Փշուր մը հինէն 1
ՓՇՈՒՐ ՄԸ ՀԻՆԷՆ
Զատիկն ալ եկաւ անցաւ։ Բարի Աստուած Յարութեան Կիրակին շնորհք ըրաւ, ամպերէն դուրս պահեց արեւը. Մեռելոցի Երկուշաբթին ալ այնպէս. ա՛լ անկէ վերջը անձրեւ ու կարկուտ ի՛նչչափ որ սիրտ կրնային քմել։
Հին, բարի ատեններու այլ մանաւանդ մեր գեղին Զատիկն ալ այսպէ՞ս կ’անցնէր։ Ան ատեն, որչափ կրնամ յիշել, աչք ու ականջ անուշ յափրացումի մէջ դնող բաներ կը տեսնէինք չորս կողմերնիս, եւ վերերն ալ խտուտիկ թռչուններու բիւրաձայն շվոցներ կային։
Հաւկիթը անպատճառ սոխի փուրով կարմրցուած՝ վարդի կարմիրը կ’ընծայէր մեր աչքին. անկէ հատ մը ձեռուընիս՝ երկրագունտը ձեռքի մէջ բռնած ըլլալու վէս վիզը կը ցցէինք։ Ուռենիէն սուսիկներ շինելու խենթ մը եղած էի, այդ պատճառով զմելի մը ամբողջութեամբ կամ գոնէ մաշած շեղբ մը, բութ, կարճլիկ, պատրաստ կ’ըլլար քովս. ուզած ուռենիս ո՛ւր կրնայ գտնուիլ, մութին մէջ ալ կրնայի երթալ գտնել. ատիկա առաջին յաջողութիւնը կ’ըլլար ինծի համար։ Անկէ վերջն ալ, ա՜խ, սուսիկս ամէնէն սուր ձայնը կը ծաւալէր, էն հեռուները. ու այդ երկրորդին ալ տիրացած ըլլալու համար զմելիին կոթովը թեթեւօրէն հանուելիք ճիւղին կեղեւը կը ծեծէի, որ ճեղքռտուելու պէս պատահականութենէ ազատ մնայ սուսուն, «իմ սիրական շչակս»։ Գործողութիւնը ընելու վրայ՝ անպատճառ բան մըն ալ կար որ չպիտի մոռցուէր ըսել. «Ուռի՛, ուռի՛, ազտուռի, մէ՛մէ՛ն երթըմ ջաղչիպան, քըզի բերիմ լէ՛պու լէ՛պու մատնեստան, իմը չէ՛, քուվը չէ՛, թագաւորին երկու տղին մանչինն է»։
Սուսու, հաւկիթ ձեռքս՝ տեղ մը հանդարտ տիտիկ չէի կրնար ընել, մացառի ճնճղուկին չափ ազատ ու անկաշկանդ մէկ կրունկով հազար տեղ կը փոխուէի։ Մեծ ճամբուն վրայ հաւկիթ զարնող խումբերը փրփրած բերնով իրար կը քճքճեն. անոնց կ’երթամ, աղմուկն ի՛նչպէս պատմել. «Դոր կեցիր, վեր բռնէ՛, ծէրը ծէրին, ետեւն ալ դարձուր, թիք, թաք, չը՛դ, գնաց, տո՛ւր հաւկիթը»։ Տա՛լ, ի՜նչ դժուար պահանջ. յանձնումը կ’ուշանայ քիչ մը, յաղթուողի ծեքծեքումներ, ու ծեծկըւուքներ ալ. կոտրած հաւկիթը գտած է տէրը վերջապէս։ Այստեղ փակուած կ’ըլլայ խնդիրը՝ անդին ուրիշ մը կը սկսի, ամէն կողմ հաւկիթի կռիւն է եղածը, մեծերը մեծերուն հետ, պզտիկներն ալ իրենց տարեկիցներուն հետ։
Պարի խաղերն ալ չեմ մոռնար, ամբողջ գեղը անոնց բոլորտիքը կը դառնայ։ Մեծ պզտիկ նորեր հագած են, կակաչի պէս գոգնոցներ, կարմիր մուճակ, կարմիր քղլիկ, կարմիրը սիրուն գոյնն է ամէնուն ալ վրայ։ Հարսներ, աղջիկներ, տարէց կնիկներ ալ մէջերնին՝ խոշոր բոլորակ մը կազմած՝ ճամբուն լայնքը լեցուցեր են, անցնելու տեղ չեն թողած։ Այդ բոլորակին կեդրոնը ուրիշներ ալ կ’երեւին խմբովին որ քիչ մը վերջը պարին պիտի մասնակցին յոգնողներուն տեղը բռնելով. ոմանք ալ յատկապէս իրենց ծաղկատի հարսնուկին պօյը պօսը դիտելու համար կը սպասեն այդ մեծ O-ին մէջտեղը՝ անպատճառ։ Իրենց նշանածի պէտք ունեցող երիտասարդներն ալ երկու երեք օր շարունակ այդ տեղերէն չեն հեռանար։
Խաղցողներուն մէջ մէկ տարուընեկ հարսները գլխնուն վրայ քօղք կը կրեն, հասուն կնիկները ու աղջիկները բաց գլուխով կ’երեւան, ու դէմքերու հազար ու մէկ այլազանութիւններ կը պարզեն։ Կնիկներու կոչումն է պարերգը ըսել դիմացէ դիմաց դիրք առած. անոնց ներկայութիւնը քիչ մըն ալ հարսի, աղջկայ համարձակութիւն թելադրելու իմաստն ունի. — ու մեղմօրօր տատանումներով եկու ձեռուընին իրարու կուրծքի հիւսած պահ մը հէնց ետ առաջ բայց միշտ դէպի աջ, պահ մըն ալ վեր վեր թռչկոտելով՝ կը դառնան, կը ճորան, կ’երգեն, կը քրտնին, յետոյ ուրիշներ կը յաջորդեն, անոնք ալ մինչեւ իրիկուն այնպէս, մինչեւ որ ժամուն զանգակը ամէնքն ալ իրենց տնուըները ղրկէ, շատերն ալ ուղղակի եկեղեցի։
Եւ ասոնց քով ալ երկար չէին կրնար սպասել։ Այգիները կ’անցնէի. ինծի համար փունջ մը ծաղիկ ամէն բան էր. հաւկիթէն շատոնց ձանձրացած կ’ըլլայի, աչքս այն տեղերը սիրուն կէտի մը վրայ չեմ գիտեր ինչպէս՝ մագնիսացած ասեղի մը պէս կը կպչէր, ու ա՛լ չէր զատուեր այն տեղէն. այդ միեւնոյն ատեն կուրծքիս տակ ալ մրջիւնի ճանկռտուքներ կը զգայի։ Ի՞նչ կայ այնտեղ, թռչուն չէր տեսածս, նոր աշխարհ եկած գառնուկի մըն ալ պատկերը չէր ան։ Անոր պէս ո՞ւր տեսած կրնամ ըլլալ. քիչ մը ժամուն սիւնին վրայ տեսածիս կը նմանցնէի. երեսին կարմիրը ծաղկեփունջիս չամչուկին գոյնը կը տեսնեմ, ակռաները ապրուկ-մեռնուկիս ճերմակութիւնն ունին, նուրբ, քնքոյշ ու գեղեցիկ. Զատի՞կն ըլլայ այն. ժամն անգամ մը ոտքերս չուան ձգած զիս իրեն կը քաշէ։
Այդ սիրուն Զատիկի պատկերը մինչեւ հիմա ալ տակաւին ջնջուած չէ մտքէս. Զատիկ ու Բուբուլ, երկու անուն ունէր այն գիւղացի պզտիկ աղջիկը։
Երջանի՜կ տարիներ մանկութեան։
«Հայրենիք», 1895