Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/265

Այս էջը սրբագրված է

Վարպետը անուանի ղեկավարին նուիրած էր Արարատը
ներկայացնող իր մէկ պաստառը:

Քոսիկին, նուէրէն գոհ, ժպիտով մը ըսած էր.

— Իսկ այս նուէրին փոխարէն, ի՞նչ կրնանք տալ
Վարպետին։

— Նկարին իսկականը...

Իսկ Ալեքսէյ Քոսիկինի պատասխանը կըլլայ.

— Վարպե՛տ, մենք լաւ կը հասկնանք հայ ժողովուրդին
ցաւերը...

— Երանի՜ թէ ցաւը հասկնալը բանար ցաւը վերացնելու
ճանապարհը:

Այդպէս էր Վարպետը: Կարելի է գիրքեր գրել
Վարպետին զրոյցներուն մասին։

1970 թուականին, աւարտելէ ետք Երեւանի բժշկական
ինստիտուտը, Սեպտեմբերին կը պատրաստուէի
վերադառնալ Հալէպ։ Ճամբորդութեան նախօրեակին
անակնկալ մը կը սպասէր ինծի: Առաւօտեան պէտք է մեկնէինք:
Գիշերը, ողջերթի եկող բարեկամներու այցելութիւնները
կընդունէինք, նրբ մեր դուռը զարնուեցաւ։
Եկողը Շահէն Խաչատուրեանն էր։ Թեւին տակ՝ նկար մը,
դէմքին վրայ՝ ժպիտ։

— Վարպետը ղրկեց քեզի համար...

— Ժպի՞տը...

— Ժպիտ ե՛ւ իրմէ եւ ինձմէ։ Իսկ նկարը, ահա
այս է, ջրաներկ մը 1951 թուականէն: Անկիւնը նոր աւելցուած՝
«Մեր սիրելի Թորոսին, Մարտիրոս Սարեանից,
1970 Սեպտեմբեր, Երեւան»։

Յուզուեցայ։ Խոր ծերութեան մէջ յաւէտ նրբանկատ
Սարեանը:

Սարեանով մենք իրաւունք կը ստանանք մևծերու
կողքին սեղան նստելու...