Սիրաք և Սամուէլ
|
ՆԱԽԱԲԱՆ
ԲԱՐԵԿԱՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՀԱՅՈՑ
ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ յետոյ, Սիրաք եւ Սամուէլ անուն նոր երկասիրութիւնս, զոր Հայոց հայրերուն համար գրեցի, դարձեալ ձեզ կը նուիրեմ, ժողովուրդ Հայոց, որոյ նիւթ եւ պարունակութիւնն՝ աշխարհիս կեանքի կրթական դասերն են, զորս բարի հայր Սիրաք կաւանդէ իւր զարգացեալ Սամուէլ որդւոյն:
Սիրաք իւր դասերն կը խօսի աշխարհիս բազմադիմի առարկաներու վերայ, և Սամուէլ մաադիւր ունկն կը դնէ: Սիրաք հայրական եւ բնական սիրով կաւանդէ մարդկային կենաց ամենակարեւոր խրատներ, եւ Սամուէւ որդիական հնազանդաթեամբ կընդունի հայրախօս դասերը, որ կը կրթէ ու կը մարզէ զինքն իւր կենաց յառաջդիմութեան յասպարէզ:
Նախագլխոյն մէջ՝ ցոյց կուտայ Սիրաք, թէ ի՞նչ է մարդն աշխարհիս վերայ եւ ի՞նչ է իւր կոչումն, պարտիք եւ իրաւունք մեր ընկերական կեանքին մէջ, եւ այլն:
Երկրորդին մէջ համառօտիւ կը բացատրի ընդհանուր տիեզերաց բնական եւ յաւիտենական օրենքներ, որով օրինակարգ Արարիչն այդ անյեղլի օրինաց սանձը իւր ձեռքն առնելով կը կառավարէ վերնաշխարհ եւ մեր բնակած երկրագունդը: Կը խօսի նաեւ բարոյական օրինաց վերայ, զոր Տէր Աստուած Մովսիսի եւ Յիսուսին ձեռքով աւանդեց մարդուն, որպէս զի մարդն եթէ մոռնայ իւր խղճին բնական օրէնքն, գէթ յիշէ ու կարդայ Աստուծոյ դրական եւ գրական օրենքները, որ միշտ լոյս կուտան եւ յուշարար լինելով՝ կուղղեն մարդուն խոտորեալ կեանքը:
Երրորդին մէջ կը խօսի Սիրաք մարդկային ընկերութեան անհաւասար կեանքին վերայ. ընդ որ կարճամիտ եւ թերահաւատ մարդիկ մեղադիր կը լինեն Աստուծոյ, թէ ինչո՞ւ համար մարդիկ հաւասար կեանք ու բախտ չանին աշխարհիս վերայ չխորհելով անգիտաբար թէ՝ աշխարհի վերայ մարդկային ընկերաթեան ամրապնդող հզօրագոյն կապն՝ անհաւասարութիւնն է, որ կը կապէ եւ կը վարէ մեր ընկերական կեանքը:
Չորրորդ դասին մէջ կը խօսի աշխարհիս տիրող իշխանութեաը եւ հպատակ ժողովարդին վերայ. երկարաճառելով ցոյց կատայ, թէ ի՞նչ է իւրաքանչիւրին պարտիք եւ իրաւունք եւ թէ ի՞նչպես կը զեղծանի իշխանութիւն, երբ ի բաց դնելով օրինաց արդարութիւնը՝ միայն սրով եւ գաւազանով կիշխէ. երկրին բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան ճամբան չի բանար, որ իշխանութեան զօրութիւնն է: Նմանապես կը զեղծանին հպատակ ազգեր, երբ անսաստող կը լինին սահմանադրեալ օրենքին դէմ: Մեծապես եւ առաւել կը սխալին ժողովուրդներ ունայնամիտ յոյսերով, երբ իրենց բաժնին եւ ուժին չափով յառաջդիմութեան ճանապարհ չեն բանար, այլ հեղգամիտ լինելով ամենայն ինչ կառավարութենէն կսպասեն:
Հինգերորդ դասին մէջ նկարագիր կը հանէ Սիրաք աշխարհիս ժողովըրդոց եւ ազնուական դասերուն. ցոյց սալով թէ ժողովուրդն է բուն աշխատութեան եւ երկրին կեանք տուող ոգին: Սորա հետ կը յարէ թէ ճշմարիտ ազնուականութիւն՝ հոգւոյ մեծութիւնն է, եւ թէ նոցա պարտիքն է Աշխարհիս վերայ մեծագործել եւ ժոդովրդասէր լինել:
Վեցերորդ դասով՝ մարդոյն աշխատութեան եւ աշխատութեամբ հայթայթուած հացին վերայ կը խօսի Սիրաք. յայտելով թէ նացին ու հարստութեան աղբիւրը երկիրն է, հողն է, եւ զայն բեղմնաւորող մարդուն աշխատութեան ձեռքն է. մարդ կը չքաւորի, մուրացիկ կը լինի երբ անաշխատ ձեռքով հաց կը խնդրէ, եւ առանց վարուցանի հնձել կուզէ:
Եօթներորդ դասն աւանդելով Սիրաք, կենաց ուղիդ տնտեսութիւնը կուսուցանէ. յառաջ բերելով թէ անօգուտ է գանձ եւ հարստութիւն երբ գանձատեր հարուստն տնտեսել չգիտէ. եւ խիստ շուտով կսպառի գանձն գանձատուն էն, եւ ցորեանը շտեմարանէն: Կը յաւելու նաեւ թէ ուղիղ տնտեսութիւնը գիտէ արդարաթեամբ հատուցանել իւր պարտիքը. Կայսերին՝ կայսեր տալ եւ Աստուծոյն՝ Աստուծոյ, եւ ապա իւր բաժին վայելել:
Ութներորդ դասով ցոյց կուտայ Սիրաք, թէ առանձին մարդոյն եւ թէ աշխարհիս ժողովրդոց մեծաքայլ յառաջդիմութիւն՝ ինքնաշխատութեան զօրաւոր ջանքն է. եթէ կայ բախտ աշխարհիս վերայ, այդ միայն ինքնաշխատութեան ձեռքն է. ով որ հեղգութեան մէջ փակէ իւր ձեռքը, բախտն իրմէն կը խուսափի: Անարժան է այն ձեռք, որ առանց աշխատութեան հացը յիւր բերան կը տանի, «ձեռք որ ոչ աշխատիցեն, կերիցեն մի՛», սուրբն Պօղոս կը պատուիրէ:
Իններորդ դասով կը ճառէ Սիրաք թէ ինչպէս ինքնաշխատութիւն, հանճար եւ ընկերական զօրութիւն, այս երեք հզօր դաշնակիցներ միանալով քաղաքակրթեցին զաշխարհ. ինքնաշխատ հանճար ծնաւ գիւտեր, արուեստներ, այլ ընկերական զօրութիւն զարգացաց. եւ այսպէս այս երեք անզէն դաշնակիցներ աշխարհիս տիրեցին:
Տասներորդ դասով կիմաստասիրէ Սիրաք աշխարհիս երջանկութեան եւ ապերշանկութեան վերայ. ցոյց կուտայ բնական փաստերով թէ այդ երկու հակառակ տարերք մարդոյն կենաց հետ միշտ համընթաց կը լինին, եւ թէ կարելի չէ, որ մարդ աշխարհիս վերայ միայն երջանկութեան ծաղիկները քաղէ առանց փուշերէն խոցոտուելու:
Մետասաներորդ դասին մէջ քննաբար ցոյց կուտայ Սիրաք, թէ ի՛նչ են այն զօրսոոր ներքին եւ արտաքին պատճառներ, որով աշխարհիս ազգեր կը բարձրանան եւ կը խոնարհին, կը բարգաւաճին եւ կը նուազին: Այս պատճառները Ս. Գրքէն առնելով Սիրաք կը հաստատէ թէ՝ մեղք եւ արդարաթիւնն է:
Երկուտասներորդ դասին կարգը կը խօսի Սիրաք ժամանակի եւ աշխարհիս այլ եւ այլ պատահարներու վերայ: Կը խոստովանի թէ այո՛, կան աշխարհիս վերայ բնական տարերաց այնպիսի պատահարներ, որոց վերահաս զօրութեհէն մարդ կարող չէ խուսափիլ: Բայց աշխարհի դէպքերով կը հաստատէ Սիրաք, թէ մարդ մարդոյն՝ առաւել չար եւ մեծագոյն պատահարն է, որոց առաջ շատ նուազ են եւ առ ոչինչ կը համարուին բնական պատահարներ: Երեքտասաներորդ գլխով կաւարտէ Սիրաք իւր դասերը, եւ իբրեւ աներկմիտ հաւատացեալ ոգեւորուելով կը խօսի Աւետարանի քարոզած ընկերսիրութեան վերայ, առակով եւ օրինակով ցոյց կուտայ թէ մարդոյն ազատ եւ երջանիկ կեանք՝ ընկերսիրութեան մէջն է. ցոյց կուտայ թէ աշխարհիս վերայ տիրող թշուառութեան միայնակ դեղն ու դարման՛ ընկերսիրութիւն է. ցոյց կուտայ նաեւ թէ առանց Աւետարանի ճշմարիտ ընկերսիրութեան որչափ ճգնի քաղաքակրթութիւն՝ կարող չէ մարդոյն ապերջանիկ կեանքը բարւոքել, կամ նորա խռոված ոգւոյն խաղաղութիւն տալ:
Սիրաք, որ Աւետարանին սիրահարն է, միւս դասերուն վերայ իբրեւ գլուխ եւ պսակ հիւսելով կաւանդէ իւր սիրական Սամուէլին, որպէս զի Աւետարանի ընկերսիրութեան դասերն իւր բոլոր կենաց մէջ հոգւով եւ ճշմարտութեամբ ընդունի:
Ահաւասիկ այսչափով բովանդակեցի Սիրաքայ բարի Հօր կրթական դասեր, սիրով կարդացէք, խելամտելով ի միտ առէք, ո՛վ դու Հայոց ժողովուրդ, Հայոց հայրեր, Հայոց դաստիարակներ եւ Հայոց զարգացեալ որդիքներ:
Առհասարակ ձեզ համար գրեցի աւս պիտանի դասեր, դուր եւս Սիրաքայ հօր բարի օրինակին հետեւելով աւանդեցէք ձեր որդիներուն. աւանդեցէք ձեր աշակերտներուն. վասն զի զարգացեալ նոր սերունդին համար՝ աշխարհի գիտութիւն եւ մեր ընկերական կենաց դասերն՝ ամենակարեւոր գիտութիւն եւ հմտութիւնն են:
Սոսկ դպրոցական ուսումներ բաւական չեն Հայոց զարգացեալ պատանիներով համար, որ նոր կը թեւակոխեն աշխարհի կենաց շրջանին մէջ. այլ պէտք է զի նոքա Սամաէլի նման ականջ դնելով միշտ բաբեխրատ լինին ու յառաջդիմեն դէպի լաւագոյն կեանք. որու միջոցը մի միայն ուղիղ դաստիարակութեան ձեռքն է, որ կուղղէ եւ կը վարէ զիրենք:
Սիրաքն այդ կրթական ձեռք յօրինեց եւ կատայ Հայոց հայրերուն ձեռքը. թէ սիրաբար ընդունիք, ո՛վ դաստիարակ Հայրեր, Սիրաքայ տքնող
ձեռքն ու գրիչ այլ եւս պիտի շարունակէ իւր բարոյախօս դասեր: ՍԻՐԱՔ ԵՒ ՍԱՄՈՒԷԼ
ԴԱՍ Ա.
ՄԱՐԴ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀ
ՈՐԴԵԱԿ իմ Սամուէլ, դպրոցի դասերդ արդէն փոքր ի շատէ աւարտեցիր, հասակդ զարգացաւ եւ այժմ հասեր ես մինչեւ ութն եւ տասն ամ, իբրել հայր պարտական եմ ես, որ աշխարհի ընդհանուր դասերը ես ինքս աւանդեմ քեզ. թէ ի՞նչ է մարդն աշխարհիս վերայ, ի՞նչ է իւր ընկերական կեանք, ի՞նչ է իւր պարտիք եւ իրաւունք, ի՞նչ է իւր առանձին կոչումն, ի՞նչ էր մարդոյն հին կեանք, եւ ի՞նչ է արդի կեանք, զոր քաղաքակրթութիւն կը կոչեն, եւ ի՞նչ են առհասարակ մարդոյն յառաջդիմութեան պայմաններ, ի՞նչ են աշխարհիս վերայ այն բնական եւ պատահական պատճառներ, որով զմարդն երջանիկ եւ ապերջանիկ կ՛առնեն։ Մի խօսքով, աշխարհիս վերայ մարդոյն վարած ընկերական կեանքին մի փոքր նկարագիրը պիտի հանեմ քեզ:
Որդեակ իմ, ընտանեկան կեանքին մէջ ծնար եւ հայրենի տան ու գաւառին մէջ զարգացար, այսուհետեւ կեանքիդ անձո՛ւկ շրջանն ընդարձակելով կը մտնաս աշխարհի լայնածաւալ շրջանին մէջ. քո պարտիքն է աշխարհ եւ մարդիկ ճանչնաք, եւ ինչ որ աչքի եւ մտքի քուսով կը տեսնաս աշխարհիս մէջ՝ առանց դիտելոյ ապշութեամբ չանցնիս, այլ քննես ու հետա¬ մուտ լինիսէ թէ ի՞նչպէս կը կառավարուի աշխարհ եւ մարդկային ընկերութիւն։
Եթէ ի բնէ եւ ի մօրէ կոյր ծնէիր, ես այս դասերը չէի աւանդեր քեզ. վասն զի առանց աչքի լուսոյ այս աշխարհ եւ բովանդակ տիեզերք տեսնելու անհնարին կը լինէր, որ ես աշխարհի դասերն աւանդէի քեզ. անհնարին կը լինէր Նաեւ, որ դու միայն մտքի լուսով կարող լինէիր գաղափարել աշխարհիս իրար գիտութիւնը։ Սորա համար կաղաղակէր Յիսուսին՝ մի կոյր, «Տէ՛ր, խնդրեմ զի բացայց»։ Դժբախտ կոյր աչքի լոյս կը խնդրէր, յայտ է թէ աշխարհ եւ կենդանի կեանք տեսնալու համար էր։ Նա իւր կուրութեան մէջ թշուառ էր, ոչ ինչ չէր տեսնար եւ ոչինչ չէր զգար, ոչ երկինք կը տեսնար լուսագունդ աստղերով, եւ ոչ երկրագունդ կը տեսնար ծառերով, ծաղիկներով, որպէս զի վայելէր եւ փառք տար իւր ստեղծողին եւ օրհնէր աշխտրհի Արարիչը։
Իսկ դու, բարեբախտ որդեակ իմ, որ աչքի լուսով ծներ ես, բիւրանգամ ծունր դիր եւ փառք տուր քո բարերար Ստեղծողին։ Շնորհապարտ եղիր նաեւ քո ծնողին, որ կաշխատի լոյս տալ ու բանալ մտքիդ աչքը, որպէս զի դու երկու լուսով տեսնաս աշխարհ։ Մարդիկ կան, որ կը շրջին աշխարհիս վերայ, կը տեսնան որ չեն տեսնար. այս մարդիկ մտաւորական լոյսէն զուրկ են, միայն աշխարհի արտաքին երեսն իբրեւ ստուեր կը տեսնան, եւ չը գիտեն աշխարհի ներքին կեանք. բնական եւ բարոյական օրէնքներ, վարիչներ եւ շարժման զօրութիւններ եւ այլն։
Ջանադիր եղիր, որդեակ իմ, որ մտաւորական լոյսդ պայծառ լինի, եւ որչափ պայծառանալ մտքիդ լոյս՝ այնչափ պայծառ ու պարզ կը տեսնաս աշխարհ եւ աշխարհի բաները, դու ստուերի նման չես անցեր աշխարհէս եւ աշխարհս ստուերի նման չես տեսնար. այլ տիրապէս կը տեսնաս թէ ի՞նչ է մահկանացու մարդոյն կոչումն աշխարհիս վերայ, եւ ի՞նչ է նորա գործ, վախճան ու նպատակ իւր կենաք մէջ։
Մարդոյն կոչումն եւ գործ շատ մեծ է աշխարհի վերայ։ Աստուած կը ներշնչէ եւ Մովսէս կը պատմէ, թէ մարդ իւր Արարչապետին տիրական պատկերն զգեցած է. եւ ի՞նչ է այս պատկերին նմանութեան կնիքն.— անմահ հոգին, եւ բնաւորութիւն, որով մարդն կը զանազանի բոլոր ստեղծական արարածներէն, խօսուն լեզուով, բանականութեամբ եւ հանճարով ճոխացած։
Սակայն դու մի՛ այնպէս հասկնար, որ մարդն Աստուծոյ նոյնատիպ, եւ ամենայնիւ հաւասար ճշգրտահան պատկերն է: Քա՛ւ, եթէ այսպէս կարծուի՝ ամբարշտական մեծամտութիւն է, զի մարդն իւր բարերար սկզբնատից Արարչին մի ամենափոքրիկ տիպարն է. նորա կատարեալ եւ անհաս իմաստութեան առաջ մի անգէտ մանուկ է, մի նմոյշ է, որ մշտնջենաւոր լուսէն երկրիս վերայ ձգուած է, եւ յաւիտենական անմահութեան առաջ մի հողակերտ մահկանացու է։ Եւ ի՞նչ համեմատութիւն կայ կաթ մի ջուր Ովկիանոսի ծովուն հետ, եւ կաթ մի շող արեւու համատարած լուսոյն հետ։
Ուստի պէտք է ողջմտութեամբ այսպէս իմանանք, որ մարդն իւր բանականութեան խելքով ու հանճարով խիստ չափաւոր սահմանի մէջ փակուած է, եւ նորա բարերար Արարիչն այնչափ ձիրք ու զօրութիւն շնորհեր է մարդոյն, որչափ կամեցեր է։ Այո՛, մարդն այս աշխարհիս հողագնդին վերայ իբրեւ իշխող տիրապետ կարգուած է իւր Արարչապետէն, տիրել բովանդակ երկրին, իշխել ծովուն ու ցամաքին, անասնոց ու թռչնոց, եւ ինչ որ կան, կը շնչեն ու կը սողան երկրիս վերայ, զորս առ հասարակ մարդոյն հրամանին տակ դրաւ, ինչպէս կը խոստովանի Դաւիթ թէ «Զամենայն ինչ հնազանդ արարեր ի ներքոյ ոտից նորա» եւ այլն... Աստի կիմանանք եւ ինչպէս կիմաստասիրեն եկեղեցւոյ վարդապետք՝ թէ Տէր Աստուած աշխարհիս ամէն բան մարդոյն համար ստեղծեր է, իսկ մարդն՝ Աստուծոյ համար, որ յաւիտեան օրհնէ եւ փառաւորէ իւր Արարիչն, իւր արդար եւ առաքինի կեանքով, որպէս ասէ Յիսուս. «Տեսցեն զգործս ձեր բարիս եւ փառաորեսցեն զՀայր»։ Սակայն կը յաւելում ասել մանաւանդ թէ՝ մարդ մարդուն համար կարգեր է, զի մարդոյն կեանք ընկերական է. մարդն ինքնին առանձին առանձին ոչինչ է, եւ ոչինչ զանազանութիւն չունի Վայրենի կենդանիւներէն, որոց բնակութիւն՝ լեռներու խորշեր եւ անտառներու մէջն է։
Ահաւասիկ այս պատճառաւ կը բարձրանայ մարդոյն կոչումն մեր ընկերական աշխարհին մէջ, եւ ընկերաբար վարելով իւր կեանքը կը յառաջդիմէ, մինչդեռ անասնոց կեանք նոյն կը մնայ առանց երբէք յառաջդիմութեան։ Մարդոյն յառաջդիմութիւն՝ իւր ընկերական կեանքէն է. ապա թէ ոչ մարդն եւս վայրենութեան եւ անասնոց կարգին մէջ կը մնար, ոչինչ շնորհ չէր իւր լեզուին եւ խօսակցութեան առաւելութիւն, երբ նորա միտքն ու հոգին վայրենութեամբ թանձրացած լինէր։ Մարդոյն ընկերական կեանքէն յառաջ եկաւ աշխարհաշինութիւն. մարդիկ աշխարհիս վերայ տիրապէս տիրեցին եւ տիրապէս կատարեցաւ Աստուծոյ հրամանն։
Դաւիթ կասէ, թէ Տէր Աստուած տիեզերքի ժառանգութիւն բաժնեց. Երկինքն՝ իւր բաժին առաւ, եւ Երկիրը՝ մարդոց որդիներուն ժառանգութիւն տուաւ. եւ բովանդակ աշխարհ իբրեւ մի դրախտ զարդարելով՝ յանձնեց մարդոյն, որպէս զի գործէ ու պահէ զայն։ Ցոյց կուտայ Տէր Աստուած թէ՝ մարդն աշխարհիս ագարակին մէջ մի գործաւոր մշակ է, պէտք է անդադար աշխատի արդիւնաւորել զայն, եւ որչափ ժրագործ լինի՝ զաշխարհ մշակութեամբ, շինութեամբ, գործունէութեամբ արդիւնաւորել, այնչափ աւելի կը վայելէ եւ կը բարգաւաճի իւր կեանք։
Այլ դու մի՛ այնպէս ըմբռներ, որդեակ իմ, որ ամենահարուստ մեծատունն Աստուած, աշխարհս իւր հարստութեամբ մարդոյն տուաւ իբր եւ սոսկ նիւթական կեանք, որ նա աշխատի, վաստակէ, ուտէ եւ վայելէ միայն երկրին բարիքը։
Եթէ այսպէս լինէր՝ ոչինչ գերազանցութիւն եւ առաւելութեան շնորհ չէր ունենար մարդն, երբ նա սոսկ նիւթական կեանքով ապրէր ինչպէս կապրին անասունք։
Գիտենք, մարդ աշխարհիս հետ եւ նիւթական կեանքին հետ կապուած է, բայց իւր մեծ կոչումն կը պահանջէ, որ նիւթականին հետ կապէ բարոյական կեանք. եւ այդ է միայն, որ կը բարձրացնէ մարդոյն պատիւ եւ արժանաւորութիւնն. ապա թէ ոչ՝ մարդ կը նուաստանայ ու կը հաւասարի անասնոց։
Ուստի աշխարհիս վերայ մարդոյն կոչումն, պատիւ, փառք, արժանաւորութիւն՝ իւր դործքերու կշիռն է. նա ինչ վիճակի մէջ կը լինի թող լինի. նորա նուիրական պարտիքն է ճանչնալ իւր կոչումն, ճանչնալ մարդկութեան վայելուչ կեանք, ճանչնալ նաեւ թէ ինքն այս աշխարհիս վերայ դիպուածով եւ ունայնաբար չէ եկեր. այլ մեծամեծ պարտիքներ կատարելու համար ծներ է, քանի որ կեանք ունի՝ պէտք է գործէ. վասն զի մահն ու գերեզման գիշեր կը բերեն, յորում այլ եւս մարդ կարող չէ գործել: Այս աշխարհ մարդոց առաքինութեան ասպարեզն է, ով որ ընթանալ գիտէ՝ նա միայն մրցանակ կառնու։
Կարդա՛ Սուրբ գիրք, կարդա՛ Հայոց աշխարհի պատմութիւն եւ տես թէ առաքինի ոգիներ ի՞նչպէս ընթացան։ Նոյ իբրեւ այր կատարեալ՝ արդարութեամբ ընթացաւ՝ մրցանակն առեց. Աբրահամ հաւատով ընթացաւ մրցանակն առեց. Յովսէփ ողջախոհութեամբ ընթացաւ՝ մրցանակն առեց. Մովսէս Աստուծոյ ժողովուրդին իբրեւ առաջնորդ ընթացաւ մրցանակն առեց. Յովբ համբերութեամբ ընթացաւ մրցանակն առեց. Յեսու յաղթութեամբ ընթացաւ մրցանակն առեց. Սամուէլ հնազանդութեամբ ընթացաւ մրցանակն առեց. Դաւիթ ապաշխարելով ընթացաւ թողութեան մրցանակն ընդունեց։ Յիսուս Դաւթի որդին խաչակըրութեամբ ընթացաւ առեց այն մրցանակն եւ անունն, որ ի վեր է քան զամենայն անուն։ Առաքեալք նոյն խաչակրութեամբ ընթացան՝ մրցանակն առին. Հայրապետք եկեղեցին բարեզարդելով ընթացան՝ մրցանակն առին՝ Վարդապետը ուսուցանելով ընթացան՝ մրցանակն առին. Սուրբ Գրիգոր, իւր Որդիք եւ Թոռունք Հայոց աշխարհի համար ընթացան՝ մրցանակն առին. Սուրբն Սահակ ու Մեսրովբ, աշակերտելով հանդերձ գրելով թարգմանելով ընթացան՝ մրցանակն առին. քաջն Վարդան իւր ուխտադիր խմբով խաչով ընթացան՝ մրցանակն առին. եւ այլ ո՞ր մէկ համրեմ քեզ Հայոց աշխարհէն, որք առաքինական վաստակով ընթացան՝ մրցանակն առին։
Թողունք անցեալ աշխարհի առաքինեաց դասն, թողունք եկեղեցւոյ սուրբ նահատակներ, որ արիւնով ընթացան. ներկայ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ մտնենք։ Ո՛վ կարող է համար բերել այն աշխատաւոր առաքինեաց թիւր, որք զօրհանապազ կը տքնին եւ կընթանան աշխարհիս ասպարէզին վերայ, հանճարով, գիւտերով, արուեստով, աշխարհաշինութեամբ, մեծագործութեամբ եւ այլ բազմադիմի շահաւէտ եւ արդիւնաւոր վաստակներով ճոխացուցին լիացուցին մարդոյն ընկերական կեանք, չեմ յիշեր գրիչներ եւ մամուլի անխոնջ թելերը, որ զտիւ եւ գիշեր լոյս տարածելով կը լուսաւորեն մարդոյն մտաւորական աշխարհ։
Արդ կաւարտեմ այս դասը, եւ ուխտիւ կաւանդեմ քեզ. ծանի՛ր, թէ ի՞նչ է քո կոչումն աշխարհիս վերայ, եւ համեմատ ընթացիր քո կոչմանդ, որ հասնիս նպատակին եւ մրցանակն ընդունիս։ Թէ իբրեւ հաւատացեալ բոլոր սրտով պաշտէ քո Տէր Աստուած, թէ իբրեւ աշխարհի մարդ քաղաքավարութեամբ առաքինացիր, թէ իբրեւ ազատ մարդ մի ստրկանար, այլ պաշտպանէ մարդկութեան պատիւ, թէ իբրեւ իշխանճ օրէնքով իշխէ, արդարութիւն եւ իրաւունք սիրէ, թէ իբրեւ հպատակ՝ օրէնքով հնազանդիր, թէ իբրեւ եկեղեցւոյ հովիւ հօտիդ վերայ անձնադիր եղիր. թէ իբրեւ գառն՝ արածող հովուին հետեւիր. թէ իբրեւ ընկերական մարդ՝ ընկերական պարտիքներ սիրով կատարէ եւ միանգամայն ճանչցիր իրաւունքդ. թէ իբրեւ հայ եւ հայու զաւակ՝ ազգդ սիրէ. թէ իբրեւ Աւետարանին ընդհանուր մարդասիրութեան աշակերտ՝ ամէն մարդ անխտրապէս սիրէ։
Մի բան եւս պատուէր տամ քեզ, միշտ յուշիդ պահէ Պօղոսին խրատ, ուր եւ կը լինիս, թէ հայրենեաց եւ թէ օտար աշխարհի մէջ անդրդուելի կաց կոչմանդ վերայ, կարճմտութեամբ կրօնէ ի կրօն մի՜ փոխուիր։ Հայոց աշխարհի զաւակն ես, Հայաստանեայց ազատ եկեղեցւոյ ազատ որդեգիրն ես, ի նոյն կաց եւ ի նոյն մեռիր, թող հայ ժողովուրդ տանի թաղէ զքեզ քո հարց ու նախնեաց գերեզմանին ծոցը։
ԴԱՍ Բ.
ՏԻԵԶԵՐՔ
ԲՆԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ
ՍՐԱՏԵՍ ես, որդեակ իմ Սամուէլ, աչքդ բաց նայէ տիեզերքին վերայ, դարձիր դու խորապէս մտաքնին եղիր, զի տէր Աստուած իւր պետական աթոռը երկնից մէջ դնելով՝ բոլոր տիեզերքը՝ բնական եւ յաւիտենական օրէնքով կը կառավարէ. իւր օրէնքներն անշարժ եւ անփոփոխ են եւ ոչ ոք կարող է զայն շրջել կամ խախտել. ինչպէս աշխարհիս դրական եւ քաղաքային անհաստատ օրէնքներ, զորս միոյն մատ կը գրէ եւ միւսին կեղծանէ։
Բնական օրէնքով կը դառնայ արեւը, կը ծագի առաւօտ, լոյս կուտայ տիեզերաց, յերեկուն ի մայր կը մտնէ։ Արեւը մեր կեանքին եւ ժամանակին չափն ու կշիռն է. կորոշէ մեր օրեր, տարին ու դարեր։ Թո՛ղ այս՝ իւր լուսով ու ջերմութեամբ կը կենդանացնէ մեր աշխարհ, մարդիկ նորա լուսոյն տակ կը գործեն, եթէ անլոյս մնան՝ կը դադարին։ «Ելանէ մարդ ի գործս իւր, ի վաստակս ձեռաց իւրոց մինչեւ յերեկոյ»։ Աստի կիմանանք թէ բնական աշխարհին լոյս պէտք է, որ մարդիկ գործեն. քանի՞ առաւել պէտք է լոյս մարդոյն մտաւորական աշխարհին, որ կարենան ուղղութեամբ գործել։
Բնական օրէնքով գիշերավար լուսին մերթ կը նուաղի եւ մերթ կը լրանայ, կը մեռնի եւ դարձեալ կը ծնի, իւր շրջանն երեսուն օր է. եւ այս թուով կը չափէ ամիսը, եւ տասներկու ամիաով՝ մի տարին կը բոլորէ։ Երկնակամարին այս երկու մեծ լուսաւորներ մեզ նման բանաւոր մարդ չեն, բայց բնական օրէնքով գիտեն կատարել Աստուծոյ կամք, ինչպէս սաղմոսելով Արարչին մեծագործութիւնը կը հռշակէ Դաւիթ. «Արարեր զլուսին վասն ժամանակի, արեգակն ծանեալ զժամ մտանելոյ իւրոյ»։
Աստեղագէտ չեմ, որ երկնից բովանդակ համաստեղութեանց վերայ ճառեմ եւ ծանօթութիւն տամ քեզ, թէ ո՞րպէս տիեզերքի անհուն տարածութեան մէջ կը շարժին կը դառնան, մերթ կերեւին մերթ կաներեւութանան, եւ այս ամէն անսայթաք ընթացքը բնական օրէնքով կը կատարեն եւ երբէք զիրար չեն դիմահարեր։ Դու կը տեսնա՞ս մարդիկ աշխարհիս վերայ կը շրջին, շատ անգամ իրենց գլուխը իրարու զարնելով կը պատռեն։ Երանի՜ թէ մարդոց գլուխներն եւս ճանչնային իւրաքանչիւր իրենց սահմանն ու շրջան։
Դառնանք երկրիս վերայ։ Մեծն Ովկիանոս երբեմն իւր ահեղ ալիքներով կուռի կը լեռնանայ եւ դարձեալ դաշտանալով իւր տեղը կը խաղաղի, այդ եւս բնական օրէնքով է, զի ծովերու ամենիշխան Տէր՝ մանր աւազանով պարիսպ քաշեր է ու մռնչող ալիքներուն դէմ սահման գրեր է, որ անդր չանցնին ու կողողեն երկիրը։ Երանի՞ թէ այդպէս մի սահման եւս մարդոյն համար դնէր գերիշխան Տէր, եւ իւր մէջ փակէր աշխարհակալութեան ոգին. որպէսզի արեան ծովերով չողողէր խեղճ ժողովուրդը։ Ռամիկն բնագէտ չէ որ տեսնայ, այլ միայն զարմանալով փառք կուտայ Աստուծոյ. նա չը գիտէ թէ ի՞նչպէս յամարան անձրեւ կուգայ եւ ձմերան ձիւն. մեր մամիկներ մեզ կը պատմէին թէ հրեշտակներ ալիւրի նման ձիւն կը մաղեն երկրիս վերայ, մերթ մանրիկ մանրիկ, եւ մերթ խոշոր խոշոր։
Բայց դու գիտես, որ ծովէն ու ցամաքէն արեւուն զօրութեամբ գոլորշիներ ի վեր կը բարձրանան եւ խտանալով ամպ կը լինին. ամպերէն անձրեւ եւ ձիւն կը տեղան երկրիս վրայ, աղբիւրներ ու վտակներ յորդելով կը առատանան, գետերու մէջ կը վազեն, գետերն եւս կերթան ի ծով կը թափին. եւ այսպէս ծովու ջրեր շրջան կառնուն, ոչ կը նուազին եւ ոչ կառաւելուն, ինչպէս կր գիտէ մեծն Սողոմոն թէ «Ամենայն ուղխք ի ծով գնան, եւ ծով ոչ լնու. ի տեղի յոր ուղխք գնան, անդ նոքին դառնան ի գնալ»: Ահաւասիկ զարմանալի այս անդրադարձութիւնն եւս բնական օրէնքով է, որ ծովեր ու ջրեր նոյն քանակութեան մէջ կը պահէ. որչափ եւ որքան են ի սկզբանէ անտի՝ նոյն պիտի մնան մինչեւ ցյաւիտեան, զի Տէր Աստուած ամէն բան չափով եւ կշռով ստեղծեր է։
Ով, քանի՞ զարմանալի է Արարչին կարգադրութիւն, զմեզ շրջապատող տարերք բոլորն եւս բնական օրինաց տակ հնազանդելով՝ նորա հրամանը կը կատարեն։ Դու կը տեսնա՞ս երբ գարուն կուգայ, գիտես թէ մեռած ցուրտ հողագնդիս նոր յարութիւն կուտայ, բոլոր բուսական տարերք մայրենի հողին ծոցէն ի վեր կը զարթնուն, կը ծլին կը բողբոջին, նախ տերեւներ կը բանան եւ ապա կը ծաղկին, յամարան կը պտղաբերեն, յաշնան տերեւաթափ կը լինին եւ ի ձմերան կը դադարին գործելէ. եւ երբ ցուրտ կը ցամքեցնէ բուսականներու վերի մասն՝ ի ներքուստ ջերմիկ հողին տակ կը սնանին արմատներ եւ կը յղանան սերմեր, այդ եւս յաւիտենական ու բնական օրէնքով է։ Հուժկու հովերն եւս բնական օրինաց զօրութեան տակ կը հպատակին, մերթ հիւսիս կը շնչէ, մերթ հարաւ, մերթ արեւելք, մերթ արեւմուտք։ Երկնից եւ երկրի դատարկութեան մէջ գիտես թէ պատերազմ բանալով կը մրցին իրարու դէմ եւ կը յաղթահարեն զիրար։
Դաւիթ կը դիտէր այս եւ կը հրաւիրէր տարերք, որ օրհնեն զՏէր Աստուած. «Օրհնեցէք զՏէր, հուր եւ կարկուտ, ձիւն եւ սայլըն, հողմ եւ մրրիկ, որք առնէք զբան նորա»: Այսպէս եւս ամէն շնչաւոր կենդանիք Նոյն բնական օրէնքով կը վարին. տես դու, ճնճղուկ իւր բոյն ծառի ճղի վերայ կը դնէ. տնասէր ծիծառն իւր կաւակերտ բունիկ տան գերանի կողէն կը կախէ, ընտանի հաւն ի թուխս կը նստի, ամէնքն եւս իրենց ժամանակին ձագեր կը հանեն. կաթ տալով կը սնուցանեն եւ երբ մեծնան թեւաբոյս լինին՝ ազատ կը թողուն։
Այն հզօր առիւծ՝ որ բոլոր կենդանեաց իշխող թագաւորն է, իւր պալատ անտառներու խորերն են, ուր եւ կը ծնի կորիւնները. որք երբեմն առ քաղցի կաղաղակեն, գուցէ Դաւիթ իւր հովւութեան մէջ տեսաւ ու լսեց նոցա մռնչիւն, ուստի կասէ. «Կորիւնք առիւծոց մռնչեն եւ յափշտակեն, խնդրեն յԱստուծոյ զկերակուրս իւրեանց։ Ի ծագել արեւու ժողովին եւ ի մորիս իւրեանց դադարին»։
Կհուզե՞ս բնութեան Արարչին մեծագործ կարգադրութեան վերայ սքանչանալ, զոր նա կը գործէ բնական օրինաց ձեռքով, հիացեալ ոգւով կարդա հարիւր երեք գլուխ Սաղմոսն, որ այսպէս կսկսի, «Օրհնեա՛ անձն իմ զՏէր, Տէր Աստուած իմ, մեծ եղեր յոյժ, եւ այլն»։ Այս գլուխ ծայրէ ի ծայր վսեմագոյն նկարագիր մի է բնական օրինաց, զոր կը հանէ Դաւիթ օրհնելով ու փառաւորելով զմեծագործն Աստուած։
Իսկ բանաւոր եւ ազատ մարդ, որ իւր խելքով ու հանճարով կիշխէ երկրիս վերայ եւ մերթ եւս տարերաց դէմ կը մրցի, կը մեծամտի, որ հողմեր, ամպեր, ծովեր, ալիքներ, եղանակն ու ժամանակ անսան ու հնազանդին իրեն։ Բայց նա եւս բնական օրինաց իշխանութեան տակ նուաճուած է. կը ծնի, կաթով ու հացով կապրի, կաճի ու կը զարգանայ. հուսկ յետոյ կը ծերանայ եւ կը մեռնի, հողէն ի մարդ, եւ մարդէն ի հող կը դառնայ անդրէն. ուստի տիրական մարդն եւս բնական օրինաց հպատակ ծառայն է։ Միայն թէ մարդն ազատակամ է, իւր կեանք եւ գործեր վարելու համար։ Միթէ առիւծն եւս ազատ չէ՞ անտառավայրին մէջ շրջել եւ իւր որսեր հոգալ։ Արծիւն ազատ չէ՞ օդային թագաւորութեանց մէջ ազատաբար սաւառնել. եւ իւր գահը դնել բարձրագագաթ լեռներու վերայ։
Բաւ է այսքան, որդեակ իմ, ես բնախօս չեմ, որ բնական օրինաց գիտութիւնն ընդարձակ հմտապէս ճառեմ քեզ. այժմ սկսիմ համառօտել քեզ բարոյական օրէնք, որ միայն բանաւոր մարդոյն կը վերաբերի։ Ինչպէս բնական օրինաց, նոյնպէս եւ բարոյական կամ գրաւոր օրինաց աղբիւրը նոյն յաւիտենական իմաստութիւնն է, եւ ինձ այնպէս կը թուի երբ տէր Աստուած նախամարդն ստեղծեց՝ նորա սրտին եւ ոգւոյն մէջ դրոշմեց մի միայն խղճի այս օրէնքը. «Զամենայն զոր ինչ կամիցիք թէ արասցեն ձեզ մարդիկ, այնպէս արարէք եւ դուք նոցա»։ Այս գերագոյն ու կատարեալ օրէնք մարդոյն համար շատ բնական ու բաւական էր, եթէ մարդն անեղծ պահէր զայն ու չի զեղծանէր։ Ադամէն սկսեալ մինչեւ ի Մովսէս բոլոր նահապետներ զարմերով զաւակներով հանդերձ այս օրէնքով վարուեցան, որք առ հասարակ արդար հանդիսացան աշխարհի եւ Աստուծոյ առաջ:
Իսկ այն ազգ եւ ժողովուրդ, որ սոյն խղճի օրինաց գիրը քերեցին իրենց սրտէն, ապականելով ապականեցան ու եղծաւ մարդկութեան պատիւը: Սորա համար Տէր Աստուած մի անգամ ջրհեղեղով լուաց երկրին երեսը, ողողեց ամբարիշտ մարդոց մեղքերը, միայն արդար նահապետ մի թողաց իբրեւ արմատ նոր սերնդեան:
Գերագոյն օրէնսդիր Աստուած, որ զօրհանապաղ մոլորեայ մարդոց ուղղութեան համար կը հոգայ. նա իւր ծառայն Մովսէս պատգամաւոր ընտրեց եւ նորա ձեռքով շատ բարոյական եւ գրաւոր օրէնքներ տուաւ իւր ընտրեալ ազգին։ Այս ընդարձակ եւ ընդհանուր օրէնքներէն կան, որ կրօնի պաշտաման կը վերաբերին, այսինքն քահանայական եւ ծիսական օրէնքներ. կան նաեւ որ մասնաւոր խրատներ եւ պատուէրներ են, որ սրտի փափկութեան եւ դրութեան կը վերաբերին, զոր օրինակ. կը պատուիրէ որ զգառն ի կաթն մօր չը մորթեն. չը դպին ճնճղուկի բունին՝ երբ նա ձագեր հաներ է, կամ գրաւ չառնել երկանի մի քարն, որ տան պիտանի գործիքն է, եւ այլն:
Իսկ հիմնական եւ բարոյական մեծ օրէնքներ Տասնաբանեայ պատուիրաններն են, որ բանաւոր մարդոց ընկերական կեանքին պարտուց եւ իրաւանց սահման կը դնեն. որք դարձեալ ամբողջ այս ամէն օրէնքներ խղճի օրինաց աղբիւրէն կը բղխին։
Մովսէս իւր օրէնքով իշխեց մինչեւ ի Քրիստոս, եկաւ փրկիչ Յիսուս, որ շնորհք եւ ճշմարտութիւն էր, նա եւս իւր Աւետարանի ձայնով ու տառով նոյն խղճի օրէնք կրկնեց. «Համենայն զոր ինչ կամիք թէ արասցեն ձեզ մարդիկ եւ այլն»։ Յիսուս այս յաւիտենական հիման վերայ հաստատելով իւր շնորհական օրինաց բարձրագոյն շէնքը՝ ասաց. Մարդիկ, սիրեցէք միայն, եւ բաւ է։ Մովսէս ի օրինաց ծրագիրը թերի էր, Յիսուս լրացուց զայն։ Եւ գիտե՞ս թէ ի՞նչ զանազանութիւն կայ Մովսէսին եւ Յիսուսին մէջ. միոյն օրինաց գրքէն մահ կը հոտէր, իսկ միւսոյն՝ Աւետարան եւ կեանք. միոյն մէջ միշտ պատմական փոխարինութիւն կար, իսկ միւսոյն միշտ շնորհք եւ ներողութիւն եւ որչափ, գիտե՞ս, մինչեւ եօթանասնիցս եօթն, այսինքն անկէտ եւ անսահման: Մովսէս սուրն յազդերէն կախած իսկոյն յանցաւորին վճիռ կը հատանէր. Յիսուս Պետրոսին ասաց, սուրդ ի պատեան դիր, զի ես կեանք տալու համար եկայ: Ծունր դիր, որդեակ իմ, Յիսուսի ներող մարդասիրութեան առաջ. պարանոցդ ծռէ եւ ա՛ռ նորա քաղցր լուծը եւ փոքրոգի բեռն։ Ծանիր, որ Աւետարանի բարոյական օրէնք մեր աշխարհի վայրենի վիճակը յեղաշրջեց. մարդոյն ստրկական վիճակը բարձրացոյց, գերութեան շղթաներ խորտակեց եւ ասաց. «Այսուհետեւ ազատ էք ի Քրիստոս Յիսուս»։ Եթէ այսօր գիտութիւն եւ քաղաքակրթութիւն՝ Աւետարանի ազատութեան շնորհն է. այսպէս կը խոստովանին աշխարհիս բոլոր ողջամիտ իմաստասէրները։
Ծունր դիր նաեւ քո մեծագոյն Արարչին առաջ, որ իւր ձեռակերտն տիեզերք այսպէս բնական ու յաւիտենական օրէնքով կը կառավարէ։ Եւ դու մինչ կենդանի ես աշխարհիս վերայ, կոյր թերահաւատ մի լինիր, ինչպէս աշխարհիս անզգամներ եւ անմիտներ։ Այլ Դաւթի նման հիանալով գոչէ «Ո՛րպէս զի մեծ են գործք քո, Տէր, եւ այլն»։ Եթէ հասնի քեզ, որ Նեւտոնի չափ ներհուն լինիս, ու քննես տիեզերաց օրէնքին բնական կարգն ու շարժումն, այնչափ առաւել զարմացիր եւ օրհնէ քո զարմանագործ Արարիչը։ Եթէ ռամիկն սոսկ աչքով կը դիտէ տիեզերքը, կը հաւատայ առանց գրի ու գիտութեան, յամենայն ժամ փառք կուտայ եւ լիաբերան կօրհնէ իւր ստեղծող. քո պարտիքն այլ եւս կը մեծնան ու կ՝առաւելուն, երբ տիեզերաց օրէնքներ քննելով նորա գերագոյն Արարչապետ գիտութեամբ ճանչնալ կուզես. ծանիր ուրեմն, որդեակ իմ, որ հեթանոս իմաստասիրաք նման սոսկ աստուածագէտ չը լինիս առանց արժանապէս պաշտելոյ
զայն։ ԴԱՍ Գ.
ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ԿԵԱՆՔ
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈԻԹԵԱՆ
ՄԱՐԴԻԿ հաւասար կը ծնին, հաւասար կապրին եւ հաւասար կը մեռնին։
Անհաւասարութիւն չէ թէ միայն մարդկային ընկերութեան մէջ, այլ եւ ընդհանուր տիեզերքին մէջ կերեւի։ Աչքդ բաց ու տես, որդեակ իմ, որ ամէն բան զանազան ու աննման կը տեսնաս, թէ երկնից երես, թէ երկրիս վերայ, թէ բովանդակ աշխարհիս բնական արարածոց մէջ եւ թէ մարդոյն նիւթական եւ բարոյական կեանքին մէջ։ Մարդ պէտք է ափշի, հիանայ եւ օրհնէ իւր մեծագործ Արարիչը, որ ամէն բան զանազան եւ աննման յօրիներ է եւ կը չօրինէ։ Սորա մէջ կերեւի արարչին անհուն զօրութիւն, անհուն իմաստութիւն եւ անհուն հանճար, որ ստեղծեաւ իրար թէ արտաքին ձեւն ու պատկեր եւ թէ ներքին բնական զօրութիւններ, ամենայն ինչ, իրարու աննման, զանազան ու անհաւասար են, եւ այս անհաւասարութեան մէջ ամենայն ինչ չափով ու կշռով համեմատ կարգադրելով՝ անհաս եւ անհաւասարն Աստուած կը չօրինէ եւ կը վարէ տիեզերք:
Աչերդ յառէ, որդեա՜կ իմ, դէպ երկնից կամարը, ամենարուեստ Արարչին զարմանագործ ձեռաց հրաշակերտ գործեր տես, համայն աստղեր մեծութեամբ, լուսով, դրիւք եւ շարժումով զանազան են, արեւն եւ լուսին՝ զանազան են. չգիտենք ու չենք զօրեր տեսնալ թէ այլեւս ո՞րչափ անզանազան էակներ կան երկնաշխարհին մէջ։ Դարձիր դէպի մեր երկրագունդը՝ նոյնպէս ամենայն ինչ զանազան եւ անհաւասար կը տեսնաս։ Ցամաքն անհաւասար, լեռներն անհաւասար, դաշտերն անհաւասար, աղբիւրներ» վտակներ, գետերն առհասարակ անհաւասար, ծաղիկներն անհաւասար, ծառերն անհաւասար, գոյներով, ձեւերով, համով, հոտով եւ ներքին զօրութեամբ, բնաւին անհաւասար։ Սոյնպէս բոլոր կենդանեաց սեռն նոյն անհաւասար օրէնքին տակն են։ Անհաւաս արութիւն դու պէտք չէ՝ այնպէս հասկնաս թէ միայն տարասեռ իրար մէջ կերեւի. այլ մի եւ նոյն տեսակին մէջ անհաւասարութեան հրաշք կը տեսնուի։ Ծաղկաք թագուհին վարդ, իւր տեսակին մէջ գոյնով, հոտով, ձեւով եւ նոյն իսկ թերթերով անհաւասար է. նմանապէս բոլոր ծաղիկներ։ Խնձորենին իւր տեսակին մէջ պտուղներու մեծութեամբ եւ գոյնով անհաւասար են. սոյնպէս բոլոր պտղատու ծառերը։ Մտիր մայրի անտառը, անդ եւս կը տեսնաս մեծութեամբ, բարձրութեամբ եւ ճիւղերու ընդարձակութեամբ իրարմէ անհաւասար են, միեւնոյն ծառի տերեւներն անգամ հաւասարութիւն չունին։
Իսկ մարդն, որ բավանդակ արարածներէն հրաշակերտն է, այդ անհաւասարութեան հրաշքն աւելի ունի. թէ ներքին եւ թէ արտաքին ամէն հանգամանքներով անհաւասար է իւր ընկերին հետը: Ուղեղն անհաւասար, միտքն անհաւասար, իղձն ու ոգին անհաւասար, վարքն ու բարքն անհաւասար, երեսն ու դէմքն անհաւասար. ձեռն ու մատունք եւ ոտքն անհաւասար, քայլերն անհաւասար, ուժն անհաւասար, բոլոր զգայական անդամներ՝ ձենով ու զօրութեամբ անհաւասար։ Եւ նոյն իսկ մի մարդոյն վերայանհաւասարութեան օրէնքը յայտնապէս կը տեսնուի. աչքեր, ականջներ, ձեռքեր, ոտքեր անհաւասար են իրարու։
Այս ընդհանուր նկարագրէն յետոյ, այժմ սկսինք մարդոց ընկերական կեանքին անհաւասարութեան նկարագիրը հանել, որ մեր այս դասին նպատակն է։
Մարդկային ընկերութիւն եւ քաղաքային աշխարհ նոյնպէս անհաւասար տարերքներէն կազմուած է։ Աշխարհ՝ աշխարհի հետ, ազգ ազգի հետ, ժողովուրդ ժողովրդի հետ, թագաւոր՝ թագաւորի հետ, իշխան՝ իշխանի հետ, կառավարութիւն՝ կառավարութեան հետ, զօրութիւն՝ զօրութեան հետ, հարստութիւն՝ հարստութեան հետ, եւ այլ շատ բաներ ու հանգամանքներ իրարու հետ անհաւասար են։
Եւ նոյն իսկ մի աշխարհ, մի թագաւոր, մի ազգ եւ լեզու՝ անհաւասար տարերքներով կազմուած է։ Կը զարմանաս, թէ որ ասեմ քեզ, որդեակ, թէ աշխարհիս մարդկային ընկերութեան հզօրագոյն կապն անհաւասարութեան օրէնքն է, որ թագաւորը՝ հպատակ ժողովրդին հետ, իշխան՝ գաւառին հետ, զօրավար՝ զօրքին հետ, առաջնորդ՝ եկեղեցւոյն հետ, ամուսին՝ ամուսնոյ հետ, ազգական՝ ազգականի հետ, բարեկամ՝ բարեկամի հետ կապեր է, եւ բոլոր անհատական մարդիկ այդ անլոյծ կապով միացնելով՝ մեր ընկերական տարերք կազմեր է։
Եթէ ասես, արդեօք եւս բարի ու լաւագոյն չէ՞ր լիներ, որ այդ անհաւասարութիւն բնաւ չը լիներ. թէ մեր կեանքի պիտոյք, թէ մարդոյն նիւթական եւ բարոյական զօրութիւններ, այսինքն հաւասար ծնելով՝ հաւասար ապրէինք. աշխատութիւն հաւասար, հացն ու սեղան հաւասար, մեծն ու փոքր հաւասար, մարդիկ առ հասարակ եւ ամենայն ինչ հաւասար։
Այո՛, որդեակ իմ, շատ անգամ քեզ նման կը դատեն միամիտ, բարեսիրտ եւ գորովահոգի մարդիկ, կարեկցելով մեր ընկերական թշուառութեանց վերայ, որ մեծ մասամբ ապերջանիկ կեանք կը վարեն աշխարհիս երեսը. չարչարուած, աշխատութեան մէջ մաշուած, ստրկացած ու կորացած են երկաթէ լծերուն տակ, աղքատութեան ու կարօտութեան մէջ։
Այդ քո դատաստանը՝ մեղադրանք մի է, զոր մարդիկ մինչեւ երկնից նախախնամութեան դէմ կը հանեն, տրտնջալով, որ աշխարհիս կեանքը անհաւասարութեան մէջ գրեր է, մին երջանիկ կը լինի եւ մին ուրիշ թշուառութեամբ կապրի։ Մին գլուխ կը լինի եւ միւսն ոտք, մին կը տիրէ եւ միւսն կընկճի, մին ցյագ կուտէ եւ միւսն սովամահ կը կորնչի եւն։
Խօսեմ քեզ, որդեա՜կ, որ դատաստանիդ մէջ ուղղախոհ լինիս։ Նախախնամող կարգադրիչ իմ աստութիւնը կամեցեր է, որ այդ անհաւասարութեան կապով մարդկային ընկերութիւն կանգուն եւ կենդանի մնայ. եթէ մեր ընկերական կեանքը ամենայնիւ մի օրինակ հաւասար լինէր, այլ եւս ընկերական միութիւն չէր մնար աշխարհիս վերայ, բոլոր յարակցութեան կապերը կը քանդուէին. եւ պէտք էր յայնժամ մարդիկ ապրէին այնպէս՝ ինչպէս կապրին անասուններ։
Եթէ մեր ընկերական կեանք հաւասար լինէր, եւ մարդիկ երբէք իրարու ձեռնտուութեան չի կարօտէին, այնուհետեւ մարդոց մէջէն կը բարձուէր բովանդակ արդարութիւն, կեղծանէին առհասարակ պարտք եւ իրաւունք, կեղծանէին մարդոյն մէջ յառաջդիմութեան ոգին եւ մրցումն, աշխատութիւն կը դադրէր եւ հանճարը մարդոց ուղեղին մէջ թմրած անշարժ կը մնար: Ազատ մարդ հարկի տակ պիտի ապրէր առ անց բանաւորութեան։ Այնուհետեւ մարդոյն կեանքը խորհրդով, հանճարով ու յառաջդիմութեամբ չէր բարգաւաճեր, այլ կը չքանար իւր մտաւորական կարողութեան մէջ, եւ հոն կը մնար մարդ՝ ուր կան այժմ Ափրիկէի եւ Ամերիկայի հեռաւոր վայրենիները. որոց կեանքը անասնոց կեանքէն եւս վատթարագոյն է. իբրեւ մարդ ծնիլ, մարդ անուն կրել, եւ անասնաբար ապրիլ, բարին ու չար, լոյսն ու խաւար չորոշել։
Ծանիր ուրեմն, հանճարեղ որդեակ իմ, թէ մարդոյն Արարիչ մարդն ընկերական, բանաւոր եւ ազատակամ ստեղծեր է. նորա լեզուն եւ ոտքեր բնական օրէնքով չէ կապեր, որ չի խօսի եւ չի յառաջդիմէ, ինչպէս անասնոց սեռ, որ սկզբանէ անտի ուր որ են՝ անդ կան ու կը կենան։ Իսկ մարդոյն եւ ընկերական կեանքին մէջ մղիչ զօրութիւն մի կայ, որ ամէն կարգի եւ վիճակի մարդ կը մղէ եւ կը վարէ դէպի յառաջդիմութիւն. եւ այդ մղիչ ու շարժիչ զօրութիւնը՝ ուրիշ բան չէ, քան թէ իւրաքանչիւր մարդոց անհաւասարութեան վիճակ եւ կեանք։
Սորա համար բովանդակ մարդկային ընկերութիւնը մի զմիով ել եւ էջ առնելով՝ կը նկրտին եւ կը ձգտին եւ միշտ քան զնկերս առաւելուլ։
Թագաւոր կը ձգտի իւր գահն իւր աթոռակիցներէն բարձր դնել, եւ մերթ եւս աշխարհակալել։ Իշխանը կը ձգտի իւր իշխանակից ընկերէն յառաջ անցնիլ. զօրապետն կը ձգտի իւր զինակիցներէն աւելի յաղթանակ տանել, հարուստն կը ձգտի իւր հաւասարէն աւելի եւս հարստանալ, աղքատն կը ձգտի իւր թշուառութենէն ազատիր Բովանդակ ժողովուրդ կը ձգտի աշխարհիս հրապարակին վերայ մէն մի իւր ընկերէն անցնիլ, կամ հաւասար երթալ եւ կամ եթէ չկոյրէ առաւելուլ՝ գէթ յետս մնալով չնուազիլ։ Այնպէս նաեւ գիւտի հանճարներ գերազանցել կը մրցին, դրոց հեղինակները մատենագրելով կը մրցին։ Մամուլի ազատութեան խմբագիրներ ազատաբանելով կը մրցին, ճարտասաններ իրաւաբանելով կը մրցին. վարդապետներ ուսուցանելով եւ դաստիարակելով կը մրցին, ձեզ նման պատանիք յառաջդիմելով կը մրցին։
Արդ երբ ընկերական անհաւասարութենէն կը ծնին այսչափ յառաջդիմութեան մրցանակ տանողներ, խելամտութեամբ նկատել պէտք է որ մեր ընկերական անհաւասարութիւնն՝ իւր յոռի ծնունդներ եւս ունի։ Անտի կը ծնի նախանձ ու մախանք, որոյ ապացոյց եւ օրինակ Յովսէփայ ծաղկեայ պատմուճանն է. անտի կը ծնի բռնութիւն եւ զրկանք, երբ զօրաւոր զտկարն միշտ նուաճելով կը յաղթահարէ եւ կը հարստահարի, անտի կը ծնի անյագ արծաթսիրութեան մոլեգին ախտ. անտի կը ծնի մեծամիտ տիրապետութեան ոգին, անտի կը ծնին այլ եւ այլ թշուառութիւններ, եւ կապականեն ընկերական կեանք։ Բայց ինչպէս ուրիշ դասերուդ մէջ բացատրած եմ թէ՝ ամէն լոյս իւր խաւարն ունի, ամէն գեղեցիկ իւր տգեղ մասն ունի, եւ ամէն առաքինութեան հետ՝ մոլութիւն համընթաց է, եւ առաքինութեան ծնունդ միշտ երկուորեակ է։ Երբ զբարին ծնի, չարն եւս անդէն գիտես թէ ի միասին ծնունդ կառնու, ինչպէս Եսաւ։ Եւ միթէ ծնողքն եւս չար ու բարի զաւակներ միեւնոյն արգանդին չե՞ն ծնիր։ Ուստի բնական օրինաց ուղիղ հետեւանքն է, որ անհաւասար կեանքէն անհաւասարութիւն ծնի։
Լիկուրգոս, Սպարտացի մեծ օրէնսդիր, ուզեց այդ բնական օրէնքին դէմ կռուիլ ու ջնջել զայն. օրէնքով ոսկին եւ արծաթ հալածեց իւր աշխարհին, որպէսզի ագահութեան ընչաքաղցութիւնը բառնայ հարուստներու սրտին. եւ հասարակաց սեղան հաստատելով օրինագրեր, որ աղքատ եւ հարուստ մի եւ նոյն սակաւապէտ սեղանին վրայ հաւասար ընկերութեամբ ուտեն զհաց։ Օրէնք դրաւ, որ հարուստներու հայրենի կալուածները երկրի ընդհանուր ժողովուրդին վերայ իբրել հաւասար ժառանգութիւն լարաբամին լինին։ Եւ այսպէս բոլոր Սպարտացի ժողովուրդ, իբրեւ մի ընտանիք եւ գերդաստան կազմելով՝ կը հաւատար այդ անբանալոբ օրէնսդիրն թէ՝ կարող եղել անհաւասարութեան օրէնքը իսպառ եղծել իւր աշխարհին։ Ուստի մտաբերեց երթալ ի Դելբիս պատգամ ընդունել թէ՝ արդեօք իւր օրէնքներ՝ դիցն առաջ հաճոյ եղեր ե՞ն, ու երբ իմացաւ թէ խիստ հաճելի թուեր են դիցն, անդ ինքնասով կամակար մեռաւ. որպէսզի իւր օրէնքը նուիրագործելով կենդանի պահի աշխարհին մէջ։
Երանի՝ թէ Լիկուրգոսի նման Անգղիոյ մայրերը նոր օրէնսդիր մի ծնէին, որ ելնէր Լորդերուն աշխարհագրաւ կալուածներ հաւասար բաժնէր մշակ ժողովուրդին վերայ, ինչպէս Լիկուրգոս, որ օր մի հնձոց ժամանակ՝ տեսնելով արտերուն մէջ հաւասարաբաժին ցորեն ի խուրձեր, ասաց. «Ահաւասիկ եղբարցս՝ հաւասար ժառանգութիւն». թերեւս կակնարկէր հանճարեղ օ— րէնսդիրն, թէ այլ եւս կռուելու, զրկելու, բաժնելու պատճառ չէ մնացեք։
Այլ եւ այլ ժամանակի մէջ, մեծ օրէնսդիրներ ծնաւ աշխարհ. ոմանք իբրեւ ժողովուրդին հայր ու մայր՝ ջանացին օրէնքով հայրենի ժառանգութենէն Ժողովուրդին բաժին հանել եւ չը թողուլ, որ մշակ ժողովուրդն անժառանգ մնալով ստրկանայ։ Հողային հարստութեան մէջ, թերեւս փոքր ի շատ է յաջողի միայն երկրագործ ժողովուրդին համար. բայց միթէ հնարաւոր է քաղաքային կամ առեւտրական հարստութիւններ հաւասար բաժնել, որ շահավաճառութեան, արուեստի, եւ մարդոյն ինքնաշխատութեան իբրեւ արդար արգասիք համարուած իբրեւ հողային կալուած հաւասարաբաժին առնել. թողունք երկրին կառավարութեան պաշտօնեաները, որ մէն մի՝ իւր աստիճանի բարձրութեան չափով ռոճիկ կը ստանայ։
Թողունք այս ամէն, որդեակ իմ, պէտք է ներկային մարդ ներկայ կեանքին վրայ մտածէ, հին աշխարհ իւր հին օրէնքով ու ժողովուրդով անցեր է. այժմ Լիկուրդոսի եւ Սողոնի ժամանակն եւս անցեր է. վասն զի քաղաքակրթութիւնը՝ նոր դար, նոր օրէնք, եւ նոր ժողովուրդ կազմեց. ամենայն ինչ իւր հնութենէն յեղափոխեցաւ։ Քաղաքակրթութեան ազատ օրէնք թոյլ կուտան, որ իւրաքանչիւր մարդ ինքն աշխատութեան արդիւնքն ինքն ազատապէս վայելէ, բաւական է որ արդար լինի մարդ իւր աշխատութեան մէջ։ Բաւական է եւ երջանիկ կը լինի ժողովուրդ, եթէ երկրին օրէնք եւ իջխանութիւն հսկէ, որ աշխատող ժողովուրդին վաստակն ապահովի եւ նա կարենայ ազատութեամբ միայն իւր վաստակն վայելել. եւ չէ թէ հարուստի վաստակէն բաժին ընդունել։ Ո՞րչափ շնորհակալ կը լինի բաւականասէր ժողովուրդն, եթէ հարուստն եւս իւր արդար վաստակովն բաւականանայ, ել չկռփէ ու չհարստահարէ զանաւագ ժողովուրդն։
Կրկնելով այս դասն, դարձեալ կդասեմ քեզ, որդեակ իմ. քանի որ աշխարհ կայ, քանի որ մարդիկ թէ բնապէս եւ թէ կրթութեամբ իրարմէ կը զանազանին. անհաւասարութեան կեանք իբրեւ մշտնջենաւոր անյեղլի օրէնք պիտի տիրէ աշխարհիս վերայ. եւ դու եւս այս օրէնքին տակ պիտի հնազանդիս ու ապրիս։
Ուստի զքեզ կը յորդորեմ, որ ջանաս աշխատութեանդ մէջ արդար լինել, բնաւ երբէք աչք չը դնել ու չը նախանձիլ ուրի¬ շի վաստակին. այլ բարենախանձ լինելով՝ ձգտիր, որ դու եւս հարստանաս. բաւական է, որ արդար վաստակիդ հետը զրկանք ու նենգութիւն չի խառնես։ Տէր Աստուած պատուէր տուեր է, որ մարդ իւր ճակատին քրտինքով ապրի, զգուշացիր, որ կաթիլ մի ուրիշ ճակատի քրտինքէն չը խառնես քո քրտանց հետը. յուշ բեր այն առակը զոր կը պատմեն մեր մամերը. թէ՝ պառաւ կին մի այծ մունէր, եւ նորա կաթը վաճառելով կապրէր, բայց միշտ կը խարդախէր իւր կաթը՝ մեծ մասն ջուր խառնելով։ Արդար Աստուած պառաւին չը խնայելով՝ պատմեց զայն, վասն զի կաթին մէջ խառնուած ջուրերը միանալով գետ դարձան, ու դաշտէն գլորեցին տարան պառաւին այծը։
Դու կը զարմանա՞ս այս առակին վերայ. տեսնելով որ ներկայ աշխարհին մէջ ամէն կաթերը խառնուած են։ Բայց դու կաթդ արդար ու անարատ պահէ, միշտ երկնչելով Աստուծոյ արդարութենէն, որ կը հրամայէ ամպերուն, անձրեւով ու հեղեղով կորուսանել աշխարհիս անիրալ նենգողները։ Չը մտաբերես երբէք թէ կարեմ ես հեղեղէն փախչիլ, տունս հեղեղատին քովը չեմ շիներ։ Կուզես բարձրավանդակի վերայ շինէ եւ ուր կը լինիս եղիր. ջուրը կը թողու եւ գետնաշարժով կը քանդէ։ Սորա համար Դաւիթ վարանելով կասէր. Ես ո՞ւր փախչիմ։ Տէր իմ, եթէ երկինք ելնեմ, դու անդ ես, եւ թէ դժոխքն իջնեմ, անդ աւելի մօտ ես։ Ուրեմն արդարութեամբ գործէ, արդար վաստակով յառաջդիմէ, այլ եւս հարկ չը մնար քեզ Աստուծոյ ամենահաս ձեռքէն փախչիլ։
ԴԱՍ Դ.
ԻՇԻԱՆՈՒԹՅԻՒՆ
ԵՒ ՀՊԱՏԱԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ
ՄԵՐ ստեղծող իշխան Արարիչը, երբ զմարդն ստեղծեց, այնպէս կը թուի որ նախամարդոյն սերունդին հաւասար իշխանութիւն տալով՝ զայն տիրող իշխան կարգեց երկրին վերայ, ասելով թէ «Աճեցէք եւ բազմացարուք եւ լցէք ու տիրեցէք երկրին». այսինքն ծովուն ու ցամաքին եւ այն ամէն կենդանեաց, որ կը հպատակին մարդոյն իշխանութեան տակ. թէ եւ ոմանք մարդէն առաւել հուժկու եւ զօրաւոր են։
Դաւիթ մարդոյն այս տիրական իշխանութիւնը հաստատելով կասէ. «Զամենայն ինչ հնազանդ արարեր ի ներքոյ ոտից նորա, զխաշն եւ զարջառ եւ զամենայն ինչ»։ Թէեւ այնպէս կը թուի Սուրբ Գրոց պարզ իմաստ էն, որ մարդ իւր առանձին իշխանութեան սահման, եւ իւր ընկերին հաւասար իրաւունքը ճանչնալով՝ պէտք չէր որ բռնանար ու տիրապետէր իւր ընկերին վերայ։
Բայց դու յիշէ, խոհական որդեա՛կ իմ, եթէ քաջ խելամուտ եղար նախորդ դասիդ իմաստին, դու ինքնին կարող ես իմաստասիրել, որ իշխանութիւն մարդոց անհաւասար կեանքէն, խռովարար ոգիէն, տիրողական բուռն ձգտումէն եւ զօրութենէն ծներ է։ Եւ ինչպէս յայտնի է, մարդիկ հաւասար ձիրքով, հաւասար ուժով, հաւասար խելքով եւ հաւասար տոհմային ազնուականութեամբ չեն ծներ։ Ոմանք աչքի հետ մտաւոր լոյս ունին՝ ընկերին կառաջնորդեն. եւ ոմանց մտքին լոյս նուազ լինելով կը ստիպուին այլոց ետեւէն երթալ, ոմանք զօրութիւն ստանալով կը տիրեն, եւ ոմանք տկար լինելով կը հպատակին։
Աշխարհի պատմութիւն ցոյց կուտայ, որ իշխանութեան առաջին խանձարուրն ընտանիքն է. եւ մինչեւ ցայսօր իբրեւ բնական օրէնք ընտանեաց հայրն կիշխէ բոլոր գերդաստանին վերայ, եւ ինքն իւր տան մէջ նախաթոռ բազմելով կը վարէ ու կը կառավարէ զայն, որպէս զի խաղաղութեան եւ երկիւղած հնազանդութեան մէջ կենայ ընտանեկան կեանքն։
Իսկ երբ ընտանիքէն ընտանիք կազմուելով՝ շատ ընտանիք ի միասին բնակեր են. բնական է որ խռովութիւն, կագ ու կռիւ զանազան պատճառներէ յառաջ գալով՝ մարդկանց հետ կաճի. հարկն ստիպեր է յայնժամ, որ ամէն տանուտէր հայրերու մէջէն մի տանուտէր հայր ընտրեն իբրեւ դատաւոր եւ իշխան, որ պատկառելի ծերութեամբ, համբաւով, զօրութեամբ ու հարստութետմբ առաւելութիւն ունեցեր է միւս տանուտէրներէն. եւ աստի նախապէս կազմուեր է փոքր տանուտիրական տարածեր են աշխարհիս վերայ, այնուհետեւ իշխանութեան աստիճանն եւս աճելով եւ մեծնալով՝ հասեր է մինչել աշխարհակալութեան ծայրագոյն դիրք. որոց հզօր գաւազանին տակ փոքրիկ իշխանութիւններ կամ իսպառ ջնջուեր են, եւ կամ նուաճելով հպատակեր են։
Ուստի քաջայայտ կերեւի, որ իշխանութեան առաջին շաւիղ ընտանեկան արմատէն բուսեր է փոքր ինչ մեծնալով ընտանիքէն ելեր բոլոր ցեղին վերայ տարածեր է թեւերը, աւելի եւս մեծնալով այլ եւ այլ ցեղեր իւր իշխանութեան տակ հնազանդութեան բերելով՝ տիրեր է շատ քաղաքներու եւ գաւառներու վերայ։ Հուսկ յետոյ կարի զորանալով, ու բարձրանալով կամ թագ կապելով՝ թագաւոր եղեր է եւ կամ այլ եւայլ իշխանութեան առանձին գաւազաններն իւր միահեծան գաւազանին տակ նուաճելով՝ իբրեւ Կեսար, կայսրութեան բարձր տիտղոս ստացեր է։
Եւ այսպէս աստիճան առ աստիճան բարձրանալով՝ իշխանութիւնն իւր գագաթնածայր հասեր է։ Բայց իշխանասիրութեան ոգին երբէք իւր ծայր եւ սահման չունի։ Քանի այս աշխարհ կայ՝ իշխանութեան գաւազաններ պիտի մրցին իրարու հետ. եւ ով գիտէ, գուցէ ապագային մէջ բովանդակ երկրագունդը մի գաւազանի տակ ընկճուի. եւ միթէ այս բանն՝ աշխարհիս պատմութիւն եւ փորձ շատ օրինակներով ցոյց կուտայ, որ իշխանութեան կեանքն եւս իւր ծերութիւն եւ վախճանն ունի, եւ եթէ Նաբուգոդոնոսորի ծառին չափ բարձրանալով իւր գաւազանին շառաւիղներ տարածէ բովանդակ աշխարհին վերայ. ի վերջոյ յերկիր կործանելով կը տապալի ինչպէս Մակեդոնականն, Հռովմայ, Բաբիլոնի եւ Ասորեստանի իշխանութիւններ, որպէսզի ճանչնայ եւ խոնարհի մարդոյն մեծամտութիւն. թէ՝ Բարձրելոյն մշտնջենաւոր զօրութիւնը կը տիրէ, եւ ժամանակի ահեղ տապարով պիտի կտրէ ու կործանէ այն ամէն իշխանութեան ծառերը, որ երկնից զօրութեան դէմ կը բարձրանան եւ կը ջախջախեն ժողովուրդին կեանք եւ զօրութիւն։
Եթէ մտաբերես, որդեակ իմ, ինչպէս մտաբերելով կը ցանկան ծայրայեղ ազատամիտներ. թէ արդեօք աւելի լաւ եւս չէր լիներ, եթէ մարդկային ընկերութիւն ազատ անիշխան ապրէր, եւ իշխանութեան ծանրակիր լուծ չը կրէր իւր պարանոցին վերայ. մարդն ինքնիշխան ինքնարվար լիներ, եւ չը պարտէր երրէք տուրք, հարկ, զինուոր, եւ այլ բազմապատիկ օրինական եւ ապօրինի բռնի պահանջներ վճարել։
Լո՜ւր, որդեակ իմ, ես պատասխան տամ քեզ, ամենայն խելամտութեամբ ուշ դիր։ Մարդկային ընկերութիւն բնաւ կարելի չէ որ առանք իշխանութեան, առանց օրինաց, առանց դատաստանի եւ հատուցման այս աշխարհիս վերայ ապրի եւ խաղաղ կեանք վարէ, ինչպէս երկնից թռչուններ եւ լեռներու ազատ էրէվայրիներ, եւ այլն։ Չէ թէ աշխարհիս այլ եւ այլ ազգեր, այլ նոյն իսկ մի ազգ եւ մի համազգի ընտանիք առանց հայրական իշխանութեան հնար չէ կառավարել։ Կը տեսնամք եղբայր եղբօր դէմ սուր կը հանէ, եւ համարիւնն՝ իւր համարիւն հարազատին արիւն կը թափէ, եւ մերթ եւս ստահակ որդիքներ հօր դէմ կապստամբին, ո՞ւր կը մնայ անընտանի օտարն օտարին հետ խաղաղութեամբ ապրի ու վարի։
Կան մարդիկ, որ կը մտածեն, թէ իշխանութիւնը հին աշխարհի վայրենի ընկերութեան համար պէտք էր, բայց արդ երբ գիտութեան լոյս եւ քաղաքակրթութեան դարը մարդոց հին կեանք փոխեց, վայրենական բիրտ ոգին զգօնացոյց, մարդ ճանչցաւ իւր պարտիք եւ իրաւունքը, ճանչցաւ իւր ընկերին հաւասարակշիռ իրաւունք. Աւետարանին հաւատալով ճանչցաւ նաեւ Յիսուսին աւանդած մարդկութեան ընդհանուր խղճին օրէնքը, «Զամենայն զոր ինչ կամիցիք թէ արասցեն ձեզ մարդիկ, այնպէս արարէք եւ դուք նոցա»: Այլ եւս զի՞ պիտոյ է իշխանութեան նուաճող գաւազան, կամ սպառնացող սաստն ու սուր. օրէնք եւ իշխանութիւն խաժամուժ ամբոխին համար է, որ ոչ գիր գիտէ եւ ոչ օրէնք։
Երանի՜ թէ քաղաքակրթութիւն զմարդն այդ ծայրագոյն կատարելութեան տանէր, սուրն եւ իշխանութիւն բարձուէր աշխարհէս։ Բայց դու մի՜ հաւանիր, որդեակ իմ, այդ կարծիք ազատասէր մարդոյն երեւակայութեան երազն է։ Շողունք ասիական ազգեր, ուր քաղաքակրթութիւն դեռ չէ ծներ, եւ թէ ծներ՝ տակաւին մանուկ է։ Էրթանք Եւրոպա, ուր քաղաքակրթութիւն ծներ եւ զարդաբեր է, եւ եթէ այդ եւս բաւական չես համարիր, անցնինք Օվկիանոս, երթանք Ամերիկա, ուր կը կարծուի թէ ազատ քաղաքակրթութիւնն իւր արբուն հասակն առեր է։ Ուր ժողովուրդ առանց թագի, առանց կայսերական հզօր այնպէս համարենք, որ այդ աշխարհէն բարձուի նախագահն, վերնան բոլոր օրէնքներ, սուրն ու թնդանօթ ժողովուին դարբնոցին մէջ. միայն երկրագործին համար խոփ ու մանգաղ շինուին. ձէ ընդհանուր Ամերիկայի կիսաշխարհին մէջ հրատարակուի այսպէս թէ, Այսուհետեւ իշխանութիւն եւ օրէնք բարձուած է, դատաստան հատուցումն չիկայ այլ եւս. իւրաքանչիւր մարդ թող իւր ազատակամ իշխանութեամբ վարի, մարդն ինչ որ կարէ գործել ազատ է, իւր համար հսկող ոստիկան, ատեան եւ հարցափորձ չիկայ», եւ այլն։
Դու կը տեսնաս յայնժամ, թէ ինչ կը լինի սորա հետեւանքն. այդ քաղաքակիրթ աշխարհն Ամերիկա, այդ հասարակապետական օրինասէր ժողովուրդն մի վայրկենի մէջ վայրենի կը դառնայ, խուժանն եւ քաղաքակիրթն միանգամայն ի զէն կը դիմեն, ընկերութեան հրապարակն արեան ծով կը լինի. հարուստներն առ հասարակ կը կողոպտուին, խաղաղութիւն տեղի կուտայ, խռովութիւն կը յուղի ինչպէս Ովկիանու ալիքներ. ով որ բուռն է՝ կը տիրէ, ով որ տկար է՝ կը նուաճի բռնութեան տակ վերջապէս ընկերութեան բոլոր շէնքեր կը քանդուին, կապեր կը կտրուին, մարդիկ կռուով ու սրով կը սպառեն զիրար մինչեւ յետին ճետն ու սերունդ։
Եթէ քաղցած առիւծ հանես իւր վանդակէն եւ արձակ թողաս ժողովուրդին հրապարակ, ինչ կը լինի եւ ի՞նչ կը գործէ, այդ յայտնի է, իւր ժանիքներով ամէն բան կը ծախէ. այսպէս նաեւ մարդկային ընկերութիւն, թող քաղաքակիրթ լինի նա, եթէ զայն ի դուրս հանես իշխանութեան եւ օրինաց շրջափակ վանդակէն եւ ազատ թողուս, նոյն կը գործէ մարդն ինչ որ կը գործէ վայրենի առիւծն, թերեւս հնար լինի ողոքել զառիւծն երբ յագենայ, բայց մարդոյն կատաղութեան երբէք յագուրդ չիկայ։
Համոզուեցա՞ր այժմ, ազնիւ որդեակ իմ, որ աշխարհս առանց իշխանութեան չի կառավարուիր։ Միթէ հաւատալ կարելի՞ է։ Որ տիեզերք առանց Աստուծոյ եւ յաւիտենական օրինաց կառավարուի, նաւն առանց նաւապետի եւ ղեկավարի ուղղուի, եւ կամ ամեհի ձին՝ առանց սանձահարի։ Ո՞վ չի գիտեր թէ մարդն քան զձին ամեհի է. միայն իշխանութեան եւ օրինաց սանձն է որ կը վարէ զայն, ապա թէ ոչ՝ նա սանձակոտոր լիգամ ցոյց տուած է Ֆրանսիոյ այն մեծ ազգ որ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ զինքն իբրեւ փայլուն աստղ մի կը կարծէ, եւ երբ անիշխանութիւն կը տիրէր՝ այդ կրթեալ եւ ուսեալ ժողովուրդը, խուժան կը դառնար եւ ամէն բան կը տապալէր, թէեւ այն բան՝ իւր հայրենեաց փառք ու պարծանք լինէր։ Ես այնպէս կը դատեմ, որ քաղաքակրթութիւնը մարդոյն վայրենութեան բարքը կեղեւով մի պատեր է արտաքուստ. եթէ վերցնես իւր գլխէն իշխանին սուր եւ օրէնք՝ նա իսկոյն իւր բուռն կրից ժանիքներով կը պատառէ այդ կեղեւը եւ հին վայրենութիւն դուրս կը հանէ։ Ուրեմն իշխանութիւն եւ օրէնք վերին տեսչութեան յաւիտենական կարգադրութիւնն է, որպէս զի մարդիկ երկիւղածութեամբ եւ բանավարութեամբ ապրիէն ընկերական կեանքին մէջ։
Արդ սկսիմ համառօտել թէ՝ իշխանութիւն եւ ժողովուրդ ինչ պարտիք եւ իրաւունքներ ունին իրարու հետ, զորս կը չափէ արդարութիւն, որ միշտ հաւասարակշիռ լինին եւ երկուստեք պարտքեր վճարուին եւ իրաւունքներ պահանջուին։
Իշխանութեան առաջին պարտիքն է ճանչնալ եւ հաւատալ. թէ իշխանութիւն աստուածպետական զօրութենէն իբրեւ աւանդ տրուած է, ինչպէս Հոգին կը խօսի Սողոմոնի բերնով. «Ի տեառնէ տուաւ ձեզ հարստութիւնդ եւ իշխանոլթիւնդ ի Բարձրելոյն. որ պահանջեսցէ զգործս ձեր եւ քննեսցէ զխորհուրդս»։ Իշխանութիւն իւր հաշիւն ու համար միայն Աստուծոյ չի տար, այլ եւ ժողովուրդին, երբ ինքն սահմանադրապես ընտրուած է։ Իշխանութեան՝ մեծ ու նուիրական պարտիքն է, արդարութիւն սիրել եւ օրինաց իրաւացի վճիռը արդարութեամբ ի գործ դնել. առ այս կը յորդորէ Սողոմոն, որ դատաւոր եւ թագաւոր էր Աստուծոյ ժողովուրդին։ «Սիրեցէ՛ք զարդարութիւն, որք դատէք զերկիր՛ք Իշխանութեան պարտիքն է, երկրին խաղաղութեան համար հսկել, հանապազ հոգալ ժողովոլրդի բարօրութեան, բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան համար, ուղղապէս խորհելով, որ իշխանութեան աթոռը՝ ժողովուրդի պատուանդանին վերայ հաստատուած է, եւ երբ ժողովուրդ կործանի՝ անշուշտ իշխանութիւնն եւս կանգուն չի մնար։ Իշխանութեան իրաւունքն է չափով եւ արդարութեամբ ժողովուրդէն հարկեր պահանջել. բայց երբէք դատաստան եւ իրաւունք չէ, որ ծանր ծանր բեռներով Ժողովուրդին թիկունք մինչեւ ի գետին կորացուցանէ։ Եթէ այսպէս ջլատէ ժողովուրդին ուժն եւ ոգին, ինքն եւս իւր զօրութենէն կը թափի, զի ով չի գիտեր թէ ժողովուրդն իբրեւ գործող անդամ կը համարուի կառավարութեան. երբ անդամներ ուժաթափին՝ գլուխն եւս նորա հետ կուժաթափի, այնուհետեւ կը կորուսանէ իւր խորհուրդ, կը հիւանդանայ առաջնորդող գլխոյն առողջ ուղեղն եւ յայնժամ ժողովուրդին եւ իշխանութեան զօրութիւն միապէս կսպառին եւ երկրին վերայ կը հասնի եւ կը տիրէ աղետաբեր վիճակ։
Իշխանութիւն՝ երկրին եւ ժողովուրդին երաշխաւորող հաւատարիմ աւանդապահն է, այնպէս պէտք է պահել այդ սուրբ աւանդը, որպէս թէ իւր կեանքն է, իւր փառքն է եւ իւր կենդանատու հոգին եւ զօրութիւնն է։
Իշխանութեան զօրութիւն եւ հաստատութիւն՝ արդար եւ հաւասար օրէնքն է։ Ուստի իւր ամենամեծ պարտիքն է, որ երկրին օրէնք անաչառ ճշդութեամբ հաւասարապէս գործադրէ տկարին եւ զօրաւորին վերայ, իշխանին եւ ժողովուրդին վերայ չը թողուլ, որ զօրաւորներ հեստեն օրէնքին դէմը, եւ նոքա, որ կարդեալ են օրէնք պաշտպանելու նոքա զեղծանին օրինաց մէջ եւ առ ոչինչ համարին զայն:
Իշխանոլթիւն իբրեւ օրինաց վրէժխնդիր ու նախանձաւոր, իւր պարտիքն է. երկրին, ժողովուրդին եւ առաւել վարիչ պաշտօնեաներու մէջէն օրինաք զեղծումներն առ հասարակ բառնալ, ապա թէ ոչ, զեղծումներ յաճախելով՝ ի վերջոյ իշխանութիւնը կը բառնան, եւ կը մատնեն զայն օտարին ձեռք, վասն զի ներքին զեղծումներն զհայրենիք աւելի կը դաւաճանեն քան թէ օտար թշնամիք։
Իշխանութիւն պէտք է առաքինութեան պաշտպան հանդիսանայ եւ մոլութիւն սանձահարէ, իւր մեծ, նուիրական պարտիքն է՝ չը թողուլ երբէք, որ ժողովուրդին կեանք եւ բարք ապականող զեղծումներ տարածեն երկրի մէջ, իբրեւ տարափոխիկ հիւանդութիւն, որ ի վերջոյ մահ եւ կորուստ կսպառնան ընդհանուր իշխանութեան երկրին։ Միայն կրօնի պաշտօնէից քարոզն ու խրատ բաւական չէ հեստող ժողովուրդին կամք նուաճել, այլ պէտք է նաեւ իշխանութեան սաստն եւ սուր, որ ձեռնհաս կը լինի զեղծումներ քաղաքային օրէնքով բառնալ։
Իշխանութեան պարտիքն է մեծ իմաստութեամբ տնտեսել երկիրը. չթողուլ որ իւր հարստութեան գետերը երթան թափին օտար ծովերու մէջ, ի վերջոյ երկրին ջուրը ցամքի, դառնայ ծարաւ մի անապատ, երկրին հարստութեան գետեր երկրին մէջ պահելու համար՝ պէտք է զայն շրջապատել օրէնքով եւ այն միջոցներով, զոր քաղաքային տնտեսութիւն կուսուցանէ։
Եթէ իշխանութեան զօրութիւն կը յաւելու երկրին հարստութիւնք եւ բարգաւաճանք, ուրեմն իւր ձեռնհասութեան պարտիքն է ժողովուրդին առաջը յորդել յառաջդիմութեան ճանապարհ. բառնալ ամէն խոչ եւ խութեր, յորմէ ժողովուրդ խուսափելով կանգ կառնու շահավաճառութեան առաջ. նաւարկութիւն բանալ, լեռներ եւ ձորեր հարթել, արուեստ եւ արուեստագէտները քաջալերել, երկրագործ ժողովուրդին ազատութիւն եւ ապահովութիւն տալ, որ երկիրը մշակելով արդիւնաւորէ։ Քանի որ շահավաճառութեան մէջ իւր երկրի բերքն ուրիշ երկիրներէ ընդունուած բերքերուն հետ հաւասարակշռութիւն չունի, պէտք է օրէնքով հաստատել եւ զսպել ժողովոլրդին վայելչասիրութեան ցանկութիւնը, որ իւր երկրի բերքերով շատանայ, սակաւապէտ կեանքի մէջ վարժելով զայն. թէեւ ընդհանուր վաճառականութեան օրէնք ազատ է, բայց իւրաքանչիւր իշխանութեան ազատ իրաւունքն է իւր երկրին շահը առաւել պաշտպանել։
Իշխանութեան սրբազան պարտիքն է միշտ խաղաղութիւն սիրել, խաղաղութեամբ կառավարել, եւ ամէն հնարաւոր միջոցներ ի գործ դնելով պատերազմ չը յարուցանել ոչ ուրիշ իշխանութեան դէմ, եւ ոչ պատճառ տալով ուրիշ իշխանութեան մը՝ իւր դէմը։ Բայց երբ դաշնակցութիւն կեղծուի, ուրիշ իշխանութիւն մի կը բռնանայ իւր վերայ եւ երկրին շահը կը վտանգի, յայնժամ իւր պարտիք եւ իրաւունքն է պատերազմ հրատարակել, որ թշնամին չոտնահարէ երկրին ազատութիւն եւ իրաւունքը։ Միայն թէ պատերազմող իշխանութիւնն՝ աստ պէտք է յիշէ Քրիստոսի առակը, որ նախատեսութիւն կուսուցանէ. նախ պէտք է հաշուէ իւր ծախսեր, եւ իւր զօրութիւնը՝ թշնամւոյն զօրութեան հետ կշիռ դնելով՝ հասու լինի թէ կարո՞ղ է տասնհազարով պատերազմ տալ նորա դէմը, որ քսան հազարաւ կուգայ իւր վերայ։ Ապա թէ ոչ, մեծ խոհեմութիւն է հրեշտակութիւն առաքել եւ հաշտութիւն խօսիլ։ Վասն զի շատ բարի է եւ երկրին շահ, թէ մեծ եւ թէ փոքր զոհողութեամբ խաղաղութիւն հաստատել քան թէ պատերազմով երկրաւեր լինել. թող այն, որ երկրին գանձ կսպառի, այլ եւ արիւնով եւ մահով ժողովուրդին կայտառ որդիք զոհ կերթան եւ կսպառին պատերազմի դաշտին մէջ, որով ինքն պարտական ու պատասխանատու կը մնայ, «Զի թագաւորն ոչ միայն զիւրն տացէ պարտիս, այլ եւ որոց եղել պատճառ մահուան»։
Իշխանութեան առաջին եւ վերջին մեծ պարտիքն է լոյս, գիտութիւն եւ կրթութիւն տարածել ընդհանուր երկրին մէջ, իշխանութնան աթոռէն սկսեալ մինչեւ խոնարհ ժողովուրդին խրճիթը հաւասարապէս լոյս ծաւալել, հաւատալով, որ երկրին բարգաւաճանք ժողովուրդին լուսաւոր կրթութենէն կը ծնի ինչպէս որ թշուառութիւնը՝ նորա տգիտութենէն։
Շատ մեծ սխալ, եւ անիրալ քաղաքականութիւն է, եթէ ասէ իշխանութիւն, թէ՝ Ժողովուրդը տգիտութեան եւ անզգայ թմրութեան մէջ պահեմ, որպէսզի նա կոյր մնայ, չանսաստէ իշխանութեան դէմ, եւ ես անկասկած եւ դիւրութեամբ իշխեմ։
Որչա՜փ յոռի եւ յետադէմ է այս դրութիւն քաղաքակիրթ աշխարհին լուսամիտ գաղափարին առաջ, որ միշտ կը ջանայ ժողովրդին մտաւորական զարգացումն յառաջ տանելով լուսաւորել զայն, հաւաստի լինելով որ երկրին յառաջդիմութիւն եւ բարգաւաճ կեանքը ժողովուրդի լուսաւորութենէն է, ինչպէս թշուառութիւն տգիտութենէն, միթէ ինքնին երջանի՞կ կը լինի իշխանութիւն, երբ ժողովուրդ թշուառանայ, եւ ի՞նչ փառք ու պարծանք է թշուառին վերայ իշխել։ Թշուառ ժողովուրդին կեանք անշուշտ վախճան մի ունի, նա կը մեռնի թէ վաղ թէ անագան, եւ երբ մեռնի, իշխանութիւն այլ եւս ո՞ւմ վերայ կիշխէ, անշէն եւ անապատ երկրին վերա՞յ։ Նոյն ժողովուրդի թաղուած գերեզմանին մէջ կը թաղուի իշխանութիւն, եթէ ջանայ նախ ժողովուրդը թշուառութեան գերեզմանին մէջ թաղել, եւ բռնութեան ծանր կափարիչով փակել նորա բերանը։
Այսչափ եւ այսպիսի են, սիրել ի որդեակ իմ, իշխանութեան պարտիքներ, զոր փոքր ի շատէ միայն դրեցի, կան տակաւին ուրիշ պարտիքներ, թողի զայնս, որ դու ինքնին իմաստասիրես։ Երկրին իշխանութիւն կը զեղծանի, եթէ այդ պարտիքներ չկատարելով ընդհակառակն վարի, եթէ թողու օրինաց արդարութիւն եւ միայն բռնի եւ որով իշխէ: Եթէ մեղկանալով երբէք թէ թշնամին քաղաքը պաշարեր է. եթէ ժողովուրդին եւ իշխանութեան շահն իրարու հետ չկապէ, որ երկրին ընդհանուր շահն է. այլ միշտ ջանալ որոշել իշխանութեան շահն եւ այնպէս վարիլ, կամ անգիտութեամբ եւ խորամանկութեամբ։
Իշխանութիւն կեղծանի իւր վարչութեան մէջ, երբ անընտրող կը լինի, արժանաւորին եւ անարժանին յարդ մի կշռով կը չափէ. մերթ եւս պատիւ եւ բարձ կընծայէ նմա, որ երկրին շինութեան հիման մի քար չէ գրեր. կը թողու լաւն ու կարող, եւ ժողովուրդին կառավար կը դնէ այնպիսիներ, որոր միտքը թափուեր է կառավարութեան ուսմունքէն եւ օրէնքէն, որք առաւել կարօտ են կառավարուելու քան թէ կառավարելու:
Իշխանութիւնն անիրաւութեամբ կը զեղծանի. եթէ դատաստանի առաջ նուիրական չհամարի օրինաց հաւասարութիւն, աչառելով խաբէ տեառն եւ ծառաւին դատաստան, զօրաւորին եւ տկարին դատաստան, եւ թողու որ դատաւորաց կամք՝ դատարանին մէջ իբրեւ օրինադիրք վճռէ։
Իշխանութիւն չարապէս կը զեղծանի եթէ երկրին չարերը չպատժէ պարզապէս, այլ թողու որ չարեր աճելով բազմանան ու հեղձուցանեն բարիքները. նոյնգունակ մեծապէս կը զեղծանի, երբ բարիքները կը թողու անվարձ անպսակ, նոքա որ երկրին յառաջդիմութեան անձնանուէր կը լինին, որ հաւատարմութեան ուխտն անդրժելի կը պահեն։
Իշխանութեան զեղծումներ շատ եւ բազմադիմի են, դժուարին եւ երկար բանից կարօտ է նորա նկարագիրը հանել. բայց դու թէ հետաքրքիր լինիս, հետազօտես երկրին իշխանութեան եւ ժողովուրդին կեանքը, զեղծումներու երեւոյթ պատկերը յանդիման կը տեսնաս։
Այլ եւս կը մնայ ինձ խօսիլ, որդեակ իմ, թէ ժողովուրդին պարտիք եւ իրաւունքն ի՞նչ է առ իշխանութիւն. եւ բովանդակել այս դասն՝ որ բաւական ընդարձակեցաւ, եւ դու գիտես, որ դորա պատճառը նիւթին եւ առարկային մեծ կարեւորութիւնն էր։
Ինչ որ իշխանութեան պարտիքն էր, այն է աւասիկ ժողովուրդին իրաւունք, եւ ինչ որ իշխանութեան համար իրաւունք է, այն է տիրապէս ժողովուրդին պարտիք։
Ժողովուրդին առաջին պարտիքն է ճանչնալ եւ հաւատալ, թէ իշխանութեան գաւազանը երկնքէն դէպ ի երկիր ձգուեր է. նորա վերին ծայրը տիեզերքը վարող պետական աթոռին կցուած է, եւ միւս վարի ծայրը աշխարհիս վերայ հաստատուած է։ Սորա համար Սուրբ Պօղոս կասէ. Իշխանութիւն Աստուծու է, եւ որ ենն՝ յԱստուծոյ կարգեալ են։ Թողունք այս, մեծ քան զՊօղոսն՝ Յիսուս վարդապետ Պոնտացի դատաւորին առաջ վկայեց, երբ Պիղատոս կասէր. Եթէ ես իշխանութիւն ունիմ զքեզ խաչհանել կամ արձակել, Յիսուս պատասխան տուաւ «Ոչ ունէիր դու իշխանութիւն ի վերայ իմ եւ ոչ մի, եթէ ոչ էր տուեալ քեզ ի վերուստ»։ Քրիստոս եւ քրիստոնէական կրօնի ուսուցիչներ առ հասարակ կը պատուիրեն ճանչնալ իշխանութիւնը, պատուել, հնազանդիլ, երկնչել, եւ տալ կայսերին՝ կայսեր, եւ այլն։
Ժողովուրդին պարտիքն է իշխանութեան հետ ճանչնալ նաեւ երկրին ընդհանուր օրէնքները, քաղաքային օրէնքներ, դատաստանի օրէնքներ, տրոց եւ հարկի օրէնքներ, կալուածական օրէնքներ, եւ այլն։ Վասն զի իւր պարտիք եւ իրաւունք այս օրէնքներէն կորոշին, եւ օրէնքն է որ կը չափէ եւ կը կշռէ ժողովուրդին եւ իշխանութեան իրաւունք եւ պարտիք։ Ուստի ժողովուրդն ամենայն խնամով պէտք է սորվի երկրին օրէնքներ. որպէս զի օրինավորներ ժողովուրդի անգիտութեան եւ ապշութեան համար չը համարձակին նոյն իսկ օրէնքով հարստահարել, որոց օրինակ բազում անգամ եւ բազում տեղ կը տեսնամք աշխարհին մէջ:
Ժողովուրդ երբ իւր հպատակութեան պարտիքներ սրտի մտօք եւ անթերի կը կատարէ, նա իրաւունք ունի իշխանութենէն պահանջել այն ամէն պարտիքներ, զորս դրեցի ի վեր. եւ երբ իշխանութիւն մի իւր իրաւունք ժողովուրդէն լիովին կստանայ եւ առ ժողովուրդն ունեցած պարտիքներ կը մոռնայ, այլ եւս ժողովուրդ ինչ միջոցալ կարող է այդ անվճար եւ մոռացեալ իրաւունքը ձեռք բերել։
Իսկ դու, ազնիւ որդեակ իմ, որ ընդ իշխանութեամբ ծնած ես եւ ժողովուրդին կրթեալ զաւակն ես, պարտիքներդ սրտի մտօք տար ու կատարէ, իբրել քրիստոնեայ ուշ դիր Պօղոսի խրատուն, որ կը յորդորէ հնազանդ լինել իշխանութեանց. եւ հատուցանել որում զպարտս՝ զպարտ, որում զպատիւ զպատիւ. եւ այլն։ Նոյն Պօղոս կասէ թէ՝ իշխանութիւն վայրապար չէ կապեր սուրը իւր մէջքը, որով աշխարհիս չարագործներուն հարուած կսպառնայ. իսկ եթէ դու կուզես իշխանութենէն չերկնչիլ եւ ազատ վարել կեանքդ բարիք գործէ. զի բարութիւն եւ բարեգործն, առաքինութիւն եւ առաքինին միշտ ազատ են այդ երկիւղէն ու հարուածէն։ Բայց թէ մերթ ընդ մերթ բարութեանդ փոխարէն ապիրատութիւն ընդունիս, յայնժամ յիշէ Պետրոսին խօսք որ կասէ. «Զի՞նչ երախտիք իցեն, եթէ յորժամ մեղանչիցէք տանջիցիք եւ համբերիցէք. այլ եթէ զբարիս գործիցէք, չարչարիցիք եւ համբերիցէք. այն շնորհք յԱստուծոյ են, քանզի ի գոյն իսկ կոչեցարուք». եւ այլն։
Քանի որ աշխարհ կայ, չարչարանքներ աշխարհէս չեն բարձուիր, միայն թէ կը պակասին, ժողովուրդ եւ մարդիկ անհրաժեշտ է պիտի կրեն չարչարանքներ, թէ առաւել թէ նուազ, թէ իշխանութեան ձեռքէն եւ թէ նոյն իսկ իրենց ձեռքէն, թէ իբրեւ մեղապարտ՝ յանցաւոր դատուելով, եւ թէ իբրեւ անպարտ՝ անիրաւի կրելով։
Կը փափաքիմ քեզ համար, որդեակ, որ ոչ դու անձիդ համար չարչարանք քու ձեռքովդ պատրաստես եւ ոչ նաեւ յանցապարտ լինիս, որ իշխանութիւն զքեզ չարչարէ. բայց թէ աշխարհի ծանրացող ձեռք զքեզ եւ ժողովուրդ հաւասար չարչարէ, այդ եւս քո քրիստոնէական պարտիքն է, զոր պէտք է յօժարաբար տանիս ու համբերես եւ մինչեւ իսպառ համբերես, հաւատալով թէ վախճանը կեանք է։
ԴԱՍ Ե.
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՒ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻՍ
ԱՇԽԱՐՀԻՍ խոնարհ ժողովուրդին եւ ազնուական կոչուած բարձրագոյն կարգին դասը պիտի խօսիմ քեզ, անտոհմիկ որդեակ իմ. դու գիւղական ժողովուրդի մի զաւակն ես, ժողովուրդի մէջ կապրիս, պէտք է գիտնաս ու ճանչնաս նաեւ այն բարձրագոյն դասն մարդոց, որոց կեանքն ու վիճակ հասարակ ժողովուրդի կեանքէ շատ բարձր է, ու շատ զանազանութիւն ունի:
Դու պէտք է լիովին գիտնաս ժողովուրդին կեանք եւ գործեր, եւ թէ ի՞նչ են հարուստ ազնուականաց դասն, իրենց կեանք եւ գործեր, եւ իւրաքանչիւրին պարտիր եւ իրաւունք աշխարհիս վերայ։
Բոլոր երկրագնդիս երեսը բնակող մարդկային ընկերութեան ամենամեծ մասն միշտ ժողովուրդն է. եւ նա է ծներ ամէն կարգի ազնուականաց եւ իշխանաւորաց դասն. կայսր, թագաւոր, իշխան, պայազատ, ամէնքն եւս ժողովուրդի զաւակներն են, զի ժողովուրդն է բուն արմատ եւ մայր ամէն կարգի եւ վիճակի մարդոց։
Աշխարհիս մեծագոյն շինարար մասն ժողովուրդն է. դաշտային գիւղերու բնակիչ աշխատաւոր եւ հաց վաստակող մշակ՝ ժողովուրդն է. նմանապէս քաղաքներու բնակիչներն մեծ մասամբ ժողովուրդն է։ Խիստ փոքրագոյն մասն կը կազմեն ազնուականաց կարգն, որք ընդհանրապէս մայրաքաղաքաց եւ քաղաքներու մէջ կը բնակին։
Ժողովուրդ մարդկային ընկերութեան մէջ բուն մարդոց կեանք եւ պիտոյք կազմող եւ պատրաստող ամենաաշխատ եւ պիտանի օգտակար մասն է։ Ժողովուրդն է, որ իբրեւ երկրագործ մշակ կարդիւնաւորէ երկրին բարեբերութիւն, եւ կը մատակարարէ աշխարհին։ Նա է, որ հաց, միս, իւղ եւ այլ կաթնեղէն նպարներ կը հանէ մեր սեղան։ Նա է, որ այգեգործութեամբ մեր խնճոյից բաժակներ պատուական գինւով կը լեցնէ։ Ժողովուրդ իւր տնկած պարտիզէն բազմազան ազնիւ պտուղներ հանելով՝ քաղաքացւոց եւ ազնուականաց սեղան առհասարակ կը զարդարէ։ Նա է, որ բուրգով, փափկասեր այծենով, բամբակով, վշով, եւ այլ բազմատեսակ բուսական նիւթերով՝ ժողովուրդին պարզ հանդերձ եւ ազնուականաց պերճանքներ կը պատրաստէ:
Ժողովուրդ իբրեւ արհեստաւոր, բիւր հազար տեսակ արուեստական աշխատութեամբ մեր կեանքի անբուն անհամար պէտքեր կը հոգայ, մանաւանդ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ, ուր կառաւելուն միշտ նորասիրութեան պերճանքներ։ Նա կը շինէ ու կը զարդարէ թագաւորի պալատ, իշխանաց ապարանք եւ այլ ամէն ինչ, որ կը վերաբերի նոցա ճոխ կեանքին ու վայելման։
Ժողովուրդն իբրեւ գիւտերու եւ արուեստներու հնարիչ իւր արդիւնք եւ յառաջդիմութիւն շատ մեծ է. եւ այլ մասին մէջ երբէք համեմատութիւն չունի, այլ միշտ կառաւելու ազնուականաց դասէն։ Ժողովուրդ իբրել աշխատութեան մայր՝ բոլոր ծովագնաց նաւերուն համար նաւապետ եւ նաւաստի կուտայ. բոլոր մեծամեծ գործարանաց համար գործաւոր մշակ կուտայ, բոլոր հանքերուն համար գետնի տակ անարեւ անլոյս խորերուն մէջ հանքահաններ կուտայ, համայն երկրագունդ բեղմնաւորելու համար հողագործ աշխատաւորներ կուտայ։
Ժողովուրդ իբրեւ գրականութեան անխոնջ մշակ, իբրեւ մատենագիր հեղինակ, իբրեւ լուսաւորութեան եւ յառաջդիմութեան առաջնորդ՝ աշխարհ թուղթերով, գրքերով ու թանգարաններով լցոյց, խաւարն ու մութ փարատեց մարդոց մտքէն եւ լուսավորեց մարդոյն մտաւորական աշխարհ։
Կը խելամտի՞ս, որդեակ իմ, թէ աշխարհիս վերայ մարդկային ընկերութեան կեանք պահող եւ արդիւնաւորող ժողովուրդին աշխատութեան կեանքն է։ Թող այդ ամէն արտաքին մասերը, որ ժողովուրդի աշխատութեան կեանքէն կը բղխի, եւ աշխարհ նոցա վաստակով կը յագենայ ու կը ճոխանայ։ Ժողովուրդ նաեւ իւր ներքին ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքին մէջ շատ պտղատու եւ բարգաւաճ է. գիւղեր ու քաղաքներ նորա զաւակներով կը լեցուին. դրախտի օրհնութիւն իսկապէս ժողովուրդ կը վայելէ, որ միշտ աճելով բազմանալով կը լնու երկիրը. եւ աշխարհ իւր որդիքներով շէն կը մնայ։
Բայց դու, ժողովրդասէր որդեակ իմ, արդեօք կը սրտմտիս կամ անիրաւութի՞ւն կը համարիս երբ կը տեսնաս աշխարհիս կարգն ու դատաստանը. զի երբ ժողովուրդն ընդհանուր մեր ընկերական կեանքին մէջ այսչափ մեծամեծ պարտիքներ կը կատարէ. զօրհանապազ չարաչար կը տքնի եւ քիրտն կը թափէ մարդկային յառաջդիմութեան համար. ո՛հ, քանի՞ դառն ու դժուար է որ իւր յառաջ բերած անբաւ արդիւնքէն խիստ նուազ եւ յոռի մասն կը վայելէ։ Ազնիւ ցորեան եւ պատուական հացն՝ ազնուականին կուտայ, եւ ինքն գարի ու կորեակ կուտէ, նմանապէս գէր կենդանիներ նոցա բաժինն է. ժողովուրդ թան-ապուրով եւ ցամաք հացով կապրի. անուշահամ գինին նոցա բաժինն է, ժողովուրդ պարզ ջրով իւր ծարաւ կանցունէ. բեհեզն ու ծիրանին եւ տարազագործ կերպասներ ազնուականին կուտայ, եւ ինքն պարզ կտաւ կամ շալ կը հագնի, շքեղ ու փառաւոր ապարանքներ կը շինէ նոցա համար, ինքն անշուք տուներու Ժողովուրդի մեծագոյն մասն երկրիս վերայ միշտ կարօտ ու չարչարուած կեանք կը վարէ։ Նա ոչ միայն արեւելքին մէջ այլ եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան աշխարհին մէջ, ուր՞ լոյս տարածուած է, տակաւին ժողովուրդին մեծ մասն ծանր աշխատութեան եւ կարօտութեան մէջ կը մաշի։ Զի ես լսեր եմ եւ հարցնելով գիտեմ թէ՝ Եւրոպիոյ գործաւար մշակներու կեանք շատ դառն է, որոց ապրուստ միայն օրական պարկն ու հացն է, գործաւորին համար գանձ ու ապագայ չը կայ, գործաւոր միշտ գործաւոր կը մնայ, եւ գործարանապետ անհուն հարստութեան տէր կը լինի։
Այդչափ եւ այդպիսի են, ազնիւ որդեակ իմ, ժողովուրդին՞ գործունեայ կեանք եւ ընդհանուր աշխարհի մատուցած մեծամեծ արգասիք, յորս մեք հարեւանցի տեսութեամբ անցաք, եւ պէտք է խոստովանիլ, որ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ժողովուրդ մեծ տարերք կը կազմէ, եւ յառաջդիմութեան ընդարձակ ասպարէզը՝ Ժողովուրդին աշխատութեան ոտք չափեց։
Այժմ դառնամք եւ ազնուականաց դասուն նկարագիր հանենք, որոց դիրք, կարգ, աստիճան, պաշտօն, պարտիք եւ կենցաղավարութիւն աշխարհի առաջ ժողովուրդի խոնարհ դասէն շատ վերագոյն կը համարուի։
Այս վերակարգ դասուն կը պատկանի աշխարհավարութիւն, աշխարհաշինութիւն, քաղաքագիտութիւն, դատաւորութիւն եւ այլն։ Դոքա քան զժողովուրդն առաւել պէտք է կրթեալ լինին, հանճարեղ, իմաստուն եւ խորհրդական լինին, վասն զի երկրին կառավարութեան սանձն իրենց ձեռքն է, երկրին շահն ու վնաս կշռող նժարը՝ իրենց խելքն է։ Այդ վարիչ իշխանական՝ կարգն է որ կը խորհի, կը կարգադրէ, եւ յառաջ կը վարէ քաղաքակրթութեան կառք։
Թողունք այդ ազնուական դասուն աշխարհավարական մասն, որուն համար արդէն նախագլխոյն մէջ գրեցի թէ ինչ է իշխանութեան պաշտօն եւ պարտիք։
Այժմ խօսինք ազնուականաց դասուն այլ եւ այլ հանգամանաց եւ պարտուց մասին։ Նոքա, որոց բախտ յաջողեր է հարուստ եւ մեծատուն լինել աշխարհիս վերայ, նոքա մեծ պարտիքներ ունին կատարելու, «Զի որում շատ տուաւ, շատ խնդրեսցի ի նմանէ» ասաց Քրիստոս։
Բայց դու, հարցասէր եղիր, որդեակ իմ, քննենք թէ ո՞յք են աշխարհիս վերայ իրօք եւ ճշմարիտ ազնուականներ, ինչպէս Աբրահամ, Յակովբ եւ Յովբ, որոց արդար վաստակին հետ զրկանք չէ խառնուած, եւ ո՞յք են անարդար եւ նենգող ազնուականներ, որոց հարստութեան հողն ու ոսկին յանիրաւութենէն գոյացեր է, կամ տիրապետելով, կամ ղրկելով ու հարստահարելով եւ կամ նենգութեան բիւր հնարքներ ի գործ դնելով մեհատուն, իշխան, պայազատ եւ ազնուական եղեր են աշխարհիս վերայ։ Այս անարդար ազնուականաց նկարագիր կը հանէր Յերբեմն Եսային. «Վաճառականք ձեր խառնեն զջուր ընդ գինի. իշխանք ձեր ապստամբ՝ գողակիցք են գողոց, սիրեն զկաշառս, վրիժագործք, որբոց իրաւունս ոչ առնեն եւ դատաստանի այրեաց՝ ունկն ոչ դնեն» եւ այլն. որով ցոյց կուտայ մարգարէն թէ քանի՞ մեծ անիրաւութիւններ կը գործէին Իսրայէլի ազնուական կոչուած իշխաններ։ Դոքա շատ անգամ եւս խիստ խորամանկ միջոցներ ի դործ դնելով կալուածատէր կը լինին. ինչպէս կը յայտնէ դարձեալ նոյն մարգարէն. «Վայ այնոցիկ որ յարեն զտուն ի տուն եւ ագարակ առ ագարակ մերձուցանեն. զի զընկերին հանիցեն. միթէ միա՞յն բնակելոց իցէք յերկրի»։ Աստուած այսպէս կը դատի աշխարհիս անիրաւ ազնուականներ, բայց աշխարհիս դատաստանը այսպէս չէ. զի ով որ ոսկեգանձ ունի, ով որ կալուածատէր է, ով որ իշխան է եւ կը տիրէ նա միշտ աշխարհիս աչքին դատաստանով ազնուական կը համարուի։
Իսկ արդար վաստակով եւ ուղիղ աշխատութեամբ հարստացած ազնուականներ շատ հազուագիւտ են աշխարհիս վերայ, եթէ որոնենք՝ կը գտնենք առաւել վաճառական, արհեստաւոր եւ երկրագործ կարգերուն մէջ։ Դու այնպէս չըմբռնես, թէ իրօք մեծահարուստ ազնուական լինելու համար Անգղիացի լորդերուն չափ անհուն ոսկի եւ հող ունենալու է. վասն զի ճշմարիտ ազնուականութեան յատկանիշ միայն հողն ու ոսկին չէ, որ սոսկ նիւթական հարստութիւն կը կազմէ, այլ առաւել մեծ է հոգւոյն եւ բարուց ազնուականութիւն, որ բարոյական առաքինութեան օրէնքներ կը պահէ, որ ժողովրդասէր է եւ ամբարհաւաճ լինելով չի մեծամտեր, որ ագահելով, ժլատելով ձեռք չի կծկեր, այլ իւր հարստութեան ոսկին հասարակաց բարւոյն համար առատ կը սփռէ. որ առանց փառասէր ոդւոյ դիմութեան համար, որ լուսոյ տուներ ու դպրոցներ կը կանգնէ, գրատուններ եւ թանգարաններ կը հաստատէ, հեղինակ մատենագիրներ կը քաջալերէ, գործարաններ կը բանայ, ազգին աղքատ ու պարապ որդիքներուն գործ կը գտնէ, բարեպաշտ ու մարդասիրութեան ոգւով աղքատանոց, հիւանդանոց շինելով ազգին թշուառներ կը պատսպարէ Յովբայ նման իւր ոչխարաց բուրդերէն բաժին հանելով մերկերու թիկունք կը ջեռուցանէ, եւ այսպէս կը կատարէ իւր պարտք ճշմարիտ ազնուականն. եւ նա կը խորհի զօրհանապազ Աստուծոյ եւ աշխարհին առաջ միայն մեծագործ առաքինութեամբ բարձրանալ։ Նա իւր առաքինութեան վարձ՝ երբէք ժողովուրդէն երկրպագութիւն չի խնդրեր, միշտ յիշելով Յիսուսի պատուէրը՝ աջով կը գործէ եւ ձախը չիմանար. իւր փառք եւ սրտին հաճոյքը՝ միայն իւր առաքինութեան մէջ կը շատանայ։
Տեսցուք նաեւ անիրաւութեամբ ու զրկանօք հարստացած ազնուականաց գործն ի՞նչ է։
Այդպիսի սուտանուն ազնուականաց ճանապարհ շատ բազմադիմի է աշխարհիս վերայ։ Ոմանք հարստահարելով, յափշտակելով կը հարստանան, ոմանք դիպոլածով կը հարստանան, զոր բախտ կը համարին, եւ յանկարծ մի աւուր մէջ մեծնալով ազնուական կը դառնան. միայն թէ՝ այն հարստութեան գանձեր զոր մարդ առանց աշխատութեան դիւրութեամբ կը գտնէ, շատ բնական է որ զայն դիւրութեամբ կը կորուսանէ։ Այսպիսեաց օրինակներ շատ կան աշխարհիս վերայ, եւ մեք մեր ժամանակի մէջ տեսանք ու տակաւին կը տեսնանք։ Ո՞ւր են Պոլսոյ մեր հին հարուստ ու Հայ սեղանաւորներ. որոց վստահութեան յանձնուած էր Տէրութեան գանձ, այսօր նոցա որդիքներէն շատերը հայրենի ժառանգութեան մեծագանձ հարստութեան հետ՝ կորուսին նաեւ ազնուականութեան պատիւ։ Ոմանք եւս հնարագէտ եւ ամէն խարդախ միջոցներ ի գործ դնելով կը հարստանան, իսկ ոմանք գիտես թէ ի բնութենէ արծաթասէր բարք ունենալով՝ անհնարին ագահութեամբ եւ ամենախիստ խնայութեամբ կեանք վարելով կը հարստանան։ Չմոռնանք, շիջենք նաեւ այս կարգին հետ այն կալուածատէր ազնուականներ, որոց հարստութիւն կը կարծուի թէ հողն է, բայց հողէն առաւել հողագործ մշակներու ճակատէն թափուած քրտինքն է։ Այդ անգութ եւ խստաբարոյ կալուածատեարք իրենց վաստակաւոր մշակներ աշխատութեան մէջ զօրհանապազ կը մաշեցնեն. կամ կիսավարձ եւ կամ վարձահատ առնելով՝ խեղճ մշակները՝ միշտ մշակ մնացեր են, եւ կալուածատէրը՝ ազնուական դարձեր է։ Թող վարձահատութեան զրկանք, մի ուրիշ քան զայս առաւել սոսկալի զրկանքներ պատմեմ քեզ, որոց ես ինքս ականատես եմ եւ հարցափորձելով տեղեկացայ։
Միանգամ մայրաքաղաքիս Հայ ազնուականաց միոյն ագարակը գնացի, որուն մէջ շատ ծառայող մշակներ կային, եւ ես այն պահուն պատահեցայ երբ մշակներ աշխատութենէն դագրած նստեր հաց կուտէին. դիտեցի, որ իրենց կերակուր միայն սեւ հաց եւ խաշած լուբիա էր, ուրիշ ոչինչ։ Ես այնպէս կարծեցի, որ մի աւուր պատահումն էր այս, ուստի հարցուցի ագարակատէր ազնուականին. թէ ձեր մշակներու կերակուր միշտ ա՞յս է, մանաւանդ Հէատկի այս մեծ օրերը։ Այո՛, ասաց, տարին բոլոր դոցա կերակուր այդ է միայն. մշակներու համար Զատիկ, Բարեկենդան չկայ, այլ միշտ միօրինակ հաց ու լուբիան է նոցա կերակուր։ Ոգիս խռովեցալ, կրկին հարցուցի. այս աշխատաւոր մշակներ, որոց ձեռքէն բազմապատիկ բերքեր կընդունիր բուն ագարակէն ելած, ժիթէ դոքա կաթէն, մածնէն, իւղէն, պանրէն եւ այլ զանազան բերքերէն մասն ու բաժին չունի՞ն։ Ոչ, պատասխանեց ազնուականն. եթէ ագարակի մշակներ այդ բերքերէն ուտելու իրաւունք եւ բաժին ունենան, այլ եւս մեր ագարակին շահն ոչինչ չմնար, վասն զի մեր գլխաւոր շահը պէտք է նոցա խիստ ու սակաւապէտ կեանքէն գոյանայ։
Ահաւասիկ ագարակատէր մեծատանը ազնուականութեան փառք, դու ինքնին դատաստան արա մտքիդ մէջ, ազնիւ որդեակ իմ, հազար անգամ Ասիոյ եւ մեր հայաբնակ աշխարհի մշակներ երջանիկ ու բախտաւոր են, որք կաթով, իւղով, եւ այլ կերակուրներով կը սնանին։ Թող այս փողոցի աղքատներն եւս գոնէ տարուան նաւակատեաց օրերը մատաղ ուտելով մսի համ կառնուն, իսկ այդ ազնուականաց մշակներ չգիտեն թէ միսն ի՞նչ համ ունի։
Սորա համար Աստուած վեր էն կը տեսնար եւ մշակները զրկող ու հարստահարող կալուածատերաց համար մարգարէին բերանով կը խօսէր. «Եւ բողոք հնձողաց եհաս յականջս իմ», Մեծատունն Յովբ, որ հին աշխարհի մէջ մի ճշմարիտ ազնուական նահապետ էր, նա յառաջ կը բերէր իւր ազնուականութեան պարտիքներ, զորս անթերի կատարեր էր. մինչդեռ իւր բարեկամներ վիճելով կասկած կը յարուցանէին։ Իսկ ազնուական նահատակն մեծ համարձակութեամբ ցոյց կուտայ իւր առաքինութեան հանդէս եւ կը խօսի. «Եթէ խոտերի երբէք զիրաւունս ծառայի կամ աղախնոյ մատուցելոյ առիս յատեան, եւ զի՞նչ գործերից եթէ հարցափորձ արասցէ ինձ Տէր, եւ եթէ այրելութիւն, զի՞նչ պատասխանի արարից։ Ո՛չ ապաքէն որպէս՝ ես եղէ յարգանդի եւ նոքա եղեն. ի նմին որովայնի եղաք։ Իսկ տկարք, որոց պէտք ինչ էին՝ ո՞չ արդեօք երբէք վճարեցի: Զակն այրւոյ ոչ կողկողեցուցի։ Եթէ կերա՞յ արդեօք զպատառն իմ միայն եւ որբոյն ոչ կարկառեցի։ Զի ի մանկութենէ իմմէ սնուցի իբր եւ զհայր, եւ յարգանդէ մօր իմոյ առաջնորդեցի։ Եթէ արարի՞ անտես զմերկն կորուսեալ եւ ոչ զգեցուցի։ Եթէ ո՛չ օրհնեցին զիս տկարք եւ ի կտրոյ խաշանց իմոց ջեռան թիկունք նոցա։ Եթէ վերացուցի՞ ձեռն ի վերայ որբոյն՝ յուսացեալ թէ բազում է օգնականութիւն իմ, ապա թափեսցի յանրակէ ուս իմ եւ բազուկ իմ յարմնկանէ իմմէ խորտակեսցի» եւ այլն։
Ահաւասիկ ճշմարիտ ազնուականութեան գործ ու պարտիքը, զորս մեծանձն Յովբ վեհանձնաբար կը ճառէ ու վստահութեամբ կարդարանայ Աստուծոյ առաջ. թէ եւ բարեկամ դատաւորներ մեղապարտ կը դատէին զինքն կարծելով թէ հարուածեալն Յովբ իւր զրկանաց երեսէն պատուհասուեր է։
Է՜, ազնուամիտ որդեակ իմ, համեմատէ դու այժմիկ հին աշխարհի եւ մեր գարու ազնուականաց գործն ու կեանք. եւ դու ինքնին դատաստան արա, թէ աշխարհիս ամէն հարուստ մեծատունք, որ ազնուականութեան տիտղոս ստացեր են՝ նոքա իրօք եւ ճշմարիտ ազնուական չեն։ Մի կարծեր թէ ընդարձակ հողն ու ոսկին եւ անուն զմարդն ստոյգ ազնուական կհանեն, եթէ նորա ոգին ընչաքաղցութեամբ ստրկացած է եւ զուրկ մեծ անձնական առաքինութենէն։ Կան մարդիկ, որք թէպէտ մեծահարուստ չեն, այլ իրենց չափաւորութեան մէջ առաւել կը մեծագործեն քան համբաւեալ ազնուականն։
Իսկ դու, անանուն որդեակ իմ, որ ազնուական չես ծներ, այլ շինական ժողովուրդին մի հասարակ զաւակն ես, ջանացիր փոքրկութեանդ մէջ փոքրիկ ազնուական լինել. ոչ գանձ ունիս եւ ոչ մեծ կալուածատէր ես, որ ոսկւով եւ հարստութեամբ մեծագործես. բայց դու գրով, ուսումով եւ կրթութեամբ մեծագործէ։
Սիրէ նաեւ բարուց ազնուութիւնն, անկեղծ կենցաղավավարութեան ազնուութիւն. եւ քան զամէն առաւել ընկերսիրութեան ազնուութիւն։ Եթէ աշխարհիս դէպքեր յաջողեն քեզ, կամ գիրն եւ աշխատութիւն քեզ ոսկի բերեն, եւ դու յանկարծ խոնարհ Ժողովուրդի վիճակէն բարձրանալով ձգտիս դէպի ազնուականութեան դասն՝ մի անարգեր գիրն ու գրիչ. այլ դուն գործէ, որ գրով ու ոսկւով միանգամայն ազնուանաս։
Գիտեմ ես, գիտես նաեւ դու, քրիստոս որ աղքատ եւ ժոդովրդասէր էր, վկայեց թէ մամոնան անիրաւ է, անիրաւ են եւ նոքա որ սոսկ մամոնայի ազնուականութիւն կը կեղծեն. բայց արդար եւ ժողովրդասէր ազնուականը գիտէ բարւոք ի գործ դնել զայն, եւ շահեցուցանել թէ ի սակաւուն եւ թէ ի բազմին իբրեւ հաւատարիմ ծառայ Աստուծոյ տնտեսութեանն։
Կը փափաքիմ քեզ համար, որդեակ, որ դու ի փոքուն, այսինքն այդ քո այժմեան վիճակին մէջ միշտ հաւատարիմ լինիս, որպէս զի բազմին արժանանաս։
Որչափ եւ կարես՝ կեանքն ազնուացուր աշխարհիս վերայ. մի ասեր թէ ես մարդոց կեանքին մէջ եւ նոցա աչքին առանց ոսկւոյ ու մեծութեան միշտ նուաստագոյն կը համարուիմ։ Կը գովեմ զքեզ եթէ անձնաճանաչ լինելով խոնարհամտիս, այլ չեմ ներեր զքեզ թէ այնչափ նուաստանաս մինչեւ մոռանաս մարդկութեան հաւասար պատիւ։ Գիտցի՛ր դու, որ Աստուած զմարդիկ հաւասար ազնուական ստեղծեր է եւ այնպէս կը համարի. ոչինչ զանազանութիւն չըկայ, ազնուականին եւ ժողովուրդին մէջ. միայն աշխարհին աչք ու դատաստանը խտիր կը դնէ եւ այնպէս կը տեսնայ. իսկ Աստուծոյ մեծութեան առաջ՝ աստուածապատկեր մարդն հաւասար ազնուական է։ Մանաւանդ եկեղեցւոյ հաւատացեալ ընկերութեան մէջ. որոց համար ասաց Քրիստոս թէ «Դուք ամենեքին եղբայր էք»։
Վերջին խրատ մի եւս աւանդեմ քեզ Սողոմոնի բանէն. եւ այն միշտ քո խնդրուած Աստուծոյ առաջ։ «Մեծութիւն եւ տնանկութիւն մի տար ինձ. այլ կշռեա ինձ զարժանն բաւականութեամբ։ Զի մի մեծացայց եւ ստեցից եւ ասիցեմ թէ ո՞վ
տեսանիցէ զիս. կամ աղքատացայց գողացայց եւ երդուայց յաԴԱՍ Զ.
