100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան
ԳԻՐՔ ԱՌԱՋԻՆ՝
ԵՐԳԵՐ ՈԻՐԱՑՄԱՆ եւ ԶՂՋՈՒՄԻ
Այս օրերուն, Լոս Անճելըսի մէջ կը նշուի ծննդեան հարիւրամեակը բանաստեղծի մը, որ կ՚ապրի ու կը շնչէ ու ներշնչում կը պարգեւէ իր այցելուներուն։
Քիչ անգամ պատահած է հայոց տարեգրութեան մէջ, որ հայ բանաստեղծ մը հասնի տօնելու իր ծննդեան հարիւրամեակը։
Եթէ տասնեակ մը տարի առաջ այդ քիչերէն մէկը Եղիշէ Այվազեան բանաստեղծն էր, որ կնքեց իր մահկանացուն 103 տարեկանին, այսօր, երկրորդ ուրախալի բացառութիւնը Ալեք Գլըճեանն է։
Մեր առաջին հանդիպումը ապրող այս բանաստեղծին հետ տեղի ունեցաւ գիրքի ճամբով, 1944 թուականի Նոյեմբերին, Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան մատենադարանին մեջ, երբ օրուան մատենադարանապետը՝ ուսանող Զաւէն Կէօքճեան, մեր.- լաւ զոյգ մը գիրք տուր, հաճիս - խնդրանքին վրայ, երկարեց մեզի Անդրանիկ Անդրէասեանի «Սպիտակ Արդարութիւն» հատորն ու Ալեք Գլըրճեանի
5
կողքին վրայէն մեէ կը նայէին երկու անուններ. առաջինը գիրքին անուանակոչումն էր՝ «Երգեր Ուրացման եւ Զղջումի» ու երկրորդը՝ անունը հեղինակին:
Այդ օրերուն Մելգոնեանը եռուն փեթակ մըն
էր, երբ հաստատութեան հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասախօսը՝ բանաստեղծ Վահէ-Վահեանն էր, երբ դպրոցին գրեթէ բոլոր աշակերտները հայ գրականութեան խանդավառ ընթերցողներն էին, երբ ամէն դասարան ունէր իր յատուկ գրական ձեռագիր ամսագիրը։
Ուսուցիչը կրցաե էր փոխանցել ընԹերցումի
ոգեւորիչ սէրը էր աշակերտներուն, երբ տղաք մրցումի հրաւէր կը կարդային իրարու, թէ իրենցմէ որո՞ք, մէկ շաբթուան ընթացքին, քանթ գիրք պիտի կարենային կարդալ:Կը բացուէին վէճաբանութիւններ, Թեր ու դէմ կարծիքներ նիզակ ու վահան կը դառնային մատղաշ մեր հոգիներուն մէջ:
Ահա այդպիսի մթնոլորտի մը մէջ մենք կարդացինք
յիշեալ երկու գրքերը ու պատանիի մեր հոգին ունեցաւ ալեկոծում երբ Անդրէասեանը կը խօսէր հոն «Կոտրած Թեւերով Հրեշտակներ»ու մասին ու արդարութիւն կը հայցէր անոնց համար, երբ Ալեք Գլըճեանը էր սիրտին ալիքներէն բխած շառաչուն խօսքերով հեռադիրի մը անմիջական ազդեցութեան ներգործումը կը կատարէր մեր հոգիին վրայ:
Կրկին ու կրկին կարդալով այս 1938 Թուականին
Նիւ Եորքի մէջ լոյսին ընծայուած գիրքին ընծայականը, շշմած, մենք մեղի այլ բարձրաձայն կ՝ըսէինք– Գիրք մը, հատոր մը չէ՞ ր արժէր այս նախաբանը, որ ահաւասիկ, ընթերցող, մեր կարգին մենք եւս ձեզի կը մատուցենq այդ հրաշէկ խօսքերը, որպէսզի դուք ունենաք ձեր սեփական կարծիքը ըսուածին մասին․-
«Սրտագին նուէր՝ Շունի մը, որ չուզեց գաղթական ելլել, ու նահատակուեցաւ․ եւ որուն կմախքը որջի մը առջեւ փռուած գտան ետքէն, ի՛ր որջին, ու կզակը հողին խրած։ Հո՜ղ՝ զոր պաշտպանել ուխտած Էր իր տիրոջ։
Իսկ տէ՞րը․- բիո՜ւ, կ՚ըսեն թէ հայ մըն էր ան, ու հիմա, իր հողէն հեռու՝ անդառնալիօրէ՜ն, հայրենալքումի մրրկող ապաշաւը իր հոգւոյն, կը մեռնի՛ այլ, քիչ մը ամէն օր։ ՈՒ չի հատնիր․․․»
Կարդացիք արդէն, վստահ եմ, ու պահ մը պահեցիք ձեր շունչերը այս կապարէ խօսքերուն դիմաց:
Այս ընթերցումէն ետք, մենք չենք գիտեր, թէ դուք ինչ ըրիք, սիրելի ընթերցողներ, բայց մենք, այդ օրերուն 16 տարեկան պատանի, վերցուցինք թուղթ ու գրիչ ու մեր կարգին կապարէ խօսքերով նամակ մը յղեցինք հեղինակին որուն մասին արդէն հաւաքած էինք որոշ տեղեկութիւններ․- օրինակ իմացած էինք որ Ալեք Գլըճեանը ծնած է 1900 թուականին Զորք Մարզպանի (Տէօրթ-Եօլ) Օճագլը գիւղին մէջ, թէ ան 1915ին, մանուկ, անցած է անապատէն որպէս տարագիր ուր կորսնցուցած է իր ծնողները, թէ յետոյ, արդէն պատանի զէնք վերցուցած է Արարայի յաղթական ճակատամարտին մեջ, ապա, զինադադարէն ետք վերադարձած հայրենի տուն, մասնակցած Տէօրթ-Եօլի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն՝ պեխն ու մօրուքը սածիլի պէս նոր ծնած եւ յետոյ, ստիպուած վերցնել գաղթականի ցուպը, քսան տարեկանին հասած Ամերիկա։
7
Հոս կ՝ուզենք կանգ առնել, որպէսզի բանաստեղծին կենսագրութիւնը, քիչ մը վարը, տանք իր իսկ գրիչովը, քանի, այդ մէկը ոչ միայն աւելի հարազատ է, այլ նաեւ հնչեղ, զի գրուած է զմայլելի հայերէնով մը եւ ուր անկեղծութիւնը տօնահանդէսի տեսք ունի։
Այնուամենայնիւ չենք կրնար չաւելցնել, որ լսած էինք նաեւ, որ Գլըճեանը դադրած է ստեղծագործելէ։
Ուստի, բանաստեղծին յղած մեր նամակը առաւ խիստ շեշտ։ Աւելի քան կէս դարու հեռաւորութենէ մը վերյիչումի ճամբով ըսենք, որ գրած էինք այսպէս․-
«Սիրելի, սիրելի բանաստեղծ Ալեք Գլըճեան, ես ձեր ընթերցողն եմ։ Դուք սրտամօտ բանաստեղծ Էք։ Բանաստեղծը իր ժողովուրդին ոգին Է։ Կը լսեմ, որ դադրած Էք գրելէ։ Ի՞նչ է, կ՚ուզէք որ մեր ոգին մեռնի՞, դուք լռելու իրաւունք չունիք, ես ձեր նոր գործերուն կը սպասեմ այն վստահութեամբ որ պիտի ստանամ դրական պատասխան․․․»
Բայց, ընթերցող բարեկամներ, մենք այդ պատասխան նամակը չկրցանք ստանալ, որովհետեւ չգրուեցաւ այդ պատասխանը․ եւ գիտէ՞ք որքան ժամանակ, ամբողջ 40 տարի։
Ու քառասուն տարի, մեր գտնուած քաղաքներէն՝ Նիկոսիայէն, Հալէպէն, Պէյրութէն, Երեւանէն, մենք նամակներ գրեցինք Ալեք Գլըճեանին ու միշտ մնացինք անպատասխան։
Այս կացութեան մէջ սակայն մխիթարականը այն էր, որ մեր առաջին նամակէն ետք երբ ուրախութեան ողկոյզի կողովով մը նամակ յղեցինք Անդրանիկ Անդրէասեանին, ուր մեր Գլըճեանէն անպատասխան մնալու դժգոհութիւնն ալ յայտնած եղանք, արձակագիր ու խմբագիր Անդրէասեանը ոչ միայն սիրալիր պատասխան մը ուղղեց մեզի այլ յայտնելէ ետք, որ բանաստեղծը ստացած է մեր նամակը ու ըսած․- նամակը գրողը պատանի մըն է․ կը մեծնայ, ու կը հասկնայ Թէ կարելի է նաեւ չգրել, դադրիլ գրելէ․․․ ու միաժամանակ, Անդրէասեանը կը խնդրէր մեզմէ իր խմբագրած «Նոր Օր»ին համար ԹղԹակցութիւններ գրել Մելգոնեանի մէջ կատարուող գեղարուեստական շարժումներու մասին։
Այդ օրէն, Անդրէասեանի կնքահայրութեամբ, մենք դարձանք հայ մամուլի մէկ համեստ ծառան։
Եթէ դէմ չէք, եկէք այստեղ ձեզի ներկայացնենք, սիրելի ընթերցողներ, Ալեք Գլըճեանի ինքնակենսագրութիւնը, որպէսզի կանուխէն, մօտէն ճանչնաք այս բանաստեղծը ու ապա անցնինք իրմէ հրատարակուած երեք գիրքերու բովանդակութեան մատուցումի հաճելի աշխատանքին։
9
ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈԻԹԻԻՆ
Ալեք Գլըճեանի
Ծնած եմ 1900 Դեկտեմբեր 20ին, Չորք Մարզպանի Օճագլը գիւղը․ կէս հայ կէս թիւրք գիւղ մը՝ Ատանայի նահանգ, Թուրքիա։ Մեր սերտած պատմութեան գիրքերուն վկայութեամբ՝ Ցանկալի Կիլիկիա։
Հօրս անուը Եսայի,- գիւղական յորջորջումով՝ Այսէ Էֆէնտի - մօրս անունը Թագուհի (Կէպենի Գըզը): Հայրս երկայնահասակ, ջղուտ,թխորակ դէմքով ու անսովորօրէն պարկեշտ եւ ուղղամիտ մարդ մըն էր․ մայրս՝ կապուտաչուի, ձիւնասպիտակ մորթով, հաստաբուն եւ խորապէս բարեպաշտ կին մը: Իրենց ամուսնական անկողինը եղած էր խիստ բարեբեր դաշտ մը, լիառատ բերքով։ Պտղաբերութեան աստուածները տասներկու անգամ լեցուցեր էին մօրս կողերը։ Բանակատեղի մըն էր մեր տունը, համաչափ բաժանմունքներով,- վեց տղայ, վեց աղջիկ։ Վաշտին 10րդ հերթապահն էի ես։
Ատանայի ջարդին՝ ծնողքս կը փոխադրուի Չորք Մարզպան, Ալեքսանդրէթի ծովախորշին դիմաց զուտ
10
լեռնաշղթայի մէկ փէշին։ Կ՚ըսուի թէ Զորք Մարզպանցիք որպէս հանդարտ, կռուազան ու յանդուգն ժողովուրդ, օր մը երկինք կը ճամբորդեն, եւ Աստուծոյ մրափած մէկ պահուն կտոր մը դրախտ կը գողնան ու կը վերադառնան տուն: ԱյդպԷս է որ քաղաքի հովեր առած մշտադալար նարնջենիներու հսկայ անտառի մը մէջ կը բնակէին Զորք-Մարզպանցիք` ականջնին տուած իրենց երկու կողերէն անցնող գետերու խենդ կանչերուն։ Ատոնցմէ մին Տէլի Զայ կը կոչուէր։
Զորք–Մարզպան։ Ըմբոստ հայութիւն մը կը տիրէր այնտեղ` ազատագրութեան հեռաւոր բայց շեշտուած ձգտումներով: Օր մը, սակայն, Համիտեան շրջանին, պետական պաշտօնատարներ՝ մօտակայ աւաններու Թուրք մոլլաներու ընկերակցութեամբ, քննութեան կու գան հոն։ Նոր անունակոչութեան մը խրախճանք պիտի սարքեն եղեր։ Ու յանկարծ գիւղը կը պառկեցնեն իր կռնակին վրայ, կը թլփատեն զայն, եւ «եղիցի անուն քո Տէօրթ-Եօլ...»:
Եւ այդպէս ալ Թողուցինք զայն ու հեռացանք։ Թրքախօս ընտանիքի մը մէջ ծնած, հայերէնս սորված եմ տասը տարեկանէս վերջ, ջարդէն յետոյ, տեղական դպրոցներէն ներս, ուր հայերէն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցումը տենդագին արշաւի մը վերածուած էր։ Օսմանեան նոր սահմանադրութեան ընծայած ազատութիւնը լիապէս օգտագործելու հեռահաս ծրագիր մը կար այն ատեն։
Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի (նախակրթարան) վերջընթեր դասարանի աշակերտ արդէն գաղթի
11
դէպի Հալէպ, Սուրիա, յետոյ անապատ՝ տեղ մը՝ Հոմսի եւ Դամասկոսի մէջտեղ։ Սակաւաթիւ վերապրողներուն մէջն եմ ես ալ։
1918ին, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Զինադադարէն ետք, ընտանիքէս երկու հոգի միայն՝ փոքր եղբայրս եւ ես կը վերադառնանք մեր կիսաւեր տունը, Տէօրթ-Եօլ։ Դպրոցները կը վերաբացուին․ կը վերսկսիմ ուսումս՝ կարելի խոստումներով:
Ֆրանսական գրաւումով Կիլիկիոյ․ հայ–լեգէոնական խանդավառութիւններ․ Հայ-Թրքական բախումներ․ Կիլիկեան երազ․․․ եւ ի վերջոյ եղերական քայքայում։ Կռուի, սպանութեանց, փոխվրէժի մչտական թատրոն մը ամէնուրեք, եւ դպրոցական չրջանաւարտութեան վկայական մը կը տրուի ինծի։
Վառօդի հոտ կու գար անկէ։
1920 ի վերջերը, 1921 ի սկիզբը, նոր «գաղԹ» մը ինծի համար։
Կը մեկնէի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Կ՚արձանագրուիմ Ամէրիքըն Ինթըրնէչընըլ Քոլէճ Օֆ Սբրինկֆիլտ-ի մօտ իբրեւ ուսանող։ Նիւթական պայմաններու ճնշումին տակ կիսաւարտ, կը հաստատուիմ Լօվէչ, Մէս․ 1917 էն հոն բնակող մեծ եղբօրս քով։ Տաժանագին առօրեայ․ կ՚աշխատիմ օրապահիկ մը ճարել, երեկոները հետեւելով գիչերային դպրոցական դասընթացքներուն։
Շրջանաւարտ վերջապէս։
1926ին կու գամ Նիւ Եորք։ Կը մխրճուիմ ազգային, կուսակցական-հասարակական կեանքին մէջ։ Գործի, պաշտօնի նախասիրութիւններ կան։ Կ՚երթամ այնտեղ
12
ամուսնութիւն, զաւակներ, բայց միշտ տեւական ճիգ` ինքնազարգացման ուղիով։
Վախով ու վարանքով գրական փորձեր կը կատարեմ «Պայքար» օրաթերթին մեջ: Ի՜նչ հրճուանք` կ՚ընդունուիմ: Քաջալերական տողեր կը ստանամ խմբագրութենէն: Եւ տակաւ` կը փնտռուիմ։ Օր մըն ալ թերթին «խօսք եւ խոհք» սիւնակը նորայայտ գրողի մը գիւտը կը յայտարարէ: Ընթերցողներու սիրտին ու միտքին խօսող անծանօթ․․․ բանաստեղծ մը կար մէջտեղ:
Քիչ վերջ` կարգ մը գրասէր տղոց հետ («Նոր Գիր»ի տղաք) Նոր Գիր գրական սիւնակը պիտի հաստատէինք հասնելու համար Նոր Գիր ամսագիրը հրատարակելու յանդգնութեան: Այգ շարժումին տղոցմէ ոմանք ամերիկահայ ճանչցուած հեղինակներ պիտի դառնային շատ շուտով։
Իմ տո՞ւրքս. Երգեր Ուրացման եւ Զղջումի-ն է։ Յակոբ Օշականի որակումով,- «Ան որ երգած Է այդ կապարի պէս ծանր ու տրտում, գորշ երգերը, գեղեցիկ անծանօթ մըն է, մերկ ու մատաղ արձան մը, առանց արձանագրութեան ու պսակի: Պատմութիւնը քիչ անգամ բեռ չէ»:
1939ին վերստին «գաղթ». տեղափոխութիւն Գալիֆորնիա: Գործաւորական կեանքի սպառումներն ու անստուգութիւնը կը ստիպեն զիս որոնելու ապրուստի նոր դաշտեր։ Յառաջացող տարիքը անապահով կայանի մը հեռաւոր ուրուագիծը կը նշմարէ արդէն: Կը փորձեմ կալուածային առեւտուրի շուկան առանց աղմուկի, առանց հանրային ուշադրութիւն
13
վարձատրութիւնը պիտի ստանար։
Այժմ կ’ապրիմ ինքնաբաւ, գոհունակ.- ծաղիկներու հետ, գիրքերուս հետ, հասակ նետող թոռներուս գրկանքին մէջ։ Երեսուն տարուան լռութեան մը հոգեկան տառապանքը ապրելէ վերջ, գրականութեան վերադարձի փորձ մը կատարած եմ վերջին տասնամեակին։ Գիրքի մը ծնունդին երկունքը կը զգամ արդէն։
Ո՚վ գիտէ»։ Փետրուար 1982
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ
Հիմա, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ճանչցաք բանաստեղծը, կ’անցնինք իր բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքի քննարկումին, խոստանալով տալ պատմութիւնը Գլըճեանի երկրորդ «Գիրքի մը ծնունդին երկունքը զգալուն»...
«Երգեր Ուրացման եւ Զջումի» հատորը իր յայտնի եւ սիրտ բզքտող ընծայականէն ետք, որ կը հիմնաւորէ հայրենի հողին սրբութիւնն ու անյեղլի կարեւորութիւնը, կը բացուի «Յառաջաբանի Տեղ» գրուած քերթուածով մը որուն խորագիրն է «Վշտի Սափորէն»։
Ի՛նչ կ’ուզէիք որ երգեր անապատէն անցած ու ծնողք կորսնցուցած, հայրենիք կորսնցուցած տղայ մը: Վիշտն էր իր բաժինը եւ օտարութեան մէջ տաժանակիր կեանք մը որուն սափորը լեցուն է վիշտով:
14
կռանուած բանաստեղծը կ՚երգէ այսպէս.-
|
Իսկապէս կապարէ խօսքեր, որոնք ծնունդն են ոչ
թէ գրողին ուղեղին մէջ ծնունդ առած յոռետեսութեան
մը, այլ ծնունդն են կեանքին պարտադրած
պայմաններուն երբ մարդ արարածը իր վատչուեր
արարքներով կ՚իջնէ անասունէն շատ աւելի վար տեղ
մը։
|
Ասոնք այն սերունդի տղաքն են որոնք մանկութիւն
չունեցան։
Յաջորդ «Թողութիւն» բանաստեղծութեամբ, բանաստեղծը գիտնալով որ Քրիստոս իր մօտ խաչեալ աւազակին ներեց, ներում կը խնդրէ այն հողէն զոր ինք լքեց ակամայ, քանի որ.
|
15
երգ տալու, իր խոստումին, բանաստեղծին հոգին կը ճենճերի հայրենախտի հիւանդութեամբ երբ այսպէս կը գրէ հայրենի հողը նկատի ունենալով.
|
Տառապանքով մեծցաւ այս սերունդը մինչեւ որ
տասնամեակներ ետք հասաւ նիւթական ապահովութեան
միայն. այլ երբեք չհասաւ հոգեկան այն անդորրին
զոր կրնար ունենալ լոկ հայրենի հողին վրայ:
Եղեռնի սերունդը պիտի տար իր ապրումները, հայրենի եզերքը կորսնցուցած մարդու, հարազատներ անգերեզման թողած մարդու իր ապրումները, իր ապրած ժամանակին վկայութիւնը վերջապէս. ահա թէ ինչո՛ւ, Գլըճեանի քերթողագիրքը վկայարանն է ոչ միայն իր, այլ իր սերունդին։
Եւ տարագիր բանաստեղծը, որ հայր է այլեւս, ունի պատգամ մը տալիք իր զաւակին.- «Տղաս,Չուրանաս» քերթուածին տողերովը.
|
16
օտարութեան յանձնուած, օտարութեան յանձնած է նաեւ իր արիւնին առաջին պտուղը, որ օտար մայթերու վրայ հասակ առնելով ենթակայ Է կորսնցելու իր լեզո՛ւն, այսինքն, իր ինքնանպաշտպանութեան ամէնէն վստահելի զէնքը։ Բայց բանաստեղծը, ինքը, ունի՞ միջոցը օտար ալիքներու դէմ պաշտպան կանգնելու իր զաւակին։ Իրը պատգամի մի փոխանցումն Է.-
|
Ահա վերջին համարը բանաստեղծութեան, երբ
գրողը վերահաս վտանգը կանխատեսելով եւ այդ ալ
աւելի քան վաթսուն տարիներ առաջ, չունենալով իր
զաւակը պաշտպանելու այլ զէնք կը գրէ․-
|
Միթէ՞ հայր մը կրնայ անիծել իր զաւակը։ Հօր
մը անզօրութեան տխուր ճիչն է ասիկա, որ կը բխի
հայ մարդու այլուրային մտածումնէրէն։
17
բանաստեղծին սիրտն է, այլ անմեռ սիրտ՝ հայրենիքն է որ կը տրոփէ.- «Ըլլայի» քերթուածով.–
|
Գրողին մտածումներուն զենիթին վրայ կը փողփողող կը գտնէք ծիածանը հայրենադարձութեան. զի այդ է միակ ու վերջնակա՜ն, արմատակա՛ն լուծումը հայ մնալու, հայ ապրելու, հայօրէն ստեղծագործելու, անկարելիէն կարելիին անցնելու միջոցը, որ ահա կը ներկայացուի «Ողջերթ» բանաստեղծութեամբ.-
|
Քերթուածէ - քերթուած բանաստեղծը մրրկող
ցաւը ոչ թէ կը նուազի այլ կը դառնայ բոցալեզու,
հրկիզող. կրակ մը սակայն որ կը յիշեցնէ անկէզ
մորենին, ու այդ ցաւը երկրի ցաւն է, կորուած երկրի
մը ցաւը, որ օտարութեան խորթ քամիներէն կը
դառնայ անմար կրակ «Երկրի Սէր - Վերջին Սէր»
քերթուածին մէջ.-
|
18
«Լսէ՛, Հո՛ղ» բանաստեղծութեան մեջ, ուր պիտի կարդանք.–
|
Ցաւի գերագոյն աղաղակն է: Բանաստեղծը երկխօսութեան նստած է հողին հետ բայց այս անգամ հողին վրայ, երբ Գլըճեանը Անդրանիկ Անդրէասեանին հետ հրաւէրով մը գացած էր Երեւան, 1935ին, հոն վայելելով մտերմութիւնը Չարենցին ու Մահարիին եւ այդ սերունդի տղոց, որոնք իրեն պէս ջարդ տեսած հայեր էին, բայց ունեցած էին բախտաւորութիւնը հողին վրայ մնալու... թէեւ քիչ անց այդ խումբէն ոմանք պիտի մահով վճարէին իրենց հայրենասիրութեան յորդազեղ պաշտամունքը զոհը դառնալով 1937ի անբացատրելի նախճիրը ժահրահիւսող մողոքին...
Նոյն թուականին գրուած քերթուած մըն է «Թուղթ Պարսաւանքի»ն, բայց միթէ բանաստեղծը կրնայ գրել պարսաւանք պարունակող տողեր, երբ ինք կոչուած է երգելու սէր եւ ինչ որ ծնունդն է սիրոյ, երգելու կենսաբաշխ ճառագայթները արեւին, դայլայլը թռչուններուն, ալիքուիլը ծիածանագոյն թիթեռներուն, գլգլանքը ջուրերուն, համերգը անտառներու եւ մայրութիւնը հողին...
Այո՛, բանաստեղծը ունի պարսաւ միայն անոնց դէմ որոնք ժողովուրդ մը ամբողջ դարձուցին գաղթական... ահա իր խօսքը.–
|
19
|
Հողին վրայ երգող բանաստեղծը՝ Յովհաննէս Շիրազ, տեղ մը գրած Է. —
|
Իսկ օտար ափերու վրայ ինկած հայ բանաստեղծը ահա կը գրէ իր «Տապանագիր»ը.
|
Բոլոր դարերուն ողբ մը, եղերերգութիւն մը եկած է որպէս մեղու խայթել շրթները մեր բանաստեղծներուն եւ անոնք լալագին երգած են իրենց տխուր օրը զոր «ճակատագիր» կոչած են։ Ու՞ր է այն ուժը որ պիտի խեղդէ այդ «ճակատագիր»ը, որ այլեւս ողբի ու եղերերգութեան տեղակ մեր քնարերգութիւնը երգէ դաշնալար մեղեդիներ որոնք սէրով սէրը կը բազմապատկեն։
Գրիգորիս կաթողիկոս Աղթամարցին անգամ (1485-1544) ունի գանգատ ու ողբ իր շրթներուն երբ կը գրէ իր «Տաղ ի Վերայ Նորաշէն Տուն եւ Այգի Ունեցողի եւ Լալու» քերթուածը.-
|
20
|
Նույն ցաւը ունի 16րդ դարէն եկող Յովհաննէս
Մշեցին, որ իր «Տաղ Վասն Հայոց Երկրի» քերթուածին
մեջ կը գրէ.-
|
Նոյն եղերերգութեան կը հանդիպինք Ատեփանոս
Թոխաթցիին մօտ (1558-1630) եւ բոլոր-բոլորին մօտ
Խորենացիէն մինչեւ Շնորհալի, մինչեւ մեր օրերը։
Գլըճեանը ինչպէ՞ս չերգեր նոյն ողբը, որ իր օրերէն
կու գար, որ տարագրութենէն ու նախճիրէն կու
գար որպէսզի,ինք տարատունկը ծառ, իր պտուղները
իյնային օտար հողերու վրայ ու ինք ապրէր ոչ միայն
օտար հողի մէջ թաղուելու տխուր մտածումը ու
գըրէր իր տխուր «Տապանագիր»ը, այլ մտածէր նաեւ
այնքան դառնօրէն, իրմէ սերած տոհմածաուի
պտուղներուն կորուստին ցաւին մասին․․․
Բանաստեղծին յոյզերը առագաստ կը բանան դէպի իր հոգեկան անպարագիծ ջուրերը եւ ահա կը ծնի նոր երգ մը` «Ինչ է Հոգին».-
|
Կը յաջորդեն այլ բանաստեղծութիւնն եր ու կը
հասնինք՝ «Քերթողին Համար Երգն Իր Պսակն է» երգին,
ուր կը կարդանք.-
|
21
|
Ծնունդ ու մահ: Յաւիտենական նիւթը բոլոր
մեծանուն եւ անանուն քերթողներու։
Սիրոյ պագշոտ խօսքի չէք հանդիպէր Ալեք Գլըճեանի քնարերգութեան մէջ: Ինչպէս իր ազգային, նոյնպէս իր քնարական երգերուն մէջ անկեղծութիւնն ու անմիջականութիւնը եղբայրացած հանդէս կու գան ըլլալու համար այսպիսի քերթուած մը` «Կին Դու, Զի՛ Լաս».
|
Այս տողերէն նշուլողը բանաստեղծին բարութիւնն
է։ Ու այսօր, երբ Գլըճեանին Ամերիկա հաստատուելուն
80րդ տարին է, մենք ալ Սուրիոյ հողէն հարց կու
տանք իրեն, այս ութ տասնամեակներու ընթացքին,
իր վերի քերթուածը գրելէն վեց անգամ տասը
տարիներ անցնելէ ետք, հոն, բարին աւելցա՞ծ է թէ
չարը։ Մարդը դարձա՞ծ է բարի:
Բայց բանաստեղծը ոչ միայն պիտի ցանկայ բարին, այլ պիտի ըյյայ ջանադիր բարին ծնելուն, ստեղծելուն, բազմապատկելուն։
22
Բանաստեղծը «Իմաստութեան Ձայն» կը կոչէ հօրը մէկ պատգամը ուր ըսուած է․-
|
Որքա՛ն ճիշդ փորձառութենէ մը ծնած է
բանաստեղծին հօրը այս պատգամը որուն քիչ անգամ
կը հանդիպինք մեր օրերուն երբ մարդը դարձած է
անկուշտ անասուն։
«Ապաշաւ» քերթուածը կու տայ մտորումները ծերացած աղջիկի մը․-
|
Դարերէ ի վեր անլուծելի մնացած հարց մը այս
եւս երբ անպսակ աղջիկներու կը զլացուի մայրանալու
հրաշքը։
Արեւմուտքը այս հարցը լուծած ըլլալ կը թուի
մասամբ, բայց հիմնականին մէջ քիչ մը ամէն տեղ
ու մանաւանդ հին աշխարհ կոչուող ցամաքին վրայ
անպսակ ու մայրանալ տենչացող բիւրաւոր աղջիկներ
23
Գլըճեանը ունի գրելու ուրոյն ձեւ։ Այդ ձեւին կը հանդիպինք գրեթէ միայն իր մօտ։ Կարծէք ան երկխօսութիւն մը կը կատարէ ընթերցողին հետ։ Ունի հարուստ բառապաշար, բայց ունի նաեւ կէտադրական ուրոյն մօտեցում, որ մեր օրերուն մոռցուած է քիչ մը։
Եթէ մինչեւ հիմա, Ալ. Գլըճեանը խօսեցաւ զինք մրրկող հողի կորուստին մասին, քիչ մըն ալ ամուսնական առագաստի մասին եւ իր նիւթը եղան ծերացած աղջիկներ, ալ ոչ միայն հայր դարձաւ ան, այլ նաեւ մեծ հայր, ուստի, ահա մենք կը հանդիպինք բանաստեղծին այն երգերուն որոնք նուիրուած են իր թոռներուն.- «Բաց Նամակ» մը ահա.—
Քեզի, Հրա՛չ,
Իմին խոշո՜ր պէպէկս,
Որ կորսուած մանկութիւնս տուիր ինծի ետ ու գըր
կիս մէջ՝ զիս ինքզինքիս փաստող աստուածային
հայելին դարձար...
«Բարի Լո՛յս Ձեզի, Բարով Նոր Տարի» իր զաւակին
ու հայրենիքին ձօնուած երգ մըն է, ուր.–
Ես լուռ դաշտ մ՚էի արդ դուն քաղցրահունչ
Առուակ մը իբրեւ կը դառնաս իմ շուրջ։
|
Միշտ ու միշտ սէր երգէ Գլըճեանը թէ զաւակ
ու թոռ, տիրականը հայրենիքն է։
Իր կեանքին «վերաքաղ»ը ընող բանաստեղծը գիտէ
թէ․-
|
«Յաղագս Մատռւցման» բանաստեղծութեամբ
Գլըճեանը խորհուրդ կու տայ․-
|
Իսկ «կայթատօն» երգով Ջանգու գետը կը
գովերգէ.
|
|
Իսկ յանկարծ «Կայթատօն»էն ետք ցատք մը դէպի Նոր Աշխարհ։ «Նպաստ»ը քերթուածով ուր․-Menogotjob, boss...
