Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/233

Այս էջը սրբագրված է

ւած են այս քաղաքը, ինչ նշանաւոր հայեր ծնած են այս
քաղաքին մէջ, քանի՞ հայերէն ձեռագիրներ գտնուած՛ են
Աստրախանի մէջ, ու քանի՞ն անոնցմէ հայրենադարձուած
են, ու ի՛նչ միջոցներով հանգրուանած են Երեւանի Մաշտոցի
անուան մատենադարանին մէջ:

— Ի՜նչ հայրենադարձութիւն, Կամսարակա՛ն,
խորհրդային երկիրը մէկ հայրենիք է։ Ըսէ՛ Աստրախանէն
երեւան եկած եւ այդքան:

— Տէ, տէ դասեր մի տուր, առանց այդ Էլ անլատ՜խ
(հասկացանք): Քեզ հետ կարգին խօսիլ չի լինում,
ախպար, արի գնանք մեր տուն, բերանդ փակեմ ձմերուկով:

Ու կը տանէր տուն. ոչ միայն զիս, էայլեւ դանդա՜ղ
քալելու ժամանակ, ճամբու վրայ, այլ ծանօթներ, որոնց
կը հանդիպէր: Չէր մոռնար խօսակցութեան թելը.

— Քանի յիշեցինք Կասպից ծովի մասին, ուզում
ես քեզ ասեմ, թէ այս ծովը քանի՞ տոննա աղ է պարունակում,
տարին քանի՞ տոննա ձուկ են որսում մերոնք, պարսիկները՝
որքա՞ն, որքան խաւիար է պատրաստւում, ասելու
էի ձկնկիթ, որ վրաս չյարձակուես, խաւիարն ի՛նչ
արժի Փարիզում: Լոնտոնում մի անգամ Գալուստի որդի
Նուպար Կիւլպենկեանը քանի՞ քիլոկրամ խաւիար էր պատւիրել
Մոսկուայից,— ու այսպէս երկա՜ր, կու տար թիւեր...
Կը հնարէ՞ր արդեօք, այլապէս, ինչպէ՞ս միտք կը
պահէր այդքան անհաւատալի շարան մը թիւերու: Վստահ
եմ, Ռաֆայէլ Արամեանը եթէ զինք լսէր, պիտի ըսէր անպայման.

— Արա, հրաշք բան ա էս Կամսարը, շշմելիք մարդ
ա՜...

Կամսար Աւետիսեան դասախօս էր: Ես վստա՛հ եմ
թէ իր աշակերտները երբեք չէին ձանձրանար անոր
դասախօսութիւններէն:

Իրեն կարելի էր հանդիպիլ, շատ յաճախ Սփիւռքի
հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի դահլիճին մէջ:

— Ի՛նչ է, ընկե՛ր Կամսարական, կերեւի այս հաս–