ԱՇԽԱՏՈՒԹՅԻՒՆ ԵՒ ՀԱՑ
ՄԱՐԴՈՅՆ աշխատութեան եւ գործունեայ կեանքին պիտանի եւ օգտակար դասը պիտի խօսիմ քեզ, ժիր ու գործասէր որդնակ իմ, ականջդ բաց եւ ինձ տուր քո միտքդ, զի այս կենսական դասն է, որ քո կեանքը կը բեղմնաւորէ, դու անպէտ անպտուղ ծառ չես լինիր մարդկային ընկերական դրախտին մէջ, որ աշխատութեան պտուղ չը տալով՝ միայն երկիր կը խափանեն. զոր իրաւամբ հատանել պէտք է, կը վճռէ Յիսուսին բացախօս առակը։ Եթէ մարդն ինքնին ազատ իրաւունք ունի իւր տնկած եւ զարմանած պարտիզին անպտղատու ծառեր հատանել, քանի՞ առաւել աշխարհիս դրախտ տնկագործող Արարիչը տիրապէս իրաւունք ունի հատանել այն ապարդիւն մարդատունկեր, որք ոչ միայն հակառակ կը վարին տիրական վճռոյն դէմ, այլ եւ տիեզերքի բնական օրինաց դէմ շատ մեղապարտ կը լինի մարդ, երբ կը դիտէ ու կը տեսնայ, որ երկինք ու երկիր կը շարժին եւ կը գործեն, անդադար միշտ արդիւնաւորելով այս մեծաշահ դաստակերտ թէ ի պէտս մարդոյն եւ թէ ի փառս բարեխնամ Արարչապետին։
Տեսողութեամբ ու մտքով կոյր մի լինիր եւ կորահայեաց, որդեակ իմ Սամուէլ, գլուխդ ի վեր առ, աւագ աչքով դիտէ եւ տես բովանդակ տիեզերաց գործունէութեան հանդէսը, որ զտիւ, եւ գիշեր շարժման եւ փոփոխութեան մէջ անվրէպ կը կատարեն իրենց սահմանեալ ընթացքը՝ միշտ հպատակ լինելով յաւիատենական օրինաց տակ։ Եւ նոյն ինքն տիեզերաց փարող Արարիչը միթէ անգործ կը հանգչի՞. ոչ, զի ասաց քրիստոս. «Հայր իմ մինչեւ ցարդ գործէ եւ ես գործեմ»։ Եւ ի՞նչ է նորա գործը. դու տես թէ ինչ էր։ Իր աներեւոյթ գահէն տիեզերաց սանձ բռնել ու վարել, նախախնամել արարած էակները, որ գոյութենէն ի չգոյութիւն չը դառնան, մեռեալներ հողին տալ, հոգիներ յանմահութիւն կոչել, եւ նորածնելոց՝ նոր հոգի տալով՝ մարդոյն կեանք վերանորոգելով պահպանել։ Չմոռնանք նաեւ նորա գերագոյն արդարութեան դատաւորութիւնը, որով կը տեսնայ աշխարհիս դատաստանն, եւ մարդիկ չը գիտեն թէ հողմն ուստի՞ կուգայ եւ ո՞ւր կերթայ։
Երանի՛ թէ մեր աչք պարզապէս զօրէր եւ մեք տեսնայինք թէ այն կապուտակ երկնակամարին անհուն անհամար մարմնոր մէջ ի՞նչ աշխատութիւն եւ տքնութիւն կայ։ Արեւ, լուսինդ մոլորակներ եւ բոլոր համաստեղութիւնք, որք թէպէտ մարդոյն նման ազատ էակներ չեն, այլ իբր ինչպէս ինքնավար, ինքնաշարժ կը մղուին կը վարին արարչադիր օրէնքով։
Իսկ մեր աշխարհ, որ մեր աչքին առաջ եւ մեր ոտքին տակն է, եւ զոր մարդկային իմաստասիրութիւն հանապազ կը հետազօտէ ու կը տեսնայ, թէ ինչպէս ծովն ու ցամաք, բոլոր բուսական խոտեր ու ծառեր, անշունչ եւ շնչաւոր էակներ, տարերք, ժամանակ, եղանակներն եւ առհասարակ բովանդակ երկրագունդ անդադար շարժման եւ աշխատութեան մէջ են, որոց արդիւնք եւ նպատակ շատ յայտնի է մեզ։ Մարդոյն կեանք եւ նորա հետ բոլոր կենդանեաց կեանք մի ալուր մէջ կը չքանայ, եթէ երկիր ցորեան չիտայ մեզ համար, եթէ խոտ չբուսուցանէ անասնոց համար, եւ ծառեր չը պտղաբերին եւ արեւ իւր լուսով ու ջերմութեամբ չկենդանացնէ մեր աշխարհ, եւ այս ամենուն հետ եթէ արարչական խնամքն իւր երեսը դարձնէ՝ ի՞նչ կը լինի մարդոյն եւ բոլոր շնչաւորաց կեանք. այդ կը խոստովանի Դաւիթ. «Դարձուցանես զերեսս ի նոցանէ՝ խռովին, հանես զոգի ի նոցանէ՝ պակասին եւ ի հող դառնան»։
Իսկ մարդոյն աշխատութեան համար կը խօսի, «Ելանէ մարդ ի գործս իւր ի վաստակս ձեռաց իւրոց մինչեւ յերեկոյ»։ Զի մարդն այս աշխարհիս վերայ գործաւոր մշակ մի է. քանի որ կեանք ունի, աշխատութիւն՝ իւր բնական ու բարոյական պարտիքն է։
Մարդկային ընկերական աշխարհ թագաւորէն սկսեալ մինչեւ գիւղական մշակն՝ ամէնքն եւս անդադար աշխատութեան մէջ կը դեգերին ու կը պարապին։ Բայց դու պէտք է դիտես, որդեակ իմ, թէ աշխարհիս վերայ ամէն մարդ իւր աշխատութեան բաժինն ունի։
Հին աշխարհին մէջ մարդոց աշխատութիւն խիստ պարզ կրթութիւն մարդոց աշխատութեան գործ եւ ասպարէզ կարի շատ ընդարձակեց. եւ այսօր բիւր հազար տեսակ գործերու մէջ կը պարապի մարդկային ընկերութիւն։ Այդ եւս բաւ չէ, տակաւին կը տքնին մարդիկ անդուլ անդադար նորանոր արուեստներ եւ գործեր հնարել զբաղասէր մարդոյն համար։ Այլ գիտես թէ մարդ որչափ իւր կեանքին պէտքեր հնարէ, բազմապատկէ՝ այնչափ եւս իւր ցանկութիւն կը գրգռէ եւ երբէք շատ չասէր։ Ո՛վ գիտէ, թերեւս Նախախնամութիւն՝ մարդոյն ցանկութեան չափ չը դրաւ. որպէս զի մարդ հնարասէր գործասէր լինի եւ հայթայթէ իւր կենաց պէտքեր։ Բայց թէ ինչո՞ւ համար ոմանց ամենածանր եւ ոմանց ամենաթեթեւ աշխատութեան բաժին հասեր է, մի զարմանար, այդ եւս անհաւասարութեան օրէնքին տկն է։ Բայց թէ ծանր եւ թէ թեթեւ, թէ մտքով ու թէ մարմնով՝ մարդիկ ընդհանրապէս աշխատութեան դատապարտուած են։ Թագաւոր՝ զոր մեք անաշխատ կը կարծենք, նա եւս մտքով եւ աշխարհի հոգերով կաշխատի, իշխան, դատաւոր՝ աշխարհավարութեան մէջ կաշխատին, զօրավար, զինուոր պատերազմի դաշտին մէջ արիւնով կաշխատին։ Այսպէս նաեւ վաճառական՝ իւր վաճառականութեան մէջ, արուեստաւոր՝ իւր արուեստին մէջ, իմաստասէր՝ իւր կարասին մէջ, մատենագիր հեղինակ՝ իւր մտաւոր ու գրաւոր աշխատութեան մէջ, եւ քան զամէն առաւել երկրագործ մշակ՝ արեւակէզ դաշտին մէջ։
Ես ո՞ր մէկ թուեմ քեզ բազում զբաղման գործեր, որոնց մէջ հէք մարդ հոգւով ու մարմնով կը տառապի ու կը տառապի։ Եւ գիտե՞ս դու թէ ի՞նչ է իւր նպատակ եւ ջանք. Սողոմոն կը բացատրէ քեզ այդ. «Ամենայն ջան մարդոյ ի բերան», այսինքն թէ մարդ այս աշխարհիս վերայ իւր բերնին ու փորին համար կը ջանայ եւ կաշխատի։ Երանի՝ թէ իւրաքանչիւր մարդոց աշխատութեան հաց՝ իւր բերանը հասնէր. զի մարդիկ կան, որ բիւրաւոր մարդոց աշխատութեան հաց իրենք կուտեն եւ ես չեմ յիշեր քեզ, դու ինքնին գտիր, թէ ո՞յք են այդ կարգի մարդիկ աշխարհիս վերայ։
Այս անհաւասար բաժնին ու կեանքին դասը՝ պէտք չէ կրկնեմ քեզ, որդեա՛կ, աշխատութեան վերայ խօսիմ միայն, որ մարդոյն եւ իւր կեանքին ճակատագիրն է. մարդ կարող չէ քերել ու եղծել զայն։ Մեծն Սողոմոն իւր գահէն կարեկից աչքով տեսաւ մարդոյն քաշած վշտակիր ու տառապանաց կեանքը՝ ասաց. «Զբաղումն չար ետ Աստուած որդւոց մարդկան, զբաղիլ ի նոսա»։ Չխոտորիս, որդեակ իմ, այլ ուղիղ մտքով իմացիր Սողոմոնի բան, որով կը պարսաւէ ունայնամիտ եւ չարարուեստ մարդոց անշահ աշխատութիւն եւ ագահութեան ընդունայն դեգերանքն։ Քա՛ւ թէ այն պէս կարծեմք, որ բարեխնամ Արարիչը՝ բարի աշխատութիւնն իբրեւ չար զբաղումն տուաւ մարդոյն։ Եթէ այսպէս կարծենք՝ ուրեմն Աստուած զմարդն ստեղծեց, որ զայն չարազբաղ աշխատութեան մէջ ջախջախէ եւ ինքն զբօսնու կամ զուարճանայ։ Բայց չէ. նա զմարդն աշխարհիս ագարակին մէջ դրաւ, որպէս զի գործէ ու վայելէ իւր արդար վաստակը, երախտապարտ լինի, օրհնէ ու փառաւորէ իւր Արարիչը։
Գրենք այժմ թէ ի՞նչ է մարդոյն նիւթական աշխատութեան արդիւնք։ Այդ ինքնին շատ յայտնի է մեզ, որ մարդոց աշխատութեան արդիւնք հաց եւ հարստութիւնն է. եւ հարստութեան առաջին եւ մշտնջենաւոր աղբիւրը՝ հողն ու երկիրն է, զոր մեծատունն Աստուած տուաւ մարդոյն իբրեւ օժիտ կամ իբրեւ ժառանգութեան կալուած, որ գործէ ու պահէ։ Մարդոյն այս ամենահարուստ կալուածն՝ իւր ծոցէն եւ ակնէն իբրեւ անհատահոս աղբիւր շարունակ կը բղխէ եւ կը հոսէ յորդեալ գետերու պէս անսպառ եւ անհատնում հարստութեան գանձերը: Չէ թէ միայն հաց կամ ուրիշ արմտիք, որք մեր կեանքին բուն սնունդ են, այլ եւ հանքային գանձեր, ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ, անագ, կապար եւ այլ շատ պէսպէս մետաղներ, որ դարձեալ մեր կեանքին կը ծառայեն արուեստաւորաց ձեռքով, եւ բազմապատիկ կը յաւելուն մարդոյն հարստութեան մեծութիւնը։
Սակայն երկրին այս բնական հարստութիւն բաւական չէր այլ պէտք է հողին ու երկրին հետ։ Քրիստոս կասէ թէ երկիրն ինքնին կը բերէ պտուղ, այո՛, շատ բաներ կան, որ առանց մարդոյն աշխատութեան երկիր իւր ինքնաբերութեամբ կը մատակարարէ. զորօրինակ անմշակ անտառներ եւ այլ անձեռատունկ շատ վայրենի ծառեր, թողումք լեռներու եւ դաշտերու բուսական խոտեր։ Բայց Քրիստոսի խօսք, որ մասնաւորապէս ցորենաբոյսին համար է, այդ եւս մինչեւ մշակ գետին չհերկէ. Ուստի եթէ հարստութեան առաջին ամենաբուղխ աղբիւր երկիրն է, պէտք է համարինք որ այդ աղբիւր առատացնող ձեռքը՝ մարդոյն աշխատութիւնն է։
Հանճարեղ մարդ շատ պէսպէս վայրենի բոյսեր, կենդանիներ ընտելացոյց, որք այսօր առ հասարակ մեր պէտքերուն կը ծառայեն։ Երկրասէր մշակ իւր աշխատութեամբ հազար տեսակ հունտեր կը ցանէ, մատաղ տունկեր կը տնկէ եւ բիւրապատիկ բազմազան բերքեր հանելով կը հարստանայ։ Վաստակասէր մարդ սոսկ երկրին երեսը բաւ չը համարեց իւր անդուլ աշխատութեան ասպարէզ. այլ փորեց հողը, մտաւ մինչեւ երկրին սիրտը, կրկտեց գտաւ ոսկին ու արծաթ, հանեց ճոխացոյց իւր հարստութեան գանձարանը։ Երկաթ հանեց, երկրագործին խոփն ու մանգաղ շինեց, ափսո՞ս որ, խոփին ու մանգաղին հետ՝ սուրն եւս կոփեց իւր ընկերին կեանքը բառնալու համար։
Մարդոյն հարստութեան երրորդ ամենամեծ աղբիւրն, որ կը միանայ հողին եւ աշխատութեան հետ, եւ որով ահագին Ովկիանոսի չափ հարստութեան ծով կը կազմէ, ի՞նչ է, գիտես. հարցուր, որդեակ իմ, եւ ես խօսիմ քեզ. գիտութիւն եւ արուեստն է, որ այնչափ եւ անհամար նորանոր հարստութեան աղբիւրներ բացաւ զորս չը կարեմ՝ թուել ու ճառել։
Դու պէտք է գիտնաս թէ հին դարերում երբ գիտութիւն եւ արուեստ իւր խանձարուրին մէջն էր, դեռ չէր զարդացեր ու չէին ծներ այն մեծ եւ աշխատաւոր հանճարներ, որք նորանոր գիւտեր եւ արուեստներ ծնան, մարդոյն հարստութեան գլխաւոր աղբիւրներ միայն հողային մշակութիւն եւ հովուական խաշնադարմանութիւն էր։
Իսկ վերջին դարերում մանաւանդ տասնեւիններորդ յառաջդիմութեան դարը, յորում տքնող հանճարներ իրենց գիւտերով յորդեցին ընդարձակեցին հարստութեան աղբիւրին ակները, այդ մշտաբուղխ աշխարհի ակներէն վտակներ, գետեր բղխեցին, ողողեցին առ հասարակ արեւմտեան Եւրոպիոյ աշխարհ։ Այլ մեր արեւելեան աշխարհ, որ նա կարենար յառաջդիմել։
Խօսինք այժմ անգործ եւ անաշխատ կեանքին վերայ, որոյ հետեւանքն աղքատութիւն է. անտարակոյս աղքատութիւն եւս իւր սկզբնական պատճառներ ունի, եթէ հարստութեան պատճառը կը համարինք թէ մարդոյն աշխատութիւն եւ ժրագործ ձեռքն է. ուստի պէտք է ուղիղ հասկնամք թէ ապա ուրեմն անգործ ձեռք եւ անաշխատ կեանք՝ մարդոյն չքաւորութեան բուն նախապատճառներն են։ Ասիոյ արեւելեան աշխարհ ուր մեք կը բնակիմք, երկրի բնական հարստութեան ամենաճոխ ծածկեալ գանձարան մի է։ Մեր լայնածաւալ արգաւանդ դաշտեր, որ ամէն սերմերու եւ տնկագործութեան ընդունակ են, եւ եթէ մշակուին՝ իրենց բարեբերութեան եւ առատութեան արդիւնք աշխարհին բաւ է։ Մեր լեռներ ու հովիտներ եթէ ապահովին, արդեօք Զուիցերիոյ չափ կովեր ու եզներ, անթիւ անհամար ոչխարաց հօտեր չե՞ն դարմանուիր։ Հապա մեր ինքնաբոյս անմշակ անտառներ, մեր բազմագանձ հանքեր, որ այնպէս անկրկիտ կոյս մնացեր են հողին տակ, անգործ եւ ապարդիւն։
Ինչպէս դրեցի ի վեր, յիշէ, որդեակ իմ, աստի յայտնի է, որ երբ աշխատութիւնը չի միանար բնական հարստութեան հետը, հարստութիւնն իբր եւ ծածկեալ գանձ կը մնայ հողին ծոցը, եւ մարդիկ անհաց, անգանձ, անգիտաբար կը շրջին ոտքի տակ թաղուած գանձերու վերայ միշտ աղքատ եւ կարօտած։
Ուրեմն մեր աղքատութեան աղբիւրի մի ակն՝ մեր անաշխատ ձեռք եւ թմրած ոգւոյն ծուլութիւնն է։ Մի մարդ, մի ժողովուրդ, մի աշխարհ, որ զինքն աշխատութեան չի նուիրեր, նա միշտ հացի կարօտ կը մնայ վասն զի աշխարհիս վերայ հացն ու գանձ՝ միայն աշխատող ազգին ու ժողովուրդին բաժինն են, եւ սորա ճշմարիտ ապացոյց՝ Եւրոպիոյ ժողովուրդն է։
Բայց ի՞նչ պէտք է, եւ ի՞նչ է զօրաւոր դարման, որ անաշխատութեան մէջ ափշած ու թմրած ժողովուրդին միտքն ու հոգին մեռելութենէն հանէ ու մղէ դէպի գործունէութեան կեանք։
Այն պէտք է, ինչ որ պէտք եղաւ արեւմտեան ազգերուն. այսինքն լոյս, գիտութիւն։ Լոյսն ու գիտութիւն՝ մեր գործող զգայարանքներ եւ աշխատութեան կեանքը կուղղեն. եւ մեր յառաջդիմութեան քայլերուն ճամբայ կը բանան եւ կապահովեն մեր արդիւնք եւ հարստութիւն։ Եւ երբ արեւելեան ժողովուրդներ զուրկ են այս առաջնորդող յուսէն եւ մղիչ զօրութենէն, կը մնան ուր որ են, միշտ կարօտ, բեղմնաւոր երկրի մէջ. վասն զի հեղգամիտ եղան, աշխատութիւն չսիրեցին, ուսումն ատեցին, հանճարն անպատուեցին, գրասէր անօթի մեռաւ, արուեստաւորն առանց քաջալերութեան մնաց, եթէ կային մեծամեծ խոչընդոտներ ելան, մեր ընկերական կեանք դարձաւ մի անշարժ դիակ. տեսանք յառաջադէմ աշխարհ եւ իւր անթիւ գործունէութեան օրինակներ մեր աչքին առաջ կերած են, մեր միտք ու հոգին տակաւին չնորոգեցան. մնացինք այնպէս հնութեան ու հեղգութեան մէջ։ Մեք մտաւոր մարդ ծնանք, այլ մեր ոտքի տակ աշխատող չքոտի մրջիւնին ժիր գործունէութիւն չտեսանք։ Մեծն Սողոմոն իւր խրատով աշխարհի վատ ծոյլերն կը յղէ դէպի մրջիւնին բոյն։
Եւ դու, որդեակ իմ, երբ մրջիւնի բունէն կանցնիս՝ կաց պահ մի ու զննէ, տես ու զարմացիր թէ քանի՞ աշխոյժ է այդ նկուն կենդանին. իւր բունէն մինչեւ քառասուն քայլ աւելի ուղղագիծ ճամբայ կը բանայ, կարաւան կարաւան անդադար կերթայ կուգայ. միշտ մի հատիկ պարէնով կը բեռնաւորի, կը բերէ կամբարէ իւր բոյնը. եթէ պատահմամբ կոխես ու ճմլես զինք ի գետին, եթէ սայլին անիւն իւր ճամբոյ վրայէն անցնի, հազարներով ջախջախուին, նա տակաւին աշխատութենէն չի կասիր եւ երբէք չի թողուր իւր բացած արիւնոտ ուղեգիծն. այլ դիակներու վերայ կը կոխէ ու կանցնի իբրեւ աշխատութեան աննկուն շահատակ։
Մրջիւն՝ մարդ չէ, բայց կը նախատեսէ, յամարան կը ժողովէ կամբարէ իւր պաշարը, եւ ի ձմերան կը վայելէ. ազատ մնալով ի սովէն։ Մարդ մրջիւն չէ, նախատեսող միտք ունի, եւ երբ չի նախատեսեր, անգործ կեանք կը վարէ՝ նորա ձմեռն անշուշտ սովամահն է։
Թողունք մրջիւնի բոյն, երթանք դէպի մեղուն, դիտէ ու տես թէ որչափ գործասէր է. երամ երամ կապելով կերթան ծաղկաւէտ հովիտներ կը շրջին, մեղրանիւթ կը ժողովեն եւ կուգան փեթակին մէջ կը գործեն, որոց արդիւնք թագաւորաց սեղան կը զարդարէ. եւ մեղրամոմն Աստուծոյ սեղանին վերայ կը վառուի։
Հապա չտեսնա՞նք մեր պատերու սարդի գործունէութիւն, որուն համար կասեն թէ կտաւագործութեան արուեստին հեղինակ լինելով օրինակ տուեր է մարդոյն. տես ի՞նչպէս անդուլ կը ճգնի, իւր աշխատութեան մէջ. անդադար կը մանէ, կը հիւսէ իւր որսական ցանցը պատրաստելու համար։ Եւ ի՞նչ է իւր նպատակը, գիտե՞ս, միայն ճանճիկ մի որսալ եւ իւր կեանք պահել։
Թող մտածեն մտաւոր մարդիկ եւ մեր աշխարհի ծոյլեր եթէ սարդին համար ճանճիկ մի պէտք է, ով չի գիտեր թէ ի¬ րենց համար եւս հաց պէտք է։ Զի մարդոյն կեանքը պահպանող հարն է, մարդն առանց հացի կը չքանայ։ Մարդոյն ընկերական կեանք աշխատութեան զբաղումով կապրի եւ կը յարատեւէ։
«Եթէ կայ աշխարհիս երկրագնդին վերայ ծայրագոյն եւ անտանելի բեռն մի, այլ ծոյլերուն կեանքն է». հարցուցին իմաստասէրի մի եւ նա այսպէս պատասխաներ։
Արդ ինչպէս տեսանք, սիրելիս իմ Սամուէլ, որ հարստութեան ծնող աշխատութիւնն է. ուղիղ կը հետեւի, որ աղքատութեան ծնող ծուլութիւն եւ անգործ կեանքն է. իսկ երկոցունց մեծ առաջնորդ, միայն՝ գիտութիւն եւ լոյսն է, իսկ միւսին՝ տգիտութիւն եւ կուրութիւն։ Վասն զի մարդոյն թշուառութեան բուն աղիտաբեր արմատը՝ մտաւոր կուրութենէն կսկսի եւ կաճի։
Կը յիշես դու, Եւրոպիոյ գիտնոր կաճառէն յառաջ, մեր ի մաստասէր եղիշէն մարդոյ կոյր կեանքի նկարագիրը ճշդութեամբ կը հանէ, երբ հազար երեք հարիւր տարի յառաջ կը տեսնայ նա Հայոց աշխարհի թշուառութիւն եւ անկատար կեանք, այսպէս կուտայ իւր վճիռը, թէ «Կոյր զրկի ի ճառագայթիր արեգական, եւ տգիտութիւն ղրկի ի կատարեալ կենաց»։
Այո, կուրութիւն կեանք չունի. նա պէտք է միշտ խարխափի աշխարհիս հրապարակին վերայ եւ մերթ եւս իւր գլուխը պատէ ի պատ զարնելով ջախջախուի։
Այլ ելս համառօտենք այս դասը, աշխատասէր եւ լուսասէր որդեակ իմ. եթէ կը բաղձանք որ աղքատութիւն եւ կուրութիւն մեր աշխարհէն բարձրուին, թշուառութեան աղբիւրի ակներ խրուին, եւ հարստութեան ու երջանկութեան ակներ բարուին, աշխատութիւն սիրենք ու պատուենք, հեղգամտութիւն եւ ծոյլ կեանք ատենք ու հալածենք մեր անձէն եւ մեր ընտանեկան սրահէն։
Իսկ դու, իմ ջանասէր որդեակ, որ մեր հայրենեար մի պանդուխտ զաւակն ես, երբ կը յաջողի քեզ դառնալ քո հայրենի երկիրը, գործասիրութիւն եւ աշխատութիւն քարոզէ, ժրագործ եղիր, կեանքդ բեղեմնաւորէ եւ բարի օրինակ հանդիսացիր քո հասակակից պատանիներուն առաջ։ Թող ի բաց ոսկին ու գանձ, տար իմ այս աշխատասիրութեան դասեր. տար աւանդէ մեր հայրենեաց անուս, անդպրոց մանուկներուն. ասա նոցա, թէ ձեր հայրեր պանդխտութիւն սիրեցին, օտարութեան մէջ մաշուեցան ու մեռան, դուք ձեր հայրենի քաղցր ծոցէն ու գրկէն, հողէն ու ջրէն բնաւ մի հեռանաք։ Ասա թող աշխատին, գործասէր լինին եւ իրենց դառն քրտինք հայրենի հողին վերայ թափեն։ Այն հողն ու ջուր, զոր օրհներ է Աստուած, շատ հաց ու հարստութիւն կը տայ իրենց։ Յիշէ դու եւ յուշ բեր նոցա Սողոմոնի օգտակար խրատ, թէ «Որ գործէ զերկիր, լցցի հացիւ. եւ որ երթայ զհետ դատարկութեան, լցցի աղքատութեամբ»։
ԴԱՍ է.
ՈՒՂԻՂ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԱՑ
ՀԱՑ ԵՒ ԲԱՆ
ՈՒՂԻՂ տնտեսութիւն՝ մեր նիւթական եւ բարոյական կեանքին մէջ այն իմաստութիւն եւ խոհական տնտեսող ձեռքն է, որ գիտէ հացիւ ու բանիւ միանգամայն իւր կեանքի պէտքեր հոգալ, եւ Քրիստոսի խօսքին համեմատ «Կայսերին՝ կայսեր տալ, եւ Աստուծոյն՝ Աստուծոյ»։
Այս տնտեսող ձեռք՝ պէտք է արդարութեան ու չափաւորութեան մէջ պահել, զի եթէ խիստ ընդարձակես զայն՝ շռայլ ու զեղխ կր լինիս, եւ եթէ սաստիկ կծկես՝ ագահ ու ժլատ կը լինիս, եթէ միայն քո անձին տաս եւ ընկերիդ մոռնաս, ղրկող կը լինիս, եթէ կայսերին տաս եւ Աստուծոյն մոռնաս՝ ապերախտ կը լինիս, եթէ միայն նիւթական կեանքիդ համար հացի պէտքեր հոգաս եւ մոռանաս Աստուծոյ բան եւ բարոյական պէտքեր, դու յայնժամ թերահաւատ եւ նիւթապաշտ կը լինիս, կարծելով թէ մարդոյն կեանք սոսկ հացով կարող է ապրիլ։ Եւ կ՛ապրի, այո եթէ մարդ յանձն առնու հաւասարիլ անասնոց եւ միայն խոտով ապրիլ։
Գիտենք թէ հաց մեր մարմնոյ սնունդ եւ աճումն է, բայց հոգին եւս իւր սնունդ եւ աճումն ունի, եւ այդ՝ Աստուծոյ բանն է: Ուստի արդար տնտեսող ձեռք եւ միտք պէտք է որ նախ երկու ծայրայեղ կեանքէն զգուշանայ, ոչ առաւելու եւ ոչ նուազի. միանգամայն ոչ հացը թողու եւ ոչ Աստուծոյ բանը: Այլ իւր կենաց այդ երկու մեծ ու կենսական պէտքեր առանց զրկանաց արդար բաժինով հոգայ. դիտելով նաեւ թէ մեր կեանքին բուն կենդանարար մասն հոգին է. զի ասաց Քրիստոս՝ «Հոգին է կենդանարար. մարմին ինչ ոչ օգնէ»։
Սամուէլ որդեակ իմ, եթէ դու հաց եւ բան միանգամայն կը սիրես, մտադիւր լսէ այս դասը, որպէս զի կարենաս ուղիղ տնտեսութեամբ կառավարել քո կեանքը։ Վասն զի առանց ուղիղ տնտեսութեան մարդոյն կեանքը իւր չափաւորութենէն կը խանգարի. գանձը՝ գանձարանէն կսպառի, եւ ցորեանը՝ շտե- մարանէն։ Սորա հետ եւ ի միասին կսպառի բանն հոգիէն, կրօն եւ հաւատ՝ սրտէն։ Բայց խօսիմ նախ հացի եւ նիւթական կեանքի տնտեսութեան վերայ. վասն զի մարդիկ հացն աւելի կը հասկնան, բանին եւ հոգւոյ կեանքը իբրել վերացական գաղափար համարելով կը դժկամակին ըմբռնել զայն։ Բայց անհնարին է հացն ու բան որոշել իրարմէ։ Սոքա այնչափ սերտ կապակցութիւն ունին իրարու հետ՝ ինչպէս հոգին մարմնոյն հետ։
Խոհական որդեակ իմ, ինչպէս ուսար դու նախորդ դասիդ մէջ, թէ բուն հարստութեան աղբիւր մարդոյն գործունեայ աշխատութիւնն է, այսպէս նաեւ հարստութեան գանձարանին հսկող պահապանն՝ արթուն տնտեսութիւնն է։ Մարդիկ աշխարհիս վերայ մէն մի իւր կարգին եւ վիճակին մէջ առանձին առանձին տնտեսապետ են, եւ ամէն մէկ հաշիւ ու համար, պարտիք եւ իրաւունք ունին։ Թագաւոր՝ իւր աշխարհին տնտեսապետն է, իշխան՝ ժողովուրդին. հարուստն՝ իւր կալուածոց. աղքատն՝ իւր տնակին, քաղաքացին՝ իւր արհեստին եւ շահավաճառութեան. գիւղացին՝ իւր հողագործութեան. եւ իւրաքանչիւր գերդաստան ու ընտանիք՝ առտնին տնտեսութեան։
Երկրի մի ընդհանուր տնտեսութեան վիճակն ե՞րբ կը խանգարի, գիտե՞ս. երբ այդ կարգի մարդոց դասեր մեծ ու փոքր առ հասարակ կը խոտորին ուղիղ տնտեսութեան եւ պարտուց ու իրաւանց հաւասար չափէն։
Այլ պէտք է նկատեմք, որ այս խոտորումն միշտ բարձրագոյն աստիճանէն կսկսի, եւ կերթայ կը հասնի մինչեւ ի ստորին աստիճանը. այսինքն թագաւորին պալատէն մինչեւ յետին գիւղացւոյն տունը։ Այս տեսութիւն շատ ճշմարիտ է, եւ շատ յայտնի է մեզ, զի դորա բազում օրինակներ կը տեսնամք աշխարհի մէջ եւ մեր աչքին առաջ։
Այսչափ միայն յիշելով շատ կը համարիմ ու կանցնիմ. միտքս այն չէ, որ խօսիմ մեր քաղաքային տնտեսութեան վերայ. եւ թէ խօսիմ եւս՝ ո՞վ պիտի լսէ։ Այլ միայն խօսիլ կուզեմ իւրաքանչիւր մարդոց կեանքին եւ առտնին ընտանեկան տնտեսութեան վերայ, որ իմ պաշտօնին եւ չափաւորութեանս պարտիքն է, լինելով անարժան տնտես Աստուծոյ եկեղեցւոյն։
Յիշէ, որդեակ իմ, ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔ կոչուած աշխատութեանս մէջ այս պարտիքը փսքր ի շատ է վճարած եմ. բայց դարձեալ անձանձրոյթ կը կրկնեմ այս դասիդ մէջ զայն, որպէս զի Հայոց անտնտես ժողովուրդ, առաւել քաղաքացիք եւ մայրաքաղաքացիք, գէթ մեր գրելով եւ նոցա կարդալով խելաբերին. թէեւ ժամանակն նեղելով կը խրատէ զիրենք. վասն զի նորա ձայն եւ խիստ խրատ շատ կրթիչ ու զօրաւոր է քան զմեր գիրն ու քարոզ։
Բայց մարդիկ զարմանալի են. անցեալը շուտ կը մոռնան, եւ ժամանակն միշտ փոփոխական լինելով բազում անգամ եւ շատ մարդոց համար տնտեսութեան եւ նախատեսութեան վարժապետ չը լինիր. այլ մանաւանդ երբ յանկարծ երկրին կամ առանձին այս եւ այն մարդոյն համար բախտ բերելով կնդարձակէ յաջողութիւն, գիտես թէ յայնժամ առաւել շռայլութեան եւ զեղխութեան դասեր կուսուցանէ։ Մեք մեր ժամանակի եւ կեանքի մէջ դորա փորձ եւ ապացոյց տեսանք, որ այդ անստոյգ խաբող ժամանակ քսան տարի շարունակ այդ յոռի ու կարճամիտ դասեր սորվեցոյց Ասիական եւ առաւել Պօլսոյ ժողովուրդին։
Խրատ կուտամ քեզ, որդեակ իմ, ժամանակի բարեկամութեան վերայ երբէք մի վստահիր. նա միշտ խաբուսիկ է, երկու երես ունի, այսօր կը խնդայ եւ վաղը կը խոժոռի: Միշտ յուշիդ պահէ Սողոմոնին խրատ. «Ժամանակ լալոյ եւ ժամանակ ծիծաղելոյ»: Մինչ գանձարանդ գանձով, շտեմարանդ ցորենով լի են, մինչ շահավաճառոաթիւնդ յաջող է եւ դու առատ եւ կթարախանաս անկասկած. ահաւասիկ այս է քո ծիծաղելոյ եւ բախտի ժամանակ։
Իսկ երբ բախտին անվստահ բարեկամութիւն յանկարծ իւր երեսը կը դարձնէ քեզմէ, շտեմարանդ եւ գանձատունդ կը դատարկանան, բազմաճոխ սեղանդ կը բարձուի, անդէն եւ մտերիմ բարեկամներդ կը հեռանան, որ քո խրախճանակիցներն էին. դու յայնժամ կռափշիս ու կը մնաս, թէ ի՞նչպէս պատահեցաւ քեզ այս։ Ահաւասիկ այս եւս քո լալոյ ու դժբախտութեան ժամանակն է։ Եւ ես պատմեմ քեզ, թէ ի՞նչպէս կը պատահի եւ որչափ են աշխարհիս եւ մարգոց կեանքի պատահարներ, մանաւանդ մեր ժամանակին եւ մեր բնակած աշխարհին։
Հարուստ ու մայրաքաղաքիս մէջ հռչակուած ճոխ գերդաստանի մի հայր կը ճանաչեմ ես. մի օր տեսի զինքն, որ հոգւոց հանելով կը խօսակցէր իւր բարեկամին հետ, եւ ես լռին անկն կը դնէի։ Նկատեցի նորա երեսը զի զուարթ եւ ուրախ չէր, ինչպէս յերեկն եւ յեռանդն, այլ թախծագին դիմօք նստեր էր, կը խորհէր ծանր հոգածութեամբ։
Իւր խօսակից բարեկամ հարցուց դորա պատճառը. նա զարմանալով պատասխանեց նմա, միթէ դու չը գիտե՞ս, միթէ իմ պատահարս քեզ չըպատահեցա՞ւ։ Ո՛չ. ասաց բարեկամն, չը դիտեմ։ Ուրեմն դու միայն կաս յԵրուսաղէմ եւ այլն ... սկսեք ապա այլաբան ոճով մի պատմել։
Ես, ասաց, մի պողպատէ գանձու պահարան ունէի, այնչափ կուռ զրահաւորեալ էր, որ ամէն կերպ ճարտար գողութեանց դէմ կարող էր մրցիլ, որուն մէջ իմ բոլոր հարստութեանս գանձը ապահոված էր ու ես բնաւին անկասկած էի։ Մի օր բացի այդ իմ երկաթակուռ գանձարանս, ասացի թէ փոքր ինչ զբօսնում եւ խաղամ գանձերուս հետ։ Ո՛հ, ո՛հ, ի՞նչ. առանք բանալիի, առանց ո եւ իցէ ձեռքի ճարտարութեան՝ գանձի պահարանս փակուած տեղ ինքնին պարպուած էր։ Թուեցի կրկին եւ կրկին, տեսայ քանակութիւնն՝ նոյնն էր։ Բայց ի՞նչ օգուտ, զօրութիւն սպառած էր, ոչինչ արժէք չունէին ոսկիներս, գիտես թէ ամբողջ ժանտաջուրի մէջ թաթախուելով հարիւրէն տասն հազիւ իբր թէ ոսկւոյ մասն մնացեք էր։ Այս մնացորդին վերայ գուրգուրալով կը կասկածիմ, գուցէ այն եւս առնի տանի նոյն ոսկեհան ժանտաջուրն։ Ես ի սկզբանն իբրեւ ապուշ կը լսէի այս պատիպատ պատմութիւնն. հուսկ ուրեմն հասկցայ այդ գանձատէր մեծատունին միտքը. Բայց ես մտքիս մէջ դատեցի զինքն յիշելով Եզրվպոսի իմաստուն առակը, թէ «Դու մսագործ էիր, քեզ ի՞նչ պէտք էր պայտառութիւն»։ Որովհետեւ այդ անձն՝ հայրենի արուեստով վաճառական էր, բայց շահու ցանկութիւն հրապուրեր էր զինքն սեղանաւորաց նման տոկոս առնելով դիւրաշահութեամբ եւս հարստանալ։
Այս փորձառու պատմութենէն խրատ առ, որդեակ իմ, որ առաւել շահու ցանկութեամբ արուեստափոխ չը լինիս։ Գիտցիր նաեւ, որ ամէն ժամանակն՝ իւր ժանտաջուրն ունի. եւ այնչափ ճարտարաձեռն գող է ժամանակ, որ գանձարանդ առանց բանալւոյ կը կողոպտէ։ Անհոգ անկասկած մի լինիր, այլ միշտ վախցիր դու ժամանակի դժպատեհ բերմունքէն, ինչ որ այսօր է, վաղը նոյն չէ. «Շատ է աւուր չարն իւր», ասաց Յիսուս։
Չգայթակղիս, որդեակ իմ, թէ ես Աւետարանի պատուէրին դէմ՝ հակառակ կուսուցանեմ քեզ, այն է, թէ «Մի հոգայք վասն վաղուին, վաղիւն վասն իւր հոգասցէ». եւ այլն: Բացատրեմ քեզ Աւետարանին միտքը, որ ուղիղ մտքով հասկնաս նորա հոգին եւ իմաստը. եւ դու այնպէս չը դատես ինչպէս իմաստակներ կը դատեն, զոր ես լսեցի ու յոգիս վշտացայ. որպէո թէ Աւետարան իւր այդ պատուէրով կարգելու մարդոյն՝ ապագայի հոգն ու մտածմունք:
Ո՛չ, այդպէս չէ, բարեմիտ որդեակ իմ. Յիսուս իւր հաւատացելոց երբ այս աշխարհէն յետոյ՝ երկնից արքայութիւն խոստացաւ, նա կամեցաւ որ իւր հաւատացող ծառաներ հեթանոսաբար բազմահոգ նիւթապաշտ չը լինին, միայն իրենց յոյսն աշխարհի վայելից վերայ դնելով՝ այն անձնապաշտ մեծատան պէս կասէր. «Անձն իմ, ունիս բազում բարութիւն ամբարեալ ամաց բազմաց. կե՛ր, ա՛րբ եւ ուրախ լեր»։
Այս յանձն ապաստան ոգիէն յայտնի է թէ խիստ անիրաւ տնտես մի էր նա, որ միայն իւր անձին համար գանձեր էր, եւ իւր մեծութեան մէջ Աստուծով չէր պարծեր։ Նա չունէր այն երկիւղած հաւատը, թէ ամէն բարիքներ Աստածոյ ձեռքէն կնդունի մարդն։ Բարերար Աստուած, որում շատ պարգեւէ, կը կամի որ մարդն արդար տնտեսութեամբ մատակարարէ զայն. սէթ իւր աւելորդ ընչից կարօտ ընկերին բաժին հանելով: Քաջ ի միտ առե՞ր դու թէ՝ ոչ Աւետարան եւ ոչ Սուրբ գրոց ուրիշ բան կը պատուիրեն որ մարդ չնախատեսէ։ Վասն զի մտածող մարդոյն ի բնութենէ բնական է նախատեսութեան հոգը. թող բանաւոր մարդն, ապաքէն տեսար դու աշխատութեան դասիդ մէջ մրջիւնին եւ մեղուին օրինակը։ Եթէ այդ չքոտի կենդանիներ այդչափ նախադոհակ են իրենց դոյզն պարենի համարք անշուշտ մարդ քան զմրջիւն մեծ է. նա առաւել պարտաւոր է որ նախատեսէ եւ հոգայ իւր կեանքի պէտքեր։
Բայց դարձեալ նկատել արժան է, որ երկու ծայրայեղ անչափաւորութենէն Հեռի մնայ մարդն, ոչ այնչափ նախատեսութեան խորերուն մէջ սուզանի, որով ագահութեան եւ թերահաւատ հոգերով խեղդուի. եւ ոչ այնչափ անհոգ աննախատես լինի, որ նոյնպէս շռայլութեան ու զեղխութեան հեղեղներով գլորի։ Ուստի մեծ իմաստութեան չափ ու կշիռ պէտք է ուղիղ տնտեսութեան մէջ այդ միջին ճանապարհ գտնել, ոչ ի ձախ խոտորիլ եւ ոչ ի յաջ։
Այո՛, աշխարհ, ժողովուրդ, եկեղեցի, ընտանիք, եւ նոյն իսկ մարդ իւր առանձին կեանքը տնտեսելու համար՝ իմաստուն խոհականութիւն պէտք է, դիր ու հաշիւ պէտք է, ուղիղ ճշդութիւն պէտք է. եւ այս ամենուն հետ արդար խղճմտանք եւ Աստուծոյ բան պէտք է, որ գիտնայ մարդ ուղիղ բաժանել թէ կայսերին եւ թէ Աստուծոյ բաժին։
Այլ որովհետեւ այս աշխարհիս վերայ մարդոց կարգ, վիճակ ու կեանք շատ զանազան են իրարմէ, սորա համար անձնիւր մարդ առանձին առանձին տնտեսութեան պարտիքներ ունի՝ առաւել կամ նուազ։ Աշխարհիս իշխաններ եւ մեծատունները փառասէր չենք համարիր, եթէ նոքա իրենց համբաւոյն, անուան եւ ճոխութեան համեմատ վայելուչ պերճութեամբ կեանք վարեն։ Նոքա մեծ զրկանք կը գործեն ընկերութեանք եթէ ամենագծուծ կեանք վարելով՝ խիստ ժլատութեամբ կծկեն իրենց ձեռքը. եւ գետի նման յորդացած գանձին ճանապարհ գոցեն, որ չվազէ ժողովուրդին հրապարակը։ Նոքա եթէ չշինեն շքեղ տուն եւ մեծամեծ ապարանքները, այդ ինքնին յայտնի է որ տան ճարտարապետ, շատ արհեստաւոր եւ գործաւոր մարդիկ վնասուելով իրենց վաստակէն՝ կը զրկուին։ Նմանապէս եթէ նոքա թանկագին մատանիները չը դնեն իրենց մատը, եթէ ամէն օր տարազ տարազ հանդերձներով չը պըճնազարդին. եթէ բազմախոցտիկ սեղանով չը լիանան. եթէ հրապարակի մէջ շրջելու համար չը պերճանան, եւ թողլով ալդ ճոխապանծ կեանքը՝ հասարակաց անշուք ու սակալապէտ կեանքով ապրին. ո՞ւմ կը հասնի այս վնասը. գիտե՞ս, բոլոր արհեստաւորաց եւ շահավաճառութեան այլ եւ այլ ճիւղերուն. որոց բախտ եւ իրաւունքն էր այդ ամէն մեծածախ պէտքերը պատրաստել ու տալ. եւ այս փոխանակութեան միջոցով՝ հարուստներուն կուտած աւելորդ գանձը հանել ժողովուրդին հրապարակ. որպէս զի մէն մի իւր աշխատութեան բաժինն ընդունի։
Եւ գիտե՞ս դու, մեր ընկերական կեանքին հաւասարակշռութիւն պահող նժարներ՝ փոխանակութեան օրէնքն է։ Վասն զի ո՞ւր տեղէն կամ ո՞ր աղբիւրէն կը ժողովին ու կը ծովանան աշխարհիս մեծատանը եւ արքունական գանձեր. ինքնին մեզ շատ յայտնի է, զի դոցա մշտահոս վտակներ՝ ժողովուրդի աշխատութեան աղբիւրի ակներէն կը վազեն։
Իրաւունք է եւ մեծ իրաւունք, որ այդ գանձու վտակներ անդրէն իրենց ակները դառնան եւ այսպէս միշտ շրջան առնուն, որով թէ ժողովուրդին եւ թէ մեծատանը դարաստաններ ու տունկեր միշտ ջրարբի լինելով՝ զուարթ ու պտղաբեր մնան։
Ուստի մեծապէս կը մեղանչեն ուղիղ տնտեսութեան օրէնքին դէմ այն մեծատունք, եւ առանց բռնացող յափշտակութեան հարստահարիչ կը համարուին նոքա, եւ միանգամայն յառաջդիմութեան խափանարար կը լինին, երբ ժողովուրդի վաստակոց եւ շահերու աղբիւրներ խցելէն յետոյ արուեստներու յառաջդիմութիւն եւս կը խափանեն։ Վասն զի աշխարհիս գեղարուեստից այնչափ անհուն, անհամար պէտքերը, զոր միշտ կստեղծէ արուեստագէտ հանճարներու ձեռք, դոքա իրենց ամենամեծ մասերով՝ մեծատանը վայելման համար են։
Իրաւունք տուինք աշխարհիս մեծատանը որ ճոխ ու փառաւոր կեանք վարեն, միայն թէ չանցնելով չափաւորութեան ու վայելչութեան սահմանէն։ Բայց թէ նոքա այդ իրաւունքը՝ միայն ճանաչեն իրաւունք, եւ զայն ըստ հաճոյից կատարելով՝ մոռնան ու պը յիշեն երբէք միւս բազմադիմի պարտքեր, այսինքն հացի տնտեսութիւն միայն հոգալով՝ թողուն Աստուծոյ բանը, թողուն բարեգործութեան պարտքերը, չըյիշեն երբէք ժողովուրդի աղքատներ, որբեր, հիւանդներ, անօգնական թշուառներ եւ իրենց դռներու առաջ ինկած վիրալից Ղազարոսներ, եթէ մոռնան նոքա իրենց մեծամեծ պարտականութեան գործեր առ եկեղեցին, առ ազգն, եւ ազգային դպրոցներ. եթէ ազգին յառաջդիմութեան արահետ ճամբայ մի բանալու համար՝ իրենց գանձարանին դուռը չի բանան. եթէ հայրենեաց բարգաւաճման համար՝ հայրենասիրութեան մեծ պարտիքներ չը կատարեն. եթէ բախտ յաջողեր է նոցա մեծ պաշտօնեայ եւ նախարար եղեր են երկրին կառավարութեան, ինչպէս առաքինին Յովսէփ, որ յիշեց Յակովբայ տուն ու լացաւ. այլ սոքա ցյագ ուտեն հաց եւ չը յիշեն երբէք Հայկայ քաղցած տունը. եթէ նոքա վերջապէս իրենց մեծութեան գանձ ու գութ փակեն առ մարդկային ընկերութեան թշուառութիւն. միայն ու միայն վայելեն Աստուծոյ տուած բարիքներ. նստին մեծահաց սեղանին վերայ, հագնին բեհեզն ու ծիրանին, գէթ սեղանին փշրանքներէն եւ պատառ մի կտաւէն չի տան աշխարհիս փողոցներու մէջ ինկած Ղազարոսներուն, որպէս զի ոգեպահիկ հաց ուտեն եւ այդ պատառիկ կտաւով իրենց մերկութիւն ծածկեն կամ իրենց վէրքեր պատատեն, ամէն ամէն ասեմ քեզ, որդեակ իմ, այդպիսի մեծատունք անիրաւ են իրենց տնտեսութեան մէջ. անիրաւ են երկնից եւ երկրի առաջ, այսօր եւ յաւիտեան, որոց համար Քրիստոս իւր Աւետարանով սպառնացաւ. «Վա՛յ ձեզ մեծատանցդ, զի ընկալայք զմխիթարութիւն ձեր»։
Այսչափ դատեցինք աշխարհիս մեծատուններ։ Բայց մեծապէս կանիրաւիմք, որդեակ, եթէ արդար տնտեսութեան բեռները միայն մեծատանը վերայ բարդեմք։ Սկսիմք այժմ ժողովուրդի միւս դասերուն կեանքը դատել, որոց կարգ, վիճակ եւ աստիճան շատ բազմատեսակ է, եւ ամէն կարգի մարդիկ եւ ընտանիք՝ իւրաքակչիւր իրենց ունեւորութեան չափով ուղիղ տնտեսութեան օրէնքը պահելու պարտական են։
Ինչպէս իրաւունք տուինք մեծատանը, որ իրենց աստիճանին պատշաճող պերճութեամբ ապրին, նոյն իրաւունք կուտանք ժողովրդական դասերուն, որ իրենց վիճակին ու վաստակին համեմատ չափաւոր պարկեշտութեամբ ապրին։ Բայց երբէք իրաւունք չենք տար ժողովրդական կարգի այն դասերուն, որոց ջահ ու վաստակ շատ չափաւոր է, որ նոքա եւս ցանկութեան տենչով ձգտին մեծատանը պէս ճոխագոյն կեանքով վարիլ, առ ոչինչ համարելով՝ ոչ նախատեսութեան եւ ոչ չափաւորութեան տնտեսող կշիռը։ Զի թէպէտ քաղաքային օրէնք ազատութիւն կուտայ ժողովուրդին որ իւրաքանչիւր մարդիկ՝ իրենց գոյից եւ ընչից բացարձակ տէր լինելով՝ ազատաբար վարուին, ազատաբար տնտեսեն իրենց կեանքը։ Այլ երանի՝ թէ դորա համար եւս չափ ու սահման որոշէր երկրին կառավարութիւնն. որով թերեւս անչափասէր ժողովուրդը օրէնքով ու սրով ճանաչէր իւր չափաւորութիւնը։ Բայց միթէ հա՞րկ էր դորա համար օրէնք. վասն զի թէ աշխարհի եւ թէ առտնին տնտեսութեանն՝ այդ օրէնքը շատ բնական է մարդոյն կենաց մէջ եւ իւրաքանչիւր մարդոց բուն իրենց կեանքէն, գոյքէն, եւ գանձէն կը բղխի։ Խոհական ու բանաւոր տնտեսութիւնն կուսուցանէ որ մարդ իւր շահերուն չափով կենցաղավարի։
Իսկ եթէ ճոխասէր լինելով իւր չափէն ի դուրս նկրտի, աշխարհ զայն կը դատէ ու կը մեղադրէ։ Եթէ մարդ, որ ինքն պարզ քաղաքացի մի է ու չափաւոր շահու տէր, պարզ տուն մի իրեն բաւական չի համարիր, պերճասիրութեան ցանկութիւն զինքն գրգռելով կը ձեռնարկէ իշխանի վայելուչ ապարանք մի շինել, ծանրագին կահ կարասիներով զարդարել. նոյնպէս նուաստութիւն կը համարի նա հետիոտս քալել, իշխանի կառք կը նստի, հրապարակէն կանցնի եւ կը ցուցամոլի աշխարհին առաջ. չարաչար կը զեղծանի նա անչափաւոր տնտեսութեան մէջ։
Սոյնպէս եթէ սոսկական արհեստաւոր մի, որուն ձեռքն ու մատունք արհեստագործութեան մէջ բրտացեր են, մեծամտի իշխանի մատանի դնել, եւ իւր կին իբրեւ իշխանուհի սիրամարգի պէս պճնազարդելով ելնէ ու նազելով շրջի ժողովուրդի հրապարակի մէջ, ցոյց տալով թէ եւ ես կարող եմ մրցիլ հարուստ տիկիններուն հետ, եւս չարաչար կը զեղծանի տնտեսութեան մէջ:
Այլ ով չի դիտեր ու չը ճանչնար, թէ այդպիսիներն այն ընտանիքներէն են, որոց Հացը՝ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը տեւէ. այսինքն թէ օրական աշխատութեամբ ու շահով կապրին դոքա: Ուստի յայտ է թէ՝ այդ պճնասիրութեան անհարկի պէտքեը թէ պարտքով եւ թէ խաբէական միջոցներով եւս հայթայթեն, ոչինչ փոյթ չունին եւ չեն հոգածեր երբէք, թէ այդպիսի անտնտես կեանքի մը ապագան՝ ընտանեկան կեանքին կործանումն է։
Ահաւասիկ այապէա կը զեղծանի ուղիղ տնտեսութեան օրէնք, ուղղասէր որդեակ իմ, երբ ժողովուրդի կարգեր կանքնին իրենք չափ էն ու սահմանէն, թողլով պարզութիւն եւ սակալապէտ կեանք, չխնայելով իրենց դառն ու չարաչար աշխատութիւնն, մոռանալով թէ մարդ քանի՞ տաժանելի քրտինքով իւր հացը կը հայթայթէ աշխարհիս վերայ։
Ազգ, ժողովուրդ, քաղաքացի, դիպեցի, տէր, ծառայ, հարուստ, աղքատ, առ հասարակ ամէն կարգի մարդիկ երբ կեանքի տնտեսութեան ուղղութենէն կը խոտորին, նոցա ճանապարհ դէպ ի կորուստ կերթայ. նոքա միշտ իւրեանց հարստութենէն կը թափին եւ աղքատութիւն շուտ կը հասնի նոցա վերայ ինչպէս մի արագոտն սուրհանդակ։ Այսպէս հասաւ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաքին վերայ. նոյն օրինակ պիտի հասնի բոլոր գաւառացի ժողովրդոց վերայ, եթէ անցեալ փորձերէն եւ Բիւզանդացւոց տնաւեր օրինակէն ուշաբերելով չխրատուին։
Է՜, սիրելիդ իմ Սամուէլ, քաջ ի միտ առի՞ր տնտեսութեան այս դասն, դու որ դեռ ուսանող ես եւ տակաւին տնտեսական կեանքին մէջ չի մտար։ Բայց քո որդիական մեծ պարտիքն է, գիտնալ ու երախտագէտ լինել. թէ ուսմանդ ու դաստիարակութեանդ համար որ չա՜փ անխնայ ծախսեր արած եմ. այս մասին մէջ՝ տնտեսութեան հաշիւն իմ չափէն անցուցի, այն ապագային յուսով, յորում կեանքիդ պտղաբեր արդիւնքը բազմապատիկ պիտի քաղեմ։
Ուսիր, որդեակ իմ, ուսեր այժմէն, որ այն ապագային մէջ, յորում գուցէ ես ի գերեզման իջած լինիմ, դու ողջ մնալով բարւոք տնտեսես քո կեանք եւ հայրենի ընտանիք: Ես հարուստ վաճառաշահ քաղաքացի չեմ, որ բազում գանձ թողում քեզ ժառանգութիւն: Մի պանդուխտ գիւղացի հայր եմ ես, եւ քո ժառանգութիւն՝ մեր գեղի հողն ու դաշտն է։ Ես հող միայն կը թողում քեզ, հող, որ հազար անգամ ոսկե գանձէն անսպառ անկողոպուտ գանձ է. զոր ես քո պապէն ժառանգեցի, եւ այդ անգին աւանդ ողջ ամբողջ պահեր եմ մինչեւ ցայսօր։ Եօթն անգամ ի պանդխտութիւն ելայ. եւ չուզեցի բնաւ որ թիզ մի գետին վաճառեմ, մինչ անձկութիւն զիս կը ստիպէր եւ պարտատեարք զիս ի բանտ կը վարէին: Այլ միշտ աշխատեցայ ամէն բան զոհել ու հողային կալուածներս պահել։
Ուխտիւ զթեզ պարտական կը կացուցանեմ, որդեակ, որ հօրդ օրինակին հետեւիս, բոլոր կեանքովդ ջանացիր գիւղական տնտեսութեան մէջ յառաջդիմել։ Ես քո միտք այս դասերսվս մշակեցի, որպէս զի դու եւս քո հողերդ ու դաղտերդ բարւոք մշակես։ Տես դու յայնժամ այն մեր արգաւանդ հողերն ո՞րչափ առատ խոտ ու ցորեան պիտի տան քեզ։
Եթէ ողջ մնամ ու հետ քեզ դէպ ի հայրենիք դառնամ, վա՜ջ, ո՞րքան պիտի հրճուի հոգիս, երբ տեսնամ քո յառաջդիմութիւն գիւղական տնտեսութեան մէջ, որով դու բարի օրինակ պիտի լինիս այն խեղճ գիւղացւոց, որ հողագործութեան արհեստին մէջ դեռ մանուկ մնացեր են։ Միթէ իրաւո՞ւնք ունինք մեղադրել զիրենք, երբ ուսումն չունին։ Իմ եւ քո սեպուհ պարտիքն է գեղացի մանուկները զարգացնել եւ կարեւոր կրթութիւն տալ։ Փորձով կը տեսնաս դու թէ ի՞նչպէս մանկակիցներդ շուտով կը յառաջդիմեն։ Չգիտե՞ս դու թէ գիւղական դաշտի ազատ մանուկներ քանի աշխոյժ եւ կորովամիտ են։
Վերջին բան, վերջին մի քանի խրատ եւս աւանդեմ քեզ, որդնակ, եւ այսպէս աւարտեմ այս կրթական դասդ, որ աշխարհիս վերայ կեանքդ ուղղավարող ուղիղ տնտեսութեան ղեկն է։ Այս ղեկն՝ քո հերկագործութեան մաճին պէս ուղիղ բռնէ, եւ մի թողուր երբէք որ խոտորի. զի այդ է միայն որ կեանքիդ բոլոր ակօսներն ուղղութեամբ կը վարէ. եւ մինչեւ ի գերեզման քո հաց եւ հարստութիւն չի պակսիր։ Զգո՛յշ, զգույշ, Աստուծոյ բան չարհամարհես եւ միայն հացով ապրիս դու. յայնժամ կը մոռնաս մարդկութեան շնորհն ու պատիւ, անասնոց կը հաւասարիս. կապիրատիս նաեւ նախախնամող երկնից Հօր դէմ, երբ նորա հացն ուտես եւ զայն չօրհնես։ Սոսկ բերանոյ օրհնութիւն բաւական չէ. այլ եւ պարտական ես արդեամբք փառաւորել զայն։ Երբ այգիդ կը կթես՝ ճռաքաղ մի առներ. երբ արտերդ կը հնձես՝ թափած ու մնացորդ հասկեր թող, որ այրիներ, որբեր եւ աղքատներ ժողովեն զայն։ Այսպէս կը պատուիրէ Աստուծոյ օրինաց Սուրբ Գիրք: Ամէն արմտիքէն բաժին ու տասանորդ տուր Աստուծոյ. «Պատուեա՛ զՏէր ի քոյոց արդար վաստակոց, եւ հան նմա պտուղ ի քոց արդարութեան արմտեաք։ Զի լցցին շտեմարանք քո ցորենով եւ հնձանք գինեաւ քով առաւել եւս բղխեսցին»։ Ագահ Կայենի նման անուղիղ մի բաժաներ. այլ արդար Աբէլի պէս պտուղդ հաճոյապէս նուիրէ Աստուծոյ։
Այս է աւասիկ հացին ու բանին ուղիղ տնտեսութիւն, եւ ես կօրհնեմ զքեզ, որդեակ իմ, որ բոլոր կեանքիդ մէջ հացն առանց Աստուծոյ բանին չուտես. այլ հացն ու բան ի միասին խառնելով կեր, որպէս զի կեանքդ կատարեալ լինի, եւ դու թէ առ Աստուած եւ թէ առ մարդիկ պարտիքներդ կատարելով իբրեւ արդար ու հաւատարիմ տնտես ապրիս աշխարհիս վերայ։
Յիշէ Աւետարանին առակը, քեզ յանձնուած քանքարը շահեցուր. զի Տիրոջ առջեւ պատասխան ունիս տալ, եթէ անհոգութեան վարշամակին մէջ ծրարելով անշահ պահես զայն։ Իսկ եթէ տոկոսով հանդերձ հատուցանես, Քրիստոս զքեզ կը գովէ. «Ազնի՜ւ ծառայ բարի եւ հաւատարիմ, որով ի սակաւուդ հաւատարիմ եղեր, ի վերայ բազմաց կացուցից զքեզ. մուտ յուրախութիւն Տեառն քո»։
ԴԱՍ Ը.
ԻՆՔՆԱՇԽԱՏ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆ
ՍԻՐԵԼԻԴ իմ, Սամուէլ, մարդոյն ընդհանուր աշխատութեան դասն ուսար, եւ նոյն աշխատութեան արդիւնքն ուղիղ տնտեսելու դասն ուսար. այժմ եկաւ կարգն որ ժողովուրդին ինքնաշխատութեան դասն սկսիմ քեզ. ուշի ուշով միտ դիր դու. վասն զի այս ամենակարեւոր դասն է, աշխարհիս այլ եւ այլ ժողովրդոց յառաջդիմոլթեան, եւ բարգալաճման՝ միակ պայմանն ու ճանապարհն։
Քաջ ի միտ առ, որդեակ իմ, եւ ես թուեմ քեզ, թէ՝ ի՞նչ են ժողովրդոց ինքնաշխատութեան պարտիքները, զորս նա պէտք է իւր բոլոր կենաց մէջ աշխատելով. տքնելով կատարել ջանայ։
Աշխարհիս վերայ ոեւիցէ մի ազգ եւ ժողովուրդ, իւր կեանք պահող, տնտեսող ու բարւոքող քրտնաջան մշակն է, իւր արտ վարող մաճկալն է, իւր սերմ ցանող ու հնձող ինքնավարձ աշխատաւոր է, իւր դրախտն ու դարաստանն տնկագործող պարտիզպանն է, իւր տուն շինող ճարտարապետն է։ Իւր ընտանեկան կեանքին պէտքերն հոգացող հայր ու տնտեսն է, իւր հաց ու սեղան պատրաստող մատակարար ձեռքն է, իւր արուեստ հնարող հանճարին աղբիւրն է, իւր գործարանին մեքենաները դարձնող մղիչ շոգին է, իւր անձին մերկութիւնը պատսպարելու կտաւագործն է. իւր ամէն շահավառութեան վաճառական եւ խանութպանն է, իւր դպրոցներ շինող ու կարգադրող իւր ընկերական հանգանակութիւնն է, իւր մանուկներ ղրկող դաստիարակն է, իւր ներկային մէջ գործող ձեռքն՝ եւ ապագային մէջ նախատեսող աչքն է. վերջապէս ժողովուրդին ինքնաշխատութիւն ամենայն ինչ է, այս աշխարհիս վերայ իւր առանձին յառաջդիմութեան համար։
Պէտք է խելամտի ու ճանչնայ ժողովուրդ թէ՝ իւր կեանքն արդիւնաւորողն՝ միմիայն իւր ինքնաշխատութեան ձեռքն է, եւ գիտե՞ս որչափ շահաբեր է։ Մի ազգ եւ ժողովուրդ եթէ իւր կեանք եւ բախտ ուրիշէ կակնկալէ, շատ բնական եւ յայտնի է թէ՝ իբրեւ երազայոյս պահ մի գիշերուան ծանր քունին մէջ կը խայտայ եւ առաւօտ ոչ ինչ կը գտնէ։
Մշակ ժողովուրդին անժխտելի ու բնական պարտիքն է, որ իւր հացն ինքնին հոգայ, իւր արտն ինքն քաղէ, ապա թէ ոչ արտն առանց քաղելու կը մնայ. կը կծղի ու կը թօթափին ցորենահատեր, եթէ նա դրացւոքն կամ բարեկամին սպասէ։ Այս ճշմարտութիւն իմ կեանքիս մէջ փորձով ճանչցած եմ. դու որ դեռ անփորձ ես, ուշ դիր, ես մի հնոց առակով պատմեմ քեզ։
Արտուտ թռչունն՝ որ թերեւս արտ ուտելէն առեր է այս յարմար անունն, իւր բոյն հասկաւոր արտի մի մէջ դնելով ձագեր հաներ է։ Նախատես ձագամայրն միշտ կապսպրէ իւր ձագերուն, որ միտ դնեն արտին տիրոջ, թէ ի՞նչ կը խօսի, երբ նա իւր տղուն հետ կուգայ տեսնել թէ՝ արտին հնձելու ժամանակն հասե՞ր է։ Առաջին անգամ կը լսեն ձագեր եւ կը պատմեն իրենց մօրն, թէ հայրն իւր տղու կասէր. Որդեակ, արտը հասնելու մօտ է. գնա խօսիր մեր դրացիներուն թող մեզի յօդն գան, արտն ի միասին քաղեմք։ Արտուտն կը պատասխանէ, դեռ անհոգ կեցէք, քանի որ արտին տէր՝ դրացիներուն օգնութեան կսպասէ, այս արտը չի քաղուիր։ Երկրորդ անգամ մտիկ տալով ձագերն՝ այս կը պատմեն թէ՝ գեղացին իւր աղուն կասէր. դրացիներ չեկան, գոնէ բարեկամներ հրաւիրէ: Խելացի արտուտն դարձեալ նոյն կը կրկնէ. հանգիստ եղէք, ձագերս, երբ գործը բարեկամներուն մնացեր է, յաւիտեան չի քաղուիր արտը։
Երրորդ անգամ կը պատմեն ձագերն, թէ՝ արտին տէրն վա՛շ, վա՛շ անելով իւր տղուն կասէր. որդեակ իմ առ դու քո մանգաղ եւ ես. մենք մեր արտը քաղենք, այլ եւս դրացեաց, բարեկամաց սպասելն ընդունայն է։ Ուշադիր ձագերն երբ այս վերջին խօսք կը պատմեն իրենց մօր, մայրն կը պատասխանէ. այժմ ստոյգ կը հաւատամ, թէ՝ արտը պիտի քաղուի. պէտք է զձեզ տեղափոխեմ։
Այս կրթիչ առակի օրինակէն արդեօք պիտի հասկանայ ու խելաբերի՞ իւրաքանչիւր առանձին մարդ եւ ժողովուրդ, թէ՝ աշխարհիս դրացիներ եւ բարեկամներ եւս իրենց արտեր ունին քաղելու։
Եթէ այս այսպէս է, ինչպէս որ է ճշմարիտ, ուրեմն թող ժողովուրդ իւր յոյս միայն իւր ինքնաշխատութեան վերայ դնէ։ Եթէ իւր կեանք պահելու համար հաց հարկաւոր է, թող առնէ մանգաղ եւ երթայ իւր արտը քաղէ։ Եթէ ջուր պէտք է իւր չորցած արտը ոռոգելու համար, թող խցուած աղբիւրներու ակերն բանայ, վտակներու լցուած առուները յորդէ։ Եթէ հանդերձի եւ այլ զանազան պէտքերու համար կտաւ կարեւոր է, թող բամբակ ցանէ, կտաւ գործէ։ Իսկ եթէ փափկութեան պերճանք սիրելով՝ կերպասի կը ցանկայ, թող շերամագործութեան արուեստին հետեւելով՝ յառաջ տանի զայն։
Եթէ նախանձելով Եւրոպական ազգաց գեղեցիկ օրինակին՝ գիւտեր եւ արուեստներ հանճարել կուզէ, թող նախ դպրոց երթայ, գիտութիւն սորվի, ինքնաշխատութեան մէջ տքնի, ինչպէս նոքա։
Իսկ եթէ կասէ. ես ի՞նչպէս ինքնաշարժ ինքնաշխատ լինիմ եւ յառաջ երթամ...
Դորա դարման եւ ճարն ի՞նչ է, գիտե՞ս. դպրոցն է. դպրոց, եւ անյուսահատ ինքնաշխատութիւն. ուրիշ ոչինչ՝ Ես կը տեսնամ զքեզ այդ քո վիճակին նկարագիրը՝ շատ ճշգրիտ է։ Բայց դու պէտք է անվկանդ մնաս ոգւոյդ մէջ. առանց երբէք լքանելոյ շարունակես ինքնաշխատութիւնդ, գիտնալով, որ յառաջդիմութեան ուղին՝ ինքնանուէր շահատակութեամբ կը բացուի: Ես գիտեմ որ խոչեր ու խութեր կան քո ճամբոյն վերայ. մի սպասեր որ ամբողջ փոխուին դոքա եւ դիւրանան քայլերդ: Մի՛ սպասեր դու, ինչպէս այն ապուշ ու բթամիտ ճամբորդն, որ գետափին մօտ կերած կսպասէր մինչեւ անցնի գարուն, անցնի ամառն, աշուն գայ, ցամքի գետի ջուրը եւ ինքը անթաց ոտքով անցնի։
Ժողովուրդ, դու ինքնին գիտես, մեր աշխարհ յորդ անձրեւներե, ձիւներ շատ ունի, մեր գետերու ջուրերով գիտէ երբ կը ցամքին. ուրեմն սրունքդ բաց, անվախ մտիր ի գետն, մինչեւ պարանոցդ ջրաթաղ եղիր եւ անցիր ի միւս կողմն։
Իսկ եթէ կուզես գետերու յորդ ջուրերէն, աշխարհիս ծովերին անկասկած անցնիլ, քաջ ուսիր լողալու արուեստն, եւ ո՞ւր տեղ, այդ եւս դպրոցի լճին մէջ, թղթով, գրով, եւ ինքնաշխատ կրթութեամբ։
Թերեւս դու այնպէս կը կարծես, որ արեւմտեան ժողովուրդին յառաջդիմութեան քայլերուն դէմ ծովեր ու գետեր չելան։ Ո՛չ, դու կարդա այդ ժողովուրդի պատմութիւն եւ պիտի ապշիս ու զարմանաս, որ նա ջրոյ եւ ծովու հոսանքն երկնանցաւ, մինչեւ ի գլուխ տարաւ յառաջդիմութեան եւ գիտութեան յաղթանակ։ Դու մի վհատիր երբ կը տեսնաս, որ ուղիներդ դժուարին առապարներ են, այդ ամէն ինքնաշխատութեան ոտքիդ առաջ կը հարթուին եւ կը դիւրանան, միայն թէ դու մի վատասրտիր:
Ձեռքերդ ծոցէդ հան, մի անգամ ինքնաշխատութեան սկսէ. ի զուր է, յուստեքէ օգնութիւն մի սպասեր, միթէ փորձով չը տեսա՞ր թէ՝ աշխարհիս վերայ քեզ ոչ ոք օգնական կայ, ուստի ի բերան ա՛ռ Դաւթին այն բան եւ աչերդ դէպ երկնից բարձրութիւն դարձնելով աղօթէ «Համբարձի զայս իմ ի լերինս, ուստի եկեսցէ ինձ օգնութիւն», Ասա դու, «Օգնութիւն ինձ ի Տեառնէ եկեսցէ, որ արար զերկինս ի զերկիր»։ Մի մոռնար, կարդա նաեւ Դաւթին միւս խրատ, «Մի յուսայք յիշխանս որդիս մարդկան. զի ոչ գոյ փրկութիւն ի նոսա»։ Եւ թէ, «Երանի ազգի որոյ Տէր Աստուած Յակովբայ օգնական է նմա եւ յոյս նորա ի Տէր Աստուած է»։
Ուրեմն յոյսերդ յԱստուած եւ ի քեզ ժողովէ, վհատեալ Ժողովուրդ, եւ գոնէ գիտցիր այսուհետեւ թէ՝ դու ինքդ ես միայն քեզ օգնական։
Այո՛, քո ձեռքն է քեզ օգնական, երթ գործես, արուեստահնար լինիս։ Քո աչքն է քեզ օգնական, երբ նայելով շուրջդ հեռատես լինիս, ներկայէդ քո ապագան չափես ու տեսնաս։ Քո միտքն է քեզ օգնական, եթէ զայն լուսաւորես եւ թողուս տգիտութեան մտաւոր ու կամաւոր կուրութիւնը։ Քո դպրոցներն են քեզ օգնական, եթէ մանուկներդ կրթես գիտութեամբ։ Քո հայրենի հողն է քեզ օգնական, երբ դու զայն արհեստիւ մշակելով բեղմնաւորես։ Քո բազմարօտ լեռներ եւ հովասուն հովիտներն են քեզ օգնական, եթէ խաշնադարման լինիս եւ յիշես դու այգետունկ որթերդ ի պարտիզի ծառերն են քեզ օգնական, եթէ քաջ մշակելով՝ գինւով ու պտղով լնուս վաճառանոց։ Քո տնտեսական ճարտարամտութիւնն է քեզ օգնական, որ դաշտին մէջ հող սիրես, եւ քաղաքին մէջ արուեստ եւ վաճառականութիւն։ Քո հայրենեաց միութեան սէրն է քեզ օգնական, եթէ իբրեւ մայր գիրկդ բանաս, պանդուխտ ու գաղթական որդիներդ անդրէն ժողովես եւ չը թողուս որ այլ եւս գրկէդ հեռանան։ Քո հայրենի Կրօն, Հաւատ ու Եկեղեցին են քեզ օգնական, թէ չմեղկանաս ի կրօն, չը լինիս հաւատաքրքիր, այլ պինդ պահես հայրենի կրօնիդ սուրբ աւանդ, զոր արիւնով ու մահով քո նախնիք քեզ անկորուստ աւանդեցին։ Վերջապէս քո ընկերսիրութեան եւ միայօդ հոգին է քեզ օգնական, եթէ զայն ուխտիլ պահես, եւ ի բաց մերժես երկրապառակութեան ոգին, որ աւերիլ քանդիչ է ազգին ու հայրենեաց։
Է՛, անձկալիդ իմ Սամուէլ, պահ մի զքեզ թողի, խօսքիս դէմը առ ժողովուրդն ուղղեցի եւ դու միտ դրիր. աշխատութեանս աւա՛ղ կը կարդամ, որչափ այսպիսի ոգետու յորդիներ, խօսքեր գրեր ու գրեր եմ հայ ժողովուրդին համար։ Նա միշտ մտադիւր լսեց ու կարդաց, բայց դեռ կը տատամսի, վարանամիտ կը լինի. չը համոզուեցաւ թէ՝ իւր հաց, իւր կեանք ու բարեկեցութիւն, իւր փառք եւ յառաջդիմութիւն՝ միմիայն իւր ինքնաշխատ ձեռքով, ոտքով ու մտքով կը լինի. իւր ճակատին քրտանց վաստակով կը լինի, իւր առանձին խելքով ու խորհրդով կը լինի։ Ընդունայն է օտարի ձեռքէն ու սեղանէն հաց սպասել։ Ինքնաշխատութեան յաջող Ժամանակն միշտ ներկայն է, ինքնաշխատ մշակ ներկային մէջ լիաբուռն կը ցանէ, որ նա ապագային մէջ առատապէս հնձէ։
Թո՛յլ տուր այժմէն ողբամ, որդեակ իմ, թէ Հայ ժողովուրդ սրտի մտօք այս դասեր չլսէ, ժամանակն աշխարհիս մեծ վարժապետն է, դժպհի գաւազանով պիտի լսել տայ իրեն, եւ նա յայնժամ իբրեւ դպրոցի բթամիտ մանուկ պիտի նստի ու լայ, հեկեկալով ու կոծով սերտէ այս դասերը։
Իսկ դու, սրամիտ որդեակ իմ, ականջդ բաց, առանց գաւազանի լսէ իմ դասերս, յիշէ որ զքեզ երբէք ոտնապիրկ դանով չխրատեցի: Յիշէ թէ ես իմ հայրական պարտքս լիովին կատարեցի, թէ հացով, թէ ուսմունքով միապէս ու հաւասար անկարօտ կեանքդ զարգացուցի։ Այսուհետեւ զքեզ ազատ կը թողում, որպէս զի դու ինքնին քո ինքնաշխատ ոտքով յառաջադիմես դէպի լաւագոյն ապագայն, որչափ մտքիդ կորով եւ յարատեւող ջանքդ քեզ ասպարէզ կուտան։
Դու մինչ մանուկ էիր, իմ ծնողական պարտիքս էր որ ձեռքէդ բռնելով օգնէի տկար քայլափոխութեանդ։ Այժմ ջիլերդ ու սրունքներդ զօրացան, ուժաւոր կտրիճ մի դարձար, այլ եւս ազատաքայլ կը թողում զքեզ։ Ես բնաւ չկամիմ նմանիլ այն կարճամիտ հայրերուն, որք մինչեւ ցմահ խնամակալ լինել կհուզեն իրենց արբուն հասակ որդիքներուն. եւ այս յոռեգոյն դաստիարակութեամբ տիրապետ կը լինին, կը ջլատեն ու կը ճնշեն նոցա գործունէութեան ոգին. եւ յետոյ կը դառնան գանգատ կը բառնան թէ՝ մեր զաւակներ անգործ անպիտան են։
Խորհելոյ եւ գործելոյ ինքնաշխատութեան ազատ իրաւունք կուտամ քեզ, բայց երբէք չեմ կամիր, որ դու այդ ազատութեան մէջ զեղծանիս, յանձնապաստան լինիս, անխորհուրդ վարուիս եւ բարձրութենէդ գահավիժիս ի վայր, այլ այժմէն խրատ կաւանդեմ քեզ, որ ինքնաշխատ գործերուդ մէջ յարգես ու պատուես ծերերուն խոհական խրատ եւ խորհուրդ, վասն զի նոքա կեանքի փորձառութեան դասերը քաջ սովորած են. մինչդեռ դու անփորձ եւ խակ ես, միայն խօսքով ու գրով գիտես։
Գնա՛, զօրացիր, որդեակ իմ, գիւղական կենաց ինքնաշխատ արդար մշակութեանդ մէջ ձեռքովդ ցանէ, ձեռքովդ հնձէ, հացդ ու սեղանդ ձեռքովդ պատրաստէ. նստիր, քրտանցդ իրաւունքովդ կեր քո ձեռաց վաստակ, այս թող լինի միշտ քո բարեվայել կեանք. քանի որ կենդանի եմ, տեսնամ քո աշխատութեան յառաջդիմութիւնն, եւ հրճուի հոգիս: Ես մրցանակ կուտամ քեզ միայն հայրական օրհնութիւնս եւ աշխարհէն ոչինչ բան մի՛
սպասեր. ծանիր, որ քո ճշմարիտ մրցանակն՝ ինքնաշխատութեանդ արդեանց, քո ձեռահիւս պսակն է, եւ այն բաւ է քեզ: ԴԱՍ Թ.
ՀԱՆՃԱՐ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ
ՆԱԽՈՐԴ ինքնաշխատութեան դասով ուսար, որդեակ իմ, թէ աշխարհիս վերայ ժրագործ մարդոյն ձեռք իւր ինքնաշխատ զօրութեամբ կարող է յառաջդիմել առանձին մարդկային ընկերութեան մէջ։ Իսկ այս դասին մէջ պիտի ուսանիս թէ ի՞նչ է զօրութիւն ընկերական միութեան, որոյ առաջ աշխարհիս դժուարութիւններ կը դիւրանան. եւ ինչ որ մի մարդոյն ձեռք կարող չէ գործել, ընկերական հոգին միութեամբ կը մեծագործէ։ Վասն զի մարդոյն ինքնաջան զօրութիւն՝ եթէ ընկերական միութեան ուժին հետ չմիանայ, եթէ առանց հաղորդող տարածութեան՝ իւր զօրութեան արգասիք միայն իւր մէջն ամփոփելով պահէ, յայնժամ այդ առանձնական զօրութեան սերմ ոչ կաճի, ոչ բեղմնաւորելով կը բազմապատկի. այլ կը մնայ նոյնչափ, որչափ մի անհատ մարդ իւր ինքնաշխատութեամբ ձեռք բերեր է։
Սորա համար մի պարզ ու համոզիչ օրինակ տամ քեզ։ Եթէ շոգւոյն մեծ զօրութիւն գտնող հեղինակն՝ այդ աշխարհաշէն գիւտ իւր մտքին եւ տան մէջ թագուցանէր ու չհանէր զայն ընկերութեան հրապարակն, ի՞նչ արդիւնք կընծայէր աշխարհին, ոչինչ։ Ինքնաշխատ հեղինակն իւր հանճարած գիւտին հետ կը մեռնէր, եւ շոգին իւր մաշած ուղեղին հետ կը ցնդէր գերեզմանին մէջ. եւ այսպէս հանճարն եւ գիւտ ի միասին կը կորսուէր։
Այս մի օրինակ քեզ բաւական է. դու ինքնին իմաստասիրէ եւ կիմանաս, թէ մարդոյն ինքնաջան զօրութեան հետ պէտք է միանայ ընկերական միութեան զօրութիւն. ապա թէ ոչ հանճարին սերմն ապարդիւն կը մնայ, կամ շատ շատ իւր սերմնագիւտ մշակին միայն առօրեայ հաց կը հայթայթէ։
Մի մարդ, մի զօրութիւն, մի հանճար թող որչափ կուզէ ինքնաշխատ լինի, մեր ընկերական աշխարհ չի շիներ: Դու տեսե՞ր ես, որ մի մարդ մի քաղաք կամ գիւղ շինէ. կամ մի թագաւոր ինքն առանձին մի տէրութիւն կազմէ առանց ժողովուրդին։
Եւ, որդեակ իմ, երթանք քեզ հետ ի պարտէզ, ես ցոյց տամ քեզ բնական օրինակները։ Տես դու այդ ձեռատունկ ծառեր, երկիրը փորէ, արմատներ դիտէ. դէպի ի վեր նայիր դէպ յարեւ բարձրացած աճեցուն ճիւղերը դիտէ. կա՞յ մի ծառ, որ մի արմատով եւ մի ճիւղով աճի ու պտղաբերէ։ Երթանք ի դաշտ, որ քեզ աւելի շատ բնական է, եւ դու տեսեր ես ու գիտես. թէ մի մշակ մի եզով կամ մի լծով կարո՞ղ է գութան լծել եւ գետին վարել, մանաւանդ երբ կորդացած լինի, կամ սերմնացան, որ մի հատիկ ցորենով մի ամբողջ արտ ցանէ։
Շատ ճշմարիտ է հիներուն առածը, թէ մի ծաղիկ գարուն չի բերեր. մի մեղու մեղր չի շիներ. եւ ոչ իսկ պուտ մի ջուր՝ ջրաղացի ծանր քարը կը դարձնէ, մի կաթիլ անձրեւ մի աղբիւր եւ մի վտակ գետեր չեն կազմեր։
Այդ ամենուն պատճառ մի՛ հետազօտեր, ինքնին յայտնի է, երբ փոքրիկ զօրութիւն մի՝ մարդոյ մէջ կը մնայ առանձին առանց ընկերական մեծ զօրութեան, թէ հանճարով եւ թէ բազկով հուժկու մարդն ապիկար կը դառնայ. նա մի խելքով եւ ուժով ոչինչ կարէ գործել աշխարհիս վերայ. խեղճ ինքնաշխատ մարդ կը վարանի ինքնին, կը շիջանի նաեւ հանճարին լոյս առանց իւր շուրջը լուսաւորելու։
Այո՛, հանճարին զօրութիւն՝ գաղափարի աղբիւրն է. որ կը բղխի մարդոյն մտաւորական ակնէն. եթէ ջրոց վտակներու պէս վազելով չը ծաւալի ընկերութեան հրապարակը, կամ նախանձոտ հանճարը ջանայ իւր ջրով միայն իւր պարտէզ ջրել, եւ չիմանայ թէ հանճարին փոքրիկ աղբիւր քանի վազէ ու տարածի՝ գետի պէս կառատանայ. թէ թումբ կանգնես իւր դիմաց եւ արգիլես անդէն իւր տեղը կը ցամաքի եւ կը չքանայ։
Աշխարհիս բոլոր գիւտերու ինքնաշխատ գրիչ հեղինակներն՝ իրենց նորանոր գիւտեր միշտ փոխ տուին ընկերութեան. եւ տես դու թէ ի՞նչ գործեց ընկերական զօրութիւն։ Հանճարներէն մի փոքրիկ աղբերակ կամ լուսոյ նշոյլ մի առնելով՝ այնչափ ծաւալեց եւ ընդարձակեց, մինչեւ բովանդակ աշխարհ ողողեց ջրով ու լուսով, եւ այսպէս առաւել եւս պայծառ պսակեց հանճարին արդիւնքը եւ փառաւորեց զայն։
Եթէ հանճարին սերման գիւտը նմանցնեմք մանանեխի հատիկին, որչա՞փ կը յարմարի Աւետարանի այն առակին, զոր Քրիստոս օրինակ բերաւ, այսպէս ասելով. Մանանեխի հատիկն ամէն սերմերէն փոքրագոյն է, եւ երբ ցանես զայն՝ կը բուսնի եւ աճելով մեծ ծառ կը դառնայ, մինչեւ կուգան թռչուններ եւ նորա ոստերուն վերայ կը հանգչին։
Այսպէս նաեւ եթէ հանճարին հատիկն առանձին մնայ իւր ինքնաշխատ մշակին պարտէզը՝ ոչինչ առաւելութիւն չունի: Բայց երբ ընկերութեան դարաստանին մէջ ցանուի, անդէն վաղվազակի կը բուսնի եւ աճելով ահագին մեծ ծառ մի կը դառնայ. իւր ճիւղեր բոլոր աշխարհի վերայ կը սփռէ, եւ իւր անհուն առատ պտուղները կը վայելէ մարդկային ազգ։
Խօսիմ ու պատմեմ քեզ, որդեակ, թէ հանճարին փոքրիկ զօրութիւն՝ ընկերական ամենամեծ զօրութեան հետ միանալով՝ ինչ գործեց եւ ի՞նչ արդիւնք արտադրեց արեւմտեան աշխարհին մէջ, որք արեւելեան անգէտ ժողովրդոց համար կը թուին թէ այդ գործերը գերմարդկային հրաշքներ են։ Ընկերական միացեալ զօրութիւնը՝ շոգւոյն եւ մեքենային ոյժը՝ իւր զօրութեան հետ միացնելով ծովն ու ցամաք հնազանդեցուց իւր ոտքին առաջ։
Դու կարե՞ս թուել թէ այսօր որչափ անթիւ անհամար շոգենաւեր կան ու կը շրջին աշխարհիս ծովերուն վրայ։ Ծովամայր Օվկիանոսին տարածութիւն, զոր երբեմն մարդիկ անծիր եւ անսահման կը կարծէին, շոգին ու մեքենայն զայն մի քանի աւուր մէջ կը չափեն։ Խեղճ Կօլոմբոս այն ինչ տարիներով կը դեգերէր նոր աշխարհ գտնելու համար, այսօր Լօնդոնէն մինչեւ յԱմերիկա տասն աւուր մէջ կը չափեն։ Ծովու մեծ կէտ վիթխարի Լեւիաթան զարմացաւ, երբ տեսաւ որ քան զինքն մեծագոչն հազարաւոր փայտակերտ, մարդաշէն Լեւիաթաններ ծովու թագաւորութեան տիրելով ազատաբար կը լողան. իւր գլուխ եւ տուտ քաշեց ու սոսկալով մտաւ ծովու խորութեան մէջ ծածկեցաւ։
Յովր կասէ թէ այդ մեծ ծովային վիշապը մեծագործ Արարիչ հրեշտակներու համար ստեղծեց, որ զբօսնուն եւ խաղան նորա հետ։ Թող այժմ այդ զբօսասէր հրեշտակներ մարդոց քնարած Լեւիաթաններուն հետ խաղան, ու ճանչնան թէ աշխարհիս որդիքներ քան զիրենք աւելի իմաստուն եւ հնարագէտ են. որպէս վկայեց Յիսուս: Գիտես եւ չկարծես դու թէ շոգենալուց գիւտը միայն մարդկային շահավաճառութեան շահաբեր եղաւ, այլ եւ դորա հետ ապահովեց նաեւ մարդոյն ծովագնացութեան կեանքը. այն ինչ աստի գրեթէ մինչեւ վաթսուն տարի առաջ նաւապետ, նաւաստին, ուղեւոր առհասարակ ծովալեկոծ ահեղ փոթորիկներու պատահելով՝ շատ անգամ կուր կը լինէին ծովուն ու ձկներուն, խորանդունդին մէջ ջրաթաղ լինելով, անհող եւ անգերեզման։
Մարդ իւր հանճարով եւ ընկերական զօրութեամթ ծովու հոսանուտ կոհակներու վերայ յաղթանակեց, դարձաւ դէպի ցամաք. ասաց թէ կարո՞ղ եմ արդեօք սարն ու ձոր հարթել հաւասարել այնպէս, ինչպէս ծովուն մակերեւոյթ։
Այո՛, մարդն Աստուած չէր, բայց՝ ասաց եւ եղեւ։ Իւր հանճարով եւ ընկերական ուժով այդ ամէն գործեց, հողին վերայ երկաթէ ուղիները յարդարեց, հնարիչ ճարտարագէտի մի ձեռք շոգեկառք շինեց. ընկերութեան զօրաւոր ձեռք հազարաւոր կառախումբեր նորա ետեւն կապեց ու շարեց։ Մարդիկ այն օրէն գիտես թէ թռչնոց թեւ առին. աշխարհէ յաշխարհ, քաղաքէ քաղաք թռչելով՝ անդադար կերթան կուգան։
Թէ կարծես ի համար բեր եւ հաշուէ, այդ երկու միացեալ զօրութիւնք, շոգին ու մեքենան, ի՞նչ մեծ արդիւնք ընծայեցին աշխարհի։ Եթէ այսօր Ասիացին, Եւրոպացին, Ամերիկացին, Քաբոնացին եւ Հնդկացին զիրար կարող են տեսնել ու ճանչնալ. այդ շնորհիւ հանճարին եւ ընկերական զօրութեանն է, որ մին շոգեն ալ եւ շոգեկառք հնարեց, եւ միւսն իբրեւ զօրավիգ ձեռն տալով ի գործ դրաւ։ Եւ այսպէս աշխարհ առ աշխարհէ ժողովուրդ առ ժողովուրդ իբրեւ մի քաղաքացի եւ դրացի կապեց։
Ո՛վ գիտԷ, թերեւս թերեւս ապագայ աշխարհին մէջ մեր բնակավայր հողագունդն ամբողջ այնպէս լինի, ինչպէս մի քաղաք, զանազան ազգեր եւ լեզուներ միանան, մի ազգ, մի ժողովուրդ կազմեն. աշխարհս դէպի իւր նախնական վիճակ դառնայ եւ երթայ հասնի միազգութեան նախադար. երբ մարդիկ մի երկիր, մի լեզու ունէին, ինչպէս կը պատմէ Մովսէս. «Եւ էր երկիր մի եւ լեզու մի»։
Թողունք հաղորդակցութեան դիւրութիւնը. թողունք շահավաճառութեան ամենամեծ արդիւնք, յորում աշխարհիս ազգեր ու ժողովուրդներ կզբաղին ու կը պարապին մեր անյագ կեանքին անհուն պէտքերը հոգալու համար. թողունք այն ամէն նիւթական շահաբերութեան արգասիք, զորս մարդոյն ցանկութիւն իւր ճարտարութեան արուեստով հնարեր. խորհինք, յառաջ բերենք ու հաշուենք բարոյական մեծ շահն։
Վասն զի թէ շոգենաւն եւ թէ շոգեկառքը, այս երկու արագընթաց զօրութիւններ եթէ թեւ չի տային մարդոց ընկերային հաղորդակցութեան, հեռաւոր աշխարհաց, վայրենի եւ կիսավայրենի ժողովուրդներ կը մնային այնպէս իրենց հնութեանց մէջ, որոց վերայ տիրեր էր տգիտութիւն, թշուառութիւն եւ խաւար կեանք։ Այն օրէն երբ շոգին լոյս տարաւ նոցա, այն օրէն սկսեցին լուսաւորիլ եւ տակաւ տակաւ մօտենալ քաղաքակիրթ աշխարհին։
Քաղաքակրթութիւն ուր որ ծնաւ, իւր անձուկ հորիզոնին եւ խանձարուրին մէջ կը մնար. նա չէր կարող իւր լոյսը մինչեւ հեռաւոր եւ անծանօթ տեղեր տարածել, լոյս տալ ու քաղաքակրթել բարբարոս ազգերը։
Հանճարին եւ ընկերական ուժին զօրութիւն միայն այդ հրաշքներ չի գործեց, այլ եւս շատ եւ անհամար արուեստական հրաշքներ յառաջ տարաւ, եւ այնչափ, զոր ես չկարեմ թուել: Արուեստից ծնունդներ այնքան բազմապատիկ են, որոց վերայ մարդոց միտք կը հիանայ, կապշի ու չի հաւատար թէ ինքնաշխատ մարդոյն հանճարն է ծներ զանոնք։
Եւրոպիոյ բիւրատեսակ արուեստից այն հսկայ մեծագործ շէնքեր, որք գիտես թէ մէն մի մեծագործ քաղաքներ եւ պալատներ են. այն անդուլ անդադար շոգեշարժ ահագին մեքենայից ահագին զօրութիւն, որոց միոյն ուժը՝ հազար ասեմ, երկու հազար ասեմ, մարդոց կամ ձիոց ուժին հաւասար է։ Հապա այն բիւրաւոր միլիոնաւոր գործաւորաց աշխատութիւնը, որ շոգիին զօրութեան հետ միանալով՝ անբաւ եւ անչափ արդիւնք կարտադրեն եւ բովանդակ աշխարհիս մարդոց կեանքին համար պէտքերը կը պատրաստեն, որոց չափն ու քանակութիւն անհնարին է կշռել ու չափել։
Տանկացայ ես, այլ բախտն ինձ չյաջողեց, որդեակ իմ, երանի՛ թէ քեզ մի նուագ յաջողէր երթայիր Եւրոպիոյ այն հրաշից աշխարհը, կենդանի աչօք տեսնայիր, զարմանայիր թէ ի՞նչպէս մարդոյն հանճար եւ ընկերական զօրութիւն ձեռն ի ձեռն տալով՝ գիտութեամբ, ճարտարութեամբ, արուեստով մարդկային հին կեանքն, որ երբեմն ունայն եւ դատարկ էր, զայն լցուցեր են եւ լիացուցեր մինչեւ ցբերան. եւ աւելորդն յորդեար գետերու եւ հեղեղի նման՝ աշխարհիս չորս կողմ կը վազէ ու կը տարածի այդ անհուն շահավաճառութեան հոսանք։
Քաջ խելամտեցա՞ր, որդեակ իմ, որ ինքնաշխատ հանճարն ընկերական միութեան հսկայաքայլ ոտքով արագապէս յառաջադիմեց աշխարհիս վերայ։ Ճարտարագէտին հանճարն՝ իւր մի ոտքով միշտ կաղ կը մնար եւ կարող չէր նա գէթ, դանդաղ կրիային չափ ծանրաքայլ երթալ, եթէ ընկերական ուժն օժանդակելով յառաջ չը վարէր զայն։
Քա՛ւ թէ, այսպէս դատելով՝ ես կուրանամ հանճարին իր աւունքը, եւ դու այնպէս չը կարծես, հանճարասէր որդեակ իմ, այլ եւ կը խոստովանիմք, որ մեծ մրցանակն ու փառք հանճարին կը վայելէ։ Վասն զի յառաջդիմութեան առաջին տարերք, առաջին հիմնաքարեր հանճարներ կը համարուին. իսկ շէնքն ընկերութիւն կաւարտէ. եւ մերթ եւս մի հանճարին պակասն՝ մի ուրիշը կը լրացնէ։ Ինչ որ հանճարը մի տաղանդ կուտայ, եւ ընկերութիւն զայն ի գործ կը դնէ եւ անհատնում շահերով կը բազմապատկէ։
Բիւր օրհնութեան եւ յիշատակաց արժանի Գուտթէմբէրգ՝ տքնելով տքնելով վերջապէս հանճարեց տպագրութեան գիւտն, որ առաջին անգամ շատ փոքր ու անկատար էր, եկան վերջին հանճարներ եւ կատարելագործեցին զայն։ Ելան նաեւ ընկերութիւնք, ոք հսկայաշէն տպագրական տուներ հաստատեցին, մեծամեծ շոգեշարժ մեքենաներ դրին նոցա մէջ, եւ այնչափ յառաջ տարան ու զարգացուցին տպագրական արուեստը, որոյ նիւթական ու բարոյական շահաբերութիւնը՝ թէ ասեմ Ովկիանոսին չափ ծովացաւ աշխարհիս վերայ, հաւատա դու։
Այն երկաթէ հրաշալի Մամուլը թէ ոսկւով թէ լուսով միանգամայն փայլեցուց աշխարհ։ Թէ չը լինէր լուսասփիւռ մամուլը, ի՞նչ կը լինէր այնչափ գրագէտ հեղինակաց հանճարին երկասիրութիւնք, ոչինչ. այնպէս անլոյս անհոգի կը մնար ու կը մեռնէր ինչպէս վիժած մանուկ մի իւր մօր արգանդին մէջ։ Այո՛, եթէ մամուլ իւր գրերով, իւր թեւերով հանճարին ստեղծած գաղափարին լոյս չտարածէր իմացական աշխարհին հորիզոնին վերայ, այլ եւս լոյսն ու գաղափար ոչ կենդանի կը մնար, ոչ կարդիւնաւորէր մարդկային լուսաւորութեան համար, հապա մի ափ մոխիր կը դառնար հանճարը, մարդոյն հետ կը մեռնէր եւ կը լցուէր գերեզմանի սափորին մէջ։
Այնպէս չեղա՞ն մեր նախնեաց հանճարէն ծնած անգիւտ ձեռագիրներ եւ հնութեան յիշատակարաններ։ Ո՜հ, կամ բարբարոսաց ձեռքով հրոյ ճարակ եղան, կամ իբրեւ վարձք եւ բարեպաշտութիւն, անգէտ մարդոց ձեռքով իբրեւ մեռած դիակներ հողին մէջ թաղուեցան։ Մեծ գովութեան եւ ազգի երախտագիտութեան արժանի են Մխիթարեան ուխտին գրավաստակ Հարք, որք ինքնաշխատ ջանքով աստի եւ անտի մեր հին գրական մնացորդ նշխարներ ժողովելով ի լոյս ընծայեցին։ Փտտած ու փոշոտած ձեռագիրներ, որք իբրեւ ճրագ գրուանի տակ գրուած վանքերու մութ խորշերուն մէջ ծածկուած մնացեր էին, անլոյս եւ ապարդիւն, տպագրութեան լուսով ելան կենդանի ժողովուրդին մէջ մտան, եւ այսուհետեւ անմահ են։
Եթէ մի Գուտթէմբէրգ եւս քսան դար, երեսուն դար յառաջ Մասիսին տակ ծնէր, մեր աշխարհին վէպեր, մեր քաջ դիւցազանց գործեր, թէ գրական եւ թէ մեր հին հարց կենդանի աւանդութիւնք, եւ ինչ որ մեր հայրենեաց անուն եւ փառքը կը պատմեր այս ներկային մէջ, անշուշտ այդ ամէն անցելոյն ստուերին կրճատ, բեւեռագիր արձանագրութեանց չէինք դիմեր, որոց ամենադժուարին վերծանութեան համար աշխարհիս հնագիտաց ուղեղներ կը տանջուին։
Ուրեմն խոստովանիմք, որդեակ, թէ մի հանճար՝ իւր կապարեայ գրերով եւ տպագրութեան մամուլով գրական մշակներու վաստակն անմահացուց, եւ սորա փոխարէն գրական հանճարներն եւս զԳուտթէմբէրգն անմահացուցին։ Եւ այս իսկ զարմանալի է. զի հանճարներու հոգիներն՝ իրարու անմահութիւն կը ներշնչեն, եւ մինն՝ միւսին գործն ու յիշատակ կը փառաւորէ։
Մենք եւս պարտական եմք միշտ յիշել ու փառաւորել հանճարներուն յիշատակ, վասն զի նոքա եւս իրենց Տօնացոյցն ունին, եւ զիրենք կը տօնախմբէ քաղաքակիրթ աշխարհ։ Եւ միթէ արժանի չե՞ն նոքա, որք իրենց ինքնաշխատ կեանք գիւտերով արդիւնաւորեցին, եւ ոմանք եւս հացակարոտ անձնազոհ մեռան։ Այո՛, այդ հանճարոյ նահատակներ մարդ էին ու մեռան. բայց իրենց պտղաբեր կեանքին անմահ եւ անսպառ արդիւնքն այսօր բովանդակ աշխարհ կը վայելէ։ Քրիստոս՝ Աւհտարանի քարոզութեան ինշնաշխատ մշակներ օրհնեց եւ ասաց. «Զի դուք երթայցէք եւ պտղաբեր լինիջիք եւ պտուղն ձեր կայցէ»։ Այո՛, խաչէն մինչեւ ցայսօր հազար ութն հարիւր այս չափ տարի է, այդ խաչակիր մշակներու պտուղն երթողով կաճի ու կը մնայ։
Միթէ կը մեղանչե՞մ կամ չափազա՞նց կը համարիս դու եթէ ես զհանճարներ՝ քաղաքակրթութեան առաքեալ կոչեմ։ Վասն զի եթէ հանճարներն՝ քաղաքակրթութեան սնուցիչ եւ դայեակ չը լինէին, քաղաքակրթութիւն իւր խանձարուրին մէջ կը մնար իբրեւ մանուկ առանց աճման։
Այլ ինչպէս դրեցի ի վեր, հանճարներն եւս մանուկ կը մնային, եթէ նոցա օժանդակ չը հասնէր ընկերական քաջալերիչ ոգին եւ զօրութիւն։ Ի՞նչ պիտի անէր ինքնին այն կորովի եւ նկատող աչքն, որ փոքրիկ կաթսայի մի վերայ, եռացող ջուրին վերմղիչ բուռն շոգիէն շարժող ու վարող մի ահաւոր զօրութիւն գտաւ։ Միթէ կարո՞ղ էր նորա չքաւոր ձեռն վիթխարի մեքենաներ ձուլել կամ ահագին շոգեկաթսաներ կազմել։ Ի՞նչ պիտի անէր այն թագուն ելեկտրիք զօրութեան գտիչ, որով անբարբառ երկաթէ թելին խօսիլ տուաւ։ Միթէ նորա ձեռն բաւական էր, որ աստի մինչեւ ի Հնդկաստան, մինչեւ յԱմերիկա երկաթէ թեւ ձգէր։ Մեր լեռնցի ճարպիկ քիւրտեր այնպէս կը հաւատան թէ այդ երկաթէ թեւերուն մէջ սատանայ կայ, բայց սատանան իրենք են, գիտե՞ս դու. վասն զի իրենց դողութեան լուր հաղորդելով չի յայտնէ կառավարութեան։
Այսպէս ահա, ցանկալիդ իմ Սամուէլ, հանճարն եւ ընկերական զօրութիւն դաշնագիր եղան, մին՝ միայն սերմ տուաւ, եւ միւսն զայն ցանեց եւ ժրավործ ձեռքով ու մեծ տնտեսական գիտութեամբ մշակեց. ամենալի բարութեամբ լցաւ, լիացաւ, բարգաւաճեցաւ արեւմտեան աշխարհ։ Այսօր իւր որդիքներ ամեն առատ սեղանի վերայ նստած՝ կշտապինդ կը վայելեն հանճարին
եւ ընկերական ձեռաց պատրաստած բարիքներ։ ԴԱՍ Ժ.
ԵՐՋԱՆԻԿ ԵԻ ԱՊԵՐՋԱՆԻԿ ԿԵԱՆՔ
ԱՇԽԱՐՀԻՍ
ՍԻՐԵԼԻԴ իմ Սամուէլ, աշխարհիս երջանկութեան եւ ապերջանկութեան դասը պիտի խօսիմ քեզ, խելամտութեամբ ուշ դիր, դու որ ծաղկատի հասակիդ մէջ մտադիր ես աշխարհիս երջանկութեան ծաղիկները միայն քաղել եւ ապերջանկութեան փուշերէն ի բաց հեռանալ։
Խօսինք. ի՞նչ են երջանկութեան ծաղիկներ եւ ի՞նչ են ապերջանկութեան փուշեր, որք խառնաբոյս կաճին մարդկութեան ագարակին մէջ. դոքա դաշտի խոտերու նման ինքնաբոյս են, թէ մարդոյն ձեռք չը մշակէ զանոնք:
Եթէ ողջամիտ տեսութեամբ դատենք, պիտի տեսնամք որ այդ ծաղիկներու եւ փուշերու մշակը՝ մարդն է, իւրաքանչիւր անձն է, ընտանիքն է, ժողովուրդն է, ազգն է, աշխարհն տէրութիւնն է. որք առհասարակ կաշխատին աշխարհիս ագարբակին մէջ, կամ ծաղիկներ կը մշակեն եւ կամ փուշեր. այդ երկու բոյսերուն սերմերն՝ իրենց ազատ կամքն ու սիրտն է։
Արդ եթէ մարդոյն ձեռքն է՝ երջանկութեան եւ ապերջանկութեան թէ ծաղիկներու եւ թէ փուշերու մշակն, ուրեմն քանի որ մարդիկ կան աշխարհիս վերայ, մարդկութեան դարաստանին մէջ երջանկութեան եւ թշուառութեան ծաղիկներ եւ փուշեր յաւիտենական անհրաժեշտ օրէնքով պիտի մշակուին։ Եթէ միայն խլել ուզենք փուշերը, ոչինչ օգուտ չունի. դարձեալ անդրէն կը բուսնին. վասն զի նոցա բուն արմատն մարդն է. հարկ է որ զմարդն խլենք աշխարհէս։ Թէպէտ կան մարդիկ, որ դժնիկն ու ծաղիկ ի միասին խլել կուզեն, առանց խնայելու կանաչին եւ չորին, վարդին եւ փուշին։
Եթէ կարենանք եւս միայն փուշեր խլել եւ ծաղիկներ թողուլ, այսինքն թշուառութիւն բառնալ եւ երջանկութեան ծաղիկներն այլ եւս կը մնա՞ն, կամ երջանիկ կարծուած մարդ իւր երջանկութիւն կը զգա՞յ առանց թշուառին վիճակը տեսնելու։ Վերցուր աղքատ Ղազարոս մեծատան դրան առջեւէն. եւ ահա այլ եւս նա իւր երջանկութիւն չը զգար եւ առ ոչինչ կը համարի իւր այնչափ հաճոյք եւ փափկասուն կեանք։ Վերցուր նաեւ մեծատունն եւ իւր շքեղ ապարանք Ղազարոսի աչքի դիմացէն, ծածկէ նորա բեհեզն ու ծիրանին մեծահաց սեղան եւ ծառաները, եւ ահա նա չը զգար այլ եւս իւր թշուառութիւն, նա ինքնին մեծատուն կը լինի, ուրախ եւ գոհ կեանք կը վարէ բարեկամներու հետ։
Այո կը լսենք ու կը հալատանք, թէ մարդասէր քաղաքակրթութիւն անտէրունջ անկեալ Ղազարոսներ ժողվեց աշխարհիս հրապարակէն. հիւանդանոց, դարմանաց եւ պատսպարան պատրաստեց նոցա համար, կոյրեր, համրեր եւ խուլերն անգամ գործունէութեան մէջ դրաւ, մինչդեռ մեր աշխարհի խեղանդամներ անդարման, անպատսպար թողուած են փողոցներու մէջ։ Մարդկութեան այդ անարդուած պատկերներ գետնասող, գետնաչարչար լինելով՝ կողկողագին ձայնով կը պաղատին, անցաւորաց կարեկցութիւն կը հայցեն։ Եւ դու երբ Վոսփորի ծովակամուրջէն անց ու դարձ կանես, կը տե՞սնաս այդ թշուառութեան ապաժոյժ օրինակներ բուն մայրաքաղաքիս մէջ, որ Եւրոպիոյ քաղաքակիրթ աշխարհին խիստ մերձաւոր դրացին է։
Բայց միթէ թշուառութեան երեւոյթ պատկերներ նոքա՞ են միայն, որ խեղանդամ են, կոյր ու համր են, մի լումայի եւ հացի կարոտ են, անտուն անյարկ են, մերկ ու մուրացիկ կը շրջին փողոցներու մէջ։ Ոչ, դոքա թշուառութեան փոքրիկ երեւույթներ են, զորս մարդոյն աչք սովորած է տեսնալ եւ այնպէս կարծել թէ դոքա միայն թշուառ են։
Թշուառութիւն աշխարհիս վերայ համատարած է. եւ մեր ներքին ու արտաքին կեանքին մէջ ծաւալելով տիրեր է, տեղ մի առաւել եւ տեղ մի նուազ, նորա պատկերին երեւոյթներ շատ բազմադիմի են, տե՛ս, որդեակ իմ, եւ ես նոցա պատկերներ հանեմ քո առաջ։ Թշուառ չե՞ն նոքա, որ աչք ունին, լոյս չեն տեսնար, կամաւոր կոյր են տգիտութեան մէջ: Թշուառ չե՞ն նռքա, որ լեզու ունին, ականջ ունին. այլ ոչ խօսիլ կարող են եւ ոչ լսել կը կամին։ Թշուառ չե՞ն այն մարդիկ, որ ոտք ունին, քալելու ճանապարհ չունին, ձեռք ունին, գործել չկարեն. սիրտ, հոգի ունին, թմրած ու չքած են,: Առաւել թշուառ չե՞ն այն ժողովուրդներ, որ ընտանիք ունին, պանդխտաթեան մէջ չարաչար կը մաշին, որ վերջապէս կեանք ունին, կը շնչեն եւ կը շրջին երկրիս վերայ, այլ կիսակենդան են. բանաւոր կեանքի եւ ճշմարիտ կենդանութեան պատկեր չունին։
Կան տակաւին ընդհանուր թշուառութեան այլ եւս շատ մերկատեսիլ ողորմելի պատկերներ, զորս կը թողում եւ քո աչքին առաջ չեմ հաներ, որպէս զի մատաղ ոգիդ այժմէն չը վշտակրի եւ դու յուսահատ լինիս, տեսնելով՝ թէ մեր կեանքի թշուառութեան փուշեր որչա՞փ բազմապատիկ են, որոց մէջ շրջապատուած դժբախտ մարդ միշտ խայթոցահար լինելով՝ ամենայն վշտաբերութեամբ կը վարէ իւր կեանքը։
Եւրոպիոյ քաղաքակրթութիւն գիտութեամբ, կրթութեամբ, հին աշխարհի բարբարոս կեանքը յեղաշրջեց, եւ կը ջանայ մարդկային թշուառութեան փուշերը բոլորովին քաղել, արմատախիլ ընել, եւ մարդկութեան կեանքն՝ երջանկութեան ծաղիկներով զարդարել։
Այլ ի՞նչ օգուտ երբ կը տեսնայ, որ անդէն կեանքին մէջ թշուառութեան նոր երեւոյթներ այլ եւ այլ կերպարանքով երեւան կուգան. եւ այդ նոր աշխարհի մարդիկ ծաղիկներու հետ փուչերն եւս կը մշակեն։ Պարծեցող քաղաքակրթութիւնն իսկ կը զարմանայ, թէ ուստի՞ արդեօք կը ծնանին թշուառութեան նորաբոյս փուշերը. կամ մեր ընկերական երջանկութեան արտին մէջ, բարի սերմերուն հետ ո՛վ կը խառնէ ու կը ցանէ դառնահամ ու հեղձուցիչ որոմները։
Հրեշտակներ հարցուցին, Յիսուս պատասխան տուաւ. թէ թշնամի մարդ ցաներ է զայն։ Այո՛, չարարուեստ մարդն է որոմնացան մշակ, որ ինքնաբոյս կարտադրէ իւր սրտէն ու բնութենէն։ Ուրեմն մա՞րթ է բառնալ այս աշխարհէն այն մարդիկը, որ թշնամի են ընկերական երջանկութեան եւ կապականեն միշտ նորա բարի սերման ագարակը։ Այդ ցանկութիւնը հրեշտակներն եւս ցանկացան. հրաման խնդրեցին, որ երթան որոմնաբոյսերն ի բաց քաղեն։ Բայց նախախնամող Հօր Որդին ասաց, թոյլ տուէք, թող առժամանակեայ մի երկուքն ի միասին աճին մինչեւ հնձոց ժամանակը։
Թէպէտ Աւետարանին առակը տիրապէս հաւատացելոց եւ թերահաւատից համար ցոյց կուտայ, որ այդ երկու դասն անբաժան ի միասին աճին եւ ապրին, թէ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ եւ թէ աշխարհիս վերայ։
Սակայն շատ բնական է իմաստասիրել այս խորհրդաւոր առակէն, թէ երկնից նախախնամութեան մի թաղուն անիմանալի խորհուրդն է այս, որ նա կը կամի զի այդ երկու հակառակ բոյսեր իրարու հետ աճին ու մնան։ Միթէ երկիրն եւս այդ օրէնքին տակ չէ, դու չե՞ս տեսնար որ տեղ մի ծաղիկներ եւ տեղ մի փուշեր բուսած են։ Երկրի բնական փուշեր հնազանդ են մարդոյն. եւ մարդ կարող է զանոնք արմատով քանդել եւ տեղը ծաղիկներ տնկել։ Բայց մեր ընկերական աշխարհի փուչեր, այնչափ հին ու խորարմատ են, այնչափ խիստ ու ստահակ են, որ մարդոյն բանաւորութեան եւ ճարտարութեան առաջ չեն հնազանդիր. ուստի դժուարին, անհնարին է թէ հին եւ թէ նոր փուշեր մարդկութեան անդաստանէն ի բաց խլել։
Խոնարհելով վերնախնամ Տեսչութեան առաջ, պէտք է խոստովանիմք թէ մարդոց այս խառնաբոյս ընկերական կեանքը՝ յաւիտենական օրինաց մի փակուած կնիքն է. մարդոյն ձեռք անձեռնհաս է քակել կամ եղծել զայն. երջանկութիւն պահել, թշուառութիւն վարել աշխարհէն։
Կը խօսինք եւ կը գրենք, որդեակ իմ, թէ մարդոյն երջանկութեան եւ թշուառութեան ճշգրիտ նկարագիրն ի՞նչ են, կամ ո՞վ է երջանիկ եւ ով է թշուառ աշխարհիս վրայ։
Մարդիկ յեղակարծ դատաստանով այնպէս կը համարին, ով որ հաց եւ գանձ ունի, ով որ համբաւով, հարստութեամբ իբրեւ աստղ կը փայլի ընկերական հորիզոնին վրայ, ով որ իշխան է, կը տիրէ ժողովուրդին վերայ, ով որ գահ ունի եւ զօրութեամբ պերճացած հրաման կուտայ աշխարհին, ահաւասիկ սոքա երջանիկ կը համարուին մարդոց դատաստանին առաջ։ Իսկ ով որ հաց չունի, իւր աստղ աղօտ է, չի փայլիր, սորա համար եւս կասեն թէ թշուառ է։
Բայց թէ մտնենք մարդկային ընկերութեան իւրաքանչիւր կարգի մարդոց սիրտ եւ ոգին զննենք, պիտի տեսնամք այն մարդիկս զորս ժողովուրդ երջանիկ կը կարծէ. նոքա զիրենք այնպէս չեն կարծեր, եւ ես ցոյց տամ քեզ մի այլաբան օրինակով։
Մեր մտքով մի սանդուղ ստեղծենք, որոյ ծայր հասնի մինչեւ երկինք եւ իւր մէն մի աստիճաններուն վերայ աշխարհիս բոլոր մարդիկ կարգ կարգ շարուած լինին, թագաւորներէն սկսեալ մինչեւ յետին ստրուկ ծառաներ։ Դու պահ մի կաց այդ սանդուղին հանդէպ, դիտէ ու տես, թէ ինչպէս աշխարհիս իւրաքանչիւր մարդիկ իրենց կեանքի վիճակ էն անհոգ լինելով, սանդուղի ստորին աստիճաններէն սկսեալ մինչեւ ցվեր, ուր գրուած են թագաւորաց գահեր, բոլորն եւս ի մի ասին երջանկութիւն երջանկութիւն կաղաղակեն, եւ դէպի այն կը ձգտին։
Թագաւոր, զոր կը համարինք թէ երջանկութեան կատարն է հասած, կասէ թէ այլ եւս երջանիկ կը լինէի, եթէ գահս ուրիշ գահէ մի վեր դնէի, Կեսար լինէի, Նապօլէօն լինէի, եւ այլն: Գահաժառանգ կասէ, այն օր է իմ երջանիկ օր, երբ գահակալ հայրս ի գերեզման կերթայ. իւր գահն ինձ կը թողու եւ ես թագ կը կապեմ ու կը թագաւորեմ աշխարհիս վերայ։ Մեծ նախարար իշխան կասէ. երանի՛ թէ արքայազուն լինէի եւ իմ գլուխս թագով պսակուէր, յայնժամ էս տիրապէս երջանիկ կը լինէի:
Այսպէս սանդուղի գլխէն մինչեւ ցվայրաստիճան մարդիկ ցանկութեամբ կը ձգտին դէպ ի վերագոյն կարծուած երջանկութիւն. եւ միշտ դժգոհ լինելով իրենց կեանքէն ու վիճակէն, ցանկութեան մէջ մաշուելով, կը վախճանին եւ միայն կը յագենան գերեզմանի հողով։
Ի՞նչ զարմանալի խաղեր կան ու կը լինին այս երջանկութեան, դու ասա, թշուառութեան սանդուղին վերայ, յորում մարդիկ ել եւ էջ առնելով կը մրցին եւ ամէն ոք դէպ ի բարձրութիւն կը ձգտի, յուսալով թէ ստոյգ երջանկութեան կայանը բարձրութեան աստիճանին վերայ է։
Բայց, աւա՜ղ, հէք մարդկային ընկերութեան այս դժուարին ելեւէջներու մէջ մեծագոյն մասն սանդուղի աստիճաններէն վայրահոսելով, կը թօթափին ի գետին, ամէն մարդ իւր չափով ու թափով կը ջախջախուի. եւ մեր աչքին առաջ կը բացուի յայնժամ մարդոց թշուառութեան տեսարան։
Թշուառին կեանքն արդէն ինքնին ջախջախուած է իւր կարօտութեան եւ զրկանաց մէջ, նորա վիճակ միշտ գետնահաւասար է. նա բարձրութիւն չունի, որ երկնչի կործանումէն։ Իսկ երջանիկ կարծուածն, որոյ բախտն ու վիճակ բարձրագոյն աստիճանին վերայ կայացած է, մինչդեռ ինքն անկասկած է, յանկարծ սահելով կը կործանի եւ մեծ շառաչմամբ կը տապալի ի գետին ինչպէս մի տապարահատ մայրի ծառ։ Յայնժամ միապէս կողբան անբախտն ու բարեբախտն. մին իւր մէկ ոտքէն եւ միւսն իւր փարթամ գլխէն չարապէս ջախջախուելով։
Եթէ այսպէս, ապա ուրեմն այս աշխարհիս վերայ երջանկութիւն եւ ապերջանկութիւն զուգածին եղբայր են. մեր կենաց ճանապարհին մէջ միշտ համընթաց են. անհնարին կը թուի մեզ իրարմէ բաժանել, եւ մարդկային կեանք իբրեւ մի դրախտ մշակել այնպէս, որ բնաւ թշուառութեան փուշեր չբուսնին։
Այլ որովհետել մարդոյն կեանք խառնաբոյս է երկրիս վերայ, քանի որ ինքն կայ, փուշն ու ծաղիկ միեւնոյն արմատէն պիտի շառաւիղէ, այլեւս ընդունայն է ջանալ մեր այս փշալից աշխարհ ծաղկեբուրաստան դարձնել։
Կը խռովիս ու կը վհատի՞ս, որդեակ իմ, երբ այսպէս յուսահատ կը խօսիմ. տեսնալով որ պարտիզպան մի իւր պարտէզը մշակելով, զարմանելով, փուշերէն կը մաքրէ. եւ անբեր երկիրը բարի սերմերով ու տունկերով կարդիւնաւորէ. միթէ մարդն կամ մարդկութեան երկիր քան զհողն անպիտա՞ն է։
Այո՛, մարդն՝ հողին տիրապետ իշխանն է եւ քան զհողն բիւր անգամ գերազանց, հոգեղէն ձիրքով ու բանաւորութեամբ ճոխացած։ Բայց գիտե՞ս, մարդն ի բնէ չարին հակամէտ է. կը ճանաչէ զբարին, բայց ինքն դէպի չարըն կը հակամիտի. վասն այսորիկ կարդարանայ Աստուած. թէ Միտք մարդկան ի խնամս չարին են արձանացեալ ի մանկութենէ։ Մարդն ոչ միայն չարին հակամէտ է, այլ եւ չարաստեղծ ու չարահնար է. մարդն իբրեւ հեղինակի իւր սրտի գործարանին մէջ կստեղծէ զչարն եւ կը հանէ ի դուրս, եւ ահա այն է թշուառաբերութեան աղբիւր, որ կը վազէ մեր ընկերական դարաստանին մէջ, կը սնուցանէ մեր ապերջանիկ կեանքի թշուառութեան փշերը։
Քրիստոս աշխարհիս փիլիսոփայից պէս զմարդն իւր երեսով եւ երեւոյթով չքններ. նա թափանցիկ հոգի էր, մտաւ մարդոյն սիրտը, կրկտեց եւ վկայեց, որ չարութեան ու բարութեան աղբիւրը՝ մարդոյն սիրտն է, բարի սիրտն՝ զբարին կը բզխէ. եւ չարն՝ զչար։ Այս երկվտակ հոսանքներ կը ծաւալին մեր ընկերական երկրին վերայ, որոցմով թէ երջանկութեան ծաղիկներ եւ թէ թշուառութհան փուշեր ի միասին կաճին ու կե զորանան:
Քաջ խելամտեցա՞ր, բարեսէր որդեակ իմ, որ շրջելով զառնալով գտանք մարդկային ընկհրութեան բուն աղբերակին ակն, որ է մարդոյն սիրտ ու միտք:
Պէտք է խցել չարին ակն, որ չարութիւն չբղխէ, պետք է բանալ բարւոյն ակն, որ բարութիւն բղխէ: Փոքրիկ չարեր, փոքրիկ չարութեան վտակներ կը բղխեն. եթէ առանձին մնան, այնչափ կարող չեն ողողել մարդկային ընկերական աշխարհը:
Իսկ մեծագոյն չարեր՝ եւս ամենամեծ չարութեան գետեր կը յորդեն իրենց խորագոյն սրտին, եւ առհասարակ հեղեղելով կապականեն ժողովուրդին դաշտն ու դարաստանը։ Եւ զարմանալին այս է. զի չարերրճ չարերուն եւս չեն խնայեր, որք նոցա գործակից եւ բաժանակից են, այլ զչարն ու բարին մի ահամուռ ջրատար առնելով կը հեղձուցանեն, եւ մի կրակով կը վառեն երջանկութեան ծաղիկներ ու թշուառութեան փուչերը։
Մեծն Աղեքսանդր եւ Քսերքսէս մի մի մարդ էին, եւ մի մի սիրտ կը կրէին. դոցա լայնաբաց սրտէն բղխեց այն աշխարհակալութեան ջրհեղեղն. մինն Պարսկաստանէն սկսեց հասաւ մինչեւ Յունաստան եւ Յոնիական ծովը թափեցաւ։ Իսկ միւսն Մակեդոնիոյ աշխարհէն սկսեց, իւր հզօր արշաւանաց հեղեղով խեղդեց Պարսիկն ու Հնդիկն, դարձաւ ի Բաբիլոն եւ Պարսից ծոց թափեցաւ։
Այսպէս նաեւ ուրիշ աշխարհակալաց հպարտահող սրտերէն բղխեցին չարութեան հեղեղներ, ապականեցին մարդկութեան դրախտը։ Ոմանք այդպիսի արիւնկզակ սրտերէն կուզէին ձեռք յուանալով չքմեղս լինել աշխարհին առաջ. ուստի պարծենալով կասէին, թէ մեք Աստուծոյ ձեռաց վրէժխնդիր պատուհասն եմք։
Գիտենք այդ, թէ երկնից արդարութեան մի դատաստանն է, որ մեղապարտ ժողովրդոց հատուցումն այդպես կը տնօրինէ. դոքա անպարտ կը համարին զիրենք։ Այլ գիտենք թէ աշխարհիս վերայ շատ անգամ չարերով՝ չարեր կը պատուհասին, առ որ կը վարանի մարդոյն միտք եւ կարող չէ ըմբռնել Աստուծոյ արդարութեան ու դատաստանին անքննելի խորհուրդ։
Տեսա՞ր, սիրելի որդեակ իմ, մեծասիրտ չարեր՝ մեծագոյն չարեաց աղէտներ կը բերեն աշխարհի վերայ, որոց մահաբեր շունչին առաջ կը խամրին բոլոր երջանկութեան ծաղիկներ եւ կը թօթափին ի վայր, եւ այն որ այսօր երջանիկ է, վաղը կը նստի թշուառութեան հողի վերայ։
Բայց փոքրասիրտ չարերէն եւս վախնանք ու կասկածինք, թէպէտ առանձին առանձին մտածելով դոքա մի մի փոքրիկ սիրտ եւ փոքրիկ աղբիւրներ կը համարուին. իսկ երբ վտակ առ վտակ գալով միանան՝ յայնժամ ահագին գետ կը կազմեն կը յորդին երկիրը, ազգ եւ ժողովուրդ միանգամայն գետատար ջրահեղձ կը լինին։
Ես չեմ ասեր չարութեան բնածին սերմեր ու կաթիլներն իսպառ չքացնել մարդոյն սրտին, յորում ելեւէջ կառնուն ինչպէս հիւլէն արեւաշողին մէջ. եւ մարդոյն լարամէտ սիրտը բոլորովին բարութեան աղբիւր մի դարձնել, անխառն եւ անմասն չարութեան շամանդաղներին։
Որչա՞փ դժուարին եւ անհնարին է կապարի նման երկրի վերայ ծանրացած երկրաքարշ մարդ այնչափ գերագոյն բարութեան վերածել, եւ կարծել թէ նա կարող է բարի լինել ինչպէս է Աստուած եւ հրեշտակ։ Յիսուս տեսաւ թէ ի՞նչ կը կրէ ներքուստ մարդոյն կեղծող ոգին։ ասաց. «Չիք ոք բարի, բայց միայն Աստուած»։
Մարդոյն սիրտ իբրեւ երկծորակ մի աղբիւր է. մերթ չարութիւն կը բղխէ եւ մերթ բարութիւն. մերթ դառն եւ մերթ քաղցր։ Սորա համար մեր հոգեկիր Նարեկացին մարդոյն յարափոխ վիճակն ողբալով կասէ. «Այսօր մաքուր հոգեկիր. վաղիւն մոլի խելագար»։ Շատ եւ բաւական է, եթէ կարենայ ապիկար մարդ չարութեան ակն որչափ հնար է խցելով նուազցնել, բարութիւն բղխել եւ սրբել իւր սիրտն աղտղտին կաթիլներին։
Սոկրատի նման բարոյական իմաստասիրներ կը տքնին զօրհանապազ եւ թերեւս չհաւատան ու կը խօսին թէ՝ լոյս, գիտութիւն, դաստիարակութիւն, քաղաքակրթութիւն, կարող են մարդոյն սիրտը կրթելով, մշակելով, ուղղելով, սրբել չարութեան ախտերին եւ թշուառութիւն աշխարհին բառնալ։
Այդ հրաշք եթէ միայն մարդոյն ձեռք արուեստաւորէ, ես չեմ հաւատար, որդեակ իմ, իսկ եթէ մարդոյն դաստիարակող ձեռքին հետ Աւետարանի հոգին եւ ընկերութեան ձեռքն եւս հրաշագործէ, այո՛, կը հաւատամ յայնժամ թէ մեր ընկերական կեանք կը ծաղկազարդի, եւ կազատի չարութեան եւ թշուառութեան փուշերէն։
Երկիպած որդեակ իմ, ես չեմ խրատեր քեզ, որ աշխարհի կրթութեան եւ գիտութեան իմացական լոյս չընդունիս, այլ կը յորդորեմ զքեզ, զի քո ստացած բնական լոյսը՝ Աւետարանի լուսոյն եւ սիրոյն հետ խառնես, երկու լուսով շրջիս աշխարհիս վերայ. մի լուսովն՝ քո առօրեայ հացը գտնես եւ միւսովն՝ յաւիտենական կեանք։ Այսու դու միանգամայն ազատ կը մնաս մարմնոյդ եւ հոգւոյդ կորստական թշուառութենէն:
Աշխատիր, որ սրտիդ բուրաստան բարեբոյս ծաղիկներով մշակես. աշխատիր, որ փշաբոյս չը լինի սիրտդ եւ փշերով չը վարակի ոգիդ. գիտցիր, թէ չարարուեստ լինելով՝ փուշ մշակես, փուշն զքեզ կը վառէ. կեանքդ մոխիր կը դառնայ։ Մարդ ես դու, անշուշտ բնածին փուչեր կը բուսնին ի քեզ. միշտ ջանայ խնամով սրբել զանոնք. եթէ միանգամ խորարմատ ձգեն, գիտե՞ս, որչա՞փ դժուարին է յետոյ արմատահան առնել։ Զգուշացիր նաեւ եկամուտ չարութեան սերմերէն, երբ չար մշակ ընկերներ զայն սերմանել ուզեն մատաղ սրտիդ մէջ։ Ընկերական կեանքիդ մէջ ոչ չարութիւն փոխ տուր եւ ոչ չարութիւն փոխ առ, այլ միշտ բարութիւն ստացիր։
Ի վերջոյ, մեծ երկիւղածութեամբ կարդա Դաւթին սրտահան աղերս. «Սիրտ սուրբ հաստատեա յիս, Աստուած, եւ հոգի
ուղիղ նորոգեա ի փորի իմում»։ ԴԱՍ ԺԱ.
ԲԱՐԳԱՎԱՃԱՆՔ ԵՒ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆ
ԱՇԽԱՐՀԻՍ ԱԶԳԱՑ
ՆԱԽՈՐԴ դասին մէջ քաջ խլամտեցար, որդեակ իմ, թէ
ի՞նչ էին մարդոյն ընկերական կենաց երջանկութեան սկզբնաբուղխ աղբիւրներ: Սորվեցար թէ բարութիւն եւ չարութիւն էր
այն, որ յառաջ կուգայ մարդոյն սրտէն ինչպէս ջուրի վտակն
աղբիւրի ակնէն:
Այս դասիդ մէջ պիտի սորվիս, թէ ի՞նչ են ապա այն սկզբնապատճառ աղբիւրներ, որով աշխարհիս բովանդակ ազգեր եւ ժողովուրդներ մերթ կը բարգաւաճին եւ մերթ կը նուազին. մերթ կը բարձրանան եւ մերթ կը խոնարհին մերթ ազատ քաղաքացի կը լինին, եւ մերթ ստրկական ծառայ, մտադիւր հոգւով ուշ դիր եւ ես խօսիմ քեզ այդ յեղյեղուկ բախտին պատճառներ։
Երկրիս համայն ազգեր, ժողովուրդներ, իշխանութիւններ եւ գահեր յեղաշրջող տարերք կան. միոյն անունն՝ արդարութիւն է եւ միւսին՝ մեղք. այս երկաքանշիւրին հեղինակ եւ ծնող դարձեաւ մարդն է, մարդոյն սիրտն է եւ մարդոյն աշխարհիս վերայ վարած կեանքին արգասիքն է։
Սուրբ գիրք այդ երկու որոշակի բառերով կը հասկացնէ Իսրայէլի ժողովուրդին կեանքը, զի այդ երկու բառերուն ընդարձակ նշանակութեան տակ կը փակէ մարդոյն կենաց բովանդակ գործքեր, մեղք եւ արդարութիւն։
Մարդն այս աշխարհիս վերայ այդ երկու ճանապարհին վերայ կը քալէ. կամ արդարութեան եւ կամ մեղաց։ Ուղիղ ճանապարհ՝ արդարութեան ճանապարհն է. մոլոր ճանապարհ մեղքի ճանապարհն է։ Մարդն ազատ անբռնադատ է. ինքն ազատարար կընտրէ իւր ճանապարհ. կամ արդարութիւն գործելով՝ արդար կը լինի, կամ մեղք դործելով՝ մեղապարտ կը լինի:
Եւ ինչպէս մի մարդ, այնպէս մի ազգ, մի ժողովուրդ, մի երկիր եւ թագաւորութիւն, դարձեալ այդ երկու ճանապարհով կընթանան։ Եթէ արդարութիւն գործեն, դորա պտուղն է փառք, ազատութիւն, խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ բարեկեցիկ կեանք։ Իսկ եթէ մեղք և անօրէնութիւն գործեն, այդ եւս իւր մօտաւուտ վախճանն ունի, որ է անարգանք, ստրկութիւն, սուր եւ պատերազմ, տառապանք աղքատութեան եւ չարավար կեանք:
Ո՛վ է, որ այս հատուցումներ կուտայ ազգերուն. ո՛վ է, որ կը կշռէ ու կը չափէ ազգերու մեղք եւ արդարութիւն եւ կը վճարէ փոխարէնն. ո՛վ է որ արդարագործ ազգերն օրհնելով՝ նոցա կեանք եւ սերունդ բազմապատկելով բարգաւաճ կ՝առնէ երկրիս վերայ, ինչպէս կը խոստանար արդար Նահապետին, «Օրհնելով օրհնեցիր զքեզ, եւ բազմացուցանելով բազմացուցից զաւակս քո ի վերայ երկրի»։
Իսկ ո՜վ է, որ անիրաւ, մեղաւոր ազգեր իւր օրհնութենէն կը զըկէ. նոցա կեանքն անճետ, անսերունդ կը թողու առանց բարգաւաճելու, որով կամ իսպառ կը ջնջուին եւ կամ կը նուազին։
Ահաւասիկ այդ ամէն չափող եւ տնօրինող Արդարութիւնն է, նոյն ինքն Աստուած՝ որ արդարութիւն եւ ուղղութիւն կը սիրէ, ինչպէս կը խօսի Դաւիթ։ Նոյն արդարութիւնն է, որ իւրաքանչիւր ազգերու գործոց չափով կը չափէ զիրենք։ Քրիստոս եկաւ աշխարհ այդ արդարութեան համար վկայեց եւ ասաց. «Որով չափով չափէք, չափեսցի ձեզ»։
Բայց արդ սկսիմ ճառել քեզ, որդեակ իմ, թէ ի՞նչպէս կը տարածի թէ մեղք եւ թէ արդարութիւն մի ազգի եւ ժողովուրդի: Շատ բնական է որ մեղք նախ անհատ անձինքներէն կ՝սկսի եւ երթալով կը բազմանայ, կանցն ի բոլոր ժողովուրդի դասակարգութեան մէջ. այսինքն գլխէն մինչեւ ոտքը միահամուռ կախտանայ ժողովուրդի մարմինն. ահաւասիկ այդ է ամբողջ ազգին եւ ժողովուրդին մեղք։
Իսկ երբ ընդհակառակն ժողովուրդի բարոյական մարմինը գլխէն սկսեալ մինչեւ ոտք արդարութիւտ կը գործենք մեծ եւ փոքր առհասարակ իւրաքանչիւր կարգի մարդ կը ճանչնայ իւր պարտիք եւ իրաւունք. այդ եւս ժողովուրդին եւ ազգին արդարութիւնն է։ Թէ մեղք եւ թէ արդարութիւն իրենց նկարագիրն ունին. ես նախ մեղքին տգեղ ստուերագիր հանեմ քեզ, թէ զիա՞րդ մեղք իւր ամէն հանգամանօք իբրեւ համատարած՝ ախտ՝ երբ կը ճարակի ժողովրդոց բոլոր մարմնոյն մէջ, մահառիթ կը լինի նմա, որով կսկսի յայնժամ տակաւ տակաւ հիւծելով մեռնիր
Եւ ի՞նչ է այդ մահացուցիչ մեղք: Ինչ որ ինձ յուշ կուգան, զայն թուեմ քեզ:
Երբ մի ազգի եւ ժողովուրդի խղճի գիտակցութեան խայթ իսպսռ կը բթանայ, երբ պարտուց եւ իրաւանց արդարաչափ կշիռը՝ ժողովուրդի ընկերական կեանքէն կը բարձուի, երբ ազգի եւ աշխարհի վարիչ իշխաններ՝ արդարութեան պարտիքներ կը մոռնան, երբ դատաւորներ կանիրաւեն, եւ օրինաց տեղ կամք եւ բռնութիւն կը տիրէ, երբ ժողովուրդ կը մոռնայ այն պատուէրներ եւ պարտիքներ զորս Քրիստոս եւ Պօղոս պատուիրեցին՝ Կայսերինը կայսեր տալ եւ հատուցանել ում պարտական է ժողովուրդ եւ ումեք պարտական չմնալ, երբ կը ստահակի ժողովուրդ, երկրին եւ ազգին օրէնքները հնազանդութեամբ չի յարգեր, կը հեստէ եւ անիշխան վարիլ կուզէ, երբ ժողովուրդ իւր ընկերական շահավաճառութեան մէջ առանց արդար կշռի կը գործէ, այլ եւս իւր խիղճն ի բաց կը թողու, եւ որչափ կարող է կանիրաւէ եւ կը նենգէ, երբ նիւթապաշտութիւն կը տիրէ ժողովուրդին մէջ, հոգին կը նուաստանայ ու կը մեղկանայ, հովիւն իւր հօտով, պաշտօնեայն իւր ժողովրդով եւ իշխան իւր երկրով առ հասարակ Աստուծոյ ճանապարհէն կը խոտորին, երբ ժողովուրդ ճշմարտութիւն կատէ, դէպ ի լոյս երթալ չուզեր, երբ խաւարասէր լինելով՝ խաւարագործութեան մէջ կը թափառի, երբ ազգի եւ երկրի կառավարութեան անձնիւր կարգեր գերիվայր լինելով կը շփոթին, ժողովուրդն իբրեւ իշխան կը լինի, մանուկն ծերոյն աթոռը կը բազմի, քահանայն իբրեւ ժողովուրդ կը լինի եւ ժողովուրդ իբրեւ քահանայ, տէրն իբրեւ ծառայ եւ ծառան իբրեւ տէր. տիկին իբրեւ աղախին եւ աղախին իբրեւ տիկին. երբ անարգն իբրեւ պատուական կը յարգուի եւ պատուականն կանարգուի, երբ տգէտք ու խաբեբայք կը տիրեն, ժողովուրդի հաւատարիմներ կը մերժուին։
Մի խօսքով համառօտեմ քեզ. երբ երկրի ժողովուրդ բանաւորութեան լոյս, մարդկութեան պատիւ իսպառ կը մոռնայ. թէ բնական խղճի օրէնքներ, թէ Աստուծոյ յայտնեալ օրէնքներ, թէ քաղաքային եւ ընկերական օրէնքներ, գլխովին կեղծանէ եւ կապրի նա այնպէս, ինչպէս Նոյեան դարու ապիրատ ժողովուրդ, որոց համար կը վկայէ Սուրբ գիրք. «Ապականեցաւ ամենայն մարմին առաջի Տեառն»։
Իսրայէլի ժողովուրդի մարմին երբ ոտքէն մի նշել զգլուխ կը զեղծանէր ու կախտանար, Եսային իբրեւ բժիշկ նորա բաւերը շօշափելով կասէր. «Ամենայն գլուխ ի բաւս եւ ամենայն սիրտ ի տրտմութիւն, յոտից մինչեւ ցգլուխ չիք ի նմա առողջութիւն, եւ այլն»։
Եթէ կուզես թէ եբրայական ժողովուրդին եւ թէ աշխարհիս այլ եւ այլ հին ժողովրդոց բարուր ապականութեան բոլոր նկարագիրը տեսնալ, մեծ մտադրութեամբ կարդա Սուրբ Գրոց մէջ Դատաւորաց եւ Թագաւորաց պատմութիւն. կարդա՛ բոլոր մարգարէութեանց գրքեր ու բողոքները. տես ո՞րչափ կենդանի նկարագիր կը հանեն Աստուծոյ ընտրեալ Մարգարէք եւ կը դնեն զայն ժողովուրդի աչքին հանդէպ։
Թո՜ղ Սուրբ Գիրքը. կարդա՛ ընդհանուր ազգաց պատմութիւնները, յորս յայտնի կերեւի նոյն ժամանակի մարդոց կեանքի հանգամանքներն, եւ կը տեսնաս դու թէ ժողովրդոց համատարած մեղք կործաներ է աշխարհիս հին ազգեր եւ գահերը. ինչպէս Եգիպտոսի, Յունաստանի, հին Հռովմայ վերջին հարստութիւն, Կարքեդոնի, Բաբելոնի, Ասորեստանի, եւ այլն։ Չմոռնանք նաեւ նոր Հռովմայ Կոստանդիանոսի գահը, որ Բիւզանդիոնի գագաթան վերայ բարձրացած էր։
Այլ եւս տակաւին աշխարհիս նոր ազգերու մեղք պիտի կործանէ այն ամէն ազգեր, որ ճշմարիտ քաղաքակրթութեան լոյսէն խոյս կուտան, եւ դեռ ապրիլ կուզեն հնութեան եւ հին մեղքերու մէջ։
Ճշմարիտ քաղաքակրթութիւն ասացի, որպէս զի դու կարենաս որոշել թէ աշխարհիս վերայ սուտ քաղաքակրթութեան երեւոյթներ եւս կան. որք թէպէտ ի հեռուստ այլ եւ այլ գոյներով շպարեալ կը տեսնուին, այլ ի ներքուստ ժողովուրդին կեանք երթալով կը վատթարեն, կը զեղծանեն զեղխութեան ոչ ծայրայեղ ազատութեան մէջ։ Նոքա եւս թէ վաղ անագան այժմեան բարգաւաճութենէն կը նուազին եւ կը կործանին։ Վասն զի ցոյց կուտայ աշխարհիս փորձը թէ ամէն ծայրայեղութեանը վախճանը կործանումն եւ կորուստ է։
Բայց դու, ողջամիտ որդեակ իմ, մի գուցէ այնպէս ըմբռնես ու դատես թէ ազգ եւ ժողովուրդ երբ իւր վարիչներով հանդերձ միահամուռ կը մեղանչեն, զոր ի վեր անդր նկարագրեցի քեզ, յայնժամ համայն ազգ, հայրենիք, եւ պետութիւն կը կործանին իբրեւ արդար եւ անաչառ հատուցումն բոլորն ի միասին կրելով կորստեան աղէտը, որոյ ճիչդ օրինակ կը տեսնամք Սոդոմայ եւ Գոմորայ ամբարիշտ ժողովրդոց վերայ։ Արդար նահապետ Աբրահամ խոնարհելով իբրեւ հող եւ մոխիր երկնից արդարութեան առաջ կամեցաւ նորա ցասումն իջուցանել, ուստի մտերմօրէն հարցանելով կասէր. Տէր, եթէ այն քաղաքներուն մէջ քառասուն արդար գտնուի, դարձեալ պիտի կործանե՞ս, նոցա համար չը պիտի՞ խնայես մնացեալ ժողովրդոց։ Եւ այսպէս հարցանելով՝ իջաւ մինչեւ հինգ արդարոց թիւ, այն եւս չը գտնուեցաւ. միայն արդար Ղովտ մի կար՝ զայն ի դուրս հանեց եւ անդէն կործանեց, մոխիր դարձուց ամբարշտաց քաղաքները:
Սակայն շատ անգամ արդարութեան հատուցումն ուրիշ եղանակաւ կը տեսնամք. այսինքն ժողովուրդի կամ երկրի մի մասն կը մեղանչէ, օրինազանց կը լինի. հատուցումն ամբողջ ազգ հաւասարապէս կընդունի։ Վասն զի անցելոյն մէջ պատմութենէն գիտենք, եւ ներկային մէջ մեր աչքով կը տեսնամք. եւ ի՞նչ է այս, շատ յայտնի է աշխարհին առաջ։ Զի երկրի վարիչներ կը գործեն մեղք, երկիր եւ ժողովուրդ կը տուժէ եւ կը կործանէ։ Հայրեր կուտեն ազոխ, եւ որդւոց ատամունքներ կառնուն. առաջնորդներ կը խոտորին եւ ժողովուրդ մոլորելով կը հետեւի։ Եւ այսպէս աշխարհիս մեծամեծ լեռներուն մեծակոյտ մեղքեր՝ զայրացած հեղեղներ ու եւ գետերու նման բարձրադիր լեռներէն կը թափին ժողովուրդի դաշտին վերայ, եւ զայն հեղեղատար առնելով՝ ամէն բարեշինութիւն կը քանդեն ու կաւերեն։ Եւ ի՞նչ կը լինի սորա վախճանը, ոչինչ, իրենք եւս կը նստին այնուհետեւ աւերակ հողաբլուրին վերայ։
Համառոտ անցայ այս կէտին վերայ, որդեակ իմ, ուշիմ ես դու, կը հասկնաս թէ ինչ կը խօսիմ։ Թողլով այդ ժողովուրդին մեղք, բաւ է որչափ ինչ խօսեցայ, սկսիմ այժմ նորա արդարութեան վերայ խօսիլ։
Ինչպէս տեսար ի վեր թէ՝ մեղք մեծնալով տարածելով կը քանդէ աշխարհ եւ ժողովուրդ, եւ նորա վախճանը դէպ ի կորուստ կը տանի, այսպէս նաեւ արդարութիւն կը շինէ եւ կը կանգնէ ժողովուրդին տուն, քաղաք եւ երկիր. եւ ինքն հոն կը հանգչի։ Արդարութիւն ժողովուրդը դէպի կորուստ չի տանիր, այլ դէպ ի գիւտ, դէպ ի փառաւորութիւն, բարձրութիւն եւ անմահութիւն, «Զի արդարութիւն մշտնջենաւոր եւ անմահ է»։
Եւ թէ ի՞նչպէս կը լինի որ երկիր մի իւր ժողովուրդով, վարիչներով, իւրաքանչիւր կարգի եւ վիճակի մարդիկ մէն մի իւր պարտուց բաժին արդարութեամբ կը գործէ, դու միտ դիր եւ ես կարճաբանեմ քեզ։
Երբ պետական աթոռի վերայ նստող թագաւոր արդարութեամբ կը գործէ, իշխանն՝ իրաւունքով կիշխէ, դատաւորն օրէնքով կը դատի, ժողովուրդն՝ օրինաց կը հնազանդի։ Երբ ընկերական շահավաճառութեան մէջ՝ գինւոյն մէջ ջուր չի խառներ, կամ անփորձ արծաթը փորձեալին տեղը չի ծախեր, զոր վերէն կը տեսնար Աստուած ու կը յանդիմանէր Իսրայէլի Ժողովուրդը։
Այո՛, արդարութիւն զազգ եւ ժողովուրդ կը բարձրացնէր երբ նա ճշմարտութեամբ պաշտէ իւր տէր Աստուածը, չկեղծաւորի միայն շրթամբք պատուել զայն, եւ երբ նա երախտագէտ կը լինի իւր պարգեւատու Արարչէն, եւ չապերախտեր ինչպէս Իսրայէլի ապաշնորհ ժողովուրդ, որոց ապերախտութիւն դատելով Աստուած՝ վկայ կը գոչէր երկինք եւ երկիր. ու սրտառուչ կերպով կը գանգատէր. «Ծանեալ եղն զստացիչ իւր եւ էշ զմսուր Տեառն իւրոյ, եւ Իսրայէլ զիս ոչ ծանեալ եւ ժողովուրդ իմ զիս ի միտ ոչ էառ»։
Արդարութիւն կը գործեն ու կը բարձրանան, երբ քահանան ու ժողովուրդ կը կատարեն եկեղեցւոյ օրինաց պարտքերը։ Քահանան պաշտօնասէր կը լինի, ժողովրդասէր կը լինի. եւ գիտութիւն չի մերժեր, տեսուչ հովիւն ու հօտ կը ճանչնան զիրար. մինն անձնադիր լինի, արթնութեամբ հսկէ ու հովուէ. եւ միւսն կամակար լսէ նորա ձայնին։
Այսպէս երբ ժողովուրդի բոլոր դասակարգութիւն եւ իւրաքանչիւր անհատ անձն թէ առ Աստուած եւ թէ առ մարդիկ իրենց պարտքեր կը ճանչնան եւ Աւետարանին քարոզած ընկերական օրէնք լիովին կը կատարեն։
Ժողովուրդ եւս կը բարձրանայ, եթէ Աւետարանին եկեղեցւոյ աւանդած այդ արդարութիւններ գործելէն յետոք սիրէ նաեւ ճշմարիտ քաղաքակրթութեան յառաջդիմութիւնը, որ Աւետարանի քարոզած ազատութեան լոյսէն լոյս առնելով, մարդկային ընկերավարական աշխարհ կը լուսաւորէ, մարդ իւր հին բարութ բրտութենէն կազնուացնէ եւ դէպ ի կատարելութիւն կը վարէ։
Ես գիտեմ, դու այս մեր ժամանակը տեսնալով, քաղաքակիրթ աշխարհին վերայ կը գայթակղիս, երբ կը թողու Աւետարանի խաղաղութեան դարը, կը թողու արդարութեան իրաւախոհութիւնը, կռիւ, սուր ու թնդանօթ ի գործ կը դնէ, արիւնով կը լուանայ կեանքը, մահով կը գրաւէ ժողովուրդին որդիքները։
Այդ մի հարցներ այժմ, դորա պատասխանը շատ դժուարին ու ընդարձակ է. դու չգիտե՞ս որ նոյն իսկ քաղաքակիրթ աշխարհ իւր հին ոգիէն փոխուելով դեռ զգոնացած չէ, եւ այդ սպանիչ հրազէն գործիքներն իբր եւ արդարութիւն ի դործ կը դնէ։ Ո՛վ կը լսէ Քրիստոսի խօսքին, որ կը սաստէ. «Սուրդ ի պատեան դիր, եւ այլն»։
Թող գահեր, թող պետական մարզիկներ, նոյն իսկ ժողովուրդն եւս գահ կը սիրէ, փառք կը սիրէ, սուր կը սիրէ. իւր ընկեր ժողովուրդին վերայ յաղթութիւն կը սիրէ։ Եւ ես չասացի քեզ թէ արեւմտեան քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ արդարութիւն հանգուցեալ է տիրապէս։
Ո՛չ, դեռ նորա մեղքեր շատ են, դեռ նա կը պահէ հին վայրենութեան այն մեծ ահռելի մեղքն. եւ ի՞նչ է այդ, փոխանակ խաղաղարար արդարութեան՝ խռովութիւն եւ արիւնագործութեան արհեստ, զի երբ զայրանաք իւր հնարած գերանդիներով մարդոց կեանքը կը հնձէ ու կը բառնայ աշխարհէն. մարդոց հոգիներն ինքն չէ տուեր. չգիտենք թէ ի՞նչ իրաւունքով կառնէ։
Տեսա՞ր, արդարասէր որդեակ իմ, թէ քանի զօրաւոր է արդարութիւն, քանի՞ հզօր ձեռնկալու է աշխարհիս վերայ այն ազգերուն, որ զայն կը սիրեն ու կը պահեն, նոքա միայն օր ըստ օրէ կը բարգաւաճին ու կը բարձրանան։ Իսկ այն ազգեր, որ արդարութիւն կարհամարհեն, արդարութեան ուղիղ ճանապարհէն կը խոտորին, պարտուց եւ իրաւանց կշիռը ոտնհարելով կը խորտակեն, մարդկութեան շնորհ ու խղճի գիտակցութիւն կը կուրցնեն, աստուածպաշտութեան կրօն եւ հաւատ առ ոչինչ կը համարին, ահաւասիկ այդ ազգերու սերունդ Աստուծոյ արդարութեան օրհնութիւն կարող չեն ժառանգել։
Եւ ի՞նչ կը լինին, այդ յայտնի է, թէ հազար տարի եւս ապրին, թէ աշխարհակալ լինին, թէ գահերն ամպերու վերայ դնեն, ի վնրջոյ արդարութեան կայծակէն զարնուելով կը տապալին ի գետին, կը խոնարհին մինչեւ գերեզմանին խոր։ Ինչպէս մի մարդու համար ծնունդ, աճումն, մահ եւ գերեզման կայ, այսպէս ազգերն եւս իրենց գերեզմանն ունիէն. եւ ահագին վիհ մի է, որոյ մէջ կը ծածկուի նոցա յիշատակ։ Եւ ի՞նչ կը թողան նոքա. Եգիպտոսի բուրգեր, Բաբելոնի աշտարակներ եւ Հռովմայ կրկէսներ. դոքա պահ մի աշխարհիս վերայ կը վերանան, կը բարձրանան որպէս Լիբանանու մայրիներ, զոր անցաւ տեսաւ Դաւիթ, եւ ամբարշտին կեանք նմանցուց նոցա. «Տեսի զամբարիշտն վերացեալ եւ բարձրացեալ որպէս զմայրս Լիբանանի։ Անցի եւ ահա ոչ էր. խնդրեցի, եւ ոչ գտաւ տեղի նորա»։
Այլ եւս հերիք է, որդեակ իմ, թողունք ազգերու մեղք եւ արդարութիւն, շատ յարմարագոյն է թէ ասեմ, մահ եւ կեանք։ Դու ինքնին անշուշտ խելամտեցար. թէ այդ երկուքին սկզբնական սերմեր ժողովուրդի անհատներէն կսկսին եւ ցանուելով ցանուելով կը տարածին ազգութեան երկրին բոլոր երեսը։ Եւ դու, որ մի ազգի եւ ժողովուրդի անհատ սերմիկ եւ զաւակն ես, մանկութեանդ հասակէն սկսելով ուղղութիւն եւ արդարութիւն սիրէ։ Ոչ մտքէդ եւ ոչ ձեռքէդ երբէք մի թողուր այդ ուղղութեան սուրբ կշիռը, որ ընկերական կեանքիդ մէջ կուսուցանէ քեզ պարտուց եւ իրաւանց կատարեալ ճանաչումն։ Այդ կշիռը թէ անարատ պահես, դու աշխարհիս վերայ մուրացիկ չես լինիր. Դաւիթ կերաշխաւորէ. «Մանուկ էի ես եւ ծերացայ, եւ ոչ տեսի զարդարն արհամարեալ եւ ոչ զաւակ նորա թէ մուրանայ հաց»։ Քեզ լաւ իսկ է թէ աղքատ լինիս, արդար լինիս, քան մեծատուն՝ սուտ եւ անիրաւ, ըստ Սողոմոնի առակին։ Նոյն կը խօսի դարձեալ, «Մեծութիւն խռկեալ անիրաւութեամբ, պակասեսցի. իսկ որ Աստուած պաշտութեամբ ժողովէ, բազմասցի»։
Կը փառաւորիս, որդեակ իմ, թէ նախանձաւոր ու հետեւող լինիս նախնի արդարոց շաւղին։ Թէ Արիստիդէսին պէս ուրախութեամբ վարուիս կեանքիդ մէջ, անիրաւութենէն խորշիս եւ արդար անունը թողաս աշխարհիս վերայ, յայնժամ քո արդար գործքեր, քո յիշատակ կը յաւերժացնեն քո հայրենի ժողովուրդին մէջ։ Եւ քեզ ի՞նչ մեծ փառք, գիտե՞ս, թէ անունդ կենդանի մնայ, կարդացուի միշտ ժողովուրդի կենդանի սրտին մէջ, եւ չը լինիս դու այնպէս՝ ինչպէս կասէ Դաւիթ. «Եւ կարդասցին անուանք նոցա ի հողս իւրեանց»։
ԴԱՍ ԺԲ.
ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ՊԱՏԱՀԱՐՔ
ԱՇԽԱՐՀԻ
ՀԱՐՑՈՒՐ, նորատի որդեակ եմ Սամուէլ, եւ ես խօսիմ քեզ թէ ի՞նչ է ժամանակ եւ իւր պատահարներ աշխարհիս վերայ. դու որ նոր ժամանակի գարնան ծաղիկն ես. դու որ նոր թեւակոխեր ես կենացդ առաջին շրջանին մէջ. դու դեռ ամառն ունիս, որ քո պտղաբերութեան շրջանն է. աշունն ունիս, յորում պիտի ժողովես պտղաւէտ կեանքիդ արդիւնք. ձմեռն ունիս, յորում պիտի հանգչիս ու վայելես։
Մեծ մտադրութեամբ ուսիր այն դասն. ուսի՛ր թէ ինչպէս կը դառնայ արագ արագ ժամանակի անիւն ու շրջանը, եւ իւր չարադարձ հուովման մէջ կը վարէ կը տանի մարդոյն կեանքը խանձարուրէն մինչեւ ի գերեզման, եւ յառաջ կը բերէ աշխարհիս այլ եւ այյ պատահարներ, մերթ չարիքներ ի վեր կը հանէ եւ մերթ բարիքներ. եւ չարն ու բարին, անիրաւն եւ արդար առ հասարակ իւր հզօր դաւաղանին տակ վարելով՝ հէք մարդոյն կեանքը իբրեւ աշխարհիս գետերը կը տանի կը թափէ յաւիտեան ծովուն անդունդը։ Ժամանակն աշխարհիս գահերուն, թագերուն տիրող մեծ աշխարհակալն է. միապէս հաւասար կիշխէ իւր յաւիտենական գաւազանով, գահին եւ ստրուկ ծառային վերայ. զամէն մարդ միահամուռ կը վարէ դէպի գերեզմանին վիհը։
Ժամանակ հանուր մարդկային գործոց մեծ դիւանապետն է, նա է որ կարձանագրէ մեր կեանքին հաշիւը, աշխարհիս տիրող թագաւորաց հաշիւը, մեծ դիւանագէտներու հաշիլը, պատերազմի եւ արեան դաշտերու հաշիլը, հպատակ ժողովուրդին հաշիլը, բողոքող զրկեալներուն հաշիւը, յղփացող մեծատանը հաշիլը, տուայտեալ Ղազարոսներու հաշիլը, ամէն կարգի եւ վիճակի մարդոց հաշիւը։
Ժամանակ երկնից արդարութեան եւ հատուցմանը գործադիր ոստիկանն է. իբրել սուրհանդակ կը շրջի աշխարհիս վերայ: Կերթայ կը մտնի յանտառ, անտառին տիրապետ առիւծ կսպաննէ. կը դառնայ թագաւորին պալատը, նորա շունչ եւ ոգին կը քաղէ, կը հասնի Բաբելոնին դաշտը հպարտացող գոռոզին դիցապատկեր արձանը կը կործանէ։ Ժամանակ իւր ձեռքի տապարով կտրեց այն աշխարհասփիւռ ծառը, որ բարձրամտելով իւր ճիւղերը դէպի երկինք կարձակէր. անկաւ տարածեցաւ գետնին վերայ. եւ ճանչցաւ իւր չափը։
Ժամանակ քան զարծիւն սուր արագաթեւ է. կը բարձրանայ եւ շեշտակի կը դիտէ զաշխարհ, կիջեայ եւ քաղաքներ հողաբլուր կը դնէ. Բաբելոնի, Նինուէի, եւ հին Արմաւիրի, Արտաշատ ու պերճ Անւոյն փառքն աւերակաց տակ կը թաղէ։ Թողլով հողագնդին երեսը՝ կերթայ Վեսուվի լեռան տակ կը մտնէ, կրակ կուտայ, հրանիւթ կը բորբոքի, եւ Պօմպէի պերճութիւն մոխրաթաղով կը ծածկէ։
Բայց կանիրաւիմք, եթէ ասենք ժամանակի պատահարին ձեռքը միշտ կը քաղէ ու չի շիներ. կամ թէ կաչառէ, զաշխարհ մի կը շինէ, միւս կը քաղէ։ Ժամանակ վաղուց է, որ թողուց արեւելքը գնաց արեւմուտք. երեք դար է, որ անդ կը դեգերի, արեւմտեան հին աշխարհ իւր ամէն շէնքով տապալեց. նոր հիմըն դրաւ, նոր աշխարհ կանգնեց, նոր մարդ վերածնեց, լոյս գիտութիւն եւ քաղաքակրթութիւն ծաւալեց ընկերական աշխարհին մէջ։ Անշուշտ ժամանակ միշտ յարեւմուտս չի մնար. մի օր կը դառնայ յարեւելս եւ զայն եւս իւր հնութենէն կը վերանորոցէ։
Թողունք այս վերացեալ մտածութիւններ, որգեակ իմ. եւ այսպէս չը կարծենք ու դատենք հեղգամտութեամբ, թէ երթ մարզիկներ անգործ նստին, ժամանակն ինքնին նոցա համար կը գործէ։
Մենք թէպէտ աշխարհիս բոլոր պատահարներ ժամանակի ազդեցութեան կուտանք, բայց հետազօտել պէաք է, թէ պատահարներն ի՞նչ են, ուստի՞ է նոցա սկիզբն եւ ծնունդ։
Ուղիղ դատելով հարկ է խոստովանիլ, թէ ժամանակի պատահարներ մեր անցեալ գործոց հետեւանքներն են. եթէ մենք չգործենք՝ ժամանակ իւր պատահարով կը դադարի, ի բաց թողլով այն բնական տարերաց պատահարներ։ Ժամանակը մինչեւ գերեզմանին դուռը կը վարէ իւր պաշտօնը եւ կիշխէ մարդոյն կենաց վերայ, այնուհետեւ կը կնքէ իւր հաշիւը, ինչպէս կնքեր է մեռելոց աշխարհին հետ։
Որչա՞փ զարմանալի է, երբ մարդիկ առանց գործելոյ, ժամանակէն գործ եւ յաջողութիւն սպասեն, որպէս թէ ժամանակն աշխարհին տնտեսն ու մատակարարն է, եւ կամ թէ մեր ագարակի մէջ վարձաւոր մշակ։ Նախախնամութեան օրէնքով ժամանակն իւր պարտիքը լիովին կը կատարի: Ցանկալի գարուն կը բերէ մեզ, որ վարենք, ցանենք. ամառն կը բերէ, որ մեր ցանածներ բուսնին. աշուն կը բերէ, որ մեր ամէն աշխատութեանց ու վաստակոց պտուղները ժողովելով շտեմարանենք. ձմեռն կը բերէ, որ երկրին հող, վաստակաբեր մշակն, եզնամոքներ հանգչին, եւ մարդ իւր վաստակը քաղցրութեամբ վայելէ: Անաշխատ եւ տրտնջող մարդ, որ ամէն բան ժամանակի յաջողութենէն կը յուսայ, ոչ ի գարնան կը ցանէ, ոչ յամարան կը զարմանէ, ոչ յաշնան կը ժողովէ եւ կը ցանկայ նա, որ ի ձմերան նստի հանգիստ ուտէ եւ վայելէ:
Մարդիկ որ վիճակի մէջ որ լինին, թէ յաջողութեան եւ թէ ձախողութեան, մի՛շտ սովորած են անշնորհակալու լինել ժամանակէն. ուստի եւ կը խօսին թէ ժամանակ չար է, անյաջող է, միշտ արկածներ կը բերէ, մի օր ծաղրերես կերեւի եւ միւս օրը կը խոժոռի. թէ այսօր հաց տայ՝ վաղն անօթի կը թողու եւ այլն։
Գիտենք, ժամանակին բախտ եւ մարդոյն յեղյեղուկ կեանքը անհաստատ է. գիտենք նաեւ ժամանակը մեծամեծ արկածներ ունի, որ մեր ուժէն կը խուսափին եւ մարդ կարող չէ խոյս տալ կամ փախչիլ: Ամպեր կորոտան, հուր եւ կայծակ կը փայլատակեն, խեղճ հովիւ որ կաղնի ծառի տակ ապաստաներ է, կը զարնաւի եւ անդէն մրկած ու սեւցած խանձող կը դառնայր Ժամանակ՝ նոյն ամպերէն սոսկալի կարկուտ եւ անձրեւ կը տեղայ, սարն ու ձոր հեղեղ կը դառնան, գեղն ու քաղաք կողողեն ու կը քանդեն։ Ժամանակ՝ ամպերէն կիջնայ գետն ի տակ կը մտնայ. ահագին երկրաշարժներ կը հանէ. կը կործանէ մեր շքեղ կառուցած շէնքերը. ո՜հ մեր շինած տունը մեզ համար գերեզմանի գուբ կը լինի։ Ժամանակն իբրեւ ժանտ հրեշտակ մահտարաժամ կը բերէ, աշխարհէ աշխարհ կը յածի, չորն ու կանաչ առ հասարակ կը վառէ, եւ չգիտես դու թէ ո՞ւր տեղէն կը բերէ այն անհուն անհամար ջորեակն ու մարախ, որ ցանած արտեր եւ դաշտերու կանաչներ կուտէ կսպառէ։ Ժամանակն մերթ եւս երկնից անձրեւաբեր ամպերը կը վանէ ու կը ցրուէ, երկինք կը պղնձանայ երաշտութեամբ եւ կը հարուածէ խեղճ երկրագործին բոլոր աշխատութիւնը։ ժամանակը չէ թէ սաստկաշունչ հողմերով կը փչէ ու ծովու ալիքներ միայն կը յուզէ, եւ ծովավաստակ աշխատաւորները ջրի անդունդին տակ անհող, անգերեզման, անյիշատակ կը թաղէ, այլ եւ նոյն իսկ ցամաք երկրին վերայ, զոր մարդիկ ապահով կը կարծեն, նոյն հողմերով կը տապալէ ծառեր ու շէնքերը, եւ Ափրիկէի մէջ շատ անգամ գեղեր ու կարաւաններ անապատի աւազաներուն տակը կը թաղէ։
Չենք ժխտեր թէ ժամանակն այլ եւս շատ արկածներ ունի, որուն տակ ենթարկուած է աշխարհն ու հէք մարդ, բայց ժամանակի բերած այդ պատահար արկածներ շատ նուազ են եւ ոչինչ համեմատութիւն չունին այն արկածներուն հետ, զորս մարդ ինքնին իւր ձեռօք կը բերէ, կամ անգիտութեամբ կամ դիտութեամբ ու չարութեամբ հանդերձ։
Մտադրութեամբ լսէ, որդեակ իմ, ես մարդոց ու ժամանակի իրաւանց դատաստանը ի վեր պիտի անեմ. եւ դու մանուկ իմաստուն ես, իբրեւ ծեր՝ դատաւոր եղիր ու վճիռ տուր։
Մարդիկ իրաւունք ունի՞ն ասել, թէ ժամանակն իւր այդ արկածներով մեր աշխարհ կաւերէ, եւ կը թշուառացնէ մարդկային ընկերութիւնը, երբ ազգ՝ ազգի դէմ, մարդ՝ մարդոյ դէմ, ընկեր՝ ընկերի դէմ սուր հանելով եղբայր՝ հարազատ եղբօր դէմ իբրեւ թշնամի կը զինեն։ Եւ երբ աշխարհիս գահակալաց հոգին զայրանայ, դիւանագիտութեան ծածկեալ հրաբուխներ պայթին, ծովալիքներու պէս բանակները պատերազմի դաշտը խաղան, վիթխարի հրանօթներ որոտանք բիւր բիւր հազար կտրիճ կայտառ երիտասարդներու կեանք՝ մի փոքր ժամանակի մէջ դիտապաստ ի գետին փռուին, ոտնաքարշ անարգաբար լցուին այն վիհերուն մէջ, զորս այդ դժբախտ զինուորներն իրենց ձեռքով փորեցին, մայրեր սգան որ կորուսին զաւակները, ամուսիններն ողբան որ կորուսին էժակից սիրելիներ։
Ահաւասիկ քեզ ամենամեծ պատահար եւ պատուհաս մարդկային ազգի, որ բիւր անգամ բնական պատահարներէն դժնդակ է։ Եւ ո՜վ է այդ արուեստական ու կամածին պատահարներ յառաջ բերող, մարդն էք մա՜րդ, նորա մեծամիտ ոգին է, նորա բարձրացած ձեռքն է, որ կը ծանրանայ մարդոյն վերայ եւ անխնայ կը ջախջախէ Աստուծոյ ճարտարապետած պատուական անօթները, զորս իբրեւ բրուտ մի մի կը շինէ նա, եւ թրծելով զայն հոգեղէն կրակով՝ կը հանէ ի լոյս։
Բայց միթէ սորա համար ցա՞ւ կզգան աշխարհիս անսիրտ, սառնահոգի դիւանագէտներ, եթէ պատահին իրարու կատակով կը խօսին.— Թող մայրերը կրկին ծնին։ Ո՜հ, միթէ չգիտե՞ն դոքա վշտակիր մայրերուն երկունք, չգիտե՞ն թէ մի մանուկ քանի՞ դժուարութեամբ կը մեծնայ, մարդ կը լինի։ Չգիտեն, այո՛, նոցա մեծ գիտութիւն՝ միայն շահն ու փառքն է, որոց համար փոյթ չէ երբէք թէ կոտորուեն ժողովուրդի որդիքները։
Հասկցա՞ր, խոհական որդեակ իմ, թէ մարդոյն կենաց մեծ պատահարն ու պատիժը՝ դարձեալ նոյն իսկ մարդն է։ Տարերաց պատահական արկածներ ոչինչ համեմատութիւն չունին այն արկածներուն հետ, զորս խորամանկ մարդոց ձեռք կարուեստաւորէ։
Սակայն շատ զարմանալի կը թուի ինձ այս, զի մարդիկ, ժողովուրդներ այնքան սովորած են մարդոց ձեռքէն պատահարներ կրեք, մինչեւ ոչխարի նման ի սպանդանոց թէ վարին, ոչինչ չեն զգար կասեն թէ մեր բախտ, մեր ճակատագիրն այս է։ Մանաւանդ արեւելեան ժողովուրդներ. եւ սորա բարոյական եւ ներքին պատճառն ուրիշ բան չէ, քան թէ տգիտութեան անլոյս խաւարին մէջ կաշկանդուած մարդոց ստրկացած, ընկճուած, խեղդուած ոգին։
Դառնանք, այժմ խօսինք այդպիսի ժողսվրդոց կարծեաց վերայ, որք միշտ յամենայն ժամ տրտունջ կը բառնան թէ՝ ժամանակի պատահարներ չար են. ժամանակ մեզ համար զլացող է, մեք մանուկ ժողովուրդ ենք, մեր ձեռքէն բռնելով յառաջ չի վարեր. այլ թողեր է զմեզ կիսաճամբոյն վերայ այնպէս անշարժ ու յետադէմ, մինչ արեւմտեան բոլոր ազգերը տարաւ հասոյց յառաջդիմութեան օթեւան եւ հանգիստ։
Բայց միթէ այդ աչառող կարծուած ժամանակն՝ արեւելեան աշխարհին եւ նորա ժողովրդոց համար բարի պատահումներ չը բերա՞ւ: Այո՛, քսան տարիէն առաջ նա մի մեծ պատահար անցուց, այնուհետեւ քնացաւ. ասաց ու կարծեց թէ այլ եւս պատահար չունիմ ես, դարձեալ կապրիմ այնպէս, ինչպէս կապրէի յառաջ հին օրէնքով, հին դրութեամբ եւ հին ճանապարհով, որոյ ելքը դարձեալ հին պատահար բերաւ մեր աշխարհին վերայ. յանկարծ մեր քնացած տեղէն արթնացանք եւ ահա պատահարը մեր դուռը հասեր էր։
Դո՜ւ ասա, որդեակ իմ, այլ եւս իրաւունք ունի՞ այսպիսի աշխարհ եւ ժողովուրդ, որ սուր աչք ունի՝ հեռատեսել չը գիտէ, սուր միտք ունի՝ սովրիլ չի կամիր, հանճար ունի, ուղեղին մէջ թմրած է, ի դուրս հանել չգիտէ. ձեռք ունի, արուեստագործել չգիտէ. առոյգ ոտք եւ սրունքներ ունի, քալել չգիտէ. լեզու եւ ազատ կամք ունի, խորհելու եւ խօսելու փաստ չգիտէ, կը ճնշուի՝ ճիչ բառնալու եւ եղանակ չգիտէ. բնակավայր ունի կը մոռնայ, յիշել ու շինել չգիտէ, ընդարձակ հող ունի՝ մշակել արդիւնաւորել չգիտէ. աղքատ է դեռ կը սիրէ զեղխ կեանք, խնայութեամբ տնտեսել չգիտէ. թէ պատեհութիւն յաջողի ժամանակ ճանչնալ չգիտէ. թէ ոտն մի փոխէ՝ կը պարծի, կաղաղակէ, լռին ու խոհեմ յառաջդիմութիւն չգիտէ. թէ ասեն ճամբոյն վերայ առիւծ կայ, վատասրտելով կը դողայ, առիւծի ձեռքէն անցնիլ, ազատիլ չգիտէ. ինքնավար օրէնք եւ սահմանադրութիւն ունի, վարիլ ու հնազանդիլ չգիտէ. դեռ մտօք մանուկ լինելով՝ քուէն եւ ընտրութիւն չգիտէ. միշտ իւր վարիչները փոփոխել կուզէ, անփոփոխ պահեք չգիտէ. միշտ ներկային մէջ զեղծանելով, ապագային հետեւանքները չդիտէ։
Լսեցիր ու դատեցի՞ր, որդեակ իմ, երբ մի երկիր, ազգ եւ ժողովուրդ այսչափ եւ այսպիսի անգիտութեան եւ խակութեան կեանքին մէջ կը թափառի, այլ եւս իրաւունք ունի՞ նա մեղադրութեան յանցանքը ժամանակի վերայ դնել, եւ ինքն չքմեղս լինելով ասել թէ ժամանակը չար է. եւ թէ երկրի պատահարներ կը կապեն մեր ձեռք եւ ոտքը։
Գիտենք այդ, այո՛, կան երկրի պատահարներ, ծանր ու դժուարին, որք մարդոյն յառաջդիմութեան քայլերը կը կաշկանդեն։ Բայց միթէ ժամանակի պատահարները կը բարձուի՞ն կամ կը պակսի՞ն աշխարհէս։ Եթէ մարդոյն մեծ պատահար մարդն է, պէտք է մրցիլ այդ պատահարին հետ գիտութեամբ եւ կրթութեամբ, այդ միակ միջոցն է, որ կը յաղթէ պատահարներուն։
Թողունք այժմ երկրի եւ ժողովուրդի ընդհանուր պատահարները, դառնամք առանձին ընտանեաց, գերդաստանաց եւ առանձին անհատ անձինքներու համար խորհրդածել, որք զօրհանապազ դառն տրտունջ կը բառնան, թէ ժամանակի չարութենէն մեր տուն մեր գերդաստանը կործանեցաւ. ճոխ ու հարուստ ազնուական ընտանիք շքաւորեցան. եւ այլն։
Բայց ուղղութեամբ դատելով տեսանք դոցա եւ ժամանակի պատահարին դատաստանը, տեսնամք նաեւ թէ այդ կործանիչ ձեռք առաւել իրենց ձե՞ռքն է, թէ չարապատեհ ժամանակին։
Եթէ այդ ճոխ ու փարթամ ազնուական ընտանիքներ, երբ ուղիղ անտեսութեան օրէնքէն ու չափաւորութենէն խոտորելով՝ զեղծան շռայլեցան ամենազեղխ կեանքի մէջ, թափեցան թէ հին եւ թէ նոր հարստութենէն. այս բնական վախճանը՝ չար ժամանա՞կ բերաւ, թէ չափազանցութեան հետեւանքն էր, որ չգիտցան հարստութեան կեանք տնտեսել։
Դու կը տեսնաս ու կը ճանչնա՞ս մեծատանց այդ ժառանգորդ զաւակներ, դոքա երանի կուտան իրենց հօր եւ պապու ժամանակին, ասելով, թէ նոցա ժամանակ շատ բարի ու յաջող էր, իսկ մեր՝ չար ու դժուարին։ Այսպէս արդարանալ կուզեն դոքա, որք իրենց կեանքը հեղգութեան եւ անցործութեան մէջ վարեցին, ոչ միայն անսպառ գանձեր վատնեցին, այլ եւ այդ նիւթական ճոխութեան հետ կորուսին հայրենի տան բարոյական համը այն, փառքն ու հիշատակն։ Արդ, ո՛ւմ է մեղադրանք, ո՞ւմ է յանցանք, չուր ժամանակի՞ն թէ չարավար ժառանգորդներուն։
Գուցէ դոքա սրտմտին եւ չընդունին այս դատաստանը, ասեն թէ չար ժամանակ զեղխութեան չարօրինակ, նորասիրութեան պերճանքները հեղեղի նման արեւմուտքէն քշեց բերաւ մեր աշխարհ, մեք եւս կամայ ակամայ ողողեցանք. եւ նոյն իսկ ժամանակ զմեզ ստիպեց որ հետեւինք քաղաքակիրթ աշխարհին։ Կը դրուատէի ես Հայոց ընտանիքը, եթէ ստոյգ եւ իրապէս փափագէին քաղաքակիրթ աշխարհի օրինակին հետեւիլ: Երանի թէ այնպէս լինէր, բայց իրաց ճշմարտութիւն կը վկայէ որ դոքա թողլով Եւրոպիոյ մեծամեծ բարեմասնութեան օրինակները, միայե նորասիրութեան պերճանքները ղրկեցին. թողին ներքին կրթական մասն, եւ միայն արտաքին կեղեւն առին. թողին ինչ որ վայելուչ էր մեր ազգային բնիկ յատկութեան, եւ ինչ որ մեր յառաջդիմութեան ձեռնտու օգտակար էր, այսինքն բուն քաղաքակրթութեան ճշմարիտ տարերք, որ է գիտութիւն, կրթութիւն եւ լուսաւորութիւն։
Է՜հ, լսասէր որդեակ իմ, ես ձանձրացայ այս տնտեսական խնդրոյն վրայ քարոզելով, խօսելով, գրելով եւ կրկնելով. այս մի քանի օրինակները քեզ բաւական են, մնացորդները դու ինքնին իմաստասիրէ։ Գիտցիր, որ աշխարհիս վերայ ամէն չարաչար կեանք՝ իւր չար հետեւանքն ունի, զորս մարդիկ չար ժամանակ կը կոչեն։
Բայց մենք կը հաւատանք թէ՝ ժամանակն երկնից արդարութեան ձեռաց մի չափն է. քրիստոս վկայեց այդ չափին համար. «Որով չափով չափէք, չափեսցի ձեզ»։ Կը հաւատանք նաեւ որ այդ չափին գործադրիչ ոստիկանը՝ ժամանակն է, որ իւր չար կարծուած պատահարներով կը հատուցանէ իւրաքանչիւրին գործոց համեմատ չափով։
Այլ եւս աւարտենք այս դասը, որդեակ իմ, եւ դու ուղղէ քո դատաստանը ժամանակի պատահարին վերայ, գիտնալով թէ ժամանակն ինքնին պատահար չունի, այլ ամէն պատահար մեր նախորդ գործքերուն վերջին հետեւանքներն են, եւ հետեւանքները Աստուծոյ յաւիտենական օրինաց հատուցումն են։ Ինչ որ այսօր կը կրենք, անցելոյն հետեւանքն է, եւ ինչ որ այսօր կը գործենք՝ նորա հետեւանքն եւս ապագայն կը կրէ։
Ուրեմն, երկիւղած որդեակ իմ, վախցիր գործերէդ քան ժամանակի պատահարներէն, ներկայ կեանքիդ մէջ միշտ ջանացիր ուղղութիւն գործել, հաւատալով որ ուղիղ գործին հետեւանքն ու վախճանը՝ ուղիղ կը լինի։ Ուղիղ ճանապարհ դէպի ուղիղ նպատակը կը տանի։ Ուսիր Քրիստոսի առակէն, որ անառակութեան հետեւանք սովամահութիւն է, ուսիր աշխարհի օրէնքներէն, որ գողութեան հետեւանքը՝ կախաղան է։ Ուսիր կեանքի փորձերէն, որ զրկանաց հետեւանքը՝ չարաչար հատուցումն է։
Շատ մի ծիծաղիր, հետեւանքն լաց է, եթէ սգաս ու համբերել գիտնաս՝ հետեւանքն մխիթարութիւն է։ Ամենայն օրինազանցութեան հետեւանքը միշտ պատիժ, անարգանք եւ կորուստ է, ինչպէս առաքինութեան հետեւանքը վարձատրութիւն եւ փառք է։ Եթէ աշխարհ արդարապէս չը վարի, ոչ օրինազանցին պատիժ տայ եւ ոչ արդարոյն վարձ, թո՛ղ յայնժամ քո դատաստանը երկնից արդարութեան, եւ դու առաքինացիր, զօրացիր բոլոր կեանքիդ մէջ. եւ հաւատա, որ ժամանակի պատահարներու հեղեղներ եթէ չառնեն ու բաղխեն զքեզ, դու անսասան, անկործան կը մնաս, երբ հաւատոյդ շէնքը՝ դու եւս Աւետարանի այն իմաստուն մարդոյն պէս, խորագիր վիմի վերայ հաստատես։
Թէ ժամանակի պատահարներ զքեզ տարուբերեն, դու անշարժ կաց. մի թերահաւատելով սասանիր, պատահարներ կուգան կանցնին. զի այս աշխարհ պատահարի աշխարհ է, հէք մարդ պատահարներուն տակ ճնշուած է եւ կարող չէ խոյս տալ. սորա համար Քրիստոս կարեկյելով մեր անպաշտպան խեղձութեան վրայ՝ սորվեցուց, որ աղօթենք առ Հայր. «Մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա ի չարէ»։
Աղօթէ, որդեակ իմ, յԱստուած ապաւինիր, եւ պատահարներ քեզմէ կը հեռանան։ Ուղիղ մտածէ, ուղիղ գործէ, ուղիղ ընթացիր, եւ պատահարներ քեզ չեն պատահիր։ Այլ մանաւանղ աղօթէ որ մարգոց պատահարին չը հանդիպիս։ Դաւիթ առաւել ընտրեց Աստուծոյ պատահար քան մարդոց, որ խստասիրտ են, ողորմիլ չը գիտեն. սորա համար քեզ միշտ լաւագոյն է որ Աստուծոյ ձեռքն յանձնուիս, եւ սրտեռանդ աղօթես Դաւթին բերանով.
«Աստուած ապաւէն իմ եւ ես յուսամ ի նա»։ ԴԱՍ ԺԳ.
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՒԵՏԱԲԱՆԻՆ որդեգիր, հաւատացեալ որդեակ իմ Սամուէլ, Աւետարանը եւ Աւետարանին քարոզած ընկերսիրութեան դասը պիտի խօսիմ քեզ. ականջդ բաց արա, սիրտդ ինձ տուր, խոնարհ երկիւղածութեամբ լսէ Յիսուսի դասին, որ քեզ լոյս կուտայ, յոյս կուտայ, կեանք եւ անմահութիւն կուտայ։
Յիսուս, որ աշխարհիս վերայ ինքն անգիր անդպրոց էր, Պաղեստինոյ աշխարհին մէջ բաց ալ իւր Աւետարանին համալսարանը եւ սկսեց քարոզել։
Ես կը թողում այժմ Աւետարանին քարոզած ընդհանուր դասեր, միայն ընկերսիրութեան դասն պիտի աւանդեմ քեզ, եւ այն բաւական է թէ սրտի մտօք պահես։ Վասն զի սէր եւ ընկերսիրութիւն Աստուածային պատուէրներուն գլուխն է եւ օրինաց հիմն։
Մովսէս, որ Իսրայէլի ընկերութեան օրէնսգիրն էր, աստուածսիրութենէն յետոյ, յարեց ընկերսիրութեան պատուէրը։ Բայց Մովսէս այս գերագոյն պատուէրը միայն քարէ տախտակին վերայ գրեց՝ թողաց ու գնաց, եւ զայն անձնազոհ արիւնով մկրտելով չը նուիրագործեց։
Իսկ Յիսուս սիրոյ մեծութիւնն՝ իւր անձին վերայ չափելով ասաց. «Մեծ քան զայս սէր ոչ գոյ, եթէ ոք զանձն դիցէ ի վերայ բարեկամին»։ Ասաց, եւ անդէն իւր բարեկամ մարդոյն համար գնաց ի խաչ եւ ընկերսիրաթեան օրէնքը իւր արիւնով, իւր մահով եւ իւր մեծ ու անկշիռ սիրով մկրտեց, եւ այս իւր գերագոյն օրինակով սէրը տուաւ աշխարհին՝ իբրել մի միայն դեղ ու դարման, փրկութիւն, ազատութիւն, հիւանդ ու թշուառ մարդկային ընկերութեան։
Այս դեղն ու դարման մի բառով կը կազմուի.— ՍԻՐԵՑԷՔ, իւր զօրութիւնն անչափ է, իւր շնորհն՝ անկշիռ է, իւր բժշկութիւնն՝ ամենարուեստ է, իւր ձեռքն՝ ամենահաս է, եւ իւր սուրն է միայն, որ կսպաննէ մարդոց ոդւոյն մահ առիթ կիրքերը:
Երկնային սէրէ որ մարդոյն կերպարանքով երեւցաւ աշխարհին, եւ որ մեր փրկութեան ճարտարապետն է, նա խորագոյն դրաւ սիրոյ այս հիմն. եւ չէ թէ հողի վերայ, հապա մարդոց սրտին ու հոգւոյն մէջ, որպէս զի այդ հիման վերայ նորոգէ մարդկութեան հնացեալ շէնքը։
Սիրոյ այս մեծագոյն օրէնքն է միայն, որ կարող է աշխարհիս վերայ հաստատուն պահել մեր ընկերական շէնքը, ապա թէ ոչ հիմնայատակ կը քայքայուի։
Խոստովանիլ եւ վկայել պէտք է, որդեակ իմ, որ գիտութիւն եւ քաղաքակրթութիւնն եւս արդի մարդկային ընկերական վիճակը բարւոքեցին առաւել արտաքուստ: Բայց դու մի հետեւիր այնչափ այն սնապարծ մարդոց մեծախօսութեան, որ այդ շնորհ եւ պարծանքի միայն գիտութեան եւ քաղաքակրթութեան կուտան. եւ առ ոչինչ կը համարին Աւետարանին արդիւնքը։
Այլ դու ճշմարտութեամբ հաւատա, թէ աշխարհիս արդի ընկերական յառաջդիմութեան հիմունքը՝ Յիսուս իւր Աւետարանով եւ ձեռքով դրաւ։ Եւ ի՞նչ են այդ բարոյական հիմունքը, ահաւասիկ. սէր, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, միութիւն եւ ընդհանուր անխտիր մարդասիրութիւն, որով բովանդակ երկրիս անհամար ազգերը մի համաշխարհական եկեղեցւոյ գաւիթը Ժողովելով՝ մի հօտ կը կազմէ, մի հօր որդիքներ կը կոչէ, եւ ինքն է միայն այդ հօտին հովիւ եւ առաջնորդ։
Եւ ի՞նչ է առաւելագոյն եւ ճշմարիտ կեանք զոր Յիսուս բերաւ յաշխարհ, եթէ ոչ Աւետարանին քարոզած ընկերական սէր. եւ հաւատացելոց՝ համատարած խաղաղութիւն, զոր Յիսուս միայն տուաւ, եւ աշխարհ կարող չէ տալ զայն։ Ուստի իբրեւ իւր վերջին կտակ, վերջին ընթրեաց իրիկուն խօսեք. «Զխաղաղութիւն զիմ տամ ձեզ, զխադաղութիւն զիմ թողում ձեզ։ Ոչ որպէս աշխարհս տայ տամ ես»։
Կարդա հնախօս պատմութիւններ եւ կը տեսնաս, որ մեծամեծ աշխարհակալներ եկան այս աշխարհ անցան ու գնացին. աշխարհ խռովութեան մէջ թողին, իրենք գերեզմանին մէջ խաղաղութիւն գտան։ Նոքա իրենց զօրութեամբ ու սրով բնաւ չկարացին խաղաղութիւն տալ երկրին, այլ մանաւանդ երկրին երեսը արիւնով լուացին եւ սոսկալի բռնութեան տակ ջախջախեցին մարդոյն ազատութեան կեանքը։
Եկան վերջին դարեր եւ մանաւանդ իննեւտասաներորդ դարը, զոր քաղաքակրթութեան դարը կը կոչեն եւ յորում ես եւ դու ծնանք ու կապրինք. կասեն թէ մարդոյն չառաջդիմութեան քայլեր քիչ մնաց որ մինչեւ ի կատար հասնին։ Քաղաքային եւ աշխարհի կառավարութեան համար դիւանագէտներ ժողովեցանք մեծամեծ ստուար ստուար օրինագրքեր շինեցին, եւ երկրի խաղաղութիւն մշտնջենաւոր պահելու համար դաշնակցութիւններ կռեցին։ Եւ ի՞նչ էր նոցա բոլորի նպատակը, մարդկային ընկերական կեանքը հաւասար բարւոքելո՞ւ. թէ՞ մէն մի գահեր իրենց երկրի շահը առաւել հոգալու: Այդ իրաւունք է, գիտենք, բայց առանց ընկեցին եւ ազգերու իրաւունքը խլելու։
Այժմեան աշխարհիս վերայ տիրող մեծ աշխարհակալ շահն է. սորա համար մարդ չի հաւատար թէ քաղաքակրթութիւն՝ Յիսուսին տուած խաղաղութիւն կամ Աւետարանին քարոզած ընկերսիրութեան դաշնակցութիւնը կընդունի։
Ո՜հ, որչա՞փ հեռու են իրարմէ դիւանագիտութիւն եւ Աւետարան, Խաչն ու Կրուպի թնդանօթն. եկեղեցւոյ միաժողով գաւիթն եւ պատերազմի արեան դաշտ. եւ ի՞նչ համեմատութիւն կայ մահուան եւ կեանքի մէջ։ Քաղաքակրթութիւն դեռ մահ կը բերէ, դեռ մարդոց համար սպանութեան գործիքները կը հնարէ, քուն եւ հանգիստ չունին աշխարհիս տիրապետներ ու դիւանագէտներ. վիշապի նման տուտի վերայ կեցած կը ֆշան կսպառնան, եւ ի՞նչ կը խնդրեն, պատերազմ, անշուշտ զիրար կլանելու համար։
Այսպէ՛ս, մինչդեռ Յիսուս իւր Աւետարանին ազատ սիրով խաղաղութիւն կուտայ երկրին, մեր կարծեցեալ քաղաքակրթութիւն՝ դեռ սրով եւ արիւնով եւ հին աշխարհի խելքով խաղաղութիւն հաստատել կուզէ։
Տե՛ս դու եւ համեմատէ այս երկու հակառակ եղանակները. այլ եւս կը հաւատա՞ս թէ սոսկ քաղաքակրթութիւն այլանց Աւետարանի աջակից զօրութեան՝ մարդոյն խռոված ընկերական վիճակը խաղաղութեան մէջ կը պահէ. զգօնանան հանդարտին այն զայրացած ոգիները, որ հուր, սուր, կռիւ ես վրէժխնդրութիւն կը գոչեն։
Աւա՛ղ մարդկային թշուառաբախտ ընկերութեան, ով դիտէ, դեռ քանի՞ ժամանակ, քանի՞ դարեր աշխարհ իւր ազգերով ժողովրդով պիտի հեծեն աղիողորմ, երկրիս մեծամեծ պետական ծովեր պիտի խռովին, այդ ալիքներ կոհակներ պիտի հանեն. այդ ինքնավառ հրաբուխներ, ինչպէս դրեցի, միշտ պիտի բորբոքին, շարժեն երկրագունդ, աշխարհ սասանեն, ջրով ու մոխրով ծածկեն ժողովրդոց կեանքը:
Ոգիդ կը լքանի, որդեակ իմ, եւ յուսահատ կը լինիս, եթէ տակաւին աշխարհավար դիւանագէտներ այսպէս շարունակեն, աշխարհի վիճակ ու վախճանն ո՞ւր կը հասնի։
Ես խօսիմ քեզ, որդեակ. մեր աշխարհի կարգ ի սկզբանէ անտի այս է եւ այսպէս պիտի երթայ տակաւին։ Դու գիտե՛ս դեռ մարդն անհալ եւ անկատար հանք մի է. աշխարհիս պատահար քուրային մէջ, այսինքն կրակի եւ իւր արեան մէջ նա դեռ պիտի հաի ու մաքրուի, մինչեւ որոշուին ընտրեալներ, մինչեւ գայ ճշմարիտ քաղաքակրթութեան ոսկեդար, յորում աշխարհիս վարիչներ անկեղծ սրտով եւ անխաբ մտքով ընդունին Աւետարանի ընկերութեան եւ խաղաղարար ոգին։ Մեռնին երթան աշխարհիս երեսէն խռովարար եւ անարդար տիրապետող ոգիներ։ Այն օր միայն հաւատանք, որդեակ, որ Դաւթի գուշակութիւնը տիրապէս կը լրանայ. «Եղիցի խաղաղութիւն ընդ ամենայն երկիր, եւ ի վերայ գլխոց լերանց։ Առցեն լերինք զխաղաղութիւն ժողովրդեան եւ բլուրք զարդարութիւն»։
Դառնանք այժմ խօսինք ընկերսիրութեան այն պարտիքներու վերայ, որոց առ հասարակ պարտական են Աւետարանին հաւատացող որդիքներ։
Բայց թէ կ՝ուզես ճշդիւ իմանալ, որդեակ իմ, թէ ի՞նչ է ընկերսիրութեան պարտք, որչափ եւ մինչեւ ո՞ւր, եւ ո՞վ է մեր ընկեր. միայն մեր ընտանի՞ք, մեր ազգակա՞նք, մեր բարեկա՞մք, մեր դրացի՞ք, մեր ազգայինը կամ հայրենակի՞ցը, եւ կամ այն մարդի՞կ, զորս մենք կը ճանաշեմք։ Ո՛չ, Աւետարանի ընկերսիրութեան պարտիքը ընդհանուր մարդասիրութիւնն է. երբէք այդ խտրող բառերը չի ընդունիր. «Եթէ սիրէք դուք զսիրելիս ձեր, կամ փոխ տայը միայն բարեկամաց ձերոց, ո՞ր շնորհ է ձեր», ասաց Քրիստոս։ Ուստի ընկերսիրութեան մեծ պարտիք պէտք է համատարածի բոլոր մարդկային ընկերութեան վերայ, չխտրելով երբիք, ոչ ազգ, ոչ կրօնք, ոչ մեծ, ոչ փոքր, ոչ ծանօթ, եւ ոչ անծանոթ, այլ ընկեր համարել հաւասարապիս ամէն մարդ որ իւր նմանակից պատկեր կը կրէ։
Եւ այս ապացոյց՝ մի առակ բերեմ քեզ Աւետարանէն, որով ծայրագոյն ընկերսիրութեան օրինակը կուտայ Յիսուս իւր բոլոր հաւատացելոց։ Երբ կեղծող օրինական դպիր մի փորձելով զՅիսուս կը հարցանէր.— Վարդապետ, զինչ գործեցից, զի կեանս յաւիտենականս ժառանգեցից։ Յիսուս պատասխան կուտայ. Յօրէնս զի՞նչ գրեալ է եւ ո՞րպէս ընթեռնուս: Կը պատասխանի դպիրն. թէ՝ Սիրեսցես զՏէր Աստուած քո յամենայն սրտի քումմէ։ Յիսուս դարձեալ կը պատասխանի. Ուղիղ ետուր զպատասխանիդ. զայդ արա եւ կեցցես։ Պարծող դպիրն սկսեց կրկին անգամ հարցնել. «Եւ ով է իմ ընկեր՝. որպէս թէ չդիտէր։ Յիսուս յայնժամ ճշմարիտ ընկերսիրութեան՝ եւ սքանչելի առակով մի պատասխան տուաւ։
«Այր մի իջանէր յԵրուսաղէմի յԵրիքով, անկալ ի ձեռս աւազակաց» եւ այլն։
Դու շատ անգամ լսեր ու կարդացեր ես այս խորհրդաւոր առակը, որով Յիսուս ընդհանուր եւ անխտիր մարդասիրութիւն կուսուցանի, եւ աշխարհիս համայն մարդկային ազգը միապէս ու հաւասար ընկեր կանուանի։ Յիսուս Մովսիսի նման միայն Եբրայական ազգին մարդ չէրք որ խաբիր Եբրայեցին ու Եգիպտացին. այլ նա համայն աշխարհի, համայն ժողովրդոց մարդն էր: Նա չը գիտիր երբիք Հրեայն եւ Սամարացին խտրել։ Այնպէս կը թուի թէ այդ հարցարան օրին ասիր դպիրն Հրեայ իր, որ զՍամարացին մահու չափ կատէր. Քահանայն եւ Վեւտացին եւս Հրեայ էին. որք ճամբու վերայ ինկած անյարիր արիւն շաղախ վիրաւորը տեսան եւ առանց երբիք կարեկցելու՝ անցան գնացին։ Չը գիտենք թէ աւազակներէն հարուածեալ անձն ի՞նչ ազգի էր. Յիսուս նորա ազգի անունը կը պահի եւ կը յիշէ միայն անկեալ թշուառին կարեկցող մարդ որ բնիկ Սամարացի էր, եւ իսկոյն գթացաւ խեղճին վրայ, պատեց ու դարմանեց նորա վէրքը։
Ով գիտէ, գուցէ անկեալ վիրաւորն եւս կամ Սամարացի էր եւ կամ անծանօթ մի անձն, սորա համար այդ երկու անցնող Հրեայ ուղեւորներն մոլեկրօնութեամբ իրենց սիրտը խստացուցին եւ չուզեցին տեսնալ անկելոյն աղէտը։
Երանի՜ քեզ, որդեակ իմ, թէ ազնուասիրտ լինիս եւ այս առակի օրինակէն Քրիստոսի քարոզած ընդհանուր ընկերսիրութեան եւ մարդասիրութեան օրէնքը սրտիդ մէջ խորագոյն դրոշմես, գթասիրտ գորովասիրտ լինիս, այս աշխարհիս հրապարակին վերայ անկեալ վիրաւորներ շատ կան, չէ թէ միայն ամայի լեռներու մէջ ուր աւազակաց որջերն են, այլ նոյն իսկ բազմաժողով քաղաքներու եւ շինութեանց մէջ. եւ ոչ զարկեր ձգեր է ի գետին.— զօրաւորաց զրկանք եւ հարստահարողաց ձեռք։ Երբ կը պատահին քեզ այդպիսի զրկեալներն, անկարեկից աչքո՛վ մի տեսներ եւ անցնիր առանց կատարելոյ ընկերսիրութեան պարտիքդ որչափ եւ կարող ես։ Աշխարհիս թշուառներ մի զններ թէ ով են, քո պարտիքն է թշուառին վերայ գթալ, քեզ ի՞նչ փոյթ նորա լեզուն եւ կրօն։
Յիշէ, որդեակ իմ, Յիսուսի վերջին պատասխանը, զոր տուաւ օրին ասէր դպրին, «Զայդ արա եւ կեցցես»։ Գնա կատարէ ընկերսիրութեան պարտիքներդ. եւ յայնժամ կապրիս դու։
Այլ աւա՜ղ, չը գիտեմ թէ մարդիկ ե՞րբ պիտի ճանչնան այդ մեծ բարոյական զօրութիւն, այդ երկնային զօրավիգ ձեռք, զոր Յիսուս տուաւ իւր հաւատացեալ ժողովուրդին եւ զայն այդ զէնքով զինուորեց, որպէս զի նա կռուի աշխարհի դէմ։
Բոլոր կեանքդ եւ քո անձն թէ Աւետարանին եւ թէ նորա քարոզած ընկերսիրութեան համար նուիրես՝ արժան է։ Սիրոյ մեծ օրինակ մեր առջեւէն անցաւ գնաց Գողգոթային գլուխ։ Սէրն ի սէր մարդկային ընկերութեան նուիրեց իւր անձն, եւ որ բանիւ կը քարոզէր զայն՝ արդեամբ կատարեց աշխարհին առաջ։ Տեսէք ու չափեցէք, մարդիկ. Մեծ քան զայս սէր ոչ գոյ.
եթէ ոք զանձն դիցէ ի վերայ բարեկամին. ասաց եւ մեռաւ։ ՎԵՐՋԱԲԱՆ
ՍԻՐԱՔ ԵՒ ՍԱՄՈՒԷԼ
ՑԱՆԿԱԼԻ որդնակդ իմ Սամուէլ, կնանքիդ առաջին շրջանի դասերն աւարտեցի. թոյլ տուր ինձ որ փոքր մի հանգչիմ, միտքս ու հոգիս կազդուրի, թէ ողջ մնամ ես, եւ Աստաած զքեզ ողջ պահէ, մի բարեդէպ ժամանակի մէջ կսկսիմ դարձեալ խօսիլ երկրորդ շրջանի դասերդ, զի դեռ եւս գրել կը սիրեմ, ոգիս յօժար է. եւ դու լսել ու կարդալ կը սիրես, ոգիդ փոթեռանդ է, գիտես ու կը ճանաչես քո յառաջդիմութեան ժամանակ:
Հայրական ու կրթական դասերս խնամով պահէ յուշիդ, միշտ յիշէ թէ՝ եւ ես քանի խնամով եւ սիրով խօսեցայ քեզ, ես քո սերմանացան մշակն եմ, որդեակ, այս իմ սեւ սեւ գրեր իբրեւ մի մի ցորենահատիկ սրտիդ պարարտ երկրին վերայ ցանեցի այժմիկ. երկինք իւր արեւով եւ անձրեւով բուսուցանէ, եւ Աստաած աճեցացանէ, ինչպէս կը խոստովանի Պօղոս: Դու պտղաբեր լինիս այնչափ մինչեւ միոյն տեղ հարիւր բերես, եւ ես ու քո հայրենեաց կարօտ որդիքները՝ ուրախ ուրախ վայելենք քո առատ ու շահեկան արդիւնքը:
Քրիստոս իւր աջով զքեզ օրհնէ, ինչպէս օրհնեց իւր մշակ աշակերտները. եւ դու երթալով պտղաբեր լինիս, եւ քո բարի պտուղն ու յիշատակ մնալ աշխարհիս վերայ:
Ես քո հայր Սիրաք ամենայն խնամով աւանդեցի քեզ այս դասեր եւ դու երկիւղած հնազանդութեամբ լսեցիր, բայց գիտցիր, որ միայն լսելով չեն արդարանար, այլ առնելով եւ ուսուցանելով: Եւ դու այժմէն ուխտ դիր որ իմ դասերս որդիներուդ աւանդես եւ այսպէս յորդւոց յորդի, թոռնէ ի թոռ շարունակուելով՝ անմոռաց եւ կենդանի կը մնայ Սիրաքայ հօրդ խրատներ ու դասեր, որով տիրապէս կատարող կը լինիս Առակաց բանին. «Որդեակ, զօրէնս իմ մի մոռանար եւ զբանն իմ պահեսցէ սիրտ քո, իխ երկայնաւուրբք լիցիս ի վերայ երկրի»:
|
|