Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/190

Այս էջը սրբագրված է

երկրին համար, կրցաւ տեսնել քանի մը հաստատութիւններու
գործ — առանց հաշուելու զուտ գրական իր նուաճումները:

Շատեր Անանեանի մօտ կը ճանչնան որսորդը։ Ուրիշներ
ալ հայրենիքի կենդանական աշխարհի լաւագոյն
գիտակը։

Այդքանը քիչ է։

Կոչով մը – ու կրկնուող կոչերով — ան կառաջարկէ
մեր պատանիներուն, որ պատուաստեն մեր անտառներուն
վայրի պտղատու ծառերը, որ երկիրը ունենայ անհատնում
պտուղ: Թող Միչուրինը գործի անցնի քարաշատ
Հայաստանի անտառներուն մէջ եւ երկիրը դառնայ
մրգաստան եւ թող Մահարիի բաղձանք բանաստեղծութիւնը
դառնայ իրականութիւն։

— Իմ մրգաստան երկիր, մրգանման իմ երգ...

Հայր որսորդին կոչը անարձագանգ չի մնար: Մեր
կարմրավզկապ պատանիները կը գրոհեն Հայաստանի անտառներուն
վրայ՝ զինուած՜ պատուաստի բոլոր միջոցներով։

Վախթանգ Անանեան կոչ կընէ որպէսզի Սեւանի
իշխան ձուկէն համար նոր թուրեր գտնուին եւ իշխանաձուկը
տեղ գտնէ ամէն հայ սեղանի վրայ:

Արշաւը կու տայ իր արդիւնքը ու իշխանը կիջնէ
Սեւանէն, կը լողայ մինչեւ իսկ Համօ Սահեանի Որոտան
գետին մէջ:

Այս բոլորը գրիչի մէկ հարուածով չեն կատարուիր:
Ծեր որսորդը արձակուած նետի մը նման կը հետապնդէ
հարցերը։ Երկիր պիտի կառուցուի։ Էբեբունին մէկ օրուան
մէջ կառուցած չէ՛ հայ Արգիշտին: Ոչ ալ մերօրեայ
ղաքամայր Երեւանը:

Անքուն գիշերներ կան այդ գործերու ետին: Հազարաւոր
պարմանիներ կան: Կայ ղեկավարութիւն։ Կայ
նոյնպէս ժամանակի ու միջոցներու յատկացում:

Վախթանգ Անանեան կոչ կընէ, որ խնայենք Հայաստանի
կենդանական աշխարհին։ Խոսրովի անտառին
բնակիչները աւելցնենք, որպէսզի երբեմնի այդ արքայ-