ։ Բակին եւ պարտէզին դռները կը բացուէին, վարագոյրները կ’ուռէին եւ կը շաչէին առագաստներու պէս, դրացիները՝ համարձակութիւն առած՝ կը մտնէին կ’ելլէին, մօրաքոյրերս կը հագուէին կը սքուէին եւ տեսակ մը անկախութեան ձգտում կը ստանային, բայց ինչ որ ամենէն զարմանալին ու հրաշալին էր, այն էր որ մեծ մայրիկիս տխուր եւ կնճռոտ դէմքին վրայ ժպիտը կ’երեւէր։ Դողդողացող ժպիտ մը, լիքը յուզումով եւ գորովով եւ նայուածքը կ’երկարէր տղուն հասակն ի վեր, հպարտութեամբ եւ հիացումով։
Մօրաքոյրերս կ’արտորային խոհանոց, ուր երսանկներու[34] տրոփին հետ հնչուն ծիծաղը կը լսուէր եւ հայրս, իր մշտնջենական լրագիրը – որ ընդհանրապէս լայն բացած կը պահէր վարագոյրի պէս դէմքին առաջ – կը ծալէր եւ կը խօսակցէր Խաչիկ մօրեղբօրս հետ։ Իսկ տանը երեխաները՝ անձնատուր խելայեղ ուրախութեան՝ իրենց գրպանները կը ձեռնոտէին, լիքը շաքարով, պիստակով եւ ամէն կարգի չոր պտուղներով։
Մինչեւ Տուտուին մահը Խաչիկ մօրեղբօրս կինը ոտքը չդրաւ մեր տան սեմին։ Աւելի ուշ գիտցանք որ այդ յոյն կնոջ ամենամեծ փառասիրութիւնը եղած է հաշտուիլ կեսրոջը հետ։ Բայց տուտուն ոչ միայն մնաց անհաշտ, այլեւ երբեք չհանդուրժեց որ այդ կնոջ խօսքը ըլլայ։ Այդ կինը տեսակ մը վտարեալ, անիծեալ արարած էր։ Քանի տարիները անցան, փոխանակ մեղմանալու, Տուտուն աւելի ամրացաւ իր զգացումին մէջ, քանի որ այդ սիրով ամուսնութիւնը ամուլ մնաց եւ Խաչիկ մօրեղբայրս զաւակ չունեցաւ։ Հետզհետէ նաեւ մօրեղբօրս դէմքին վրայ ալ սկսան գծուիլ խորշոմներ եւ անոր դէմքն ալ սկսաւ թթուիլ, մթագնիլ տխրութիւնով։ Իր որդեզրկութիւնը թերեւս վերագրեց մօրը անէծքին։ Իրողութիւնը այն է որ Խաչիկ մօրեղբօրս կենսուրախ շէնութիւնը հետզհետէ մարեցաւ, հետզհետէ աւելի ցանցառ եկաւ իր մօրը այցելութեան եւ վերջապէս դադրեցուց այդ այցելութիւնները։
Ամէն տաղաւարի նախօրեակին, յոյսը, սակայն, կը ծնէր Տուտուին յուսահատ հոգիին մէջ։ Առանց բացուելու իր ակնկալութիւններուն մասին, տանը մէջ կը հրամայէր հիմնական մաքրութիւն։ Խաչիկ մօրեղբօրս գիշերանոցները, ձիւնի պէս ճերմակ, կը կախուէին պարտէզը՝ պարանին վրայ, թեւերը կախ։ Վա՜յ մեզի, եթէ այդ բազկատարած եւ խոնաւ ճերմակեղէնին տակէն անցնէինք եւ մազի ծփուն թել մը դպէր, կամ պարանը ձիգ բռնող ձողը ցնցէինք մեր աղմկալի եւ հեւ ի հեւ խաղերու եռանդին մէջ։ Այն սենեակը, ուր կը պառկէր մօրեղբայրս, մասնաւոր հոգածութեան առարկայ կ’ըլլար։ Ձեղունը անգամ կը լուացուէր։ Մնաց որ ամբողջ տունը բաղնիքի նման թաց կ’ըլլար եւ ողողուած տախտակներու հոտը կը բռնէր մթնոլորտը։ Այլեւս չէին գիտեր ո՞ւր նստիլ, ուրկէ՞ քալել, ի՞նչպէս ապրիլ։ Իրիկունը հայրս գլուխը կը շարժէր քննադատաբար եւ կ’ապաստանէր իր լայն բացուած լրագրին ետեւ, որուն մինչեւ վերջին տողը կը կարդար իր անհամբերութիւնները զսպելու համար։
Ընթրիքին՝ տան կիները Փարաւոնի գերիներու պէս խոնջած կը հեծեծէին եւ ախորժակ չէին ունենար ուտելու։ Ամեն մէկը ներքնապէս գիտէր որ այդ պատրաստութիւնները զուր են, բայց ոչ ոք կը համարձակէր իր կարծիքը ըսել։ Վաղուան ունենալիք յուսախաբութիւններով դառնացած, կը մնային սենեակին մէջ լռին եւ խոկուն, ինչպէս եթե քինոտ ըլլային իրարու հետ։ Սիրտ չէին ըներ նոյնիսկ լոյս վառելու։ Թերեւս չէին ուզեր իրարու երես նայիլ եւ մէկիկ-մէկիկ կ’երթային պառկելու։
Օր մը վերջապէս Տուտուն որոշեց ինք երթալ իր տղուն այցելութեան։ Այդ որոշումը հետեւանք էր հոգեկան բուռն պայքարներու, անդոհական գիշերներու, տաժանելի երկմտութիւններու։
Այն առաւօտուն լուսածագին արթնցայ եւ իջայ սենեակ, երբ մեծ մայրիկս իր երրորդ սուրճը կը խմէր, որմէ յետոյ միայն իր շրթները կը բացուէին, ան ալ դժկամութեամբ։ Ան իր թախծալի նայուածքը յամրօրէն դարձուց իմ վրաս եւ կարծես միտք մը յղացաւ, յետոյ գլուխը շարժեց տարակոյսով։ Բայց այդ միտքը հետզհետէ արմատացաւ իր մէջ եւ կցկտուր բառերով յայտնեց իր մտադրութիւնը մօրաքոյրերուս։
Կը յիշեմ վարդառատ եւ լուսաւոր առաւօտը։ Արեւը նոր կը բարձրանար հորիզոնին վրայ դեղնաւուն ամպերուն մէջէն։ Պարտէզներու մէջ թռչունները կը ճռուողէին։ Բաց պատուհանին առաջ, այգուն զովութիւնը կը շնչէի երանութեամբ։ Կեանքը եւ իր ուրախութիւնները կարծես ալիքներու պէս կը բարձրանային եւ կու գային դէպի ինձ։ Գինով էի տանը երեսը ծածկող վարդենիի բուրումնաւէտ շունչէն, գինով՝ լոյսէն եւ իմ մէջ եռացող յորդառատ եռանդէն։ Ապագան ինձ կը յայտնուէր հրաշքի մը պէս, մտածումի արագ փայլատակումներով։ Երջանիկ էի, աննպատակ, անհաշիւ ուրախութիւնով մը։ Իմ էութիւնս կը բարձրանար կեանքիս հորիզոնին վրայ, ինչպէս նորածագ արեւ եւ շրթներուս վրայ կը զգայի մեղրի քաղցրութիւն։
Այլ սակայն մօրաքոյրերս ինձ կը պատրաստէին գթութեան եւ աղապատանքի մրմունջներով։ Երբեմն-երբեմն կ’ըսէին. «խեղճ մախսումը»[35]։ Ինչո՞ւ կը մեղքնային ինձ։ Ի՞նչ կար այդ Բերային մէջ, որ ամէնքը միաձայն դժոխք կը համարէին։ Կը մեղքնային թերեւս ինձ վիճակուած միջնորդի դերին համար կամ պարզապէս անոր համար որ ներկայ պիտի ըլլայի մօր եւ որդու երկիւղալի հանդիպումին։
Խաչիկ մօրեղբորս արհեստանոցը կը գտնուէր Բանկալթիի գերեզմանատունը եզերող ճամբուն վրայ։ Այդ ժամանակ արդէն մօրեղբայրս դարձեր էր խոժոռ, մռայլ, անմերձենալի։ Բառերը համրանքով դուրս կ’ելլէին շրթներէն։ Իր վեր թառած մէկ յօնքը այլեւս միմիայն սրտմտութիւն կ’արտայայտէր։ Որո՞ւ դէմ սրդողած էր, ի՞նչ կ’ուզէր մեզմէ եւ առհասարակ մարդկութենէն։ Կարծես ակամայ ան կը հպատակէր ներքին օրէնքի մը, կարծես պաշտօն ստացեր էր այդ դժկամ դերը կատարել կեանքի մէջ։ Կը զգայի որ կ’ուզէր ժպտիլ, ուրախանալ, բայց կարծես բանով մը շղթայուած էր եւ կորսնցուցած՝ իր ազատութիւնը։
Այդ օրը շոգենաւով անցանք Պէշիկթաշ, յետոյ քալելով բարձրացանք մինչեւ Բանկալթի։ Մեծ մայրս ձեռքէս բռնած կը քալէր, անտարբեր եւ անուշադիր այն բազմաբղէտ ամբոխին, որ կայսերական պալատներու մերձաւորութիւնը կը խռնուէր Պէշիկթաշի մեծ ճամբուն վրայ։ Ինձ համար այս ճամբորդութիւնը կը ներկայացնէր յարափոփոխ մոգական տեսարաններու յաջորդութիւն մը։ Թրքուհիներու դեղին, վարդագոյն, կապոյտ էնթարիներ[36] կը շլացնէին աչքերս։
Կը սիրէի սարսափիլ երկայնահասակ եւ վտիտ սեւամորթերու խոնաւ աչքերէն։ Կանացի ճիչերը, ծախողներու կոչերը, պալատական պարտէզներէ եկող աքասիայի բուրմունքը, փողոցի ոսկեզօծ փոշին, խանութներու առաջ՝ գոյնզգոյն զովացուցիչ ըմպելիքները, շաքարեղէն աքաղաղներն ու թմբուկները ինձ կը փոխադրէին հեքիաթական աշխարհ մը, որու մէջէն կ’անցնէինք ստուերներու պէս։ Վերջապէս յոգնած՝ տեսածներէս եւ երեւակայութեանս թռիչքներէն, շրթներս տոչորուն, կը միտէի կանգ առնել զեպիլներու[37] առաջ, ուր մուրացիկներ եւ տէրվիշներ, աղբիւրի պատուանդանին աստիճաններուն վրայ տարածուած, կարծես կեանքի ամբողջ բերկրանքը կը սպառէին, ջուրին մրմունջը լսելով։ Տուտուն երբեմն կանգ կ’առնէր եւ, իր նիհար մատներով բանալով վտիտ քսակը, տասնոց մը կու տար ողորմութիւն հայցող մուրացիկներու, միւսլիման թէ ոչ, առանց խտրութեան, մինչեւ որ ողորմութեան յատկացուած տասնոցները սպառէին։
Կազհանէի զառիվերին վրայ մեծ մայրիկս ձեռքս թողուց եւ կողք կողքի քալեցինք մեր յոգնած քայլերը դանդաղելով ճամբու փոշիին մէջ։ Գլխարկս եկեր էր ծոծրակիս վրայ եւ թեւերս կը ծանրանային ուսերուս։ Երբեմն կանգ կ’առնէի եւ ետեւ կը դառնայի։ Պալատներէն եւ ծովեզերեայ թաղերէն անդին, Վոսփորը կը փալփլար արեւի շեշտակի ճառագայթներէն։ Երբեմն քամին կը բարձրանար եւ կը զովացնէր մեր քրտնաթոր ճակատները։ Վերջապէս հասանք թրքական թաղերը եւ զառիվերի տաժանքէն ազատելով, նոր եռանդով սկսանք քալել։ Թափուր եւ լքուած քէօշկեր[38], կոտրտած ապակիներով, որոնց վերեւէն բեհեզեայ վարագոյրներու փերթեր կը կախուէին, յաջողեցան խզել Տուտուին լռութիւնը։ Ան կեցաւ, նայեցաւ եւ ինձ խելք դնելով մրմնջեց. «Ինչքա՜ն արիւն արցունք արժած են... »։ Յետոյ սրտագին հառաչեց եւ շարունակեց ճամբան։
Քանի կը մօտենայինք Բերայի, մեծ մայրիկս կը դառնար աւելի շնչատ եւ հեւքոտ։ Աւելի յաճախ կանգ կ’առնէր։ Ձիւնի պէս ճերմակ թաշկինակով կը սրբէր ճակատին եւ երեսին քրտինքը եւ շրթները կը մրմնջէին. «Փա՜ռք քեզ, Աստուած»։ Այդ ճամբան իր վշտագին մայրութեան Գողգոթան էր։
Երբ Բանկալթիի շիտակը ելանք, ինձ թողուց որ առաջ անցնիմ։ Ինձ համար անհասկնալի էր այն մտավախութիւնը եւ անհամարձակութիւնը, որով համակուեր էր Տուտուն։ Ի՞նչպէս, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ աստիճանական փոփոխութիւններով մայր եւ որդու յարաբերութիւնները հասեր էին այդ վիճակին։ Կարծես երկուքին մէջ խուլ պայքար մը կար որ յառաջ կը բերէր այդ բռնի հեռաւորութիւնը։ Այլ սակայն իրար կը սիրէին հրայրքով, հպարտութեամբ եւ հիացումով։ Ի՞նչ բան կ’արգիլէր որ իրարու վիզ իյնային, համբուրուէին, նստէին խօսակցէին հաճութեամբ, ինչպէս ա՜յնքան մայրեր իրենց որդիներուն հետ։
Երբ արհեստանոցին մօտեցանք եւ լսեցինք սալին վրայ ինկող մուրճերու արագ աղմուկը, մեծ մայրիկս ուժաթափ եղաւ, տժգունեցաւ եւ սկսաւ դեդեւիլ։ Այն ատեն ես խելագարի պէս մտայ արհեստանոցը, գտայ մօրեղբայրս, կախուեցայ վիզէն եւ սկսայ համբուրել եւ շաղակրատել, հարցնել առանց պատասխանի սպասելու, պատասխանել՝ առանց հարցումի։ Մօրեղբօրս քրտնած եւ արեւահար դէմքը պարզուեցաւ, աչքերը կը ժպտէին եւ անզօր ճիգեր կ’ընէր որ ինձ հեռու պահէ, որպէսզի իմ տօնական հագուստներս չաղտոտին իր կաշեայ մուրոտ գոգնոցին քսուելով։
Խաչիկ մօրեղբայրս անմիջապէս գործը ընդհատեց, ձեռքի գործիքները յանձնելով աշկերտին։ Անիկա գոգնոցը կը հանէր եւ հապճէպ հրամաններ կու տար արհեստաւորներուն։ Յետոյ գնաց լուացուելու, բայց կարծես միտքը փոխեց, վերադարձաւ աշխատանքին, ինձ թողլով անձնատուր այն բազմատեսակ հիացումներուն, որ արհեստանոցի շռնդալից եւ բարդ կեանքը կ’ընծայէր իմ անյագ հետաքրքրութեանը։ Կը սիրէի տեսնել հնոցին գրեթէ ճերմակ բոցը, փքոցին հեւքը, շիկացած երկաթին ձեւափոխութիւնը սալին վրայ, մուրճին մետաղեայ եւ հնչուն հարուածներուն տակ, յետոյ դեռ տաք մետաղի մրմունջը ջուրին մէջ եւ կրակին հոտը, որով կարծես ամէնքը խանձուած էին։ Այդ պահերուն Խաչիկ մօրեղբայրս ինձ հսկայի մը պէս կ’երեւէր։ Անոր կիսաբաց եւ մազոտ կուրծքը, հանգրիճած բազուկները ամենազօր ուժի տպաւուրութիւնը կ’ընէին եւ անձնական հրճուանք ու հպարտութիւն զգացի, երբ արհեստանոցի ժխորին մէջ անոր հանդարտ ձայնը հրամաններ կու տար աշխատողներուն։
Ակներեւ էր որ Խաչիկ մօրեղբայրս հաճոյք զգաց ինձ տեսնելով, հակառակ որ գերմարդկային ճիգեր կ’ընէր զսպելու համար հաճոյքի ոեւէ արտայայտութիւն։ Բայց իմ մանկական բնազդս չէր սխալած եւ համարձակութեամբ կը վարուէի իրեն հետ։ Մնաց որ սիրելու իրենց այդ դաժան եղանակը բոլորովին խորթ էր իմ ներքին էութեանս։ Ան հասկցաւ որ մայրը արհեստանոցին ետեւ, գերեզմանատունն է եւ անձկութեամբ կը սպասէ իրեն։ Այլ սակայն չէր շտապեր։ Ես բոլորովին անգիտակ հոգեկան այդ գալարումներուն, որ մայր ու որդի կը կրէին հաւասար տաժանքով, կը մտնէի կ’ելլէի եւ պատճառ մը չէի գտնէր որ այդ հեքիաթունակ րոպէները վերջ գտնեն։
Մեծ մայրս նստած էր տապանաքարի մը վրայ, կնձնիի մը շուքին տակ։ Երկու մաշած եւ ճերմակ ձեռքերը ծունկին, ան դիմացը կը նայէր անթարթ։ Երբեմն իր մութ ու ներզօր նայուածքը կը դարձնէր ինձ եւ կարծես բան մը կը հարցնէր։ Երբեմն ալ ցասումը կը փայլատակէր բիբերուն սեւեռումին մէջ։ Երբ սկսայ շատ անհանգիստ ընել զինք, ձեռքով տարտամ շարժում մը ըրաւ որ հեռանամ։
Այն ատեն սկսայ թափառիլ հինաւուրց գերեզմանատան ճամբաներուն վրայ, եզերուած մաշած տապանաքարերով։ Հնամենի եւ բարձրաբերձ ծառերու վրայ աչքերով կը փնտռէի այն հրաշալի պտուղը, որ կարծեմ սերունդէ սերունդ մեր երկրի երեխաներու ընչաքաղցութեան առարկան եղած է։ Երբ մէկ կամ երկու հատիկ ձեռք անցուցի՝ երանութիւնս դարձաւ անչափ։ Յետոյ գացի պառկեցայ կռնակի վրայ խոտերու մէջ եւ աչքերս յառած ծառի մը օրօրուն հովանիին, մնացի շլացած։ Փալփլացող տերեւներու յարաշարժ եւ կշռաւոր սօսաւիւնը կարծես բան մը կը պատմէր։ Սիրտս կը դողար յուզումով, երբ երկու կատարներ իրարու կը հակէին եւ իրենց մրմունջը կը փոխանակէին։ Աւելի վերեւ երկնակամարը կը թաւալէր եւ ճերմակ ամպի ծուէն մը կ’անցնէր արագ։ Այդտեղ է որ առաջին անգամ շփոթութեամբ, անհնարին յուզումով եւ սարսափով անդրադարձայ իմ առանձին գոյութեանս անսահման տիեզերքին մէջ։
Երբ վերջապէս մօրեղբայրս երեւցաւ արհեստանոցի ետեւի դռնէն, վազեցի եկայ մեծ մայրիկիս մօտ։ Մօրեղբայրս կը յառաջանար յամրաքայլ եւ գետնի խճաքարերը կը ճռնչէին։ Կարծես ա՛լ աւելի դանդաղելու համար, ան գրպանէն հանեց ծխախոտի տուփը եւ սկսաւ պապիրոս մը ոլորել։ Անիկա չէր նայեր իր մօրը, ինչպէս եթէ իրենց հանդիպումը շարունակութիւնը ըլլար ընդհատուած խօսակցութեան մը։
– Նստէ՛, ըսաւ վերջապէս Տուտուն, իր տժգունած եւ դողահար շրթներով։
Մօրեղբայրս դեռ գնաց մօտակայ սրճարանէն աթոռ մը առնելու։ Այդ միջոցին կարծես պատրուակ մը կը փնտռէր բանով մը ուշանալու։ Հաւեր կը քշէր, շուն մը կը հալածէր, հեռուն կեցող մէկու մը խօսք կ’ուղղէր։ Բայց վերջապէս այդ բոլոր արգելքները սպառեցան եւ Խաչիկ մօրեղբայրս, ձեռքը բռնած առանց յեցակի աթոռ մը, եկաւ նստաւ մօրը դէմ։
Հազար բան ունէին անշուշտ իրարու ըսելիք, բայց երկուքն ալ լուռ կը մնային։ Կը դիտէի մօրեղբօրս կնճռոտ ճակատը, վեր թառած յօնքը, ջղաձիգ մատները, որոնցմով պապիրոսը կ’ուզէր ոլորել, բայց այդ անիծեալ պապիրոսը չէր ոլորուեր։ Կարծեցի որ այդ իսկ է պատճառը մեծ մօրս եւ մօրեղբօրս փոխադարձ դժկամութեան, որովհետեւ մօրեղբայրս սկսաւ զայրոյթով գանգատիլ եւ ըսել թէ «թուղթերը անաշահ են»։
Այս բոլորէն ետքը մօրեղբօրս դէմքը մեղմացաւ, ինձ նայեցաւ եւ մտահոգութեամբ ու գորովով լի նայուածքը բարձրացնելով դէպի մայրը՝ հարցուց քաղցր ձայնով.
– Չոճուխը բան մը կերա՞ծ է...
Այլեւս սառոյցը խորտակուեցաւ եւ մայր ու որդի սկսան խօսակցիլ մտերմութեամբ։ Երբեք ոչ ոքի հետ Տուտուն չէր խօսած ա՜յնքան մայրական, ա՜յնքան ցաւագին քաղցրութեամբ լի ձայնով, որքան երբ կ’ըսէր իր նախասիրած տղուն.
– Եաւրո՜ւմ, Խաչիկ...
Ո՛չ շատ կարեւոր բաներ կը յայտնէին իրարու, ո՛չ ալ սրտագին զգացումներ։ Կը խօսէին սովորական եւ առօրեայ բաներու վրայ, եօթը օտար մարդոց վրայ, բայց այն աննշան խօսակցութեան միջոցին իրար գտած էին եւ պահ մը կը վայելէին այն քաղցր անդորրութիւնը, որուն ցանկացեր էին ամիսներէ ի վեր։ Կարծես տանջալի ծարաւ մը կը յագեցնէին, կարծես անհասանելի նպատակի մը հասեր էին։
Այսպէս տեւեց մէկ երկու ժամ։ Յետոյ Տուտուն ոտքի ելաւ եւ պատրաստուեցաւ մեկնելու։ Մօրեղբայրս մինչեւ փողոց մեզ առաջնորդեց եւ մօրը ձեռքը համբուրեց։ Տուտուին աչքերը խոնաւցան եւ ինքն ալ տղան համբուրեց երկու այտերէն։ Ես, շլացած այս սրտի զեղումներէն, սքանչացումով կը նայէի մէկին եւ միւսին, երբ զգացի որ մօրեղբօրս դէմքը կը թթուէր։
Փղձկած մօրը արցունքներէն՝ մօրեղբայրս խոժոռած, աչքերը կը սեւեռէր գետին։
– Մի՛ սրդողիր, եաւրո՛ւմ, մրմնջեց Տուտուն եւ աւելցուց.
–Օր մը չգա՞ս Սկիւտար, օդ մը կ’առնես։
– Հոս օդ չկա՞յ, ի՞նչ է, պատասխանեց մօրեղբայրս։
Այդ պահուն արդէն Տուտուն ինքզինքը գտաւ։ Ան դարձաւ հեռաւոր եւ փակ, ինչպէս տուն մը, որուն պատուհանները գոցէին եւ դռները կղպէին։ Ան նայեցաւ աղմկալի պողոտային եւ արհամարհական շեշտով ըսաւ.
– Չեմ գիտեր ի՞նչ հասկցեր են սա Բերայէն։
– Բերայի Աստուածը անգամ ուրիշ է..., պատասխանեց մօրեղբայրս զայրոյթով։
Բայց անմիջապէս կակղեցաւ եւ անշուշտ ուզելով մօրմէն բաժնուիլ հաշտութեամբ, ուրիշ բան չգտաւ ըսելի, բայց եթէ զգուշութեան խորհուրդներ տալ մեզ, որպէսզի կառքի տակ չմնանք, ճամբանիս չկորսնցնենք եւ վերջապէս շոգենաւը չփախցնենք։
Տարիներ յետոյ, իրիկուն մը, երբ հօրս հետ պարտէզէն վարդեր կը քաղէի, վարդի մը հոտը ինձ յիշեցուց այն բուրումնաւէտ առաւօտը, երբ Տուտուն որոշեց ինձ հետը տանիլ Խաչիկ մօրեղբօրս։ Հայրս կը կտրէր գեղեցկագոյն վարդերը եւ միեւնոյն ատեն կը խօսէր հանդարտ եւ համոզիչ ձայնով. «Մարդուս ամենամեծ երջանկութիւնը... »։
Յանկարծ ընդհատեցի զինքը եւ հարցուցի.
– Ինչո՞ւ Խաչիկ մօրեղբայրս չէր սիրեր մայրը։
Հայրս կանգ առաւ եւ, իր պայծառ ու իմացական նայուածքը յառելով ինձ, ըսաւ.
– Ընդհակառակն, կը սիրէր, բայց իր ուժէն վեր չափով մը։ Ամէն մարդ բաւական ուժ չունի սիրելու։ Պէտք է հզօր ըլլալ այդ ընկճող բեռը ուրախութեամբ կրելու համար հոգւոյն մէջ։
Մեր տան կիները, բացի Երանիկ մօրաքոյրէս, արհամարհական որակումներով կը խօսէին կամ կ’ակնարէին այն փողոցներու մասին, որոնց ամբողջութիւնը կը կոչէին վարի թաղերը։ Այդ փողոցներու բնակիչները, ըստ մեր տնեցիներու հեղինակաւոր կարծիքին, գռեհիկ էին. կիները՝ ջլդիկ, տղամարդիկ՝ այագ թախըմի[39]։
Մախառնաճիին տունը փոխադրուելէ յետոյ այդ թաղերու գռեհկութիւնը կարծես աւելի խտացաւ մեր տնեցիներուն համար եւ երբ մօրաքոյրերս դուրս կ’ելլէին այցելութիւն մը ընելու կամ բաղնիք երթալու համար, հակառակ որ մեր յաճախած բաղնիքը, Չինիլի Ճամիի համամը, կը գտնուէր Ենի Մահալլէի վերջաւորութեան, մեծ շրջաններ կ’ընէինք, որպէսզի չանցնէինք այդ վարի թաղերէն։
Բայց ես ամենափոքր հասակէս քանիցս անցեր էի այդ թաղերէն Երանիկ մօրաքրոջս հետ եւ յաճախ այցելութեան գացեր էի այդ փողոցներուն մէջ գտնուող տուներ։
Երանիկ մօրաքոյրս թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ ներքին էութիւնով բոլորովին տարբեր էր իր քոյրերէն։ Ան թուխ էր եւ կարճահասակ։ Ունէր շատ սեւ մազեր եւ մանր, սեւ աչքեր։ Ծաղիկը չեչոտ դարձուցեր էր Երանիկ մօրաքոյրս եւ ան հաստատ կարծիք գոյացուցեր էր որ ինքը տգեղ է։ Իրականութիւնը սակայն այն էր որ մեր տնեցիներէն ոչ մէկը այնքան սիրուած եւ փնտռուած չէր հեռու եւ մօտ ազգականներէ, դրացիներէ, ամբողջ թաղեցիէն, որքան Երանիկ մօրաքոյրս։
Երբ անիկա իմ ձեռքէս բռնած կ’իջնէր մեր փողոցին վարի մասերէն, նեղ փողոցներու երկու կողմերէն, պատուհաններէն եւ դրան սեմերու վրայէն՝ մեծ ու պզտիկ պաղատագին մեզ կը հրաւիրէին ներս մտնել, խահուէ մը խմել, «երկու խօսք ընել»։ Մենք երկուքով դանդաղօրէն կը յառաջանայինք եւ Երանիկ մօրաքոյրս, մերժելով հանդերձ հրաւէրները, կը խօսէր մէկին եւ միւսին հետ։ Այդ կիները կ’ոգեւորուէին լսելով մօրաքրոջս խօսքերը եւ երբեմն լիաթոք կը խնդային։ Չեմ գիտեր ի՛նչ կ’ըսէր կամ ի՛նչպէս կ’ըսէր, բայց կը զգայի որ մօրաքոյրս ամենուն հոգերը կը ցրուէր, իր խօսքերը առաջ կը բերէին ժպիտ եւ ծիծաղ, մինչ ինքը կը մնար անայլայլ։ Եւ ես կը սիրէի որ մեր անցքին այսպէս ուրախութիւն, հաճոյք եւ ծիծաղ կը սերմանէինք մեր ճամբուն վրայ։
Մեծ մայրս եւ մօրաքոյրերս տհաճութեամբ կ’անդրադառնային Երանիկ մօրաքրոջս «յարաբերութիւններուն» եւ կը քննադատէին իր ճաշակը, որ գռեհիկ կը համարէին։
Տանը մէջ ան գրեթէ չէր մասնակցեր ընդհանուր կեանքին։ Ունէր իր առանձին սենեակը, ուր թեզկեահի վրայ եազմա կը բանէր։ Ան չէր սիրեր որ յանկարծակի խանգարէինք իր առանձնութիւնը։ Միւս կողմէ, երբ մեր տունը հիւր մը ըլլար, ինքը չէր երեւար, քոյրերուն չէր ընկերանար, երբ այցելութիւն մը ընէին։ Կարծես թէ ան կ’ուզէր բաժնուիլ տնեցիներէն, ունենալ իր յատուկ որջը, ուր կը պահէր իր ինքնութիւնը եւ նաեւ իր անձնական ինչքերը։
Այդ ինչքերը հազար ու մէկ գիշերներու սքանչելիքներ էին մեզ, երեխաներուս համար։ Պզտիկ քոյրս սկսած էր մեծնալ։ Անիկա առողջ, կայտառ եւ հանդարտ երեխայ էր։ Մեզ երկուքս կը կոչէին ոչ թէ մեր անունով, այլ կ’ըսէին մեծը, պզտիկը։ Պզտիկը ուրեմն կատարելութիւն մըն էր, ուրուր չէր մեծին պէս։ Ան կը վայելէր ընդհանուրին համարումը եւ Երանիկ մօրաքրոջս մասնաւոր հոգացութիւնը։ Ան յաճախ պզտիկը կը տանէր իր սենեակը, կը բանար իր գանձերը անոր առաջ եւ ժամերով պզտիկը հանդարտ կը խաղար։ Ինձ համար այդ դրախտին դռները հազուադէպ կերպով կը բացուէին, բայց երբ բացուէին, ուրախութիւնս այնքան մեծ կ’ըլլար որ երբեմն տենդ կ’ունենայի։
Երանիկ մօրաքոյրս կը սիրէր բուրումները եւ դարանին մէջ ունէր ամէն տեսակ անուշահոտութիւններ։ Իմ պաղատագին խնդրանքիս վրայ ան կը բանար դարանը եւ ես վերացած կը դիտէի այդ զանազան ձեւի սրուակները եւ անոնց գոյնզգոյն բովանդակութիւնը։ Այդ փակ սրուակներէն դուրս կը սպրդէր խառն բուրումներու տարտամ հոտ մը, որ հոգիս կը պարուրէր գերագոյն զգայութիւններով։ Բուրումները կը վերացուէին տեսիլքներու եւ անորոշ երաժշտութեան մը։ Կը տեսնէի եւ կը լսէի բաներ, որոնք ոեւէ կապ չունէին անմիջական իրականութեան հետ եւ յետոյ, երբ այդ տպաւորութիւնները իմ մէջս կը վերածուէին պատմութիւններու, որ ինքզինքիս կը պատմէի, ինձ համար կը դառնային աւելի իրական, քան ինձ շրջապատող իրականութիւնը։
Բայց Երանիկ մօրաքոյրս դեռ ուրիշ հրաշալիք մը ունէր իր սենեակին մէջ։ Այդ՝ իր սնտուկն էր։ Այնտեղ պահած էր իր մանկութեան տարիներէն ձեռքը անցած իրերը։ Այնտեղ կային հին եւ մաշած հնդկական շալերու բեկորներ, պարսկական մետաքսեղէններ, ոսկեթելով բանուած Պրուսայի շղարշներ, վառ եւ շլացուցիչ գոյներով կերպասի կտորներ, նմուշներու ծրարներ, փղոսկրէ եւ արծաթաթելէ շինուած պզտիկ առարկաներ, բաժակներ, սկահակներ, մետաքս գոյնզգոյն թելեր, սաթէ մանեակ մը եւ դեռ անհամար ուրիշ բաներ։
Այդ իրեղէններուն եւ մօրաքրոջս պատմութիւններուն մէջ սերտ աղերսներ կային։ Ան միակ անձն էր տանը մէջ որ կը խօսէր իր մեծ մօրը, Շիրին օղլու Յակոբին մօրը մասին։ Անոր տունը լիքն էր այն բոլորով, որ կարաւանի առաջնորդները, իրենց երկար ճամբորդութիւններու ընթացքին, առեր ու բերեր էին տուն։ Երանիկ մօրաքոյրս կը պատմէր որ իր մանկութեան նեղ օրերուն, զառամած հանիին ձեռքէն մէկիկ-մէկիկ խլած էին թանկագին շալերը եւ կերպասները ու ծախեր էին։ Ամէն ինչ ցրուեր, «ուրին ջուրին» գացեր էր։
– Բան չմնաց, կ’ըսէր ան ցաւելով, մինակ աս մնաց, կը հառաչէր ցոյց տալով սնտուկին մէջ հաւաքած բեկորները։
Արդարեւ, մեծ հայրերուս անհետացած ուժեղ սերունդէն մնացեր էին պատմութիւններ, իրենց կարգին անցնելու վրայ եղող կիներու եւ այլասերած տղամարդոց բերանը եւ Երանիկ մօրաքրոջս սնտուկին մէջ՝ նախկին շքեղ շալերու, գեղեցիկ կարպետներու, թանկագին բեհեզներու փեռեկտուած եւ ցեցերէ ծակոտկէն աննշան բեկորներ։
Իր սենեակին մէջ, երբ «էշրէֆ սահաթն»[40] էր, անիկա կը բանէր եւ միեւնոյն ատեն կ’երգէր կամ կը պատմէր։ Այդ սենեակին մէջ է որ գտած եմ լուսաբանութիւնը ընտանեկան կարգ մը անցեալ եւ ներկայ դէպքերու։ Եւ անտարակոյս Երանիկ մօրաքոյրս մետտահի[41] տաղանդ ունէր, ինչպէս իր մեծ հօրեղբայրը, Ֆերհատը, բայց իր ժամանակի իրականութեան մէջ այլեւս մետտահի տեղ չկար։ Ան նուազ ոգեւորութեամբ կը խօսէր իր մեծ հօր՝ Շիրինի՝ աշուղի տաղանդի մասին, քան Ֆերհատի պատմելու հրաշագործ յատկութիւններու վրայ։
– Քերուանները կ’երթային եւ ներսերը կը տանէին պազիրկեաններ, կառավարութեան մարդիկ, սնտուկներով զէնկինութիւն...[42]։ Կ’երթային Քիւչիւկ Չամլըճային ետեւէն, կ’երթային, կ’երթային օրերով, ամիսներով... վեր երկինք՝ վարը քերուանպաշին...
Ու կը պատմէր թէ ի՛նչպէս Ֆերհատ, կարաւանի պետը, իր ճամբորդները կը կառավարէր հաստատակամութեամբ եւ արդարութեամբ։ Եթէ պատահէր որ կարաւանին ընկերացող թուրք աստիճանաւոր մը պահանջէր բացառիկ վերաբերմունք, Ֆերհատ կը մերժէր ու կը կատղէր, եթէ պնդէին։ Ոչ սպառնալիքը, ոչ խոստումները չէին զօրեր իր վրայ։ Բայց Ֆերհատ իր կարաւանի առաջնորդի յատկութիւնները երեւան կը բերէր, երբ ոեւէ վտանգ սպառնար կարաւանին։ Ան աղուէսի պէս խորամանկ էր, երբ պէտք ըլլար, եւ աւելի կ’ընտրէր ճամբու աւազակներու պետերուն հետ համաձայնութեան գալ, քան թէ վտանգի ենթարկել ճամբորդներու կեանքը եւ ինչքը։
Երբեմն ալ ձիւնը կը գոցէր ճամբաները, հարկ կ’ըլլար օրերով կանգ առնել եւ սպասել։ Կարաւանի ուտեստի եւ ջուրի պաշարը կը սպառէր պէտք էր համբերել։ Ֆեհրատ իր շուրջը կը հաւաքէր ճամբորդները եւ կը պատմէր։ Երանիկ մօրաքոյրս կ’ըսէր որ Ֆերհատ այնպիսի կատարելութեամբ այդ անօթի մնացած մարդոց կը նկարագրէր խնջոյքներ, կերուխում, տեսակ-տեսակ խորտիկներ, որ լսողները ոչ թէ աւելի կը զգային իրենց քաղցածութիւնը, այլ կը յագենային եւ թմրած կը մնային։ Իսկ երբ վտանգ մը սպառնար, Ֆերհատ այնպիսի շնորհով եւ ուժով կը պատմէր առասպելական քաջութիւններու մասին որ ճամբորդներէն ոմանք կը ցանկային որ յարձակում ըլլար, ոեւէ դէպք պատահէր, որպէսզի իրենք այլ ցոյց տային իրենց քաջութիւնը, դառնային մետտահի արժանի զահրիման[43]։
Երանիկ մօրաքոյրս այս բաները պատմած ատեն կը ժպտէր արցունքոտ աչքերով եւ երբեմն կ’արտասուէր ժպտելով։ Յուզմունքը եւ ոգեւորութիւնը կ’այլափոխէին իր ծաղկաւեր թուխ դէմքը, եւ իր աչքերը կը վառէին հրայրքով եւ յաճախ հեգնութիւնով։
Երանիկ մօրաքոյրս արագութեամբ կ’անցնէր բուռն աշխուժութենէ ափրիկեցիի մեղկութեան։ Երբեմն ան կը մնար ժամերով անշարժ եւ յամր, ընկղմած ծուլութեան մէջ։ Նոյնիսկ երբ միւս տնեցիներուն հետ ըլլար, խօսակցութեան չէր մասնակցեր եւ այնպէս կը ձեւացնէր որ մրափելու վրայ է։ Երբեմն կը պատահէր որ հետեւեալ օրը պատասխանէր իրեն եղած հարցումի մը, ըսելով որ ան միջոցին «իւշէնմիշ[44] եղաւ խօսելու»։ Նոյնիսկ իրիկնադէմին, քաֆէի ժամուն, յուսահատական դանդաղութեամբ կը վերցնէր բաժակը եւ նոյնքան դանդաղութեամբ կը տանէր շրթունքին։ Այդ ծուլութեան ժամերուն անոր մարմինը այնքան կատարելապէս կ’անշարժանար որ ծալած սրունքները կը թմրէին եւ իր քնած նայուածքը կը պտըտցնէր ամենուն վրայ, ինչպէս եթէ երազէ մը արթննար ու իր շրջապատը չճանչնար։
Բայց երբ իր թմրած միտքը կ’արթննար յանկարծական կայծկլտումներով, այն ատեն ոչ միայն կը դառնար սրամիտ եւ պատրաստաբան, այլեւ հակում կ’ունենար դուրս գալու իր առանձնութենէն, հաղորդակցութեան մտնելու արտաքին աշխարհին հետ, խառնուելու ամբոխին, հասարակ ժողովուրդին եւ այդ ընելու համար ան կը դիմէր ամէն կարգի միջոցներու։
Տանը մէջ կար ջրամբար մը, երկու հոր եւ ջուրը առատութեամբ կը գործածուէր, բայց Երանիկ մօրաքոյրս յանկարծ գաղտագողի կ’առնէր դոյլ մը եւ սափոր մը եւ պարտէզին դռնէն կ’երթար փողոց, հասարակաց աղբիւրէ մը ջուր բերելու։ Ան կը սիրէր բաց օդը, փողոցը, հաղորդակցութիւնը դրացիներուն, նոյնիսկ անծանօթներու հետ։ Այդպիսի տրամադրութեան մէջ եղած ժամանակ էր նաեւ որ վարի թաղերը կ’երթար, կը դեգերէր փողոցները կամ ուղղակի կ’երթար տուն մը այցելութեան։
Երբ տունը հիւանդ ըլլար կամ ոեւէ տիրապետող հոգ մը անուշադիր դարձնէր տնեցիները, Երանիկ մօրաքոյրս ձեռքէս կը բռնէր եւ հետը դուրս կը հանէր։ Ան կը ծածկէր ինձմէ մեր պտոյտին նպատակակէտը։ Մտքովս ենթադրութիւններ կ’ընէի եւ ամէն անգամ որ փողոց մը կը դառնայինք, իմ ենթադրութիւններս կա՛մ կը հաստատուէին, կա՛մ կը խախտէին։ Իմ մանկական յիշողութիւններուս մէջ, Երանիկ մօրաքրոջս հետ կատարած մեր այցելութիւնները եւ մեր անցքերը վարի թաղերէն՝ մնացած են որպէս ֆէէրիկական յուշեր։ Անակնկալը, զուարճալին, արտառոցը կը դառնային սովորական։ Կը հիանայի այն բանին վրայ որ ոչ միայն ամէնքը կը ճանչնային Երանիկ մօրաքոյրս, այլեւ մտերիմ էին իրեն հետ ու կը սիրէին զինքը։ Ամէնքը հաղորդակից կ’ընէին մօրաքոյրս իրենց հոգերուն եւ խոնարհ ուրախութիւններուն։ Չքաւորութեան մէջ տուայտող այդ ընտանիքները ունէին իրենց բոլորովին տարբեր կեանքը, որ անծանօթ էր վերի թաղերը բնակողներուն։
Մեր յաճախած տուներէն գլխաւորաբար կը յիշեմ ձկնավաճառ Նիկոթին եւ Կարիանէ հանըմին տուները։
Նիկոթ արդէն ծերացած մարդ էր, բայց երբեմն կ’երթար ձուկ որսալու եւ կը ծախէր փողոցները կամ Ենի Մահալլէի շուկան։ Բայց աւելի յաճախ կը գնէր ուրիշ ձկնորսներէ եւ պզտիկ շահով մը կը ծախէր յաճախորդներուն։ Անիկա ալեխառն մազերով մարդ մըն էր որ ժամանակին եղեր էր նաւավար։ Մազերը բուսած էին գրեթէ մինչեւ յօնքերը եւ ծոծրակին վրայ կը կորսուէին շապիկին օձիքին մէջ։ Դէպի դուրս ցցուած խիտ եւ մացառուտ յօնքերուն տակէն անոր գորշ աչքերը վարէն վեր կը նայէին այնպէս, ինչպէս եթէ նայուածքը աւելի հեռուն երթար, քան իր նպատակակէտը։ Անիկա տարօրինակ խօսուածք մը ունէր, որ սկիզբները բնաւ չէին հասկնար, բայց քիչ մը հեռուէն կարծես իր խօսքերը թիերու հարուածներ էին նաւակի մը կողմերուն կամ ճողփիւններ՝ ջուրի մէջ։ Ան անզգալաբար տոգորուեր էր նաւավարութեան րիթմով եւ երբ պատմութիւն կը պատմէր իր երիտասարդական տարիներէն, իր խօսքը կը դառնար պատկերաւոր, գրեթէ շօշափելի։
Անիկա մերաք[45] մը ունեցած էր կեանքին մէջ, հեյալ կը խաղցնէր։ Իր պառաւ կնոջ ըսելով այդ հեյալն էր որ մոխիրի վրայ նստեցուցեր էր ամբողջ ընտանիքը։ Անոնց զաւակները իրար ետեւէ մեռեր էին փոքր հասակէն։ Իրենց պապենական տունը, չորս սենեակով, այրեր էր Վանքին պաղի հրդեհին։ Այս բոլոր դժբախտութիւնները չէին զօրեր Նիկոթը ետ կեցնել իր մենամոլութենէն։ Տունը այրելէն ետքը ան իր ձեռքով փայտաշէն պարանկա մը շիներ էր եւ առաջին գործը եղեր էր սաւան մը կախել միակ սենեակին մէջ եւ հեյալ խաղալ։ Նիկոթ իր կարասիներու կորուստէն աւելի ցաւեր էր իր շինած փայտէ խամաճիկներու կորուստին, բայց չէր յուսահատեր, բան գործ թողած, իր տնակի սեմին վրայ, իր թանձր մատներով, զմելիի մը օգնութեամբ սկսեր էր կրկին շինել իր դերակատարները, որոնց գլուխը եւ անդամները մեծ ճկունութեամբ շարժման մէջ կը մտնէին առասաններու ճարպիկ խաղով մը։
Ձմեռուան երկար գիշերներուն ան կը հրաւիրէր քէօշէին ձկնավաճառները եւ սաւանին վրայ կը ցուցադրէր իր հնարած խաղերը։ Անգամ մը յաջողեր էր հրաւիրել Սամաթիայէն հռչակաւոր հեյալճի Աթովթոսը եւ անոր խաղէն յետոյ, որ սովորական գարակէօզն էր Աթովթոսի ինքնայատուկ տարբերակներով, Նիկոթ ներկայացուցեր էր իր խաղերը։
Երբ Նիկոթի պառաւ կինը կը հասնէր իր պատմութեան այս կէտին, Նիկոթ իր մացառուտ յօնքերուն տակէն նայուածքը երկարելով Երանիկ մօրաքրոջս, կ’ըսէր.
– Աթովթոսը ճակատս պագաւ...
Դիտեր էի որ Երանիկ մօրաքոյրս առերես համաձայն գտնուելով պառաւին գանգատներուն, մեծ հետաքրքրութեամբ կը լսէր Նիկոթին նկարագրութիւնները իր նոր հնարած խաղերուն մասին։ Ան հարցումներով կը ճշդէր կէտեր եւ երբեմն ալ թելադրութիւններ կ՚ընէր որ կը գնահատուէին Նիկոթի կողմէ։
– Քա Երանիկ հանըմ, իրիկուն մը չգա՞ս հեյալ խաղցունեմ... Չոճուխն ալ հետդ բեր։
Բայց այդ անկարելի բան մըն էր։ Նոյնիսկ մօրաքոյրս մինակը չէր կրնար ելլել տունէն գիշերով, ո՞ւր մնաց ինձ հետ։ Բայց ձմեռուան իրիկուն մը, մայրամուտէն յետոյ, հապճեպով տեսանք Նիկոթի խաղը։ Սենեակին մէկ կողմը պիրկ կախուած եւ չորս ծայրերէն բռնուած սաւանին ետեւէն Նիկոթ խաղցնել տուաւ իր խամաճիկները։ Իւրաքանչիւր դերակատարին խօսքերը ինք կ’ըսէր տարբեր ձայներով. նոյնիսկ կին մը կար այդ դերակատարներուն մէջ։ Յետոյ էշ մը զռաց, աքաղաղներ պոռացին ու կռիւ մը յառաջ եկաւ շուկայի մը մէջ։ Ինձ կը թուէր որ մարդոց բազմութիւն մը կար սաւանին ետեւ եւ երկար ատեն չկրցայ հաւատալ որ մինակ ձկնավաճառ Նիկոթն էր որ այդ բազմամարդ խաղը կը խաղար։
Նիկոթ իր նիւթը կ’ընտրէր պարզ եւ խաղի միջոցին է որ իր ներշնչման համեմատ կը բարդացնէր, կը ճիւղաւորէր եւ բանաւոր վախճանի մը կը հասցնէր։ Երանիկ մօրաքոյրս ստիպուած կ’ըլլար իմ անհամար հարցումներուս պատասխանելու եւ այդ հեյալի խաղէն վերադարձիս է որ ինձ ըսաւ՝ թէ Նիկոթը ըսուած խօսքերը «ույտուրմիշ»[46] կ’ընէ, առաջուընէ բան մը չի պատրաստեր։
Այդ հեյալի խաղը խոր տպաւորութիւն գործեց իմ վրաս։ Ես ալ իմ կարգիս պատրաստեցի անհամար քուրջէ պուպրիկներ, որոնց իւրաքանչիւրին դեր մը կու տայի։ Բայց ես իմ պատմութիւններս կը պատրաստէի առաջուց եւ մտքովս բոլոր հաւանական խօսակցութիւնները իրենց վերջնական ձեւին կը հասցնէի։ Մնաց որ իմ պատմութիւններուս տուեալները կը վերցնէի իրական կեանքէ, միայն եզրակացութիւնները կը յարմարցնէի իմ փափաքիս համեմատ։
Կարիանէ հանըմին տունը բոլորովին ուրիշ բան էր։ Ան այրի մնացեր էր երիտասարդ տարիքի մէջ եւ եազմա բանելով կը մեծցնէր երկու մանչ զաւակներ, որոնց մէկը ինձ տարեկից էր։ Ան ունէր նաեւ իր հայրը եւ մեծ հայրը, որուն համար կ’ըսէին թէ հարիւրի մօտ է։ Հայրը նոյնպէս եազմա կը բանէր եւ երբեմն գանգատելով կ’ըսէր.
– Է՜յ, Երանիկ հանըմ, հէ՜յ կիտի ժամանակներ, ո՞վ կ’ըսէր որ ասանկ պիտի ըլլայինք, տունը նստեցանք, կնիկ ապլա դարձանք։
Անիկա ժամանակին եղեր էր եազմաճիի խալֆա, «ուժը, լուսը տեղը մարդ», բայց յօդացաւի հետեւանքով հարկադրուեր էր գործէ քաշուիլ, տունը նստիլ։
Կարիանէ հանըմ, հակառակ իր վրայ ծանրացող բեռին եւ հակառակ մնայուն չքաւորութեան, ուրախ զուարթ կին էր։ Երբ շատ մեծ եռանդով կը խնդար Երանիկ մօրաքրոջս ըսած մէկ խօսքին, յանկարծ կը սթափէր, կը լրջանար եւ խոր հառաչելով կ’ըսէր.
– Ինչի՞ս կը խնդամ կոր աճապ... քա մի՛ մեղադրէք ինծի, Երանիկ հանըմ, սիրտս շէն է, գրողը տանի, Ֆուխարէ[47] ենք ամա, սիրտս հարուստ է։
Երբ մօրաքրոջս ձեռքէն բռնած կ’իջնէինք մեր փողոցը, իմ բուռն ցանկութիւնս ան էր որ երթայինք Կարիանէ հանըմին տունը։ Կ’անցնէինք Ենի Մահալլէի աղքատիկ փողոցներէն, կը բարձրանայինք Պաղլար Պաշըի պողոտան, կը շեղէինք դէպի Վանքի պաղը եւ կ’երթայինք զարնելու միյարկանի փայտաշէն տան մը ճախջախը։
Երբեմն, դեռ տանը չմօտեցած, տնեցիները կը տեսնէին մեզ, ուրախութեամբ կը խուժէին մեր վրայ եւ գրեթէ ձեռքի վրայ մօրաքոյրս կը տանէին կը նստեցնէին բազմոցին անկիւնը, եւ անմիջապէս կը սկսէր այն գունագեղ շատախօսութիւններէն մէկը, որուն նմանը չէի լսեր ոչ մեր տան մէջ եւ ոչ ալ մեր սովորական ծանօթներուն մօտ եւ որ մեծ հրապոյր ունէր ինձ համար։ Ըլլար այդ տունը Ենի Մահալլէ, թէ Չինիլի ճամիի հեռաւոր թաղին մէջ, Վանքին պաղ, կամ Տաղ համամի, միշտ չքաւոր մարդոց տուն էր, լիքը կիներով, երեխաներով, որոնց կու գային կը միանային դրացիներ, վայելելու համար Երանիկ մօրաքրոջս ներկայութիւնը։
Այդ տուներուն մէջ մօտէն ճանչցած եմ չքաւորութեան քստմնելի երեւոյթները, այդ տուներուն մէջ լսած եմ ինքնաբուխ ըմբոստութեան խօսքեր, բնորոշում եազմայի գործատէրերու, որոնք չարաչար կը շահագործէին բանուորները, բայց մանաւանդ բանուորուհիները, լսած եմ թէ ի՛նչպէս պակաս ոսկի կը քշէին, հաշիւներու վրայ խարդախութիւն կ’ընէին, գին կը կոտրէին եւ նեղ օրի երեսնին չէին նայեր։ Լսած եւ տեսած եմ նաեւ իրարու օգնելու, հիւանդութեան եւ այլ պարագաներու իրարու հանդէպ անձնուիրութեան դէպքեր, ապշեցուցիչ անձնազոհութիւններ։ Տեսած եմ թէ ի՛նչպէս արցունքը եւ ծիծաղը միեւնոյն ատեն կ’երեւային այդ խոնարհ մարդոց դէմքերուն վրայ եւ թէ ի՛նչպէս համով-հոտով կը խօսէին եւ հիւմուրով կը պատմէին իրենց գլխուն եկած բաները։
Այդ տուներուն մէջ Երանիկ մօրաքոյրս կ’այլափոխուէր, կարծես կը բազմապատկուէր եւ իր սրամտութիւններով, տեղին ակնարկներով, իր սուր եւ ճիշդ դատողութիւնովը կը զբօսցնէր եւ կ’ամոքէր այդ մարդիկը։ Երբեմն կը պատահէր որ մեզ ճաշի վար դնէին։ Այդ կը պատահէր միշտ, երբ Կարիանէ հանըմին կ’երթայինք։
Տնեցիներէն մէկը յանկարծ կ’ըսէր, երբ մօրաքոյրս շարժում կ’ընէր ոտքի ելլելու.
– Քուզում Երանիկ հանըմ, մնացի՛ր, միասին պատառ մը բան կ’ուտենք, ետքը կ’երթաս։
Երանիկ մօրաքոյրս կը մերժէր. ինձ պատրուակ կը բռնէր։
– Հարը չ’ուզեր քի ուշ պառկի...
Ուրիշ առարկութիւններ կ’ընէր։
Կարիանէ հանըմ կը պնդէր, տանը ծերունիները եւ երեխաները կը պնդէին, դուռ դրացի կը միջամտէին։ Ես սրտատրոփ կը սպասէի բանակցութիւններու ելքին եւ երբ կ’որոշուէր որ ճաշի պէտք է մնային, այն ատեն երջանկութիւնս չափ չէր ունենար։
Շտապով ճաշը կը պատրաստէին սենեակին մէջ դրուած սաճէ վառարանին վրայ, եթէ արդէն պատրաստ կերակուր չկար։ Ես որ ընդհանրապէս դժուարապէս դժուարահաճ էի ուտելիքի, ախորժակս սրած կը սպասէի որ սեղանը դնեն։ Երբեք ոչ մէկ տեղ այնքան հաճոյքով չեմ կերած, որքան այդ տուներուն մէջ։ Երբեմն այնքան անյագ ախորժակով կ’ուտէի որ նոյնիսկ մօրաքոյրս կը զարմանար եւ կը սրդողէր, որովհետեւ իմ մասիս այն համբաւը հռչակած էր որ «թեմիզ պողազ չոճուխ եմ»[48]։
Վերջապէս կը հասնէր ճաշի ժամը։ Կարկտած սինի պեզին[49] կը փռէին թեզկեհին մը վրայ եւ մենք շուրջը կը նստէինք ծալապատիկ, գետինը դրուած մինտէրներու[50] վրայ։ Մէկ տեսակ կերակուր կ’ըլլար։ Խաշած լուբիա, փիլաւ կամ խաւիծ, որ մեծ պնակի մը մէջ կը դնէին սեղանին մէջտեղը։ Ամենուն առաջ թէեւ կը դնէին փոքրիկ պնակներ եւ պատառաքաղներ, բայց ամէն մէկը իր պատառաքաղով մէջտեղն ափսէէն կ’առնէր եւ կ’ուտէր։ Սեղանին վրայ կ’ըլլար նաեւ թթու եւ ձիթապտուղ։ Պանիրը այդ տուներուն համար թանգ ապրանք էր, բայց ես արդէն կը նախընտրէի ձիթապտուղը եւ հրճուանքով կ՚ուտէի, միտքս լարած մեծերուն խօսակցութեան։
– Ժամանակները գէշ են, առաջուան պէս չէ...
Մի՛շտ այդ մորմոքը անցեալին համար... Եթէ հաւատայի մեծերու խօսքերուն, առաջ ամենուն համար առատութիւն էր եւ մթերքներու առասպելական աժանութիւն։
– Երկու ահչէով օխա մը բրինձ կ’առնէինք, կ’ըսէր Կարիանէ հանըմին ծերունի հայրը երկու վտիտ ձեռքերը տաքցնելով կրակարանին վրայ։
Աւելի խոր ծերութեան մէջ ընկղմած մեծ հայրը կը միջամտէր խռպոտ ձայնով.
– Դուք ի՞նչ տեսած էք... Ես Մահմուտիէի ոսկիները մէջքս, գօտիիս մէջ կապած, մէկ ահչէով հինգ օխա բրինձ կ’առնէի։ Պելետիէ[51] հացը, թիւթիւնը ձրի կու գար։ Երկու ղրուշով արապա մը խաւուն, խարբուզ[52] կ’առնէինք։ Ձմեռ չեկած, երկու-երեք մահմուտիէ կը խարճէի, ամբարներս կը լեցուէին, դուռս, պատուհաններս կը գոցէի, չոլուխ չոճուխս թոփ կ’ընէի, քէֆիս կը նայէի... հիմա մեծ ու պզտիկ չինկեանէ[53] դարձեր էք։ Անցած օր քէօշէի պախալն էի։ Թորոս էֆէնտիի տունէն եկան պինլիք մը զէթին եաղի ուզեցին... հէ՜յ կիտի ժամանակներ, հէ՜յ, վախտին ալ չմեռանք, տեղերնիս չտեղաւորուեցանք, սա զալըմ օրերը տեսանք։
– Թորոս էֆէնտին ո՞վ է... կ’ըսէր մօրաքոյրս հարցական եւ արտեւանունքը կծկելով։ Պէրպէր Նիկողոսին տղան չէ՞... հիմա է քի վիւքելա դարձեր են, ամա՜ն... բերանս բանալ մի տաք։ Ի՞նչ ճամբաներով առաջ եկած մարդիկ են։ Պէրպէր Նիկողոսը Փիշմիշ ամիրային քեսէճին էր... Կնիկն ալ... Ամա՜ն, սուս եղէք, աւելցուց մօրաքոյրս, շատ բան կայ ըսելիք, ամա պատին վրայ ճանճ կայ...
– Պուլղարը քարոտ է, կրկնեց Կարիանէ հանըմ ակնարկովը մեզ՝ երեխաներս ցոյց տալով, որ քով քովի նստած մինտէրի մը վրայ, թուշերնիս ցցած մտիկ կ’ընէինք մեծերուն խօսքերը։
Եւ մօրաքոյրս աւելի քողարկուած խօսքերով սկսաւ պատմել իրեն ծանօթ պատմութիւններէն մէկը, որով կը յայտնուէին թեւ առած եւ հետզհետէ հեղինակութիւն ձեռք բերող «չտես» ընտանիքի մը գաղտնիքները։
– Ատ ճինսը, կ’ըսէր ան ակնարկելով նոր հարստացող առեւտրականներու, անանկ ճինս մըն է քի մէկ օր քէֆ ընելու, ճախա ընելու համար, հիչ հոգը չէ, քանի մը ընտանիք մոխիրի վրայ կը նստեցնէ, հարը մարը կը ծախէ։
– Իրենց ալ չի մնար... կ’ըսէր ինքզինքը մխիթարելով Կարիանէ հանըմին հայրը։
– Կ’ուզէ մնայ, կ’ուզէ չմնայ, կ’ըսէր Երանիկ մօրաքոյրս սրտնեղած, մենք մեր գործը նայինք։
Ճաշից անմիջապէս ետքը Կարիանէ հանըմ ճէզվէն կը քշէր կրակարանին տաք մոխիրին մէջ եւ քաֆէ կը պատրաստէր։ Այդ միջոցին ծերունիները կը խօսէին Շիրինի եւ Ֆերհատի մասին։
– Անոնք ուրիշ մարդիկ էին, կ’ըսէին իրարու խօսք կտրելով, քօռ գինով կ’ըլլային, ճիշդ է, բայց թապիէթ սահապըսը[54] էին։ Իրենց հախը[55] կը պաշտպանէին, ուրիշին հախին մազաչափ ձեռք չէին տար... դեռ աւելին. ուրիշին հախն ալ կը պաշտպանէին։
Ծերունիները ճանչցած էին Շիրինը եւ Ֆերհատը։
– Քա՛, Երանիկ հանըմ, հարիւր տարեկան մը կային... շա՜տ ապրեցան։ Աճի պատեմի արապաճիներու խանին առաջ քով քովի կը նստէին։ Ճերմակ մօրուքներով, հասակնին շիտակ, մէշէի ծառի[56] պէս ամուր մարդիկ էին... Էսկի քէրէստէ[57]... հալա թուրքերը պիլէ խօսքերնին կը յարգէին, աք սաքալլար[58] կ’ըսէին, Շիրինն ալ ամա, Ֆերհատը եաման մարդ էր։ Քէօշէին մէջ բան մը ըլլար, կռիւ մը ծագէր, կ’երթային Շիրինին ու Ֆերհատին վրայ։ Անոնք մտիկ կ’ընէին, դատաստան կ’ընէին։ Ֆերհատ զոբան հազըր կը պահէր եւ յանցաւորը ձեռքովը կը ծեծէր։ Ես իմ աչքովս տեսած եմ որ մէկը քովը կանչած է պատիժը տալու համար, ան ալ եղած է... Չէ՛, փարա-մարա չունէին, ամա կէօնիւլ ունեցող մարդիկ էին... արդար էին, էսնաֆին թեւ ու թիկունք էին... հիմա ո՞ւր են ատանկ մարդիկը...
Երանիկ մօրաքոյրս կը հառաչէր, եւ միւսները արձագանգ կու տային։
– Ումետիկը անոնց պատկերները շինած էր, կ’ըսէր մեծ հայրը։ Տունը էրեցաւ, պատկերներն ալ էրեցան։
Ոմանք կ’ըսէին որ նոյն նկարիչ Ումետիկը Շիրինին եւ Ֆերհատին վրայէն նկարած էր Պօղոս Պետրոս առաքեալներու պատկերները, որոնք օծուած եւ կախուած էին Սուրբ Խաչ եկեղեցիին խորանին երկու կողմերը։
Ժամանակին, սկիւտարցի ամիրա մը լսելով թէ որո՛նց օրինակովը շինուած էին «սուրբ առաքեալ»ներուն պատկերները, գայթակղեր էր եւ ուզեր էր այդ սրբապիղծ նկարները վերցնել։ Լուրը հասցուցեր էին Շիրինին ու Ֆերհատին ականջը, եւ թաղին բոլոր ջրհանկիրները ոտքի ելեր էին եւ պաշտպան կանգներ ծերունիներուն։ Պատկերները մնացեր էին իրենց տեղը եւ ամիրան ամիսներով զգուշացեր էր Աճի պատեմի ճատտէէն անցնիլ։
Ակնարկելով այդ հին եղելութեան, Երանիկ մօրաքոյրս կ’ըսէր.
– Մեծ հարս ու աղբարը արապաճի էին, ճիշդ է... ամա չէ՞ մի որ Պօղոս Պետրոսն ալ պալըխճի էին, ամիրա չէին...։
Առաւօտ մը մայրս գտանք հիւանդ իր անկողնին մէջ։
Հայրս կանուխէն գացեր էր գործի։ Մեծ մայրս եւ մօրաքոյրերս իրենց յաջորդական քաֆէները խմելէ յետոյ անդրադարձեր էին որ մայրս դեռ չէր իջեր սենեակէն եւ վերջապէս գացեր էին տեղեկանալու։ Զինք գտեր էին նստած անկողնին մէջ եւ ընկղմած յուսահատ տխրութեան մէջ։ Ոչ մէկ հարցումի ան չէր պատասխաներ, ինչպէս եթէ խօսելու ընդունակութիւնը կորսնցուցած ըլլար, եւ արցունքը անդադար կը հոսէր այտերէն։ Ոչ մէկ ակներեւ պատճառ չկար այդ տխրութեան, եւ տնեցիները կարծեր էին որ մայրս գէշ երազ մը տեսած է, եղածը անցողական բան է։
Բայր մօրս համր տխրութիւնը տեւեց օրեր եւ օրեր։ Ան դարձաւ անտարբեր իր շրջապատին, նոյնիսկ իր զաւակներուն, ինչպէս եթե ամէնքս անճանաչ դարձած ըլլայինք իրեն։
Մեր տան բժիշկը, որ այդ միջոցին տոքթոր Թորգոմեանն էր, երիտասարդ եւ նոր վերադարձած Փարիզէն եւ որ եղեր էր մօրս կաթնեղբայրը, – մեծ մայրս դիեցուցեր էր զինքը իր մօրը հիւանդութեան պատճառով, – մեծ անձնուիրութեամբ փորձեց խնամել մայրիկս, բայց առանց արդիւնքի։
Մօրս հիւանդութիւնը, որ կը կոչէին մելամաղձոտութիւն, մեծապէս ազդեց մեր տան վիճակին վրայ։ Հայրս, բանը գործը թողած, մէկ կը վազէր բժիշկին եւ դեղագործին, մէկ ճամբու կէսին կը վերադառնար տուն հոգալու համար հիւանդին վրայ։ Մօրս տխրութիւնը սկսաւ տիրապետել ամբողջ տանը։ Երբ մենք, փոքրերս, ոեւէ բան ուզէինք, կամ խաղի մը ձեռնարկէինք, մեզի կ’ըսէին սնստող ձայնով.
– Մայրդ հիւանդ է. խելօք կեցէ՛ք...
Մօրաքոյրերս դժուարաւ կը հանէին մայրս անկողինէն, կը հագուեցնէին եւ կը բերէին վարի սենեակը, ուր, բազմոցին անկիւնը նստած, լուռ, առանց հեծկլտանքի եւ առանց հառաչանքի կ’արտասուէր։ Գրեթէ բռնի, սեղմուած ակռաները դգալով բանալով, անոր կը խմեցնէին կաթ եւ մսաջուր։ Մօրս դէմքը հետզհետէ այլափոխուեցաւ, անոր վառ գոյները թօշնեցան, բերանը ստացաւ անյատակ վշտի արտայայտութիւն, աչքերը միշտ թաց, փոքրացան եւ իր ակնապիշ նայուածքը երբեմն դարձաւ մոլորուն։
Բերայէն բերին ֆրանսացի մասնագէտ բժիշկ մը եւ տոքթ. Թորգոմեանի հետ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ։ Հաստատուեցաւ այն կարծիքը որ մայրս ջղային ծանր հիւանդութիւն մը ունի, թէ պէտք է գիշեր-ցերեկ հսկել իր վրայ, կամ դնել հիւանդանոց, որովհետեւ բժիշկի կարծիքով ան նոպայի մը մէջ կարող էր յանկարծ ինքնասպանութիւն գործել։
Մեզ, երկու քոյրերս, կը ջանային հեռու պահել մայրիկէս, բայց երբեմն կը սպրդէինք սենեակը եւ տխրութեամբ կը նայէի մօրս արցունքով խոնաւ դէմքին։ Անոր արտայայտութիւնը սիրտս կը ճնշէր, աղիքներս կը գալարէր խոր ցաւով։ Դեռ շատ փոքր էի ըմբռնելու համար մօրս հիւանդութեան ծանրութիւնը եւ անկէ առաջ եկած ընտանեկան դժբախտութիւնը, բայց հիւանդութեան արտայայտութիւնները այնքան խոր կ’ազդէին իմ վրաս որ գիշերները անքուն կը մնայի եւ իմ կարգիս կ’արտասուէի հեծկլտանքներս խեղդելով։
Մօրաքոյրերս ստիպուեցան աշխատանքը դադրեցնել, որպէսզի փոխն ի փոխ հսկեն մօրս վրայ, որովհետեւ հայրս առաջին օրէն յայտարարեց թէ ինչքան ատեն որ ինքը ողջ էր, մօրս խնամքը չէր յանձներ օտար ձեռքերու։
Շուրջ ամիս մը յետոյ մայրս խզեց իր լռութիւնը խելագարի պէս խնդալով։ Ան սկսաւ խօսիլ, բայց անկապակից բառերով։ Յաճախ կ’ունենար տեսիլքներ եւ լսողութեան պատրանքներ։ Բժիշկներու կարծիքով շատ ծանր էր իր վիճակը։
Հայրս իր վարկի վերջին կարելիութիւնները սպառեց նոր պարտքեր ընելու համար։ Մեր տան անկայուն տնտեսութիւնը բոլորովին կործանեցաւ։ Տխրութիւնը եւ անձկութիւնը տիրապետեցին ամենուն եւ մենք, երկու քոյրերս, դարձանք դժբախտ եւ գրեթէ լքուած երեխաներ։ Մենք մեր սեփական տան մէջ դարձանք անտէր, որովհետեւ ամենուն ուշադրութիւնը դարձած էր հիւանդ մօրս վրայ։
Փոքրիկ քրոջս հետ կը թափառէինք պարտեզը եւ տանը վարի յարկի սենեակները։ Երբեմն մեծ մայրս, դողահար եւ շուարուն, մեզ կը խնամէր, երբեմն ալ ապաստան կը գտնէինք Երանիկ մօրաքրոջս սենեակը, ուր ինք մինակ կը շարունակէր աշխատիլ։ Ու լուռ եւ տխրած տան մէջ եղերական կերպով կը հնչէին մօրս խելագար ծիծաղները, որոնք միշտ կը վերջանային երկարաձիգ հեծկլտանքներով։
Այդ օրերուն առաջին անգամ զգացի մարդոց չարութիւնը։ Դրացիներ, որ փակ վարագոյրներու արանքէն քննադատաբար կը դիտէին մեր սովորականէ դուրս կեանքը, հօրս եւ մօրաքոյրերուս ֆանթազիաները, կարծես անձնական գոհացում մը գտեր էին մեր տան պատահած դժբախտութեան մէջ։ Անոնք այլեւս մեր տունը կը մտնէին կ’ելլէին, որովհետեւ տանը օրէնքները խախտած էին, եւ յաճախ, մեր, փոքրերուս ներկայութեան՝ տեսակ-տեսակ անհարկի խորհրդածութիւններ կ’ընէին մօրս հիւանդութեան ենթադրեալ պատճառներուն վրայ։
Նոյնիսկ հեռաւոր փողոցներուն մէջ, անցած ատենս, ինձ մատնացոյց կ’ընէին եւ կ’ըսէին.
– Շիրինենց Աղաւնիին աղջիկն է...
Եւ իրարու կը փսփսային խորհրդաւորութեամբ։
Օր մը, երբ օգտուելով տնեցիներուն զբաղուած վիճակէն փողոց նետուեր էի, մեր դրացուհիներէն մօրուք Կարապետի կինը, Բարիս հանըմ, ինձ ըսաւ չարախնդութեամբ.
– Ա՛լ մար չունիս, մարդ սեպէ քի մեռած է, խելքդ գլուխդ ժողվէ։
Այդ խօսքին վրէժը լուծեցի երկու տարի յետոյ, Մալթեփէ, խոշոր քար մը նետելով այդ կնոջ գլխուն, որ բոլոր հոգւովս կ’ատէի։
Ոչ ոք հասկցաւ իմ արարքիս դրդապատճառը, որ արտառոց համարուեցաւ։ Ես ալ չզիջեցայ բացատրութիւն տալ եւ այլեւս ամէն առիթի իմ երեսիս կու տային այդ անբացատրելի մնացած կոպտութիւնը, ըսելով թէ ամէն բան կը սպասուէր ինձ նման չոճուխէ մը։ Միայն վարի թաղերուն մէջ է որ անկեղծ արգահատանքով կը վարուէին մեզ հետ։
– Ճանըմ, Երանիկ հանըմ, քուրիկդ ինտո՞ր եղաւ, կը հարցնէին կիներ, տան սեմերուն վրայէն։
Ֆրանսացի բժիշկը մանրամասն հետազօտութիւններէ յետոյ եկեր էր եզրակացութեան մը մօրս հիւանդութեան բուն պատճառի մասին։ Հայրս համաձայներ էր բժիշկի կարծիքին, բայց մօրաքոյրերս բուռն թափով կը մերժէին այդ։ Միայն մեծ մայրս գլուխը կը շարժէր սրտմտութիւնով եւ համաձայն կը թուէր հօրս որդեգրած կարծիքին։
– Քուրո՛ւկ, կ’ըսէր Երանիկ մօրաքոյրս Կարիանէ հանըմին, կէս լալով, կէս խնդալով, ատ ֆրենկին խօսքին նայելով հարս, պապս խորուխ[59] կերեր են, Աղաւնիին ակռաները թթուն առեր է... ատանկ է նէ մենք ինչո՞ւ հիւանդ չեղանք։
Կարիանէ հանըմ պահ մը դադրելով վրձինը եազմային վրայ քսել, կ’ըսէր մխիթարական շեշտով.
– Պարապ խօսքե՜ր... չար սահաթ էր, հիքքէթին[60] տէր եղաւ...։
Բայց ուրիշ ատեններ Երանիկ մօրաքոյրս կ’ըսէր մեծ դառնութեամբ։
– Ամենուն հարը, պապը տուն-տեղ կը ձգեն իրենց զաւակներուն, թոռներուն, մերիններն ալ աս մերասը[61] թողեր են...։
Տարիներ յետոյ միայն հասկցայ որ այդ ակնարկուած ժառանգութիւնը ալքոլիզմն էր։
Որոշուեցաւ որ մայրս տարուի գիւղ մը, հեռանայ իր սովորական միջավայրէն։ Բժիշկի խորհուրդին համաձայն պէտք էր ընտրել ոչ թէ ամարանոց մը, այլ իսկական գիւղ մը, ծովեզերքէ հեռու, թեթեւ բարձրութեան մը։ Արթին Ամուճան, որ ժամանակին այգիներ ունեցած էր Քիւչիւք Չամլըճային ետեւ, մեզ առաջարկեց երթալ Լիպատէ անուն թրքական գիւղ մը, ուր մէկը կը ճանչնար, որ ժամանակին աշխատեր էր իր մօտ եւ որուն տունը կրնայինք վարձել յանձնարարութեամբ։
Հայրս այդ փորձութեան օրերուն չկորսնցուց իր յոյսը եւ արիութիւնը։ Ան դարձեր էր անխոնջ։ Կ’երթար, կու գար միշտ քալելով, երբեմն օրը երկու անգամ, որպէսզի աւելորդ դրամ չծախսէր։ Ան իր բոլոր ուժերը կեդրոնացուցեր էր մօրս վրայ, որուն վիճակը հետզհետէ կը սաստկանար։ Կցկտուր խօսքերէ կը լսէի որ ան չէր ճանչնար իր մերձաւորները, որ մէկ կողմէ կը սոսկար մահէ եւ միւս կողմէ կը փորձէր մոլորեցնել քոյրերուն հսկողութիւնը ինքզինքը հորը նետելու համար։ Կը սարսռայի լսելով թէ ի՛նչպէս մայրս կը սարսռար պաղ ջուրի տուշերէն եւ երբ թաց սաւանով կը պատէին իր մարմինը, ան կ’ուզէր խոյս տալ, կը գոռար, կ’ահաբեկէր, բայց մօրաքոյրերս կը կատարէին բժիշկին պատուէրները, որովհետեւ այլապէս հարկ պիտի ըլլար հիւանդը փոխադրել հիւանդանոց։
Եւ օր մը, իմ պաղատանքներուս տեղի տալով, հայրս ինձ տարաւ Լիպատէ։
Տան տէրը աղքատ եւ ծերունի թուրք գիւղացի մըն էր որ իր տասնըչորս տարեկան որբ թոռան հետ հողը կը մշակէր։ Հօրս կարգադրութեամբ անոնք սեղանակից կ’ըլլային մեզի։ Ծերունի գիւղացին յարգանքով եւ խոնարհ քաղաքավարութեամբ կը վերաբերէր մեզ հետ, նոյնիսկ ինձ հետ, որ դեռ երեխայ էի։
Երբ կէսօրէ ետք մայրս տարինք պտոյտի, բոլոր գիւղացիները, այր թէ կին, կարեկցութեամբ կը նայէին այդ երիտասարդ եւ գեղեցիկ կնոջ, որ անգիտակից վիճակի մէջ ինկեր էր, եւ իրենց կարելի բոլոր միջոցներով կ’օգնէին հօրս եւ մօրաքոյրերուս, երբ հարկ ըլլար։
Իրիկուան ճաշէն յետոյ, պարտէզը, երբ մօրաքոյրերս մայրս տարին պառկեցնելու, հայրս պահ մը խօսակցեցաւ ծերունիին հետ մշակութեան վերաբերեալ խնդիրներու վրայ։ Յետոյ, երբ մենք երկուքս մինակ մնացինք, ինձ ըսաւ.
– Կը տեսնե՞ս, աղջիկս, հողին կապուած հելալ աշխատանք ընող մարդիկ են, բայց արիւն քրտինք թափելով չեն հասնիր տաք կերակուր մը ուտելու... Այս խեղճ մարդիկը պարտք ըրեր են տուրքերը վճարելու համար, հիմա ալ պիտի աշխատին պարտքը եւ տոկոսները վճարելու համար եւ մէջէն չեն կրնար ելլել։
Սկիւտարէն հազիւ վեց-եօթը քիլոմեթր հեռու գտնուող այդ գիւղը արդէն Անատոլուն էր իր խաւար տգիտութեամբ եւ յետամնացութեամբ։ Կարդալ գրել գիտցող մարդ չկար եւ ոչ միայն գիւղը, այլեւ գիւղախումբը նոյնիսկ այցելու բժիշկ չունէր։ Պիիւճիներ[62] եւ աղօթողներ կը ստանձնէին այդ դերը, երբ հարկ ըլլար։ Գիւղը կը պատկանէր գիւղատէրի մը, որ Սթամպուլ կը բնակէր։ Գիւղացիները անոր երեսն անգամ չէին տեսած։ Բայց անոր վէքիլլը[63] յաճախակի կու գար գիւղ եւ անխնայ խստութեամբ կը վերցնէր տասանորդ, տուրք, զանազան նուէրներ։ Բացի այդ, գիւղացիները տուրք կը վճարէին նաեւ պետութեան։
Քանի մը տարի յետոյ անկարելի պիտի ըլլար որ հայ ընտանիք մը անվտանգ երթար բնակէր միայն թուրքերէ բնակուած շրջանի մը մէջ։ Այդ ժամանակները դեռ փոխադարձ ցեղային ատելութեան հետքը չկար եւ երկու ժողովուրդներու պատկանողները իրար հետ կը վերաբերուէին մարդկային խաղաղ զգացումներով։
Նախքան որոշուած ժամանակը, ստիպուեցանք մայրս փոխադրել Լիպատէէն։ Առաջին օրերը գիւղական մթնոլորտը լաւ ազդեր էր, բայց հետզհետէ մայրս սոսկացեր էր, մանաւանդ գիշերային ամայութենէն։ Ան ուրուականներ կը տեսնէր ամէն կողմ եւ երբ իր անդիմադրելի ծիծաղը կը հնչէր լուռ տանը մէջ, իր ձայնէն կը վախնար։
Հապճեպով թողուցինք մախառնաճիին տունը, որուն վարձքը չէինք կրցեր վճարել, եւ փոխադրուեցանք «առժամանակեայ» փայտաշէն համեստ տուն մը, Սելամսըզի թաղին մէջ։ Բայց այդ «առժամանակեան» դարձաւ տեւական։ Վերջ ի վերջոյ, զանազան փոփոխութիւններէ յետոյ, կանգ առինք Տիամանտափոլ փողոցը տուն մը, որ ունէր չորս սենեակ, ընդարձակ բակ մը եւ պարտէզ մը։ Տանտէրը կը բնակէր Բերա եւ վարձքը կը ստանար Խաչիկ մօրեղբայրէս, որ առանց մեզ յայտնելու անշշուկ կը ստանձնէր իր այդ պարտաւորութիւնը։
Շնորհիւ հօրս գիտակ եւ համբերատար խնամքին եւ մօրաքոյրերուս անխոնջ անձնուիրութեան, մայրս երկու տարի յետոյ ապաքինեցաւ իր ծանր հիւանդութենէն։ Ան սկսաւ գիտակցիլ իր շրջապատին, զբաղիլ նոյնիսկ տնային թեթեւ գործերով, բայց դեռ տասնեակ մը տարիներ ան մնաց թոյլ եւ ենթակայ ջղային տագնապներու։ Մեծով-պզտիկով ստիպուած էինք խնայել իրեն ոեւէ յուզում եւ այդ էր այլեւս մեր տան գլխաւոր մտահոգութիւնը։
Որոշեր էինք երթալ ամառանոց, Մարմարա ծովուն եզերքը, Մալթեփէ։ Բայց մինչեւ երթալը, որ կապուած էր շարք մը դժուարութիւններ յաղթահարելու հետ, հայրս բժիշկի խորհուրդով որոշեց ինձ հեռացնել տունէն։ Մօրս ջղային տագնապները սկսեր էին իմ վրաս ազդել մտահոգիչ աստիճանով մը։
Երկար վարանումներէ յետոյ հայրս հաւանեցաւ ինձ յանձնել Սանդուխտ հանըմին, որ կը բնակէր Սկիւտարի բարձունքը, նոր շինուած տուներու շարքի մը մէջ։ Հայրս եղեր էր կնքահայր Սանդուխտ հանըմին ամուսնութեան ատեն եւ, իր լայն օրերուն հանդիպած ըլլալով այդ եղելութիւնը, ծանրագին գոհարեղէն մը նուիրած էր։ Սանդուխտ հանըմ միշտ յարգալիր երախտապարտութիւն ունեցած է հօրս նկատմամբ։
Անիկա դեռ երեսունը նոր անցած կին մըն էր, բայց մազերը ամբողջովին ճերմկած էին եւ կը զարդարէին իր թարմ եւ սիրուն դէմքը արծաթափայլ գանգուրներով։
Կը հագուէր միշտ մանրակրկիտ խնամքով եւ Սկիւտարի ժամանակի կիներուն կը հանդիսանար վայելչութեան եւ ճաշակի օրինակ։ Հայրս կ’ախորժէր այդ կինէն եւ երբ մեզ այցելութեան կու գար, հօրս աչքերը կը ժպտէին գոհունակութեամբ։ Հայրս ներողամիտ էր Սանդուխտ հանըմին թերութիւններուն, որոնք անհանդուրժելի կը համարուէին մեր տան կիներուն կողմէ։ Մօրաքոյրերս առիթ չէին փախցներ ըսելու որ Սանդուխտը զեւզեկ[64] կին է, հաբիթային[65] մէկն է։ Անիկա կը խօսէր մաքուր հայերէն, բայց իր արտասանութեան մէջ օտար շեշտ կար։ Կ’ըսէին որ ընկեցիկ յոյն աղջիկ էր եւ որդեգրուած էր հայ ընտանիքի մը կողմէ։ Աւելի ուշ լսեցի որ այդ ընտանիքի մայրը դրացի յոյն սափրիչէ մը ունեցած է երեխան եւ գաղտնի ծննդաբերութենէ յետոյ նորածինը, ցուրտ ձմեռ ատեն, իբր ընկեցիկ դնել տուած է իրենց տան սեմին եւ ամուսինը համոզած է որ որդեգրեն երեխան փոխանակ յանձնելու յոյն եկեղեցիին։ Այդ կարգին ընկեցիկներ շատ կային Կ. Պոլսոյ հայ եւ յոյն ազգաբնակչութեան մէջ։
Սանդուխտ հանըմին ամուսինը, Ալեքսան աղա, տարեց մարդ մըն էր, նիհար եւ ոսկրուտ, քիչ մը կորաքամակ։ Անիկա շուկային մէջ գործ մը ունէր, որով բարեկեցիկ կեանք ունէին։
Ալեքսան աղա տարուան որոշ մէկ թուականին համրութեան մէջ կը մտնէր։ Կ’երեւի սա սովորական ախտ մըն էր, որովհետեւ ամէնքը կ’ընդունէին այդ բանը առանց զարմանալու եւ երբ այդ թուականը գար, կ’ըսէին որ «Ալեքսան աղան խառնախսին մտեր է»։ Կինը, որ շատ որոշ գիտէր այդ թուականը, երբ օրերը մօտենային, կը շտապէր ամուսնոյն հետ կարգադրել տանը վերաբերեալ կարգ մը գործեր։
– Ալեքսա՛ն աղա, կ’ըսէր ան էրկանը, քան տահա[66] խառնախսին չես մտած, թենէքէճիին ըսէ, օլուխները[67] շինէ, ետքը անձրեւները կու գան, բացը կը մնանք։
Այդ նշանաւոր օրուան մօտ էր, երբ Սանդուխտ հանըմ առաջարկեց ինձ իր տունը տանիլ։
– Ալեքսան աղան ալ քանի մը օրէն խառնախսին պիտի մտնայ, ըսաւ ան հօրս, ես ալ մինակս մերաքներս կ’ելլէ[68], մէկը չկայ որ հետը երկու խօսք ընեմ։ Թող տուէք, չոճուխը տանիմ, ինձի աղէկութիւն ըրած պիտի ըլլաք։
Եւ վերջապէս առաւօտ մը Սանդուխտ հանըմ եկաւ, ձեռքէս բռնեց եւ ինձ իր տունը տարաւ։
Առաջին օրերը դեռ Ալեքսան աղան խառնախսին չէր մտած։ Ամէն առաւօտ կանուխ կ’ելլէր անկողնէն, գիշերանոցով կը նստէր բազմոցին անկիւնը եւ կը սպասէր որ կինը քաֆէն եփէ, հացը տաքցնէ կրակարանին վրայ եւ շերտ մը խաշեր պանիրով հրամցնէ իրեն։ Ան լուռ կը նախաճաշէր, յետոյ կը հագուէր եւ կ’իջնար սանդուխներէն։ Կինը արտորալով կը հետեւէր ամուսինին եւ բակին մէջ, մարդուն հովանոցը ձեռքը բռնած, կը սպասէր որ ան մուճակները հանէ եւ կօշիկները հագնի։ Այդ միջոցին Սանդուխտ հանըմ խոնարհաբար կ’ընէր իր պատուէրները եւ երբ Ալեքսան աղան դուրս կ’ելլէր, կինը սեմին վրայ կանգնած ետեւէն կը նայէր, մինչեւ որ ամուսինը դառնար փողոցին անկիւնը։ Դրացի տուներէն, վարագոյրներու արանքէն, կիներ կը դիտէին Սանդուխտ հանըմին ժպտուն դէմքը եւ վարմունքը ու կը յայտարարէին.
– Զեւզեկ կնիկ է...
– Գիտես քի նոր հարս նոր փեսայ են...
Սանդուխտ հանըմին տունը ինձ ներկայացուց բազմաթիւ նորութիւններ։ Բազմոցներուն անկիւնները դրուած էին գոյնզգոյն սնդուսի վրայ ասեղնագործուած բարձեր եւ պատերուն վրայ կային նկարներ, ոսկեզօծ շրջանակներու մէջ։ Մէկ շրջանակ մը կը բովանդակէր ինձ համար մասնաւոր հետաքրքրական պատկեր մը։ Սեւ թաւիշի վրայ բոլորակ զետեղուած էին մետաքսի բոժոժներէ կտրտուած եւ շինուած արուեստական ծաղիկներ եւ ճիշդ մէջտեղը դրուած էր Սանդուխտ հանըմին եւ ամուսինին լուսանկարը՝ հարսանեկան հագուստներով։
Սանդուխտ հանըմ ունէր նաեւ իր սնտուկին մէջ փայլուն եւ գունագեղ կերպասներ, որոնք դուրս կը հանէր եւ կը խաղար անոնց հետ։ Ան գոհունակութեամբ կը ժպտէր, երբ ես հիացումս կը յայտնէի եւ ինձ թող կու տար որ ես ինքս ձեռնոտեմ թաւշեայ եւ մետաքսեայ կտորները, ինչ որ մասնաւոր հաճոյք մը կը պատճառէր ինձ, մատներուս ծայրերէն ստացուած յատուկ զգացողութիւն մը։
Ալեքսան աղային մեկնելէն յետոյ Սանդուխտ հանըմ կ’իջնար խոհանոց եւ բծախնդիր ուշադրութեամբ կերակուրներ կը պատրաստէր։ Զինքը ղեկավարող հոգը այն էր թէ Ալեքսան աղա ի՞նչ կը սիրէ կամ չի սիրեր։ Կարծես ինքը անձնական ճաշակ չունէր եւ իր ամուսնոյն հաճոյք պատճառելու մտահոգութիւնը իր գլխաւոր դերն էր կեանքին մէջ։ Առաջուց ան կը հրճուէր այն վտիտ վարձատրութիւնով, որ իր ջանքերը եւ խնամքները պիտի շնորհէին իրեն. ժլատ ժպիտ մը Ալեքսան աղայի թթուած դէմքին վրայ։ Բայց այդ ժպիտն ալ յաճախ չէր երեւար։ Բայց Սանդուխտ հանըմ այդքանով չէր յուսահատեր եւ հետեւեալ օրը ինձ կ’ըսէր մեծ բաւականութեամբ.
– Ալեքսան աղան եփած տոլմայիս հաւնեցաւ, ամա բան չըսաւ... ես տեսայ, հազ ըրաւ, նորէն առաւ։
Երբ Սանդուխտ հանըմ տան գործերով կը զբաղէր, ես պարտէզ կ’երթայի եւ կը զբօսնէի։ Չուան կը ցատկէի, օրօրանի մը վրայ կ’օրօրուէի կատաղօրէն, երբ միջոցներս կը սպառէին, կը դիտէի ածուներու վտիտ բոյսերը եւ վատուժ ծաղիկները, որոնք դժուարաւ կը ծլէին եւ կը ծաղկէին այդ կաւային հողին մէջ։ Ո՜րքան հեռու էինք Սիլիհտարի պարտէզներէն... Անոնք կարծես հեռու հեռաւոր երկիրներ էին որոնց կարօտը երբեմն թախիծ կը պատճառէր ինձ։
Կէս օրերէ ետք, երբ այցելուներ չգային, Սանդուխտ հանըմ ինձ կը հագուեցնէր, մազերս կը կապէր կապոյտ կամ վարդագոյն ժապաւէնով, ինքն ալ կը հագուէր կը սքուէր եւ միասին կ’երթայինք այցելութեան։ Մեր գացած տուները բոլորովին անծանօթ միջավայր մը կը ներկայացնէին ինձ։ Ատոնք բարեկեցիկ շուկացիներու ընտանիքներ էին որոնց խօսքերը, վարմունքը, հրամցուցած բաները հաշուըւած եւ առաջուց եւ ընդմիշտ որոշուած էին։ Այդ տուներուն մէջ կիները, երիտասարդուհիները եւ նոյնիսկ երեխաները զուրկ էին ինքնաբուխ ոեւէ արտայայտութենէ։ Ամեն ինչ չափուած, ձեւուած էր։ Անոնց համար կային բաներ, որ «չէին ըլլար»։ Եւ իրենց երկար խօսակցութիւնները թունաւոր քննադատութիւններ էին ուրիշ իրենց նման ընտանիքներու մասին, որոնք պզտիկ շեղում մը գործեր էին որոշուած օրէնքներէն, բան մը ըրեր էին որ «չէր ըլլար»։
Այդ կարգի ընտանիքներուն գլխաւոր փառասիրութիւնն էր որդեգրել եւրոպական սովորութիւններ։ Անոնք ուշադրութեամբ կը հետեւէին փարիզեան նորաձեւութեան, եւ այդ կարգի հրատարակութիւններու պատուէրներուն կը հետեւէին կամ կը կարծէին հետեւիլ կէտ առկէտ։ Մանաւանդ նորահաս երիտասարդուհիները հրաբորբոք եռանդով կը խօսէին, երբ այդ նիւթին վրայ ըլլար խօսակցութիւնը։
Տղամարդիկ շուկային մէջ օրն ի բուն կը ծախէին, կը գնէին, կը խաբէին, կը ստէին, կը խարդախէին եւ կը ջանային իրենց վաստկածովը ոչ միայն յագուրդ տալ իրենց կիներու եւ աղջիկներու պահանջներուն, այլեւ դրամօժիտ պատրաստել հասած կամ հասնելիք աղջիկներուն։ Այդ դրամօժիտը կը տարուբերէր երկու հարիւրէն մինչեւ հինգ հարիւր ոսկի, որուն թեկնածու կը ներկայանային նոյնքան խաբեբայ, ստախօս, «հանած վարած» երիտասարդներ, որոնց տաբատները սակայն կը լայննային կամ կը նեղնային ըստ փարիզեան նորաձեւութեան։
Ես ատելով կ’ատէի այդ ընտանիքները եւ անտանելի կերպով կը ձանձրանայի այդ խնայողաբար զարդարուած տուներուն մէջ, ուր եթէ յանկարծ թեւդ երկնցնէիր, յիմար եւ տգեղ գեղօր մը կ’իյնար խախուտ սեղանի մը վրայէն։ Իսկ կիները, մեծ թէ երիտասարդ, ինձ կը թուէին տգեղ եւ հակակրելի եւ ամէն բանի վրայ ալ չար։ Գրեթէ միշտ Սանդուխտ հանըմ վշտացած տուն կը վերադառնար եւ կ’ըսէր. «Ա՛լ մէյ մըն ալ ոտքս պիտի չդնեմ ատոնց տունը», որովհետեւ այդ «բարեկամուհի»ները չէին վարաներ անախորժ եւ խայթող ակնարկութիւն մը ընել իրեն։ Բայց հետեւեալ օրը, ամէն ինչ մոռցած, կը հագուէր կը սքուէր եւ այցելութեան կ’երթար նմանօրինակ տուն մը։
Այդ կիները ինձ հետ կը վարուէին անհարկի հետաքրքրութեամբ, ինձ կը հարցուփորձէին մեր տան վիճակին վրայ։ Բայց ես յամառ եւ վայրենի լռութիւն մը կը պահէի։ Այն ատեն իրենց գէշ վրէժը կը լուծէին իրարու ըսելով.
– Շիրինենց թոռն է...
Եւ իմաստալից ակնարկ մը կը փոխանակէին իրարու հետ։
Երբ վերջապէս օրը հասաւ եւ Ալեքսան աղան խառնախսին մտաւ, Սանդուխտ հանըմ իր կարգին մտաւ տխրութեան մէջ։ Անիկա երբեմն մեղմօրէն կ’արտասուէր եւ ինձ խելք դնելով կ’ըսէր որ բան մը հոգը պիտի չընէր, եթէ գոնէ մէկ երեխայ ունեցած ըլլար։ Բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ այդ յոյսը միանգամ ընդմիշտ չքացած էր իրեն համար եւ այդ իր դժբախտութիւնն էր։ Ինձ կը գրկէր կաթոգին եւ արցունքոտ այտը դնելով երեսիս կը մրմնջէր մայրական սիրոյ եւ գորովի խօսքեր։
Օր մըն ալ, ինձմէ խոստում առնելէ յետոյ որ ոչ ոքի բան պիտի չըսեմ, լալագին ձայնով ինձ յայտնեց թէ ինք ալ չոճուխներ ունի։ Անմիջապէս դէմքը պայծառացաւ, ժպիտը ծաղկեցաւ դէմքին վրայ եւ սովորական շէնշող բնաւորութեան անձնատուր ըլլալով սկսաւ ժիր շարժումներով սենեակը յարդարել, որմէ յետոյ պիտի երթայինք չոճուխները տեսնելու։
Վերջապէս ձեռքէս բռնելով Սանդուխտ հանըմ ինձ բարձրացուց վերի շահնիշերով սենեակը եւ բանալով կղպուած դարան մը, մէկիկ-մէկիկ դուրս հանեց շքեղօրէն հագուած պուպրիկներ եւ շարեց բազմոցին վրայ։ Անոնք Բերայի «Պոն Մարշէ»էն գնուած, անդամները շարժուն եւ աչքերը բացխփող պուպրիկներ էին որոնք հագուեցուցած էր վարդագյոն, կապոյտ, դեղին, կարմիր սնդուսէ եւ թաւիշէ զարդարուն զգեստներով։
Այդ պուպրիկները իրենց անունները ունէին, իրենց բնաւորութիւնը ունէին։
– Նայէ՛, կ’ըսէր, դիմելով կապտազգեստ պուպրիկի մը մոմէ սառած դէմքին, Սիրանուշս աղէկ աղջիկ է, քեզի պէս ինատճի[69] չէ, բան մը ըսեմ նէ խօսք մտիկ կ’ընէ։
Յետոյ Սանդուխտ հանըմ մեղմօրէն կը խօսէր ամէն մէկին հետ, երբեմն կը յանդիմանէր, երբեմն խորհուրդներ կու տար եւ ինչպէս եթէ իրեն առարկութիւն մը ընէին, պահ մը լուռ կը լսէր եւ յետոյ կը բացագանչէր.
– Չէ՛, մօրը խօսքը լսող չոճուխին ատանկ բան չ’ըլլար, դուն ինծի մտիկ չըրիր, շատ շեքէր կերար, անոր համար ակռադ կը ցաւի կոր։
Եւ մատը շարժելով կը սաստէր անշարժ եւ անկենդան պուպրիկներէն մէկը։
Հետզհետէ Սանդուխտ հանըմ ոգեւորուեցաւ եւ սկսաւ այնքան ուժգնօրէն հաւատալ որ այդ պուպրիկները կենդանի արարածներ են որ սկսաւ շուարիլ։ Կարծես ամէն կողմէ իրեն կը խօսէին եւ ինք չէր հասներ պատասխանելու։
– Նորէն գոգնոցդ աղտոտեր ես, Իսկուհի՛, ատ չեղաւ. ամէն օր նոր գոգնոց չեմ կրնար հասցնել քեզի... մինակ ձեռք եմ, տունին մէջ հազար բան ունիմ ընելիք, քիչ մը խիղճ ունեցիր...
Աչքերս սկսան մթննալ եւ կարծես իմ կարգիս իրականութեան զգացումը կորսնցուցի։ Անորոշ անհանգստութիւն մը ինձ գրաւեց, մինչ ինձ կը թուէր որ իրաւամբ պուպրիկներու անշարժ դէմքերը կը սկսէին ոգեւորուիլ, աչքերը արտայայտութիւն ստանալ եւ անոնց կարծր անդամները՝ ճկունութիւն եւ շարժում...
Տան ջախջախը զարնուեցաւ եւ սթափեցուց Սանդուխտ հանըմը։ Իր ետեւէն վազեցի սանդուխներէն վար։ Այդ տեսարանին յիշողութիւնը անբացատրելի անձկութեամբ կը ճնշէր հոգիս։ Ես ալ ունէի պուպրիկներ, կոտրած, հերաթափ սովորական պուպրիկներ եւ նաեւ քուրջէ շինուած անթիւ պուպրիկներ, որոնց կեանք եւ յոյզ փոխ կու տայի։ Բայց իմս ուրիշ բան էր։ Անոնք իմ ձեռքիս մէջ միջոցներ էին որոնցմով պատմութիւն մը կը ձեւակերպէի։ Իմ աշխարհս իմ մէջս էր, ոչ թէ անշունչ պուպրիկներու մէջ, մինչդեռ Սանդուխտ հանըմի ներքին աշխարհը թափուր էր։ Այդ չէի կարող դատել այն ժամանակ, բայց շփոթ կերպով կը զգայի եւ այլեւս չուզեցի բարձրանալ պուպրիկներու սենեակը։ Բայց օր մը Սանդուխտ հանըմ յանկարծ թողուց ձեռքի գործը, մոլորուն երեւոյթ մը առաւ եւ ըսաւ.
– Կարծեմ Գոհարիկս հիւանդ է...
Եւ մէկ շունչով վազեց վերի սենեակը։
Ես ամբողջ օրը, անախորժ զգացումի մը ազդեցութեան տակ, թափառեցայ պարտէզը եւ երբ Սանդուխտ հանըմ իջաւ վար, յայտնեցի որ կ’ուզեմ տուն վերադառնալ եւ յամառօրէն պնդեցի որոշումիս վրայ։
Խոստումս պահեցի եւ ոչ ոքի չխօսեցայ Սանդուխտ հանըմի գաղտնիքին մասին, բայց այլեւս երբեք չուզեցի ոտքս դնել անոր տան մէջ։
Դեռ մախառնաճիին տունէն չէինք ելած, երբ ինձ դրին Կարապետ աղային դպրատունը։ Հայրս բուռն կերպով դէմ եղած է, երբ մօրաքոյրերս առաջարկած են ինձ դպրատուն դնել. բայց վերջապէս տեղի տուած է, որովհետեւ միտքը շատ պաշարուած էր մօրս վիճակով. անհրաժեշտ էր ինձ հեռացնել տանը մթնոլորտէն, որովհետեւ նաեւ դարձեր եմ այնքան անզուսպ երեխայ որ ինձ տունը պահել, առանց մասնաւոր հսկողութեան, դարձեր էր անկարելի։ Նոյնիսկ երիտասարդ բժիշկը, տոքթ. Թորգոմեան, խորհուրդ տուեր էր հօրս ինձ տեղաւորել գոնէ օրուան մէջ վստահելի տեղ մը եւ գտեր էին որ Նեկտար հանըմը, Կարապետ աղային կինը, այդ դերը կը ստանձնէ։
Նեկտար հանըմ յօժարեր էր ինձ պահելու պաշտօնը, կրկնապատիկ վարձք պահանջելով։
Դպրատունը կը գտնուէր մեր փողոցին մէջ, քանի մը տուն հեռու։ Կարապետ աղա քահանայի որդի էր եւ ժամանակին ինքն ալ ուզածէ քահանայ դառնալ։ Կ’ըսէին թէ անիկա լրջօրէն պատրաստուած էր այդ կոչումին։ Անիկա նման չէ եղած այն մարդոց, որոնք անյաջող ըլլալով ոեւէ արհեստի եւ գործի մէջ կամ, պարզապէս ծոյլ, դարձեր էին քահանայ։ Կարապետ աղա ուսմունք ստացած մարդ էր, ուսումնական քահանայի որդի։ Բայց անտարակոյս բանով մը կասկածելի դարձեր էր պաշտօնական եկեղեցիին։ Երբ քահանայ օծուելու նախորդ իրիկունը թաղին առաջնորդը, աւանդական սովորութեան համեմատ, հարցուցեր էր եկեղեցին գտնուող ժողովուրդին.
– Յիշեալս արժանի՞ է քահանայութեան։
Ներկայ ժողովուրդէն ձայն մը բարձրացեր է եւ գոչեր է.
– Ո՛չ, արժանի չէ։
Կարապե՛տ աղա այդ դէպքէն յետոյ այլեւս ոտքը եկեղեցի չէր դրած, բայց ան կրօնասէր մարդ էր։ Այդ դէպքը զինքը խորապէս դառնացուցած էր. ան ծայրայեղ դիւրազգած էր եւ բարկացկոտ։ Ան կնտած պեխերով, կլոր ճերմակ մօրուքով, զգոյշ շարժումներով, մաքրասէր ծերունի մըն էր որ երբեմն մինակը կը խօսէր. բայց եւ յաճախ կը դառնար յարձակողական։ Ան կը կարծէր թէ թշնամիներ զինքը կը հալածեն, թէ «մարդոց փորերը սատանաներ մտած են», «օձի լեզու ունին» եւայլն եւ ի փոխարէն ինքն ալ կը հալածէր իր կինը եւ իր խնամքին յանձնուած երեխաները։
Այլ սակայն անըմբռնելի պատճառներով ինձ հանդէպ քաղցր էր եւ հանդուրժող։ Հակառակ իմ գործած տեսակ-տեսակ չարիքներուս, Կարապետ աղա զսպուած ժպիտով կը լսէր կնոջը գանգատները իմ մասիս եւ երբ կինը կ’ըսէր.
– Կարապետ աղա բան մը ըրէ, աչքը վախցո՛ւր։
Ան ինձ քովը կ’առնէր, գլուխս կը շոյէր եւ կը խրատէր։
Նեկտար հանըմ, զայրացած ամուսինին այս անսովոր վարմունքէն, կը մրմնջէր.
– Ի՞նչ պիտի ընես, կէօնիւլը հազ ըրեր է[70]։
Բայց վերջապէս օր մը ան գժտուեցաւ ինձ հետ։
Երկար ատենէ ի վեր մտադրութիւն մը ինձ կը զբաղեցնէր։ Կարապետ աղա կէսօրէ ետք կը քնանար իր քառակուսի պզտիկ բազմոցին անկիւնը։ Այդ միջոցին սրահին մէջ կը տիրէր կատարեալ լռութիւն։ Ճանճի մը բզզոցը լսելի կը դառնար։ Երեխաները չէին համարձակեր նոյնիսկ շնչել։ Ակամայ հազ մը կամ փռնգտուք մը սարսուռ կը պատճառէր այդ ահաբեկեալ լռութեան մէջ։
Կարապետ աղա կը քնանար եւ անոր հեւքոտ շնչառութիւնը կը տիրապետէր մթնոլորտին։ Երբեմն ալ կը խռկար կարճ եւ կտրուկ խորդիւնով մը եւ ամէն անգամ կարծես ինք իր ձայնէն պիտի արթննար։ Շուրջը պատերուն վրայ կախուած էին սուրբերու եւ սրբուհիներու պատկերներ, որոնք կարծես զարմացած կը նայէին այդ ձանձրացող երեխաներուն, որոնցմէ ոմանք, գլուխնին դրած իրենց ծալած բազուկներուն վրայ, նոյնպէս կը քնանային ու ես կ’որոճայի իմ մտադրութիւնս։
Վերջապէս օր մը, խլելով մօրս եւ մօրաքոյրերուս գլխարկները զարդարող արուեստական ծաղիկները, որոնցմով լեցուցեր էի գրպաններս, մօտեցայ քնացած Կարապետ աղային եւ այդ ծաղիկներով զարդարելով զինքը, թաղում սարքեցի։ Սրահին երեխաները, մանչ եւ աղջիկ, նախ հեռուէն շարժումներով ուզեցին ինձ ետ կեցնել իմ յանդգնութենէս եւ յետոյ շունչերնին բռնած սկսան դիտել։ Ծպտուն չէր լսուէր… բայց երբ ես իմ գործս աւարտեցի, անզսպելի ծիծաղը պոռթկաց մէկ եւ միւս ծայրէն։
Կարապետ աղա ընդոստ արթնցաւ եւ, տեսնելով որ ծաղրի ու ծանակի առարկայ դարձեր է, ինկաւ բուռն կատաղութեան մէջ։ Ան հաւատացեր էր որ ես ուզեր եմ ակնարկել իրեն պատահած դժբախտութեան, թէ «խրատուած» եմ, այսինքն մէկը ինձ թելադրեր է այդ բանը, եւ երեք օր անդադար գիշեր ու ցերեկ գոչեր էր «Արժանի՞ է քահանայութեան… ո՛չ, արժանի չէ…»։
Նեկտար հանըմ անմիջապէս ինձ բանտարկեց պարտէզի վրայ նայող սենեկի մը մէջ եւ դուռը ետեւէս կղպեց։ Յետոյ մօրաքոյրերուս բացատրեր էր որ այդպէս ըրեր էր ինձ փրկելու համար Կարապետ աղայի կոյր կատաղութենէն։
Այդ սենեակին մէջ փակուած, կը լսէի Կարապետ աղայի գոռում-գոչումը, գաւազանի հարուածներ ստացող տղոց վայնասունը, Նեկտար հանըմին լացը եւ աղիողորմ ճիչերը։ Եւ ահա սանդուխին վրայ գահավէժ վազքեր, իրար ետեւէ վազող մարդիկ, անկումներ…։ Կարծեցի որ աշխարհը կը կործանի, բացի պատուհանը եւ դէպի ինձ երկարող սալորենիի մը ճիւղերուն պլլուելով իջայ պարտէզ։ Սալորենին ծաղկած էր եւ իմ շարժումներէս թօթուըւելով ճերմակ եւ բուրումնաւէտ թերթիկները ձիւնի պէս կը թափէր գետին։ Կը յիշեմ նաեւ դեղնագոյն կատու մը, որ պատին վրայ պոչը ձիգ տնկած իր կանաչ աչքերով ինձ կը դիտէր։
Այդ օրը Կարապետ աղա երկու գաւազան կոտրեր էր մանչ տղոց վրայ եւ գաւազան մը՝ կնոջ վրայ։
Հալածանքի մենամոլութիւնը ունեցող այս կիսախելագար մարդը ունէր մօտ վաթսուն երկսեռ աշակերտներ, որոնց մէջ կային մինչեւ տասնըչորս տարեկան մանչեր։
Տանը մեծ սրահին մէջ, որ ընդարձակ դասարանի վերածուած էր, դրուած էին գրասեղաններ եւ նստարաններ մանչերու համար։ Աղջիկները եւ պզտիկ մանչերը կը նստէին սետիրին տախտակին, տունէն բերուած մինտէրներու վրայ։ Ամէն առաւօտ աղօթք կ’ընէինք, ոտքի կանգնած եւ երեսնիս դարձուցած դէպի արեւելք։ Երբեմն կը ծնրադրէինք, երբեմն ոտքի կ’ելլէինք տրուած նշանին համեմատ եւ պէտք էր որ մեր ձեռքերը կիսաբաց բռնած ըլլայինք մեր կուրծքերուն վրայ ողորմութիւն ուզող մուրացկաններու պէս։ Այս աղօթքէն ետքը, որ ժամ մը կը տեւէր, Կարապետ աղա կը սկսէր դասը։ Դիմացը պատին վրայ կախուած էր մեծ տախտակ մը հայ այբուբենի տառերով, որոնց իւրաքանչիւրը բաժնուած էր քառակուսի սեւ գիծերով։ Կարապետ աղա իր երկար գաւազանին ծայրը կը դնէր տառի մը վրայ եւ աշակերտներէն մէկուն անունը կուտար։ Եթէ այդ դժբախտը չճանչնար տառը, Կարապետ աղայի ճկուն գաւազանը ետ կը դառնար եւ անվրէպ կ’իջնար տղուն գլխուն։ Իրենց գիտութեան վրայ անհաստատ տղաքը առաջուց, դեռ պատասխան չտուած, թեւերնին կը բարձրացնէին եւ վահանի պէս կը պաշտպանէին իրենց գլուխը։ Այդ շարժումը ոմանց մէջ այնքան օթոմաթիք դարձած էր որ երբ հեռուէն Կարապետ աղային ձայնը կը լսէին, նոյնիսկ ուրիշի մը ուղղուած ատեն, թեւերնին կը բարձրացնէին գլխի մակարդակին։
Ես տառերը արդէն կը ճանչնայի եւ այս արարողութիւններու ընթացքին անձնատուր կ’ըլլայի ամէն տեսակ խաղի եւ չարաճճիութեան։ Իմ գլխաւոր զոհըս էր գիրուկ տղայ մը, որ աղջիկներուն հետ սետիրին վրայ կը նստէր։ Ան Զմբայենց Գառնիկն էր։ Յուսահատ իրեն սարքած խաղերէս, կը ճուար կատուի մը պէս։ Այդ Գառնիկը Պետրոս Դուրեանի[71] հօրեղբօր որդին էր։ Ան մեծնալէ յետոյ դարձաւ կղերական եւ ես զինքը ճանչցայ տարիներ ու տարիներ յետոյ, երբ Իզմիրի առաջնորդ էր Ղեւոնդ եպիսկոպոս անունով։
Այբուբենի դասէն յետոյ Կարապետ աղա կ’անցնէր աւելի հասակաւորներու դասերուն։ Ութ-ինը տարեկան տղաքը կը կարդային Աւետարան, իսկ աւելի մեծերը՝ Նարեկ։ Կարապետ աղա ուշադիր էր արտասանութեան եւ բառերու շեշտաւորման։ Անտարակոյս գրաբար լեզուի արտասանութեան տեսութիւն մը ունէր կամ աւանդաբար հասեր էր իրեն եւ որը կ’ուզէր կիրառել իր աշակերտներուն վրայ։ Ան ձեռքը համաչափ շարժումներով կը զարնէր գրասեղանին եւ կը նշանակէր վանկը, որ պէտք էր շեշտել։ Եւ որպէսզի տղաքը լաւ սորվին շեշտը եւ չմոռնան, տուեալ վանկը կ’երկարաձգէր։ Երբեմն ընթերցումը կ’ըլլար հաւաքական եւ համերգի մը պէս կը լսէի ու կը հետեւէի կշռոյթին։ Բայց երբ ինքը, Կարապետ աղան կարդար, այն ատեն երկարաձգումները եւ գրասեղանին վրայ չափը չէր ըլլար։ Ան կը կարդար ըստ իր տեսութեան օրէնքներուն, գիտութեամբ եւ զգացումով։ Ուշադրութիւնս սեւեռած իր վրայ, զմայլանքով կը լսէի գրաբար լեզուի ընթերցումը, որ ինձ կուտար արձանային ձեւերու տեսիլքներ։ Երբեմն Կարապետ աղայի նայուածքը կը հանդիպէր ինձ, կը զգածուէր իմ վերամբարձ հիացումէս եւ ընթերցումէն յետոյ, յուշիկ քայլերով ան կուգար ինձ մօտ, ձեռքովը մազերս կը շոյէր, կամ թուշս բռնելով դէմքս կը բարձրացնէր, պահ մը ինձ կը նայէր մտախոհ, յետոյ կ’երթար իր անկիւնը ձեռքերով տարտամ եւ զուսպ շարժումներ ընելով։
Օր մը ինձ իր բազմոցին առաջ կանչեց եւ հարցուց.
– Կ’ուզե՞ս Աւետարան կարդալ։
– Կ’ուզե՛մ, ըսի։
– Ըսէ՛ հայրիկիդ որ գիրք առնէ։
Հայրս դիմադրեց եւ խօսեցաւ ինձ թաղին Ս. Խաչ վարժարանը ղրկելու մասին։
– Տահա պզտիկ է, կ’ըսէին մօրաքոյրերս։
Անոնց կարծիքով Ս. Խաչ վարժարանին մէջ երբեք չէի գտնար Նեկտար հանըմին խնամքները եւ յետոյ՝ կ’ոջլոտէի…
Այսուամենայնիւ Կարապետ աղա իր Աւետարանին մէջէն սկսաւ ինձ սորվեցնել գրաբար կարդալ եւ քերականական օրէնքներ։ Շուտով սորվեցայ հարկ եղած ատեն շեշտը տալ եւ, հետեւելով վարժապետի ձեռքի շարժումին, ես ալ իմ փոքրիկ ափովս կը զարնէի գրակալին։ Ես, որ անզուսպ երեխայ էի, այդ դասի ժամերուն կը դառնայի հլու եւ կարծես կ’ենթարկուէի մոգական ազդեցութեան մը։ Ծունկի եկած Կարապետ աղայի բազմոցին առաջ, անձնատուր անսահման զմայլանքի, կը կարդայի շեշտելով եւ թեթեւ մը երգելով եւ, ձայնիս հաւնած, կ’ուզէի այդպէս շարունակել։
Բայց հեռուէն մուէզինը կ’երգէր էզանը[72] եւ պատի ժամացոյցին վրայ, որուն շրջանակը զուիցերիական գիւղ մը կը ներկայացնէր, սլաքը ցոյց կու տար կէս օրը։ Կարապետ աղայի վտիտ զանգակը կը հնչէր եւ մանչ ու աղջիկ աղօթքի կը կենային։
Ճաշէն յետոյ դարձեալ աղօթքը, ինչպէս եւ երեկոյին մեկնելէ առաջ, իսկ մեծ պահքի օրերուն ամբողջ յետմիջօրէները կ’անցընէինք աղօթելով եւ ապաշխարելով։
Ես սկսած էի հասկնալ գրաբարը եւ կարգ մը աղօթքներու եւ շարականներու բովանդակած բանաստեղծութիւնը, ինչպէս նաեւ երաժշտութիւնը կը հրապուրէր ինձ, բայց կրօնական զգացումը արմատ չէր կապեր իմ էութեանս մէջ։ Ոչ մեծ մօրս ջերմեռանդութիւնը, ոչ Կարապետ աղայի հարկադրած անվերջ աղօթքները ինձ չառաջնորդեցին դէպի կրօնական զգացումը, նոյնիսկ ժամանակաւոր կերպով։
Կարապետ աղայի դպրատանը պատահած դէպքէն յետոյ անկարելի էր այլեւս հոն յաճախել։ Հարկ եղաւ ուրեմն որոշում մը առնել։
Մաքրիկ մօրաքոյրս կ’ուզէր որ մայրապետներուն դպրոցը երթամ, որպէսզի Ֆրանսերէն սորվիմ. մեծ մայրս կը փափաքէր որ մեզ երկուքս դնեն Մեզպուրեան վարժարան, ուր կը յաճախէին Սկիւտարի բարեկեցիկ եւ հարուստ ընտանիքներու աղջիկները։ Գալով Երանիկ մօրաքրոջս՝ այն կարծիքը ունէր որ այդ բոլորը պարապ բաներ են։
– Իշտէ Պօղոսը եւ Պետրոսն ալ դպրոց գացեր են, ի՞նչ են եղեր, կ’ըսէր ան ու կ’առաջարկէր մեծը կար կարողի մը քով աշկերտ դնել, իսկ պզտիկը՝ որ խելօք եւ հմուկ[73] չոճուխ էր, առայժմ պահել տունը։
Հայրս բոլոր կարծիքները լսելէ յետոյ յայտնեց թէ թաղային վարժարանէ դուրս բոլոր միւս դպրոցները անընդունելի էին իրեն համար։
– Թաղին դպրոցը, կ’ըսէր հայրս, գիտեմ, շատ թերութիւններ ունի, բայց մերն է, մեր ամենուսն է։
Եւ ահա օր մը մեզ երկուքս առաջնորդեցին Ս. Խաչ վարժարանը, որուն մուտքի թուղթերը հայրս գացեր առեր էր տնօրէնէն։
Այն ատեն ես տասը տարեկան էի եւ քոյրս՝ վեց տարեկան։
Որոշուած էր որ քոյրս պիտի չդնէին ծաղկոցը, որ գէշ եւ անխնամ վիճակի մէջ էր եւ ամէնքը կը կոչէին խամրոց։
Երիտասարդ եւ սիրուն վարժուհի մը բռնեց մեր ձեռքերէն եւ տարաւ աղջկանց բաժնի երկրորդ հարկի ընդհանուր սրահը, ուր այդ ժամուն հաւաքուած էին բոլոր դասարաններու աշակերտուհիները։
Անմիջապէս դպրոցներու յատուկ ծամուած թուղթի, մելանի եւ փոշիի հոտը մեզ դիմաւորեց։ Վարժուհին մեզ առաջնորդեց մեզ համար որոշուած տեղը եւ ժպտելով պահ մը խօսեցաւ ընդհանուր հսկիչին հետ, որ թուխ, կարճահասակ եւ գէր օրիորդ մըն էր։
Ես եւ քոյրս՝ Մաթիլտ, դեռ անվարժ դպրոցական նստարաններու, կռնակնիս դարձուցինք գրասեղանին եւ նստեցանք մեզ համար հանգիստ, ոտքերնիս կախած դուրսի կողմը։ Անմիջապէս քրքիջներ լսուեցան մեր շուրջ բոլորը եւ մեզ առաջնորդող վարժուհին իր խօսակցութիւնը ընդհատելով եկաւ մեզ տեղաւորեց ինչպէս հարկն էր։
Յետոյ գիրք մը բացին եւ ինձ տուին, որպէսզի կարդամ։ Ես արդէն շատ սահուն կը կարդայի. վերցուցի ընթերցանութեան գիրքը եւ սկսայ ձայնս ձգել եւ կարդալ, ինչպէս սորված էինք Կարապետ աղայի մեթոտով։ Հարկ եղած վանկին վրայ շեշտը կը դնէի, վանկը կ’երկարաձգէի եւ ձեռքովս գրասեղանին զարնելով կը նշանակէի երկարաձգման չափը։ Ընդհանուր ծիծաղ եւ քրքիջ տակն ու վրայ ըրին սրահը։ Հսկիչ վարժուհին իր սեղանին առաջ անցած մէկ ձեռքով անվերջ քանակը կը զարնէր սեղանին եւ միւսով կը զանգահարէր, որպէսզի սրահը հանդարտի։ Աչքիս ծայրով կը տեսնէի որ մեծ աղջիկները կողերնին բռնած կը նետուէին մէկ աջ եւ մէկ ձախ ու կը մարէին խնդալէն։ Առաջին պահուն չհասկցայ որ իմ արտասովոր ընթերցանութեան եղանակս էր որ առաջ կը բերէր այդ ծիծաղները եւ տակն ու վրայ կ’ընէր սրահը, բայց երբ հասկցայ, տաք ջուր իջաւ գլուխէս վար, որուն յաջորդեց պաղ քրտինք։ Քոյրս, Մաթիլտ, կու լար, իսկ ես կը նայէի ամբողջ սրահին ոխերիմ զգացումներով։
Առաջին անգամն էր որ իրապէս հաղորդակցութեան կը մտնէի արտաքին աշխարհին հետ։ Նոյնիսկ Կարապետ աղային դպրատունը, դեռ երբեք, իմ խարիսխէս, մայրենի տունէս չէի կտրուած։ Առաջին անգամն էր, ուրեմն, որ առանց տնեցիներուն մէկն ու մէկին պաշտպանութեան, երկու քոյր նետուեր էինք դուրսի անծանօթ եւ թշնամական աշխարհին մէջ։
Ընդարձակ սրահը իր շարք-շարք նստարաններով, որոնք վրաներէն անհամար գլուխներ կը դառնային դէպի մեզ, ալեկոծ ծովու մը տպաւորութիւն կ’ընէր։ Քոյրս կը շարունակէր լալ աղիողորմ հեծկլտանքներով եւ ես կը նայէի շուրջ բոլորս՝ կառչելու տեղ մը փնտռելով։ Ոչ մէկ բարեկամական նայուածք չէր պատասխաներ իմ ակնարկիս։ Այն ատեն չեմ գիտեր ի՛նչ ուժէ մը մղուած ելայ նստարանին վրայ եւ կանգնեցայ։ Ձեռքերս կապեր էի կռնակս եւ շուրջս կը դիտէի, դառնալով մէկ եւ միւս կողմը։ Հսկիչ վարժուհին եկաւ ինձ մօտ, կրկին նստեցուց եւ խրախուսելու համար ինձ ըսաւ թէ շատ լաւ կը կարդայի, բայց թէ ոչ պոռալու պէտք կար, ոչ ալ վանկերը շեշտելու։
Ինձ դրին երրորդ դասարանը եւ քոյրս՝ վեցերորդ։ Այն հանգամանքը, որ ընտելացած էի գրաբար ընթերցանութեան, ինձ վարկ տուաւ դասարանիս մէջ։ Շուտով ուշադրութիւն գրաւեցի նաեւ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան մէջ, որովհետեւ ոչ միայն շատ ուժեղ յիշողութիւն ունէի, այլեւ միտքս պահածս պատմելու ընդունակ էի, իսկ յիշողութեան բացերը կը լրացնէի ճարպիկ կերպով։ Դասատուներս առհասարակ ուշադրութիւն կը դարձնէին ինձ։ Կը համարէին որ շատ ընդունակ աշակերտ եմ, բայց ծոյլ, որովհետեւ երբեք չէի պատրաստեր գրաւոր դասերս։ Դասամիջոցներուն, ցերեկուան արձակուրդին եւ իրիկունը դպրոցէն արձակուելէ յետոյ, անսանձ եռանդով անձնատուր կ’ըլլայի խաղերու։ Յաճախակի կը կորսնցնէի գիրքերս եւ տետրակներս, երբեմն նոյնիսկ կրկնոցս եւ կրկնակօշիկներս։ Թէ՛ դպրոցը եւ թէ տունը ամէնքը կը գանգատէին ինձմէ, կը սաստէին, կը պատժէին եւ նոյնիսկ կը ծեծէին։ Ես, որ հիւանդութեան եւ այլ պատճառներով եղած էի երեխայ մը, որուն հետ միշտ քնքշութեամբ կը վերաբերուէին, այժմ դարձեր էի պատուհաս մը, որ չէին գիտեր ի՛նչպէս զսպել։
Որովհետեւ ոչ ոք, ոչ ինձ գանգատող ուսուցիչները, ոչ իսկ հայրիկս չէին գտած միջոցը ուղղութիւն տալու, հուն մը տալու այն ուժերուն, որ իմ մէջս կը բարձրանային, ինձ կը դրդէին եւ որոնք կ’արտայայտուէին երբեմն իբր բուռն զգացումներ եւ յաճախ ինձ կը մղէին ըստ երեւոյթին անտրամաբանական շարժումներու եւ արարքներու…։
Այլ սակայն չեմ կարող ըսել թէ դժբախտ երեխայ եղած եմ. այդ տարիներուն դժբախտութեան գաղափարն իսկ չունէի։ Իմ անհատական տրամադրութիւններս կը հանդիպէին բուռն դիմադրութիւններու եւ ես կը պայքարէի անընդհատ Ֆիզիքապէս եւ խելքով։ Երբեք չէի համարեր որ ուժէս վեր է այդ պայքարը եւ նահանջելու ոեւէ գաղափար չունէի։ Կը պայքարէի տնեցիներուն դէմ, դպրոցին դէմ, իմ տարեկիցներուս դէմ, անդուլ անդադար։ Երբեմն ժամանակաւոր յաղթանակ մը կը տանէի, բայց շատ աւելի յաճախ կը պարտուէի։ Բայց այդ պարտութիւնները ոչ ինձ կը դառնացնէին եւ ոչ ալ կը յուսահատեցնէին։ Պարտութիւնը կը մարսէի, կը չեզոքացնէի, անմիջապէս ընդունելով որ պարտուած եմ եւ կը վերսկսէի նոր պայքարի։ Այդ էր իմ կեանքի անհրաժեշտութիւնը եւ այդպէս ալ մնաց մեծնալէս յետոյ իմ կեանքի բոլոր շրջաններուն, տարբեր պայմաններու եւ հանգամանքներու մէջ։
Այն ժամանակ (1888) Սկիւտարի Ս. Խաչ վարժարանը վերակազմութեան շրջանին մէջ էր։ Վարժարանն արդէն ունեցեր էր անցեալին մէջ փայլուն տարիներ։ Օր. Զապել Խանճեան (հետագային հռչակ ստացած բանաստեղծուհի Սիպիլ անունով) յաճախած եւ շրջանաւարտ եղած էր Ս. Խաչ վարժարանէն։ Վահրամ Թորգոմեան եւ եղբայրը այդ դպրոցը աւարտելէ յետոյ կրցեր էին հետեւիլ համալսարանական ուսմունքի։ Ամենուն կարծիքը այն էր որ դպրոցը ամէն տուեալ ունէր կրկին բարձրանալու երկրորդական վարժարանի աստիճանին եւ պատրաստելու երիտասարդ սերունդ մը, ատակ՝ կեանքի նոր պահանջները դիմաւորելու յաջողութեամբ։
Հետզհետէ հասարակութեան այն խաւը, որ կը ստանձնէր թաղային գործերու ղեկավարութիւնը, կը դառնար գիտակից իր դերին։ Նոր հարստացող առեւտրականներ, որոնք իրենց ետեւէն կը քաշէին միջակ կարողութեան տէր գործի մարդիկ եւ շուկային խանութպաններ, որոնք առաջիններուն կապուած էին նիւթական շահերով, յաջողեր էին հրաժարեցնել նախկին պահպանողական եւ կղերամիտ թաղական խորհուրդը, «հաճի աղա»ները, եւ նոր հոգաբարձուները ընտրեր էին երիտասարդ, լուսաւորեալ, ուսմունք ստացած մարդերէ։ Այս նոր հոգաբարձուներուն մէջ շատ լաւ կը յիշեմ Ֆերհատեան եւ Աւգեր էֆէնտիները, երկուքն ալ եւրոպական կրթութիւն ստացած, որոնք եռանդով կը հետեւէին եւ կը հսկէին ծրագրուած վերակազմութեան։
Գլխաւոր եւ ցաւոտ խնդիրը ծաղկոցն էր ուր կը յաճախէին չորսէն եօթը տարեկան չքաւոր երեխաներ։ Ծաղկոցը երկսեռ չէր. աղջկանց դպրոցը ունէր իր ծաղկոցը եւ մանչերուն դպրոցը՝ իրը։ Երկու բաժանմունքներն ալ յանձնուած էին հինէն մնացած պառաւ վարժուհիի մը եւ ծերունի պատուելիի մը, որոնց ամբողջ դերը կը կայանար մանուկները լուռ եւ անշարժ պահելու մէջ եւ այդ նպատակին հասնելու համար, անոնք չէին վարաներ ծեծի դիմելու եւ երեխաները ահաբեկման ենթարկելու։
Աղջկանց ծաղկոցը կը գրաւէր մեր դպրոցի առաջին յարկի մեծ սրահը։ Գէշ խնամուած եւ վատ սնած երեխաներու յատուկ գարշահոտությունը կը տիրապետէր մթնոլորտին։ Բազմաթիւ երեխաներ կը քնանային իրենց գլուխը դրած գրասեղաններուն վրայ։
Այնտեղ գրել կարդալ կը սորվեցնէին փոքրերուն գրեթէ Կարապետ աղայական մեթոտներով, աւանդական այբբենարանի մը վրայ, որուն առաջին էջին վրայ սեւ խաչ մը կար, տակը գրուած «խա՛չ, օգնեա ինձ»։ Շնորհիւ այն բանին որ ես գրեթէ մինակս սորված եմ կարդալ, այդ զզուելի այբբենարանը ինձ չէ տանջած, բայց գիտեմ որ ան մղձաւանջ էր այն ժամանակի երեխաներուն։ Ինչքա՜ն տաք արցունք թափուած է անոր էջերուն վրայ… ինչքա՜ն մանկական շրթունքներ հեկեկալով հեգած են անոր վանկերը. բէ այբ՝ բա, բէ է՝ բէ… իմ ընկերուհիներէս մէկը ինծի ըսած է որ մեսրոպեան տառերը, այդ գարշահոտ ծաղկոցին մէջ, արցունքի մշուշի մը ետեւէն՝ իրեն կ’երեւային ինչպէս զզուելի անասնիկներ եւ իր խորշանքը այնքան մեծ էր որ գիշերը երազը կը տեսնէր։
Յաջորդող էջերուն վրայ վանկերը երկու սիւնակներու բաժնուած անիմաստ բառեր կը կազմէին եւ երթալով կը դառնային բազմավանկ բառեր։ Վերջին էջին՝ բառերը մանր գիրերով վեցավանկ էին. խաղաղասիրական, փղշտացիական, եւ այլն։
Ցուրտէն ճաթռտած, անարիւնութենէ կապտացած մանկական մատներու վրայ, պառաւ եւ նեղսիրտ վարժուհիին քանակը կ’իջնար անխնայ եւ, փոխանակ երգի եւ ուրախ ժխորի, աղեկտուր լացեր, անօգնական երեխայի հեւքոտ հեծկլտանքներ կը բարձրանային այդ ծաղկոցէն։
Այդ երեխաները Սկիւտարի «ստորին խաւերը» կազմող մարդոց զաւակներն էին, գրեթէ ամբողջովին ձրի։ Ոջլոտ, հիւանդոտ, կէս կուշտ, կէս անօթի, այդ անճար երեխաները աւելի մեծ թշուառութեան կ’ենթարկուէին աշնան եւ ձմեռուան խոնաւ եւ ցուրտ օրերուն։ Կը յիշեմ դեռ դժբախտ երեխաներ, որ հարկադրուած ցեխոտ ոտնամանները հանելու՝ ծակծկուած գուլպաներով կը բարձրանային սրահ։
Նոր հոգաբարձութիւնը վերջապէս յաջողեցաւ վերջ դնել այդ վիճակին։ Ան նշանակեր էր երիտասարդ վարժուհի մը եւ օգնական մը եւ ծաղկոցը դարձաւ երկսեռ։
Ծաղկոցի նոր վարժուհին, Աշճեան մականունով, սիրուն երիտասարդուհի մըն էր, հոգածու իր արդուզարդին, միշտ կը կրէր ճերմակ ասեղնագործուած օձիք եւ թեւնոցներ։ Անիկա գրած եւ հրատարակած էր «Դեղին վարդեր» անունով բանաստեղծութիւն մը, ինչ որ փառքի լուսապսակ մը կու տար իրեն։ Կը սիրէի զինքը եւ հակառակ որ ոեւէ կապ չունէր ինձ հետ, կէս օրի արձակուրդի ժամերուն կը դեգերէի իր շուրջը։ Ան օր մը ժպտեցաւ ինձ եւ ես երախտապարտ մնացի այն ժպիտին։ Անիկա մեղմ եւ քաղցր բնաւորութիւն ունէր եւ յաճախ մատիտը կը հանէր եւ բան մը կը գրէր տետրակին մէջ եւ յետոյ երազուն նայուածքը կը յառէր անորոշ կէտի մը։ Անշուշտ նոր բանաստեղծութիւններ կը գրէր, բայց չեմ կարծեր որ «Դեղին վարդեր»էն ետք ոեւէ բան հրատարակած ըլլայ։
Մեծերուն բաժինը կը յաճախէին մինչեւ տասնըչորս տարեկան աղջիկներ, որոնք կը պատկանէին հասարակութեան զանազան խաւերուն։ Կային առեւտրականներու քանի մը աղջիկներ, որոնք ազգական էին թաղականի կամ հոգաբարձուի։ Կային նաեւ երկու-երեք տասնեակ ձրիներ, այսինքն բացայայտ չքաւորի զաւակներ։ Իսկ աշակերտուհիներու ստուար մեծամասնութիւնը արհեստաւորներու կամ փոքրիկ խանութպաններու աղջիկներ էին։ Էսնաֆի զաւակներ, ինչպէս կ’ըսէին, որոնք առաւել կամ նուազ բարեկեցիկ ընտանիքներէ էին։ Առեւտրականներու աղջիկները գոռոզ էին եւ արհամարհական նոյնիսկ վարժուհիին եւ ուսուցիչներու նկատմամբ, որոնք կարծես իրենց ծնողքին կամ ազգականին վարձկաններն էին։ Վարժուհին եւ ուսուցիչներէն ոմանք կը քծնէին այդ աղջիկներուն, բարձր նիշեր կը դնէին, ներողամիտ եւ ժպտուն էին երբ ոեւէ յանցանք գործէին, եւ այդ բոլորը չէր վրիպեր մեր ուշադրութենէն։
Էսնաֆի աղջիկներն էին սակայն որ կու տային ամենէն ընդունակ եւ յաջող աշակերտուհիները եւ ասոնցմէ էր որ դուրս կու գային խառնուածք ունեցող աղջիկներ, որոնք կը բողոքէին անարդարութիւններու դէմ, կը պաշտպանէին տկարները եւ երբեմն իրենց անձին վտանգով կը կազմակերպէին ըմբոստական շարժումներ։
Տասներկու տարեկանիս արդէն կը ճանչնայի արտաքին աշխարհը դպրոցի աշխարհին մէջէն՝ իր հակասութիւններով, իր պայքարներով, իր անհաշուելի շերտաւորումներով։ Դպրոցը մանրանկարն էր մեծերու այն աշխարհին, որ հետագային իր կարգին պիտի ճանչնայի։ Գծուծ հաշիւներ, սնափառութիւններ, կեղծիք, ստախօսութիւն, եսասիրութիւն… Այնտեղ կային աղջիկներ, որ բարենիշ ձեռք բերելու համար կ’ենթարկուէին ամէն ստորնութեան եւ որոնք հետագային նիւթական միջոցներ կուտակելու համար գործադրութեան պիտի դնէին նոյն կարգի միջոցներ։ Այնտեղ կային նաեւ անձնական շահու եւ փառքի անփոյթ աղջիկներ, որոնք անտրտունջ կը պատժուէին եւ չէին մատներ իրենց ընկերուհիները։ Կային որ սիրտբուխ էին եւ րոպէի տրամադրութեան տակ կարող էին ըլլալ վեհանձն, անձնազոհ, բայց հետեւողական չէին իրենց վարմունքին մէջ։ Կային որ հլու, հնազանդ կ’ենթարկուէին դպրոցական իշխանութեան պատուէրներուն եւ իրենց վարմունքը կէտ առ կէտ կը պատշաճեցնէին իշխանութեանց ցանկութիւններուն, իսկ ուրիշներ, ընդհակառակն, իրենց դատողութեան անկախութիւնը կը պահպանէին ամէն գնով։
Բայց մանաւանդ խտրութիւնը, որ դպրոցի պաշտօնէութիւնը կը դնէր հարուստներու եւ աղքատներու մէջ, չէր վրիպեր մեր ուշադրութենէն եւ արդարութեան ու իրաւունքի զգացումները կ’արծարծէր մեզմէ ոմանց մէջ։
Իմ այդ շրջանին կեանքս մտաբերելով, վերստին կ’ապրիմ անհաւասար պայքարի մէջ եղող մէկու մը կրած բարոյական բխումները։ Միշտ արթուն եւ պատրաստ ինքզինքը պաշտպանելու, միշտ լարուած դրութեան մէջ, եւ երբեմն ալ մղուած անդիմադրելի զգացումէ՝ անցնելու յարձակողականի, առանց նկատի ունենալու գալիքի փորձանքները։
Այսպիսի տրամադրութենէ մը մղուած, օր մը յարձակած եմ մեր վարժուհիին վրայ, որ քանակովը զարկաւ աղքատիկ աղջկան մը ցուրտէն վիրաւոր մատներուն։ Հետեւանքները շատ ծանր կրնային ըլլալ, բայց հայրս, որուն խօսեր էին իմ «անորակելի արարք»իս մասին, հարցուցեր էր տնօրէնին.
– Հապա մէյ մը հարցուցէք թէ ինչո՞ւ աղջիկս յարձակեցաւ վարժուհիին վրայ։
Օրէնքով մարմնական պատիժը վերցուած էր եւ դպրոցը նախամեծար համարեց սահիլ այդ խնդրին վրայէն։
Բայց դպրոցին մէջ ամենէն տաժանելի պահը ճաշի ժամն էր։
Ամէն մէկ աշակերտուհի իրեն հետ կը բերէր ցերեկուան ճաշը, չքաւորները փոքրիկ ծրարներով, որոնց մէջ կային հաց եւ քանի մը ձիթապտուղ եւ երբեմն միայն չոր հաց. կը պատահէր որ այդ չոր հացի ծրարն ալ չըլլար։ Հարուստները իրենց տան ծառային միջոցով կը ղրկէին մեծ ափսէներ, երկու-երեք տեսակ կերակուրներով եւ անուշեղէնով։ Ընդհանրապէս վարժուհին հրաւիրուած կ’ըլլար այդ ափսէներէն մէկուն առաջ։ Էսնաֆի տղաքը կ’ունենային մէկ տեսակ կերակուր եւ եղանակին համեմատ միրգ մը։ Կիրակոս աղբարը, դպրոցին տնտեսը, կը կատարէր սպասարկութիւնը անոնց, որ տան ծառայ չունէին, իսկ տնտեսուհին, կախարդի երեւոյթով պառաւ մը, որ կը կերակրուէր հարուստներու սակառներու մնացորդներով, կերակուրները կը տաքցնէր կրակարանին վրայ։ Խորտիկներու հոտը, երբեմն խորովածի ախորժաբեր բուրումը կը բռնէր սեղանատունը։ Անոնք որ կերակուր ունէին, անհամբեր ախորժակով կը նստէին իրենց ափսէներուն առաջ, իսկ չքաւորները կը խռնուէին անկիւն մը, հեռու միւսներէն։
Միշտ այդ ժամին անորոշ անհանգստութիւն մը կը գրաւէր հոգիս։ Տարտամօրէն կը դիտէի քոյրս, որ, օժտուած ուժեղ ախորժակով, կը սկսէր ճաշել, մինչ ինձ համար ճարպոտ կերակուրներու ճենճի հոտը նողկալի էր։ Ա՜հ, եթէ թոյլ տային որ թթու լեմոն մը ուտէի նարինջի պէս…
Այն ժամանակ դեռ որոշակի չէին կարող դատել կացութիւններու անհաւասարութենէ բխող անարդարութիւնը, բայց տարտամ խղճահարութիւն մը ինձ կը տանջէր, եւ անտարակոյս իմ բնաւորութեան մէկ հակասութեան հետեւանքով կը զայրանայի չքաւորներու դէմ, որ իրենց ողորմելի երեւոյթով ինձ կը ներշնչէին այդ զգացումը եւ եթէ հնարաւոր ըլլար, բուռն միջոցով մը կ’արտայայտէի իմ այդ զգացումս։
Օր մը, պարտէզը, նախընթրիքի պահուն, Մելինէ անուն աղջիկ մը կեռաս կ’ուտէր։ Դեռ նոր թեւակոխած էինք գարունը եւ կեռասը կը համարուէր հազուադէպ։ Անոր դէմ նստած էր չքաւոր աղջիկ մը եւ գող կատուի աչքերով կը դիտէր կեռասները։ Մելինէ մէկ ափին մէջ բռնած էր կեռասները եւ միւս ձեռքով կը բռնէր կեռասի մը կոթօն եւ կը մօտեցնէր բերնին եւ մէկ կողմէն կը խածնէր հիւթեղ պտուղը։ Դիմացը նստած աղջիկը ամէն անգամ իր ցանկացող շրթներով ուտելու շարժում մը կ’ընէր եւ բերնին ջուրերը կը վազէին։
Այս տեսարանը ինձ տակնուվրայ ըրաւ եւ, չհանդուրժելով, վայրենիի ճապուկ շարժումով մօտեցայ, խլեցի կեռասները Մելինէի ափէն եւ մէկ թափով նետեցի պարտէզի պատէն անդին։
Եւ երբեք չհասկցայ թէ ինչո՞ւ փոխանակ Մելինէի, չքաւոր աղջիկն էր որ հեծեծանքով սկսաւ լալ։
Ո՛չ իմ տարեկիցները եւ ոչ ալ մեծերը կը հասկնային իմ հոգեկան խռովքները եւ ընդհանուր կարծիքն այն էր որ բուռն եւ անգութ երեխայ եմ։ Բայց ուրիշներու կարծիքը կշիռ չունէր ինձ համար, ոչ թէ որովհետեւ այնքան դատողութիւն ունէի որ արհամարհէի այդ կարծիքը, այլ որովհետեւ շատ ամբողջական կերպով ենթակայ էի իմ ներքին, յաճախ անգիտակից մղումներուս։ Կը խորհէին որ անսիրտ եմ եւ անտարբեր իմ շրջապատիս ինձ ունեցած հոգածութեան եւ գորովին, բայց չէին երբեք մտածեր որ յոգնած եւ ձանձրացած էի այն յարատեւ ուշադրութենէն, որ իմ հիւանդկախ երեխայի մանկութիւնս հրաւիրեր էր իմ վրայ։ Ինչ որ ես կ’ուզէի՝ այլեւս ուրիշ բան էր։ Թո՛ղ մէկը հակէր փափկութեամբ իմ խռովայոյզ հոգիիս վրայ եւ ես ամբողջութեամբ կը յանձնուէի անոր։
Կը մտածէին որ երես առած, շփացած երեխայ եմ, բայց ես անվերջ կը տանջուէի, սակայն ոեւէ կերպով չէի յայտներ իմ տանջանքը։ Շատ եմ տառապած մանաւանդ այն անհարկի եւ անգութ զգացումէն, որ գթութիւն կը կոչեն, բայց որ վստահ եմ որ ուրիշ բան է։ Ոեւէ առիթի յանկարծ աղիքներս կը գալարուէին այդ տանջալի զգացումով, որ սակայն փոխանակ ինձ մեղմացնելու, կը դարձնէր բուռն եւ յարձակողական։
Այդ զգացումը հրէշային չափերով կ’աճէր իմ մէջ, երբ տարին երկու անգամ ձրիներուն հագուստ կը կարէին դպրոցին մէջ։ Թաղին «բարեգործ» հարուստները քանի մը թոփ կերպաս կը նուիրէին դպրոցին. «իրենց թափոն ապրանքները կը քշեն» կ’ըսէր Երանիկ մօրաքոյրս։ Դպրոցին մէջ, բոլոր աշակերտներու ներկայութեան, վարժուհին մէկիկ-մէկիկ կը կանչէր ձրիները եւ անոնց ցանկը կը պատրաստէր։ Յետոյ ձեւագիտութեան վարժուհին, տիկին Ֆիլոռը – ի՜նչպէս սրտանց կ’ատէի այդ կինը – չափերը կ’առնէր եւ կը սկսէին հագուստները ձեւել դասարանի մը մէջ, որ կը դառնար արհեստանոց, եւ կը կարէին մեծ աշակերտուհիներու մասնակցութեամբ։
Ամէն անգամ որ ընդհանուր սրահէն աղջիկ մը կը կանչէին հագուստը փորձելու համար, սիրտս կը սեղմուէր անձկութեամբ եւ ինձ կը թուէր որ պատահածը ահռելի բան մըն է։ Բայց այդ աղջիկներէն շատերը ժպտուն եւ գոհունակ դէմքերով կը վերադառնային սրահ… Մէկ անգամ աղջիկ մը մերժեց հագուստը։ Անիկա Ատրինէ անունով հազիւ տասնըմէկ տարեկան երեխայ մըն էր, նաւավարի աղջիկ, որուն հայրը մեռեր էր երկու տարի առաջ։ Անիկա մռայլ եւ անհաղորդ աղջիկ էր։ Օր մըն ալ այլեւս չեկաւ դպրոց։ Յետոյ լսեցինք որ մեռեր է թոքատապէ։
Զատկի կամ Ծնունդի Կիրակին, միօրինակ հագուած ձրիները շարքով կը տանէին եկեղեցի, որպէսզի իրենց բարերարները իրենց աչքերով տեսնեն կատարուած բարիքին արդիւնքը։ Պատարագիչ առաջնորդը կը դրուատէր իր քարոզին մէջ այդ բարերարներուն քրիստոնէավայել բարեսրտութիւնը եւ կը բացատրէր որ հարստութիւնը Աստուծմէ տրուած աւանդ մըն է իր ընտրեալներուն եւ թէ ան իրապէս կը պատկանի չունեւորներու։ Բայց քարոզը կը վերջանար մաղթանքներով քսակներու առատութեան եւ շահաւէտ գործեր բացուելու մասին։
Ձրիները կարծես այդ հանդիսաւոր օրերուն կը զգային իրենց անփառունակ վիճակը։ Ինչքա՜ն վայրահակ գլուխներ տեսած եմ այդ շարքերուն մէջ, ինչքա՜ն տխուր աչքեր եւ երբեմն ցասումէ փայլատակող ակնարկներ. բայց այս վերջինները շատ հազուադէպ էին։ Եւ այդ «բարերարները» երախտապարտութիւն կը յուսային այդ թշուառ երեխաներէն…
Բարեբախտաբար հայրս իր կարգին ցասումով կ’արտայայտուէր այդ երեւոյթին յանդէպ եւ ամէն առիթի կ’ըսէր որ այդ կարգի բարիքը չարիք է, քանի որ այդ խեղճ երեխաներուն արժանապատուութեան զգացումը ոտնակոխ կ’ըլլայ։ Օր մը հայրս տուն հրաւիրեց տնօրէնը եւ անոր խօսեցաւ, պնդելով որ վերջ պէտք էր դնել այդ երեւոյթին։
– Բայց, Մկրտի՛չ աղա, ըսաւ տնօրէնը, այդ ձրիները դժգոհ չեն. ընդհակառակն ուրախ են որ նոր հագուստ պիտի ունենան։
– Աւելի՛ գէշ, ըսաւ հայրս։
Այդ տնօրէնը ատաբազարցի երիտասարդ մըն էր թաւ յօնքերով եւ պեխերով։ Անիկա քաղցրաբան էր, ժպտուն եւ հաճոյակատար։ Կը ջանար սիրաշահիլ ծնողները, բայց մասնաւորապէս քծնող էր հարուստներուն։ «Ճիզուիտ» մարդ է, կ’ըսէին իրեն համար։ Անիկա շատ յարգալիր էր հօրս նկատմամբ, որովհետեւ հօրս խօսքը կշիռ ունէր թաղին մէջ։ Ես ալ կը նպաստաւորուէի այդ հանգամանքէն։ Տնօրէնը կը ջանար անուշ տեղը կապել կամ «վրան ծածկել», երբ իմ մասիս գանգատ ըլլար ուսուցչէ մը կամ վարժուհիէն։ Եւ յաճախ այդ գանգատները կ’ըլլային։
Դեռ երրորդ դասարանէն հայերէն լեզուն եւ քերականութիւնը կը սորվէինք գրաբար. կ’ընէինք թարգմանութիւններ գրաբարէ աշխարհաբար եւ քերականական վերլուծումներ։ Աշխարհաբարի համար կը պատրաստէինք միայն շարադրութիւններ։ Ուսուցիչը, որ Տէօվլէթեան անունով մէկն էր, կու տար մեզ շարադրութեան նիւթը եւ կը բացատրէր թէ ի՛նչպէս պիտի զարգացնենք այդ նիւթը։ Աշակերտուհիներէն ոմանք իրենց միտը կը պահէին ուսուցիչին խօսքերը եւ գրեթէ բառացի կ’արտագրէին։ Ուրիշներ, օգտուելով ուսուցիչի ցուցմունքներէն, անձնատուր կ’ըլլային այն կեղծ զգացողութեան, որ այն ժամանակները կը համարուէր խիստ հետաքրքրական։ Այս շարքին մէջ էին շարադրութեան առաջինները։ Իսկ չորս աշակերտուհիներ, դասարանին պոչը, որոնցմէ երկուքը կուլ[74] էին, երկուքը անկարգ, ոչ մէկ ձեւով չէին գրեր, կամ հազիւ երեք-չորս տող բան կը գրէին։ Ես այդ վերջիններէն էի։
Լաւ կը յիշեմ շարադրութեան նիւթերը.
– «Փոթորիկ ծովու վրայ. նաւ մը կ’ընկղմի. ճամբորդներու օրհասական վիճակը»։ «Պատերազմի դաշտ գացող զինուոր մը, որ իր հօրը կը գրէ. նկարագրել պատերազմը եւ զինուորին որդիական զգացումները»։ «Ողբ վաղամեռիկ աղջկան մը մասին»։ «Հիւծախտէ բռնուած երիտասարդ մը, որ հրաժեշտ կ’առնէ կեանքէն» եւայլն, եւայլն։ Այդ շարադրութիւնները կը մարզէին աշակերտուհիները կեղծ ռոմանթիզմի մէջ եւ պիտակուած էին «ա՜հ»երով եւ «ո՜հ»երով, բնութեան շաբլոն նկարագրութիւններով ու թխմուած էին գերադրական ածականներով։ Այդ բոլորը ինձ չէր հրապուրեր եւ մազաչափ չէր ազդեր իմ վրաս։ Ես ու միւս «անկարգ» աշակերտուհին, որ Հրանուշ կը կոչուէր, նոյնիսկ երբեմն բացայայտ կը ծաղրէինք ուսուցիչին տուած պատուէրները եւ առաջին դասաւորուող աշակերտուհին։ Մեր դիմադրութիւնը «գեղեցիկ դպրութեան» դասերուն եւ ծաղրանքը յաճախ սուղի կը նստէին մեզ, բայց կը շարունակէինք։ Այդ Հրանուշը ուժեղ նկարագրով աղջիկ մըն էր։ Անոր հայրը քէօշէն սրճարան մը ունէր։ Առաջին տարիէն որ Ս. Խաչ վարժարանը մտայ, բարեկամացայ, նոյնիսկ մտերմացայ Հրանուշին հետ։ Երեք տարի յետոյ օր մըն ալ գժտուեցայ իրեն հետ լուրջ պատճառով մը։ Անիկա հետագային ամուսնացեր էր դերասանուհի Սիրանուշի եղբօրը հետ։ Տասնեակ տարիներ իր հետքը կորսնցուցեր էի։ Զինադադարէն յետոյ, քեմալական յառաջխաղացումէն փախչողներու հետ, ան գաղթեր էր Ֆրանսա, եւ օր մըն ալ եկաւ ինձ գտաւ Փարիզի մօտ, Վիրոֆլէի բնակարանս։
Նոյն Հրանուշն էր. խենթ-խելօք, ինքնուրոյն եւ անսանձ։ Վաղուց մոռցեր էի գժտութիւնս եւ անկեղծ սիրով համբուրուեցանք։ Ամուսինը մեռեր էր եւ, իր միակ տղուն ուսմունք տալու համար, Հրանուշ կ’աշխատէր Փարիզի բանուորական թաղի մը մէջ, ճաշարանի մը խոհանոցը։ Թելադրեցի իրեն մտնել արհեստակցական միութեան մէջ։ Ուշիմ աչքերով կը հետեւէր իմ խօսքերուս։ Անկէ յետոյ կրկին հետքը կորսնցուցի։
Այն հետեւողական դիմադրութիւնը, որ ցոյց կու տայի դպրոցական ռեժիմին, չէր կարող աննկատելի մնալ։ Թէ՛ տունը եւ թէ դպրոցը կը պախարակէին ինձ այդ մասին։ Անցեր էին այլեւս այն ժամանակները, երբ շուրջս կը տեսնէի միայն ժպտուն դէմքեր եւ կը լսէի քաղցր ու փաղաքուշ խօսքեր։ Այլեւս ամէնքն ալ ինձ կը նայէին խոժոռ աչքերով, կ’ուղղէին ինձ յանդիմանութիւններ եւ ամենավատ գուշակութիւններ կ’ընէին իմ ապագայիս մասին։
Միայն հայրս յոյսը չէր կտրած ինձմէ։ Ան ոչ միայն մեծ համբերութեամբ կը պատասխանէր իմ հարցումներուս, գոհացում տալով իմ անյագ հետաքրքրութեանս, այլեւ յաճախ ինքը ինձ կը խօսէր լրջութեամբ եւ խոհականութեամբ, ինչպէս եթէ մեծ ըլլայի։
Այդ խօսակցութիւնները տեղի կ’ունենային ընդհանրապէս պարտէզը։ Վարդենիներու եւ մեխակի ածուներու կողքէն քալելով ան ինձ կը խօսէր եւ կը բացատրէր աշխարհը։ Ինչ որ ան ժամանակներէն ըմբռնած էի, այն էր որ հայրս ունէր շատ խոր զգացում անհատական արժանապատուութեան։ Ան կը հանդուրժէր ամէն բանի, կը տանէր նիւթական եւ այլ դժուարութիւնները անտարբերութեան հասնող համբերութեամբ, կը բաւէր որ իր արժանապատուութեան զգացումը վիրաւորանքի չենթարկուէր։ Հօրս ներքին մեծ հպարտութիւնը տպաւորութիւն կ’ընէր իմ վրաս։ Այդ զգացումն էր որ կը ղեկավարէր նաեւ իր վերաբերմունքը դէպի ուրիշ անհատները, որովհետեւ հայրս հաւասար բծախնդրութեամբ ուշադիր եւ հոգածու էր դէպի ուրիշներու արժանապատուութեան զգացումը եւ բուռն կերպով կը բողոքէր, եթէ ոեւէ մէկը փորձէր ոտնակոխ ընել ոեւէ մէկուն հպարտութիւնը։ Ան խտրութիւն չէր դներ մարդոց մէջ։ Ոչ նիւթական վիճակը (մանաւանդ նիւթական վիճակը), ոչ ընկերային խաւը, ոչ ազգութիւնը չէին կշռեր իր դատողութեան մէջ։ Իրեն համար արհամարհելի էին, «մարդ չէին» անոնք, որ զուրկ էին արժանապատւութեան զգացումէ։ Այդ էր իր բարոյական լծակը, իր հիմնական սկզբունքը եւ իր բոլոր բարոյական ըմբռնումները կը բխէին այդ սկզբունքէն։
Ճիշդ է որ հայրս հետագային չդաւաճանեց ինքզինքին, ամէն կարգի փորձանքներու եւ դժուարութիւններու մէջ անեղծ պահեց իր արժանապատուութեան զգացումը եւ պարտադրեց զայն ամենուն ու գլուխը միշտ բարձր, հպարտ ու անայլայլ, անկնճիռ դէմքով եւ ժպտուն աչքերով հասաւ մինչեւ ալեւոր ծերութիւն։
Հօրս խօսքերը, որ կը բխէին իր բարոյական սկզբունքներէն, մեծ գոհացում կու տային ինձ։ Իմ պատանեկան եռանդս կը յագենար հօրս տուած բացատրութիւններով եւ պատուէրներով։ Անոնք կը յաջողէին աստիճանաբար կարգ ու սահման դնել այն խռովայոյզ քաոսին, որ իմ ներքին էութիւնս էր։ Իմ մէջ տեղի կ’ունենային ընդհարումներ, յաղթանակներ եւ պարտութիւններ, որոնք ինձ կը նետէին հակասական զգացումներու մէկ ծայրայեղութենէն միւսը, բայց հօրս խօսքերուն ազդեցութեան տակ համերաշխութիւն առաջ կու գար իմ ներքին էութեան մէջ եւ աստիճանաբար կը հասնէի իմ հոգեկան միութեան։
Իմ երկար եւ դէպքերով հարուստ կեանքի ընթացքին, շատեր ազդեցութիւն գործած են իմ վրաս, ոմանք նոյնիսկ յաջողած են իմ կեանքի ղեկը դարձնել իր ուղղութենէն, բայց ոչ ոք այնքան հիմնական եւ խոր ազդեցութիւն գործած է իմ վրաս, որքան հայրս իր խօսքով եւ կեանքով։
Երբ ձմեռուան ամիսներուն կը փակուէինք տանը ներքնամասը եւ մեր երկուքի առանձնութիւնը անկարելի կը դառնար, այսուամենայնիւ հայրս կը շարունակէր իր բարերար ազդեցութիւնը գործել, օգուտ քաղելով ամէն դէպքէ եւ եղելութենէ։ Երբեմն ալ կը խօսէր իր Կովկաս անցուցած տարիներու մասին. կը պատմէր դրուագներ իր ըրած ճամբորդութիւններէն, կը նկարագրէր թիփեր, տարազներ, լեռնականներու բարքեր։ Կրակարանին վրայ ջուրը կը խժար չայնիկին մէջ, թէյին նուրբ բուրմունքը կը տարածուէր օդին մէջ եւ ես վերացած, զմայլանքով մտիկ կ’ընէի։
– Մէկ ցանկութիւն ունիմ կեանքիս մէջ, կ’ըսէր հայրս, որ երբեք զուր ցանկութիւն չէր յայտներ։ Մեռնելէ առաջ անգամ մըն ալ տեսնէի Թիֆլիսը։
– Երթանք, հայրի՛կ, կ’ըսէի այն անյոյս յոյսով, որ թերեւս այդ ըլլար։
– Եթէ դուն օր մը տեսնես Թիֆլիսը, կը պատասխանէր ան, իմ աչքերովս ալ նայէ…։
Ու օր մը իրաւամբ տեսայ Թիֆլիսը ու մինչ կառքը կ’անցնէր կամուրջի մը վրայէն, ինձ թուեցաւ որ ոչ թէ առաջին անգամ կը մտնեմ անծանօթ քաղաք մը, այլ կը վերադառնամ ինձ արդէն շատոնց ծանօթ եւ կարօտով ցանկացած քաղաք մը։
Ինչքա՜ն հիմնովին տարբեր էր իրական կեանքը այն պատկերացումէն, որ հօրս խօսքերուն ազդեցութեան տակ ես ինձ համար կը կազմէի։ Ամէն ինչ ինձ կը վիրաւորէր եւ զայրոյթի նոպաներ յառաջ կը բերէր իմ մէջ։
Հետզհետէ սկսայ աւելի գիտակցական արհամարհանք ունենալ այն մարդոց նկատմամբ, մանաւանդ այն ուսուցիչներուս, որոնք զուրկ էին հօրս դաւանած առաքինութիւններէն։ Կարծես իմ մէջս դատարան մը կար, ուր անվերջ ու խիստ դատաստանի կ’ենթարկուէին հանդիպած անձերս եւ եղելութիւնները։ Կ’ատէի կեղծիքը եւ քծնելու ունակութիւնը, որ այնքան տարածուած էր դպրոցի պաշտօնէութեան մէջ։ Երբ հոգաբարձու մը կամ հարուստ թաղեցի մը այցելութեան կու գար դպրոց, կը տեսնէի թէ ի՛նչպէս կեղծ ժպիտով կամ քծնանքով կը վերաբերէին վարժուհին եւ ուսուցիչները դէպի այդ մարդիկը։ Կը լսէի պարագաներու յարմարող խօսքեր, որոնք գիտէի թէ սուտ էին, եւ խորապէս կը տառապէի։ Եւ որովհետեւ ձեւը չէի գիտեր զգացած սրտնեղութիւնս յայտնելու, բուռն արարք մը կը գործէի, որուն իմաստը ոչ ոք կը հասկնար, ոչ իսկ հայրիկս, բայց եւ հետեւանքները կը կրէի անտրտունջ։
Մարմարայի ասիական եզերքը, պատսպարուած խաղաղ ծոցիկի մը մէջ, յունական աննշան գիւղ մըն էր Մալթեփէ։ Այնտեղ օդը մեղմ էր, կեանքը աժան եւ ծովի լոգարանները բնականէն յատակուած էին նուրբ աւազով։ Մանկութեան տարիներս ամառը ինձ կը տանէին այդ գիւղը, բժիշկի պատուէրով։ Յետոյ, երբ մայրս անցուց իր հիւանդութեան տագնապալի շրջանը, բժիշկը օգտակար համարեց ծովի լոգանքները ե՛ւ մօրս համար։
Հայտար փաշայէն մինչեւ Իզմիտ երկաթուղիի երկայնքին շարուած այդ գիւղերը կը հայթայթէին մայրաքաղաքին այն առաջնակարգ սեղանի խաղողը, աշխարհահռչակ «չաւուշը», որ կը փոխադրէին Պոլիս մեծ սակառներու, քիւֆէներու մէջ, եզան սայլերով։ Փոխադրական այս պայմաններուն մէջ, բնական էր որ մայրաքաղաքի մերձաւոր գիւղերը առաւելութիւն ունէին հեռաւոր գիւղերուն վրայ։ Երկաթուղիի շինութիւնը շրջեր էր այդ կացութիւնը։ Մինչեւ Գարթալ՝ Մարմարայի այդ ափի կարմրորակ հողը, բացի այգեմշակութիւնը, ընդունակ չէր տարածուն մշակութեան։ Կ. Պոլսոյ ամենէն մերձաւոր ծովափնեայ գիւղերը դարձեր էին ամարանոցներ, իսկ Պուտանճըգ եւ Մալթեփէ յոյն բնիկ մշակներու եւ Րումելիէն եկած գաղթականներու յամառ աշխատանքով ստեղծեր էին բանջարանոցներ։
Առաջին տարիներուն, Մալթեփէ գիւղագնացութեան կու գային երկու-երեք արհեստաւորի հայ ընտանիքներ, երկաթագործ կամ եազմաճի։ Ծովափէն բաւականին հեռու կային նաեւ քանի մը քէօշկեր, սեփականութիւն թուրք պաշտօնատարներու, որոնք ընդհանրապէս ամբողջ տարին փակ կը մնային։
Հետզհետէ, սակայն, Մալթեփէի համբաւը մեծցաւ։ Շնորհիւ իր կլիմայական յատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ նուրբ աւազով ծածկուած լոգարաններուն, ան դարձաւ տկարակազմ եւ անարիւն պատանիներու համար առաջնակարգ բուժատեղի։ Մեծ քազինօ մը բացուեցաւ կայարանին մօտ եւ շքեղ հիւրանոց մը՝ ծովեզերքը։ Նաւարկութիւն հաստատուեցաւ Իշխանաց կղզիներուն հետ, որտեղի ամառանոցայինները կ’անցնէին Մալթեփէ եւ օգտուելով երկաթուղիէն աւելի կ’արագացնէին երթեւեկութիւնը մայրաքաղաքին հետ։
Մալթեփէ, այդ անշուք եւ պարզուկ գիւղը, եղած է իմ մանկութեանս երկնային դրախտը։ Ամէն տարի, գարնան, յոյսը այդ վայրը փոխադրուելու, ինձ կը պահէր տենդագին անհամբերութեան մէջ։ Ամբողջ ձմեռը կ’երազէի այդ երջանկութիւնը, կ’երազէի ծովը եւ այն անթիւ վայելքները, որ ծովեզերքը կ’ընծայէ երեխաներուն։ Երբ մեծերը կ’ըսէին արհամարհանքով «ի՞նչ կայ Մալթեփէ…», կը զարմանայի, որովհետեւ այդ գիւղը ինձ համար կը պարունակէր անթիւ հրապոյրներ։ Կը յիշէի դաշտերը, կալսը, գոմերը եւ այն պարարտ ու յագեցնող հոտը, որ եզներու ռունգերէն կ’արտաշնչուէր, նոյնիսկ աղբի եւ յարդի հոտը։ Կը յիշէի Քոքոնայի տունը, ուր սենեակներ կը վարձէինք, անոր տղուն, խաշնարած Եորկիի հետ ըրած փախուստներս դէպի հեռաւոր արօտավայրեր լեռնալանջերու վրայ, կը յիշէի հռոմէական կիսաւեր աքըտիւքներու վրայէն յանդուգն երթեր, երբ հարկ կ’ըլլար ոստում մը ընել բացուածքի մը վրայէն, ալպանացիներու բանջարանոցները եւ գամփռները, որոնք ընտանեցած էին մեզ հետ եւ որոնց մազոտ եւ թաւ գլուխները գրկելու համար բազուկներս կարճ կու գային, գամփռեր, որոնց բամբ հաջիւնը կը սարսափեցնէր պատահական անցորդները։ Կը յիշէի ընտանիքով պտոյտներ սարալանջերու վրայ, ուր գիւղի խաշնարածներու կը հանիպէինք եւ որոնք մեզ կ’ընծայէին ողորեայ փոքրիկ կողովներու մէջ խոճա եմիշի ըսուած, մեծերու համար անհամ, բայց ինձ համար անմահական վառ կարմիր եւ հիւթեղ վայրի պտուղը. հեռաւոր այազմաները[75], ուր որոշ տօներու ամէն կողմերէ կու գային կիներ ու տղամարդիկ, յոյն ու յունադաւան, րումելիցիներ, ալպանացի, սերպ, բոսնիակ, եբիրեցի պարտիզպաններ, այգեմշակներ, իրենց յատուկ տարազներով, որոնք կ’երգէին խումբերով, կը պարէին խումբերով եւ երբեմն կը մեներգէին եղեգնեայ սրինգի ընկերակցութեամբ։
Ու այդ բոլորը վերյիշելով վերստին կ’ապրէի, որոնց մասին երբեմն կը խօսէի անընդհատ եւ երբ կ’անդրադառնայի որ չեմ կարող ուրիշները վարակել իմ ոգեւորութիւնով, կը տխրէի, կը լռէի, բայց եւ սովորութիւն կը ստանայի գրելու այդ ետ մղուած զգացումներու եւ պատկերներու մասին։
Քանի դեռ ամառը հեռու էր, կը վերյիշէի Մալթեփէն քաղցրութեամբ եւ երանութեամբ, բայց քանի գարունը կը յառաջանար, այնքան այդ երանութիւնը կը փոխուէր անձկութեան, որովհետեւ, ամէն տարի, հայրս մշտնջենական նիւթական դժուարութիւններու մատնուած, կը վարանէր որոշում մը առնելու։
Եւ վերջապէս որոշումը կ’երթար առաջ Արթին ամուճային հետ, որ իր ծանօթներէն մէկուն ձիաքարշ սայլը կը վերցնէր։ Բեռները կը դնէին սայլին վրայ, Իւղաբեր մօրաքոյրս կը տեղաւորուէր իրեն համար սարքուած անկիւն մը եւ Արթին ամուճա սայլը կը քշէր։ Իրիկունը ամուճան առանձին կը վերադառնար եւ մեզ կը յայտնէր որ Քոքոնային տունը սենեակները վարձուած են։ Ան չէր սիրեր գիւղը եւ կ’արհամարհէր մեր ճաշակը։
– Ի՞նչ էք հասկցեր, պէ՜… կ’ըսէր ան, ատ գեղէն։
Երբ ի վարձատրութիւն իր կրած նեղութեան Երանիկ մօրաքոյրս կ’ըսէր իրեն.
– Ամուճա՛, օր մը դուն ալ գնա Մալթեփէ։
Արթին ամուճա կը բացագանչէր.
– Ես չէհիր ուշաղի[76] եմ, հազ չեմ ըներ գեղացիները, խամ մարդիկ են։
Այլեւս կրնայինք ճամբա ելլել։ Բայց այնքան մեծ էին հօրս դժուարութիւնները որ երբեմն շաբաթ մը կ’ուշանայինք իրականացնել մեր ծրագիրը։ Այդ միջոցին անհամբերութիւնը եւ ուրախութիւնը ինձ կը դարձնէին տենդոտ, տաքութիւնս կը բարձրանար. տնեցիները կը մնային տատամսոտ եւ խեղճ հայրս իր զով ձեռքերը կը դնէր ճակտիս վրայ, խարխափող մատները բազկերակիս, կը մատնուէր մտատանջութեան։
Ընդհանրապէս առաջին օրը հայրս մեզ կ’ընկերանար։ Կառքով կ’երթայինք մինչեւ Հայտար փաշա, ուր կ’առնէինք գնացքը։ Առաջին անգամ վայրաշարժը ինձ երեւցած է հսկայական մեծութեամբ։
Առաջուց գիտէի մեր անցնելիք կայարանները. հոգիս կը դողար յուզումով, երբ ծովը կը տեսնէի տարածուած մեր դիմաց, եւ փալփլուն՝ արեւի ճաճանչներէն։ Գնացքին մէջ կիները կը գանգատէին տաքէն, ծարաւէն, կը ձանձրանային անգործ նստելէն եւ աստիճանաբար ինքզինքս կը զգայի օտար եւ հեռաւոր իմ մերձաւորներէս։ Բայց հայրս կը հասկնար իմ զգացումներս եւ արձագանգ կու տար իմ բոլոր հետաքրքրութիւններուն եւ կրած տպաւորութիւններուն։
Այն վերջին տարին, որ Մալթեփէ գացինք, դպրոցի շրջանը աւարտելէ յետոյ, տասնըչորս տարեկան էի։ Նախորդ տարիներու զբօսանքները եւ խաղերը այլեւս նոյն հմայքը չունէին ինձ համար։ Իմ տարեկից յոյն գիւղացի տղաքն ալ փոխուեր էին եւ մեր մէջ եղած կապերը խզուեր էին։ Նոյնիսկ Եորկին, որ երեք տարով մեծ էր ինձմէ, կը քաշուէր ինձ հետ խօսելու եւ երբ տանը կից գոմին առաջ իրարու հանդիպէինք, ան կը մտնէր գոմ եւ կը պահուըտէր։ Երբ առանձին պտոյտի գացած միջոցիս, գիւղացի պատանի մը, վերյիշելով մեր սանձարձակ խաղերը, դէպի ինձ վազէր, ոեւէ պատահական գիւղացի կը սաստէր պատանին եւ յարգանքի կը հրաւիրէր։
Ես այլեւս երեխայ չէի։ Աշխարհը այլափոխուեր էր ինձ համար։ Աչքերս ուրիշ կերպ կը դիտէին շրջապատը, բնութեան տեսակները։ Ծովը այլեւս անսահման ջուրի տարածութիւն մը չէր, որուն եզերքը կիսամերկ կը խաղայինք խճաքարերու հետ, այլ կապոյտ ալեծուփ տարածութիւն մը, որ խորքը կը կազմէր իմ տարտամ երազներուս եւ ա՛լ աւելի տարտամ ցանկութիւններուս։ Իմ աչքերս տխրեր էին, դիմագիծերս հանգստացեր էին մանկական ծամածռութիւններէն եւ երբ երիտասարդ գիւղացի մը իմ անցքիս յունարէն լեզուով գովեստ մը ուղղէր, կը շառագունէի հակառակ իմ կամքիս։ Երբեմն միտքս կը սեւեռէր դպրոցի մէջ կրած տպաւորութիւններուս վրայ, բայց անոնք ալ հետզհետէ կը քողարկուէին մշուշով։ Մեծ եւ լայն բնութիւնը ինձ գրկեր էր ծոցին մէջ եւ իմ մարդկային բնազդներս կը զարթեցնէր ծովի մեղմ մրմունջներով, սիւքի քաղցր շոյանքով եւ հեռաւոր լեռներու կապոյտ տեսիլքով։
Այս ներամփոփ տրամադրութեանս կը նպաստէր նաեւ առողջական վիճակս, որ անգամ մըն ալ դարձեր էր մտահոգիչ։ Իմ շուրջս եղողները վերստին սկսեր էին դողալ ամէն բանէ եւ ինձ տրուած հոգածութիւնը եւ խորհուրդները զգացնել կու տային ինձ որ վտանգը դարանակալ կը սպասէր իմ կեանքի ճամբուս վրայ։
Երբեմն ծովեզերքը, ժայռի մը վրայ նստած, աչքերս յառած փերուզի պէս կապոյտ ծովին եւ տխրութեամբ կը մտածէի որ թերեւս շուտով պէտք է հրաժարիլ այս լուսահեռ աշխարհէն։ Մահը ինձ կը ներկայանար որպէս դաւաճան թշնամի, որուն դէմ պէտք է կռուիլ բոլոր միջոցներով։ Ինձ հետ բերեր էի Դուրեանի բանաստեղծութիւնները եւ անվերջ կը կարդայի եւ աստիճանաբար կ’իւրացնէի վաղամեռիկ երիտասարդի մը հոգեբանութիւնը։
Քանի՜-քանի՜ պատանիներ եւ երիտասարդուհիներ, մեր բանաստեղծական Սկիւտարի մէջ, մեռեր էին, «հողերը առեր պառկեր էին», մինչեւ վերջին շունչը երգելով իրենց յուսահատ թախիծը։ Անոնք թողեր էին անգիր երգեր, որ իրենց մերձաւորները, ծանօթները շրթունքէ շրթունք հաղորդեր էին։ Այդ տրտում եւ վաղամեռիկ երիտասարդներէն ոմանք, – որոնց անշուք շիրիմներուն վրայ ծննդեան եւ մահուան թուականները այնքա՜ն մերձաւոր էին – յանպատրաստից երգեր էին իրենց հուսկ երգը եւ իրենց աչքերը փակեր էին շքեղ վերջալոյսներու վրայ։
Արդեօք ես ալ մէկը չէի՞ այդ նախասահմանեալներէն…։ Ու մինակս ես ինձ մէջ ամփոփուած կը տանէի այդ ճնշիչ բեռը, որուն ծանրութիւնը յանկարծ զգացեր էի տարեկան քննութիւններէն յետոյ, երբ դպրոցը փակուելէ ետք ինքզինքս զգացեր էի մինակ եւ յոգնած։ Եւ այժմ Մալթեփէի մէջ, ինձ հարկադրուած անգործ եւ հայեցողական կեանքի մէջ յանկարծ որոշ շրջագիծ կը ստանար ինձ սպառնացող վտանգը։
Տենդը, ամէն իրիկուն, մեղմօրէն, բայց յամառօրէն կը սողոսկէր երակներուս մէջ, անքնութիւնը կը ջլատէր ուժերս եւ առաւօտեան դէմ միայն կ’ընկղմէի ծանր քունի մէջ, ընդհատուած դուրսի աղմուկներէն, գիւղական կեանքի յատուկ ձայներէն, աքլորներու զիլ երգը, եզներու բառաչիւնը, Քոքոնային գոռում-գոչումը Եորկին արթնցնելու համար, եւ վերստին ծանր քունը քրտինքի շոգիի մէջ։
Ո՜հ, անգութ գեղեցկութիւնը անանցանելի բնութեան, որու առաջ անցնող ստուեր մըն է իմ նորազարթ երիտասարդութիւնս։ Երբ կռնակի վրայ պառկած կը դիտեմ երկնակամարը եւ ճերմակ ու թեթեւ ամպերը, որոնք ցիր ու ցան ժանեակներու պէս կը զարդարեն երկինքը, ուժգնօրէն կը խորհիմ որ ես ինքս պիտի ընկղմիմ անոր մէջ։ Ես չեմ հաւատար յետ մահու կեանքի եւ մտածումէս միանգամ ընդմիշտ վտարուած են կրօնական զգացումները, եւ այդ սփոփարար է։ Չկայ իմ մէջ սարսափ, այլ տեսակ մը ընկրկում եւ արդէն իսկ մահուան յաղթահարելու տրամադրութիւն եւ ահա, փոխանակ երթալու այն արահետներէն, որ սկիւտարցի հանճարեղ բանաստեղծը բացեր է կթոտ քայլերով, ես կը գրեմ իմ բանաստեղծութիւնս, արձակ, իմ յատուկ բնութեանս դրդումով։
«Ո՜հ մահ, որ ծներ ես ինձ հետ, որ եղեր ես իմ երկուորեակը, կ’ուզեմ քեզ ճանչնալ ու նայիլ քու աչքերուդ շեշտ նայուածքով Մի սպառնար ինձ որպէս ինձ անծանօթ պատուհաս, դուն կաս, որովհետեւ ես կամ, ու առանց ինձ դու սին ստուեր մըն ես, ծիծաղելի խրտուիլակ»։
Բանաստեղծութիւնը կը վերջանար մահուան դէմ յարձակողականով. «Եւ ես կը յաղթեմ քեզ նոյնիսկ մահուանս րոպէին... » եւ այլն։
Այն տարին ամառային շքեղ եւ արեւաշող օրերը տեւեցին մինչեւ աշնան վերջերը։ Այգուն առաջին ժամերէն յետոյ, օդի շարժում մը զգալի կ’ըլլար եւ ցանցառ ամառանոցայինները, «հիւրերը», դուրս կու գային իրենց փակ փեղկերով տուներէն։ Ոմանք կ’երթային դէպի բարձրութիւն մը, ուր հինաւուրց եւ ամայի ապարանքի մը առաջ մենաւորիկ մայրի մը իր լայն ճիւղերը կը տարածէր։ Ոմանք ալ կ’իջնէին ծովափ, քիչ մը զովութիւն յուսալով։ Մօտիկ եւ հեռաւոր բանջարանոցներու մէջ արտեզեան հորերը կը սկսէին ճռնչել եւ հետզհետէ կը լսուէր գոմ դարձող անասուններու երկարաձիգ բառաչիւնը։
Գիւղի փողոցներէն անցած ատեն կը զգայինք քախցուի, խմորման մէջ եղող ճզմուած խաղողի բարկ հոտը. մինչ սեմերու վրայ նստած պառաւ եւ ժիր գեղջկուհիներ գուլպայ կը հիւսէին արտորալով եւ անընդհատ շատախօսելով։ Եւ ամէն փողոցներու բերնէն կը տեսնուէր Մարմարան իր փերուզէ պսպղուն կապոյտով։
Ծովը ընդհանրապէս խաղաղ էր իր գրեթէ անծալ մակերեսով։ Որոշ ժամերու, երբ օդը նպաստաւոր ըլլար, պահ մը կ’ուրուագծուէր եւրոպական ափունքը եւ կ’անհետանար իսկոյն լուսեղէն մշուշի մը ետեւ։ Բայց Մարմարայի գլխաւոր զարդը կը կազմէին Իշխանաց կղզիները իրենց յարափոփոխ երեւոյթներով։
Այգուն առաջին ժամուն այդ կղզիները եթերային թեթեւութիւն մը կը ստանային։ Անոնք կարծես փետուրի պէս կը ծփային զով կուրծքին վրայ։ Քանի ժամը կը յառաջանար, անոնք կ’ամրանային, շրջանագիծ կը ստանային եւ միջօրէին շքեղ եւ դալար փունջերու պէս կը խրոխտային իրենց գեղեցկութեան մէջ։ Երեկոները, վերջալուսային ցոլքերով վառուած, փոխն ի փոխ խառնուելով եւ անջատուելով երկինքի շառագոյն ամպերէն, կարծես պայքարի կը մտնէին աներեւոյթ զօրութիւններու հետ։ Ծովափին վրայ մեր պտոյտի ընթացքին, մեր տեսողութեան մէկ կէտէն միւսը անոնք երբեմն կը կուտակուէին, երբեմն կը հեռանային իրարմէ, շարքով կեցած նաւերուն նման, որոնք իրենց ցռուկները կ’ուղղեն անվերադարձ մեկնումներու։
Աստղային գիշերներու մէջ, անոնք կը խարսխէին իրենց տեղերուն վրայ եւ անոնց ծովափնեայ կողերուն անհամար լոյսեր կը վառուէին։ Երբեմն ճերմակ նաւակ մը կ’անջատուէր անոնցմէ եւ յունական սիրահրաւէր երգ մը կը թրթռար օդին մէջ հետզհետէ մերձենալով։
Կէս գիշերին, մթին ու ամուր, որոնք կը բարձրանային ամբարտակներու նման եւ կարծես կը խոկային իրենց առանձին գոյութիւններուն մէջ։ Լուսինը իր արծաթեայ շողերը կ’անձրեւէր ծովուն վրայ եւ կոհակներու կատարները կը պսպղային սատափեայ քթթումներով։
Այն ժամանակ դեռ շոգենաւեր չէին երթեւեկեր կղզիներուն եւ ասիական ափունքին միջեւ։ Միայն ձկնորսներ կը մօտենային մէկ կամ միւս կղզիին ամայի ափունքին եւ մեր ծովափը կը բերէին ցողաթուրմ եւ լիքը ուռկաններով կարմրախայտեր, սարդիններ եւ ուրիշ արծաթագոյն մանր ձուկեր։
Նոյն տարին, Օգոստոս ամսուն, մեր հարեւան տունը վարձուեցաւ։ Քոքոնան, երբ վերադարձող կովերուն կաթը կը կթէր մատներու արագ եւ րիթմիկ շարժումներով, մօրաքրոջս յայտնեց որ գալիք վարձուորները թրքուհիներ են։ Քանի մը օր ետքը թրքուհիները եկան։ Անոնք երկու հոգի էին. տարեց կին մը եւ հազիւ տասնըհինգ տարեկան աղջիկ մը՝ Ֆայիզէ։
Ֆայիզէ տարի մը առաջ հայրը կորսնցուցեր էր թոքախտէ եւ մայրը կրկին ամուսնացեր էր։ Անիկա նիհար եւ տժգոյն աղջիկ մըն էր, սեւ երազուն աչքերով եւ բարակ յօնքերով, որոնք կը միանային իրարու թեթեւ աղուամազով մը։ Առաջին օրէն մեր նայուածքները իրարու հանդիպեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւնով եւ շուտով առիթը գտանք իրարու հետ ծանօթանալու։
Տարեց կինը մեծ մայրն էր։ Ան առաւօտէն մինչեւ իրիկուն անդադար կը գանգատէր չար բախտէն, որ զինքը հարկադրեր էր գալ Մալթեփէ, այդ անշուք ամառանոցը, թոռնուհիին պատճառով։ Ան կը գանգատէր տաքէն, մժեղներէն եւ դրկից ախոռներէ արտաշնչուող հոտերէն։
Իրիկնային ժամերուն, երբ Գայըշ Տաղըի կողմէն զով սիւքը կը փչէր, Ֆայիզէի մեծ մայրը կու գար կը նստէր պատին կռթնած նստարանի մը վրայ, Քոքոնային հետ կողք կողքի եւ անոր կը պատմէր իր տէրտերը։ Քոքոնան անընդհատ կը հիւսէր եւ պառաւ թրքուհին անվերջ կը ծխէր։
Նիհար, գրեթէ չորցած Քոքոնան երբեմն ընդոստ ոտքի կ’ելլէր եւ աղմուկով կը վռնտէր թռչունները խաշած հատիկներու վրայէն, որ փսիաթի մը վրայ տարածած էր չորցնելու համար։
Այդ շատախօս կիներուն քով լուռ նստած իրարու կը նայէինք, կարծես իրար կը հարցափորձէինք։ Ֆայիզէ գլխուն վրայ կը կրէր ճերմակ քող մը, որ ասեղնագործուած էր ճակտին վրայ։ Օր մը ինձ նուիրեց նման քող մը, որպէսզի կարենանք միասին պտոյտի երթալ ծովեզերք։
Այդ օրէն սկսեալ միասին կ’երթայինք այգիներն ու պարտէզները, կ’երթայինք արտերը, ուր գիւղացիներ իրենց ցորենը կը կալսէին, կը նստէինք կալսին վրայ եւ շուրջանակի կը դառնայինք ցորենի դէզերուն շուրջ, կիզիչ արեւին տակ։ Յետոյ կ’երթայինք դէպի ձիթենիները գիւղին սահմանին վրայ, ուրկէ վտիտ առու մը կ’իջնէր դէպի ծովը։
Ձիթենիի մը տակ նստած մինչեւ ուշ ատեն կը խօսակցէինք։ Ֆայիզէ շարունակական յուզման մէջ էր։ Ան յուզմունքով կը խօսէր ամէն բանի վրայ, մանաւանդ մօրը կրկին ամուսնութեան մասին, որ զինքը շատ վշտացուցեր էր։
Ֆայիզէ բծախնդիր հոգածութիւն ունէր իր գեղեցկութեան, մորթին փափկութիւնը պահպանելու, արդուզարդի եւ այլ այս կարգի բաներուն մասին։ Պզտիկ հայելիի մէջ յաճախ կը դիտէր իր դէմքը եւ գոհունակութեամբ կը ժպտէր։ Իրիկունը, յանկարծ երկուքս մէկ զգացինք օտար մարդու մը ներկայութիւնը։ Ոտքի ելանք եւ ետեւ դառնալով տեսանք բոկոտն եւ թուխ երիտասարդ մը, որ ֆէսը մինչեւ յօնքերը իջեցուցած, գիշատիչի աչքերով մեզ կը դիտէր։ Ձեռքը բռնած էր նոր կտրուած ծառի ոստ մը, որ երբեմն կը զարնէր ձիթենիի մը բունին։
Տեղը ամայի էր, եւ բաւական հեռու էինք գիւղէն։ Առաջին անգամ իրական սարսափը գրաւեց հոգիս։ Մարդը դանդաղ քայլերով մօտեցաւ մեզ եւ թրքերէն լեզուով ժամը հարցուց։ Այն ատեն Ֆայիզէ հրամայեց մարդուն որ կանգ առնէ։ Մարդը կեցաւ եւ մենք շտապով հեռացանք։ Երբ ծովեզերք հասանք, սկսանք վազել առանց ետեւ նայելու եւ շնչասպառ վիճակի մէջ հասանք գիւղի առաջին տուները։
Յոյն երեխաները կը խաղային ասդին-անդին։ Ձկնորսի նաւեր մեղմօրէն կը ծփային իրենց տեղերուն վրայ, կապուած նաւամատոյցներու գերաններուն։ Յունական ընտանի բարբառը կը լսուէր ամէն կողմերէ։ Այն ատեն կանգ առինք եւ նստեցանք շունչ առնելու համար։ Ես հիացած կը նայէի Ֆայիզէին. ան ըսաւ խուլ ձայնով . – Կ’ուզէր մեզ բռնաբարել։
– Թո՞ւրք էր, հարցուցի։
– Ի հարկէ, ըսաւ Ֆայիզէ շնչատ ձայնով. րայա[77] մը պիտի չհամարձակէր մօտենալ թրքուհիի։
Որոշեցինք այլեւս երբեք չերթալ ամայի վայրեր եւ պատահածը ծածկել մեր ծնողներէն, որպէսզի արգելք չըլլան մեր ազատ պտոյտներուն։
Նահատ պէյ, Ֆայիզէի մօրեղբայրը, յաճախակի կու գար Մալթեփէ իր քրոջ աղջկան առողջութեանը մօտէն հետեւելու համար։ Հազիւ երեսուն տարեկան, ան թուխ երիտասարդ մըն էր որուն ակնոցներուն ետեւէն սեւ աչքերը խոր թախիծ կ’արտայայտէին։ Ան կը խօսէր մեղմօրէն եւ կը վարուէր ամենուն հետ անխտիր ծայրայեղ քաղաքավարութեամբ։ Ֆայիզէ շատ կը սիրէր մօրեղբայրը եւ յաճախ կը խօսէր ինձ անոր մասին։ Մենք այլեւս գիտէինք իր ժամանման օրերը եւ ժամը ու Ֆայիզէի հետ կ’երթայինք կայարան, դիմաւորելու։ Երբ գնացքէն իջնող մարդոց մէջ կը նշմարէինք իր ակնոցները, ուրախութեամբ կը վազէինք դէպի ան։ Նահատ պէյ մեզ կը ժպտէր եւ նիհար ձեռքը տանելով ֆէսին՝ կը բարեւէր յարգանքով։ Յետոյ ոեւէ պատրուակով մեզմէ կը հեռանար եւ մեզ կը պատուիրէր տուն դառնալ եւ ճամբաներուն վրայ իրեն չսպասել։ Մենք դժկամութեամբ կը կատարէինք իր պատուէրը եւ օր մը ես ինքս բողոքեցի։
Այն ատեն երիտասարդ բժիշկը ընդոստ դարձաւ ինձ, խոր հառաչեց եւ ըսաւ.
– Ուրեմն, քիւչիւք հանըմ[78], ճշմարտապէս ուրա՞խ էք ինձ տեսնելով…
Իր տղան, Ֆայիզէի հայրը, «սխալմունք»ի մը հետեւանքով, որովհետեւ «անանկ մարդ չէր», քաղաքական յանցանքով աքսորուեր էր Սինոպ, ուր վաստակեր էր «այդ հիւանդութիւնը»։ Իրենք տարիներով քարշ եկեր էին դռները, ինկեր էին աժեմին-չաժեմին ոտքը եւ վերջապէս յաջողեր էին ստանալ աքսորականի շնորհը։ Բայց Ֆայիզէի հայրը վերադարձեր էր անճանաչ ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս եւ տարի մը առաջ մեռեր էր, մինչեւ վերջին շունչը խեղդուելով զայրոյթէն։
Իրիկուն մը, վերջապէս, Նահատ պէյ եւ հայրս հանդիպեցան իրարու, ինչ որ բուռն կերպով կը ցանկայի։
Թուրք բժիշկը մեծ վստահութեամբ խօսեցաւ հօրս հետ ընդհանուր թշնամիին, սուլթանական բռնապետութեան դէմ եւ նկարագրեց թէ ի՛նչպէս գաւառներու եւ նոյնիսկ մայրաքաղաքին մէջ թուրք երիտասարդութիւնը ենթարկուած էր անողոք հալածանքի։ Անհամար ուսանողներ զոհ գացեր էին եւ անհամար ուրիշ երիտասարդներու գլխուն սպառնալիքը կախուած էր։ Ամէն կողմ լրտեսներ կը վխտային, նոյնիսկ տուներու մէջ, եղբայրը եղբօրը չէր կրնար վստահիլ… պարզ կասկածի վրայ ձերբակալուածները անհետ կը կորսուէին։ Շոգենաւը կը լեցնէին աքսորականները եւ Սարայ Պուրնիի բաց ծովը կը թափէին այդ թշուառները, որոնք կ’անհետանային հոսանքի մէջ։
Թուրք բժիշկը այս բոլորը պատմելով ա՛լ աւելի կը տխրէր եւ ատենը մէկ կը հառաչէր.
– Եազըք պիզէ՜… Եազըք…[79]։
Հասկցայ որ հայրս տեղեակ էր այդ դէպքերուն եւ լրջութեամբ մտիկ կ’ընէր. երբեմն միայն մանրամասնութիւն մը կը հարցնէր, որուն բժիշկը կը պատասխանէր բարեխղճութեամբ։ Ես կը սպասէի որ հայրս հարցում ուղղեր նաեւ Անատոլուի մէջ հայերուն պատահած դէպքերու մասին, բայց հայրս լռութիւն կը պահէր։ Վերջապէս բժիշկը ինքնաբերաբար անդրադարձաւ այդ խնդրին։
– Անշուշտ տեղեակ էք, ըսաւ ան հօրս, թէ ինչե՜ր կը պատահին հայաբնակ գիւղերու մէջ։ Ի՜նչ զեղծումներ, ի՜նչ ապօրինի արարքներ… բայց թուրք գիւղացիներն ալ ենթարկուած են նոյն տերեպէյիներու[80] անխիղճ կեղեքումներուն։ Ամբողջ խնդիրը այն է որ միանանք եւ միացած ուժերով տապալենք բռնապետութիւնը։
Հայրս լուռ կը լսէր։
Բժիշկը, որոշ չափով յուսախաբ հօրս լռութենէն, խօսեցաւ իմ եւ Ֆայիզէի առողջութեան մասին։ Իր կարծիքով նոյն հիւանդութենէն կը տառապէինք – յամառող անարիւնութիւն։ Բժիշկը լաւատես էր. իր կարծիքով պէտք էր ժամանակ շահիլ։
– Քանի տարիները անցնին, այնքան վտանգը կը հեռանայ, ըսաւ ան, եթէ շրջապատող պայմանները լաւ ըլլան։ Եւ ինձ դառնալով՝
– Կը սիրէ՞ք, ըսաւ նաւակով պտոյտները ծովուն վրայ։
Սա իմ վաղեմի երազս էր եւ երախտապարտութեամբ ժպտեցայ բժիշկին։
Անգամ մըն ալ անոր տխուր աչքերը սեւեռեցան իմ վրաս. անիկա խոր հառաչեց եւ դառնալով հօրս ըսաւ.
– Ե՞րբ արդեօք մեր եւ ձեր միջեւ կանգնած պատնէշները պիտի քանդուին։
Հայրս դարձեալ լուռ մնաց։
Քոքոնան գտաւ յոյն վստահելի նաւավար մը եւ նաւակը վարձեցինք ինձ եւ Ֆայիզէի համար։ Ամեն ինչ կարգադրուեցաւ ինչպէս երազի մէջ կարծես հմայքով։
Մայրամուտի մօտ երկուքով կ’երթայինք ծովեզերք։ Կը քալէինք ծովափէն մեր ճերմակ քողերով գլուխնիս ծածկած։ Անսահման երաժշտութեան պէս կը լսէինք ծովին րիթմիկ երթեւեկը, որուն կոհակները կու գային մինչեւ մեր ոտքերուն առաջ եւ մրմնջալով կը մարէին իրենց փրփուրներուն մէջ։
Երբեմն քամին յանկարծ կը բարձրանար, մեզ շնչասպառ կ’ընէր եւ փրփուրի ծուէններ կը տանէր մինչեւ ժժմակներու փշուրներու վրայ, պատառոտուն ժանեակի մը պէս։ Չմեկնած կամ արդէն նոր հասած ձկնորսի նաւեր, փայտաշէն նաւամատոյցներու կողքին, յանկարծ շարժման մէջ կը մտնէին եւ իրենց տեղերուն վրայ պահ մը կ’ալեկոծուէին։
Յետոյ յանկարծ ծովը կ’անշարժանար։ Կը դիմէինք դէպի մեր նաւակը, կը նստէինք կարմիր թաւիշէ նստարանին վրայ քով քովի։ Այդ միջոցին Անասթաս, յոյն նաւավարը, թեւերը սոթտած, թիերը կը շարժէր եւ նաւը մեղմիկ կը բացուէր։
Արեւը կը թեքուէր հորիզոնին վրայ եւ նաւակը կ’երթար ու կու գար ափունքին հետեւելով։ Երբեմն նաւավարը կը խանգարէր մեր խոհուն լռութիւնը եւ կը սկսէր խօսիլ իր հոգերուն վրայ։ Պարտքով գնած էր նաւակը եւ կը յուսար որ բացի վարձքէն, նուէր մըն ալ պիտի ստանար։ Իր նպատակն էր այս նաւակը ծախել եւ աւելի մեծ նաւ մը գնել, որով կարենար երթեւեկել կղզիներուն եւ ասիական ափունքին միջեւ։ Այն ատեն մտադիր էր ամուսնանալ։
Իրիկուն մը ուրիշ նաւակ մը երեւցաւ ծովուն վրայ։ Անիկա մասնաւորի գեղեցիկ նաւ մըն էր, յունական տարազ հագած նաւավարով։ Նաւորդը հիւանդ երիտասարդ մըն էր, հասած հիւծումի ծայրայեղ աստիճանին։ Անոր տժգոյն ճակատին վրայ բարկ յօնքերը վեր թառած, սրդողած մարդու արտայայտութիւն մը կու տային դէմքին։ Բայց առաջին հանդիպումէն իսկ երիտասարդը մեզ նայեցաւ եւ տկար ժպիտ մը երեւցաւ անոր շրթներուն վրայ։
Մինչեւ ուշ ատեն երկու նաւակները երթեւեկեցին եւ վերջապէս կանգ առին տարբեր նաւամատոյցներու առաջ։
Հետեւեալ օրը, ծովուն վրայ կրկին հանդիպեցանք հիւանդ երիտասարդին։ Անոր լայնաբիբ աչքերը մեզ երկուքիս նայեցան հաճոյքով։ Յետոյ նաւակները հեռացան տարբեր ուղղութիւններով բայց ետեւ դառնալով տեսանք որ երիտասարդը նոյնպէս ետեւ դարձեր էր եւ կը ժպտէր մեզ։ Ֆայիզէ հառաչեց եւ յանկարծ ժպիտը սառեցաւ շրթներուն վրայ։
Արեւը մայր պիտի մտնէր եւ երկնակամարը բոցավառ, ոսկի կը տեղար ծովուն վրայ։ Հարաւային թեթեւ քամի մը կ’ուռեցնէր ծովը եւ կոհակները լայննալով նաւակը կարծես կը գրկէին, յետոյ կը բարձրացնէին։ Թեթեւ գլխապտոյտ մը մեզ տարտամ կը դարձնէր, կարծես գինով էինք։
Յանկարծ նշմարեցի որ Ֆայիզէ տժգոյն է սովորականէն աւելի։ Անիկա կը դողար կզակը կափկափելով։
Կը յիշեմ անձկութեան օրերը, տագնապալի գիշերները։ Ֆայիզէ թոքերու բորբոքումէ կը տառապէր։ Ան ապաքինեցաւ, ոտքի ելաւ, բայց Նահատ պէյ տարակոյսով կը շարժէր գլուխը եւ հօրս կ’ըսէր որ այդ հիւանդութիւնը դաշոյնի հարուած մըն էր խեղճ աղջկան համար։
Ֆայիզէ հետզհետէ կը դառնար փետուրի պէս թեթեւ եւ նուաղկոտ։ Գլուխը ծածկած ճերմակ քողով անիկա կարծես տեսիլք մըն էր անիրական եւ հեռաւոր։ Անոր գեղեցկութիւնը հասեր էր իր լրումին, անցնելու մօտ եղող էակի մը գեղեցկութիւնը, որ արդէն կտրուած է այս աշխարհէն։
«Եթէ խօսի, կ’ըսես հիմա կը մարի»…
Իրիկուն մը Ֆայիզէ, գլուխը ճերմակ բարձին վրայ, ինձ խօսեցաւ անծանօթ երիտասարդին վրայ եւ խնդրեց որ մինակս կատարեմ նաւակով պտոյտը եւ այդպիսով մեր հաղորդակցութիւնը վերահաստատենք։
Ու մինակս նստած կարմիր թաւիշէ նստարանին վրայ, տխրութեամբ կատարեցի Ֆայիզէի պատուէրը, բայց միւս նաւակը չկար այլեւս։ Անծանօթ երիտասարդը, որ յուզեր էր մեր սիրտը, անդարձ անհետացեր էր մեր հորիզոնէն։ Ի զուր իմ նաւակս կ’երթեւեկէր Մալթեփէի առաջ… Յանկարծ ծանր տխրութիւն մը տիրապետեց ինձ. ես ալ այդպէս երթայի եւ անհետանայի անդարձ եւ նաւակս այլեւս չժամանէր ոչ մէկ ափունք… Ու իմ ցաւս օրօրելու համար գիշերները միտքովս կ’երգէի… Երգ չէր այդ, այլ տեսակ մը րիթմ, որ մտածումս կը տանէր իր համաչափ ճօճումին մէջ։ Երկու տարի յետոյ, վերյիշելով այդ պահը, գրեցի «Նաւակը» արձակ բանաստեղծութիւնը։ Ան հրատարակուեցաւ եւ վերհրատարակուեցաւ քանի մը անգամներ։ Նոյնիսկ թարգմանուեցաւ Ֆրանսերէնի եւ հրատարակուեցաւ Ռընէ Կիլի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող պարբերականի մը մէջ եւ ոչ ոք չգիտցաւ՝ որ այդ բանաստեղծութիւնը ինձ ներշնչողը Շահապետտին անունով հիւանդ երիտասարդ մըն էր որ մեռեր էր յանկարծ արիւն փսխելով, նաւակով պտոյտի միջոցին եւ թերեւս փնտռելով այն երկու քողարկուած աղջիկները, որոնց հետ, հրաշալի վերջալոյսի մը մէկ պահուն, տժգոյն ժպիտ մը փոխանակեր էր։
Անչափ եռանդով անձնատուր եղեր էի ընթերցանութեան։ Առաջին անգամ որ Ֆրանսերէն գիրք մը կարդացի, մինչեւ վերջը գրեթէ ամբողջովին հասկնալով, նոր հորիզոններ բացուեցան իմ առաջ։
Դպրոցը աւարտելէ յետոյ կտրուեր էի այն մարդոցմէ, որոնք մեզ հրահրուած վիճակի մէջ կը պահէին։ Մտեր էի ինքնամփոփումի շրջանի մը մէջ։ Ինքզինքս կը զգայի յոգնած, ինչպէս եթէ հիւանդութենէ մը դուրս ելած ըլլայի։ Միւս կողմանէ կառավարութիւնը կարծես մեղմացուցեր էր իր խստութիւնները։ Ընդհանուր ներումի հետեւանքով շատ մը բանտարկեալներ տուն վերադարձեր էին. նոր ձերբակալութիւններ չկային եւ ազգային բրոբագանտը որոշ չափով թուլցեր էր. ան անշուշտ ստացեր էր ուրիշ կերպարանք եւ ես հեռու կը գտնուէի առժամանակեայ կերպով անոր ազդեցութեան շրջանակէն։
Ժամերով կ’առանձնանայի սենեակս եւ կը կարդայի։ Ուրիշ հարցեր եւ խնդիրներ սկսան ինձ զբաղեցնել եւ առաջին հերթին իմ դպրոցական ընկերուհիներուս եւ դեռ ուրիշ ծանօթ բարեկամուհիներու դրութիւնը, որոնք հակամարտութեան մէջ էին ոչ միայն հասարակութեան կարծիքին հետ, այլեւ իրենց ընտանիքին, իրենց ծնողներուն եւ գլխաւորաբար իրենց հօր հետ։
Այդ նորահաս աղջիկները առանձին դուրս չէին կրնար ելլել, անոնցմէ ոմանք ստիպման տակ էին ամուսնանալու այնպիսի մարդոց հետ, որոնց նկատմամբ ատելութիւն եւ արհամարհանք ունէին։ Ազատ չէին հագնելու ինչպէս կ’ուզեն, վարուելու ինչպէս յարմար կը գտնեն, վերջապէս անոնք զրկուած էին ամենատարրական ազատութիւններէ եւ կզգային որ ուշ կամ կանուխ պիտի մտնէին ծնողական ցանկապատին մէջ, ուրկէ դուրս գալու եւ նոր կեանք մը ստեղծելու ցանկութիւնը ունեցեր էին։
Այդ օրերուն մեր կողքի տունը նոր վարձուորներ եկան։ Այդ նոր ընտանիքը սգաւոր էր եւ իրենց տղան, Միհրան, որուն քոյրը նոր մեռեր էր, իմ ուշադրութիւնս գրաւեց, որովհետեւ մօրաքոյրերս ըսին որ տարօրինակ կերպով կը նմանի Զմբայենց Պետրոսին (Պետրոս Դուրեանին)։
Շուտով եղանակը գտանք իրարու հետ բարեկամանալու։ Գիրքեր փոխ կու տայինք իրարու եւ կը խօսէինք մեր ըրած ընթերցումներուն վրայ։ Մեր տեսակցութիւնները տեղի կ’ունենային պարտէզի կողմի պատշգամբին վրայ, որ բաժնուած էր ցանկապատով մը։ Միհրան ամէն բանէ վեր կը դասէր Դուրեանի բանաստեղծութիւնները եւ երբեմն կ’արտասանէր յուզումով եւ զգացումով եւ ես մտածելով Դուրեանին կը նայէի իր կամարաձեւ յօնքերուն, որոնք կը գտնուէին իր տժգոյն ճակատին վրայ։ Եւ իրիկուն մը, երբ վարանող շարժումներով ինձ վերադարձուց փոխ տուած գիրքս, հասկցայ որ արտասովոր բան մը կայ եւ սիրային նամակ մը գտայ գիրքին մէջ։
Մեր պատանեկան սէրը կը կայանար իրարու հանդիպիլ ցանկով բաժնուած պատշգամբին վրայ, խօսիլ բանաստեղծութիւններու մասին եւ ստանալ իրմէ յասմիկի փունջեր. ըսեր էի որ նախասիրած ծաղիկս է յասմիկը։
Եւ օր մըն ալ նախաձեռնակ եղայ այցելութիւն մը կազմակերպել Դուրեանի շիրիմին։
Խեղճ տղան չհամարձակեցաւ մերժել, բայց անտարակոյս այն կարծիքը ունէր որ մեծ քաջագործութիւն մըն է աղջկան մը ժամադրութիւն տալ տունէն դուրս։ Երբ երեկոյին որոշուած ժամուն Միհրանը գտայ գերեզմանատան դրան առաջ, ան դողահար վիճակի մէջ էր։ Ես ջանացի անտարբեր երեւոյթ մը առնել եւ խօսիլ ասկէ անկէ, բայց կը զգայի որ չէի յաջողեր փարատել խեղճ երիտասարդին մտահոգութիւնը։
Սկսանք յառաջանալ անխօս։ Երբ Դուրեանի շիրիմին հասանք, մինակ էինք։ Միհրան այնքան տժգոյն էր որ վախցայ թէ պիտի հիւանդանայ։ Մեղմօրէն ձեռքը առի եւ սեղմեցի զինքը պաշտպանելու համար իր տկարութեան դէմ։ Յետոյ մոռցայ ամէն ինչ եւ ուժգնօրէն թափանցուեցայ Դուրեանի յիշատակով։ Խոր զգացում մը ինձ գրաւեց ամբողջովին։ «Սկիւտարի վերջալոյսներ» շարքին մէջ ջանացած եմ արտայայտել իմ այդ օրուան կրած տպաւորութիւնս։ Շքեղ վերջալոյս մը իր բոցավառ շողերով խորքը կը կազմէր մեր այդ պահու յուզումին։ Թռչուն մը յուսահատօրէն կ’երգէր բազկատարած թմբիի մը վրայէն։ Կարծես տապանաքարերը, անոնց հովանի եղող սաղարթագեղ ծառերը մեզ կը դիտէին զարմացած։ Հետզհետէ ուրիշ երիտասարդներ ալ եկան եւ առաջին րոպէներու վարանումէն յետոյ հաղորդակցութիւն հաստատուեցաւ մեր մէջ։ Խումբով կանգնած վաղամեռիկ բանաստեղծի շիրիմին առաջ, նոյն տրամադրութեամբ վարակուած, խորասուզուեցանք մտածմունքներու եւ երազանքի մէջ։ Հետագային յաճախ գացեր եմ այցելութեան եւ միշտ այնտեղ գտեր եմ առանձին կամ խմբով երիտասարդներ։ Այդ շիրիմը իմ ժամանակի եւ հետեւեալ սերունդի երիտասարդներուն ուխտատեղին էր։
Այդ իրիկուն, Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ մենք հասեր էինք մեր գունատ սիրոյ գագաթնակէտին, գոնէ ինձ համար այդպէս էր։
Դարձեալ մեր պատշգամներուն վրայ իրարու փոխ կու տայինք գիրքեր, դարձեալ Միհրան ինձ համար կը ճարէր յասմիկներ, բայց այլեւս կը ջանայի մեղմօրէն վերջ դնել Միհրանի սրտազեղումներուն, որոնք ինձ կը թուէին անհարկի եւ յաճախ ծիծաղելի։
Ես իմ տուրքս տուեր էի պոլսական սանթիմանթալիզմին եւ այլեւս այդ կարգի բան չպատահեցաւ ինձ։
Այդ օրերուն իմ ուշադրութիւնս գրաւեցին երկու բարեկամուհիներ, որոնք պայքարի մէջ էին իրենց ընտանիքներուն հետ։ Անոնք երկուքն ալ ինձմէ երեք-չորս տարիով մեծ էին, բայց յաճախ կու գային ինձ մօտ, դառնօրէն կը գանգատէին իրենց գլխուն եկածներէն եւ որոշում կը կայացնէին ըմբոստութեան դրօշը պարզել։ Անոնցմէ մէկը՝ Էօժէնի, ամէն իրիկուն տուն կը դառնար գլխիկոր, փարախը մտնող ոչխարի պէս եւ կ’ենթարկուէր անտրտունջ բարբարոս հօրը զայրոյթներուն։ Միւսը՝ Վերգինէ, որ քանի մը տարի յետոյ դարձաւ Տիրան Չրաքեանի (Ինտրայի) կինը, աւելի ըմբոստ էր եւ իր անկախութիւնը ապացուցանելու համար կը դիմէր արտասովոր միջոցներու։ Ան կտրել տուաւ իր մազերը – ինչ որ շատ անսովոր բան էր այն ժամանակ – կը հագուէր չափազանց պարզ եւ տղամարդու փողկապ կը կրէր։ Այդ բոլորը ինձ կը թուէին զարմանալի։ Բնաւ անհրաժեշտ չէի համարեր ես ինքս արտաքին ձեւերու մէջ արտայայտելու իմ ազատութիւնս, բայց Վերգինէ կը համարէր որ այդ անհրաժեշտ էր խորտակելու համար իր շրջապատի բռնութիւնը։ Անոնք երկուքն ալ կը խօսէին այն բանի մասին թէ պէտք է դուրս գալ «տափակ կեանք»է եւ բան մը ընել. բայց ի՞նչ ընել… Իրենք ալ չէին գիտեր ու յաճախ կ’իյնային տխրութեան եւ յուսահատութեան մէջ։
Միասին կը կարդայինք տիկին Տիւսաբի գիրքերը եւ ֆեմինիստ հեղինակի երկին մէջ կը ջանայինք դարման մը գտնել մեզ յուզող հարցերուն։ Մեզ երբեմն կը միանար Արշակուհի, որ կը բնակէր Սամաթիա, բայց յաճախ Սկիւտար կու գար ազգականներու մօտ։ Այդ աղջիկները կը համարէին որ ես բացառիկ դրութեան մէջ եմ, քանի որ լուսաւորեալ հայր մը ունիմ, որ ինձ արգելք չի հանդիսանար։ Խնդիրը այն էր որ ես առանց երկար-բարակ մտածելու սովոր էի գործնականապէս պայքարիլ արգելքներու դէմ, երբ անոնք ներկայանային եւ հօրս ազատախոհութիւնը բաւական չէր իմ ճանապարհէս հեռացնելու այն բոլոր արգելքները, որ յետամնաց մտայնութեամբ քաղքենի հասարակութիւնը ճնշիչ կերպով կը դնէր մեր ամենուս վրայ։ Կեանքը ինձ ցոյց տուած է որ այդ պայքարը անողոք է եւ շարունակական։
Ինչ որ կը յուսային ինձմէ իմ ընկերուհիներս, այն էր որ ես գրէի այդ նիւթերու վրայ, վերջապէս բան մը ընէի. բայց ի՞նչ, չէինք կարող բանաձեւել։
Հետաքրքրական է այն բանը, որ այդ ընկերուհիներէս ոչ մէկը չէր գրաւուած ազգայնական բրոբականտէն։ Այդ խնդիրները շատ դուրս կը մնային եւ հեռաւոր նպատակներ կը հետապնդէին, մինչդեռ իրենք ամէն օր կը տառապէին իրենց շրջապատէն եւ ստիպուած էին տեղի տալ իրենց ամենէն օրինաւոր իրաւունքներուն մէջ։ Կ’ուզէին ուսմունք ստանալ, մասնակցիլ հասարակական կեանքին, ընկերներով պտոյտի երթալ, հաւաքուիլ, ճամբորդել, եւայլն։ Բայց եթէ այդ աղջիկներէն մէկը համոզուած ըլլար որ հնչակեան գրուելով (այն ատեն դաշնակցականներ դեռ չկային) կարող պիտի ըլլային խորտակել հօրը կամ ընտանիքին ուրիշ մէկ անդամի մը բռնութիւնը, այդ կ’ընէր։
Այս խնդիրները ինձ մտածել կու տային, երբ վերջապէս օր մը Արշակուհիին հետ որոշեցինք այցելութեան երթալ տիկին Տիւսաբին։
Սրտատրոփ բայց զինուած յանդգնութեամբ, մօտեցանք ֆեմինիստ հայ գրագիտուհիին բնակարանին, որ կը գտնուէր Բերա։ Արշակուհին անէացած էր յուզմունքէն եւ փախուստի միջոցներու կը դիմէր։ Երբ դրան առաջ էինք, վերջին անգամ մը խնդրեց.
– Զապէ՜լ, ուրիշ օր մը կու գանք։
Ես մատս դրի դրան զանգին։
Սպասուհի մը դուռը բացաւ եւ մեզ առաջնորդեց սրահ մը, ուր յայտնեցինք դողահար շրթներով որ կ’ուզենք տիկին Տիւսաբին ներկայանալ։
Ընդարձակ հիւրասենեակին խորքին մէջ, տիկին Սրբուհի Տիւսաբ, սեւազգեստ, նստած էր թիկնաթոռի մը վրայ։ Ան տասնեակ տարիներէ ի վեր անմխիթար մնացեր էր իր տասնըվեցամեայ աղջկան՝ Տորայի մահուան համար։ Անոր ճերմակ եւ գանգուր մազերը կը զարդարէին գրաւիչ դէմքը, որ մեծ վիշտի մը դրոշմը կը կրէր։ Ան մեզ տեսնելով – որ գրեթէ դեդեւելով կը քալէինք անվերջանալի սրահին մէջ – ընդառաջ եկաւ եւ ձեռք տուաւ։ Անոր քիչ մը թանձր շրթները մեղմ ժպիտ մը ունէին եւ բարութիւն կ’արտայայտէին։ Մէկ ձեռքով իմ եւ միւս ձեռքով Արշակուհիին ձեռքէն բռնած ան մեզ առաջնորդեց դէպի իր թիկնաթոռը եւ մեզ հրաւիրեց նստիլ իր երկու քովերը դրուած աթոռներուն վրայ։ Մենք երկուքս ալ կորսնցուցեր էինք մեր բոլոր միջոցները եւ բոլորովին մոռցեր էինք այն խօսքերը, որ նախապէս պատրաստեր էինք։ Բայց տիկին Տիւսաբ ժամանակ չտուաւ որ մենք ընկղմինք մեր շուարումին մէջ։ Ան անմիջապէս հարցումներ ուղղեց մեզ եւ քաջալերական ջերմ խօսքեր ուղղեց մեր հասցէին։ Յայտնապէս զգածուած էր մեր այցելութենէն։ Այդ միջոցին տիկին Տիւսաբ մոռցուած հեղինակ էր։ Շատեր չէին գիտեր նոյնիսկ թէ դեռ ո՞ղջ է թէ մեռած։ Նոր աստղ մը կը փայլէր Պոլսոյ հայ գրական երկնակամարին վրայ՝ Սիպիլը։ Ան էր պաշտօնական գրագիտուհին։ Կարդացեր էի Սիպիլի վիպակները եւ բանաստեղծութիւնները եւ այն ժամանակ յանդգնութիւնը ունէի չհաւանելու այդ սեռի գրականութեան, հակառակ ընդհանուր հիացումին։ Ես այն կարծիքը ունէի որ ժանեակներու մեծանուն բանաստեղծուհին չնչին եւ անկարեւոր նիւթերով կը զբաղի։ Իմ մտաւորական նորազարթ ու մեծ ախորժակս յագուրդ չէր գտներ այդ գերանուրբ փափկութիւններով։
Տիկին Տիւսաբ լսելով որ գրական ասպարէզին թեկնածու մըն եմ, ինձ նախազգուշացուց, ըսելով որ այդ ասպարէզը կնոջ համար աւելի շատ տատասկներ ունէր, քան դափնիներ։ Ինձ ըսաւ թէ մեր իրականութեան մէջ դեռ անհանդուրժելի կը համարեն որ կին մը հրապարակ գայ եւ ուզէ իր տեղը գրաւել։ Յաղթահարելու համար այդ բոլորը, պէտք էր միջակութենէ վեր ըլլալ։ «Էրիկ մարդ գրագէտը ազատ է միջակ ըլլալ, բայց ո՛չ կին գրագէտը»։
Տիկին Տիւսաբ իր գեղեցիկ աչքերը սեւեռեց իմ վրաս եւ խորհուրդ տուաւ որ նախ առողջութիւնս ամրացնեմ եւ յետոյ մտածեմ իմ ընելիքիս մասին։
Տիկին Տիւսաբ խոր ազդեցութիւն գործեց մեր վրայ։ Վերադարձին ոգեւորութեամբ կը խօսէինք. Արշակուհի գաղտնիքի մը պէս ինձ յայտնեց որ ինքն ալ կը փափաքի նուիրուիլ գրական ասպարէզին։ Մենք երկուքս համաձայն էինք որ պէտք էր վեր ըլլալ միջակութենէ եւ այդ բանին հասնելու համար պէտք էր ստանալ բարձրագոյն ուսմունք։ Երթալ Եւրոպա…
– Ա՜խ, հառաչեց Արշակուհի, երթալ Եւրոպա, բայց ի՞նչպէս… ու անոր դէմքը առաւ շուարումի մատնուած մէկու մը արտայայտութիւնը։
Արշակուհի այդ արտայայտութիւնը կրած է իր բոլոր կեանքին մէջ։ Անիկա կարծես բարոյական հարուած մը կրած էր եւ սասանած էր։ Ան գնաց Եւրոպա, նախ Փարիզ եւ յետոյ՝ Լոնտոն։ Փարիզի մէջ երբ ես ուսանողուհի էի, եկաւ ինձ տեսնելու Լոնտոնէն, ուր գիշերօթիկ վարժարան մըն էր։ Ան խրտչեցաւ ուսանողուհիի ազատ կեանքէս եւ այն սոցեալ խնդիրներէն, որ ինձ կը հետաքրքրէին։ Դեռ Եւրոպայի մէջ, ան մտահոգ էր արդէն այն բամբասանքներուն համար, որ պիտի ընէին Պոլսոյ արուարձաններուն մէջ մեր մասին, երբ վերադառնայինք։
Արշակուհի գրած էր արդէն մէկ քանի էջեր եւ «Ուսանողուհիի մը Յուշեր» վերնագրով հրատարակուած էր պարբերական մը մէջ։ Պոլիս վերադառնալով ամուսնացաւ Թէոդիկին հետ եւ դարձաւ ամուսինին անխոնջ եւ հաւատարիմ աշխատակիցը։ Անիկա խարտեաշ կին մըն էր, բարձրահասակ եւ բաւականին սիրուն, բայց այդ յիշատակած շուարումի արտայայտութիւնը կը խանգարէր իր դիմագիծերուն ներդաշնակութիւնը։
Արշակուհի ինքնուրոյն քիչ բան գրած է, բայց անտարակոյս շնորհ ունեցող գրագիտուհի էր որ չէր հասած իր յատկութիւններու լրիւ զարգացման։ Շատ վախկոտ էր եւ զգոյշ եւ իր գլխաւոր հոգն էր ոեւէ բանով չխրտչեցնել հասարակութիւնը։
Պատերազմի միջոցին ան ենթարկուեր էր մտահոգութիւններու եւ զրկանքներու եւ հիւանդացեր էր թոքախտով։ Զինադադարին գացեր էր Զուիցերիա դարմանուելու, ուր եւ մեռած է սանաթորիումի մը մէջ։
Մեր թաղային վարժարանի լրացուցիչ դասարանները աւարտելէս յետոյ դարձեալ եկաւ այն խնդիրը՝ թէ ի՞նչ պիտի ընեմ։ Եթէ մանչ ըլլայի, անտարակոյս պիտի երթայի Կեդրոնական վարժարան, բայց համապատասխան աղջկանց վարժարան չկար։ Հայրս միջոց մը մտածեց ինձ գիշերօթիկ դնել յունաց աղջկանց լիսէն, բայց կարգ մը նկատողութիւններ արգելք եղան ատոր։ Յաճախ ցաւած եմ որ հօրս այդ լաւ միտքը չէ իրականացած։ Այդ լիսէին մէջ, որ շատ փայլուն վիճակ ունէր, սորված պիտի ըլլայի հին ու նոր հելլէն լեզուն, ինչ որ մեծ հիմք պիտի ըլլար հետագային իմ համալսարանական ուսմունքի շրջանիս։
Այդ խնդիրը դեռ չէր վճռուած, երբ օր մը հայրիկիս հետ Գընալը կղզի գացած միջոցիս, շոգենաւին մէջ ծանօթացայ Թովմաս Թէրզեանին։
Շոգենաւը թեթեւ տատանումներով կը յառաջանար Մարմարայի վրայ։ Ես ու հայրս նստած էինք եզերքի նստարաններէն մէկուն վրայ եւ կը խօսէինք։ Մեզմէ քիչ հեռու առանձին նստած էր ճերմակ մազերով, բայց առոյգ երեւոյթով մարդ մը, որ ուշադիր մեզ կը դիտէր։ Յանկարծ ան ելաւ տեղէն, մօտեցաւ, բարեւեց եւ ուզեց ծանօթանալ։ Հայրս քաղաքավարութեամբ իր քով տեղ տուաւ անոր։ Այդ մարդը Թովմաս Թէրզեանն էր։ Ան իր զարմացումը յայտնեց որ հայր ու աղջիկ իրար հետ կը խօսակցէինք եռանդով։
– Կարծեցի որ յոյն էք, ըսաւ, եւ ահա լսեցի որ հայերէն կը խօսիք։ Ասիկա շատ հազուադէպ բան մըն է, ըսաւ Թովմաս Թէրզեան ոգեւորութիւնով։ Ես կը ճանչնամ յոյներ, որոնք թէ՛ հայր են եւ թէ դաստիարակ իրենց զաւակներուն, բայց հայերու մէջ դեռ չէի հանդիպեր ասանկ հաճելի եւ գովելի երեւոյթի։
Կամուրջէն կղզի, Մախսուսէի շոգենաւը շատ դանդաղ կ’ընթանար, բայց մենք այլեւս չզգացինք ժամանակին անցնիլը։ Հայրս եւ Թովմաս Թէրզեան կը խօսէին նոր սերունդին, մանաւանդ աղջկանց դաստիարակութեան հարցերուն վրայ։ Ես վերացած մտիկ կ’ընէի։ Թովմաս Թէրզեանի երկը ինձ ծանօթ էր եւ բերնուց գիտէի անոր մէկ բանաստեղծութիւնը.
«Օր պիտի գայ որ այս կենաց բեռը…»
Հիացումով կը դիտէի համբաւաւոր ծերունին, երբ ան ինձ դարձաւ եւ զիս հարցափորձեց իմ փափաքներուս, ձգտումներուս եւ ըրած ընթերցումներուս վրայ։ Ան ինձ տուաւ նաեւ խորհուրդներ եւ կարդալիք գիրքերու ցանկ մը։ Այսպէս հասանք Գընալըի նաւամատոյցը, ուր իրարմէ բաժնուեցանք կրկին տեսակցելու խոստումով։
Կեանքը իմ առաջ կը բացուէր լայն ճանապարհներով։ Դեռ այն ատեն ամէն ինչ պարզ էր, դիւրին եւ ինձ կը թուէր որ ներկայացած դժուարութիւններուն յաղթելը խաղ մըն է։ Իմ ախորժակս մեծ էր, ձգտումներս բազմազան եւ իմ լարուած էութիւնս առիթ կը փնտռէր ինքզինքը արտայայտելու շռայլութեամբ եւ հրայրքով։
- ↑ Տեղական ոչ-իսլամ հերոսներ։
- ↑ Դիւցազներգական պատմութիւններ պատմող։
- ↑ Թրքերէն՝ մեղու։
- ↑ Աւազակ։
- ↑ Վագր։
- ↑ Մեր ժամանակի արդիւնք։
- ↑ Շուկան։
- ↑ Մարդու չմօտեցող։
- ↑ Աղաղակ։
- ↑ Նուագարան մը։
- ↑ Սա դիմացի լեռներուն մէջ ոչխար է մեռեր, Աման Մեմօ, հոգիս Մեմօ՛, վշտոտ Մեմօ՜, հէ՜յ...
- ↑ Ժամանակի։
- ↑ Բառացի՝ անոյշ ջուրի Ֆրենկ, այսինքն մէկը, որ եւրոպացի ըլլալու յաւակնութիւններ ունի,բայց իրականին մէջ տեղացի է եւ լատին եկեղեցիին կը պատկանի։
- ↑ Օրինակ։
- ↑ Վերմակին համեմատ։
- ↑ Ընտանիքին՝ իր ամբողջութեանը մէջ առնելով։
- ↑ Խարդախութիւն։
- ↑ Պնդել։
- ↑ Վաշխ։
- ↑ Առանց շաքարի։
- ↑ Խօսիլ։
- ↑ Հարաւային քամի։
- ↑ Բնաւորութեան տէր։
- ↑ Շատ փոքր հիւղակ։
- ↑ Նախատական անուն, զոր լուսաւորչականները կու տային բողոքականներուն։
- ↑ Ժողովուրդ։
- ↑ Շնորհիւ։
- ↑ Չորս ջուխտ թիերով արագընթաց։
- ↑ Թոխ Գափուի պալատը կը տանէին պառաւած կամ շնորհազուրկ պալատական կիները, ուր դաժան ներքինիներու հսկողութեան տակ կը մնային մինչեւ մահ։
- ↑ Ցած, ստորին։
- ↑ Երբեք։
- ↑ Մատնիչ, լուր տանող։
- ↑ Աւազակ։
- ↑ Փայտէ, ոտնամաններ, թրքերէն նալըն։
- ↑ Անմեղ երեխայ։
- ↑ Վերարկու, հագուստ։
- ↑ Հասարակութեան յատկացուած աղբիւրներ։
- ↑ Ապարանք։
- ↑ Այագ թախըմիի մաս կը կազմէին այն մարդիկ, որոնք որոշ արհեստ մը չունէին եւ եղանակին համեմատ գործ մը կ’ընէին իրենց օրապահիկը ճարելու համար։
- ↑ Ուրախ ժամը։
- ↑ Պատմող։
- ↑ Հարստութիւն։
- ↑ Հերոս։
- ↑ Ծուլացաւ։
- ↑ Մենամոլութիւն, մանիա։
- ↑ Կը յարմարցնէ։
- ↑ Աղքատ։
- ↑ Ժուժկալ, քիչ ուտող երեխայ։
- ↑ Սեղանի սփռոցը։
- ↑ Տափակ բազմոցներ։
- ↑ Պետական։
- ↑ Սեխ, ձմերուկ։
- ↑ Գնչու։
- ↑ Բնաւորութեան տէր։
- ↑ Իրաւունքը։
- ↑ Կաղնի։
- ↑ Հինգ գերան։
- ↑ Ճերմակ մօրուսաւոր։
- ↑ Խակ խաղող, ողոխ։
- ↑ Ախտ, հիւանդութիւն։
- ↑ Ժառանգութիւն։
- ↑ Հմայող։
- ↑ Փոխանորդ։
- ↑ Թեթեւամիտ։
- ↑ Թեթեւամիտ եւ շփացող։
- ↑ Դեռ։
- ↑ Ջրի խողովակ։
- ↑ Կը ձանձրանամ։
- ↑ Յամառ։
- ↑ Սիրտը սիրեր է։
- ↑ Պետրոս Դուրեանի բուն անունն էր Զմբայեան Պետրոս։ Ինքը առաջին անգամ հայացուցած է իր մականունը եւ դարձուցած է Դուրեան։
- ↑ Ցերեկուան աղօթքը։
- ↑ Խօսք լսող։
- ↑ Կուլ երեխայ կ’ըսէին անոնց, որոնք ընդունակ էին ոեւէ բան հասկնալու եւ սորվելու։
- ↑ Յունական ուխտատեղի։
- ↑ Քաղաքացի։
- ↑ Հպատակ. նախ քան Սահմանադրութեան հռչակումը Թուրքիոյ քրիստոնեաները կը կոչուէինրայա։
- ↑ Փոքրիկ հանըմ։
- ↑ Մե՜ղք մեզի, մե՜ղք։
- ↑ Բռնաւոր, զորպա եւ այս պարագային աւատապետ։