ուած են Քաջազնունիի կողմէ։ Մանաւանդ վերջին
երկու բաժիններու մէջ, ան սահմանումներ յառաջ
նետած է, որոնք կը կրեն անիշխանական բնոյթ:
Այդ ժամանակ արդի Հայաստանի նախկին վարչապետը
իր կապերը խզած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան
հետ, եւ հասկնալիօրէն դարձած աւելի ծայրայեղ։
Հակառակ այս իրողութեան, աշխատասիրութիւնը
կու տանք ամբոդջութեամբ, առանց յապաւումի
կամ սրբագրութեան, ձգելով որ մեր երիտասարդ
մտաւորականութիւնը իր ըսելիքը ունենայ
արտայայտուած գաղափարներու շուրջ։
Կը հաւատանք կատարուած ուսումնասիրութեան
օգտակարութեան։ Թող ան խթան հանդիսանայ
երիտասարդներու մօտ գաղափարներու եւ
կեցուածքներու բախումի, եւ այդ ճամբով բիւրեղացման։
Հ. Յ. Դ. ՋԱԻԱՐԵԱՆ
ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈԻԹԻՒՆ