«Սիլիհտարի պարտեզները»–ի խմբագրումների տարբերություն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
 
Տող 660.
Հայրս ունէր լեարդի հիւանդութիւն մը, որ երբեմն սաստիկ խիթեր կը պատճառէր իրեն։ Այդ ցաւերը յանկարծակի կը յայտնուէին եւ հայրս տուն կը դառնար եւ կը պառկէր։ Բժիշկի կարծիքով այդ ցաւերը անտանելի էին, բայց հայրս կը ջանար իր կամքի ուժովը յաղթահարել անոնց։ Երբեմն, հակառակ այդ կամքին, բառաջիւնի նմանող խուլ աղաղակ մը կը հասնէր մինչեւ վարի յարկերը, ուր մեզ՝ երկու երեխաներս կը պահէին, որպէսզի աղմուկ չընենք տան մէջ։ Հօրս դիմադրութիւնը ցաւին, այն բանը, որ իմ սիրելի հայրիկս երկու ցաւի մէջ կը ժպտէր եւ մօրս հետ կը կատակէր, որպէսզի սիրտ տայ անոր, ինչպէս մօրաքոյրերս կը պատմէին զարմանքով, այդ բոլորը խոր ազդեցութիւն կը գործէին իմ վրաս։ Ու երբ երկու-երեք օր յետոյ, հայրս կ’ելլէր անկողինէն, դեռ տժգոյն, բայց արդէն ամուր իր սրունքներուն վրայ, ինձ կը թուէր որ ան յաղթած է աներեւոյթ հրեշի մը եւ ան հերոս մըն է։ Ու ես ալ կ’երազէի ըլլալ իրեն պէս ու յաղթել բոլոր հրէշներուն, ունենալ առիթ յաղթելու հրէշներու։ Ու ամէն ինչ ինձ կը ներկայանար հրէշի պատկերով։ Հիւանդութիւնները հրէշներ էին, չքաւորութիւնը, որու մասին կը խօսէին արդէն, զզուելի հրէշ մըն էր եւ մեծերու մեծերը անտանելի հրէշներ էին, առասպելական արարածներ, որոնց կոտոշներէն պէտք էր բռնել եւ սանձահարել…
 
Մանչ ըլլայի՜ եւ ըլլայի չէրքէզ, էշքեա<ref>Աւազակ։</ref>, <i>խաչախճի</i>, լեռը ապաստանող աւազակ… եւ արդարութիւն գործադրէի ու այդ ընելու համար կը մեռնէի հեշտանքով։