Բանաստեղծը ատրաշէկ բառերով կ՚արձանագրէ․
|
Թափանցիկ է պատկերը։ Խօսքը կը վերաբերի
անոնց, որոնք պետութեան «տուած» հացով սնանիլ
ստիպուած են որպէս անգործ բանուորներ։
Կը բարձրանայ ալիքը բանաստեղծի զայրոյթին
«Կշռելէն Վերջ» բանաստեղծութեան մէջ.-
Կը խորտակուի՜ս. Կը խորտակուի՜, բիրտ դուն ո՛վ կարգ, դուն որ գահեր կը կերտես. Արդարութեան նըժարին մէջ չիկայ տընանկ, հարուստ վէս.
|
Բանաստեղծը Հայաստան իր առաջին
այցելութենէն ետք նոր երգեր կը հիւսէ ձօնելով այդ
քերթուածները Հայաստանի աղջիկներուն, որպէսզի
անոնք մայրանան ու զարդարեն երկիրը, Հայաստանի
գործաւորներուն, որոնց ճիգերով․-
|
Տակաւին բանաստեղծը երգեր կը նուիրէ
Հայաստանի քերթողներուն ու խօսքը ուղղելով հայրենիքին,
կ՚ըսէ․
Քու շողակաթ նոր երգերուդ վանկն հոգւոյս մէջ կը բռնկի։
Գլըճեան երգած Է նաեւ նոյեմբերը խոր հաւատրով։
Ու իր «Հայրենի Հրաւէր»ով Գլըճեանը այսպէս կ՚երգէ․
27
|
Կարծէք այս օրուան համար գրուած ըլլայ, երբ շատ աւելի են երկրէն մեկնողները քան վերադարձողները։
«Հայր, Ալ Մեծցայ» բանաստեղծութեամբ կը փակուի գիրքին հայերէնով գրուած երդերուն չարքը, որմէ ետք մենք կը կարդանք Գլըճեանի մէկ քանի ինքնագիր անգլերէնով գրած բանաստեղծութիւնները եւ անոնց կողքին անոր կատարած մէկ քանի թարգմանութիւնները օտար գրողներէ։
Թարգմանութիւններու մէջ եւս յայտնի է բանաստեղծին ճաշակը երբ ան հայերէն խօսիլ կու տայ սպանացի յայտնի բանաստեղծ Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքան։
«Երգեր Ուրացման եւ Զղջումի» հատորի լոյս ընծայումէն կարճ միջոց մը ետք Գլըճեան բանաստեղծը
28
պահեց եւ անցաւ հայ գրական բեմի վարագոյրին ետեւը։ Բայց միթէ՞ վարագոյրով կարելի էր փակել ճառագայթները լոյսին։
Ան, մեծ ուշացումով վերստին եկաւ մեր գրականութեան, ճիգերովը իր հոգեղբօր գրագէտ՝ Անդրանիկ Անդրէասեանին որուն միացանք նաեւ մենք հրատարակութեան տալով Ալեք Գլըճեանի այգիին երկրորդ նարնջակողովը այնքա՜ն բուրալի։
Բայց նախքան անցնիլը այդ պատմութեան, հաստատենք, որ Գլըճեան բանաստեղծին առաջին գիրքը գտաւ լայն արձագանգ քիչ մը ամէն տեղ։
ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ ԳԼԸՃԵԱՆԻ
Ա․ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
1․– Արձագանգողներու վերջիններէն չեղաւ ներհուն քննադատի համբաւ վայելող Յակոբ Օշականը, որ Գլըճեանի այս գիրքին մասին գրեց այսպէս․ «Երբ կարաւանը կ’անցնի» խորադիրին տակ․
«Ժամանակէ մը ի վեր, վախով է որ կը բանամ քերթուածի ամէն նոր հատոր։ Նախապաշարո՞ւմ։ Գիտակցութեան չհասած յուսախաբութի՞ւն՝ որ արդիւնքն ըլլայ պատերազմէն ասդին մեր քերթողութեան պարզած այլապէս անսփոփ նահանջին։ Ուրիշ, ինձմէ վրիպող ազդակնե՞ր որ դեր մը ունենային մանաւանդ ինձմէ ներս։ Ո՜վ գիտէ։ Իրողութիւն Է որ միտքէն առաջ սիրտը կը մեռնի մեր մէջ։
Հասկնալի՝ անհանգստութիւնը որով կը մտնեմ հատորիկի մը մեջ, անունը՝
29
Կարդացի սակայն ու մէկ շունչով։
Ան որ երգած է այդ կապարի պէս ծանր ու տրրտում, գորշ երգերը, գեղեցիկ անծանօթ մըն է, մերկ ու մատաղ արձան մը, առանց արձանագրութեան ու առանց պսակի։ Պատմութիւնը քիչ անգամ բեռ չէ:
Չեմ տար պարունակութիւնը: Չեմ լայննար՝ ընծայելու, ներկայացնելու, դատելու ու յարակից սպասներուն, որոնք գիրքերու վրայ խօսքը կ՚ընեն երբեմն այնքան սուր ու պայմնադրական մրցանք մը, աւելցընելու համար անմիջապէս որ առաջին իսկ քերթուածէն ինքզինքս կը գտնեմ.
ա.- աշխարհի մը առջեւ որ նոր է գէթ մեր գրականութեան համար:
բ.- այդ աշխարհը տալու կերպի մը առջեւ որ այնքան բազմազան թելադրութիւններ արթնցուց ինձմէ ներս:
Փնտռեցէք գաղտնիքը մեր վաւերական քերթողներուն: Ձայն պիտի գտնէք անոնց ոչ թէ զգացողութեան որակին կամ քանակին մէջ, այլ այդ զգացողութիւնը արտաբերելու կերպին մէջ: Մեծարենցի դիւանը իբր խորք քիչ բանով կը զատուի 900ի սնոտիքէն: Բայց իբրեւ ձե՞ւ
«Զղջումի եւ Ուրացման Երգերուն» հարիւրները մենք կարդացեր ենք անուղղայ այն խառնակոյտին մէջ, որուն անունն է խորհրդահայ բանաստեղծութիւն (դուրս մի ձգէք ամէնէն տաղանդաւորներուն գործն ալ Չարենցէն մինչեւ Յովհաննէս Շիրազ) բայց տառապեր ենք անոնց անկանգնելի տափակութեան առջեւ, ոչ` որովհետեւ անոնց զգացողութիւնը օտար–
30
այդ ամէնը մեզի կու գան առանց ձեւի կնիքին։
Նորերուն մէջ հաստատուած ձգտումը՝ քերթողութիւնը ազատելու թարմատար գաշտերէն (Բ. Թօփալեան, Ն․ Աարաֆեան), որոնք արեւմտահայ ոտանաւորը կը մակաբուծեն, ու ահաւոր սնոտիքէն, գռեհկութենէն՝ որոնցմով արեւելահայ բանաստեղծութիւնը այնքան հպարտ է ու ինքնաբաւ, «Երգեր»ուն հեղինակին մօտ կը ստանայ տիրական կնիք։ Շա՞տ խօսիլ։
-Ահա մարդ մը վերջապէս որ մեր ամէնուն հոգիին խօսող հարցերը մեզ կը մատուցանէ բայց վայել լրջութեամբ, պատկառանքով։
Շատ են թելադրանքները այդ «Երգեր»ուն։
Ահա քանի մը կարեւորներ.
ա․- Արհամարհանք ընթացիկին (կանոն, լեզու, ճաշակ, աւանդութիւն ու ասոր ճնշումը), որ կը նորոգէ այդ ըսուածքը։ Մի շփոթէք ասիկա անճարակ աղքատութեան, բռնազբօս ինքնատպութեան, մաքի բոպիկութեան հետ, որոնք տարազին տակ կրնան ապաստանիլ մեծ իրաւունքով, այնքան աննշան բանով կը զատուին իրարմէ ադամանդն ու ապակին։
բ․– Ինքնութիւն մը (պիտի ըսէի ինքնատպութիւնը եթէ բառը չըլլար սպաննուած մեր նորերուն չարաշահութեան երեսէն), որուն ուժը կու գայ ըսուածքին ձեւին չափէ ԷութենԷն ալ։ Բացէք խորհրդահայ քերթողներու որ գիրքը ո՛ր կ՚ուզէք, համոզուելու համար թէ ի՞նչ է կշիռը այս բառին։
դ․- Խտութիւն. նոյնիսկ մթնելու գինով։ Ասիկա պէտք չէ զարմացնէ մեզ, որ վարժուած ենք։ Բայց ճապաղանքին, ծանծաղութեան, ամէն բանէ առաջ
31
ինչպէս պիտի ընդունին սա «Երգեր»ը որոնց նիւթը կու գայ զանգուածէն եւ որոնք սահմանուած են զանգուածին։ Զղջումի եւ ուրացումի սա երգերուն հետ ինծի տրուած է գէթ մէկ ան գամ հաստատել լրջութիւն մը որ արդիւնք է յարգանքի ու արհամարհանքի։ Երիտասարդ հեղինակները միայն քաջալերանք չեն սպասեր տարեցներէն։ Անոնք կը պահանջեն որ չափուին։ Նման փորձ մը, այս առիթով պիտի նշանակէր ամբողջ մեր նորագոյն քնարերգութիւնը վերլուծման ենթարկել - աշխատանք՝ որուն համար անբաւարար են իմ ուժերը։
Այս գիրքը մեզի կը մօտեցնէ շատ բարդ ու դժուար հարցեր»։
Հոկտ. 15, 1938, Էջ 992 (տուինք հատուածներ Թ․Թ․)։ Ահա Յակոբ Օշականին համապարփակ վերլուծումը, որ մեր օրերուն եւս կրնայ օրինակ ծառայել թէ՛ գրողներու, թէ՛ քննադատներու։ Դիւանի մը մօտենալու այս կերպին կայ խիստ կարիքը։ ժամանակները ե՞րբ պիտի ծնին այդ անձը։ 2․- «Նոր Գիր»ի տղոցմէն, տանք խօսքը Սուրէն Մանուէլեանին․
«Մուտքը, որ Գլըճեան ունեցաւ՝ դանդաղուն չեղաւ, խարխափումներով, տնտնալով չմօտեցաւ սեմին եւ ոչ ալ դրան բախումը թեթեւ էր։ Եւ խստապահանջ դիտողներ ոչ միայն իրարու չփսփսացին օտարականի մը, ցնցոտիապատ աղքատի մը իջեւանումը,
32
սրտագին ողջոյններ արձակեցին, ի լուր միւս դրացիներուն»:
Օշականի վերլուծումին մօտ, վկայութիւն մըն է այս մէկը։
Մեծ քննադատին խօսքը եթէ տուինք գրեթէ ամբողջութեամբ, այդ կը բխէր անոր մօտեցումի եղանակին ուժականութենէն։
3․- Արշակ Չօպանեանը իր «Անահիտ»ին 8րդ տարի 1938 Յունուար - Ապրիլի թիւին մէջ «Ինքնադրոշմ Քնարին Բանաստեղծը խորագիրին տակ ի մէջ այլոց գրած է․
«Գլըճեանի հաւաքածոն ալ ունի տկար էջեր, բայց ան կը պարունակէ տողեր, հակիրճ, ջղուտ, արու ոճով մը դարբնուած եւ որոնք, մասամբ անձնական կեանքի յուզմունքներէն թելադրուածդ մեծ մասամբ՝ հայ ցեղային ճակատագրին սարսուռովը տոգորուած, ինքնուրոյն անհատականութիւն մը եւ իրական քերթողի խառնուածք մը կը յայտնեն»։
Գլըճեան բանաստեղծին առաջին գիրքին մասին շատեր գրած են․- Սամուէլ Յ․ Թումայեան, Յովհան- նէս Աւագեան, Շահէ Տատուրեան, Հենրիկ Անասեան եւ այլք․ մենք գոհացանք վերի երեք անուններով անցնելու համար բանաստեղծին երկրորդ գիրքին հրատարակութեան պատմութեան։
33
ԳԻՐՔ ԵՐԿՐՈՐԴ՝
Կենտրոն|ԵՐԳԵՐ ՀՈՂԻ ԵՒ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ
Ըսած եղանք որ տաս- նամեակներ շարունակ մեր նամակները ուղղուած Ալեք Գլըճեանին, մնացին անպատասխան։
Ու ահա 1980 թուականին մեկնելով Ամերիկա եւ երկու օրով գտնուելով Լոս Անճելըս, մեր առաջին, մտածումը եղաւ գտնել Ա․ ԱնդրԷասեանը եւ խնդրել իրմէ, որ մեզի ներկայացնէ իր կնքահայր՝ բանաստեղծ Ալեք Գլըճեանը։
Եղբայրական էր մեր հանդիպումը խօսուն գիրկընդխառնումով։
Տարօրէն յուզուած էր Գլըճեանը երբ Անդըրէասեանը մեզ իր կնքահօր ներկայացնելով կ՚ըսէր․- Ահա տասնամեակներու թշնամիդ, քեզ հալածողը․․․
Իսկ Գլըճեանը կը պատասխանէր․- Բայց ես թշնամի չունիմ․․․
Մենք, մեր կարգին տեսնելով բանաստեղծին յուզումը, կ՚ըսէինք․- Քանի այսքան յուզական մարդ էք, ինչպէ՞ս անպատասխան թողուցիք մեր նամակները․․․
Մեր ու Անդրէասեանի պնդումներուն դիմաց Գլըճեանը խոստացաւ մօտիկ ապագային, նոր երգերու
34
եւ կրկնելով թէ ինք բանաստեղծ չէ։
Ուրեմն, խոստումով վերացաւ մեր այնքան ցանկալի տեսակցութիւնը։
Մեր յաջորդ այցելութիւնը Ամերիկա, 1984ին էր։
Ահա այդ այցելութեամբ մենք պիտի ունենայինք այն թղթածրարը որուն բովանդակութեան հիման վրայ պիտի խմբագրէինք եւ լոյսին մատուցէինք Ալեք Գլրճեանի երկրորդ գործը, որ պիտի արժանանար Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հայկաշէն Ուզունեան մրցանակին։
Այստեղ աւելի լաւ Է որ տանք Գլըճեանի Բ․ Հատորին յառաջաբանը, որ մեր խօսքն Էր- <<Երկրորդ Ծնունդ>> խորադիրին տակ․
ԱյսպԷս վերնագրեցի յառաջաբանը, քանի որ լոյսին եկողը Ալեք Գլըճեանէ երկրորդ գիրքն է։
իր կենսագրութիւնը շարադրել չեմ ուզեր։ Գիրքին մէջ կայ անոյչ ձեւով տրուած՝ ինքնակենսագրական։
Միայն այսքանը պիտի ըսեմ, որ բանաստեղծ Ապրած Ալեք Գլըճեանը ծնած է Զորք Մարզպանի Օճախլը գիւղր դարասկզբին ել, քսան տարի ետք, հաստատուած Ամերիկա՝ որպէս վերապրող։
նիւ Եորքէ մէջ այն տղոցմէն է, որոնք կը հիմնեն ձՆոր հ*իր՝&ը եւ եռամսեայ այդ պարբերականին կու տան իրաւ Սիրական Հքարժումի մը բնոյթը։
Քիչ կը գրէ ք^այց գրածը կշիռ ունի։ Ընդհան– րապէս կը ստորագրէ բանաստեղծութիւններ> երբեմն արձակ։ Այս տեղ ճաշակ մը տալու համար, տրուած են նմուշներ նաեւ իր արձակէն։ 1938ին լոյս կը տեսնէ Ալեք հ՝լըճեանի առաջին գիրքը «Երդեր Ուրացման եւ Զղջումի»։ Այս գէրքով 35 ամերիկահայ գրականութիոնը բանաստեղծ մը կը շահի։ Գործ մը՝ որ ուշադրութիւնը կը գրաւէ մեր մեծանուն քննադատ՝ Յակոբ Օշականին ։
Տարիները կը սահին, սակայն, չենք հանդիպիր այլեւս ստորագրութեանը Ալեր Գլըճեանին, որուն առաջին խոստումէ մը շատ աւելին եղած էր։
Իմ հանդիպումս իր գիրքին հետ, եղաւ 1944 Թուականին, Մելգոնեան Կրթ․ Հաստատութեան մէջ։ Ալերսանդր Գլըճեանի <<Երգեր Ուրրացման եւ Զղջումի» գիրքը պատանեակի իմ հոգիիս մէջ խառոյկ մը վառեց։ Գիրքին ընծայականը մանաւանդ, ուր՝ հայրենազուրկ բանաստեղծը իր գործը կը ձօնէ տան շունին, որ մեռած է դունչը խրած հայրենի հողին․․․ կարդացէր ու ըսէր, ամբողջ գիրր մը չ՞արժէ՞ր այգ ձօնը։
Գրեթէ նոյն օրերուն կարդացի Անդրանիկ Անդըրէասեանի <<Ապիտակ Արդարութիւնը»։ Նոյն բոցը, արդարատենչ նո յն ոգին բանաստեղծ ու արձակագիր երկու հոգեղբայրներու մօտ։
Անմիջապէս ուսանողական խանդավառ նամակ մը գրեցի ուղղուած երկու գրողներուն, եւ լսած ըլլալուվ, որ Գլըճեանը դադրած է գրելէ, պահանջատէր խօսրեր ուղղեցի իրեն։
36
մեծ էր։ Ամբողջ դպրոցը կարդաց Ա. Անդրէասեանին ինծի հասցէագրած նամակը։ Օրուան հերոսն էի։ Սակայն տխուր էի նաեւ, քանի որ Անդրանիկը կը հաստատէր, թէ Ալեքսանդրը դադրած է գրելէ ու իմ խօսքերուս ի պատասխան ըսեր Է.- Երեխայ մըն է, կը մեծնայ ու կը հասկնայ, որ կարելի է նաեւ չգրել ինչ-ինչ պատճառներով:
կ՚երեւի խօսք հասկցող երեխայ չէի։ Տարիները անցան ու ես, ամէն առիթով պահանջս յիչեցուցի Ալեք Գլըճեանին: Սակայն, դարձեալ ու դարձեալ իրմէ ոչ մէկ պատասխան:
1963–1970րՆ ուսանող Էի Երեւանի մէջ: Այդտեղ, գեղեցիկ օր մը, հանդիպեցալ ամերիկահալ զբօսաշրջիկի մը։ Հետաքրքրուեցայ իրմով, ըսի թէ Ամերիկա գրող մը կայ, հայ բանաստեղծ մը, որուն գործերը շատ կը սիրեմ՝ քանիցս իրեն գրած ալ եմ, բայց ինք, իմ նամակներս ձգած է անպատասխան:
Նոր ծանօթս հետաքրրքրուեցաւ այդ բանաստեղծով։
- Ալեքսանդր Գլըճեանն Է,- ըսի:
- Վալ, տնաշէ՛ն, եղաւ պատասխանը,- Ալեքը եղբայրս է:
Եւ ես` իր եղբօրը հետ՝ Ալեքսանդրին ծրար մը նոր բողոր զրկեցի Լոս Անճելըս:
Կրկին տարիներ անցան: 1980 թուականին առիթը ունեցայ Միացեալ Նահանգներ ալցելելու: Երկու օրով եղայ Լոս Անճելըս։ Առաջին գործս եղաւ գտնել Անդըրէասեանն ու հանդիպիլ Ալե Գլըճեանին։
Ի՜նչ տեսնեմ, ութսունամեայ մարդ մը, որուն հազիւ երեսուն կու տաս, տակաւին աշխոյժ իր երգերուն պէս, այլ համե՜ստ, համե՜ստ, համե՜ստ:
37
Անկարելի՛ է։ Բայց կա՛յ, յանձինս Ալեք Գլըճեանի։
Երբ այդպէս, Անդրէասեաններու տունին մէջ իրարու հանդիպեցանք առաջին անգամ, առաջին անպատասխան մնացած նամակէս երեք ու կէս տասնամեակ ետք, Անդրէասեանն էր զիս իրեն ներկայացնողը․
- Ահա՛, ճանչցի՛ր, քեզ հալածող թշնամիդ՝ Թորոսը։
Ողջագուրուեցանք։ Մեր նիւթը գրականութիւնն էր։ Աւելի ճիշդը Գլըճեանի գրականութիւնը։
Անդրէասեան ու Գլըճեան, երկուքն ալ անցած որբութեան ճամբաներէն, երկուքն ալ նոյն գաղափարի դրօշին ծառայող ռամկավար ազատականներ, 1935 թուականին միասին Հայաստան այցելած հոգեղբայրներ են ու կը մնա՛ն։
Որքա՜ն ուրախացայ, երբ նոյն օրը լսեցի, թէ Անդրանիկին բազում պնդումներուն ընդառաջելով, Գլըճեանը, վերջին տարիներուն, վերադարձ մը կատարած է դէպի մեր գրականութիւնը։
Այդ օրը, Ալեքը նոր խոստումներ ալ ըրաւ։ Մեր ծանօթութիւնը ուրախ բաժանումի մը տեղի տուաւ։
Հալէպ հասնելէս ետք, գրաւոր նոր առաջարկներ ներկայացուցի։ Լուռ մնալը բանաստեղծին սովորութիւնն էր։ Չպատասխանեց։ Դարձեալ Անդրանէկն էր գրողը․- «Սկսած եմ, վերջին տարիներուն, մամուլէն հաւաքել իր ցիրուցան երգերը - կ՚երեւի գործը գլուխ պիտի ելլէ․․․»։
Բայց գեղեցիկ օր մը, Ալեք Գլըճեան կու գայ վաղեմի Ընկերոջ՝ Անդրանիկ Անդրէասեանի տունը, եւ ինչ որ Անդրանիկը ժողված էր իր հունձքէն, կ՚առնէ ու կը տանի ըսելով՝
38
1984ի Նոյեմբերին դարձեալ Ամերիկա կը գտնւէի։ Ընկերոջմէս «նոր Օր»ի վարչական պատասխանատու՝ Փայլակ Ահարոնհանէն խնդրեցի որ զիս Անդրէասեաններուն տանի։ Հո՜ն ենր։ Մեր առաջին գործը՝ Ալեք Գլըճեանր կանչելը եղաւ։ Եկաւ։ Նոյն կայտառ, մարդն էր 85ի դռներուն առջեւ․
Նոր ողջագուրում»
- Բայց Ալերքանդր, ըսի, օր իրիկուն չեղած, քու նոր զաւակդ էլուզեմ տեսնել։ Ալ հերթր է9 աղայ հասակէս ք Աելդոնեանէն ի վեր9 ահա ուղիդ րառասուն տարի 1լընէ9 որ րեզմէ նոր գործ մը կը սպասեմ։ Անդրանիկը պատմեց ըրածդ, հիմա շուտ9 անմիջա– պէԱ) կը պահանջեմ անտիպներդ ու մամուլի մէջ լոյս տեսած գործերդ • այո , ա յս վայրկեանիս։ Ձեմ գիտեր ինչպէս եղաւ։ Մեկնեցաւ հնդազանդ երեխայի նման ու բերաւ ձեռրի պայուսակ մը։ Պայուսակը խլեցի դրեթէ ու բացագանչեցի* - Ալ չ1րմ տար♦ իմս են այս պայուսակն ու բովանդակութիւնը անոր։ Եա տ խնդրեց% որ բացատրութիւնն եր տայ։ Այս անգամ քլսոցր ե՚ ս էի։ Անդրէասեանը կը ժպտէր ու կիսէր» - Եէս դար ընկերութիւն ըրի հետը, ղիս չլսեց։ Երկ ու անգամ Ամերիկա եկար զինր համոզեցիր, կեց– ցե՚ս, գնա* եւ ո լզածիդ պէս տպէ։ ծւ ահա այսօր9 կարդ մը յապաւումներով, Ալերս անդր հ*լրճեանի առաջին եւ երկրորդ դիւրերը, որպէս երկուորեակ, միասնաբար կը ներկայացնեմ հանրութեան։ Հիմա խօսրը րո ւկդ է9 ընթերցող^ րայց նախրան 39 այդ, յայտնեմ թէ ի վերջոյ նամակ մը ստացայ բանաստեղծէն․․․ իր Առաջի՛ն նամակը, որմէ, անգաղտնապահօրէն, ահաւասիկ քանի մը տողեր։
Սիրելի թորոս, պատուհա՛ս բարեկամ, Ուրկէ՞ բուսար դուն։ Երդումս քակել տուիր ինծի՝ բռնութեան տակ։
քեզի՛ ալ, Անդրանիկի՛ն ալ, ու սա իմ թշուառական «քերթուածներ»ո՛ւս ալ, խաչեցիք զիս։ Սուրբ գրային զոյգ մը աւազակները միտքս կ’իյնան․ մէջտեղ ինկած զոհ մըն էի կարծես․․․
«Անմոռանալին» շատ յեղեղուած, ճապաղ բառ մըն է արդէն բարեկամական զեղումները նշող, երբ անակնկալ հաճոյքի մը խոր ու ծաւալուն, մշտատեւ ալիքներով կ՚օրօրուինք։ Ըսե՞մ թէ այցելութիւնդ շատ տաք, սրտագրաւ ողջագուրումի մը արձանագրութիւնը պիտի մնայ միտքիս մեջ։ Հոգեկան կազդոյր մը ընծայեցիր ինծի։
Երկու տող տպագրական մտմտուք։ Արձակ թէ չափածոյ, քեղի կը թողում կատարել ընտրութիւնը, դասաւորումներն ալ։ Ազատ պիտի զգաս ընելու հարկ եղած հպումները։ Շնորհակալ պիտի մնամ։
Ահա մարդն ու բանաստեղծը։ Կարդացէք ու եթէ կրնաք՝ մի՜ սիրէք․․․»։ Հալէպ, 29 Դեկտ․ 1984 Թորոս Թորանեան
Ու այս գիրքը լոյս տեսաւ 1985ին վերստուգումովը արձակագիր Արմէն Դարեանին, որ մեծ սիրով կապուած էր Գլըճեանի գրականութեան։
40
Հիմա՝ գիրքը - Երգեր Հողի եւ Հատուցման։
Գրած էր ինծի բանաստեղծը, որ տպագրուած գիրքէն մասին եղած ամէն բողոք ու դիտողութիւն, պիտի յղէր մեր հասցէին։ Բողոքի փոխարէն, ինչպէս ըսուեցաւ, այս հատորը, որ կը բաղկանայ 237 էջերէ, արժանացաւ մրցանակի։
Դուք կարդացէք յառաջաբանը,որէմ ետ հատորը կը բացուի հեղինակին «Հողի եւ Հատուցման ճամբան» հաւատարմագիրովը, ուր կ՚ըսուի․
- Ա՛ն որ կը սողայ, կ՚աոնէ գետնաքարշ
Ջեռունի ճամբան,
Կրունկի տակ կոխ՝ ի՛րն է համագոյժ
ճզմումի ճամբան։
Ա՛ն որ կը լքէ ինքնութեան ամրոց
Իր հօր տունն ու արտ,
Կ՚իյնայ հնասպառ՝ անծանօթ բախտի
Մարդակուլ ճամբան։
- Խաւարտչին մէջ խուլ՝ արմատ–էութիւն
Ջնջումի ճամբան։-
Բայց երբ կ՚ամրանաս՝ արմատդ հողին,
Գիտցիր որ ա՛յս է
Բնութեան դաժան անյեղյլի վճիռ՝
Տեւելո՛ւ ճամբան․
Որպէս էութիւն քու եւ արմատիդ
Միաձոյլ ճամբան։
Յօշոտուած միսին, արեան, արցունքին,
Ու դեռ անվճար
Դարերով վայրագ քանդումին դէմ սո՛ւր՝
Հատուցման ճամբան։
41
ոճով, ըսելիքին ոճը գտած, ինքնաբուխ քնարերգութիւն կնքուած իր անունով․ բան մը որ մեր քերթողութեան մէջ կը պասկի շատերու, ինքնատպութիւն մը սակայն։ որ հեռու է ինքնացուցադրման խեղկատակսւթենէն, եւ որ սիրելի կը դարձնէ բանաստեղծը երբ նոյն նիւթը ուրիշի մը գրիչին տակ կրնար զգենուլ չորերը պոռոտ հրապարակագրութեան։
Այս հրատարակութեան առաջին բաժինը կը ներգրաւէ Գլըճեանի առջինեկին գրեթէ բոլոր քերթուածները յաւելումովը սակայն մամուլէն հաւաքուած նաեւ անտիպ գործերու։
Այսպիսով, մենք առաջին գիրքին վրայ ունեցանք քերթուածներու յաւելում, որոնց մէջ բանաստեղծը մնացած է ինքն իրեն հաւատարիմ։
Նոր քերթուածներու ԼաԸքԸ կը սկսի այս հրատարակութեան 70րդ էջէն «Ստինքէն Այրի» բանաստեղծութեամբ ուր կը կարդանք․
100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/42
- Լքած երբեմն՝ այստեղ շէն ու դաշտ
Պայքարի, հացի,
Կը բռնեմ ճամբան գիւղիս ուր անհաշտ
Սիրտս թաղեցի։
Կիսատ մանկութեան սէրերէս դեո վաո
Ինչ որ ինձ մնաց,
Սափոր մը չեցուն կը տանիմ՝ վճա՛ր
Պարտքերուս դիմաց։
կը շարունակէ առանց խօսքի։
կը հանդիպինք <<Դարերու Քանդակն>>ին) որ ուրիշ
բան չէ եթէ ոչ ծնունդը հայրենի հողին գրուած ինչ
42
ընթերցողը․
|
Այս քերթուածը գրուած է 1977 թուականին ու
կը բնորոշէ բանաստեղծին վերադարձը մեր
գրականութեան։
Կարդացէք «Յաղթերգ»ը ու եթէ կրնաք մի՛ խանդավառուիք.
|
1981
Տրուած է «Խաչքար» մը ահա, առած ձեւը խաշին ուր․
43
Կեանքը կը ծնի. Հողը քեզ ծնող Ինչո՞ւ լքեցիր, Ինչո՞ւ լքեցիր։ Բանաստեղծը «մօրմէն խլուած մանկան պէս»
կարօտցած է հայրենիքը։ Ու կը յանձնարարէ.
Գնա այրել ցուպը որ քեզ տարաւ Օտարութեան ու գաղթի Գնա փարի՛լ աշնան հերկ Շերտ մը խանձած քու հողիդ. Երբեմն տրտմութեան շղարշը կը պարուրէ
բանաստեղծին երգը.
Կ՚ըսեն թէ կա՛նք, դուն եւ ես, Արարչութեան լոյսն առկայ.–
Երբ ա՛լ մարինք մոմին պէս, Ջահն ո՞վ պիտի վառել գայ...։ Իսկ «թանկագին գրչեղբօր մը` Յակոբ Ասատուրեանին»
նուիրուած բանաստեղծութեան մը մէջ կը կարդանք.
Եթէ չկրցայ, Հօրըս արտին մէջ - Արմատներուս կայք– Փարիլ ընդերքի ժայռերուն ուժին, Ու պարզել դրօշն հողի՛ն, էութեա՛ն,- Գահի, փառքերու շքերթը այլուր Պատրանք է միայն. Դրա՛խտն ո՞ւր դնեմ,
44 Երբ իմ տան պտղած
Այգին կը վառի... Այլապէս մեզի ծանօթ նիւթերուն համար, Գլըճեանը միչտ ալ կը գտնէ ըսելու նոր ձեւեր, եւ մեզի ծանօթ նիւթը կը վերադառնայ բոլորիս իբրեւ նո՛ր, իր նորաձեւ հանդերձանքին մէջ։ Եթէ սէրը չէ ապրուած, «ողբ է չի՛ լսուիր» կ՚ըսէ բանաստեղծը ու կ՚աւելցնէ չապրուած սէրը՝ «մութին մէջ ստուեր՝ կը դառնայ, կ՚այրի»։ Բանաստեղծին համար ամէն բաժանում քիչ քիչ մեզ խամրող, մեռնիլը յուչող «մնաս բարով» Է։ Իր նոր գիրքերուն մէջ բանաստեղծը երգեր ունի նուիրուած Վարպետ Իսահակեանին ու Արծիւ Անդրանիկին։ Ամէն նիւթ բանաստեղծական կը դառնայ Գլըճեանի գրիչին տակ։ Այսպէս նաեւ «Տառ ՈԼ Գիծ»ի պարագային. Տառ ու գիծ՝ խոնարհ Վանկե՞ր են, նկուն, Ամէն տող, կերպար Անոնցմո՛վ կանգուն...
Մարդն երբ ստեղծեց Տառն ու գիծը սոսկ, Տուաւ ինքն իր մեծ Խոհին ձեւ ու հոսք։ Իսկ Վահան Թէքէեանին նուիրուած բանաստեղծութեան մը մէջ, Գլըճեանը կը գրէ. Երբ մթնեց աշխարհն ահով մ՚անողոք, Ու հայ տունն եղաւ մահուան քարանձաւ,
45
Գրիչ ու քերթուած դարձան Սո՜ւր, Բողո՛ք... Քերթութեան աստուածն իր մէջ հայացաւ։ Ալեք Գլրճեան գրած է նաեւ քառեակներ ելլելով իր կեանքի փորձառութենէն։ Իրը Խայեամին հասնելու ճիգ մը չէ ոչ ալ Թումանեանին. իր խոՀերն են, ըսելու իր ձեւերը, միշտ փիլիսոփայական խոհի մը ընկերացող. Ինչո՞ւ ողբալ երբ վերջ չկա՜յ, Ո՛չ ծնելուն, ո՛չ այ մահուան. Գարնան ծաղկուն դէ՚մքը վկայ.- Եղանակներն եկան, անցան։
Երբ մենութեան շուքին ներքեւ Խորհուրդ դառնան ցաւ ու կնճիո, Մի՛ աղերսեր գութ, ցօղ, արեւ,– Երգելով գի՛ր տուր ու անցիր։ Այսպէս կ՚ընկալէ մահն ու կեանքը ու այդպէս ալ կ՚ապրի բանաստեղծը։ Ու վերջապէս բանաստեղծը զգալով կեանքին ժամանակաւոր ըլլալը, կը գրէ իր տապանագիրը, որ իր պարզութեան մէջ իմաստասիրութիւն կ՚արտաշնչէ. Ծնա՛յ,– գալս չիմացայ. Մահս ինչո՞ւ իմանամ։
Եկա՛յ,– հետս ի՞նչ բերի. Կ՚երթամ լքած ամէն բան։ Ու չարունակելով իր մտածումները, կեանքէն չբաժնուելու ներքին տենչանքով մը.
46
Զիս «իր պայծառ դէմքին պէս», Տուաւ ինձ լոյս, հոգի, շունչ՝ Ցաւերժութեան փաստ իբրեւ,
Այ մի՛ ըսեր. «հող էիր Պիտի դարձեալ հող դառնաս»։
Եթէ ծնայ մարդ-էակ, Հող դառնալուս շահն ի՞նչ է։ Ու վերջապէս, բանաստեղծութիւններու այս չարքը կը փակուի Իսահակեանի հետեւողութեամբ «Ե՛լ Ապրիր» երգին տողերովը որ վերապրումի, յոյսի կամարւող ծիածան է այս գիրքին վրայ եւ հայու հոգիներուն վերեւ.
Ծունկի՛ եկ արդ, ու տառ առ տառ Համբուրիր գանձ հայոց լեզուն,- Ու ապրի՛ր.
Վաղ հեթանոս ռազմերգերի Կայծն ամբարիր երակներիդ Ու ապրի՛ր.
Հին ողբերի տետրը սեւ յուշ Թաղիր անմեռ յոյզերիդ տակ,– Ու ապրի՛ր.
Գերուած հողի կարօտներիդ Արցունքի տեղ գարնան ցօ՛ղ տուր,– Ու ապրիր.
47
|
1985
Իր 85 տարիքին գրուած այս երգը մեր ժողովուրդի անկասելի երթին հիմն է, փառերգը, որ մեզ բանաստեղծին կը կապէ ու կը դարձնէ ուղեւորը մեր ժողովուրդի անվախճան ճամբուն։
Տեսաք, զգացիք Ալ. Գլըճեան բանաստեղծի ինքնատիպ, պարզ բայց մերթ իմաստասիրական խորքով չնչող բանաստեղծութիւններուն հնչական եւ իմացական զօրութիւնը։
Տեսաք, զգացիք, չօչափեցիք նոյնիսկ եղեռնէն փրկուած, պատառ–պատառ եղած բայց տրոփող սիրտը բանաստեղծին յանուն իր կորուսեալ հայրենիքին, յանուն չարունակուող երկրին, յանուն հայոց լեզուին ու մարդ արարածին։
Ընկալեալ ձեւապաչտութեան ստրուկը չէ Գլըճեան, եւ ոչ ալ նորարարութիւն փորձող իմաստակներու հետեւորդ. բայց եւ այնպէս նոր է իր հինը տալու ձեւը ու միայն իրեն պատկանող. ահա թէ ինչու հարիւրամեայ ապրող բանաստեղծը մտած է չարքերուն մէջ մեր այն երգիչներուն, որոնց տրուած է ապրիլ երկրորդ կեանքով մը նաեւ այս նագամ բազմապատկուած հարիւրներով։
Ահա կ՚անցնինք այս հատորին բ. մասին, որուն խորագիրը չկարծէք թէ փոխ առնուած է Օրմանեան մեծ Պատրիարքէն։
48
Այս բաժնին մէջ ընթերցողը ծանօթանալէ ետք բանաստեղծին, պիտի առնէ ճաչակը Գլըճեանի արձակին, որ թէեւ կու գայ Զորք Մարզպանի նախակրթարանի գրասեղաններէն բայց իր բուրմունքով կը յիչեցնէ նոյն Զորք Մարզպանի ծաղկուն նարնջաստանները։
Միայն զարմանալ կարելի է որ իր բովանդակ կեանքը Ամերիկայի մէջ անցուցած հայ մը ինչպէս կրնայ պահել իր մայրենին, առաւօտներու պէս պայծառ, վաղ ժմնած ցօղերու, հանգոյն լուսաւոր եւ երկրի աղբիւրներուն պէս կարկաչուն։
Այս բոլորը ստորագրողր երբեք չունի միտումը ձեզ նախապաչարելու, ընթերցող բարեկամներ, եւ ձեզի տալու կանխակալ կարծիք մը որպէս զի ելլէք ու բուրվառ ծխէք բանաստեղծին արձակին ի լուր։
Մենք կը խօսինք մէջբերումներով որպէսզի դուք կազմէք ձեր սեփական կարծիքը Գլըճեանի ձիաւոր արձակին մասին։
Երբ Գլըճեանի արձակին մասին Է խօսքր, չկարծէք յանկարծ որ պատմուածքներ պիտի մատուցուին ձեզի եւ կամ դէմ հանդիման պիտի ելլէք վիպակի մը։
Գլըճեանի արձակ էջերը որպէս բովանդակութիւնդ, ունին խոհեր, սիրտի խօսքեր, զրոյցներ, դիմաստուերներ, վկայութիւններ ազգային դէմքերու մասին եւ կարծիքներ որոչ գիրքերու չուրջ։
Ալեք Գլըճեանի արձակը երբ կ՚ըսենք, մենք ամէնէն առաջ նկատի ունինք գրողին բիւրեղային լեզուն - հայերէնը. անչուչտ առանց բացառելու նաեւ
49
մտածումը, կեցուածքը, տեսակէտները ազգային, հասարակական ու գրական հարցերու շուրջ:
Ահա այս գիրքին բ. մասին ա.- ենթաբաժինը, որ
կը կրէ Մտերիմ Զրոյցներ խորագիրը։
Այս բաժնին առաջին գրութիւնը խորագրուած է
այսպէս։
Խոհեր՝ Բառերու Շուքին Տակ.– խնդրեմ ըմբոշխնե–
ցէք գէթ մէկ մասը այս գրութեան:
«Բառերը հոգի՛ են, եւ սէ՜ր։ Սէր՝ գարնան ցօղաթուրմ առաւօտներու աչքերուն մէջ. Սէր՝ ծաղիկներուն արեւահամ շուրթերուն վրայ. Սէր՝ թռչուններու դայլայլին ու կտուցներուն թառած. Սէր՝ արտերու դալարին ծոցը, ջուրերու դդչիւնին հետ եւ ուռենիներու մեղմօրօր ճիւղերան վերեւ.
Սէրը՝ ամէնուրեք. Համատարած հովուերգութիւն մըն է ան։ Բաոերը հոգի՛ են, եւ սէ՜ր։ Սէրը՝ մանաւանդ՝ կնոջ մը հմայքը մարդու տա- ռապանքին եւ երկնային սարսուռներուն շաղ– կապող ծիածան։ Բնութեան անվերծանելի, յաւերժական գաղտնիքն է այս։ Տուայտանքի աղբիւր մը։ Մեծ սէրերը տառապանքով կը ծնին՝ երկունքէն Բռնուած բառերուն պէս փոթորկուն»։
50 Ունեցաք նախատօնակը։ Այս գրութեան կը
յաջորդէ «Երկու խօսք»ը ուղղուած Խորհրդային Հայաստանի յաջողութիւններուն։
Գլըճեան հաւատացեալ մըն Է հոս, որուն տեսակէտները եթէ նոյնիսկ չբաժնողներ կան, կու գան յարգել գրողին հաւատքը, որ կը ծնի հողին հանդէպ անոր ունեցած պաշտամունքէն․ տանք պատկեր մը․-
«Եւ սա քոսոտ, կաղլիկ Երեւանը, իր փողոցներու համբաւաւոր ցեխերուն մէջէն, կեանքի ու տարերքի դէմ անտեղիտալիօրէն պայքարող ժողովուրդի մը հիասքանչ մէկ հերոսամարտը կը ցուցադրէ։ Աշխատանքի, դժուարութեանց եւ մի՛շտ խոշոր դժուարութեանց երկիր է այստեղ։ Բայց անկասկած «վերելքի դժուարութիւններ, մեր միտքն ու ուժը համադրող բաղձալի դժուարութիւններ», ինչպէս կը ձեւաւորէր երիտասարդ ու կորովի Կոմիսար Եղիազարեանը»։
Բանաստեղծութեան զեփիւռին չնկչնոցը կայ Գլըճեանի արձակին մէջ։ Հաստատելու համար մեր այս ըսածը կը մէջբերենք հատուած մը «Դարձեա՛ լ ես ինծի» գրութենէն․
«Ըսաւ՝ գրէ՛։
Գրէ՛,
Երբ արշալոյսները կը խայտան պատուհանիդ փեղկին դէմ՝ գարնանային հեշտանքով, ու դուն կը տխրիս՝ արբունքի հասած տղու մը պէս, ամօթխած, չոռ ու միայնակ, յուսաբեկ։
Գրէ՜,
Երբ անրջասոյզ կոյր աչք մըն է գիրդ արդէն,– որ կը նայի, չի՛ տեսներ։ Երթ մութ կայծքար մըն է ան, որ
51
մը չասաբիբ,– որ կը թռչի, չիր ճախրիր։
|
Անվերջ են բանաստեղծին խոհերը միշտ
իմաստասիրական ոստումներով։ Բայց երբ կայ վերյուշը
Ապրիլին, հոն կեցէք պահ մը։
«Ապրիլն է, սեւ ու չարագուշակ ամիս։ Գաղթի, աքսորի տարտամ շշուկներ, <<տեղաբանութիւն>> է ըսին։ Ո՞վ ինչ իմանար։ Համր ու բթացած գառնուկի մը պէս, որ իր արբունքին փթթիլը կը զգար վաղահաս փոթորիկի մէջ, կարաւաններու մոայյ ու հեւասպաո շուքին կպայ՝ անապատներուն քաղցն ու ծարաւը ինձ հխրընկաթ։
Տակաւին․ «Ու դարերու լեզուէն քակուած հրեղէն սան’ստ մը․ - Օտար մայթերու երկայնքին փռուած արտաքին այսքան փայյ ու պերճանք, երեւութապէս հոյակապ ամէ'ն կառոյց, ու փառքի սպառազէն բոլոր տողանցքները անզօր պիտի մնան փոխարինելու աճումի, գոյատեւման այն մշտավաո արիւնը, որ մայր-հողիդ երակներուն մէջ կը շրջի, եւ որ յաւիտենականութեան անյեղլի երաշ¬ խիքն է իբրեւ էութիւն։
Հո’ղը, հո’ղը–
52
Սեփական հողը հաւաքական աժիդ - ժողովուրդին - գերակայութեան ամրակուռ կայանն է։ Հողը՝ արեւին հուրովը միշտ յղի, մա’յր արարիչ, ֆիզիքական ու իմացական մարդուն անփոխարինելի ստնտուն իբրեւ, հպարտ պատկանեյիաթեան մը աստուածային հզօրութիւնը ջամբած է իրեն»։
Ապրող բանաստեղծը ապրող կտոր մը երկիր է Ամերիկայի մէջ։
Ու մինչ հինգ տարիներ առաջ <<Մայրամուտին Ոանաձայնը» կը լսէ ան կ՚ապրի եւ պիտի ապրի վկայելու Համար, իմ տարիքի տղաներն իոկ ներկնչելու. Համար։
Գրքին Բ Մասին, բ– ենթսւբաժինը նուիրուած Է․
<<Սիրելի Դէմքեր>>ու կը տողանցեն թէքէեան, Հրաչ Երուանդը, Աիլվան, Շահնուրը, Աուրէն Մանուէլեանը, Անդրանիկ Անդրէասեանը, Օննիկ Զաքարեանը, Մկրտիչ Հաճեանը, Բենիամին նուրիկեանը, Արշակ Տիգրանեանը, Վարպետ Աարեանը, Յասմիկ կուլեանը, Հայր Արշակ Խաաչատուրեանը, Գրիգոր Պտղտիկեանը, խմբագիր Պէրպէրեանը։
ԴԻՄԱՍՏՈԻԵՐՆԵՐ ՈԻ ՎԿԱՅՈԻԹԻԻՆՆԵՐ
իւրաքանչիւրին մասին րարի խօսք մը ունի Գլըճեանը իր պերճափայլ հայերէնով։ Երբեմն նախաղասութեամբը ենթակային կենդանագիրը կ’ունենաք ձեր աչքերուն դիմաց։
Այսպէս, խօսելով Թէքէեանի «իմ մէկ հատիկս հիմա․․․>> բանաստեղծութեան մասին Գլըճեանը կը գրէ․
«Վարակիչ է այս քերԹուածը^ այս դիրքը կշռուած
53
հուսկ շերտերը հոս, տեղ մը, կը հատնին ալ։ Մարդ մը կայ հոս, հէն ու լայնարմատ կաղնի մը՝ պտղատու դեռ, որ այսպէս կը ստորագրէ․- Վահան Թէքէեան։
Մանրիկ ու անպաճոյճ բառեր, շա՞տ ընտանի։ Ու առաջին դասարանին մկջ դիւրութեամբ խոնարհուած սիրական բայեր միայն,- ահա կոկիկ հանդերձանքը անոր կմախքին, ուժեղ ու դիմացկուն ներքնապէս, եւ ուր՝ քերթողը փայփայանքով կը զետեղէ իր ազնուական խորհուրդին ջերմութիւնը։
Ակամայ կը մտածես, Գլըճեան բանաստեղծը ինչո՞ւ չէ զբաղած գրական վերլուծումներով։ Չէ՞ որ մեր ընթերցողները շատ շահելիք կ՚ունենային իրմէ․ ինք որ տասնամեակներով ինքզինք լռութեան դատապարտեց, որպէսզի մենք եւս այդ լռութիւնը դատապարտենք։
Բայց կը խորհինք, բաւ է, ինք պատժուած է արդէն, սակայն մեզ եւս ղրկելով իր անոյշ խօսքկն։
Գլըճեան երբ կը խօսի Հրաչ Երեւանդի մասին, ինչպԷս ամԷն առիթով, բառերը չի ծամեր, այլ կը գրԷ․
«Բարձունքի մը կը նայինք, եւ աննասանեԼիաթեան շքեղ գագաթ մը կը պայծառանայ մեր աչքերուն առջեւ։ Հայ ազգային ոգեկան աշխարհը լուսաւորող իմացական ջահ մը ահաւասիկ, որ իր հեռարձակ, չայնահուն կայծակներով կը տաքցնէ մեր սիրտերը»։
Ու կը շարունակէ․ - Հա՜յ եմ ես, կա՛մ ու պիտի մնա՜մ։ «Այս է որ ուսած եմ իրմէ, ա՜յս է որ կը մնայ իրմէ թանկագին հրիտակ ինծի»։
54
Արդէն ներկայացուած դիմանկարը պայծառացաւ։
Խօսլեով Շահան Շահնուրի «Բաց Տոմարը» եւ «կրակը կողքիս» գիրքերուն մասին․ (այս եւս վերադարձած մը մեր գրականութեան) Գլըճեան կը Գրէ՝
«Տողերուդ կուո, գեղահիւս, մի՛շտ այ պարկեշտ տարազով կառոյցը, երբեմն սուգի, երբեմն խայտանքի տաճար, բայց եւ երբե՛ք շաղակրատ թութակ՝ իբրեւ միտք ու զգայութիւն, կը մօտեցնէ մեր գրական լեզուն արուեստի հոյակապ բարձունքի մը, ուրկէ տասնամեայ կակազ հայ աշակերտը կրնայ աշխարհի երեսին պոռա՜լ, «ճ-ճխե՚րս, դ-դուք խաշնարածնե՛ր, գ-գացէք ձեր կովերը ջրելու... Ա– այբ, Բ– բեն, Գիմ, Դա․․․»։
Մեր պապերէն եկած առհաւական ի’նչ մը կայ Գլըձեանի Հոգիին մէջ, որ կը մղէ զինր ճշմարիտ վկայութիւններու։
Ահա նիւթն իր հոգեղրայրն է՝ Անգրանիկ Անդըրէասեանը․ «Կիսուի թէ Աստուած՝ օր մը, մասնաւոր ա– ոաքեյութեամբ երկիր կ՚իջնէ։ Բա՛ն մը կը խռովէ զինք։ Ստեղծագործական երկունքի տառապանք մը կայ իր աչքերունմէջ։ Ցուպը ձեոքին՝ կը ճամբորդէ Հայաստան, եւ Օշականի Սուրբին Այբ, Բեն, Գիմի աղբիւրէն սափոր մը ճաճանչ կը յեցնէ իր մախաղին մէջ։ Կքանցնի Յունաստան, կ՚առնէ դգայ մը անկաշառեյի ուղ¬ ղամտութիւն՝ Սոկրատի հանճարեղ գանկէն։ Յետոյ ՝ Հը– ոո՚մ, հոնկէ կը քաղէ Կիկերոնի փոթորկայոյզ, պերճաբուխ խօսքերուն արձագանգները։ Կ՚երթայ Հնդկաստան, 55 այնտեղ՝ ագահօրէն կը հաւաքէ սրբակրօն մեծ Կանտիի հեզութեան, խոնարհամտութեան ու հոգեկան պայծառատեսութեան անթառամ ծաղիկները, ու կը վերադառնայ, այս անգամ՝ Չմշկածագ,- Բիւզանդիոնի գահը սպառազինող հայկական գօտին։
Հոս է որ կը վերցնէ ափ մը սեւ, յուռթի հող Անդըրէասեաններու այգիէն ու կը թափէ այս բոլորը սանդի մը մէջ։ Կը խառնէ, կը ջրէ զանոնք, կը շինէ շաղախ, խմոր, կը ձուլէ արձանիկ մը, կը յղկէ զայն ու տաք, գորովոտ շրթներով կը փչէ անոր քիթէն ու կը պատգամէ.
-Որդա՛կ իմ սիրեցեալ, արդ եղիցի անուն քո Անդրանիկ Անդրէասեան։
Որքան գորով, սէր ու յարգանք իր ընկերոջ նկատմամբ, որուն հետ Գլըճեան վարեց իր գիտակցական ամբողջ կեանքը եւ ոչ մէկ անգամ տարակարծիք եղաւ անոր հետ։ Անդրէասեան–Գլըճեան բարեկամութիւնը ամպ ու քէն չճանչցաւ երբեք։ Նախնաձելի, օրինակելի ընկերութիւն։
Եւ այսպէս բոլորին հետ, այսպէս բոլորին մասին։
Բ. մասին վերջին ենթաբաժինը վերանորոգուած է․
ԳԻՐՔԵՐՈԻ ՀԵՏ
Այստեղ, Գլըճեանը խօսած է «Նոր Գիր» եռամսեակի, Ալիսիա Կիրակոսեանի «Արմատ եւ էութիւն» Մկրտիչ Հաճեանի «Բոցեր», Մարօ Մարգարեանի «Լցուած Լռութիւնը» ու դարձեալ Ալիսիսայի «Մայրութիւն» բանաստեղծութեան մասին։
Այս էջերուն վրսւյ խօսողը գրական քննադատ
56
չէ, ոչ ալ պարսաւագիրը կամ պարզ գրախօսողը։
Այս էջերուն վրայ հայ գիրը գնահատողն է, որ շաղ կու տայ իր միտքերը արւանց երբեք չողոմելու բայց արժանին՝ արժեւորելով ի սրտէ։
Բենիամին Նուրիկեան, Անդրանիկ Անդրէասեան, Ալեք Գլրճեան Յակոբ Ասատուրեան եւ Աուրէն Մանուէլեան կոչուեցան նոր Գրքի տղաքը։
Այս խումբէն կ’ապրին Աակոբ Ասատուրեանն ու Ալեք Գլըճեանը։ Իր ժամանակին <որ Գիր> ե– ռամսեան եւսն շարժումի մը կերպարանքը ստացաւ եւ եղաւ ժամադրավայրը մեր գրական կարդ մը մեծերուն։ Այդ ամսագիրին ծննդոցին մասին խօսելով, Գլըրճեանր կը յայտնէ թէ պիտի ըլլայ բովանդակութիւնը այս բագինին․
«Ուղի՞ եւ բովանդակութի՞ւն,- այդ պիտի տանք երբ մանուկը իր առաջին ճիչն արձակէ, ճիչ’ որ աննպատակ պոոթկումներու վատնում մը պիտի չըլլայ անտարակոյս։ Այս խոստումը իր հետ կը տանի ապահովութիւնը յաոաջապահ եւ անկաշառ մտածումին զոր կը գտնենք մեր շուրջը, յեղաշրջող կենցաղի դարեր կարճեցնող խոյանքէն, եւ մարդոց ու իրերու յաւտենական պայքարներուն խորքը բռնող ամէնէն դիմացկուն ու արժէքաոր եւ անջնջելի սկզբունքներէն։ Այսինքն, տա՛լ ա զգայինը որ զայն խորհրդանշող գիրի’նն է եւ տա՜յ մարդկայինը’ որ ընդհանրական ու համապարփակ շրջագիծ մը ունի, եւ որ կը մերժէ, հա’րկ է որ մերժէ, բոլոր փցուն ու տեղական նախասիրութիւնները»։ Ու <Լևոր Գիր> այդպիսի գրական պարբերական մը եղաւ։
57
Կիրակոսեանի «Արմատ եւ էութիւն» գիրքէն բարձրացող․
«Քերթուածներու ոսկեվառ, ծաղկաստան մը՝ այս մէկը։ Սէր, երազ, մենութիւն, հայ արմատներուդ փառքը սնուցանող արնաներկ հողէն ու տառապանքէն վերընձիւղած յոյսը՝ պայծառ խոհերու ծիածան մը կը բռնեն, քաղցրաւաչ առուի մը վերեւ կը թափառիմ էջերուն ջերմ, հիւրընկալ, հեզասահ ծփանքներուն մէջ։ Ընթերցումին ագահութիւնը վայելքի գաղտնի, անկուշտ ծորակ մը կը ձգէ աչքերէս, ուղեղէս ներս դէպի սիրտ»։
Եթէ զեղում գտաք Ալիսիայի գիրքին վերաբերմամբ, տրուածը սակայն անկեղծ վկայութիւն մըն էր։
Բայց ահա նոյն անկեղծութիւնը Մկրտիչ Հաճեանի «Բոցեր» գիրքիե առիթով․
«Տարիներով տառապեցանք ընտելանալու համար պէտէվի այս գրիչին բանաստեղծական զեղումներուն։ Հիմա, գիրքի մը կողքին թառած՝ մենամարտի կ՛ելլէ։ Սարերու շկահիւնը կը ըսենք արդէն։ Վկայելու ենք, շուտո՛վ, թէ ապերասան, զարտաղի, գրական սրբութիւնները աքացող բարբարոս քերթողագիրքի մը հետն ենք, ուր, անկախ մեր նախասիրութիւներէն վայրագ շունչ մը կը թեւածէ»:
Գլըեանին միտքը ոչ հարուածել է եւ ո՛չ ալ փայփայել։
Կու տայ իր զգացածը, կշռածը։ Ծանր ու թեթեւ ըրած է գործը ու կշռաչափերը նիշդ դրած։
Ահա կարծիք մըն ալ Մարօ Մարգարեանի «Լցուած Լռութիւնը» գրքին մասին․
58
«Մատեան մը.- «Լցուած Լռութիւն»:
Ծննդավայր.– Երեւան։
Մսուրը.- կնոջ մը սիրտը։
Մայր ստնտուն.- Մարօ Եղիշէի Մարգարեան։
Երբ սիրտը կը յորդի խոhերու Լռութեան մէջ ծաղկող լուսեղէն սէրերով, քերթողի մը տառապած հոգին է որ կը գալարուի բառերու զսպուած յորձանքին մէջ։ Արարչական երկունքի սարսո՞ւռ՝ երգերու այս հովիտին մէջ թեւածող»։
Բնութագիր մը՝ ոգեղինացող: Հիմա, կը խորհինք թէ թիչ ճանչցաք Ալեք Գլըճեան բանաստեղծն ու արձակագիրը իր իսկ տողերուն, խոհերուն, ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն ընդմէջէն, որոնք եկան ձեզի բանաստեղծին առաջին եւ երկրորդ գիրքերուն ճամբովը։
ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐ «ԵՐԳԵՐ ՀՈՂԻ ԵԻ ՀԱՏՈԻՑՄԱՆ» ԳԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ
Յակոբ Օշականը չկար որ խօսէր։ Ան մեկնած էր անդենական 1948 թուականին։
Բայց այլ խօսողներ եղան։ 2 Մայիս 1987ին Անդրէասեան յօդուած մը ստորագրեց «Պայքար»ի մէջ։ Նուպար Ակիչեան յօդուած մը ստորագրեց Լոս Անճելըսի «Նոր Օր»ին մէջ, 1988ի Մայիսին Արմէն Դարեան գրեց Պէյրութի Զարթօնք օրաթերթին մէջ, 12 Դեկտ․ 1985ին, Արամ Արամեանը (Արամ Սեփեթճեան) գրեց Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք»ին մէջ ու վերջապէս՝ հայրենիքէն, քննադատ Վազգէն Գաբրիէլեանը յօդուածով մը վեր առաւ արժանիքները
59
թուագրուած 19 Ապրիլ 1988։ Չմոռնանք Յակոբ Ասատուրեաանը, բանաստեղծին վաղեմի բարեկամը, որ 1994 Մայիս 18 թուագրեալ յօդուած մը ստորագրեց նոյնպէս «Նոր Օր»ի մէջ։ Անմասն չմնաց Հերմինէ Գալէմքէրեան Սահակեանը, որ նոյնպէս խանդավաո. յօդուած մը ստորագրեց «Նոր Օր»ի մէջ 10 Յունիս 1986 թուագրեալ։
Կը տեսնէք ահա, որ աննկատ անցած չէ բանաստեղծին գործը, որ ինչպէս ըսինք արժանացաւ Թ․ Մ․ Մ-ի Հայկաշէն Ուզունեան մրցանակին, մրցանակ, որուն նիւթական պարգեւը ստոյգ տեղէ իմացանք, որ բանաստեղծը բաժնեց կարօտեալներու։
Այսպէս ապրեցաւ Աէեք Գլըճեանը։ «Նոր Օր»ի 1989ի Աեպտ․ի 12ի թիւին մէջ Ալեք Գլըճեանի ստորագրութեամբ յօդուած մը կարդացած ըլլալով «Մեկնումէն Առաջ» վերատառութեամբ, մեծ յուզում ապրեցանք եւ անմիջապէս արձագանգել ուզեցինք այդ գրութեան։
Ճիշդ է, ոը այդ օրերուն Գլըճեանը 89 տարեկան կ՚ըլլար․ բայց ինչո՞ւ իր մօտ աճապարանքը մեկնումի, երբ Գաբրիէլ հրեշտակապետը կորսնցուցած է բանաստեղծին հասցէն: հ*ուցէ մատեանը մեկնողներու անուանացանկին ինկած է ցեխաջուրերու մէջ եւ ջնջուած է անունը բանաստեղծին։
Կանչող չկայ, ո՞ւր կ՚երթաս Ալեք Գլըճեան․ միթէ՞ կը խորհիս թէ երթալիք աշխարհդ աւելի լաւ է։ Կը խորհի՞ս թէ «դեմոկրասի» կայ վերը տեղ մը։
Ահա յօդուածիդ նիւթէն այլայլած պատասխանած եղանք ձեզի։ 31 Հոկտ․ 1989 թուագրեալ այդ յօդուածը
60
Այստեղ, վերստին կը տրուի այդ դիրը, որպէսզի վերստին կարդաս եւ հարիւրամեակիդ սա օրերուն մեկնումի մասին չմտածես երբեք․․․ Ուրեմն, հարամմեցէք․
«ՊԱՏՈՒԵՆՔ ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐԸ ԱՆՈՆՑ ՈՂՋՈՒԹԵԱՆ»
Թե՞րթը դողաց եռքերուս մեջ, թէ ձեռքերս դողացին երբ կարդացի Ալեք Գլըճեանի, «Մեկնումէն Առաջ» յօդուածը «Նոր Օր»ի այս տարուան Սեպտեմբեր 12ի թիւին մէջ։
Յօդուած մը չէր այդ, այլ՝ բանաստեղծութիւն։ Դատումի, խոհերու, ապրումի զուլալութիւն, հայերէն լեզուի արծաթէ կարկաչ, տօնահանդէս մէկ խօսքով, ծնած՝ դէպի իր 90ը գացող բանաստեղծին գրիչէն․ Օ՜, ո՛չ հոգիէն։
Ես, հեռաւոր իր ընթերցողը, տարօրէն յուզուեցայ, վերյիշեցի մեր հանդիպումները, երբ գրաւոր խօսքի ծաղկումին դիմաց իր մէջ գտայ իրաւ մարդը, իրաւ հայը, այլուրներէն մեր մոլորակը ինկած Տէօրթ—Եօլի նարնջաստաններուն մէջ հասակ առած այս բուրմունք տարածող հոգին, որ թուրքին եաթաղանէն ճողոպրելով հասաւ Ամերիկա, եւ ահա եօթանասուն տարիէ ի վեր (այս օրերուն 90 տարիէ ի վեր) իր ունեցած գրական շնորհքներուն միայն մէկ տոկոսը տալով կը զգլխէ մեզ, Մեսրոպեանին երկրպագել կու տայ մեզ, կը յուզէ մեզ։
Ալեք սիրելի, ինչո՞ւ կը մտածես մեկնումի մասին, երբ չես կրնար մեկնիլ (երբ չես կանչուիր)։ Քու
61
ըլլալ։ Ճիչդ այդ պատճառով, եթէ ուրիշներ, ինչպէս կ՚ըսես, վերադարձի խոստում չտուին, դուն ալ մի՚ տար, այդ չենք սպասեր, քանի որ քեզի համար մնալ սահմանուած է վերուստ։
Ճակատագիր պիտի ըսէր մարդ։ Ես պիտի աւելցընէի՝ - ճերմակ ճակատ, Սպիտակ գիր։ Արժան եւ իրաւ։
Ո՜ւր․ էր թէ քու հայ լեզուի նուռի հատիկնրէն , խաղողի ողկոյզներէն մենք ալ ունենայինք, մեր սերունդի տղաքը, եւ այգեկութքի եկողները պարապ կողովով չմեկնէին։
Իսկ հիմա, ահա, երբ դուն ես գրողը, կը դառնաս այն այգին ու այգեպանը, որ մեզի հրաւէր կու տայ, այգեկութքի հրաւէր։ Մենք վայելողն ենք, մինչդեռ ուրիշներ պէտք է վայելեն մե՚ր այգիին պտուղները, որոնք հակառակ տարիներու հոլովոյթին կը թուին մնալ խակ եւ ոմանց ատամներուն վնասել, ոմանց ստամոքսին գուցէ, ու սիրտին եւ ուղեղին։
Ուրիշ է համը քու միրգերուդ։
Հոն, երկրին համը կայ։ Հողին, հայրենի հողին համը։ Քու լեզուդ, քու մաքրամաքուր հայերէնդ կու գայ երկրէն, ուր երբեմն բանակած են զօրքերը Մեծն Տիգրանին, ուր հայ թատրոնը լայն բացած է Քրիստոսը կանխած իր դռները, ուր սաւառնած է Անդրանիկը եւ ուր հնչած են Մեծն կոմիտասի հայաբոյը երգերը։
Դուն, ինչպէս կ՚ըսես «Մեկնումէդ Առաջ կոչուող մեղեդիիդ մէջ, միայն ծաղիկ հոտոտելով չես զբաղած այլ եղած ես ջանադիր այն մեղուն, որ հայ կեանքի դարաւոր ծաղիկներէն մեղրիդ համար բեղմնափոշի
62
Ինչո՞ւ այդպէս եղար, սիրելի գրող, թանկագին հայ՝ Ալեք Գլըճեան։
Այո՛, թունդ է քու գինիդ։ Մէկ բաժակն ալ կը գինովցնէ մեզ, երբ կրնայինք տակառներով մա– տըռուակել քու գինիէդ, ոսկեղնիկ լեզուէդ։
Փառք այն մօրը, որ ծնաւ քեզ։ Ես ուրախ եմ, երջանիկ նոյնիսկ, որ հասայ քեզի, մասնակիցը եղայ այգեկութքին այգիիդ եւ երգերովդ գինովցայ։
Հպարտ եմ, որ կաս դուն, կան երգերդ։ Ու հպարտ եմ մանաւանդ այն իրողութեամբ, որ քեզի համար մեկնում չկայ։
Այս օրերուն, սանուկիդ՝ Անդրանիկ Անդրէասեանի ծննդեան ութսունամեակն է։ Դուն, աւելի քան վաթսուն տարի ընկերութիւն ըրիր Անդրանիկին հետ, եւ այդ վեց տասնամեակներու երկայնքին ձեր ընկերութիւնը ամպ չճանչցաւ, Ջմշկածագ-Տէօրթ-Եօլ ճամրան փուշ չունեցաւ, վարդուղի մնաց։ Ի՜նչ անմոռանալի դաս։
Շուտով կը հասնինք նաեւ քու 90ամեակիդ։ Աստուծոյ ամենատես աչքերէն չես վրիպած, մի՛ վախնար, ան ալ հպարտ է, որ քեզ ղրկած է մեր աշխարհը ու ղրկած է հայ մօրմէ մը, որպէսզի այս աղքատ աշխարհը քեզմով հարստանայ, հարստանայ նաեւ Անդրանիկ Անդրէասեանով։
Պէյրութ մեկնած էի մէկ քանի օր առաջ։ Հոն, Թէքէեանի տղոց առաջարկեցի, որ տօնեն Անդրանիկին 80 ամեակն ու քու 90 ամեակդ միասնաբար։
Նոյն առաջարկը կ՚ընեմ Լոս Անճելըսի Թէքէեանականներուն։
63
մանաւանդ՝ արժանաւորները, որոնք վաթսուն եւ եօթանասուն տարի գիտցան ապրիլ անանձնական կեանքով յանուն այս տառապող ժողովուրդին, միամիտ ու դիւրախաբ ժողովուրդին։ բայց եւ տոկուն, ապրիլ որոշած, յաղթել որոշած, յաւերժագնայ ժողովուրդին։
100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/64
Ողջո՜յն քեզի, Ալեք Գլըճեան։
Ողջո՜յն քեզի, Անդրանիկ ԱնդրԷասեան։
Դուք հայոց այգիին նուռի ծառերն Էք։ Դուք հայ դպրութեան խաղողի այգին ու ծիրանի ծառը։
ի՜նչ ըսեմ ձեզի, որ արժանի ըլլամ ձեր մէկ նայուածքին ու ծուէն մը խօսքին։
Պիտի փոխառութեամբ մը <<Մեկնումէն Առաջ» երգը գրողիդ ոլ սանուկիդ ըսեմ․
Նոր կեանք մտնող երեխու պէս Ոչ մի րոպէ մահ չի սպասել․․․ Ու քանի Շիրաին մահ չկայ, դուք եւս զրկուած էք սատանային այցելութենէն։
Այս է վերջին խօսքս ձեր մասին։ ի տեսութիւն ձեզ, հոգի հայեր, եղբայր գրողներ։
«Նոր Օր» 31 Հոկտ․ 1989Յ․Գ․ Այս բոլորէն վերջ, երբ քեզի մօտեցողը, սիրելի Գլըճեան, հարիւրամեակիդ տօնախմբութեան օրն է, Ողջոյն քեզի, Ողջո՜յն հարիւրամեակիդ՝ ա’յն քաղաքէնէ ՀալԷպԷն, ուրկէ դուն անցար ոտաբոպիկ, բայց որ այսօր անապատի կտուցին ծաղկած ձիթենի մըն է։
64
ԹԱՓԱՈՓԿ ԽՈՀԵՐ Մակագրութեամբդ ստացած ենք նոր այգե– կութքիդ երրորդ կողովը, ուր կայ ծիրան, խաղող ու նարինջ: Շնորհակալութիւն Նուէրին համար, պատաս- խան նուէրով ձեզ ուրա- խացնելու խոստումով: Ահա կը բանանք 286 էջերու վըայ տարածուող Գլրճեանական այս այգիին դարպասները: Հոն են կողք-կողքի գրողին բանաստեղծութիւններն ու արձակը։ Հոն է էնք իր շնչող ոգիով: Գիքը հրատարակութեան պատրաստողը՝ Լոս Անճեչըսի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնն է, Թէ քէեան Մատենաշարի միջոցաւ, որդուն եօթներորդ իրագործումն է այս հատորը։ Այս մատենաշարին խմբագրութեան մաս կը կազմեն՝ Վաչէ Աեմերճեան, Անդրանիկ Փոլատեան, Օշին Քէշիշեան եւ Յարութ Երէցեան։ Չմոռնանք արձանագրելու, որ Ալեք Գլըճեանի այս գործին լոյս ընծայման օժանդակած են նաեւ իր հայրենակիցները՝ Տէօրթ-Եօլի Հյրենակցական Միութիւնը; Ու ահա շքեղ հատոր մը հեղինակին գրեթէ ամբողջական գործերը պարփակող, որուն յառաջաբանն ալ ստորագրած է յայտնի վիպագիր՝ Ստեփան Ալաճաճեանը։
Արժանի նուէր մը հեղինակին իր 98 ամեակին առիթով եւ նուէր մը մեզի՝ ընթերցողներուս։
Այս հատորը 32 բանաստեղծութիւններով եւ վկայութիւններու բաժինով մը ճոխացեալ կրկնութիւնն է մեր 1985ին հրատարակած գործին - Երգեր Հողի եւ Հատուցման։
Ճաշակով պատրաստուած այս գործին մէջ նորութիւն են նաեւ հեղինակին զանազան տարիներու լուսանկարները, ուր յայտնօրէն կ՚երեւի թէ յառաջող տարիները որքա՛ն կրնան այլափոխել մարդ արարածին դիմագիծը։
Մենք օգտագործած եղանք հատորին մէջ խնամքով ամփոփուած վկայութիւնները տասնեակ մը գրողներու:
Հատորը ունի նաեւ բանաստեղծութիւններ գրուած անգլերէն լեզուով եւ շարք մը թարգմանութիւններ, որոնցմով կը հաստատուի Գլըճեան բանաստեղծին այլ մէկ կարողութիւնը։
Անշուշտ արդարօրէն տեղ տրուած է նաեւ Գլըճեանի արձակին, որուն շուրջ ունեցանք անդրադարձ ելլելով մեր հրատարակութենէն։ Որքան քնքշական է բանաստեղծը երբ իրեն մօտեցողը իր թոռնուհին է.
«Կեանքի վայրէջքը բռնած մեծ հօր մը մրափը կը տարածուէր շուրջս, երբ ծաղկաւէտ երազի մը քնքշութեամբ իջաւ ան վրաս։ Սափոր մը արշալոյս սրսկեցին վրաս, խորհեցայ։ Չէ՛, թոռնիկս էր։ Աղուոր աղջնակի մը տարազով պուրակ մը բուրմունք ու
66
Այսպէս գրած է բանաստեղծը հատորին 12րդ
էջին վրայ, փոխանցելով էր զգացումները բոլոր մեծ հայերուն։ «կանչ ԱրցախիխրամատներունՄէջէն» քերթուածով բանաստեղծը դարձեալ կը յուչէ. Անոր ով լքէ կտուրն նայրենի Բախտի շուքէն դուրս այչ երդիկ չկայ: Եւ Պատմութեան դասն է. անյեղլի, դաժան,- Աոանց խոյանքի յաղթանակ չկայ։ Գոյամարտի մասնակից մը ինք տակաւին իր 18ին մէջ, ահա 94 տարեկանին կ’երկնէ քերթուած մը «Գոյամարտ» խորագիրով, ուր կ՚ըսէ. Յաղթանակի Դրօշին տակ Քաջեր կ՚իյնան. Ով կ՚ընկրկի Անփառունակ Դիակ մ’է ան։
Մեծ հայր բանաստեղծը իր օրհնութիւնները կը յղէ
ոչ միայն իր զաւակներն ու թոռնիկներուն, այլ նաեւ դրացիներու նորածիններուն, նաեւ հայ գրողներու- միշտ բանաստեղծութիւններով, որոնցմէ օրհնութեան ճառագայթներ կը սփռուին։ Եթէ տխուր է լալու չափ Անդրէասեանի մահուան առիթով, հրճուանքով վեր կ՝առնէ գործերը Ալիսիա կիրակոսեանին անոր նուիրելով քերթուած մը։
Բանաստեղծը այդ գործերուն մեջ` համակ
օրհնանք։ Ահա «Խոհերուս Արահետներով» բանաս- տեղծութիւնը.
67 Կրնաս կամրջել վտակ ու գետակ,
Կամրջել մտքով ծով ու ովկիան. Անկամրջեփն երկեակ Միտքն ու հոգին են միայն։
Հողըդ ներկէ, հունտ ցանէ՛.– Տօն մրգանաս. Սիրտըդ հերկէ, գի՛ր ցանէ,– յաւերժանաս։
Հացիդ մէջ սիրտ դիր, սեղանն երբ բաց է, Ձայնիդ մէջ գորով, աղերսն երբ բաց է։ Ահա բանաստեղծին «լթափառիկ խոհեր»էն թիւ 2ը. Մանէն անդին Սէր ու խինդ կա՞յ. Թէ՞ անքննին խորք մ՚հեռակայ... Բաւ է խորհիլ Թէ կա՚նք, կ՛ապրինք, Եւ զգալ բիլ ափ մը երկինք... 96 տարիքին գրուած այս տողերը անդորրութիւն կը բերեն ալեկոծ հոգիներու: Իր խորհուրդը.– իյնալ` չընկրկիլ, ծռիլ` չկոտրի՚լ.– Գնա կեանքի այս տենչով պայքարիլ...: Իսկ «Կեանքի Արահետներով» քերթուածին մէջ. Երբ լոյսերը չորս կողմ մարին, Վառէ մտքիդ ջահերը հին։
Անկեալին ձեոք, որբին՝ սիրտ տուր, Մեծանձնութեան պահն է այս լուռ։ Բախտի մուրիկ ափ մի՛ դառնար,
68
|
Ալեք Գլըճեանը հասաւ իր հարիւրամեակին, բայց
ահա 1996ին, «Վերադարձ» խորագիրին տակ կը գրէ
իր շուրջ դեգերող մահուան մասին․
|
.
Այդ դեգերող շուքը դեգերելէ յոգնեցաւ․ այդ օրէն անցած են արդէն երեք տարիներ ու մենք կը պատրաստուինք տօնել բանաստեղծին 100ամեակը։
Հայերէն բանաստեղծութիւններու այս շարքին կը յաջորդեն անգլերէնով գրուած քերթուածները, ուր մեծ մասամբ խօսողը մեծ հայրն է իր թոռներուն հետ այնքա՛ն քնքշօրէն։ Թիւով 21 բանաստեղծութիւն։
69
ԵՐԲ ՅՈԻՇԵՐԸ ԹԵԻ Կ՚ԱՌՆԵՆ
Նոր բաժին մը արդարեւ, ուրկէ Գլըճեանի արձակին նարինջի բոյրերը պիտի տարածուին։ Ահա մէկը այդ բուրումնաւէտ պտուղներու ծաղկանոցէն․․․ « Ծովեզրին»–
«Ի’նք, ծովն ու ես՝ երազի մը մէջ գիրկընդխառն, առանձին։ Միջօրէի մեղմօրօր ալիքներու պարը միայն կը յուշեն մեզի առանձնութեան քաղցրութիւնը։
Կը դիտեմ զինք ու կը զգամ գգուանքը՝ իր աչքերուն մէջ փթթող ժպիտին։ Քնքշաթխն համակ, մանկունակ հրապոյր մը կը ծորի իրմէ՝ առտուան զեփիւռներու փափկութիւնը սփռող։ Ամրան բարկ գիշերաայ մը նանանջն ըլար կարծես։ Ա’յնքան արբեցուցիչ։
Բան մը կը խռովէ զիս։ Ա’, աոնեյ զինք վարանոտ բազուկներուս մտերմութեան մէջ, ու շրթունք շրթունքի, պարպել իր մէջ՝ փրփրող գինիի կարաս մը, ուր սիրոյ անսպառ վիշտն ու երանութիւնը կը խմորուին սրտի թաբուն շողերով։
Այդպէս էր. ի՚նք, ծովն ու ես՝ երազի մը մէջ գիրկընդխառն, առանձին։ Ի՞նչպէս սանմանե տառապանքը սիրոյ մէջ, երբ այսքան երջանկութիւն կը պարգեւէ ան մեզի․․․։
Ի՚նք, ծովն ու ես։ Օրը կայտռելով անցաւ»։ Ու այդ կայտռանքը փոխանցելի է; Ծննդավայրի մագնիսական ուժը Գլըրճեանի հիւսւածիներուն մէջն է, անոր սիրտին, երակներուն, ջիղերուն եւ խոհերուն մէջ միշտ արթուն։ Ահա թէ ինչու, բանաստեղծը ոչ թէ յաճախ կը յիչէ իր գիւղը այլ երբեք չի մոռնար․ «Ծննդավայրիդ յուշերը կը հեռանան քեզմէ տակաւին չե'ն բաժնուիր։
70
Խորապէս կը տառապեցնեն յաճախ, չե'ն յասալքեր։ Ու այսպէ՛ս, մօր մը ստինքներուն փակած երեխայի մը երանութեանց տաք ալիքները կ՚անցնին մտածումներուդ մթասքօղ արահետներէն։
Ցուշերը հոգեկան մշտահոս աղբիւրներ, չե՛ն հատնիր, չե՛ն սպառիր։
Անթաղ յոյգերու վերազարթնումն է այս, անվերջ պատարագ մը»։
Այլ գրութեան մը մէջ, որ խորագրուած է այսպէս․-
«Ընդ Գետն Բաբեյացւոց Անդ»..
«Ծննդավայրին յուշերով սնանող սիրտը ծերանալ չի գիտեր։ Հոգին մերթ կը սաւառնի, դէպի հարաւ, դէպի իր բոյնը, վերադարձող կռունկներու պէս, երթայ հանգչերու համար պահ մը իր ծննդավայրի մշտադաւար նարնջենիներու անտառին մէջ։
Չորք Մարզպան, Տէօրթ-Եօլ, ցանկալի Կիլիկիա։
Գիտէ՞ք, սակայն, թէ պարսատիկներու, սուիններու, ատրճանակներու եւ մավզերներու սիրահար, կըռւազան գիւղացիներ եղած են տէօրթեօլցիները։ Ազգային շունչ ու պատմութիւն ներարկելու տենչով իր ասպնջական սեղանին շուրջ բազմած են դաշնակցական Ակնունին, հնչակեան ժիրայրն ու Համբարձումը, ռամկավար Մլեհն ու Մխօ Շահէնը, որբախոյզ Ռուբէն Հերեանը։ Գիւղն ամբողջ կուսակցական ժամադրավայր մըն էր։ էրմէնի շիրքէթլէր»։
Մեր օրերուն համար ուսանելի եւ գործագրելի վկայութիւն մը, որուն իրագործումին ջանադիր
71
անխըտիր։ Ուշացած ենք արդէն։ Գործելու պահն է, որ իրարմով զօրանանք զիրար բգքտելու փոխարէն։
Էջեր կան Ալեք Գլրճեանի յուշերու պարտէզէն քաղուած, որոնք փայլուն գեղարուեստական պատմուածք մը կը ներկայացնեն․ այդպիսի կտորներէն մէկն է՝ <<Անշէջ Մորենին>>։ Գիւղի դպրոցական կեանքէն անմոռանալի պատկեր մը։ Այլապէս ալ Գլրճեանի բոլոր էջերէն պատգամներ կուղղուին մեզի։ Ահա <<Յիչատակի Խօսք» մը Աուրէն Մանուէլեանի եւ Բենիամին Նուրիկեանի մահերուն դիմաց․- «Այս «տղոց» մեկնումով հայ գրականութիւնը իր երախտաւոր մշակներուն տխուր կորուստը պիտի ողբայ․․․
Իսկ ե՞ս։
Ա՜, կը յիշե’մ։ Մատքի տուն մը ապահովուած էր ինծի՝ <<տղոց» այս փարախէն ներս մակաղելու։
Յիսուն տարիներու տարածութիւն մը կտրեցինք միատեղ, յիսուն տարիներու արածում մը հայ գրական անդաստանին, արօտատեղիներուն մէջ’ աոանց կիրքի, կռաըտուքի, նախանձի, քէն ու ոխի, աոանց ամենադոյզն իսկ փոխադարձ նախանձի»։ կը լսէ՞ք հայ գրողներ, Հոն Երեւանի մէջ եւ Սփիւռքի, կը լսէ՞ք, Բենիամին Նուրիկեանը, Անդրանիկ Անդրէասեանլ, Յակոբ Ասատուրեանը Սուր էն Մանուէլեանը Ալեք Գլրճեանրը․ այսինքն «Նոր Գիր>>ի տղաքը, յիսուն եւ աւելի երկար տարիներ հաշտ ապրած են իրարու հետւ Լսեցէք եւ դաս առէք, դուք, որ երբեմն, նոյնիսկ կ’ ատէք զիրար, Թշնամաբար։
Գլրճեանը նախանձելիօրէն կ’աւելցնէ․
72
«Թանկագին սփոփանք է ինծի, կեանքիս այս հեռաւոր հանգրուանին, կարենալ դեռ հեգել անունները սրտամօտ գրչեղբայրներուս, տրտմիլ մեկնողներուն յուշերով, եւ ծարիլ սա դիւրաբեկ կեանքին՝ ողջերուն սիրոյ ու համբոյրի ջերմութեան տակ»։
Թելադրութի՞ւնը՝ իրենց ճամբով քալել, ապրի՛լ։
Սփիւռքի մէջ հայ դպրոցը, Հայոց լեզուն Գլըճեանի մտահոգութեան կիզակէտն է։ Յաճախ գրած Է այդ մասին․ մերթ բախտաւոր կոչելով նոր սերունդը։ Բայց բախտաւո՞ր, եթէ ընդարձակ ու լուսաւոր են հայ դպրոցները, երբ աշակերտները կը կրեն ճոխ հագուստ եւ ունին գրենական պիտոյքներու բոլոր տեսակները, բախտաւո՞ր, երբ անօթի դպրոց յաճախող հայ աշակերտ չկայ․․․
Սփիւռքի մէջ ծնիլն անգամ անբախտութիւն է, ուր մնաց ապրիլն ու թաղուիլը։ Տակաւին կայ հարցերու հարցը․- մէկը, Սփիւռքի մէջ, կրնայ ծնիլ հայ, բայց թաղուիլ․․․ օտար․․․
Ոչ, սիրելի Գլըճեան, բախտաւոր չէ նոր սերունդը․․․։
«Ապերախտ Ձըլլանք, Մեղայ Արարատին» արձակին մէջ բանաստեղծը կը գրէ իրաւացիօրէն․-
«Այո՛ , ապերախտ չըլլանք։
Աոանց Սարտարապատի ճակատագրական հերոսամարտին՝ Մայիս 28ը պիտի չունենայինք։ Առանց Մայիս 28ի պատմական իրողութեան, գուցէ եւ պարտադրուած, պիտի չարձանագրուէր Նոյեմբեր 29ի բախտորոշ մուտքը մեր ազգային տարեգրութեանց մէջ եւ Հայաստանը այլեւս պատմութեան անցած անուն
73
Ապերախտ չըլլանք։
Կաղին, կոյրին, ինկողին կից տալ դիւրին է, բայց՝ վատութիւն։ Համայնավարութիւնը, իբրեւ գաղափարախօսութիւն, իբրեւ իտէալ, արդի կրօնական հաւատալիքներու շարքին պատմական իր տեղը պիտի գրաւէ։ Փաստ է սակայն, թէ փառատենչ առաջնորդի մը, կամ նենգամիտ խմբակի մը չարաշահութիւնները՝ տիրապետելու գազանային բնազդով, կ՚անշքացնեն, կը խաթարեն գաղափարախօսութեան մը վսեմութիւնը։ Ազգերու պատմութիւնը վկայ»։
«Ասպարէզ»ի Յովան Թաշճեան յօդուածագիրին հանդէպ իսկ քաղաքավար ելոյթով մը կը գոհանայ երբ ան «գրչակ» եւ «ստրկամիտ» կոչած էր զինք եւ Ա․ Անդրէասեանը։ Իր պատասխանը․-
«Կը ցաւիմ միայն մտատրականի մը անվայել իր քենոտ, թունալից ու կամայական դատումներուն նամար։ Հայ պատմագրութիւնը կուսակցական մեր նախասիրութիւններուն պիտի չսպասարկէ։ Պոռոտախօսութիւնը, (ճիշդ բաոը վայրահաչութիւն է) պատմութեան դասագիրք մը չէ՛, չէ եղած երբեք։
Եւ կարաւանը կ՚անցնի»։
Այսքան։
Իր իննսունամեակն է։ Թոռնիկն է հարց տուողը․
- Մեծ հայրիկ, քանի՞ տարեկան ես։
- Ծնելէս ասդին կ՚ապրիմ, ձա՛գս։
- Այդ հաշուո՞վ․․․
- Հաշիւը համրանքին մէջ չէ, ձա՛գս։ Հաշիւը
74
մէջ չէ՛, ո՛չ ալ դրամարկղներուն մէջ։
Հաշիւը նուիրումի, ծառայութեան, սիրոյ ու գուրգուրանքի մատուցման մէջն է. միտքն ու հոգին վերացնող մարդկային ազնիւ, երկնասլաց ճախրանքներուն մէջն է, եւ եղբայրական գրգանքի ու հաւատարմութեան մշտանորոգ խոստումնագրին մէջ։
- Մեծ հայրիկ, կրնա՞մ ծննդեան հարիւրամեակիդ արտասանել այս․․․ Խածնել, ուտելս կու գայ հաշուապահ այս թիզ մը պատրաստաբանը։ Իմ այգիին ազոխն է։ Վաղը ոսկեհատ ողկոյզ մը խաղող՝ սեղանիս վրայ կարաս մը գինի իբրեւ։
Գինովցած պիտի մեկնիմ․․․»։
Ո՞ր մեծ՛ հայրիկը պիտի չուզէր նման երկխօսութեան մը նստիլ իր թոռնիկին հեա եւ չուզէ՜ր գինովնալ։
Տխուր վերջաբանը այս բաժինին․– «Այո՛, սահմանուած էր որ ես չկարենամ երբեք թաղուիլ հայրենի հողին մէջ, բայց սա «ափ մը հողը», «հայրենի հողը» պիտի թաղուի ինձ հետ օտար հողի մը մէջ»։
Դաժան ճակատագիր, թաղուիլ օտար հողի մը մէջ։ Ակամայ կը մտածենք․– արդեօք մե՞ր ալ բաժինը այդ պիտի ըլլայ երբ օտարութեան մէջ անցած ենք 70ի սահմանը, նման անախորժ պարագայի մը պիտի տրուի՞ մեզի կանխակալ գոհունակութիւնը հայրենիքէն ափ մը հող ունենալու մեր թաղուելիք գերեզմանին մէջ․․․
Գլըճեանին է վերջին խօսքը․
«Հայրենի հողին կանչը մի՛շտ ալ ականջներուս
75
Ձախէն աջ՝ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան, Անդրանիկ Անդրէասեան, Լոս Անճելըսի մէջ, 1980ին։
մէջ։ Մեռնելներուն կարօտը դագաղներու մէջ կ՚ամփոփուի․․․
Լսէ՛ ինձ, հող․․․»։
ԴԻՄԱՍՏՈԻԵՐՆԵՐ ՍԻՐԵԼԻՆԵՐՈԻ
Կը տողանցեն դէմքեր։ Առջինեկը Անդրէասեանն է, որուն մասին Ալեքին գրածը կարելի չէ կարդալ առանց յուզումի։ Երկրորդը Լեւոն Սիւրմէլեանն է, որուն հանդէպ զսպուած զայրոյթ կը պտտցնէ Գլըճեան տողերու արանքէն, այս վերջինին հայ գրականութիւնը լքելուն կապակցութեամբ։
Տողանցքը սիրելի դէմքերու կը շարունակուի․– Վահէ-Վահեան, «Մեր մեծասքանչին առաքելութեան նուիրուած ամէնէն արժանընտիր մտաւորականներէն
76
պարկեշտ, հաւասարակշիռ խօսնակը», Հայկաշէն Ուզունեան- որուն «Գրական Մրցանակր իր մտաորական առաքելութեանդ ցցուն ապացոյցներէն է», Արմինէ Տիքէճեան․- Հիներուն յոյսը»․- Վեհանոյշ Թէքեան․- «Խոսքի, մտածման, յուզումի անկախ վայրերէն պիտի քալէ ան․․․», փրոֆ․ Հրանդ թամրազեան - յարգանք գրականագէտին։
Հոս կը վերջանայ բաժինը։ Կու գայ՝
ՏԵՐԵԻԱԹԱՓԸ
Գլրճեանն է դամբանախօսը յաճախ։ Կրկին տողանցում․․․ Աւետիք Փոլատեան, Հայկ Զարզավաթճեան, Արմէն ձգնաւորեան, Արաքսի Զարզավաթճեան, Մեսրոպ Պարոնեան, Սեմ Պետրոսեան, Սեմ Աւետիքեան եւ Վահրամ Քեպապճեան։
Ալեք Գլրճեանը մեկնող իր այս բարեկամներէն իւրաքանչիւրին համար ունի բաբի խօսք մը։ Սերունդի մը հայերը այս մեկնողները, որոնք հայ ազգային կեանքին մէջ կատարած են անփոխարինելի դեր մը, հեռաւոր Ամերիկայի մէջ, որոնք գուցէ եւ փոխարինողներ չունենան մետաղի այն տեսակէն, որ իրենք էին։
Գլրճեան կ՝ողբայ այս մեկնումները յիշելով բարին, որ եկած էր անոնցմէ շէնցնելու համար հայ կեանքը։
Ու վերջապէս գրքին վերջին բաժինը․-
ՎԿԱՑՈԻԹԻԻՆՆԵՐ
Այս բաժինին մէջ Ալեք Գլըճեանի մասին վկայութիւններ տուող վաշտապետը Յակոբ Օշականն
77
բանաստեղծին։
Յաջորդաբար իրենց խօսքերը ունին արձակագիր Աուրէն Մանուէլեան, Արշակ Չօպանեան, Սամուէլ Յ․ Թումայեան, քննադատ ՅովհանՆէս Աւագեան «Հայաստանի կոչնակ» ի խմբագրութիւն, Շահէ Տատուրեան, Հենրիկ Անասեան, Արամ Ատոմեան, Արմէն Ղարեան, Նուպար Ակիշեան, Անդրանիկ Անդրէ ասեան, Վազգէն Գաբրիէլեան(Երեւանէն), Թորոս Թորանեան, Յակոբ Յ․ Ասատուրեան եւ Հերմինէ Սահակեան։
Աւարտն է հատորին, բայց ո՛չ բանաստեղծի կեանքին։
Ուրի՞շ խօսք չունի Ալեքը։ Իրա՞ւ Վերջ գտաւ մեր կրկնակի, եռակի ընթերցումը․․․
Հարիւրամեայ Ալեք Գլըճեանը կը շարունակէ ջերմացնել հոգիները իր այցելուներուն, իր հեռաւոր ընթերցողներուն։
Դաժան ճամբաներ ճեղքած բանաստեղծը իր դար մը լեցնող կեանքին մէջ մարսեց կեանքին վատութիւնները ու եթէ ամպոտեցաւ երբեմն, այդ մարդոց արեւը խափանելու համար չէր, այլ անձրեւելու համար, որպէսզի մշաեը ունենայ առատ բերք։
Ալեք Գլըճեանը մորմոքեցաւ կորուստին դիմաց իր նարնջաստան ծննդավայրին ու այդ կորուստին ահաւորութիւն երգեց դար մը ամբողջ կարեւորելով հողին դերը ազգին գոյատեւման մէջ․ ու հողին կողքին պանծացուց լեզուն, հայերէն լեզուն առանց որուն անյոյս նաւաբեկեալ մը կը դառնայ մեր ժողովուրդը վիշապալիքներուն տակ ովկիանոսներու։
78