Տեսութիւններ ամուսնական հարցերու մասին

Տեսութիւններ ամուսնական հարցերու մասին

Հռիփսիմե Արապյան

1. «Ըլլայ այրը, ըլլայ կինը ամուսնութենէ վերջ կարո՞ղ են փակել այլեւս իրենց սիրտերը արտաքին նոր սէրերու և ինքնահարոյց ցանկութիւններու»:

Վեր կ'առնեմ այս հարցը իբր նիւթ խօսակցութեան, միւսները ինքնին լուծելի կը նկատեմ դատելով այն եզրակացութենէն, որուն պիտի յանգիմ:

Որքան բարդ ըլլայ մարդկային զգացողութիւնը և հոգիի բազմազան երանգներու ցոլացմունքը, ա՛յնքան կը բնորոշէ ենթակային մտաւորական մշակութային վիճակը: Այսպէս ես կը կարծեմ որ մշակութային զանազան փոիլերէ անցնող մէկը` շատ աւելի բարդ է հոգեբանօրէն քան ուրիշ մը որուն միտքը պահած է իր առաջին ծալքերուն դրոշմը և գիտականապէս առանձգական ընդլայնման չէ ենթարկուած. ապա ուրեմն պարզ և բարդ զգացողութիւններ կան: Անոնք որ հոգեբանօրէն բարձր կայքին վրայ կը գտնուին շատ աւելի դժուարահաճ են իրենց սէրերուն մէջ, քան միւսներրը որ ամբոխային խաւերուն կը պատկանին եւ որոնց ռամկական սէրերը անասնականութեան մօտեցող միամտութեան դրոշմը ունին: Ուրեմն երկու դասի բաժնելով մարդկային ընկերութիւնը, նախ քննենք թէ ի՛նչ են պատչառները ընկերային սայթաքումներուն:

Ամուսնութիւնը խարիսխ նկատուած է ընկերական կազմակերպութեան ընտանիքները յաջորդական օղակներն են այդ կազմակերպութեան որոնք հետզհետէ անհունօրէն կ’երկարին մէջ ընդ մէջ, ամէն նոր ընտանիք որ կը կազմուի կ;ըլլայ մէկ օղակը այդ ընկերական շղթային. Սերտօրէն ագուցուած, լաւ կռանուած օղակը զօրաւոր կը գործէ ընկերութեան այդ անհունօրէն երկար օղակաւորումը: Արդ` իւրաքանչիւր բաժանում պարտաւոր է պահել ընկերական կազմին ներդաշնակութիւնը, կնքելով այնպիսի ամուսնութիւններ որոնք կարենան պատշաճիլ իր ըմբռնումներուն, դասիարակութեան ևլն. ևլն…: Այն ամուսնութիւնները որ միմիայն ծնողական հեղինակութեան իրաւունքէն կը բղխին, ուր ամոլները պարտաւոր են իրենց ճաշակները պատշաճեցնել ծնողական պահանջներուն, անոնց գեղեցկագիտական ըմբռնումներին, անոնց տեսակէտներուն, անոնց համակրութեան, անոնց եսասիրութեան, անոնց ընչաքաղցութեան և վերջապէս անոնց բարդ զգացողութեանց ամէն մէկ փուլերուն, ամենայոռի պայմաններու մէջ կռանուած դաշինքներ են. երկու անծանօթներու դիպուածական հանդիպումը անոնց ոչ մէկ ինչը, ոչ մէկ ճաշակը, ոչ մէկ բարեմասնութիւնը զիրար կը խաչաձեւէ. Գռեհիկ միութեամբ շղթայուած` ընտանիքներուն շարքին մէջ գէշ կռանուած օղակներ, առաջին ձգտումէն պատրաստ քայքայելու, առաջին հանդիպումէն` սայթաքելու: Դարձեալ մշակութային բարձր կայքերու պատկանող, ընկերային , բարձր դասակարգը կազմող այն ընտանիքներու մէջ ուր ամուսնութիւնները տեղի կ’ունենան աստիճանի, հարստութեան, ազնուապետական ըմբռնումներու և նախապաշարումներու զուգակշիռ պայմաններու մէջ, ենթակաները դժուար թէ կարենան երջանիկ ամուսնութիւն մը կնքել:

Որպէս զի կարելի ըլլայ ընկերային կերտուածքը ձերբազատել կեղծիքէ և ձեւականութենէ, պէտք է որ ամուսնական դաշինքները լաւ կերպով կռանուին, փոխադարձ սէրի և յարգանքի ուժգին տիրականութեամբ, ճաշակի եւ գաղափարի սերտ մտերմութեամբ. պէտք է որ ամուսնութիւնները ըլլան ամէն բանէ վեր երկու հոգիներու միացում. հրամայականօրէն անհրաժեշտ է այս: Չեմ կարծեր որ լաւ հիմքերու վրայ բարձրացող ամուսնութիւնները կարենան նոր սէրերու գահավէժ յորձանապտոյտ վազքին մէջ բռնուիլ վերստին. ու եթէ տկարութեան վայրկեանի մը յանցապարտ յոյս մը ծագի յանկարծ միոյն կամ միւսին մտքին մէջ, րոպէական մտածում մը միայն կ’ըլլայ այն. զգացումները չեն որ կը վարեն միայն մարդ արարածը այլ նաև բանականութիւնը:

Ուրեմն իրերու անբնական վիճակը որ յառաջ եկած է վերջի տարիներս, զարհուրելի ըմբռնումները ախտաւոր սէրերու օրինականացման կամ չքմեղացման, աղիճներու անկեղծութեան տարփողումը, սարսռազդեցիկ իրողութիւններ են որ կը հարկադրուին պարկեշտ ընտանիքներով բեռնաւորուած մաքուր ընկերութեան: Բաներ կան, հին կարգեր որ պէտք չէ փոխուին յանուն ընտանիքի սրբութեան և սերունդներու ազնուացման. մարդկային ընկերութեան լուծելի հարցերու սեղանին վրայ նորեր ալ չաւելցնենք, երբէ՞ն ի վեր է որ մոլութիւնները օրինականացնելու համար օրէնքներ կը դարբնուին, ապա ուրեմն ինչո՞ւ գողերուն հմար ալ չքմեղացուցիչ կարգեր չհաստատենք, քանի որ անոնք ալ նոյն չափ անպատասխանատու մոլութեան մը ենթակայ զոհեր են:

Չեմ կրնար հասկնալ պատուաւոր ընտանիքներ որոնք ամէն խայտառակութիւն կը կիրարկեն. քօղածածուկ չէ քօղը ամէն ինչ կը ծածկէ կամ ոչ. այդ չէ՞ խնդիրը, ախտը կը ճարակի. օրինակը, երբ բարձրէն կու գայ ահռելիօրէն տարփոխիկ է. մենք պէտք չէ թոյլատու օրէնքներ դարբնենք անբարոյիկ բարքերու և մանուածապատ բարդ խնդիրներ յօրինենք անկարելիին համար. Միակ բան մը ունինք ընելիք. ինչ բարձրութեան վրայ ալ ըլլայ ախտավարակ կւնը հարկէ կախակայել զայն որպէս զի կիսաշխարհիկ բարքերը չսպառնան մաքուր խաւերուն. որպէս զի ախտաբոյր նայուածքները, ժպիտները և խենէշ աղտոտ խօսռտուքներուն արձագանգները չթափանցեն մաքուր յարկերէ նէրսթողունք կիսաշխարհիկները. անոնք ինկածներն են, փտութիւններ` որոնց խաթարուած հոգիներուն կարելի չէ տալ իրենց երբեմնի թարմութիւնը: Պատերազմի տարիներու կապոյտ գիշերները. անհաւատալի շուայտութիւնները, ահաւոր ուրախութիւններ բերին գերագրգռուած սերունդի մը. անօթութիւնը և մահը յաղթահարեցին մութ խաւերու կիներուն… բայց ի՞նչ ըսել այն կիներուն, որոնք ոսկեղէն հորթեր, իրենց անձը պաշտամունքի առարկայ ըրին:

Ու մենք ատո՞նց համար է որ պիտի յոգնինք «փոխադարձ յարաբերութիւններու բրէսթիժը յարգելի ընծայել:»

Ես մէկ բան միայն պիտի ըսեմ. մաքուր կինը ամէնէն բարձրն է, մաքուր այրը բարձրագոյն ևս: Քիչ մըն ալ մաքուր ազգերու բարոյականին հետեւենք քանի որ հետեւողականութիւնը մեր ախտն է. օրինակ առնենք Ալպիոնի նահանգապետական ընտանիքները կամ գերման ընտանիքներու մաքուր բարոյականը: